Թուրքիոյ կողմէ Ինճիրլիք ռազմակայանը ԱՄՆ-ի կործանիչներուն տրամադրելու պայմաններուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ ի յայտ եկած են:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով Hurriyet թերթի կայքը, կը նախատեսուի Սուրիոյ տարածքին` Թուրքիոյ սահմանէն 90 քմ. հեռաւորութեան գօտիին վրայ, ոչ թռիչքային գօտի յայտարարել:
Կը նշուի նաեւ Թուրքիոյ յարակից շրջանները իսլամական ահաբեկիչներու վերահսկողութեան չյանձնելու անհրաժեշտութեան մասին, քանի որ հակառակ պարագային դէպի Թուրքիա փախստականներու հոսքի նոր ալիք պիտի սկսի:
Անհրաժեշտութեան պարագային գործողութիւններ պիտի իրականացեն նաեւ թրքական ռազմական օդանաւերը:
Անվտանգութեան գօտիի ստեղծումէն ետք այնտեղ պիտի արգիլուին սուրիական վարչակարգին պատկանող ինքնաթիռներու թռիչքները:
Սուրիոյ մէջ կռուող քիւրտերը թրքական ուժերու ուշադրութեան կեդրոնը պիտի չըլլան այնքան ժամանակ, քանի դեռ անոնց կողմէ Թուրքիոյ սահմանին ուղղակիօրէն սպառնացող վտանգ չկայ:
Անհրաժեշտութեան պարագային ԱՄՆ-ի ու դաշնակից ուժերը Ինճիրլիքէն բացի` իրաւունք պիտի ունենան օգտագործելու նաեւ Պաթմանի, Տիարպեքիրի ու Մալաթիոյ ռազմակայանները:
Յիշեցնենք, որ նախապէս տեղեկութիւն տարածուած էր այն մասին, որ երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք ԱՄՆ-ն եւ Թուրքիան համաձայնած են, որ Թուրքիան Ինճիրլիքի ռազմաօդային կայան պիտի տրամադրէ ամերիկեան օդուժին:
Թուրքիոյ քրտական «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան կողմէ պատգամաւոր դարձած Կարօ Փայլանը հայկական «Քամփ Արմէն» մանկատան տարածքին տնկած է 32 ծառ:
«Քամփ Արմէն» մանկատան քանդման դէմ հերթապահող ցուցարարներու հետ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը Սուրուչի շրջանին մէջ ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուած 32 երիտասարդներու համար տնկած է 32 ծառ:
Կարս նահանգի Տեկոր գաւառին մէջ գտնուող հայկական հինգ եկեղեցիներէն միակ կանգուն մնացածը՝ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, փլուզման վտանգի տակ է:
Վկայակոչելով թրքական «Միլլիյէթ» թերթը՝ “Ակունք” կը գրէ, թէ եկեղեցին կարճ ժամանակի ընթացքին վերջնականապէս պիտի կործանի՝ միւս չորս եկեղեցիներուն նման:
Ախոռի վերածուած այս եկեղեցւոյ պատերը փլած են, իսկ քարերը՝ փոխադրուած տեղւոյն բնակիչներուն կողմէ, նաեւ եկեղեցւոյ որոշ հատուածները քանդուած են գանձախոյզերու կողմէ:
Տեկորի հինգ եկեղեցիներն են՝ Սուրբ Կարապետ, Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Ստեփանոս, Սուրբ Գրիգոր եւ Սուրբ Սարգիս: Այս եկեղեցիները ընդգրկող վանական համալիրը լքուած է 13րդ դարուն՝ մոնկոլներու արշաւանքներէն ետք:
1878-ին, երբ Կարսի մարզը անցած էր ռուսական տիրապետութեան տակ, վանական համալիրը վերանորոգուած եւ վերաբացուած էր:
Դիլիջանի առաւօտը յատուկ էր իր դրախտային թռչուններու ճռուողումով եւ սքանչելի բնութիւնը դիտելու համար հիւրանոցի սենեակիս պատուհանէն դուրս դիտող դէմքս շոյող մեղմ զեփիւռով:
Համեղ էր նաեւ գիւղ բուրող նախաճաշը պատրաստուած կեռասի եւ ծիրանի անուշներէ, կաթով ու հայկական մեղրով:
Ժամն էր ուղղուելու դէպի լեռներուն մէջ խաղաղ հանգչող մեր հայրենի ծովը՝ Սեւան: Ճամբուն վրայ իրականացաւ մեր պաշտօնակից Շիրազին երազը՝ համտեսել ու մեզ ալ ստիպել համտեսել Դիլիջանի նշանաւոր խաշուած եգիպտացորէնը…:
Հայրավանք
Սեւանի ափին հանգրուանեցինք 9-րդ դարուն կառուցուած՝ Հայրավանք: Մեր հոն այցելութիւնը զուգադիպեցաւ խումբ մը ուխտաւորներու ժամանումին, որոնք Էջմիածինէն Ղարաբաղ ոտքով ուխտի կ’երթային անցնելով Հայրավանքէն:
Անզուգական էր անշուշտ նաեւ եկեղեցիէն դուրս դէպի Սեւան նայող տեսարանը, որ այս արագ եւ խճողուած մեր կեանքի ընթացքին մէջ պահ մը դադար էր ապրելու հանդարտութիւնն ու միաւորուելու մայր բնութեան հետ, որուն հետ մեր կապը ուղղակի է եւ բնական, մինչ արդի կեանքը դժբախտաբար հեռու կը պահէ մեզ այս կենսական ապրումէն:
Լիբանանեան հաղորդակցութեան միջոցներու մեր պաշտօնակիցներուն հետ մեր կողքին Սեւանի գիւղի բնակիչ պարմանուհի մը
Մեր խումբին անդամները յուզուած էին ի տես մեր հայրենիքին սքանչելի բնութեան եւ հարուստ մշակոյթին: Մեր պաշտօնակից «Նահար» օրաթերթի թղթակից Ֆաթիման չէր դադրեր իր միտքը սնուցող հարցեր տալէ եւ տեղեկութիւններ քաղելէ իր հիացմունքը յայտնելով ու անկաշկանդ նկարուելով սրբապատկերներու մօտ:
Ակամայ լքեցինք Հայրավանքը: Մեր մխիթարութիւնը սակայն այն էր, որ պիտի ուղղուէինք այլ հետաքրքիր վայր մը: Այդ վայրը ՝ Նորատուս գիւղն էր:
Նորատուս
Մեր պաշտօնակիցներուն համար այս անծանօթ անունով գիւղը նշանաւոր էր հայկական իր բազմաթիւ խաչքարերով, որոնք միասնաբար կը կազմէին մօտաւոր 2000 խաչքար՝ դարաւոր գերեզմանատ
Հետաքրքիր էին մեր ուղեցոյցին՝ Ստեփանին փոխանցած տեղեկութիւնները ամէն մէկ խաչքարի պատմութեան մասին: Այնքան թիւով խաչքարերու մէկտեղումը աւելի քան զմայլելի էր մեզի համար, որ ամբողջութեամբ կ՛արտացոլացնէր զուտ հայկական մշակոյթը:
Ապա անցնելով լեռնային նշանաւոր անցքէն սկսանք ուղղուիլ Վայոց Ձոր, ուր այցելեցինք 16րդ դարէն մեզի հասած Օրփէլեանի նշանաւոր «Կարաւան Սերայ»ը:
Կարաւան Սերայ
Մեր պաշտօնակիցներուն համար շատ հետաքրքրական էր գտնուիլ պատմութեան «մետաքսի ճամբուն» վրայ՝ ճիշդ այն վայրին մէջ, ուր ուրիշներու շարքին իրենց նախահայերը հանդիսացող արաբական կարաւանները անցած են եւ հանգստացած ու հանգստացուցած են իրենց ուղտերը այս նախնական «պանդոկ»ին մէջ:
Արդէն կէսօրը անց էր: Երկար ճամբայ մը կտրելէ ետք հասանք Վայոց Ձորի վերջը գտնուող նշանաւոր «Արենի» գինիի գործարանին մօտիկ ճաշարան մը՝ «Լճակ», որ շինուած էր փոքրիկ լճակի մը կողքին, ուր բադերն ու սագերը հանգիստ կը լողային: Ճաշերը համով էին իսկ սպասարկութիւնը ինչպէս միշտ՝ շատ լաւ: Ճաշարանի ազնիւ մատուցողներէն Մանուշը, ճաշի պահուն սիրով նկարեց մեզ մինչ Շիրազը կը փորձէր իր ճաշէն բաժին հանել տեղուոյն կատուներուն…: Ճաշարանէն ուղղուեցանք Քարահունչ:
Քարահունչ
Դժուար է նկարագրել մեր ունեցած զգացումները այս վայրին մէջ, որ կ’անցնէին հայկականէն ալ անդին հասնելով համամարդկայինին եւ մեզ նախորդող քաղաքակրթութիւններու պատմութեան եւ անոնց կապին տիեզերքին հետ այս նախնական սակայն հոյակապ աստղադիտարաններով եւ ինչո՞ւ չէ՝ Արարիչին հետ:
Իւրաքանչիւր մարդ պէտք է անցնի 7000 ամեայ Քարահունչէն, որ կը գտնուի Հայրենի մեր հողին վրայ զգալու այն ինչ որ անբացատրելի է:
Գորիս
Արդէն մթնշաղ էր: Ուղղուեցանք Գորիս իջեւանելու համար շատ սրտամօտ եւ տաքուկ պանդոկ մը, որուն անունն է «Միրհաւ» (շրջանին ծանօթ թռչնազգիի մը անունը):
Ընթրիքը անցաւ հաճելի ըստ սովորականին, «Միրհաւ»ի խոհանոցի պատրաստած համադամներով:
Այսօր առաւօտեան դէպի խնձորեսկ գիւղ ապա Տաթեւի Վանք հրաշալիքը:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ամենանշանակալի իրադարձութիւններէն մէկը Ապրիլ 12-ին Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած պատարագն էր` մատուցուած ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու:
Այս իրադարձութեան մասին ստեղծուած է վաւերագրական ֆիլմ, որ շուտով պիտի ցուցադրուի հայաստանեան հեռուսատաեթերով:
Ֆիլմի հեղինակը ծնունդով լիբանանցի, վերջին տարիներուն հայրենիք տեղափոխուած Սագօ Արեանն է:
Ըստ Azatutyun.am-ի՝ Արեան նշած է, որ առաջարկ ստացած էր Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան տեղեկատուական կեդրոնէն, որը Նարեկացիի անունը կը կրէ։ «Մեկնեցանք Վատիկան, ներկայ եղանք այդ արարողութեան, ու վաւերագրագեղարուեստական փոքր` 35 վայրկեան տեւող ֆիլմ ստեղծեցինք, որ յարմար նկատեցի վերաանուանել «Հայոց ուխտի նոր ժամանակը»: Ասիկա պէտք է նշեմ, որ առաջին համագործակցութիւնն էր «Շողակաթ» հեռուստաընկերութեան եւ կաթողիկէ համայնքի միջեւ»:
Սաքօ Արեան ըսած է, որ այժմ ֆիլմը արդէն թարգմանուած է արեւմտահայերէնէ արեւելահայերէն եւ շուտով պիտի ցուցադրուի «Շողակաթ» հեռուստաընկերութեամբ:
Հալէպի մէջ ջուրի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը, համեմատաբար նախորդ օրերու սուր տագնապին, բարելաւուած է: Ելեկտրականութիւն կայ օրական շուրջ 6 ժամ, իսկ ջուրը հասանելի է արդէն շատ մը շրջաններու: Համացանցային ծառայութիւնը կը շարունակէ խափանուած մնալ: Իսկ ապահովական առումով վիճակը կը շարունակուի լարուած մնալ: Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը։
Յուլիս 27-ի յետմիջօրէին Նայյալ թաղամասի մուտքին արձակուած հրթիռի մը պայթումին հետեւանքով արձանագրուած են վիրաւորներ եւ մէկ զոհ, իսկ գիշերը հրթիռակոծման ենթարկուած է նաեւ Նոր Գիւղ շրջանը, ուր արձանագրուած են նիւթական վնասներ:
Յուլիս 29-ին ժամը 10:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՀ ԳԱԱ Աճառեանի անուան լեզուի ուսումնարանի նախաձեռնութեամբ՝ ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նիստերու դահլիճին մէջ մեկնարկեց «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ» թեմայով համաժողովը, որ իր աշխատանքները պիտի շարունակէ Յուլիս 30-ին ժամը 9: 30-էն (հասցէն` Մարշալ Բաղրամեան 24): Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի գրասենեակը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Համաժողովի մասնակիցներուն պիտի ողջունեցին ՀՀ ԳԱԱ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան եւ ՀՀ լեզուի տեսչութեան պետ Սերգօ Երիցեան:
«Հայոց լեզուի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները ցեղասպանութիւնից 100 տարի անց» զեկուցումով հանդէս եկաւ յ ՀՀ ԳԱԱ Աճառեանի անուան լեզուի ուսումնարանի տնօրէն Վիքթոր Կատուալեան:
Զեկուցումներով հանդէս պիտի գան Հայաստանի եւ Սփիւռքի անուանի լեզուաբաններ, գրականագէտներ, ոլորտի այլ մասնագէտներ:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով «Նահատակ գրողներ. 1915-1922 թուականներ» գիրքը անգլերէն լեզուով հրատարակուած ու արդէն ներկայացուած էր Նիւ Եորքի մէջ:
100 տարի առաջ երիտթուրքերու պետականօրէն ծրագրած եւ իրականացուցած Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին զոհերը արեւմտահայ մտաւորականութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներն էին, որոնց առաջինը մէկ գիշերուան ընթացքին կալանաւորեցին, ապա քշեցին աքսորավայրեր, ուր անոնցմէ շատերը գտան իրենց եղերագոյն վախճանը:
Ամերիկահայ անուանի մտաւորականներէն Հրանդ Մարգարեան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով անգլերէն թարգմանած եւ այս տարի Նիւ Եորքի մէջ առանձին գիրքով հրատարակած է հայ եղեռնազոհ բանաստեղծներու` Ռուբէն Սեւակի, Սիամանթոյի, Վարուժանի եւ այլոց ստեղծագործութիւններու 250 էջ կազմող անթոլոգիան` «Նահատակ գրողներ. 1915-1922 թուականներ» խորագիրի ներքոյ:
Այս գիրքը արդէն իսկ ներկայացուած է Նիւ Եորքի մէջ, իսկ անցած շաբաթավերջին Աւետիք Իսահակեանի անուան գրադարանին մէջ տեղի ունեցած է անթոլոգիայի հայաստանեան շնորհանդէսը:
Սփիւռքահայ անուանի թատերագիր, հասարակական գործիչ, Համազգայինի թատերախումբի ղեկավար, բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ Հրանդ Մարգարեան Azatutyun.am-ին ըսած է, որ անպայման այս տարի ամերիկացի ընթերցողին անհրաժեշտ էր անգլերէնով ներկայացնել 20-րդ դարասկիզբին մեր գրական լաւագոյն դէմքերը` ոչ միայն իրենց ստեղծագործութիւններով, այլ նաեւ համառօտ կենսագրականներով` մինչեւ 1915 թուականի ողբերգական վախճանը:
«Այս գիրքը նուիրուած է նահատակ 13 գրողներուն, որոնք գեղարուեստական բարձր մակարդակի հասցուցին հայ գրականութիւնը: Այնտեղ կայ անոնց կենսագրութիւնը, գործերու մասին տեղեկութիւններ եւ թարգմանութիւններ: Բանաստեղծներէն` Սիամանթօ, Վարուժան, Ռուբէն Սեւակ, արձակագիրներէն` Մելքոն Գիւրջեան, Թլկատինցի, Երուխան, Ինտրա` Տիրան Չրագեան: Մեծերը` 13 մեծերը, որոնք զոհ գացին 1915-ին: Անոնցմէ մէկը միայն մահացաւ 1922-ին, բայց մենք ան ալ ներառեցինք մեր գործին մէջ: Առաջին հրատարակութիւնն է իր տեսակ հաւաքական ամբողջութեան մէջ»,- ըսած է Մարգարեան:
Մինչ այս գիրքին հրատարակութիւնը, տարիներ առաջ Հրանդ Մարգարեան առանձին փիէս գրած էր` նուիրուած Ռուբէն Սեւակի կենսագրութեան:
Յուլիս 28-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն հիւրընկալուեցան օրեր առաջ Արարատի գագաթը նուաճած` Լիբանանի Սահակեան Լեւոն-մկրտիչեան քոլէջի տնօրէն Նազօ Ճէրէճեան եւ 9-րդ դասարանի աշակերտուհի Ծովակ Քէօշկերեան:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան` ողջունելով հիւրերը, մասնաւորապէս նշեց. «այսօր հաւաքուած ենք շատ իւրօրինակ առիթով: Փոքրիկ Ծովակը սխրանք գործած է. 13 ամեայ աղջիկը նուաճած է Բիբլիական Արարատի գագաթը: Որքան կամք, սէր, հայրենասիրութիւն, Արարատը տեսնելու, նուաճելու ձգտում է անհրաժեշտ այդ համարձակ քայլը ընելու համար: Շնորհակալութիւն ծնողներուն, որ Ծովակը դաստիարակուած է ազգասիրութեան, հայրենասիրութեան մթնոլորտի մէջ: Յատուկ շնորհակալութիւն դպրոցի տնօրէնին: Դպրոցն է մարդակերտումի կեդրոնը, դպրոցի շնորհիւ է, որ Սփիւռքի մէջ մեր երեխաները կ’որոշեն հայ ապրիլ, հայ մնալ”:
Սահակեան Լեւոն-Մկրտիչեան քոլէջի տնօրէն Նազօ Ճէրէճեանը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ բարձր գնահատանքի համար. “Սփիւռքի նախարարութիւնը աշխարհի ամենաշխոյժ նախարարութիւնն է, մենք այդ մէկը կը տեսնենք, կը զգանք նոյիսկ հեռուէն: Շնորհակալութիւն ձեր կատարած աշխատանքի համար”:
13-ամեայ Ծովակ Քէօշկերեանը նշեց, որ Արարատ լեռը բարձրանալը եղած է իր մանկութեան երազանքը: Պատմեց, թէ ան ինչպէս նախապատրաստուած է, մինչեւ Արարատ բարձրանալը ինչ բարձունքներ նուաճած է եւ ինչ արգելքներ յաղթահարած: “Շնորհակալ եմ դպրոցիս եւ անոր տնօրէն Նազօ Ճէրէճեանին, որոնց շնորհիւ երազանքս իրականութիւն դարձաւ: Արարատի գագաթէն կ’երեւէր Երեւանը, Խոր Վիրապը, հայրենիքս: Այնքան ուրախ էի, որ այդ ամէնը կրցայ տեսնել նաեւ Արարատի գագաթէն:
Յուլիս 21-ի արեւածագին Ծովակ Քէօշկէրեանը բարձրացաւ Արարատ լերան գագաթը: Վերելքի երրորդ օրը աղջնակը նուաճեց 5165 բարձրութիւն ունեցող բիբլիական լերան գագաթը:
Երէկ՝ Երեքշաբթի 28 Յուլիս 2015-ին, Հայրենիք կեցութեան մեր առաջին առաւօտուն հաճելի էր արթննալ Երեւանի արեւածագին: «Օփերա Սուիթս» պանդոկի 9րդ յարկի սենեակիս պատուհանէն երկար դիտեցի «Մայր Հայաստան»ի խրոխտ արձանը, որ կարծէք անքուն կը հսկէ մեր երկրին վրայ՝ իր տեսքին մէջ կ’ամփոփէ Հայ ժողովուրդի հզօրութիւնը եւ դարաւոր գոյատեւումի հպարտութիւնը:
Նախաճաշը հիւրանոցի 12րդ յարկի վրայ էր՝ տաք սուրճի եւ հայկական մեղրալի նախաճաշի ընկերակցութեամբ, բարձրէն դիտուած Երեւանի քաղաքի տուֆի կառոյցներով լի տեսարանով յագենալէ ետք երիտասարդ պաշտօնակիցիս՝ Շիրազ Ճէրէճեանին հետ քալելով ուղղուեցանք մօտակայ խանութ մը մեր Հայաստանեան բջիջային գիծերուն համար համացանցի սպասարկութիւն ապահովելու՝ լուր եւ տեղեկութիւն հասցնելու Պէյրութ: Այնքա՜ն ապահով էր իմ տակաւին ցաւող ոտքով հսկայ պողոտան կտրելը, ուր ոտքով փոխադրուող մարդկանց յատկացուած ճամբու զեպրա գիծերով անցքը ամենայն քաղաքակրթութեամբ կը յարգուէր հայրենի վարորդներուն կողմէ:
Ժամը հասած էր խմբովին այցելելու հայ մշակոյթի ամրոց՝ Մատենադարանը:
Մատենադարան
Երևանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարան կամ ուղղակի Մատենադարանը, ինչպէս ծանօթ է՝ հին ձեռագիրներու և փաստաթուղթերու պահպանման և ուսումնասիրման կեդրոնն է։ Ունի ձեռագիրներու և միջնադարեան գիրքերու աշխարհի ամենախոշոր հաւաքածոներէն մէկը։
Հայերէն ձեռագիր մատեաններու ամենախոշոր այս պահոցը՝ ստեղծուած է 1921-ին՝ Էջմիածնի մատենադարանի հիմքին վրայ, և առաջին գիտահետազոտական հաստատութիւնն է Հայաստանի մէջ իր այսօրուայ արդիական եւ ընդարձակուած կառոյցով։
Մատենադարանին մէջ մեր զմայլած ոչ-Հայ եւ հաւատքի տարբեր մշակոյթներու պատկանող պաշտօնակիցներուն շատ մը բաներուն կողքին Մաշտոցն ու Խորենացին, Բարձր Բերդի Աւետարանը եւ Նարէկի ձեռագիրներուն ծանօթացնելէ ետք ճամբայ ելանք դէպի բնութեան գիրկը՝ Ծաղկաձոր:
Անզուգական եւ Միշտ Զարգացող՝ Ծաղկաձորը
Ճանապարհին վրայ առիթ էր, որ մեր պաշտօնակիցները ծանօթանային պատմական Կեչառիս Վանքի համալիրին:
Կեչառիս
Կեչառիսի վանքային համալիրը, հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Կոտայքի թեմի առաջնորդանիստ եկեղեցի Կոտայքի մարզի Ծաղկաձոր քաղաքի հիւսիս-արևմուտքին՝ կառուցուած 11-13-րդ դարերու ընթացքին, միջնադարեան Հայաստանի նշանավոր կրօնական ու մշակութային կեդրոն։ Ընդգրկուած է Ծաղկաձորի պատմութեան և մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ։
Մեր խումբը իր կէսօրուայ ճաշը ունեցաւ Ծաղկաձորի ամառնային թէ ձմեռնային զբօսաշրջիկներու ժամադրավայրը հանդիսացող «Kavkazskaya Plennitsa» ճաշարանը:
Ճաշէն եւ հայկական համեղ ուրցով պատրաստուած թէյ մըն ալ խմելէն ետք մեր վարորդը՝ Պրն. Սամուէլ իր ազնիւ համբերութեամբ խումբը փոխադրակառքով տարաւ Հայրենիքին Զուիցերիան հանդիսացող՝ Դիլիջան գիւղաքաղաքը: Անշուշտ մեզմէ անբաժան էր մեր սիրելի Ստեփանը, որ մենքզինք ընտրեցինք «Հայրենիքի լաւագոյն ուղեցոյցը»:
Դիլիջան
Հայկական Դիլիջանը Զուիցերիա կոչուելու ամէն արժանիք ունի ներառեալ Հայաստանի Կեդրոնական Պանքի գլխաւոր կեդրոնը, որ հոն հաստատուած է:
Դիլիջանը մնայուն զարգացումի հունին մէջ գտնուող տարածաշրջան մըն է իր հոյակապ բնութեամբ եւ դրախտային հանդարտութեամբ:
Դիլիջանի կարեւորութիւնը այսօր սակայն կը կայանայ ոչ միայն իր բնական արժանիքներուն մէջ այլ այնտեղ կատարուած մարդկային զարգացումին նուիրած հսկայական ներդրումի մը, որն է՝ UWC Dilijan College -ը, որ աշխարհի չորս կողմէն իրեն աշակերտող ընտրանիի մը International Baccaleaureate (IB)-ի կը պատրաստէ դպրոցական կառոյցի գերարդիական համալիրի մը մէջ, զորս խմբովին եւ միշտ 100 Lives-ի Հանրային եւ Մետիայի կապերու տնօրէնուհի Տիկ. Զարա Նազարեանին հետ այցելեցինք, որ ուրիշ բան մը չէր կրնար ըլլալ բացի IDeA-ի հիմնադիր Տիար Ռուբէն Վարդանեանի մէկ այլ անզուգական նախաձեռնութիւնը մնայուն իր տեսիլքով, որն է հայրենիքին յարաճուն զարգացումը:
UWC Dilijan College – Sample Classroom
Հաղարծին
Երեկոյեան մեկնեցանք 10-րդ դարէն մեզի մնացած բնութեան գիրկը գտնուող Հաղարծինի վանքը: Հաճելի անակնկալ մըն էր Հաղարծինի վանքին շրջափակին մէջ հանդիպիլ Պէյրութի ՀԵԸ-ի գրասենեակի տնօրէն Պարոն Գէորգ Սանթուրեանին:
Պարոն Սանթուրեան ՀԵԸ –ի սկաուտներուն Հայրենիքի բանակավայրին մէջ հիւրաբար գտնուող Ֆրանսական Սկաուտական Շարժումի խումբ մը անդամներ հոն բերած էր:
Օրուայ աւարտին տեղափոխուեցանք նոյն շրջանի մէջ գտնուող «Best Western Paradise» պանդոկը, որ ինքնին փաստ մըն է շրջանիn շարունակական զարգացման:
Գիշերը ընթրիք ունեցանք Flying Ostricհ անունով շատ գեղեցիկ ու առատաձեռն ճաշարանի մը մէջ:
Ճաշարանին պատասխանատուները մինչեւ ուշ գիշեր ժպտուներէս ծառայեցին մեր սեղանին: