Շաբաթ, 28. 06. 2025

Օրագրութիւն Հայրենիքէն` Լրագրական Ուղեւորութիւն Դէպի Հայաստան – Օր 5

0

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Վերջին արեւածագը: Այս առաքելութեան վերջին օրը Հայրենիքին մէջ: Նախաճաշի պահուն երկար մնացի «Օփերա Սուիթս»ի 12րդ յարկը՝ դիտելով Երեւան քաղաքը: Որքա՜ն ուրախ էի նկատելով, թէ ճիշդ է, որ կան նոր եւ արդիական շէնքեր, բարեբախտաբար սակայն Երեւանը տակաւին կը պահէ իր ճարտարապետական մշակոյթն ու ինքնուրոյնութիւնը:

0

Ժամն էր յանձնելու մեր սենեակները եւ խումբով ուղղուելու նախ Գեղարդ եւ ապա Գառնի:

 Գեղարդ եւ Գառնի

Երեւանին համեմատաբար մօտ շրջան մը՝ խորհրդանիշերը երկու հակասական հաւատալիքներու`  այնքան գեղեցիկ մշակոյթներ, այնքան իրար ամբողջացնող:

Նախ բարձրացանք Գեղարդ՝ ժայռի մէջ փորուած քրիստոնէութեան առաջին օրերը խորհրդանշող վանքը: Խորհրդաւոր ու լուռ:

1

 

3

2

4-րդ դարէն մեզի հասած այս վանքին մոմ ու աղօթք բուրող պատերէն ներս երգուող շարականները, մարդուս հոգին կ՛ազնուացնեն: Վանք մը որուն գաւիթին մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը աւելի քան զգալի է..:

Հրճուանք ու հպարտութիւն էր մեզի, Գեղարդի շրջափակին մէջ հանդիպիլ սփիւռքահայ պատանիներու հսկայ խումբի մը, որոնք եկած էին ծանօթանալու իրենց պապերուն մշակոյթի հարստութեան: Շնորհակալութիւն իրենց պատասխանատուներուն, նոր սերուդը Հայ պահելու իրենց սրբազան աշխատանքին համար:

4

Վերադարձի ճամբուն կանգ առինք Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող տակաւին միակ կանգուն Գառնիի հեթանոսական տաճարը:

Անցեալը ներկային կապող այս կոթողին վայրին մէջ գտնուիլը հետաքրքրական էր բոլորին համար նամանաւանդ, որ անոր թէ՛ պատմական եւ թէ՛ ճարտարապետական ու մշակութային խորհրդանիշները ահագին զուգահեռներ ունին Լիբանանի Պաալպէք քաղաքի հնութիւններուն հետ:

Յաջորդ հանգրուանը՝ դէպի Երեւան վերադարձի ճամբուն վրայ գտնուող շատ գողտրիկ գիւղ մը` Գեղադիր, ուր մեր կէսօրուայ ճաշը ունեցանք «Հայլէնտզ» (Hyelandz) անունով բնութեան հետ շաղկապուած ճաշարանին մէջ, որուն Պարսկահայ տիրոջ տիկինոջ՝ Գարոլինին Լիբանանցի ըլլալու փաստը կ՛արտացոլար իւրաքանչիւր հրամցուած ճաշատեսակին մէջ՝ մինչ իր հետ խօսակցութիւնը ճաշասեղանին շուրջ աւելի քան հաճելի էր:

5

Հասած էր պահը այցելելու Ծիծեռնակաբերդ, ուր հասանք արեւնամուտին, ինչ որ այցելութիւնը աւելի խորհրդաւոր դարձուց:

 Ծիծեռնակաբերդ

Կարելի չէ Հայաստան եկող մը չ՛այցելէ Ծիծեռնակաբերդ, իր յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր բիւրաւոր նահատակներուն: Բազմիցս եղած եմ Ծիծեռնակաբերդ, սակայն փորձառութիւնը չէի ունեցած ոչ-հայ այցելուներու կողքին ըլլալ այցելութեան պահուն: Թէ՛ թանգարանին մէջ եւ թէ՛ յուշահամալիրին շուրջ արցունքներ տեսայ մեր պաշտօնակիցներուն  աչքերուն մէջ:

6

Հաճելի էր թանգարանի տնօրէն Դոկտ. Հայկ Տեմոյեանի հետ տեսնուիլը: Ան թղթակիցներուն բոլոր հարցումներուն համբերութեամբ պատասխանեց:

7

10

Այցելութիւն «Հայաստանի Զարգացման Նախաձեռնութիւններ» (IDeA) Հիմնադրամի  Գրասենեակ

Մեր Հայաստան այցելութեան հրաւիրող կողմը հանդիսացող «Հայաստանի Զարգացման Նախաձեռնութիւններ» (IDeA) Հիմնադրամի  եւ 100 Lives նախձեռնութեան գրասենեակին այցելութեամբ մեր առաքելութեան այս հանգրուանը վերջ պիտի գտնէր: Ուղղուեցանք Երեւանի ՀԲԸՄ-ի նորակառոյց շէնքը, որուն 3րդ յարկին վրայ կը գտնուի վերոյիշեալ հաստատութիւնները:

12

Զարա Նազարեանի ( 100 Lives-ի Մետիայի եւ Հանրային Յարաբերութեանց Բաժնի տնօրէնուհի) օգտաշատ նախաբանէն ետք մեր խմբակին առջեւ ելոյթ ունեցան Սերգէյ Թանթուշեան (IdeA-ի փոխտնօրէն) եւ 100 Lives գրասենեակի պատասխանատու Արեն Աբիկեան, որոնք համապարփակ կերպով եւ աւելի եւս մօտէն ներկայացուցին IdeA-ի ծրագիրներն ու 100 Lives-ի առաքելութիւնը (ներկայացումները շահեկան ըլլալուն, անոնց մասին աւելի մանրամասն պիտի անդրադարնանք յաջորդիւ):

Պահն էր Skype-ով միանալու վերոյիշեալ հսկայական հաստատութիւններուն հիմնադիր՝ Տիար Ռուբէն Վարդանեանին հետ: Հայ ժողովուրդին արժանապատուութեամբ գոյատեւման եւ  բարգաւաճ ու յարաճուն զարգացում ունեցող Հայրենիք մը ունենալու տեսիլքն ու հսկայական կամք ունեցող անձնաւորութիւնը, իրեն յատուկ ազնիւ, ինքնավստահ  ու գործնական մօտեցումով գոհացուց բոլորիս հարցադրումներուն, աւելի եւս լուսաբանելով ժողովին ներկաները այն ինչ կը վերաբերի իր հիմնադրած հաստատութիւններուն գործունէութեան (Այս շատ կարեւոր հանդիպման մասին ալ աւելի մանրամասն պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ):

8

Կը մնայ յիշել մեծ բանաստեղծին տողերը. «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»…: Ռուբէն Վարդանեանը գտած է այդ հնարը:

Վերադարձանք Պէյրութ: Սակայն մեր առաքելութիւնը չաւարտեցաւ:

Շար. 5 եւ վերջ 5-օրեայ մեր օրագրութեան:

Շուտով պիտի անցնինք առաքելութեան այլ հանգրուանի:

 

 

Սուրիահայ Գործարարներու Ամենօրեայ Շուկայ Վերնիսաժի Մէջ

0

Երեւանի Վերնիսաժի տարածքին Յուլիս 27-ին բացուած է սուրիահայ գործարարներու ամենօրեայ շուկայ, որ պիտի գործէ շաբաթը հինգ օր՝ Երկուշաբթիէն-Ուրբաթ։ Այս մասին կը հաղորդէ Hayernaysor.am-ը։

 

Հայագիտական Համահայկական 7-րդ Մրցոյթին Յաղթող Ճանչցուեցան Նոր Ջուղայի Աշակերտուհիները

0

Յուլիս 21-27 Աղուերանի մէջ, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Հայագիտական համահայկական 7-րդ մրցոյթը` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին՝ տասը երկիրներէ ժամանած աշակերտներու մասնակցութեամբ:

7-րդ մրցոյթը կ՝ընդգրկէր հարցեր հայոց լեզուէն, գրականութենէն, հայոց պատմութենէն եւ հայ մշակոյթի պատմութենէն, որուն զուգահեռ իրականացաւ նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութեան մրցոյթը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի հովանաւորութեամբ եւ աջակցութեամբ:

Մրցոյթին մասնակցած էին Նոր Ջուղայի Հայոց ազգային «Քանանեան» իգական դպրոցի 8-րդ դասարանի եւ առաջին, երկրորդ, երրորդ միջնակարգ բաժինի ընտրեալ 10 աշակերտուհիներ, ուսուցչուհիներ` Ռիմա Սիմոնեանի եւ Սեդա Դիլանչեանի գլխաւորութեամբ: Այս մասին, ըստ «Հայերն այսօր»-ի, տեղեկացուցած են Նոր Ջուղայի Հայոց թեմի Առաջնորդարանէն:

Ձեռնարկի փակման հանդիսութեան, արդիւնքներու ամփոփումէն յետոյ, Հայագիտական համահայկական 7-րդ մրցոյթին յաղթող ճանչցուած է Նոր Ջուղան: Իր մասնակիցներուն ձեռք բերած բացառիկ եւ աննախադէպ մրցանակներու քանակին շնորհիւ` իրեն վերապահելով մրցոյթի եւ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մրցոյթի ամբողջ հինգ առաջին կարգի, երեք 2-րդ կարգի եւ մէկ 3-րդ կարգի մրցանակները:

Ասմունք անուանակարգով Նոր Ջուղայի աշակերտուհիները նաեւ արժանացած են երկու շնորհակալագիրի:

Արժանթինահայ Աճպարարը 100 Վայրկեան Տեւած Հնարքով Ոգեկոչած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցը

0

Հայ աճպարար Քրիստիան Թորոսեան երէկ Պուէնոս Այրեսի Սան Մարթին հրապարակին վրայ ցուցադրած է  հնարք մը` 100 վայրկեան կախուած մնալով օդի մէջ` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

“Օդի մէջ չմնայ” կարգախօսի ներքոյ իրականացած հնարքը լուսաբանած է արժանթինական  Dia a Dia պարբերականը` ընդգծելով, որ 2013-ին Քրիստիան Թորոսեանը պարգեւատրուած է Քորտովայի մէջ իր հասարակական աջակցութեան համար:

Քրիստիան Թորոսեան Քորտովա նահանգին մէջ յայտնի է իր  մասնագիտական աճպարարութեամբ, այդ իսկ պատճառով ալ վերոնշեալ բաժինը ընտրած իբրեւ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման եղանակ:

Միեւնոյն ժամանակ, մինչ ան կը ցուցադրէր իր հնարքը, խումբ մը երիտասարդներ բոլոր հետաքրքրուողներուն եւ  լուսանկարուիլ փափաքողներուն բաժնած են Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ոգեկոչման  յետագայ ձեռնարկներու մասին պատմող տեղեկատուական  թերթիկներ:

Մուշ Տանող Ճամբուն Վրայ Կամուրջներ Կ՛ականահարուին

0

Տիգրանակերտ նահանգին մէջ, Յուլիս 29-ին ականահարուած են Քուլփ շրջանն ու Մուշ քաղաքը իրարու կապող ինքնաշարժներու երկու կամուրջներ ու փակուած են երթեւեկութեան առջեւ:

Թրքական լրատուական կայքեր կը հաղորդեն, որ ապահովական ուժերը տարածքին մէջ որոնողական աշխատանքներու սկսած են, յարձակողները յայտնաբերելու նպատակով:

Թրքական մամուլը ականահարումներուն պատասխանատու կը նկատէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը։

Հաագայի Թրիպունալը Սուրիոյ Մէջ Յանցանքներու Համար Էրտողանի Դէմ Հետաքննութիւն Սկսած է

0

Թրքական OdaTV կայքը յայտնած է աղմկայարոյց  տեղեկութիւն, նշելով, թէ Հաագայի միջազգային թրիպունալը հետաքննութիւն սկսած է Թուրքիոյ նախագահի, վարչապետի, Ազգային հետախուզութեան ծառայութեան պետի եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու դէմ։ Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը:

Թրքական կայքը պնդած է, թէ Հաագայի թրիպունալը պատերազմական յանցանքներու համար է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ անոր միւս խմբակից պաշտօնեաներուն դէմ հետաքննութիւն սկսած է: Կայքը շեշտած է, որ Էրտողանի եւ միւսներուն դէմ գործընթացը դեռ կը գտնուի ուսումնասիրման փուլի մէջ, իսկ իբրեւ կարեւոր ապացոյցներէն մէկը կը դիտարկուի իսլամիստները բեռնատարներով զէնք տեղափոխելու բացայայտումը, որ տեղի ունեցած էր նախորդ տարի Ատանայի մէջ:

Թուրքիոյ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան պատգամաւոր Ումիթ Օզտաղը խորհրդարանին մէջ եւս յայտարարած է, որ «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներուն աջակցելու համար Թուրքիոյ նախագահի եւ անոր խմբակիցներու դէմ Հաագայի թրիպունալին մէջ ուսումնասիրութիւն սկսած է:

The Tbilisi Times-ը Ծաւալուն Յօդուածով Անդրադարձած է Վիրահայոց Թեմի Գործունէութեան

0

Վրացական The Tbilisi Times պարբերականը ծաւալուն յօդուածով եւ լուսանկարներու շարքով անդրադարձած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի գործունէութեան:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ վրացական հեղինակաւոր պարբերականը ներկայացուցած է թեմի գործունէութիւնը, կատարած աշխատանքը: Ներկայացնելով թեմի պատմութիւնը՝ Վիրահայոց թեմի մամուլի դիւանի պատասխանատու Սուսաննա Խաչատրեան նշած է, որ թեմի հետեւորդ են Վրաստանի մէջ ապրող աւելի քան 350 հազար վիրահայեր, եւ շատերու համար եկեղեցին վերածուած է երկրորդ տան:

Խաչատրեանը մանրամասն ներկայացուցած է Վրաստանի մէջ հայկական եկեղեցիներու խնդիրը, ներկայացուցած Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դիրքորոշումը այդ հարցին առնչութեամբ եւ խօսած այն ցանկին մասին, որ թեմը ներկայացուցած է Վրաստանի հոգեւոր առաջնորդը՝ Վրաստանի տարածքին գործող եւ խոնարհուած եկեղեցիները ետ ստանալու պահանջով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ «ԱՂԲԵՐԸ»… ԱՆՅԱՅՏԱՑՈՂ «ԱՂԲԱՌՆԵՐԸ»… ԵՒ ՀԱՐՍՏԱՑՈՂ «ԱՂԲԱՐԻԿՆԵՐԸ»…

0

ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Երբեմնի կանաչ Լիբանանը կը հոտի՜…: Երբեմնի մայրիներու եւ եղեւիններու բուրմունքներով օծուն Լիբանանի օդը, գրեթէ տասը օրերէ ի վեր կը հոտի գարշահոտութեամբ… որովհետեւ Լիբանանի թաղերն ու պողոտաները, կեդրոնական ճանապարհներն ու փողոցները վերածուած են աղբակոյտերու՝ անյայտացած «աղբառներու» պատճառով, որոնք ենթարկուած մենաշնորհեալ «աղբարիկներու» որոշումներուն, հրաժարած են աղբերը հաւաքելէ, որպէսզի անոնք դառնան նոր-նոր աղբակոյտեր, աղբաբլուրներ եւ ինչու չէ՝ լեռնե՜ր… իրենց գարշահոտութեամբ թունաւորելու համար քաղաքացիները, եւ՝ լիբանանեան օդը, նամանաւանդ ամառուայ այս տաք եղանակին..:

Պատճառ կամ պատճառներ փնտռելու երբեք ալ կարիք չկայ..: Դրախտ ու դալարագեղ Լիբանանի մէջ, այլեւս չկայ շրջան մը, կամ պարապ բացատ, որպէսզի ընդունի Լիբանանի ամբողջ աղբը, որ հիմա դրուած է բաց ցուցադրութեան, ուր կանաչ, կապոյտ ու սեւ տոպրակներով աղբեր լեցուցած են ճանապարհները, իսկ պատասխանատու «աղբարիկներ» ճար ու լուծում գտնելու կը դժուարանան: Իսկ այս տեսարանի ու կացութեան դիմաց, զարմանալիօրէն հիւրանոցներու ու ճաշարաններու տէրեր կը սպասեն որ զբօսաշրջիկ ժամանէ Լիբանան..: Բայց ի՞նչ ընելու համար պիտի գայ օտար զբօսաշրջիկը:

Պիտի ընդունինք, որ լիբանանցի քաղաքացին այլեւս չի հաւատար իր ղեկավարին… իր առաջնորդին… իր քաղաքական մունետիկին, որովհետեւ յոգնած է անոնց հէքեաթներէն եւ անմնացորդ պատրուակներէն..: Մեր չքնաղ երկրէն ներս, ցաւօք սրտի տակաւին անլոյծ հարցեր բազմազան են՝ «Ելեկտրականութիւնը»… «Ջուրը»… «Երթեւեկի կանոնները»… «Հեռաձայնը»… «Կրթաթոշակները»… «Դեղորայքը»… «Բժշկութիւնը»… «Հիւանդանոցներու աճող սակերը»…եւ դեռ աւելին: Զարմանալի է, որ այս երկրին մէջ այնքան շատ «աքաղաղ» կայ, որ գիւղին առաւօտը կ’ուշանայ..: Այլ զարգացած երկիրներու մէջ եւս կան տագնապներ, գիտենք, բայց քաղաքական դէմքեր, նախարարներ ու երեսփոխաններ կը մտածեն տագնապներու վերացման մասին, իսկ մեր երկրէն ներս կը մտածուի նոր տագնապներ ստեղծելու եւ ժողովուրդը աւելիով երկփեղկելու մասին, որպէսզի աւելիով կոտորակուի ան:

Երկիրը մօտաւորապէս 14 ամիսներէ ի վեր չունի նախագահ..: Պատճառը ամէն ոք գիտէ, բայց լուծո՞ւմ… կ’ուշանայ..: Պէտք է հանդարտի Միջին Արեւելքը եւ այն ժամանակ միայն յաղթող կողմը, կամ այդ կողմի «դուրսի արտաքին հովանաւորներ»ը նո՜ր կ’որոշեն գալիք նախագահը՝ «ըստ հաճոյից կամաց իւրոց»..: Խե՜ղճ լիբանանցին շուարած է եւ տուայտած, ի՞նչ ընէ, ո՞ւր երթայ… բայց ո՞վ կ’ընդունի լիբանանցին… կարծես անբաղձալի է ան: Երիտասարդ զարգացած սերունդներ այլեւս չեն մտածեր մնալ ու աշխատիլ այս երկրին մէջ… իսկ մնան ինչ ընեն, ի՞նչ աշխատին, ո՞ւր է գործ… տնտեսութիւնը հետզհետէ կը նահանջէ: Հրաշք մը միայն կրնայ փրկել Լիբանանը:

Արեւմտեան շատ մը երկիրներու մէջ աղբը դրամ է… եկամո՜ւտ..: Որովհետեւ անոնք շինած ու պատրաստած են տարրալուծարաններ եւ ուրեմն գիտեն օգտագործել օրուայ աղբը, բովանդակութեան համեմատ: Իսկ մեր երկրին մէջ, ճիշդ է, վաղուց մտածուած է տարրալուծարաններու մասին, նոյնիսկ նախաձեռնուած ալ է, բայց… չէ իրագործուած: Պատճառը սորվեցանք… աղբակոյտերու ներկայ վիճակը կը հարստացնէ «կարգ մը» աղբարիկներու արդէն պարարտ գրպանները… որոնք ունին դիրք, պաշտօն, աստիճան եւ՝ խօ՜սք..: Անշուշտ, այս պարագային խեղճ լիբանանցիք պէտք է լռեն եւ համակերպին, հակառակ պարագայի՞ն, շատ-շատ ցոյց մը կ’ընեն, քիչ մը կը պոռան, կը կանչեն, լոզունգներ կ’արձակեն եւ խոստումներ ստանալէ ետք կ’երթան իրենց տուները, յաջորդ տարի նոյնը կրկնելու..: Վա՛յ քեզ քաղա՜ք… ինչ օրերու հասցուցին մեզ..: Մեղայ… հազար մեղայ:

Օրագրութիւն Հայրենիքէն` Լրագրական Ուղեւորութիւն Դէպի Հայաստան – Օր 4

0

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Երէկ` Հինգշաբթի 30 Յուլիս 2015ի առաւօտը տարբեր զգացումով մը արթնցայ: «Միրհաւ» պանդոկի սենեակիս պատուհանին շատ մօտ կը հոսէր առուակ մը, որուն զուլալ ձայնը խառնուած էր նորածագ արեւին ջերմութեան հետ ինծի պարգեւելով գրեթէ աննկարագրելի զգացում մը, որուն միայն սքանչելի Գորիսի այցելուներն են, որ կրնան բախտը ունենալ զգալու:

0

Գերազանցօրէն գիւղական նախաճաշէն ետք պահն էր ակամայ ձգել Գորիսը, սակայն ճամբայ ելլելէ առաջ պէտք էր անպայման տեսնել պանդոկին մօտի հացատունը, ուր Հայ մամիկներ թոնիրի հաց կը թխէին: Տեսարանը աւելի քան սրտամօտիկ էր:

1

Ընկերոջս Շիրազին բաժանումն ալ այնքան դիւրին չեղաւ կարծեմ նախորդ գիշեր իրեն հաւատարմութիւն յայտնած` պանդոկին պարտէզի շրջակայքին բնակիչ շնիկէն, որ գիշերային իր դէպի Գորիսի քարանձաւները առանձին արշաւին պաշտպան ուղեկիցը եղած էր…:

Խնձորեսկ

Ուղղուեցանք դէպի Խնձորեսկ գիւղը, որուն անունին հետ կապուած է իմ պատանեկութեան Հայոց Պատմութեան կարգ մը դասապահերը ու իմ ամէն ժամանակներու հերոս` Մխիթար Սպարապետը:

2

Դարձ-դարձիք ճամբաներով հասանք Խնձորեսկի նշանաւոր դիտարանը: Բարձր վայրերու հանդէպ իմ ունեցած ֆոպիան թոյլ չէր տար ինծի մօտենալ յատուկ պատրաստուած դիտարանին: Հոս օգնութեան հասաւ միւս պաշտօնակիցս` Գաբրիէլ Փանոսեանը, որ ազնիւ եղաւ իմ լուսանկարչական մեքենայով նկարել ինծի պէտք եղած նկարները:

Բաժնուեցանք հրաբխային քարանձաւներով ծանօթ ու հարուստ Խնձորեսկէն՝ ուղղուելու համար Տաթեւ:

Տաթեւ

Անկախ հնամեայ Տաթեւի վանքի ունեցած անզուգական քաշողականութեան, Տաթեւի մէջ կայացած հոյակապ իրագործումը, որ մէկ այլ նախաձեռնութիւնն է տեսիլքի տէր մեծ հայուն` յանձինս տիար Ռուբէն Վարդանեանին, կ՛արտացոլայ Տաթեւի զբօսաշրջիկներուն դէպի վանք փոխադրող մրցանշային թէլէֆերիքով:

9

10

 

 

 

 

 

 

 

Թէլէֆերիքի հաստատումը, ոչ թէ միայն զբօսաշրջիկները կը գրաւէ, այլ նաեւ կ՛աշխատցնէ ու ասպարէզ կ՛ապահովէ զայն բանեցնող պաշտօնէութեան եւ այնտեղ հաստատուած ճաշարանին, որոնք մեծամասնութեամբ շրջանի բնակիչներն են:

7

8

Տաթեւի նման համեմատաբար հեռու շրջանի մը նման զարգացումը լաւագոյն փաստն է Ռուբէն Վարդանեանի տեսիլքի իրաւացիութեան:

Ռուբէն Վարդանեանի նախաձեռնութեանց աշխատելաձեւը, որ է նաեւ հասնիլ ինքնաբաւութեան եւ շահոյթը օգտագործելո նորանոր ներդրումներու, հետեւաբար` զարգացումին կը միտի գիւղացիին փոխանակ ամէն օր ձուկ մը տալու, անոր ձկնորսութիւն սորվեցնելու…:

Հակառակ երկրի կեդրոնէն իր հեռաւորութեան, կարելի չէ Հայրենիք այցելել ու չտեսնել հրաշային Տաթեւը:Դէպի Երեւան վերադարձի ճամբուն մեր յաջորդ կանգառը եղաւ Նորավանքը:

Նորավանք

3րդ դարէն մեզ հասած Նորավանքի համալիրի բնութեան մէջ կառուցուած հայկական հոյակապ եկեղեցական ճարտարապետութեան կոթող մըն է, որ 13րդ դարուն վերակառուցուած է հայ ժողովուրդի նշանաւոր մանրանկարիչ եւ ճարտարապետ Մոմիկի աշխատանքով:

3

4

Հնադարեան տապանաքարերու թանգարան մը արդարեւ, արժանի ամենախորունկ ուսումնասիրութեան: Եկեղեցիներու պատերուն վրայ փորագրուած են խորհրդանշանները իրենց մէջ կ՛ամփոփեն Հայ ժողովուրդի մշակութային ամբողջ անցեալը:

Արդէն իսկ երկիւղածութիւն պարտադրող մթնոլորտը աւելի եւս զգացական ու հոգեհարազատ դարձաւ մեր պաշտօնակից Գաբրիէլի շարականի երգեցողութեամբ, իր ձայնը լաւագոյնս արձագանգող եկեղեցւոյ պատերուն մէջ:

Եթէ պատմական Անին կոչուած է հազարումէկ եկեղեցիներու քաղաք, ապա Հայաստան արժանի է, որ կոչուի «Կրօնական Զբօսաշրջիկութեան Անմրցակից Երկիր», արժանի ամէն տեսակի ուշադրութեան:

Երեկոյեան, Արարատեան դաշտին զուգահեռ մայրուղիով եւ մեր Սուրբ Լերան՝ Արարատին ուրուագիծին ընկերակցութեամբ վերադարձանք Երեւան մեր առաջին օրուայ պանդոկը` «Օփերա Սուիթս»:

Ընթրիքը` հրապարակի մօտ «Տոլմամա» ճաշարանը ունեցանք, որուն ճաշերուն համեղութիւնն ու սպասարկութիւնը աւելի հոյակապ էր, մինչ սեղանակիցներու միակ նիւթը` ափսոսանք, որ արդէն մեր վերջին գիշերն էր Հայաստանի մէջ:

5

Այսօր Ուրբաթ, Հայրենիքի մէջ մեր վերջին օրը՝ Գառնի, Գեղարդ եւ Ծիծեռնակաբերդ…:

Շար. 4

Ֆրեզնոյի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանը Վանդալութեան Ենթարկուած է

0

Ֆրեզնոյի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի բացումէն 3 ամիս ետք՝ կառոյցը ենթարկուած է վանդալութեան։

Ըստ 1in.am-ի՝ «Զոհերու հոգիներուն անդորրը խաթարուած է»,- ըսած է Պերճ Աբգարեան` Ֆրեզնոյի մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոսը:

Անոր խօսքով` անցնող Ուրբաթ մէկը հանած է յուշարձանի բաժիններէն մէկը:

«Պանելը մեծ պատմութիւն ունի։ Այն շատ սրտաճմլիկ է, ես այնքան հիասթափուած եմ»,- ըսած է հիւպատոսը:

Աբգարեան կը ծրագրէ աշխատիլ Ֆրեզնոյի ղեկավար Ժոզէֆ Գասդրոյի եւ ոստիկանութեան հետ` գտնելու, թէ ով է վանդալութեան հեղինակը: Գողցուած քարը պատրաստուած է սպանական պողպատէ` ըսած է ան:

«Սա ատելութեան հողի վրայ կատարուած յանցագործութիւն է: Դրան պէտք է շատ լրջօրէն վերաբերուել, այն չի կարելի հանդուրժել»,- ըսած է ան:

Յուշարձանը բացուած էր Ապրիլին` ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը:

«Յուշարձանը համայնքի համար ունի խորհրդանշական եւ պատմական նշանակութիւն»,- ըսած է Աբգարեան եւ նշած, որ համայնքը պէտք է քայլեր ձեռնարկէ` չհանդուրժելու նման գործողութիւններ: