Կիրակի, 29. 06. 2025

Խօսք Երախտագիտութեան

0

Ալեքսան Սրկ. Գալայճեան
«Հայերն Այսօր»

Երախտագիտութիւնը բանալին է կեանքի յաջողութեան, զոր կը դրսեւորուի միայն գործով: Իսկ գործը կեանքի կը կոչուի ինքնագիտակցաբար կատարուած արարքներով` երբ ան ամրակայուած է անխախտ սկզբունքներով եւ ընկերութիւնը սատարող գործառոյթներով: Մարդ ո՛րքան երախտապարտ գտնուի, այնքան աւելի կրնայ ներկան լիովին ապրիլ: Եւ որքան մարդ կարենայ ներկայի դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները դիմակայել, այնքան աւելի կրնայ պայծառ ապագայ մը կերտել:

21-րդ դարու մէջ ապրած հայ երիտասարդը փորձած է քայլ պահել գիտութեան հետ եւ զարկ տալ իր ուսման, որովհետեւ գիտակցած է թէ ուսումը միջոց է կեանքին նուաճելու ու տիրանալու եւ նամանաւանդ իր նպատակին հասնելու: Սակայն մարդ չի կրնար իրականացնել իր երազները եւ մարմնաւորել իր գերնպատակները, եթէ չկան նիւթական միջոց ու հնարաւորութիւն:

Արդարեւ, Մեծ Եղեռնի «Գողգոթա»էն ճանապարհորդագրած եւ հարստահարութեանց, տուայտանքներու, կեղեքումներու ու դիմայեղութեանց ենթարկուած Սուրիահայութիւնը մշտապէս գիտակցած է ազգին գոյութեան սպառնացող վտանգը եւ ֆիզիքական ոչնչացումէ ազատածի բնազդով փարած է ազգը պահպանելու եւ գոյատեւելու հրամայականին: Սակայն անցնող 5 տարիներու ընթացքին մարդաբուեր` ահաբեկիչներ փորձեցին անճիտել ու բաժնել սուրիական մեր հայրենիքը, որուն իբրեւ հետեւանք Սուրիահայութիւնը պառակտուեցաւ ու բաժան-բաժան եղաւ` գաղթելով Հայաստան, Լիբանան եւ այլ երկիրներ:

Հայրենիքը գրկաբաց ընդունեց Սուրիահայութիւնը եւ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ ամէն իմաստով փորձեց օգտակար դառնալ: Սուրիահայ երիտասարդութիւնը նոյնպէս չզրկուցաւ բարձրագոյն կրթութենէ` շնորհիւ հայուղի եռամիասնութեան` ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան, Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկի եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան: Այս երեք մարմինները պատրաստակամութիւն յայտնեցին մեր Սուրիահայ երիտասարդներուն կրթական բակալավրի (Bachelor) 4 եւ Մասթըրսի (Master’s) 2 տարիներու ուսումնավարձերը հոգալ` զանոնք անմասն չթողնելով կեանքի զէնքէն` ուսումէն:

Սփիւռքի նախարարութիւնը իր վեցամեայ գործնունէութեամբ դարձաւ Սփիւռք-Հայրենիք հիմնարար կամուրջը: Կամուրջ, որ եղաւ հայոց անցեալ փառքին շեփորահարը, մեր ազգային նպատակներուն յուշարարը, մեր ինքնութեան պահապաններէն մին ու հայապահպանման պայքարի մարտիկը:

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկը իր մեծանուն բարերարին կտակը աւելիով իրագործեց եւ ցայսօր աւելի գօտեպնդուած կը շարունակէ իր նուիրական գործունէութիւնը ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի: Այս հիմնարկն է, որ տարիներ շարունակ հիմնեց «հայաբարբառ» դպրոցներ` այբուբենը հնչեղ դարձնելով մեր մատղաշ սերունդի հոգւոյն մէջ: Կրթաթոշակներ յատկացուց Հայաստանի եւ սփիւռքահայ մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն` պարարտ ենթահող հանդիսանալով մեր ապագայ ռահվիրաներուն:

Հ.Բ.Ը.Մ.ը նոյնպէս իր հիմնադրութենէն օրէն իսկ դարձաւ ազգային նպատակներու ներշնչարանը, հայ մշակոյթի հրիտակողը, հայ ժողովուրդի յառաջդիմութեան ու զարգացման կարելիութիւններու աղբիւրը եւ հայ երիտասարդին աջակիցն ու թիկունքը: Հայ երիտասարդներ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի շուրջ համախմբուեցան եւ անոր միջոցաւ ստեղծեցին օտար տարածքներու վրայ «հայ բնօրրան» մը:

Կարելի չէ ուրանալ այս մեծ բարեգործութիւնը, որ կը կատարուի մեզի` Սուրիահայ երիտասարդներուս: Սուրիահայերը ո՛ւր որ գտնուած են` շինած ու շէնցուցած են, պայծառակերպած ու իրենց հոգին դրած են իրենց ապրած հողին մէջ: Մենք ներկայի մէջ ապրող եւ դէպի ապագայ հայող ազգ ենք: Յուշով ու յիշատակով միայն չենք ապրիր: Յամառ եւ անտեղիտալի պայքարով մեր գոյութիւնը ապահովող ու տեւականացնող ժողովուրդ ենք այսօր` ի խնդիր վաղուան, ապագայի մեր լուսաշող հեռանկարներուն: Ահա թէ ինչո՛ւ իւրաքանչիւր Սուրիահայ երիտասարդ պէտք է այդ երախտագիտութիւնը գործով դրսեւորէ` իր հայրենիքին բարօրութեան ու պանծացման համար: Պէտք է ապրի «Թէեւ հայրենիքի մէջ չեմ ծնած, բայց հայրենիքը իմ մէջս է ծնած»կարգախօսով եւ իր ներդրումը բերէ նորանկախ մեր հայրենիքի կերտման ու հզօրացման:

Ըսուած խօսք է, թէ ազգեր կ’ապրին ու կը գոյատեւեն հայրենիքո՛վ միայն: Հայրենիքը սոսկ հող ու ջուր, զգացում ու երազ չէ, հայրենիքը ժողովուրդն է իր պետականութեամբ: Պետութեան հզօրացումը ժողովուրդին հզօրացումն է, եւ` փոխադարձաբար: Պետութիւնը ժողովուրդին ձայնն է, կամքն է, իսկ երիտասարդութիւնը` պետութեան ամուր յենարանը®: Հայրենիքին հզօրացումը կարելի չէ ապահովել գեղեցիկ մտորումներով, զգացական արտայայտութիւններով եւ շինիչ թելադրութիւններով: Հայրենիքը կը զօրանայ իր բոլոր զաւակներուն գործօն մասնակցութեամբ ու ամբողջական զոհողութեամբ, քրտինքով ու արիւնով միայն:

Հանրայայտ հրապարակագիր Շահանդուխտ կը հաստատէ` ըսելով. «Գիտութիւնը դարը չի փոխեր,մենք կը փոխենք դարը մեր տկարութեամբ, մեր ինքնութեան անգիտակից տրամադրութեամբ:Գիտութիւնը մեզ կը զարգացնէ, ամէնէն աւելի հայը կըմբռնէ գիտութեան արժէքը եւ կըյառաջդիմէ` իր ամբարած նոր գիտելիքները ծառայեցնելով մեր ազգային յառաջընթացին, եւ ոչ`օտարին ջաղացքին ջուր տանելու»:

Սուրիահայ երիտասարդութիւնը միշտ ապրած է ու կ’ապրի Հայրենիքով եւ յանուն Հայրենիքի: Ա՛յս են մեր սրբազան կարգախօսն ու երախտիքը:

Հայասիրութիւն Բռնատիրութեան Տակ

0

 

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աշխարհի վրայ փաստուած իրողութիւն մըն է, թէ առածները, որոնք անցեալէն հասած են մեզի, միշտ ալ իրենց մէջ կը կրեն իրականութիւն մը: Այլ խօսքով անոնք գրուելու եւ կամ ըսելու սիրոյն գրուած խօսքեր չեն, այլ անյայտներու կողմէ մեզի փոխանցուած փիլիսոփայութիւններ են: Այդ հրաշալի փիլիսոփայական ճշմարտութիւն ընդգրկող ճշմարտութիւններէն մէկն է այն առածը, որ կ’ըսէ. «Մարդ միայն կորսնցնելէ ետք կրնայ իր կորսնցուցածին արժէքը գիտնալ»:

Հաւանաբար այդ է պատճառը, որ սովետական ժամանակաշրջանին, երբ կորսնցուցած էինք ազատ գաղափարախօսութեամբ մեր Հայրենիքը, ունեցանք այնպիսի հրաշալի բանաստեղծներ, որոնք կրցան ժողովուրդին մէջ ներշնչել հայրենասիրութիւնն ու ազգային հայ ոգին, որոնց փաստը մինչեւ օրս անոնց որպէս մեծ բանաստեղծներ յիշուիլն է, ինչ որ է պարագան Եղիշէ Չարենցի, Պարոյր Սեւակի, Յովհաննէս Շիրազի եւ ուրիշ տաղանդաւորներու:

Մարդկային կեանքի մէջ ամէն պարագայի համար եղած է այնպէս, որ մարդիկ գրած են սիրոյ մասին՝ երբ կորսնցուցած են իրենց սէրը, իսկ հարազատներու մասին՝ անոնց կորուստէն ետք միայն: Պ. Սեւակ եւս իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ կը յիշէ նման գաղափար մը, ըսելով. «Մթութեան երանգներն առատ են աւելի»:

Նոյն այդ կորսնցնելու եւ զօրաւոր կարօտի զգացումն է, որ մղած է մեր գրողները գովերգելու եւ տարածելու Հայրենիքի ու հայութեան հանդէպ սէրը եւ նուիրումը: Անոնք գրած են այն ատեն, երբ արգիլուած էր հայրենասիրութիւն եւ ազգայնութիւն քարոզել, այդպիսով շատ անգամ իրենց կեանքը վտանգելով՝ հրաբուխի պէս ժայթքած են մի միայն հայութեան եւ Հայրենիքի հանդէպ սէր քարոզելով:

Կարդալով անցեալի մեծերուն հայրենասիրական բանաստեղծութիւնները, կատարելով անցեալի եւ ներկայի միջեւ տարբերութիւններու փոքր քննութիւն մը՝ յանգեցայ հետեւեալ գաղափարներուն․

Ա.- ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԵՐԲ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ Է ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՔԱՐՈԶԵԼ

Բոլորս ալ գիտենք, թէ մեր բանաստեղծներէն քանի՜ քանիներ իրենց հայրենասիրութեան համար դատապարտուած են բանտարկութեան: Բանաստեղծներէն քանի՜ քանիներու բանաստեղծական հատորները ենթարկուած են կրճատումներու, անոնց մէջէն փորձելով դուրս բերել հայրենասիրական տողերը: Անոնցմէ է օրինակ Ե. Չարենցը, որ նոյնիսկ իր բանտարկութեան օրերուն կը շարունակէր քարոզել հայրենասիրութիւն, շատ անգամ ծածկագրերով։ Այլ օրինակ մըն է Յովհաննէս Շիրազի «Հայոց Տանթէական»ը, որուն ամբողջական տպագրութիւնը մինչեւ այսօր չէ կատարուած: Եւ շատ են շարքը այն երանելիներուն, որ անտեսելով իրենց կեանքն ու շահերը իրենք զիրենք նուրիրած են ազգին, որուն համար արժանացած են անմահութեան դափնեպսակին:

Որպէս ինքնակենսագրական գիծ Սեւակ եւս կը վկայէ այդ մասին՝ փոխանցելով մեծերու հոգեբանական ըմբռնումը. «Միայն թէ անեն մտածածն իրենց, ի՜նչ փոյթ թէ մեռնեն ժամանակից շուտ», եւ այդ յամար ու հաստատ ոգին է, որ այսօր զիրենք հասցուցած է այն բարձունքին, որուն իրապէս արժանի են:

Պ. ՍԵՒԱԿ

Գաղտնօրէն կատարուած հայրենասիրութեան քարոզչութեան մէջ կ’ուզեմ առաջին շեշտս դնել Պարոյր Սեւակի վրայ: Պահ մը մտաբերենք անոր բանաստեղծական երկերէն մէկ երկու անուններ: «Եղիցի Լոյս», «Մարդը Ափի Մէջ» եւ այլ վերնագիրներ, որոնք պատահականօրէն եւ կամ հոն բան մը դնելու սիրոյն ճշդուած խորագիրներ չեն:

Սեւակ եղած է բուռն պայքարողը ընդդէմ բռնատիրութեան, հայրենասիրական ազատազրկումի եւ օտարի իշխանութեան տակ գտնուելուն: Ու գաղտնօրէն եւ ատեն-ատեն բացայայտ իր միտքերը արտայայտած է իր բանաստեղծութիւններուն մէջ, որնցմէ մէկն է «Եղիցի Լոյս» արտայայտութիւնը, որ կը նշանակէ «Թող լոյս ըլլայ»:

Երբ ըսենք «թող լոյս ըլլայ» կը նշանակէ, թէ արդէն կը գտնուինք մթութեան մէջ եւ խաւարէն լոյսի գալու փափաքն է, որ ունինք մեր սրտերուն մէջ: Այս պարագային Սեւակ որպէս խաւար կը դիտէ իր ժամանակի կառավարութիւնն ու իշխանութիւնները, որովհետեւ անոնք օտարութիւն կը հոտէին, հեռու ամէն տեսակ հայու արժանիքներէ եւ ներշնչական հոգիէ: Առանց վարանելու Սեւակ լոյսը կը փնտռէր տիրող խաւարին մէջ ու երբեք չէր վարաներ այդ մէկը խաւար կոչել, որովհետեւ ինք եւ իր նմանները կարօտը ունէին կորսուածին:

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

Հայրենիքի հանդէպ անսահման սէր արտայայտող տողեր գրողներէն է նաեւ Սիրվա Կապուտիկեան, որ իր հայրենասիրութեան սահմանները անցնելով կը գրէ հետեւեալ տողերը.-

«Սէր – նման է նա Հայրենիքին,

Հայրենիքի պէս նա միակ է միշտ,

Հայրենիքի պէս միշտ անզուգական…»։

Ինչքա՜ն յանդուգն են այս տողերը: Բանաստեղծուհին, որ իրականութեան մէջ շատ անգամ ինծի համար իսկական տղամարդ բանաստեղծ կը թուի ըլլալ, իր հայրենասիրութեան շղթաները փշրելով իր սէրը կը նմանցնէ Հայրենիքին եւ ոչ թէ Հայրենիքը իր սիրոյ, ըսել ուզելով, որ Հայրենիքը ա՛լ աւելի բարձր եւ քաղցր է իր էութեամբ ու չափով մը աւելի բարձր քան իր սէրը, ինչ որ ներկայ մարդկութեան համար չ՛անդրանցելիք սահման մըն է:

Նման բազմաթիւ օրինակներ կարելի է յիշել այլ հայ բանաստեղծներէ:

Բ.- ՆԵՐԿԱՅ ՕՐԵՐՈՒ ՈԳԻՆ ԵՒ ՇՈՒՆՉԸ

Ներկայիս երբ Հայաստանը ունի անկախացած վիճակ ու ալ օտարի լուծին տակ չի գտնուիր, զգալի է նուազումը հայրենասիրութեան եւ ազգային շունչի քարոզչութեան: Հակառակ, որ սփիւռքահայեր տակաւին կարօտովն են այդ հողին, սակայն հեռաւորութիւնն ու կարօտը չունին այն ուժականութիւնը՝ ինչ որ գոյութիւն ունէր անցեալին: Սակայն արդար գտնուելու համար ըսենք, որ հայրենասիրութեան կայծը երիտասարդութեան մէկ մասին քով արդէն իսկ կամաց-կամաց սկսած է կայծկլտիլ, ոգեւորելով զիրենք ազգային եւ մշակութային արժէքներու պահպանումին ու տիրապետումին առնչութեամբ:

Ներկայիս դժբախտաբարատ չափանիշեր յեղաշրջումի ենթարկուելով կրած են հսկայական փոփոխութիւններ: Միտքի խելահասութեան ու խելացիութեան չափանիշ գծուած են օտար գիրքեր. կարեւոր չէ անոնց գրողն ու նիւթը, սակայն անգլերէն գիրքի մը ընթերցանութիւնը, մանաւանդ յետին նպատակներով հանրութեան մէջ կարդալը, դարձած է խելացիութեան չափանիշ: Շատերու համար թերեւս 40 հատոր Պ․ Սեւակ, Սիլվա Կ․ եւ կամ Յ․ Շիրազ կարդալը ոչ մէկ արժէք ունի՝ քան մէկ Շէյքսփիր կամ Վ. Հիւկօ կարդալը, որովհետեւ անունները ինչպէս հագուստի, ինքնաշարժի եւ գրեթէ ամէն ինչի պարագային, նոյնպէս գրականութեան մէջ ալ եղած են նոյն արժեչափը:

Նար-Դոս թող գրէ սքանչելի սիրային նիւթ մը: Նոյն նիւթը նոյնութեամբ թող հրատարակուի Շէյքսփիրի անունով ու հաւատացէք մարդիկ կը սքանչանան այն գիրքին վրայ միայն, որուն վրայի անունը Շէյքսփիր է: Օրինակը աւելի ընդհանրացնենք: Հայ գրող մը թող ըսէ. «Սէրը քաղցր է տղաս, սակայն ունի մեծ ցաւեր…» ու անոր թող կցէ հայկական անուն մը եւ այլ տեղ նոյն տողը գրելով թող դնէ մեծ գրողի մը անունը: Հակառակ բառացիօրէն նոյնը ըլլալուն, վստահ եղէք օտարինը ա՛լ աւելի եւս պիտի սիրուի ու տարածուի քան հայունը, որովհետեւ մտային հասունութեան ու զարգացման չափանիշերը եւս ենթարկուած են կեղծիքի ու երեւութապաշտութեան:

Յաճախ երեւակայելը անգամ ցաւալի կը թուի մտապատկերիս առջեւ, թէ արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր վիճակը… ոչ թէ հարիւր այլ քսան տարիներ ետք:

Բոլորս ալ պահ մը կ’ոգեւորուինք՝ տեսնելով նոր սերունդին կատարած ձեռնարկներն ու կազմակերպած հայապահպանման աշխատանքները, սակայն անդին մի քանի օրեր ետք տեսնելով այլ երիտասարդներու անտարբերութիւնը լեզուի ու գրականութեան նկատմամբ կ’ընճուինք եւ կը տարուինք մտածումներով, թէ ի՞նչ վախճան պիտի ունենայ այս սարսափելի ընթացքը:

Թէեւ տարիներ առաջ Աւետիս Ահարոնեան կը գրէր. «Լեզուն ապրում է այնտեղ, ուր ստեղծուել է: Հայրենիքից դուրս նա արմատախիլ բոյս է, որ մեռնում է թառամած», սակայն այսօր այս թերթին հայերէն ու հայատառ հրատարակուիլը փաստ մըն է այն պայքարին, որ տակաւին կայ հայ լեզուն Սփիւռքի մէջ, սակայն պակասը կայ հայրենասիրութեան ու ազգային ոգիի քարոզչութեան:

Օտար գրականութիւնը ունի իր տեղը, ունի իր բարձրութիւնը, սակայն նոր սերունդը պէտք է գիտնայ, որ հայերէն գրականութիւնը եւս կը մրցի ու կը հաւասարի անոնց եւ ինքնագովութիւն թող չի սեպուի երբ ըսեմ, որ նոյնիսկ շատ անգամ կը գերազանցէ զանոնք:

Փառք այն հերոսներուն, որոնք իրենց կեանքի գնով քարոզեցին հայրենասիրութիւն ու փոխանցեցին ազգային ոգի եւ շունչ:

 

Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակը Եւ Այդ Առիթով Լարա Սեդրակեանի Ելոյթը

0

*ՓԱՆՈՍ ԹԻԹԻԶԵԱՆ*

Ուղիղ հարիւր տարիներ առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան հոգեվարքի օրերուն, Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին էր որ հայ ժողովուրդը պիտի ենթարկուէր իր բովանդակ պատմութեան մեծագոյն ողբերգութեան: Այն ժամանակ, Օսմանեան Կայսրութեան իշխանութեան ղեկը կ՛անցնէր, այսպէս կոչուած «Իթթիհատ վէ Թերաքքի» խմբակին ձեռքը: Առաջնորդուած ցեղամոլ և կրօնամոլ հիւանդագին ըմբռնումներով, և օգտուելով աշխարհամարտին ընծայած բացառիկ առիթէն, այս խմբակը ծրագրեց հայ տարրը Փոքր Ասիայէն ընդմիշտ բնաջնջել: Այդ հրէշային պետական փլանը, 1915-ի Ապրիլին գործադրութեան պիտի դրուէր ամենավայրագ մեթոտներով:

Եւ այն ինչ որ տեղի պիտի ունենար, կարելի չէր այլ ձեւով որակել քան «ցեղասպան» բառով: Բառ մը որ նոյնինքն պիտի յօրինուէր 1944-ին, Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ, յատկապէս նկատի առնելով հայկական համատարած ջարդերն ու աքսորը:

Ահաւասիկ մէկ դար անցեր է այդ եղերական դէպքերէն, սակայն և այնպէս, համայն հայ ժողովուրդը ջերմօրէն կը շարունակէ մէկուկէս միլիոն մեր անթաղ մեռելներուն յիշատակը յարգել: Մայր հողի վրայ, պետական մակարդակով, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին՝ հոգեպարար աղօթքներով, և ի սփիւռս աշխարհի՝ քայլարշաւներով, եկեղեցական արարողութիւններով սրբացուեցաւ խնկելի յիշատակը մեր նահատակներուն:

Այսպէս, անգամ մը եւս մենք միջազգային հանրային կարծիքը հրաւիրեցինք Հայկական ցեղասպանութեան վրայ, շեշտելով միաժամանակ այն իրողութիւնը, թէ մեր ժողովուրդը կը խոնարհի նաեւ յաջորդող այլ ցեղասպանութիւններու զոհ գացած հրեայ, ուկանտացի, վիէթնամցի, քամպոտիացի եւայլն միլիոնաւոր զոհերու յիշատակին առջեւ: Վասնզի, բոլոր տեսակի ցեղասպանութիւնները ոճիր մըն էին մարդկութեան դէմ ուղղուած: Հայկական ցեղասպանութիւնը, առաջինը 20-րդ դարուն տեղի ունեցած, որպէս նախընթաց պիտի ծառայէր վերեւ յիշուած իրերայաջորդ ցեղասպանութեանց:

Եւ կ՛արժէ այս առնչութեամբ մատնանշել պատմական կարեւոր երեւոյթ մը: Մարդկային պատմութիւնը բազմաթիւ օրինակներ ունի իր տարեգրութեանց մէջ, որոնք աներկբայօրէն կու գան վկայելու այն իրողութիւնը թէ ընկերային անլոյծ մնացած նշանակալից իրադարձութիւններ կրկին կը վերադառնան իրենց բարդութիւններով: Օրինակներ վերցնենք նոյնինքն Առաջին Աշխարհամարտի ժամանակաշրջանէն: Անգլիոյ և Ֆրանսայի միջեւ տեղի ունեցող Sykes-Picot գաղտնի համաձայնութիւնը 1916-ին, որով այդ տէրութիւնները Միջին Արեւելքի ամբողջ քարտէզը արուեստականօրէն վերափոխելով, զանազան երկիրներու վերածելով, իրենց գաղութարարական շահերը յառաջ տարին: Այսօր, Միջին Արեւելքի արիւնոտ համատարած բախումներն ու թնճուկը ուրիշ բան չեն եթէ ոչ Sykes-Picot համաձայնութեան կազմալուծումին ցնցումները: Կարելի է նոյնպէս օրինակ վերցնել Versailles-ի դաշնագիրը (1918), որով յաղթական դաշնակիցները, Առաջին Աշխարհամարտին, պարտուած Գերմանիոյ վրայ այնպիսի ծանր պայմաններ դրին, որ հազիւ երկու տասնամեակ անցած, ամբողջ աշխարհը բռնկեցաւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի բոցերուն մէջ:

Հայկական ցեղասպանութիւնն ալ, իր կարգին, կրկին ու կրկին պիտի վերադառնայ սեղանի վրայ: Մենք հարց ունինք թուրք իշխանութիւններու հետ: Մենք հողային հատուցումի պահանջք ունինք իրենցմէ: Եւ այնքան ատեն որ անոնք կեղծեն պատմութիւնը, ուրանան ցեղասպանութիւնը, զոր իրենց պապերը գործեցին, օգտուելով Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական և ռազմագիտական առաւելութիւններէն, ճմշում բանեցուցին այլ երկիրներու վրայ որ չճանչնան Հայկական ցեղասպանութեան փաստը, մենք, համայն հայութիւնը, չենք կրնար լռել ու բողոք պիտի բարձրացնենք և մեր արդար իրաւունքները պիտի պահանջենք:

Մենք, ներկայ յօդուածով, պիտի չզբաղինք Հայկական ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով տեղի ունեցած յատկանշական ելոյթներով, և այն դասը, որ պէտք է քաղենք այդ բոլորէն: Այդ մէկը շահեկան պիտի ըլլար կատարել, պատմութեան սիրոյն: Մենք, մասնակի կերպով վեր պիտի առնենք Լարա Սեդրակեանի ելոյթը, որ ան ունեցաւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, Մայիս 9-ին, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ձօնուած ճաշկերոյթի ընթացքին:

Լարա Սեդրակեան, իր ելոյթով, վեր առաւ շարք մը հիմնահարցեր, որոնք մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին ներկան ու ապագան կը յուզեն, բնականաբար հակիրճ կերպով, ժամանակի սահմանափակ ըլլալը նկատի առնելով: Մենք, մեր կարգին, տեղտեղ, պիտի ջանանք ընդարձակել յայտնուած մտքերը յարգարժան բանախօսին, ինչպէս նաեւ յաւելուածաբար յայտնել մեր սեփական կարծիքը, ըստ պատշաճի:

Ամէն բանէ առաջ, մեծ հրճուանքով, ազգային հպարտութեամբ ու խանդավառութեամբ կ՛ուզէինք շեշտել նոր երեւոյթ մը, որ ի յայտ կու գայ մեր ազգային-հասարակական կեանքի մէջ: Այդ մէկը՝ Լարա Սեդրակեանին ու իր սերունդին պատկանող յաջողած անձերու մուտքն է մեր ազգային ղեկավարութենէն ներս: Այս նոր ղեկավարները, միջազգային չափանիշներով յաջողած անձեր են, չունին նախորդող սերունդներուն բարդոյթները, ընկերային հարցերուն կը մօտենան առարկայականօրէն, արհեստավարժ (փրոֆեսիոնալ) ու մասնագիտական կերպով: Ճի՛շդ այդպիսի ղեկավարներու է որ այսօր պէտք ունի մեր ազգը:

Եւ յարգարժան բանախօսուհի Լարան մէկն է այն որակաւոր սերունդէն, որ իր մասնագիտական ուսումը ստացած է Հարուըրտ Համալսարանէն, ի միջի այլոց ABC-ի և Պլումպերկի կողմէ թղթակից և մեկնաբան է Միջին Արեւելքի, մասնաւորաբար Սուրիոյ, բարդ և արիւնոտ իրադարձութիւններուն:

Մեզի համար հաճելի էր Լարան տեսնել բեմի վրայ, իր ելոյթին ընթացքին, կնոջական քնքշութեամբ, ինքնավստահ կատարումով, բայց մանաւանդ կուռ ու տրամաբանական (rational) ձեւով հարցերուն մօտենալու իր եղանակով:

Գալով Լարա Սեդրակեանի ելոյթին բովանդակութեան, ջանանք վեր առնել իր մտքերը:

Ա.__ Ազգային միասնութեան անհրաժեշտութիւն: Լարան մասնաւոր շեշտ կը դնէ այն բանին վրայ որ մենք հարկադրանքին տակ կը գտնուինք համազգային բնոյթ կրող հարցերը միասնաբար, մէկտեղուած ու համադրուած ուժերով դիմակալելու: Անցեալին մէջ, հայ հանրային կարծիքը ծանրօրէն տագնապեր է ներքին պառակտումներու հետեւանքով: Նոյնիսկ եղբայրասպան կռիւներու բազմաթիւ զոհեր ալ տուած ենք: Եւ այն թուականին, երբ Լիբանանի Քամիլ Շամուն մարզաւանին մէջ հաւաքուած, ամէն տեսակ պատկանելիութիւն ունեցող հայեր, միասնաբար խոնարհեցան մեր նահատակներու յիշատակին առջեւ, հիմնական բան մը սկսաւ փոխուիլ հայ հանրային կարծիքէն ներս: Գիտակցութեան մը սկիզբը: Այն, թէ ինչպէս մեր բոլորին վեճակուէր էր հասարակաց անցեալ մը, նոյնպէս մեզի կը սպասէր հասարակաց ապագայ մը: Ուստի, պարտաւոր ենք միատեղ ու միասնական ուժերով կերտել ազգին ապագան: Ահա, այդ սարսուռն էր որ մենք զգացինք Քամիլ Շամունի դաշտին վրայ: Մենք մէկն էինք պատուոյ թրիպիւնի վրայ Հրաչ Սեդրակեանի կողքին կեցած, իբրեւ փոխ-ատենապետ Ռ.Ա.Կուսակցութեան: Ռ.Ա.Կ.ի կողմէ այդ հանդիսաւոր առիթով խօսք առնողն էր, նոյնինքն Լարային մեծ հայրը՝ Հրաչ Սեդրակեանը: Այն ազգային անբիծ նկարագրով ղեկավարը, որուն ազգային-հայրենասիրական ու զոհաբերական ոգին կարծէք ամբողջովին արձագանգ կը գտնէին Լարային խօսքերուն ընդմէջէն:

Այդ կարեւոր հանգրուանին, մենք ազգովին սթափեցանք: Այլեւս սկսանք միատեղ ու միասնական ուժերով դիմակալել լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմն ու անոր յաջորդող ազգային դժուարութիւնները:

Բ.__ Լարան ոչինչ կը տեսնէ անիրականանալի, զրահուած իր պապերուն վերապրելու գերբնական ուժին վրայ ինչպէս նաեւ ի տես անկախ Հայաստանի վերելքին, ազատագրուած Արցախին, Թումօ-ի, Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի նման ապագայ կերտող հաստատութեանց բարձրացումին: Հաստատութիւններ՝ որոնք մեր բարձրացող սերունդները կ՛օժտեն մտային, ստեղծագործական, թեքնիքական ու գիտական բարձր թռիչքներու: «Բարձրացիր, բարձրացուր»:

Պարկեշտութիւնն ու անաչառութիւնը կը պահանջէ մեզմէ որ մետալին միւս կողմը դարձնենք և մեր վիրաւոր կողմը վեր առնենք: Շեշտը դնենք հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին թշուառութեան վրայ, որմէ շատեր կը տառապին: Մէկ երրորդը հայրենիքի ազգաբնակչութեան: Համատարած յոռետեսութիւն մը կայ մեր երկրին մէջ: Արտագաղթը արիւնաքամ կ՛ընէ մեր հայրենիքը: Այդ բոլորը որոշ ստուեր մը կը տարածեն մեր լաւատեսութեան վրայ, երկրին ապագային նկատմամբ:

Փապուղիին միւս ծայրը լոյս սփռելու հաար, մենք, ազգովին, մեր ամենակարեւոր ու ամենաառաջնահերթ հարցը պէտք է նկատենք տընտեսական վիճակի բարելաւումը թշուառութեան մատնուած մեր հայրենի քոյրերուն և եղբայրներուն: Ամէն ինչ ի գործ դնելով: Հարկ է մենաշնորհներու, կաշառակերութեան ու փտտածութեան կապանքներէն ձերբազատել մեր ժողովուրդը որպէսզի ազատօրէն թափ տայ իր ստեղծագործ ու նախաձեռնող ոգիին: Ի շահ ազգին ու հայրենիքին վերելքին:

Գ.__ «Մեր ինքնութիւնը պիտի ներկայացնենք համայն աշխարհին մեր հայ մշակոյթով»: Ասոնք խորիմաստ և ուժեղ խօսքեր են՝ Լարայի նման պատասխանատւութեան բարձր գիտակցութեան տէր անձի մը կողմէ բառացիօրէն արտասանուած, ամերիկեան մայրաքաղաքէն, հանդիսաւոր բացառիկ առիթով: Համարձակօրէն և ինքնավստահ

կերպով արտասանուած այս խօսքերը, ձեւով մը՝ ուխտ մը, խոստում մը կը կազմեն, յայտնելու աշխարհին, թէ մենք պիտի ապրինք ու գոյատեւենք, ազգային ինքնատիպ քաղաքակրթութիւն պիտի կերտենք, մեր մշակոյթով ու մեր հաւաքական տենչերով: Ինքնատիպ՝ ո՛չ անպայման որակական իմաստով: Պարզապէս մեր պատմութիւնը ա՛յդ է վիճակեր մեր ժողովուրդին: Մեր երկիրը գտնուելով Արեւելքի և Արեւմուտքի մայր ճամբաներուն վրայ (Silk Road), մենք ուղղակի ազդեցութեան տակ ենք մեզ կոխկրտող մեծ պետութիւններու, և իրենցմէ առեր ենք __ ո՛չ թէ ընդօրիներ ենք __ լաւն ու գեղեցիկը ու այդ բոլորը շաղախեր մեր ինքնատի մշակոյթին մէջ: Եւ այդ ձեւով, առաւել եւս ճոխացուցեր զայն:

Ա՛յդ կը փաստեն մեր ճարտարապետական կոթողներն ու մանրանկարչութիւնը:

Ա՛յդ է որ կը փաստեն ստեղծագործութիւնները Կոմիտասի, Դանիէլ Վարուժանի, Վահան Թէքէեանի, Եղիշէ Չարենցի, Վահան Տէրեանի, Նարեկացիի և դեռ շատերու: Անոնք, այդ ստեղծագործութիւնները իրենց յղացքով, թռիչքով ու գեղեցկութեամբ: Եւ երբ Լարա Սեդրակեան հպարտօրէն կը յայտարարէ աշխարհին այն, թէ մենք պիտի ներկայացնենք մեր հայու ինքնութիւնը հայու մշակոյթով, այս հաստատումը թեթեւ չի կշռեր: Անոնք խորիմաստ խօսքեր են որոնք մեր ինքնութեան էութիւնը կ՛արտացոլացնեն: Բան մը որ կը խորհիմ թէ Լարան քաջ գիտակից էր այդ իրողութեան, երբ վերոյիշեալ յայտարարութիւնը կը կատարէր:

Դ.__ Ուրիշ կարեւոր հարց մը զոր Լարան կը շօշափէ: Հայթուրք յարաբերութիւնները: Լարան յստակ զանազանութիւն կը դնէ թուրք ժողովուրդին և թուրք իշխանութիւններուն միջեւ: Արդարացի է բանախօսուհիին այդ դիրքորոշումը: Վասն զի, մենք, խորքին մէջ, հիմնական հարց մը չունինք թուրք ժողովուրդին հետ: Ինչպէս Լարան կ՛ընդգծէ իր ելոյթին մէջ, Եղեռնի ատեն գտնուած են շատ մը բարեսիրտ և բարեգութ թուրքեր որոնք հարիւրաւոր հայեր փրկած են ստոյգ մահուան ճիրաններէն:

Մեր խնդիրը թուրք իշխանութեանց հետ է: Անոնք ամէն ինչ ի գործ կը դնեն ուրանալու համար Հայկական ցեղասպանութեան փաստը: Տունը աճած կեղծ «պատմաբան»ներու կամ օտար վարձուած պատմաբաններու խեղաթիւրած տեսութիւններով, կաշառքով, սպառնալիքով, և մանաւանդ օգտուելով Թուրքիոյ ունեցած աշխարհաքաղաքական և ռազմագիտական առաւելութիւնները, օտար պետութիւններու վրայ ճնշում բանեցնելով:

Թուրքիոյ բռնած այդ ուղին կոչուած է անելի մատնուիլ: Թուրքիան, ուրիշներու նման եթէ կ՛ուզէ նորմալ ազգ մը դառնալ, պարտաւոր է իր սեփական պատմութեան մութ էջը դարձնելու: Այդ մէկը կ՛ըլլայ՝ Գերմանիոյ օրինակին հետեւելով: Այսինքն՝ ճանչնալ նացիներու կողմէ հրեայ ժողովուրդին վրայ գործադրուած Holocaust-ը, ներողութիւն խնդրել հրեայ ժողովուրդէն, անհրաժեշտ հատոյցը տալ և առաջ անցնիլ: Այդ կը պահանջէ նա՛եւ Թուրքիոյ շահը:

Մեր յօդուածը եզրակացնելէ առաջ, կը փափաքինք անգամ մը եւս վեր առնել այն իրողութիւնը, թէ Հայկական ցեղասպանութեան 100-ամեակի բազմերես շարժումներով մենք ազգովին, յաչս համաշխարհային հանրային կարծիքին, հանդէս եկանք որպէս քաղաքակիրթ ժողովուրդ: Այդ հանգամանքին բերումով, բայց նամաւանդ Նորին Սուրբ Օծութիւն Ֆրանսիս Պապին՝ մեր տանջուած ու անարդարուած ժողովուրդին հանդէպ իր ցուցաբերած ջերմ համակրանքին բերումով, պատուանդան մը վեր բարձրացած եղաւ հայութեան վարկը, համակրանքը՝ մեր անկորնչելի արդար դատին նկատմամբ առհասարակ:

Միւս կողմէ, հրաշալի էր Լարա Սեդրակեանի ելոյթը: Ելոյթ մը՝ որ, առաւել ըլլալով, կ՛աւետէր նոր, բարձրագոյն միջազգային վարկի հասած սերունդի մը մուտքը ազգային ղեկավարութեան գերագոյն դիրքերու վրայ:

 

Պէյթ Էլ Տինի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Համերգ Կատարողութեամբ Հայաստանի Ազգային Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբին

0

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Ուրբաթ 8 Օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:30ին Պէյթ Էլ Տինի պալատին մէջ համանուն նշանաւոր  երեսնամեայ փառատօնի ծիրեն ներս, Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը,  գեղարուեստական ղեկավար ու հիմնական խմբավար Էդուարդ Թօփչեանի գլխաւորութեամբ, հանդէս պիտի գայ  պատմական համերգով մը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին:

Համերգին, որուն մասին «Զարթօնք» իր էջերը լայն բացած էր նախորդ շաբաթներուն,  իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Հայաստանի պետական քամերային (գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Ռոպերթ Մլքէյեան) եւ «Հովեր» պետական քամերային (գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սոնա Յովհաննիսեան) երգչախումբերը, իսկ իբրեւ մենակատար հանդէս պիտի գան մեներգիրչներ` Իրինա Զաքեանը (սոփրանօ), Պերճ Քարազեանը (թենոր), Նարինէ Անանիկեանը (մեձօ սոփրանօ) եւ Սարգիս Բաժբէուկ-Մելիքեանը (պարիթոն):

Այս եզակի համերգը իր մասնակցութեամբ աւելի եւս պիտի նշանաւորէ ու առաւել յիշարժան դարձնէ՝ համաշխարհային ճանաչման հասած ջութակահար Սերկէյ Խաչատրեանը:

Համերգի ծրագրով պիտի հնչեն Արամ Խաչատուրեանի Սպարտակը, Պրամսի ջութակի քոնսերթը եւ Մոցարթի ռեքուիեմը:

Նշենք, որ Պէյթ Էլ Տինի Փառատօնը այս անզուգական ձեռնարկը հանրութեան պիտի հրամցնէ ՀԲԸՄի աջակցութեամբ, մինչ միջազգային ջութակահար Սերկէյ Խաչատրեանի մասնակցութիւնը հովանաւորուած է Տէր եւ Տիկ. Սարգիս եւ Սեդա Տէմիրճեաններու կողմէ:

Այս առիթով եւ Պէյթ Էլ Տինի Միջազգային Փառատօնի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, երէկ կէսօրին մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպուած էր Պէյրութի «Ֆօր Սիզընս» պանդոկին մէջ, որուն լիբանանեան տեղեկատուական այլ ներկայացուցիչներուն կարգին ներկայ եղանք նաեւ մենք: Ասուլիսին ներկայ էր նաեւ Պէյթ Էլ Տինի Միջազգային Փառատօնի յանձնախումբին անդամ եւ անոր յաջողութեան համար ոչ մէկ ճիգ չխնայող՝ Տիկ. Անի Գասարճեանը:

Ձախէն՝ Տիկ. Անի Գասարճեան, խմբավար Էդուարդ Թօփճեան,   Տիկ. Թալին Պաշեան եւ ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեան
Ձախէն՝ Տիկ. Անի Գասարճեան, խմբավար Էդուարդ Թօփճեան,
Տիկ. Թալին Պաշեան եւ ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեան

Էդուարդ Թօփճեան ըսաւ․ «Այս տարի մենք շատ համերգներ ունեցանք աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ, որոնք բոլորն ալ նուիրուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին: Նոյնն է պարագան նաեւ Լիբանանի մէջ: Մենք ներկայացման համար ունինք յատուկ յայտագիր, որ հասկնալի ու սրտամօտիկ է թէ՛ հայերուն եւ թէ օտարներուն»:Ասուլիսին հանդէս եկան Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիքի  գեղարուեստական ղեկավար ու հիմնական խմբավար Էդուարդ Թօփճեանն ու նշանաւոր ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեանը, որոնք լրացուցիչ լուսաբանութիւններ տուին ընդհանրապէս խումբին եւ ի մասնաւորի այսօր երեկոյեան տեղի ունենալիք համերգին մասին:

Ան հաստատեց, որ «ելոյթի առաջին բաժնով իրենք պիտի կատարեն Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններէն, համոզուած ըլլալով, որ ան աշխարհի ամէնէն հրաշալի երաժիշտներէն մէկն է համաշխարհային մակարդակով եւ հպարտութիւնը Հայոց ազգին»: Թօփճեան աւելցուց, որ յայտագրի այլ մասերով իրենք ելոյթ պիտի ունենան օտար ստեղծագործութիւններով:

Էդուարդ Թօփճեան լրագրողներուն պարզեց, որ Ֆիլհարմոնիքի կողքին ելոյթ պիտի ունենան երկու երգչախումբեր՝ «Հովեր»ն ու «Հայաստանի Պետական Երգչախումբ»ը, որոնք առանձին-առանձին մեծ յաջողութիւններ արձանագրած են աշխարհի տարածքին եւ այժմ ելոյթով պիտի ներկայանան այս եռեակով: Թօփճեան աւելցուց, որ այս մէկը առաջին անգամ չէ, որ կը պատահի եւ թէ իրենք յաճախ դիմած են այդ քայլերուն, որպէսզի կարենան բարձր մակարդակով եւ ոճով ամբողջական արուեստ մը ներկայացնել հանդիսատեսին:

Ասուլիսի ընթացքին իմացանք, որ ընդհանուր առումով համերգի մասնակից խումբը կը հաշուէ 141 հոգի, սակայն բոլորը միասնաբար ներկայ չեն ըլլար բեմին վրայ, այլ փոխն ի փոխ  կը ներկայանան բեմ:

Յարգելի խմբավարը յայտնեց, որ ինք խորապէս համոզուած է, թէ հայկական հրաշալի երաժշտութիւնը, որ մենք ունինք, որուն մէջ յատկանշական է Ա. Խաչատուրեանի «Սպարտակ»ը, հպարտութիւն է իր համար նկատի ունենալով, որ Ա. Խաչատուրեանը հայ է, սակայն որպէս երաժիշտ ան միշտ ալ կը փորձէ Արամ Խաչատուրեանին գործերուն մօտենալ իբրեւ համամարդկային եւ համաշխարհային երաժիշտի, որովհետեւ ազգային խտրականութիւնը տեղ պէտք չէ ունենայ  երաժշտութեան մէջ, որով երաժշտութեան արուեստի արժէքը որակի բարձրութեան մէջ է:

«Արտայայտուելով «Հովեր»ու մասին Էդուարդ Թօփճեան մտերմիկ ոճով պատմեց, ըսելով. «Երբ ես շատ երիտասարդ էի ստեղծուեցաւ պատահական քամերային խումբ մը, բաղկացած իմ բարեկամներէս, որ բաւական ճամբայ անցնելով մեծ յաջողութիւններու հասաւ: Անոնց կողքին ունեցաւ շարք մը դժուարութիւններ, որովհետեւ ան պետական չէր ու նիւթականը հովանաւորող պէտք եղածին չափ բարերարներ չուներ եւ մենք մեր ուժերով կը փորձէինք հաստատ պահել այդ երգչախումբը: Նոյն ժամանակ ստեղծուեցաւ այլ երգչախումբ մը, որ «Հովեր»ն էր:  Յաճախ օգնեցինք զիրար», աւելցուց ազնիւ խմբավարը, «որովհետեւ երկուքս ալ պետութեան կողմէ սիրուած էինք, սակայն պետական չէինք: Այսպիսով իրար հետ գործակցելով յառաջ կ’երթայինք, առանց անձնական փորձերու սենեակ կամ տեղ ունենալու: Երբ Ֆիլհարմոնիա եկայ տեսայ, որ վերի յարկը դատարկ սենեակ մը գոյութիւն ունի եւ առաջարկեցի «Հովեր» երգչախումբին, որ եթէ կը փափաքին այդտեղ իրենց փորձերը կրնան կատարել, որպէսզի ոչ մէկ բան այդ սքանչելի ներգչախումբի ընթացքը չխոչընդոտէ»:

Ահա այսօր այս համեստ սկզբնաւորութիւն ունեցող խումբերը, որպէս ինքզինքնին հաստատած, միջազգային ելոյթներ ունեցած եւ մրցանակներ շահած արուեստի գոյացութիւններ, Պէյթ էլ Տինի մէջ պիտի հմայեն Լիբանանի արուեստասէր հանրութիւնը:

Մինչ անզուգական Սերկէյ Խաչատրեանը, որ իր հրաշալի ջութակով պիտի ընկերակցի սոյն խումբերուն, պատասխանելով մեր հարցերուն տուաւ հետեւեալ խոնարհ վկայութիւնը. «Ես ընդհանրապէս կը փորձեմ անտեսել եւ չլսել գնահատականներն ու գովեստի խօսքերը, որովհետեւ երաժիշտը ամենամեծ գնահատականը միայն ինքն իր անձին կրնայ տալ քան ուրիշները, քանզի երաժիշտը ինք եւս պարզ մարդ է, ամէն տեսակի թերութիւններով, սակայն անոր մէջ կայ երկու անձ. մէկը բնական թերի մարդը, իսկ միւսը ան՝ որ ինք կ’ուզէ դառնալ»:

«Հետեւաբար, -աւելցուց Սերկէյ-, «միայն դրական գնահատականները չէ, այլեւ ժխտականները եւս կը փորձեմ լսել, անոնցմէ դաս մը քաղելով աւելի լաւին ու յաջողին ձգտելու համար: Անդին գովասանքները լսելը եւս իր դրական կողմերը ունի, բայց ես կը փորձեմ անոր վրայ շատ չկեդրոնանալ»:

Խօսելով իր երազին ու ձգտումներուն մասին Սերկէյ Խաչատրեան ըսաւ. «Կան անձեր, որոնց ես կ’երազեմ հասնիլ, ինչ որ անկարելի է, սակայն միշտ կայ այդ պայքարը ձգտելու եւ հասնելու: Ես ինծի բեմի վրայ կը տեսնեմ միշտ», ըսաւ երաժիշտը «եւ կը ձգտիմ միշտ ըլլալ բեմի վրայ, որովհետեւ մանկութեանս ամէնէն մեծ երազանքս եղած է բեմ բարձրանալ ու նուագել: Եւ իմ միակ նապատակս այն է, որ ես մարդոց ինչ որ կու տամ, եւ այն ինչ որ երաժշտութիւնը ինծի կու տայ, միշտ կայուն աղբիւր մնայ եւ ես ու համայն մարդկութիւնը այդտեղէն կարենանք  ըմպել»:

Հայրենի Խումբը Փորձի Պահուն
Հայրենի Խումբը Փորձի Պահուն

Համերգին նախորդող գիշերը հայրենի խումբը փոխադրուելով Պէյթ Էլ Տին ունեցաւ իր նախապատրաստական փորձերը՝  լաւագոյնս ներկայանալու համար  հանրութեան, որուն վստահ ենք Լիբանանահայ գաղութն ու արուեստասէր համայն ժողովուրդը անհամբեր կը սպասեն՝  ներկայ ըլլալու, ոչ յաճախ պատահող սոյն ձեռնարկին:

Յաջողութիւն Հայրենի արուեստագէտներուն: Շնորհակալութիւն Պէյթ Էլ Տինի Միջազգային Փառատօնի յանձնախումբին, զոր կը գլխաւորէ Տիկ. Նուրա Ժոմպլաթ, հայկական ու միջազգային արուեստի այս հոյակապ առիթը ստեղծելուն համար:

 

 

Ջիւան Գասպարեանի Մոսկովեան Համերգի Տոմսերուն Համար Մրցոյթ Յայտարարուած Է

0

Հեղինակաւոր Տուտուկահար Ջիւան Գասպարեան Համերգ Պիտի Ունենայ Մոսկուայի Ժողովրդական Տնտեսութեան Նուաճումներու Ցուցահանդէսի Կանաչ Թատրոնին Մէջ, Կը Գրէ Artsakhpress-Ը:

Ռուսական կայքի մը փոխանցմամբ` Համերգը Պիտի Կայանայ Օգոստոս 14-Ին: Տոմսեր Ձեռք Բերելու Համար Կարելի Է Նաեւ Մասնակցիլ Մրցոյթի` Պատասխանելով Մէկ Հարցի` «Երաժիշտներէն Որո՞Ւն  Ջիւան Գասպարեան Կը Համարէ Լաւագոյն Տուտուկահար»:

Մոսկովեան Համերգի Ընթացքին Երաժիշտը Հանդիսատեսին Կը Ներկայացնէ Two Siberians Նէոդասական Գործիքային Յայտնի Երկանուագ:

ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագէտ, Երեւանի երաժշտանոցի փրոֆէսոր 86-ամեայ Ջիւան Գասպարեան դեռեւ դեռահաս տարիքի մէջ նուագած է Ստալինի համար, պարբերաբար ներկայացուցած Հայաստանը հեղինակաւոր մրցոյթներու մէջ: Անոր շնորհիւ ծիրանի ծառի փայտէ պատրաստուած տուտուկը ճանաչելի  դարձած է ամբողջ աշխարհի մէջ, կը գրէ աղբիւրը:

 

 

 

 

Հալէպահայ Գործարար Մը Եւս, Կ’աւելնայ Հայրենիքի Երկինքին Տակ

0

Հալէպահայ գործարար Ենովք Սուլահեանը, արդէն սկսած է իր «պիզնեսը» Երեւանի մէջ, «Մերսետես» ինքնաշարժներու պատկանող նոր մասերու որակաւոր մեծ պահեստով, իր ծառայութիւնը կը մատուցէ Երեւանեան յաճախորդներուն: Այս լուրը քաղեցինք «Հայերն այսօրը»էն, որ իր կարգին տեղեկացած է Հրայր Ագուլեանի ֆէյսպուքեան էջէն:

 

Արժանթին; Հայկական Ուտեստները Արժանթինահայաշակերտներուն «Կ’օգնեն» Հայաստան Այցելել

0

   Պատրաստեց Գէորգ Չիչեան

ՀԲԸՄ-Ի Արժանթինի  (Պուէնոս Այրէս) Մասնաճիւղի «Մարի Մանուկեան» Դպրոցը Արդէն 35 Տարի Է, Որ Ձեւաւորուած Աւանդոյթի Համաձայն` Աւարտական Դասարաններու Հայ Աշակերտներուն Իւրօրինակ Ծրագիրով Կը Բերէ Հայաստան Տեսնելու: Ընդհանուր Առմամբ` Այս Տարիներուն 6000 Սփիւռքահայ Պատանիներ Եւ  Աղջիկներ Եկած Են Հայաստան, Եկած Են Տեսնելու Իրենց Պապերու Ծննդավայրը: Խումբին Մէջ Կան Երեխաներ, Որոնք Առաջին Անգամ Կ’այցելեն Հայրենիք:

Խումբի Պատասխանատու Միրիամ Պօղոսեան «Հայերն Այսօրի» Հետ Զրոյցին Մանրամասներ Ներկայացուց Ծրագիրին Մասին. «Աւարտական Դասարաններու Աշակերտները Մէկ Տարի Շարունակ Իրենց Ծնողներուն Հետ Հայկական Տարբեր Կերակուրներ Կը Պատրաստեն Եւ Շաբթուան Կտրուածքով Երկու Անգամ` Ուրբաթ-Շաբաթ Օրերուն, Այն Կը Վաճառեն Դպրոցի Սրահներէն Մէկուն Մէջ, Որ Խորհրդանշական Ձեւով Ճաշարանի Կը Վերածեն: Ճաշացանկը Բաղկացած Կ’ըլլայ Հիմնականին Մէջ Կիլիկիան Հայաստանի Ճաշատեսակներէն` Հումուս, Թաբուլէ, Պահքի Տօլմա Եւ Այլն: Հաւաքուած Գումարով Ամառնային Արձակուրդին Անոնք Հայաստան  Կու Գան»:

Միրիամ Պօղոսեան Կը Պատմէ, Որ Երեխաները Մեծ Ոգեւորութեամբ Կը Ներգրաւուին Ծրագիրին Մէջ Եւ Կը Փորձեն Հնարաւորինս Լաւ Ցուցանիշ Գրանցել:

Հիւրասիրութիւն-Վաճառքին Կը Մասնակցին Ո՛Չ Միայն Պուէնոս Այրէսի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչները, Այլեւ` Այլազգիները: Անոնց, Բացի Ուտելիքները Մատուցելէ, Աշակերտները Նաեւ Հայկական Պարեր Կը Ներկայացնեն:

Այս Տարի 22 Հոգի  Եկած Է Մայր Հայաստան:

 

4

Երիտասարդները Կ’այցելեն Հայաստանի Գրեթէ Բոլոր Պատմամշակութային Վայրերը` Էջմիածին, Սարդարապատ, Տաթեւ, Սեւանայ Լիճ, Գառնի, Գեղարդ Եւ Այլուր:

Բոլորը Մէկ Փափաք Ունին` Բացայայտել Հայրենիքի Ամէն  Անկիւն, Հիանալ Գեղատեսիլ Բնութեամբ Եւ Վայելել Հայ Ժողովուրդի Ջերմ Ընդունելութիւնը:

«Ծրագիրը Կեանքի Կոչելով` Մեր Գլխաւոր Նպատակն Է Աշխարհասփիւռ Հայ Երիտասարդներուն Հնարաւորութիւն Տալ Մօտիկէն Ծանօթանալու Իրենց Հայրենիքին: Անոնց Մեծ Մասը Հայաստանի Մասին Տեղեկութիւններ  Ստացած Է Միայն Ընթերցանութեան Կամ Համացանցի Միջոցով, Իսկ Հիմա Անոնք Հայրենիքի «Քաղցրութիւնը» Կրնան Զգալ Արդէն Իրականութեան Մէջ: Միանշանակ Կրնամ Ըսել, Որ Անոնք, Այցելելով Հայաստան, Կը Կապուին Երկրին Եւ Դարձեալ Վերադառնալու Փափաք Կը Յայտնեն»,-Տեղեկացուց Միրիամ Պօղոսեան:

 

5

 

Այս Տարուան Ճամփորդութեան «Առանցքը», Անշուշտ, Եղած Է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Րդ Տարելիցը. Երիտասարդները Այցելած Են Ծիծեռնակաբերդ, Գլուխ Խոնարհած Եւ Յարգանքի Տուրք Մատուցած Սրբադասուած Նահատակներու Յիշատակին: Իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկին Մէջ, Միրիամ Պօղոսեանի Խօսքերով, Աշակերտները Ծանօթանալով Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Վկայող Փաստագրական Լուսանկարներուն Եւ Տեսաֆիլմերուն` Շատ  Ազդուած  Եւ Տխրած Են. Անոնց Մօտ Յուզումը Ակնյայտ  Եղած Է:

Արժանթինահայ Երիտասարդներու Խումբէն  Երկու Աղջիկներ` Վիքինիան Եւ Վիքթորիան, «Հայերն Այսօրի» Հետ Կիսուած Են Հայաստան Կատարած Իրենց Տպաւորութիւններով:

 Վիքինիա Թեւոսեան– Մենք Ամբողջ Դասարանով Մէկ Տարի Շարունակ Մեծ Ուրախութեամբ  Մասնակցած Ենք  Այս Ծրագիրին: Այն Միտքը, Որ Ամրան Հայաստան Պիտի Գանք, Մեզի Կ’օգնէր Աւելի Ժրաջան  Աշխատելու: Այս Օրերուն Ընթացքին Անմոռանալի Պահեր Ունեցայ: Երբ Կը Մտնեմ Հայաստան, Կը Սկսիմ Միանգամէն Արտասուիլ: Շատ Կ’ափսոսամ, Որ Հարազատներէս Եւ Հայրենիքէս Այդքան Հեռու Կը Գտնուիմ, Շատ Կը Կարօտնամ

Վիքթորիա Գէորգեան – Ես Հայաստան  Ծնած Եմ, Փոքր Էի, Երբ Ընտանիքով Տեղափոխուեցանք Արժանթին: Անցեալ Տարուան Յունիս Ամիսէն Սկսած Ենք Աշխատիլ «Ճաշարանին Մէջ», Համախմբուած Կը Կատարէինք Բոլոր Աշխատանքները: Շատ Շնորհակալ Ենք Մեր Ծնողներուն, Որ Մեզի Օգնած Են Ծրագիրի  Ծիրէն Ներս: Վերջին Այցելութենէս Յետոյ Հայաստան Շատ Փոխուած Է Ինծի Համար, Աւելի Բարեկարգ Եւ Գեղեցիկ  Դարձած Է: Ընկերներուս Հետ Կրցանք Տեսնել Հայաստանի Տեսարժան Վայրերը, Իսկ Այստեղ Անցուցած Օրերս  Երկար Տարիներ  Պիտի Յիշեմ:

Նշենք, Որ Արդէն Սկսած Է 2016 Թուականի Ծրագիրի Աշխատանքները: Արժանթինահայ Աշակերտներու  Առաջին Հիւրը Եղած Է Արժանթինի Մէջ Ֆրանսայի Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Խուան Մանուէլ Քասան: Պարոն Դեսպանը Արժանթինի ՀԲԸՄ-Ի Վարչութեան Անդամներուն Հետ Մասնակցած Է Հայկական Տարբեր Ճաշատեսակները Համտեսելու Արարողութեան:

Ի Դէպ, Խուան Մանուէլ Քասան Շատ Հաւնած Է Հայկական Ուտեստները, Որոնք Մեծ Ախորժակով  Համտեսած Եւ Գոհունակութեան Խօսքեր Ըսած Է:

Պոլիս; «Քամփ Արմէնը» Կառուցուած Է 8-12 Տարեկան Աւելի Քան 1500 Երեխայի Ջանքերով

0

Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ որոշ գործիչներու յայտարարութիւնները «Քամփ Արմէն» որբանոցը հայ համայնքին վերադարձնելու մասին ընդամէնը մարդոց մոլորեցնելու նպատակ կը հետապնդէին: Ատոր մասին ըստ News.am-ի`  Օգոստոս 7-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ասուլիսին յայտարարած է «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութեան համանախագահ Անոյշ Կազան Ասատրեան:

Ան պատմած է, որ «Քամփ Արմէն» որբանոցի տարածքը գնուած է Հայ բողոքական եկեղեցւոյ «Կետիկփաշա» հիմնադրամին կողմէ 1962 թ.ի  Նոյեմբեր 15-ին: «Որբանոցի շէնքը կառուցուած է երեք ամսուան ընթացքին` 8-12 տարեկան երեխաներու ջանքերով: Ինչպէս կ’ըսէր Հրանդ Տինքը, որբ եւ աղքատ երեխաները նախ իրենց համար տուն կառուցեցին, իսկ յետոյ`  ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը: Որբանոցի քանդման աշխատանքները, որոնք սկսած էին Մայիս 6-ին, դադրեցուեցան Տուզլայի ժողովրդավար բնակիչներու,  շարք մը քաղաքական կուսակցութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ջանքերով,- նշած է Անոյշ Կազան Ասատրեան: Ներկայիս,-շարունակած է ան,- աւելի քան 1500 երեխայի ջանքերով կառուցուած որբանոցը, որուն ամէն քարը, ամէն ծառը հայ մանուկներու հմուտ ձեռքերու արդիւնքն է, կանգնած է քանդող մեքենաներուն դէմ-յանդիման»:

Յունաստան; Յունահայ Համայնքի Ներկայացուցիչները Կրթութեանպատասխանատուին Հետ Քննարկած Են Հայկական Դպրոցներու Խնդիրը

0

Յունահայ համայնքի ներկայացուցիչները երկրի կրթութեան եւ կրօնի հարցերով նախարարի տեղակալ Թասուս Կուրակիսի հետ քննարկած են հայկական դպրոցներուն մէջ հայ ուսուցիչներուն պետական պիւտճէյէն աշխատավարձ տրամադրելու եւ դպրոցներուն առջեւ ծառացած այլ կենսական խնդիրները:

«Արմէնփրէս»­-ի հետ զրոյցին համայնքէն ըսին, որ Կուրակիսը շեշտած է, որ նախարարութիւնը պատրաստակամ է հոգալու հայկական դպրոցներու կարիքները, սակայն երկրէն ներս տնտեսական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ շատ դպրոցներու մէջ կրճատուած է ուսուցիչներու թիւը, ու այժմ նախարարութիւնը դժուար կացութեան մէջ է: Փոխնախարարը շեշտած է, որ Յունաստանի եւ ԵՄ­ի միջեւ ընթացող բանակցութիւններու հետեւանքով մինչեւ օրս հազարաւոր ուսուցիչներու աշխատավարձը վճարուած չէ, եւ հարցը օդին մէջ է:

Կողմերը որոշած են անընդհատ կապի մէջ մնալ, որպէսզի խնդիրին տրուի լուծում մինչեւ նոր ուսումնական տարուան մեկնարկը: «Արմէնփրէս»­ը դեռեւս Յուլիս 4-­ին ներկայացուցած էր յունահայ համայնքի մտահոգութիւնը առ այն, որ տնտեսական խնդիրներու պատճառով հնարաւոր է կրճատուին նաեւ հայկական դպրոցներուն տրամադրուելիք ֆինանսական յատկացումները: Տասնամեակներ շարունակ դպրոցներու մէջ հայերէնի ուսուցիչները իրենց աշխատավարձը ստացած են Յունաստանի կառավարութենէն, որուն շնորհիւ յունահայ դպրոցները կրցած են գոյատեւել, իսկ յունահայ երեխաները սորված են հայերէն: Այժմ երկրին մէջ համատարած կրճատումներու հետեւանքով համայնքէն ներս մտավախութիւն ունին, որ հայ ուսուցիչներու տրամադրուելիք գումարն ալ կը կրճատուի:

«Եթէ ծրագիրներուդ մէջ ինքնավստահ ես, պէտք չէ բռնանալ ուրիշի կարծիքին». Վերա Սիսեռեան

0

ԱՄԱԼԻԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
ԵՊՀ
ժուռնալիստիկայի ֆակուլտետի 4-րդ կուրսի ուսանողուհի

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հետ առնչուած Hayernaysor.am կայքը վերջերս հարցազրոյց մը ունեցած է լիբանանեան «Սեւան» ձայնասփիւռի հաղորդումներու գլխաւոր խմբագիր, հոգեբան, մանկագիր Վերա Սիսեռեանն է Նշենք, որ վերջինս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք ամառնային դպրոց-2015» ծրագրի ծիրէն ներս քանի մը շաբաթ առաջ դասախօսած է Սփիւռքի երիտասարդ լրագրողներու դասընթացներուն մասնակցող սփիւռքահայ լրագրողներու համար: Հարցազրոյցի շահեկանութեան համար զայն կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն-

Տիկի՛ն  Սիսեռեան, ի՞նչ խնդիրներ կան լիբանանահայ համայնքի մէջ: Որո՞նք են պատճառները:

– Հիմնականը հայերէնի իմացութեան  մակարդակն է: Մայրենին գոհացուցիչ վիճակի մէջ չէ: Եւ անիկա ունի իր պատճառները: Առաջինը, ինչ խօսք, համայնքի նօսրացումն է` 1975 թուականին սկսած քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով: Երբեմնի 200 հազարնոց համայնքն այսօր մօտ 100 հազար է: Երկրորդ պատճառը` նոր երեւոյթները, իրողութիւնները արագ ընդունելու հանգամանքն է, եւ որոշ բաներ վերադասաւորելու, վերանայելու անհրաժեշտութիւնը` դպրոցական ծրագիրներ, մասնագիտական մարդուժ եւ այլն: Երրորդը հայագէտ ուսուցիչներ պատրաստելու հարցն է: Ուսուցիչները շատ յաճախ չունին մասնագիտական կրթութիւն, եւ սա լուրջ խնդիր է:

– Այս պայմաններու մէջ ի՛նչ խնդիրներ կունենայ հայալեզու լրատուամիջոցէն ներս  աշխատող լրագրողը:

– Լրատուամիջոցներէն ներս  ունինք ո՛չ միայն հայերէնին լաւ տիրապետող լրագրողներու պակաս, այլ նաեւ` մասնագէտ-հիւրերու  խնդիր, քանի որ անոնց լեզուի իմացութեան մակարդակը նոյնպէս գոհացուցիչ չէ:  Օրինակ` եթէ կը ցանկանք սննդագէտ հրաւիրել, արդէն գիտենք, որ ան պիտի խօսի քիչ մը անգլերէն, քիչ մը արաբերէն, քիչ մը ֆրանսերէն ու քիչ մը հայերէն, ինչը ընդունելի չէ հեռարձակման համար: Մենք այդ հարցը որոշ չափով լուծեցինք նորագոյն տեխնիկական միջոցներէն օգտուելով: Բայց ինչ ընենք, կը վարժուինք եղած պայմաններուն եւ կը շարունակենք մեր գործունէութիւնը: Չսահմանափակուելով միայն Լիբանանով` մենք ձայնային կամուրջներ ստեղծեցինք ԱՄՆ-ի, Գանատայի, եւրոպական  շարք մը երկիրներու եւ առաջին հերթին` Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի հետ:

Արդեօք կա՞յ անաչառ լրատւութեան բացըեթէ այո՛ի՞նչ ընել այդ պարագային:

– Դասական Սփիւռքը, ինչպէս գիտէք, կ’առաջնորդուի կուսակցութիւններու կողմէն, որոնք եւ կը հիմնեն բազմաթիւ կառոյցներ, ինչպէս նաեւ` լրատուամիջոցներ: Երբ անկախ է լրատուամիջոցը, կը յառաջանան նիւթական խնդիրներ:

Այս ամէնը մենք կը գիտակցէինք, երբ հիմնեցինք “Սեւան” անկախ ձայնասփիւռը: Նիւթական դժուարութիւններէն բացի, կ’ունենանք նաեւ այլ խոտաններ: Լիբանանը օրինաւոր հիմքերու վրայ հիմնուած երկիր չէ: Ճիշտ է` ժողովուրդը հիւրընկալ  է, բարի, բայց հետեւողական չէ խնդիրներու լուծման հարցով: Ամէն ինչ կը ձգեն ինքնակարգաւորման: Խնդիրներ կ’ունենանք նաեւ ձայնի որակի հետ կապուած, համացանցի հասանելիութեան եւ այլն:

Ին՞չ նպատակով հիմնեցիքՍեւանռատիոկայանը: Այսօր նո՞յն նպատակին կը ծառայէ:

– Նպատակը եղած է եւ կը մնայ հայերէնի պահպանումը, ազգային արժէքներու փոխանցումն ու անկախ լրատուամիջոցի զարգացումը: Լրատուամիջոցները գլխաւորաբար կուսակցականացուած են: Մեր խնդիրը այլընտրանքային լրատուամիջոց ստեղծելն էր, որ իր բոլոր գործառոյթներու մէջ առաջնահերթութիւնը կու տար հայկականութեան ու ազգայինին:

Հիմնական նպատակ էր նաեւ այլազան տեղեկատւութեան ապահովումը, որովհետեւ մարդ պէտք է ամէն բան լսէ, եւ ինքը որոշէ` որ մէկը ընտրէ: Բնականաբար, կը յարգենք նաեւ կուսակցական լրատուամիջոցները, քանի որ մեծ աշխատանք կը տանին, սակայն պէտք է շատ ըլլան անկախ լրատւութեան աղբիւրները: Ամէն ինչ միակողմանի ըլլալ չի կրնար, գաղափարներու այլազանութիւն պէտք է ըլլայ:

– Ինչ փոխած է ձեր լրատուամիջոցը համայնքի կեանքի եւ անոր զաւակներու մտածողութեան մէջ:

– Ութը տարին շատ կարճ ժամանակ է, բայց կրնամ ասել, որ անկախ մտածողութեան եւ անկախ արտայայտուելու մեր հիմնական նպատակակէտին որոշ չափով հասած ենք: Ունկնդիրները կրնան միացնել ռատիոկայանը եւ գտնել իրենց ուզածը: Մենք չենք դադրեցներ հեռարձակումը, եթէ նոյնիսկ մեր դէմ խօսին: Գերակայ է ազատ խօսքի իրաւունքը. եթէ ինքնավստահ ես քու ծրագիրներուդ, պէտք չէ  բռնանալ ուրիշի կարծիքին:

Ինչպիսի՞ ծրագրային քաղաքականութիւն կը վարէքՆորութիւններ կը կը սպասուին ձեր ունկնդիրներուն:

– Բոլոր  տարիքային խումբերու համար հաղորդումներ ունինք: Աւագ սերունդի լրագրողները գլխաւորաբար իրենց հասակակիցներու համար հաղորդումներ կը պատրաստեն, իսկ երտասարդներու համար կ’աշխատին երիտասարդ լրագրողները, քանի որ 18-20 տարեկանի հետաքրքրութիւնները բոլորովին կը տարբերին աւելի հասուն սերունդին պատկանողներու հետաքրքրութիւններէն: Կը փորձենք պահել հաւասարակշռութիւնը` բաւարարելով ամենափոքրէն մինչեւ ամենամեծի պահանջները: Իսկ նորութիւններ միշտ կը սպասուին: Մենք կը գործենք Սեպտեմբերէն Փետրուար, քիչ մը դադար կ’առնենք, յետոյ նորէն կ’աշխատինք մինչեւ Յուլիսի վերջը: Հիմա ալ` երեքշաբաթեայ դադարէն ետք` կը վերադառնանք նոր ծրագիրներով:

– Ո՞րն է ձեր խորհուրդը Սփիւռքի մէջ աշխատող հայ լրագրողին:

– Հաւատարիմ մնալ հայկականին, ազգային արժէքներուն, գաղափարներուն, տիրապետել մասնագիտական հմտութիւններու զինանոցին: Եւ ամենակարեւորը` պորտալարով միշտ կապուած մնան հայրենիքին: