Կիրակի, 29. 06. 2025

Խաղողօրհնէք Հալէպի Հայ Ծերանոցին Մէջ

0

Perio newsի փոխանցմամբ Օգոստոս 9-ին, Հալէպի Հայ Ծերանոցին մէջ կատարուեցաւ Խաղողօրհնէք:

Արարողութիւնը կատարեց Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան: Հայ Ծերանոցի պատսպարեալները, ներկայութեամբ Խնամակալութեան եւ պաշտօնէութեան հետեւեցան Խաղողօրհնէքի արարողութեան:
Հալէպի տագնապալի այս ծանր օրերուն, եկեղեցական այս արարողութեան ընթացքին խաղաղութեան մաղթանք կատարուեցաւ: Ապա ներկաները մէկ առ մէկ ստացան իրենց յատկացուած խաղողը, որ տրամադրուած էր բարերար-նուիրատուներու կողմէ:

Հայկական Վաքըֆ Գիւղի Մէջ Պիտի Նշեն Սուրբ Աստուածածինի Վերափոխման Տօնը

0

Թուրքիոյ տարածքին գտնուող հայկական միակ գիւղը՝ Վաքըֆը, որ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն ետք կորսնցուց գիւղի կարգավիճակը եւ այժմ կը համարուի թաղամաս,  պիտի նշէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Սուրբ Աստուածածինի Վերափոխման տօնը։ Այս մասին կը յայտնէ Պոլսոյ  «Ակօս»ը։

Վաքըֆլըի նախկին գիւղապետ Բերչ Քարթունը յոյս յայտնած է, որ տօնակատարութեան ժամանակ իրենց գիւղը շատ այցելուներ կ’ունենայ: «Կը հրաւիրենք մեր բոլոր ընկներները կիսելու մեր ոգեւորութիւնը», նշած է ան:

Սուրբ Աստուածածինի Վերափոխման տօնի ժամանակ, Վաքըֆի մէջ ելոյթ կ’ունենայ Պոլսոյ «Ոմանք» խումբը, տեղի արուեստագէտները, երիտասարդական երգչախումբը, ինչպէս նաեւ կը հնչէ տհոլ եւ զուռնա: Ներկաները կը պարեն հայկական ազգային պարեր:

Օգոստոս 16-ին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցով Սուրբ Աստուածածինի Վերափոխման տօնն է կամ ինչպէս ժողովրդի մէջ ընդունուած է Խաղողօրհնէքի տօնը:

 

Լիբանան; Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքը Հայ եւ Օտար Ուխտաւորներու Սրբավայր

0

«Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքը իր եկեղեցիով, Նահատակաց խորանով, Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը եւ հայ ժողովուրդի վերածնունդը խորհրդանշող յուշարձանով եւ յարակից վանական կառոյցներով, դարձած է կրօնական ու ազգային ուխտագնացութեան սրբավայր», այսպէս բնորոշեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, անցնող օրերու ընթացքին ուխտաւորներ ընդունելով Սուրբ Աստուածածին Վանքէն ներս:

Ուխտաւորներ՝ հայ թէ օտար, Լիբանանէն թէ արտասահմանէն, գրեթէ ամէն օր կ’այցելեն Սուրբ Աստուածածին Վանք՝ աղօթելու, խոկալու, յարգանքի տուրք մատուցանելու մեր մէկուկէս միլիոն սրբացեալ նահատակներուն եւ իրենց հոգեկան գոհունակութիւնը արտայայտելու ի տես հայ ժողովուրդի վերածննդեան:

Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան առիթով, բազմահազար ժողովուրդով լեցուն էր Սուրբ Աստուածածին Վանքը: Վստահաբար յառաջիկայ Շաբաթ, 15 Օգոստոս 2015ին, Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին եւ ուխտագնացութեան առիթով, դարձեալ մեր ժողովուրդի ուխտաւոր զաւակները պիտի լեցնեն Սուրբ Աստուածածին Վանքի շրջափակը:

Աւանդութեան համաձայն Սուրբ Աստուածածնի ուխտագնացութիւնը կանխող շաբթուան ընթացքին, տեղի կ’ունենայ դասախօսական շարք, ինչպէս նաեւ աղօթքի եւ հոգեւոր խորհրդածութեան պահեր, կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին: Այս տարի եւս 10-14 Օգոստոս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սուրբ Աստուածածին մատրան մէջ պիտի տրուին դասախօսութիւններ՝ «Հետեւինք Քրիստոսի՝ Աստուածամօր հետքերով» ընդհանուր թեմային շուրջ: Ուրբաթ, 14 Օգոստոս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին պիտի սկսին մատաղի պատրաստութեան աշխատանքները:

Շաբաթ, 15 Օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորանին վրայ, Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով պիտի մատուցուի Ս. եւ Անմահ Պատարագ: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Վեհափառ Հայրապետը պիտի նախագահէ եկեղեցական արարողութիւններուն եւ Հայրապետական պատգամը փոխանցէ: Պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն:

Պատմութիւնը Խճանկար է Զօդուած Սիրոյ Եւ Ոգիի Շաղախով

0

ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ

«Պատմութիւնը» իսկապէս տպաւորիչ խճանկար մըն է, խճանկար զօդուած սիրոյ եւ ոգիի շաղախով, որուն գունագեղ խիճերը ոչ միայն չեն խճողեր պատմութեան ամբողջութիւնը, այլեւ իւրաքանչիւր պատմութիւն իր գոյնը բերելով՝ միասնաբար կը վերակերտեն ազգի մը հաւատքի դիմապատկերը՝ իր լոյս ու ստուերով:

Ճիշդ է, որ շատ գրուած եւ խօսուած է, բայց մինչ այդ եկէք անգամ մը եւս խօսինք, թէ ի՞նչ է պատմութիւնը:

Ազգերու պատմութիւնը ցեղագրական ու քաղաքական ուսումնասիրութիւն մըն է՝ զարդարուած դարերու յեղաշրջումով ու անոնց քաղաքական յառաջդիմութեան եւ քաղաքակրթութեան յառաջընթացի վերելքին սերտողութեամբ:

Պատմական դարերու շրջանին Ասիան, Եւրոպան ու հիւսիսային Ափրիկէն բնակավայրը եղած էին բազում ցեղերու, քաղաքակիրթ կամ վայրենի, աշխարհակալ կամ ասպանդական՝ որոնց ամբողջական գործունէութիւնը, յառաջդիմութիւնը, քաղաքակրթութիւնը կը կազմեն պատմագիութեան կարեւոր գիծեր:

Պատմագիտութեան հաւաքական ուսումնասիրութիւնը կրնանք նկատել ամենադժուար, բայց նոյնպէս ամենակարեւոր գիտութիւններէն մէկը:

Պատմագիտութեան անհրաժեշտ մաս նկատուած են մարդկային կեանքի պատմական ժամանակաշրջանները, պատմուածապատումները, դրամագիտութիւնը, դիւանագիտական փաստաթուղթերը, ժամանակագրութիւնը, բեւեռագիր, գրչագիր, մեքենագիր  արձանագրութիւնները:

Այս բոլորէն իւրաքանչիւրին վրայ կ’արժէ առանձին ուսումնասիրութիւններ գրել, եւ անշուշտ գրուած է ալ:

Մարդ էակին ոգին վառ պահելու եւ եռանդ արծարծելու իմաստով՝ որքան անհրաժեշտութիւն է պատմութեան սերտողութիւնը:

Պատմական դրուագներու շարքը անկասկած կրնայ երկարիլ, արդար հպարտութիւն պատճառելով ամէն մէկ այսպիսի յաջողութիւններու պատկանող ազգերու զաւակներուն:

Պատմութիւնը կը սատարէ իրական հետաքրքրութեան հանդէպ հինին ու նորին, հանդէպ մեծ ու փոքր ազգերու անցեալին ու ներկային:

Պատմագիտութեան հմայքը այնքան ազդեցիկ եղած էր Հռոմի մէջ, որ հռովմէացիք պատմագիտութիւնը կը նկատէին իբր հռետորութիւն…:

Պատմութիւնը կը նպասէ միտքի մշակումին ու յիշողութեան:

Պատմական հանապազօրեայ սերտողութիւններով, բազմաթիւ դէպքերու կը ծանօթանանք եւ կը սորվինք՝ անոնք ըլլան անուններ  կամ թուականներ, որոնց ամբողջական ու անթերի հաւաքումը միտքի մէջ, կ’օժանդակէ ուսանողին թէ՛ միտքը պայծառացնելու եւ թէ յիշողութիւնը զօրացնելու:

Պատմութիւնը կամուրջ մըն է, որուն վրայէն պատմութեան ուսանողը կ’անցնի հին աշխարհի հեռաւոր դէպքերէն, մինչեւ մեր օրերւ զարգացումներուն այլազան դրուագները:

Պատմութեան ուսումնասիրութիւնները, հետաքրքրական բաղձանքներ յառաջ կը բերեն մեր մէջ, շրջագայելու համար համակ աշխարհը՝ հոն, ուր այնքա՜ն յեղաշրջումներ ու քաղաքական կեանքի հսկայ իրադարձութիւններ՝ համակեցին ազգերը եւ ցեղերը նախապատմական շրջանէն մինչեւ մեր օրերը:

Պատմութիւնը ունի իր նախապատմական ու պատմական մեծ շրջանները:

Պատմութեան նախապատմական կոչուած շրջանը կը բաժնուի որոշ դարաշրջաններու:

Եղան պատմագէտներ, որոնք նախապատմական կոչեցին այն դարաշրջանը, երբ քաղաքակրթութիւնը չէր  պատկերացուցած իր անդրանիկ երանգները՝ այսինքն գիր ու գրականութիւն, թուանշան ու արձանագրութիւն եւայլն:  Ուրիշներ նախապատմական շրջանը կը զատորոշեն, համաձայն նախամարդու բնակութեան ձեւերուն, անոր աշխատանքի միջոցներուն, ապրուստային կերպերուն ու տակաւին նոյնիսկ անկազմակերպ ցեղերու վարած կեանքին:

Այս պայմաններուն տակ, նախապատմական շրջանը ոմանց համար կը սկսի Ք.Ա. 2400ին կամ Ք.Ա. 1900ին, իսկ ոմանց համար մինչեւ Ք.Ա. 5000 կամ 4000 թուականը:

Անկասկած նախապատմական շրջանին  ո՛չ պետութիւն եւ ոչ ալ քաղաքական կազմակերպութիւն գոյութիւն ունէին, այլ կիսավայրենի ցեղեր խուռներամ, աստանդական կեանքի մը կ’անցէին, զբաղելով որսորդութեամբ, անասնապահութեամբ, ձկնորսութեամբ եւ բուսականութեամբ:

Այս կարգի կիսավայրենի ցեղեր ընդհանրապէս կ’ապրէին մեծ ու փոքր գետերու եզերքները եւ հետզհետէ անոնց ունեցած քաղաքակրթական վերելքը՝  պատմաբանները կը նշեն հետեւեալ պատմական ժամանակաբաժանումներով.

Ա.- Պալէոլիթ (հին քարի դար)

Բ.- Նէոլիթ (նոր քարի դար)

Գ.-  Պղինձի դար

Դ.- Պրոնզի դար (անագապղինձ)

Ե.- Երկաթի դարեր:

Այսուամենայնիւ պատմութեան կարեւորագոյն շրջանն է պատմական կոչուած շրջանը, որ կը բովանդակէ 3էն 4 հազար տարիներու ընթացքին ազգերու քաղաքական, քաղաքակրթական, ցեղագրական, տնտեսական, գիտական եւ մշակութային յեղաշրջումը: Ատոնց պատմութիւնը կրնանք ստոյգ ու վաւերական նկատել, քանի որ անոնք ամէնօրեայ հնագէտներու պեղումներու, ուսումնասիրութիւններու եւ նորանոր ծանօթութիւններու շնորհիւ՝ իրականութեան սեփականութիւնը դարձած են:

Պատմական շրջանն ալ իր կարգին կը ստորաբաժնուի քանի մը կարեւոր մասերու, թէեւ հոս ալ պատմաբաններէն շատեր զանազան դարաշրջաններ կը ստեղծեն․ կրնանք պատմական շրջանը բաժնել չորս գլխաւոր մասերու, իւրաքանչիւրը որոշելով քաղաքական կարեւոր դէպքերու ընթացքէն:

Առաջինը հին պատմութիւնն է, որ կը վերջանայ Հռոմի անկման թուականով, Ք.Ե. 426ին, երկրորդը միջին դարն է, որ կը սկսի հին  Հռոմի անկման թուականով ու կը շարունակուի մինչեւ Հռոմի կամ Բիւզանդիոնի մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլսոյ առումով՝ Ք.Ե. 1453ին, երրորդը նոր պատմութիւնն է, որ կը սկսի 1453ին, որ կարելի է երկարել մինչեւ Ֆրանսական յեղափոխութիւնը՝ 1789 եւ չորրորդը ժամանակակից պատմութիւնն է, որ Ֆրանսական յեղափոխութեան թուականէն սկսելով կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը:

Պատմութիւնը ունի որոշակիօրէն մասնաւորաբար հետեւեալ երեք ուսումնասիրութիւնները՝ Ազգային պատմութիւն, Ընդհանուր ազգերու պատմութիւն եւ Տիեզերական պատմութիւն: Պատմութիւնը իր մէջ կը բովանդակէ թէ՛ արուեստը եւ թէ գիտութիւնը:

Պատմութիւնը այսօր կը նկատուի աշխարհի բարձրագոյն գիտութիւններէն մին եւ կը կազմէ համալսարաններու ամէնէն կարեւոր նիւթերէն մէկը…:

Իսկ մեր պատմութիւնը՝ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը իր բովանդակութեամբ, իր տաք ու պաղ կողմերով, իր սեւ ու սպիտակ երեսներով, իր ճառագայթող ու մթամպած խնդիրներով, ներքին թէ արտաքին ազդակներու լոյսին տակ, պատմագէտներու եւ հնագէտներու հիացումին արժանացած է: Անոնք պրպտած ու պեղած են աշխարհագրականօրէն Հայկական Բարձրաւանդակ կոչուած տարածութիւնը, անոր վրայ ապրած Նայիրեան ժողովուրդը, խօսած լեզուն, երկրպագած չաստուածներն ու աստուածները, համաշխարհային ճանապարհներու խաչաձեւման կէտին վրայ գտնուող իր աշխարհագրական դիրքը:

Պատմութիւնը հեռաւոր թէ մօտաւոր, մասնաւորաբար մեր՝ Հայ ժողովուրդի պարագային, այն անսպառ շտեմարանն է, որ մեզ կը մղէ անկէ քաղելու դասեր, վերապեղելու զայն՝ ի ծառայութիւն մեր այսօրուան պահանջքներու յարմարեցումին ու հարատեւութեան, արդիականացման ու վերանորոգման:

Հայոց Պահանջատիրութեան 100 ամեակի այս օրերուն, մեր ժողովուրդի առաջնորդները պահը եկած պէտք է նկատեն, եթէ ոչ ուշացած ու պէտք է գիտակցին, որ մեր հաւաքական ուժը, միջոցներու կարելիութիւնները պէտք է ուղղել մեր ազգային – հայկական շահերը պաշտպանելու նպատակակէտին, անշուշտ միշտ հիմնուելով մեր պատմութեան պայծառ էջերուն վրայ:

Պէտք է ընդունիլ ու հաւատալ, որ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը իր լաւ թէ վատ կողմերով մերն է: Իսկ մենք պէտք է համակուած ըլլանք լաւը ա՛լ աւելի լաւացնելով, օգտուելով անկէ ու գուրգուրալով անոր վրայ:

«ԷԼԻՍ ԱՅԼԸՆՏ» ՄԵՏԱԼՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱ ՏՐՈՒԵԼՈՒՆ ԱՌԻԹՈՎ ՏՈՔԹ. ՍԻՄՈՆ Գ. ՍԻՄՈՆԵԱՆ ՄԵԾԱՐՈՒԵՑԱՒ Հ.Բ.Ը.Մ.-Ի ԱՍՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ

0
Պրն. Գուրգէն Պէրքսանլար

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Լոս Անճելըս

Շաբաթ, 1 Օգոստոս 2015-ի երեկոյեան, «Պիսթրօ Կարտըն»ի ջերմ յարկին տակ (Սթիւտիօ Սիթի, Գալիֆորնիա) տեղի ունեցաւ մեծարանքի շքեղ երեկոյթ մը, ի պատիւ Տոքթոր Սիմոն Սիմոնեանի, որ Մայիս ամսուն պարգեւատրուած էր Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն մէկ շքանշանով՝ «Էլիս Այլընտ» մետալով: Հիւրընկալն էր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ասպետներու վարչութիւնը: Ներկայ գտնուեցան Սիմոնեան ընտանիքի հարազատներ եւ հիւրեր, որոնց շարքին Գերշ. Սրբազան հայրեր՝ առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան, նախկին առաջնորդ Վաչէ Արք. Յովսէփեան եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի փոխ նախագահ Տէր եւ Տիկ. Սինան Սինանեան:

Տոքթ.Սիմոն Սիմոնեան ծնած է Պէյրութ: 1975-ին աւարտած է Ամերիկեան Համալսարանը (AUB), անցած Միացեալ Նահանգներ եւ խորացած Otolaryngology-ի մէջ՝ ականջ, քիթ, կոկորդ, նաեւ՝ գլուխ եւ վիզ, Թոմաս Ճեֆըրսըն համալսարանի մէջ, Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվէնիա: Ան իր մասնագիտութեան կողքին չորս տասնամեակ շարունակ գործօն մասնակցութիւն բերած է ազգային մեր կեանքէն ներս՝ վարելով տարբեր մարմիններ եկեղեցիէն, Թ.Մ.Մ.էն եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-էն ներս: 2011 թուականին Տոքթոր Սիմոնեան արժանացած է Ամենայն Հայոց Կաթողիսկոս Գարեգին Բ.-ի սրբատառ կոնդակին եւ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» մետալին: Ներկայիս, Տոքթոր Սիմոնեան կը գլխաւորէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբը:

Ասպետներու նախկին ատենապետ Պրն. Գուրգէն Պէրքսանլար որպէս հանդիսավար ինչպէս միշտ գերազանցեց ինքզինք, ձեռնհասօրէն վարելով երեկոն: Ճաշի օրհնութիւնը կատարեց Գերշ. Տէր Վաչէ Արք. Յովսէփեան: Յետ ընթրիք-ընդունելութեան, յարգելի հանդիսավարը սրտի իր խօսքը արտասանելու հրաւիրեց Ասպետներու ատենապետ Տոքթոր Յարութ Եաղսըզեանը, որ խօսելով մեծարեալին Բարեգործականէն ներս բերած դերին մասին, ըսաւ. «Որպէս աշխոյժ անդամ եւ ղեկավար, ան իմ մտապատկերիս մէջ դրոշմուած է որպէս լուրջ, հետեւողական, բծախնդիր անձ, առողջ գործակից եւ գործնապաշտ վարչական: Տոքթոր Սիմոնեան չէ բաւարարուած միայն այժմէական, տուեալ պահու ծնունդ հարցերով, այլ՝ ան եղած է եւ է՛ տեսլապաշտ ղեկավար, հեռատես, ապագան տեսնող եւ ներկան ծրագրող ճարտարապետ մը: Խօսքերուս վառ օրինակն է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Ասպետներու Համախմբումի ծնունդը եւ անոր օգտաշատ գործունէութիւնը»:

Տոքթ. Սիմոնեան մարդուն, հայուն եւ միութենականին արժանիքները պերճախօսօրէն վեր հանեց «Մաշտոց» գոլէճի նախագահ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, որ մեծարեալը պատուեց նաեւ կրթական այդ հաստատութեան պատուոյ դոկտորի կոչումով: Ապա, հերթաբար խօսք առին Պրն. Սեւակ Սիմոնեան՝ Տոքթոր Սիմոնեանի որդին, Պրն. Զաւէն Քէօշկերեան՝ Ասպետներու վարչութենէն, Դոկտ.-Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան՝ «The Armenian Observer»-ի խմբագիր, ընթերցուեցաւ լիբանանահայ գրող Արամ Սեփեթճեանի շնորհաւորագիրը, սիրազեղ ելոյթով հանդէս եկաւ մեծարեալին աւագ եղբայրը՝ Տոքթոր Միհրան Սիմոնեան: Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային Յանձնաժողովի շնորհաւորական խօսքը փոխանցեց վարչութեան փոխ-ատենապետ Պրն. Յակոբ Սեփեթճեան, անցելայուշ անուշ պատումներով եւ բարի խօսքերով ելոյթ ունեցաւ Միութեան փոխ-ատենապետ Պրն. Սինան Սինանեան, որ ընթերցեց նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նախագահ Պրն. Պերճ Սեդրակեանի շնորհաւորագիրը, ուր Տոքթոր Սիմոնեանին շնորհուեցաւ Միութեան «Պատուոյ Անդամ»ի բարձր կոչում: Հերթը հասած էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանին: Ան, բարձրօրէն գնահատեց Տոքթոր Սիմոնեանի վաստակը եւ արժանին մատուցեց անոր: Խօսք առաւ նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Ասպետներու անդրանիկ վարչութեան ատենապետ Պրն. Ժագ Ապաճեան. անոր խօսքը տպաւորիչ էր. միաժամանակ հիւմըրախառն եւ լուրջ:

Շնորհակալական իր խօսքը փոխանցեց մեծարեալը: Ան յուզուած էր աւելի քան երկու ժամ ունկնդիրը հանդիսանալով իր անձին ու գործին նկատմամբ եղած գնահատանքին ի տես: Յիշեց Լենան՝ իր ազնիւ տիկինը, որուն առողջ ըմբռնման շնորհիւ Տոքթոր Սիմոնեան տրամադրած է հազարաւոր ժամեր՝ կամաւորաբար ծառայելով ազգային մեր հաստատութիւններուն:

Աւարտին, ատենապետ Տոթք. Եաղսըզեան Ասպետներու «Ոսկեայ նշան»ով զարդարեց մեծարեալին լամբակը, ինչպէս նաեւ յանձնեց յուշանուէր մը եւ այլ յուշապնակ մը Տէր եւ Տիկ. Սիմոնեաններուն:

Պէտք է արժանին մատուցել հանդիսավար Պրն. Գուրգէն Պէրքսանլարին, որ ամենայն բծախնդրութեամբ, պատշաճ խօսքերով ու արհեստավարժօրէն վարեց ամբողջ երեկոն: Շնորհակալութիւն նաեւ արուեստագէտ Արմէն Բուլբուլեանին, որուն մատներուն դաշնամուրային խաղերը հայկականութիւն կը բուրէին:

Մեր կողմէ եւս կը շնորհաւորենք Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեանը «Էլիս Այլընտ» մետալով պարգեւատրուելուն առիթով, մաղթելով առողջ եւ երկար տարիներ, որպէսզի երիտասարդական նոյն կորովով շարունակէ իր նպաստը բերել հայ համայնքին ու մարդկութեան:

Շնորհակալութեան մեր խօսքը կ’երթայ նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Ասպետներու վարչութեան, որ ամենայն բծախնդրութեամբ կը կազմակերպէ բոլոր միջոցառումները:

Տոքթ. Յարութ Եաղսըզեան
Տոքթ. Յարութ Եաղսըզեան

 

Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան եւ Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան
Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան եւ Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան
Պրն. Սինան Սինանեան եւ օրուան մեծարեալը
Պրն. Սինան Սինանեան եւ օրուան մեծարեալը
Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Օրուան մեծարեալն ու տիկինը՝ Լենա, շրջապատուած Հ.Բ.Ը.Մ. Ասպետներու վարչականներով
Օրուան մեծարեալն ու տիկինը՝ Լենա, շրջապատուած Հ.Բ.Ը.Մ. Ասպետներու վարչականներով
Մեծարեալը՝ Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան
Մեծարեալը՝ Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան

Ուիքիփետիան Արեւմտահայերէնով Հարստացնելու Միտող Ճամբար` Մինչ Մեծահասակները Լոզունգներ Կ՛արձակեն Փոքրահասակները Գործնականօրէն Կը Նպաստեն

0

*ՍԵՒԱԿ   ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Ուիքիփետիան բազմալեզու համացանցային ազատ հանրագիտարան է, որ կը ստեղծուի կամաւորներու համագործակցութեամբ: Ան կ՛օգնէ տեղեկանալու մարդկութեան պատմութեան ընթացքին ստեղծուած գիտելիքներու ամբողջ պաշարին: Ան հիմնուած է ամերիկացիներ Ճիմի Ուելսի եւ Լարի Սանճէրի կողմէ 15 Յունուար 2001ին:

Այսօրուայ դրութեամբ Ուիքիփետիան աշխարհի ամենամեծ հանրագիտարանն է: Ան օրական կը հարստացուի եւ կը պահպանուի աշխարհի մէջ տարածուած 14 միլիոն մասնակիցներու կողմէ: Ամէն ամիս Ուիքիփետիայէն կ՛օգտուին 500 միլիոնէ աւելի այցելուներ:

Հայկական իրականութեան մէջ յաճախ հայերէն տեղեկատուութիւնը համացանցի վրայ բացակայ է կամ անհամեմատելիօրէն աղքատ՝ բաղդատած այլ լեզուներու հետ եւ մենք ստիպուած ենք մեզի հետաքրքրող նիւթը կարդալ այլ լեզուներով:

Համացանցի վրայ հայերէնով տեղեկատուութեան առկայութիւնը լեզուի պահպանման երաշխիքն է: Մինչ Սփիւռքի մէջ տարիներէ ի վեր ահազանգային դարձած է արեւմտահայերէնի գոյատեւման վտանգը,  այս ուղղութեամբ սակայն ինչպէս հայկական այլ հիմնախնդիրներու պարագային՝ նաեւ այս երեւոյթին նկատմամբ մէջտեղ դրուած են աւելի շատ լոզունգներ քան առնուած են գործնական քայլեր:

Ուիքիփետիայի միջոցով արեւմտահայերէնը համացանցային լեզուի վերածելու եւ այդ միջոցաւ նորահաս սերունդին հասցնելու հարցով ամենաօգտաշատ, անզուգական եւ գործնական նախաձեռնութիւնը եկաւ Հայրենիքէն՝ Ուիքիմետիա Հայաստանի նախաձեռնութեամբ, որուն յաջողութեան ի խնդիր իր անսակարկ նպաստը բերաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը` հովանաւորելով արեւմտահայերէնը փրկելու վերոյիշեալ այս կենսական նախաձեռնութիւնը:

Արեւելահայերէնի կողքին, որ արդէն իսկ տարիներէ ի վեր առկայ է համացանցի վրայ, Ուիքիփետիան Արեւմտահայերէնով ալ օժտելու համար ամէն ինչ սկսաւ՝ Ուիքիմետիա Հայաստանի նախագահ Սուսաննա Մկրտչեանի Լիբանան այցով, որ տեղի ունեցաւ Մարտ 2014ին: Տիկին Մկրտչեանի վկայութեամբ «եկած էի Լիբանան եւ գործին պատկերացումը շատ դժուար էր ինծի համար, որովհետեւ ես ինծի մինակ կը զգայի գաղթօճախին մէջ եւ հաւատք չունէի, որ կրնայ այս հսկայ ծրագիրը իրականանալ: Ան պարզապէս երեւակայական կը թուէր ինծի: Լիբանանի մէջ իմ այցելութիւններուս ընթացքին որոշ մարդիկ հաւատացին եւ կողքս կեցան, ինչպէս «Զարթօնք»ի խմբագիրն ու Պրն. Ռաֆֆի Տէմիրճեանը (հետաքային Ուիքիմետիա Հայաստանի Լիբանանի համակարգող) եւ այլ նուիրեալներ եւ անշուշտ ամենակարեւորը՝  Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը: Մենք առաջին քայլը ըրինք Լիբանանի ուսուցիչներուն համար, Հայաստանի Աղուերանի մէջ փոխանցելով Ուիքիփետիայի դասընթացք: Այդ իրագործումէն ետք աւելի եւս սերտացան կապերը եւ որոշեցինք անպայման ճամբար մը կազմակերպել այս տարի Լիբանանի մէջ, որպէսզի կարենայինք աւելի եւս ծանրանալ ծրագրին վրայ»:

Արդարեւ ինչպէս հանրութեան ծանօթ է ատենին հրատարակուած հաղորդագրութեամբ, Երկուշաբթի, 3 Օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Զմմառի Հայր Շէլհուպ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ուիքի ճամբարի բացման հանդիսութիւնը, կազմակերպութեամբ Ուքիմետիա Հայաստան հասարակական կազմակերպութեան եւ հովանաւորութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան։ Ճամբարին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ 10 վարժարաններէ 43 աշակերտներ, որոնց ընկերակցեցան Հայաստանէն Ուիքի խմբագրող աշակերտներ։

Ուիքի Ճամբարին Մասնակիցներուն Խումբը
Ուիքի Ճամբարին Մասնակիցներուն Խումբը

Այսպէս ճամբարը շարունակուեցաւ աւելի քան շաբաթ մը, որուն եզրափակումը պիտի կատարուի վաղը՝ Չորեքշաբթի, 12 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ճամբարի մասնակից աշակերտներուն, անոնց ծնողներուն եւ պատասխանատուներուն, որուն ընթացքին Հայաստան այցելելու եւ հոն տեղի ունենալիք  ճամբարին մասնակցելու հրաւէրով պիտի պարգեւատրուին՝ ճամբարի ընթացքին լաւագոյնս արտադրած աշակերտ աշակերտուհիներէն 6 հոգի:

Ահա այն 6 որոշ չափով յուզուած, բայց երջանիկ երիտասարդ խմբագիրները, որոնք պիտի մասնակցին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող Ուիքի Ճամբարին
Ահա այն 6 որոշ չափով յուզուած, բայց երջանիկ երիտասարդ խմբագիրները, որոնք պիտի մասնակցին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող Ուիքի Ճամբարին

Ըստ Տիկին Մկրտչեանի վկայութեան «Ճամբարին ներկայ գտնուեցան  աշակերտներ, որոնցմէ շատեր նոյնիսկ գրաշարել չէին գիտեր  ու բոլորը թերահաւատ էին այդ կէտի մէջ, բայց դուրս եկած արդիւնքը թէ՛ աշակերտները եւ թէ՛ մեզ զարմացուց»: «Ես անձամբ զարմացած ու սքանչացած եմ» շարունակեց Տիկ. Սուսաննան, «լիբանանահայ աշակերտներուն ցոյց տուած աշխատանքով ու տարբեր լեզուներու տիրապետութեամբ»:

«Ակնյայտ է, որ Լիբանանի հայկական վարժարաններու հայերէն լեզուի ուսուցիչներն ու ծրագիրի իրականացման համար աշխատողները մեծ աշխատանք տարած են, որպէսզի իրականանայ այդ ճամբարը», աւելցուց Տիկին Մկրտչեան: «Ճամբարի ընթացքին մինչեւ օրս խմբագրուած է մօտաւորապէս 500 յօդուած: Ճամբարը աւելիով հասած է իր նպատակին», հաստատեց ան:

«Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հետ կապուած բազմաթիւ ծրագիրներ կան զանազան գաղթօճախներու մէջ եւ նման ճամբարներ յառաջիկայ տարիներուն շատ հաւանաբար տեղի ունենան զանազան երկիրներու ու քաղաքներու մէջ, ինչպէս օրինակ Ֆրանսա, Պոլիս, Լոս Անճելըս եւայլն», իր հետ մեր զրոյցը եզրափակեց Տիկին Սուսաննան:

Ռաֆֆի Տէմիրճեան  ճամբարի օրէնքներն ու յայտագիրը ներկայացումի պահուն
Ռաֆֆի Տէմիրճեան ճամբարի օրէնքներն ու յայտագիրը ներկայացումի պահուն

 

Սուսաննա Մկրտչեան կը հաստատէ. «Ուիքիփետիան լեզուները կենդանի պահելու լաւագոյն եւ արդիական միջոցն է»
Սուսաննա Մկրտչեան կը հաստատէ. «Ուիքիփետիան լեզուները կենդանի պահելու լաւագոյն եւ արդիական միջոցն է»

 

«Մաղթանք, որ Ճամբարը օգնէ, Ուիքիփետիային խմբագրումը շատերուն մօտ նախասիրած զբաղումի (hobby) վերածուի». Սեւակ Յակոբեան
«Մաղթանք, որ Ճամբարը օգնէ, Ուիքիփետիային խմբագրումը շատերուն մօտ նախասիրած զբաղումի (hobby) վերածուի». Սեւակ Յակոբեան

Օգտակարը հաճելիին խառնելով ճամբարի ամբողջ տեւողութեան լիբանանահայ աշակերտները, իրենց պատասխանատուներուն հսկողութեամբ եւ ցուցմունքներով ոչ միայն խմբագրեցին ու համացանցին վրայ տեղադրեցին արեւմտահայերէնով շատ մը գիտելիքներ, այլ անցուցին ընկերային շատ առողջ ու հաճելի ժամանակ:

Աշակերտները Կը Խմբագրեն
Աշակերտները Կը Խմբագրեն
Աշակերտները Կը Խմբագրեն (3)
Աշակերտները Կը Խմբագրեն
Աշակերտները Կը Խմբագրեն
Աշակերտները Կը Խմբագրեն

Շատերուն միտքին մէջ թերեւս անմոռանալի մնան այս օրերը, մինչեւ իսկ ծովափ ու Լիբանանեան բանակի մօտակայ մէկ զօրակայանին այցելութեամբ: Յատկանշական էր բծախնդրօրէն պատրաստուած առօրեայ խստապահանջ ծրագիրը՝ զարթնումի կանուխ պահը, առաւօտեան մարզանքը, օրուան ընթացքին հաւաքական աշխատանքը, երեկոյեան երգն ու պարը եւ կանուխ քնանալու պարտաւորութիւնը, որոնք բոլորը գումարած կը կոփեն պատանիին հոգին, աւելի եւս առողջ ու պատասխանատու դարձնելով զայն:

Բանակի Զօրանոցին Մէջ
Բանակի Զօրանոցին Մէջ
Բանակի Զօրանոցին Մէջ
Բանակի Զօրանոցին Մէջ

Ահաւասիկ կարգ մը վկայութիւններ մասնակից աշակերտներէն, որոնք կ՛ամփոփեն իրենց զգացումներու արտացոլացումը․

Ասատուր Պասմաճեան (Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան) . «Կը կարծեմ, որ Ուիքի ճամբարը  իմ դպրոցական տարիներու ամենալաւ փորձառութիւններէս մէկը եղաւ»:

Մերի Մարկոսեան (Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան Քոլէճ).  «Ուիքի ճամբարը  ինծի համար լաւ յիշատակներ պիտի ձգէ վերադառնալէս ետք: Կը փորձեմ խմբագրել եւ պիտի խմբագրեմ»:

Շահէն Արապողլեան (Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճ).  «Ուիքի ճամբարը  շատ բաներ սորվեցուց ինծի եւ շատ լաւ տպաւորութիւններ ձգեց մեր երիտասարդ ուղեղներուն մէջ: Շատ լաւ բաներ սորվեցանք, ալ աւելի եւս մտանք համակարգիչի աշխարհին մէջ եւ զարգացուցինք մեր գիտելիքները»:

Յակոբ Թաշճեան (Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան). «Մինչեւ  Ուիքի ճամբարի սկսիլը նոյնիսկ չէի մտածեր, որ կրնամ Ուիքիփետիային մէջ յօդուածներ խմբագրել: Ուիքիփետիային դասընթացքէն ետք վստահ եմ օրական յօդուածներ պիտի աւելցնեմ հոն»:

Ճեսի Թերզեան (Հայ Աւետարանական Քոլէճ) «Ինծի համար Ուիքի ճամբարը շատ հաճելի փորձառութիւն մըն էր, որ զարգացուց գիտելիքներս  եւ կարողութիւններս ու յաջողեցաւ դառնալ իմ երկրորդ ընտանիքս»:

Ռիթա Սարգիսեան (Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլէճ) «Ես այս տարի առիթը ունեցայ մասնակցելու Ուիքի ճամբարին, որ ինծի համար շատ լաւ փորձառութիւն մը եղաւ: Մեր աշխատանքը շատ հետաքրքրական էր, իսկ մթնոլորտը շատ ընկերային եւ այդ մէկն է, որ մեզ մղեց աշխատանքի եւ մեզի համար արեւմտահայերէն յօդուածներ խմբագրելը առաջնահերթութեան վերածուեցաւ: Ես վստահ եմ, որ Ուիքի ճամբարէն երբ տուն վերադառնանք, պիտի շարունակենք մեր այս  գործը  եւ շատ մը արեւմտահայերէն յօդուածներ պիտի խմբագրենք»:

Նարօտ Աթամեան (Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան). «Շատ ուրախ եմ, որ այս ճամբարին մասնակցեցայ, շատ հաճելի է եւ լաւ փորձառութիւն մըն է մեզի համար: Նոր գիտելիքներ ստացանք»:

Սիլվա  Քէօհիւլեան (Ազգային Յառաջ Գալուստ Կիւլպէնկեան Վարժարան). «Այս մէկը իմ առաջին փորձառութիւնս է եւ շատ հպարտ եմ, որ առիթը ունեցայ մասնակցելու այս ճամբարին եւ փորձեցի օգտակար գտնուիլ արեւմտահայերէն լեզուն պահպանելու համար ու շատ գիտելիքներ ամբարեցի»:

Կը մնայ մեր կողմէ աւելցնել, թէ կարելի չէ մոռնալ այստեղ ծնողներուն վստահութիւնն ու քաջալերանքը: Կենսական էր մասնակից վարժարաններու տնօրէններու գործակցութիւնը, որոնցմէ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան Վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեանը այցելութիւն մը տուաւ ճամբար՝ գուրգուրանք ցուցաբերելու ու մօտէն քաջալերելու իր հոգեհարազատ աշակերտները եւ ըստ իր վկայութեան «հաւատք ու յարատեւութեան ոգի ներշնջելու անոնց, ինչպէս ամէն իրագործումի, նաեւ այս կենսական  գործին մէջ, որուն սիրով լծուած են անոնք»:

Տիկ. Սուսաննա Մկրտչեան եւ Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան՝ Ս. Խաչ - Հարպոյեան Վարժարանի աշակերտ մասնակիցներուն հետ
Տիկ. Սուսաննա Մկրտչեան եւ Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան՝ Ս. Խաչ – Հարպոյեան Վարժարանի աշակերտ մասնակիցներուն՝ Ասատուր Պասմաճեանի եւ Սէրլի ու Վալերի Կարապետեաններու հետ
Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան Հայ Աւետարանական Գոլէճի իր աշակերտուհիներուն՝ Ճէսիքա Թէրզեանի եւ Կասիա Գազանճեանի հետ
Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան Հայ Աւետարանական Գոլէճի իր աշակերտուհիներուն՝ Ճէսիքա Թէրզեանի եւ Կասիա Գազանճեանի հետ

Վերջապէս վարձքը կատար Հայաստանէն ժամանած եւ օր ի գիշեր աշակերտներուն վրայ հսկող ու անոնց Ուիքիփետիան խմբագրելու գիտելիք եւ միջոց ջամբող Դաւիթ Սարոյեանին ու Ազնիւ Ստեփանեանին, ինչպէս նաեւ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի նուիրեալ լիբանանահայ ուսուցիչ ուսուցչուհիներուն, որոնք իրենց սուղ ժամանակը նուիրեցին ու ամառնային արձակուրդը զոհեցին սոյն ճամբարի յաջողութեան:

 

 

 

Եռաբլուրի Մէջ Նշուեցաւ ԱՍԱԼԱի Ստեղծման 40րդ Տարեդարձը

0

Կ՛ապրինք օրեր, ուր երիտասարդութիւնը, որոնց շարքին Հայ երիտասարդութեան կարեւոր թիւ մըն ալ, իր կարգին դժբախտաբար անտարբեր է ու անուշադիր՝ ինչ կը վերաբերի ազգային ու համամարդկային հիմնահարցերու, ընկղմած է «հոգեկան սովի» գիրկը ու տարուած սպառողական ընկերութեան (consumer society) ամենաաժան մանրամասնութիւններով` հեռու մարդկային ու ազգային արժէքներէ եւ գաղափարական իտէալէ:

Ի տես մարդկային առողջ ընկերութեան անկումի այս երեւոյթին, մեզի կը մնայ նոյնիսկ եթէ համաձայն չըլլանք տուեալ կողմի մը գործունէութեան մանրամասնութեանց, ի խորոց սրտի յարգել զայն, մանաւանդ երբ ան իր մէջ կը պարփակէ անձնուրացօրէն ընդհանուրին նուիրուելու գաղափարախօսութիւն մը, որուն պակասէն այնքան կը տառապինք այսօր:

Համաձայն չըլլալով հանդերձ ահաբեկչական ամէն տեսակի երեւոյթի, մենք ալ մեր կարգին կը հաւատանք, որ զինեալ պայքարը միջոցներէն մէկն է դէմ դնելու բռնագրաւիչներուն, պաշտպանելու հայրենի հողը՝ տէր կանգնելով Հայաստան Հայրենիքին, ներառելով Արցախը պաշտպանելով անոր սահմանները եւ վերատիրանալու մեր պատմական հայրենի հողերուն:

«Խմբ.»

 

6

5

4

Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի (ԱՍԱԼԱ) հիմնադրման  40րդ եւ  «Կարին» գործողութեան 33րդ տարեդարձներուն առիթով, Օգոստոս 7ին ԱՍԱԼԱի նախկին ազատամարտիկներ եւ բազմաթիւ այլ քաղաքացիներ, Երեւանի Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեցին ԱՍԱԼԱի նահատակներու յիշատակին:

Անոնք ծաղիկներ տեղադրեցին ԱՍԱԼԱի նահատակներու յիշատակին կառուցուած յուշարձանին, կը յայտնէ News.amը:

«Քանի Արեւմտեան Հայաստանը դեռ գրաւուած է, 40, 50, 60 տարին որեւէ  բան չի փոխեր մեր մէջ, պայքարը կը շարունակուի նոյն հոգիով: Ինչպէս 30 տարի առաջ, երբ ես կատարեցի «Վան» գործողութիւնը ու կը հաւատայի այդ պայքարին, հիմա ալ նոյն միտքին եմ», լրագրողներուն ըսաւ ԱՍԱԼԱի «Վան» գործողութեան հրամանատար Վազգէն Սիսլեան:

Վազգէն Սիսլեան վստահութիւն յայտնեց, որ այսօրուան երիտասարդութիւնը օր մը կը վերադարձնէ իր բռնագրաւուած Հայրենիքը:

Նշենք, որ 1975ի Յունուար 20-ին, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը Պէյրութի մէջ, Համաշխարհային եկեղեցիներու խորհուրդի գրասենեակին դէմ կատարեց իր առաջին գործողութիւնը: Այդ գործողութեան արդիւնքով ոչ մէկը չտուժեց, նպատակը Հայաստանէն արտագաղթին օժանդակող այդ գրասենեակին գործունէութիւնը դադրեցնել էր։

Ընդհանուր առմամբ մինչեւ 1997 թուականը, ԱՍԱԼԱի եւ այլ կազմակերպութիւններու կողմէ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպուած են աւելի քան 200 յարձակումներ, որոնց ընթացքին սպաննուած են 42 թուրք դիւանագէտներ: Գործողութիւններուն նպատակն էր ստիպել Թուրքիոյ կառավարութեան, հրապարակաւ ճանչնալ 1,5 մլն հայերու սպանութեան՝ Ցեղասպանութեան պատասխանատուութիւնը, փոխհատուցել եւ վերադարձնել պատմական Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքները:

ԱՍԱԼԱի գործունէութեան ընթացքին զոհուած է կազմակերպութեան աւելի քան 30 մարտիկ, նաեւ  քանի մը տասնեակ անդամներ կալանաւորուած եւ դատապարտուած են բանտարկութեան, ապա իրենց բանտային ազատազրկման ժամանակը վերջանալէ ետք ազատ արձակուած:

«Առանց Զինեալ Պայքարի, Որեւէ Թիզ Հող Չ«ազատագրուիր» . Գէորգ Եազըճեան

8

«7 Օգոստոսը ոչ թէ ԱՍԱԼԱի ծննդեան օրն է՝ այլ զինեալ ազատագրական պայքարի ընթացքին զոհուած բոլոր նահատակներուն յարգանքի օրը, որոնց մէջ նաեւ Լիզպոնի տղոց յիշատակի օրը»: Հայրենի «Արեւելք»ի թղթակիցին յայտնեց «Հայկական Ժողովրդային Շարժում»ի (ՀԺՇ) հիմնադիրներէն հրապարակախօս Գէորգ Եազըճեան: Եազըճեան պատասխանելով հարցումի մը, որ արդեօ՞ք զինեալ պայքարի հանդէպ այսօր մեր ժողովուրդին մօտ հաւատք կայ պատասխանեց․ «Դժբախտաբար ոչ եւ այսօրուան դրութեամբ նոյնիսկ Հայաստանի ժողովուրդին մօտ այդ ըմբռնումը շատ թոյլ է»: Խօսելով Սփիւռքի մասին Եազըճեան նոյնպէս նկատել տուաւ, որ Սփիւռքի մէջ եւս զինեալ պայքարի գաղափարը մեծամասնութեան համար կը սեպուի ժամանակավրէպ եւ այդ ուղղութեամբ կը մտածեն միայն քիչ թիւով երիտասարդներ: Ըստ Եազըճեանի այս մօտեցումները պայմանաւորուած են Հայ ժողովուրդի անկախ պետականութիւն ունենալով եւ միջագային հանրութեան մօտ զինեալ բոլոր տեսակի մարտնչումները ահաբեկչութիւն համարելու միտումներով: Եազըճեանի կարծիքով բոլորին համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ առանց զինեալ պայքարի որեւէ թիզ հող չ’ազատագրուիր»: Եազըճեան նաեւ յիշեցուց, որ « 7 Օգոստոսը նորագոյն զինեալ ազատագրական պայքարի նահատակներու օրն է, իսկ ԱԱԱԼԱի՝ «Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ»ի ծննդեան օրը Յունուար 20ն է: Իմ համար 7 Օգոստոսը առիթ է յարգելու ոչ միայն ԱՍԱԼԱի նահատակներուն յիշատակը, այլ բոլոր անոնց, որոնք այդ ճամբուն վրայ զոհուեցան, ինչ անունով ալ որ գործեցին անոնք, ներառեալ Լիզպոնի տղաքը: Ես անձնապէս կը խոնարհիմ բոլորին յիշատակին առջեւ»: Պատասխանելով այն հարցումին, որ ինչպէս կը վերաբերի վերջերս մէկէ աւելի առիթներով եւ ԱՍԱԼԱի անունով հրապարակուած յայտարարութիւններուն ու հաղորդագրութիւններուն Եազըճեան ըսաւ․ «Ես վերապահութեամբ կը մօտենամ այդ յայտարարութիւններուն, որովհետեւ հիմա համացանցի առկայ միջոցները օգտագործելով՝ կարելի է այդ տիպի յայտարարութիւններ տարածել: Ես շատ լուրջ չեմ վերաբերիր այնքան ատեն, որ այդ յայտարարութիւնները չեն ուղեկցուիր ուղղակի արարքներով կամ գետնի վրայ առնուած քայլերով»: Ներկայ հանգրուանին եւ մօտիկ անցեալին միջեւ համեմատութիւն մը ընելով Եազըճեան նաեւ յիշեցուց, որ անցեալին հրապարակուած իւրաքանչիւր յայտարարութիւն կ’ուղեկցուէր գործողութեամբ մը, որ արդէն լրջութեամբ կ’ընդունուէր բոլորին կողմէ: Պատասխանելով «Արեւելք»ի հարցումին, թէ արդեօ՞ք ԱՍԱԼԱն կը գործէ այսօր Եազըճեան ըսաւ․ «Որպէս գաղափար ա՛յո , որովհետեւ ծրագրին մէջ նշուած է, որ ան պիտի գործէ (գործը նաեւ ռազմական գործողութիւններն են, որոնք այս պահուն գոյութիւն չունին) կամ գոյատեւէ այնքան ժամանակ, որ Արեւմտեան Հայաստանի հողերու ազատագրութեան եւ առհասարակ հայկական հողերու ազատագրութեան հարցը կայ:» Եազըճեան խօսելով Հայ Դատ հասկացողութեան մասին նաեւ նկատել տուաւ, որ իր համար Հայ Դատը ամէնէն առաջ հողային հարց է:

Յիշեցնենք, որ Հայաստան հաստատուած Գէորգ Եազըճեան երկար տարիներ խմբագրած է ԱՍԱԼԱի քաղաքական թեւին ՝ ՀԺՇի «Սփիւռք» պարբերականը (Պէյրութ):

 

 

Սուրիահայ Երեք Համադասարանցիներ Երեւանի Մէջ Յայտնուած Են Նոյն Աշխատավայրին Մէջ

0

«Հայերն Այսօր»

Քարէն Կարապետեան, Կորիւն Սողոմոնեան եւ Յարութ Փալուլեան Հալէպի մէջ յաճախած են  նոյն դասարանը:  Սուրիոյ պատերազմը անոնց ստիպեց գալ Հայաստան: Դպրոցը աւարտելէն անցած է 7 տար

Անոնք երեքն ալ այսօր կ’աշխատին «Հայկական ծրագիրներ»ու մէջ:

Յարութ Հայաստան  եկած է 2012 թ. Յուլիսին:

Քարէն, Կորիւն եւ Յարութ որոշած են հաստատուիլ Հայաստան:

Կորիւն ամէնէն շատ կը կարօտնայ իր երգչախումբը: Ան ջութակ կը նուագէր:  «Երբ կը պայքարիս, արդէն կրնաս տեղ մը հասնիլ», կ’ըսէ Կորիւն տեղի դժուարութիւններու մասին:

Քարէն սկիզբը շատ կը դժուարանար: Կ’ըսէ, թէ ռուսերէն բառեր շատ կ’օգտագործեն Երեւանի մէջ եւ ինք չի հասկնար, թէ ի՞նչ կ’ըսեն մարդիկ:

Դժուարութիւններ շատ  ունեցած են:

Անոնք երեքն ալ այստեղ տուն չունին, ընտանիքներով բնակարան  վարձած են: Բայց երեքն ալ համոզուած են, որ դժուարութիւնները պիտի յաղթահարեն, կարեւորը աշխատանք ունին:

3

 

 

Պէյթ Էլ Տինի ՄԷջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ Տարելիցին Նուիրուած Համերգով Հայրենի Երաժիշտներ Հմայեցին Ներկայ Հանրութիւնը

0

«Զ»

Ինչպէս «Զարթօնք»ի էջերով նախապատրաստական հանգրուանին տեղեկացուցած էինք՝ հայրենի երաժիշտներ Լիբանանի Պէյթ Էլ Տին գիւղաքաղաքին մէջ, հրաւէրով համանուն փառատօնի յանձնախումբին եւ աջակցութեամբ ՀԲԸՄի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած համերգով Շաբաթ, 8 Օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հայաստանի Ազգային Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբը (ՀԱՖՆ)`Հայաստանի պետական քամերային և «Հովեր» պետական քամերային երգչախումբերու հետ,  հանդէս եկան երկրի լաւագոյն մշակութային իրադարձութիւններէն մէկուն` Պէյթ Էլ Տինի Արուեստի Փառատօնին:

Համերգը մեկնարկեց Արամ Խաչատուրեանի «Սպարտակ»ի կատարմամբ: Այնուհետև բեմ բարձրացաւ նշանաւոր և տաղանդաւոր ջութակահար Սերգեյ Խաչատուրեան, որ նուագախումբին հետ փայլուն կերպով կատարեց Պրամսի «Ջութակի քոնսերթ»ը: Այս կտորի բաժիններու կատարման ժամանակ՝ բուռն ծափողջոյններ հնչեցին ներկայ արուեստասէր հանրութեան կողմէ:

Նուագախումբը և երգչախումբերը ղեկավարեց ՀԱՖՆ գեղարուեստական ղեկավար և խմբավար Էդուարդ Թոփճեանը: Համերգի երկրորդ բաժնին մէջ հնչեց Մոցարթի «Ռեքուիեմ»ը:

Աւարտին անդադար ծափահարութիւններուն տեղի տալով՝ հնչեց Տիգրան Մանսուրեանի Ռեքվիեմէն հատուած մը:

Արուեստի այս աննման երեկոյին ներկայ գտնուեցան մօտ 3000 հանդիսատեսներ: Համերգի մասնակիցներէն շատեր իրենց կուրծքին կը կրէին «Անմոռուկ»ը: Լիբանանի Պետական նախկին երեսփոխան Ընկեր Յակոբ Գասարճեանի գեղեցիկ նախաձեռնութեամբ, այս խորհրդանիշով զարդարուած էին նաև բեմին երկու կողմերը:

Որպէս մենակատարներ համերգային երեկոյի ընթացքին հանդէս եկան նաև մեներգիչներ Իրինա Զաքեանը (սոփրանօ), Պերճ Քարազեանը (թենոր), Նարինէ Անանիկեանը (մեցցօ սոփրանօ) և Սարգիս Բաժբեուկ­ Մելիքեանը (պարիթոն):

Մեր կողմէ կը մնայ նշել, որ համերգի ծրագիրը անշուշտ բծախնդրութեամբ ընտրուած էր օտար հանրութեան հրամցուելու, սակայն նկատի ունենալով ներկայ հանրութեան մեծամասնութեան հայ ըլլալը, աւելի հոգեհարազատ եւ նպատակայարմար կ՛ըլլար թերեւս՝ ծրագիրը աւելի եւս հարստացնել Ցեղասպանութիւնը ապրած Մեծն Կոմիտասի քանի մը գործերով:

Գահակալութիւն Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքի

0

 

Երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Զմմառու դարաւոր վանքին մէջ կայացաւ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքի գահակալութեան արարողութիւնն ու Ս. Պատարագը:

Արարողութեան ներկայ էին Արամ Ա. Վեհափառը , Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Գերշ. Նշան Արք. Յովնանեանը, Պապական պատուիրակը, Մարոնի պատրիարքի ներկայացուցիչ Սալիմ Մազլում եպիսկոպոսը եւ այլ կրօնական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ: Լիբանանեան պետական մակարդակով ներկայ էր Լիբանանի խորհրդարանի նախագահի եւ Վարչապետի ներկայացուցիչ երեսփոխան Նապիլ Տէօ Ֆրէյժը, Լիբանանի մօտ ՀՀ Հանրապետութեան դեսպան Պրն. Աշոտ Քոչարեանը, պետական այժմու եւ նախկին երեսփոխաններ ու նախարարներ, կուսակցական ու միութենական ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ:

Արարողութեան սկիզբը Պապական պատուիրակը ընթերցեց Հռոմի Ֆրանսիսկոս Պապի շնորհաւորական զեկոյցը ուղղուած նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքին, որուն մէջ ան շեշտը դրած էր Յոյսի եւ Ողորմածութեան խորհուրդին վրայ՝ ի տես աշխարհի դիմագրաւած դժուարին օրերուն:

Գահակալութեան արարողութենէն ետք նորընտիր Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի, իր առաջին պատարագը մատուցեց որպէս Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց: