Կիրակի, 29. 06. 2025

Օհանեան Այցելեց Մուսա Լերան Յուշահամալիր

0

Մուսա Լերան հերոսամարտի 100 ամեակին ընդառաջ` հերոսամարտի մասնակիցներուն անկոտրում կամքը, ազատագրական ոգին եւ արիութիւնը խորհրդանշող յուշահամալիրի տարածքին մէջ սկսած են շինարարական եւ բարեկարգման լայնածաւալ աշխատանքներ:

Յուշարձանի եւ հերոսամարտի պատմութիւնը ներկայացնող թանգարանի շինարարութեան կապուած հարցերուն եւ մանրամասնութիւններուն, արդիականացման աշխատանքներու ընթացքին տեղւոյն վրայ ծանօթանալու նպատակով, երէկ Մուսա լերան յուշահամալիր այցելեց պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան` նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանի, բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներու եւ զինուորականներու ընկերակցութեամբ:

Քննարկելով տարածքին բարեկարգման կապուած առաջարկներն ու դիտարկումները, աշխատանքներու կատարման յաջորդականութիւնն ու ժամանակացոյցը, Օհանեան անձնակազմին տուաւ յանձնարարականներ` նշուած ժամկէտերուն մէջ աշխատանքները աւարտին հասցնելու նպատակով:

«Հալէպի Հայութեան Իրավիճակը Մեր Գլխաւոր Մտահոգութիւնն է». ՀՀ Սփիւռքի Փոխ Նախարար Սերժ Սրապիոնեան

0

«Ամէն  րոպէ հետեւում ենք  Սիրիայի ու մանաւանդ Հալէպի  հայութեան իրավիճակին», մեր պաշտօնակից «Արեւելք»ին յայտնած է ՀՀ Սփիւռքի փոխ նախարար  Սերժ Սրապիոնեան:

Փոխ նախարարը նաեւ յայտնած է, որ    ապահովական   մտահոգութիւններու բերումով   անյարմար է իրենց ունեցած  տեղեկութիւնները   եւ   Հալէպի հայութեան վերաբերող  ծրագիրները հրապարկել:

Ըստ փոխ նախարարին Հալէպի իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ ծանր եւ  քիչ չէ թիւը այն հալէպահայերուն, որոնք  փափաք յայտնած են դուրս գալու երկրէն: Նախարարը, որ  յարմար չէ նկատած յստակ ծրագիրներու մասին խօսելու նշած է, որ Հալէպի  հայութեան տագնապը   դրուած է ՀՀ    բարձրագոյն մարմիններուն  սեղանին  եւ այս առումով   այնտեղի հայերուն  օգնութեան հասնելու  բազմազան սենարներ կան  ու խնդիրը կապուած է  գետնի վրայ գրանցուող  զարգացումներուն հետ: Սրապիոնեան  նաեւ խօսած է Թուրքիա  ապաստանած եւ   9 անդամներէ բաղկացող ընտանիքի մը մասին, որոնք  նոյնպէս  փափաք յայտնած են Հայաստան տեղափոխուելու,«գիտենք նաեւ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները համաձայնութիւն են տուել, որպէսզի  այդ ընտանիքը Հայաստան փոխադրուի»,   աւելցուցած է փոխ նախարարը:  Սրապիոնեան  նաեւ վստահեցուցած է, թէ որեւէ  զարգացումի պարագային   Սփիւռքի նախարարութիւնը, ինպչպէս նաեւ  ՀՀ օրինապահ մարմինները պատրաստ են  կարեւոր կարգադրութիւններ ընելու՝   վտանգի գօտիէն դուրս հանելու համար  մինչեւ այս պահը Հալէպի մէջ դիմադրող հայորդիները:

 

Հայկական Կեդրոներ Կը Շարունակեն Ջրամատակարարման Ծառայութիւն Կատարել Հալէպի Մէջ

0

Հալէպի բնակչութիւնը կը շարունակէ ճաշակել աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր պատերազմներէն մէկը՝ հրասանդերու, կազի շիշերու եւ զանազան տեսակի հրթիռներու արձակումներուն պատճառած ահ ու սարսափի, աւեր ու քանդումի կողքին տարիներէ ի վեր կը դիմագրաւէ նաեւ կենցաղային դժուարութիւններ: Այս մասին կը յայտնէ Perio newsը:

Արդարեւ քանի մը շաբաթէ ի վեր, Հալէպի մէջ ջուրի հոսքի դադրեցման պատճառով՝ հերթաբար ջրամատակարարում կը կատարուի քաղաքի զանազան շրջաններու մէջ:

Քաղաքի տարբեր կառոյցներ, ըլլան մզկիթներ կամ որոշ շէնքեր, որոնց կարգին նաեւ հայկական ակումբներ, կեդրոններ եւ եկեղեցիներ, որոնք ջրհորներ եւ ջրամբարներ ունին, կը շարունակեն ջուրի մատակարարման ծառայութիւն կատարել անվճար։ Ուստի բազմաթիւ փողոցներու մէջ կարելի է տեսնել՝ երկար շարքերով ջուր ամբարելու համար իրենց կարգը սպասող մարդիկ:

Ջուրի տագնապի հետեւանքով պարտք կը զգանք, կը յայտարարէ Perio newsը մեր սիրելի ժողովուրդին՝ թելադրելու, որ զգոյշ ըլլան անվստահելի աղբիւրներէ ջուր ըմպել, որպէսզի օգտագործման հետեւանքով չհիւանդանան յատկապէս մեր երախաները։

Սուրիոյ Մէջ Դարձեալ Հայ Զինուոր մը Զոհուած է

0

Երկուշաբթի, 10 Օգոստոս 2015-ին Դամասկոսի Զապատանի շրջանին մէջ, բախումներու ընթացքին նահատակուեցաւ սուրիական բանակի հալէպահայ զինծառայող՝ Հաբեթ Մանուկ Աբրիկեան (1993ի ծնունդ)։ Այս մասին հաղորդեց «Գանձասար»ը։

Խաղողօրհնէք Հալէպի Հայ Ծերանոցին Մէջ

0

Perio newsի փոխանցմամբ Օգոստոս 9-ին, Հալէպի Հայ Ծերանոցին մէջ կատարուեցաւ Խաղողօրհնէք:

Արարողութիւնը կատարեց Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան: Հայ Ծերանոցի պատսպարեալները, ներկայութեամբ Խնամակալութեան եւ պաշտօնէութեան հետեւեցան Խաղողօրհնէքի արարողութեան:
Հալէպի տագնապալի այս ծանր օրերուն, եկեղեցական այս արարողութեան ընթացքին խաղաղութեան մաղթանք կատարուեցաւ: Ապա ներկաները մէկ առ մէկ ստացան իրենց յատկացուած խաղողը, որ տրամադրուած էր բարերար-նուիրատուներու կողմէ:

«Ցեղասպանութեան Հարցին Մէջ Պատմական Իրականութեան Ճիշդ Կողմը Պիտի Մնանք». Քենի

0

Գանատայի պաշտպանութեան նախարար Ճէյսըն Քենի, Թորոնթոյի մէջ Հայ-գանատական պահպանողական ընկերակցութեան կազմակերպած երեկոյին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ, վերահաստատած է իր կուսակցութեան յանձնառութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մէջ արդար պայքար մղելու վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.amը։

«Մեր Պահպանողական կուսակցութիւնը, անկախ քաղաքական ճնշումներէ, պիտի շարունակէ հաստատակամօրէն մնալ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մէջ պատմական իրականութեան ճիշդ կողմը», ըսած է Քենի:

Ան ընդգծած է նաեւ Պահպանողական կուսակցութեան պատրաստակամութիւնը՝ Միջին Արեւելքի կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններուն ոտնահարուած իրաւունքները պաշտպանելու:

Աշխարհահռչակ Դերասանը Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Նոր Ֆիլմի Դերակատար

0

Հայ բեմադրիչ Արտակ Իգիթեան կը նախատեսէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին «Անատոլիական պատմութիւն» (Anatolian Story) վերնագիրով ֆիլմ նկարահանել, ուր պիտի խաղան ֆրանսական շարժանկարի յայտնի դէմքեր ժերար Տէփարտիէոն եւ Սամի Նասէրին:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»­ը վկայակոչելով rusarminfo.ru­ն (ռուս­-հայկական տեղեկատուական գործակալութիւն), ֆիլմի գլխաւոր հերոսը Մուսթաֆա Ղազին է, որ իր կեանքը նուիրած է Թուրքիոյ ծառայելու: Ծեր հասակին Մուսթաֆա, որ ամբողջ կեանքի ընթացքին ատած է Հայաստանն ու հայերը կը պարզէ, որ հայ է: Ֆիլմի բեմագրութեան (սենարի) հեղինակը Մարգ Արէնն է (Կարէն Մարգարեան):

Ֆիլմի երաժշտութիւնը պիտի յօրինէ Միշէլ Լեկրան: Ըստ կայքին ֆրանսահայ յայտնի երգահանը պահանջած է, որ ֆիլմի գլխագիրներու մէջ Լեգրանի կողքին աւելցնեն նաեւ իր հայկական Տէր Միքայէլեան աղգանունը: Ֆիլմի  մէջ գլխաւոր հերոսի՝ Մուստաֆայի կերպարը պիտի մարմնաւորէ Ժերար Տարմոն, իսկ անոր որդին Սամի Նասէրին, որ հայ հանդիսատեսին առաւելաբար ծանօթ է «Թաքսի» ֆիլմերու շարքէն: Տէփարտիէոն ֆիլմի մէջ կը մարմնաւորէ փաստաբանը:

Կը նախատեսուի, որ ֆիլմի նկարահանման աշխատանքները սկսին 2015ի Նոյեմբերին: Նկարահանումները կ’իրականանան Հայաստանի, Թուրքիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ:

ՍԵՒՐԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ 95-ԱՄԵԱԿԸ ԵՒ ՄԵՐ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍՕՐ

0

                                                                                                  ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Ազգերու, նամանանդ Եւրոպական զարգացած պետութիւններու դիւանագիտական գործունէութեանց ու ,խաղեերուն մէջ ծանօթ է Սեւրը եւ անոր բովանդակութիւնը, որ սակայն հակառակ իրենց իսկ հովանաւորութեամբ զգեցած իւրայատուկ տարազին, ցաւ ի սիրտ ան մնաց թուղթի վրայ (միա՜յն)… որպէս ընդունուած, բայց չգործադրուած դաշինք, նոյն ինքն եւրոպացի օրուայ դիւանագէտներու շահադիտական կեցուածքներուն արդիւնքով:

Շատերուն ծանօթ Սեւրի հաշտարար պայմանագիրը ստորագրուեցաւ ասկէ ուղիղ 95 տարիներ առաջ, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի արուարձաններէն Սեւրի մէջ, 10 օգոստոս 1920ին: Ըստ կայացած համաձայնագրի, Հայաստանը Արեւմտեան Հայաստանի տարածքներէն պիտի ստանար 90.000 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան այդ օրերուն ունեցած հողատարածքին հետ՝ անոր սահմանները պիտի կազմէին 161.330 քիլոմեթր քառակուսի, աւելին՝ նաեւ Սեւ Ծով ելք ունենալու հնարաւորութիւն:

Սեւրի պայմանագիրը կնքուեցաւ մէկ կողմէ Թուրքիոյ սուլթանական կառավարութեան, միւս կողմէ Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն յաղթական ելած դաշնակից պետութիւններու, առաւել՝ Հայաստանի միջեւ: Դաշնակից պետութիւններէն ներկայ էին Անգլիան, Ֆրանսան, Իտալիան, Ճափոնը, Պելճիքան, Յունաստանը, Լեհաստանը, Փորթուքալը, Ռումանիան եւյլն: Հայաստանի կողմէ հաշտեցման համաձայնագիրը ստորագրեց գրող, մտաւորական Աւետիս Ահարոնեանը: Ան և արևմտահայութեան ներկայացուցիչ, Ազգային պատուիրակութեան ղեկավար Պօղոս Նուպար փաշան, նախապէս գլխաւոր դաշնակից պետութիւններու հետ արդէն կնքած էին լրացուցիչ պայմանագիր՝ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն մասին:
Դաշնակից պետութիւններ, միասնաբար մաս կազմելով հաշտեցման համաձայնագրին եւ ստորագրելով զայն, ինքնաբերաբար եւ բնականաբար ճանչցած եղան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որպէս ,ազատ ու անկախե երկիր:
Սեւրի պայմանագիրը բաղկացած էր 13 մասերէ եւ 433 յօդուածներէ, որմէ պիտի օգտուէին հայեր, յոյներ, քիւրտեր եւ բնականաբար յաղթանակած երկիրներ: Ըստ պայմանագրի ոգիին, Թուրքիան սոյն դաշնագրով Հայաստանը կը ճանչնար որպէս ,ազատ ու անկախ պետութիւնե եւ ըստ դաշնագրի, Թուրքիան և Հայաստանը համաձայնեցան Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի ու Պիթլիսի նահանգներու միջեւ սահմաններու դասաւորումը թողուլ Միացեալ Նահանգներու նախագահին, միաժամանակ միշտ պատրաստակամ ըլլալով ընդունելու անոր արձակելիք իրաւարար վճիռը: Ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանի, Վրաստանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմաններ որոշելու հարցին, այդ պիտի իրականանար 3 պետութիւններու միջեւ տեղի ունենալիք ուղղակի բանակցութիւններու միջոցաւ:
Եւ արդարեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն 1920 թուականի Նոյեմբեր 22ին աւարտելով իր անկողմնակալ որոշումը, զայն յանձնեց եւրոպական դաշնակից տէրութիւններուն, եւ ըստ անոր իրաւարար որոշման, Հայաստանը պէտք էր ստանար Վանի և Պիթլիսի նահանգներուն աւելի քան կէսը, Էրզրումի վիլայէթի հիմնական մասը, իսկ Տրապիզոնի արեւելեան հատուածը՝ ներառեալ համանուն քաղաքը:
Ինչպէս յիշեցինք վերը, ընդհանուր առմամբ այդ տարածքը 90 հազար քմ2 էր և հոն կար կարեւոր պարագայ մը եւս, Հայաստանին կ՚ապահովէր ելք դեպի Սեւ ծով:
Ըստ ժողովականներուն Սեւրի պայմանագրով պիտի լուծուէր Անկախ և Միացեալ Հայաստանի ստեղծման հարցը: Սակայն ինչպէս այլ դաշինքներու պարագային, դժբախտաբար Սեւրը եւս մնաց թուղթի վրայ, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ այդ օրերուն իշխանութեան հասած ,տէօնմէե Մուսթաֆա Քեմալ մերժեց ճանչնալ՝ սուլթանական Թուրքիոյ ստորագրած պայմանագիրը եւ շարունակեց իր արշաւանքները թէ՛Կիլիկիոյ եւ թէ՛ Արեւմտեան Հայաստանի գրեթէ ամայացած նահանգներուն մէջ, աւելի ուշ իր ուժերը հասցնելով մինչեւ Արեւելեան Հայաստանի սիրտը… այդ ժամանակ օրուայ Հայաստանի իշխանութիւններուն պարտադրել տալով Ալեքսանդապոլի ծանօթ ու շատ յայտնի դաշնագիրը՝ 2 Դեկտեմբեր 1920ին․..:
Գոռոզ ու միանձնեայ ղեկավար Մուսթաֆա Քեմալ, Անատոլիան պարպելէ ետք հայերէն, յոյներէն եւ քրիստոնեայ այլ փոքրամասնութիւնններէն ու առաւելաբար օգտուելով ստեղծուած միջազգային նոր իրադրութենէն, նամանաւանդ որոշ պետութիւններու հետ իր հաստատած սիրալիր բարեկամութեան արդիւնքով՝ եւրոպացիներէն պահանջեց Սեւրի պայմանագրի վերանայումը, որու արդիւնքով ծնաւ տխրահռչակ Լոզանի պայմանագիրը․..: Արդարեւ 20 Նոյեմբեր 1922 թուականին Լոզանի մէջ գումարուած խորհրդաժողովին, ան յաջողեցաւ վերացնել տալ Սեւրի դաշնագրի պայմանները՝ եւրոպացիներու զարմանալի՜ եւ զարմացնո՜ղ դիւանագիտական կեցուածքներուն ու խաղերուն արդիւնքով, որոնք մոռցա՜ծ էին հայն ու Հայաստանը, ջարդն ու կոտորածը եւ միլիոնաւոր անմեղ մարդոց արիւնը․..: Այլ խօսքով քրիստոնեայ Եւրոպան կրկին երես կը դարձնէր քրիստոնեայ Հայաստանին… որ իր 30.000 քառ․ քմ․ տարածութեամբ միայն, 29 Նոյեմբեր 1920 թուականէն սկսեալ պիտի գտնուէր Խորհրդային Միութեան սահմաններուն մէջ:
Մէկ խօսքով Հայաստան կրկին անգամ զոհը պիտի դառնար եւրոպացիներու կամ օտարներու որձեւէգ քաղաքականութեան․..: Եւրոպացիներ օրին ոչ միայն բաւարարուած էին եղածով, այլեւ ճանչցած էին Մուսթաֆա Քեմալի Անգարայի կառավարութիւնը եւ Սեւրի պայմանագրով Հայաստանին տրուած հողատարածքները ամենայն յօժարութեամբ, ոսկի ափսէի վրայ դրած յանձնեցին Թուրքիոյ… թաղելով Սեւրի համաձայնագիրը:Աւելին, անոնք ձեւով մը ,նուիրեցինե նաեւ Թուրքիոյ կողմէ Արեւելեան Հայաստանէն զաւթուած նոր հողատարածքները, որոնք կ՚ընդգրկէին Հայաստանի նախկին շրջաններ Կարսը, Արտահանը, Սուրմալուն․..:

Ցեղասպանութեան 100 ամեակի այս տարուան մէջ, հակառակ Սեւրի դաշնագրի ստորագրման թուականէն անցած 95 տարիներուն, այսօր բոլոր ժամանակներէ աւելի մենք Սեւրի դաշնագրին կը նայինք իրաւախոհական դիրքով, հաւատալով անոր իրազեկութեան ու անժամանցելութեան, քանի որ անոր յաջորդող Ալեքսանրդապոլի դաշնագիրը, որ կու գար ջնջելու Սեւրի պայմանները, իրաւականօրէն չուներ եւ չունի պաշտօնական հանգամանք, որովհետեւ գետնի վրայ զայն ստորագրող երկու կողմերն ալ այդ օրերուն զուրկ էին պետական իրաւական հանգամանքէ․..:

Հայրենիքէն Վերադարձին Համահայկական Խաղերու Լիբանանի Միացեալ Մարմնի Նախագահը «Զարթօնք»ի Խմբագրատան Մէջ

0

Չորեքշաբթի 11 Օգոստոս 2015- ի յետմիջօրէին «Զարթօնք»ի խմբագրատուն այցելեց Համահայկական Խաղերու Լիբանանի Միացեալ Մարմնի Նախագահ եւ «Սիփան» Դահոյկի  Միութեան  երկարամեայ ատենապետ ու վեթերան անդամ Պրն. Նշան Համամճեան:

Հաճելի եւ մտերմիկ զրոյցի ընթացքին, Պրն. Համամճեանէն իմացանք կարգ մը մանրամասնութիւններ՝ ինչ կը վերաբերի Հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող (որ շուտով կը հասնի իր աւարտին) Համահայկական Խաղերուն լիբանանահայ խումբերուն մասնակցութեան մասին:

Պրն. Համամճեան նախապատրաստական հանգրուանը ամփոփեց հետեւեալ ձեւով. «Համահայկական Խաղերու նախօրէին՝  շուրջ վեց ամիսներ առաջ արդէն իսկ նախապատրաստական աշխատանքները սկսանք, այցելութիւններ տալով Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի եւ Այնճարի քաղաքապետներուն, որպէսի  տան իրենց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը, որովհետեւ այս տարի Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կեդրոնական Մարմինը որոշած էր, Համահայկական խաղերու ծրագիր կանոնագրին համաձայն, իւրաքանչիւր հայու բնակած քաղաքին անունով կարելիութիւն ստեղծելու խումբերու  մասնակցութեան:  Հետեւաբար  Լիբանանի պարագային  որոշեցինք մասնակցիլ լիբանանեան հայահոծ չորս քաղաքներու անունով՝ Պէյրութ, Պուրճ Համմուտ, Անթիլիաս եւ Այնճար»:

Այս տարուայ Համահայկական Խաղերը նուիրուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան 100- ամեակին, որ ինքնին յատուկ առիթ մըն էր։ Այս իսկ պատճառով Պրն. Նշան ըսաւ․ «Որոշեցինք Լիբանանէն պատկառելի թիւով պատուիրակութեամբ մասնակցիլ, զայն հասցնելով 180 մարզիկի անկախ պատասխանատուներէն»:  Պրն Համամճեան շարունակեց տեղեկացնելով, որ «անցեալին ընդհանուր մարզախաղերուն թիւը 11 էր, սակայն այս տարի այդ թիւը բարձրացած էր 18ի, որոնցմէ 11ին մասնակցեցաւ Լիբանանը»:

Պրն. Նշան Համամճեան (աջէն երկրորդը), Համահայկական Խաղերու մասնակից  պասքեթպոլի խումբին հետ:
Պրն. Նշան Համամճեան (աջէն երկրորդը), Համահայկական Խաղերու մասնակից պասքեթպոլի խումբին հետ:

Հպարտութեամբ իրմէ իմացանք, որ մինչեւ երէկ կայացած մրցաշարքերուն Լիբանան կրցած է ապահովել երկու ոսկի մետալներ՝ մէկը Պէյրութի, իսկ միւսը Այնճարի խումբերուն միջոցով: «Տակաւին յոյս ունինք, որ երկու մետալներու եւս տիրանայ Լիբանանի պատուիրակութիւնը, մին աղջկանց կողովագնդակի (պասքեթպոլի), իսկ միւսը փինկ-փոնկի պարագային», յայտնեց Պրն. Համամճեան:

Խաղերը լաւ կազմակերպուած էին ըստ Պրն. Նշանին եւ այս տարուայ կարեւոր նորութիւնը այն է, որ Արեւմտահայաստանէն (Մուշէն, Սասունէն եւ այլ վայրերէ) մասնակցած են մեծ թիւով  հայկական ծագումով մարզիկներ:

Պրն․ Համամճեան ցաւով խոստովանեցաւ, որ հակառակ խաղերու լաւ ընթացքին, առաջնահերթութիւնը տրուած էր մասնակցողներու թիւին եւ ոչ որակին.․.:

«Յաջորդին կը նախատեսուի, որ եթէ կարելիութիւն ըլլայ խաղերու մասնակի կայացում մը ըլլայ նաեւ Արեւմտահայաստանի մէջ, ինչպէս ձմեռնային մարզաձեւերու պարագային», բացայայտեց Պրն. Համամճեան բայց անմիջապէս աւելցնելով, թէ «այս մէկը առաջարկ է, սակայն անոր իրագործումը աշխատանքի կը կարօտի»:

Պրն. Նշան Համամճեանէն իմացանք, որ իր Հայաստան կեցութեան միջոցին Համահայկական Խաղերու Լիբանանի Միացեալ Մարմնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով, այցելութիւն մը տուած է Հայաստանի մօտ Լիբանանի Դեսպանատուն ու դեսպան Պրն. Ժան Մաաքարոնը պատուած  յաւուր պատշաճի յուշանուէրով մը:

Պրն. Նշան Համամճեան Հայաստանի մօտ Լիբանանի Դեսպանին՝ Պրն. Ժան Մաաքարոնին (ձախին) յուշանուէրը յանձնելու պահուն:
Պրն. Նշան Համամճեան Հայաստանի մօտ Լիբանանի Դեսպանին՝ Պրն. Ժան Մաաքարոնին (ձախին) յուշանուէրը յանձնելու պահուն:

Նշենք, որ Պրն. Համամճեան լիբանանահայ պատուիրակութեամբ մը այցելած է նաեւ Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կեդրոնական Մարմնի նախագահ Պրն. Իշխան Զաքարեանին՝ Համահայկական Խաղերու Լիբանանի Միացեալ Մարմնի անունով յուշանուէրով մը պատուելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու յարգելի նախագահին:

Պրն. Համամճեան մեր զրոյցին աւարտին հետեւեալ դրուագը պատմեց. «Երեւան մէջ կ՛անցնէիք արձանի մը մօտով: Երբ շարժավարին հարցուցի, թէ որո՞ւ արձանն է, ան ըսաւ, որ Սախարովինն է: Իմ զարմանքիս, թէ ինչո՞ւ ոչ հայու մը արձանը զետեղուած է այս կարեւոր դիրքին վրայ, շարժավարը մեծ հպարտութեամբ գոչեց՝ որովհետեւ անոր կողակիցը հայ էր…»:

Յաջողութիւն Պրն. Համամճեանին եւ Համահայկական Խաղերու Լիբանանի Միացեալ Մարմնին: Նորանոր եւ աւելի բարձր նուաճումներ լիբանանահայ մարզախումբերուն:

«Խմբ.»

Համահայկական Խաղերու Մետալներու Ոչ Պաշտօնական Արդիւնքով Բացարձակ Առաջնակարգը Երեւանի Խումբն է

0

Համահայկական խաղերու 9 մրցութային օրերէն ետք, մետալներու ոչ պաշտօնական հաշիւով առաջնակարգը Երեւանի խումբն է, այս մասին կը յայտնէ artsakhpressը:

Առաջին տեղը նուաճած խումբը ունի 89 մետալ՝ 34 ոսկի, 25 արծաթ եւ 30 պրոնզ: 33 մետալով երկրորդ տեղը գրաւած է Գիւմրիի խումբը` 11 ոսկի, 10 արծաթ եւ 12 պրոնզ: Եռեակը կ’եզրափակէ Վանաձորը` 6 ոսկի, 7 արծաթ եւ 4 պրոնզ մետալներով:

Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերու ջահը Մայիս 8-ին վառեցաւ Շուշիի մէջ եւ Արցախի ու Հայաստանի քաղաքներով ուղեւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւան: Համահայկական ամառնային 6րդ խաղերը կը կայանան Օգոստոս 2-13ը: Բոլոր խաղերուն մասնակցած մարզիկներուն թիւը  գերազանցած է 6350ը: