Երկուշաբթի, 30. 06. 2025

Ի՞նչ Տուաւ Սեւրի Դաշնագիրը Հայ Ժողովուրդին

0

ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ

10 Օգոստոս 1920էն 95 տարիներ ետք, մեր ժողովուրդին հարցումը կը մնայ նոյնը՝ ի՞նչ տուաւ Սեւրի դաշնագիրը հայ ժողովուրդին. անկասկած պատասխանը պիտի ըլլայ ոչի՛նչ, բացարձակապէս ոչինչ: Իսկ չարիք, որքան ուզէք բերաւ հայ ժողովուրդի գլխուն այդ տխրահռչակ շանագիրը, զոր «պատմական աքթ» եւ դեռ չես գիտեր ինչե՜ր կ’որակեն՝ կրկներեւոյթի ետեւէն վազող մեր ամէն հոսանքի քաղաքագէտները:

1916ին ամբողջ Արեւմտահայաստանը գրաւուած էր ռուսական բանակին կողմէ, երբ 1917ին ան քաշուեցաւ այնտեղէն, որուն ամբողջութեամբ անհաշուելի զէնքի եւ զինամթերքի պաշարը մնաց մեզի․ այդ պայմաններուն տակ մեր ժողովուրդին ապագան ձեռք առած ղեկավարները չպահպանեցին, չպահեցին զայն եւ բոլոր հողերն ու ամբողջ զինամթերքը յանձնեցին թուրքերուն: 1920 թուականին կրկին տեղահան ընելով հայոց, քեմալականները իրենց տիրապետութիւնը հաստատեցին հոն, իսկ վերոնշեալ ղեկավարները բաւականանալով 10,000 քառ. քմ․ տարածութեամբ Հայաստանով մը: Եւ ամբողջ Արեւմտահայաստանը կորսնցելէ ետք, Արեւելահայաստանի մեծ մասն ալ կորսնցուցինք: Ահա թէ ինչ բերաւ Սեւրի դաշնագիրը: Այն Սեւրի դաշնագիրը, որ ենթադրուած էր Թուրքիան ծունկի բերելու, ընդհակառակը մահամերձ Թուրքիան վերակենդանացուց, ուժ տուաւ Քեմալական շարժման, նոյն ատեն նոր մղում մը ներարկեց անոր: Այս կէտին մէջ հայ, թուրք եւ օտար բոլոր աղբիւրներն ալ համաձայն են: Բայց մեծամեծներու գրիչով ստորագրուած դաշնագիրը, հայկական բոլոր հոսանքներուն համար ոսկեայ երազներու իրականացումը կը թուէր:

Չըրչիլ միշտ հեգնանքով յետագային կը գրէր, թէ Սեւրի դաշնագրով «հայերուն թոյլ տրուեցաւ, որ նստին Միացեալ Նահանգներու դրան սեմին»։ (Winston S. Churchill, “The Great War”, հատոր 3, էջ 1548): Իսկ Միացեալ Նահանգները զանոնք թողուցին հոն ալ նստած:

«Սեւրի դաշնագիրը ճիշդ է որ հայերուն մեծ բան մը չէր տար, քանի որ անոնց տուածը հայերը՝ իրենք էին որ իրենց սեփական ուժով պիտի առնէին…: Ասոր հակառակ դաշնագիրը՝ թուրքերուն հողէն կ’առնէր այնքան շատ բան, որ անոնց կողմէ զոհուած Թուրքիոյ ձեռքէն բոլորվին անհաւանական էր, որ հայերը կարենային իրենց սեփական ուժով առնել թուղթով իրենց տրուածը…։ Թուրքէն առնուած այդ «շատ»ը, թուրքը յուսահատական, օրհասական կռիւի մղող այդ «շատ»ը, իր շատ կարեւոր դերը պիտի ունենար իրեն հետեւող Քեմալական շարժումին մէջ»։ (Աւետիս Թերզիպաշեան, «Նուպար», Փարիզ, 1939, էջ 329):

«Քեմալականութիւնը կենդանացաւ, ուժեղացաւ, ֆրանսական իմբերիալիզմը մի անգամ էլ փրկեց խորտակուող Թուրքիան, ոտքի կանգնեցրեց նրան եւ ուղարկեց յաղթելու յոյներին ու այդ միջոցով ոչնչացնելու Սեւրի դաշնագիրը»։ (Լէօ, «Թուրք-հայ յեղափոխութեան գաղափարախօսութիւնը», Բ. Հատոր, էջ 231):

Սակայն ամենայատկանշականն է դատողութիւնը, խոստովանութիւնը անոնցմէ միայն, որոնք ոչ միայն իրենց աչքերը ծածկած էին այդ «ոսկեզօծ փոշիով», այլեւ աւելին ըլլալով, իրենց ամբողջ ուժով կը ջանային հայ զանգուածներուն աչքերը կուրցնել: Այդ ամէնուն մասին դաշնակցական ղեկավար Յակոբ Տէր Յակոբեան ահա թէ ինչ կ’ըսէ.

«Սեւրի դաշնագիրը թէեւ փաստօրէն ոչինչ չտուաւ հայերին, սակայն զայրոյթի գագաթնակէտին հասցրեց քեմալական Թուրքիային ընդդէմ Եւրոպայի, բայց գլխաւորապէս ընդդէմ հայութեան ու Հայաստանի…: Ուրեմն բնական է, որ Սեւրի դաշնագիրը էլ աւելի պիտի բազմապատկէր տաճիկների թշնամութիւնը դէպի հայութիւնն ու Հայաստանը, մանաւանդ որ այդ դաշնագրով ամբողջ չորս վիլայէթներ – Կարին, Տրապիզոն, Բաղէշ, Վան – Միացեալ Նահանգների նախագահ Ուիլսընի վճռահատութեամբ, կարող էին կտրուել Տաճկաստանից եւ Հայաստանին միանալ: Դրա համար էլ ազգայնական Թուրքիան որոշում է՝ ամէն գնով ընդդիմանալ Սեւրի դաշնագրի գործադրութեան եւ խնդիրը արմատական ձեւով լուծելու համար՝ պատրաստութիւններ է տեսնում Հայաստանի հանրապետութեան վրայ արշաւելու, նրան վերջնական հարուած տալու եւ զէնքի ուժով վերագրաւելու այն հողամասերը, որ 1918ին զինադադարի հետեւանքով Հայաստանին էին տրուել»։ (Իրազեկ, «Մօտիկ Անցեալից», էջ 64-65):

Ֆրիտիոֆ Նանսէն հեգնանքով կը գրէր. «Թոյլ տուած էին հայերուն՝ թափել իրենց արիւնը դաշնակիցներուն դատին համար եւ ահա կը վերադարձնէին զանոնք՝ անարժէք թուղթով մը»։ (Ֆրիտիոֆ Նանսէն, «Հայաստան Եւ Մերձաւոր Արեւելք», էջ 288)։

«Ֆրանսա հակառակ որ ինքն ալ ստորագրած էր Սեւրի դաշնագիրը, առաջին մէկ օրէն թշնամական դիրք բռնեց անոր դէմ, որովհետեւ մասնաւոր շահ մը չուներ անկէ: Նախ, որ Թուրքիոյ տնտեսութեան վրայ Ֆրանսայի ունեցած գերակշիռ դիրքը պիտի պահեր Անգլիոյ եւ Իտալիոյ հետ: Նեղուցներուն վրայ Անգլիոյ համեմատութեամբ Ֆրանսա ստորադաս դիրք կը գրաւէր: Արեւմտահայաստանի, Իզմիրի եւ Քիւրտիստանի անջատումով, Ֆրանսա տնտեսական եւ դրամական հսկայ շահոյթներէ կը զրկուէր: Ուրեմն Սեւրի դաշնագիրին մելանը չչորցած, Ֆրանսա զայն «բարեփոխելու» պահանջ կը ներկայացնէր: Ֆրանսա միայն մտահոգուած էր Սուրիայով եւ քաշուեցաւ Բրիտանիոյ թրքական քաղաքականութենէն: Ֆրանսացի բանագնաց մը ղրկուեցաւ Քեմալին «օգնութիւն առաջարկելու»։ (Emil Lengye, “Turkey”, էջ 136)։

Լորտ Հարտինկ, Փարիզէն 12 Դեկտեմբեր 1920ին կը հեռագրէր Լոնտոն՝ Լորտ Քըրզընին․ «Ֆրանսական պաշտօնական շրջանակներում տիրում է այն կարծիքը, որ Սեւրի դաշնագրի վաւերացումը իր ներկայ ձեւին մէջ անճիշդ է եւ որ անհրաժեշտ է վերափոխել այն, համաձայնութեան գալու համար Մուսթաֆա Քեմալի հետ»։ («Ալիք» օրաթերթ, Թեհրան, 19 Մայիս 1970, «Հայ Դատը Միջազգային վաւերագրերի լոյսի ներքոյ»):

Ուրեմն կ’որոշուի 21 Փետրուար 1921ին Լոնտոնի մէջ հրաւիրել խորհրդաժողով մը՝ վերանայելու համար Սեւրի դաշնագրի պայմանները: 27 Փետրուարին թրքական սուլթանական-քեմալական միացեալ պատուիրակութիւնը՝ խորհրդաժողովին յուշագիր մը կը ներկայացնէր, որուն երրորդ կէտը կը պահանջէր․ «Թուրքիայի արեւելեան սահմանը պէտք է պահուի թուրք-պատմական սահմանագծով եւ Թուրքիայի ու Հայաստանի միջեւ կնքուած պայմանագրի (Ալեքսանդրապոլի) համաձայն»:

Ֆրանսան հակառակ որ թուրքերուն հետ անջատ համաձայնագիր մը արդէն ստորագրած էր, սակայն գերմանական հարցին մէջ Անգլիոյ աջակցութիւնը ունենալու հետ, Անգլիոյ միջոցաւ կը ներկայացնէր յուշագիր մը, որուն 8րդ կէտը կը նշէր. «Հայաստանի մէջ «Ազգային օճախ» մը պիտի ապահովուի հայերուն՝ Թուրքիոյ արեւելեան սահմանին վրայ, որոշ սահմաններու մէջ, որոնք պիտի ճշդուին Ազգերու ընկերակցութենէն նշանակուած յանձնախումբի մը կողմէ»։ (Michel Loillores, էջ 217-218):

Եւ Հայկական հարցին գերեզմանը փորուեցաւ Լոնտոնի մէջ, զայն թաղելու համար յետագային Լոզանի մէջ: Ամբողջ Ուիլսընին անծայրածիր Հայաստանը կծկուեցաւ, կծկուեցաւ եւ եղաւ «Ազգային օճախ« մը՝ անորոշ եզրով եւ անորոշ սահմաններով, որ նոյնպէս կուլ պիտի երթար քեմալական Թուրքիան սիրաշահելու արեւմտեան քաղաքականութեան:

 

Պատմութիւնն Է Այստեղ Մի Ակնթարթ Կանգ Առնում

0

Հայոց եկեղեցւոյ երջանկայիշատակ վեհափառ Վազգէն ԱԱմենայն Հայոց Կաթողիկոսի յիշատակը ոգեկոչելու նախանձախնդրութեամբ, կը վերահրատարակենք սոյն խմբագրականը, որ լոյս տեսած է քսանմէկ տարիներ առաջ իր մահուան առիթով հայրենի մեր պաշտօնակիցին կողմէ։

«Խմբ.»

39 տարի: Եւ ի՞նչ տարիներ: Տքնութեան, ազգային – քաղաքական շրջահայեացութան, արթնամիտ, զգօն, աննահանջ հայրենասիրութեան, նաեւ՝ խորաթափանցութեան, հաւատքի, տեսիլքի: Սահմանափակումներ ներսից, խարդաւանքներ դրսից, կարիք՝ ամէն կողմից: Եւ նա դիմակայեց այդ բոլորին, արժանապատուութեամբ, իմաստութեամբ, ազդեցութեան եւ աշխատանքի սահմաններն անընդհատ ընդարձակելով, կարեւորն ու հնարաւորը զարմանալի հնարամտութեամբ միաձուլելով, երկրորդականն անտեսելով, այդ պահին անհնարինը յաջորդներին թողնելով:

Դժուար էր լինել հակոտնեայ երկու աշխարհների արանքում համասփիւռ ժողովրդին միացնող օղակ, գործել արհեստականօրէն իրենից մեկուսացուած ժողովուրդի համար, աշխատել իրաւունքից զուրկ պատասխանատուների հետ, նիւթապաշտութեան եւ անաստուածութեան ճնշման տակ քարոզել հոգեւորը, տարբերել կեղծ հայրենասիրութիւնը իրականից, խարդախը պարկեշտից, շողոքորթն ազնիւից:

47 տարեկանին ստանձնեց Լուսաւորչի գահը, որ կարող էր իր եւ մեր ազգային հոգեւոր կեանքի խոր վիրապը դառնալ: Անվստահութեան ու կասկածանքի մթնոլորտի մէջ, յաճախ մեն-մենակ, առանձին խոկաց, գտաւ լուսաւոր կէտեր, մեր ժողովուրդի մէջ անթեղուած սէրը դէպի ազգային եկեղեցին, ոգեւորուեց դրանցով, ոգեւորեց շրջապատը, աշխատեց ու տքնեց, եւ ի վերջոյ բոլորին պարտադրեց յարգանք, որ հետզհետէ փոխուեց սիրոյ, ակնածանքի եւ հեղինակութեան:

Կառուցեց անընդհատ եւ կոչուեց Շինարար կաթողիկոս: Գտաւ նուիրեալների եւ կոչուեց վերահաստատ հաւատքի կերտիչ Կաթողիկոս: Շրջեց ամէնուր, ջամբեց հայրենասիրութիւն, քարոզեց ազգապահպանում եւ դարձաւ Հայաստանապահ Կաթողիկոս: Պաշտպանեց, քաջալերեց, վարձատրեց արուեստագէտներին եւ հռչակուեց Արուեստասէր կաթողիկոս: Պահանջեց, հաւաքեց, պահպանեց մեր մշակութային արժէքները եւ յորջորջուեց Մշակութապահ Կաթողիկոս: Գաղտնի ու խորհրդապահ՝ օգնեց մարդկանց, նոյնիսկ դեղօրայք հայթայթելով եւ կոչուեց բարեգործ Կաթողիկոս: Միջազգային ֆորումներում խօսեց մեր 1700 ամեայ Ազգային Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու վեհութեան բարձունքից եւ հռչակուեց Էքումենիկ շարժման հիմնադիր Կաթողիկոս: Տառապեց, օգնեց, նուիրաբերեց երկրաշարժի ցնցումների վրայ հաստատուած մեր նորանկախ հանրապետութեան եւ յայտարարուեց Ազգային Հերոս Կաթողիկոս:

Եւ ահա 86 տարեկան հասակում, յոգնած բայց չսպառուած, վաստակած՝ բայց դեռ ծրագրեր ծրագրող մեր կաթողիկոսի, դեռ երազ ունեցող Ամենայն Հայոց Հայրապետի մարմինը գտաւ իր յաւիտենական հանգիստը, յաւիտենական տեղը մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ:

Իր վախճանման հետ ակնթարթ կանգ է առնում այդ պատմութիւնը: Կանգնենք մի պահ, ապա հետապնդենք իր երազը:

Խմբագրական «ԱԶԳ»ի, 19 Օգոստոս 1994

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնում

0

Օգոստոսի 16-ին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին մեծ շուքով նշեց Ս. Աստուածածնի Վերափոխման բերկրառատ տօնը: Միածնաէջ Մայր Տաճարում, մասնակցութեամբ Մայր Աթոռի միաբանների, բարերարների և ուխտաւոր հաւատացեալների, մատուցվեց Ս. Պատարագ: Պատարագիչն էր Մայր Աթոռի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրեն Գերաշնորհ Տ. Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեանը:

Սրբազան Հայրը, իր քարոզում անդրադառնալով տօնի խորհրդին, ընդգծեց, որ սերը, հնազանդութիւնը, հեզութիւնը եւ խոնարհութիւնն այն առաքինութիւններն են, որոնք փոխել են, փոխում են եւ պիտի փոխեն այս աշխարհը` դարձնելով այն առաւել բարի եւ օրհնաբեր:

«Եւ այսօր մենք էլ` որպես Նրա աշակերտները, խօսք ենք լսում մեր Տիրոջից, որ ասում է. «Ահա քո Մայրը»: Սրբացնող եւ սրբարար այս խորանից տեսնում եմ այս աստուածակառոյց տաճարը` լեցուն բազում մայրերով, որոնց հաւատարմութեան, սրբութեան, հեզութեան, խոնարհութեան եւ հնազանդութեան օրինակն Աստուածամայր Ս. Կոյսն է: Մեզ համար մայր է ոչ միայն Ս. Աստուածածինը, այլեւ այն սուրբ երկիրը, որտեղ մենք ապրում ենք եւ որից ուժ, եռանդ ու հոգի ենք ստանում: Մայր է մեզ համար այն եկեղեցին, որի Ս. Աւազանից ծնվելով` անդամագրւում ենք Քրիստոսի Եկեղեցուն: Մայր է նաեւ Միածնաէջ այս Տաճարը, որի Աւագ Ս. Խորանը Տիրամօրն է նուիրուած: Սուրբ Կոյսի կեանքի օրերը դեռեւս նոր էին սկսվել, երբ ընծայուեց տաճարին, նոր էր Նա ճաշակել դեռատութեան քաղցրութիւնը, երբ դրան փոխարինեց մայրութեան բերկրանքին սպասելու օրհնաբեր աւետիսը: Այսօր, սիրելինե՛ր, Աստուածամայրը մեզ հետ չէ, այլ Նրա կենդանի օրինակն է մեզ հետ, եւ Նրա բարեխօսութիւնը` որպես բոլոր քրիստոնեաների մայր»,- նշեց Մուշեղ Սրբազանը:

Հաւարտ սրբազան արարողութեան, Ս. Տրդատի բաց խորանում կատարուեց «Խաղողօրհնեքի» հանդիսաւոր կարգը, որի ժամանակ շարականի երգեցողութիւնից յետոյ ընթերցուեց օրուայ խորհուրդն ամփոփող աւետարանական հատուածը, ապա Ս. Ներսէս Շնորհալու «Խաղողի օրհնութեան» աղօթքը:

Արարողութիւնից յետոյ խաղողի օրհնուած ողկոյզները բաժանուեցին հաւատացեալներին:

1

2

3

5

7

All Time Armenian Favorites Will Beat the Skyline in Beirut

0

Music lovers and KOHAR fans in both Lebanon and overseas will get the opportunity to experience the magical atmosphere of Armenian culture. This October, KOHAR will perform 4 consecutive concerts in Lebanon at Forum de Beyrouth on October 29, 30 & 31 and November 1, 2015.

Stay tuned for the latest news on the upcoming tour and follow our additional information.

All Time Armenian Favorites Will Beat the Skyline in Beirut

Սուրիոյ Քրիստոնեայ Բնակչութեան Գրեթէ Կէսը Գաղթած է Երկրէն

0

Վերջին տարիներու պատերազմական գործողութիւններու պատճառով` Սուրիոյ քրիստոնեայ բնակչութեան (որոնց շարքին տոկոսային աւելի կամ նուազ չափով նաեւ Սուրիահայութեան) գրեթէ կէսը գաղթած է երկրէն:

«Օգնութիւն աղէտեալ եկեղեցիներուն» միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Ճոն Նիւթոնի խօսքերով` մօտ 700 հազար քրիստոնեայ ստիպուած եղած  է հեռանալու երկրէն, Ինթերֆաքս-ի փոխանցմամբ կը գրէ The Christian Post կայքը:

«Սուրիոյ մէջ 1,75 մլն քրիստոնեայ կ’ապրէր մինչ պատերազմը: Ատիկա կը նշանակէ, որ սուրիացի քրիստոնեաներու մօտ 40%ը մեկնած է», յայտարարած է ան:

Մասնաւորաբար քրիստոնեաներով բնակեցուած Մաալուլա գիւղին մէջ, նախկին 3 հազար բնակիչներէն մնացած է միայն  քանի մը հարիւրը: Այս գիւղին մէջ կը  գտնուին հնագոյն քրիստոնէական եկեղեցիները, իսկ անոր բնակիչները կը խօսին գրեթէ անհետացած արամերէնով, որմով խօսած է Յիսուսը: 2013ին գրոհայինները գերեվարած էին տեղի վանքի վանական քոյրերը, որոնք յետոյ ազատ արձակուեցան:

Ըստ Նիւթոնի Իրաքի մէջ մօտ 120 հազար քրիստոնեաներ հեռացած են իրենց տուներէն, որոնցմէ շատերը մեկնած են երկրէն:

 

Գետնուղիի Պայթում Հալէպի Մէջ Եւ Հրթիռ Համիտիէի Մէջ. Կայ Հայ Վիրաւոր մը

0

12 Օգոս­տո­սի կէսօրուան ժամերուն, Մայսալուն շրջանին մէջ պայթեցաւ գետնուղի մը, որուն հետեւանքով քաղաքը ուժգին կերպով ցնցուեցաւ, ապա յարձակում գործուեցաւ շրջանի պետական հիւանդանոցին վրայ: Սուրիական բանակը ետ մղեց յարձակումը: Այս մասին կը յայտնէ Գանձասարի facebookի էջը։

Նոյն օրը Հալէպի Համիտիէ շրջանի Համալսարան տանող Մաարրի փոխադրակառքի մը վրայ ինկած հրթիռին պատճառով, վիրաւորուած է տարեց հայորդի մը՝ Կարպիս Հապէշեան: Ենթական հիւանդանոցն է եւ բարեբախտաբար անոր վիճակը մտահոգիչ չէ:

Վանի Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Պատարագը Կրնայ Չեղեալ Համարուիլ

0

Թուրքիոյ արեւելեան եւ հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ վերջերս տեղի ունեցող ռազմական գործողութիւններուն պատճառով, մեծապէս տուժած է տարածքի զբօսաշրջութիւնը: Թուրքիոյ մէջ տիրող վտանգաւոր մթնոլորտը իր բացասական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ նաեւէ պատմական Հայաստանի զբօսաշրջութեան համար մեծ հետաքրքրութիւն ներկայացնող վայրերուն վրայ: Այս մասին կը յայտնէ ermeniheberը, լուրը փոխանցելով «Թիւրքիէ Կազեթասի»էն։

Թրքական «Թիւրքիէ Կազեթասի» թերթը գրած է, թէ մասնաւորապէս Վան քաղաքին մէջ, ուր պանդոկները մշտապէս 90 տոկոսով յաճախորդներ կ՛ունենային, զբօսաշրջիկներու կողմէ գրեթէ բոլոր ամրագրումները ջնջուած են մինչեւ Հոկտեմբեր:

Վանի զբօսաշրջութեան միութեան նախագահ Ապտուլլահ Թունճտեմիր նշած է, թէ ռազմական գործողութիւններուն պատճառով, զբօսաշրջային գործակալութիւններու բոլոր ծրագիրները տակնուվրայ եղած են։

Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ամէն տարի Սեպտեմբերի երկրորդ Կիրակի օրը մատուցուող Ս. պատարագը, նուազ ուխտաւորներ ունենալու կամ ընդհանրապէս չեղեալ համարուելու հաւանականութիւնը կը դիմագրաւէ:

Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ պատարագին մասնակցելու համար արտերկրէ Վան ժամանել ցանկացող բազմաթիւ անհատներ եւ զբօսաշրջիկներու խումբեր՝ ապահովական նկատառումներով ջնջած են իրենց ծրագիրները։

 

 

Դիլիջանը Հայկական Զուիցերիա է

0

The Huffington Post

Հայաստանի աշխոյժ մայրաքաղաք Երեւանէն դէպի հիւսիս-արեւելք շուրջ 90 քմ․ անցնելով՝ մայրուղին կը նեղնայ վերածուելով լեռնային ճանապարհի: Դուք կը հասնիք Տաւուշի մարզ, որ յայտնի է հանգստավայրային Դիլիջան քաղաքով:

Արտասովոր տաք եւ խոնաւ ամառը կը ստիպէ «հայկական Զուիցերիա» ուղեւորուիլ հանգստացողներու ոչ միայն ամբողջ երկրէն, այլեւ Վրաստանէն, Ռուսիայէն եւ Իրանէն, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ: Այս մասին ըստ NEWS.amի՝ «The Huffington Post»ի մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ գրած է մարքեթինկի եւ PRի մասնագէտ Ճէքի Աբրահամեան:

«Հակառակ անոր, որ Դիլիջանը այսօր անտարբերութեան մատնուած է, վերջին շրջանին այստեղ բացուած ճաշարանները, «գիշերակաց եւ նախաճաշ» տիպի իջեւանատուները, հիւրանոցները եւ նոյնիսկ հիւրանոցային ցանցերը, օրինակ՝ «Best Western»ը, կը զարդարեն լանտշաֆթը՝ ակնկալիքով, որ ինչպէս շատերը յոյս ունին, անոնք Դիլիջանին այդքան սպասուած աշխուժութիւն կը բերեն:

Տնտեսական վերածնունդի հսկայական ծրագիրներով ձեռներէցներն ու մեկենասները նպատակ ունին Դիլիջանը վերածել կրթական, մշակութային, ժամանցի եւ ֆինանսական կեդրոնի ամբողջ տարածաշրջանի համար», գրած է ան:

 

Շուշիի Մէջ Պիտի Կայանայ Ասմունքի Համահայկական Չորրորդ Փառատօնը

0

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան, ԼՂՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ «Աւան Շուշի Փլազա» հիւրանոցի նախաձեռնութամբ ու աջակցութեամբ, Շուշիի մէջ Օգոստոս 17-21 պիտի իրականացուի՝ ասմունքի համահայկական 4րդ փառատօնը, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մամուլի գրասենեակը։

Փառատօնին պիտի մասնակցին 61 ասմունքողներ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն (ԱՄՆ, Լիբանան, Ուքրանիա, Պելառուս) նաեւ 42 ասմունքողներ Արցախէն:

Փառատօնի ծիրէն ներս մասնակիցները պիտի այցելեն Արցախի տեսարժան վայրեր:

100 Մեթր Երկարութեամբ Եռագոյնը Նեմրութի Բարձունքին

0

Հայոց Ցեղասպանութեան խորհուրդը կրող՝ 100 մեթր երկարութիւն ունեցող Եռագոյնը ծածանած է Նեմրութի բարձունքին՝ հին հայկական սրբավայրի մէջ: Այս մասին կը յայտնէ “Հայերն Այսօր”ը։

Օգոստոս 12ին հնագույն հայկական Ամանորի տօնի՝ Նաւասարդի առիթով (Օգոստոս 11), Հայոց Ցեղասպանութեան խորհուրդը կրող Եռագոյնը ծածանեցաւ նաեւ՝ Նեմրութ լերան բարձունքին գտնուող հայ աստուածներու յուշարձանախումբէն կազմուած հին հայկական սրբավայրի մէջ: Այս մասին ըստ «Հայերն Այսօր»ի կը յայտնէ Արցախեան ազատամարտի մասնակից, ֆոթոլրագրող, «Տիգրան Մեծ» բարեգործական հիմնադրամի նախագահ Սրապիոն Գէորգեանը, որ նաեւ 100 մեթր երկայնք ունեցող Եռագոյնի հեղինակն է:

Օգոստոս 12ի առաւօտեան հայ զբօսաշրջիկներէն կազմուած ուխտաւորներու խումբը սկսած է նուաճել լերան բարձունքը, որմէ ետք հնագոյն հայկական սրբավայրի շուրջ պարզելով Հայոց Ցեղասպանութեան խորհուրդը կրող դրօշը, շրջան կազմած է եւ 100 վայրկեան լռութեամբ յարգած է Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը:

Օգոստոս 11ին «Տիգրան Մեծ» հիմնադրամը յաջողած է Եռագոյնը ծածանել նաեւ՝ պատմական Հայաստանի Մեծ Հայքի Մոկք նահանգի Միջա գաւառի մէջ, Սարիխաչ լերան հարաւ-արեւմտեան լանջին, Ապարանէն Սուրբ Խաչ վանքի խաչքարերու շուրջ, որոնք իրենց 12-14 թոն կշիռքով եւ 6 մեթր բարձրութեամբ ոչ միայն աշխարհի ամենամեծ խաչքարերն են, այլ նաեւ հայ ազգի երբեմնի հզօր ուժի վկան:

Նշուած նախաձեռնութիւնները հնարաւոր եղած է իրականացնել «Ախթամար թուր» գործակալութեան աջակցութեան շնորհիւ: