Երկուշաբթի, 30. 06. 2025

CNN-ը Անդրադարձած է Հայկական Լիճք Գիւղի Առօրեային

0

Սեւանայ լիճի հարաւ­ արեւմտեան մասի` գողտրիկ լեռներով շրջապատուած Լիճք գիւղին մէջ, տարուան 8-­9 ամիսներուն գիւղը կ’իշխեն կանայք: Անոնք ամրակազմ, հաստատակամ կանայք են, որոնք խիզախօրէն հոգ կը տանին ոչ միայն իրենց ընտանիքներուն, այլեւ ամբողջ գիւղին մասին: Այս մասին կը յայտնէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով CNN­-ի Լիճք գիւղին նուիրուած խմբագրականը:

Հայկական Լիճքին մէջ շատ աշխատասէր կանայք կան, սակայն այստեղ չես գտներ շատ տղամարդիկ: Այս կանանց ամուսինները կը գտնուին հազարաւոր մղոններ հեռու` յատկապէս  Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ: Հայաստանի տնտեսութեան խնդիրներու պատճառով աշխատանքային տարիքի տղամարդոց  ստուար  հատուած մը մեկնած է արտերկիր` շինարարութեամբ աշխատելու համար: Աշխատանքի հիմնական բեռը այս պայմաններուն մէջ կը մնայ կանանց ուսերուն:

«Ամէն ինչ կ’ընեն խումբերով` հողի աշխատանքէն մինչեւ անասուններ պահելը եւ լաւաշ թխելը»,­ կը գրէ CNN­-ը: Ձմրան ամիսներուն, երբ երկար բացակայութենէ յետոյ կը վերադառնան տղամարդիկ, գիւղի բնակիչներուն համար իրական տօն կը սկսի. կեանքը կը լեցուի հարսանիքներով, ծնունդներով եւ խնճոյքներով: Լրագրող Ճուլիէն Փեպրել, երկու շաբաթ բնակած է այնտեղ` լուսանկարելով ու փաստագրելով գիւղացիներու կեանքը:

 

 

16 Օր Ետք Հալէպի Ժողովուրդը Ջուր Ու Ելեկտրականութիւն Ունեցաւ

0

16 օրուան ջուրի եւ ելեկտրականութեան ամբողջական անջատումէն ետք, Հալէպի մէջ աստիճանաբար միանալ սկսաւ ելեկտրական հոսանքը, որուն յաջորդեց ջուրը։ Ջուրը այժմ հասանելի է քաղաքի բոլոր շրջաններուն, իսկ ելեկտրականութիւնը օրական քանի մը ժամ կը միանայ։ Այս մասին կը յայտնէ Հալէպի «Գանձասար»ը:

Անցնող օրերուն, Հալէպի բնակչութիւնը ապրեցաւ տագնապալի օրեր՝ ջրհորներէն ջուր կրելով եւ օրական դրութեամբ ըմպելի ջուր գնելով։ Ընթացքին քաղաքի եկեղեցիներէն, մզկիթներէն, հայկական թէ տեղական կեդրոններէն ջրհորներու ջուր մատակարարուեցաւ բնակչութեան կը հաղորդէ «Գանձասար»ի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան:

Սբ. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը Եւ աւանդական Խաղողօրհնէքը Դամասկոսի մէջ

0

16 Օգոստոս 2015, Կիրակի, Սբ. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով առաջնորդական հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ Դամասկոսի Սբ. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Օրուայ Պատարագիչն էր Տ. Արմաշ Ս. Եպս. Նալպանտեանը, Առաջնորդ Դամասկոսի Թեմի, իրեն ընթերակայ ունենալով Տ. Աբգար եւ Տ. Հայարի Քահանայ Հայրերը: Յետ Սուրբ Պատարագի կատարուեցաւ աւանդական Խաղողօրհնէք, ի ներկայութեան Դամասկահայ բազմաթիւ հաւատացեալներու:

Ռումանիա; Ռումանիոյ Պոդոշան Քաղաքի Հայկական Գերեզմանատան Մէջ Օծուած է Սբ Աւետման Մատուռը

0

Ռումանիոյ Պոդոշան քաղաքին մէջ Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեանի ձեռամբ օծուած է քաղաքի հայկական հնամեայ գերեզմանատան Սբ Աւետման մատուռը, որ նորոգուած էր հայ բարերար տիկին Էմանուէլա Գոգոդա Ֆերհաթեան Կոյլաւի օժանդակութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն ռումանիոյ Հայոց թեմի մամուլի ծառայութենէն:

Մատուռի օծման կարգէն ետք՝ սրբազան հայրը Սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցած է նորաօծ մատուռին մէջ: Սբ պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնած է տիկին Էմանուէլա Գոգոդային, որ աստուածահաճոյ գործ կատարեց` վերանորոգելով Աստծոյ տաճարը: Իբրեւ  երախտագիտութեան նշան` Տաթեւ սրբազանը օրհնութեան գիր յանձնած է տիկին Էմանուէլա Գոգոդային:

Պոդոշան քաղաքի մէջ սրբազան արարողութեան ներկայ եղած են Ռումանիոյ հայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան, ՀՀ դեսպան Համլէթ Գասպարեան, Ռումանիոյ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վարուժան Փամպուքչեան, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր հաւատացեալներ Պուխարեստէն, Բիդեշդէն, Սուչաւայէն եւ Ֆոգշանէն:

Սբ պատարագէն յետոյ, ձեռամբ թեմակալ առաջնորդի, եկեղեցւոյ բակին մէջ օրհնուած է մատաղը եւ բաժնուած հաւատացեալներուն:

Լիբանան; Գեղարուեստական Երեկոյ Սուրբ Աստուածածին Վանքէն Ներս

0

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով եւ կազմակերպութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան, Ուրբաթ, 14 Օգոստոս 2015-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, մասնակցութեամբ Համազգայինի «Տաւիղ» նուագախումբին եւ ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի, տուտուկահար Յակոբ Քէլուկեանի, Շուի եւ Ֆլիւթ Կարօ Սուաքճեանի, ինչպէս նաեւ ՀԵՀՈՄ-ական երիտասարդ-երիտասարդուհիներու:

Բացման խօսքը կատարեց Օրդ. Դալար Թաթոյեան: Յայտագիրը սկսաւ Համազգայինի «Տաւիղ» նուագախումբի հայ եւ օտար երաժշտութիւններու ներկայացումով ու ասմունքով, որմէ ետք մենակատարներ տուտուկի, շուիի, դաշնամուրի եւ Ֆլիւթի հոգեթով նուագներով դիւթեցին մթնոլորտը: Ապա ՀԵՀՈՄականներ երեկոն ճոխացուցին հայկական դասական ու ազգային երգերով:

Փակման խօսքը կատարեց ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Նշան Վրդ. Լախոյեան ըսելով, թէ Աստուածամօր Վերափոխման տօնը աղօթքի, խունկի, շարականի կողքին նաեւ ուրախութեան ու ցնծութեան տօն է: Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ շատ են նման տօները, ինչպէս Վարդավառի, Խաչվերացի եւ այլն: Պէտք է ուրախութեամբ տօնել այս տօները, որովհետեւ անոնք յաթանակի տօներ են, եւ զանոնք պէտք է յիշատակել հայկական երաժշտութեամբ, հայ երգով ու պարով:

Խօսքի աւարտին հայր սուրբը իր շնորհաւորութիւններն ու գնահատանքը յայտնեց յայտագիրը ներկայացնող բոլոր մասնակիցներուն:

Վատիկան Հայ Կրօնաւորներու Նուիրուած Դրոշմաթուղթեր Պիտի Հրապարակէ

0

Վատիկանի դրոշմաթուղթերու բաժանմունքը հաղորդած է, թէ երկու հայ կրօնաւորներու` երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի նուիրուած դրոշմաթուղթեր պիտի հրապարակէ: Այս մասին կը հաղորդէ PanArmenian.am-ը։

Այս տարի 100-ամեակն էր Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն նահատակուած Մալոյեանի սպանութեան, իսկ այս տարուան ապրիլին, Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակեց Ս. Գրիգոր Նարեկացին, Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած պատարագին ընթացքին:

Գերմանական Համալսարանը Արգիլած Է Քննարկել Ցեղասպանութեան Հակասող Թեզերը

0

Թրքական «Ուլուսալ Քանալ»-ի կայքը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ Տուիզպըրկ Էսսեն համալսարանը որոշած է արգիլել Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան հակասող տեսակէտներու քննարկումը:

Համալսարանի թուրք ուսանողները պարտադրուած են 1915-ին տեղի ունեցածը ներկայացնել իբրեւ «հայերու ջարդեր»:

Ատոր իբրեւ պատասխան` «Խաղաղութեան եւ երկխօսութեան» միութիւնը նիւթին լուսաբանման համար աշխատանքներու կը ձեռնարկէ:

Անոնք համալսարանէն կը պահանջեն բաց նիստ իրականացնել, սակայն համալսարանը ատիկա չէ արտօնած:

Միութիւնը հարցին առնչութեամբ բանաձեւ ներկայացուցած է համալսարանի ղեկավարութեան, սակայն այդ ալ չէ ընդունուած:

Թուրքերը փորձած են համալսարանի հանրակացարանին մէջ թռուցիկներ բաժնելով ներկայացնել նիւթին առնչութեամբ իրենց դիրքորոշումը, սակայն անսպասելի արդիւնքի հասած են: Ոստիկանութիւնը հանրակացարան եկած եւ արգիլած է ցրուել թռուցիկները:

Նոր Գիրքեր՝ “Turkish Intellectuals Who Have Recognized the Reality of the Armenian Genocide” – Հեղինակ Համբարձում Աղպաշեան

0

*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*

Կիրակի, 30 Օգոստոս 2015ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Տաճարի ԿԻՐԱԿՈՍ սրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ վերոնշեալ գիրքին Շնորհանդէս-Գինեձօնը: Ձեռնարկը կազմակերպուած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 92 տարի շարունակ լոյս տեսնող՝ ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի պաշտօնաթերթ «Նոր Օր»ի վարչութեան եւ Լոս Անճելոսի մէջ 36 տարիէ ի վեր գործող Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան կողմէ:

Սոյն հատորը հրատարակուած է «Նոր Օր»ի վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու մեկենասութեամբ: Տպագրական ծախսերուն մասամբ օժանդակած են որոշ ազգայիններ, որոնց շնորհակալութեան յատուկ խօսք մը ըսուած է հատորին մէջ:

Համբարձում Աղպաշեան ծնած է Պաղտատ, Իրաք, Զէյթունցի ծնողքէ: Աւարտած է Պաղտատի համալսարանի Ելեկտրական Ճարտարապետութեան (Electrical Engineering) բաժինը: Մինչեւ Ա.Մ.Ն. գալը աշխատած է քանի մը ընկերութիւններու մէջ, նաեւ ունեցած է իր ընկերութիւնը: Ան փոքր տարիքէն մաս կազմած է Իրաքահայ գաղութի ազգային կեանքի ծառայութեանց: Եղած է Հ. Բ. Ը. Միութեան Մշակութային յանձնախումբի անդամ եւ ատենապետ: Նմանապէս ծառայած է Իրաքի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մշակութային յանձնախումբին մէջ:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գալէն ի վեր գործօն աշխատակիցն է՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Շրջանի “Նոր Օր» պաշտօնաթերթին:

Անգլերէնով գրուած 140 էջնոց այս գիրքը, շատ գեղեցիկ տպագրութեամբ, դիւրընթեռնելի եւ դիւրըմբռնելի ոճով շարադրուած է:

Բոլոր գրութիւնները լոյս տեսած են «Նոր Օր» եւ մաս մըն ալ «Մասիս» շաբաթաթերթերուն մէջ:

Հեղինակը լուրջ եւ հետեւողական աշխատանքով կրցած է վերջին մէկ-երկու տարիներուն, մօտ 100-է աւելի թուրք մտաւորականներու վկայութիւնները, խօսքերը եւ կարծիքները հաւաքել: Այս գիրքին մէջ ներկայացուած են միայն 50 մտաւորականներու տեսակէտները եւ արտայայտութիւնները, իսկ յաջորդ՝ երկրորդ հատորին մէջ, Համբարձում Աղպաշեան պիտի ներկայացնէ միւս 50 մտաւորականներունը: Աղպաշեան այդ մտաւորականներու կենսագրութիւններն ալ տուած է գիրքին մէջ:

Յիշենք, որ թրքահպատակ այս մտաւորականները ծագումով իսլամ, հրեայ, քրիստոնեայ, քիւրտ, ալաուի, ձախակողմեան եւ աջակողմեան, բարձր դիրքերու վրայ եղող մեծանուն հասարակական գործիչներ ու համալսարաններու դասախօսներ են, որոնք հաւատարիմ մնալով իրենց գիտութեան, խիղճին ու կոչումին, քաջութիւնը ունեցած են եւ կը շարունակեն ունենալ՝ բացէ ի բաց ճանչնալու այն բացայայտ ճշմարտութիւնը, որ Օսմանեան Կայսրութեան այդ շրջանի ղեկավարները ծրագրուած Ցեղասպանութեամբ աշխատեցան՝ հայ ժողովուրդը իր պապենական հողերէն արմատախիլ ընել՝ բռնի տեղահանելով զայն իր դարերու բնօրրանէն, մէկուկէս միլիոն հայերու ֆիզիքական բնաջնջումով եւ անոնց դարերու ընթացքին կուտակած նիւթական հարստութիւնները կողոպտելով:

Այս բոլոր իրողութիւններուն մասին հայերուն եւ ողջ աշխարհի մարդկութեան ու պետութեանց կողմէ պաշտօնապէս կամ անպաշտօն արտայայտութիւններ կ՛ըլլան, բայց ներկայ թուրք պետական այրերը զանոնք ժխտելով կը ժխտեն՝ հազարումէկ քաղաքական տգեղ խաղերու դիմելով:

Այս գիրքին մէջ Համբարձում Աղպաշեան կրցած է «ի բերանէ քումմէ»՝ իրենց մտաւորականներու բերնով տալ անժխտելի այն իրականութիւնը, որ հայերը հարիւր տարիէ ի վեր փորձած են ու կը փորձեն համոզել աշխարհը, թէ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրագործուած եւ անպատիժ մնացած Ցեղասպանութեան հարցը արդար լուծումի կարօտ է:

Արդարեւ այս հատորին մէջ մենք կը գտնենք այնպիսի վկայութիւններ եւ արտայայտութիւններ, որոնք նորութիւններ են նոյնիսկ հայերուս համար:

Այս գրութեամբ նպատակ չունինք գիրքը գրախօսելու, այլ ատիկա կը թողունք Կիրակի, 30 Օգոստոսի ձեռնարկին: Այդ օր ելոյթ պիտի ունենայ եւ գիրքը հանգամանօրէն ներկայացնէ Կլենտէյլ Գոլէճի դասախօսներէն, մօտ յիսուն տարիէ ի վեր Լոս Անճելոսի մէջ լոյս տեսնող անգլիատառ՝ «The Armenian Observer» թերթի տէր ու խմբագիր, ՌԱԿ-ի «Նոր Օր» հայատառ թերթի նախկին խմբագիր, ներհուն հրապարակախօս, Լոս Անճելոսի անգլիատառ հայ մամուլի նահապետներէն փրոֆ. Օշին Քեշիշեան:

Սրտի խօսքերով ելոյթ պիտի ունենան Ռ.Ա.Կ.ի Արեւմտեան Շրջանի եւ Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան ներկայացուցիչները:

Նմանապէս այդ օր սրտի խօսքով հանդէս պիտի գայ Կլենտէյլ Գոլէճի հանրածանօթ դասախօսներէն եւ այս գիրքի հեղինակ Համբարձում Աղպաշեանի ուսուցիչներէն՝ պատմաբան փրոֆ. Լեւոն Մարաշլեան:

Որպէս գեղարուեստական յայտագիրի մասնակից, այդ օր ելոյթ պիտի ունենայ հայ երգի մեկնաբան, քաղցրաձայն երգիչ Դաւիթ Սամուէլեան, իսկ Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան երիտասարդները երգով ու ասմունքով իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն յայտագիրին:

Այդ օր ներկաները բացառիկ հաճոյքը պիտի ունենան վայլելու՝ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան պատանեկան հանրածանօթ պարախումբի ելոյթը:

Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք տեղի պիտի ունենայ գիրքին գինեձօնի արարողութիւնը:

Ներկաները սեղաններու շուրջ գինիով եւ խորտիկներով պիտի հիւրասիրուին:

Ջերմօրէն կը հրաւիրենք հայ ժողովուրդը այս շնորհանդէին՝ յուսալով, որ անոնք իրենց հետ կը բերեն նորահաս սերունդի իրենց զաւակները, կարդալու եւ ծանօթանալու համար այս խիստ շահեկան գիրքի բովանդակութեան:

 

ՀՀ Կառավարութիւնը Ընդունեց ԼՂՀ-ին Ելեւմտային Վարկ Տրամադրելու Մասին Որոշումը

0

ՀՀ կառավարութիւնը Օգոստոս 18-ի նիստին ընդունեց՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ելեւմտային վարկ տրամադրելու մասին որոշումը: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

2015 թուականի երրորդ եռամսեակին կայունացման պահեստային հաշուի միջոցներէն՝ 9  միլիառ 600 միլիոն դրամի չափով ելեւմտային վարկ տրամադրել հայկական երկրորդ հանրապետութեան:

ՀՀ ելեւմտական (ֆինանսներու) փոխնախարար Արմէն Ալաւերտեան կառավարութեան նիստին նշեց, որ վարկը պիտի տրամադրուի տարեկան 8.5 տոկոս տոկոսադրոյքով` մինչեւ 2020 թուականի Սեպտեմբեր 10-ը մարելու ժամկէտով:

 

 

Չինաստանի Նախագահը Միջոցներ Յատկացուցած է Իրան-Հայաստան Երկաթուղագիծի Կառուցման Համար

0

Չինական կողմի համար Իրան-Հայաստան երկաթուղագիծը շատ կարեւոր է եւ Չինաստանի նախագահը այդ ճանապարհին համար գումարներ յատկացուցած է: Այս մասին ըստ Artsakhpress.am-ի, յայտարարած է ՀՀ փոխադրամիջոցի եւ կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեան:

«Չինաստանը շահագրիռ է մետաքսի ճանապարհի վերականգնման գործում: Դրա համար նման ծրագրերում գործունէութիւն ծաւալած չինական շատ կազմակերպութիւններ ունեն շահագրգռուածութիւն՝ այդ երկաթուղու կառուցման գործում ունենալու իրենց ուրոյն տեղը», ըսած է Բեգլարեան:

Նախարարը նաեւ նկատած է, որ իրենք ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի այդ ուղղութեամբ խնդիրները յաղթահարուին: «Երբեք չենք յայտարարել, որ դա շատ հեշտ է կառուցուելու եւ լուրջ խնդիրներ չունենք: Երկաթգծի կառուցումը բոլորիս է անհրաժեշտ», ընդգծած է նախարարը: