Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

Պարոնուհի Քերոլայն Քօքս Ուխտագնացութիւն Կազմակերպած է Դէպի Արցախ

0

Դարձեալ  Արցախ կը գտնուի  հայ ժողովուրդի բարեկամ, Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանի լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քերոլայն Քօքս՝ խումբ մը ուխտագնացներու հետ: Այս մասին կը յայտնէ Artsakhpress-ը։

Աղբիւրի համաձայն Քաշաթաղի «Մերան» պաշտօնաթերթի խմբագիր Զոհրապ Ըռքոյեան  յատնած է, որ ուխտագնացները պիտի գիշերեն Բերձորի՝ Հակարի գետի ափին ստեղծուած բանակավայրի մէջ:

Բերձորի մուտքի մօտ հիւրերը դիմաւորած են Քաշաթաղի շրջանային վարչակազմի ղեկավարի տեղակալներ՝ Արտուշ Մխիթարեանը, Յակոբ Սայամեանը եւ աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեանը:

Պարոնուհի Քօքս իր խօսքին մէջ նշեց, որ Արցախը իրեն համար հարազատ երկիր է պատերազմի տարիներէն ի վեր: Քերոլայն Քօքս իր խումբի անդամներուն, որոնց մեծ մասը առաջին անգամ է որ Արցախ կու գան, պատմեց գոյամարտի եւ արցախցիներու հերոսական պայքարի մասին: Խօսելով Քաշաթաղի շրջանի մասին ան նկատեց, որ հայ ժողովուրդը մշտապէս աւերակներու վրայ հիմնած ու ծաղկեցուցած է իր երկիրը:

Ուխտագնացութեան մասնակիցները քալելով Բերձորէն պիտի ուղղուին Շուշի եւ Ստեփանակերտ:

Նշենք, որ ուխտագնացներու շարքերուն մէջ են նաեւ Արցախեան գոյամարտի մասնակից հաշմանդամներ, որոնք բուժուած են Ստեփանակերտի Քերոլայն Քօքսի անուան վերականգնողական կեդրոնը: Անոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են պարոնուհիին՝ օժանդակելու եւ նման բժշկական հաստատութիւն հիմնելու համար, այնտեղ ուր բուժուած են բազմաթիւ հաշմանդամ ազատամարտիկներ: Ապա արտերկրէն ժամանած բոլոր ուխտագնացները, իբրեւ նուէր ստացած են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող գիրքեր ու սկաւառակներ, որոնք յատկացուած են Հայաստանի կառավարութեան կողմէ:

Թուրքիան Կը Վճարէ ԿՀՎ Տնօրէնին եւ Լոբբիստներուն` իւրտերու եւ ԻՊ-ի Դէմ Յարձակումները Խեղաթիւրելու Համար

0

 ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Վերջին շաբաթներու ընթացքին, ամբողջ աշխարհի մէջ, հրապարակուած են հազարաւոր յօդուածներ, որոնք կը մերկացնեն Թուրքիոյ ռազմավարական խաբէութիւնը` օգտագործելով «իսլամական պետութեան» դէմ պայքարի պատրուակը ձեռնարկելու համար ցեղասպանական ռմբակոծութեան արշաւ ընդդէմ քիւրտերու, որոնք խիզախօրէն կը դիմակայեն ԻՊ-ն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ:

«Ոււոլ սթրիթ ճըրնալ» (Wall Street Journal) թերթը Օգոստոս 12-ին տեղեկացուց, որ ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորական մը մեղադրած է Թուրքիան ամերիկեան կառավարութիւնը խաբելու մէջ` արտօնելով Ինճիրլիքի օդային կայանի օգտագործումը ԻՊ-ի վրայ յարձակելու համար իբրեւ ծածկ նախագահ Էրտողանի կողմէն պատերազմ հռչակելու քիւրտ զինեալներու (ՔԲԿ) դէմ Հիւսիսային Իրաքի մէջ: Մինչեւ օրս Թուրքիան իրականացուցած է 300 օդային յարձակում ՔԲԿ-ի, եւ միայն երեքը` ԻՊ-ի դէմ… Էրտողանի նպատակն է քիւրտերը պատժելու միջոցով շահիլ թուրք ընտրողներու համակրանքը յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ անոր կուսակցութեան բացարձակ մեծամասնութիւն ստանալ եւ մենատէր նախագահական կրօնապետութիւն հաստատել:

Անգարան, ամերիկեան հանրութեան խաբելու եւ մոլորութեան մէջ դնելու համար, քիւրտերու դէմ իր պատերազմը սկսելէն քանի մը օր յետոյ վարձեց «սքվայր փաթոն պոկս» ընկերութիւնը (Squire Patton Boggs) ամսական 32 հազար տոլարով, իբրեւ «Կեբարդ կրուփ» (Gephardt Group) հզօր լոբբիստական ընկերութեան ենթակապալառու: «Սքվայր փաթոն պոկս»-ի կազմին մէջ են նախկին ծերակուտականներ Թրենտ Լոթը, Ճոն Պրոն եւ Սպիտակ տան նախկին պաշտօնեայ Ռոպերթ Գաբլան: «Կեբարդ»-ի թրքական լոբբիստական խումբը կազմուած է հետեւեալ ենթակապալառուներէն. Կրինպըրկ Թրորիկ, Պրայեըն Ֆոռնի, Լիտիա Պոռլանտ եւ «Տիգշդայն Շաբիրօ» ընկերութիւն, վերջինը իր լոբբիստական աշխատակազմին մէջ վերջերս ընդունած է Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան (ԿՀՎ) նախկին տնօրէն Բորդըր Կոսը: Թուրքիոյ կողմէ վարձակալուած այլ լոբբիստական ընկերութիւններն են` «Կոլտըն սոլիւշընս»-ը (Goldin Solutions), «Ալփայթագ»-ը (Alpaytac), «Ֆին փարթնըրս»-ը (Finn Partners), «Ֆերահ Օզպեք»-ը (Ferah Ozbek) եւ «Կոլին/Հարիս ինթըրնէշընըլ»-ը (Golin/Harris International): Ըստ ԱՄՆ արդարադատութեան բաժանմունքի տեղեկութիւններուն` Թուրքիան տարեկան շուրջ 5 միլիոն տոլար կը վճարէ այս լոբբիստական/PR ընկերութիւններուն: Բացի այդ, շահոյթ չհետապնդող քանի մը ամերիկեան կազմակերպութիւններ իբրեւ ճակատ կը ծառայեն թրքական կառավարութեան համար` նպաստելու անոր շահերուն Միացեալ Նահանգներու մէջ, Քոնկրէսի անդամներն ու լրագրողները հրաւիրելով Թուրքիա ամբողջովին վճարուած զբօսախնճոյքներու համար:

Թուրքիոյ համար աշխատող ամերիկեան լոբբիստներէն, հաւանաբար ամենավիճահարոյցը Բորդըր Կոսն է` 2004-2006 թուականներուն ԿՀՎ տնօրէնը, որ համաձայնած է ծախել իր հոգին, հաւանաբար եւ Միացեալ Նահանգներու ազգային գաղտնիքները, բուռ մը թրքական լիրայի համար:

Յատկանշական է, որ համաձայն «Օտարերկրեայ  գործակալներու արձանագրութեան մասին» օրէնքին, Արդարադատութեան բաժանմունքին Կոսի ներկայացուցած զեկոյցին մէջ ան խուսափած է պատասխանել թրքական կառավարութեան կողմէ իր վարձատրութեան վերաբերեալ հարցին: Ան պարզապէս գրած է. «Աշխատավարձը հիմնուած չէ միայն օտարերկրեայ յաճախորդին (Թուրքիա) մատուցուող ծառայութիւններուն վրայ»…

2015 թ. Ապրիլ 23-ին ներկայացուցած իր զեկոյցին մէջ Կոս հետեւեալ կերպ կը նկարագրէ իր ծառայութիւնները Թուրքիոյ.

1) Ապահովել խորհրդատւութիւն թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ ամրապնդման առնչութեամբ շարք մը առանցքային ոլորտներու մէջ, որոնք քննարկման առարկայ են Քոնկրէսին համար, ներառեալ առեւտուր, ուժանիւթային անվտանգութիւն, հակաահաբեկչական ջանքեր եւ ջանքեր տարածաշրջանային կայունութիւն ապահովելու համար Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրոպայի մէջ:

2) Իրազեկել Քոնկրէսի անդամներն ու ԱՄՆ վարչակազմը Թուրքիոյ համար կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերու մասին:

3) Տեղեկացնել Թուրքիան Քոնկրէսի կամ գործադիր իշխանութեան իւրաքանչիւր որոշման մասին, որ կը վերաբերի Թուրքիոյ համար կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերուն:

4) Պատրաստել իրադարձութիւններու վերլուծութիւն` Քոնկրէսի եւ գործադիր իշխանութեան մօտ Թուրքիան յուզող հարցերուն մասին:

Յատկանշական է, որ Կոսի գործատէրը` «Տիգշդայն Շաբիրո»-ն, խաբած է Արդարադատութեան նախարարութիւնը` անոր ծառայութեան մեկնարկէն երկու օր, եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն երեք օր առաջ զեկուցելով, որ ԿՀՎ նախկին տնօրէնը իր լոբբիստական ընկերութեան անունով արդէն հանդիպած է Քոնկրէսի ինը անդամներու հետ` քննարկելու «ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւնները»:

Ամենայն հաւանականութեամբ, իբրեւ լոբբիստ Փորդըր Կոսի վարձումը Թուրքիոյ համար, պարգեւատրում էր թրքական հարցերու մէջ անոր հաւատարիմ աջակցութեան` 1989-2004 թուականներուն Ֆլորիտայէն հանրապետական քոնկրէսական եղած ժամանակ: 2000 թ. Հոկտեմբերին Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովում Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի քննարկման ժամանակ քոնկրէսական Կոսը, այն ժամանակ Ներկայացուցիչներու պալատի հետախուզութեան յանձնաժողովի նախագահ, դէմ արտայայտուեցաւ բանաձեւի ընդունման, իբրեւ արդարացում օգտագործելով այն, որ ատիկա կրնայ վնասել թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները: Այնուամենայնիւ, ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը ընդունուեցաւ 24 կողմ, 11 դէմ ձայներով:

Շատ ամօթալի է, որ Քոնկրէսի նախկին անդամները իրենք զիրենք կը վաճառեն ոեւէ մէկուն, որ պատրաստ է իրենց դրամ տալ: Սակայն, ԿՀՎ-ի տնօրէնը՞… Ասիկա ոչ միայն անբարոյականութիւն է, այլեւ լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ ԱՄՆ ազգային անվտանգութեան: Ամերիկեան կառավարութիւնը պէտք չէ թոյլ տայ իր բարձրագոյն լրտեսի վաճառքը ամենաբարձր գին առաջարկողին… Ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ յանկարծ Հիւսիսային Քորէան աւելի բարձր գին առաջարկէ անոր: Մի՞թէ Կոսը պիտի նետուի լոբբինկ ընելու թշնամի պետութեան օգտին` պարզապէս քանի մը տոլար աւելի վաստակելու համար:

Մայր Բնութիւնը Ինձմով Կը Զբաղի

0

ՌՈՊԵՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ

Յուլիսին քսանը անցած էինք, ու արեւը կը կիզէր ամբողջ քաղաքը: Առտուան կանուխ ժամերուն, երբ վստահ էի, որ քաղաքին մեծամասնութիւնը դեռ կը քնանար, արեւը արդէն կը սկսէր քրտինք հոսեցնել ճակտէս: Ես, որ ամէն առտու կանուխ կ՛արթննամ ու տակաւին բնակարանիս մէջ իսկ կանուխէն աշխատելու կը սկսիմ, երբեմն պատուհանը կը բանայի, որպէսզի Սեւ ծովուն կողմէն գալիք թեթեւ հով մը ձերբակալէի, թեթեւ հովով մը զովացնէի կուրծքս, բայց ի զուր: Այդքան կանուխ` օդը տաքցած էր արդէն եւ միայն տաք շունչ մըն էր, որ կը ներքաշէի:

– Լա՛ւ, ըսի, ժամանակը եկած է, որ առտուները, գործի երթալէ առաջ ծովու լոգանք մը առնեմ աճապարանքով: Զովանամ: Կ՛ազդուրուիմ: Անկէ ետք աւելի աշխոյժ կ՛աշխատիմ:

Որոշեցինք յաջորդ օրուընէ սկսեալ կէս ժամ աւելի ուշ ճամբայ ելլել: Շատ ուրախ էի: Բայց երբ յաջորդ առաւօտ արթնցայ, արդէն զգացի, որ դուրսը մռայլ օդ մը կար: Ելայ, նայեցայ: Գորշ ամպեր ամբողջովին գրաւած էին երկինքը, դիմացէն ահաւոր հով մը կը փչէր դէպի մեր կողմը, ծովը կատղած էր: Հասկցայ, որ պիտի չկարենայի իրականացնել ծրագիրս:

– Հոգ չէ, վաղը ծով կը մտնեմ,- մտածեցի:

Բայց հովը ամբողջ օրը շարունակուեցաւ, ծովը երբեք չհանդարտեցաւ կարծես, թէ տակաւին երէկ չէր, որ քաղաքը կ՛եփէր արեւուն տակ:

Յաջորդ օր դարձեալ սաստիկ հով կար, հսկայ ալիքներ կը ծեծէին ծովեզերքը, բայց այս անգամ քաջութիւնը ունեցայ ու գացի ծովեզերք: Ցատկեցի ջուրին մէջ, լողացի կուրծք տալով խոշոր ալիքներուն, որոնք պաղ էին քիչ մը, բայց հաճելի: Միայն թէ տասն անգամ աւելի հաճելի պիտի ըլլար, եթէ ծովը հանդարտ ըլլար, խաղաղ, եւ ես լողայի առանց պայքարելու ալիքներուն դէմ:

– Հոգ չէ, վաղը անպայման աւելի հանդարտ պիտի ըլլայ,- մտածեցի, շուտիկ մը գործս աւարտեցի, անկէ վերջ խմբագրատուն եկանք:

Երբ խմբագրատուն հասանք, անդրադարձայ, որ արեւը արդէն տաքցած էր ու կը խաշէր քաղաքը: Ցաւեցայ, որ սա արեւը կէս ժամ աւելի կանուխ չէր յայտնուած:

Զարմանալին այն էր, որ յաջորդ առաւօտ ալ նոյնը կրկնուեցաւ: Յուլիս ամսուան համար ծայր աստիճան անբնական օդ էր, հովը ուժեղ կը փչէր, կը մսեցնէր: Այդուհանդերձ ցատկեցի ծովը ու ջանացի քիչ մը լողալ: Ալիքները չարտօնեցին: Կարճ կապեցի, ելայ, խմբագրատուն վերադարձայ:

Հինգ օրէ ի վեր հովը կը շարունակուի ու ես յամառօրէն կ՛երթամ ծովեզերք: Յամառօրէն կը կարծեմ, թէ հիմա արեւը պիտի յայտնուի, ու հովը պիտի դադրի: Բայց ոչ արեւը կը յայտնուի, ոչ հովը կը դադրի, ոչ ալ ծովը կը հանդարտի: Վերջապէս հասկցայ: Օդի այս անակնկալ ու անբնական փոփոխութեան պատճառը ես էի: Օդը խանգարուած էր պարզապէս անոր համար, որ ես որոշած էի առտուները կէս ժամ ուշ երթալ ու ծովու լոգանք առնել: Եթէ յուսահատէի, եթէ ըսէի, որ անօգուտ է, ես կը հրաժարիմ առտուները ծով մեկնելէ, ելլեմ ու առաջուան նման կանուխէն խմբագրատուն երթամ, այն ատեն վստահաբար ամէն ինչ պիտի բարելաւուէր, օդը կրկին պիտի տաքնար, հովը պիտի դադրէր, ծովը պիտի հանդարտէր, դրախտային գեղեցկութիւն պիտի ստեղծուէր իմ բացակայութեանս: Կը բաւէր, որ ես ձգէի ու գործի երթայի:

Հիմա գիտեմ, որ մայր բնութիւնը ինձմով կը զբաղի: Միլիառներով մարդ կայ երկրագունդին վրայ, բայց ան ալ միլիառները մէկ կողմ թողած է եւ ինձմով կը զբաղի, իմ շարժումներուս ու մտածումներուս կը հետեւի, իմ զգացումներուս ու մտածումներուս համաձայն է, որ կը կարգադրէ իր գործերը: Անշուշտ կը գործէ հակառակ ուղղութեամբ: Եթէ տաքը կ՛ուզեմ, ցուրտը կը ղրկէ: Եթէ ցուրտը կը փնտռեմ, արեւը կը շողացնէ: Եթէ արեւը ուզեմ, ամպ կ՛ունենամ: Եթէ արձակուրդ ունիմ, օդը տակնուվրայ կ՛ըլլայ: Եթէ աշխատանքի պէտք է իջնեմ, կը ստիպուիմ դրախտային գեղեցկութիւնները ետին թողուլ ու ներսը բանտարկուիլ: Մայր բնութիւնը իր բոլոր գործերը կը կարգադրէ՝ կարծես իմ ներաշխարհիս զարկերուն ականջ տալով եւ անոնց հակառակը գործելով: Հոգ չէ, ես ասիկա պատիւ մը կը նկատեմ: Մայր բնութիւնը ինծի թշնամի չէ, գիտեմ, ես լուրջ գանգատներ չունիմ ո՛չ մայր բնութենէն, ոչ ալ բախտէս, բայց ինչ ընել, որ մայր բնութիւնը կը սիրէ խաղեր սարքել ինծի, կը սիրէ անվնաս փոքրիկ նեղութիւններ պատճառել, կը սիրէ յուսախաբ ընել, զրկանքներ ղրկել ինծի: Բայց միայն օդն ու կլիման չեն, որ կը տնօրինուին իմ հակումներուս դէմ, տակաւին շատ բան կախեալ է իմ տրամադրութիւններէս: Եթէ աճապարանք ունիմ, ճամբան կը խճողուի, ժամանակն ալ չափէն աւելի շուտ կ՛անցնի: Եթէ յոգած եմ, շարունակ այցելուներ կու գան քովս: Եթէ բարեկամի մը օժանդակութեան պէտք ունիմ, բարեկամիս հեռաձայնը չի պատասխաներ: Եւ դեռ այսպիսի շատ բաներ: Եւ ասիկա կ՛ընէ անտարակոյս անոր համար, որ մայր բնութիւնը շատ կը սիրէ զիս: Ան ունի նաեւ թաքուն ուրիշ նպատակ մը: Ամէն վայրկեան ինծի յիշեցնել, թէ կեանքի մէջ միշտ պատրաստ պէտք է ըլլանք յարմարելու մեր կամքէն անկախ, մեր փափաքներուն ներհակ կացութիւններու:

Երբեմն ես ինծի կը հարցնեմ, թէ արդեօք չե՞մ կրնար խաբել մայր բնութիւնը, չե՞մ կրնար իմ փափաքներս ու նախասիրութիւններս գաղտնի պահել մայր բնութենէն, որպէսզի ան անոնց հակառակը չգործէ, չե՞մ կրնար սուտ ու կեղծ փափաքներ արտայայտել, որպէսի լոլոզեմ: Պատասխանը գիտեմ: Կարելի չէ: Մայր բնութիւնը հայելիի նման կը տեսնէ մեր ներաշխարհը: Մենք գաղտնի բան չունինք անկէ:

Հիմա վստահ եմ, որ վաղն ալ հովը պիտի փչէ: Գալով ձեզի սիրելի ընթերցողնե՛ր, եթէ կ՛ուզէք, որ օդը լաւ ըլլայ, խնդրեցէք ինձմէ, որ հրաժարիմ առտուները ծով մտնելէ:

Խաղողօրհնէք եւ Մատաղօրհնէք Քեսապի Մէջ

0

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, Կիրակի, 16 Օգոստոս 2015-ին,Էսկիւրէնի (Ներքի գիւղ) Ս․Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեանի: Յաւարտ Ս․ Պատարագին տեղի ունեցաւ հաւաքական խոստովանանք եւ մատուցուեցաւ Ս. Հաղորդութիւն: Ապա եկեղեցւոյ կից գտնուող հնադարեան Սօսիին տակ տեղի ունեցաւ աւանդական խաղողօրհնէքի եւ մատաղօրհնէքի արարողութիւն։ Այս մասին կը հաղորդէ Սուրիոյ «Գանձասար» շաբաթաթերթը:

Քեսապցի երիտասարդներ գիշերուայ ուշ ժամերէն սկսեալ լծուած էին Հարիսան պատրաստելու կամաւոր աշխատանքին։

Հաւատացեալները, առաւօտեան վաղ Ժամերէն, իբրեւ ուխտաւորներ, Հաւաքուած էին Էսկիւրէնի ուխտավայր հաղորդակից ըլլալու համար օրուան խորհուրդին եւ վայելելու համեղ Հարիսան ու օրհնուած խաղողը:

Երեւանեան 9-րդ Երաժշտական Փառատօնը Հայաստան Կը Բերէ Յայտնի Երաժիշտներ

0

Երեւանեան 9-րդ երաժշտական փառատօնի մեկնարկը պիտի տրուի մեծահռչակ ջութակահար Վատիմ Ռեբինի (Ռուսաստան) մենակատարութեամբ: Փառատօնը պիտի մեկնարկէ Սեպտեմբեր 10-ին: Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ մինչեւ Հոկտեմբեր 28-ը շարունակուող փառատօնի ընթացքին պիտի կայանան մէկ տասնեակէ աւելի համերգներ, ելոյթ պիտի ունենան յայտնի երաժիշտներ` Պարրի Տուկլաս, դաշնամուր (Իռլանտա), Վենցել Ֆուխս, քլարինէթ (Գերմանիա), Քիմ Քաշքաշեան, ալտ (ԱՄՆ), Իտա Գաւաֆեան, ալտ (ԱՄՆ), Անի Գաւաֆեան, ջութակ (ԱՄՆ), Լեւոն Չիլինկիրեան, ջութակ (Մեծ Բրիտանիա) եւ ուրիշներ:

Երեւանեան միջազգային երաժշտական փառատօնի կազմակերպիչն է Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը: Փառատօնը կ՝իրականացուի ՀՀ Առաջին Տիկին Ռիթա Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեամբ եւ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ: Փառատօնի գեղարուեստական ղեկավարներն են Ալեքսանդր Չաուշեան եւ Էդուարդ Թօփչեան:

Արտօ Թունջպոյաճեան Վենետիկի Մէջ Հանդէս Եկած է Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Համերգին

0

Հարուածային գործիքներու յայտնի վարպետ Արտօ Թունջպոյաճեան հանդէս եկած է Վենետիկի մէջ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած համերգին։ Այս մասին կը գրէ News.am-ը` վկայակոչելով իտալական շրջանային  NordEst Quotidiano պարբերականը:

Համերգը տեղի ունեցած է Jazz im Pro-Armenia 1915-2015 ծրագիրին ծիրէն ներս, որուն կազմակերպիչներն են Հայկական մշակոյթի հետազօտութեան եւ արձանագրման վենետիկեան կեդրոնը եւ արուեստի «Գալիկուլա» ընկերակցութիւնը:

Armenian Dream ծրագիրի կազմակերպիչն ու հեղինակն է Իտալիոյ մէջ բնակող ֆրիուլներու փոքրաթիւ ազգի ներկայացուցիչ, դաշնակահար եւ երաժշտահան Գլաուտիօ Գոյանիսը: Համերգը տեղի ունեցած է վենետիկեան Բալացցօ Կրասսի թատերասրահին մէջ:

Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Գերեզմանաքարեր Գտնուած են

0

Թուրքիոյ եւրոպական հատուածին մէջ գտնուող Թեքիրտաղ նահանգի Մալքարա գաւառին մէջ ջուրի խողովակներու վերանորոգման համար փորուած փոսին մէջ յայտնաբերուած են շիրմաքարեր:

Վկայակոչելով թրքական «Posta» կայքը` ermenihaber.am կը յայտնէ, թէ թիւով 8 գերեզմանաքարերը յայտնաբերուած են 1.5 մ խորութեան վրայ: Այդ թաղամասի բնակիչները հաղորդած են, որ բոլոր 8 շիրմաքարերն ալ բեռնատարով տեղափոխուած են պահեստ` աւելի ուշ ուսումնասիրութեան ուղարկելու համար:

Կը նշուի, որ գերեզմանաքարերը բաւականին ծանր  եղած են եւ ատոնցմէ իւրաքանչիւրը բարձրացնելու համար անհրաժեշտ եղած է  քանի մը մարդու ուժ:

Տեղի բնակիչներէն մէկը` Լեւանթ Պալճըն, լրագրողներուն յայտնած է, որ այդ վայրը անցեալին հայկական գերեզմանոց եղած է:

Թուրքիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ Պոլսահայ Բանաստեղծ Վարդ Շիկահերի Նոր Հատորը՝ «Պարտիզակ»ը

0

Պոլսահայ բանաստեղծ Վարդ Շիկահեր հրապարակեց նոր հատոր մը, որ կը կրէ «Պարտիզակ» խորագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։

Հատորը ամբողջութեամբ նուիրուած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գտնուող Պարտիզակ աւանին, որ իր ուրոյն տեղը ունի արեւմտահայ գրականութեան եւ մշակոյթին մէջ: Հատորին մէջ տեղ գտած են արձակ եւ բանաստեղծական գրութիւններ:

Պոլիս; Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղին՝ Վաքըֆի Մէջ Պատարագ Մատուցուած է Ս. Աստուածածնայ Տօնին Առիթով

0

Թուրքիոյ միակ  հայկական գիւղին մէջ` Հաթա նահանգի Սամանտաղ շրջանը գտնուող Վաքըֆի մէջ, Սբ. Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով պատարագ մատուցուած է: Այս մասին կը հաղորդէ ermenihaber.am-ը։

Պատարագը մատուցած է Պոլսոյ հայ պատրիարքի փոխանորդ արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեան` Աւետիս Թաբաշեանի օգնութեամբ: Պատարագին մասնակցած են Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (ԺՀԿ CHP) պատգամաւոր հայ Սելինա Տողան եւ քրտամէտ ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ – HDP) հայ պատգամաւոր Կարի Փայլան:

Պատրիարքի փոխանորդը օրհնած է եկեղեցւոյ մէջ բոլոր ներկայ գտնուողներուն: Պատարագէն յետոյ եկեղեցւոյ  բակին մէջ պատրաստուած եւ այցելուներուն  բաժնուած է աւանդական հայկական հարիսա:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին՝ Սելինա Տողան նշած է, որ կը շնորհաւորէ ողջ աշխարհի հայերը Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով, մաղթելով օրհնուած բերքի առատութիւն:

«Խորհրդարանին մէջ իմ առաջին քայլս պիտի ըլլայ ապահովել  ատելութեան վրայ հիմնուած յանցանքներուն հետ կապուած օրինագիծի` հնարաւորինս արագ կեանքի կոչումն ու կիրառումը: Մենք բոլորս հասարակական համերաշխութեան, եղբայրութեան եւ դրական երկխօսութեան կարիքը ունինք: Իսկ ատոր համար համապատասխան օրինական հիմք  պէտք է»,- ըսած է Սելինա Տողան` աւելցնելով, որ օրէնսդիր մարմինի աշխատանքները սկսելուն պէս ինք պիտի սկսի աշխատիլ այդ ուղղութեամբ:

Վրաստան; Թիֆլիսի Մէջ Հայ֊-Վրացական Դպրոց կը Կառուցուի Հազար Աշակերտի Համար

0

Թիֆլիսի Մեթրոմշէնի (Մեթրոշին) խտաբնակ աւանին մէջ կը կառուցուի հայ­ վրացական թիւ 103 դպրոցը, որ նախատեսուած է հազար աշակերտի համար:

Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-­ը, հաղորդած է Վրաստանի կրթութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: «103­-րդ  հանրային դպրոցը մեծ նախագիծերէն մէկն է, աւելին, վերջին 20-­30 տարուան նման մեծ դպրոց չէ կառուցուած»,­ յայտարարած է Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Թամարա Սանիկիձեն, որ տեղուոյն վրայ ծանօթացած է շինարարական աշխատանքներու ընթացքին:

«Նախագիծը կարեւոր է, նկատի ունենալով այն, որ ատիկա խառն դպրոց է, վրացական դպրոց, ուր կայ բաւականին մեծ հայկական հատուած… Մենք առաւելագոյնս կը ջանանք օգնել  ցեղային փոքրամասնութիւններուն, որպէսզի անոնք լիարժէք ու լաւ ընդելուզուին ուսումնական գործընթացին»,­ նշած է Սանիկիձեն: Նոր դպրոցը պիտի համապատասխանէ ժամանակակից չափորոշիչներուն: Նախագիծի արժէքը շուրջ 5,5 մլն լարի է: Նոր դպրոցի կառուցման աշխատանքները սկսած են այս տարի եւ կ’աւարտեն յաջորդ տարի: