Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

«Վերադարձ»ի Մը Ենթագետինը

0

 ԱՐԱ  ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ                                                                                                                                                «Ժամանակ», Պոլիս

Ան­ցեա­լի մէջ դա­ւա­նա­փոխ կամ կրօ­նա­փոխ ե­ղած հայ ան­հատ­նե­րու, ըն­տա­նիք­նե­րու մե­րօ­րեայ շառաւիղ­նե­րուն հա­յու­թեան «վե­րա­դար­ձի» խնդի­րը, եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կը զբա­ղեց­նէ հայաշխարհի օ­րա­կար­գը։ Ընդ­հան­րա­ցած բա­նա­ձե­ւու­մով` ծպտեալ հա­յե­րու հար­ցը…: Իս­կա­պէս սակաւաթիւ են այն նիւ­թե­րը, ո­րոնք հա­յու­թեան բո­լոր հա­տուած­նե­րու հե­տաքրքրու­թեան ա­ռար­կայ են այս աս­տի­ճան, սա­կայն տուեալ պա­րա­գա­յին նուա­զա­գոյն մա­կար­դա­կի վրայ է քոն­սեն­սիւ­սը։

Խնդի­րը բարդ է ու ծանր. միանշա­նակ։ Դար մը ա­ռաջ՝ 1915-ին, կարգ մը հա­յեր ան­հա­տա­պէս կամ հա­ւա­քա­բար ե­ղած են կրօ­նա­փոխ, փո­խած են դա­ւա­նանք՝ Ա­նա­տո­լուի այդ շրջա­նի հա­յաբ­նակ, հա­յա­հոծ գա­ւառ­նե­րուն մէջ, փրկուե­լու հա­մար դա­ժան ճա­կա­տագ­րի ող­բեր­գա­կան հե­տե­ւանք­նե­րէն։ Մեծ ե­ղեռ­նի 100-րդ տա­րե­լի­ցին խնդի­րը վերս­տին հա­յու­թեան դի­մաց ծա­ռա­ցած է բա­զում ծալ­քե­րով։ Սա կը վե­րա­բե­րի թէ՛ հե­տե­ւանք­նե­րու յաղթահարման եւ թէ ան­ցեա­լի հա­շիւ­նե­րու եզ­րա­փակ­ման։ Այն, որ նիւ­թը կ՚ա­ռըն­չուի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հետ կամ ձե­ւով մը կ՚ա­ծանցուի ա­նոր՝ ին՛չ խօսք, որ ա­ռա­ւել ծան­րակ­շիռ հան­գա­մանք մը կը վե­րագ­րէ հար­ցե­րուն, որոնք հա­սուն­ցած են վա­ղուց։ Ի լրումն այս բո­լո­րին, 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ ա՛լ ա­ւե­լի նուրբ բնոյթ մը կը ստա­նայ այս խրթին հիմ­նա­հար­ցը, ո­րու դրսե­ւո­րում­նե­րը կը ստեղ­ծեն վե­րի­վայ­րում­ներ։ Ե­րե­ւոյթ մը, որ կը պա­հան­ջէ հա­ւա­քա­կան գի­տակ­ցու­թիւն։ Ա­մէն ան­գամ, որ այս հար­ցը գե­տի նման վա­րա­րի, քննարկումները կ՚ըլ­լան ա­ւե­լի բուռն։ Նոյ­նը ե­ղաւ նաեւ պա­րա­գան վեր­ջին, թարմ օ­րի­նա­կին շար­ժա­ռի­թով, երբ Հա­մա­հայ­կա­կան 6-րդ խա­ղե­րուն բե­րու­մով Հա­յաս­տան մեկ­նած ե­րեք ծպտեալ հա­յեր չյա­ջո­ղե­ցան մկրտուիլ, հակա­ռակ ի­րենց յա­մառ փա­փա­քին։ Ար­ձա­գանգ­նե­րը ե­ղան գրե­թէ ան­նա­խըն­թաց։

Թէ ինչ­պէ՞ս է հար­ցին ընդ­հա­նուր դրուած­քը, ի՞նչ տուեալ­ներ գո­յու­թիւն ու­նին հա­շուի առ­նե­լու հա­մար անհրաժեշտօ­րէն։ Պարզ է, որ հա­յու­թեան բո­լոր խա­ւե­րը նոյն բա­նը կը տես­նեն այ­սօր՝ նա­յե­լով հա­րիւր տարուան վա­ղե­մու­թեամբ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մայ­նա­պատ­կե­րին։ Անց­նող մէկ դա­րը ան­շուշտ չէ ան­հե­տա­ցու­ցած ե­ղեռ­նա­կան դէպ­քե­րուն թո­ղած խոր հետ­քը, բայց ըն­կա­լում­նե­րու կամ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րու տարբերու­թիւն­նե­րը նուի­րա­գոր­ծած է եւ հա­յու­թեան բո­լոր հա­տուած­նե­րը հա­սած են հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րա­րի մը։ Այս­տեղ ե­թէ հար­ցը ա­ռա­ջին հեր­թին ան­ցեա­լի մա­սին է, ա­պա ծպտեալ­նե­րու պա­րա­գա­յին՝ ներ­կա­յի եւ ապագա­յի մա­սին։ Այս է պատ­ճա­ռը, որ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներն ու դի­տար­կում­նե­րը կը տար­բե­րին ի­րար­մէ՝ տե­սան­կիւն­նե­րէ կա­խեալ ձե­ւով։ Ծպտեալ­նե­րու պա­րա­գան էա­պէս տար­բեր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի կամ կը ստանայ՝ նա­յած Հա­յաս­տա­նէն, Պո­լի­սէն եւ կամ այլ տե­ղէ։ Բո­լո­րը ի­րենց դի­տան­կիւ­նէն կը տես­նեն հար­ցին միայն մէկ ե­րե­սա­կը եւ տա­րա­կոյս չկայ, թէ մաս­նա­կի պատ­կե­րա­ցում­նե­րով ան­կա­րե­լի է տի­րա­պե­տել հար­ցի ամբող­ջու­թեան՝ բո­լոր ծալ­քե­րով։

Ըստ ե­րե­ւոյ­թին այս հար­ցին ա­ռողջ ու հա­մա­պար­փակ լու­ծում մը գտնե­լու, զայն բո­լո­րին հա­մար հաւասարապէս ըն­դու­նե­լի հու­նի մը մէջ դնե­լու ա­ռու­մով  գո­յու­թիւն ու­նին եր­կու նա­խա­պայ­ման­ներ։ Ա­ռա­ջի­նը՝ հար­ցը հնա­րա­ւո­րինս զերծ պա­հել զգա­ցա­կան հար­թու­թե­նէ եւ երկ­րոր­դը՝ խնդի­րը հե­ռու պա­հել շա­հար­կում­նե­րէ։ Այս եր­կու­քը թէեւ ան­բա­ւա­րար են, բայց նաեւ անհ­րա­ժեշտ՝ ա­մէն ինչ սկզբուն­քա­յին մա­կար­դա­կի վրայ դնե­լու եւ ա­ռողջ լու­ծում մը ո­րո­նե­լու հա­մար։ Սա գե­տին պի­տի պատ­րաս­տէ յստակ ու նպա­տա­կաս­լաց չա­փա­նիշ­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման։ Ար­դա­րեւ միայն ա­նոնց որ­դեգ­րու­մով կա­րե­լի է կան­խել քմա­հա­ճու­թիւն­նե­րը, ենթակայականութիւն­նե­րը, նաեւ կրկնա­կի չա­փա­նիշ­նե­րու ա­կա­մայ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ մտնե­լը։ Սա կամք պար­տադ­րե­լու կամ գործ­նա­կա­նու­թեան հրա­պոյ­րէն տա­րուե­լու ո­լորտ մը չէ։ Ա­ռա­ջին հեր­թին պի­տի ճշդուին կամ սահ­մա­նուին խա­ղին կա­նոն­նե­րը։ Հայ­կա­կան աշ­խարհն է, որ պի­տի հաս­տա­տէ այդ կա­նոն­նե­րը, իսկ ա­ւե­լի վերջ պի­տի յա­ջոր­դէ ա­ւե­լի դժուար հանգ­րուան մը. ա­ռար­կա­յա­կան ու ա­նա­չառ գոր­ծադ­րու­թիւն, լիար­ժէք հաւատար­մու­թիւն։

Այս բո­լո­րը կ՚են­թադ­րեն համ­բե­րա­տար գոր­ծըն­թաց մը։ Պէտք չէ ըլ­լալ վա­նող, խտրա­կան, պէտք չէ հե­տա­մուտ ըլլալ մե­նաշ­նորհ­նե­րու։ Անհ­րա­ժեշտ է, որ մօ­տե­ցու­մը ըլ­լայ լայ­նա­խա­րիսխ, հե­ռու լո­զունգ­նե­րէ։ Լոկ ե­ղեռ­նէ տուժած ըլ­լա­լու չա­փու­մով ա­ռաջ­նոր­դուի­լը կրնայ պատ­ճառ դառ­նալ մա­կե­րե­սայ­նու­թեան։ Այս նիւ­թին վրա­յով ազ­գա­սի­րու­թիւն ա­պա­ցու­ցա­նե­լու ջան­քե­րը խնդի­րը կրնան մատ­նել ամ­բո­խա­վա­րու­թեան փա­կու­ղիին, որով անհնա­րին կրնայ դառ­նալ ա­ռողջ լուծ­ման հաս­նի­լը։ Կշիռ­քի նժար­նե­րէն մէ­կուն վրայ՝ որ­պէս գե­րա­կայ ու գերակշիռ գոր­ծօն, միշտ պէտք է պա­հել հայ­կա­կան նուի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը, սրբա­զան ար­ժէք­նե­րը չա­ժանց­նե­լու ան­վի­ճե­լի հրա­մա­յա­կա­նը։

Նման ի­րա­վի­ճակ­նե­րու պա­րա­գա­յին, հա­ւա­քա­կան կեան­քէ ներս յար­մա­րա­գոյն լուծ­ման հաս­նիլ հնա­րա­ւոր կրնայ ըլ­լալ միայն՝ ի­րա­ւունք­նե­րու եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան մէջ։ Եւ այդ խաչմե­րու­կին վրայ այժ­մու դրու­թեամբ ա­ռանց­քա­յին դեր մը կը վի­ճա­կի Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ։ Մի­թէ ե՞րբ դիւ­րին ե­ղած է մեր մար­տի­րոս Մա՛յր Ե­կե­ղեց­ւոյ գոր­ծը։ Ա­հա՛ հեր­թա­կան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րէն մի­ն։

Հալէպի Շտապ Օգնութեան Մարմինը Կը Շարունակէ Կատարել Իր Առաքելութիւնը

0

Օգոստոս 19-ի կէսօրէ առաջ, Հալէպի Շտապ օգնութեան մարմինը շարունակեց կատարել իր առաքելութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ Perio News-ը:

Մարմնի կամաւոր աշխատողներու միջոցաւ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրուեցաւ կարիքաւոր հայորդիներու, որոնք նախապէս արձանագրուած էին եւ անոնց համար համապատասխան թղթածրարներ պատրաստուած էր:

Նշենք, թէ տարիներէ ի վեր Սուրիոյ վիճակուած քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական պայմաններու բերումով, վատթարացած են եւ սաստկացած ժողովրդային կարիքներն ու պահանջները։

 

Գանատահայ Աշակերտուհիին Հնարած Արիւն Մաքրելու Սարքը Միջազգային Ուշադրութեան Կ՛արժանանայ

0

Արիւն մաքրելու (տայալիսիս) փոքր, աժան եւ արդիւնաւէտ սարքը, որուն հեղինակը գանատահայ Անիա Փողարեանն է, միջազգային ուշադրութեան արժանացած է։ Այս մասին կը տեղեկագրէ CBC կայանը:

«Հնդկաստանէն, Աւստրալիայէն, Ռուսիայէն, Հայաստանէն, Հարաւային Ամերիկայէն եւ այլ տեղերէ նամակներ կը ստանամ», յայտնած է Փողարեան, որ 17 տարեկանին կրցած է հնարել նշեալ սարքը:

Գանատայի տարբեր անկիւններէն հիւանդներ եւս կապ հաստատած են անոր հետ՝ շնորհաւորելով եւ յաջողութիւն մաղթելով անոր, իսկ Օնթարիոյէն բժշկական ընկերութիւն մը նոյնիսկ առաջարկած է հովանաւորել անոր գործունէութիւնը եւ զտիչներ տրամադրել:

Այս լուրը, որ լայնօրէն լուսաբանուած է լրատուամիջոցներով, միջազգային ուշադրութեան արժանացած է, որ մղած է Անիան անցնելու յաջորդ հանգրուանին: Իր իսկ խօսքով՝ առանց ձեռքերը ծալլելու կ՛աշխատի, որպէսզի բարելաւէ իր սարքը, որ մօտաւորապէս 500 տոլար կ՛արժէ: Ներկայիս նման սարքեր կ՛արժեն մօտաւորապէս 30,000 տոլար:

Անիա Փողարեան յայտնած է, թէ իր սարքի արդիւնաւէտութիւնը, պարզութիւնն ու փոքր չափը զայն իտէալական կը դարձնեն յատկապէս զարգացող երկիրներուն եւ աղէտի վայրերուն մէջ գործածելու համար: Ան յոյս յայտնած է, որ սարքը շուկայի վրայ կ՛ըլլայ քանի մը տարիէն:

Երուանդ Օտեանի «Անիծեալ Տարիները» Պարսկերէնով

0

Իրանահայ ժողովրդավարական ուժերու համադրող մարմինին կողմէ կեանքի կոչուած՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման յանձնախումբ»-ի նախաձեռնութեամբ, Թեհրանի մէջ Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին նուիրուած աշխատանքներու ծիրէն ներս, պարսկերէն լեզուով հրատարակուած է արեւմտահայ անուանի գրող, երգիծաբան, լրագրող եւ հրապարակագիր Երուանդ Օտեանի «Անիծեալ տարիներ 1914-1919, անձնական յիշատակներ» գիրքը, որ հեղինակի յուշագրութիւնն է Ցեղասպանութեան եւ բռնագաղթի օրերէն:

Ըստ իրանահայ «Արաքս» շաբաթաթերթի փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ 416 էջնոց այս գիրքը, որ հրապարակ իջած է 1100 տպաքանակով, պարսկերէնի թարգմանած է իրանահայ տաղանդաւոր թարգմանիչ Անդրանիկ Խեչումեանը եւ տպուած է Միրզախանեան ընտանիքի մեկենասութեամբ՝ Արամայիս Միրզախանեանի յիշատակին, «Աֆրազ» հրատարակչատան միջոցով:

Ա. Խեչումեանը իրանահայ ամենաաշխոյժ թարգմանիչներէն է: Ան տասնեակ գիրքերու շարքին, թարգմանած եւ հրատարակած է նաեւ Երուանդ Օտեանի «Ընկեր Բ. Փանջունի»-ն, որ մեծ ընդունելութիւն գտած է պարսիկ ընթերցողի կողմէ եւ առաջին հրատարակութենէն ընդամէնը քանի ամիս յետոյ վերահրատարակուած:

Յ.Գ. – Իրանահայ ժողովրդավարական ուժերու համադրող մարմինը կեանքի կոչուած է եւ կը հովանաւորուի Թեհրանի Հայ մարզա-մշակութային «Ռաֆֆի» համալիրի, Իրանահայ ազգային եւ մշակութային միութեան, Աշխարհատեսներու հայկական կեդրոնի, անկախ մտաւորականներու, «Իրանահայեր» լրատուական կայքէջի եւ «Արաքս» շաբաթաթերթի կողմէ:

Սան Մարինոյի Մէջ Պիտի Կայանայ «Մայրիկ» Վէպի Իտալերէն Թարգմանութեան Շնորհահանդէսը

0

Սան Մարինոյի մէջ պիտի կայանայ ֆրանսահայ բեմադրիչ Անրի Վեռնոյի (Աշոտ Մալաքեան), «Մայրիկ» վէպի իտալերէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը:

Ինչպէս ծանօթ է գիրքի հիման վրայ նախապէս նկարահանուած է նաեւ համանուն շարժանկարը: Սան Մարինոյի ռատիոհեռուստատեսութեան փոխանցմամբ՝ շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 30-ին, Սան Մարինոյի Մշակոյթի քարտուղարութեան եւ Հայաստանի դեսպանութեան հովանաւորութեամբ: Գիրքի իտալերէն թարգմանութիւնը 2015 թուականին ներկայացուած է նաեւ՝ Թուրինի մէջ իրականացած Գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին:

Ձեռնարկի մասին հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «1915 թուականին Առաջին աշխարհամարտէն սասանած աշխարհը ցնցուեցաւ մէկ այլ սարսափելի ողբերգութենէ, որ շուրջ 2 միլիոն հայու կեանք խլեց: Ողբերգութիւնը քանի մը տարի տեւեց եւ անոր ծաւալները ի վերջոյ ահասարսուռ չափերու հասան: Այդ իրադարձութիւններուն շուրջ դեռ վիճաբանութիւններ կ՝ընթանան: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին՝ Հռոմի Պապին խօսքերը Հայկական հարցը կրկին միջազգային ուշադրութեան կեդրոնը դարձուցին: Ի հարկէ այդպէս պիտի ըլլար՝ չէ՞ որ հարիւր հազարաւոր մարդիկ զոհուեցան, ամբողջ գիւղեր ջնջուեցան երկրի երեսէն, իսկ հրաշքով փրկուած հազարաւոր մարդիկ սկսան ապաստան փնտռել ամբողջ աշխարհի վրայ:

Մշակոյթի քարտուղարութիւնը կը շարունակէ մեծ ջանքեր գործադրել` պատմական փաստեր տարածելով Սան Մարինոյի` իբրեւ հիւրընկալութեան եւ ազատութեան հողի մասին: Անիկա ընդունած է Հռոմէն փախած Կարիպալտին, իսկ Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն փախստականներու, որոնց «Հարիւր հազար եղբայրներ» կը կոչէին: Նոյն ուժով հարկաւոր է աշխատիլ երիտասարդներու մէջ՝ պատմութիւնը ուսումնասիրելու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը յիշատակելու ձգտում յառաջացնելով:

«Մայրիկ» շարժանկարի բնագիրը, որ գրած է բեմադրիչ Անրի Վեռնոյ, նուրբ բանաստեղծութիւն է: Մարդոց կեանքին մէջ վեր կը յառնին ժողովուրդի ողբերգութեան պատմութիւնը եւ ամբողջ ժողովուրդի մը աւանդոյթները ոչնչացնելու մասին յիշողութիւնները: Ներկայացուած ընտանիքի մը կրած սարսափներն ու յոյսերը, որ կրցած է ստորացումներով լի նոր կեանքի մէջէն անցնիլ ժպիտով ու արժանապատուութեամբ` լի սիրոյ ուժով»:

Արժանթինցի Երգահաններ Ռուբէն Սեւակի Բանաստեղծութիւններու Հիման Վրայ Երաժշտական Ստեղծագործութիւն Յօրինած են

0

Արժանթինի մէջ աւանդական դարձած Encuentros 2015 միջազգային փառատօնի ժամանակ, յարգանքի տուրք պիտի մատուցուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Վկայակոչելով Արժանթինի հայ համայնքին փոխանցած տեղեկութիւնները՝ Armenpress.am կը հաղորդէ, որ փառատօնի ծիրէն ներս Օգոստոս 31-­ին պիտի կայանայ՝ «Վերջին օրօրոցային» երաժշտական ստեղծագործութեան անդրանիկ ներկայացումը, նուիրուած անմեղ նահատակներու յիշատակին:

Ստեղծագործութեան հեղինակներն են արժանթինցի երգահաններ Խուան Մարիա Սոլարին եւ Ռաֆֆի Աւագեանը: Ամիսներ առաջ «Արժանթինի ժամանակակից երաժշտութեան» միջազգային հիմնադրամը անոնց առաջարկած էր՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 100­-րդ տարելիցին երաժշտական ստեղծագործութիւն յօրինել, որ պէտք է արտայայտէր հայ ժողովուրդի մէկդարեայ ցաւն ու տառապանքը: Երգահանները ընտրած են Ռուբէն Սեւակի բանաստեղծութիւններն ու անոնցմէ քանի մը հատի հիման վրայ ստեղծած՝ «Վերջին օրօրոցային» երաժշտական ստեղծագործութիւնը:

 

Ստեփանակերտի Մէջ Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն եւ Զոհուած Ազատամարտիկներուն Պիտի Ներկայացուի Ճուզեբբէ Վերտիի «Ռեքվիեմ»ը

0

Սեպտեմբեր 1-ին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ հայկական երկու պետութիւններու անկախութեան համար իրենց կեանքը նուիրաբերած սուրբ նահատակներուն, պիտի կատարուի Ճուզեբբէ Վերտիի «Ռեքվիեմ»ը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութենէն:

Համերգին պիտի մասնացին Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը (գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Էդուարդ Թօփչեան), Հայաստանի ազգային ակադեմական երգչախումբը (գեղ. ղեկավար եւ գլխ. խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեան), Արցախի պետական երգչախումբը (գեղ. ղեկավար եւ խմբավար Նինա Գրիգորեան), «Մռակած» պետական քամերային երգչախումբը (գեղ. ղեկավար եւ բեմադրիչ Մարինէ Մեսրոպեան), մենակատարներ Եանա Սաֆոնովա (սոփրանօ, Ռուսաստան), Վիշնիա Ռատոսաւ (մեցցօ սոփրանօ, Սերպիա), Ալեքսանտր Չեռնով (թենոր, Ռուսաստան) եւ Նիքոլայ Ուլիւերի (պաս, Իտալիա): Նախագիծի գեղարուեստական ղեկավարն է Լիւպով Գազարնովսգայան:

Նախագիծը կ՝իրականանայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի տիկին Ռիթա Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեամբ:

Գոյժ եւ Ցաւակցագիր

0

«ԿԱՄԱՐ» գրականութեան եւ գեղարուեստի անկախ պարբերաթերթի խմբագրութիւնս սոյն գրով կը գուժէ դառն կորուստը իր աշխատակիցներէն՝  բանաստեղծ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԱԹԵԱՆի, որ իր մահկանացուն կնքեց Լոս Անճելըսի մէջ (թաղումը՝ 7 Օգոստոս 2015):

Հանգուցեալը (ծնունդը՝ 1930, Պէյրութ) կը պատկանէր լիբանանահայ գրական  միջին սերունդին ու հեղինակ էր բանաստեղծական հատորներու եւ գրադատական յօդուածներու՝ իր աշխատակցութիւնը բերելով լիբանանահայ գրական մամուլին: Վերջին տասնամեակին տեղափոխուած էր Լոս Անճելըս (Գալիֆորնիա), ուրկէ  կը բերէր իր յարգելի մասնակցութիւնը մեր գրական մամուլին:

Այս տխուր առիթով՝ «Կամար»ի խմբագրական կազմը կը յայտնէ իր խորազգած ցաւակցութիւնը բարեյիշատակ  հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն եւ գրչի բարեկամներուն:

Յաւերժ լոյս եւ խաղաղութիւն իր հոգիին:

Խմբագրութիւն «ԿԱՄԱՐ» պարբերաթերթի

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնում սկսուել են Միւռոնօրհնութեան նախապատրաստական աշխատանքները

0

Օգոստոսի 19-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնում սկսուեցին Միւռոնօրհնութեան նախապատրաստական աշխատանքները: Երեկոյեան ժամերգութիւնից յետոյ ձիթաիւղով լի արծաթէ կաթսան դրուեց Մայր Տաճարի Աւագ Խորանին` փակուելով շղարշէ ծածկոցով: Այսուհետ ամէն օր` մինչեւ Միւռոնօրհնէքը, երեկոյեան ժամերգութիւնից յետոյ կը կատարուի ձիթաիւղի օրհնութեան աղօթք:

Այս տարի Միւռոնօրհնութիւնը տեղի կունենայ սեպտեմբերի 27-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնում, որի ժամանակ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հայ Եկեղեցու նուիրական սրբութիւններով կօրհնի սրբալոյս Միւռոնը: Ապա նոր օրհնուած Միւռոնը կբաշխուի Հայ Եկեղեցու բոլոր թեմերին:

A Brief Meeting With Our Leader

0

*VARTO PAPASIAN*

Chairman of the ADLP Western Canada District Committee

 Enger Michael Kharabian, the Chairman of the Central Committee of the Armenian Democratic Liberal Party is an outstanding leader with in-depth global knowledge of the prevalent issues of Armenians living in Diaspora and Armenian political issues.

He once again demonstrated his leadership skills during a recent visit to Vancouver, British Columbia Canada from August 1st to August 3rd, 2015. During his brief stay, he met us as well as members of the Sardarabad Chapter. It is evident that the Vancouver Sardarabad chapter is a very active part of the Armenian Community.

On Sunday, August 2nd, he attended a community picnic organized by both Churches. He was introduced to Archpriest Father Keghart Garabedian, Mr. Hasso Esmaelian, former Chairman and Member of the Tekeyan Cultural Association Vancouver Chapter, Mr. Parsekh Kassardjian, President of the Parish Council. Following the picnic, an informative meeting was held at the Ararat Armenian Community Center located at St. Vartan Armenian Apostolic Church in Vancouver.

Once again, Enger Kharabian skillfully answered questions that centered on the issues of Armenian Diaspora and Armenian politics. This brief and yet important encounter with our leader served a very important purpose of leadership and communication. It was indeed a great pleasure for the members of the Sardarabad Chapter to meet and greet with our outstanding leader. We look forward to his next visit.