Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

Ֆրանսայի ԱԳՆ Լիբանան Ժամանեց Բարեփոխումներու Թղթածրարը Յառաջ Մղելու

0

Ֆրանսայի Արտագին Գործոց Նախարար Ժան Իվ Լէ Տրեան իր հետ բերաւ  յստակ եւ խիստ նամակ մը ուղղուած Լիբանանի ղեկավարներուն անմիջապէս ձեռնարկելու բարեփոխումներ: Այս բանը  կը նկատուի կենսական ճամբան բանալու համար խոստացուած միջազգային օգնութիւններուն:

Տրեան Պէյրութ ժամանեց երէկ երեկոյեան երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան մը համար: Այս այցելութիւնը Եւրոպական բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը առաջին այցելութիւնն է Լիբանան նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք:

Ան այցելութիւններ պիտի  Լիբանանի պատասխանատուներուն հետ յառաջ մղել փորձելով բարեփոխումներու թղթածրարը:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

Մշակութային Արձագանգ. Հ.Բ.Ը. Միութեան Հաճընի Որբանոցը 1919-1920

0

Հաճնոյ հերոսամարտի 100ամեակի ծիրէն ներս, Հաճնոյ Հայրենակցական Միութիւնը աւելի քան տարի մը առաջ լծուեցաւ համապատասխան շուքով նշելու պատմական այս իրադարձութիւնը:

Ծրագրուած եւ ընթացքի մէջ են յուշարձանի բացումի եւ հերոսամարտի գիտաժողովի աշխատանքները, մատաղօրհնէքի եւ պատարագի արարողութիւնները՝ Անթիլիասի, Էջմիածնի, Պէյրութի Նոր Հաճըն թաղամասի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նոր Հաճըն աւանին մէջ, ուխտագնացութիւնը՝ պապենական Հաճըն եւ գիրքերու հրատարակութիւնը: Արդէն իսկ կը գործէ հայրենակցականի դիմատետրը.- Compatriotic Union of Hadjin – Lebanon.

Այս ծիրին մէջ, այս օրերուն Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ Հ.Բ.Ը.Միութեան Հաճընի Որբանոցը 1919-1920, 288 էջանի երկլեզուեան (հայերէն եւ անգլերէն) հատորը:

Այս որբանոցը կազմուած էր Դամասկոսի մէջ, Ա. Համաշխարհային Պատերազմի աւարտէն իսկ առաջ: Զինադադարի շրջանին, ՀԲԸՄ Գահիրէի ղեկավարութիւնը պատեհ կը տեսնէ անոր փոխադրութիւնը Հաճըն: Որբանոցը իր 66 որբերով կը վերահաստատուի Հաճըն, ուր նոր որբեր կ’ընդգրկուին, ընդհանուր թիւը հասցնելով 212ի: Անտուն ու անտէր որբեր պատսպարելու կողքին, որբանոցը կը լծուի կրթական առաքելութեան, կը նպաստէ նաեւ վերականգնող Հաճընի կենսունակութեան:  Միամեայ խաղաղ կեցութենէ ետք, սակայն, Հաճընի պաշարումով որբանոցը եւ արծուեբոյնը կը դիմագրաւեն օրհասական օրեր: Պատանի որբանոցայիններու խումբ մը կը ստանձնէ զինամթերքի փոխադրութեան  եւ հաղորդակցութեան պարտականութիւնները:

Ութամսեայ հերոսական դիմադրութենէ ետք, սիրուն Հաճընը կը գրաւուի թուրք հրոսակներու կողմէ: Հաճըն վերադարձած շուրջ 7000 հաճընցիներ կը ջարդուին, կը կոտորուին նաեւ Հաճընի ՀԲԸՄիութեան որբանոցայինները: Նախճիրէն կ’ազատին ութ որբանոցայիններ, միքանի պաշտօնեաներ եւ ոչ աւելի քան 400 հաճընցիներ:

Հատորը կը ներկայացնէ որբանոցայիններուն դիմապատկերը.-  անոնց լուսանկարը, ծննդավայրը, աքսորավայրը, որբանոց մուտքի թուականը, ծնողքի եւ հարազատներու ճակատագիրը եւ որբին նիւթական հոգածութիւնը ստանձնած բարերարին (անհատ/հաստատութիւն/վարչութիւն) անունը:

Գիրքին ներածականին մէջ ներկայացուած են ծննդավայր վերադարձի, ապա եւ Հաճնոյ վերականգնումի շուրջ երկամեայ պատմութիւնը, ՀԲԸՄիութեան որբանոցի բնակչութեան հաւաքական դիմապատկերը, հերոսամարտի դրուագներ եւ մարտիրոսութիւնը: Գիրքին վերջաւորութեան տրուած է անուանացանկը որբանոցայիններուն: Քարտէսներով  ներկայացուած են որբանոցայիններուն ծննդավայրերն ու աքսորավայրերը, եւ ինքնապաշտպանութեան գործողութիւններուն դիրքերը, նաեւ միքանի նկարներ:

Գիրքին  ներածականը եւ   ծանօթագրութիւնները գրած է Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:

Գիրքը կը հանդիսանայ Եղեռնին հետեւանքով տասանորդուած, սակայն իր մէջ աներեւակայելի ուժ ունեցող հայ ժողովուրդին վերականգնումի անհաւատալի ճիգին մէկ պատմութիւնը:

Տիար Կարապետ Պապահէքեանի մեկենասութեամբ լոյս տեսած այս հատորին պիտի յաջորդեն ուրիշներ:

Այս եւ յաջորդող հատորներու շնորհանդէսները, գիտաժողովը, յուշակոթողի բացումը, մատաղօրհնէքները, հոգեհանգիստեան արարողութիւնները եւ ծրագրուած այլ ձեռնարկներ գործադրութեան պիտի դրուին անմիջապէս որ ներկայ համավարակի պայմանները թոյլատու ըլլան:

 

Հաճնոյ Հայրենակցական Միութիւն,

Լիբանան

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

0

Երեքշաբթի, 21 Յուլիս 2020-ին, Սուրբ Աստուածածին Վանքի վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը, ընկերակցութեամբ Թիֆլիսի «Ալիք» թերթի գլխաւոր խմբագիր Արսէն խառատեանի։

Հանդիպման ընթացքին խօսակցութեան առանցքը դարձաւ յատկապէս անցնող շաբթուան ընթացքին ազերիներուն կողմէ կատարուած յարձակումը Տաւուշի մարզի սահմանագիծին վրայ։

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

Հայկական Կուսակցութիւններու Ուսանողական Երիտասարդական Միութիւններու  Հանդիպում

0

Չորեքշաբթի, 22 Յուլիս 2020-ի երեկոյեան, ՀԿԲՄ-ի Սահակեան-Լ.Մ. քոլեճի ուսանողական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական կուսակցութիւններու ուսանողական երիտասարդական միութիւններու հանդիպում:

Հանդիպումը առիթ էր միասնաբար քննարկելու վերջին օրերուն Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ ազրպէյճանական կողմին ձեռնարկած յարձակումները, որոնց թիրախ դարձան նաեւ քաղաքացիներ։  Ժողովականները որոշեցին շուտով գործնական քայլերու դիմել եւ հրապարակել զօրակցական ու դատապարտումի կոչ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ գործող դեսպանատուներուն յղել բողոքի նամակներ։

Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան լիբանանահայ երիտասարդութիւնը յուզող հարցերը:  Կողմերը անհրաժեշտ նկատեցին հերթական հանդիպումներով քննարկել երիտասարդներուն վերաբերող տարբեր խնդիրներ ու զօրակցիլ լիբանանահայ երիտասարդութեան։

 

ՍԴՀԿ Տխրունի Ուս.-Երիտ. Միութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւն

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն

ՌԱԿ ԵՌԱԿ Երիտասարդական Միաւոր

ՌԱԿ Մ.Փորթուգալեան Ուսանողական Ակումբ

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն Այցելեց ՀՀ ՊՆ Կենտրոնական Զինուորական Հիւանդանոց

0

«Այսօր Իւրաքանչիւրն Իր Հերթին Զինուորագրուած Է Մեր Երկրի

Մղած Արդար Պայքարին» Գարեգին Բ Կաթողիկոս

Յուլիսի 21-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն այցելեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան կենտրոնական զինուորական հիւանդանոց` տեսակցելու վերջին օրերին Տաւուշում՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանին ռազմական գործողութիւնների ընթացքում վիրաւորում ստացած զինծառայողներին։

ՀՀ ԶՈւ հոգեւոր առաջնորդ Տ․ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի, ՀՀ ԶՈւ ռազմաբժշկական վարչութեան պետ Սահակ Օհանեանի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Իզմիրլեան» բժշկական կենտրոնի տնօրէն Արմէն Չարչեանի ուղեկցութեամբ եւ հիւանդանոցի ղեկավարութեան առաջնորդութեամբ Նորին Սրբութիւնը եղաւ տարբեր բաժանմունքների հիւանդասենեակներում՝ հայրապետական իր օրհնութիւնն ու շուտափոյթ ապաքինման բարեմաղթանքները բերելով մերօրեայ հերոս զինուորներին։

Իր աղօթքը հնչեցնելով իւրաքանչիւր զօրականի բժշկութեան համար՝ Վեհափառ Հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց հայորդեաց քաջարի ոգին, որի շնորհիւ մեր ժողովուրդը ապրում է խաղաղութեան մէջ, ապահովութեան զգացումով։

«․․․Մեր խոնարհումն ենք բերում ձեզ։ Ձեր սխրագործութիւնները պիտի յիշուեն մեր ժողովրդի պատմութեան բոլոր ժամանակներում։ Ձեր սխրագործութիւններով սերունդներ պիտի կրթուեն ու դաստիարակուեն։ Այդ սերունդներն են, որ պիտի հասակ առնեն նոյն ոգով, նուիրումով եւ նոյն յանձնառութեան գիտակցութեամբ պիտի իրենց ծառայութիւնը բերեն մեր Հայրենիքին։ Ինչպէս այսօր դուք, նաեւ ապագայ սերունդները պիտի գիտակցեն, որ Հայրենիքն է մեր ուժը, զօրութիւնն ու գոյութեան երաշխիքը», – ընդգծեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ հայցելով Աստծոյ Աջի հովանին Հայոց բանակին, սպայական կազմին եւ զինուորներին, որպէսզի շարունակեն իրենց քաջագործութիւններով հպարտութիւն պարգեւել մեր ժողովրդին։

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յաւելեց, որ Հայոց Եկեղեցին եւ ողջ ժողովուրդն այսօր աղօթքով զօրավիգ ու աջակից է հայրենեաց պաշտպաններին։ «Այդ բարձր գնահատանքի, երախտագիտութեան զգացումը ունի ոչ միայն հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը, այլեւ սփիւռքի հայութիւնը։ Այսօր իւրաքանչիւրն իր հերթին զինուորագրուած է մեր երկրի մղած արդար պայքարին՝ դուք սահմանի վրայ, նրանք իրենց բնակութեան վայրերում։ Դուք նոր ոգի ներշնչեցիք մեր ժողովրդին, յաղթութեան ոգի եւ ձեր առ հայրենին սէրը վստահաբար ոգեւորում եւ խանդավառում է իւրաքանչիւր հայորդու», – ասաց Գարեգին Երկրորդ Կաթողիկոսը։

Հայրապետը բոլորին ընծայեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացու աղօթամատեան եւ մանրանկարներով տէրունական խաչեր։

Այցի ընթացքում Նորին Սրբութիւնը զրոյց ունեցաւ հիւանդանոցին բուժանձնակազմի հետ՝ իր գնահատանքը փոխանցելով նրանց մատուցած կարեւոր ծառայութեան, նուիրումի եւ մեծ ջանքերի համար ի նպաստ զինծառայողների առողջութեան վերականգնման։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նաեւ այցելեց կենտրոնական զինուորական հոսպիտալի մատուռ, ուր աղօթք բարձրացրեց հայրենի երկրի խաղաղ ու անվտանգ կեանքի համար։

 

 

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

 

 

 

 

Մամլոյ Առցանց Լսարան -5- Սփիւռքի Ներուժի Տեսլական. Մշակման եւ Օգտագործման Հնարաւորութիւններ եւ Պահպանման Մարտահրաւէրներ

0

«Զարթօնք», «Արեւ» եւ «Սարտարապատ թերթերը Չորեքշաբթի, 22 Յուլիս 2020-ին,  Կրինուիչի ժամով 17:00ին ներկայացուցին իրենց միացեալ չորրորդ մամլոյ լսարանը:«Սփիւռքի Ներուժի Տեսլական. Մշակման եւ Օգտագործման Հնարաւորութիւններ եւ Պահպանման Մարտահրաւէրներ» նիւթին շուրջ խորիմաստ եւ հեռանկարներով լեցուն խօսք մը ներկայացուց Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ՝ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան:                            

                                                        

Զանազան երկիրներէ շուրջ 50 մասնակիցներով կազմուած առցանց հարթակը ինչպէս միշտ ձեռնհասութեամբ  վարեց՝ Լիբանանահայ ծանօթ մտաւորական, Հայկազեան Համալսարանի Հայագիտական Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր եւ նոյն համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:

Մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

 

Մեր Կորուստները. Երեւանի Մէջ Մահացած Է Փրոֆ. Ռուբէն Սաքապետոյեան

0

Յուլիս 21ին, կեանքի 76 տարեկան հասակին, Երեւանի մէջ մահացած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրական հիմնարկիի Հայոց Լեզուի Ամբիոնի Փրոֆ., Բանասիրական Գիտութիւններու Դոկտոր. Ռուբէն Սաքապետոյեան:

Ռուբէն Սաքապետոյեան աւելի քան 50 տարի եղած է Երեւանի Պետական Համալսարանի հայոց լեզուի սիրուած դասախօսներէն: Արեւմտահայերէնի ջերմ պաշտպան եւ հմուտ մասնագէտ, ան հեղինակած է Արեւմտահայերէնի դպրոցական թէ համալսարանական դասագիրքեր, բառարաններ, ինչպէս նաեւ գիտական մենագրութիւններ: Ռուբէն Սաքապետոյեան շրջան մը եղած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Պէյրութի Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Կեդրոնի Վարիչը:

Այս տխուր առիթով «Զարթօնք» իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ ողբացեալին ընտանեկան պարագաներուն, ազգականներուն, Երեւանի թէ Պէյրութի մէջ, ինչպէս նաեւ  մտերիմներուն եւ գործակիցներուն:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

 

Catholicos of All Armenians visits wounded servicemen in Central Military Hospital

0

His Holiness Garegin II, Supreme Patriarch and Catholicos of All Armenians, visited on July 21 the defense ministry’s Central Military Hospital to see the servicemen who were wounded in the recent military operations on the Armenian-Azerbaijani border, director of the press service of the Mother See of Holy Etchmiadzin Vahram Melikyan said on Facebook.

His Holiness Garegin II visited all soldiers and delivered his prayers for their treatment, highlighting their courageous spirit thanks to which the Armenian people live in peace and safety.

“Your heroic deeds should be remembered at all times of the history of our people. Generations must be educated and grown up with your heroic deeds. These generations should bring their service to the Homeland with the same spirit, dedication and commitment. Like you today, the future generations as well must understand that the Homeland is our strength, power and guarantee to our existence”, His Holiness Garegin II said.

During the visit he also talked to the hospital’s staff, appreciating their service, dedication and great efforts for the recovery of all soldiers.

US citizens launch petition urging to halt military aid to Azerbaijan

0

The US citizens have launched a petition urging to stop the US military aid and the USAID funding to Azerbaijan.

The petition has been opened at the White House official website.

“Over $1.5 billion in American taxpayer money is being wasted funding an autocratic government which is ruled by an oil rich oligarch, Ilham Aliyev (President) and his wife (Vice-President). The money has been misappropriated and misused to cause regional wars”, stated in the statement.

The petition organizers say Azerbaijani values do not align with the democratic values of the United States, nor provide any benefit for the people.

“We, the American people, wish to stop full funding and assistance of Azerbaijan and to allocate this money elsewhere, such as funding and expanding Opportunity and Prosperity for Minorities, People of Color, Education and other government programs. Stop US military assistance and USAID funding to Azerbaijan”, the statement added.

On June 20 the US House of Representatives overwhelmingly passed an amendment by Congressional Armenian Caucus Co-Chair Frank Pallone (D-NJ) which calls for greater Congressional oversight over a US military aid program under which Azerbaijan has received over $120 million in US defense assistance.

Another medical worker dies in Armenia of COVID-19

0

 Another case of a medical worker dying of coronavirus has been reported in Armenia. The woman was 56 years old, ARMENPRESS reports spokesperson of the Healthcare Ministry of Armenia Alina Nikoghosyan informed.

»Again with deep grief I have to inform that we have reported a death of a medical worker. Armine Hovhannisyan, aged 56, used to work at the polyclinic of »Surb Grigor Lusavorich» medical center as a nurse in the therapeutic department», Nikoghosyan wrote.

Ealier today it became known that Siruanush Harutyunyan, a pediatrician at the same medical center, died of COVID-19 aged 59.