Հինգշաբթի, 31. 07. 2025

Թուրքիոյ Արտաքին Ու Ներքին Պարտքը Հասած է 198 Միլիառ Տոլարի

0

Թուրքիոյ ընդդիամդիր «ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւն»-ը (ԺՀԿ-CHP)  «Թուրքիոյ իրական աղիւսակները» խորագիրով ֆինանսա-տնտեսական հաշուետուութիւն մը հրապարակած է: Ըստ ermenihaber.am-ի՝ «Sputnik»-ի թրքական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ` վերջին շրջանին Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին պարտքերը զգալիօրէն աճած են:

Այսպէս, նախորդ տարուան 11 ամիսներու ընթացքին այդ պարտքը աւելցած է 74 միլիառ լիրայով (19.5 միլիառ տոլար)` կազմելով 751.8  (197.8 միլիառ տոլար) միլիառ լիրա: Ատոր 28.1 մլիլիառ լիրան գոյացած է ներքին պարտքերու աճին, իսկ 45.9 միլիառ լիրան` արտաքին պարտքի աւելացման հաշուին:

Արտաքին պարտքի աճին վրայ ազդող կարեւոր գործօններէն մէկը տոլարի նկատմամբ թրքական լիրայի արժեզրկումն էր:

Զեկոյցին համաձայն` «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (ԱԶԿ-AKP) իշխանութեան գալէն առաջ Թուրքիոյ արտաքին եւ ներքին պարտքը կը կազմէր 242.7 միլիառ լիրա (63.8 միլիառ տոլար): Իսկ վերջին 14 տարիներիու ընթացքին այդ ցուցանիշը աւելցած է 509.1 միլիառ լիրայով` 2016-ի աւարտին հասնելով աննախադէպ 751.8 միլիառի:

Այսպիսով, 2016-ի Դեկտեմբերի դրութեամբ Թուրքիոյ բնակիչներէն իւրաքանչիւրին բաժին կ’իյնայ է 9.570 լիրայի (շուրջ 2.500 տոլար) պարտք` նախկին 5.893-ի փոխարէն: Վերջին 13 տարիներու ընթացքին իւրաքաչիւր քաղաքացիի պետական պարտքի մասնաբաժինը աճած է 160.3 տոկոսով:

 

Ուխտաձորի Մէջ Դասերը Շուտով Պիտի Տեղափոխուին Դպրոցական Նոր Շէնք

0

Հադրութի շրջանի Ուխտաձոր համայնքին մէջ շուտով պիտի գործէ 130 տեղ ունեցող նորակառոյց ուսումնական հաստատութիւն։ Անիկա նաեւ պիտի ծառայէ մօտակայ Հարթաշեն գիւղի աշակերտներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Ուխտաձորի միջնակարգ դպրոցի տնօրէն Արթուր Արզումանեան յայտնած է, որ նոր պայմանները նոր յոյս կը ներշնչեն կրթօճախի աշխատակազմին: «Ուխտաձորի դպրոցին մէջ այժմ կ’ուսանի 48 աշակերտ, որոնց 8-ը առաջին դասարանցի են: 10 երեխայ ալ կը յաճախէ նախադպրոցական խումբ:

Անցեալ ուսումնականին համեմատ` աշակերտներու թիւը 2-ով աճած է: Այս տարի պիտի ունենանք 3 շրջանաւարտ: Թէեւ այժմ աշակերտներուն թիւը քիչ է, սակայն ամէն ինչ կ’ընենք, որ ապահովենք աշակերտներու ուսումնառութեան բարձր մակարդակը: Նորակառոյց դպրոցը ունի ժամանակակից չափանիշներուն համապատասխան հնարաւորութիւններ` ուսումնամեթոտական աշխատանքները պէտք եղածին պէս իրականացնելու համար: Կը մնայ միայն, որ նոր դպրոցին մէջ նոր եռանդով ու ոգեւորութեամբ իրականացնենք մեր` կրթութեան մշակներուս առաքելութիւնը»,- ըսած է Ա. Արզումանեան եւ ընդգծած, որ օրերս ստացած են նաեւ 11 համակարգիչ:

Դպրոցական շէնքը ապահովուած պիտի ըլլայ նոր գոյքով եւ տարրալուծարանային սարքաւորումներով: Կրթօճախի բակին մէջ կառուցուած է կաթսայատուն, տնտեսական շինութիւն եւ սանհանգոյց: Տարածքը ամբողջութեամբ բարեկարգուած է: «Այս օրերուն կ’ընթանան նորակառոյց կրթօճախի ներքին յարդարման վերջին աշխատանքները:

Բացման արարողութիւնը պիտի կայանայ Փետրուար կամ Մարտ ամիսներուն»,- ըսած է տնօրէնը:

Անդրադառնալով առկայ խնդիրներուն` Ուխտաձորի միջնակարգ դպրոցի տնօրէնը նշած է, որ դպրոցը ունի ուսողութեան, տեղեկատուութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցիչներու կարիք:

Պէտք է Կասեցնել Պետական Այն Կառավարիչներու Գործունէութիւնը, Որոնք Արդիւնաւէտ Չեն Աշխատիր

0

ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ՝ Յունուար 28-ին տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն` ՀՀ կառավարութեան ծրագիրի կատարման ընթացքին վերաբերեալ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Պետական գոյքի կառավարման եւ օտարման գործընթացին վերաբերեալ՝ ՀՀ ԿԱ պետական գոյքի կառավարման վարչութեան պետ Արման Սահակեան զեկուցած է, որ վարչապետի յանձնարարականին հիման վրայ բոլոր գերատեսչութիւններու հետ համատեղ մշակուած է մասնաւորեցման նոր ծրագիր, որ արդէն ուղարկուած է կառավարութիւն եւ վերջնական քննարկումէն ետք պիտի ներկայացուի Ազգային ժողով:

Կարէն Կարապետեան յանձնարարած է Պետական գոյքի վարչութեան պետին արագ աւարտին հասցնելու աշխատանքները եւ պատրաստելու ամբողջ փաթեթը` ընդգծելով.

«Պէտք է յստակ ձեւակերպենք` ինչը պէտք է ըլլայ ոչ պետական: Մենք շատ գոյք ունինք, ուր տնօրէնը տարուէ տարի վատ թիւեր կը բերէ,  ո՛չ տնօրէն կը հանենք, ո՛չ ալ որոշ քայլեր կը կատարենք»,- ըսած է վարչապետը` նշելով, որ պէտք է կասեցնել պետական այն կառավարիչներուն գործունէութիւնը, որոնք արդիւնաւէտ չեն աշխատիր:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Սկաուտական Շարժումը Մասնակցեցաւ Հայկական Բանակի Հիմնադրութեան 25 Ամեակին Առիթով Ֆիւնիլ-ի Մէջ Ծառայող Հայ Խաղաղապահներու Կազմակերպած Հանդիսութեան

0

Հայաստանի բանակի  հիմնադրութեան  25-ամեակի հանդիսութիւններու  ծիրէն ներս, հարաւային Լիբանանի Շամաա  գիւղը  հաստատուած   ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու (ՖԻՒՆԻԼ) իտալական զօրանոցին մէջ  ծառայող   հայ  խաղաղապահ  ուժերը  տօնեցին հայկական  բանակի  հիմնադրութեան  25-ամեակը:

Հանդիսութեան մասնակցեցան  Լիբանանի մէջ  Հայաստանի դեսպան Սամուէլ  Մկրտչեանը, Լեռնային  Ղարաբաղի  հանրապետութեան  մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանը,  Հայ  Երիտասարդաց Ընկերակցութեան (ՀԵԸ)  սկաուտական շարժումը՝ ՀԵԸ  Անդրանիկ Անթիլիաս եւ Անդրանիկ Սեւան  մասնաճիւղերու  միացեալ կազմ մը, ՖԻՒՆԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերու  ներկայացուցիչներ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի   քայլերգներէն ետք,  ՖԻՒՆԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական  5-րդ ջոկատի հրամանատար հարիւրապետ  Կարէն Աթոյեան  ողջունեց  դեսպան  Մկրտչեանը, ապա  շնորհաւորեց  ներկաները  հայկական բանակի հիմնադրութեան  25-ամեակին առիթով:

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան  բարձր  գնահատեց  ՖԻՒՆԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերու առաքելութիւնը, անոր մաս կազմող հայկական զօրագունդը,  ի խնդիր Լիբանանի  խաղաղութեան: Ան շնորհաւորեց  հայկական  զօրախումբի անդամները՝ մաղթելով կորով եւ յարատեւութիւն:  Դեսպան  Մկրտչեան  այս առիթով  գնահատագիր, շնորհակալագիր  եւ  պարգեւներ յանձնեց  զօրանոցի  հրամանատար գնդապետ-զօրավար Ուկօ Չելլոյին, հարիւրապետ Կարէն Աթոյեանին, ՖԻՒՆԻԼ-ի, լիբանանեան  բանակի եւ  հայկական զօրագունդի զօրավարներու,ենթասպաներու եւ  յիսնապետներու:

SOUTH   LEB  -1

Ապա  ընթերցուեցաւ  հայկական  խաղաղապահ ուժերու  հրամանատար հազարապետ-զօրավար Արթուր Սիմոնեանի ողջոյնի խօսքը:

ՀԵԸ-ի  սկաուտական  շարժում անդամ-անդամուհիները  սկաուտական  «ֆուլար»- ներ նուիրեցին հայկական  զօրագունդի  ծառայողներուն:

Հայկական բանակի հիմնադրութեան  25-ամեակին առիթով  ցուցադրուեցաւ   Հայաստանի մասին տեսաերիզ մը: Ապա տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական  ճաշերու հիւրասիրութիւն: Ներկաները երգեցին ազգային երգեր:Մթնոլորտը աւելի խանդավառեց ՀԵԸ-ի սկաուտական կազմը՝ խմբապետութիւն, երէցներ եւ քառաւելներ: Անոնք ներկայացուցին  բուրգ-պարը, արժանանալով բոլորին քաջալերանքին եւ գնահատանքին:

                                                              ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Հայկազեան Համալսարանի Մէջ Շնորհանդէս՝ «Տարեգրութիւն Հայ Աւետարանական Բեթէլ Վարժարանի, 1923-2013» Յուշամատեանին

0

Յունուար 26-ին, Հայկազեան  համալսարանի սրահին մէջ կայացաւ «Տարեգրութիւն  Հայ  Աւետարանական Բեթէլ Վարժարանի,1923-2013» յուշամատեանին  շնորհահանդէսը:

Պատմական շատ կարեւոր այս արժէքաւոր  հրատարակութիւնը Բեթէլ  վարժարանի երթը նոր հորիզոններ սլանալու յանձնառութիւն  մըն է  միաժամանակ:

Ի ներկայութիւն  Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանի,  Սուրիոյ  Հայ  Աւետարանական Համայնքի   համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի,  Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Փօլ  Հայտոսթեանի,  Լիբանանի մէջ  Հայաստանի դեսպանատան  հիւպատոս  Աշոտ Վարդանեանի,  կցորդ Վլատիմիր Պօղոսեանի եւ  մշակութասէր ընտրանիի  մը,  ՀՀ Սփիւռքի Ուսումնասիրութեանց Կեդրոնի վարիչ դոկտ. Անդրանիկ  Տաքեսեան,   բարի  գալուստի  իր խօսքին մէջ   արժեւորեց  յուշագրական գրականութեան  դերակատարութիւնը, յատկապէս այսօր, երբ բազմաթիւ վտանգներ  կը սպառնան Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներուն: Ան նկատել տուաւ, թէ արխիւներու  չգոյութեան  պատճառով, հաւաքական  յիշողութիւնը  կորուստէ  փրկելու   միջոցները  մասնակիօրէն խիստ մատչելի դարձած են սփիւռքեան մեր կեանքին  մէջ: Հետեւաբար, յատկապէս այս տխուր  իրականութեան  մէջ անհրաժեշտ է գնահատել յուշամատեանին հրատարակութիւնը, անոր նուիրուած  շնորհանդէսը:

Ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Բեթէլ վարժարանի քայլերգը, կատարողութեամբ Արմանի Սելիմեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ տիկին Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեանի:

Հայկազեան  համալսարանի  նախագահ  վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանը, ընդգծեց, թէ Հայկազեան  համալսարանը  շատ յաճախ   իբրեւ տուն կը  ներկայացուի մեր  առօրեային մէջ, առանց  յստակացնելու պատճառները: Հայկազեան համալսարանը մտքի, լոյսի, հաւատքի եւ ներշնչումի տուն  ըլլալով, այսօր իր երդիքին տակ կը  ներկայացնէր  նոր  հրատարակութիւն մը: «Այսօր  կը ներկայացնենք  Ձեզի  հատոր մը, որ  կը պատմէ  երբեմնի  հայ տարագիր  անտունին կրթա-դաստիարակչական տուն տալու մասին: Բեթէլը, իբրեւ Աստուծոյ տունը, հարազատութիւն  կը սփռէր  երկար տարիներ եւ կը շարունակէ մինչեւ  օրս, նոր  եւ անպատմելի տնազրկութեան մթնոլորտի մէջ»: Վերապատուելի Հայտոսթեան գնահատանքի խօսք ուղղեց այն  նուիրեալ ծառաներուն, որոնք մասնակցեցան Բեթէլը  լուսաւորութեան  տուն դարձնելու աշխատանքին:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանը: Ան նշեց, թէ յուշամատեանին  հրատարակութիւնը ինքնին ապացոյց է Հայ Աւետարանական  հոգեմտաւոր դաստիարակութեան եւ Հայ Աւետարանական պատմութեան մէջ իրենց ընծայաբերող  տիտաններու կատարած  կոթողային առաքելութեան: Վերապատուելի Սելիմեան մէկ առ մէկ շնորհակալութիւն յայտնեց յուշամատեանի խմբագիր Յակոբ Չոլաքեանին, յուշամատեանի պատրաստութեան նպատակով ստեղծուած յանձնախումբի անդամներուն, Լեւոն Շառոյեանին, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեանին, դոկտ. Անդրանիկ Տաքեսեանին, Միացեալ Նահանգներու Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր  տնօրէն  Զաւէն Խանճեանին սոյն հրատարակութիւնը իրականացնելու առիթով իրենց բերած  գնահատելի մասնակցութեան համար: Միաժամանակ, ան լուսարձակի տակ առաւ Հալէպի ներկայ ճգնաժամը եւ Բեթէլի նման հաստատութիւններու անփոխարինելի ծառայութիւնը եւ անցեալէն դէպի ապագայ երկարող ներշնչման առաքելութիւնը:

Առնօ Պապաճանեանի  էլեկիան կատարեցին Լոռի Պիլալաեան եւ Դալար Հայտոսթեան:

Լիբանանահայ հրապարակագիր տիար Ահարոն Շխրտըմեան ներկայացուց յուշամատեանը, ընդգծելով, որ սոյն հրատարակութիւնը գիրք մը ըլլալէ աւելի՝ ապրողներուն կը յղէ պատգամ մը վրէժ լուծելու ցեղասպան թուրքէն: Ան համառօտակի ներկացացուց Բեթէլի բոլորած ճանապարհը, հիմնադրութեան օրերէն մինչեւ ներկան, շեշտելով որ Բեթէլ վարժարանը եղած է հոգեւոր եւ  հայեցի դաստիարակութիւնը հայ դպրոցի ճանապարհով վերապրող հայութեան  հաղորդելու  օճախ:

Ահարոն Շխրտըմեան ընդգծեց, թէ իննսունամեայ այս յուշամատեանը նոր մարտահրաւէրներ  դիմագրաւելու պատրաստակամութիւն է միաժամանակ եւ ապացոյց՝ ստեղծարար մեր ժողովուրդին նկարագիրին: Ան շնորհաւորեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքապետ  վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանը եւ ամբողջ համայնքը նմանօրինակ կոթողային  յուշամատեան մը լոյս ընծայելու գաղափարը յղանալնուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակցութիւն ունեցան այս երախտաշնորհ յուշամատեանին պատրաստութեան եւ հրատարակութեան աշխատանքներուն:

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան, Բեթէլի պատմութեան յուշագրութեան ընդմէջէն քաղելով պատմութիւնը յիշելու, անկէ թելադրուելու եւ անով ուղղելու գրաւականը: Ան շնորհաւորեց Բեթէլ Եկեղեցին ու վարժարանը իրենց նուիրական աշխատանքին համար եւ ներկայացուց իր շնորհաւորական մաղթանքը ապագային նկատմամբ:

Ապա տեղի ունեցաւ յուշամատեանի շնորհանդէսին առիթով կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն: Այս միջոցին, փափաքողները, վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի  մակագրութեամբ, յուշամատեանի օրինակներ ստացան՝ անվճար:

Ապրիլեան Պատերազմի Օրերուն Աւերուած Թալիշը Կը Վերականգնուի

0

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*

Ամանորեան եռուզեռէն շատ չանցած՝ Թալիշի մէջ սկսած է շինարարական եռուզեռը : Կը շարունակուի  հասարակական շէնք-շինութիւններու կառուցումը: Նախկին համայնքապետարանը համայնքային կեդրոնի կը  վերածուի, կողքին՝ հանդիսութիւններու տունը կ’ըլլայ:  Ճարտարապետներու խումբի ուղեկցութեամբ՝ պատասխանատուները հերթական անգամ կը շրջին շինհրապարակի մէջ: Ընթացս՝ նախագծերու մէջ  վերջին ձեւաւորումները կը կատարեն: Սեղանին Թալիշի նոր թաղամասի նախագիծն է, որ կ’ընդգրկէ գիւղ մտնող ճանապարհէն ձախ, հակառակորդի կողմէն չդիտարկուող տարածքը:  Նախագիծին վրայ արցախցի մասնագէտներու հետ կ’աշխատին Հայաստանի ճարտարագիտաշինարարական ազգային համալսարանի խումբը: «Կայ ղեկավարութեան կողմից խնդիր դրուած, որ տները պէտք է բաժանուեն 100-1200 մեթրի վրայ: Տների չափերի հարցում ընտանիքի անդամների թիւն է կարեւոր: Որոշել ենք կազմել տների կատալոգ՝ տարբեր ձեւի եւ չափի՝ նոյն ճարտարապետական ոճի մէջ: Որպէսզի ընտրուի՝ որ ընտանիքին ինչ տուն է պէտք»,- կը պատմէ աշխատանքային խումբի մէջ ներգրաւուած ճարտարապետներէն Գէորգ Սաֆրազպէկեանը:

«Ունենալով հասարակական շէնքերն ու շինութիւնները՝ պէտք է ունենանք նաեւ բնակելի թաղամասը: Նոր, յարմարաւէտ պայմաններով, ժամանակակից պահանջներուն համապատասխան, իրենց թաքստոցներով, ապաստարաններով: Մենք ունենք մեր տարբերակը: Համալսարանը ներկայացրել է իր տարբերակը: Կը քննարկենք, կը գանք ընդհանուր յայտարարի»,- իրավիճակը կ’ամբողջացնէ Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը:

Շրջայցէն յետոյ մասնագէտներն ու պատասխանատուները կրկին քննարկումներու սեղանի շուրջ  հաւաքուած են: Պահանջը յստակ է՝ առանձնատները պէտք է կառուցուին արագ, որակով եւ լիարժէք եւ ամբողջութեամբ կահաւորուած: «Բնակիչին մնալու է իր երեխաների ձեռքը բռնի ու մտնի այդ բնակարանը»,- կը վստահեցնէ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեանը եւ կը մանրամասնէ՝ Թալիշի վերականգնման հետ կապուած ծրագիրները կը պատշաճեցնեն ամէնէն առաջ գիւղի բնակիչներու հետ:  Անոնց համաձայնութեամբ՝ գիւղը ընդհանուր կենդանաբուծարան կ’ունենայ: Երկրագործութեան ոլորտին մէջ ալ ծրագիրներ կան: «Իհարկէ, գիւղատնտեսութեամբ պէտք է զբաղուին: Այդ պարտադիր պայման է: Արդէն իսկ համապատասխան յանձնարարականներ են տրուել գիւղատնտեսութեան նախարարութեանը: Գիւղնախարարութիւնը զուգահեռ աշխատանք է տանում, որ այստեղ նաեւ գիւղատնտեսութեան զարգացման ծրագիր ունենանք»,- կը տեղեկացնէ, բայց դեռ մանրամասները չի բացայայտեր Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահը: Գիւղատնտեսութենէն բացի՝ այլ աշխատատեղերու հնարաւորութիւն եւս կը նախատեսուի: Որպէս սկիզբ՝ գիւղի մէջ կարի արտադրամաս պիտի հիմնուի:

Յիշեցնենք, որ սահմանամերձ Թալիշը Ապրիլեան պատերազմի ընթացքին ամենաշատ տուժած բնակավայրն է: Գիւղը  քանի մը օր շարունակ հրետակոծուեր է: Թալիշի բնակչութիւնը տարհանուած է: Անոնց մէկ մասը այսօր տեղաւորուեր են նոյն՝ Մարտակերտի շրջանի Ալաշան բնակավայրի մէջ՝ սահմանէն աւելի հեռու, իսկ շատ ընտանիքներ ցրուած են Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան բնակավայրերու մէջ: Թալիշի վերականգնումէն յետոյ թալիշցիները հայրենի գիւղ են վերադառնալու: Վերականգնողական աշխատանքներու սկիզբը 2016-ի վերջերը տրուած է: Կատարումը Արցախի նախագահի անմիջական վերահսկողութեան տակ է: Պետական պիւտճէէն բացի, այս աշխատանքներուն նաեւ բարեգործական գումարներ  կ՝ուղղուին:

2

3

4

Հայոց Բանակի Կազմաւորման 25-ամեակին Առթիւ Տեղի Ունեցաւ Զինուորներու Եւ Ազատամարտիկներու Պարգեւատրման Արարողութիւն

0

Հայկական բանակի կազմաւորման 25-րդ տարեդարձին առիթով ՀՀ նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան` հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած խիզախութեան, անձնուրաց քաջութեան, անմնացորդ նուիրումին, ինչպէս նաեւ բանակաշինութեան եւ զօրքերու մարտական պատրաստուածութեան գործին մէջ ունեցած իրենց աւանդին համար շուրջ երկու հարիւր զինծառայողներ եւ ազատամարտիկներ պարգեւատրած են Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն պարգեւներով, շքանշաններով ու մետալներով, շնորհած նաեւ բարձրագոյն զինուորական կոչումներ:

Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորած է զինծառայողները եւ ազատամարտիկները տօնին ու պետական բարձր պարգեւներու արժանանալու առընչութեամբ:

Չաւուշօղլու Համատեղ Յանձնաժողով Ստեղծելու Կոչ Ըրած է Հայաստանին

0

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու 1915 թուականին տեղի ունեցած դէպքերը  ուսումնասիրելու համար  համատեղ յանձնաժողով ստեղծելու կոչ ըրած է Հայաստանին:

Ըստ թրքական «Gazetevatan» լրատուամիջոցին` լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին թուրք նախարարը ողջունած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը բեկանելու մասին Ֆրանսայի սահմանադրական դատարանի ընդունած որոշումը: Բացի այդ, Չաւուշօղլու գոհունակութեամբ ընդունած է այն փաստը, որ  Դանիոյ խորհրդարանին կողմէ 1915-ի վերաբերեալ ընդունած բանաձեւին մէջ չէ կիրառուած ցեղասպանութիւն եզրոյթը:

Հայաստանին ուղղուած կոչին մէջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը մասնաւորապէս կ՛ըսէ. «Մենք միշտ Հայաստանին կ՛ըսենք, որ եթէ կը հաւատաք դուք ձեզի, ապա եկէք համատեղ յանձնաժողով ստեղծենք: Այլ երկիրներէ ալ գիտնականներ թող մասնակցին: Բոլոր արխիւները թող բանան, ատկէ ետք մենք կ’ընդունիք ի յայտ եկած որեւէ արդիւնք: Սակայն մինչեւ այսօր Հայաստան չ՛ընդունիր: Ինչո՞ւ: Իրենք ալ գիտեն, որ ցեղասպանութիւն չէ եղած, բայց արտասահմանեան լոպպիստական ուժերու հետ կը շարունակեն համագործակցիլ Թուրքիայի դէմ»,- կը հաղորդէ ermenihaber.am-ը:

Չաւուշօղլու, շարունակելով առաջ քաշել անհեթեթ պնդումներ, նոյնիսկ յայտարարած է, որ հայկական սփիւռքը  կը համագործակցի կիւլէնական համայնքին հետ, որ Թուրքիոյ մէջ կ՛որակուի իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն:

 

 

Վիգէն Սարգսեան Պաշտօնական Այցով Մեկնեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն

0

Իրանի պաշտպանութեան եւ Զինուած ուժերու աջակցման նախարար Հոսէյն Տեհղանի հրաւէրով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան երէկ պաշտօնական այցով մեկնեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն,- կը հաղորդէ panorama.am-ը՝ վկայակոչելով ԻԻՀ ՊՆ պաշտօնական կայքը:

Իրանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ քարոզչութեան վարչութեան հաղորդմամբ` պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան Թեհրանի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ ինչպէս իր պաշտօնակիցին, այնպէս ալ Իրանի քաղաքական եւ անվտանգութեան ոլորտի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ, որոնց հետ պիտի քննարկէ երկկողմ, տարածաշրջանային եւ միջազգային խնդիրներուն առընչուող հարցեր:

Հայաստանի Եւ Արցախի Բարձրաստիճան Պատասխանատուները Եռաբլուրի Մէջ Յարգեցին Զոհուած Հայորդիներուն Յիշատակը

0

Հայոց բանակի կազմաւորման 25-րդ տարեդարձի առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնները այցելեցին Եռաբլուր, յարգանքի տուրք մատուցանեցին իրենց կեանքը Հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:

«Եռաբլուր» պանթէոն այցելեցին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ կաթողիկոս, ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեան, վարչապետ Կարէն Կարապետեան, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ: Անոնք ծաղիկներ դրին սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, զօրավար Անդրանիկի շիրիմներուն եւ Արցախեան պատերազմին զոհուած ազատամարտիկներու ու զինծառայողներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին: