Հինգշաբթի, 31. 07. 2025

Հայ Փաստաբանը Յաղթած է Ֆրանսայի Փաստաբաններու Բանախօսութեան Միջազգային Մրցոյթին

0

Ֆրանսայի Կայեն քաղաքին մէջ Յունուար 29-ին տեղի ունեցած է մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ բանախօսութեան միջազգային մրցոյթը, որուն յաղթած է հայ փաստաբան Աշխէն Յարութիւնեան, կը հաղորդէ News.am-ը՝ վկայակաչելով memorial-caen.fr-ն:

Փաստաբան Աշխէն Յարութիւնեան իրաւագիտութեան պսակաւոր արուեստի աստիճան ստացած է Հայաստանի Ֆրանսական համալսարանէն, այնուհետեւ շարունակած է ուսումնառութիւնը Ֆրանսայի Էքս ան Փրովանս քաղաքի Փոլ Սեզան համալսարանին մէջ` ստանալով մագիստրոսի աստիճան, այնուհետեւ յաջողութեամբ շարունակած է մասնագիտական ուսումը Մարսէյի փաստաբանական դպրոցին մէջ` ձեռք բերելով Փաստաբանի կոչում:

Կայեն քաղաքի յուշահամալիրի մրցոյթը տեղի կ’ունենայ արդէն 28-րդ անգամ, ան կը համախմբէ մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ գործող փաստաբաններ, ինչպէս Ֆրանսայէն`այնպէս ալ այլ երկիրներէ:

Այս տարի մրցոյթին նախնական փուլը յաղթահարած եւ եզրափակիչ փուլին մասնակցութեան համար ընտրուած էին 10 փաստաբան տարբեր երկիրներէ` Ֆրանսայէն, Լիբանանէն եւ Պելճիքայէն:

Փաստաբանները այս մրցոյթին կը ներկայացնեն մարդու իրաւունքներու խախտումներու այնպիսի դէպքերու մասին, որոնք այնքնան ալ յայտնի չեն լայն հասարակութեան: Միջազգային այս հեղինակաւոր մրցոյթի մասնակիցները կը գնահատուին մասնագիտական թեմայի ընտրութեան, ներկայացման եւ բանախօսական հմտութիւններուն համար:

Աշխէն Յարութիւնեան արժանացաւ առաջին մրցանակին իր «Ամերիկեան երազանք. քուլիսներու ետեւ» բանախօսութեան համար: Բանախօսութեամբ Աշխէն Յարութիւնեան կը ներկայացնէր պատմութիւնը հայիթիէն Նիթա անունով աղջկայ մը, որ քանի մը անգամ որդեգրուած էր ամերիկեան տարբեր ընտանիքներու կողմէ եւ ի վերջոյ վաճառուած է իր «ընտանիքներուն» կողմէ Ամերիկայի մէջ յայտնի «rehoming» (վերաորդեգրում) օրէնքով: Այս տարօրինակ ամերիկեան ընթացակարգը առիթ կու տայ որդեգրող ընտանիքներուն հրաժարելու որդեգրուած երեխայէն որեւէ ամէնէն անհեթեթ պատճառներով` այդ մասին յայտարարութիւն տեղադրելով համապատասխան համացանցային կայքին: Նման օրէնքի կիրառումը կը նշանակէ, որ մարդիկ երեխաներուն կը վերաբերին որպէս իրեր:

Աշխէն Յարութիւնեան իր զգացական, բայց միեւնոյն ժամանակ հզօր ելոյթով կոչ կ՛ընէ մարդու իրաւունքներու ջատագովներու եւ առհասարակ հանրութեան պայքարելու նման երեւոյթներու դէմ, քանզի վերջիվերջոյ երեխաները ծնած են ապրելու եւ ծաղկելու, այլ ոչ թէ իրերու պէս վաճառուելու համար:

Հայաստանի Մէջ Արեւային Ելեկտրակայաններու Համար Կը Փափաքինք Բաղադրիչներ Մատակարարել. Սթամպուլահայ Գործարար

0

Թրքական Multi Contact ընկերութիւնը պատրաստ է բաղադրիչներ մատակարարել Հայաստանի մէջ արեւային ելեկտրակայաններու համար: Այս մասին, ըստ News.am–ի, ըսած է ընկերութեան ներկայացուցիչ Արթուն Իստեփան Սաբչեան:

Ընկերութիւնը կ’արտադրէ ելեկտրական համակարգերու միակցիչներ, ներառեալ` ելեկտրակայաններու համար, որոնք արեւային վահանակը կը միացնեն փոխարկիչին (հաստատուն հոսանքը փոփոխական դարձնող սարք):

«Մենք կը ներմուծենք Գերմանիայէն եւ Զուիցերիայէն, եւ կ’աշխատինք դրացի երկիրներու, նաեւ` նախկին Խորհրդային հանրապետութիւններու հետ: Մենք արդէն տեղադրած ենք ընդհանուր 130 կիկաուաթ հզօրութեան միակցիչներ ելեկտրակայաններու համար:

Հայաստան կը գտնուիմ երկրորդ անգամ ըլլալով: Կը նախատեսեմ ընդլայնել կապերս ուժանիւթով զբաղող հայրենակիցներու հետ»,- ընդգծած է Սաբչեան:

Երեւանի Մէջ Յունուար 20-26 Ծնած է 357 Երեխայ

0

Երեւանի ծննդատուներուն մէջ, Յունուար 20–26 երկարող ժամանակահատուածին մէջ, լոյս աշխարհ եկած է 357 երեխայ` 185 տղայ, 172 աղջիկ: Այս մասին կը յայտնեն Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Երեւանը 2017-ի Զբօսաշրջային Մատչելի Քաղաք` Ըստ Momondo-ի

0

Բրիտանական յայտնի www.momondo.co.uk որոնողական համակարգը Երեւանը ներառած  է 2017 թուականի մատչելի զբօսաշրջային քաղաքներու շարքին: Այս մասին կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանի զբօսաշրջութեան բաժինը:

Յօդուածին մէջ ընտրուած են ամբողջ տարուան համար այցելութեան նախընտրելի քաղաքները: Երեւան այցելելու համար խորհուրդ կը տրուի ընտրել Յունիս ամիսը:

Նախընտրելի եւ մատչելի քաղաքներու շարքին են նաեւ Պուլկարիոյ Սոֆիա, ԱՄՆ Թեքսաս նահանգի Սան Անթոնիօ, Իռլանտայի Պելֆասթ, Ուքրանիոյ Լուով, Յունաստանի Քալամաթա քաղաքները եւ այլն:

Հեղինակները Երեւանի մէջ պարտադիր այցելութեան վայրերէն նշած են Հիւսիսային պողոտան, Օփերայի շրջակայքն ու Հանրապետութեան հրապարակը, ուր այցելուները կրնան հիանալ իւրօրինակ պարող շատրուաններով:

Հայաստանի մայրաքաղաքը ընգրկուած է ռուսերու աշնանային նախընտրելի ուղեւորութիւններու լաւագոյն տասնեակին մէջ: Վարկանիշը ներկայացուած է ըստ հիւրանոցներու եւ վարձով բնակարաններու որոնման եւ ամրագրման տուեալներու 2016-ի Նոյեմբեր 4-6-ը ժամանակաշրջանին: Նոյեմբերի տօներուն նախընտրելի քաղաքներու 10-ին մէջ էին Երեւանը, Պրահան, Մինսկը, Տալլինը, Պաքուն, Թիֆլիսը, Վիլնիւսը, Ռիկան, Հելսինքին եւ Լոնտոնը:

«Մշակութային Կանգառ»` Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

0

ՀՀ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չէմպէրճեան ստորագրած են 73 միլիոն դրամի համագործակցութեան յուշագիր:

«Մեր «Մշակութային կանգառ» ծրագրի, թոյլ տուէք ասել` «մշակութային ինտերուենցիա»-ի (մշակութային միջնորդութիւն-ԵՌԳ․), յայտարարումից յետոյ միանգամից արձագանգեցին մեր բարեկամները, մասնաւորապէս, «Փիւնիկ» հիմնադրամը: Սա, իսկապէս, աննախադէպ միջոցառում է. 426 մշակութային այց, մօտ 200 կինոցուցադրում` հիմնադրամի տրամադրած շարժական կինոթատրոններով, ընդհանուր առմամբ, աւելի քան 600 մշակութային միջոցառում` չհաշուած փառատօնային այցելութիւնները: Եւ այս ամէնին իր սիրայօժար աջակցութիւնն է բերում «Փիւնիկ» հիմնադրամը»,- յուշագիրի ստորագրումէն ետք ըսած է նախարար Արմէն Ամիրեան:

Նախարարութեան ֆէյսպուքեան էջէն կը տեղեկանանք, որ նախարարութեան նախաձեռնած «Մշակութային կանգառ» ծրագիրով Հայաստանի պետական բոլոր երաժշտական եւ թատերական խումբերը հիւրախաղերով ելոյթ պիտի ունենան Հայաստանի մարզերուն եւ Արցախի մէջ:

«Մենք սիրով արձագանգեցինք, քանի որ մեր սրտին խօսող բան մըն է: Նախարարը մեզի ուրախ լուր տուաւ 2017-ի համար»,- նշած է «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չէմպէրճեան:

Նախարար Ամիրեան նաեւ ըսած է, որ ծրագիրը միաժամանակ մարզերուն մէջ  ունեցած մշակութային հարթակները հաշուառելու, մարդկային մշակութային ներուժը գնահատելու եւ յետագային նախարարութեան օժանդակութիւնը ճիշդ կազմակերպելու հնարաւորութիւն է:

 

«Իսկ արդիւնքը գնահատելիս կ’առաջնորդուենք վաճառուած տոմսերի քանակով: Խնդիրը շատ կամ թանկ տոմս վաճառելը չէ: Դրանց գինն ընդամէնը 300 դրամ ենք սահմանել. մեր խնդիրն է նաեւ մարզերում, համայնքներում ստեղծել մշակութային միջոցառումների կազմակերպման ենթակառուցուածքներ: Հաւատացէ՛ք, որ նման ախտորոշումը նաեւ որակական փոփոխութիւն է բերելու, որովհետեւ մի բան է, երբ ձրի համերգին աշակերտներին պարտադրելով են բերում դահլիճ, մէկ այլ բան է, երբ գիւղում ապրող մարդը` տեսնելով պաստառը, սիրայօժար գնում է էժան տոմսն ու մասնակացում համերգին»,- նշած է նախարարը:

Ա. Ամիրեանի խօսքով` մշակոյթի հետ շփուիլը այսօր, կարծես, շքեղութիւն դարձած է մարզին մէջ ապրող մարդու համար` ի տարբերութիւն Երեւանի, ուր մշակութային կեանքը շատ բարձր մակարդակի վրայ է:

«Մենք պարզապէս մեր բաժնից պէտք է հասցնենք մեր համերկրացիներին»,-ըսած է նախարարը` վստահութիւն յայտնելով, որ «Մշակութային կանգառ» ծրագիրը լրջօրէն պիտի փոխէ պատկերը ու մշակութային միջավայրը:

Հայաստան Կը Ցանկայ Իրանի Հետ Պաշտպանական Ոլորտին Մէջ Ընդլայնել Համագործակցութիւնը․ Վիգէն Սարգսեան

0

Իրան անընդունելի կը համարէ ուժի կիրառմամբ տարածաշրջանային խնդիրներու լուծումը,-իրանի Պաշտպանութեան տեղեկատուութեան եւ քարոզչութեան վարչութեան փոխանցմամբ` երէկ առաւօտեան ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է ԻԻՀ պաշտպանութեան եւ ԶՈՒ աջակցման նախարար Հոսէյն Տեհղանը:

Իրանի պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը, իր գոհունակութիւնը յայտնելով հայ-իրանական զարգացող յարաբերութիւններու առընչութեամբ, ըսած է. «Իրան, ունենալով 15 հարեւան, միշտ կը ձգտի իր հարեւաններուն հետ բարի դրացիական եւ բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ հաստատել»,- կը տեղեկացնէ panorama.am-ը:

Հոսէյն Տեհղան, անդրադառնալով տարածաշրջանային հակամարտութիւններուն, մասնաւորապէս ըսած է. «Տարածաշրջանային խնդիրներու լուծումը ուժի կիրառմամբ անընդունելի է: Անոնց լուծումը բացառապէս պէտք է տեղի ունենայ խաղաղ ճանապարհով` բանակցութիւններու միջոցով, եւ Իրանը այդ գործընթացին աջակցելու համար ոչ մէկ ջանք կը խնայէ»:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, կարեւոր համարելով տարածաշրջանին մէջ Իրանի ունեցած դերակատարութիւնը, վստահեցուցած է, որ Հայաստան պատրաստակամ է Իրանի հետ ընդլայնել իր համագործակցութիւնը եւ բարձրացնել երկկողմ յարաբերութիւններու մակարդակը: Հայաստան կը ցանկայ Իրանի հետ պաշտպանական ոլորտին մէջ ընդլայնել համագործակցութիւնը, համոզուած ենք, որ այցը պիտի նպաստէ յետագայ համագործակցութեան»:

Վիգէն Սարգսեան, ողջունելով Իրանի դերակատարութիւնը ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման գործին, համոզուած է, որ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի։

 

Մինսկի Խումբի Համանախագահները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Հանդիպման Առաջարկ Ներկայացուցած Են

0

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի եռանախագահները առաջարկած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպիլ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի նախաշեմին:

Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:

«Եռանախագահներն առաջարկել են Հայաստանի արտգործնախարարութեանը հանդիպել Միւնխենի անվտանգութեան կոնֆերանսի նախաշեմին: Առաջարկ է հնչել նաեւ հանդիպում կազմակերպել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտգործնախարարների միջեւ: Մենք, ի հարկէ, երբեւէ չենք հրաժարւում որեւէ հանդիպումից: Բայց ինչ վերաբերում է Ազրպէյճանի նախարարի հետ հանդիպմանը, այս պահին չեմ կարող հաստատել»,- նշած է Նալպանտեան` ընդգծելով, որ յայտնի չէ, թէ այս անգամ ինչ խաղեր կրնայ ընել Ազրպէյճանը:

«Պայմանաւորւում ենք մի բան, սակայն վերջին րոպէին նրանք ձեւացնում են, որ ինչ-ինչ պատճառներով չեն կարող, անգամ մեղադրում են, որ հայկական կողմն է հրաժարւում հանդիպումից: Ասացին, որ Համպուրկում ընդհանրապէս հանդիպում չի կայացել, թէպէտ հանդիպումը եղել էր եռանախագահների ներկայութեամբ եւ արտգործնախարարների մասնակցութեամբ»,- ընդգծած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը` ըսելով, որ թերեւս նախարարներու մակարդակով հանդիպում ըլլայ, եթէ Ազրպէյճան չհրաժարի:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Կաթոլիկ Եւ Արեւելեան Ուղղափառ Ոչ Քաղկեդոնական Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան

0

21-28 Յունուարի 2017-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ ոչ քաղկեդոնական Եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան միացեալ ժողովին 14-րդ հանդիպումը: Արեւելեան ոչ քաղկեդոնական Եկեղեցիներու ընտանիքին ներկայացուցիչներն են՝ Անտիոքի Ասորի Եկեղեցին, Հայ Առաքելական Եկեղեցին, Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցին, Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցին եւ Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցին: Հանդիպումը կայացաւ Պապական Խորհուրդի Քրիստոնէական Միութեան Սատարող Բաժանմունքին մէջ:

Վերջին քանի մը տարիներուն Յանձնաժողովի հանդիպումներուն որպէս աստուածաբանական երկխօսութեան նիւթ կը քննարկուին Եկեղեցւոյ Եօթը Խորհուրդները: Այս հանդիպումին որպէս գլխաւոր նիւթ ներկայացուեցաւ Եկեղեցւոյ Եօթը Խորհուրդներէն երրորդը՝ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը կամ պատարագը իր ծագումով, զարգացումով, ներկայի օգտագործման վիճակով ու իր աստուածաբանական ու եկեղեցաբանական հասկացողութեամբ:

Սոյն ժողովին Հայ Եկեղեցին կը ներկայացնէին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութենէն՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանն ու Գերպ. Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանը, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողոկոսութենէն՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանն ու Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը: Մակար Սրբազանը ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագի խորհուրդի պատմական ծագումը, հոլովոյթը, զարգացումն ու ներկայ վիճակը իսկ Հայր Շահէն՝ նոյն խորհուրդի մասին մեր Եկեղեցւոյ աստուածաբանական ու եկեղեցաբանական հասկացողութիւնը:

Ժողովի աւարտին ընթերցուեցաւ ընդհանուր զեկոյցը, պատրաստուեցաւ ժողովի ամփոփ եզրակացութիւնը եւ որոշուեցաւ յառաջիկայ տարուան հանդիպման թուականը, ներկայացուելիք թեմաները, ինչպէս նաեւ ժողովի վայրը՝ որ պիտի ըլլայ Ս. Էջմիածնի մէջ, Հայաստան:

Ժողովականները առիթը ունեցան երկու առիթներով հանդիպելու Սրբազան Քահանայապետին հետ։ Այս առիթով Կիլիկիոյ Աթոռի ներկայացուցիչ Սրբազան Հայրերը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եղբայրական ողջոյնները փոխանցեցին Նորին Սրբութեան։

 

 

25 Գարուններ… Հայոց Բանակը Հայ Պետականութեան Պահապանն է

0

«Բանակն ազգի ինքնաճանաչման հայելին է, բոլոր հայերու ծնունդն է, հայութեան հաւաքական կերպարը, անոր պատասխանատուութիւնը, անոր պատմութեան վերագնահատումը եւ հայեացքը ապագային։»

Սպր. Վազգէն Սարգիսեան

            25 տարի առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հերոս՝ սպարապետ Վազգէն Սարգիսեանի հրամանագիրով կազմաւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերը: 25 տարի ետք, Հայոց Բանակը իր բազուկները սեղմած ու լայնաթափ սփռած կը սաւառնի բարձունքներ, յաղթանակներ արձանագրելով ու իր շարքերը համալրելով արդիական զրահներով եւ սարքաւորումներով:

Սակայն, Հայկական բանակին գործունէութիւնը ներհայկական, ապահովական եւ պաշտպանողական ծիրին մէջ չի սահմանափակուիր, այլեւ միջազգային գետնի վրայ իր ուրոյն եւ հաստատուն դիրքը կը փայփայէ, հպարտօրէն արդարացնելով իր կատարած առաքելութիւնը:

28 Յունուարի կէսօրուան ժամը 12-ին, տօնական մթնոլորտ մը կը տիրէր Հարաւային Լիբանանի Շամաա գիւղին մէջ գտնուող ԻՒՆԻՖիԼ-ի իտալական զօրանոցին մէջ: Հոն, հայկական զօրագունդը պիտի նշէր Հայոց Բանակի
25-րդ յոբելենական տարեդարձը:

Այս հպարտ առիթով, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Տիար  Սամուէլ Մկրտչեան, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ՝ Տիար Կարօ Քեպապճեան, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ՝ Ընկ. Սեդրակ Քիւրէճեան , ԹՄՄ տեղական վարչութեան ներկայացուցիչ` Օրդ. Անի Պոզոյեան, Վահան Թէքէեան Միջն. վարժարանի ուսուցիչներ՝ Պրն. Աւետիս Տիպան, Տիկ. Ռիթա Թամուկեան, Օրդ. Սիլվա Պոզոյեան եւ լիբանանահայեր ուղղուեցան հարաւ` մասնակցելու համար պաշտօնական շքեղ հանդիսութեան, որմէ ետք ճաշակեցին հայկական տոհմիկ եւ աւանդական ուտեստներ՝ պատրաստուած հայկական զօրագունդի զինուորներուն եւ խումբ մը լիբանանահայերու կողմէ: Ընկերային մթնոլորտի մը մէջ բարեմաղթութիւններ եւ յուշանուէրներ փոխանցուեցան հայ զինուորներուն:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՄԱԿ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ ու դրօշներու տողանցքով, որմէ ետք միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական զօրագունդի հրամանատար՝ Կարէն Աթոյեան ողջունեց դեսպան Մկրտչեանը: Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան «Տէրունական Աղօթք»-ով եւ պահպանիչով օրհնեց հայկական ջոկատն ու ներկաները, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Նահատակներուն յիշատակը:

20170128_141621

Հրամանատար Կարէն Աթոյեան ողջունելով ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեց պատիւը ընդունելու եւ իրենց հետ կիսելու յոբելենական ուրախ պահերը, ապա խօսքը ուղղելով հայկական ջոկատի զինուորներուն ըսաւ. «Դուք ամիսներ առաջ կը գտնուէիք ղարաբաղեան սահմանագիծին վրայ եւ ձեր առաքելութիւնը կատարած էք հպարտութեամբ: Դուք հասկցած էք խաղաղութեան գինը` ձեր սեփական մարմինին վրայ զգալով արկերու մահաբեր սարսուռը: Այժմ դուք կը գիտակցիք խաղաղութեան արժէքը եւ այսօր կը կատարէք խաղաղապահ առաքելութիւն, քաջ գիտակցելով անոր խոր իմաստը իւրաքանչիւր երկրի եւ ընտանիքի համար»:

20170128_141820

Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիար Սամուէլ Մկրտչեան, իր կարգին ջերմ ու գորովալից խօսքերով շնորհաւորեց Հայոց Բանակին ստեղծման յատկանշական 25-ամեակը, յորդորելով կառչած մնալ հայրենիքի սուրբ հողին, պահպանել կայունութիւնը տարածաշրջանին մէջ եւ սատարել միջազգային խաղաղապահութեան: Ան նաեւ բարձր գնահատեց միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը` նշելով որ, աւելի ազնիւ գործ չկայ քան երկրի մը եւ ժողովուրդի մը խաղաղութեան ապահովումը: Շնորհաւորական խօսքի աւարտին ան շեշտեց ըսելով.- «Անփորձանք մնացէ՛ք եւ ծառայեցէ՛ք ի խնդիր Լիբանանի խաղաղութեան եւ ժողովուրդի կայուն բարգաւաճման ու զարգացման»:

20170128_134307

Տեղի ունեցաւ նաեւ վկայագիրներու, պատուոգիրներու եւ շնորհակալագիրներու փոխադարձ տուուչութեան արարողութիւն, ուր պատուարժան Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը պատուեց զօրանոցի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Ուկո Չելլոն, հարիւրապետ Կարէն Աթոյեանը, ԻՒՆԻՖԻԼ-ը, Լիբանանեան բանակին եւ հայկական զօրագունդի զօրավարները, ենթասպաները եւ յիսնապետները, որմէ ետք Հայաստանի մասին ցուցադրուեցաւ տպաւորիչ, հետաքրքրական ու միեւնոյն ժամանակ գօտեպնդիչ տեսաերիզ մը, որ իր դրական դրոշմը ունեցաւ նաեւ ներկայ օտար երկիրներու ներկայացուցիչներու մօտ: Աւելի ուշ տեղի ունեցաւ 25-ամեակին նուիրուած կարկանդակի հատում, ձեռամբ վսեմաշուք դեսպան Մկրտչեանին եւ հրամանատար Աթոյեանին:

20170128_135522

Հայկական ջոկատի 32 զինուորներէ բաղկացած խումբի անդամները ազգային երգերով ու պարերով զարդարեցին տօնական հանդիսութիւնը:

20170128_135446

Յոբելենական այս տօնակատարութեան առիթով՝  ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի ներկայացուցիչները գեղեցիկ յուշանուէրներով պատուեցին հայկական ջոկատի զինուորները, անոնց նուիրելով արծաթեայ խաչքարէ պատրաստուած թեւնոցներ: Իսկ Վահան Թէքէեան Միջն. վարժարանի ուսուցիչները իրենց ոգեւորիչ խօսքերով ողջունեցին քաջարի զինուորները ու անոնց նուիրեցին գրքոյկներ, որոնց մէջ տեղ գտած էին վարժարանի միջնակարգ Բ. Եւ Գ. կարգերու աշակերտներուն կողմէ գրուած ու հայ զինուորին ուղղուած սրտի խօսքեր:

Հայոց Բանակը հայ պետականութեան սիւնն է ու յաւերժ պահապանը: Փառք ու պատիւ մեր քաջարի առիւծներուն: Թող 25  գարուններ տօնուին մեր աննկուն ու խրոխտ հայոց բանակին եւ հայոց պետականութեան:

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ

 

 

Կապոյտ Յիշատակներ Հրդեհուած Մելգոնեանէն «Մելգոնեանցի Ըլլալը Չի՛ Բացատրուիր, Ալ՝ Կ՚ապրուի Միայն» Մեր Ուսուցիչներէն։ Վաչէ Սեմերճեան

0

*ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ*

Պրն. Վաչէ Սեմերճեանը Մելգոնեանի խոնարհագոյն երեք դասարաններուն գիտութեան ուսուցիչն էր։

Օր մը, գիտութեան պահերէն մէկուն, «ադոմ»-ի բաղադրամասերու դասին ժամանակ, չեմ գիտեր ինչպէ՞ս, ձեռքս շատ զօրաւոր կերպով գրասեղանիս զարկի եւ … ադոմական ռումբի պայթումը տեղի ունեցաւ։ Երբ Պրն. Սեմերճեանը հարցուց որ ի՞նչ ըրի, «պարոն, ըսի, ադոմներէն մէկը պայթեցաւ»։ Եթէ ուրիշ ուսուցիչ մը եղած ըլլար, վստահաբար պիտի պատժէր, բայց Պրն. Սեմերճեանը ժպտաց եւ «ուշադիր եղիր ուրիշ անգամ, կրնաս դուն ալ հետը պայթիլ»,- ըսաւ։

Ինչպէ՞ս չյարգես նման ուսուցիչ մը։

Շատ հանդարտ բնաւորութիւն ունէր Պրն. Սեմերճեանը։ Անմեղ ժպիտը անպակաս էր իր դէմքէն։ Ազատ ժամերուն, եթէ քաղաք չէր գացած կամ եթէ ուսուցչարանին մէջ Պրն. Մավեանին հետ ազգային հարցերը չէր լուծեր, մեր քովն էր, աշակերտներուս հետ, մեր մտահոգութիւններուն բաժնեկից, միշտ բարի խրատ տուողի դիրքին մէջ։

8-րդ դասարանի մեր դաստիարակն էր։ Ուսուցչական պարտականութիւններէն դուրս, շատ լուրջի առած էր իր դաստիարակի պաշտօնը։ Հաւանաբար «պաշտօն» բառը ճիշդ չէ հոս։ «Պաշտօն»դ կը կատարես եւ տուն կ՚երթաս, ամէն բան մոռցած։ Սեմերճեանը կը գիտակցէր, որ այս տղաքը իրենց տուներէն հեռու են, եւ հետեւաբար պէտք ունին հայրական ուշադրութեան։ Բայց ինք շատ երիտասարդ ըլլալուն, «հայր» չէր կրնար ըլլալ մեզի, բայց շատ լաւ՝ «մեծ եղբայր»։ Եւ հոս էր, որ մենք շատ շահաւոր էինք։ Հարազատ մեծ եղբօր մը նման կը խրատէր, կ՚օգնէր մեզի եւ մեր ամենափոքր դժուարութիւնն անգամ իր ուշադրութենէն չէր վրիպեր։

Կիրակի կէսօրէ ետքերը բաւական ձանձրացուցիչ կ՚ըլլային մեզի համար։ Մարզական խաղեր չկային (առաւօտուն խաղցած էինք), կրնայինք գիրք կարդալ, բայց, Կիրակի օրով գի՞րք կարդալ… տրամադրութիւն չէր ըլլար։ Կրնայինք տունը նամակ գրել, բայց այդ կը պահէինք սերտողութեան պահերուն։ Ընդհանրապէս մանչերս շէնքին ետեւը «տանիք» կը խաղայինք, կամ «պատ»։ Յետո՞յ։ Առաւօտեան խաղերու ժամանակ, երբ Սեմերճեանը դաշտ գար խաղը դիտելու, երկու-երեք տղոցմով քովը կ’երթայինք եւ «պարոն, մեզի սինեմա կրնա՞ք տանիլ այսօր»։ Կը ժպտար եւ «լաւ ֆիլմ կա՞յ»,- կը հարցնէր։ Անշուշտ շատ լաւ ֆիլմեր կային քաղաքի սինեմաներուն մէջ։ Մեզի համար որեւէ ֆիլմ այդ օրերուն «շատ լաւ» էր, կարեւորը դպրոցէն դուրս ելլելն էր։ Եւ արդէն՝ այդ կէսօրէն վերջը սինամա կ’երթայինք։ Անշուշտ աղջիկներուն ընկերակցութիւնը միշտ շատ փափաքելի կ’ըլլար։ Պարզապէս աղջիկներուն մօտ ըլլալը հաճոյք էր մեզի համար։

Ուրիշ Կիրակիներ մեզ Աթալասայի անտառները պտոյտի կը տանէր, քալելով։ Իրողութեան մէջ, Մելգոնեանէն 30 վայրկեան քալելով կը հասնէինք Աթալասա, ուր քանի մը հարիւր ծառեր կային։ Կարելի էր պուրակ կոչել այդ ծառախումբերը, բայց մենք անտառ կ՚անուանէինք։ Խումբով, Լիմասոլ տանող ճամբուն եզերքէն քալելով կ՚երթայինք։ «Քայլարշաւ»-ին սկիզբը՝ աղջիկները առջեւէն, տղաքն ալ ետեւէն քալելով ճամբայ կ՚ելլէինք, բայց կամաց-կամաց խումբը կը խառնուէր եւ երկսեռ առաջ կ՚երթայինք։ Բուն զոյգերը ետեւ կը մնային։ Առաւելութիւնը այն էր որ կրնայիր երբեմն-երբեմն «մարդուդ» ձեռքը բռնել եւ արիւնդ եռար մէջդ… (այս օրերուն պատանիներուն արիւնը եռացնելու համար ուրիշ շատ բաներու կարիք կայ)։ Սեմերճեանը գիտէր այդ եւ անոր համար, բարի հովիւի նման առջեւէն կը քալէր ինք, քանի մը «մտաւորական» տղոց հետ, որոնք տակաւին «մարդ» կարգադրած չէին։

Յաճախ պատահած է, որ Կիրակի կէսօրէ ետք, մանաւանդ, երբ անձրեւոտ ըլլար օդը, Սեմերճեանը մանչերու շէնքը կու գար եւ մեզի հետ դասարանի մը մէջ «անուշ – անուշ» կը խօսէր։ Մեր գանգատները կը լսէր, իրեն յատուկ ոճով կը մեղմէր կամ «այս ալ գանգատ է մը ծօ» կ՚ըսէր եւ կը խնդայինք։ Եթէ իրեն դասի մասին հարցում հարցնէինք Կիրակի կէսօրէ ետք, «հիմա ո՞վ դաս ընել կ՚ուզէ ծօ, Կիրակի է, հանգիստ ըրէ»,- ըսելով շուրջիններն ալ կ՚ուրախացնէր։ Բայց, երբ «ընկերային» մասը վերջանար. «Դուն հարցու՞մ ունէիր» կ՚ըսէր եւ ինչով որ պէտք էր, կ՚օգնէր այդ տղուն։

Բացի սինեմաներէն եւ Աթալասայի պտոյտներէն Կաղանդի թէ Զատկուան, արձակուրդներուն եւ այլապէս, դասարանային պտոյտներու կը տանէր մեզ դէպի Կիպրոսի տեսարժան վայրերը։ Թրոտոսի լեռները սկսած էին մեզ շատ լաւ ճանչնալ։ Քայրինիայի բերդը, Պէնտէ Տաքթիլոն, Պուֆավէնթոն, Մակարա Վանքը եւ այլ վայրերը միշտ մեզ կը կանչէին։ Միւս դասարաններու աշակերտները կը նախանձէին, բայց ի՞նչ ընենք, մարդը մեր դաստիարակն էր եւ միայն մեզ պտոյտի կը տանէր։

1962-ին, ես որպէս 8-րդ դասարանի աշակերտ, պիտի մասնակցէի արտասանական մրցանքին։ Բայց, քանի որ մասնակիցներուն թիւը շատ մեծ կ՚ըլլար, զտումը տեղի կ՚ունենար մրցանքէն շաբաթ մը առաջ։ Երբ զտուելու կարգս եկաւ, մտայ հերթապահին սենեակը։ Սեմերճեանը եւ ուրիշ երիտասարդ, բարակ պեխերով մարդ մը, նստած էին սեղանին միւս կողմը։ Սեմերճեանը զինք ներկայացուց որպէս Էտմոն Կոտալազեան, Եգիպտոսի «Արեւ» Շաբաթաթերթի խմբագիրը։ Կարծեմ գէշ չարտասանեցի։ Ինծի առիթը տրուեցաւ մրցումին մասնակցելու։ Ես անպայման կ՚ուզէի առաջնութիւնը շահիլ։ Այդպէս ալ եղաւ, միայն ետեւի կողմէն հաշուելով … ։

Մելգոնեանի մէջ կանաչ աչքերով այս շատ համակրելի, երիտասարդ ուսուցիչին սիրահարուած էին քանի մը ուսուցչուհիներ եւ բարձրագոյն կարգերու աշակերտուհիներ։ Մենք՝ այդ շատ լաւ կը նկատէինք, բայց Սեմերճեանը շատ լաւ գիտէր ինքզինք զսպել եւ իր հեռաւորութիւնը պահել այդ «գեղուհի»ներէն։ Տղաքս շատ կը գնահատէինք Սեմերճեանին նկարագիրին այս մաքուր գիծը։ Տարիներ ետք, լսեցինք որ Սօսի Օգնայեան անունով գեղեցիկ մելգոնեանցի աղջիկ մը ընտրած է որպէս կեանքի ընկեր … ։

Սեմերճեանի գիտութեան պահերը միայն գիտութեան դասի պահեր չէին։ Ան այդ պահերը կը գործածէր մեզի անուղղակիօրէն ազգային դաստիարակութիւն, ազգային հպարտութիւն ջամբելու։ Գիտութեան պահերը շատ լաւ առիթներ էին իրեն համար մեզի խօսելու Հայաստանի գիտութեան զարգացումներուն եւ մակարդակին մասին։ Հայ գիտնականներու անունները կը տողանցէին մեր առջեւէն։ Անունները հիմա մոռցած կրնանք ըլլալ, բայց այդ օրերուն մեր զգացած հպարտութիւնը մեզի օգնեց քիչ մը աւելի լաւ հայեր ըլլալու։ Իր պահերուն, նիշը կարեւոր չէր մեզի համար։ Ինքն ալ շատ կարեւորութիւն չէր տար նիշերուն, կարեւորը՝ բան մը սորվիլն էր։ Եւ քանի որ զինք շատ կը յարգէինք, ուրեմն իր դասը լաւ կը պատրաստէինք որ յանկարծ չնեղուի։ Չէինք ուզեր զինք նեղացնել ։ Վերջապէս մեր շատ լաւ ուսուցիչը ըլլալէն անդին, մեր շատ լաւ «մեծ եղբայր»-ն ալ էր։ Եթէ աշակերտ մը որեւէ պատճառով գրաւոր քննութեան մը ցած նիշ ստանար, առիթ կու տար այդ աշակերտին զանազան ձեւերով իր նիշը բարելաւելու։ Իր նպատակը մեզի սորվեցնելն էր, ոչ թէ նիշ մը տալը։ Շատ ուսուցիչներ իրենց «խիստ» եւ «լուրջ» ըլլալը փաստելու համար՝ շատ ժլատ կ՚ըլլան նիշ տալու մէջ։ Ինչո՞ւ։ Նի՞շն է կարեւորը թէ ստացած գիտութիւնդ ու փորձառութիւնդ։

Տարիներ ետք, 1981-ին, Սեմերճեանին հանդիպեցայ Լոս Անճելըսի մէջ։ Ան ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի Շինութեան Յանձնախումբին մէջն էր երբ ես տնօրէն նշանակուեցայ։ Ան Տիգրանեան Վարժարանէն ներս իր ծառայութիւնները շարունակեց որպէս Կրթական Յանձնախումբի անդամ։ Կրնամ վկայել, որ իր իմաստուն գաղափարներով ինծի շատ օգտակար եղած է մանաւանդ սկզբնական անփորձ տարիներուս։ Միշտ պատրաստ էր օգնելու ինծի։ 1980-ական թուականներու սկիզբը, երբ «Նոր Օր»-ի խմբագրատունը Պէվըրլի Պողոտայի վրայ էր, յաճախ Շաբաթ օրերը մինջեւ կէսօր խմբագրատուն կ՚ըլլայինք թերթին յաջորդ թիւը պատրաստելու։

1990-ական թուականներուն, Տիգրանեան Վարժարանի միջնակարգի մեր աշակերտները առանձնաշնորհումը ունեցան Սեմերճեանը ունենալու որպէս իրենց հայագիտական նիւթերու ուսուցիչը։ Քանի մը սերունդներ իրմով լիցքաւորուեցան եւ մելգոնեանցիներուս նման հպարտացան ոչ միայն հայութեամբ, այլ նաեւ Պրն. Վաչէ Սեմերճեանի նման սքանչելի ուսուցիչ մը ունեցած ըլլալու իրողութեամբ։

Շնորհակալութիւն, եւ վարձքդ կատար սիրելի ուսուցիչ։

Լոս Անճելըս