Չորեքշաբթի, 30. 07. 2025

Իզմիրի Բանտին Մէջ Արգիլուած է Հայկական «Ակօս» Թերթը

0

Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքի խիստ հսկողութեան տակ գտնուող բանտին մէջ (ուր պատիժ կը կրեն պետութեան դէմ յանցանք գործած եւ կազմակերպուած յանցագործութիւն գործած անձինք) «Ակօս» թերթը արգիլուած է: Այս մասին յայտնի դարձած է բանտի կալանաւորներէն մէկու՝ «Ակօսին» ուղղուած նամակէն:

Նամակի մէջ ան յայտնած է, որ հայերէն եւ թրքերէն հրապարակուող շաբաթաթերթը Դեկտեմբեր ամիսէն ի վեր չէ ստացած: Նամակի մէջ կը նշուի, որ բացի «Ակօս»-էն արգիլուած են քանի մը այլ թերթեր եւս:

«Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան շրջաբերականը հիմք ընդունելով՝ արգիլուած է տեսակցողներու միջոցաւ առձեռն կամ նամակատան միջոցով մեզ տպագիր մամուլ կամ գիրք փոխանցել: Տարբեր կառոյցներուն մեր դիմումները եւ բողոքները ոչ մէկ արդիւնք տուած են: Մեզ անհեթեթ բացատրութիւն տուած են, թէ դուրսէն բերուող թերթերու եւ գիրքերու միջոցաւ մենք «հաղորդագրութիւններ» կը ստանանք: Չենք կրցած նոյնիսկ պարզել, թէ մեզ ուղարկուած թերթեր ինչ ըրած են»,- գրած է նամակի հեղինակը, ընդգծելով, որ բանտային պայմանները խստացած են 15 Յուլիսին տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման փորձէն ետք:

Ան բողոքած է, որ 15 Յուլիսէն ետք իրենց արգիլած են զրուցել: «Այս մեկուսացումը, կարծես բաւարար չէր, հիմա ալ օդափոխիչ համակարգերը կը փակեն մետաղալար ճաղերով, տարբեր խուցերու մէջ գտնուող կալանաւորներու միջեւ կապը կտրելու համար»:

Կը նշուի, որ բացի Իզմիրի բանտէն այլ բանտերուն մէջ եւս արգելուած է կալանաւորներուն «Ակօս» շաբաթաթերթ կամ այլ թերթեր յանձնել:

 

 

«Հայաստա՛նը Իմ Տունն է» Կարգախօսով՝ Հայրենադարձներու Հադիպում Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ

0

Փետրուար 2-ին «Հայրենադարձները` տուն դարձածները» շաբաթուան ծիրէն ներս ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Հայաստան հաստատուած բազմաթիւ հայրենադարձներու հետ:

Ողջունելով ներկաները` ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց. «Դահլիճում ներկայ են Հայրենիքում հաստատուած մեր հայրենակիցները աշխարհի բազմաթիւ երկրներից: Հայրենիքում ապրելու որոշմամբ դուք աշխարհին ու Հայաստանին ցոյց էք տուել ձեր մարդկային բնութագիրը: Եւ մեր այս հաւաքը գալիս է փաստելու, որ Հայաստան նաեւ վերադառնում են: Դուք եկել էք, որ մասնակից ըլլաք հայրենիքի շէնացման գործին, ձեր ներդրումը ունենալու մեր հայերնիքի զարգացման։ Եկել էք, որպէսի ձեր հողին, ձեր ջրին, ձեր ինքնութեանը, ձեր արմատին աւելի կառչած մնաք։ Մենք մեր երկրում պարտաւոր ենք պահպանել լաւը, իսկ վատը` շտկել` մշտապէս առաջ մղելով «Հայաստա՛նն է իմ տունը» կարգախօսը: Հայաստանում վերջին 4-5 տարիների ընթացքում հաստատուեցին նաեւ 22 հազար սիրիահայեր, եւ ես ուրախ եմ, որ իրենց հետ մեր հայրենակիցները բերեցին ապրելու, ստեղծագործելու նոր մշակոյթ, նոր մօտեցումներ»:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարը ընդգծեց, որ քիչ չեն նաեւ այն հայորդիները, որոնք կեանքի բերումով կը գտնուին արտերկիր, բայց իրենց մեծ ներդրումը բերած են եւ կը շարունակեն բերել Հայրենիքի զարգացման գործին: Նախարարը տեսանիւթի միջոցով յիշեցուց յայտնի բարերարներ Քըրք Գրիգորեանը, Էդուարտօ Էռնեկեանը, Սամուէլ Կարապետեանը, Ռուբէն Վարդանեանը, Վաչէ Մանուկեանը, Սեմ Սիմոնեանը, Ճերարտ Գաֆէսճեանը, Վահագն Յովնանեանը, Սերկէյ Համբարձումեանը, Լեւոն Հայրապետեանը, Սերկէյ եւ Նիքոլայ Սարքիսով եղբայրները, Ռուբէն Վարդանեանը ու շատ ուրիշներ, որոնք իրենց կատարած մեծ բարերարութեամբ ու ներդրումներով նպաստած են Հայրենիքի զարգացմամ գործին։

Ներկաները դիտեցին տեսանիւթ, ուր բազմաթիւ հայրենադարձներ ներակայցուցին իրենց հարենադարձման շարժառիթները:

Ապա խօսք առին շատ մը հարենադարձներ՝ անդրադառնալով իրենց Հայաստան հաստատուելու որոշումին եւ հոս ունեցած իրենց կեանքի փոփոխութեան ու որակին մասին։

Իրաքէն վերադարձած երկրաբան-ոսկերիչ Վարանդ Պետրոսեանը նշեց, որ ինք վերադարձած է իր երազած երկիրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան Հայրենիք-Սփիւռք կապերու մերձեցման, հայրենադարձութեան խթանող ծրագիրներ իրականացնելու համար:

Սուրիահայ հայրենադարձ երգիչ, ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Արսէն Գրիգորեան առանձնայատուկ հպարտութեամբ շեշտեց, որ այս տարի կը լրանայ Հայաստան հաստատուելուն 30 տարին: «Մենք մեր կամքով չէ, որ ծնած ենք օտար հողի վրայ, բայց մեր կամքով կրնանք հայրենադարձուիլ», – ըսաւ ան:

Իրանէն վերադարձած Տիանա Յովսէփեան իր օրինակով հաւաստիացուց, որ իւրաքանչիւր հայ պէտք է գայ Հայաստան եւ այստեղ որոշէ` ինչ ընել Հայրենիքին համար:

Գործարար Քրիսթիան Կելիճին (Հոլանտա), որ Հայաստանի մէջ աւելի քան 1200 աշխատատեղ ստեղծած է, նշեց. «Ես ուրախ եմ, որ իմ ինը երեխաներս ծնած են այս սուրբ հողին վրայ: Մենք օտարութեան մէջ ապրած ենք Հայրենիքը տեսնելու կարօտով, ուստի իմ զաւակներուն տուած եմ այն, ինչէն ես զրկուած եղած եմ»:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն եկած Լիզա Գարաճեան յայտնեց, որ շատ ուրախ է, որ իր զաւակները այժմ հայրենիքի մէջ կ’ապրին հայկական միջավայրի մէջ են եւ կը շփուին իրենց հայ ընկերներուն հետ։

Գանատայէն հայրենադարձուած, ՀՅԴ Հայ դատի հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեան նոյնպէս ընդգծեց, որ Հայաստան ապրիլը զոհողութիւն չէ: «Հայաստանը միակ վայրն է, ուր ես ինծի տէր կը զգամ», – նշեց ան:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ սուրիահայ հայրենադարձ, Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակից Նայիրի Մկրտիչեան եւ առաջարկեց ստեղծել հայրենադարձներու խորհուրդ:

Հանդիմումի աւարտին սկիզբ առաւ «Հայաստա՛նն է իմ տունը» շարժումը:

Համերգային կատարումներով հանդէս եկան հայրենադարձ երաժիշտներ Արսէն Գրիգորեան (Մրօ), Գէորգ Հաճեան, ուտահար Ճորճ Վանէսեան, Արարատեան հայրապետական թեմի  «Ծաղկազարդ» համոյթը, Դաւիթ եւ  Շահէ Իսպիրեանները, ասմունքող Լիւսի-Վանա Կարապետեան եւ այլք:

 

Արցախի Բանակին Կողմէ Գերի Առնուածին Մայրը Կը Պնդէ, Որ Իր Որդին Զինծառայող Էր. Կը Բացայայտուի Ազրպէյճանի Սուտը

0

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին կողմէ գերեվարուած ազրպէյճանցի զինծառայողին մայրը հերքած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը այն մասին, որ գերի առնուածը Ազրպէյճանի բանակի զինծառայող չէ:

Այս մասին տեսանիւթ մը տարածած է Istipress.com-ը:

Տեսանիւթին մէջ զինուորին մայրը ներկայացուցած է, որ գերեվարուած Էլնուր Հուսէյին Զատէն ռազմական ծառայութեան աւարտէն չորս ամիս ետք վերադարձած է բանակ պայմանագրային զինծառայողի կարգավիճակով:

Վերջին անգամ ան տուն եղած է ներթափանցման փորձի նախօրէի երեկոյեան:

Յիշեցնենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ 1 Փետրուար 2017-ի մօտաւորապէս  ժամը 15:00-ին, ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հիւսիսային (Թալիշ) ուղղութեամբ հակառակորդը, օգտագործելով եղանակային մառախլապատ պայմանները, ձեռնարկած է հետախուզական-ներթափանցման փորձի: Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ուժերը, ժամանակին նկատելով ազրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու յառաջխաղացումը, դիմած են կանխարգելիչ գործողութիւններու եւ կորուստներ պատճառելով ետ շպրտած զանոնք: Կազմակերպուած դիմադրական գործողութեան շնորհիւ, առաջնագիծը պաշտպանող հայկական ուժերը յաջողած են գերեվարել ազրպէյճանական բանակի զինուոր, 1995-ի ծնունդ Էլնուր Հուսէյին Զատէն:

Ըստ հաւաստի տուեալներու` հակառակորդը տուած է նաեւ առնուազն 1 վիրաւոր, որ ի դէպ, պաշտօնապէս հաստատուած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ այսօր տարածուած հաղորդագրութեամբ մը:

Թուրքիան Վճռական է Երթալու Այն Ճանապարհէն, Ուրկէ Պատմութիւնը Կը Նախազգուշացնէ Չերթալ. Կարօ Փայլան

0

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը կիրառելուն համար հեռացուեցաւ նիստի աշխատանքներէն, յօդուած գրած է` անդրադառնալով կատարուածին եւ իր ելոյթի նպատակին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը՝ յօդուածը հրապարակուած է «Ակօս» պարբերականին մէջ:

Փայլան պատմած է, որ նախորդ շաբաթ այցելած էր Պերլին Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին մասնակցելու նպատակով: Այցի ծիրէն ներս ան այցելած էր Գերմանիոյ խորհրդարան, ուր ականատես եղած էր Հոլոքոսթի զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին, երբ բոլոր պատգամաւորները, վարչապետ Մերքելը եւ նախարարները յոտնկայս կը ծափահարէին Հոլոքոսթի զոհերուն նուիրուած ելոյթներուն եւ դաշնամուրային կատարումին:

«Ես հիացած էի: Գերմանիոյ խորհրդարանը յարգանքի տուրք կը մատուցանէր ոչ հին անցեալին նացիստական կառավարութեան կողմէ իրականացուած մեծ յանցանքի զոհերուն: Իսկ ես եկած էի ամբողջովին այլ մթնոլորտէ: Երկրէ մը, որ չի կրնար առերեսուիլ երէկուան զուլումի հետ եւ կը շարունակէ այսօրուանը… Տխրեցայ երկրիս համար, թաց աչքերով գացի հանդիպումին…

«Ընդամէնը մէկ շաբաթ առաջ, երբ սահմանադրական փոփոխութիւններու առաջարկին վերաբերեալ ելոյթ ունեցայ, հեռացուեցայ խորհրդարանէն օսմանեան վերջին տարիներուն իմ ժողովուրդիս գլխուն եկածին մասին խօսելուս համար: Ես իբրեւ  հայ պատգամաւոր չեմ կրնար խօսիլ 102 տարի առաջուան մեղքերուն մասին, մինչդեռ գերմանացիները` աջակողմեան եւ ձախակողմեան, իշխանական եւ ընդդիմադիր, ձեռք ձեռքի տուած եւ մեծ ինքնավստահութեամբ կ՛առերեսուէին իրենց սխալներուն հետ: Եւ ոչ ոք կը մտածէր, որ կը ստորացուի գերմանական ինքնութիւնը»,- կը գրէ Փայլան` նշելով, որ Թուրքիոյ մէջ օրէ օր աւելի կը բարդանայ պատմութեան անդրադառնալը:

Խօսելով իր ելոյթին մասին` պատգամաւորը նշած է, որ նպատակ ունեցած է պատգամաւորներուն մտովի տեղափոխել օսմանեան ժամանակաշրջան, երբ սկսած էին այն ժամանակուան սահմանադրական քննարկումները` ցանկալով յիշեցնել այդ տարիներու սխալները:

«Այսօրուան խորհրդարանին մէջ քննարկուող սահմանադրական փոփոխութիւններու առաջարկը «Ազգայնական շարժում» կուսակցութիւնը կ՛որակէ որպէս «Թուրքի սահմանադրութիւն»: Ատիկա զիս կը վախցնէ, քանի որ այն ժամանակ Թալիաթ եւ Էնվէր փաշաները նոյն տրամաբանութեամբ թուրքի սահմանադրութիւնը դրին կիրառութեան մէջ, ուր որոշ քաղաքացիներ առ ոչինչ համարուեցան: 1913-1923 թուականները անցան մեծ կոտորածներով, ցեղասպանութիւններով, ջարդերով. մեծ տարողութեամբ կորսնցուցինք հայ, ասորի, յոյն եւ հրեայ ժողովուրդները:

Սակայն, երբ ես ըսի ատոր մասին խորհրդարանին մէջ, մեծ զայրոյթ յառաջացաւ: «Ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելու համար զիս պատմութեան մէջ չտեսնուած պատիժի ենթարկեցին` արգիլեցին սահմանադրական քննարկումներու երեք նիստերէն, իսկ խորհրդարանի ամպիոնէն կատարուած յայտարարութիւնս հանուեցաւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի արձանագրութիւններէն»,- նշած է Փայլան:

Ան ընդգծած է, որ իր հիմնական նպատակը ոչ թէ բանավէճ ստեղծելն էր, այլ յորդորելն էր անցեալէն դաս քաղել եւ նոյն սխալներն այլեւս չկրկնել:

«Մտահոգ եմ: «Թուրքի սահմանադրութիւնը սարքելու» համար ճանապարհ ինկած, գործը դեռ չսկսած` մեծ ախորժակով քիւրտ պատգամաւորները բանտ ուղարկած խորհրդարանին կողմէ, լիազօրութիւնները մէկ անձի փոխանցելը լաւ արդիւնքներու չի յանգեցներ: Քրիստոնէական եւ հրէական համայնքները օսմանեան վերջին շրջանին միատարրութեան գաղափարախօսութեան հետեւանքով Անատոլիոյ մէջ 40 տոկոսէն դարձած են հազարէն մէկը: Մենք մեծ գին վճարած ենք: Սակայն ոչ միայն մենք, այլ բոլորը կորսնցուցած են, քանի մը մարդու մեղքին պատճառով բոլորը կեղտոտուած են:

«Ինծի համար խնդիրը միայն խորհրդարանին մէջ խօսքի ազատութեան սահմանափակումը, ընտրուած անձի նկատմամբ անարգանքը կամ «այդ բառը» կիրառել-չկիրառելը չէ: Ատոնք ի հարկէ կարեւոր են, սակայն հիմնական վախցնողն այն է, որ Թուրքիան վճռական է երթալու այն ճանապարհով, որով պատմութիւնը կը նախազգուշացնէ չերթալ»,- նշած է Կարօ Փայլան:

Ան փաստած է, որ դէպքերը կրնան տանիլ այնպիսի զարգացումներու, որոնցմէ կը տուժեն բոլորը:

«Այս հողը, որուն 10 տարի առաջ յանձնեցինք Հրանդ Տինքը, այսօր աղաւնիի անհանգստութիւն կ՛ապրի: Այդ վախը անտեղի չէ: Մենք` հայերս, ատիկա ամենալաւը գիտենք: Այդ պատճառով ձեզի` մեծամասնութեանդ կը դիմեն՝ եկէք ետ դառնանք այդ պատմական սխալէն»,- եզրափակած է հայ պատգամաւորը:

Ազրպէյճան Կը Փորձէ Խոչընդոտել Հայաստանի Եւ Եռանախագահներուն Արցախի Տագնապը Լուծելու Ջանքերը

0

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Յունուար 31-ին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձած է նախարարութեան աշխատանքներուն եւ յայտնած է, որ ղարաբաղեան տագնապին շահարկումը՝ ազրպէյճանական ներքին դրդապատճառներուն համար, վտանգաւոր է եւ անընդունելի:

«Ակնյայտ է, թէ ով հրաժարած է Կազանէն, ով հրաժարած է Սոչիէն, անկէ առաջ՝ Մոսկուայէն, անկէ առաջ՝ Աստրախանէն եւ այլն: Կամ ո՞վ կ’անտեսէ եռանախագահներու 5 յայտարարութիւնները, որոնք կը վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման: Ազրպէյճա՛նը: Ասոնք փաստեր են, որոնք ինքնին խօսուն են: Ներքին դրդապատճառներով Ղարաբաղի հիմնախնդրի շահարկումը վտանգաւոր է եւ անընդունելի»,- ըսած է նախարար Նալպանտեան։

Անդրադառնալով այն հարցումին, որ եթէ Ազրպէյճան իր պայմանները չկատարէ, Հայաստան պիտի շարունակէ՞ մասնակցիլ բանակցութիւններուն եւ երկխօսութիւնը տագնապի լուծման գծով՝ նախարար Նալպանտեան պատասխանած է. «Իրենք իրենց սուտերուն մէջ այնքան խճճուած են, որ չեն գիտեր, թէ ինչպէս պէտք է դուրս գան անկէ: Առաջին անգամը չէ, որ Ազրպէյճան կը խոչընդոտէ, կը հրաժարի համաձայնութիւններու կատարումէն, յայտարարութիւններէն, հանդիպումներէն, բայց բանակցութիւններուն այլընտրանք չկայ: Հայաստանը, եռանախագահներուն հետ միասին կը շարունակէ ջանքերը ուղղուած հանգուցալուծման այնպիսի տարբերակի ամրապնդման, որ պիտի ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքները, անվտանգութիւնը: Այս է պատճառը, որ ի հարկէ, պէտք է շարունակել բանակցութիւնները»:

Ի՞նչ փուլի մէջ են ապրիլեան իրադարձութիւններէն ետք կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, զորս ազրպէյճանական կողմը կը մերժէ կեանքի կոչել լրագրողի հարցումին ի պատասխան, նախարարը ըսած է,- «Ազրպէյճանը կ’ընէ այն, ինչ կ’ընէ բազմիցս՝ կը փորձէ խոչընդոտել Հայաստանի եւ եռանախագահներու կողմէն գործադրուող ջանքերուն, որոնք ուղղուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման: Ազրպէյճանը հարցականի տակ դրաւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, աղաւաղեց զանոնք այն աստիճան, որ եռանախագահները զայն կոչեցին այլասերում: Եռանախագահները ստիպուած են կրկին ու կրկին կրկնել, որ պէտք է անխտիր պահպանուի հրադադարը, անյապաղ իրականացուին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները: Այս է գլխաւոր ուղղութիւնը, որմով կ’ուղղորդուին Հայաստանն ու եռանախագահները: Ասոնք միտուած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը առաջ մղելուն»:

Նախարար Նալպանտեան դիտել տուած  է, որ Դեկտեմբեր 2016-ի դրութեամբ Հայաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է 168 պետութեան հետ: Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած են 110 դեսպան, 26 միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչ, 1 գլխաւոր եւ 34 պատուաւոր հիւպատոս:

2016-ի Դեկտեմբերի դրութեամբ արտերկրի մէջ Հայաստան ունի հաւատարմագրուած 42 դեսպան եւ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար, որոնք համատեղութեան կարգով հաւատարմագրուած են ընդհանուր առմամբ 95 երկիրներու մէջ:

Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչներ նշանակուած են 23 միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ:

Արտերկրի մէջ կը գործեն Հայաստանի 8 գլխաւոր հիւպատոսութիւն, 1 հիւպատոսական կէտ եւ 36 պատուաւոր հիւպատոս: Հայաստանի Հանրապետութիւնը դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է նաեւ Նիճերիոյ Հանրապետութեան հետ:

 

«Ամէն Հայու Հոգիին ՄԷջ Պէտք Է Այրի Հայրենասիրութեան Կրակը». Սուրիահայ Հայրենադարձ

0

*ԿԱՐԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ*

Հայոց Բանակի Կազմաւորման 25-ամեակին Առիթով ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տօնական ձեռնարկին ծիրէն ներս  հիւրընկալուած էին Արցախի առաջին գոյամարտին մասնակցած սփիւռքահայ, հայրենադարձ ազատամարտիկներ, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմական գործողութիւններուն մասնակցած, Հայոց բանակին մէջ ծառայող սփիւռքահայ երիտասարդներ, անոնց ընտանիքներուն ներկայացուցիչները: Այդ ընտանիքներէն մէկուն` Դաւիթ եւ Նաթալի Գազանճեան ամուսիններուն հետ ալ ծաւալեցաւ իմ հարցազրոյցս «Հայերն այսօր»-ին համար:

Տիկի՛ն Նաթալի, ե՞րբ  հայրենադարձ եղած է Ձեր ընտանիքը:

-Երկու տարի առաջ  Հայրենիք վերադարձանք Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքէն: Մեր ընտանիքին մէջ 5 արու զաւակ կայ` բոլորն ալ ` հայկական անուններով` Պօղոս, Սարգիս, Գէորգ, Մեսրոպ, Թորոս: Անոնցմէ երկուքը հիմա Պէյրութ են, երկուքը կը ծառայեն Հայոց բանակին մէջ, կրտսերն ալ Յունուար 30-ին կը զօրակոչուի:

Դժուար չէ՞ արդեօք բանակին մէջ ունենալ երկու տղայ, մանաւանդ՝ տունէն շատ հեռու, Ղարաբաղի մէջ, եւ դեռ մէկն ալ կը  պատրաստուիք շուտով ճանապարհել ծառայութեան:

– Շատ դժուար է, ատիկա անբացատրելի երեւոյթ է. ամէն գէշ լուրին հետ վեր կը թռչիս, կ’իյնաս անորոշութեան ու տագնապին գիրկը: Ես կը շնորհաւորեմ Հայոց բանակի տօնը եւ կը մաղթեմ, որ ան միշտ հզօր, անպարտելի, յաղթական ըլլայ, որ մեր Հայրենիքի բոլոր առաւօտները խաղաղ բացուին, որ գիշերները անխռով ու հանդարտ ըլլան մեր ժողովուրդին համար, որ բոլորին զաւակները ողջ-առողջ տուն վերադառնան, որ ոչ մէկ որդեկորոյս ծնող ըլլայ:

Ուրկէ՞ է հայրենասիրութեան այդ կրակը տղոց հոգիին մէջ:

-Իրենց հօրմէ  ժառանգած են. ան ապրիլեան օրերուն ծաւալած պատերազմական գործողութիւններուն ժամանակ կը պատրաստուէր մեկնիլ Ղարաբաղ. այստեղէ՛ն կու գայ տղոց հոգիին մէջ թունդ առնող հայրենասիրութեան կրակը…Դաւիթը այդ հարցին աւելի լաւ կը պատասխանէ:

Դաւի՛թ, Դուք կը պատասխանէ՞ք այդ հարցին:

-Անշու՛շտ: Հայրենասիրութիւնը մեր արեան մէջ է, զայն ժառանգած ենք մեր պապերէն, մեր արժանաւոր նախնիներէն: Ամէն հայու հոգիին մէջ ամէն բանէ առաջ պէտք է այրի հայրենասիրութեան կրակը: Իւրաքանչիւր հայորդի պարտաւոր է իր պարտքը տալ Հայրենիքին: Եթէ նոյնիսկ տղաքս չցանկային ծառայել, ես անպայման կ’ուղղորդէի անոնց: Հիմա ալ ես պատրաստ եմ `որդիներուս կողքին պաշտպանելու մեր երկրի, Արցախ աշխարհի սահմանները: Դէ՛մ եմ այն մտայնութեան, թէ` թո՛ղ ուրիշը ծառայէ. ուրիշ չկա՛յ, բոլորն ալ մեր տղաներն են, բոլորի կեանքն ալ սուղ է մեզի համար: Հայոց բանակի տօնին առթիւ շնորհաւորելով բոլորս, մասնաւորապէս` բանակի նուիրեալները եւ այս ցրտաշունչ ձմրան սահմանները գիշերուզօր պաշտպանող մեր երիտասարդ զինուորներուն` կը մաղթեմ, որ մեր բանակը միշտ անպարտելի ըլլայ: Մեր բանակը մեր ամրո՛ցն է, մեր վահա՛նը, մեր Հայրենիքի անառիկութեան գրաւականը:

Զարմանալի հայեր, հիանալի՜ հայեր. ուր ալ դուք ապրիք, միեւնոյնն է, ձեր հոգիին մէջ առկայծող հայրենասիրութեան կրակը,  անհրաժեշտութեան պարագային կը բոցկլտայ ու  մեծ խարոյկ կը դառնայ:

«Հայերն Այսօր»

Ծանօթ՝

Այստեղ մեր կողմէ տեղին է նշել, որ Գազանճեան ընտանիքը վերոյիշեալ ձեռնարկին ընթացքին պարգեւատրուեցաւ ձեռամբ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի:

«Խմբ».

 

 

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանի Եւ Նախարարութեան Աշխատակիցներու Այցը Երեւանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի

0

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան` հայրենադարձներուն նուիրուած շաբթուան ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Փետրուար 1-ին, ՀՀ Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, Մերձաւոր եւ Միջին արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան եւ նախարարութեան  քանի մը աշխատակիցներ այցելեցին Երեւանի Հայ կաթողիկէ եկեղեցի, ուր Սուրիոյ ճգնաժամէն մինչ օրս ապաստան  գտած է շուրջ 600 սուրիահայ: Այս պահուն եկեղեցւոյ հիւրատան մէջ կ’ապրի 47 սուրիահայ:

Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ, բարձրաշնորհ Հայր Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանի օրհնութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ Եկեղեցին համագործակցութեամբ «Հայկական Քարիթաս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան հետ` կը հոգայ սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն ոչ միայն ժամանակաւոր կացութեան հարցը, այլեւ կը լուծէ անոնց սոցիալական բազմաթիւ խնդիրները:

Այցելութեան ընթացքին պարոն Սերժ Սրապիոնեան, փոխանցելով ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքերը, կարեւոր համարեց Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը հայկական մշակոյթի պահպանման եւ տարածման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ` սուրիահայութեան խնդիրներու լուծման ուղղուած եւ անով հայրենի պետութեան սատար կանգնելու ջանքերը:

Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի ընդհանուր տեղապահ Հայր Մեսրոպ վարդապետ Սուլահեան գոհունակութիւն յայտնեց անձամբ տիկին Հրանոյշ Յակոբեանին` ամէնօրեայ հոգատարութեան եւ ուշադրութեան, ինչպէս նաեւ` սուրիահայութեան խնդիրներու լուծման ուղղուած գործընթացներուն հետեւելու համար:

Ան ընդգծեց, որ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան մէջ առանձնակի սէր եւ հոգի կայ այն բեկորներուն հանդէպ, որոնք սփռուած են աշխարհով մէկ: Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սէրը մեր հայրենակիցներուն հանդէպ առաւել կը մեծնայ Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ:

Հայր Սուրբը մասնաւորապէս ընդգծեց, որ այցելած է աշխարհի տարբեր մայրցամաքներ եւ գրեթէ բոլոր համայնքները մեծագոյն սիրով եւ հաւատով կը խօսին Սփիւռքի նախարարութեան եւ անձամբ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի մասին` աւելցնելով, որ իրենք կը հաւատան, թէ ապագային առաւել պիտի սերտանայ եւ ընդլայնուի ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համագործակցութիւնը:

Պարոն Սերժ Սրապիոնեան Եկեղեցւոյ նորաստեղծ գրադարանին նուիրեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ աջակցութեամբ հրատարակուած գիրքեր:

Այնուհետեւ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները մտիկ ըրին Եկեղեցւոյ հիւրատան մէջ ապաստանած սուրիահայերուն խօսքերը եւ խոստացան անոնց խնդիրներուն ու առաջարկութիւններուն անդրադառնալ սուրիահայերուն ուղղուած նախարարութեան յետագայ աշխատանքներուն ընթացքին:

 

«Միրաք»-ը Նշեց Հայոց Բանակի 25 Ամեակը

0

«Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման յանձնախումբը գիտակցելով հայ բանակի կազմաւորման 25-ամեակի տօնի ազգային նշանակութիւնը, Կիրակի, 29 Յունուար 2016-ին «Միրաք»-ի հաւաքը, Թէքէեան Կեդրոնէն ներս,  նուիրած էր այս պանծալի տօնին:

Հայկական բանակի ազգային նշանակութեան ու անոր հպարտանքի աղբիւր ըլլալու մասին խօսք առին ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ, «Միրաք»-ի պատասխանատու Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանն ու ընկ. Ճորճ Բարսեղեանը: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ օրերս Հայրենիք գործուղղուած ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր եւ Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝  Ընկ. Սեւակ Յակոբեանն ու ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկհ. Ճենի Գրիգորեանը: Հիւրաբար ներկայ էր նաեւ Պրն. Տիրան Լոքմակէօզեանը:

Հակիրճ դասախօսութենէն ետք, սկսաւ ծրագիրի երկրորդ բաժինը: «Միրաք»-ի անդամները երեք խումբի բաժնուեցան եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին յանձնարարուեցաւ Բանակի նուիրուած երգ մը յօրինել եւ բանակի կեանքը պատկերող 10 վայրկեաննոց կարճ ներկայացում մը բեմադրել:

Յատկացուած ժամանակի աւարտէն ետք, երեք խումբերը կարգով ներկայացուցին իրենց ստեղծագործական աշխատանքները: Լաւագոյն աշխատանք տարած խումբը ընտրող դատական կազմին մաս կազմեց ընկեր Սեւակ Յակոբեանը արուեստագէտ Պրն. Տիրան Լոքմակէօզեանի կողքին: «Միրաք»-ականներու կողմէ պատրաստուած հետաքրքրական եւ ստեղծագործ միտքերով ներկայացումն ու երգերը հաճոյքով ըմբոշխնուեցան ներկայ հիւրերուն եւ անդամներուն կողմէ: Հանդիպման աւարտին Ընկ. Սեւակ Յակոբեան «Միրաք»-ի պատանիներուն յանձնեց իրեն հետ բերած, «Զարթօնք»-ի երկշաբաթեայ մանկապատանեկան նոր  յաւելուածի առաջին թիւը:

Mirak 2

Mirak 3

Mirak 5

Mirak 6

mirak

Ռուս – Իրանական Հեռացո՞ւմ

0

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Ամերիկեան – Իրանեան յարաբերութիւններու վերջին զարգացումները, Իրանեան կողմի  զինուորական վերջին փորձարկումներուն վերաբերեալ, ցոյց կու տան, թէ վերջին շրջանին անոնց միջեւ կնքուած Հիւլէական թղթածրարի համաձայնութեան յառաջացուցած կարճատեւ մեղրալուսինը իր աւարտին հասած է: Այնպէս կը թուի, որ Ռուս – Իրանեան յարաբերութիւններն ալ իրենց լաւագոյն վիճակին մէջ չեն գտնուիր:

Այս մէկը եկաւ հաստատելու այն իրողութիւնը, որ սուրիական հարցով ռուսական կողմի վերջին որոշումները ի նպաստ են ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամփի կեցուածքին, բան մը որ այնքան ալ Իրանին ձեռնտու չէ: :

Իսկ եթէ յառաջիկայ օրերուն Ռուսիա բացէ ի բաց կողմնակից ըլլայ Թրամփի այն միտքին, թէ Սուրիոյ տարածքին պէտք է ստեղծել ապահովական գօտի մը, ապա Իրան բնաւ գոհ պիտի չմնայ:

Նման դժգոհութիւն մը ինչպէ՞ս պիտի արտայայտուի չեմ գիտեր, սակայն մէկ բան վտանգաւոր պիտի դառնայ այս պարագային. սուրիական հարցի լուծման կիսափայլուն հեռանկարը դարձեալ պիտի ամպոտի ցնոր տնօրինում…:

 

 

Ճափոնի Վարչապետը Պատրաստ է Հայ-Ճափոնական Յարաբերութիւնները Զարգացնելու

0

Ճափոնի վարչապետ Շինձօ Ապէն Յունուար 30-­ին ընդունած է ՀՀ ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեանի գլխաւորած խորհրդարանական պաշտօնական պատուիրակութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին վարչապետը գոհունակութեամբ փաստած է, որ հայ-­ճափոնական խորհրդարանական փոխգործակցութիւնը վերջին տարիներուն թեւակոխած է զարգացման կարեւոր փուլ, որ իր դրական ազդեցութիւնը ունի երկու երկիրներուն համագործակցութեան վրայ:

ՀՀ ԱԺ հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ՀՀ ԱԺ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ յոյս յայտնած, որ հայ-­ճափոնական արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը պիտի խորանայ նաեւ միջազգային բազմակողմ հարթակներու վրայ:

Գալուստ Սահակեան Շինձօ Ապէին փոխանցած է ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Հայաստան այցի պաշտօնական հրաւէրը:

Ճափոնի վարչապետը իր ջերմ ողջոյնները փոխանցած է ՀՀ Նախագահին եւ նշած, որ երկու երկիրներուն համագործակցութիւնը այժմ կը գտնուի բարձր մակարդակի վրայ: Վարչապետ Շինձօ Ապէն նշած է, որ պատրաստ է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ աւելի խորացնել եւ զարգացնել համագործակցութիւնը հնարաւոր բոլոր ոլորտներուն մէջ:

ՀՀ ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեանն ու Ճափոնի վարչապետ Շինձօ Ապէն քննարկած են նաեւ տնտեսութեան, առեւտուրի, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան առընչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ նախանշած այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հնարաւոր ուղիները: