Երկուշաբթի, 28. 07. 2025

Թուրք Լրագրողը Միջազգային Կայքին Մէջ Կը Գովազդէ Հայաստանը

0

Հայաստանի մասին բազմաթիւ հրապարակումներով յայտնի թուրք լրագրող Սերտար Քորուճուն միջազգային կայքին մէջ Հայաստանի մասին պատմող յօդուած ու լուսանկարներու շարք մը տեղադրած է, կը հաղորդէ «Նիուզ»-ը («News»):

Իր հրապարակման մէջ Սերտար Քորուճուն գովեստի խօսքեր գրած է Հայաստանի գեղեցիկ վայրերուն մասին` շեշտելով, թէ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունենալը այնքան ալ կարեւոր չէ Հայաստան այցելելու համար:

Նշենք, որ Սերտար Քորուջուն ֆէյսպուքի իր գլխաւոր նկարը դրած է Արցախի «Մենք ենք, մեր սարերը»:

Պատմական Հայաստանի Եզակի Ատլասը Գրեթէ Պատրաստ է

0

Գիտական աշխատութեան արդիւնք հանդիսացող պատմական Հայաստանի եզակի ատլասը պատրաստ պիտի ըլլայ գարնան: «Արմենփրես»–ի հետ զրոյցի ընթացքին քարտէզագիր, «Կիլիկիա» առագաստանաւի , Լոնտոնի արքայական աշխարհագրական ընկերութեան իսկական անդամ Գրիգոր Բեգլարեան նշած է, որ ատլասի առաջին հատորը ամբողջութեամբ նուիրուած է Արեւմտեան Հայաստանին:  «Անիկա Հայաստանը վերականգնող քարտէզ է: Ես այս ատլասի վրայ աշխատած եմ գրեթէ վեց տարի»,- ըսած է­ քարտէզագիրը, աւելցնելով, որ աշխատանքը շարունակական պիտի ըլլայ:

Գրիգոր Բեգլարեանի խօսքով` ատլասի հրատարակման հետ կապուած շնորհահանդէս պիտի կազմակերպուի: Անիկա վաճառքի պիտի հանուի բոլոր գրախանութներուն մէջ: «Ամէն տարի մենք կը վերահրատարակենք Հայաստանի պատի քարտէզը` բնականաբար Արցախով, եւ Երեւանը: Իմ ծրագիրներուս մէջ կայ հրատարակել եւրոպական բոլոր երկիրներու հայատառ քարտէզները, սակայն ատոր համար հարկաւոր են տասնեակ տարիներ»,­- աւելցուցած է քարտէզագիրը:

Պատմական Հայաստանի ատլասին մէջ տեղ գտած է աւելի քան 63 հազար բնակավայրի անուանում: Անիկա կը ներառէ բոլոր այն շրջանները, ուր քանի մը հազարամեակ շարունակ գոյութիւն ունեցած են հայկական պետական միաւորումներ:

Տեղքայլ

0

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Մարդկային կանունաւոր խումբերու ալ բանակ կ’ըսեն: Կը յիշեմ սիրելի ուսուցիչներէս մին՝ դասապահուն, երբ բանակ բառի հանդիպեցանք, ժպիտը դէմքին՝ ըսաւ. «Դուք կապոյտ բանակը կը սիրէք», մենք՝ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի աշխակերտներ էինք.- ակնարկը նկատի ունէր Դարուհի Յակոբեան աղջկանց վարժարանը…

Բայց բանակը, մասնաւոր ռազմադաշտ դարձած այս աշխարհի մէջ, եւ մեզի ճակատագրուած հայրենիքով՝ ի հարկէ ա՛յն կառոյցն է, որ Պետութեան ենթակայ, դասաւորուած զանազան բաժանմունքներու, վերին հրամանատարութեան ենթակայ պատասխանատուներով, ենթապատասխանատուներով , պատերազմի պատրաստ է միշտ: Կրնայ ունենալ նաեւ հրոսակներու բաժին մը, զբաղեցնելու համար թշնամին, վերջնապէս ռազմական հաշիւներ են, զորս մասնագէտներու հարց է:

Բանակի մը կազմութիւնը պետութեան պարտականութիւնն է, երկիրը ամուր հիմերու վրայ հաստատելու, թշնամիին դէմ մարտեր մղելու միակ գործօնը՝ ռազմադաշտի վրայ: Դիւանագիտութիւնը անշուշտ թէ դուրս է, անոր տեղը՝ այլ վայր:

Վերջ ի վերջոյ, բանակը ժողովուրդի զաւակներէն, երիտասարդ եւ առոյգ, դասաւորուած կերպով կազմուած ողնասիւնն է պետութեան մը, որով պիտի երաշխաւորուի ապահով երդիք ժողովուրդին համար, քանի որ ժողովո՛ւրդն է աղբիւրը ու անկէ կը սնանի:

Խմբովին տեղաշարժող մարդկային հաւաքականութեան ալ բանակ կ’ըսեն…

Երբ երկիրը տժգոյն է, հիւանդկախ ու պետութիւնը զբաղ չէ ժողովուրդին կենսամակարդակով, ուր աղքատութիւնը իր չոր թաթով կը հարուածէ հաւատք, յոյս ու սէր, ինքնաբերաբար կը կազմուի բանակ մը՝ որու համար ցաւոտ սրտով պիտի գրենք արտագաղթողներու բանակ, որ ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ արիւնահոսութիւն:

Ո՞վ պիտի դարմանէ. Ախտը շա՜տ հինէն է, կարդացէք Խորենացին: Կ’ըսենք մշակոյթ սիրող ժողովուրդ ենք, հակառակ անոր որ մշակոյթ ըսելով կը հասկնանք միա՜յն գրականութեան թեւը, հո՛ն իսկ կը թերանանք:

Խորենացի՞ն, շա՜տ հին է:

Իսկ ի՞նչ կը գրէ Ռուբէն Սեւակ իր «Այլասերում» գրութեան մէջ. «Հեռո՜ւ մենէ. Ախտագի՛ն մտաւորականներ: (տակաւին պետութիւն չունենք. Գրուած է լոզան, 1906-ին): Դուք ցեղին ուղեղն էք. Բայց երբ այդ ուղեղը ուրիշ կերպ չի կրնար խորհիլ քան յուսահատեցնելով մեր կենսունակութիւնը, մենք պիտի փրցնենք ու նետենք այդ ուղեղը»:

Բանակի 25 ամեակի առթիւ կարծեմ բաւական է աւելի պատգամներ, փառաբանութիւններ եւ այլններ լսեցինք ու դեռ:

Վերին մարմինի մարդոց խօսքերը լսելով, յիշեցի վերջերս շրջանառող լոզունգը. «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար», ըսելու համար. դուն ի՞նչ ըրիր…Բանակի համար, ի մասնաւորի՝ որմէ բանակը:

Խորենացին իր դիտողութիւններով, Ռուբէն Սեւակ իր ախտաբուժութեամբ, Յ. Թումանեանի ցուցմունքն ալ միասին եւ վստահաբար շա՜տ ու շատ մելաններ հոսած են… այս առթիւ:

Բայց… տեղքայլը կը շարունակուի…:

Այս վէրք մըն է, եթէ ես չբուժեմ, ո՞վ պիտի բուժէ…

Ե՞րբ «ՊԻՏԻ ՓՈՐՁԵՆՔ ՈՒ ՆԵՏԵՆՔ ԱՅԴ ՈՒՂԵՂԸ»:

Արցախի Կառավարութեան Հաշուեհամարին Քառօրեայ Պատերազմէն Ետք Փոխանցուած է Մօտ 5,5 Միլիառ Դրամ

0

Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը հրապարակած է յատուկ հաշուեհամարի մուտքերուն եւ ելքերուն (ծախսերու) վերաբերեալ ընդհանրական հաշուետուութիւնը` 2017-ի Յունուար 1-­ի դրութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմենփրես»-ը՝ վկայակոչելով  Արցախի կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութիւնը․

2016-ի Ապրիլ 4-էն մինչեւ 2017-ի Յունուար 1-­ը 7,903 ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձերու կողմէ կառավարութեան յատուկ հաշուեհամարին փոխանցուած է, ընդհանուր առմամբ, 5,484,130,100 ՀՀ դրամ: Ըստ արժոյթի` փոխանցումները բաշխուած են հետեւեալ կերպով` 2,519,339,800 ՀՀ դրամ, 5,032,601 տոլար, 180,428 եւրօ եւ 62,631,827 ռուբլի:

Սոյն թուականի Յունուար 1-­ի դրութեամբ` հաւաքագրուած գումարներէն եւ կառավարութեան արտապիւտճետային հաշիւէն տարբեր նշանակութեան ծախսեր կատարուած են` ընդհանուր առմամբ, 6,003,654,100 դրամի չափով, որոնք արտայայտուած են հետեւեալ ընդհանրական տողերուն`

  • Փոխանցում ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան` 1,359,862,200 ՀՀ դրամ: Այդ միջոցները տնօրինած է պաշտպանութեան նախարարութիւնը` ըստ իր կարիքներուն եւ առաջնահերթութիւններուն:
  • Ռազմական նշանակութեան սարքաւորումներու ձեռքբերում` 1,458,724,500 ՀՀ դրամ: Առաջնագիծի ողջ երկայնքով տեղադրուած այդպիսի սարքաւորումները բարձրացուցած են դիրքերու պաշտպանունակութեան մակարդակը, ինչպէս նաեւ` հակառակորդին տեղաշարժի վերահսկման հնարաւորութիւնները` թէ՛ մերձակայ եւ թէ՛ հեռու տարածութիւններու վրայ, թէ՛ ցերեկային եւ թէ՛ գիշերային պայմաններու մէջ:
  • Երկրաչափական աշխատանքներու կատարում` 1,144,556,400 ՀՀ դրամ: Այս աշխատանքները ներառած են ե՛ւ առաջնագիծի, ե՛ւ թիկունքային ամրութիւններու կառուցում եւ բարեկարգում:
  • ՊԲ կարիքներուն համար ենթակառուցուածքներու, փոխադրամիջոցի ու կապի ծառայութիւններու եւ ընդհանուր ծախսերու իրականացում` 1,012,035,600 ՀՀ դրամ: Այս ծախսերուն միջոցով բարելաւուած են առաջնագիծին սպասարկող ենթակառուցուածքները եւ արդիականացուած են կապի միջոցները:
  • Զօրակոչուած քաղաքացիներուն եւ կամաւորականներուն դրամական աջակցութեան տրամադրում` 1,028,476,400 ՀՀ դրամ: Ֆինանսական աջակցութիւն տրուած է ԼՂՀ գրանցում ունեցող այն կամաւորներուն, որոնք կա՛մ գործազուրկ/ինքնազբաղուած էին եւ որոշակի եկամուտ կորսնցուցած կամաւորութեան ընթացքին, կա՛մ հաստատագրուած գումարի չափէն աւելի ցած աշխատավարձ կը ստանային:

Նշենք, որ, ընդհանուր առմամբ, յատուկ հաշուեհամարին մէջ հաւաքագրուած միջոցներէն շուրջ 520 միլիոն դրամ աւելի գումար ծախսուած է, որ ուղղուած է կառավարութեան արտապիւճետային հաշիւէն:

Բացի կառավարութեան յատուկ հաշուեհամարին մէջ հաւաքագրուած գումարներով կատարուած աշխատանքներէն, տարբեր ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձիք եւս առանձին աջակցութիւն ցուցաբերած են յատկապէս թեքնիքական միջոցներու, մեքենաներու եւ անհրաժեշտ այլ պարագաներու տրամադրման տեսքով: Իսկ երկրաչափական աշխատանքներուն զգալի մասը կատարած են շինարարական մասնաւոր ընկերութիւնները` կառավարութեան կողմէ իրենց ծախսերու մասնակի փոխհատուցմամբ:

Տեղեկացնենք, որ կառավարութիւնը Ազգային ժողովի պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ օրինապահպանութեան մշտական յանձնաժողովին եւ խմբակցութիւններու ղեկավարներուն ներկայացուցած է աւելի մանրամասն հաշուետուութիւններ, որոնք կը ներառեն նաեւ հանգանակուած գումարներու ծախսման վերաբերեալ գաղտնի տեղեկութիւններ:

Կառավարութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր այն անձերուն, որոնք իրենց նուիրատուութիւններով հնարաւոր դարձուցած են ներկայացուած աշխատանքներու իրականացումը: Մենք մեծապէս կարեւոր կը համարենք մեր գործունէութեան թափանցիկութիւնն ու հաշուետուողականութիւնը` պատրաստ ըլլալով հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ ներկայացնել հանրութեան յատուկ հաշուեհամարի միջոցներու ծախսման մանրամասնութիւնները:

Հակառակորդին Ներթափանցման Փորձը Թալիշի Ուղղութեամբ Ձախողած է․Գերի Բռնուած է Ազրպէյճանցի Զինուոր Մը

0

Փետրուար 1-ին, ժամը 15.00-ին, ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հիւսիսային (Թալիշ) ուղղութեամբ հակառակորդը, օգտագործելով եղանակային մառախլապատ պայմանները, ձեռնարկած է հետախուզական ներթափանցման փորձի:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութենէն, Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ուժերը, ժամանակին հաւաստանշելով ազրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու յառաջխաղացումը, դիմած են կանխարգելիչ գործողութիւններու եւ կորուստներ պատճառելով ետ շպրտած են զանոնք: Կազմակերպուած գործողութեան արդիւնքով` առաջնագիծը պաշտպանող հայկական ուժերը յաջողոած են գերի բռնել ազրպէյճանական բանակի զինծառայող, 1995 թուականի Պարտա քաղաքին մէջ ծնած Էլնուր Հիւսէին Զատէն:

Ըստ հաւաստի տուեալներու` հակառակորդը տուած է նաեւ առնուազն 1 վիրաւոր, որ պաշտօնապէս հաստատուած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ այսօր տարածուած հաղորդագրութեամբ մը:

Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները սահմանագիծի ամբողջ երկայնքով կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը եւ պատրաստ են չէզոքացնելու որեւէ նախայարձակ գործողութիւն:

 

Իզմիրի Բանտին Մէջ Արգիլուած է Հայկական «Ակօս» Թերթը

0

Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքի խիստ հսկողութեան տակ գտնուող բանտին մէջ (ուր պատիժ կը կրեն պետութեան դէմ յանցանք գործած եւ կազմակերպուած յանցագործութիւն գործած անձինք) «Ակօս» թերթը արգիլուած է: Այս մասին յայտնի դարձած է բանտի կալանաւորներէն մէկու՝ «Ակօսին» ուղղուած նամակէն:

Նամակի մէջ ան յայտնած է, որ հայերէն եւ թրքերէն հրապարակուող շաբաթաթերթը Դեկտեմբեր ամիսէն ի վեր չէ ստացած: Նամակի մէջ կը նշուի, որ բացի «Ակօս»-էն արգիլուած են քանի մը այլ թերթեր եւս:

«Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան շրջաբերականը հիմք ընդունելով՝ արգիլուած է տեսակցողներու միջոցաւ առձեռն կամ նամակատան միջոցով մեզ տպագիր մամուլ կամ գիրք փոխանցել: Տարբեր կառոյցներուն մեր դիմումները եւ բողոքները ոչ մէկ արդիւնք տուած են: Մեզ անհեթեթ բացատրութիւն տուած են, թէ դուրսէն բերուող թերթերու եւ գիրքերու միջոցաւ մենք «հաղորդագրութիւններ» կը ստանանք: Չենք կրցած նոյնիսկ պարզել, թէ մեզ ուղարկուած թերթեր ինչ ըրած են»,- գրած է նամակի հեղինակը, ընդգծելով, որ բանտային պայմանները խստացած են 15 Յուլիսին տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման փորձէն ետք:

Ան բողոքած է, որ 15 Յուլիսէն ետք իրենց արգիլած են զրուցել: «Այս մեկուսացումը, կարծես բաւարար չէր, հիմա ալ օդափոխիչ համակարգերը կը փակեն մետաղալար ճաղերով, տարբեր խուցերու մէջ գտնուող կալանաւորներու միջեւ կապը կտրելու համար»:

Կը նշուի, որ բացի Իզմիրի բանտէն այլ բանտերուն մէջ եւս արգելուած է կալանաւորներուն «Ակօս» շաբաթաթերթ կամ այլ թերթեր յանձնել:

 

 

«Հայաստա՛նը Իմ Տունն է» Կարգախօսով՝ Հայրենադարձներու Հադիպում Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ

0

Փետրուար 2-ին «Հայրենադարձները` տուն դարձածները» շաբաթուան ծիրէն ներս ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Հայաստան հաստատուած բազմաթիւ հայրենադարձներու հետ:

Ողջունելով ներկաները` ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց. «Դահլիճում ներկայ են Հայրենիքում հաստատուած մեր հայրենակիցները աշխարհի բազմաթիւ երկրներից: Հայրենիքում ապրելու որոշմամբ դուք աշխարհին ու Հայաստանին ցոյց էք տուել ձեր մարդկային բնութագիրը: Եւ մեր այս հաւաքը գալիս է փաստելու, որ Հայաստան նաեւ վերադառնում են: Դուք եկել էք, որ մասնակից ըլլաք հայրենիքի շէնացման գործին, ձեր ներդրումը ունենալու մեր հայերնիքի զարգացման։ Եկել էք, որպէսի ձեր հողին, ձեր ջրին, ձեր ինքնութեանը, ձեր արմատին աւելի կառչած մնաք։ Մենք մեր երկրում պարտաւոր ենք պահպանել լաւը, իսկ վատը` շտկել` մշտապէս առաջ մղելով «Հայաստա՛նն է իմ տունը» կարգախօսը: Հայաստանում վերջին 4-5 տարիների ընթացքում հաստատուեցին նաեւ 22 հազար սիրիահայեր, եւ ես ուրախ եմ, որ իրենց հետ մեր հայրենակիցները բերեցին ապրելու, ստեղծագործելու նոր մշակոյթ, նոր մօտեցումներ»:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարը ընդգծեց, որ քիչ չեն նաեւ այն հայորդիները, որոնք կեանքի բերումով կը գտնուին արտերկիր, բայց իրենց մեծ ներդրումը բերած են եւ կը շարունակեն բերել Հայրենիքի զարգացման գործին: Նախարարը տեսանիւթի միջոցով յիշեցուց յայտնի բարերարներ Քըրք Գրիգորեանը, Էդուարտօ Էռնեկեանը, Սամուէլ Կարապետեանը, Ռուբէն Վարդանեանը, Վաչէ Մանուկեանը, Սեմ Սիմոնեանը, Ճերարտ Գաֆէսճեանը, Վահագն Յովնանեանը, Սերկէյ Համբարձումեանը, Լեւոն Հայրապետեանը, Սերկէյ եւ Նիքոլայ Սարքիսով եղբայրները, Ռուբէն Վարդանեանը ու շատ ուրիշներ, որոնք իրենց կատարած մեծ բարերարութեամբ ու ներդրումներով նպաստած են Հայրենիքի զարգացմամ գործին։

Ներկաները դիտեցին տեսանիւթ, ուր բազմաթիւ հայրենադարձներ ներակայցուցին իրենց հարենադարձման շարժառիթները:

Ապա խօսք առին շատ մը հարենադարձներ՝ անդրադառնալով իրենց Հայաստան հաստատուելու որոշումին եւ հոս ունեցած իրենց կեանքի փոփոխութեան ու որակին մասին։

Իրաքէն վերադարձած երկրաբան-ոսկերիչ Վարանդ Պետրոսեանը նշեց, որ ինք վերադարձած է իր երազած երկիրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան Հայրենիք-Սփիւռք կապերու մերձեցման, հայրենադարձութեան խթանող ծրագիրներ իրականացնելու համար:

Սուրիահայ հայրենադարձ երգիչ, ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Արսէն Գրիգորեան առանձնայատուկ հպարտութեամբ շեշտեց, որ այս տարի կը լրանայ Հայաստան հաստատուելուն 30 տարին: «Մենք մեր կամքով չէ, որ ծնած ենք օտար հողի վրայ, բայց մեր կամքով կրնանք հայրենադարձուիլ», – ըսաւ ան:

Իրանէն վերադարձած Տիանա Յովսէփեան իր օրինակով հաւաստիացուց, որ իւրաքանչիւր հայ պէտք է գայ Հայաստան եւ այստեղ որոշէ` ինչ ընել Հայրենիքին համար:

Գործարար Քրիսթիան Կելիճին (Հոլանտա), որ Հայաստանի մէջ աւելի քան 1200 աշխատատեղ ստեղծած է, նշեց. «Ես ուրախ եմ, որ իմ ինը երեխաներս ծնած են այս սուրբ հողին վրայ: Մենք օտարութեան մէջ ապրած ենք Հայրենիքը տեսնելու կարօտով, ուստի իմ զաւակներուն տուած եմ այն, ինչէն ես զրկուած եղած եմ»:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն եկած Լիզա Գարաճեան յայտնեց, որ շատ ուրախ է, որ իր զաւակները այժմ հայրենիքի մէջ կ’ապրին հայկական միջավայրի մէջ են եւ կը շփուին իրենց հայ ընկերներուն հետ։

Գանատայէն հայրենադարձուած, ՀՅԴ Հայ դատի հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեան նոյնպէս ընդգծեց, որ Հայաստան ապրիլը զոհողութիւն չէ: «Հայաստանը միակ վայրն է, ուր ես ինծի տէր կը զգամ», – նշեց ան:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ սուրիահայ հայրենադարձ, Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակից Նայիրի Մկրտիչեան եւ առաջարկեց ստեղծել հայրենադարձներու խորհուրդ:

Հանդիմումի աւարտին սկիզբ առաւ «Հայաստա՛նն է իմ տունը» շարժումը:

Համերգային կատարումներով հանդէս եկան հայրենադարձ երաժիշտներ Արսէն Գրիգորեան (Մրօ), Գէորգ Հաճեան, ուտահար Ճորճ Վանէսեան, Արարատեան հայրապետական թեմի  «Ծաղկազարդ» համոյթը, Դաւիթ եւ  Շահէ Իսպիրեանները, ասմունքող Լիւսի-Վանա Կարապետեան եւ այլք:

 

Արցախի Բանակին Կողմէ Գերի Առնուածին Մայրը Կը Պնդէ, Որ Իր Որդին Զինծառայող Էր. Կը Բացայայտուի Ազրպէյճանի Սուտը

0

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին կողմէ գերեվարուած ազրպէյճանցի զինծառայողին մայրը հերքած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը այն մասին, որ գերի առնուածը Ազրպէյճանի բանակի զինծառայող չէ:

Այս մասին տեսանիւթ մը տարածած է Istipress.com-ը:

Տեսանիւթին մէջ զինուորին մայրը ներկայացուցած է, որ գերեվարուած Էլնուր Հուսէյին Զատէն ռազմական ծառայութեան աւարտէն չորս ամիս ետք վերադարձած է բանակ պայմանագրային զինծառայողի կարգավիճակով:

Վերջին անգամ ան տուն եղած է ներթափանցման փորձի նախօրէի երեկոյեան:

Յիշեցնենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ 1 Փետրուար 2017-ի մօտաւորապէս  ժամը 15:00-ին, ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հիւսիսային (Թալիշ) ուղղութեամբ հակառակորդը, օգտագործելով եղանակային մառախլապատ պայմանները, ձեռնարկած է հետախուզական-ներթափանցման փորձի: Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ուժերը, ժամանակին նկատելով ազրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու յառաջխաղացումը, դիմած են կանխարգելիչ գործողութիւններու եւ կորուստներ պատճառելով ետ շպրտած զանոնք: Կազմակերպուած դիմադրական գործողութեան շնորհիւ, առաջնագիծը պաշտպանող հայկական ուժերը յաջողած են գերեվարել ազրպէյճանական բանակի զինուոր, 1995-ի ծնունդ Էլնուր Հուսէյին Զատէն:

Ըստ հաւաստի տուեալներու` հակառակորդը տուած է նաեւ առնուազն 1 վիրաւոր, որ ի դէպ, պաշտօնապէս հաստատուած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ այսօր տարածուած հաղորդագրութեամբ մը:

Թուրքիան Վճռական է Երթալու Այն Ճանապարհէն, Ուրկէ Պատմութիւնը Կը Նախազգուշացնէ Չերթալ. Կարօ Փայլան

0

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը կիրառելուն համար հեռացուեցաւ նիստի աշխատանքներէն, յօդուած գրած է` անդրադառնալով կատարուածին եւ իր ելոյթի նպատակին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը՝ յօդուածը հրապարակուած է «Ակօս» պարբերականին մէջ:

Փայլան պատմած է, որ նախորդ շաբաթ այցելած էր Պերլին Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին մասնակցելու նպատակով: Այցի ծիրէն ներս ան այցելած էր Գերմանիոյ խորհրդարան, ուր ականատես եղած էր Հոլոքոսթի զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին, երբ բոլոր պատգամաւորները, վարչապետ Մերքելը եւ նախարարները յոտնկայս կը ծափահարէին Հոլոքոսթի զոհերուն նուիրուած ելոյթներուն եւ դաշնամուրային կատարումին:

«Ես հիացած էի: Գերմանիոյ խորհրդարանը յարգանքի տուրք կը մատուցանէր ոչ հին անցեալին նացիստական կառավարութեան կողմէ իրականացուած մեծ յանցանքի զոհերուն: Իսկ ես եկած էի ամբողջովին այլ մթնոլորտէ: Երկրէ մը, որ չի կրնար առերեսուիլ երէկուան զուլումի հետ եւ կը շարունակէ այսօրուանը… Տխրեցայ երկրիս համար, թաց աչքերով գացի հանդիպումին…

«Ընդամէնը մէկ շաբաթ առաջ, երբ սահմանադրական փոփոխութիւններու առաջարկին վերաբերեալ ելոյթ ունեցայ, հեռացուեցայ խորհրդարանէն օսմանեան վերջին տարիներուն իմ ժողովուրդիս գլխուն եկածին մասին խօսելուս համար: Ես իբրեւ  հայ պատգամաւոր չեմ կրնար խօսիլ 102 տարի առաջուան մեղքերուն մասին, մինչդեռ գերմանացիները` աջակողմեան եւ ձախակողմեան, իշխանական եւ ընդդիմադիր, ձեռք ձեռքի տուած եւ մեծ ինքնավստահութեամբ կ՛առերեսուէին իրենց սխալներուն հետ: Եւ ոչ ոք կը մտածէր, որ կը ստորացուի գերմանական ինքնութիւնը»,- կը գրէ Փայլան` նշելով, որ Թուրքիոյ մէջ օրէ օր աւելի կը բարդանայ պատմութեան անդրադառնալը:

Խօսելով իր ելոյթին մասին` պատգամաւորը նշած է, որ նպատակ ունեցած է պատգամաւորներուն մտովի տեղափոխել օսմանեան ժամանակաշրջան, երբ սկսած էին այն ժամանակուան սահմանադրական քննարկումները` ցանկալով յիշեցնել այդ տարիներու սխալները:

«Այսօրուան խորհրդարանին մէջ քննարկուող սահմանադրական փոփոխութիւններու առաջարկը «Ազգայնական շարժում» կուսակցութիւնը կ՛որակէ որպէս «Թուրքի սահմանադրութիւն»: Ատիկա զիս կը վախցնէ, քանի որ այն ժամանակ Թալիաթ եւ Էնվէր փաշաները նոյն տրամաբանութեամբ թուրքի սահմանադրութիւնը դրին կիրառութեան մէջ, ուր որոշ քաղաքացիներ առ ոչինչ համարուեցան: 1913-1923 թուականները անցան մեծ կոտորածներով, ցեղասպանութիւններով, ջարդերով. մեծ տարողութեամբ կորսնցուցինք հայ, ասորի, յոյն եւ հրեայ ժողովուրդները:

Սակայն, երբ ես ըսի ատոր մասին խորհրդարանին մէջ, մեծ զայրոյթ յառաջացաւ: «Ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելու համար զիս պատմութեան մէջ չտեսնուած պատիժի ենթարկեցին` արգիլեցին սահմանադրական քննարկումներու երեք նիստերէն, իսկ խորհրդարանի ամպիոնէն կատարուած յայտարարութիւնս հանուեցաւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի արձանագրութիւններէն»,- նշած է Փայլան:

Ան ընդգծած է, որ իր հիմնական նպատակը ոչ թէ բանավէճ ստեղծելն էր, այլ յորդորելն էր անցեալէն դաս քաղել եւ նոյն սխալներն այլեւս չկրկնել:

«Մտահոգ եմ: «Թուրքի սահմանադրութիւնը սարքելու» համար ճանապարհ ինկած, գործը դեռ չսկսած` մեծ ախորժակով քիւրտ պատգամաւորները բանտ ուղարկած խորհրդարանին կողմէ, լիազօրութիւնները մէկ անձի փոխանցելը լաւ արդիւնքներու չի յանգեցներ: Քրիստոնէական եւ հրէական համայնքները օսմանեան վերջին շրջանին միատարրութեան գաղափարախօսութեան հետեւանքով Անատոլիոյ մէջ 40 տոկոսէն դարձած են հազարէն մէկը: Մենք մեծ գին վճարած ենք: Սակայն ոչ միայն մենք, այլ բոլորը կորսնցուցած են, քանի մը մարդու մեղքին պատճառով բոլորը կեղտոտուած են:

«Ինծի համար խնդիրը միայն խորհրդարանին մէջ խօսքի ազատութեան սահմանափակումը, ընտրուած անձի նկատմամբ անարգանքը կամ «այդ բառը» կիրառել-չկիրառելը չէ: Ատոնք ի հարկէ կարեւոր են, սակայն հիմնական վախցնողն այն է, որ Թուրքիան վճռական է երթալու այն ճանապարհով, որով պատմութիւնը կը նախազգուշացնէ չերթալ»,- նշած է Կարօ Փայլան:

Ան փաստած է, որ դէպքերը կրնան տանիլ այնպիսի զարգացումներու, որոնցմէ կը տուժեն բոլորը:

«Այս հողը, որուն 10 տարի առաջ յանձնեցինք Հրանդ Տինքը, այսօր աղաւնիի անհանգստութիւն կ՛ապրի: Այդ վախը անտեղի չէ: Մենք` հայերս, ատիկա ամենալաւը գիտենք: Այդ պատճառով ձեզի` մեծամասնութեանդ կը դիմեն՝ եկէք ետ դառնանք այդ պատմական սխալէն»,- եզրափակած է հայ պատգամաւորը: