Երկուշաբթի, 28. 07. 2025

Հաղորդագրութիւն

0

Յառաջիկայ Ապրիլին Հայրենիքի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն լոյսին տակ` Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ժողով մը գումարեց՝ քննարկելու համար այդ ուղղութեամբ ՌԱԿ-ի կեցուածքը:

Ժողովին իբրեւ արդիւնք՝ հրապարակուեցաւ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կ՛ողջունէ Հայրենի պետութեան եւ ժողովուրդին ռամկավարական սկզբունքներուն հանդէպ ունեցած հաւատամքը, որ անցնող 25 տարիներուն արտացոլաց կազմակերպելով ու մասնակցելով ժողովրդավարական ընտրութիւններ, ըլլան անոնք նախագահական, խորհրդարանական, թէ տեղական ինքնավարման ընտրութիւններ:

Ժողովրդավարական սկզբունքներով կազմակերպուած ընտրութիւններն են միայն, որ տուեալ ժողովուրդը մասնակից կը դարձնեն իշխանութեան՝ հետեւաբար իր առողջ կառավարման:

Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը շեշտէ, թէ չի կրնար բարոյապէս անմասն մնալ ու չզօրակցիլ ժողովրդավարական մշակոյթի տարածման եւ անոր առողջ կիրառման մեր Հայրենիքին մէջ: Հակառակ այս փաստին սակայն, ան պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ ներկայ հանգրուանին՝ նկատի ունենալով, որ աշխարհասփիւռ 95-ամեայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը առ այժմ զինք իրաւականօրէն ներկայացնող քաղաքական կառոյց մը չունի Հայրենիքի մէջ, ան ո՛չ ուղղակի եւ ո՛չ ալ քաղաքական կամ ընտրական դաշինքներու միջոցաւ պիտի մասնակցի յառաջիկայ Ապրիլի խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ այդ ուղղութեամբ առաջադրուած թեկնածուներ չունի բնականաբար:

Այս առիթով` Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ պատմական այս հանգրուանին լաւատեսութեամբ կ՛ողջունէ Հայրենի ժողովուրդը եւ կը խոնարհի ժողովուրդին կամքին առջեւ՝ արդար, խաղաղ եւ թափանցիկ ընտրական գործընթացով ընտրելու զինք լաւագոյնս ներկայացնող թեկնածուներ ի փառս եւ ի յաւերժութիւն մեր ազատ, անկախ եւ ժողովրդավար Հայրենիքին:

Կեցցէ՛ Ժողովրդավարութիւնը:
Կեցցէ՛ Հայ Ժողովուրդը:

Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Սեւակ Յակոբեան                                                                                Սերխիօ Նահապետեան

Ատենադպիր                                                                                                  Ատենապետ

4 Փետրուար 2017

 

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

0

Վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած է նամակ մը «ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդ» ստորագրութեամբ, որ կը յաւակնի խօսիլ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Սփիւռքի շրջանակներու անունով ներառեալ Պէյրութի:

Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը սոյն յայտարարութեամբ կ՛ուզէ միանգամընդմիշտ յստակացնել հետեւեալը.

  1. «ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդ» անունով մարմին մը գոյութիւն չունի 95 ամեայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կանոնագրութեան մէջ:
  2. Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանակը ունի մէկ պաշտօնաթերթ, որն է «Զարթօնք»ը:
  3. Հայրենիքի մէջ յառաջիկայ Ապրիլին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու կապակցութեամբ աշխարհասփիւռ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը իր 4 Փետրուար 2017-ի հաղորդագրութեամբ յստակացուցած է իր կեցուածքը:

Ի Դիմաց՝
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

Տոքթ. Յակոբ Փափազեան                                          Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեան
Ատենադպիր                                                                                             Ատենապետ

5 Փետրուար 2017

 

Ընտրութիւնները Իրենց Ժամանակին Տեղի Պիտի Ունենա՞ն

0
3D, answer, ask, background, business, businessman, cartoon, character, communication, competition, concept, confusion, design, doubt, face, figure, find, graphic, hand, help, human, humorous, icon, idea, illustration, information, illustration, information, isolated, male, man, mark, mind, people, pose, problem, quest, question, red, search, sign, silhouette, solution, strategy, symbol, think, white, why, worry.

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Յառաջդիմական Ընկերվար Կուսակցապետ՝ Երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ կոչ ուղղեց ամբողջութեամբ վերացնել ընտրական օրէնքի համայնքային դրութիւնը համեմատական օրէնք մը քննարկելէ առաջ:

Միւս կողմէ Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութիւնը կը պահանջէ համայնքային ներկայացուցչութիւն համեմատականի զուգահեռ:

Մուսթաքպալ հոսանքը, իր կողմէ, այնքան ալ կողմնակից չէ համեմատականին:

Լիբանանեան Ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնները կ՛առաջարկեն համեմատական եւ մեծամասնական օրէնքի ձեւանիշ մը:

Կարգ մը կուսակցութիւններ օրակարգի վրայ կը բերեն այն փաստը, որ Թաէֆի համաձայնագիրը համեմատական օրէնք մը չէ նկատուած:

Հիմա դուն ըսէ, սիրելի ընթերցող, երեսփոխանական ընտրութիւնները իրենց ժամանակին պիտի կատարուի՞ն…:

Միայն Աստուած գիտէ:

 

 

«Բախտաւորութի՛ւն Է Հայրենիքի Մէջ Ապրիլը». Ճորճ Բարսեղեան

0

*ԿԱՐԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ*

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հայրենադարձներու հաւաք» ձեռնարկին մասնակցող մեր հայրենակիցներէն շատերը, հաստատուելով Հայրենիքի մէջ,  կրցած են աշխատանք գտնել, յարմարիլ նոր միջավայրին, ձեռք բերել նոր ընկերներ, լիարժէքօրէն մասնակցիլ Հայրենիքի տնտեսութեան ու մշակութային կեանքի զարգացման աշխատանքներուն: Անոնցմէ մէկուն` սրտաբան Ճորճ Բարսեղեանի հետ,  զրոյց  ունեցայ «Հայերն այսօր»-ի համար, որուն ընթացքին, այս  քանիերորդ անգամ ըլլալով, համոզուեցայ, որ աշխարհի տարբեր ծագերու մէջ ապրող մեր հայրենակիցները ապրած ու կ’ապրին  Հայրենիքով, իսկ Հայրենիքի մէջ հաստատուելով` կը դառնան  անոր սիւներէն, կամարներէն մէկը:

-Պարո՛ն Բարսեղեան, ե՞րբ բռնած էք տունդարձի ճամբան:

-2012-ին եկած եմ` Սուրիոյ մէջ ծաւալած պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով: Ընտանիքիս հետ  եկած եմ` ես, տիկինս, երկու աղջիկներս. մեծ աղջիկս`  Նարէն, 17 տարեկան է, տակաւին դպրոց կը յաճախէ, կը պատրաստուի ընդունուիլ Կինոյի եւ թատրոնի ինստիտուտ, փոքր աղջիկս` Մեղրին, 14 տարեկան է: Հայրենիքի մէջ ենք, եւ ատիկա արդէն մեզի համար մեծ ձեռքբերում է: Ես աշխատանք ունիմ. իմ մասնագիտութեամբ  կ’աշխատիմ «Նայիրի» բժշկական կեդրոնին մէջ` որպէս սրտաբան:

-Հայաստանի մէջ ստացած էք բժշկական բարձրագոյն կրթութիւն:

-Այո՛: 1984 թուականին ընդունուած եմ Հերացիի անուան բժշկական համալսարան, աւարտած եմ 1991-ին, որմէ յետոյ, մինչեւ 1996 թուական, մասնագիտացած եմ `որպէս բժիշկ- սրտաբան: Ուսումս աւարտելէ յետոյ մեկնեցայ Սուրիա, յանձնեցի քննութիւնները, բացի սեփական Clinic եւ աշխատանքի անցայ:

-Պարո՛ն Բարսեղեան, եթէ չըլլար սուրիական պատերազմը, օր մը Հայաստանի մէջ  պիտի հաստատուէի՞ք:

-Հայաստան գալու ծրագիր կար, անշու՛շտ.  նոյնիսկ  տարածք մը գնելու, տուն  կառուցելու, գնելու մտադրութիւն ունէի, սակայն սուրիական պատերազմը այս որոշումը  արագացուց: Եթէ Սուրիոյ խնդիրը չըլլար ալ, միեւնոյնն է, մենք պիտի տեղափոխուէինք Հայաստան, եւ ես դարձեալ այստեղ կ’ըլլայի` աւելի լաւ պայմաններով: Ես միշտ տրամադրուած եղած եմ` բռնելու տունդարձի ճամբան: Շատ գոհ եմ, ուրախ` մեր կայացուցած որոշման համար: Դամասկոսի իմ տունս,   բնական վիճակի մէջ է, միշտ ալ կրնամ երթալ ու գալ:

-Որպէս սուրիացի, աշխարհագրական այդ տարածքը տնօրինողներէն, բնակիչներէն մէկը, որպէս կրթուած մարդ` ի՞նչ կը կարծէք, սուրիական պատերազմը արդեօք վերջնականապէս աւարտա՞ծ է, թէ պարզապէս ժամանակաւոր, խաբուսիկ խաղաղութիւն է:

-Սկզբունքօրէն, պատերազմը որքան ալ երկար ըլլայ, այնուամենայնիւ, ժամանակաւոր է: Խաղաղութիւնն է, որ հիմնականն է, մնացեալը ժամանակաւոր է. հետեւաբար, փիլիսոփայական այս մտքերէն ելլելով, պատերազմը անպայման  վերջ ունի` կամ այսօր, կամ ալ `վաղը: Ես կը կարծեմ, որ խաղաղութիւնը արդէն ընթացքի մէջ է Սուրիոյ մէջ եւ, ժամանակաւոր բնոյթ չի կրեր: Ուրիշ հարց է, որ սկսած  որեւէ պատերազմ կրնայ  աւարտիլ պահի եւ ժամի ճշգրտութեամբ,  բան մը, որ Սուրիոյ չի վերաբերիր. Սուրիոյ պատերազմի աւարտը պահի եւ ժամի ճշգրտութիւն չի կրնար ունենալ.  այդ մէկը մարող ալիքներու սկզբունքով  կրնայ ըլլալ, աստիճանաբար:

– Եւ իմ աւանդական հարցս` պարո՛ն  Ճորճ, ի՞նչ է Ձեզի համար Հայրենիքը…

-Հայրենիքն այն է, ուր ինքզինքդ  հիւր չես զգար. սփիւռքահայուն համար Հայրենիքը միշտ ալ մեծ արժէք  եղած է, միշտ` եռաձայն, բայց կայ երկու տեսակի հայրենասիրութիւն` այն, որ դուն կ’ապրիս Հայրենիքի մէջ եւ այն, որ հեռուէն կը սիրես Հայրենիքդ: Իմ տեսակիս համար  ապրելու լաւագոյն վայրը` իր լաւով ու վատով, իր թերութիւններով ու արժանիքներով, սա՛ է, Հայաստա՛նն  է: Բախտաւորութիւ՛ն է Հայրենիքի մէջ ապրիլը:

-Շնորհակալութիւ՛ն յարգելի հայրենակից. շնորհակալութիւ՛ն  քու նուիրումիդ, քու ջերմ խօսքերուդ, քու անկեղծութեանդ համար: Ծննդավայրը կորսնցուցած,  կամ ալ՝  հեռուն ձգած  հայ մարդը, անոր սերունդները,  հարիւրաւոր տարիներ հոգեւոր ու նիւթական արժէքներ   ստեղծելով  այլոց  համար, շէնացնելով  օտարի հողը,  կը վերադառնան  ու պիտի վերադառնան Հայրենիք` միացեալ ուժերով հզօրացնելու Արարիչի նախաստեղծ լեռնաշխարհը:

«Հայերն Այսօր»

Մակերեսայնութիւնն Ալ Սահման Մը Ունի

0

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Ընկերային համացանցի վրայ կարգ մը լիբանանցիներ մեծ աղմուկ հանեցին՝ բողոքելով Ֆարայա Մզար պանդոկի Ռէֆիւճ ճաշարանին մէջ ծոթրինով (զաաթար) հացի գինին համար: Ըստ հրապարակուածին այնտեղ հրամցուած ծոթրինով հացին գինն է 10,000 լիբանանեան ոսկի։ Այս երեւոյթին համար անարդարօրէն կ’այպանէ մինչեւ իսկ զբօսաշրջիկութեան նախարարութիւնը:

Գաւաթ մը ջուրի մէջ այսքան փոթորիկ հանողներուն մեծամասնութիւնը անշուշտ ո՛չ այցելած են տուեալ ճաշարանը, ոչ ալ այցելելու միտք ունին եւ որովհետեւ բամբասանքի վրայ տուրք չկայ, հասկցող չհասկցող սկսած է փիլիսոփայել այս նիւթին շուրջ:

Ազատ տնտեսութեամբ երկրի մը մէջ իմ կարծիքով վերոյիշեալ ճաշարանը ազատ է ուզած սակագինը դնելու՝ մինչեւ այն ատեն, որ ան յաճախորդը չի խաբեր կամ անակնկալի չի բերեր եւ իր հրամցուցածին սակագինը յստակօրէն նշած է իր ճաշացուցակին (menu) վրայ։ Յաճախորդը իր ազատ կամքով մուտք կը գործէ նշեալ ճաշարանը եւ իր կամքով կ’ապսպրէ կամ չ’ապսպրեր տուեալ ճաշատեսակը: Գանգատողները նաեւ ունին այլընտրանքը անշուշտ եւ ազատ են իրենց տան կամ պանդոկին կից գտնուող որեւէ փուռէ ծոթրինով հաց գնելու՝ տասնապատիկ նուազ գինով…:

Ցաւալին այն է, սակայն, որ նմանօրինակ աղմուկի մը չհանդիպեցայ տակաւին, երբ Լիբանանի մէջ, անցնող միայն քանի մը շաբթուան ընթացքին, պենզինի սակագինի արագ աճ արձանագրուեցաւ՝ 19, 000 լ.ո. սահմաններէն բարձրանալով 24,000 լ.ո.։

Հիմա դուն ըսէ, սիրելի ընթերցող, ի բացակայութիւն փոխադրական միջոցի տարբերակին, ո՞ր մէկը մեր առօրեայ անձնական պիւտճէին կամ երկրի զբօսաշրջիկութեան վնաս կը հասցնէ՝ Ֆարայա Մզար Ինթէրքոնթինէնդալ Պանդոկի մէկ ճաշարանին սակագի՞նը, թէ մեր հանապազօրեայ «հացը» հանդիսացող վառելանիւթը…:

Մինչեւ ե՞րբ լիբանանցին պիտի մնայ այսքան մակերեսային եւ կեդրոնանայ բամբասանքի վրայ, փոխան՝ շինիչ եւ օգտակար քննադատութեան եւ իրաւ փոփոխութեան կամ բարեկարգումի…

 

 

 

Հայ Ազգային-Ազատագրական Պայքարի Նուիրեալ Հերոսները Կը Պարգեւատրուին Սփիւռքի Նախարարութեան Կողմէ

0
Ձախէն ոտքի՝ Հարմիկ Յովսէփեան, Սեւակ Յակոբեան, Վազգէն Սիսլեան, Մարտիրոս Ժամկոչեան. Նստած՝ Անդրանիկ Պօղոսեան

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Այս յօդուածին ընկերակցող նկարը աւելի քան խորհրդանշական է: Հայրենիքի հանդէպ սէրը, Հայ Դատի հանդէպ անոնց ունեցած հաւատարմութիւնը, Հայ Ազգային-Ազատագրական Պայքարի նուիրուածութիւնը, Արցախը, Հայրենադարձութիւնը եւ վերջապէս՝ Հայոց Բանակի տօնը միացուցած է միեւնոյն գաղափարին համար սակայն ատենին տարբեր ու մրցակից ճակատներու վրայ կռուող քաջ տղաք: Լիբանանահայ տղաք՝ Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրին հետ:

Խմբ.

Ձախէն ոտքի՝ Հարմիկ Յովսէփեան, Սեւակ Յակոբեան, Վազգէն Սիսլեան, Մարտիրոս Ժամկոչեան. Նստած՝ Անդրանիկ Պօղոսեան
Ձախէն ոտքի՝ Հարմիկ Յովսէփեան, Սեւակ Յակոբեան, Վազգէն Սիսլեան, Մարտիրոս Ժամկոչեան. Նստած՝ Անդրանիկ Պօղոսեան

Տարիներու «ընդմիջումէ» ետք, իրենց կեանքն ու հայրենասէր ուղին Մայր Հայրենիքի հողին վրայ մշտապէս կերտող հայ ազգային ազատագրական պայքարի նուիրեալ հերոսները Հայոց Բանակի Տօնին առիթով ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Երախտագիտութեան մետալով պարգեւատրուեցան ՀՀ Սփիւռքի  նախարար Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանի կողմէ:

Իրենց կեանքն ու երիտասարդութիւնը օտարերկրեայ բանտերու եւ կալանավայրերու մէջ անցուցած, ապա յանուն Արցախի, Մայր հայրենիքի ազատագրութեան եւ անկախութեան ամրապնդման մէջ իրենց արժանի աւանդն ունեցան առայժմ շքանշանակիր հետեւեալ հայորդիները՝ Անդրանիկ Պօղոսեան, Մարտիրոս Ժամկոչեանին, Սիմոն Գաֆալեանին, Վազգէն Սիսլեանին, Հարմիկ Յովսէփեանին, Հրանդ Աշճեանին, Շահէ Աճեմեանին եւ Անդրանիկ Չաւուշեան:

Այս իւրայատուկ նկարին մէջ երեւցողները Լիբանանահայ  տղաքն են լուսանկարուած Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանի հետ:

Հարմիկ Յովսէփեան. որպէս Շուշիի առանձնակի ջոկատի ազատամարտիկ, մասնակցած է Արցախի ազատագրութեան բազմաթիւ մարտերուն, նաեւ իր ռազմավարական կարեւոր նպաստը բերած է ապրիլեան պատերազմի օրհասական օրերուն: Պարգեւատրուած է ՀՀ նախագահի յատուկ շքանշանով եւս:

Վազգէն Սիսլեան. Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի (ԱՍԱԼԱ) ազատամարտիկ է, վիրաւորուած եւ շուրջ 8 տարի բանտարկուած է Փարիզի թրքական դեսպանութեան դէմ 1981-ի «Վան» գործողութեան համար (Գէորգ Կիւզէլեանի, Արամ Պասմաճեան նահատակի եւ Յակոբ Ճուլֆայեանի հետ): Իր կեանքը նուիրած է Մայր Հայրենիքի եւ Արցախի պաշտպանութեան, անկախութեան ամրապնդման համար:

Մարտիրոս Ժամկոչեան.  Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի (ԱՍԱԼԱ) երբեմնի ազատամարտիկն է: Երկար տարիներ, իր  երիտասարդութիւնը անցուցած է Զուիցերիոյ բանտերուն մէջ, շան սատակ ընելու համար Քենան Էվրէնեան բռնատիրութեան կամակատար թուրք դիւանագէտը:

Ապա, Պէյրութ ծնած այս հերոսը, իր պայքարի կեանքը շարունակեց արցախեան մարտադաշտերուն վրայ որպէս Մօնթէ Մելքոնեանի զինակիցը: Վերջինիս նահատակութենէն ետք, կը դառնայ նահատակ Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի գրասենեակի տնօրէնը, օգնականը: Այժմ կը ծառայէ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ, ականազերծման միջազգային կազմակերպութիւններու հետ համագործակցաբար:

Անդրանիկ Պօղոսեան. Հայ Դատի Արդարութեան Մարտիկներու ազատամարտիկ է: Ան ծանր վիրաւորուելով հաշմանդամ դարձած է, Պելկրատի մէջ, թրքական դեսպանութեան դէմ գործողութեան ընթացքին: Ազատած է Սերպիոյ նախագահ Միլոսովիչի միջամտութեամբ: Տեղափոխուած է Մայր հայրենիք եւ իր թանկագին նպաստը բերած է Հայաստանի եւ Արցախի ազատութեան եւ պետականութեան ամրապնդման համար:

Պարգեւատրման արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ «Զարթօնք»-ի խմբագրապետ ընկ. Սեւակ Յակոբեան, քաղաքամայր Երեւանի մէջ, ՌԱԿ-ի եւ 80 ամեայ «զառամեալ» բայց յաւերժ երիտասարդ մեր թերթին անունով շնորհաւորելու լիբանանահայ պանծալի հերոսները:

Կեցցէ Հայոց Բանակը: Շնորհաւոր իր Տօնը:

Հայկական Գինիները Պիտի Ներկայացուին Մոսկովեան «Փրոտ Էքսփօ-2017» Ցուցահանդէսին

0

Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամին աջակցութեամբ՝ Փետրուար 6-10, Մոսկուայի մէջ կայանալիք «Փրոտ Էքսփօ-2017» միջազգային ցուցահանդէսին, մէկ միասնական տաղաւարով պիտի մասնակցին 12 հայկական գինեգործական ընկերութիւններ, որոնք պիտի ներկայացնեն աւելի քան 50 տեսակ հանգիստ եւ փրփրուն գինի:

Ցուցահանդէսին մասնակցութեան հիմնական նպատակն է՝ արտերկրեայ գնորդին ներկայացնել հայկական գինին եւ ընդլայնել սպառման շուկաները:

ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն յայտնուած տեղեկութիւններով՝ «Փրոտ Էքսփօ-2017» ցուցահանդէսը մէկ յարկի տակ կը հիւրընկալէ  արտադրողները, խոշոր եւ մանրածախ գնորդները, վերամշակման համար անհրաժեշտ հումք եւ սարքեր արտադրողները, որ հնարաւորութիւն կ՝ընձեռնէ նոր գործարար կապեր հիմնելու, ինչպէս նաեւ ծանօթանալու վերամշակման նորագոյն ճարտարագիտութիւններուն եւ համաշխարհային շուկաններու հիմնական միտումներուն:

Արցախի Մասին Վաւերագրական Ֆիլմ Պատրաստող Լեհ Լրագրողը՝ Սպառնալիքներու Թիրախ

0

Լեհ լրագրող Թոմաս Մաթսէյշուք, որ Արցախի մասին վաւերագրական ֆիլմ մը կը պատրաստէ, յայտարարած է, որ սպառնալիքի կ՛ենթարկուի ազրպէյճանցիներու կողմէ, որովհետեւ կը պաշտպանէ հայերը։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Մարմարա» թերթը։

Մաթսէյշուք, որ նաեւ կը հետեւի Արեւմուտքի մէջ վերջերս բազմացած իսլամներու թիւին ստեղծած հարցերուն, ծանր խօսքերով արտայայտուած է Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ հասցէին՝ պնդելով, որ այս երկուքը կը ծրագրեն բնաջնջել հայ ազգը, եւ աւելցուցած է, որ պէտք է հայերը պաշտպանելու ջանքեր ի գործ դրուին, որովհետեւ հայերը մաս կը կազմեն եւրոպական քաղաքակրթութեան ժառանգութեան։

Մաթսէյշուք ըսած է, որ ինք չի վախնար սպառնալիքներէն ու մօտ ատենէն ռուսական հեռատեսիլի կայաններէն մէկուն մէջ պիտի խօսի Արցախի մասին, համագործակցաբար ռուս զինուորական լրագրողի մը հետ։

Մաթսէյշուք նաեւ ըսած է, որ Եւրոպա այլեւս պէտք է արթննայ ու պէտք է յանգի այն եզրակացութեան, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դիպուած մը չէր, եւ եթէ Արցախ կորսնցնէ իր պայքարը՝ «նոյն դէպքը կրնայ մեր աչքերուն առջեւ կրկնուիլ»։

«Պէտք է աւելի արագ շարժելով այս վտանգը կանխել։ Արցախի, Քոսովոյի, Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի իսլամականացումը այսօր այլեւս հասած է միջքաղաքակրթութիւններու բախման վիճակի։ Մենք՝ կա՛մ այս վիճակը ըմբռնելով զայն կանխել պիտի ջանանք, կա՛մ յիսուն տարի ետք մեր թոռները իսլամացած պիտի ըլլան»,- ընդգծած է Մաթսէյշուք։

Երեւան-Պէյրութ Չուերթ` Ուղիղ, Աժան եւ Բեռով

0

Փետրուար 1-ին վաճառքի հանոած են «Armenia» թռիչքներու ընկերութեան Երեւան-Պէյրութ ուղիղ չուերթի տոմսերը: Նորութիւնը յատկապէս ուրախացուցած է Պէյրութի հայերն ու Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը: Այս մասին կը հաղորդէ armeniasputnik.am-ը։

«Armenia» թռիչքներու ընկերութեան Երեւան-Պէյրութ կանոնաւոր չուերթը պիտի գործարկուի Ապրիլ 3-ին: Թռիչքը Երեւանէն պիտի իրականացուի շաբաթական երկու անգամ: Ժամանակացոյցին վերաբերեալ արդէն համաձայնութիւն կայ «Զուարթնոց» օդակայանին հետ:

«Կրնամ հպարտութեամբ ըսել, որ իմ ներդրումը ունիմ այս նախագիծին մէջ, որ կարեւոր է մեզի` լիբանանահայերուս համար: Ասիկա ոչ միայն պիտի նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ զբօսաշրջութեան զարգացման, այլեւ պիտի ազատէ մեզ տարանցիկ չուերթներու հետ կապուած անյարմարութիւններէն»,- կայքի թղթակիցին ըսած է Կիտանեանը:

Անոր խօսքով` Լիբանանի հայերը երկար սպասած են այս իրադարձութեան: Այժմ հայրենիք այցելելը շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ:

Թռիչքի ընկերութիւնը անակնկալ մը եւս մատուցած է. ուղեւորները կրնան Պէյրութ մեկնիլ ամենաաժան գինով եւ իրենց հետ տանիլ 30 քկ ուղեբեռ եւ 10 քկ ձեռքի ուղեբեռ:

Կիտանեանը խոստովանած է, որ կարճ ժամանակահատուածի ընթացքին կրցած է կեանքի կոչել կանոնաւոր ուղիղ թռիչքի փոխադրումներու գաղափարը: Գործը դիւրացուցած է այն փաստը, որ երկու երկիրներուն միջեւ մուտքի արտօնագիրի խնդիր չկայ:

Վերջին տուեալով` իւրաքանչիւր տարի Լիբանանէն Հայաստան կ՝այցելէ մօտաւորապէս 20 հազար մարդ:

Եւրոխորհուրդին Կոչ Կ’ուղղուի Հետաքննելու Ազրպէյճանի Կաշառակերութեան Մասին Մեղադրանքները

0

Եւրոխորհրդարանի խորհրդարանական վեհաժողովի հոլանտացի պատգամաւոր Փիթըր Օմցիխթը (Pieter Omtzigt) սկսած է նախաձեռնութեան մը, որուն նպատակն է մանրամասն եւ անաչառօրէն ուսումնասիրել ԵԽԽՎ-ի մէջ­ վերջերս բարձրացուած խախտումներուն կամ կաշառակերութեան վերաբերեալ: ԵԽԽՎ պատգամաւորին ներկայացուցած առաջարկը մասնաւորապէս կը վերաբերի 2013 թուականին Ազրպէյճանի քաղբանտարկեալներու հարցով ԵԽԽՎ-ի մէջ­ իրականացուած քուէարկութեան շուրջ յառաջացած քննարկումներուն: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-­ը, այս մասին կը տեղեկացնէ բրիտանական The Guardian պարբերականը:

«Մենք կը տեսնենք Ազրպէյճանի շուրջ գործընթացներու եւ քուէարկութեան շատ կասկածելի արդիւնքներ»,- ըսած է Օմցիխթը, որ իր ներկայացուցած բանաձեւով կոչ կ’ուղղէ անյապաղ հետաքննութեան սկսելու` համաձայն ԵԽԽՎ կանոնադրութեան:

Երբ յայտնի դարձաւ, որ ԵԽԽՎ իտալացի պատգամաւոր Լուքայ Վոլոնթէն Պաքուէն առած գումարներուն դիմաց ազրպէյճանամէտ գործունէութիւն կը ծաւալէ կառոյցին մէջ, ԵԽԽՎ շատ խորհրդարանականներ սկսան պնդելու, որ այս հարցի առընչութեամբ անկախ հետաքննութեան բացակայութիւնը կը կոտրէ վստահութիւնը կառոյցին նկատմամբ:

«Վստահելի չէ, երբ դուն միւս երկիրներուն կոչ կ’ընես ըլլալ բաց եւ թափանցիկ, մինչդեռ դուն չես հետաքններ քուէներու կեղծման մասին արժանահաւատ տեղեկութիւնները»,-­ նշած է Օմցիխթը: Անոր ներկայացուցած բանաձեւը ստորագրած է ԵԽԽՎ 324 խորհրդարանականներուն 1/5-­ը:

Եւրոպական կայունութիւն նախաձեռնութեան (European Stability Initiative) ղեկավար Ճերալտ Քնաուսը նշած է, որ դեռ տարիներ առաջ հարցեր յառաջացած էին ԵԽԽՎ զեկուցողներուն կողմէ ներկայացնել Ազրպէյճանի վարդագոյն կերպարը: «2010, 2013 եւ 2015 թուականներուն մենք Եւրոպայի խորհուրդէն ընտրութիւններու դիտորդներ ունէինք Ազրպէյճանի մէջ: Ամէն անգամ այդ ընտրուած խորհրդարանականները կու գային ու կ’ըսէին, որ արեւը կը շողայ, մինչդեռ միւս բոլորը կ’ըսէին՝ կ’անձրեւէ: Ամէն անգամ անոնք կը յայտարարէին, որ ընտրութիւնները ազատ էին ու արդար, մինչ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ երկարաժամկէտ դիտորդները կը մատնանշէին լուրջ խնդիրներ»,- կը­ նշէ Քնաուսը:

Ան կը փաստէ, որ ԵԽԽՎ առաջնորդները մշտապէս զարմանալի անտարբերութիւն ցուցաբերած են այս խնդիրներուն նկատմամբ` ընդգծելով, որ եթէ Եւրոպան ձախողի սկզբունքները պաշտպանելու հարցով, ապա ինչ յոյս կայ, որ ատոնք կը պաշտպանուին աշխարհի որեւէ այլ վայրի մէջ:

ԵԽԽՎ ղեկավար Փետրօ Ակրամունթը, որ սկզբնական շրջանին կը դիմադրէր անկախ հետաքննութեան, զայն անուանելով «քաղաքական հակառակորդները վարկաբեկելու արշաւ», ի վերջոյ համաձայնած է եւ արտայայտուած հետաքննութեան օգտին` տասնեակ երկիրներէ, որոնց մէջ Զուիցերիայէն, Պելճիքայէն, Պալթեան եւ հիւսիսային երկիրներէն ստացած բողոքներէն ետք: Քնաուսը յայտնած է, որ ներկայիս հիմնական հարցը կը վերաբերի հետաքննութեան շրջանակին, որ պիտի ներկայացուի Ակրամունթին Մարտի սկիզբը: