Երկուշաբթի, 28. 07. 2025

Հայկական Կողմը Հակառակորդին Յանձնած է Ազրպէյճանցի Զինուորի Մը Դիակը

0

Փետրուար 5-ին հայ-ազրպէյճանական սահմանագօտիի Իջեւան-Ղազախ հատուածին վրայ «Կարմիր խաչ»-ի միջնորդութեամբ կազմակերպուած հանդիպման ժամանակ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն յանձնուած է Չինկիզ Կուրպանովի դիակը:

Այդ մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

2016-ի Դեկտեմբեր 29-ին, Ազրպէյճանի զինուած ուժերը ներթափանցման փորձ իրականացուցած էին Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղի հարաւ-արելեան ուղղութեամբ, որ սակայն հայկական կողմի ձեռնարկած գործողութիւններուն շնորհիւ ձախողած էր: Հակառակորդը ետ մղուած էր ձգելով մէկ դիակ: Ցաւօք, հայկական կողմը եւս երեք զոհ ունեցած էր:

Ազրպէյճանի Զինուժի Կրակոցէն Զինուոր Մը Զոհուած է

0

Փետրուար 6-ին՝ ժամը 11:00-ին, պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու մէջ, հակառակորդին կողմէ հրադադարի խախտման արդիւնքով, մահացու վէրք ստացած է ՊԲ զինծառայող, 1997-ի ծնունդ Գոռ Համազասպի Գարեգինեանը:

ԼՂՀ ՊԲ-էն կը յայտնեն, որ դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

«ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ցաւոտ Սրտով

0

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

                            «Բախտաւորութիւն է հայրենիքի մէջ ապրիլը»
                                                                                                          Ճորճ Բարսեղեան

Բախտաւորութեան կարգով սկսելով՝ կարելի է ըսել, նախ՝ բախտաւորութիւն է հայրենիք ունենալ, երբ դարեր անհայրենիք թափառեցանք հոս ու հոն, եւ դեռ՝ ինչքա՜ն ժողովուրդներ կան, որոնք թուաքանակով գուցէ մեզմէ գերազանց ալ են, եւ սակայն տակաւին կը պայքարին եւ ան ալ արիւնո՛տ, ունենալու համար հայրենիք:

Նախ հայրենիք կ’ունենաս, կը կազմաւորուիս, կը կերտես ու կը հասնիս ազգութեան մակարդակին ու կ’ընթանայ երթը պատմութեան ալիքներուն յանձնուած:

Արեւելքի խորշակներուն տակ կորսնցուցինք պետութիւն, հող, երդիք ու ցրուեցանք ուր որ կարելի եղաւ ժամանակի ընթացքին ու հատուած հատուած, մերթ ընդ մերթ կանունաւոր եւ անկանոն, ով ինչպէս կրնար եւ ո՛ւր կրնար հեռանալ…

Մեր գրականութիւնը ի՜նչ կրնար տալ եթէ ոչ՝ ցոլացնել մեր առօրեայ կենսավիճակը, որմէ.-

Ղարիպին սիրտն է խոց, ճիկարն է վերամ,

Կերած հացն է լեղի ու ջուրը՝ հարամ:

Այս՝ հայրենիքէն հեռացած պանդխտութեան վիճակն էր… արդէն պատմութեան անցած:

Ինչեւէ: Դարերը անցան պայքարներով, սխրագործութիւններով, սակայն, վերջ ի վերջոյ մեր պատմական հայրենիքի մէջ փոքր մասին մէջ ունեցանք, եւ ունինք ազատ, անկախ հայրենիք ու քառորդ դարէ այդպէս է:

Հենելով լրատուական միջոցներու, որոնք այնքա՜ն հեշտ դարձան վերջին տասնամեակներուն, կարելի է նոյն վայրկեանին իմանալ թէ աշխարհի ո՛ր ծայրամասին, ո՛ւր ի՛նչ կը պատահի, եւ տակաւին մենք, հոս, Լիբանանի մէջ կը շարունակենք պահել մեր օրաթերթը, որ պատկերը կու տան հայրենիքի անցուդարձերուն, իբրեւ մէկ միասնութեան երեւոյթ: Անտարակոյս կան ուրախալի տեղեկութիւններ, սակայն անոնք աննշմար կ’անցնին այն ահաւոր իրականութեան, զորս կ’ապրին մեր հայրենի բնակութիւնը: Հեռու անցեալէն, պատմութեան ծալքերէն մնացած իրենց ծնած հողին վրայ, միայն մէկ տարուան ընթացքին ունենալ աւելի քան ութհարիւր հազար հոգիի արտագաղթ, այս մէկը արդէն կոչեցինք «արիւնահոսութիւն»: Բայց ելքը ո՞ւր է: Ոչ ոք իր հայրենիքը կամովին կը լքէ՝ երթալու այլ ափեր:

Ինչպէս անօթին գիտէ հացին արժէքը, այնպէս ալ անհայրենիքը՝ հայրենիքին: Ուրեմն, ինչո՞ւ հայրենաթողութիւն, գուցէ պատառ մը հացի՞ համար, որ անգտանելի կ’ըլլայ հայրենիքի մէջ ու բանաստեղծին պէս կ’ըսէ.-

Երջանկութի՜ւն, երբեմն պատառ մը հաց ես դուն:
Զ. Մելքոնեան

Վերջ ի վերջոյ, ապրի՛լն է կեանքին հրամայականը:

Չէ՞ որ մարմինը հացով կը սնանի, եւ ոչ թէ շռնդալից պատգամներով, խոստումներով հրապուրիչ եւ ոգեշնչող շքերթներով…

Այսքանը ցաւոտ ու վիրաւոր սրտով. Հուսկ՝ պիտի աւելցնեմ ԲԱՌ ՄԸ միայն բնաբանին վրայ:

«Բախտաւորութիւն է հայրենիքի մէջ ԿԱՐԵՆԱԼ ապրիլը»:

 

 

Երեւանը` 2017-ի Զբօսաշրջային Մատչելի Քաղաք Ըստ Momondo-ի

0

Բրիտանական յայտնի www.momondo.co.uk որոնողական համակարգը Երեւանը ներառած  է 2017 թուականի մատչելի զբօսաշրջային քաղաքներու շարքին: Այս մասին կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանի զբօսաշրջութեան բաժինը:

Յօդուածին մէջ ընտրուած են ամբողջ տարուան համար այցելութեան նախընտրելի քաղաքները: Երեւան այցելելու համար խորհուրդ կը տրուի ընտրել Յունիս ամիսը:

Նախընտրելի եւ մատչելի քաղաքներու շարքին են նաեւ Պուլկարիոյ Սոֆիա, ԱՄՆ Թեքսաս նահանգի Սան Անթոնիօ, Իրլանտայի Պելֆասթ, Ուքրանիոյ Լուով, Յունաստանի Քալամաթա քաղաքները եւ այլն:

Հեղինակները Երեւանի մէջ պարտադիր այցելութեան վայրերէն նշած են Հիւսիսային պողոտան, Օփերայի շրջակայքն ու Հանրապետութեան հրապարակը, ուր այցելուները կրնան հիանալ իւրօրինակ պարող շատրուաններով:

Հայաստանի մայրաքաղաքը ընգրկուած է ռուսերու աշնանային նախընտրելի ուղեւորութիւններու լաւագոյն տասնեակին մէջ: Վարկանիշը ներկայացուած է ըստ հիւրանոցներու եւ վարձով բնակարաններու որոնման եւ ամրագրման տուեալներու 2016-ի Նոյեմբեր 4-6-ը ժամանակաշրջանին: Նոյեմբերի տօներուն նախընտրելի քաղաքներու 10-ին մէջ էին Երեւանը, Պրահան, Մինսկը, Տալլինը, Պաքուն, Թիֆլիսը, Վիլնիւսը, Ռիկան, Հելսինքին եւ Լոնտոնը:

Սպանիոյ Թագաւորը Ջանքեր Գործադրած Է Փրկելու Դանիէլ Վարուժանը

0

Վերջերս Արեւմտահայոց Հարցերու Ուսումնասիրութեան կեդրոնը հրապարակած էր որոշ փաստաթուղթեր, ըստ որոնց`Սպանիոյ թագաւոր Ալֆոնսօ 13-րդը փորձեր էր փրկել 1915 թ. Ապրիլ 24-ին ձերբակալուած հայ մտաւորականութեան որոշ ներկայացուցիչներ: Քանի որ այդ վաւերագրերը մեծ հետաքրքրութիւն առաջացուցին գիտնականներու եւ ընդհանրապէս մեր բոլոր ընթերցողներուն մօտ, Akunq.net-ը ստորեւ կը հրապարակէ նաեւ 1916 թ. Մայիսին Օսմանեան կայսրութեան մէջ Սպանիոյ ներկայացուցիչին պաշտօնական նամակը` ուղղուած տուեալ ժամանակաշրջանին Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Հալիլ Մենթեշէին: Նամակը կը պարզաբանէ, թէ Սպանիոյ թագաւորը 1916 թուականին տեղեակ չէր, որ Դանիէլ Վարուժանը եւ միւս հայ մտաւորականները արդէն սպանուած էին օսմանեան իշխանութիւններու հրամանով, եւ դեռ յոյսեր կը փայփայէր զանոնք փրկելու:

Փաստաթուղթը Արեւմտահայոց Հարցերու Ուսումնասիրութեան կեդրոնին տրամադրած է օսմանեան արխիւէն զայն յայտնաբերած ամերիկաբնակ պոլսահայ Գէորգ Յակոբեանը, իսկ ֆրանսերէնէ հայերէն թարգմանած է կեդրոնի թրքերէն բաժինի պատասխանատու Մելինէ Անումեանը:

«10 Մայիս 1916 թ.

Թուրքիոյ մէջ Սպանիոյ ներկայացուցչութիւն

Պարո՛ն նախարար,

Ընթացիկ ամսուան 1-ին եւ 8-ին պատիւ ունեցայ հանդիպումներ ունենալու Ձերդ գերազանցութեան հետ: Այդ հանդիպումներուն քննարկուած այն մի քանի հայերու թեմայի առումով, հայեր, որոնց ազատ արձակումը խնդրուած էր Նորին մեծութիւն տիրակալիս կողմէ, Ձեր թոյլտուութեամբ կը ցանկամ յաւելել, որ Դանիէլ Վարուժան անուամբ յիշատակուած անձը կը կրէ Դանիէլ Չպուգեարեան անունը, եւ որ Վարուժան անունը, որով ան յայտնի է, իրականութեան մէջ անոր գրական կեղծանունն է:

Իմ ունեցած տեղեկութիւններուս համաձայն` վերոյիշեալ անձը ձերբակալուած է 1915 թ. Ապրիլ 11-24-ին, եւ միւս բանտարկեալներուն հետ միասին ուղարկուած՝ Չանքըրը, ուր ան մնացեր է առնուազն մինչեւ նոյն տարուան Օգոստոս 7-20-ը, իսկ այնտեղէն ալ հաւանաբար ուղարկուած է Այիաշ:

Կը շտապեմ Ձեր գերազանցութեան յայտնել այն ինչ որ տեղի ունեցած է մինչ այժմ, քանի որ կը ցանկամ դիւրացնել անոր որոնումը, զոր հրահանգուած է օսմանեան կառավարութեան կողմէ, եւ օգտուելով առիթէն` կը տեղեկացնեմ, որ քիչ առաջ նոր հրահանգներ ստացեր եմ, ըստ որոնց` պէտք է աշխուժացնեմ քայլերս` վերոնշեալ անձանց խնդրի ուղղութեամբ:

Կանխաւ երախտագիտութիւս կը յայտնեմ Ձերդ գերազանցութեան` վերոյիշեալ որոնումներուն արդիւնքի մասին յառաջիկային զիս տեղեկացնելու համար, որպէսզի ես կարելիութիւն ունենամ հնարաւորինս շուտով պատասխանելու Նորին մեծութիւն Սպանիոյ թագաւորին:

Պարո՛ն նախարար, ընդունեցէ՛ք, խնդրեմ, խորին յարգանքներուս հաւաստիքը»:

Ֆրանսերէնէ թարգմանեց Մելինէ Անումեանը

12

13

Մակեդոնացիի Կտակը` Գրաբարով. Լոնտոնաբնակ Պատմաբանի Յայտնագործութիւնը

0

Լոնտոնաբնակ պատմաբան Տէյվիտ Կրանդը կը պնդէ, որ տաս տարի փնտռտուքներէ ետք յայտնաբերած է Ալեքսանդր Մակեդոնացիի կտակը: The Daily Mail պարբերականը հրապարակած է կտակին լուսանկարը, որ գրուած է գրաբարով:

Փաստաթուղթին մէջ տեղ գտած են Ալեքսանդրի ծրագիրները կայսրութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ հրահանգներ իր յուղարկաւորութեան առնչութեամբ եւ ժառանգներու անունները:

Կրանդը նշած է, որ Ալեքսանդր Մակեդոնացիի կտակը ոչ մէկը չէ թաքցուցած, անիկա յայտնաբերուած է հնագոյն ձեռագիրի մը մէջ, որ յայտնի է Alexander Romance (Ալեքսանդրի վէպը) անունով: Ժողովածուն կը պարունակէ պատմութիւններ եւ հեքիաթներ, որոնք կը պատմեն զօրավարի սխրանքներուն մասին: Կը նշուի, որ պատմութիւնները գրի առնուած են անոր մահէն մօտ 100 տարի անց, կը գրէ armradio.am-ը:

Մոսկուայի «Հայորդաց Տան» Սաները Հանդիպեցան ՀՀ ԶՈՒ Հրամանատարին Հետ

0

Յունուար 29-ին Մոսկուայի «Հայորդաց տան» սաները հանդիպած են  ՀՀ ԶՈՒ հրամանատար Արթուր Խաչատրեանի հետ, որ իրենց հանդիպումէն մէկ օր առաջ արժանացած էր Գարեգին Նժդեհ շքանշանին, ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Հայորդաց տան» տեղեկատուական կեդրոնէն` հանդիպման ընթացքին, որ նուիրուած էր ՀՀ ԶՈՒ կազմաւորման 25-ամեակին, հրամանատարը պատմած է իր անցած մարտական ուղիէն եւ ստացած ռազմական կրթութենէն:

«Կարմիր տիպլոմով, ոսկէ մետալով աւարտած եմ Չինաստանի ռազմական ակադեմիան: 88 երկրի 500 ուսանողնորէ  գերազանց յառաջադիմութիւն ունեցած են 7-ը, որոնցմէ մէկը ես եղած եմ: Համոզուած եմ, որ ով որ ալ ըլլար Հայաստանէն այնտեղ ուսանող` դարձեալ գերազանց յառաջադիմութիւն կ’րձանագրէր, քանի որ բոլորիս նպատակն ալ մեր երկրի դրօշը բարձր պահելն է: Աշխատած ենք, որ այնտեղ ուսանող օտարերկրացիները, որոնք մեր երկրին մասին բան չեն լսած` տեսնեն մեր դրօշը, հետաքրքրուին Հայաստանով, Հայոց պատմութեամբ»,- անդրադառնալով ուսումնառութեան` ըսած է առաջին կրթութեամբ իրաւաբան Արթուր Խաչատրեան:

Այնուհետեւ սաները հարց ու պատասխանով հետաքրքրուած են, թէ ինչ կը պակսի հայոց բանակին, ինչ մակարդակի վրայ է մարտական ոգին եւ, որպէս զինուորական, ինչ գնահատական կու տայ հրամանատարը ապրիլեան պատերազմի ժամանակ մեր զինուորներու գործողութիւններուն:

«Կային սպաներ, որոնք չէին պատկերացներ, որ այդ զինուորները նման սխրանքներ կը գործեն: Քիչերը կը պատկերացնէին, որ անոնց մէջ այնպիսի եռանդ, ոգի կայ, որմով կրցան ատոնց դէմը առնել: Անոնք ծնած են պատերազմէն յետոյ` մութ ու ցուրտ տարիներուն, սուղ պայմաններու մէջ մեծցած տղաներ են: Բայց ատիկա չէ ազդած անոնց մարտական ոգիին, տեսակին վրայ, եւ անոնք ամէն վայրկեան  կրնան անգամ անձնազոհութեամբ պաշտպանել ազգը»,- ըսաւ հրամանարտարը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Արթուր Խաչատրեանին հետաքրքիր հանդիպման համար`  «Հայորդաց տան» հոգեւոր տեսուչ Տէր Առաքել քահանայ Ամիրեան ըսած է․ «Մեր հայոց բանակին, սպաներուն ուժ, կարողութիւն, որ երբեք ու երբեք չյուսալքուին եւ իրենց քրիստոնէական հաւատքը բարձր պահելով առաջ երթան ու պահպանեն մեր հայրենիքը, որ ապացուցեցին ապրիլեան պատերազմին ժամանակ: Աղօթենք Աստուծոյ, որ մեր զինուորները ամուր պահէ եւ հայոց երկիրը, հայոց եկեղեցին, հայոց բանակը կանգուն մնան»:

Շնորհակալական խօսքէն ետք Տէր Առաքէլ քահանայ Ամիրեան «Հայորդաց տան» կողմէն Արթուր Խաչատրեանին նուիրեց Արցախի մասին պատմող գիրքեր:

 

 

 

Լաւ Լուր. Հայկական Աշխարհս.com

0

Ուրախութեամբ իմացանք, որ մեր պաշտօնակից ԵՌԱԳՈՅՆ.com-ը կը ստեղծէ մանկապատանեկան արեւմտահայերէն կայք մը (Armlands.com, Հայկական Աշխարհս), որ կը ներառէ երկու բաժին՝ 4-8 եւ 9-16 տարեկաններու համար։

Կայքը կը ներառէ համապատասխան տարիքի հասցէատէրերը հետաքրքրող համապարփակ նիւթեր, տեսանիւթեր, լուրեր եւայլն։ Կայքի ձեւաւորման աշխատանքները պիտի սկսին Փետրուար 21-ին (լեզուի տօնին), իսկ այն հանրութեան պիտի ներկայացուի 2018 թուականի Փետրուար 21-ին։

Ալեքսանդր Սարուխանհի Մահուան 40-ամեակի Նուիրուած Ցուցահանդէս, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Հիմնադրութեան 110-Ամեակի Առթիւ

0

Հ. Բ. Ը. Միութեան հիմնադրութեան 110-ամեակի առիթով, Յունաստանի Կեդրոնական Յանձնաժողովը, կազմակերպեց Ալեքսանդր Սարուխանի մահուան 40-ամեակի նուիրուած ծաղրանկարչութեան ցուցահանդէս, Փ. Ֆալիրօ-ի քաղաքապետութեան հովանաւորութեամբ:Բացումը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի 25 Յունուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Փ. Ֆալիրօ-ի «Flisvos» Մշակութային Կեդրոնի մէջ:  Ներկայ գտնուեցաւ Ա. Սարուխան-ի թոռնիկը Տիկ. Սիլվա Ներետեան / Բլատեանը: Հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Յունահայոց Թեմի առաջնորդական տեղապահ Տէր Խորէն Վրդ. Առաքելեանը, Տիկ. Աննա Խաչատուրեանը Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւպատոս Յունաստանի մօտ, Դոկտ. Հուսէին Մարէյ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան Մշակութային Կցորդ Յունաստանի մօտ, Պրն. Տիոնիսիոս Խածիտագիս Փ. Ֆալիրօ-ի քաղաքապետը, Թեմական Խորհուրդի ներկայացուցիչներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ յունահայ հասարակութիւնը:

Օրուան հանդիսավարն էր Հ. Բ. Ը. Միութեան Յունաստանի Կեդրոնական Յանձնաժողովի Գանձապահ՝ Պրն. Սեդրակ Ապասեանը: Բարի գալուստեան մաղթանքներէն ետք, խօսք առաւ Հ. Բ. Ը. Միութեան Յունաստանի Կեդրոնական յանձնաժողովի Ատենապետ՝ Դոկտ. Համբիկ-Սահակ Մարուքեան, ուր պանծացուց միութեան հիմնադրութեան 110-ամեակը: Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք իրենց բարոյական օժանդակութեամբ թիկունք կը կանգնին միութեան:

Ապա խօսք առաւ Պրն. Տիոնիսիոս Հածիտագիս Փ. Ֆալիրօ-ի քաղաքապետը: Յայտնեց իր ոգեւորութիւնը եւ ուրախութիւնը այս գործակցութեան համար եւ մանաւանդ որ Հ. Բ. Ը. Միութիւնը կը գործէ իր քաղաքէն ներս: Վերջաւորութեան խօսք առաւ Ա. Սարուխան-ի թոռնիկը՝ Տիկ. Սիլվա Ներետեան/Բլատեանը: Նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Հ. Բ. Ը. Միութեան Յունաստանի Կեդրոնական Յանձնաժողովին այս ցուցահանդէսին համար, իսկ յետոյ պատմեց Սարուխանի կեանքի մասին: Հանդիսութեան աւարտին, Հ. Բ. Ը. Միութեան Յունաստանի Կեդրոնական Յանձնաժողովի Ատենապետ՝ Դոկտ. Համբիկ-Սահակ Մարուքեանը յուշատախտակ մը յանձնեց Սարուխան-ի թոռնիկին՝ Տիկ. Սիլվա Ներետեան / Բլատեանին: Ցուցահանդէսը բաց մնաց մինչեւ Կիրակի 29 Յունուար 2017-ը:

5

2

 

4

 

6

 

Ֆրանսայի ՄԷջ Տեղի Ունեցած Է Սփիւռքի Նախարարութեան Պարգեւի Յանձնման Արարողութիւն

0

Ֆրանսայի Կրենոպլի եւ Տոֆինէի հայ մշակոյթի տունը 2015 թուականին մասնակցած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» համահայկական մրցանակաբաշխութեան եւ 2016 թուականի Հոկտեմբերին կայացած ձեռնարկին ժամանակ արժանացած է «Լաւագոյն հայկական համայնք»  2–րդ կարգի մրցանակի:

Այս առիթով 2017 թուականի Յունուար 24-ին Մշակոյթի տան մէջ տեղի ունեցած է պարգեւի յանձնման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Կրենոպլի քաղաքապետ, Ֆրանսայի ԱԺ պատգամաւոր Էրիկ Փիոլը, փոխքաղաքպետ Պերնար Մակրեն, Ռոն Ալպի շրջանային խորհուրդի ներկայացուցիչ Նաթալի  Պերանժեն, ծերակուտականներ, ԱԺ պատգամաւորներ եւ հայ համայնքի  ներկայացուցիչներ: Պարգեւի յանձնման առիթով ցուցադրուած է  ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհաւորական տեսաուղերձը եւ Մշակոյթի տան 34-ամեայ գործունէութեան վերաբերեալ ֆիլմը:

Ներկայացուած են Կրենոպլ եւ Սեւան քաղաքներու միջեւ համագործակցութեան ծիրէն ներս իրականացուած աշխատանքները: Ձեռնարկին աւարտին մշակոյթի տան հովանիին տակ գործող մէկօրեայ դպրոցի եւ «Սեւան» պարախումբի սաներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ համերգ: