Կիրակի, 27. 07. 2025

ՀՀ-ն Հաւանական է Օդային Կապ Հաստատէ Աւստրալիոյ եւ Սուրիոյ Հետ

0

Փետրուար 9-ին կայանալիք Ազգային ժողովի նիստին համաձայնութիւն կրնայ տրուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Աւստրալիոյ Միութեան կառավարութեան միջեւ օդային հաղորդակցութիւններու մասին համաձայնագիրի կնքման առաջարկին: Այս մասին կը հաղորդէ PanArmenian.net-ը։

Կառավարութեան նիստի օրակարգին համաձայն, համաձայնութիւն պիտի կայանայ նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ օդային հաղորդակցութիւններու մասին» համաձայնագիրի կնքման առաջարկին:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Հայաստանը Գանատայի ու Սինկափուրի հետ օդային հաղորդակցութիւններու մասին համաձայնագիրներ պիտի կնքէ: Կառավարութիւնը Յունուար 26-ի նիստին համաձայնութիւն տուած է փաստաթուղթերու ստորագրման առաջարկին:

«Երաժշտական Հինգշաբթի Խաչատրեանի Տանը» Ծրագիրով Ելոյթ Պիտի Ունենայ «Օշական» Քառեակը

0

Փետրուար 9-ին, ժամը 19:00-ին, Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայաստանի դրախտի պարտէզ» խորագիրով «Երաժշտական Հինգշաբթի Խաչատրեանի տանը» շարքին հերթական համերգը:

ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ համերգի ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ «Օշական» քառեակը. Էկա Հորստկայ (սոփրանօ, հարուածայիններ), Արտակ Ասատրեան (տուտուկ), Աստղիկ Սնեցունց (քանոն), Գրիգոր Առաքելեան (հայկական վիոլա): Գեղարուեստական ղեկավար եւ մշակումներու հեղինակ` Գրիգոր Առաքելեան:

«Օշական» քառեակի ներկայացուող ծրագիրը կը ներառէ հայ միջնադարեան երաժշտութեան գրեթէ բոլոր ճիւղերը. հոգեւոր, գեղջկական, դիւցազներգական, գուսանական: Համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Գրիգոր Առաքելեանի կողմէն մշակուած երգերը կոչուած են նոր շունչով ներկայացնելու հայ միջնադարեան երաժշտարուեստը:

Ծուռը՝ Ծուռ

0

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Գրչածայր, գրչատուփ, գրիչ եւ այլն, կարծեմ դարձան հնոտիք, նոր օրերու ոչ-հարկաւոր, սակայն ինչ որ հինէն մնացած է միտքիս մէջ, սոյն ասոյթն է.- «ծուռ քանակէն շիտակ գիծ չենք կրնար ստանալ»: Այս «շաբալիսեան ճշմարտութիւն» եղաւ, բայց թողունք հին օրերը, անցնինք քիչ մը հասունութեան:

Շուկայ, մարդիկ, ընկերութիւն, փոխ-յարաբերութիւն ու տարիներու գումար, արդիւնքը՝ ինծի համար քանակը փոխաբերաբար եղաւ մարդ – արարածը: Մարդ- արարածէն եթէ նոյնիսկ շիտակ խօսք մը լսես, անպայման պէտք է կասկածիս ալ պատուհան մը բանաս, իրագործումի ընթացքին:

Արդարեւ, ինչքան ճառեր, հաւաքներ, բամբասանքեր, մանաւանդ՝ նախընտրական արշաւի ընթացքին խոստումներով կը շռայլուի՝ ժողովուրդի բարօրութեան ի խնդիր, իսկ արդիւնքը կ’ըլլայ.- «Ունայնութիւն, ունայնութեանց»:

Մարդու ծնունդէն, հազուադէպ եղած են բացառիկ կարողութեամբ տէր մարդիկ, որոնք ուզած են ուղղել ժողովուրդը իրենց ցուցմունքներով, ուսուցումով, որոնք յետագային փիլիսոփայութիւն կամ ընկերաբանութիւն, կամ կրօնք անուան տակ ընդունուած ու հաստատուած են: Այդ ռահվիրաները նկատած են թէ ինչքա՜ն եւ ինչե՜ր կան նկատողութեան եւ փոփոխութեան արժանի, որպէսզի մարդկայինը բարձրանայ կենդանական-անասնականէն, մարդկայնականի՛ն, բանականին, որպէսզի կարենանք շիտակ գիծ ունենալ, փոխանակ՝ ծուռի: Ճիշդ այդ պատճառաւ տակաւին կը վերյիշենք հինէն եկած մեզի վեհ եւ մաքուր, մարդկայնական մտածողներու մասին, կ’որդեգրենք ու կը փորձենք նպատակ ունենալով աւելի՛ բարձրի, աւելի՛ մարդկայնականի, յանուն ընդհանուրին: Սակայն, դժբախտութիւնը հոն է որ, անոնք կը մնան գիրքերու մէջ, կամ եթէ բարձրաձայնուին, ժամանակաւորապէս կը հնչեն ու չեն ըլլար տիրական:

Հասնիլ բարձր մակարդակի, սանձելով բնազդայինը ինչ որ անբաւարար է ընդհանուրին համար: Ու «քաղաքը» կը մնայ ծուռ:

Կարելի չէ թէեւ անտեսել նաեւ հազարամեակներու ընթացքին եղած յառաջդիմութիւնը, եթէ ոչ համայն աշխարհի տարածքին, գէթ մէկ մասին, ուր այլեւս չկայ գերեվաճառութիւն նախկին իմաստով, չկան շղթաներ, նախկին իմաստով,քանի որ եթէ ձեւերը փոխուած են, խորքը կը մնայ նոյնը: Քանի՜ անգամներ ազդադարութիւն եմ տեսած, նոյնիսկ կրնամ սպառնալիք որակել, երբ գործատէրը կը բռնանայ յաւելեալ ժամ աշխատիլ չուզելուս պատճառաւ: Պերդրանտ Ռասըլ ալ կը գրէ նոյն երեւոյթի մասին, թէ.«հիմա պաշտօնեան ազատ է գործէ հրաժարելու, գերեվարուելու համար այլ գրասենեակ»: Նիւթական շղթաները փոխարինուեցան…օրէնքով: Ուստի տակաւին «ծուռ» քանակէն շիտակ գիծ չենք կրնար սպասել:

«Այն որ ծուռ է, չի կրնար շտկուիլ»: (Ժող. Ա:15) գրուած է ու երթը կը շարունակուի: Հին կտակարանէն հասնելով նորին: «Եւ ծուռը պիտի շտկուի ու խորտուբորտ տեղերը հարթ ճամբաներ պիտի ըլլան» (Ղուկաս Գ:5): Այս՝ տեսլականն է ի հարկէ… երկու հազար տարուան հնութիւն, յուսադրիչ, անտարակոյս եւ սակայն… գիրքերու մէջ միայն գուցէ երբեմն քարոզներու բնաբան, եւ հատուկենտ ընկերութիւններու, որոնք կը փորձեն մեղմել անկարին ցաւերը, բայց երբ խորքը կը մնայ անփոփոխ, ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը մնայ տառապեալ ու կեանքը՝ հացի պայքար:

Ուստի տակաւին ի զօրու է, «Զհաց մեր հանապազորդ»-ը խնդրել Տիրոջմէ, աղօթքի միջոցաւ: «Հաց», այսինք՝ առօրեայ կարիքները: Եւ աշխատինք ու պայքարինք, որ «ծուռը շտկուի», որպէսզի «խորտուբորտ տեղերը հարթ ճամբաներ ըլլան»:

Բայց որքա՜ն քրտինք, ջանք ու աշխատանք պէտք է, առաւել՝ ժամանակ գուցէ եւ … յաւիտեան:

Վերջին հաշուով, փախուստը վերջնական լուծում չէ եւ չի կրնար ըլլալ:

«Ամէնէն հեռու ճանապարհը, առաջին քայլէն կը սկսի» (Չինական):

Անին Զբօսաշրջիկներու Հետաքրքրութեան Կիզակէտը Կը Հանդիսանայ

0

Ներկայ Թուրքիոյ արեւելքը գտնուող Անի քաղաքը, որ 961-1054 թուականներուն եղած է Բագրատունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաքը, տարուան չորս եղանակներուն զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութեան կիզակէտը կը հանդիսանայ։ Անի քաղաքը, որ մշակութային հարստութիւններով նշանաւոր է, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մշուկութային ժառանգութեան ցանկին մէջ տեղ գրաւած է, կրելով «համաշխարհային քաղաք», «քաղաքակրթութիւններու օրրան», «հազարումէկ եկեղեցի», «40 դռներով քաղաք» անուանումները։

«Մարմարա»-ն կը հաղորդէ, որ այս եղանակին, երբ Անի քաղաքը ծածկուած է ձիւնով եւ ճերմակի սքանչելի տեսարան կը պարզէ, զբօսաշրջիկներու բուռն հետաքրքրութեան կ’արժանանայ։ Քաղաքը, որ 68 հեկտար տարածքի վրայ հիմնուած է, պատմութեան տեւողութեամբ պահպանութեան տակ առնուած է 4․5 քիլոմեթր երկարութեամբ ամրակուռ պարիսպներով։ Քաղաքը ամրան ամիսներուն կը ճառագայթէ կանաչ գոյնի բազմազան երանգներով, իսկ ձմրան բիւրեղեայ ձիւներուն մէջ զբօսաշրջիկներուն առիթ կու տայ անցեալի մէջ պտոյտ մը կատարելու։

Մեծ Նահատակ Հրանդ Տինքի Մեծ Երազի Իրականացման Ճամբուն Վրայ՝ Փոքր Ասիոյ Ժողովուրդներու Համագումար Պերլինի Մէջ (28-29 Յունուար 2017-ին)

0

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Մինչ ձերբակալութիւնները, սպաննութիւնները, պետական «պատուէր»ով թէ գործակալ ահաբեկիչներու արիւնոտ ձեռքերով ոճիրներու շարանը կը շարունակուի Թուրքիոյ փոքր Ասիոյ տարածքին, 21-րդ դարու 2017-ին, բազմաչարչար, ցեղասպանութեան ենթարկուած, տարագրուած ժողովուրդներու ներկայացուցիչներէն հաւաքուած էին անցեալ Յունուար 28-29-ի ձմեռնաշունչ օրերուն, Պերինի «Սոֆիթէլ» պանդոկի համագումարներու դահլիճը: «Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու խորհրդաժողով», «Իրաւունքներու մէջ միաբանուած» լոզունգով, աւելի քան 87 մտաւորականներու, պետական երեսփոխաններու, հայոց եւ այլ ժողովուրդներու ցեղասպանութեանց մասին գիրքերու հեղինակներու, թուրք, ֆաշիստ ու կրօնամոլ պետութեան դէմ քաղաքական ու զինեալ պայքարի դրօշակակիր կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ ու միութիւններ:

20170127_193841

Համագումարի գլխաւոր կազմակերպողները՝ Արեւմտեան Հայաստանի հայ իրաւունքներու պաշտպան՝ Արեւմտահայերու Ազգային համագումարը (որն անխոնջ նախագահ Սուրէն Սերայտարեան, քարտուղար Սեւակ Արծրունի, փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու յարաբերութիւնները կարգաւորող տողերուս հեղինակը, ՀՀ ԱԺ պատգամաւորի Արագած Ախոյեան, ՀՀ Ակադեմիայի գիտաշխատող Յարութիւն Մարութեան) եւ Թուրքիոյ Ազատ խօսքի ինստուտի հիմնադիր Սաէտ Չեթինօղլու եւ իր գործընկերները, որոնք կարողացան միայն 28 օրուան մէջ կազմակերպել իր տեսակին մէջ եզակի այսպիսի համագումար:

Մասնակիցներուն մէջ էին Թուրքիոյ խորհրդարանի երիտասարդ անդամուհի (Վանի շրջանէն) Հեզեր Թուկպա ( H.D.P. ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, որ իր բացարձակ զօրակցութիւնը յայտնեց Հրանդ Տինքի ոգիով առաջնորդուող համագումարի մասնակիցներուն եւ հայ ժողովուրդի պայքարին:

20170128_091128(0)

Հեռաւոր իրաքեան քիւրտիստանէն իրենց ողջոյնի խօսքը յղեցին խորհրդարանի անդամներ Երուանդ Ամենեեան եւ նախագահ Մեսուտ Պարզանիի մերձաւոր, նոյնպէս խորհրդարանի անդամ Ալի Հալօն, որոնք մուտքի վիզայի ուշացման պատճառով չկարողացան ֆիզիքապէս ներկայ ըլլալ:

Մինչ իրաքեան քիւրտիստանի բազմիցս խորհրդարանական, ծագումով Ասորի  քաղաքացի Սալիմ Թօմա Գագօ, որ դատապարտեց «Տաէշ»ի եւ այլ ոճրագործներու կայացած անպատմելի խժդժութիւնները, կոտորածները, տարագրութիւնը Իրաքի թէ բազմահազարմեայ Նինուէի-Մուսուլի դաշտավայրին մէջ ասորիներու, քաղդէացիներու, հայերու, քիւրտերու, եզիտիներու, շապաքներու դէմ, կոչ ընելով միաւորել ջանքերը՝ առաջքն առնելու արհաւիրքին:

20170128_091821

Քիւրտիստանի համայնավար կուսակցութիւնը նոյնպէս իր մասնակցութիւնը բերաւ խիզախ ազատամարտիկներ Ազիզ Սաիտի եւ Էնվէր Շէնի գլխաւորութեամբ: Մինչ Ֆրանսայի եզիտներու համադաշնակցութիւնը ղրկած էր հայախօս Եզիտի եղբայր ժողովուրդին մասնակիցները, որուն ղեկավար Ալեքսան Տիարեան (FEF Federazia Ezidie France) ողջունեց համագումարի մասնակիցները, հայ ժողովուրդն ու հայոց ազգային բանակը, որուն 1918-ի Սարդարապատի ճակատամարտին յաղթանակը կերտուեցաւ նաեւ Մեծն Ճահանկիր Աղայի եւ իր 400 հեծեալ եզիտի քաջորդիներու սխրանքներով: Նաեւ յիշեց արցախեան քառօրեայ պատերազմի Առաջին նահատակ Քեարամ Սալօյեանին, որ դաժանաբար գլխատուեցաւ եւ դահիճը պարգեւատրուեցաւ Ազրպէյճանի արիւնախում նախագահ Ալիեւի կողմէ: Տիարեան միջազգային ընտանիքին յիշեցուց եզիտի մանուկներու, կանանց ու տղամարդոց դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը իրաքի մէջ՝ 2015 թուականին, հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի օրերուն, Թուրքիոյ վարձկաններու ձեռամբ:
Լիբանանի պետական երեսփոխան Շանթ Չինչինեան աշխուժօրէն մասնակցեցաւ խորհրդաժողովին, ողջունելով ներկաները, իր եւ լիբանանահայութեան կողմէ, խոստանալով շարունակել պայքարը յանուն արդարութեան: Լիբանանի երիտասարդ ուժերէն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Գառնիկ Իսֆահանի Գասպարեան, մինչ Թուրքիոյ հայութեան նոր պարծանք՝ «նոր Զարթօնք»ը որոնք կը շարունակեն Հրանդ Տինքի սուրբ գործը, ղրկած էր երիտասարդ պատուիրակ Յովհաննէս Քէօսէեանը՝ Պոլսէն: Իսկ Գերմանիոյ հայոց համայնքի երկարամեայ ղեկավար Սամուէլ Յովասափեան ոչ միայն ներկայ եղաւ, այլ համագումարին նախօրեակին ընդունելութիւն կազմակերպեց Պերլին հայոց տան մէջ:

Հայաստան համագումարին ներկայացաւ «ծանր հրետանիով» հանրային (Հ1) հեռատեսիլի կայանը, իր հանրաճանաչ խօսնակ Աբրահամ Գասպարեանով, ամբողջապէս նկարահեց երկօրեայ նիստերը այլեւ Մայր հայրենիքէն հեռարձակմամբ աշխարհասփիւռ հայերը ուշի ուշով հետեւեցան համագումարին:

ՀՀ Ազգային ժողովի մշտարթուն պատգամաւորներ Արագած Ախոյեան եւ Շիրակ Թորոսեան (ծագումով Ջաւախքէն) իրենց ելոյթներով նոր շունչ փոխանցեցին համագումարին:

Պրն. Սերայտարեան բացման խօսքի պահուն

Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներէն Պոնտոսի յոյները (նաեւ ուղղափառ յոյն ժողովուրդը) լայնօրէն ներկայացուեցաւ համագումարին: Քաղաքական գործիչ ու մտաւորական, բազմիցս հալածանքներու ենթարկուած ղեկավար Թամէր Չիլինկիր, ներկայացուց իսլամացուած-թրքացուած 1.5 միլիոն Պոնտոսի յոյներուն ոդիսականը, որոնք ահաւոր կոտորածներու եւ ցեղասպանութեան ենթարկուեցան 1918-1922 թոականներուն անձամբ Աթաթուրքի եւ Թօփալ Օսման ոճրապետին հրամանով: Թամէր Չիլինկիր ամօթանք տուաւ Հրանդ Տինքը սպանած, ծագումով Տրապիզոնցի իսլամացած Պոնտոսի յոյն Սամատի հասցէին, ափսոսանք եւ ներողութիւն հայցելով հայերէն:

Թուրքիոյ նշանաւոր մտաւորականներէն Ռագըպ Զարաքօլու իր տիկնոջ հետ ոչ միայն ներկայ եղաւ,այլեւ ելոյթ ունեցաւ նշանակալից ճառով, որպէս Հրանդ Տինքի վաղեմի գործակիցը: Պասքըն Օրան ցաւով յիշեց, որ ինքը խրախուսած է Մեծ Նահատակը Թուրքիա, չվախնալով սպառնալիքներէ, մնալ ու պայքարիլ երկրին մէջ ժողովրդավարական կարգեր հաստատելու համար: Ուշագրաւ էր նաեւ Պոլսէն նախկին Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Ռաֆուք Օտասի ելոյթը, միասնական ջանքերով վերջ տալու հարիւրամեակներ շարունակուող անարդարութեանց ինչպէս Օսմանեան կայսրութեան, այնպէս ալ հանրապետութեան տժգոյն տարիներուն:

Հայ եւ յոյներու ցեղասպանութեանց նուիրուած բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ, գերմանուհի խիզախ պատմաբան, «ֆրայ» հեղինակաւոր համալսարանի դասախօս դոկտ. Թեսա Հոֆմանի ելոյթները համագումարին խիստ կարեւոր էին իր երկարամեայ գործակից դասախօս, գիրքերու հեղինակ Ժիրայր Քոչարեանին հետ: Գլխաւոր անակնկալներէն էր, Պոյնէս Այրէսի իրաւաբանական համալսարանի ղեկավարուհի՝ Լուսինա Մինասեանի մասնակցութիւնը համագումարին, Պերլին ժամանելով իր երեք սիրասուն դուստրերուն հետ: Տիկ. Մինասեան մի քանի օր առաջ, Ֆրանսայի Ծերակոյտի դահլիճին մէջ մասնակցած էր Հրանդ Տինքի նահատակութեան 10 ամեակի ոգեկոչման համագումարին՝ հանդիպեով գլխաւոր հրաւիրեալներէն՝ Կարօ Փայլանի հետ…: Անմոռանալի էր նաեւ Ռեճեփ Մարաշլին, հայոց աննկուն պաշտպանը:

Հայրենի պատգամաւորներ Արագած Ախոյեան եւ Շիրակ Թորոսեան

Երկու օրուան իրարայաջորդ նիստերու, ելոյթներու, լրացումներու քննարկումներէ ետք, համագումարը որոշեց փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներէն կազմել յանձնաժողով, համագործակցութիւնը շարունակելու յանուն արդարութեան, ժողովրդավարութեան, իրաւունքներու տիրացման համար:

Պերլին, Գերմանիա

 

 

ՌԱԿ-ի Հայաստանի Կառոյցը Շեղած է ՌԱԿ-ի Հետ Իր Ունեցած Բարոյական Կապէն. Այսպէս կոչուած ՀՌԱԿ Ղեկավարութիւնը ՉԻ Ներկայացներ Աշխարհասփիւռ 95 Ամեայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը

0

Ի տես ՌԱԿ-ի հայաստանի կառոյցին՝ սփիւռքի խումբ մը մեղսակիցներու հետ, վերջերս ստեղծած շփոթին պատճառով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը յարմար տեսաւ երէկ՝ 7 Փետրուար 2017-ի, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնին մէջ մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպել՝ միանգամընդմիշտ լուսաբանելու համար հանրութիւնը:

Մամլոյ ասուլիսին ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացուցին ընկերներ Լեւոն Պըլքեան, Ալեքսան Գարատանայեան եւ ընկերուհի Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեան։

Մամլոյ Ասուլիսը ունէր հետեւեալ թեման՝ ՌԱԿ-ը ո՛չ ուղղակի եւ ո՛չ ալ դաշինքներու միջոցաւ պիտի մասնակցի յառաջիկայ Ապրիլ 2017-ի  Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Ներկայ գտնուող Հայրենի մեծ թիւով լրատուական միջոցներուն դիմաց ընկերուհի Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեան կարդաց ՌԱԿ-ի խօսքը, իսկ լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանեց ընկեր Լեւոն Պըլքեան:

Ստորեւ կը ներկայացնենք մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ընթերցուած խօսքը՝

Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւն (ՌԱԿ), հայկական աւանդական 3 կուսակցութիւններէն մին է, որ հիմնուած է 1921 թուականին` գաղափարակից շարք մը կուսակցութիւններու միաւորումով։ Ան շարունակութիւնն է Մ. Փորթուգալեանի հիմնած Արմենական կազմակերպութիւն կուսակցութեան, որ հիմնուած էր 1885 -ին, Վան քաղաքի մէջ։

1921-ի իր հիմնադրութիւնէն ի վեր՝ ՌԱԿ-ը իր ազդու ներկայութիւնը ունեցած է Սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղթօճախի մէջ, հայկական միւս երկու կուսակցութիւններուն նման՝ Ցեղասպանութենէն ետք աշխարհացրիւ եղած Հայ ժողովուրդի զաւակներուն քաղաքական միտքը զարգացնելու եւ գաղութները կազմակերպելու աշխատանքը կարգաւորելով:

Այսպէս, 95 տարի շարունակ միշտ պատնէշի վրայ եղած Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը՝ շարունակած է իր ազգանուէր գործունէութիւնը՝ միշտ կանգնելով Հայրենի պետականութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողքին:

ՌԱԿ անզուգական կամուրջ մը եղած է Սփիւռք-Հայրենիք յարաբերութեան մէջ՝ գործակցելով նոյնիսկ գաղափարականօրէն հակասական Սովետական Հայաստանի պետութեան հետ, միշտ որդեգրելով այն սկզբունքը, որ Հայրենիքը վեր է ամէն վարչակարգէ եւ ան մնայուն է՝ մինչ իշխանութիւնները կու գան ու կ՛երթան:

Հայրենիքի անկախացումէն ետք՝ ՌԱԿ-ը իր ներկայութիւնը ունեցած է Հայաստանի մէջ, ըլլալով միշտ պետականութեան կողքին, շարունակելով իր կամրջումի դերը, տանելով օգտաշատ աշխատանք իր սփիւռքահայ եւ Հայրենի անդամներով:

Վերջին տարիներուն (2012-ին)՝ յարմարելով Հայրենիքի կուսակցութիւններու օրէնքին եւ բարեացակամ մօտեցումով աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի ղեկավարութեան՝ Հայրենիքի մէջ վերակազմուած է կառոյց մը ՌԱԿ-ի անունով, որուն ազնիւօրէն տրամադրուած է Կուսակցութեան տասնամեակներու դրօշն ու զինանշանը:

Վերջերս, սակայն, եւ դժբախտաբար, նշեալ կառոյցը՝ շեղելով իր բարոյական կապէն աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ին հետ եւ գործակցելով Սփիւռքի քանի մը ընդդիմադիր, անհանգամանք ընկերներու հետ (որոնք երկու տարի առաջ վատաբար կրցած էին ծախել Լոս Անճելըսի կուսակցապատկան Թէքէեան Մշակութային Միութեան դպրոցը), կը փորձէ իւրացնել ՌԱԿ-ի անունը, դրօշն ու զինանշանը, այս պառակտիչ աշխատանքը ֆինանսաւորելով Հայ Վարժարանի մը վաճառքէն գոյացած գումարով:

Չբաւարարուելով այսքանով, այդ կառոյցը այսօր կը համարձակի խօսիլ աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի անունով՝ ներկայանալով իբրեւ 95-ամեայ ՌԱԿ՝ փորձելով մասնակից դառնալ յառաջիկայ Ապրիլի խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ մաս կազմելով ընտրական դաշինքի մը:

Ի տես այս զարտուղի փորձին՝ 95-ամեայ ՌԱԿ-ի աւանդական ղեկավարութեան շարաւիղը հանդիսացող Կեդրոնական Վարչութիւնս (որ ընտրուած էր Երեւանի մէջ գումարուած ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին), 4 Փետրուար 2017-ին, հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը՝

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կ՛ողջունէ Հայրենի պետութեան եւ ժողովուրդին ռամկավարական սկզբունքներուն հանդէպ ունեցած հաւատամքը, որ անցնող 25 տարիներուն արտացոլաց կազմակերպելով ու մասնակցելով ժողովրդավարական ընտրութիւններու, ըլլան անոնք նախագահական, խորհրդարանական, թէ տեղական ինքնավարման:

Ժողովրդավարական սկզբունքներով կազմակերպուած ընտրութիւններն են միայն, որ տուեալ ժողովուրդը մասնակից կը դարձնեն իշխանութեան՝ հետեւաբար իր առողջ կառավարման:

Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը շեշտէ, թէ չի կրնար բարոյապէս անմասն մնալ ու չզօրակցիլ ժողովրդավարական մշակոյթի տարածման եւ անոր առողջ կիրառման մեր Հայրենիքին մէջ: Հակառակ այս փաստին, սակայն, ան պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ ներկայ հանգրուանին՝ նկատի ունենալով, որ աշխարհասփիւռ 95-ամեայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը առ այժմ զինք իրաւականօրէն ներկայացնող քաղաքական կառոյց մը չունի Հայրենիքի մէջ, ան ո՛չ ուղղակի եւ ո՛չ ալ քաղաքական կամ ընտրական դաշինքներու միջոցաւ պիտի մասնակցի յառաջիկայ Ապրիլի խորհրդարանական ընտրութիւններուն  եւ այդ ուղղութեամբ առաջադրուած թեկնածուներ չունի բնականաբար:

Այս առիթով` Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ պատմական այս հանգրուանին լաւատեսութեամբ կ՛ողջունէ Հայրենի ժողովուրդը եւ կը խոնարհի ժողովուրդին կամքին առջեւ՝ արդար, խաղաղ եւ թափանցիկ ընտրական գործընթացով ընտրելու զինք լաւագոյնս ներկայացնող թեկնածուներ ի փառս եւ ի յաւերժութիւն մեր ազատ, անկախ եւ ժողովրդավար Հայրենիքին:

 

Կեցցէ՛ Ժողովրդավարութիւնը:

Կեցցէ՛ Հայ Ժողովուրդը:

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ 

    

Սեւակ Յակոբեան                                                                                              Սերխիօ  Ատենադպիր  Նահապետեան                                                                                                                     Ատենապետ                                                                                                                                                                                                                                                                           

Ի լուր այս պաշտօնական հաղորդագրութեան եւ շարունակելով կեղծիքը, նաեւ փորձ մը ընելով խաբելու հանրային կարծիքն ու ընտրական դաշինքի մը ղեկավարութիւնը, նոյն խմբակը՝ Սփիւռքի իր մեղսակիցներուն դիմելով՝ նամակ մը յղած է յարգելի պարոն Գագիկ Ծառուկեանին, շինծու եւ յերիւրածոյ մարմինի մը անունով, իբր թէ ներկայացնելով աշխարհատարած ՌԱԿ-ը:

Այս նամակը, բնականաբար, ընդվզում յառաջացուց աշխարհասփիւռ մեր կառոյցներուն մօտ, որոնց  ղեկավարութիւնները անցնող օրերուն հրապարակեցին յայտարարութիւններ, որոնք յատուկ ծրարով մը ձեր տրամադրութեան տակ կը դնենք այսօր (ՌԱԿ-ի աշխարհատարած շրջանակներու ի նպաստ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան յայտարարութիւններու թղթածրարը տեղւոյն վրայ յանձնուած է լրագրողներուն – խմբ.):

Այսօրուան մեր ասուլիսին նպատակն է լուսաբանել հանրութիւնը, որ կայ մէկ ու միակ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, որ ունի մէկ Կեդրոնական Վարչութիւն, որուն համեստ ներկայացուցիչներն ենք այստեղ ու կ՛արտայատուինք անոր անունով:

Մեր այսօրուան ասուլիսը ուղղուած չէ ոեւէ անձի կամ դաշինքի դէմ: Մենք ուրախ ենք, որ պարոն Ծառուկեան անդրադարձած է արդէն կատարուածին՝ մերժելով իր դաշինքին մէջ ընդգրկել աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ը ոչ մէկ ձեւով ներկայացնող արկածախնդիր խմբակ մը, որ կը միտի պառակտել 95-ամեայ ՌԱԿ-ը:

Վերջապէս, ջատագովելով Հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական ամէն միջոցառում, կը մնայ շեշտել, թէ ՌԱԿ-ը առ այժմ քաղաքական կառոյց մը չունի Հայրենիքի մէջ, ան ո՛չ ուղղակի եւ ո՛չ ալ քաղաքական կամ ընտրական դաշինքներու միջոցաւ պիտի մասնակցի յառաջիկայ Ապրիլ 2017-ի  խորհրդարանական ընտրութիւններուն  եւ այդ ուղղութեամբ առաջադրուած թեկնածուներ չունի բնականաբար:

ՌԱԿ պիտի շարունակէ զօրավիգ մնալ Հայրենի պետականութեան՝ իր ամբողջ կարելիութիւնները դնելով ի սպաս Հայրենիքի  զարգացման ու գոյատեւումին:

Կեցցէ՛ Հայ Ժողովուրդը: Կեցցէ՛ Հայրենիքը:

 

«Միրաք»-ի Նշանաբանը՝ «Մեծագոյն Բարիքը Ընկերութիւնն է»

0

Կիրակի, 5 Փետրուար2017-ին, Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ՌԱԿ-ի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման հերթական կիրակնօրեայ հանդիպումը: Հաւաքին ներկայ գտնուեցան Հալէպի եւ Լիբանանի Թէքէեանի երիտասարդ անդամներէն ընկհ. Լոռի Հովիւեանը, ընկ. Մհեր Մարգարեանը եւ ընկ. Հայկ Չալեանը, որոնք իրենց  ներկայութեամբ խանդավառեցին «Միրաք»-ականները եւ օժանդակեցին յանձնախումբի ծրագիրի իրականացման: Նախքան ծրագիրին անցնիլը,  Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան «Միրաք»-ի անդամներէն Շիրակ Սողիկեանին առ ի գնահատանք, քաջալերական նուէր մը յանձնեց, իր պարտաճանաչութեան եւ բացակայութիւն չունենալուն համար: «Միրաք»-ի անդամները բարձր տրամադրութեամբ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ մասնակցեցան վարչութեան կողմէ պատրաստուած՝ տրամաբանութիւնն ու յիշողութիւնը զարգացնող, մարզական ունակութիւնները փորձող եւ ընդհանուր զարգացման հարստացման նպաստող խաղերուն: Հանդիպման աւարտին, նախորդ Կիրակուան «Բանակի օր»-ուան նուիրուած՝ բանակի կեանքը պատկերող ստեղծագործական կարճ ներկայացման առաջնութիւնը շահող խումբին յանձնուեցաւ նուէրներ, տրամադրուած #SPORT խանութի կողմէ: «Միրաք»-ի պատասխանատու Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան անակնկալ յայտարարութիւն մը ընելով, «Միրաք»-ականներուն յայտնեց, որ #SPORT խանութը «Միրաք»-ի բոլոր անդամներուն համար տրամադրած է նուէրներ, որոնք պիտի ստանան այս շաբթուան ընթացքին:

20170205_121716

20170205_122432

IMG-20170206-WA0004

«Միրաք»-ի յանձնախումբի անունով շնորհակալութիւն կը յատնենք Ընկ. Լեւոն եւ Յակոբ Պըլըխեաններուն, իրենց կողմէ տրամադրուած եւ «Միրաք»-ականներու կողմէ շատ սիրուած նուէրներուն համար:

IMG-20170206-WA0002

?????
?????

Ղարաբաղի Մէջ Կարգավիճակը Անկայուն է․ Տոնալտ Թասք

0

Եւրոմիութիւնը կը կարծէ, որ Ղարաբաղի մէջ կարգավիճակը անկայուն է: Այս մասին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ բանակցութիւններէն ետք ըսած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թասք (Donald Tusk), կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը:

«Մենք քննարկած ենք Ղարաբաղի խնդիրի խաղաղ կարգաւորումը: Կարգավիճակը (status quo) անկայուն է: Հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի»,– ըսած է ան:

Թասքի խօսքով` հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի քաղաքական ճանապարհով` միջազգային իրաւունքին համապատասխան:

Ան ըսած է, որ Եւրոմիութիւնը պիտի շարունակէ լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերել միջնորդ ջանքերուն եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու առաջարկներուն:

 

Հիւրերը եղած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացած Ցեղասպանութիւնը հաւաստող վաւերագիրներուն եւ լուսանկարներուն։

 

Շուէտի Խորհրդարանականները Այցելած են Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր

0

Շուէտի Թագաւորութեան խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Քեննէթ Ֆորշլունդի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ աշխատանքային այցով Հայաստան կը գտնուի, Փետրուար 7-ին, ՀՀ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

ՀՀ  Ազգային ժողովէն կը յայտնեն, որ պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ խոնարհած են անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած՝ Սուրբ նահատակներուն յիշատակը:

Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Կուսակցութիւններու Եւ Դաշինքներու Առաջադրման Գործընթացը Մեկնարկած է

0

Այսօրուընէ կը մեկնարկէ Ապրիլին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու դաշինքներու առաջադրման ժամկէտը:

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հաստատած ժամանակացոյցին համաձայն, քաղաքական ուժերը արձանագրութեան համար անհրաժեշտ փաստաթուղթերը կրնան ներկայացնել մինչեւ 16 Փետրուար:

Կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու դաշինքներու արձանագրութեան ժամանակահատուածը պիտի մեկնարկէ 16 Փետրուարէն մինչեւ 26 Փետրուար:

Նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակաշրջանը պիտի մեկնարկէ Մարտ 5-էն եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 31 Մարտ: