Երկուշաբթի, 28. 07. 2025

Սամսունի Մէջ Հայ Վարպետներու Հեղինակած Եզակի 150-Ամեայ Երկաթեայ Դուռ Մը Պահպանուած է

0

Թուրքիոյ Սամսուն քաղաքին մէջ շուրջ 50 տարի դարբնագործութեամբ զբաղող Իպրահիմ Գերմին իր պապէն ժառանգութիւն ստացած է 150-ամեայ  պատմութիւն ունեցող երկաթէ դուռ մը: Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով «Hürriyet» թերթի կայքը կը տեղեկացնէ, որ որպէս պատմամշակութային արժէք արձանագրուած այս դուռը պատրաստուած է հայ դարբիններու կողմէ, սակայն դրան վրայ հեղինակին մասին որեւէ գրութիւն չէ պահպանուած:

Այս պատմական երկաթեայ դրան վրայ քանդակուած է Մարիամ Աստուածածինի պատկերը: Այդ պատճառով ստեղծագործութիւնը գրաւած է նաեւ տեղի կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանային ուշադրութիւնը: Քահանան առաջարկած է իրեն վաճառել դուռը կամ Աստուածածինի քանդակը, սակայն Գերմին չէ համաձայնած: Դուռը ուզած են գնել նաեւ պատմական արժէքներով հետաքրքրուող  շատ մը այլ անձիք, սակայն դարբինը հրաժարած է զայն վաճառելէ:

«Այս դուռը հայերու ժամանակներէն մնացած է: Պապս զայն պահպանած է: Ասիկա պատրաստող դարբինը այնպիսի վարպետութիւն ըրած է, որ ես, որպէս արհեստաւոր, կը նախանձիմ: Բոլոր անկիւնները միլիմեթրի ճշդութեամբ նոյնն են: Հայ վարպետը շատ լաւ գործ ըրած է: Իսկ դրան վրայ եղած փականի նմանը ամբողջ Թուրքիոյ մէջ այլեւս չկայ: Այսպիսի դռները պատուիրուած են` սուլթաններու ու արքաներու հիւրընկալուած վայրերուն մէջ օգտագործելու համար»,- կը պատմէ թուրք արհետսաւորը:

Ան կը նշէ, որ 250 քիլօ կշռող այս դռներէն ընդամէնը երկու օրինակ գոյութիւն ունի, երկուքն ալ իր մօտ են: Ատոնցմէ իւրաքանչիւրը 2 մեթր 40սմ բարձրութիւն ունի: Դռներու համար տարբեր գնորդներ առաջարկած են մինչեւ 30.000 լիրա, սակայն ան անդրդուելի մնացած է:

65-ամեայ Իպրահիմ Գերմիի խօսքով` այս ստեղծագործութիւնը իրեն համար ամենաթանկ ընտանեկան ժառանգութիւնն է եւ ան չի պատրաստուիր զայն վաճառելու: Աւելին, դարբինը յորդորած է իր որդիներուն ու թոռներուն` նոյնպէս երբեք չվաճառել այս իւրայատուկ պատմական ստեղծագործութիւնը:

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2017 Տարեշրջանի Առաջին Նիստի Գումարում

0

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 2017 տարեշրջանի Ա. նիստը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 9 փետրուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին մէջ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան, Կրօնական ժողովի անդամներուն, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու ու յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն, Ազգային վարժարաններու տնօրէններուն եւ առաջնորդարանի անձնակազմին:

Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան բացուած յայտարարեց ժողովը եւ յետ ներկայութեան ստուգման հաստատեց օրինականութիւնը: Առաջնորդ սրբազան հօր բացման աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ Ազգային Երեսփոխանական ժողովի նախորդ նիստի ատենագրութեան քննարկում եւ վաւերացում:

Ապա Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան ներկայացուց վարչութեան անցնող չորս ամիսներու գործունէութեան ամփոփ զեկուցումը: Հաւաթեան անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակին առիթով Լիբանանի թեմ կատարած հովուապետական այցելութեան, Ազգային միացեալ վարժարանի պաշտօնական բացման հանդիսութեան եւ այս առիթով տեղի ունեցած ձեռնարկներուն եւ հանգանակային ձեռնարկին:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային երեսփոխաններուն, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող բոլոր միաւորներուն, որոնք դերակատար դարձան այս ծրագիրի յաջողութեան: Ան յայտնեց, որ սրբազան հայրը եւ Ազգային վարչութիւնը բարձր գնահատած են լիբանանահայ համայնքին ցուցաբերած զօրակցական մօտեցումը Ազգային միացեալ վարժարանին նկատմամբ: Ապա ան անդրադարձաւ Ազգային միացեալ վարժարանի ուսուցչական եւ պաշտօնէութեան կազմերու պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ դպրոցի կահաւորումի ու այլ աշխատանքներու մանրամասնութիւններուն: Ան մանրամասնեց նաեւ դպրոցներու միաւորման հոլովոյթին կապուած կարգ մը աշխատանքներ:

Վարչութեան ատենապետը ամփոփ զեկուցում մը ներկայացուց նաեւ խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու գործունէութեան մասին: Ան յայտնեց, որ շահարկման յանձնախումբը թաղականութեանց հետ համախորհուրդ կը կանոնաւորէ թաղականութեանց պատկանող կալուածային ու վարձակալական բոլոր պայմանագիրները, ինչպէս նաեւ առաջնորդարանի սեփականութիւնը եղող կալուածներու վարձակալական բոլոր առկախ հարցերը: Այս ծիրին մէջ ան անդրադարձաւ նաեւ միաւորուող վարժարաններու կալուածներու յանձանձման կարելիութիւններուն եւ պատկերացումներուն: Տնտեսական մարզին մէջ ան յայտնեց, որ տնտեսական խորհուրդին հետ համախորհուրդ արդէն իսկ ձեռնարկուած է Ազգային տուրքի եւ սան որդեգրելու ծրագիրի վերաշխուժացման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի բոլոր կառոյցներն ու միաւորները եւ անոր յարկին տակ գործող բոլոր հաստատութիւնները հաշուապահական միաձոյլ ու արդիական ծրագիրով մը օժտելու աշխատանքին, որ արդէն ընթացքի մէջ մտած է: Ապա անհրաժեշտ բացատրութիւններ փոխանցեց ուսումնական խորհուրդի, բնակարանային եւ ընկերային յանձնախումբերու գործունէութեանց մասին: Հաւաթեան անդրադարձաւ նաեւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան բարեզարդման աշխատանքներու հոլովոյթին:

Ազգային վարչութեան ծրագիրներուն եւ աշխատանքային զեկուցումներուն մասին Ազգային երեսփոխանները ուղղեցին լուսաբանական հարցումներ եւ կատարեցին առաջարկներ: Ապա Ազգային վարչութեան անդամ Ալեքսան Մուրատեան ներկայացուց Ժունիէի Ազգային գերեզմանատան ընդարձակման ու բարեզարդման նախնական նախագիծը, որ իբրեւ կարելիութիւն յառաջիկային յաւելեալ ճարտարագիտական յստակացումներով պիտի ներկայացուի ժողովին եւ հանրութեան` նկատի ունենալով, որ Պուրճ Համուտի եւ Ֆըրն Շըպպեքի գերեզմանատուներուն մէջ օգտագործելի տարածքները գրեթէ սպառած են:

Աւարտին երեսփոխանները ներկայացուցին թեմին եւ Ազգային վարչութեան գործունէութեան հետ առընչուած շարք մը առաջարկներ: Ազգային երեսփոխանական ժողովէն բխած ենթայանձնախումբ մը պիտի պատրաստէ թեմի ներքին կանոնագիրի բարեփոխման նախագիծ մը:

Ժողովին հիւրաբար կը մասնակցէր երկար տարիներ Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանին մէջ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած եւ Գանատայէն եկած տոքթ. Կարպիս Հարպոյեան, որ խօսք առնելով շնորհաւորեց Ազգային միացեալ վարժարանի հիմնադրութիւնը` հաստատելով, որ աւելի քան 20 տարիներու երազն է, որ կ’իրականանայ այսօր: Ան միաժամանակ անհրաժեշտ նկատեց, որ համայնքի բոլոր զաւակները իրենց ուսումը ստանան հայկական կրթօճախներու եւ այսպիսի արդիական շքեղ կառոյցի մը մէջ:

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ նշեց, թէ Ազգային վարչութիւնը կը ջանայ լուծումներ գտնել անցնող տասնամեակներու բազմատեսակ հարցերուն եւ խնդիրներուն, որոնք կը կարօտին բոլորին հաւաքական աջակցութեան: Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ երիտասարդութիւնը առաւել յանձնառութեամբ պէտք է մասնակից դառնայ մեր գործերուն: Շահէ եպս. Փանոսեան ըսաւ. «Պէտք է ընդունինք, որ մեր ժողովուրդը սկսած է կորսնցնել իր ազգային աւանդական սովորութիւններէն շատ բան, եւ ժամանակն է, որ սկսինք փնտռել մեր ժողովուրդին զաւակները` տարբեր աշխատանքներով եւ տարբեր ու նոր միջոցներով: Մեր տագնապներուն հիմնական պատճառը կրթութեան բացակայութիւնն է եւ մեր հարցերուն լուծումը պայմանաւորուած է կրթութեամբ: Ուսումնատենչութիւն պէտք է ստեղծել նոր սերունդին կեանքին մէջ, որպէսզի հարցերը վերանան, եւ այս առընչութեամբ Ազգային միացեալ վարժարանը նոր խանդավառութիւն եւ ոգեւորութիւն ստեղծող լաւագոյն շարժառիթն է»:

Ժողովը փակուեցաւ սրբազան հօր աղօթքով:

 

Երկօրեայ Բանակում ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Սկաուտական Վարչութեան Կազմակերպութեամբ

0

Շաբաթ, 4 եւ Կիրակի, 5  Փետրուար 2017-ին, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական  վարչութիւնը, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի խմբապետական կազմերու երկօրեայ  բանակում  մը կազմակերպեց Քջակի մէջ:

«Միութիւնը Զօրութիւն է» կարգախօսին տակ  կայացող սոյն բանակումին  մասնակցեցան  ՀԵԸ Անդրանիկ սկաուտական շարժումի բոլոր խումբերու խմբապետական կազմերը:

Vicken Tcherchian - 1

Շաբաթ  յետմիջօրէին, տեղի  ունեցաւ  դաստիարակչական  դասախօսութիւն մը, ուր  նախկին խմբապետուհի Թաթիանա Վարաքեան խօսեցաւ հոգեբանական տարբեր հարցեր ախտաճանաչելու եւ զանոնք դարմանելու եղանակներուն մասին:

Օգտուելով  բանակումի  պատեհութենէն,  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր  մարմինը   բանակումի վայր հրաւիրեց  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս  մասնաճիւղի բոլոր   վարչութիւնները (ընկերային, սկաուտական ծնողաց, մայրերու, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի փողերախումբ եւ  վեթերան սկաուտներու համախմբում), որպէսզի  ընդհանուր պատասխանատուներու  ներկայութեամբ   քննարկուին քարոզչական, կազմակերպչական եւ  գաղափարախօսական հարցեր: Հաւաքը  վարեց  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր  մարմինի ատենապետ  Գրիգոր Քէշիշեանը:

Krikor Keshisian -1

Հաւաքի  ընթացքին  խօսք առաւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը: Ան  խօսեցաւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան գաղափարախօսութեան, Միութեան ղեկավարութեան եւ կազմակերպչական կառոյցին, աշխատանքային բաժանումներուն, երիտասարդութեան համար նախատեսուած ծրագիրներուն, ինչպէս  նաեւ նուիրումի շնորհիւ Միութեանս ձեռք բերած յաջողութիւններուն մասին:

Շաբաթ երեկոյեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  Գործադիրի հրաւէրով տեղի ունեցաւ  ընթրիք:

Կիրակի օր,  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  խմբապետական կազմերը շարունակեցին   բանակումը: Կարգ մը տիպար անդամ-անդամուհիներ ստացան գնահատագիրներ:

Բանակումի աւարտին ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասը ներկայացնող բոլոր կառյոցներու  վարչութիւնները  վերահաստատեցին  միասնական եւ հաւաքական  աշխատանքով   միութենական  ծառայութիւնը շարունակելու իրենց ուխտը:

                                                ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Չեն հեռացնի. Թեկնածուներ Չունեն Ընտրութիւններին Մասնակցելու Համար Յակոբ Աւետիքեան Սփիւռքի Անունով Խօսելու Իրաւասութիւնը Չունի

0

Ստորեւ կը հրատարակենք ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր՝ «Զարթօնք»-ի գլխաւոր խմբագիր Ընկ. Սեւակ Յակոբեանի Հայրենի «Ժողովուրդ» թերթի այսօրուան թիւին եւ armlur.am կայքին շնորհած հարցազրոյցին բովանդակութիւնը:
«Զ.»

«Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան» սփիւռքի եւ հայաստանեան կառոյցների միջեւ տարաձայնութիւններ են սկսուել: Պատճառը ՀՌԱԿ ատենապետ Յակոբ Աւետիքեանի յայտարարութիւններն էին «Ծառուկեան» դաշինքին միանալու մասին:  Ինչի՞ շուրջ է առաջացել այդ տարաձայնութիւնները եւ արդեօ՞ք արդիւնքում կը հեռացուի Աւետիքեանը: «Ժողովուրդ»-ի զրուցակիցը ՌԱԿ Կենտրոնական Վարչութեան ատենադպիր (քարտուղար) Սեւակ Յակոբեանն է:

 Զրոյցը վարեց՝ ՎԱՀԱԳՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

– Պարո՛ն Յակոբեան, անհամաձայնութիւնը ինչի՞ շուրջ է առաջացել՝ Աւետիքեանի՞, թէ՞ ՀՌԱԿ-ի հայաստանեան կառոյցի:

Մեր անհամաձայնութիւնը երբեք անձերու հետ չէ, ըլլայ ան ՀՌԱԿ Հանրապետական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Աւետիքեանը (որուն լրագրողական վաստակին հանդէպ ունինք բացարձակ յարգանք եւ գնահատանք), կամ իր ներկայացուցած կառոյցի պատասխանատուները (որոնց հետ միշտ ալ ունեցած ենք անձնական լաւ յարաբերութիւններ): Այս բանին փաստն ալ այն է, որ մենք բծախնդիր եղած ենք մեր յայտարարութիւններուն մէջ (ինչպէս կը վկայէ  հայրենի թէ սփիւռքահայ մամուլը), ուր չենք յիշած ոեւէ անհատի անուն: Մենք նախանձախնդիր ենք իւրաքանչիւր մարդ անհատի արժանապատուութեան:

Իսկական հարցը, այսօր, կառուցային իրաւասութիւններու հարցն է: Մենք ստիպուած եղանք միջամտելու, երբ Հայաստանի ՌԱԿ-ը (որուն հիմնադրութենէն ի վեր 2012թ. սատար հանդիսացած ենք որպէս քոյր կուսակցութիւն), վերջերս փորձեց իր շարքերուն մէջ ընդգրկել քանի մը գաղութէ սփիւռքահայ կարգ մը ընկերներ (որոնք բոլորն ալ մեզի սիրելի ըլլալով հանդերձ չունին պաշտօնական կամ ներկայացուցչական հանգամանք), այսպիսով ջանալով հանդէս գալ, որպէս 95-ամեայ կուսակցութեան իրաւայաջորդ տէրը՝ «Հայաստանակեդրոն» բարձրաշռինդ կարգախօսով մը զինուած, որ մեր իսկ գերագոյն նպատակն է, երբ ժամանակը գայ:

սեւակ

-Ի՞նչն է, որ Ձեզ կապում է ՀՌԱԿ-ի հետ:

Աշխարհասփիւռ Հայ աւանդական 95-ամեայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս՝ յարգելով Հայրենիքի կուսակցութիւններուն օրէնքը՝ ո՛չ մէկ ատեն միջամուխ եղած է ՀՌԱԿ-ի Հանրապետական Վարչութեան ներքին գործերուն կամ քաղաքականութեան: Ընդհակառակը՝ մենք հաւատարիմ մեր դաւանանքին՝ միշտ զօրավիգ ենք ու կը քաջալերենք հայրենի այն բոլոր կազմակերպութիւնները (ՀՌԱԿ, թէ այլ), որոնք կը դաւանին մեր կուսակցութեան գաղափարախօսութեան հետ համահունչ ժողովրդավարական հաւատամք:

Այս բանը պայմանաւորուած է անշուշտ փոխադարձ վերաբերմունքով: ՀՌԱԿ-ի պարագային, սակայն, ոտնձգութիւնը հասաւ այն աստիճանի, որ ըստ քանի մը օր առաջ կատարուած ՀՌԱԿ Հանրապետական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Աւետիքեանի խոստովանութեան՝ ընդամէնը քանի մը ամիս առաջ փորձուած է նաեւ իւրացնել «Կեդրոնական Վարչութիւն» անուանումը՝ փորձելով զայն արձանագրել ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան մօտ: Անուն մը,  որ 95 տարիէ ի վեր Հայոց Պատմութեան մէջ եւ յաչս Հայ ժողովուրդին ու Հայրենի պետականութեան, կը ներկայացնէ հայ աւանդական Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավար մարմինը եւ բարոյապէս ու աւանդական կարգով կը պատկանի անոր: Մենք, հաւատարիմ մեր կուսակցական եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամակցութեան երդումին, մեր միջամտութեամբ այսօր կը փորձենք տէրը կանգնիլ մեզի վստահուած 95-ամեայ աւանդին:

– Յակոբ Աւետիքեան, սակայն, յայտարարում է, թէ իր կուսակցութիւնն է օրինաւորապէս արձանագրուած կուսակցութիւնը, մինչ ձեր կառոյցը ոչ մէկ տեղ պաշտօնական արձանագրութիւն ունի:

Հետաքրքրական յայտարարութիւն է, որուն ստիպուած պիտի ըլլամ առանց բառացիօրէն անշուշտ համեմատուելու, սակայն, փոխաբերական իմաստով պատասխանելու. Արեւը գոյութիւն մըն է տիեզերքի մէջ: Ան ոչ մէկուն սեփականութիւնն է, ոչ մէկը իր անունին արձանագրած է զայն: Անոր գոյութիւնը փաստ է: Ան կայ: Այսօր, եթէ ոեւէ մէկը յաւակնի կամ ձեւով մը յաջողի զայն որեւէ տեղ իր անունին արձանագրել՝ Արեւը այդ անձին սեփականութի՞ւնը կը դառնայ: Անշուշտ՝ ո՛չ:

Պարզաբանեմ: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը հիմնուած է 1921 թուականին: Ան Հայ իրականութեան մէջ գոյութիւն ունեցած է եւ իր տեղը ունի մօտ մէկ դարէ ի վեր: Ան կայ: Իւրաքանչիւր գաղութի մէջ, որ գործած է ՝ յարգանքը վայելած է տեղական իշխանութիւններուն եւ շատ մը տեղեր մասնակից եղած է տեղական քաղաքականութեան: Հայրենի պետականութիւնը՝ ըլլայ սովետական շրջանին կամ անկախ հայրենիքի պարագային՝ ընդունած է զայն, որպէս Հայ երեք աւանդական կուսակցութիւններէն մին եւ ըստ այնմ իր յարաբերութիւնը մշակած: ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը իր ներկայացուցիչը ունեցած է Հայրենի շատ մը յանձնաժողովներու եւ ձեռնարկներուն մէջ՝  ամբողջ 95 տարի եւ մինչեւ այսօր: Եթէ ընդամէնը 4 – 5 տարի առաջ նոյնանման անունով կուսակցութիւն մը արձանագրուած է Հայաստանի մէջ, քանի մը ամիս առաջ ալ՝ փորձելով անոր ղեկավար մարմինին անունն ալ սեփականացնել, այս չի նշանակեր, որ այդ արձանագրուած կուսակցութիւնը՝ իր արձանագրութեան փաստաթուղթերով մէկտեղ՝ կրնայ փոխարինել 95-ամեայ ՌԱԿ-ը կամ իրաւայաջորդ ժառանգորդը ըլլալ անոր: Աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ը տակաւին գոյութիւն ունի: Անոր դերը աւարտած չէ Սփիւռքի մէջ, ինչպէս՝ միւս կուսակցութիւնները: ՌԱԿ-ի ներկայ Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ օրինաւորապէս եւ պատմական յաջորդականութեամբ՝ ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր պատգամաւորական Ժողովին ընտրուած ղեկավար մարմինն է, անոր ե՛ւ տրամաբանական ե՛ւ իրաւայաջորդ ժառանգորդը: Անոր գերակայութիւնը հիմնուած է բարոյական արժէքներու վրայ եւ անշուշտ կուսակցական կարգապահութեան: Ինչ կը վերաբերի ՌԱԿ-ի աշխարհասփիւռ շրջանակներուն, անոնք գոյութիւն ունին եւ կը գործեն իրենց երկիրներուն մէջ: Անոնց ընտրուած ղեկավարութիւնները, որոնք վաւերացուած կ՛ըլլան ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ՝ հաւատարիմ են վերջինիս: Անոնցմէ շատեր, ինչպէս Լիբանանի, Արժանթինի, Ֆրանսայի, Պելճիքայի եւ այլ տեղեր, տեղական առումով արձանագրուած կուսակցութիւններ են, որոնք կը գործեն ըստ տուեալ երկրի օրէնքին: Անոնք բոլորն ալ ներկայացուած են ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան մէջ, որ կ՛ապահովէ հեզասահ համակարգում:

ժողովուրդ

-Այս անհամաձայնութիւնը իրականում կապուած է Ապրիլի 2-ին տեղի ունեցող ընտրութիւնների՞ հետ:

Ո՛չ: Ծանրակշիռ միջամտութեան կարիքը ստեղծուեցաւ սակայն միայն այն ատեն, երբ ՀՌԱԿ փորձ մը կատարեց, իբրեւ աւանդական կուսակցութիւնը ներկայացնող մարմին եւ ներկայանալով որպէս այդպիսին, մաս կազմել «Ծառուկեան Դաշինք»-ին՝ այս կերպով նաեւ հակասելով աշխարհասփիւռ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ազգային ռազմավարութեան: Ի միջի այլոց, այստեղ տեղին է յիշել նաեւ, թէ ՌԱԿ-ը՝ չբաժնելով հանդերձ Պարոն Գագիկ Ծառուկեանի այսօրուան քաղաքականութիւնը՝ մեծ յարգանք ունի իր ազգասէր անձին հանդէպ: Բարեբախտաբար Պրն. Ծառուկեանը անդրադարձաւ, որ ՀՌԱԿ-ը չի ներկայացներ այն ինչ, որ կը յաւակնի ներկայացնել: Կը մնայ շեշտել, որ աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ը, Հայրենիքի մէջ առ այժմ չունենալով զինք իրաւապէս ներկայացնող կառոյց մը, միջամուխ չ՝ուզեր ըլլալ յառաջիկայ Ապրիլ 2-ի ընտրութիւններուն, նախանձախնդիր ըլլալով սակայն, որ ան կատարուի արդար, թափանցիկ եւ խաղաղ պայմաններու մէջ:

 

-Պարո՛ն Յակոբեան, ցանկանում էք հեռացնե՞լ Աւետիքեանին: Ինչո՞վ նա ձեզ չի բաւարարում եւ ու՞մ էք տեսնում նրան փոխարինող:

Ինչպէս վերը նշեցի, աշխարհասփիւռ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ոչ մէկ օրկանական կապ ունի ՀՌԱԿ-ի հետ: Հայաստանի ՌԱԿ-ը Հայրենիքի մէջ գործող կուսակցութիւններուն օրէնքով արձանագրուած կուսակցութիւն մըն է՝ անկախ եւ գերիշխան: Անոր անդամները մաս չեն կազմեր մեր կուսակցութեան: Ամէն պարագայի, աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի կանոնագրութիւնը երկու տարբեր Հայ կուսակցութիւններու անդամակցութիւն չ՝արտօներ: Մենք Հայաստանի մէջ արձանագրուած ՌԱԿ-էն մէկը հեռացնելու  ո՛չ ցանկութիւն ունինք, ո՛չ ալ իրաւասութիւնը: Մեր միակ պահանջն է, որ ան մնայ իր սահմաններուն մէջ: Ինքզինքին իրաւասութիւն չտայ Սփիւռքի անունով խօսելու եւ սարքուած ինչ ինչ ժողովներով  հրաժարի իւրացնել փորձելէ ՌԱԿ-ի 95-ամեայ աւանդը:

Թէ Յակոբ Աւետիքեան կը բաւարարէ՞ կամ չի՞ բաւարարեր, կամ անոր փոխարինող մը պէ՞տք է, թէ՝ ոչ, այդ մէկը ՀՌԱԿ-ի կառոյցին եւ անդամակցութեան հարցն է, որուն մէջ մենք դեր մը չունինք, ո՛չ ալ կ՛ուզենք ունենալ, հիմնուելով այն փաստին վրայ, որ մենք օրինականօրէն տարբեր կուսակցութիւններ ենք՝ բարոյական կապով մը կապուած, որ չ՝արտօներ նման միջամտութիւն:

Այսօր լսեցինք, որ ՀՌԱԿ-ը՝ չյաջողելով մուտք գործել ընտրական դաշինքի մը, ըստ իրենց նորագոյն յայտարարութեան, պիտի աշխատին առանցին մասնակցիլ յառաջիկայ ընտրութիւններուն: Այս առիթով եւ կրկնութեան գնով կը շեշտենք, որ մենք, բնականաբար, թեկնածուներ չունինք Հայրենիքի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն: Յակոբ Աւետիքեանի անձին դէմ՝ այս հարցով՝ խնդիր մը չունինք: Միջամուխ չենք իր կուսակցութեան գործերուն, ոչ ալ կը խառնուինք անոնց առաջադրելիք թեկնածուներուն, որոնցմէ Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւորի թեկնածութեան ընտրական կեդրոնական յանձնաժողովի պայմանները լրացնողներուն յաջողութիւն կը մաղթենք, միանգամընդմիշտ հաստատելով սակայն, որ ո՛չ իրենք, ո՛չ ալ ՀՌԱԿ-ը կը ներկայացնեն աշխարհասփիւռ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը:

 

 

Կեանքը Գոյներու Անմահութիւնն է

0

*ԱՒԵՏԻՍ ՏԻՊԱՆ*

Մարդը մահկանացու է ու անոր անմահ մնալու միակ հնարաւորութիւնը իրմէ յետոյ որեւէ անմահ բան աշխարհի հանրութեան համար ձգելն է:

                                                                                      Ուիլիամ Ֆոլքնըր

          Անմահ է այն մարդը, որ իր գործով պիտի յաւերժացնէ մարդկութիւնը, թողնելով թանկարժէք հարստութիւն՝ կեանքի, բնութեան, արուեստի եւ առհասարակ մարդկային ապրելակերպի գեղարուեստական աշխարհին մէջ:

Զօհրապ Քէշիշեան՝ լիբանանեան եւ լիբանանահայ արուեստին մէջ իր դերն ու դրոշմը ունեցած գեղանկարիչը՝  5 Փետրուար 2017-ին հեռացաւ այս անցաւոր աշխարհէն, ծանր հիւանդութեան դէմ պայքարելէ ետք: Ան ջատագով էր գեղեցիկ արուեստին՝ մարմնաւորելով կինը, հողը, բնութիւնը, մանուկը, կարօտը, սէրը իր զանազան կտաւներու մէջ: Ան հեռացաւ մեզմէ իրեն հետ տանելով թեթեւ բեռը, ինչպէս Վոլթեր ըսած է.«Անոնք դէպի անմահութիւն կ’երթան փոքր բեռով»:

Ան աճեցաւ ու բարձրացաւ ուսում առնելով տպաւորապաշտ, խորհրդապաշտ, վիպապաշտ, գերիրապաշտ դասական  գեղանկարչական ու պատկերաւոր դպրոցներուն մէջ:

Գոյնի եւ լոյսի ճաճանչագեղ արտացոլումներ ստեղծագործող գեղանկարիչը ծնած է Հալէպ, 1943 թուականին: Արուեստի իր կրթութիւնը ստացած է Հալէպի յունական արուեստի հիմնարկին մէջ, որմէ վկայուած է 1961-ին, ապա տեղափոխուած է Լիբանան, ուր բարձրագոյն ուսման արժանացած է իտալական «Ժուլիանօ» արուեստանոցին մէջ, 1970-ին, որմէ ետք արուեստի բարձրագոյն վկայականի տիրացած է Քասլիքի արուեստի կաճառէն:

1972 թուականէն սկսած է աշխատիլ իբրեւ արհեստավարժ գեղանկարիչ եւ դասախօս: Նկարած է լիբանանեան եւ օտար քաղաքական գործիչներու, նախագահներու եւ հոգեւորականներու դիմանկարներ:

1972-էն մինչեւ 2016 թուական տարբեր երկիրներու մէջ իրականացուցած է աւելի քան 40 անհատական ցուցահանդէսներ, ինչպէս նաեւ մասնակցած է մեծաթիւ հաւաքական ցուցահանդէսներու: Անոր գործերը տարածուած են աշխարհով մէկ: Ան նաեւ ձեռք ձգած է բազմաթիւ մրցանակներ:

Յիշատակն արդարոյ օրհնեալ եղիցի: Թող անոր արուեստը լոյս եւ գունաւոր կեանք պարգեւէ բոլոր արուեստի սիրահարներուն:
 

Ժխտել Երէկուան Կոտորածները, Կը Նշանակէ Թոյլ Տալ Նման Կոտորածներու Վաղուան կրկնումին. Ֆրանսուա Օլանտ

0

Ժխտել երէկուան կոտորածները, կը նշանակէ թոյլ տալ նման կոտորածներու վաղուան կրկնումին, այսպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-­ը` վկայակոչելով Nouvelles d’Armenie-ն, նման յայտարարութեամբ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ճաշկերոյթի ընթացքին ըսած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ` անդրադառնալով Ֆրանսային Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ «Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան» մասին օրէնքին մէջ Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող դրոյթներու հակասահմանադրական ճանչնալուն:

«Ես կ’ողջունեմ Ժան Փոլ Քոսթայի կողմէ կատարուած աշխատանքին որակը, որ քաղաքացիութեան եւ հաւասարութեան մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու հեղինակն էր»,­-  նշած է Ֆրանսայի նախագահը:

Անոր խօսքով` անհրաժեշտ է շարունակել քայլեր կատարել, քանի որ այս հարցով պայքարը ոչ թէ միայն մէկ քայլ է, այլ պայքար ճշմարտութեան համար: Օլանտ յիշեցուցած է, որ Ֆրանսայի կրթութեան նախարար Նաճաթ Վալոպբելքասեմի եւ պատմաբան Վինսըն Տիւքլերի համանախագահութեամբ ստեղծուած է առաքելութիւն մը, որուն նպատակն է «Հիմնել բոլոր ցեղասպանութիւններու, պատերազմի յանցագործութիւններու, որոնց մէջ` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի միասնական օր մը»:

Անդրադառնալով հայ­-ֆրանսական յարաբերութիւններուն` Ֆրանսուա Օլանտ յիշեցուցած է, որ 2017-ին կը լրանայ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25 ամեակը: «Ես հրաւիրած եմ նախագահ Սարգսեանը պաշտօնական այց կատարելու Փարիզ, որ տեղի պիտի ունենայ Մարտ 8-­ին` կանանց տօնին: Ատիկա հնարաւորութիւն է անդրադառնալու տնտեսական, մշակութային յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ համալսարանական համագործակցութեան: Միաժամանակ, պիտի քննարկենք նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը, քանի որ Ֆրանսան այս հարցով առանձնայատուկ պատասխանատուութիւն ունի: Այս հակամարտութեան լուծում գտնելը հրատապ հարց է»,­- շեշտած է Ֆրանսայի նախագահը:

Եզրափակելով խօսքը` Օլանտ բարձր գնահատած է նաեւ Ֆրանսայի հայ համայնքին դերը: «Այստեղ մենք կը խօսինք Ֆրանսայի լաւագոյն մասի հետ, քանի որ դուք Ֆրանսայի լաւագոյններն էք: Նոյնիսկ Մայիսէն ետք ես մշտապէս պիտի ըլլամ ձեր կողքին, քանի որ միշտ ալ եղած եմ: Չեմ ունենար միեւնոյն պատասխանատուութիւնը, սակայն կ’ունենամ միեւնոյն համոզումները»,­ ամփոփած է Օլանտ:

Սարոյեանի Վէպերուն Մէջ Ամէն Մարդ Կրնայ Գտնել Իր Մանկութենէն Հատուած Մը. Թրքական Կայքը Ուիլիամ Սարոյեանի Մասին

0

Թրքական Demokrathaber.org կայքը յատուկ անդրադարձ կատարած է ամերիկահայ գրող Ուիլիամ Սարոյեանի կեանքին եւ ստեղծագործական ուղիին` խօսելով անոր ընտանիքին, դէպի պատմական Պիթլիս (պատմական Բաղէշ- Tert.am) երկարող արմատներուն եւ վառ անհատականութեան մասին:

«Սարոյեան լոյս աշխարհ եկած է 1908-ին Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ` իբրեւ պիթլիսցի հայ ընտանիքի զաւակ: Երբ ան ընդամէնը 3 տարեկան էր, մահացաւ անոր հայրը, որմէ ետք Սարոյեանի մայրը ստիպուած եղաւ երեխաները մանկատուն տալ: 5 տարի մանկատան մէջ անցնելէ ետք ընտանիքը կրցաւ վերամիաւորուիլ»,- ըստ tert.am-ի՝ կը պատմէ կայքը մեծ հայ գրողին կենսագրութենէն:

Կայքը կը նշէ, որ Սարոյեանի զուարճալի ու երբեմն ալ որոշ չափով տխուր վէպերուն մէջ ամէն մարդ կրնայ գտնել իր մանկութենէն հատուած մը:

«Ուիլիամ Սարոյեան «արագ» կեանք մը ապրած է: Շրջած է աշխարհով, ինչպէս նաեւ` իր նախնիներու հայրենիք Պիթլիսով, ամուսնացած է, ամուսնալուծուած, յետոյ նոյն կնոջ հետ դարձեալ ամուսնացած ու նորէն ամուսնալուծուած: 1981-ին, երբ ան մահացաւ իր ծննդավայրին մէջ անոր անունը արդէն շատոնց յայտնուած էր ամերիկեան գրականութեան կարճ վէպերու ամենալաւ գրողներու ցուցակին մէջ», – կը գրէ կայքը` աւելցնելով, որ Սարոյեան, ինչպէս ինքը կ՛ըսէր, իր բոլոր վէպերուն մէջ կը պատմէ մարդու մասին: Սարոյեանի ձեռագիրը պարզ է ու անկեղծ:

Պահ Մը Մոռցէ՛ք Այն Ամէնը, Ինչ Որ Ձեզի Սորվեցուցած Են, Նայեցէ՛ք Այս Աչքերուն. Թուրք Լրագրողը Ծիծեռնակաբերդ Այցելութեան Մասին

0

Թուրք լրագրող, սիւնակագիր, CNN-ի թրքական ծառայութեան համախմբագիրներէն ու Պոլսոյ  հայկական պարբերականներէն «Ակօս»-ի նախկին աշխատակից Սերտար Քորուճուն Mylittleworldtour.com կայքին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի տեսարժան վայրերուն մասին պատմող իր յօդուածաշարքին մէջ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր այցելութեան ու իբրեւ թուրք եւ Թուրքիոյ քաղաքացի այնտեղ ունեցած զգացողութիւններուն, կը հաղորդէ Tert.am-ը:

«Ի՞նչ կը սպասէ ձեզի, երբ ներս մտնէք: Եկէք մենք չըսենք: Գացէք, դուք տեսէք: Կարդացէք մարդկային պատմութիւնները, նայեցէք լուսանկարներուն մէջ գտնուողներուն աչքերուն, դէմքերուն: Ատկէ ետք բարձրացէք դէպի յուշակոթող: Պահ մը կտրուեցէք ամէն ինչէն։ Ձեր լսած, կարդացած եւ սորված ամէն ինչէն։ Միայն փորձեցէք դուք ձեզի զգալ կանգնած այն մարդոց դիմաց, որոնք ըլլալով Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիներ` իրենց իսկ հայրենիքին մէջ կոտորուած են, Սուրիոյ անապատները քշուելով` ոչնչացուած են միայն անոր համար, որ հայ էին: Պատկերացուցէք կիները, երեխաները, ծերերը: Պատկերացուցէք, որ անոնց յուշերուն մօտ եկած էք: Եւ մի մոռնաք, որ այդտեղ վառող կրակը ոչ միայն յուշակոթողի մէջտեղն է այլեւ հարազատ կորսնցուցած ամէն ընտանիքի սրտին մէջ կը վառի: Քանի մը մեխակ դրէք` բաւական է: Յամենայնդէպս, առաջին այցելութեան համար բաւարար է…», – գրած է Քորուճուն:

Իր նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ Սերտարը նշած էր, որ եթէ մարդիկ կարենան յաղթահարել իրենց գլխուն եղած փոքրիկ «սահմանները»` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը այդքան ալ էական չէ:

«Շատ կը ներէք, կը հաւնիք, թէ ոչ, կը հաւատաք, թէ չէք հաւատար, կ՛իմանաք, թէ չէք իմանար` Հայոց Ցեղասպանութիւնը այս երկրին մէջ վէրք մըն է», – գրած էր Քորուճուն իր պլոկին մէջ:

Ֆրանսա Հայաստանին Երկրաշարժ Չափող 6 Սարք Պիտի Տրամադրէ

0

Ֆրանսա Հայաստանին  երկրաշարժի ուժգնութիւնը չափող 6 սարք պիտի տրամադրէ: Այս մասին, ըստ News.am-ի, յայտարարած է արտակարգ իրավիճակներու փոխնախարար Հայկարամ Մխիթարեան՝ Փետրուար 9-ին, Ազգային ժողովի նիստի ընթացքին, երբ պատգամաւորները կը քննէին «Երկրաշարժի պաշտպանութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու հարցը:

Պատգամաւորներու հարցումներուն պատասխանելով, Մխիթարեան նշած է, որ վերջին 10 տարիներուն երկրաշարժի պատրաստուածութեան մակարդակը զգալիօրէն բարձրացած է:  Ան զեկուցած է, որ Գառնիի երկրաֆիզիքական աստղադիտարանը օժտուած է ամերիկեան, ֆրանսական եւ շարք մը այլ երկիրներէ բերուած սարքերով: Իսկ Վայքի երկրաշարժ չափող կայանը շուտով Ֆրանսայէն պիտի ստանայ երկրաշարժի ուժգնութիւնը չափող 6 նոր սարք:

Սփիւռքի Նախարարը Կ’առաջարկէ Հայաստանի Զբօսաշրջութիւնը Զարգացնել՝ Օրինակ Վերցնելով Արցախէն

0

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Զբօսաշրջութիւնը Հայաստանում եւ Արցախում. սփիւռքահայերը զբօսաշրջութեան ոլորտում» թեմայով կլոր-սեղան քննարկում, որուն կը մասնակցէին չորս տասնեակէ աւելի զբօսաշրջային ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, կը հաղորդէ “Փանորամա”-ն:

ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ ՀՀ կառավարութեան կողմէ զբօսաշրջութիւնը հռչակուած է որպէս տնտեսութեան զարգացման գերակայ ոլորտներէն մէկը: Հակառակ պետութեան եւ մասնաւոր հատուածի կողմէ ձեռնարկուող քայլերուն, այս ոլորտը, ըստ նախարարին, կարիք ունի մշտական ուշադրութեան ու նորարարական մօտեցումներու:

Հրանոյշ Յակոբեանի խօսքերով` վերջին 25 տարուան ընթացքին զբօսավարները իրենց  հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ փորձած են նպաստել զբօսաշրջութեան ոլորտի զարգացման: «Պէտք է շեշտել, որ առաջին tour operator-ները սփիւռքահայերն էին, որոնք բերին նոր գիտելիք, նոր հնարաւորութիւններ, նոր կապեր: Անոնք ոչ միայն  Հայաստանը ճանաչելի դարձուցին աշխարհին, այլեւ մեր հայրենակիցները կապեցին հայրենիքի հետ»,- ըսած է նախարարը:

Այդուհանդերձ, ըստ Հրանոյշ Յակոբեանի, այս ամէնը բաւարար չեն: Համապատասխան քայլեր ձեռնարկելու պարագային զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ հնարաւոր է շատ աւելի լաւ արդիւնքերու հասնիլ:

Ան նշած է, որ Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեանին հետ քննարկած են, որ առաջնահերթ աշխատանքներ պէտք է տարուին օրէնսդրութեան կատարելագործման ուղղութեամբ:

Հրանոյշ Յակոբեանի խօսքերով`  անկախութեան տարիներուն Հայաստանի համար դժուար էր զարգացնել զբօսաշրջութեան ոլորտը, այսօր արդէն կրնանք ըսել, որ 25 տարիներու ընթացքին հիւրանոցաշինութեան, ճանապարհաշինութեան, սպասարկման ոլորտներու մէջ մեծ յաջողութիւններ արձանագրած ենք: Մինչդեռ, ըստ անոր, ամենամեծ բացթողումը այն է, որ չենք կրնար` ըստ արժանուոյն ներկայացնել  մեր երկիրը:

«Մենք ներկայացման խնդիր ունինք, այդ ներկայանալի դառնալու խնդիրը մեր մօտ բաց է: Մարդիկ ընդամէնը 200 տարուան պատմութիւն ունին, բայց կրնան շատ գեղեցիկ իրենց մատուցել: Մենք այստեղ խնդիր ունինք, ատոր համար պէտք է աշխատինք: Ընելիքներ շատ կան»,- ընդգծած է Հրանոյշ Յակոբեան` աւելցնելով, որ հայկական աւանդոյթները, սովորոյթները այնքան գեղեցիկ են, որ ճիշդ ներկայացնելու պարագային մեծ յաջողութիւններ կ’ունենանք:
Նախարարը  մատնանշեց Արցախի զբօսաշրջութեան  վարչութեան օրինակը, որ անոր գնահատումով,  փայլուն  աշխատանք կը տանի:

Հ. Յակոբեանի խօսքերով` Արցախի մէջ զբօսաշրջութեան երթուղիները մշակուած են աննկարագրելի ճիշդ ձեւով: «Եթէ մենք կարենանք այդպիսի երթուղիներ մշակել, ապա լուրջ յաջողութիւններ կրնանք արձանագրել: Պէտք է կարենանք Հայաստանի լաւագոյն հատուածները ճիշդ քարոզել այնպէս, ինչպէս Արցախի մէջ կ’ընեն»,- ընդգծեց Հրանոյշ Յակոբեան:

Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զեյթունցեան նոյնպէս փաստեց, որ Հայաստանը զբօսաշրջութեան զարգացման մեծ ներուժ ունի, սակայն պէտք է կարենալ ճիշդ եւ գրաւիչ ներկայացնել երկիրը: Ըստ անոր` Զբօսաշրջութեան զարգացման 2017-2020-ի հայեցակարգին մէջ ընտրած են այն թիրախները, որոնց վրայ պէտք է լուրջ ուշադրութիւն դարձնեն:

Զարմինէ Զէյթունցեանի խօսքերով` հայեցակարգի հիմնական կէտերէն պիտի ըլլայ Սփիւռքի բոլոր հարթակներու վրայ Հայաստանի մասին գրաւիչ տեղեկատուութեան տարածումը: «Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն մեծ մասը` 50 տոկոսը Սփիւռքէն է: Անոնք հիմնականօրէն կու գան ծանօթանալու իրենց արմատներուն, պատմութեան, սակայն Սփիւռքի մէջ  Հայաստանի մասին տեղեկատուութիւնը աւելի շատ քաղաքականացուած է եւ չի ներկայացուիր Հայաստանը իր բազմազանութեամբ: Ուստի մեր ռազմավարութեան հիմնաքարը Սփիւռքի բոլոր հարթակներուն վրայ Հայաստանի մասին գրաւիչ տեղեկատուութեան տարածումն է»,- ըսած է  Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահը: