Կիրակի, 27. 07. 2025

ՀՀ Նախագահը Մասնակցած Է Ս. Սարգիս Զօրավարի Յիշատակութեան Նուիրուած Եկեղեցական Արարողութեան

0

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայ Առաքելական Ս.  եկեղեցւոյ Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդանիստ Ս.  Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մասնակցած է Ս. Սարգիս զօրավարի տօնին նուիրուած եկեղեցական արարողութեան: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ Նախագահի մամուլի վարչութենէն։

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Երիտասարդներու օրհնութեան օր հռչակուած Ս. Սարգիսի տօնին նուիրուած եկեղեցական արարողութեան, որ հանդիսապետած է Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեան, մասնակցած են նաեւ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, Արարատեան հայրապետական թեմը ներառող մարզի` Արարատի մարզպետ Արամայիս Գրիգորեան:

Մարտական հերթապահութիւն իրականացնող թիւով 20 պարտադիր ժամկէտային զինուորներ, անոնց ընտանիքի անդամներու, երիտասարդներու, հրաւիրեալներու եւ հաւատացեալ ժողովուրդի մասնակցութեամբ տրուած Ս. պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած է զինուորներու օրհնութիւն` Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինէն  բերուած Ս. Սարգիսի մասունքակիր աջով: Այնուհետեւ առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է պարտադիր ժամկէտային լաւագոյն զինուորներէն ներկայ գտնուած զինուորներու խրախուսման հանդիսաւոր արարողութիւն:

Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորական խօսք յղած է տօնին առիթով:

Յակոբ Աւետիքեանի Գլխաւորած Կուսակցութիւնը Իրականում Ոչ Մի Կապ Չունի Աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի Հետ. ՌԱԿ Կենտրոնական Վարչութեան Ատենադպիր Սեւակ Յակոբեան

0

Ստորեւ կը հրատարակենք ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր՝ «Զարթօնք»-ի գլխաւոր խմբագիր Ընկ. Սեւակ Յակոբեանի Գանատական «Նորանոր» կայքին շնորհած հարցազրոյցին բովանդակութիւնը:
«Զ.»

 Զրուցեց՝ ՎԱՐԴՈՒՀԻ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

1

Լիբանան (Նորանոր) — Հայաստանում խորհրդարանական ընտրութիւններից առաջ վերադասաւորումները լուրջ հետեւանքներ ունեցան Հայաստանի Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան (ՀՌԱԿ) վրայ: Ինչպէս յայտնի է` կուսակցութիւնը առաջիկայ ընտրութիւններին մասնակցելու ցանկութիւն էր յայտնել, իսկ երբ ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը վերադարձաւ քաղաքականութիւն եւ յայտնեց ընտրութիւններին մասնակցելու մտադրութեան մասին, ՀՌԱԿը՝ ատենապետ Յակոբ Աւետիքեանի ղեկավարութեամբ, ցանկութիւն յայտնեց միանալ Ծառուկեան դաշինքին:

Սա կուսակցութեան շուրջ իրավիճակի սրման հիմնական պատճառ դարձաւ. այսինքն՝ Սփիւռքի աւանդական ՌԱԿ կուսակցութեան հայաստանեան ներկայացուցիչներն անմիջապէս յայտարարեցին, որ աւանդական ՌԱԿը չի մասնակցում ընտրութիւններին, առաւել եւս չի միանում որեւէ դաշինքի:

Հիմա նաեւ լուրեր են շրջանառւում, թէ Սփիւռքի ՌԱԿը պատրաստւում է պաշտօնից ազատել Յակոբ Աւետիքեանին: Որքանո՞վ են այս տեղեկութիւնները համապատասխանում իրականութեանը, ի՞նչ է իրականում կատարւում ՌԱԿ եւ ՀՌԱԿ կուսակցութիւնների միջեւ, արդեօ՞ք հայաստանեան ՌԱԿը աւանդական կուսակցութեան մաս է, թէ՞ բոլորովին անկախ կուսակցութիւն. այս եւ այլ հարցերի շուրջ Noranor.ca-ը զրուցել է ՌԱԿ Կենդրոնական վարչութեան ատենադպիր (քարտուղար), ՌԱԿի օրկան՝ Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանի հետ, իսկ Յակոբ Աւետիքեանի հետ զրուցելու ջանքերն ապարդիւն եղան:

 2

ՆՈՐԱՆՈՐ – Պարոն Յակոբեան, սկսենք նրանից, թէ որքանո՞վ է համապատասխանում իրականութեանը ՀՌԱԿ կուսակցութեան ատենապետ Յակոբ Աւետիքեանի պնդումը, թէ իր կուսակցութիւնն է իրաւականօրէն ամրագրուած իրական ՌԱԿ կուսակցութեան յետնորդը: Ամիսներ առաջ, եթէ չեմ սխալւում, իրենց իսկ նախաձեռնութեամբ կուսակցութիւնը դարձաւ, այսպէս կոչուած, հայաստանակեդրոն, որու շուրջ մտադիր էին համախմբել նաեւ Սփիւռքի ՌԱԿականներինԹէեւ յայտնի է, որ ՀՌԱԿը ստեղծուել է աւելի ուշ՝ 1991-ին, բայց ի վերջոյ, ում պնդումն է իրականութեանը համապատասխանում:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ –  Պէտք է յստակացնել հետեւեալը: Ինչպէս դուք ըսիք, Յակոբ Աւետիքեանի գլխաւորած նոյնանուն կուսակցութիւնը՝ աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի՝ 1921 թուականի հիմնադրութենէն շատ աւելի ուշ՝ Հայրենիքի մէջ արձանագրուած կուսակցութիւն մըն է, որ իրականութեան մէջ ոչ  միայն օրկանական կապ  չունի աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի հետ՝ այլեւ  1991-ի ՌԱԿ-ի անկախ հայրենիք վեդարադարձով, անկախ Հայրենիքի գոյերթի առաջին տարիներուն կազմաւորուած ՀՌԱԿ-ի կառոյցին հետ ալ կապ  չունի, որ տարիներու ընթացքին եւ ժամանակի ու ոչ նպաստաւոր պայմաններու բերումով՝ դժբախտաբար դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ: Աւետիքեանի այսօրուան կուսակցութիւնը ընդամէնը 4 տարի առաջ (2012-ին) արձանագրուած կուսակցութիւն մըն է, որ օրկանական կապ մը չունի աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ին հետ, եւ որուն անդամները ՌԱԿ-ի անդամներ չեն, որովհետեւ աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի կանոնագրութիւնը չ՝արտօներ երկու տարբեր Հայ կուսակցութիւններու անդամակցութիւն:

Հետեւաբար, եւ անցնելով ձեր հարցումի երկրորդ բաժինին, պէտք է ըսել, թէ անհեթեթ է, որ 95-ամեայ պատմութիւն եւ աւանդ ունեցող կուսակցութեան մը հետ օրկանական որեւէ կապ չունեցող այլ կուսակցութիւն մը՝ ժողով մը գումարելով՝ ինքզինք աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի յետնորդ համարէ՝ առանց, նուազագոյնը, անոր ղեկավարութեան հետ համաձայնութեան: Այլ խօսքով (եւ հարցը երգիծական ձեւով ներկայացնելու գնով) կարելի՞ է օրինակի համար Ճաբոնի մէջ ժողովրդավար եւ ազատական դաւանանք ունեցող՝ նոյնիսկ նոյնանուն կուսակցութիւն մը, թէկուզ Հայ անդամներով կազմուած, աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի քանի մը անհանգամանք անդամ ներառելով՝ ինքզինք հռչակէ 95-ամեայ ՌԱԿ-ի իրաւայաջորդ «Ճաբոնակեդրոն» ՌԱԿ…: Յակոբ Աւետիքեանի կուսակցութեան պարագային՝ բարձրաշռինդ «Հայաստանակեդրոն» բառն է սակայն, որ գրաւիչ է եւ զգացական ու նաեւ ստեղծուած շփոթին պատճառ հանդիսացող ազդակ:

Իսկական հարցը անուանագողութեան, եւ պարագաներու բերմամբ աշխարհասփիւռ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան աւանդական խորհրդանիշերը օգտագործելով՝ հանրութիւնը խաբելու հարցն է, որուն համար յոյսով ենք, որ Հայրենի պետութիւնը վերատեսութեան կ՛ենթարկէ Յակոբ Աւետիքեանի կուսակցութեան անունն ու խորհրդանիշերը իր հողերուն վրայ արձանագրած ըլլալու պարագան: Անուն մը ու խորհրդանիշեր, որոնք բարոյապէս ու աւանդականօրէն կը պատկանին Հայրենի պետութեան իսկ կողմէ ճանչցուած ու յարգուած 95-ամեայ Հայ աւանդական կուսակցութեան մը՝ ՌԱԿ-ին:

 

ՆՈՐԱՆՈՐ – Չէ որ Յակոբ Աւետիքեանը 1978թ-ից հէնց Սփիւռքի ՌԱԿ կուսակցութեան անդամ է, եղել երկար տարիներ §Զարթօնք¦ պաշտօնաթերթի գլխաւոր խմբագիրը: Այս առընչութիւնները հիմք եւ իրաւունք չե՞ն տալիս վերջինիս հանդէս գալու ՌԱԿ անունից:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ – Յակոբ Աւետիքեան եղած է մեր երէց ընկերը ու սիրուած ուսուցիչը: Մեզի, որպէս գլխաւոր խմբագիր նախորդողներէն մին՝ ինչ կը վերաբերի «Զարթօնք»-ի իր անցեալի պաշտօնին: Անոր լրագրողական արժանիքին հանդէպ ունինք բացարձակ յարգանք, սակայն, ան 95-ամեայ մեր կուսակցութեան անդամը չէ այսօր՝ տրուած ըլլալով, որ իր կուսակցութիւնը թէկուզ քոյր, սակայն օրէնքով տարբեր կուսակցութիւն մըն է, եւ  ինչպէս վերը ըսի, մեր կուսակցութեան կանոնագրութիւնը չ՝արտօներ երկու տարբեր կուսակցութիւններու անդամակցութիւն: Նոյնը կը վերաբերի իր պաշտօնակիցներուն՝ Հայաստանի ՌԱԿ Հանրապետական Վարչութեան անդամներուն եւ այդ կուսակցութեան անդամակցութեան, որոնք բոլորն ալ մեզի սիրելի անհատներ ըլլալով հանդերձ, որպէս տարբեր կուսակցութեան մը անդամներ իր հիմնադրութենէն ի վեր (2012)՝ մեր կուսակցութեան անդամ չեն: Հետեւաբար Յակոբ Աւետիքեան այսօր ոչ մէկ իրաւասութիւն ունի աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի անունով հանդէս գալու: Տեղին է սակայն շեշտել, որ մեր հարցը Յակոբ Աւետիքեանի անձին հետ չէ բնաւ: Մենք անձերու հետ հարց չունինք ու կը յարգենք բոլորը: Մեր հարցը ուղեգիծի հետ կապուած խնդիր է:

 

ՆՈՐԱՆՈՐ – Ի վերջոյ ՌԱԿ կուսակցութիւնը որոշել է Յակոբ Աւետիքեանին ազատել ՀՌԱԿ ատենապետի պաշտօնից. շրջձանառուող այս հարցը համապատասխանո՞ւմ է իրականութեանը:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ – Ինչպէս վերը յստակացուցի՝ Յակոբ Աւետիքեանի կուսակցութեան հետ մենք ոչ մէկ օրկանական կապ ունինք: Անոր կուսակցութիւնը մեզմէ անկախ է եւ գերիշխան, ինչպէս կը պարտադրէ Հայաստանի կուսակցութիւններու օրէնքը: Հետեւաբար, մենք այս հարցով խօսք մը չունինք: Մենք մեզի ալ չենք արտօներ ունենալ: Յակոբ Աւետիքեանը պաշտօնի վրայ պահելը կամ պաշտօնազրկելը բացառաբար կը վերաբերի իր կուսակցութեան անդամներուն, որոնց մէջ, վստահ ենք, ամէն պարագայի եւ բնականաբար չեն պակսիր արժանաւոր յաջորդներ:

 

ՆՈՐԱՆՈՐ  – Արդեօ՞ք Ծառուկեան դաշինքին միանալու Յակոբ Աւետիքեանի  որոշո՞ւմը պատճառ դարձաւ Սփիւռքի ՌԱԿ-ի եւ ՀՌԱԿ-ի միջեւ տարաձայնութեան:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ – Այս հարցին՝ Հայրենիքի մէջ յառաջիկայ օրերու երեսփոխանական ընտրութիւններուն հետ կապակցութիւնը սահմանափակուած է միայն այն բանով, որ Յակոբ Աւետիքեան այս հանգրուանին աւելի բացայայտօրէն ինքզինք ներկայացուց, իբրեւ աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչ, այս հանգամանքով փորձելով մտնել դաշինքի մը մէջ, որուն ղեկավարը, ըստ իր յայտարարութեան, նախանձախնդիր էր ներգրաւելու Սփիւռքի աւանդական կուսակցութիւնները: Մեր կողմէ շատ յարգելի Պրն. Գագիկ Ծառուկեանին ներկայացուածը բացայայտ կեղծիք մըն էր, անշուշտ, որ ամէն պարագայի երկար պիտի չգոյատեւէր: Այս մէկը կարեւոր պատճառներէն մէկն էր, այս հանգրուանին, այսքան հանգամանօրէն մեր միջամտելուն:

 

ՆՈՐԱՆՈՐ  – Այդ դէպքում մինչ այդ եղած խնդիրներն ինչո՞վ էին պայմանաւորուած:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ – Դուք իրաւացի էք: Յակոբ Աւետիքեանի կուսակցութեան հետ հարցը նոր չէ: Այս նոյնանուն կուսակցութեան՝ նման պայմաններու մէջ գոյութիւնը՝ իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն խնդրայարոյց հարց մըն էր աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի համար: Ամէն պարագայի, Յակոբ Աւետիքեանի կուսակցութեան հիմնադրութիւնը 2012-ին ինքնին, աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի օրուան ղեկավարութեան հետ լաւագոյն պայմաններով չէր, որ կատարուած էր:  Դժբախտաբար, անոր արձանագրութիւնն ու գոյութիւնը եկան օգտագործուելու աւելի քան 20 տարի առաջ՝ կուսակցութեան ղեկավարութեան սերնդափոխութեան պատճառով՝ ղեկավարութենէն դուրս մնացած այլապէս յարգելի քանի մը երէց ընկերներու կողմէ: Այս մասին աւելի ծաւալուն ձեւով անդրադառնալը հաւանաբար կարօտի՝ այսօրուան մասնայատուկ նիւթէն անկախ՝ առանցին եւ համապարփակ զրոյցի:

 

ՆՈՐԱՆՈՐ – Արդեօ՞ք Ծառուկեան դաշինքին միանալու նրանց որոշումն անընդունելի էք համարում: Եթէ մէկ այլ դաշինքի միանալու հարց բարձրացուէր, կը ստանար նոյնպիսի արձագանգ:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ – Վերը նշեցի մեր միջամտութեան կարեւոր մէկ պատճառը, սակայն, մենք ունէինք սկզբունքային եւ անյետաձգելի պատճառ մըն ալ, որ հետեւեալն էր: Յակոբ Աւետիքեանի կառոյցը (որուն հետ մենք ունէինք բարոյական կապ մը, ինչպէս ունինք ժողովրդավարական եւ ազատական հաւատամք ունեցող Հայրենի որեւէ կուսակցութեան հետ ու զօրավիգ ենք անոնց՝ Հայրենիքի մէջ ժողովրդավարական մշակոյթի տարածման ի խնդիր) ծրագրեց միանալ ընդիմութեան, որ խոտոր կը համեմատի 95-ամեայ մեր կուսակցութեան պետականամէտ ազգային ռազմավարութեան, նամանաւանդ, որ ան մեր անունը կ՛օգտագործէ այնտեղ: Հետեւաբար,  ընդիմադիր դաշինքի մը անոր միանալուն փորձը՝ ձեւով մը արագացուց ամէն պարագայի սպասուած մեր միջամտութիւնը:

 

Պայմանաւորուածութիւն

0

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Մեծը, մեծութիւններ կը փառաբանուին… մարդկային մտածողութեան մէկ արդիւնքն է սա, եթէ կարելի է մտածողութիւն անուանել, քանի որ մտածողութեան աւելի խորքը երթալով պիտի ընդունինք որ պայմանաւորուածութեան արդիւնք է մեծը կամ մեծութիւնը:

Արտաքին մեծ մը, կրնա՞յ գոյանալ, եւ ի՞նչ օգուտ, որո՞ւ. բայց երբ այդ առաջնորդ մըն է կամ ղեկավար մը, ուրեմն կայ հաւաքականութիւն մը, որմէ՝ ծնունդ կ’առնեն զանազան կարողութեան, որակի անհատներ, մին՝ մեծ կրնայ ըլլալ, ըսենք, գրականութեան մէջ, օրինակի համար, իր նորավէպերով եւ սակայն՝ նոյնքան եւ աւելի ձախող եւ ազգակործան՝ մարզի մը մէջ, ուր պէտք չէր իսկ գտնուէր եւ սակայն… ի միտի ունիմ մեր մեծերէն Գրիգոր Զոհրապ, որ թրքական խորհրդարանի մէջ յայտարարեց Հայոց հպատակութիւնը պետութեան, առաջին համաշխարհային պատերազմին, հուսկ՝ երիտասարդութեան զինուորագրուիլը թրքական բանակին… թէեւ իր անձնական դիրքորոշումը չէր:

Ուստի, պայմանաւորուածութիւնն է տիրականը. անհատ, կուսակցութիւն, ժողովուրդ եւ… արդիւնք:

Բնութիւնն ալ ուրիշ թելադրանք չունի անխօս ու գործնական: Եթէ Լուսինը արեւի յատկանիշները ունենար, ի՞նչ պիտի ըլլար արդեօք արեգակնային դրութեան վիճակը, կամ արդեօք երկրի վրայ պիտի կեանք գոյանար ինչպէս որ կայ, ո՞վ գիտէ:

Լեզուի մէջ, ստորակէտ, կէտ, վերջակէտ եւ ամբողջ քերականութիւնը մեր հնարքներէն է՝ աւելի լաւ կամրջելու մեր միտքը մեր ըսելիքներուն հետ, եւ ըսուածը՝ ընթերցողին: Ու բառե՜ր, բառեր եւ եթէ պակսին անոնք, կայ բառաշինութիւն՝ հեղինակին կողմէ, կամ՝ բառակերտում… օրինակներ շատ են. քայլ առ քայլ, կ’ունենանք բառերու շտեմարան մը, ի շահ արտայայտչականութեան:

Կենդանական-անասնական աշխարհն ալ նոյնը կը պարզէ-լաւագոյն օրինակը՝ «մեծ ձուկը կլլեց պզտիկ ձուկը» – սակայն ե՛ւ մեծը, եւ պզտիկը, կը շարունակեն իրենց գոյութիւնը:

Եւ սակայն, մարդ արարածը հակամէտ է բաղդատականներու, ինչ որ ընկերութեան ախտերէն մին է: Դասարաններու մէջ իսկ մէկը կը գովաբանուի, ուրիշ մը՝ պարսաւանքի կ’ենթարկուի, բայց չէ՞ որ մարդիկ իրարմէ կը տարբերին, կը տարբերին նաեւ կարողութեամբ ու ամէնն ալ բնութեան արգասիքն են: Հարիւր մեթր վազքի առաջնութեան ախոյեանը կը ձախողի երկու հարիւր մեթրի մէջ…

Հոգեբանութեան գիրքի մէջ կ’ըսուի, թէ մարդոց եօթանասուն առ հարիւրը միջակ աստիճանի կ’ըլլան, տասնհինգը՝ միջակէն վար, տասնհինգը միջակէն վեր, որոնց հինգը կը մօտենան բացառիկի…

Օ՜, բնութիւն, օ՜, մայր… չես եղած երբեք հաւասար… բայց գոյ ես եւ կը շարունակես քու ճամբադ յաւիտեան:

Եւ քանի որ այս է իրողութիւնը ու դրուածքը կեանքին, եթէ կարենանք խոր եւ լայնածիր մտածել, ընդունելով այն՝ ինչ որ տրուած է ի սկզբանէ, կը ճաքի լոյս համամարդկային, մեծին չափը կ’անհետի, ամէն ոք կ’ըլլայ ի պատուի, ինչ որ արդէն իրեն տրուած իր բնական իրաւունքն է այս երկիր մոլորակի վրայ, ուր վառ արեւ մը կը վառի ու հիւանդ լուսին մը կը մարի…:

Օ՜, բնութիւն, օ՜, մայր:

Հայոց Բանակի Կազմաւորման 25 Ամեակի Առիթով Պաղտատի Մէջ Ժամերգութիւն Եւ Գոհաբանական Մաղթանք

0

Հովանաւորութեամբ Իրաքի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանի եւ կազմակերպութեամբ՝ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ու ՊՀԵԵՄ, ԻՀԲԸՄ, ՀՄԸՄ եւ ԻՀՏՄՄ վարչութիւններուն Հայոց Բանակի Կազմաւորման 25-րդ Յոբելեանի Առթիւ Ժամերգութիւն եւ Գոհաբանական Մաղթանք պիտի մատուցուի  Վասն Հանրապետութեան ունենալով օրուան յատուկ յայտագիր մը:

Տեղի պիտի ունենայ  Շաբաթ՝ 18 Փետրուար, 2017 երեկոյեան ժամը 4:00-ին Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ:

 

Ամբողջ Կեանք Մը Հայկական Սեղանի Թենիսի Միջազգային Յաղթանակներ Կերտելու Ճամբուն Վրայ

0

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Օրեր առաջ, «հայկական» Մոսկուայի մէջ իր հոգին աւանդեց աշխարհահռչակ սեղանի թենիսի (փինկ-փոնկ)-ի մարզիչ 70-80-ական թուականներուն այս մարզաձեւի հայկական դպրոցը միջազգային ընտրանիի «քարտէս»-ի վրայ տեղադրուող Խ. Միութեան եւ Հայաստանի վաստակաւոր դէմքերէն մէկը: Եուրի Սերկէյեւիչ Կազարեան, հակառակ իր առողջական վիճակին, ան իր մեծագոյն իրագործումներուվ մնաց պատնէշի վրայ, նոյնիսկ քաղցկեղի դէմ կարճատեւ պայքարէ ետք, որ զինք զգետնեց ի վերջոյ, 80-ամեայ տարիքին:

received_10203052194543326

Խ. Ազրպէյճանի երբեմնի բարգաւաճ գաղթօճախի զաւակ, հայրը նաֆթարդիւնաբերութեան փոխ նախարար, Եուրի Կազարեան 60-ական թուականի վերջին, որոշում կայացուց ընտանեօք տեղափոխուիլ Մայր Հայրենիք, հայկական ֆութպոլի «աստղ»-եր Էտուարտ Սարգայովի, Սերկէյ Պօղոսովի, Ռուդիկ Բարսեղեանի եւ այլոց նման: Որպէս հայկական սեղանի թենիսի հիմնադիր, Ռումանիայէն հայրենադարձուած Յարութիւն Յակոբեանի սան, Եուրի Կազարեան աւելի քան 25 տարի պատրաստեց հայ թէ Ռուս, Ուքրանացի, Պելառուս, եւրոպացի եւ աշխարհի ախոյեաններ, ինչպէս՝ Սարգիս Սարխոյեան (Պաթում), Սամուէլ Վարդանեան, Սմբատ Սարգսեան, Գեղամ Վարդանեան, Արմինէ Մակինեան (Երեւան), նաեւ որպէս Խ. Միութեան ազգային հաւաքականի մարզիչ՝ Էլմիրա եւ Նարինէ Անտոնեան (հանգուցեալ Ռաֆֆիկ Յարութիւնեանի աշակերտուհի), Բագրատ Բրոնոզեան, Անաթոլի Աթրոքատով (Քիեւ) եւ ուրիշներ:

received_10203052195503350

Հայաստանի անկախութենէն ետք ստեղծուած անտանելի պայմաններուն պատճառով, Եուրի Կազարեան, իր տիկնոջ Աննա Մինասովնայի, դստեր Նատալիայի եւ զաւկին Վալերիկի հետ տեղափոխուեցաւ Մոսկուա, սակայն միշտ կամուրջները անսասան պահելով Մայր Հայրենիքի հետ: Համահայկական բոլոր խաղերուն ալ, Ռուսիոյ հայոց սեղանի թենիսի հաւաքականները, որոնք ֆինանսաւորուած էին Ռ.Հ. Միութեան նախագահ Արա Աբրահամեանին կողմէ՝ առաջին տեղերը գրաւեցին, շնորհիւ Եուրի Կազարեանի մեծ փորձին եւ «հայրական» հոգածութեան:

Իր մահուընէ նոյնիսկ 10 օր առաջ ներկայ եղաւ Ռուսիոյ ազգային Լիկայի եւ այլ մրցաշարքերու՝ անընդհատ հիւրընկալելով, օգնելով Հայաստանէն տաղանդաւոր մարզիկ-մարզուհիներ, ինչպէս Մոսկուայի, այնպէս ալ Եւրոպայի ոստաններու կարեւոր ակումբներէն խաղալու եւ նիւթապէս, որպէս արհեստավարժներ օգնելու իրենց հարազատներուն՝ Հայաստանի մէջ:

Իր մահուընէ մի քանի օր առաջ, 1976-ին, որպէս մեծ եղբայր, հարազատ մարզիչ ու հեղինակութիւն, սեղանի թենիսի աշխարհին մէջ՝ հեռաձայնային խօսակցութեան ժամանակ նախ ցանկութիւն յայտնեց հանդիպիլ եւ յետոյ՝ յետ մահու իր աճիւնները յանձնել Հայաստանի հողին:

Հողը թեթեւ գայ վրադ հայ ժողովուրդի պանծալի զաւակ:

received_10203052197503400

 

Խոզ, Խոզակ Եւ Խոզանակ

0

*ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ*

   Յառաջադէմ երկիրներու մէջ՝ Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկաներ, ամէնէն շատ սպառող ու սիրուած մսեղէններէն մին է խոզի միսը։

Միւս կողմէ սակայն, զարմանալի է որ այսքան սիրուած մսեղէնը հայթայթող կենդանին՝ խոզը, ենթակայ է անարգանքի, նուաստացումի։

Khoz 3

«Խոզ» բառը, որ հնչիւնային տեսակէտէ ալ սիրուն կազմութիւն մը չունի արդէն, մեր բերնին մէջ կը գործածուի բացառաբար ժխտական իմաստով ու երանգներով.

-Խոզի պէս մարդ մըն է,- կþըսենք յաճախ, եթէ ուզենք ակնարկել մէկու մը, որ կոշտ-կոպիտ վերաբերմունք ունի իր շուրջիններուն նկատմամբ ու անփափկանկատութեան դափնեկիր մըն է…

-Այնքա՜ն գիրցեր է որ՝ խոզի նմաներ է,- կþըսենք երբեմն, ակնարկելով անոնց՝ որոնց վիզը ու մարմինը շատ հաստցեր է, եւ որոնք կորսնցուցեր են այլեւս իրենց Ֆիզիքական նրբութիւնն ու վայելչութիւնը…

Ու այսպէս արտայայտուելով հանդերձ, մեր սեղաններուն վրայ մի՛շտ տեսնել կþուզենք խոզի միսը, ընկերակցութեամբ…կարմիր գինիի։

Բայց գիտենք արդէն, որ խոզի միսը արգիլեալ ուտեստեղէն մըն է մահմետականներու եւ հրեաներու համար։ Ղուրանը յստակօրէն կը թելադրէ իր հետեւորդներուն չճաշակել խոզի միսը, այս կենդանին նկատելով պիղծ ու գարշելի եւ այլազան հիւանդութեանց աղբիւր։

Աւետարանն ալ բազմաթիւ ակնարկներ ունի խոզի մասին։ Ամէնէն նշանաւորը՝ «Ձեր մարգարիտները մի՛ նետէք խոզերուն առջեւ, որպէսզի  չկոխկռտեն զանոնք իրենց ոտքերուն տակ» խրատն է, որ առածի կարգ անցած է։ Երբ մեր դիմաց կը գտնուի մէկը, որ ընդունակ չէ հասկնալու կամ գնահատելու մեր խօսքն ու գործը, այն ատեն կþըսեն մեզի.«Խոզերուն առջեւ մարգարիտ մի՛ նետեր»…։

Խոզը ընտանի անասուն մը կը նկատուի։ Զայն կը բուծանեն ագարակներու մէջ. եւ անասնապահութեան այս տեսակը կը կոչուի «խոզաբուծութիւն»։ Խոզեր արածող հովիւներն ալ կը կոչուին «խոզարած»։

Կան սակայն վայրի խոզեր ալ, որոնք անտառներու մէջ  կþապրին, եւ որոնք կը կոչուին «վարազ»։ Որսորդներու ամէնէն նախընտրելի թիրախներն են վարազները, որոնց միսը եւս յարգի է ու համով։

sheram

Խոզը ԿՃՂԱԿԱՒՈՐ կենդանի մըն է, այսինքն՝ ոտքին մատները ծածկուած են կարծր պատեանով՝ կճղակով, կովերու եւ ոչխարներու նման։ Ան նաեւ ԿՆՃԻԹԱՒՈՐ է (կնճիթը խոզին ցցուն քիթն է)։ Խոզի ձագը կը կոչուի ԽՈՃԿՈՐ։

Շատ պիտի զարմանաք, եթէ ձեզի ըսուի որ «խոզանակ» բառը կազմուած է «խոզ» արմատէն։ Ի՞նչ առնչութիւն։

Khozanag

Ըստ Մալխասեան բառարանին, նկատի առնելով որ խոշոր վրձինները շինուած կþըլլային խոզի թաւ ու կարծր մազերէն, ուստի՝ այդ վրձինները կոչուած են «խոզանակ»։

Կը մնայ սա «խոզակ» բառը։ Ի՞նչ է խոզակը։ Լսա՞ծ էք այս բառը երբեւիցէ։

Այս մէկը «խոզ»ին հետ բնաւ կապ չունի։

Խոզակը շերամին ինքն իր մարմնին շուրջ հիւսած բոժոժն է, փաթոյթը, պատեանը, որմէ կը ստացուի մետաքսը, մետաքսաթելը։

Գիտենք որ շերամը (այլ անունով՝ թրթուր), որդ մըն է, օրհնեա՜լ որդ մը, որ կը սնանի թութի տերեւներով։ Շուրջ մէկ ամսուան ընթացքին՝ թրթուրը շինած կþըլլայ խոզակ մը, որմէ կը ստացուի 1000-1500 մեթր երկարութեամբ մետաքսաթել։ Իր այս շնորհակալ «գործ»ը աւարտած թրթուրը՝ յաջորդ օրերուն կը փոխակերպուի թիթեռնիկի, կը ծակէ խոզակը ու դէպի դաշտերն ու ծաղկաստանները կը թռչի …։

Մայր բնութեան հրաշալի երեւոյթներէն մէկն է ասիկա‎։

Հալէպ 

Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Մարմնի 2017 Թուականի Անդրանիկ Նիստը

0

Սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմնի 2017 թուականի անդրանիկ նիստը, որուն մասնակցեցան «Ազդակ» (Լիբանան) օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմնի նախագահ Շահան Գանտահարեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, ԵՊՀ լրագրութեան բաժանմունքի տնօրէն Նաղաշ Մարտիրոսեան, ԵՊՀ լրագրութեան բաժանմունքի դասախօս, «Հայկական Փիար ասոցիացա» ՀԿ-ի նախագահ Աստղիկ Աւետիսեան, «Քալիֆորնիա Քըրիեր» թերթի թղթակից Ռուզաննա Աւագեան:

Նիստին հեռակապով միացած էին «Խօսնակ» (Լիբանան) ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, «Օրեր» (Չեխիա) ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան, «Զարթօնք» (Լիբանան) օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, «Հորիզոն» (Գանատա) շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան:

Ողջունելով նիստի մասնակիցները` նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը կարեւոր համարեց Սփիւռքի լրագրողներու ամէնօրեայ համակարգուած աշխատանքը, իրարու հետ գոյացած անընդհատական կապը, գործուն արձագանքը նախարարութեան նախաձեռնութիւններուն: Նախարարը յատկապէս շեշտեց «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» շարժման լայն տարածումը եւ համազգային արձագանգը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Շնորհակալութիւն, որ Սփիւռքին ուղղուած իմ նամակը տեղադրեցիք, կազմակերպեցիք միջոցառումներ, հարիւրից աւելի տեսահոլովակներ ստացանք, որտեղ յայտնի անհատներն իրենց խօսքն էին յղում Հայոց բանակի կազմաւորման 25 ամեակի առթիւ: Այս ամէնը մեզ ուժ ու ոգեւորութիւն հաղորդեց, որ 2017 թուականը հռչակենք Արցախի տարի»:

Այլ նախաձեռնութիւններու շարքին նախարարը դրուատիքով արտայայտուեցաւ Հայոց Բանակի 25 ամեակին նուիրուած «Զարթօնք»ի նախաձեռնութեան մասին (մանրամասնութիւններուն պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ -խմբ.)

Նախարարն անդրադարձաւ նաեւ Լապշինի արտայանձնման փաստին, առաջարկեց աւելի սերտացնել օտարալեզու լրատուամիջոցներուն մէջ աշխատող հայազգի լրագրողներուն հետ համակարգուած աշխատելու անհրաժեշտութիւնը:

Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմնի նախագահ Շահան Գանտահարեան նոյնպէս ողջունեց նիստի մասնակիցները եւ նշեց, որ համակարծիք է եւ կ’երկրորդէ նախարարին: Ան կարեւոր համարեց Լրագրողներու ութերորդ համաժողովին հնչած կարծիքներու եւ առաջարկներու մանրամասն ուսումնասիրութիւնը:

Օրակարգի երկրորդ`  «Դուն ի՞նչ կ’ընես  Ղարաբաղի համար» շարժման եւ «2017 թուականը Արցախի տարի» հռչակուելու թեմայի լուսաբանումը սփիւռքեան լրատուամիջոցներուն մէջ» հարցին վերաբերեալ զեկուցեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան:

Քննարկուեցան ընթացիկ հարցեր:

 

 

«Թոլիշի Սադո» Թերթի Թղթակիցը Ստիպուած փախած է Ազրպէյճանէն Եւ՝ Ապաստան Խնդրած Հայաստանէն. ՀՀ ԱԳՆ

0

Շահին Միրզոեւը Հայաստանի իշխանութիւններուն դիմած է՝ խնդրելով իրեն տրամադրել ժամանակաւոր ապաստան, քանի որ հանդիսանալով թալիշական մշակոյթի խորհուրդի անդամ, թալիշական ազատագրական շարժման մասնակից, «Թոլիշի Սադո» թերթի թղթակից, ստիպուած եղած է փախչիլ Ազրպէյճանէն տրուած ըլլալով, որ Ազրպէյճանը ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն հանդէպ բռնաճնշումներ ու անոնց իրաւունքներու կոպտագոյն ոտնահարումներ կը բանեցնէ: Ան ընտանիքով ժամանած է Հայաստան։

Հայաստանի ԱԳՆ-էն կը յայտնեն, որ Հայաստանի իշխանութիւնները դրական արձագանգած են Շահին Միրզոեւի խնդրանքին։

Սիրահարներու Այգիին Մէջ Պիտի Տեղադրուի Դաւիթ Երեւանցիի Քանդակը

0

Երեւանի Սիրահարներու այգիի տարածքին պիտի տեղադրուի «Սիրահարներ» արձանը: Տեղադրման համաձայնութիւն տալու համար հարցը ընդգրկուած է Երեւանի աւագանիի յառաջիկայ նիստի օրակարգին մէջ, կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանի կայքէջը:

Քանդակին հեղինակը Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ, քանդակագործ Դաւիթ Երեւանցին  է /Դաւիթ Նիկոլի Բաբայեան/:  Անոր գործերը տեղադրուած են աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, մասնաւորապէս` Փարիզի եւ անոր արուարձաններուն մէջ տեղադրուած է Դ.Երեւանցիի` Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով շարք մը գործեր:

Անուանի քանդակագործին հեղինակած աշխատանքներէն են՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձանը (Լիլաս քաղաքի գերեզմանատան մէջ, Ֆրանսա), Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Կոմիտասի յուշարձանը (Փարիզ), «Ղարաբաղցի կինը» քանդակը (1988, Երեւան), Ուիլիըմ Սարոյեանի յուշարձանը (2008, Երեւան), «Վարք յաւերժութեան» քանդակ (2012, Երեւան), Գրիգոր Հասրաթեանի յուշաքարը: Հեղինակ է նաեւ դրուագումներու («Կոմիտաս», 1968, պրոնզ, «Աղջիկ», 1972, պղինձ եւ այլն), գեղանկարներու, դիմանկարներու, մետալներու, զարդերու:

«Քանդակագործ Դաւիթ Երեւանցիի հեղինակած եւ Երեւան քաղաքին նուիրաբերած «Սիրահարներ» քանդակային աշխատանքը Երեւանի քաղաքապետին կից գեղարուեստի յանձնաժողովի կողմէ արժանացած է հաւանութեան եւ առկայ է նաեւ Երեւան քաղաքի Սիրահարներու այգիի տնօրինութեան համաձայնութիւնը»,-ըսուած է աւագանիի որոշման նախագիծին մէջ:

 

Շամխորեցիներու Եկեղեցին Բացառիկ Պատմական Յուշարձան է. Վրացի Մշակութաբան

0

Վրացական Liberali.ge պարբերականը ծաւալուն յօդուած մը հրապարակած է Թիֆլիսի Հաւլաբար թաղամասի, Իսանի 18 հասցէին գտնուող, Շամխորեցիներու Սուրբ Աստուածածին խոնարհուած եկեղեցւոյ յարակից տարածքին ընթացող բնակելի շէնքի կառուցման վերաբերեալ:

Ըստ aliq.ge-ի՝ յօդուածին մէջ նշուած է, որ կառուցուող եռայարկ շինութիւնը 287.7 քմ մակերեսվ շէնք է, 560 քմ հողակտորի մը վրայ:

Յօդուածը կ’անդրադառնայ «Թիֆլիսի համքարներ» ՀԿ-ի ահազանգին, որ բնակելի տունը շատ մօտ է եկեղեցիին, իսկ կառուցումէն ետք ամբողջութեամբ կը ծածկէ եկեղեցւոյ արեւելեան պատը: Ծրագիրին մէջ, նկարներու եւ պաստառներու վրայ եկեղեցին նշուած չէ:

Եկեղեցին 19-րդ դարուն կառուցած են Շամխորէն գաղթած հայերը: Եկեղեցւոյ գմբէթը փլուզուած է 1989 թուականի երկրաշարժին:

Յօդուածագիրը կ’անդրադառնայ նաեւ մշակութաբան Ցիրա Էլիսաշվիլիի` եկեղեցւոյ վերաբերեալ կարծիքին, որ կը կարծէ, որ շինարարութիւնը կը խախտէ յուշարձանի պաշտպանութեան գօտիները, եւ նման հեռաւորութեան վրայ շինարարական աշխատանքները տեղին չեն:

«Շամխորեցիներու եկեղեցին բացառիկ պատմական յուշարձան է, որ պատկանած է Շամխորէն գաղթած թեմին եւ ժամանակին ամենամեծ եկեղեցին եղած է Թիֆլիսի մէջ: Հակառակ անոր որ այսօր անիկա փլուզուած է, սակայն անոր կարեւորութիւնը չի նուազիր: Մեկնելով այս բոլորէն` յուշարձանը ունի իր պաշտպանութեան գօտիները, որոնք կը խախտին այս շինարարութեամբ: Կարեւորը այն է, որ ծրագիրին հեղինակները փաստօրէն խաբէութեան կը մատնեն հանրութիւնը, քանի որ որեւէ տեղ եկեղեցին չի նշուիր: Մարդիկ կը կարծեն, թէ այդ տունը կը կառուցուի բաց դաշտի վրայ: Այս թաղամասը այնքան կարեւոր է, որ ճարտարապետութեան խորհուրդի անդամները պէտք է հասկնային, որ եռայարկ շինութիւնը, գումարած տանիքը, կը խախտէ յուշարձանի արտաքին եւ տեսողական պաշտպանութեան տարածքը»,- յայտարարած է Էլիսաշվիլին:

Թիֆլիսի ճարտարապետութեան ծառայութենէն տեղեկացուցած են, որ շինարարութեան նախագիծը ուղարկած են Վրաստանի Մշակոյթի եւ յուշարձաններու պաշտպանութեան նախարարութիւն, ուրկէ ստացած են դրական պատասխան: