Շաբաթ, 26. 07. 2025

Լաթաքիա Հասած Է Հայաստանէն Մարդասիրական Օգնութեան Առաջին Խմբաքանակը

0

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի կողմէ Սուրիոյ ժողովուրդին ուղարկուած մարդասիրական օգնութեան առաջին խմբաքանակը արդէն հասած է Լաթաքիոյ հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի:

Յիշեցնենք, որ  արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Պալայեան Թուիթըրի իր էջին մէջ գրած էր, որ Հայաստանի մարդասիրական օգնութեամբ օդանաւը վայրէջք կատարած է Սուրիա:

 

ՀՀԿ Համամասնական Ցուցակը Պիտի Գլխաւորէ Վիգէն Սարգսեանը

0

Հանրապետական կուսակցութեան համամասնական ցուցակը Ապրիլ 2-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի գլխաւորէ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը: Այս մասին Փետրուար 14-ին Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան Գործադիր մարմինի նիստէն ետք լրագրողներուն յայտնեց ՀՀԿ խօսնակ Էտուարտ Շարմազանովը:

Ան ներկայացուց ցուցակին առաջին 10 անունները ու նշեց, որ համամասնական ցուցակը բաղկացած է 64 ներկայացուցիչէ, իսկ տարածքայինը` 133 քաղաքացիէ:

  1. Վիգէն Սարգսեան
  2. Տարօն Մարգարեան
  3. Արփինէ Յովհաննիսեան
  4. Արա Պապլոյեան
  5. Արմէն Ամիրեան
  6. Արմէն Աշոտեան
  7. Էտուարտ Շարմազանով

8 .Մարգարիտ Եսայեան

9 .Սամուէլ Ֆարմանեան

10․Կարէն Աւագեան

ՀՀԿ շտապը ղեկավար պիտի չունենայ: Շարմազանովի խօսքով, ՀՀԿ-ն որոշած է, որ շտապը պէտք է ղեկավարուի Գործադիր մարմինի կողմէ` նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ: «Գործադիր մարմինը պիտի համակարգէ եւ գլխաւորէ ՀՀԿ –ի նախընտրական քարոզարշաւը ապրիլեան ընտրութիւններուն»,-ըսած է ան:

«Մենք կը գտնենք, որ այսպիսի ցուցակով ՀՀԿ-ն մեծ հնարաւորութիւն ունի ազատ մրցակցութեան պայմաններու մէջ արձանագրելու լուրջ յաջողութիւն ընտրութեան ժամանակ»,- ըսած է ան, կը գրէ Panorama.am-ը:

ՀՀ ԱԳ Նախարարը Կը Մասնակցի Միւնիխի Անվտանգութեան Համաժողովին

0

Փետրուար 16-17-ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան պիտի այցելէ Գերմանիա` մասնակցելու Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին:

ԱԳՆ մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ նախատեսուած է նախարար Նալպանտեանի հանդիպումը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու  հետ: Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը պիտի ունենայ շարք մը երկկողմ հանդիպումներ:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Արա Արծրունին

0

Կիրակի, 12 Փետրուար 2017-ին, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, միաբան հայրերու, գրագէտ-մտաւորականներու, բարեկամներու եւ գրասէր հանրութեան ներկայութեան, Անթիլիասի Վեհարանի դահլիճին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց երկար տարիներու վաստակ ունեցող մտաւորական, վիպագիր եւ թատերագիր Արա Արծրունին:

Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-Հայագիտական Բաժանմունքի վարիչ` Ժիրայր Դանիէլեան, որ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Հայ գրականութեան անդաստանէն ներս Արա Արծրունիի ունեցած ներդրումին:

Դպրեվանքի դասախօս Կարօ Յովհաննէսեան լայնօրէն խօսեցաւ Արա Արծրունի մտաւորականին եւ գրական  վաստակին մասին: Արա Արծրունի անձին մասին խօսելով ան ըսաւ, թէ ան «խիզախ կեցուածք ունեցող մտաւորական է եւ ճիշդ անոր համար է որ մտաւորական է»:

Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, թէ «Արա Արծրունի անցնող շուրջ յիսուն տարիներուն Հայ ժողովուրդին, յատկապէս Լիբանանի հայութեան կեանքէն ներս իր գրչով ու խօսքով եղաւ մեր արժէքներուն, աւանդութիւններուն, սկզբունքներուն եւ ձգտումներուն յուշարարը եւ առաքեալը: Եղաւ ճշմարտութեան  ու արդարութեան անվեհեր պաշտպանն ու քարոզիչը: Մեր համայնքէն ներս ունեցաւ իր ծառայական ներդրումը, մասնակից դառնալով ազգային, տնտեսական, մշակութային ու կրթական մարմիններու, ինչպէս նաեւ գործօն մասնակցութիւն բերաւ համայնքային ծրագիրներու իրագործման»:  Խօսքի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով զարդարեց Արա Արծրունիի կուրծքը՝ առ ի գնահատանք անոր գրական բեղուն վաստակին։

Ապա պարգեւատրեալը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին:

Յայտնենք, որ շուտով Անթիլիասի Տպարանէն լոյս պիտի տեսնէ Արա Արծրունիի «Ծուէններ» վէպը:

 

 

Փախուստը

0

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Մենք աւելի քեզ ապրելով սիրեցինք քան մեռնելով
Անոր համար դուն մեռար ալ աւելի եւ մնացիր ափ մը հող

                                                                                                                                                                           Սարմէն

Կեանքը ինքնին գոյամարտ է… սակայն երբ հաւաքականութիւն մը կը հաստատուի կ’ամրանայ իր հողին վրայ, ու երկար ժամանակամիջոցին յարաբերական խաղաղութեան տիրանայ, ժամանակի ընթացքին կարծես կը մոռցուին արտաքին պայքարները ու կ’ընթանայ սովորական դարձած օրինաչափութեան մը վրայ:

Եւ կը բացուի լեզուն բանաստեղծին.- «Մենք խաղաղ էինք մեր լեռների պէս, դուք հողմերի պէս փչեցիք վայրագ»,- (Յ.Շիրազ): Այսինքն՝ ձեւով մը դատապարտութիւն՝ արտաքին հովերուն… մինչդեռ ուրիշ գործածական ճշմարտութիւն մըն ալ կայ որ կ’ըսէ.- «Խաղաղութեան շրջանին պատերազմի կը պատրաստուին», որպէսզի ուշ չըլլայ ու ողբ ու կոծը չփրթի…

Եւ սակայն ժողովուրդներ իրենց խառնուածքին, բնութեան ազդեցութեան ու անցեալի փորձառութեան իբրեւ արդիւնք կ’ունենան մտածելակերպ ու առ այդ կ’ընթանան պատմութեան հոլովոյթին:

Բագրատունեանց հարստութեան մայրաքաղաքը Անին տակաւին հիացմունք կը պատճառէ իր ճարտարապետական արուեստով: Իսկ Անին՝ բնորոշուած է իբրեւ հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք…

Վերջապէս կարծես աւելի երկինքին վստահեր ենք, քան՝ մեզի, ու հազարամեակ մը առաջ Նարեկացին երկնեց «բան»-երու շարք՝ «Ընդ Աստուծոյ»: Տեսնենք մէկը անոնցմէ.- Բան ԾԱ. «Ու հիմա, ես մահուան արժանի եւ ամէն կերպով խաբուած մահկանացուս, պէտք է պաղատիմ երկրածի՞ն մէկու մը…» եւ կը սկսի թուել եղբայր, հօր, մօր ու «աշխարհի թագաւորներո՞ւն արդեօք, որոնք միշտ մարդ սպաննելու արուեստը կը մշակեն քան թէ ապրեցնելու, ո՛չ երբեք, այլ քեզի՛ միայն», «Օրհնեալ Աստուած»: Ուրեմն՝ հայու տիպար մէկ ներկայացուցիչն է Նարեկացին…

Հետաքրքրական է նաեւ Շիլլէրի մէկ քերթուածը.«Երկրի Բաշխումը».

Առէք աշխարհը, Զեւսն աղաղակեց մարդոց ներքեւում…
Վերցրէք բոլորը ձեզ է պատկանում
»: Արդ, գործի կը լծուին ծեր, երիտասարդ, հողագործ, ազնուական, վաճառական, թագաւոր, ով ինչի կրնայ տիրանալ: «Ու Աբբան ընտրեց ամենաազնիւ նրբահամ գինին»: եւ «Բոլորովին ուշ…ամէնուրեք էլ չկար ոչինչ, բանաստեղծն եկաւ»: Արդէն ուշ էր ու սկսաւ ողբալ ու «բարձրաձայն կանչեց եւ Եհովայի գահոյքի առաջ գետին խոնարհուեց»: Այլեւս շատ ուշ էր…:«Ի՜նչ արած, երկիրն ձեռքից հանել եմ, ասաց Եհովան: Եւ եթէ երկինքի մէջ ապրիլ կ’ուզես, ինծի հետ… որքան յաճախ դու այստեղ գալ ուզես, բաց է քո ճամբան»:

Այսինքն անցեալ դարու նահատակ բանաստեղծներէն՝ Դ. Վարուժանին, իր մէկ նամակին. «Յիսուսի հայրենախտէն վերջ մարդ փոխուեցաւ ծննդավայր Բրգնիկէն՝ Պոլիս. «Ու ես կ’երթամ դէպի աղբիւրը լոյսին»:

Բժշկականօրէն «հայկական հիւանդութիւն» կայ եղեր… այս մեր նշածներն ալ՝ այլ հիւանդութիւն…
Հիւանդութիւն մը, որ ոտքերդ կը կտրէ հողէն, կը վերանաս… ու կ’ապրիս երկնային երազանքները… կը յիշեմ նաեւ տող մը. «Ես պատրանքը սիրեցի» (Լեւոն Շանթ):

Ապրիլ հողիդ վրայ, արեան կապով, հողին բոյրով ու կանչով գիտակցութենէ աւելի կիրքն է զօրաւոր, որով միաձոյլ՝ պիտի դիմագրաւել արհաւիրքները բոլոր, անկարելին կարելիի վերածելով եւ երազայինը՝ իրականով, որով պիտի ըլլանք տիրական:

Փախուստը որեւէ ժաանակ չէ եղած լուծումը վերջնական:

 

Կնճիթ Եւ Կնճիռ

0

*ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ*

   Մեր ոսկեղնիկ լեզուին այս երկու բառերը գրեթէ նմանաձայն են (մէկ գիրի տարբերութեամբ), բայց ունին իրարմէ շատ հեռու իմաստ։

Elephant Get Its Trunk (1)

«Կնճիթ»ը փիղին խողովակաձեւ երկարաւուն քիթն է, որով ան ջուր կը սրսկէ իր մարմնին վրայ, ծառի կոճղեր կը վերցնէ, կրկէսներու մէջ զարմանալի խաղեր կը սարքէ…։

Կրնանք հաստատապէս պնդել, որ կնճիթը փիղին ամէնէն յատկանշական օրկանն է։

Հայերէնի մէջ ունինք «կնճիթ»ին հոմանիշ մըն ալ՝ «պատիճ»։ Փիղին կնճիթը կամ պատիճը։ Եւ քանի որ խօսք բացինք փիղերու մասին, յիշեցնենք որ այս խոշոր կենդանին իր կնճիթին ներքեւ ունի երկու ցցուն ոսկորներ, որոնք կը կոչուին «փղոսկր»։ Այս փղոսկրներէն կը պատրաստուին դանակի կոթեր, զարդեր, արուեստի թանկարժէք իրեր, դաշնամուրի ստեղներ եւ այլն։

Բայց պէտք է նկատի ունենալ, որ «կնճիթ» բառը կը գործածուի նաեւ խոզերու քիթին համար։ Այո՛, խոզին երկար ու տափակ դունչը եւս կը կոչենք կնճիթ։ Սակայն այստեղ, այլեւս ի զօրու չէ «պատիճ» բառը։ Պատիճը յատուկ է մի միայն փիղին։

Հապա՞ «Կնճիռ»ը…։

Միտք բերէք «կնճռոտ» բառը։ «Այսօր կնճռոտ հարց մը յաջո՛ղապէս լուծեցի» կþըսենք, երբ կþակնարկենք դժուար լուծելի կամ հանգուցային հարցի մը։

 

Հետեւաբար, «կնճիռ» կը նշանակէ դժուարալոյծ հանգոյց։

Թերթերը հինգ տարիէ շարունակ կը գրեն. «Սուրիոյ պատերազմը վերջին կէս դարու ամէնէն կնճռոտ հարցը դարձած է»։ Քսան տարիէ իվեր ալ շարունակ կը յիշեցնեն. «Ղարաբաղի կնճիռը կարելի չէ լուծել՝ առանց Ռուսաստանի միջնորդութեան»։

Բայց կայ ուրիշ «կնճիռ» մըն ալ, որ սարսափի կը մատնէ…կիները։

Ասիկա այն «կնճիռ»ն է, զոր կիներ, որոշ տարիքէ մը ետք, կը նշմարեն իրենց դէմքին վրայ։ Այլ բառով՝ «խորշոմ»։ Հայելիին դիմաց տխրօրէն կանգնած՝ մեր «փափուկ սեռ»ի ներկայացուցիչները օր մըն ալ կը նշմարեն որ իրենց դէմքին վրայ, աչքերուն տակ, վիզին շուրջը խորշոմներ կամ կնճիռներ գոյացեր են…։ Երբեմնի ողորկ ու սահուն մորթը սկսեր է թեթեւ ակօսներ կամ փոթեր գոյացնել։ Ու մեր կիները ի՜նչ հնարքներու կը դիմեն՝ պայքարելու համար այդ կնճիռներուն դէմ, կամ գէթ նուազեցնելու համար անոնց աւերը…։

Ի դէպ, կարելի է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ դէմքի խորշոմները «կնճիռ» կոչուած են։ Արդեօ՞ք անոր համար՝ որ ատոնք եւս «դժուար լուծելի հանգոյց»ներ են…։ Ո՜վ գիտէ։

Բայց բնաւ մի՛ նեղանաք ձեր դէմքի կնճիռներէն։ Մի՛ մոռնաք որ երկար ապրելու ՄԻԱԿ միջոցը…ԾԵՐԱՆԱԼՆ Է։

Հալէպ   

«Միրաք»-ի Այցելութիւնը Կոմիտասի Թանգարան

0

ՌԱԿ-ի «Միրաք» շարժումի պատանի-ուսանողները  հայ Մեծերուն եւ հայկական մշակոյթին մօտէն ծանօթացնելու նպատակով, այլ ծրագիրներու շարքին, 12 Փետրուար 2017-ին  իրականացաւ նաեւ Կոմիտասի թանգարան-ինստիտուտ այցելութիւնը:

20170212_122530

«Միրաք»-ականները շրջեցան թանգարանի սրահներուն մէջ, ծանօթացան  Կոմիտասի կենսագրութեան, աշխատութիւններուն եւ անձնական իրերուն: Թանգարանը, իր հարուստ հաւաքածոյով եւ արդիական մատուցմամբ, հնարաւորութիւն տուաւ պատանիներուն Կոմիտասի մասին համապարփակ  եւ բազմակողմանի գիտելիք ձեռք ձգել, ամրակայեց անոնց մօտ ազգային արժէքներու հանդէպ գիտակից վերաբերմունքը եւ այդ արժէքներուն հաւատաւոր ժառանգորդը ըլլալու նախանձախնդրութիւնը:

20170212_122716

«Միրաք»-ականները մեծ հետաքրքութեամբ հետեւեցան իւրաքանչիւր իրի, պատկերի, ձեռագիր տետրերու, տեսերիզի եւ քանդակի մասին տրուող բացատրութիւններուն եւ երգեցին Կոմիտասի մշակած ժողովրդական երգերը: «Միրաք»-ին ուղեկցեցան ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան փոխ-ատենապետ ընկ. Լեւոն Պըլըխեանը եւ արուեստագէտ Պրն. Հրազդան Թոքմաճեանը:

20170212_123113

20170212_125012

 

Օհանեան, Յովհաննէսեան Եւ Օսկանեան Ընտրութիւններուն Դաշինքով Պիտի Մասնակցին

0

Պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան, «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան եւ նախկին արտաքին գործոց նախարար, «Համախմբում» կուսակցութեան առաջնորդ Վարդան Օսկանեան յառաջիկայ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին միասնական ցուցակով:

 

Հայաստան 40 Թոն Մարդասիրական Օգնութիւն Պիտի Ուղարկէ Սուրիա

0

ՀՀ նախագահի յանձնարարութեամբ սուրիական հակամարտութենէն տուժած բնակիչներուն աջակցելու նպատակով Հայաստանէն Սուրիա 40 թոն մարդասիրական օգնութիւն պիտի տեղափոխուի: Այս մասին, Փետրուար 13-ին, սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջ-գերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստին ըսած է ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, կը հաղորդէ 168.am-ը:

Ան նշած է, որ համապատասխան գերատեսչութիւններէն աշխատակիցներ պիտի մեկնին Սուրիա` երկու օդանաւով առաքուելիք բեռը տեղ հասցնելու համար: «Մենք այդ օգնութիւնը չենք ուղարկեր միայն այնտեղ բնակող հայերուն: Մենք ատիկա կ’ուղարենք այն բնակավայրերը, ուր մեր հայրենակիցներուն հետ միասին կը բնակին նաեւ սուրիացիներ»,- ըսած է նախարարը:

Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ, որպէս մարդասիրական օգնութիւն, Սուրիա պիտի ուղարկուին առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ` հագուստ, սնունդ:

Սուրիական հակամարտութենէն տուժած բնակիչներուն մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու նպատակով ՀՀ կառավարութիւնը պահեստային ֆոնտէն յատկացուցած է աւելի քան 46 միլիոն դրամ: Գումարը նուիրաբերութեան կարգով փոխանցուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին` մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու համար անհրաժեշտ ապրանքներ ձեռք բերելու նպատակով:

ՀՀ նախագահի յանձնարարութեամբ սուրիական հակամարտութենէն տուժած բնակիչներուն աջակցելու համար անցեալ տարուան Հոկտեմբեր 3-ին, ապա 5-ին Երեւանէն Սուրիա մեկնած է մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող երկու օդանաւ: Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական օգնութեան բեռներուն վրայ մակագրուած էր. «Խաղաղութեան ջերմ մաղթանքներով Հայաստանէն` Սուրիոյ եղբայրական ժողովուրդին»:

Սահմանին Լարուածութեան Աճ Արձանագրուած է

0

Փետրուար 12 լոյս 13-ին, Ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանին արձանագրուած է լարուածութեան աճ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը:

Հակառակորդը Դ-44 տիպի հրանօթներէ, ականանետերէ, նռնականետերէ ու տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հրադադարը խախտած է շուրջ 80 անգամ, որուն ընթացքին, հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 950 կրակոց:

Ազրպէյճանական զինուժը արեւելեան ուղղութեամբ կիրառած է Դ-44 տիպի հրանօթներ` արձակելով 13 արկ, իսկ հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով` 60 եւ 82 միլիմեթրանոց ականանետեր ու նռնականետեր` ընդհանուր առմամբ արձակելով 49 արկ, որուն 41-ը ականանետերէ, 8-ը` նռնականետերէ:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը աչալրջօրէն հետեւած են առաջնագիծին տիրող զարգացումներուն եւ անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկած՝ հակառակորդի նախայարձակ աշխոյժութիւնը ճնշելու համար: