Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

Տաթեւի Մէջ Կատարուած է 25 Նորապսակներու Օրհնութեան Կարգ

0

«Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագիրի նախաձեռնութեամբ երրորդ տարին ըլլալով Տաթեւ համայնքին մէջ Տեառնընդառաջի տօնը առանձնայատուկ կերպով նշուած է:

Փետրուար 14-ին, Տաթեւի վանքին մէջ, վանահայր Միքայէլ վարդապետ Գէորգեանի ձեռամբ, կատարուած է աւելի քան 25 նորապսակներու օրհնութեան կարգ, որուն յաջորդած է տօնական հիւրասիրութիւն, երգ ու պար, կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը:

«Նման նախաձեռնութիւնները կը մտերմացնեն նորաստեղծ ընտանիքները, իսկ Տաթեւի բնակիչները իրենց աւելի ներգրաւուած կը զգան համայնքային կեանքին»,- ըսած է Հայր Միքայէլը: Անոր խօսքով, այսպիսի նախաձեռնութիւնները կը նպաստեն եկեղեցւոյ շուրջ համախմբման, հոգեւոր կեանքի զարթօնքին եւ ազգային աւանդոյթներու պահպանման:

«Տաթեւի վերածնունդ» ծրագիրի ղեկավար Հայկ Թիւթիւնճեան նշած է, որ տօնական ձեռնարկները նպատակ կը հետապնդեն ոչ միայն համախմբելու երիտասարդ զոյգերը, այլեւ տօներու միջոցով Տաթեւի տարածաշրջանի զբօսաշրջային ոչ աշխոյժ շրջանին մէջ նպաստելու համայնքային կեանքի աշխուժացման:

Նոր Կամերատա Անսամպլը Հանդէս Պիտի Գայ Աշտարակի Ա. Այվազեանի Անուան Երաժշտական Դպրոցին Մէջ

0

Փետրուար 24-ին, ժամը 15:30-ին, Աշտարակ քաղաքի Արտէմի Այվազեանի անուան երաժշտական դպրոցի դահլիճին մէջ, համերգով հանդէս պիտի գայ Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի` Նոր Կամերատա անսամպլը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը։

Ծրագիրով պիտի հնչեն` Վ. Ա. Մոցարթի «Տիւերդիսմենթ թիւ 17»-ը, Գոռ Յովհաննիսեանի` Լարային սեպտետը, Արման Պադարեանի` 3 նուագածութիւնը: Պիտի կատարեն Աննա Մարգարեանը (ջութակ), Իվեթա Գորգինան (ջութակ), Արուսեակ Հեքիմեանը (ջութակ), Արփինէ Մարկոսեանը (ջութակ), Գոռ Յովհաննիսեանը (ալտ), Միքայէլ Նաւասարդեանը (թաւջութակ), Արմէն Յովակիմեանը (կոնտրաբաս), Սուրէն Կարապետեանը (գալարափող), Արա Թանգեանը (գալարափող): Գեղարուեստական ղեկավար` Աննա Մարգարեան:

Արժանթինի Խորհրդարանը Պիտի Քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը

0

Արժանթինի Ազգային քոնկրէսը (խորհրդարան) քննարկմանն ներկայացուած է ցեղասպանութիւններու, որոնց շարքին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: Օրինագիծը ներկայացուցած է պատգամաւոր Նիլտա Հարրէն, որ նախապէս պաշտպանութեան նախարար եղած է: Այդ մասին յայտարարած է ինքը՝ Հարրէն, Prensa Armenia-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին:

Ըստ օրինագիծին, իւրաքանչիւրը, որ «հրապարակաւ կը ժխտէ, նուազագոյնի կը հասցնէ, կ’արդարացնէ կամ հաւանութիւն կու տայ ցեղասպանութեան որեւէ ձեւի կամ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններուն», պիտի դատապարտուի Արժանթինի Քրէական օրինագիծի համապատասխան յօդուածով:

«2006-ին Ազգային ժողովը ընդունած է 26,199 օրէնքը Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, որուն զոհ գացած է հայ ժողովուրդը: Հետեւաբար, պարզ է, որ անիկա ընդգրկուած է մեր ներկայացուած նախագիծին մէջ»,-ըսած է Հարրէն:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի վերջին այցին Արժանթին` ան ըսած է. «Չեմ գիտեր, թէ ինչպէս կրնայ Թուրքիան արձագանգել: Բայց ես գիտեմ, որ Արժանթինի Հանրապետութիւնը ինքնիշխան պետութիւն է, իսկ Ազգային քոնկրէսը կը ներկայացնէ անոր լիազօրութիւնները»:

Չաւուշօղլուի այցը Արժանթին Թուրքիոյ ամենաբարձրաստիճան պաշտօնեայի այցը վերջին էր 20 տարուան ընթացքին: Ատոր նպատակը, ըստ Չաւուշօղլուի, «աւելի սերտ կապեր հաստատելն էր բարեկամ երկիրներու հետ` դիմագրաւելու համաշխարհային խնդիրները»: Հայ համայնքը դատապարտած է Չաւուշօղլուի այցը` ընդգծելով, որ ան կը ներկայացնէ պետութիւն մը, որ կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը եւ նաեւ կ՛աջակցի Ազրպէյճանին Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի դէմ պատերազմական գործողութիւններուն:

«Վահէ Կարապետեան» Կեդրոնին Մէջ ՀԲԸՄ-ը Կ’իրականացնէ Սուրիահայերու Աջակցութեան Եւս Մէկ Ձեռնարկ

0

ՀԲԸՄ Վահէ Կարապետեան կեդրոնին մէջ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան  Հայաստանի գրասենեակը եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն»-ը  կ’իրականացնեն սփիւռքահայ բարերարներ տէր եւ տիկին Գըրգ եւ Արսինէ Գազազեաններու` ՀԲԸՄ Սուրիահայերու օգնութեան հիմնադրամին կատարած 25,000 ԱՄՆ տոլարի նուիրատուութեան բաշխումը:

Մարդասիրական օգնութեան ծրագիրին համաձայն, սուրիահայ կարիքաւոր 250 ընտանիքներու նուիրատուութեան տեսքով կը տրամադրուի ֆինանսական օգնութիւն` 100 տոլար գումարի չափով, որ առաւելաբար կ’օգտագործուի ջեռուցման ծախսերու փոխհատուցման համար:

ՀԲԸՄ Հայաստանի գրասենեակի փոխտնօրէն Յովիկ Եորդեկեան նշեց, որ Բարեգործականը անցնող հինգ տարիներուն Հայաստան ապաստանած հազարաւոր սուրիահայերու համար օգնութեան տարաբնոյթ ծրագիրներ իրականացուցած է: Շարք մը ծրագիրներ կառոյցը իրականացուցած է` համագործակցելով ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հետ: Սուրիահայութեան աջակցութեան ծրագիրները կը շարունակուին նաեւ այս տարի, որոնք հիմնականին մէջ ուղղուած են անոնց կրթական, առողջապահական ու սոցիալական խնդիրներու լուծման:

Լոս Անճելըս Հոլի Մէջ Բացուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ցուցատախտակը

0

Լոս Անճելըսի Քաղաքային խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան, Փետրուար 13-ին, բացումը կատարած է Լոս Անճելըս Հոլի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած Նրան ծառ ցուցատախտակին։ Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։

2015-ի Ապրիլին, Գրիգորեանը տնկած էր նուռի առաջին ծառը, անոր միջոցով սկիզբ դնելով քաղաքի այգիներուն մէջ 100 նուռի ծառ տնկելու ծրագիրին։

Ցուցատախտակին վրայ կը կարդանք. «Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանը կը յիշատակէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը՝ 1915-2015։ Այս ծառը տնկած են քաղաքապետ Էրիք Կարսէթի եւ քաղաքային խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան, 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման առիթով»։

«Նուռը հայկական մշակոյթի ամենանշանակալի խորհրդանիշներէն մէկն է։ Անիկա յոյսի, վերածնունդի եւ փրկութեան նշանն է Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք»,- իր խօսքին մէջ նշած է Փոլ Գրիգորեան։

 

 

Լաթաքիա Հասած Է Հայաստանէն Մարդասիրական Օգնութեան Առաջին Խմբաքանակը

0

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի կողմէ Սուրիոյ ժողովուրդին ուղարկուած մարդասիրական օգնութեան առաջին խմբաքանակը արդէն հասած է Լաթաքիոյ հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի:

Յիշեցնենք, որ  արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Պալայեան Թուիթըրի իր էջին մէջ գրած էր, որ Հայաստանի մարդասիրական օգնութեամբ օդանաւը վայրէջք կատարած է Սուրիա:

 

ՀՀԿ Համամասնական Ցուցակը Պիտի Գլխաւորէ Վիգէն Սարգսեանը

0

Հանրապետական կուսակցութեան համամասնական ցուցակը Ապրիլ 2-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի գլխաւորէ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը: Այս մասին Փետրուար 14-ին Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան Գործադիր մարմինի նիստէն ետք լրագրողներուն յայտնեց ՀՀԿ խօսնակ Էտուարտ Շարմազանովը:

Ան ներկայացուց ցուցակին առաջին 10 անունները ու նշեց, որ համամասնական ցուցակը բաղկացած է 64 ներկայացուցիչէ, իսկ տարածքայինը` 133 քաղաքացիէ:

  1. Վիգէն Սարգսեան
  2. Տարօն Մարգարեան
  3. Արփինէ Յովհաննիսեան
  4. Արա Պապլոյեան
  5. Արմէն Ամիրեան
  6. Արմէն Աշոտեան
  7. Էտուարտ Շարմազանով

8 .Մարգարիտ Եսայեան

9 .Սամուէլ Ֆարմանեան

10․Կարէն Աւագեան

ՀՀԿ շտապը ղեկավար պիտի չունենայ: Շարմազանովի խօսքով, ՀՀԿ-ն որոշած է, որ շտապը պէտք է ղեկավարուի Գործադիր մարմինի կողմէ` նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ: «Գործադիր մարմինը պիտի համակարգէ եւ գլխաւորէ ՀՀԿ –ի նախընտրական քարոզարշաւը ապրիլեան ընտրութիւններուն»,-ըսած է ան:

«Մենք կը գտնենք, որ այսպիսի ցուցակով ՀՀԿ-ն մեծ հնարաւորութիւն ունի ազատ մրցակցութեան պայմաններու մէջ արձանագրելու լուրջ յաջողութիւն ընտրութեան ժամանակ»,- ըսած է ան, կը գրէ Panorama.am-ը:

ՀՀ ԱԳ Նախարարը Կը Մասնակցի Միւնիխի Անվտանգութեան Համաժողովին

0

Փետրուար 16-17-ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան պիտի այցելէ Գերմանիա` մասնակցելու Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին:

ԱԳՆ մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ նախատեսուած է նախարար Նալպանտեանի հանդիպումը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու  հետ: Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը պիտի ունենայ շարք մը երկկողմ հանդիպումներ:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Արա Արծրունին

0

Կիրակի, 12 Փետրուար 2017-ին, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, միաբան հայրերու, գրագէտ-մտաւորականներու, բարեկամներու եւ գրասէր հանրութեան ներկայութեան, Անթիլիասի Վեհարանի դահլիճին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց երկար տարիներու վաստակ ունեցող մտաւորական, վիպագիր եւ թատերագիր Արա Արծրունին:

Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-Հայագիտական Բաժանմունքի վարիչ` Ժիրայր Դանիէլեան, որ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Հայ գրականութեան անդաստանէն ներս Արա Արծրունիի ունեցած ներդրումին:

Դպրեվանքի դասախօս Կարօ Յովհաննէսեան լայնօրէն խօսեցաւ Արա Արծրունի մտաւորականին եւ գրական  վաստակին մասին: Արա Արծրունի անձին մասին խօսելով ան ըսաւ, թէ ան «խիզախ կեցուածք ունեցող մտաւորական է եւ ճիշդ անոր համար է որ մտաւորական է»:

Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, թէ «Արա Արծրունի անցնող շուրջ յիսուն տարիներուն Հայ ժողովուրդին, յատկապէս Լիբանանի հայութեան կեանքէն ներս իր գրչով ու խօսքով եղաւ մեր արժէքներուն, աւանդութիւններուն, սկզբունքներուն եւ ձգտումներուն յուշարարը եւ առաքեալը: Եղաւ ճշմարտութեան  ու արդարութեան անվեհեր պաշտպանն ու քարոզիչը: Մեր համայնքէն ներս ունեցաւ իր ծառայական ներդրումը, մասնակից դառնալով ազգային, տնտեսական, մշակութային ու կրթական մարմիններու, ինչպէս նաեւ գործօն մասնակցութիւն բերաւ համայնքային ծրագիրներու իրագործման»:  Խօսքի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով զարդարեց Արա Արծրունիի կուրծքը՝ առ ի գնահատանք անոր գրական բեղուն վաստակին։

Ապա պարգեւատրեալը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին:

Յայտնենք, որ շուտով Անթիլիասի Տպարանէն լոյս պիտի տեսնէ Արա Արծրունիի «Ծուէններ» վէպը:

 

 

Փախուստը

0

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Մենք աւելի քեզ ապրելով սիրեցինք քան մեռնելով
Անոր համար դուն մեռար ալ աւելի եւ մնացիր ափ մը հող

                                                                                                                                                                           Սարմէն

Կեանքը ինքնին գոյամարտ է… սակայն երբ հաւաքականութիւն մը կը հաստատուի կ’ամրանայ իր հողին վրայ, ու երկար ժամանակամիջոցին յարաբերական խաղաղութեան տիրանայ, ժամանակի ընթացքին կարծես կը մոռցուին արտաքին պայքարները ու կ’ընթանայ սովորական դարձած օրինաչափութեան մը վրայ:

Եւ կը բացուի լեզուն բանաստեղծին.- «Մենք խաղաղ էինք մեր լեռների պէս, դուք հողմերի պէս փչեցիք վայրագ»,- (Յ.Շիրազ): Այսինքն՝ ձեւով մը դատապարտութիւն՝ արտաքին հովերուն… մինչդեռ ուրիշ գործածական ճշմարտութիւն մըն ալ կայ որ կ’ըսէ.- «Խաղաղութեան շրջանին պատերազմի կը պատրաստուին», որպէսզի ուշ չըլլայ ու ողբ ու կոծը չփրթի…

Եւ սակայն ժողովուրդներ իրենց խառնուածքին, բնութեան ազդեցութեան ու անցեալի փորձառութեան իբրեւ արդիւնք կ’ունենան մտածելակերպ ու առ այդ կ’ընթանան պատմութեան հոլովոյթին:

Բագրատունեանց հարստութեան մայրաքաղաքը Անին տակաւին հիացմունք կը պատճառէ իր ճարտարապետական արուեստով: Իսկ Անին՝ բնորոշուած է իբրեւ հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք…

Վերջապէս կարծես աւելի երկինքին վստահեր ենք, քան՝ մեզի, ու հազարամեակ մը առաջ Նարեկացին երկնեց «բան»-երու շարք՝ «Ընդ Աստուծոյ»: Տեսնենք մէկը անոնցմէ.- Բան ԾԱ. «Ու հիմա, ես մահուան արժանի եւ ամէն կերպով խաբուած մահկանացուս, պէտք է պաղատիմ երկրածի՞ն մէկու մը…» եւ կը սկսի թուել եղբայր, հօր, մօր ու «աշխարհի թագաւորներո՞ւն արդեօք, որոնք միշտ մարդ սպաննելու արուեստը կը մշակեն քան թէ ապրեցնելու, ո՛չ երբեք, այլ քեզի՛ միայն», «Օրհնեալ Աստուած»: Ուրեմն՝ հայու տիպար մէկ ներկայացուցիչն է Նարեկացին…

Հետաքրքրական է նաեւ Շիլլէրի մէկ քերթուածը.«Երկրի Բաշխումը».

Առէք աշխարհը, Զեւսն աղաղակեց մարդոց ներքեւում…
Վերցրէք բոլորը ձեզ է պատկանում
»: Արդ, գործի կը լծուին ծեր, երիտասարդ, հողագործ, ազնուական, վաճառական, թագաւոր, ով ինչի կրնայ տիրանալ: «Ու Աբբան ընտրեց ամենաազնիւ նրբահամ գինին»: եւ «Բոլորովին ուշ…ամէնուրեք էլ չկար ոչինչ, բանաստեղծն եկաւ»: Արդէն ուշ էր ու սկսաւ ողբալ ու «բարձրաձայն կանչեց եւ Եհովայի գահոյքի առաջ գետին խոնարհուեց»: Այլեւս շատ ուշ էր…:«Ի՜նչ արած, երկիրն ձեռքից հանել եմ, ասաց Եհովան: Եւ եթէ երկինքի մէջ ապրիլ կ’ուզես, ինծի հետ… որքան յաճախ դու այստեղ գալ ուզես, բաց է քո ճամբան»:

Այսինքն անցեալ դարու նահատակ բանաստեղծներէն՝ Դ. Վարուժանին, իր մէկ նամակին. «Յիսուսի հայրենախտէն վերջ մարդ փոխուեցաւ ծննդավայր Բրգնիկէն՝ Պոլիս. «Ու ես կ’երթամ դէպի աղբիւրը լոյսին»:

Բժշկականօրէն «հայկական հիւանդութիւն» կայ եղեր… այս մեր նշածներն ալ՝ այլ հիւանդութիւն…
Հիւանդութիւն մը, որ ոտքերդ կը կտրէ հողէն, կը վերանաս… ու կ’ապրիս երկնային երազանքները… կը յիշեմ նաեւ տող մը. «Ես պատրանքը սիրեցի» (Լեւոն Շանթ):

Ապրիլ հողիդ վրայ, արեան կապով, հողին բոյրով ու կանչով գիտակցութենէ աւելի կիրքն է զօրաւոր, որով միաձոյլ՝ պիտի դիմագրաւել արհաւիրքները բոլոր, անկարելին կարելիի վերածելով եւ երազայինը՝ իրականով, որով պիտի ըլլանք տիրական:

Փախուստը որեւէ ժաանակ չէ եղած լուծումը վերջնական: