Ընկ. Սեւակ Յակոբեան անցնող օրերուն պաշտօնական նամակով մը դիմած է Հայաստանի Հանրապետութեան ՀՀ Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար՝ Զարեհ Սինանեանին, վերջինիս ուղելով իրանահայութեան վերաբերող կարգ մը հարցումներ:
Պատասխանը կ՛ակնկալուի յառաջիկայ օրերուն, որուն մասին կը տեղեկացնենք մեր ընթերցողներուն:
Հետեւեալը, նամակին բովանդակութիւնն է.
Յարգելի պարոն Սինանեան,
Մինչ մեր հարեւան Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ արդեն երկու շաբաթէ ի վեր, կը շարունակուին ռազմական գործողութիւնները, Թեհրանի հայահոծ «Մաժիտիէ» թաղամասը երկու անգամ հրթիռակոծուած է․ առաջին անգամ հայերը չեն տուժած, բայց երկրորդ անգամուայ յարձակումին պատճառով, ըստ մեր տեղեկութիւններուն 10 իրանահայեր վիրաւորուած են։ Անոնցմէ երեքը շաբաթավերջի տուեալներով տակաւին հիւանդանոցներու մէջ կը բուժուին։ «Մաժիտիէ» թաղամասին մէջ վնասուած են հայերու բնակելի շէնքեր, հայերուն պատկանող «Ահարոնեան» մանկապարտէզը եւ Իրանահայ Ազգային Մարզական եւ Մշակութային Միութեան (ԻԱՄՄ) կեդրոնատեղին հիմնովին քանդուէր է։ ԻԱՄՄ-ն կարեւոր ներկայութիւն է «Մաժիտիէ»-ի մէջ, յատկապէս՝ մարզական իր խումբերով։
Իմացած ենք նաեւ, որ Թեհրանի Հայոց Թեմական Խորհուրդը Թեհրանի տարբեր հայաշատ թաղամասերու համար յանձնախումբեր կեանքի կոչած է, որոնք պատասխանատու են առաջնային օգնութիւններ ցուցաբերելու։
Առ ի տեղեկութիւն ձեզի, Թեհրանի մէջ կայ նաեւ մէկ այլ հայաշատ քաղաքամաս․ «Նարմաք» թաղամասը։ «Նարմաք»-ը հիմնականին մէջ երկու մասի բաժնուած է,- հայաբնակ եւ բնիկ իրանցիներու թաղամասը։ Իրանի նախկին նախագահներէն Մահմուտ Ահմատինաժատը Նարմաք թաղամասին մէջ կ՛ապրի եւ վերջերս, ըստ լուրերուն՝ անոր տունը հրթիռակոծուած է։ «Նարմաք»-ը համեստ եկամուտով մարդկանց թաղամաս է։
Քանի որ Իսրայէլն ու ԱՄՆ-ն թիրախ կը դարձնեն նաեւ Իրանի պետութեան ոստիկանական կեդրոնները, ոստիկանատուներ՝ որոնք քաղաքի ապահովութեան կը հսկեն, այդ յարձակումներէն տուժած է նաեւ «Նարմաք»-ի ոստիկանատունը։ Տեղւոյն ոստիկանութեան ղեկավարութիւնը դիմած է «Նարմաք»-ի հայկական միութիւններուն, որպէսզի հայկական կողմը տարածք տրամադրէ ոստիկանութեան, իբրեւ «Նարմաք»-ի ոստիկաններու ղեկավարման կեդրոն։ «Նարմաք»-ի մէջ կայ «Րաֆֆի» մարզամշակութային միութիւնը, որ շատ յարմարաւէտ շէնք եւ ֆութպոլի մարզադաշտ ունի։ Այս օրերուն, դարձեալ ըստ մեր տեղեկութիւններուն, «Րաֆֆի» միութիւնը արդէն դարձած է ոստիկանատուն։ Տեղւոյն միւս միութիւնը Հայ Մշակութային «Սիփան» միութիւնն է։ Ոստիկանատան ինչ-որ ստորաբաժանում ըստ երեւոյթին պիտի տեղակայուի նաեւ Սիփան միութեան շրջաբակին մէջ։ Այս երկու միութիւններու շէնքերը մօտ են իրար, ու լրիւ հայաբնակ։ Եթէ թշնամական ուժերը դարձեալ խոցեն ոստիկանատուները, ապա «Նարմաք»-ի հայութիւնը մեծապէս պիտի տուժէ։
Տեղեկութիւններ ունինք նաեւ, որ Իսլամական Հանրապետութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմի առաջին օրուընէ սկսեալ, Թաւրիզի (Ատրպատական) մէջ Իրանի տեղւոյն Թեմական խորհուրդը, ինչպէս նաեւ Ուրմիոյ Գործակալական խորհուրդը նախազգուշական քայլեր ձեռնարկած են, դադրեցնելով եկեղեցական արարողութիւնները եւ ազգային նախապէս որոշուած ձեռնարկները, ապահովական առումով։ Նշենք, որ երկու քաղաքներու հայոց Ազգային դպրոցները փակ են, որոնց աշակերտութիւնը համացանցով կը շարունակեն իրենց դասաւանդութիւնները։
Թեմական խորհուրդը ցուցաբերելով նաեւ շտաբի պատրաստակամութիւն, միշտ կը հետաքրքրուի պայթումներու հետեւանքներու մասին, երբ հայկական շրջաններու մօտակայքին մէջ տեղի կ՛ունենան անոնք։
Բարեբախտաբար, ցարդ մօտակայ ուժեղ պայթումներէն ցնցուած պատուհաններու ապակիներու ջարդուելէն բացի այլ վնասներ չէ կրած համայնքը, մանաւանդ 10 Մարտ 2026֊ի միջօրէին Թաւրիզի բանակատեղիին վրայ տեղի ունեցած օդային հարուածներու ընթացքին։
Սպահանի եւ Իրանի այլ շրջաններու հայերու մասին տակաւին հաւաստի տեղեկութիւններ չունինք դժբախտաբար:
Ձեր գրասենեակը, ի պաշտօնէ եւ ըստ ձեզի համար սահմանուած գործունէութեան ծիրին, ուղիղ կամ Իրանի մէջ ՀՀ Դեսպանատան միջոցաւ այս ճգնաժամային օրերուն կապեր ունի՞Իրանահայութեան հետ: Եթէ ունի. ապա կը հաստատէ՞ վերը նշուած տեղեկութիւնները, եւ մեզի յաւելեալ տեղեկութիւններ կրնա՞յ տրամադրել: Իսկ եթէ չունի. Ապա ի՞նչն են պատճառները:
Ձեր գրասենեակը ինչ, որ ծրագիր կը մշակէ՞ մարդասիրական օգնութեան հասնելու իրանահայ մեր հայրենակիցներուն:
Գործակցութեամբ ՀՀ կառավարութեան, անապահով շրջաններէն մեր հայրենակիցները տարհանելու ծրագիր մը ունի՞ք: Յիշեցնեմ, որ այնտեղ նեղ կացութեան մատնուած մեր հայրենակիցներուն մէջ կան նաեւ ՀՀ քաղաքացիներ, որոնց հանդէպ կ՛ենթադրենք, որ մեր պետութիւնը պարտականութիւններ ունի:
Աւելի քան տասնամեակ մը առաջ եւ երբ Սուրիոյ արհաւիրքը թեժացաւ, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը իր կարողութիւններուն սահմաններուն մէջ, մեր գիտակցութեամբ, անզուգական ջանքեր ըրաւ, Հայաստան ապաստանած սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն բարեկեցութիւնը ապահովելու համար, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի եղաւ անոնցմէ գոնէ բեկոր մը հաստատուած պահել Հայրենիքի մէջ: Նմանօրինակ ծրագիրներ ունի՞ արդեօք ձեր գրասենեակը, իրանահայերու եւ ընդհանրապէս Մերձաւոր Արեւելքի մեր սփիւռքներու հայրենակիցներուն համար մշակուած, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել անոնց ո՛չ միայն ֆիզիքապէս, այլ նաեւ պահել Հայ, քանի այդ տարածաշրջանի մեր հայրենակիցներուն մնացորդածն ալ հողմերուն հետ դեռ չէ ցրուած աշխարհով մէկ:
Լիայոյս եմ, որ մեր հարցադրումներուն լիարժէք պատասխանները կը ստանանք, որուն համար կանխապէս շնորհակալ եմ:
Անցած է 18 օր ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի ռազմական նոր յարձակումներէն։ Խոցուած են Իրանի ռազմական եւ ապահովական կառոյցները, սպաննուած են քաղաքական եւ ռազմական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։
Երէկ Իսրայէլը թիրախ դարձուց Իրանի կազ-արդիւնաբերական ամենամեծ կառոյցը՝ «Հարաւային Փարս»-ը, որուն հետեւանքով մօտաւորապէս կէսով նուազեց իրանական կազի արտահանումը դէպի այլ երկիրներ։ Իրանը փակեց դէպի Իրաք կազատար խողովակը, եւ իբրեւ պատասխան գործողութիւն խոցեց Քաթարի նոյն կառոյցը՝ մեծապէս վնասելով զայն։
Այս պատերազմին մէջ, Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու նպատակները տարբեր են։ Նախագահ Թրամփ քննադատեց Իսրայէլը՝ Իրանի կազարդիւնաբերական կարեւոր կեդրոնը խոցելուն համար, ու նշեց թէ ինք անտեղեակ էր այդ յարձակումէն։ Թրամփ կարեւորութեամբ շեշտեց, որ Իսրայէլ այլեւս չի յարձակիր Իրանի նաւթի ու կազի արտադրութեան կեդրոններուն վրայ, ու պահանջեց որ Իրանը եւս հեռու մնայ այդ քայլէն։
Կարեւոր նորութիւններ կան Իրանի մէջ եւ այս երկարող պատերազմին կապակցութեամբ։ Կը գրեմ քանի մը հատը՝ վերնագրային, –
– Իրան թոյլ կու տայ որոշ նաւթատար նաւերուն անարգել անցնիլ Հորմոզի նեղուցը։ Երկու պայման կայ. – Նախապէս համադրութիւններ կատարել իրանական կողմին հետ, իսկ եթէ նաւթը գնուած է ոչ ամերիկեան տոլարով, այլ չինական արժոյթով՝ Yuan-ով, ապա ոչ մէկ արգելք պիտի ըլլայ այդ նաւթատարներուն Հորմոզի նեղուցէն անցնելուն համար։
Այսուհանդերձ, մեծ թիւով նաւթատար նաւեր անորոշ վիճակի մէջ մնացած են Կասպից Ծովուն մէջ։ Ամերիկեան կողմը նպատակ ունի ապահովել նաւթատարներուն անարգել մուտքն ու ելքը Կասպից ծովէն։ Նաւթատարները ռազմանաւերով ուղեկցելու ծրագիր կայ, որուն համար նախագահ Թրամփ դիմած է եւրոպական քանի մը երկիրներու, Ճափոնի, Հարաւային Քորէայի եւ Աւստրալիոյ՝ անոնց օժանդակութիւնը ունենալու համար։ Մինչեւ հիմա վերջնական պատասխան չկայ ոչ մէկ երկրէն, ոմանք ըսած են՝ կ’ուսումնասիրեն հնարաւորութիւնները։
– Բոլոր վախերով ու անհանգստութիւններով հանդերձ, Իրանի մէջ կեանքը կը շարունակուի։ Գիները կը բարձրանան եւ ժողովուրդին հիմնական խնդիրը նորէն կը մնայ տնտեսական ճգնաժամը։
– Նախագահ Թրամփն ալ հաստատեց, որ Իրանի ապահովական ուժերուն կողմէն զգուշացումներէն ետք, դժուար է պատկերացնել, որ իրանցիները բողոքի ցոյցեր կատարելու համար փողոց ելլեն։
Իրանի իշխանութիւնները յայտարարած են՝ անոնց հանդէպ, որ ներկայ դրութեամբ հակաիշխանական ցոյցեր պիտի կատարեն, պիտի վերաբերուին որպէս արտաքին ուժերու գործակալ եւ թշնամի։ Ուստի, նախատեսելի չեն զանգուածային, կամ մասնակի բողոքի ցոյցերը։
– Երեք օր առաջ, Իսրայէլը թիրախ դարձուց եւ սպաննեց Իրանի Ապահովական Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Ալի Լարիժանիին։ Ան ժամանակին կարեւոր պաշտօններ ունեցած է. եղած է Իրանի խորհրդարանին նախագահը, երիտասարդ տարիքին ծառայած է Պահակազօրներուն զօրամասին մէջ։ Ալի Լարիժանիին երեք անգամ երկրի նախագահ դառնալու թեկնածու դարձաւ։ Առաջին անգամ պարտուեցաւ, իսկ միւս պարագաներուն մերժուեցաւ անոր արժանաւորութիւնը․․․
Շատ զարմանալի է, որ Իսրայէլ սպաննեց Ալի Լարիժանիին․․․ Չէ՞ որ անոր մասին շատ տարածուած կարծիք կար, թէ ան, հակառակ արմատական երեւնալուն, հաշտարար մէկն էր, նոյնիսկ կար կարծիք, որ Ալի Լարիժանիին Իսրայէլի գործակալն է։ Ինծի համար ալ հարցական է Ալի Լարիժանիիին անցեալ գործունէութիւնն ու շարք մը որոշումները, բայց ես այն մարդը չեմ, որ կարենամ անոր մասին վերջնական խօսք ըսել։
Այաթոլլահ Ալի Խամենէիին սպաննուելէն ետք, Ալի Լարիժանիին փաստօրէն դարձաւ երկրի առաջին դէմքը. աւելի կարեւոր եւ որոշիչ քան նախագահ Փեզեշքիանն է։ Թէ ինչո՞ւ Իսրայէլ թիրախ դարձուց զայն, ինծի համար մեծ հարցական է։
– Իրանի հոգեւոր նոր առաջնորդ Մոժթապա Խամենէին, մինչեւ հիմա որեւէ բանաւոր ելոյթ չէ ունեցած։ Ան չերեւիր ընդհանրապէս։ Մինչեւ այսօր, անկէ երեք գրաւոր յայտարարութիւններ կան։
Հէնց իրանական կողմը կը հաստատէ, թէ Մոջթապա Խամենէին վիրաւորուած է այն օրը, երբ իր հայրն ու ընտանիքին միւս անդամները սպաննուեցան ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի յարձակումներուն հետեւանքով։ Կ’ըսուի վնասուած են անոր ոտքերը, ձեռքերը։ Կիպրոսի մէջ Իրանի դեսպանը հաստատեց, որ Մոժթապա Խամենէին կորսնցուցած է իր մէկ ոտքը։
Տարածուած լուր է, որ ան բուժուելու համար հիմա Ռուսաստանի մէջ է։ Ռուսական կողմը ո՛չ հերքած, ոչ ալ հաստատած է այս լուրը։ Միւս անհաւանական լուրն ալ տարածուած է, թէ ան հիմա Աֆղանիստանի լեռներուն մէջ է՝ ապահով վայրի մէջ։ Ամէն պարագայի, իրանական կողմը քանի մը անգամ հաստատեց Մոժթապա Խամենէիին ողջ ըլլալն ու երկրին ղեկը իր ձեռքին մէջ ունենալը։
Իսկ ամենակարեւոր յայտարարութիւնը, որ կատարեց Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարար Արաղճին,-
Արաղճին շեշտեց, որ Իրան հրադադար հաստատելու նպատակ չունի․․․ Իրան նպատակ ունի մնայուն խաղաղութեան հասնիլ. այնպիսի խաղաղութիւն կնքել, որ այլեւս նմանատիպ յարձակումներ չպատահին Իրանի վրայ։
Ի՞նչ հասկնալ Արաղճիին այս խօսքէն․․․ Ոմանք զայն համարեցին պատերազմը շարունակելու խօսք, իսկ կայ նաեւ այն տեսակէտը, որ Իրան կը ձգտի շարունակել բանակցութիւնները՝ մնայուն խաղաղութեան հասնելու համար։
Ամէն պարագայի, –
Իրան պիտի չշարունակէ բանակցութիւնները, մինչեւ որ Իրանի մէջ սուգի օրեր են։ Ալի Խամենէիի մահուան առիթով, երկրին մէջ 40 օր սուգ յայտարարուած է։ Ես կը բացառեմ այս օրերուն Իրան վերադառնայ բանակցութիւններու սեղանին։ Իսկ եթէ քաղաքական ի՞նչ թեքումով դէմք մը պիտի ստանձնէ Իրանի ապագայ ղեկավարի պաշտօնը, կարծեմ թէ ատիկա պիտի չըլլայ դուրսի ինչ-որ ընդդիմադիր ուժ մը։ Ներսէն պիտի գտնուի այդ ուժը, որ ժամանակաւոր կամ երկարատեւ պիտի կառավարէ Իրան երկիրը։
* * *
Իրանին մարդասիրական օգնութիւններ ուղարկուած են զանազան երկիրներէ, հիմնականին մէջ դրացի երկիրները՝ ցամաքային ճամբով։
Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատունը յայտարարութիւն մը տարածեց՝ Իրանի մէջ դեղերու եւ բժշկական պարագաներու պահանջքին վերաբերեալ։ Դեսպանը դիմած է Հայաստանի բարեսիրական կազմակերպութիւններուն եւ անհատ բարերարներուն։ Ես ոչ մէկ խօսք կարդացի, որ Իրան նման պահանջ ներկայացնէ Հայաստանի պետութեան, ու անոնք իրաւունք ունին այդպէս վերաբերելու։
Յիշենք,-
Ալի Խամենէիի մահուան կապակցութեամբ, Իրանի դեսպանատանը բացուած է սուգի մատեան մը։ Շատեր գրառումներ ունեցան։ Հայաստանի ՔՊ-ական իշխանութիւններէն ՈՉ-ՈՔ դեսպանատունը չայցելեց ու գրառում չունեցաւ այդ սուգի մատեանին մէջ։
Վստահ եմ, Իրանն ու իրանցիները երկար պիտի յիշեն Իրանի հանդէպ ՔՊ-ականներուն գործերը, եւ ոչ միայն նշուածս որոշակի հարցը․․․ Եւ յիշենք թէ ի՞նչ ըրաւ Իրան Հայաստանի ցուրտ ու մութ տարիներուն։ Հիմնականին մէջ Իրան էր հայերուն օգնողը։ Իրանի վիթխարի օժանդակութիւնները հայերուն համար այդ դաժան օրերուն էական էր։
* * *
Լուր կար, որ իսրայէլեան յարձակումներու թիրախ դարձած է Պարսից Ծոցի ափը՝ Իրանի Պուշեհր քաղաքին մօտ Իրանի աթոմակայանին տարածքը։ Աթոմակայանին վնաս չկայ։ Տարբեր երկիրներ, յատկապէս Ռուսաստան, որ կառուցած էր ու կ’աշխատցնէ ելեկտրականութիւն արտադրող Պուշեհրի աթոմակայանը, խստագոյնս դատապարտած են այդ յարձակումը։
Ներկայ դրութեամբ, կանգ առած են այդ աթոմակայանը մեծցնելու աշխատանքները, իսկ անիկա դեռեւս կը շարունակէ աշխատիլ անվտանգ։
Թէքէեան Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ ականաւոր վիրաբոյժ Արտաւազդ Սահակեանի յուշ-երեկոն։
Հայաստանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը, 2025 թուականի Նոյեմբեր 21-ին որոշում կայացուցած էր՝ ականաւոր բժիշկ Արտաւազդ Սահակեանին շնորհել «Ադամանդակուռ Արարատ» շքանշանը։
Ցաւօք, Արտաւազդ Սահակեանը վախճանեցաւ։
Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Ադամանդակուռ Արարատ» շքանշանը յանձնուեցաւ անոր որդիին՝ բժիշկ Արամ Սահակեանին։
Արտաւազդ Սահակեանին կարելի է ըսել թէ ամբողջ Հայաստանը կը ճանչնար։ Անոր միշտ կը սպասէին նաեւ Սփիւռքի եւ Արցախի մէջ։
Անոր հետ Արցախի հեռատեսիլի վերջին հարցազրոյցը ետադարձ հայեացք մըն է դէպի անցեալը. ինչպէս կատարեցաւ առաջին փոխպատուաստումը, ինչպէս կ’երազէր ճարտարապետ դառնալ, բայց դարձաւ մարմնի ճարտարապետը, ինչպէս 1990-ականներուն կազմակերպեց Մեղրիի, Նոյեմբերեանի, Երասխի մարտերուն մէջ վիրաւորուած մեր տղոց տարհանումն ու բուժումը, ինչպէս դիւանագիտական առաքելութիւն իրականացուց, մեկնեցաւ Արցախ, պատանդառուեցաւ, կազմակերպական կարեւոր խնդիրներ լուծեց, Արցախի մէջ եւս բուժեց մարդիկ, կեանք պարգեւեց։
Արտաւազդ Սահակեանը 7 գիւտի հեղինակ է։ Ամենաանհաւանական վիրահատութիւնները ըրած է ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ օտար երկիրներու մէջ։ Ան գիտնական էր, օժտուած բժիշկ մը, որուն համար իր Հայրենիքը, ժողովուրդը բացարձակ արժէք էին։
Արտաւազդ Սահակեանը իրական առասպել մըն էր, երեւոյթ մը, մարդ-հանրագիտարան. զինքը ճանչնալը մեծագոյն պատիւ է. կ’ըսեն բժիշկները, ճարտարապետները, լրագրողները, արուեստագէտները, բոլորը։ Անոնք յուշեր կը պատմեն ամենաուժեղ մարդու ամենափխրուն զգացումներէն։ Ու կը թուի՝ Արտաւազդ Սահակեանը իր մէջ ամփոփած է ամբողջ Հայաստանը, ամբողջ հայութիւնը ու անոր ցաւը։ Այդ ցաւն ալ զինքը տարաւ՝ մեզ թողելով իր անժամանակ հեռացումին մեծ ցաւը։
Գարնանային պայծառ կիրակի մըն էր։ Այն հազուագիւտ օրերէն մէկը, երբ բնութիւնը երկար ձմեռնաքունէ ետք կամաց-կամաց կ՚արթննայ, կը բանայ իր քնահար աչքերը ու կը քաշէ զարթօնքի նոր շունչ մը։ Ժընեւի եկեղեցիներու զանգերուն մեղմ եւ թախծոտ ղօղանջը տակաւին կը մնայ ականջներուս մէջ, երբ Ս. Պատարագէն ետք ընտանիքով դուրս եկանք քաղաքէն։ Ինքնաշարժին մէջ կինս կողքս նստած էր, իսկ ետեւի նստարանին՝ մեր երկու զաւակները․ փոքրիկ տղաս՝ Արեգը, հազիւ հինգ տարեկան, եւ դուստրս՝ Գառնին, որ արդէն տասնմէկ տարիքը նոր թեւակոխած էր։ Անոնցմէ ոչ ոք գիտէր, թէ ո՛ւր կ՚երթայինք այդ օրը։
Շաբաթ մը առաջ կրկին ձեռքս առած էի հայ ազգային-հասարակական գործիչ, մանկավարժ, հրապարակախօս, թարգմանիչ եւ ականաւոր գրող Արշակուհի Թէոդիկի (1875–1922) սրտառուչ գիրքը՝ «Ամիս մը ի Կիլիկիա»[1] խորագրով։ Հատորին ընթերցումը անգամ մը եւս աչքերուս առջեւ բացաւ այն դառն եւ արիւնոտ էջերը, որոնց վրայ ան իր զգայուն հոգիով ու նրբակերտ լեզուով արձանագրած էր Կիլիկիոյ հայութեան տառապանքը։ Սուլթանական նախընթաց կոտորածներու շարքին եւս սահմռկեցուցիչ աղէտ մը, որ 1909 թուականին առանձնապէս իրագործուած էր Ատանայի եւ Հալէպի վիլայէթներու հայ ազգաբնակչութեան դէմ՝ այս անգամ միանշանակ գաղտնի մէկ ձեռագործը երիտթրքական իշխանութեան։ Արդարեւ, այս զանգուածային սպանդը, որուն զոհ դարձաւ շուրջ 30.000 հայ եւ որոնցմէ աւելի քան 20.000-ը՝ միայն Ատանայի վիլայէթին մէջ, աղէտագոյժ մըն էր այն մեծ եղեռնին, որ արեւմտահայութեան դէմ կը ծրագրուէր երիտթրքական «Միութիւն եւ Յառաջադիմութիւն» կուսակցութեան պարագլուխներուն կողմէ։
Արշակուհի Թէոդիկ, որ անդամակցած էր 11 ապրիլ 1879-ին Զապէլ Ասատուրի (Սիպիլ, 1863–1934) նախաձեռնութեամբ Կ.Պոլսոյ մէջ հիմնադրուած «Ազգանուէր հայուհեաց ընկերութիւն» կրթական կազմակերպութեան, Ատանայի վերոգրեալ աղէտին ի լուր ուղղակի ինք անձամբ կը դիմէ երթալու ողբերգութեան վայրը՝ բերելով սպեղանի մը հազարաւոր կարեվէր ու անտերունչ որբերու, միաժամանկ միութեան անունով անոնց համար հիմնելու դպրոց մը։ Այս առնչութեամբ Զապէլ Ասատուր հետեւեալ վկայութիւնը կը հաղորդէ Արշակուհի Թէորդիկի յիշատակին ձօնած իր մահագրականին մէջ.
«Դեռահասակ օրիորդներու խումբ մը յանձն առաւ իսկոյն հանդէս մը սարքել ի նպաստ Ատանայի աղէտեալներուն, ինչ որ յաջողութեամբ գլուխ հանեց։ Բայց կը խորհէինք թէ մինչեւ հանդէսը պատրաստուէր, մինչեւ հասոյթը հանգանակուէր, ամիսներ պիտի անցնէին, եւ անդին հէգ որբեր աճիւններու մէջ կը մխային։ Տիկ. Թէոդիկը շատ քիչ կը ճանչնայի, երբ պահ մը քովս մօտենալով, իր համեստ ձեւովը ըսաւ […] ‘Թող օրիորդները իրենց հանդէսով զբաղին, բայց մենք անոր հասոյթին սպասելով ժամանակ չանցնենք։ Պէտք է մեզմէ մէկը անմիջապէս մեկնի Ատանա, անձամբ որբերը հաւաքէ, դպրոց մը բանայ եւ իր ձեռքովը կարգադրէ ինչ որ պէտք է’։ ‘Ո՞վ կ’երթայ’ ըսի սրտաբեկ։ – ‘Ես’ պատասխանեց […] ‘Դո՜ւք, գոչեցի զարմանքով, բայց ինչպէս պիտի երթաք այդ արիւնի եւ աւերակի երկիրը առանձին, առանց դրամի, առանց պաշտպանութեան’։ ‘Դրամի եւ պաշտպանութեան ի՞նչ պէտք կայ, շոգենաւային ընկերութեան մը կը դիմենք, ձրի տոմսակ մը ձեռք կը ձգենք. հոն հասնելէս ետքը Աստուած ողորմած է’։ Եւ ինք տոմսակը հայթայթեց ու մեկնեցաւ անձայն անշշուկ։ Ամիս մը ետքը երբ դարձաւ, արդէն Ատանայի մէջ դպրոցը բացուեր էր յարմար շէնքի մը մէջ, հարիւրաւոր տղաք հաւաքուեր կ’աշխատէին գրասեղաններու առջեւ […] Այս ամէնը տիկ. Թէոդիկ առանձին յաջողցուցեր էր աստին-անդին դիմումներ ընելով, գիշեր-ցորեկ աշխատելով, տքնելով, զրկանքի եւ յարատեւ յուզմունքի կեանք մը ապրելով այդ տառապանքի երկրին մէջ, ուր դարմաներ, սրտապնդեր, կազդուրեր էր ինչ որ գտեր էր խուսափած՝ հուրին ու սուրին հարուածներէն։ Ինք, միայնակ, մէկ ամսուան մէջ շատ աւելի գործունէութիւն ցոյց տուաւ քան ուրիշներ տարիներու ընթացքին»[2]։
Արդարեւ, Արշակուհի Թէոդիկ 14 հոկտեմբեր 1909 թուականին ծովային ճանապարհով յօժարակամ մեկներ էր Ատանա, եւ նշուած թուականէն սկսեալ տեսակ մը օրագրութեան նման ճամբորդական ուղեգրութիւն մը գրի առած է եւ զայն, ինչպէս վերոգրեալ նշուեցաւ, «Ամիս մը ի Կիլիկիա – Կցկտուր նօթեր» խորագրով հրատարակած է Վ. եւ Հ. Տէր-Ներսէսեան տպարանէն, Կ.Պոլիս, 1910 թուականին։ Յատկանշական է, որ ան իր նկարագրութիւնները՝ դէմքերն ու դէպքերը, հանդիպումները, որբահաւաքի անդուլ աշխատանքը, արիւնալի կոտորածներէն ետք տարածաշրջանին մէջ առկայ իրավիճակը, ապա հետագայ իրադարձութիւնները չի նկարագրեր իբրեւ պատմական փաստերն ու երեւոյթները սառն առարկայականութեամբ դիտող պատմաբան մը, այլ որպէս ականատես հոգի մը, որ ամբողջ սրտով իր անձին վրայ կը կրէ իր ժողովուրդին արնածոր վէրքը։ Այնուամենայնիւ հատորին ընթերցանութիւնը լոկ Երեմիայի մը անվերջ ողբը ըլլալու տպաւորութիւնը չի ձգեր, այլ իր մէջ կը կրէ վճիտ լաւատեսութիւն մը, որ հակառակ բոլոր արհաւիրքներուն, հուրի ու սուրի անողոք հարուածներուն, հայ ցեղը նորէն ոտքի կը կանգնի, անոր ոգին կը տոկայ, կը յարատեւէ ու կ’երթայ միշտ յառաջ։
Յատկանշական ուիշ առանձնայատկութիւն մըն ալ, որ զիս ամէնէն շատ կը հրապուրէ, լեզուի գեղեցկութեան համանուագն է. այն ազնիւ ու բարձր հնչիւնները, որոնցմով արեւմտահայերէնը իր ամբողջ գեղեցկութեամբ կը փայլի։ Հեղինակին գրիչին մէջ լեզուն կը դառնայ երաժշտութիւն․ ան կը հնչէ վեհ ու լուսեղէն, կը հոսի անխռով ու մաքրամաքուր՝ նման լեռնային այն բիւրեղ աղբիւրին, որ ժայռերու ծոցէն կը բխի եւ կարկաչահոս իր ճամբան կը հունաւորէ՝ ոռոգելով հայ գրականութեան անդաստանը։ Ամէն էջ կը դառնայ կամովին կանգ առնելու պահ մը, շունչ քաշելու եւ խոկալու վայր մը, ուր նախադասութիւնները կը ծաղկին իրենց քաղցրաբոյր բովանդակ հմայքով։ Հոն բառերու եւ ապրումներուն միջեւ տրոհում չկայ․ անոնք կը միաձուլուին ու կը կազմեն ներդաշնակ ամբողջութիւն մը, ուր լեզուն կը շնչէ, իսկ հոգին՝ կը խօսի։
Արշակուհի Թէոդիկ կազմած է նաեւ «Արդի բարոյագիտութիւնը»[3] խորագրով դասագիրք մը միջին եւ բարձրագոյն դասընթացքներու համար, որ հրատարակուած է Կ.Պոլիս 1911 թուականին։ Այսպիսով ան կը հանդիսանայ այն առաջին հեղինակներէն մին, որ ընդհանրապէս Օսմ. կայսրութեան մէջ նախաձեռնած է նման ձեռնարկի մը հրատարակութեան։ Բացի ընտիր յօդուածներէ, որոնք հրապարակած է ան Կ.Պոլսոյ ժամանակի հայկական անուանի թերթերէն ոմանց մէջ, ինչպիսիք են՝ «Մանզումէ», «Սուրհանդակ», «Բիւզանդիոն» եւ «Ժամանակ», Անգլիոյ մէջ՝ Սքարպորօ, «Ուեսթլենտ հայ սքուլ» (The Westlands School – Scarborough) աղջկանց գիշերօթիկ դպրոցը աւարտելէ ետք, ուսումը շարունակելու նպատակով անցած է Փարիզ։ Այս միջոցին ան իր կարեւոր մասնակցութիւնը բերած է Իշխան Գուիտոն Լուսինեանի երկհատոր ֆրանսերէն-հայերէն բառարանի[4] պատրաստութեան, որ հրատարակուած է Փարիզ 1900 թուականին։ Սակայն իր ամենամեծ ներդրումը եղած է իր ամուսնոյն՝ Թէոդիկի հրատարակած գրական ստեղծագործութիւններու յօրինման գործուն մասնակցութիւնը, ապա ոչ միայն ներշնչողը, այլեւ գոնէ մինչեւ 1920 թուականը եռանդուն աշխատակիցը «Ամէնուն տարեցոյց»-ներու հրատարակութեան, որոնք իրենց հանրագիտական տեսակին մէջ ցայսօր կը մնան գրեթէ անգերազանցելի։
Վերոնշեալ «Ամիս մը ի Կիլիկիա» հատորի ընթերցումէն ետք հոգիս այլեւս խաղաղ չէր։ Անշուշտ գիտէի, որ այս տաղանդաւոր գրագիտուհին իր կեանքի վերջին օրերը անցուցած էր Զուիցերիոյ լեռներուն մէջ՝ Լէյզին (Leysin) անունով փոքրիկ գիւղը, ուր ան 2 յունուար 1922 թուականին թոքախտի պատճառով հրաժեշտ տուած էր կեանքին։ Այդ օրերուն Լէյզինը Եւրոպայի նշանաւոր առողջարանային կեդրոններէն մէկն էր։ Հազարաւոր թոքախտաւոր հիւանդներ կը բութային հոն՝ փնտռելով լեռնային մաքուր օդին եւ արեւուն բուժիչ զօրութիւնը։ Բայց այդ լեռները, որոնք շատերուն համար յոյսի ապաստան էին, ուրիշներու համար տարաբախտօրէն դարձած են իրենց կեանքի վերջին հանգրուանը։
Օրեր շարունակ ներքին հեւք մը, պատասխանատւութեան անօրինակ զգացում մը կը ճնշէր միտքս։ Հակառակ անոր, որ ես այդ կիրակի սուրբ պատարագի արարողութեան ընթացքին առանձնակի աղօթքիս մէջ յիշեցի զինք, բայց միեւնոյնն է, ներքուստ կը զգայի, որ այդ բաւարար չէր։ Ներսիդիս հնչող կոչ մը զիս կը մղէր դէպի լեռնային այն հեռաւոր գիւղը, որու գերեզմանատան մէջ կ’ենթադրէի, թէ կը գտնուի անոր շիրիմը։ Այս միջոցին խորապէս համոզուած էի, որ ես ինծի բնաւ պիտի չներէի, եթէ գէթ անգամ մը չերթայի Լէյզին եւ այնտեղի գերեզմանատան մէջ հողակոյտին վրայ հոգեհանգստեան պաշտօն մը կատարելով՝ չ’աղօթէի անոր յոգնաբեկ ոսկորներու յաւիտենական հանգստեան եւ հոգւոյն լուսաւորութեան համար։
Արդէն դուրս եկած էինք մայրուղի։ Սովորաբար Ժընեւէն դէպի Լէյզին ճամբան մէկուկէսէն մինչեւ երկու ժամ կը տեւէ։ Գիւղը կը գտնուի Ռոն (Rhône) գետի լայն հովիտին վերեւ՝ ծովու մակերեսէն շուրջ 1260 մեթր բարձրութեան, լեռներու արեւոտ դարաւանդի մը վրայ։ Բայց այդ օրը գոնէ ինծի համար ճամբան պարզ երթեւեկութիւն մը չէր։ Ան լուռ ու խորհրդաւոր ուխտագնացութիւն մըն էր՝ յարգանքի տուրք մը հայ գրողի մը շիրիմին, որուն սիրտը ազգին համար բաբախած էր եւ աչքերը փակած հայրենիքի ազատութեան երազով։
Բնութիւնը նոր կը զարթնէր իր ձմեռնային երկար քունէն։ Ճամբան մեղմ ու լուռ կը սահէր մուգ կանաչ անտառներուն միջով, ուր եղեւնիներու խէժոտ բոյրը կը խառնուէր գարնան թարմ ու կենարար օդին։ Լեռնային ոլորապտոյտ ճամբաներու բարձունքին երբեմն կը բացուէին լուսաւոր մարգագետիններ՝ ծածկուած երփներանգ ծաղիկներով, որոնք հեռուէն կը փայլէին փոքրիկ աստղերու պէս՝ ցանուած կանաչ, փափուկ գորգերու վրայ։
Զաւակներս զարմանքով դուրս կը նայէին պատուհանէն։ Անոնց աչքերուն մէջ այս բոլորը պարզապէս հաճելի զբօսանք մըն էր։
Լսեցի, թէ ինչպէ՛ս անոնք զուարթ կը խօսէին իրարու հետ։
– Թերեւս փիքնիքի կ’երթանք,– ըսաւ Գառնին։
– Կամ գուցէ լեռնային գիւղի մը ճաշարանին մէջ ճաշելու,– մեղմ ժպիտով աւելցուց կինս։
Ես լուռ մնացի։ Նախընտրեցի, որ անոնք շարունակեն ապրիլ իրենց անմեղ ենթադրութիւններուն մէջ, մինչ մեր ինքնաշարժը հետզհետէ կը մօտենար լեռնային գիւղին։ Նախապէս երբեք չէի եղած Լէյզին, ուստի չէի ճանչնար այն ճամբան, որ մեզ պիտի տանէր դէպի գիւղին գերեզմանատունը։ Անցորդի կամ տեղացի բնակիչի մը գերեզմանատան տեղը հարցնելէ առաջ, յարմար սեպեցի ինքնաշարժը պահ մը կայանելու Լէյզընի մուտքին մօտ գտնուող փոքրիկ կայանատեղին, որպէսզի ի վերջոյ կնոջս եւ երեխաներուս բացատրեմ մեր ճանապարհորդութեան առաջնահերթ նպատակը՝ միաժամանակ խոստանալով անոնց, որ այս ուխտագնացութենէն ետք միասին պիտի նստինք ճաշարան մը՝ համտեսելու զուիցերիական խոհանոցի սիրուած ուտեստներէն պանիրի համեղ ֆոնտիւն։ Դժգոհութեան որեւէ նշան չերեւցաւ։ Ընդհակառակը՝ լուռ ու պարզ համաձայնութիւն մը կար անոնց հայեացքներուն մէջ։ Ներքին ուրախութիւն մը զգացի՝ համոզուելով, որ ընտանիքս արդէն լաւ կը ճանչնար նախասիրութիւններս եւ կ’ընդունէր երբեմն իմ անակնկալ, բայց սրտէ բխած որոշումներս։
Լէյզին խաղաղ կը հանգչէր արեւոտ լեռնային դարաւանդի մը վրայ։ Հեռուն կարելի էր տեսնել անտառներու մութ զանգուածները, կանաչ դաշտերը եւ կապոյտ մշուշով պատուած Ալպեան հեռաւոր լեռնաշղթաները։ Բնականաբար, մենք միայն այդ գեղեցիկ տեսարանը վայլելու համար չէինք եկած։ Ուստի գիւղի նեղ ու խաղաղ փողոցներուն մէջէն դանդաղօրէն անցնելով՝ հասանք եւ կանգ առինք Լէյզընի գերեզմանատան դարպասին առջեւ, այն լուռ ու խորհրդաւոր վայրին, ուր շուրջ դար մը առաջ իր վերջին հանգիստը գտած էր այն զգայուն հոգին, որուն գիրքը կրկին անգամ խորապէս յուզած եւ Կիլիկիոյ հայութեան համար իր ապրած ցաւերով ճմլած էր սիրտս։
Դանդաղ քայլերով ներս մտանք։ Գերզմանատունը ունէր նոր եւ ընդարձակ բաժին մը՝ բազմաթիւ հողակոյտերով եւ շիրմաքարերով։ Մենք ուղղուեցանք գերեզմանատան հին բաժինը, ուր հաւանական կը կարծէի գտնելու Արշակուհի Թէոդիկի շիրիմը։ Բայց այստեղ եւս տարածքը բաւական ընդարձակ էր՝ ծածկուած հարիւրաւոր գերեզմաններով եւ շիրմաքարերով, համեստ խաչերով կամ մաշած քարակոթողներով, որոնցմէ շատերուն վրայ ժամանակը մեղմօրէն ջնջած էր հանգուցեալներուն անուններն ու թուականները։ Ծառերուն տերեւները հազիւ կը շարժէին գարնան թեթեւ հովին տակ, եւ այդ լռութեան մէջ կը թուէր, թէ բնութիւնը ինք եւս յարգանքով կը պահէր այս վայրին խորհրդաւորութիւնն ու խաղաղութիւնը։
Կիրակի էր՝ ոչ-աշխատանքային օր մը, ուստի գերեզմանի պաշտօնեաներէն ոչ ոք կը գտնուէր հոն, որոնցմէ որեւէ մէկուն դիմելով գուցէ կարենայի ունենալ որոշակի տեղեկութիւն Արշակուհի Թէոդիկի շիրիմին վերաբերեալ։ Մեր որոնումներուն դրական արդիւնք մը ապահովելու նպատակով որոշեցինք չորսով՝ իւրաքանչիւր ոք հին գերեզմանի տարածքի հիւսիսային, հարաւային, արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերը երթալ, եւ այդպէս շարժելով դէպի կեդրոնական մասը՝ շարունակել մեր փնտռտուքը։
Սկսանք ուշադիր կարդալ շիրիմներուն վրայ փորագրուած անունները, թէկուզ գտնել հայկական խաչի մը նշանը, որ արդէն ստոյգ ցուցանիշ մը պիտի ըլլար մեր փնտռած գերեզմանին։ Ամէն քարի վրայ կարծէք թաքնուած էր կեանքի մը պատմութիւնը՝ հեռու երկիրներէ եկած հիւանդներու կամ անծանօթ ճամբորդներու համառօտ կենսագրութիւնը, որոնք իրենց յաւիտենական հանգիստը գտած էին այս լեռներու լռութեան մէջ։
Ժամերը սահեցան եւ վերջալոյսը սկսաւ հետզհետէ նուաղիլ լեռնաշղթային ոսկենշոյլ պաստառին վրայ։ Արեւի ջերմ ճառագայթներու հիւծումին հետ զգալի դարձաւ ցուրտը, իսկ մենք ինչքան ալ եռանդուն ճիգ կը գործադրէինք հասնելու համար մեր նպատակին, միեւնոյնն է, մեր ջանքերը մնացին ապարդիւն։ Արշակուհի Թէոդիկի անունը ոչ մէկ քարի եւ խոնարհած ոչ մէկ խաչի վրայ կարելի եղաւ գտնել։ Այդ պահուն զգացի, թէ ինչպէ՛ս լեռներու խոր լռութիւնը կը ծանրանար սրտիս վրայ եւ անճրկած ըլլալու շփոթ մը կը համակէր էութիւնս։ Կը ջանայի մնալ լաւատես, որովհետեւ միեւնոյն ատեն համոզուած էի, որ թէեւ շիրիմը կարելի չեղաւ գտնել, սակայն անոր աճիւնացած մարմինը տակաւին կը հանգչէր այս հողին մէջ, այս լեռներու խաղաղութեան տակ։ Հետեւաբար կանչեցի կինս եւ զաւակներս եւ մենք կեցանք Լէյզինի հին գերեզմանատան մէջտեղը՝ աղբիւրակի կողքին։ Բացատրեցի, որ թէպէտ ժամանակը քայքայումի իր բռնաւոր օրէնքով ջնջած է այն նշանները, որոնք պիտի վկայէին իր գերեզմանին գոյութիւնը, այնուամենայնիւ իր աճիւնէն անկորնչելի մաս մը մնացած ըլլալու էր հոն՝ խառնուած այն հողին, որուն վրայ կը գտնուէինք։ Մենք եկած էինք աղօթքով յարգելու յիշատակը այն կնոջ, որ իր գրիչով երբեմն ձայն տուած էր ամբողջ ժողովուրդի մը ցաւերուն։
Քահանայական ծառայութեանս երկար տարիներուն յուղարկաւորութիւններու առթիւ բազմիցս երգած էի հոգեհանգստեան շարականները եւ արտասանած «Հոգւոցն հանգուցելոց» աղօթքը։ Բայց այդ օրը, Լէյզինի լեռներու սրբազան վեհութեան մէջ, անոնք կարծես նոր իմաստ եւ ջերմեռանդ խորհրդաւորութիւն մը ստացան։ Երբեք մինչ այդ այդքան սրտառուչ ու գեղեցիկ չէին հնչած այդ շարականները, եւ երբեք այդքան ներշնչումով ու խորազգած չէի արտասանած հոգեհանգստեան այն աղօթքը, ինչպէս այդ պահուն։ Այդ խորհրդաւոր լռութեան մէջ մահուան տիեզերական եւ անխուսափելի օրէնքը աւելի խոր կերպով կը բացուէր գիտակցութեանս առջեւ՝ յիշեցնելով, թէ ան մշտապէս կը քալէ իւրաքանչիւրիս գոյութեան հետ, ան մեր մէջ կը գտնուի մեր ծննդեան իսկ օրէն՝ սկիզբէն մինչեւ վախճանը, իր անտեսանելի, բայց պարտադիր ներկայութեամբ։
Ընթրիքէն ետք, երբ տուն կը վերադառնայինք, ճամբուն երկայնքին կը մտածէի, թէ չի կրնար ըլլալ, որ բծախնդիր ու կարգապահ զուիցերիացիներուն քով արձանագրութիւն մը պահպանուած չըլլայ Արշակուհի Թէոդիկի մասին, երբ հայ գրականութիւնը բազմիցս կը վկայէ, որ ան 1920 թուականին Կ.Պոլսէն մեկնած է Լոզան, ապա՝ Լէյիզին, ուր, ինչպէս վերոգրեալ նշուեցաւ, կը գտնուէին թոքախտաւորներու համար նախատեսուած հռչակաւոր առողջարանները։ 1890-ական թուականներէն սկսեալ Լէյզինի մէջ հիմնուած էին բազմաթիւ առողջարաններ, որոնց թիւը մինչեւ 1940-ական թուականները կը հասնէր ութսունի, ուր միաժամանակ կը բուժուէին շուրջ 3500 հիւանդներ։ Հետեւաբար անկարելի էր, որ արձանագրութիւն մը եղած չըլլար իր կեցութեան բուժարանին, ի վերջոյ, մահուան եւ թաղման պարագաներուն մասին։
Արդարեւ, 24 մայիս 2001 թուականին Ժընեւէն նամակ մը յղեցի Լէյզընի քաղաքապետարան՝ հետաքրքրուելով մասնաւորաբար Արշակուհի Թէոդիկի յուղարկաւորութեան պարագաներուն, անոր գերեզմանի ճշգրիտ թիւին եւ գտնուած վայրին վերաբերեալ։ Նամակիս մէջ նաեւ նշած էի, որ քաղաքապետարանի տոմարներուն մէջ իր մասին որեւէ արձանագրութիւն փնտռուի մեզի ծանօթ իր գրական Արշակուհի Թէոդիկ անունով։ Սակայն մեծ եղաւ յուսախաբութիւնս, երբ Լէյզինի համապատասխան պաշտօնէութենէն 14 յունիս 2001 թուագրութեամբ ստացայ պատասխան մը, ուր կը հաղորդուէր, թէ նշուած անունով գերեզմանի մը գոյութիւնը արձանագրուած չէ իրենց տոմարներուն մէջ։ Այդ կարճ ու պաշտօնական տողերը, որոնք առաջին պահուն կարծէք կը փակէին յուսալի որոնումներուս դռները, լուռ ու ծանր ստուեր մը ձգեցին սրտիս մէջ։ Բայց այդ լռութեան մէջ անգամ ես կը զգայի, թէ փնտռելու եռանդս սա պահուս որքան ալ անթեղուած ըլլար, մոխիրներուն տակ տակաւին կը մնայ կայծ մը, որ նորէն հրդեհի կրնար վերածուիլ՝ լոյս սփռելով որոնումի ճամբաներուս վրայ։ Քանզի երբ մարդ ճշմարտութիւնը գտնելու համար կը հետեւի յիշողութեան հետքին, նոյնիսկ խաւարչտին հորիզոններու ետին յոյսի բարակ, բայց յամառ շող մը կը շարունակէ փայլփլիլ. մութ ամպերու ճեղքուածքէն աստղի մը շողարձակած լոյսի իւրաքանչիւր թրթռում սփոփանքի նոր ժպիտ մը կ’ուրուագծէ մեր դէմքին վրայ։
Այդպէ՛ս ալ եղաւ, երբ ատեն մը ետք նոյն հարցով կրկին դիմեցի Լէյզինի քաղաքապետութեան, բայց այս անգամ Արշակուհի Թէոդիկի գրական անունին փակագիծներու մէջ կցեցի նաեւ իր ամուսնական Լապճինճեանեւ օրիորդական Ճէզվէճեան մականունները։ Ուրախութիւնս մեծ եղաւ, երբ այս անգամ քաղաքապետարանէն ստացայ աւելի քաջալերական պատասխան մը․ ան կը տեղեկացէր, թէ որոշած է իր արխիւներուն մէջ վերստին հետազօտել Արշակուհի Թէոդիկի շիրիմին վերաբերեալ արձանագրութիւնները։
Այդ պահէն սկսեալ կը սպասէի նոր լուրի մը՝ այն ներքին համոզումով, թէ փաստացի տեղեկութիւններ պիտի հաղորդուին հանգուցեալ գրագիտուհիին մասին։ Թէպէտ սպասումը ակնկալուածէն աւելի երկարատեւ եղաւ, այնուամենայնիւ, սակայն, ան առթեց գոհունակութեան անսահման զգացում մը։ 6 յունիս 2002 թուագրութեամբ նամակ մը կու գար՝ առաջին անգամ ըլլալով արխիւային կարեւոր տուեալներ յայտնելու Արշակուհի Թէոդիկի իջեւանած առողջարանին, մահուան, թաղման եւ շիրիմին մասին.
Յղում ընելով մեր նախորդ նամակագրութեան եւ հիմք ընդունելով ձեր տրամադրած լրացուցիչ տեղեկութիւնները, թաղման գրանցամատեանին մէջ պարզեցինք, որ՝
Տիկին Արշակուհի Թեոդի Կեանը, ծնած է 1875 թուականին Կ.Պոլիս, մահացած է Լէյզին՝ Տենթ [Տան] տիւ Միտի բուժարանը, թաղուած է 7 յունուար 1922 թուականին, թիւ 666 գերեզմանին մէջ։
Այս գերեզմանը շահագործումէ դուրս հանուած է 1949 թուականին՝ համաձայն 21 հոկտեմբեր 1948 թուականի քաղաքապետարանի որոշումին։
Շնորհակալութիւն յայտնելով, որ բարի ըլլաք նկատի առնելու մեր այս հաղորդագրութիւնը, կը խնդրենք ընդունիլ, Պարոն, մեր առանձնայատուկ յարգանաց հաւաստիքը։
Յանուն քաղաքապետարանի
Քաղաքապետ՝ Քարտուղար՝
Պ.-Ա. Լոմպարտի Պ. Իզենշմիտ»
Մասնաւոր ուշադրութեան արժանի են նաեւ այս նամակին կցուած երկու փաստաթուղթերը, որոնցմէ մին յստակ կը բացատրէ այն վարչական որոշումը, ըստ որու ընդհանրապէս հանուած կամ գործածութենէ դադրեցուած է Արշակուհի Թէոդիկի շիրիմը։
«ԼէՅԶԻՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆ
Գերեզմանոցի մասնակի փակման մասին։
21 հոկտեմբեր 1948 թուականի իր նիստին մէջ Լէյզինի քաղաքապետարանը, նկատի առնելով Պետական խորհուրդին կողմէ 15 հոկտեմբեր 1948 թուականին տրուած թոյլտւութիւնը, որոշեց 31 մարտ 1949 թուականէն սկսեալ փակել Լարեթսի գերեզմանոցի վերին դարաւանդի արեւմտեան մասը, այսինքն՝ այն մասը, որ կը պարունակէ 590-էն մինչեւ 739 համարներով գերեզմանները (թաղումներ 9 մարտ 1920-էն մինչեւ 13 նոյեմբեր 1923 թուականը):
Այստեղ թաղուածներու հարազատները, որոնք կը փափաքին պահել տապանաքարերն ու [այդ գերեզմանները] շրջապատող [իրերը], կը խնդրուի զանոնք հեռացնել մինչեւ 31 մարտ 1949 թուականը, որմէ ետք քաղաքապետարանը զանոնք պիտի վերացնէ առանց հետագայ ծանուցման:
Լէյզին, 21 հոկտեմբեր 1948 թ.
Քաղաքապետարանի քարտուղարի գրասենեակ»։
Առկայ փաստաթուղթին մէջ կարեւոր նշումը «գործածութենէ դադրեցնել» հասկացութիւնն է, որ կը նշանակէ, թէ տուեալ շիրիմը այլեւս չի պահպանուիր անձնական կամ ընտանեկան խնամքի տակ ու կը դադարի ըլլալէ օրինական թաղման վայր մը։ Այսպիսի շիրիմներ կարելի չէ ծածկել նոր հողով կամ օգտագործել նոր թաղումներու համար՝ համաձայն տեղւոյն քաղաքապետարանի եւ գերեզմանատան կանոնակարգին, տրուած ըլլալով, որ այդ գերեզմաններուն հանդէպ երկար ժամանակ ընտանեկան խնամք կամ հետաքրքրութիւն չէ ցուցաբերուած
Զուիցերիոյ գործող օրինակարգին համաձայն՝ նման ծանուցումներ սովորաբար նախօրօք կը հրապարակուին մամուլի էջերուն մէջ։ Թէոդիկ իր մահկանացուն կնքած էր Փարիզ՝ 24 մայիս 1928 թուականին, իսկ դժուար է ըսել, թէ իրենց մէկ հատիկ զաւակը արդեօ՞ք ունէր կարելիութիւնը հետագային համապատասխան հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու իր մօր շիրիմը պահպանելու համար։ Ափսոս, որ այդ օրերուն Զուիցերիոյ հայ գաղութը, որքան ալ իր սրտին մէջ յարգանք ու սէր ունենար, ոչ միշտ զգօն գտնուած է պահպանելու համար այս մեծ գրագիտուհիին յիշատակը։ Մինչդեռ զուիցերիացի այն մեծ հայասէրը՝ Անթոնի Քրաֆթ-Պոննար (1869–1945), որ տարիներ շարունակ եղած էր Հայասիրութեան միջազգային լիկայի գործադիր յանձնաժողովի անդամ եւ բազմավաստակ տնօրէնը Ժընեւէն 30 քմ. հեռու՝ Լեման լիճի ափերուն մօտ գտնուող Պենիէն (Begnins) գիւղաքաղաքին մէջ հիմնադրուած հայկական որբանոցին, Արշակուհի Թէոդիկի մահուան գրեթէ նախօրեակին այցելելով իրեն՝ տուած է հետեւեալ փայլուն վկայութիւնը.
«Անցեալ դեկտեմբեր 30-ին առիթ ունեցանք վերջին անգամ տեսնելու հայ քաջարի հայրենասէր ու գրող Տիկին Թէոդիկը, որուն անունը սիրով ու յարգանքով կը յիշեն բոլոր անոնք, որոնք ճանչցած են զինք։ Մեր լեռներուն մէջ գտնուող առողջարան մը ապաստանած, հեռու իր ընտանիքէն եւ իր ժողովուրդէն, զոր այնքան սիրած էր եւ որուն համար զոհաբերած էր իր անձը, սաստիկ կը տառապէր դաժան հիւանդութենէ մը, որ երկու օր ետք պիտի խլէր իր կեանքը։ Երբ տեսաւ, թէ մենք մտահոգ էինք իր վիճակով, ան իր ծայր աստիճան տկարութեան մէջ ջանք գործադրեց արտասանելու հետեւեալ քանի մը բառերը, որոնք մեզի մնացին իբրեւ հայոց տառապանքի եւ հայրենասիրութեան գերագոյն կոչ մը.
‘Իմ ճակատագրով մի՛ զբաղիք. ես պիտի մեռնիմ. զբաղեցէք Հայաստանով, ան պէտք չէ՛ մեռնի’։
Թող այս ձայնը լսուի մեռեալներուն, հայրենիքէ ու օճախէ զրկուած թափառական զոհերուն, քրիստոնէական հաւատքի նահատակներուն, այն զինուորներուն հետ, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին ժողովուրդներու իրաւունքին եւ ազատութեան, մարդկային համերաշխութեան եւ արդարութեան համար»[5]։
Այս ինքնատիպ եւ խօսուն վկայութիւնը, որ Անթոնի Քրաֆթ-Պոննար թողուց Արշակուհի Թէոդիկի մասին, կը հնչէ Լէյզինի լեռներուն մէջէն՝ իբրեւ վերջին արձագանգ մը այն ձայնին, որուն տառապահիւծ մարմինը հանգչեցաւ մոռցուած հողին տակ, բայց որուն պատգամը ո՛չ ժամանակի բռնաւոր մաշումը եւ ո՛չ սերունդներու փոփոխումը կրցաւ լռեցնել։ Շիրիմը այսօր այլեւս տեսանելի չէ, իսկ անունը փորագրուած չէ տապանաքարի մը վրայ։ Սակայն անոր ձայնը կը յարատեւէ իր գրական ստեղծագործութիւններուն եւ այն բառերուն մէջ, որ իր կենաց վերջին ժամերուն իբրեւ անլռելի ղօղանջ արտասանեց՝ ամբողջ ժողովուրդի մը ուղղուած իբրեւ վերջին պատգամ.
«Իմ ճակատագրով մի՛ զբաղիք. ես պիտի մեռնիմ. զբաղեցէք Հայաստանով, ան պէտք չէ՛ մեռնի»։
Այս պատգամը այսօր ալ կը հնչէ Ալպեան լեռներու լռութեան մէջ՝ միանալով հայոց բիւր-բիւրոց նահատակներու, տարագիրներու, արդարութեան եւ հայրենիքի ազատութեան համար զոհուածներու անլռելի ձայնին։ Եւ գուցէ ճիշդ հոն կը գտնուի Արշակուհի Թէոդիկի իսկական շիրիմը՝ ոչ թէ տապանաքարի կամ յուշարձանի մը տակ, այլ հայ ազգի հաւաքական յիշողութեան մէջ, ուր անոր ձայնը կը շարունակէ հրաւիրել մեզ յիշելու, խորհելու եւ զգալու իւրաքանչիւրիս անձնական պատասխանատւութիւնը պատմութեան առջեւ՝ հայրենիքի շինութեան, պետականութեան հզօրացման եւ ազգի բարօրութեան հանդէպ։
Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան
Ժընեւ 15 մարտ 2026
Մեծի պահոց Ե. կիրակի, Դատաւորին
[1] Արշակուհի Թէոդիկ, «Ամիս մը ի Կիլիկիա – Կցկտուր նօթեր», տպ. Վ. Եւ Հ. Տէր-Ներսէսեան, Կ.Պոլիս, 1910, 213 էջ։
[2] Հմմտ. Թէոդիկ, «Ամէնուն տարեցոյցը», ԺԷ. տարի, տպ. Մ. Յովակիմեան, Կ.Պոլիս, 1923, էջ 12։
[3] Տե՛ս Թէոդիկ, Արշակուհի, «Արդի բարոյագիտութիւնը (Միջին եւ բարձրագոյն Ա. դասընթացք)», հրտ. Յ. Գըլըճեան գրատուն, Կ.Պոլիս, 1911, 230 էջ։
[4] Լուսինեան, Գուիտոն, «Նոր բառագիրք, պատկերազարդ, ֆրանսահայ», Typographie Morris Père et Fils, Փարիզ, 1900։
[5] Krafft-Bonnar, Antony, « L’Heure de l’Arménie », Société Générale d’Imprimerie, Genève, 1922, p. 44.
Ընկ. Սեւակ Յակոբեան անցնող օրերուն պաշտօնական նամակով մը դիմած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեանին, վերջինիս ուղելով իրանահայութեան և ընդհանրապէս հարեւան Իրանի բարեկամ ժողովուրդին վերաբերող կարգ մը հարցումներ:
Նախարարութեան համապատասխան կողմը հաստատած է, նամակը ստանալու լուրը: Պատասխանը կ՛ակնկալուի յառաջիկայ օրերուն, որուն բովանդակության մասին կը տեղեկացնենք մեր ընթերցողներուն:
Հետեւեալը, նամակին բովանդակութիւնն է.
Յարգելի պարոն Միրզոյան,
Մինչ մեր հարեւան Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ արդեն երկու շաբաթէ ի վեր, կը շարունակուին ռազմական գործողութիւնները, Թեհրանի հայահոծ «Մաժիտիէ» թաղամասը երկու անգամ հրթիռակոծուած է․ առաջին անգամ հայերը չեն տուժած, բայց երկրորդ անգամուայ յարձակումին պատճառով, ըստ մեր տեղեկութիւններուն 10 իրանահայեր վիրաւորուած են։ Անոնցմէ երեքը շաբաթավերջի տուեալներով տակաւին հիւանդանոցներու մէջ կը բուժուին։ «Մաժիտիէ» թաղամասին մէջ վնասուած են հայերու բնակելի շէնքեր, հայերուն պատկանող «Ահարոնեան» մանկապարտէզը եւ Իրանահայ Ազգային Մարզական եւ Մշակութային Միութեան (ԻԱՄՄ) կեդրոնատեղին հիմնովին քանդուէր է։ ԻԱՄՄ-ն կարեւոր ներկայութիւն է «Մաժիտիէ»-ի մէջ, յատկապէս՝ մարզական իր խումբերով։
Իմացած ենք նաեւ, որ Թեհրանի Հայոց Թեմական Խորհուրդը Թեհրանի տարբեր հայաշատ թաղամասերու համար յանձնախումբեր կեանքի կոչած է, որոնք պատասխանատու են առաջնային օգնութիւններ ցուցաբերելու։
Առ ի տեղեկութիւն ձեզի, Թեհրանի մէջ կայ նաեւ մէկ այլ հայաշատ քաղաքամաս․ «Նարմաք» թաղամասը։ «Նարմաք»-ը հիմնականին մէջ երկու մասի բաժնուած է,- հայաբնակ եւ բնիկ իրանցիներու թաղամասը։ Իրանի նախկին նախագահներէն Մահմուտ Ահմատինաժատը Նարմաք թաղամասին մէջ կ՛ապրի եւ վերջերս, ըստ լուրերուն՝ անոր տունը հրթիռակոծուած է։ «Նարմաք»-ը համեստ եկամուտով մարդկանց թաղամաս է։
Քանի որ Իսրայէլն ու ԱՄՆ-ն թիրախ կը դարձնեն նաեւ Իրանի պետութեան ոստիկանական կեդրոնները, ոստիկանատուներ՝ որոնք քաղաքի ապահովութեան կը հսկեն, այդ յարձակումներէն տուժած է նաեւ «Նարմաք»-ի ոստիկանատունը։ Տեղւոյն ոստիկանութեան ղեկավարութիւնը դիմած է «Նարմաք»-ի հայկական միութիւններուն, որպէսզի հայկական կողմը տարածք տրամադրէ ոստիկանութեան, իբրեւ «Նարմաք»-ի ոստիկաններու ղեկավարման կեդրոն։ «Նարմաք»-ի մէջ կայ «Րաֆֆի» մարզամշակութային միութիւնը, որ շատ յարմարաւէտ շէնք եւ ֆութպոլի մարզադաշտ ունի։ Այս օրերուն, դարձեալ ըստ մեր տեղեկութիւններուն, «Րաֆֆի» միութիւնը արդէն դարձած է ոստիկանատուն։ Տեղւոյն միւս միութիւնը Հայ Մշակութային «Սիփան» միութիւնն է։ Ոստիկանատան ինչ-որ ստորաբաժանում ըստ երեւոյթին պիտի տեղակայուի նաեւ Սիփան միութեան շրջաբակին մէջ։ Այս երկու միութիւններու շէնքերը մօտ են իրար, ու լրիւ հայաբնակ։ Եթէ թշնամական ուժերը դարձեալ խոցեն ոստիկանատուները, ապա «Նարմաք»-ի հայութիւնը մեծապէս պիտի տուժէ։
Տեղեկութիւններ ունինք նաեւ, որ Իսլամական Հանրապետութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմի առաջին օրուընէ սկսեալ, Թաւրիզի (Ատրպատական) մէջ Իրանի տեղւոյն Թեմական խորհուրդը, ինչպէս նաեւ Ուրմիոյ Գործակալական խորհուրդը նախազգուշական քայլեր ձեռնարկած են, դադրեցնելով եկեղեցական արարողութիւնները եւ ազգային նախապէս որոշուած ձեռնարկները, ապահովական առումով։ Նշենք, որ երկու քաղաքներու հայոց Ազգային դպրոցները փակ են, որոնց աշակերտութիւնը համացանցով կը շարունակեն իրենց դասաւանդութիւնները։
Թեմական խորհուրդը ցուցաբերելով նաեւ շտաբի պատրաստակամութիւն, միշտ կը հետաքրքրուի պայթումներու հետեւանքներու մասին, երբ հայկական շրջաններու մօտակայքին մէջ տեղի կ՛ունենան անոնք։
Բարեբախտաբար, ցարդ մօտակայ ուժեղ պայթումներէն ցնցուած պատուհաններու ապակիներու ջարդուելէն բացի այլ վնասներ չէ կրած համայնքը, մանաւանդ 10 Մարտ 2026֊ի միջօրէին Թաւրիզի բանակատեղիին վրայ տեղի ունեցած օդային հարուածներու ընթացքին։
Սպահանի եւ Իրանի այլ շրջաններու հայերու մասին տակաւին հաւաստի տեղեկութիւններ չունինք դժբախտաբար:
Ձեր գլխաւորած նախարարութիւնը, ըստ իր համար սահմանուած գործունէութեան ծիրին, ուղիղ կամ Իրանի մէջ ՀՀ Դեսպանատան միջոցաւ այս ճգնաժամային օրերուն կապեր ունի՞ Իրանահայութեան հետ: Եթէ ունի. ապա կը հաստատէ՞ վերը նշուած տեղեկութիւնները, եւ մեզի յաւելեալ տեղեկութիւններ կրնա՞յ տրամադրել: Իսկ եթէ չունի. Ապա ի՞նչն են պատճառները:
Տեղւոյն համայնքի ղեկավարութեան հետ համագործակցաբար կամ զուգահեռ, Իրանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը հայկական համայնքի բարօրութեան ի խնդիր ինչ, որ գործունէութիւն կը տանի՞ այս օրերուն:
ՀՀ ԱԳՆախարարութիւնը ինչ, որ ծրագիր կը մշակէ՞ մարդասիրական օգնութեան հասցնելու իրանահայ մեր հայրենակիցներուն եւ ոչ միայն:
Իրանի հարեւան Ազրպէյճանն ու Թուրքիան, մարդասիրական օգնութիւններ ղրկած է Իրանի ժողովուրդին: ՀՀ կառավարութիւնն ալ նման ծրագիր ունի՞ շուտով իրագործելիք, քանի բարեկամ Իրանի պետութիւնը իր նմանօրինակ օգնութիւնը բնաւ չէ զլացած մեզի մեր Հայրենիքի տխուր օրերուն:
Հասկնալով հանդերձ, որ ձեր գլխաւորած նախարարութեան գործունէութեան անպայմանօրէն մաս չի կազմեր, սակայն ձեր գիտակցութեամբ ՀՀ կառավարութիւնը համապատասխան միջոցառումներ պիտի կիրառէ՞, որպէսզի Հայաստանի մէջ մեր ժողովուրդին մաս կազմող կարգ մը պատեհապաշտ անհատներ չշահագործեն Հայաստան ապաստանիլ փորձող իրանցի փախստականներուն պարագան, օրինակ թանկ գիներով տեղափոխութիւն, պարեն կամ բնակելու վայր տրամադրելու համար առանց գողցուելու ալ դժուար կացութեան մատնուած մեր հարեւան ժողովուրդին զաւակներուն:
Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան անապահով շրջաններէն մեր հայրենակիցները տարհանելու ծրագիր մը ունի՞ք: Յիշեցնեմ, որ այնտեղ նեղ կացութեան մատնուած մեր հայրենակիցներուն մէջ կան նաեւ ՀՀ քաղաքացիներ, որոնց հանդէպ կ՛ենթադրենք, որ մեր պետութիւնը պարտականութիւններ ունի:
Լիայոյս եմ, որ մեր հարցադրումներուն լիարժէք պատասխանները կը ստանանք, որուն համար կանխապէս շնորհակալ եմ:
«Իրան-ԱՄՆ Հակամարտութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Հարցերը»
Նախաբան
Կասկած չկայ, որ ընթացիկ տարուայ, Մարտ ամիսէն սկսեալ, Մերձաւոր Արեւելքի, յատկապէս Իրանի շուրջ ձեւաւորուած ռազմաքաղաքական սրացումները ուղղակիօրէն եւ անուղղակիօրէն կ’ազդեն Հայաստանի անվտանգութեան միջավայրին վրայ։ Թէեւ ՀՀ իշխանութիւնները նոյն օրերուն ցուցադրաբար պռեշիկ, կուկուռուզ եւ սուճուխ ուտելով «ամեն բան լաւ է լինելու»-ի նամակներ կը յղեն ժողովուրդին, մինչ պաշտօնական շրջանակները կը յայտարարեն, որ երկրին անվտանգութեան անմիջական սպառնալիք մը գոյութիւն չունի, սակայն փորձագիտական եւ հետախուզական վերլուծութիւնները կը մատնանշեն կարեւոր վտանգներ, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի մեր Հայրենիքը։
Աշխարհաքաղաքական եւ Ապահովական Հիմնական Վտանգները
• Տարածաշրջանային ուժերու հաւասարակշռութեան փոփոխութիւն. Իրանի հնարաւոր թուլացումը կրնայ խարխլել Հարաւային Կովկասի ներկայիս դրութիւնը։ Թեհրան բազմիցս յայտնած է, որ Հայաստանի հետ սահմանի փոփոխութիւնը կամ «Զանգեզուրի միջանցքի» արտատարածքային կարգավիճակը իրեն համար «կարմիր գիծ» է։
• Հիպրիտային սպառնալիքներ եւ ապատեղեկատուութիւն. ՀՀ Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութիւնը նախազգուշացուցած է 2026-ին հիպրիտային սպառնալիքներու եւ արտաքին միջամտութեան աճի մասին, որոնք կրնան սրուիլ Մերձաւոր Արեւելքի լարուածութեան ֆոնին՝ յատկապէս Յունիսին սպասուող խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախաշեմին։
• Իրան-Ազրպէյճան լարուածութեան արտահոսք. Իրանի կողմէ Ազրպէյճանին ուղղուած նախազգուշացումները (օրինակ՝ Նախիջեւանի օդակայանի միջադէպը և կապ չունի թէ, որուն ձեռքով եղած է այդ) կրնան լարուածութիւն յառաջացնել անմիջապէս Հայաստանի սահմաններուն երկայնքով։
Ընկերատնտեսական եւ ԼոճիսթիքԱզդեցութիւններ
• Մարդասիրական ճգնաժամի վտանգ. Իրանի մէջ իրավիճակի ապակայունացումը կրնայ յանգեցնել փախստականներու մեծ հոսքի դէպի Հայաստան, ինչ որ լրացուցիչ ճնշում կ’արձանագրէ երկրի պաշարներուն վրայ։
Կրնամ այստեղ տալ Սուրիոյ արհաւիրքի տարիներուն Լիբանանի դիմակալած խնդիրներուն օրինակը: Սուրիոյ մէջ 2011-ին ընթացք առած քաղաքական և ապահովական վերիվայրումներուն անմիջապէս յաջորդեց մեծ թիւով սուրիացի գաղթականներու անկանոն մուտքը՝ սահմանամերձ Լիբանան: Ի տարբերութիւն դարձեալ սահմանակից Թուրքիայէն, Լիբանանի ո՛չ տարածութիւնը, ոչ ժողովրդագրական նրբութիւնները, ոչ ալ պետական միջոցները կրնային նման հոսք հակակշիռի տակ պահել: Բան մը, որ յառաջացուց լուրջ խնդիրներ մանաւանդ երբ գաղթականներուն թիւը անցաւ 2 միլիոնը: Չուշացան անշուշտ արեւմտեան երկիրներու և միջազգային համապատասխան կազմակերպութիւններու մարդասիրական/պարենային/ֆինանսական օգնութիւնները, որոնք Լիբանանի պետութեան ուսերէն թեթեւցուցին այս հարցին հետ առնչուելու լուրջ ծանրութիւնը, սակայն մնաց ընկերային և ժողովրդագրական այլ անլուծելի խնդիրներ (ինչպէս գողութիւններ, ոճիրներ, եւայլն) եւ այս բոլորին վրայ գումարուեցաւ Լիբանանեան մէջ հազիւ հաւասարակշռուած յարանուանական թիւերու խախտման՝ եթէ նկատի ունենանք, որ սուրիացի գաղթականներուն մեծամասնութիւնը Իսլամ՝ սիւննի համայնքէն էին):
Նաեւ կարեւոր է նկատի ունենալ, որ նման պահերու սահմանային/ցամաքային գաղթականութեան կը դիմեն տնտեսապէս ոչ կայուն ընտանիքներ մինչ աւելի բարեկեցիկները՝ զանազան տարբեր միջոցներով կ՛արտագաղթեն իրենց համար աւելի նպաստաւոր երկիրներ: Մինչ Լիբանանի պարագային բացի վերը նշուածներէն, մշակութային կտրուկ տարբերութիւններ չկային եկուորներուն եւ բնիկներուն միջեւ, Հայաստանի պարագային այդ անպայմանօրէն կայ եւ սա շատ լուրջ խնդիր է: Ի դէպ Հայաստանցի մեր հայրենակիցներէն ոմանք, մակերեսային մօտեցումով մը, բնաւ ալ պէտք չէ ուրախանան նման պարագայի մէջ միջազգային ֆինանսական օգնութիւններով քանի ի վերջոյ արեւմտեան երկիրներ այդ օգնութիւնները կը տրամադրեն պարզապէս գաղթականներ ունենալու վտանգը իրենցմէ կարելի եղածին չափ հեռացնելու, անոնց պահելով իրենց երկիրներէն հեռու:
• Ենթակառուցային եւ առեւտրական խափանումներ. Իրան Հայաստանի երկու ցամաքային ուղիներէն մէկն է։ Լարուածութիւնը կրնայ դանդաղեցնել ենթակառուցային նախագիծերը (կազ՝ ելեկտրականութեան դիմաց) եւ բարձրացնել վառելանիւթի գիները։
• Լոճիսթիք խնդիրներ. Արդէն իսկ արձանագրուած են թռիչքներու չեղարկումներ եւ բեռնափոխադրումներու յաճախակի կանգ, ինչ որ կը բարդացնէ Իրանէն Հայաստան եւ հակառակը՝ ապրանքներու տեղափոխումը։
Իրան-Հայաստան Տնտեսական Փոխգործակցութիւնը եւ Սիւնիքի Անպահովական Իրավիճակը
Իրան-Հայաստան տնտեսական փոխգործակցութիւնը եւ Սիւնիքի ապահովական իրավիճակը կը գտնուին ճգնաժամային փուլի մէջ այսօր, պայմանաւորուած՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Իրանի շուրջ ստեղծուած դրութեամբ։
Իրան-Հայաստան տնտեսական ծրագիրներ
Տարածաշրջանային ճգնաժամը երկակի ազդեցութիւն կը թողու ռազմավարական նախագիծերուն վրայ.
• Ենթակառուցային (կազ՝ ելեկտրականութեան դիմաց). Հակառակ տարածաշրջանային լարուածութեան, այս պայմանագիրը կը շարունակէ գործել որպէս Հայաստանի ենթակառուցային անվտանգութեան հիմք։ Սակայն Իրանի ենթակառոյցներուն վրայ յարձակումներու վտանգը ստիպած է ՀՀ կառավարութեան քննարկել եռանդակիրներու այլընտրանքային պաշարներու կուտակման հարցը։
• Հիւսիս-Հարաւ ճանապարհային միջանցք. Սիւնիքի հատուածին մէջ (Ագարակ-Քաջարան) շինարարութիւնը կը շարունակու իրանական ընկերութիւններու ներգրաւմամբ։ Ասիկա ռազմավարական նշանակութիւն ունի՝ շրջանցելու համար Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած ճանապարհահատուածները։ Այս աշխատանքները կրնան դանդաղիլ պատերազմական իրավիճակի բարդացման պարագային:
• Առեւտրաշրջանառութիւն. Իրանի դէմ պատժամիջոցներու հնարաւոր աւելի եւս խստացումը կամ ռազմական գործողութիւնները կրնան խաթարել բեռնափոխադրումներու կայունութիւնը, ինչ որ կը հանգեցնէ ապրանքներու թանկացման։
Սիւնիքի ապահովական շեշտադրուած վտանգները
Սիւնիք կը մնայ աշխարհաքաղաքական բախման կիզակէտին մէջ հետեւեալ պատճառներով.
• «Զանգեզուրի միջանցքի» գործօնը. Ազրպէյճան եւ Թուրքիա կը շարունակեն ճնշում գործադրել միջանցքի բացման համար։ Իրան Սիւնիքի սահմանը կը համարէ իր «անվտանգութեան դուռը» եւ յստակ յայտարարած է, որ չի հանդուրժեր սահմանային փոփոխութիւններ։
• Իրանի թուլացման հետեւանքները. Եթէ Իրան շարունակէ ներքաշուած մնալ լայնածաւալ պատերազմի մէջ, Ազրպէյճան կրնայ օգտուիլ առիթէն՝ Սիւնիքի նկատմամբ ռազմական թշնամութիւն իրականացնելու համար, քանի որ Թեհրանի զսպող դերը պիտի նուազի։
• Հիպրիտային պատերազմ. Սիւնիքի մէջ աշխուժացած են ապատեղեկատուական արշաւները, որոնք նպատակ ունին խուճապ յառաջացնել բնակչութեան շրջանին մէջ եւ թուլացնել պաշտպանողականութիւնը։
Կապանի մէջ Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութեան պարագան
Կապանի մէջ Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը դարձած է շրջանային անվտանգութեան ճարտարապետութեան առանցքային տարրերէն մէկը։ Անիկա ինչպէս միշտ կը դիտարկուի ոչ միայն իբրեւ դիւանագիտական մարմին, այլ նաեւ իբրեւ «ռազմավարական զսպման» գործիք մը։
Ահա հիւպատոսութեան հիմնական դերակատարութիւնը լարուածութեան զսպման հարցին մէջ.
Հիւպատոսութեան ներկայութիւնը Կապանի մէջ Թեհրանի յստակ ուղերձն է առ այն, որ որեւէ ռազմական ագրեսիա մը ընդդէմ Սիւնիքի անմիջականօրէն կ’առնչուի Իրանի շահերուն։ Իրանցի դիւանագէտները բազմիցս շեշտած են, որ Հայաստանի հետ սահմանը «հազարամեակներու պատմութիւն ունի» եւ չպէտք է փոփոխուի։
2. Տեղեկատուական եւ դիտարկումներու կեդրոն
Հիւպատոսութիւնը կը ծառայէ իբրեւ Իրանի «աչքերն ու ականջները» անմիջապէս սահմանամերձ գօտիին մէջ։ Ասիկա թոյլ կու տայ.
• Օփերաթիւ արձագանգել սահմանային միջադէպերուն։
• Կանխել ապատեղեկատուութիւնը, որ կրնայ գործածուիլ ռազմական գործողութիւններ աւելի եւս սրելու համար իբրեւ առիթ։
Սիւնիքի մէջ հիւպատոսութեան գործունէութիւնը կը հակակշռէ շրջանին մէջ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ազդեցութեան։ Անիկա նաեւ ազդակ մըն է Արեւմուտքին եւ Ռուսաստանին, որ Իրան պատրաստ է ապահովել աշխուժ ներկայութիւն մը իր հիւսիսային սահմաններուն պաշտպանութեան համար։
4. Տնտեսական «անվտանգութեան բարձիկ»
Հիւպատոսութիւնը կը համակարգէ իրանական բեռնատարներուն անվտանգ տեղաշարժը Գորիս-Կապան եւ այլընտրանքային ճամբաներով։ Ասիկա կենսական է, քանի որ տնտեսական կայունութիւնը Սիւնիքի մէջ կը նուազեցնէ ներքին ապակայունացման վտանգները։
5. Հոգեբանական ազդեցութիւն
Տեղական բնակչութեան համար իրանական դիւանագիտական ներկայութիւնը լրացուցիչ ապահովութեան զգացում կը ստեղծէ՝ նուազեցնելով խուճապային տրամադրութիւնները, որոնք յաճախ կը հրահրուին արտաքին հիպրիտային գրոհներու միջոցով։
Կարեւոր դիտարկում. Իրանի ներկայիս իրավիճակը կրնան ժամանակաւորապէս թուլցնել հիւպատոսութեան «զսպող ուժը», եթէ Թեհրանի ուշադրութիւնը կեդրոնանայ բացառապէս հարաւային ճակատին վրայ։
ՀՀ Կառավարութեան Արձագանգը
Ըստ տեղեկատուութիւններու, ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդը, իբր ձեւաւորած է աշխատանքային խումբ մը՝ Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակի հնարաւոր հետեւանքները կառավարելու համար: Նշեալ մարմինը վերջերս հաստատեց, թէ կ’իրականացուի ամենօրեայ դիտարկում մը՝ Սիւնիքի ուղղութեամբ հնարաւոր սադրանքները կանխելու եւ տնտեսական կայունութիւնը պահպանելու համար, մինչ պաշտօնական Երեւան կը պահպանէ զուսպ դիրքորոշում մը ինչ կը վերաբերի ընթացող պատերազմին՝ կոչ ուղղելով դիւանագիտական լուծումներու։
Իրանի Հայ Համայնք
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ընթացող ռազմաքաղաքական սրացումները, յատկապէս Իրան-Իսրայէլեան ուղղակի հակամարտութիւնը եւ ԱՄՆ-ի ներգրաւուածութիւնը, էական մարտահրաւէրներ կը ստեղծեն Իրանի հայ համայնքին համար։
Աշխարհաքաղաքական իրավիճակը եւ անվտանգութեան վտանգները
Ռազմական գործողութիւններու ազդեցութիւնը. Իրանի տարածքին մէջ օդային յարձակումներու եւ հրթիռակոծումներու ալիքները, ներառեալ թիրախները Թեհրանի մէջ, անմիջական վտանգ կը ներկայացնեն քաղաքացիական բնակչութեան, այդ թիւին մէջ՝ հայկական թաղամասերուն համար։
Թիրախային խոցելիութիւն. Հակառակ այն փաստին, որ Հայ համայնքը պատմականօրէն պաշտպանուած եղած է Իրանի մէջ, ժամանակակից անկանոն պատերազմի պայմաններուն մէջ քաղաքացիական բնակչութիւնը կը մնայ խոցելի։
Ներքին անկայունութիւն. Իրանի մէջ ներքին էթնիք եւ ընկերային լարուածութեան հնարաւոր աճը, որ կը խթանուի արտաքին ուժերու կողմէ, կրնայ ապակայունացնել իրավիճակը հայաշատ շրջաններուն մէջ:
Իրանահայութեան հաւանական տեղափոխումը Հայաստան
Ներկայ միտումները. Հայաստանի ԱԳՆ-ն եւ Իրանի մօտ ՀՀ դեսպանատունը իբր գործօն կերպով կը հետեւին իրավիճակին։ Արդէն իսկ գրանցուած են ՀՀ քաղաքացիութիւն ունեցող անձերու վերադարձի դէպքեր։ Սակայն ո՞ւր է Սփիւռքի հարցերով ՀՀ վարչապետի գրասենեակին կից յանձնակատարի պաշտօնը զբաղեցնողը, որուն այս հարցով ազդու միջամտութիւնը կամ աշխատանքները նշմարելի չեն, մինչ Սուրիոյ արհաւիրքի տարիներուն, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը իր կարելին ըրաւ սուրիահայութենէն գոնէ բեկոր մը փրկելու, անոնց փորձելով հաստատել Հայաստանի մէջ:
Մարդասիրական միջանցք. Հայաստան կը դիտուի որպէս կարեւորագոյն մարդասիրական միջանցք ոչ միայն հայերուն, այլ նաեւ այլ քաղաքացիներուն համար, որոնք Իրանէն կը տեղափոխուին ցամաքային ճամբով։
Սահմանային իրավիճակ. Ըստ որոշ տուեալներու, բարեբախտաբար Հայ-իրանական սահմանը ներկայիս կը գործէ բնականոն կերպով, ինչ որ առ այժմ թոյլ կու տայ կազմակերպուած՝ ոչ-խուճապային տեղաշարժ։
Մարտահրաւէրներ Հայաստանի համար. Իրանի վրայ շղթայազերծուած պատերազմը երկարելու պարագային իրանահայերու հաւանական մեծաթիւ ներհոսքը կրնայ լրացուցիչ ճնշում գործադրել Հայաստանի բնակարանային շուկային եւ ընկերային ենթակառուցուածքներուն վրայ, յատկապէս Արցախէն բռնի տեղահանուածներու ճգնաժամէն ետք: Այս իրավիճակը եւ ի չգոյէ հայրենադարձութեան պետական յստակ ռազմավարութեան, բան մը, որ վերջին քառասուն տարիներուն հողմերու հետ աշխարհի չորս կողմը ցրուեց ալեկոծումներ ապրող Մերձաւոր Արեւելքի հայկական բոլոր սփիւռքները, կրնայ նաեւ կորսնցնել իրանահայութիւնը ու չծառայեցնել այն Հայրենիքի զարգացման ի խնդիր:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Զարթօնք» օրաթերթի
Գլխաւոր խմբագիր
Արտասանուած՝ «Հայաստանի Ժողովրդային Շարժում» հայրենասիրական հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ՝ «Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ձեւաւորուող աշխարհաքաղաքական կացութեան եւ անոր հաւանական ազդեցութեան Հայաստանի անվտանգութեան վրայ» թեմայով՝ 13 Մարտ 2026-ին, «Անի Փլազա» հիւրանոցի «Դուին» սրահին մէջ, տեղի ունեցած «Իրան–ԱՄՆ Հակամարտութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Հարցերը» նիւթով բաց քննարկման ընթացքին։
Շաբաթ, 7 Մարտ 2026-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, կազմակերպութեամբ՝ Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանին եւ հովանաւորութեամբ՝ Եգիպտոսի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գեր. Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեանին, Հելիոպոլսոյ Պըլըքտանեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք Եւ Յոյս» հատորին շնորհանդէսը:
Նախ, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկին Շաքէ Մարգարեան՝ հակիրճ ներկայացնելով տարբեր բնագաւառներուն մէջ ծաւալած Դոկտ․ Հրայրին կարեւոր գործունէութիւնն ու ներկայացուելիք հատորը։ Ան, մասնաւորաբար, շեշտադրեց հայապահպանումին, մայրենիի պահպանումին եւ սփիւռքահայութեան կեանքին ընդհանրական պատկերը ներկայացնող հեղինակին կատարած բարձր գնահատելի աշխատանքը:
Ապա, գիրքին խմբագիրն ու համադրողը՝ Դոկտ. Արտա Պոյնէրեան-Ճէպէճեան, խօսեցաւ ներկայ հատորին ստեղծման անցած ճանապարհին եւ անոր կարեւորութեան մասին։ Ան նաեւ, իբրեւ Ընկերալեզուաբանութեան Դոկտոր, մանրամասնօրէն խօսեցաւ Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնին պահպանումին արդի մարտահրաւէրներուն, լեզուն ո՛չ միայն պահպանելու, այլեւ նոր սերունդին փոխանցելու կարեւորութեան, լեզուամտածողութեան եւ ատոր հետ առնչուող հարցերու մասին։
Այնուհետեւ, Դոկտ. Ճէպէճեան զրուցեց ներկաներուն հետ՝ «Հայ Ըլլալու Ընտրութիւնը Համաշխարհայնացած Աշխարհին Մէջ» նիւթին շուրջ, շօշափելով բաւականին հետաքրքական եւ արդիական լուրջ հարցեր։ Դոկտոր Հրայր անդրադարձաւ նաեւ իր հեղինակած հայակերտումի երեք հատորներուն, սփիւռքահայութեան կեանքի առանձնայատկութիւններուն, հայապահպանումին, ազգային պատկանելիութեան, երկքաղաքացիութիւն ունեցող անհատներու մտածելակերպին, անհատի մը բազմաշերտ ինքնութեան եւ այլ խնդիրներու մասին: Յետոյ, ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
Երեկոն իր աւարտին հասաւ եգիպտահայոց բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ելոյթով, որ իր ուրոյն տեսանկիւնէն ներկայացուց Դոկտ․ Հրայրին գիրքերը եւ բարձր գնահատեց անոր տարբեր ուղղութիւններով տարած գործունէութիւնը։
Տասնամեակներ շարունակ յետադէմ հոգեւորականութեան կողմէ հալածուած, հայոց պետականութեան (Արշակունեաց թագաւորութիւն՝ 66-428 թուականներ) կորուստի հետեւանքները կատարելապէս գիտակցած ու իր ժամանակը շրջանցած Պատմահայր Մովսէս Խորենացին, Հայկազունիներու աւագ նահապետաց սերունդի միջոցաւ ոչ թէ միայն համայն հայութեան շնորհած է համախմբման, ազատութեան ու անկախութեան աշխարհիկ-հոգեւոր անկրկնելի վկայագիր մը՝ «Հայկի ապստամբութեան, պատերազմի եւ Բէլի մահուան մասին» պատումով,[*1] այլեւ ներկայացուցած է Հայկական լեռնաշխարհի կամ Հայկական բարձրաւանդակի հողերու միաւորման գործըմթացը եւ ուրուագծած՝ անոր սահմանները, զորս աշխարհագիտութեանն ու պատմագիտութեանը յայտնի է նաեւ «Լեռնային կղզի» անուամբ՝ իւր շուրջ 400.000 քառակուսի քիլոմեթր տարածքով: Եթէ պատմահայրը Ստեփանոս Տարօնեցիի կամ Ստեփանոս Ասողիկի (10-րդ դարու կէսեր – 11-րդ դարու սկիզբներ) կամ Վարդան Արեւելցիի (մոտ 1198 – 1271) նման «Տիեզերական պատմութիւն» գրելու ձեռնարկած ըլլար, անկասկած, որ Հայկազունիներու ընդարձակման ու տարածման սահմանները պիտի հասցնէր իր նկարագրած սահմաններէն շատ ու շատ աւելի անդին, նոր հորիզոններ բանալով ապագայ հետազօտողներու առջեւ:
Ա- ԿԱԴՄՈՍ-ԿՈՒՏԻՆԵՐ, ԿԱԴՄԷԱՑԻՆԵՐ – ՏՈՒՆ ԿԱԴՄԵԱՅ-ԿՈՐԴՈՒՔ
Խորենացին կը գրէ, որ Բէլի բռնատիրութեան դէմ ապստամբած Հայոց անուանադիր Հայկ նահապետն իւր տուն ու տեղով չուելով Բաբելոնէն կ’երթայ Արարադի երկիրը եւ բնակելով լերան ստորոտը գտնուող դաշտավայրի մը մէջ՝ «…այնտեղ կալուածական բնակելի տուն կը շինէ եւ այն ժառանգութիւն կու տայ Կադմոսին՝ Արամանեակի[*2] որդիին»:[1] Արամանեակի որդին՝ Կադմոսը,[*3] ըստ հայ ականաւոր պատմաբան, քերականագէտ, լեզուաբան, աստուածաբան, մանկավարժ եւ Մխիթարեան միաբանութեան անդամ (1762 թուականէն)՝ Միքայէլ Չամչեանցի (1738-1823) կազմած՝ ժամանակագրաց ու Եօթանասնից աղիւսակներու, պէտք էր որ ապրած ըլլար՝ Ք. Ա. 2200-ական – 1900-ական թուականներուն (ըստ ժամանակագրաց աղիւսակի) կամ Ք. Ա. 2550-ական – 2000-ական թուականներուն (ըստ Եօթանասնից աղիւսակի), այսինքն՝ մեզմէ շուրջ հինգ հազար տարի առաջ, որ ըստ լեզուագէտներու կը համընկնի հնդեւրոպական նախահայրենիքէն՝ Հայկական լեռնաշխարհէն հնդեւրոպական ժողովուրդներու միասնութեան լիակատար տրոհման ժամանակաշրջանին հետ (Ք. Ա. III հազարամեակի կէսերուն):[*4][2]
Այժմ տեսնենք թէ ո՞րն էր Կադմոսին ժառանգութիւն տրուած Արարադի երկիրը եւ որո՞նք էին Կադմոսի ժառանգորդները՝ Կադմէացիները, որոնք իրենց լիարժէք արձագանքն ունեցած են հին յունական առասպելական փիւնիկեան հերոս՝ Կադմոսի (Cadmus) եւ անոր հարազատներու կերպարներով, զորս կատարելապէս կը հաստատուի ժամանակակից մարդաբանական գիտութեամբ ու DNA-ի {Deoxyribonucleic acid (DNA)} ապշեցուցիչ քննական արդիւնքներու միջոցաւ:
Ք. Ա. III հազարամեակի երկրորդ կէսին եւ մասնաւորապէս Աքքադի տիրակալ՝ Նարամ-Սինի կամ Նարամ-Սուէնի {Narām-Sîn or Naram-Suen (c. 2254-2218 BC)} գահակալութեան վերջին շրջանին, ըստ շումերական «Աքքադի նզովքը» (The Curse of Akkad) վիպասքի, սրբապղծութենէն զայրացած մեծ աստուածները կ’անիծեն Աքքադը, իսկ գերագոյն աստուած Էնլիլը (որուն պաշտամունքի կեդրոնը Նիպուրն էր) լեռներէն Աքքադի դէմ կը ղրկէ կուտիներու մեծաթիւ զօրքը, ուր կը կարդանք՝ «222-244 Անգամ մը եւս Սուէնը, Էնկին, Ինանան, Նինուրտան, Իկուրը, Ուտուն, Նուսկան և Նիսաբան՝ բոլոր աստուածները, իրենց ուշադրութիւնը սեւեռեցին քաղաքին վրայ և խստորէն անիծեցին Ագադէին։ 149-175 Էնլիլը… կը մտածէր, իր սիրելի Ի-քուրի [«լեռնային տան»] կործանման փոխարէն ինչ պէտք է կործանուի: Ան հայեացքը բարձրացուց դէպի Գուբին լեռները եւ ստիպեց լայն լեռնաշղթաներու բոլոր բնակիչներուն (՞) իջնել: Էնլիլը լեռներէն դուրս բերաւ անոնց… կուտիներուն…»:[3] Լեռնական կուտիները սրընթաց գրոհով կը հասնին Միջագետքի կեդրոն եւ թէժ մարտերու ընթացքին կը յաջողին սպաննել ինքնակոչ «աստուած» Նարամ-Սինին, վերջ տալով աքքադական բռնատիրութեան: Կուտիներու կամ գուտիներու առաջնորդ Էրիդու-վիզիրը (Erridu-pizir) Նիպպուրի մէջ աքքադական թագաւորներու նմանակով արձաններ կանգնեցնելով կը նուաճէ աքքադական «Աշխարհի չորս կողմերու արքայ» տիտղոսը, անոր աւելցնելով «Գուտիումի արքայ» մակագրութիւնը։[4] Նարամ-Սինի որդւոյն՝ Շար-կալի-շառիի {Shar-Kali-Sharri (մօտ մ.թ.ա. 2217–2193)} օրօք,[*5] ներքին եւ արտաքին ճնշումները կը յանգեցնեն Աքքադի իշխանատիրութեան արագ փլուզման, եւ ամբողջ Առաջաւոր Ասիան կը վերադառնայ անկախ պետութիւններու համակարգին։[5] Շար-կալի-շառիի մահէն ետք, կուտիական գահակալները կը տիրեն Շումերին եւ Աքքադին, ապա նուաճելով Էլամը կը տիրեն Առաջաւոր Ասիոյ մեծ մասին:[6] Հարիւրամեայ կառավարումէ ետք, Ք. Ա. 2112 թուականին, կուտները կը վտարուին հարաւային Միջագետքէն եւ Ուր քաղաքը կը դառնայ նոր շումերական քաղաքակրթութեան կեդրոն, որ կը կոչուի Ուրի Երրորդ արքայատոհմ կամ Նոր Շումերական կայսրութիւն {Third Dynasty of Ur or Neo-Sumerian Empire ( c. 2112 BC – c. 2004 BC)}:
Հին բաբելոնեան արձանագրութիւնները մեզի որոշակիօրէն ճշգրիտ տեղեկութիւններ չեն տար կուտիներու երկրի՝ Կուտիումի (Gutium) տեղորոշման մասին, այլ պարզապէս կը հաղորդեն, որ Կուտիումը լեռնային երկիր է եւ կը գտնուի կեդրոնական Միջագետքէն դէպի հիւսիս: Վաղամեռիկ արեւելագէտ ու պատմաբան Արտակ Ե. Մովսիսեանը (1970-2020) ուսումնասիրելով Ասորեստանի արքաներու արձանագրութեանց հաղորդումները կուտիներու երկրի մասին, հասած է այն եզրակացութեան, որ կուտիներու երկիրը՝ Կուտիումը (Gutium) «…կը համընկնի ճիշտ եւ ճիշտ Մեծ Հայքի Կորդուաց (Կորճայք) աշխարհի՝ Կորդուք գաւառին հետ»:[*6] Կորդուքի եւ կուտիներու կապի օգտին կը խօսի նաեւ այն փաստը, որ արամէական աղբիւրներուն մէջ Կորդուաց լեռները կը կոչուին Կուտի, որու արաբերէն տարբերակն է՝ «Ճուտի»-ն (արեւելահայերէն՝ Ջուդի):[7] Եօթներորդ դարու հայ գիտնական Անանիա Շիրակացիի համաձայն, Կորդուաց (Կորճայք) աշխարհը՝ Մեծ Հայքի 15 աշխարհներէն 6-րդն էր, իսկ Կորդուքը անոր 11 գաւառներէն առաջինը,[*7][8] որուն վարչական կեդրոնը եղած է Փինիկ (Փինիկիա) բնակավայրը։[9] Զարմանալիօրէն այն կը յիշեցնէ յունական առասպելական հերոս՝ Կադմոսի (հին յունարէն՝ Κάδμος) եղբօրը՝ Փիւնիկսին կամ Փիւնիքսին (հին յունարէն՝ Φοῖνιξ), որոնց մասին ստորեւ պիտի անդրադառնանք:
Խորենացին Հայկեան Արամի[*8] մասին պատմուող աւանդազրոյցին մէջ Կադմէացիներու կամ Կադմեայ տան նախարարական տոհմի ներկայացուցիչներուն կը ներկայացնէ, որպէս Մեծ Հայքի հարաւային շրջանի սահմանապահ կուսակալներ, որոնք սահմանակից էին Ասորեստանին:[10] Կադմէացիներու հարաւաին շրջանի սահմանապահ կուսակալութեան (բդեշխութեան) մասին ուշագրաւ տեղեկութիւններ կը քաղենք նաեւ միջնադարեան պետական մէկ վաւերագրի կամ ուրոյն հրովարտակի մը միջոցաւ, որ յայտնի է «Զօրանամակ» անուամբ,[*9] որու մասին հայ երեւելի պատմաբան, բիւզանդագէտ եւ բանասէր՝ Նիկողայոս Ադոնցը (Տէր-Աւետիքեան, 1871-1942) կը գրէ հետեւեալը՝ «Այն նախարարական տուներու ցանկն է, որոնցմէ իւրաքանչիւրի մօտ նշանակուած է անոնց հեծելազօրքին թիւը: Ըստ այդ ցանկի նախարարական ամբողջ զօրքը բաժնուած եղած է չորս թեւերու կամ …դռներու, որոնք պէտք է երկիրը պաշտպանէին հիւսիսային, հարաւային, արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերէն»:[11] Ըստ «Զօրանամակ»-ի Կադմէացիները իրենց ենթակայութեան տակ ունեցած են 13․200 զինուոր։ «Զօրանամակ»-ի որոշ տարբերակներուն մէջ «Կադմէացի» կուսակալութեան զուգահեռ յիշատակուած է նաեւ «Կորդուացի» կուսակալութիւնը, որն իր ենթակայութեան տակ ունեցած է 1.000 զինուոր։[12] Մովսէս Խորենացիի «Գահնամակ»-ին[*10] համաձայն Կադմէացիներու (Կադմէաններու կամ Կադմեայ տան), նախարարական տոհմը զբաղեցուցած է 15-րդ իշխանական գահը, իսկ Ներսէսի «Վարք»-ին համաձայն՝ 22-րդ գահը։ Հայոց Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսին վերագրուող Գահնամակին մէջ չէ յիշատակուած։ Հին հռոմէական պատմիչ՝ Ամիանոս Մարկէլլինոսը {Ammianus Marcellinus (c. 330 – c. 391 – 400)}, որ IV դարու կէսերուն մասնակցած է պարսիկներու դէմ Հռոմի պատերազմներուն եւ Կորդուքի մէջ անձամբ հանդիպած է կիսանկախ կառավարիչ Յովինիանուսին (Jovinianus)` Կորդուքն անուանած է «արգաւանդ եւ հարուստ գաւառ»,[13] իսկ Քսէնոֆոնը {Xenophon of Athens (c. 430 – 355/354 BC)}՝[*11] «գինեւէտ երկիր»:[14] Յոյն պատմիչ եւ աշխարհագրագէտ Ստրաբոնը {Strabo (64 or 63 BC – c. 24 AD)} Կորդուքի հայերուն (Գորդիացիներուն) կ’անուանէ «…նշանաւոր ճարտարապետներ եւ պաշարողական գործերու մէջ փորձառու»:[15] Իսկ Քսէնոֆոն կը յայտնէ, որ կարդուխները «…գերազանց նետաձիգներ էին, ունէին համարեայ երեք կանգուն երկարութեանբ աղեղներ եւ աւելի քան երկու կանգուն երկարութեամբ նետեր: Նետը արձակելու ժամանակ անոնք լարը կը քաշէին եւ ձախ ոտքերնին կը դնէին աղեղի վարի մասի ծայրին վրայ: Անոնց արձակած նետերը կը ծակէին վահաններն ու լաջապանակները»:[16]
Փաստօրէն, Արամանեակի որդի Կադմոսէն {Ք. Ա. 2550-ական – 2000-ական թուականներուն (ըստ Եօթանասնից աղիւսակի)} մինչեւ Կուտիական աւելի քան եօթ տասնամեայ աշխարհակալութեան ժամանակաշրջանը (Ք. Ա. 23-22-րդ դարեր), որ կը տարածուէր Էլամէն մինչեւ Ամանոսի (Մայրիներու) լեռները եւ Հայկական լեռնաշխարհի մեծ մասէն մինեւ Պարսից ծոց,[17] Յաբեթոսթյան (հնդեւրոպական) կամ Յաբեթական եւ մասնաւորապէս հայկական՝ Հայկազունեան ու Սէմա-քամական ժողովուրդներու թէ խռովեալ եւ թէ խաղաղ յարաբերութեանց կապը չէ խզուած, եւ այս տարածաշրջանի հնագոյն քաղաքակրթութիւն կերտող ժողովուրդները իրենց հնագոյն պատմութիւնը մեզ աւանդած են աւանդազրոյցներով, աւանդավէպերով, դիւցազնավէպերով ու վիպասքներով:
Յաբեթոսթյան-քամական ամէնէն հնագոյն հայատառ յիշատակութիւնը, Պատմահայր Մովսէս Խորենացիի եւ Սեբէոսի յիշատակած՝ Հայկի եւ Բէլի պատերազմի աւանդապատումն է, որն աւելի քան 4.500 տարուայ պատմութիւն ունի:
Բէլը պատմագրութեանը յայտնի է իւր աստուածային {Բէլ (Բէլոս, Բահաղ), Bêl (աքքադերէն՝ bēlu) կամ Բաալ, Baal կամ Baʿal} ու հսկաներու սերունդին պատկանող՝ տիտան-տիրակալ բնոյթով: Ան եղած է բաբելոնեան գերագոյն աստուածը, Բաբելոն քաղաքի հովանաւորը։ Անոր պաշտամունքը տարածուած էր Բարեբեր Մահիկի ողջ տարծքով: Ան՝ Բա’ալ յիշատակմամբ ուգարիթեան արձանագրութեանց մէջ յայտնի էր որպէս եղանակի աստուած, որը յատուկ իշխանութիւն ունէր կայծակի, քամիի, անձրեւի եւ պտղաբերութեան նկատմամբ։ Բէլը նոյնացուած է Երեւակ (լատիներէն՝ Saturnus) մոլորակին հետ, ինչպէս Հայկը՝ Օրիոն (լատիներէն՝ Orion), համաստեղութեան հետ: Սակայն մեզ հետաքրքրողը Բէլի մարդկային-տիտանեան բնոյթն է:
Պատմահայր Մովսէս Խորենացին նախքան Հայկի ապստամբութեան եւ Տիտանեան Բէլի դէմ պատերազմի մասին յիշատակելը, Բէլի մասին կը գրէ, որ «…անոր [իմա՝ Բէլին] ժամանակակից էր մեր նախնին՝ Հայկը, շատերը շատ բաներ խառնաշփոթ կը պատմեն, բայց ես կ’ըսեմ, թէ Կռոնոս[*12] կոչուածը եւ Բէլը Նեբրովթն եղած է»:[18] Աստուածաշունչը Նոյի ծոռան՝ Նեբրովթի մասին կը գրէ հետեւեալը՝ «10:6) Քամին որդիները Քուշ, Մեստրեմ, Փութ ու Քանան էին։ 10:7) Քուշին որդիները Սաբա, Եւիլա, Սաբաթա, Ռեգմա ու Սեբեթաքա էին։ Ռեգմային որդիները Սաբա ու Դեդան էին։ 10:8) Քուշ ծնաւ Նեբրովթը. ասիկա սկսաւ երկրի վրայ զօրաւոր ըլլալ։ 10:9) Ասիկա Տէրոջը առջեւ զօրաւոր որսորդ մըն էր. անոր համար կ’ըսուի, Տէրոջը առջեւ Նեբրովթի պէս զօրաւոր որսորդ»։[19]
Այժմ տեսնենք, թէ Խորենացիի յիշատակած Կռոնոսի ժառանգներուն նուիրուած յունական աւանդապատումը ինչպիսի բացայայտումներու առջեւ պիտի դնէ մեզի:
Յունական դիցաբանութեան հանրագիտարանին մէջ, զորս յայտնի է «Գրադարան»/«Bibliotheca» անուամբ,[*13] Պոսէյդոնի եւ Լիպիայի որդի՝ Բէլի մասին կը կարդանք հետեւեալը՝ «Եգիպտացիներու վրայ թագաւորելով՝ Էպաֆոսը [իմա՝ Զեւսի որդին] ամուսնացաւ Նեղոսի դստեր՝ Մեմֆիսի հետ, քաղաք մը հիմնեց եւ անոր անունով անուանեց Մեմֆիս: Էպաֆոս ունեցաւ դուստր՝ Լիպիան, որու անունով ալ կոչվեցաւ Լիպիոյ շրջանը։ Լիպիան Պոսէյդոնէն ունեցաւ երկու որդի՝ Ագէնորն ու Բէլը։ Ագէնորը մեկնեցաւ Փիւնիկիա եւ թագաւորեց այնտեղ, եւ այնտեղ ան դարձաւ մեծ տոհմի նախահայրը…։ Իսկ Բէլը մնաց Եգիպտոս, թագաւորեց երկրի վրայ. ամուսնացաւ Նեղոսի դստեր՝ Անքինոյի հետ, որմէ ունեցաւ երկորեակ որդիներ՝ Եգիպտոսին և Դանայոսին…։ Դանայոսը բնակեցաւ Լիպիոյ, իսկ Եգիպտոսը՝ Արաբիոյ մէջ: Եգիպտոսը իրեն ենթարկեց Մելամպոդների երկիրը եւ այն իր անունով անուանեց՝ Եգիպտոս»։[20] Իսկ յոյն պատմիչ Դիոդորոս Սիցիլիացին {Diodorus Siculus or Diodorus of Sicily (90 – 30 BC)} Բէլի մասին կը գրէ՝ «…որ Բէլը Եգիպտոսէն ներգաղթեալներ տարաւ Բաբելոնի նահանգ եւ իր նստավայրը հաստատելով Եփրատ գետի ափին, քուրմեր օծեց եւ համաձայն եգիպտացիներու սովորոյթի, անոնց ազատեց բոլոր պետական հարկերէն ու տուրքերէն»[21]
Սոյն յունական աւանդապատմներով ոչ միայն կը հաստատուի Խորենացիի՝ «Կռոնոսի եւ Բէլի Նեբրովթ ըլլալը», այլեւ Բէլի եթովպացի, այսինքն՝ Քամի ժառանգորդ եւ Քանանի ազգակից ըլլալը {որը նաեւ կը հաստատուի Աստուածաշունչի (Գիրք Ծննդոց՝ 10:6-9) տուեալներով}, որու մասին Պատմահայրը կը գրէ՝ «Եւ ժամանակագիրներէն շատերը Նեբրովթին, որ Բէլն է, եթովպացի եղած ըսելով, համոզեցին մեզի, որ այսպէս ստոյգ է, Նեբրովթը, այսինքն՝ Բէլը, եթովպացի եղած է՝ մենք համոզուեցանք, որ իսկապէս այդպէս եղեր է, (Եթովպիա) Եգիպտոսին սահմանակից ըլլալուն պատճառով»:[22]
Հնագոյն սեպագիր արձանագրութիւնները եւ վերոյիշեալ բոլոր աղբիւները ցոյց կու տան, որ Ք. Ա. III հազարամեակի սկիզբէն եւ նոյնիկ աւելի վաղ Տաւրոսեան լեռնաշղթայի ողջ երկայնքի հիւսիսային ու հարաւային հատուածներով ժողովուրդներու քաղաքակրթութեանց փոխյարաբերութեան ու փոխազդեցութեան մթնոլորտ մը կը տիրէր, իսկ Ք. Ա. III հազարամեակի երկրորդ կէսէն սկսեալ Առաջաւոր Ասիոյ մեծ մասը քամական հոգեւոր եւ աշխարհիկ ազդեցութիւն, ապա եւ Եգէյեան յոյներու առեւտրա-տնտեսական ու մշակութային ներգործութիւն կ’արձանագրէր, եւ այդ իրադրութեան կարեւորագոյն մէկ անդրադարձը, ինչպէս նկատեցիք, հին յունական աւանդապատումներն են, որուն մէկ ցայտուն օրինակը վերոյիշեալ Բէլի (հին յունարէն՝ Βῆλος) երկորեակ եղբօր՝ Ագէնորի (հին յունարէն՝ Ἀγήνωρ) եւ անոր ժառանգներու աւանդազրոյցն է (տես ստորեւ):
Գ- ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԴԻՑԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Նախորդ ենթավերնագրի Ապոլլոդորոսի ներկայացուցած հին յունական աւանդազրոյցէն պարզ կը դառնայ, որ Բէլն ու անոր երկորեակ եղբայրը՝ Ագէնորը[*14] եգիպտա-յունական (քամա-յաբեթական) ծագում ունին:[*15] Ագէնորը ինչպէս վերը նշած էինք, Եգիպտոսէն մեկնելով Փիւնիկիա, դարձած է Տիւրոսի թագաւոր: Ապոլլոդորոսը կամ «Կեղծ Ապոլլոդորոս»-ը Ագէնորի ժառանգներու մասին կը գրէ հետեւեալը՝ «Ագէնորը ամուսնացաւ Թէլէֆասայի հետ եւ ունեցաւ դուստր՝ Եւրոպան եւ երեք որդի՝ Կադմոսը, Փիւնիկսը եւ Կիլիքսը կամ Կիլիկսը»:[23] Զերծ մնալով յունական դիցաբանութեան դիցազեղ ու հերոսազեղ խառնիճաղանճէն, սակայն վերծանման կարօտ գանձարանէն, նախընտրեցինք բաւարարուիլ սոյն աւանդապատումով, որը պարզապէս հնդեւրոպացիներու վաղնջական անցեալի միասնութեան ու տրոհման եւ Եգէյեան ծովու հարաւ-արեւելեան ափէն մինչեւ Զագրոսեան լեռնաշղթայ երկարող՝ Տաւրոսի լեռնային համակարգի (աւելի քան 1250 քիլոմեթր) հիւսիսային ու հարաւային հատուածներուն շուրջ յառաջացած հնագույն քաղաքակրթութիւններու արձագանքն է:
Ինչպէս նկատեցիք, այս աւանդազրոյցին համաձայն մինչեւ Ագէնորի փիւնիկեան Տիւրոս քաղաքի թագաւոր դառնալը քամա-եգիպտական շերտն է որ կը գերիշխէ:[*16] Անշուշտ նոյնն է պարագան նաեւ Տիւրոսի թագուհի Թէլէֆասայի հետ կապուած, որու մասին հին յունական գաւառական կամ հովուերգու բանաստեղծ Մոսխուսը {Moschus (հին յունարէն՝ Μόσχος, Ք. Ա. II-րդ դար)} կը գրէ հետեւեալը՝ «Երկիր-Թափահարողը [իմա՝ Պոսէյդոնը] անոր [իմա՝ Լիպիային] տարաւ իր անկողինը, եւ Լիպիան ծնեց գեղանի Թէլէֆասային»:[24] Փաստօրէն այս աւանդազրոյցին համաձայն Թէլէֆասան ոչ թէ միայն քամա-եգիպտական ծագում ունէր, ալեւ Ագէնորի քոյրն էր: Ագէնորէն ու Թէլէֆասայէն ետք, բոլորովին նոր ու բազմաճիւղ մէկ այլ շերտ մը կ’առաջանայ եւ կամայ թէ ակամայ տեղիք կու տայ, որ քննութենէ անցնենք այդ շերտի չափազանց իւրայատուկ ու կարեւոր բաղադրիչները՝ Եւրոպան, Կադմոսը, Փիւնիկսը եւ Կիլիքսը կամ Կիլիկսը:
◊ Եւրոպա. «Կեղծ Ապոլլոդորոս»-ն Ագէնորի ու Թէլէֆասայի դուստր՝ Եւրոպայի ճակատագրի մասին չափազանց իւրայատուկ ու կարեւոր մէկ աւանդապատում մը կը ներկայացնէ, գրելով՝ «Զեւսը անոր [Եւրոպային] սիրեց, եւ վերածուելով ընտելացուած ցուլի, անոր նստեցուց իր մէջքին եւ ծովու միջով տարաւ Կրետէ։ Այնտեղ Զեւսը պառկեցաւ անոր հետ, եւ ան ծնեց Մինոսին, Սարպեդոնին և Ռադամանթիսին…»:[25] Այս աւանդապատման մէջ նկատելի է դիցաբանական ու աշխարհագրական մի քանի շերտ՝ Զեւսի կերպարով՝ քամա-արեւմտասէմա-յաբեթոստեան ցեղերու տրոհման նախատիպ՝ Եւրոպայի մերձակցութեամբ, նախքան Զեւսի Ողիմպիական աստուածներու թագաւոր հաստատուիլը (Ք. Ա. մօտաւորապէս 500-ական թուականներ). Զեւսի սպիտակ ցուլի վերածման խորհուրդը, որպէս տրոհման միջոց եւ երկնային գործօնի առկայութիւն. Եւրոպայի առաջին քաղաքակրթության ու պրոնզի դարու իւրայատուկ մշակոյթի՝ Մինոյեան քաղաքակրթության[*17] օրրան՝ Կրետէի (Κρήτη) խոյացում. Առաջաւոր Ասիական եւ մասնաւորապէս Փոքր Ասիական ցուլի պաշտամունքի հնագոյն հետքեր եւ միհրականութեան երկնային աղերսի հաստատում. յունական դիցարանի գերակայութեան նախատիպ…:
Ճիշտ է, որ Զեւսին կողմէ Եւրոպային տիրացման ժամանակ ցամաքային տարածք չէ օգտագործուած, սակայն սպիտակ ցուլի կերպարը ակամայ մեզ կ’առաջնորդէ դէպի ցուլապաշտական տարածքներ ու միհրականութեան օրրան՝ Հայկական Լեռնաշխարհ, ուրկէ եւ Մինոյեան քաղաքակրթության օրրան՝ Կրետէ կղզի: Ցուլը կամ եզը հայոց մշակոյթին մէջ խորհրդանշած է արեւի, ինչպէս նաեւ ուժի, յաղթանակի, հզօրութեան գաղափարները, որոնց վառ օրինակներուն կը հանդիպինք Ուխտասարի ժայռապատկերներուն (Ք. Ա. 5-էն 4-րդ հազարամեակներ) եւ Հայաստանի տարածքով սփռուած մեգալիթեան քարակոթողներուն կամ մեգալիթեան կառոյցներուն {Megalithic monuments (հին յունարէն՝ μέγας – մեծ, λίθος – քար)}՝[*18] վիշապաքարերուն վրայ (Ք. Ա. 10 հազար թուականէն մինչեւ առաջին հազարամեակի սկիզբ): Ցուլի աղերսը վառ ձեւով արտայայտուած էր նաեւ միհրականութեան {հիմնուած էր Միհր դիցի (արեւի աստծոյ) պաշտամունքի վրայ} մէջ, զորս զրադաշտականութեան ծագումէն {Zoroastrianism, also called Mazdayasna and Behdin (c. mid-6th century BCE)} առնուազն չորս հազար տարի առաջ (այսինքն՝ մեզմէ շուրջ 6600 տարի առաջ) Հայկական Լեռնաշխարհի սահմաններէն դուրս գալով մեծ տարածում ունեցած էր:[*19] Ի տարբերութիւն Մինոյեան քաղաքակրթութեան անյայտ դիցարանէն, Մինոյեան նշանաւոր սրբազան խորհրդանիշներէն՝ ցուլէն, օծման եղջիւրներէն ու ցլամարտի ծէսերէն, 1-4-րդ դարերու Հռովմէական կայսրութեան բոլոր տաճարներուն մէջ յայտնուած «տաւրոգթոնիա» (“tauroctony”) արուեստի գործերուն մէջ Միհրի (Միթրայի) ցուլամարտը կամ ցուլասպանութեան ծէսը աստղագիտութեան մէջ ունի իր գիտական բացատրութիւնը՝ աստղագիտութեան արեւը ընթանալով տարբեր համստեղութիւններու մէջէն, ամրան կէսին կը հասնի ցուլի համաստեղութեան մէջտեղը, ճիշտ այնպէս, ինչպէս դիցաբանութեան մէջ Միթրան ցուլին մէջտեղէն կը կիսէ։ Իսկ հազարամեակներ ետք, հայկական դիցաբանութեան մէջ կը հանդիպինք ցուլի եւ Արշակունի թագաւորական տոհմի կնոջ միջեւ տեղի ունեցած տարօրինակ յարաբերութեան մասին, որմէ կը ծնանին Երուանդն ու Երուազը:[26] Անշուշտ խօսքը կը վերաբերի Հայոց Երուանդունիներու արքայատոհմի վերջին ներկայացուցիչ Երուանդ Դ-ին կամ Երուանդ Դ. Շինարար արքային (գահակալած է Ք. Ա. 220-201 թուականներուն) եւ անոր եղբօր՝ հայոց քրմապետ Երուազին:
◊ Կադմոս, Փիւնիկս եւ Կիլիկս. «Կեղծ Ապոլլոդորոս»-ը շարունակելով աւանդազրոյցը կը գրէ՝ «Եւրոպայի անհետանալէն ետք, անոր հայրը՝ Ագէնորը, իր որդիներուն կը ղրկէ անոր փնտրելու՝ ըսելով, չվերադառնան, մինչեւ որ գտնեն Եւրոպային։ Անոնց հետն էր անոր մայրը՝ Թէլէֆասան, և Թասոսը՝ Պոսէդոնի, կամ ըստ Ֆէրէկիդէսի՝[*20] Կիլիկսի որդին, որոնք գացին անոր փնտրելու։ Բայց երբ մանրակրկիտ որոնումներէ ետք անոնք չկրցան գտնել Եւրոպային, հրաժարեցան տուն վերադառնալու մտքէն եւ բնակութիւն հաստատեցին տարբեր վայրերու մէջ։ Փիւնիկսը կը հաստատուի Փիւնիկիոյ մէջ, Կիլիկսը՝ Փիւնիկիոյ մօտ, եւ Պիրամոս գետի մոտ գտնուող ամբողջ երկիրը կ’անուանէ Կիլիկիա, իսկ Կադմոսն[*21] ու Թէլէֆասան բնակութիւն կը հաստատեն Թրակիոյ մէջ, եւ Թասոսը Թրակիայէն ոչ հեռու գտնուող կղզիի մը մէջ կը հիմնադրէ Թասոս քաղաքը եւ այնտեղ ալ կը բնակի»։[27] Ահաւասիկ յունական երանգ առած հնագոյն աւանդապատում մը, ուր յստակօրէն ցոյց կը տրուի մասնաւորապէս Կադմեայ տունէն {արամէացիք եւ Աստուածաշունչի հին ասորական ու հին արաբական թարգամանիչները «Տուն Կադմեայ» կամ «Կորդուք» անուանումը գործածած են «Հայաստան» անուան փոխարէն՝ «Կարդու» կամ «Քարդու» ձեւերով} հնդեւրոպացիներու տրոհման նախատիպը, զորս ոչ թէ միայն կը հաստատուի մարդաբանական ու ժառանգականական ուսումնասիրութեանց արդիւնքներով, այլեւ կը վանէ հայ ժողովուրդի ծագման մասին հին յունական դիւրիմացութիւնը, ինչպէս նաեւ հետագային գիտական շրջանակներէն ներս շրջանարուող հայոց եկուորութեան տեսութիւնը:
Դ- ՄԱՐԴԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԺԱՌԱՆԳԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Համեմատական լեզուաբանութեան հայր՝ Սըր Ուիլիըմ Ճոնսէն {Sir William Jones (1746 – 1794)} աւելի քան 1,700 տարի առաջ, յոյն պատմիչ եւ աշխարհագրագէտ Ստրաբոնը {Strabo (յունարէն՝ Στράβων, 64 or 63 BC – c. 24 AD)} շատ իւրայատուկ եւ միաժամանակ տարօրինակ տեղեկութիւն մը կը յայտնէ մեզի, գրելով՝ «Հայոց, Ասորիներու եւ Արաբներու ժողովուրդը մեծ ցեղակցութիւն ցոյց կու տայ՝ լեզուի, կեանքի եւ մարմնի նկարագրի կողմէ, անշուշտ որովհետեւ իրար հարեւան են: Յատկապէս Միջագետքի մէջ, որ այս երեք ժողովուրդներէն բաղկացած է, նմանութիւնը աւելի շատ կ’երեւի անոնց մէջ: … Ինչպէս նաեւ, ասորիները, արիացիները եւ արամէացիները որոշակի նմանութիւն ունին թէ վերը նշուածներու, եւ թէ միմեանց հետ»:[28] Ստրաբոն եթէ այսօր ապրած ըլլար արդեօք պիտի ապշէ՞ր, տեսնելով իր վերոյիշեալ տողերուն ճշմարտացիութեան հաստատումը ժամանակակից գիտութեանց կողմէ:
1889 թուականը շրջադարձային եղաւ մարդաբանական գիտութեան համար, երբ աւստրիացի բժիշկ, մարդաբան, հետախոյզ, հնագէտ եւ ազգագրագէտ Ֆելիքս Ռիթըր ֆոն Լուշանն {Felix Ritter von Luschan ( 1854–1924)} առաջին անգամ օգտագործեց Արմենոիտ (Armenoid race կամ Armenoid type) եզրոյթը, որպէս մարդաբանական տեսակի եզրոյթ:[*22] Այս առումով Լուշան շատ կարեւոր հետեւութիւն ընելով կը գրէ՝ «…որ Փոքր Ասիոյ մեծ մասի համար կարելի է ենթադրել լիովին միատարր սկզբնական բնակչութիւն, որը մինչ օրս Հայաստանի մէջ պահպանուած է հոծ թիւով, եւ որու մնացորդները կարելի է գտնել նաեւ երկրի միւս մասերուն մէջ, մասնաւորապէս թիւրքերու եւ մահմետական աղանդներու, ինչպէս նաեւ յոյներու շրջաններուն մէջ»:[29] Մէկ խօսքով, ըստ Լուշանի փաստարկներուն Փոքր Ասիոյ տարածքը միատարր Արմենոիտ մարդաբանական տեսակով բնակեցուած տարածք մըն է: Ամերիկացի մարդաբան՝ Քարլթոն Սթիւընս Գունը {Carleton Stevens Coon (1904–1981)} ընդարձակելով Արմենոիտ մարդաբանական տեսակի սահմաններն ու կարճագանկային ժողովուրդներու (brachycephalic peoples) ընդհանուր խումբէն բացառելով օսմանցի թիւրքերուն կը գրէ, որ «Մարմնական մարդաբանները շատոնց կ’ենթադրէին, որ Առաջաւոր Ասիոյ կարճագանկութեան անարատ տեսակը կը գտնուի հայոց մօտ: Արմենոիտ ցեղային եզրոյթը անուանուած է անոնց շնորհիւ»:[30] Եւ իրօք ժամանակակից յոյներու, ասորիներու, քիւրտերու, վրացիներու, տիւրզներու եւ եզտիներու մէկ մասը իրենց մարդաբանական տեսակով կը պատկանին Արմենոիտ ցեղին,[*23] իսկ «…շիճուկաբանական [serological] ապացոյցները ցոյց կու տան, որ հրեաները կրօն են, այլ ոչ թէ ցեղ [race]»։[31] ժառանգականական ուսումնասիրութիւնները բացի անկէ, որ ցոյց կու տան, որ հնդեւրոպախօսներու նախահայրենիքը եղած է Հայկական լեռնաշխարհն ու Պարսկական սարահարթը,[32] նաեւ առաւել ճշգրիտութեամբ կը հաստատեն, որ «…հայերը կը կազմեն առանձնայատուկ բոյլ մը, որ սահմանակից է եւրոպացիներուն, մերձաւորարեւելքցիներուն եւ կովկասեան բնակչութեանց: Աւելի ճշգրիտ, հայերը մօտ են (1) Եւրոպայէն՝ սպանացիներուն, իտալացիներուն եւ ռումինացիներուն, (2) Մերձաւոր Արեւելքէն՝ լիբանանցիներուն, տիւրզիներուն եւ կիպրացիներուն, եւ (3) Կովկասէն՝ վրացիներուն եւ աբխազներուն»:[33] Փաստօրէն, Առաջաւոր Ասիոյ մերօրեայ կրօնա-քաղաքական խճանկարի իւրաքանչիւր խիճ ունի Արմենոիտ ցեղի հազարամեայ հոգեւոր ու մարմնաւոր շաղախը…:
ԵԶՐԱՅԱՆԳՈՒՄ
Հնագոյն հայկական եւ յունական աւանդապատումները՝ Կադմոսի կերպարով, ժամանակակից հնագիտա-մարդաբանական եւ ծագումնա-ժառանգական գիտութիւնները կ’ապացուցեն, որ նոյնիսկ Նոր քարի դարէն (Ք. Ա. 10.000- 5.500 թուականներ) սկսեալ Տաւրոսեան լեռնաշղթայի ողջ երկայնքի հիւսիսային ու հարաւային հատուածներով ժողովուրդներու քաղաքակրթութեանց փոխյարաբերութեան ու փոխազդեցութեան մթնոլորտ մը տիրած էր, ուր իր մարդաբանական տեսակի կնիքը ձգած էր Աեմենոիտ (Armenoid race or Armenoid type) տիպը, զորս առ այսօր ցայտուն կերպով դրսեւորուած է մասնաւորապէս Առաջաւոր Ասիոյ տարածքէն ներս, ժամանակակից՝ յոյներու, ասորիներու, քիւրտերու, վրացիներու, տիւրզներու եւ եզտիներու մէկ մասին մօտ: Ուստի երբէք պատահական չէր, որ Արտաշէսեան արքայատոհմի երեւելի ու հզօր ներկայացուցիչ՝ Տիգրան Բ. կամ Մեծն Տիգրան (Ք․ Ա․ 95-55 թուականներ) արքան, իր աշխարհակալութան սահմաններուն մէջ ընդգրկէր մասնաւորապէս վերոյիշեալ այն տարածքներն, ուր կշիռ կը կազմէին Արմենոիտ մարդաբանական տիպի ներկայացուցիչները:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
[1]- Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց, Երեւան, 1968, Գիրք Առաջին (Ժ), էջ 86:
[2]- Գէորգ Բ. Ջահուկեան, Հայոց լեզուի պատմութիւն՝ նախագրային ժամանակաշրջան, Երեւան, 1987, էջ 76:
[4]- Marc Van De Mieroop, A History of the Ancient Near East ca. 3000 – 323 BC, second edition, Blackwell Publishing, Hoboken, New Jersey, 2007, page 71.
[5]- Գագիկ Յարութիւնեան եւ այլք…, Մեր յաղթանակները, Հատոր Ա, Երեւան, 2008, էջ 34-35 {Կուտիական արշաւանքներն Աքադի դէմ (Ք.Ա. XXIII-XXII դարեր) խորագիրը, տես՝ էջ 32-38}:
[8]- Անանիա Շիրակացի, Մատենագրութիւն (Աշխարհացոյց), Երեւան, 1979, էջ 294: Սուրէն Տ. Երեմեան, Հայաստանը ըստ «Աշխարհացոյց»-ի…, Երեւան, 1963, էջ 109:
[9]- Սուրէն Տ. Երեմեան, Հայաստանը ըստ «Աշխարհացոյց»-ի…, Երեւան, 1963, էջ 60: Բաբգէն Յ. Յարութիւնեան, Մեծ Հայքի վարչա-քաղաքական բաժանման համակարգն ըստ «Աշխարհացոյց»-ի (արեւմտեան եւ հարաւային աշխարհներ), Մաս Ա, Երեւան, 2001, էջ 276:
[10]- Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց, Երեւան, 1968, Գիրք Առաջին (ԺԴ), էջ 95:
[11]- Նիկողայոս Ադոնց, Հայաստանը Յուստինիանոսի դարաշրջանում՝ քաղաքական կացութիւնը ըստ նախարարական կարգերի, Երեւան, 1987, էջ 281-283:
[12]- Հ. Ղեւոնդ Վ. Մ. Ալիշան, Այրարատ՝ բնաշխարհ Հայաստանեայց, Վենետիկ-Ս. Ղազար, 1890, ներդիր՝ էջ 424-425-ի միջեւ:
[13]- Ammianus Marcellinus, The Roman History (Translated by C. D. Yonge), London, 1902, pages 321 and 393.
[14]- Քսէնոֆոն, Անաբասիս (թարմանութիւնը՝ Սիմոն Կրկիաշարեանի), Երեւան, 1970, Գիրք Չորրորդ, էջ 88: Xenophon, The Anabasis (Translated by Edward Spelman), New York, 1839, page 149.
[15]- Ստրաբոն, Աշխարհագրութիւն (Ստրաբոնը Հայաստանի եւ հայերի մասին), թարգմանութիւնը՝ Հրաչեայ Աճառեանի, Երեւան, 2011, էջ 80: The Geography of Strabo, Translated by Horace Leonard Jones, Volume VII, Book XVI, I. 22-24, London-New York, 1930, page 231.
[16]- Քսէնոֆոն, Անաբասիս (թարմանութիւնը՝ Սիմոն Կրկիաշարեանի), Երեւան, 1970, Գիրք Չորրորդ, էջ 88: Xenophon, The Anabasis (Translated by Edward Spelman), New York, 1839, page 150.
[21]- Diodorus the Sicilian, The Historical Library (Translated by George Booth), Book I, Chapter III, London, 1700, page 13.
[22]- Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց, Երեւան, 1968, Գիրք Առաջին (Ե), էջ 77:
[23]- Apollodorus, The Library (Translated by Sir James George Frazer), Book III (I. I), London-New York, 1921, page 297.
[24]- Տես՝ https://www.theoi.com/Text/Moschus.html#2. The Complete Works of Moschus and Bion, Delphi Classics, II. Europa, United Kingdom (Delphi Publishing Ltd, 2024), page 14 (e-book).
[25]- Apollodorus, The Library (Translated by Sir James George Frazer), Book III (I. I), London-New York, 1921, page 299. Տես նաեւ՝ The Greek Bucolic Poets (Translated by J. M. Edmonds), III. The Poems of Moschus, II.-Europa, London-New York, 1919, pp. 437-441.
[26]- Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց, Երեւան, 1968, Գիրք Երկրորդ (ԼԷ), էջ 172: Виталий Дмитриевич Гладкий, Древний мир. Энциклопедический словарь в 2-х томах, Центрполиграф, 1998 г., стр. 361 (e-book) / Վիթալի Տմիթրիեւիչ Կլատքի, Հին աշխարհ՝ Հանրագիտարանային բառարան 2 հատորով, Ցենտրփոլիկրաֆ, 1998, էջ 361 (Ելեկտրոնային գիրք՝ ռուսերէն):
[27]- Apollodorus, The Library (Translated by Sir James George Frazer), Book III (I. I), London-New York, 1921, pages 299 and 301.
[29]- Eugen Petersen und Felix von Luschan, Reisen in Lykien, Milyas und Kibyratis, Wien, 1889, Band II, seite 212 / Եուկէն Փետէրսըն եւ Ֆելիքս ֆոն Լուշան, Ճանապարհորդութիւն դէպի Լիկիա, Միլիաս եւ Քիպիրաթիս, Վիեննա, 1889, հատոր Բ, էջ 212 (գերմաներէն):
[30]- Carleton Stevens Coon, The Races of Europe, New York, 1939, page 625.
[31]- Review: An Introduction to the Anthropology of the Near East by Cornelius Ubbo Ariëns Kappers, American Anthropologist, 37(35), page 150 by Wilton Marion Krogman.
[32]- David Reich, Who We Are and How We Got Here, Oxford University Press, 2018, page 120.
[33]- Marc Haber and others…, Genetic Evidence for an Origin of the Armenians from Bronze Age Mixing of Multiple Populations, European Journal of Human Genetics, 2015, pp. 1-6.
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
[*1]- Պատմահայրը` «Հայկի ապստամբութեան, պատերազմի եւ Բէլի մահուան մասին» պատումի նիւթը առած է ասորի պատմագիր եւ փիլիսոփայ՝ Մար Աբաս Կատինայի {նաեւ Մար Աբաս Մծուրնացի, Մարաբա Մծուրնացի (ասորերէն՝ Mār Awā Qațțīnā (Ք. Ա. 3-րդ դար)} մատեանէն: Հայ պատմիչ, հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոս՝ Սեբէոսը կամ Սեբիոսը {նաեւ Սեբէոս եպիսկոպոս Բագրատունի (6-րդ դար – 7-րդ դար)} անոր անուանած է «Մարաբայ փիլիսոփայ Մծուրնացի»: {Մար Աբաս Կատինայի մասին, տես՝ Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց, Երեւան, 1968, Գիրք Առաջին (Ը եւ Թ), էջ 82-84: Տես նաեւ՝ Սեբէոս, Պատմութիւն, (արեւելահայերէնի վերածումը, առաջաբանն ու ծանօթագրութիւնները՝ Գուրգէն Կ. Խաչատրեանի եւ Վանօ Ա. Եղիազարեանի), Երեւան, 2005, Գլուխ Ա, էջ 5: Նաեւ՝ Հրաչեայ Աճառեան, Հայոց անձնանունների բառարան, Հատոր Ա, Երեւան, 1942, Ցուցակ Ա, Էջ 1 (Աբա)}:
[*2]- Արամանեակը ըստ պատմահօր եղած է Հայկ նահապետի որդին: Ան հօրը մահէն ետք ստանցնելով Հայկազունեան առաջնորդութիւնը, իր եղբայրներուն՝ Խոռին և Մանաւազին, ինչպէս նաեւ Մանաւազի որդւոյն՝ Բազին, ձգելով Հարքի մէջ, իր գերդաստանն առնելով կը չուի հիւսիս-արեւելք, կը բնակի բարձր լեռներով ու գետերով շրջապատուած արգաւանդ դաշտավայրի մը մէջ։ Պաշտամունքի կարգը կատարելու համար, ան կը բարձրանայ սարերէն մէկը, որն ըստ աւանդութեան, անոր անունով կը կոչուի Արագած, իսկ կալուածքը՝ Արագածոտն։
[*3]- Միքայէլ Չամչեանցի (1738-1823) կազմած՝ ժամանակագրաց ու Եօթանասնից աղիւսակներու հիման վրայ փորձեցինք մօտաւորապէս որոշել Արամանեակի որդւոյն՝ Կադմոսի ապրած ժամանակաշրջանը:
Ըստ ժամանակագրաց աղիւսակի, Հայկը ծնած է՝ Ք. Ա. 2273 թուականին, տիրած է՝ Ք. Ա. 2107 թուականին եւ մահացած է՝ Ք. Ա. 2027 թուականին:
Ըստ Եօթանասնից աղիւսակի՝ Հայկը ծնած է՝ Ք. Ա. 2666 թուականին, տիրած է՝ Ք. Ա. 2346 թուականին եւ մահացած է՝ Ք. Ա. 2265 թուականին:
Ըստ ժամանակագրաց աղիւսակի, Արամանեակը տիրած է՝ Ք. Ա. 2026 թուականին եւ ըստ Եօթանասնից աղիւսակի, տիրած է՝ Ք. Ա. 2265 թուականին:
Ուտի Արամանեակի որդին՝ Կադմոսը, ապրած պիտի ըլլար Հայկ նահապետի ծնունդեան ու մահուան միջեւ ինչ-որ ժամանակ մը եւ Արամայիսի ծննդեան ու տիրակալման միջեւ ժամանակաշրջանին, այսինքն՝ ըստ ժամանակագրաց աղիւսակի, Կադմոս ապրած պիտի ըլլար՝ Ք. Ա. 2200-ական – 1900-ական թուականներուն, իսկ ըստ Եօթանասնից աղիւսակի՝ Ք. Ա. 2550-ական – 2000-ական թուականներուն:
[*4]- Հայ երեւելի լեզուագէտ Գէորգ Բ. Ջահուկեան կը գրէ, որ «…հնդեւրոպական միասնութեան տրոհումը երկարատեւ եղած է՝ ընդգրկելով թերեւս մէկ հազարամեակէն աւելի ժամանակաշրջան»: Ան խիստ վերապահօրէն մօտենալով հնդեւրոպական ժողովուրդներու միասնութեան լիակատար տրոհման ժամանակաշրջանի (Ք. Ա. III հազարամեակի կէսերուն) ընդունուած ու տիրող կարծիքին հետ, կը յայտնէ, որ միայն որոշ աւելի վաղ առանձնացած լեզուներու համար ակնյայտ է այդ՝ «…ինչպէս՝ Ք. Ա. III հազարամեակին, հնդեւրոպական շարք մը լեզուներ՝ խեթա-լուվականը, արիականը, հայկականը, յունականը առանձնացած եղած են»: (Տես՝ Գէորգ Բ. Ջահուկեան, Հայոց լեզուի պատմութիւն՝ նախագրային ժամանակաշրջան, Երեւան, 1987, էջ 76-78):
[*5]- Աքքադական Շար-կալի-շառի (Shar-Kali-Sharri) արքայի եւ անոր նախորդներուն գահակալութեան թուականները վերցուցած ենք հետեւեալ աղբիւրներէն՝ Edited by Daniel T. Potts, A Companion to the Archaeology of the Ancient Near East, Volumes 1-2, Blackwell Publishing, 2012, page 650, ինչպէս նաեւ՝ https://en.wikipedia.org/wiki/Akkadian_Empire.
[*6]- Կուտիներու հայրենիքի՝ Կուտիումի (Gutium) տեղորոշման մասին մասնագէտներու մօտ եղած են տարբեր տեսակէտներ: Ոմանք այն տեղադրած են Կորդուաց լեռներու շրջանին, ոմանք ալ՝ Տիգրիսի, Փոքր Զաբ, Դիալա գետերու եւ Սիւլէյմանիէի լեռներու քառանկեան տարածքին, այլք՝ Զագրոսեան լեռներու եւ ուրիշներ՝ Զագրոսի հարաւային շրջաններու, Ուրմիոյ լիճի աւազանի եւ Կորդուաց լեռներու մէջ: (Տես՝ Արտակ Ե. Մովսիսեան, Բարեպաշտ արքաների աշխարհակալութիւնը…, Երեւան, 1997, էջ 3-4):
[*7]- Անանիա Շիրակացին կը հաղորդէ, որ Կորդուք գաւառի մէջ եւ Ասորեստանի սահմանին մօտ կը գտնուի՝ Թմանը: Թիմանը գիւղ է եւ կը գտնուի Մասիուս {Ճուտի (արեւելահայերէն՝ Ջուդի)} լերան հարաւային ստորոտին: Ըստ տեղական աւանդութեան Նոյի տապանը կանգ առած է Մասիուսի գագաթին եւ անոր աղխէն ութը հոգի իջնելով տապանէն բնակութիւն հաստատած են լերան ստորոտին՝ Թման գիւղին մէջ, որ ասորերէնով կը նշանակէ՝ ութի գիւղ {թիւ ութը ասորերէնով (իգական)՝ արեւելա-ասորերէն՝ ܬܡܵܢܹܐ (« tma: né), արեւմտա-ասորերէն՝ ܬܡܳܢܶܐ (tmone) եւ թիւ ութը ասորերէնով (արական)՝ արեւելա-ասորերէն՝ ܬܡܵܢܝܵܐ (« tma: nia:), արեւմտա-ասորերէն՝ ܬܡܳܢܝܳܐ (tmonyo)}: (Տես՝ Անանիա Շիրակացի, Մատենագրութիւն (Աշխարհացոյց), Երեւան, 1979, էջ 294: Տես նաեւ՝ Սուրէն Տ. Երեմեան, Հայաստանը ըստ «Աշխարհացոյց»-ի…, Երեւան, 1963, էջ 53 եւ 109: Ինչպէս նաեւ՝ Հայնրիխ Հիւբշման, Հին հայոց տեղւոյ անունները…, Վիեննա, 1907, էջ 202-203: Նաեւ՝ Թադեւոս Խ. Յակոբեան, Ստեփան Տ. Մելիք-Բախշեան եւ Յովհաննէս Խ. Բարսեղեան, Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան, Հատոր 2, Երեւան, 1986, էջ 459: Նաեւ՝ http://sargonsays.com/word/eight):
[*8]- Միքայէլ Չամչեանցի (1738-1823) համաձայն հայոց Արամ նահապետն իշխած է՝ Ք. Ա. 1827-1769 թուականներուն: Պատմահայր Մովսէս Խորենացին Հայկեան Արամ նահապետի մասին կը գրէ հետեւեալը՝ «Արամի մասին կը պատմեն, թէ յաղթական պատերազմներուն մէջ շատ քաջագործութիւններ կատարած է եւ ընդարձակած է Հայաստանի սահմանները բոլոր կողմերէն, որուն անունով ալ բոլոր ազգերը կը կոչեն մեր երկիրը, ինչպէս յոյները՝ Արմէն, իսկ պարսիկներն ու ասորիները՝ Արմէնիկ»: {Տես՝ Միքայէլ Չամչեանց, Պատմութիւն Հայոց (Ի սկզբանէ աշխարհի մինչեւ ցամ Տեառն 1784), Հատոր Գ, Վենէտիկ, 1786, Աղիւսակք՝ էջ 26։ Տես նաեւ՝ Հրաչեայ Աճառեան, Հայոց անձնանունների բառարան, Հատոր Ա, Երեւան, 1942, Էջ 266: Ինչպէս նաեւ՝ Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց, Երեւան, 1968, Գիրք Առաջին (ԺԲ), էջ 93 [առաւել մանրամասներու համար, Գիրք Առաջին (ԺԳ-ԺԴ), էջ 93-97]: Նաեւ՝ https://www.meronq.com/archive/index.php/t-4324.html}:
[*9]- Զօրանամակը արքունի կարեւոր փաստաթուղթ է, ուր կը նշուի Մեծ Հայքի նախարարական տուներու ռազմական ուժերու քանակի ու դասակարգման մասին: Այն Մեծ Հայքի մէջ գործադրուած է մինչեւ հայոց Արշակունեաց արքայատան անկումը (IV դարու վերջ – V դարու սկիզբ)։ Կազմուած է քառաբաժին բոլորակ աղիւսակի ձեւով՝ ըստ Մեծ Հայքի չորս կուսակալ զօրավարութիւններու (Հիւսիսային, Հարաւային, Արեւելեան եւ Արեւմտեան դուռերու)։ Այդ յոյժ կարեւոր պետական վաւերագիրը կամ ուրոյն հրովարտակը յայտնաբերած է պատմաբան, հնագէտ, մատենագէտ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եպիսկոպոս եւ Երեւանի թեմի առաջնորդ՝ Յովհաննէս Եպս. Շահխաթունեանցը (1799-1849), Ս. Էջմիածնոյ կաթողիկոսարանի մատենադարանի ձեռագրի մը մէջէն, երբ ան Էջմիածնոյ տպարանի կառավարիչն էր: Գրչուհի Տիրամօր կողմէ ընդօրինակուած եւ Անանիա Շիրակացիի անունը կրող ժամանակագրութեան կցուած այդ արժէքաւոր ձեռագիրը յետագային վերահրատարակած է Հայր Ղեւոնդ Ալիշանը, ապա եւ բնագրի ընթերցումը կատարած է Նիկողայոս Ադոնցը: {Տես՝ Յովհաննէս Եպս. Շահխաթունեանց, Ստորագրութիւն Կաթուղիկէ Էջմիածնի եւ հինգ գաւառացն Արարատայ, Հատոր Բ, Վաղարշապատ – Ս. Էջմիածին, 1842, ներդիր՝ էջ 58-էն ետք: Տես նաեւ՝ Ալեքսան Յակոբեան, «Գահնամակ ազատաց եւ տանուտէրանց հայոց» Հետազօտութիւն եւ բնագիր, Երեւան, 2011, Հատոր՝ XXVIII, էջ 28}:
[*10]- Գահնամակը պետական կարևոր հրովարտակ, վաւերագիր-ցուցակ է, ուր կը նշուին նախարարական տուներն ու անոնց զբաղեցուցած դիրքերը՝ ըստ իրենց տնտեսական ու ռազմական հզօրութեան: Պատմահայր Մովսէս Խորենացին սոյն հրովարտակի հիմնադիր կը համարէ Հայոց աւանդական թագաւոր՝ Վաղարշակ Ա-ին (գահակալած է՝ Ք. Ա. 247-225): Այն մեզ հասած տեսքով յայտնաբերած է հայոց Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսը՝ 424 թուականի Դեկտեմբերի 25-ին, պարսից արքունի դիւանէն։ Նախարարական գահակալութիւնը գործած է Արշակունիներու թագաւորութեան ողջ ժամանակաշրջանին (1-5-րդ դարեր)։ Այն շարունակուած է նաեւ մարզպանական ժամանակներուն (5-7-րդ դարեր)՝ Սասանեան թագաւորներու գերագահութեան ներքոյ։
[*11]- Հին յոյն գրող, պատմիչ, զօրավար եւ քաղաքական գործիչ Քսէնոֆոնը երիտասարդ տարիներուն մասնակցած է Փոքր Ասիոյ սատրապ Կիւրոս Կրտսերի կողմէ իր աւագ եղբօր՝ Աքէմէնեան Պարսկաստանի Արտաքսէրքսէս Բ. թագաւորի դէմ կատարած արշաւանքին, որ տեղի ունեցած է Ք. Ա. 401-400 թուականներուն։ Կունակսայի անյաջող ճակատամարտէն եւ Կիւրոս Կրտսերի սպանութենէն ետք, հայրենիք վերադարձին յունական տասը հազարնոց բանակը եօթնօրեայ կռիւներով անցած է կարդուխներու լեռնային անառիկ երկրէն՝ Կորդուքէն, ուր ան ամփոփ ձեւով անդրադարձած է կարդուխներու տնային իրերու, պաշարներու եւ մարտունակութեան մասին: {Տես՝ Քսէնոֆոն, Անաբասիս (թարմանութիւնը՝ Սիմոն Կրկիաշարեանի), Երեւան, 1970, Գիրք Չորրորդ, էջ 82-89: Տես նաեւ՝ Բաբգէն Յ. Յարութիւնեան, Մեծ Հայքի վարչա-քաղաքական բաժանման համակարգն ըստ «Աշխարհացոյց»-ի (արեւմտեան եւ հարաւային աշխարհներ), Մաս Ա, Երեւան, 2001, էջ 273}:
[*12]- Կռոնոսը կամ Կրոնոսը (անգլերէն՝ Cronus, յունարէն՝ Κρόνος) եղած է Գէայի (Երկիր) եւ Ուրանոսի (Երկնք) որդին եւ տիտաններէն կրտսերն ու առաջնորդը: Ան Հադէսի, Զեւսի եւ Պոսէյդոնի …(Hades, Zeus and Poseidon…) հայրն էր։ Յունական դիցաբանութեան մէջ յայտնի էր որպէս ժամանակի դից: {Տես՝ William Smith, Dictionary of Greek and Roman Biography and Mythology, Volume I, Boston, 1867, page 898: Տես նաեւ՝ Pierre Grimal, A Concise Dictionary of Classical Mythology, Basil Black well Ltd., 1990, page 110: Նաեւ՝ Մ. Ն. Բոտվիննիկ, Մ. Ա. Կագոն, Մ. Բ. Ռաբինովիչ, Բ. Պ. Սելեցկի, Դիցաբանական բառարան (թարգմանութիւնը՝ Ս. Մ. Կրկիաշարեանի), Երեւան, 1985, էջ 125-126}:
[*13]- Յունական դիցաբանութեան հանրագիտարանը՝ որ յայտնի է «Գրադարան»/«Bibliotheca» (հին յունարէն՝ Βιβλιοθήκη, լատիներէն՝ Bibliothēkē) անուամբ, յունական առասպելներու եւ հերոսական դիւցազնավէպերու, տոհմաբանական աղիւսակներու եւ պատմութիւններու ժողովածու է, զորս դասաւորուած է երեք գիրքի մէջ եւ սովորաբար կը թուագրուի Ք. Ե. առաջին կամ երկրորդ դարով։ Այն սխալմամբ վերագրուած է Ապոլոդորոս Աթենացիին {Apollodorus of Athens (հին յունարէն՝ Ἀπολλόδωρος ὁ Ἀθηναῖος, c. 180 BC – after 120 BC)}. սակայն գիրքերու ուսումնասիրութիւնները մասնագէտներուն հասցուցած են այն եզրակացութեան, որ ատոր հեղինակը ոչ թէ Ապոլոդորոս Աթենացին է, այլ պարզապէս Ապոլլոդորոսը (Apollodorus), որը յայսնի է նաեւ «Կեղծ Ապոլլոդորոս» («Pseudo-Apollodorus») անուամբ:
[*14]- Բէլի եւ Ագէնորի ծնողքը Պոսէյդոնն (հին յունարէն՝ Ποσειδών) ու Լիպիան (հին յունարէն՝ Λιβύη) են: Լիպիան Եգիպտոսի թագաւոր Էպաֆոսի կամ Էպափոսի եւ Մեմֆիսի դուստն էր, իսկ Պոսէյդոնը՝ հին յունական դիցարանի Տասներկու Ողիմպիական աստուածներէն մէկը՝ «Ծովու Աստուած»-ը։
[*15]- Եգիպտացիներու նախահայրը Մեստրիմն էր, Քամի որդիներէն մին, իսկ յոյներու նախահայրը՝ Յաւանն էր, Յաբեթի որդիներէն մին:
[*16]- Եթէ հետեւինք Կադմոսի ապրած ժամանակի Հերոդոտոսի հաղորդած տուեալներուն, ապա անոր հայրը՝ Ագէնորը Տիւրոսի մէջ իշխած պիտի ըլլար Ք. Ա. մօտաւորապէս 2050 թուականին: Բիւզանդացի պատմիչ-ժամանակագիր՝ Յովհաննէս Մալալասի համաձայն {John Malalas (հին յունարէն՝ Ἰωάννης Μαλάλας (c. 491–578 AD)}՝ «…Ագէնորը այդ տարածքներու թագաւորն էր 63 տարի»: {(Տես՝ https://topostext.org/work/793#2.30)}:
[*17]- Մինոյեան քաղաքակրթութիւնը {Minoan civilization (c. 3100 – c. 1100 BC)} բրոնզի դարու մշակոյթ էր, որու կեդրոնը Կրետէ (Κρήτη) կղզին էր։ Քաղաքակրթութեան անունն առաջացած է (հին յունարէն՝ Μίνως), հին յունական առասպելաբանութեան մէջ յիշատակուած Մինոսի անունէն, որն եղած է Զեւսի եւ Եվրոպայի որդին ու Կրետէի թագաւորը: {Տես՝ Colin Renfrew, Archaeology and Language: The Puzzle of Indo-European Origins, 2. Archaeology and the Indo-Europeans, Pimlico, 1998, page 33. Մանրամասն տես՝ Alexiou Stylianos, Minoan Civilization (Translated from the Greek by Cressida Ridley), Eraclion-Crete, 1969}:
[*18]- Հայքի Մեգալիթեան կառոյցները կը վերաբերին մասնաւորապէս Պղինձի-քարի (5-4 հազարամեակներ) եւ Պրոնզի (Ք. Ա. IV հազարամյակէն մինչեւ Ք. Ա. I հազարամյակի սկիզբը) դարերուն՝ որոշակիօրէն նաեւ Նոր քարի դարուն կամ Նէօլիթին (Ք. Ա. 10.000- 5.500 թուականներ)։
[*19]- Հայոց մէջ վաղնջական շրջանէն գոյութիւն ունեցող՝ Միհրի պաշտամունքը դեռեւս Ք. Ա. 14 -րդ դարուն (Ք. Ա. մօտաւորապէս 1380 թուականին)՝ Խեթերու թագաւոր՝ Սուպիլուլիումայի {Šuppiluliuma I, also Suppiluliuma or Suppiluliumas (reigned in c. 1350–1322 BC)} եւ Միտանիի (Նաիրիի) արքայ՝ Շաթիուազայի {Shattiwaza or Šattiwaza, c. 1345-1320 BC (high) or c. 1330-1305 BC (low)} միջեւ կնքուած դաշնագրին մէջ հիշատակուած է հովանաւոր դիցերու շարքին եւ միայն Ք. Ա. 395 թուականէն ետք, Արտաքսէրքսէս Բ. {Artaxerxes II (reigned in 405/4–359/8 BC)} արքային կողմէ ներմուծուած է Պարսկաստան (անկէ առաջ պարսկական աղբիւրներուն մէջ Միհրի մասին յիշատակում չէ եղած): Ապա, Ք. Ե. առաջին դարուն ներթափանցած է Հռոմ, իսկ Ք. Ե. 3-րդ դարուն արդէն դառնալով միջազգային՝ տարածուած է Հնդկաստանէն մինչեւ Սեւ ծով, Բալկաններէն մինչեւ Բրիտանիա եւ Սպանիա: (Տես՝ https://lousavor-avedis.org/?p=42189):
[*20]- Ֆէրէկիդէս Սիրոսցին {Pherecydes of Syros (հին յունարէն՝ Φερεκύδης ὁ Σύριος, մ.թ.ա. 6-րդ դար)} եղած է հին յոյն դիցաբան եւ նախափիլիսոփայ։ Անոր գիրքը, որ յայտնի է «Եօթ խորշեր» (Heptamychos, Ἑπτάμυχος), «Հինգ խորշեր» (Pentemychos, Πεντέμυχος) եւ «Աստուածներու խառնում» (Theokrasia, Θεοκρασία) անուններով, կը վերաբերի տիեզերածնութեան {cosmogony (յունարէն՝ κοσμογονία = κόσμος (կոսմոս), «տիեզերք», «աշխարհ» + γονή «ծնունդ, ծագում»)}՝ աստուածներու եւ անոնց յատկութիւններու բացատրական նախատիպին:
[*21]- «Պատմության հայր» Հերոդոտոս Հալիկառնասցին {Herodotus (հին յունարէն՝ Ἡρόδοτος Ἁλικαρνᾱσσεύς, c. 484 – c. 425 BC)} Կադմոսի ապրած ժամանաշրջանի մասին կը գրէ հետեւեալը՝ «Դիոնիսոսը, որուն կը համարեն Կադմոսի դուստր՝ Սէմէլէի որդին, եղած է ինձմէ առաւելագոյնը հազար վեց հարիւր տարի առաջ…»: Փաստօրէն Հերոդոտոսի տուեալներով Կադմոսը ապրած պիտի ըլլար Ք. Ա. 21-րդ դարու վերջերուն, որ կատարելապէս կը համապատասխանի մեր առաջադրած տուեալներուն (Ք. Ա. 2200-ական – 1900-ական թուականներ)՝ յենք ընդունելով Միքայէլ Չամչեանցի (1738-1823) կազմած՝ ժամանակագրաց աղիւսակը: Հերոդոտոսէն շուրջ երեք դար առաջ Կադմոսի մասին միեւնոյն տեղեկութիւնը տուած է հին յոյն բանաստեղծ Հեսիոդոսը {Hesiod (հին յունարէն՝ Ἡσίοδος, Ք. Ա. 8-7-րդ դարեր)} առանց յայտնելու անոր ապրած ժամանակաշրջանը, ուր կը կարդանք՝ «Կադմոսի դուստր Սէմէլէն միացաւ Զեւսին եւ ծնեց հիասքանչ Դիոնիսոսին՝ մահկանացու կնոջը, որը անմահ որդի ունէր, բայց այժմ երկուքն ալ աստուածներ են»: {Տես՝ Հերոդոտոս, Պատմութիւն ինը գրքից, թարգմանութիւնը՝ Սիմոն Կրկիաշարեանի, Երեւան, 1986, Գիրք Երկրորդ (145), էջ 144: Տես նաեւ՝ The Histories of Herodotus (Translated by Henry Cary), New York, 1904, Book II, Euterpe (145), page 138. Ինչպէս նաեւ՝ https://penelope.uchicago.edu/Thayer/E/Roman/Texts/Herodotus/2b*.html. Նաեւ՝ Hesido, Theogony and Works and Days (Translated with and Introduction and Notes by M. L. West), Oxford-New York, 1988, Line 937, page 31. Եւ՝ Theogony by Hesiod, translated into English by Michael Heumann, is licensed under a Creative Commons Attribution-NonCommercial-ShareAlike 4.0 International License, 2021, page 32}:
[*22]- Ֆելիքս Ռիթըր ֆոն Լուշանը {Felix Ritter von Luschan ( 1854-1924)} տարբեր գործընկերներու ընկերակցութեամբ 1881-1889 թուականներուն արշաւախումբեր կազմակերպելով Փոքր Ասիոյ՝ Լիկիական տարածքի, Կոմմագէնէի Նեմրութ լերան, Կիլիկիոյ Սամ՛ալի (Զինճիրլիի), ու արեւելեան Միջերկրածովեան Հռոդոսի հնավայրերն ու այլուր, ամփոփած է այդ արշաւախումբերու արդիւնքները իւր գործընկերոջ՝ Եուկէն Ատոլֆ Հերման Փետէրսընի {Eugen Adolf Hermann Petersen (1836–1919)} հետ հրատարակած համահեղինակային՝ «Ճանապարհորդութիւն դէպի Լիկիա, Միլիաս եւ Քիպիրաթիս» {«Reisen in Lykien, Milyas und Kibyratis» (1889), գերմաներէն} խորագիրը կրող գիրքին մէջ: Այս երկին մէջ առաջին անգամ յիշատակուած է մարդաբանական տեսակի Արմենոիտ (Armenoid race կամ Armenoid type) եզրոյթը:
[*23]- Հնագիտա-մարդաբանական ուսումնասիրութիւնները ապացուցած են, որ Արմենոիտ ցեղին պատկանած են հնագոյն ուրարտացիները, հին ասորիները, աքքադացիները, բաբելոնացիները, խեթերը, հաթերը, խուռիները, լիդիացիները, լուվիացիները, իսաուրիացիները, կիլիկիացիները, լիկիացիները, պիսիդիացիները եւ այլք։
Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ բաց քննարկում մը «Իրան-ԱՄՆ հակամարտութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան հարցերը» նիւթին շուրջ։
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ձեւաւորուող աշխարհաքաղաքական կացութեան եւ անոր հնարաւոր ազդեցութեան՝ Հայաստանի անվտանգութեան վրայ, անդրադարձ պիտի կատարուի Երեւանի մէջ, Մարտ 13-ին կայանալիք «Իրան-ԱՄՆ հակամարտութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան հարցերը» նիւթով բաց քննարկման ընթացքին։
Ժամը՝ 17։00 – 19։00
Վայրը՝ «Անի Պլազա» հիւրանոց, «Դուին» սրահ, Երեւան
Փորձագէտներն ու վերլուծաբանները Հայաստանէ, Իրանէ եւ Լիբանանէ պիտի ներկայացնեն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ընթացող զարգացումները, պիտի անդրադառնան Իրան-ԱՄՆ հակամարտութեան հնարաւոր պատկերացումներուն, ինչպէս նաեւ անոնցմէ բխող անվտանգային, քաղաքական եւ տնտեսական մարտահրաւէրներուն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան համար։
Բանախօսութիւններով հանդէս պիտի գան՝
Ալէն Ղեւոնդեան – ԵՊՀ, Միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունք, Քաղաքագիտութեան ամպիոն, դոցենտ
Վազգէն Պետրոսեան – «Հայաստանի Ժողովրդային Շարժում» ՀԿ համակարգող, թուրքագէտ
«Հայաստանի Ժողովրդային Շարժում» հայրենասիրական հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնած քննարկման նպատակն է մասնագիտական հարթակում վերլուծել տարածաշրջանային զարգացումները՝ ընդգրկելով ռազմական, անվտանգային, քաղաքական, տնտեսական բաղադրիչները, ներկայացնել տարբեր գնահատականներ եւ նպաստել Հայաստանի անվտանգութեան հարցերուն շուրջ հանրային քննարկման։
Դառն կսկիծով իմացանք ընկեր Խաչիկ Ճանոյեանի մահուան լուրը, որ պատահած է 10 Մարտ 2026-ին Լոս Անճելըսի մէջ, ԱՄՆ:
Այս մասին ընկհի Ճենի Գրիգորեան ֆէյսպուքի վրայ կը նշէ, վկայելով, թէ իր հանգուցեալ հօրը՝ Ժիրայր Գրիգորեանին սիրելի բարեկամը հանդիսացող Ընկ. Ճանոյեան մաքուր ու բարի հոգիի տէր մարդ էր, որուն ներկայութենէն արձակուած ջերմ լոյսը միշտ զգացած են զինք բոլոր ճանչցողները, աւելցնելով, որ մշտապէս հիացած ըլլալով իրմով, անկարելի է մոռնալ իր անմիջականութիւնը, ջերմ նկարագիրն ու առատաձեռնութիւնը:
***
Կենսագրութիւն
Խաչիկ Ճանոյեան ծնած է 15 Սեպտեմբեր 1944-ին Մուսուլի մէջ, Իրաք: Համայնքային գործիչ, խմբագիր, Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու միութեան երկարմեայ ատենապետ եւ հիմնադիրներէն մէկը: Հիմնադիր եւ ղեկավար Հայ Ընտանեկան Շաբաթօրեայ վարժարանին:
Ճանոյեան շատ փոքր տարիքէն կը կորսնցնէ իր մայրն ու հայրը: 1956-ին իր ծննդավայր Մուսուլէն կը տեղափոխուի Պաղտատ:1966-ին կ’աւարտէ Պաղտատի պետական համալսարանը, վկայուելով լեզուագիտական քոլէճի սպաներէնի բաժինէն:
Պաղտատի մէջ կ՛անդամակցի ՀԲԸՄ-ին ու մշտապէս կ՛ըլլայ անոր գործօն անդամը:
1968-ին անցնելով Պէյրութ, Լիբանան հայագիտական ուսումը կը ստանայ ՀԲԸՄ-ի Երուանդ Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկէն: Խաչիկ Ճանոյեան Պէյրութի մէջ ազգին կը ծառայէ ուսուցչութեամբ: Եղած է ՀԲԸՄ տեղւոյն վարժարաններուն մէջ ուսուցիչ ու հայկական բաժինի պատասխանատու:
1969էն ի վեր անդամակցած է ՌԱԿին: Ուր, որ ալ գտնուած է, ՀԲԸՄ-էն, ԹՄՄ-էն եւ ՌԱԿ-էն ներս տարած բազմաբեղուն աշխատանք:
1972-ին կը վերադառնայ Պաղտատ, ուր կը ծառայէ, որպէս հայերէն լեզուի ուսուցիչ:
1973-ին կ’անցնի Արժանթին, ուր կը վարէ ՀԲԸՄ-ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի վարիչ քարտուղարի պաշտօնը: Ան հոն կը կազմէ Արժանթինի Մարի Մանուկեան վարժարանի հիմնադրամին, դառնալով անոր հիմնադիրներէն մէկը:
«Տարիներով պարապ մնացած եռայարկ դպրոցաշէնքը հիմք դարձաւ, որ 1973-ին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Հարաւային Ամերիկայի շրջանակը իր գործունէութեան օրակարգի նիւթ դարձնէր «Բարեգործականի միջոցաւ ամէնօրեայ դպրոց մը բանալու հարցը»: Նիւթական ու կազմակերպչական մտահոգութիւններով ընդդիմացող շրջանակին առարկութիւնները յաղթահարելէ ու կազմակերպչական անհրաժեշտ աշխատանքներէ ետք, Մարտ 1975-ին իր դռները բացաւ Արժանթինի ՀԲԸՄի Մարի Մանուկեան Կրթական Հաստատութիւնը՝ երկրորդական բաժնով, որուն յետագային կցուեցան մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժինները: Այսպիսով Պուէնոս Այրէսի համայնքը ունեցաւ ամբողջօրեայ վարժարաններ»: ՀԲԸՄի օրուան վարիչ քարտուղար Խաչիկ Ճանոյեան
Խաչիկ Ճանոյեան խմբագրած է Հարաւային Ամերիկայի, ՀԲԸՄ միութեան եռամսեայ «Լուսաբաց» պաշտօնաթերթը:
1975-էն ի վեր կ’ապրի եւ կը գործէ Լոս Անճելըսի մէջ, ուր հիմնած է եւ 35 տարի շարունակ ղեկավարած է Հայ Ընտանեկան Շաբաթօրեայ անվճար վարժարանը:
Խաչիկ Ճանոյեան հիմնադիրներէն է եւ ատենապետը 1979-ին Լոս Անճելըսի մէջ հիմնուած Իրաքահայերու միութեան, որուն միջոցաւ մեծապէս նպաստած է գաղութահայ մշակութային եւ գրական կեանքին:
«1979-ի Ապրիլին հիմնուեցաւ Իրաքահայերու Միութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ։ Միութեան գլխաւոր նպատակն էր եւ մինչեւ այսօր կը գործէ նոյն համոզումով, ծառայել հայ ժողովուրդին, ուր որ կարիքը կայ, մեր նիւթական եւ բարոյական միջոցներով, որովհետեւ մենք խորապէս կը հաւատանք, որ հայկական միութիւնները կեանքի կը կոչուին եւ իրենց կեանքը կ’իմաստաւորեն ծառայութիւններ մատուցանելով: Այսպէս, 1979-էն ի վեր միութիւնը կը պահէ անվճար շաբաթօրեայ վարժարան մը: 38 տարիներու ընթացքին 1600-է աւելի փոքրիկներ մեր դպրոցը յաճախած են եւ հայերէն լեզու, երգ, պար եւ ասմունք սորված են»: Խաչիկ Ճանոյեան
ԱՄՆ-ի մէջ Ճանոյեան աշխատակցած է «Նոր Օր» եւ «Նոր Կեանք» թերթերուն: Ան եղած է «Նոր Օր»ի վարչական պատասխանատու, խմբագիրի օգնական եւ խմբագրական կազմերու անդամ:
Լոս Անճելըսի մէջ Խաչիկ Ճանոյեան մաս կազմած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տեղական մարմնին: Ընկ. Ճանոյեան, միշտ օժանդակութեան ձեռք մեկնած է Հայաստանին, ներառեալ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին:
2010-ին, Խաչիկ Ճանոյեան, որպէս Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու միութեան ատենապետ յատուկ պատուոյ գիր մը կը ստանայ Հայաստանի կառավարութեան Սփիւռքի նախարարութենէն, անոր եւ միութեան հայրենաշէն գործունէութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերը ամրապնդելուն համար:
Ան նաեւ արժանացած է շարք մը այլ գնահատագիրներու:
1996-ին, Հայաստանի իշխանութիւնները, Խաչիկ Ճանոյեանի 60-րդ տարեդարձին առիթով, անոր շնորհած են Հայաստանի պատուոյ քաղաքացիութիւն:
***
Նորօք հանգուցեալ ընկեր Խաչիկ Ճանոյեանին կը սգան իր այրին՝ ընկհի Ռոզմերին, իր երեք զաւակներն ու թոռները:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնն ու թաղման կարգը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի 23 Մարտ 2026-ին:
Այս տխուր առիթով, ԶԱՐԹՕՆՔ-ի անունով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ընկհի Ռոզմերիին, իր զաւակներուն, թոռներուն, հարազատներուն եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն: