ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հոկտեմբեր 10-ին, ընդունած է Արամ Խաչատրեանի անուան 5-րդ միջազգային փառատօնի բացման մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանած հոլիվուտի յայտնի դերասան, սենարիստ եւ ֆիլմարտադրող Ճոն Մալքովիչը:
ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ողջունելով հիւրը Հայաստանի մէջ` Նախագահը նշած է, որ մեծագոյն հաճոյք է տաղանդաշատ արուեստագէտը հիւրընկալել երկրի մը մէջ, ուր շատ բարձր կը գնահատեն արուեստի ուժը, որուն ժողովուրդը դարերու ընթացքին կրցած է ստեղծել մեծ մշակութային ժառանգութիւն եւ ուրոյն ներդրում ունենալ համաշխարհային քաղաքակրթութեան զարգացման գործին մէջ:
«Գիտեմ, որ հայ հանդիսատեսը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ ըմբոշխնելու Ձեր արուեստի, Ձեր տաղանդի առանձնայատուկ դրսեւորում մը, ուր կը միահիւսուին երաժշտութիւնն ու գրականութիւնը: Վստահ եմ, որ Ձեր մասնակցութիւնը Արամ Խաչատրեանի անուան 5-րդ միջազգային փառատօնի բացման արարողութեան միշտ պիտի մնայ հայ հանդիսատեսի յիշողութեան մէջ»,- ըսած է Հանրապետութեան Նախագահը եւ յոյս յայտնած, որ Հայաստան թէեւ կարճատեւ այցելութեան` Ճոն Մալքովիչը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ տեղւոյն վրայ աւելի լա՛ւ ճանչնալու Հայաստանը իր պատմամշակութային հարուստ ժառանգութեամբ եւ տաղանդաշատ մարդոց մշտապէս ակնածանքով վերաբերուող հիւրընկալ հայ ժողովուրդին:
Ճոն Մալքովիչ շնորհակալութիւն յայտնած է Հանրապետութեան Նախագահին ջերմ խօսքերու, հիւրընկալութեան, ինչպէս նաեւ այն աջակցութեան ու ուշադրութեան համար, որ Նախագահը կը յատկացնէ մշակոյթի զարգացման, ներառեալ` Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբին, որուն հետ համագործակցութեան ծիրէն ներս ժամանած է Հայաստան: Յայտնի արուեստագէտը նշած է, որ անհամբեր է Երեւանի մէջ ներկայացնելու նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր բեմադրիչ Սերգէյ Սմբատեանի հետ մտայղացած համատեղ ձեռնարկը եւ յոյս յայտնած, որ անիկա սիրով պիտի ընդունուի հայ հանդիսատեսին կողմէ:
ՀՀ Նախագահը Հիւրընկալած է Հոլիվուտի Դերասան Ճոն Մալքովիչը
Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ – ԺԲ. – Փառաւոր Աւանդներու Օրինաւոր Ժառանգը – Աւետիք Իսահակեանի Տուն-Թանգարան
*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Աշխարհիս լաւագոյն բանաստեղծներու շարքին, որոնց անմեռ երկերը կը յուզեն նորանոր սերունդներ` մտքի խորութեամբ ու զգացումով, բնութեան հրաշալի պատկերներով եւ վառ սիրով դէպի կեանքը, մարդն ու ազատութիւնը, առաջին տեղերէն մէկը կը պատկանի հայ ժողովուրդի մեծ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանին:
Անթանաս Վենցլովա (խորհրդային գրող)
«Զարթօնք»-ի այս շաբթուան պտոյտը կանգ առաւ Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանին մէջ, ուր դեռ կ՝ապրի տաղանդաւոր բանաստեղծին շունչն ու հոգին:
Աւետիք Իսահակեանը Հայաստանի մէջ ապրած Է իր կեանքի վերջին քսան տարին: 1945 թուականին, մեծ բանաստեղծի ծննդեան 70-ամեակին առիթով, Հայաստանի կառավարութիւնը որոշում կ՝ընդունի Իսահակեանին տուն նուիրաբերելու:
Բանաստեղծին մահէն ետք՝ որոշում կ՝ընդունուի տունը վերածելու Իսահակեանի յիշատակը յաւերժացնող տուն-թանգարանի: 1963 Հոկտեմբեր 31–ին տեղի կ՝ունենայ տուն-թանգարանին բացումը: Թանգարանի հիմնադրման եւ գործունէութեան մասին հարցազրոյց ունեցանք թանգարանի տնօրէն` Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքի բանասէր, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Անժէլա Խորէնեանի հետ:
«Զ.» – Տիկին Խորէնեան, պատմական փոքր ակնարկով ըսէք, թէ ինչպէս կառուցուած է այս շէնքը եւ երբ գործած է իբրեւ թանգարան:
«Ա. Խ.» –Աւետիք Իսահակեանը 1936 թուականին վերջնականապէս կը վերադառնայ Հայաստան: Սկիզբը բնակութիւն կը հաստատէ Երեւանի «Ինտուրիստ» հիւրանոցին մէջ, յետոյ Ղուկասեան փողոցի թիւ 11 տան մէջ, իսկ այնուհետեւ, արդէն 1946 թուականի վերջերը, Իսահակեանը իր ընտանիքով բնակութիւն կը հաստատէ այս տան մէջ եւ այստեղ կ՝ապրի մինչեւ իր կեանքին աւարտը ` 1957: Տունը Հայաստանի կառավարութեան նուէրն է մեծ բանաստեղծին: 1963 Հոկտեմբեր 31–ին, տեղի կ՝ունենայ տուն-թանգարանին բացումը:
Այդ թուականէն մինչեւ այսօր թանգարանը կը գործէ, այստեղ կը պահպանուին Իսահակեանի իրերը, գրադարանը, այն բոլոր անձնական իրերն ու առարկաները, որոնք կապուած են մեծ վարպետի կեանքին եւ ստեղծագործութեան: Իսահակեանը բաւական երկար ապրած է այստեղ եւ այն ամէնը ինչ որ հաւաքուած եւ ամբարուած են այս տան մէջ, կը կազմեն մեր թանգարանի ֆոնտերը:
«Զ.» – Քանի՞ ցուցասենեակ ունի թանգարանը, որքա՞ն կը կազմէ յուշային մասը:
«Ա. Խ.» –Թանգարանի ցուցադրութիւնը բաղկացած է երկու մասէ`գարական եւ յուշային: Շէնքը մասնակի փոփոխութեան ենթարկուած է` երկրորդ յարկին մէջ ցուցասրահ աւելցած է եւ աշխատասենեակներ, որոնք չեն եղած այդ տարիներուն: Երկրորդ յարկի ցուցասրահին մէջ, յատկապէս, ներկայցացուած են Իսահակեանի կեանքը եւ ստեղծագործութիւնը, այսինքն ամբողջ գրական մասը ներկայացուած է երկրկորդ յարկի ցուցասրահին մէջ:
Իսկ յուշային սենեակները, որոնք պահպանուած են այնպէս ինչպէս եղած են բանաստեղծի կենդանութեան օրօք, այնտեղ ոչինչ փոխուած է: Կահաւորելու ժամանակ օգտուած ենք ե՛ւ լուսանկարներէն, ե՛ւ Իսահակեանի հարազատներու խորհուրդներէն, այնպէս որ տան տեսքը` հիւրասենեակը, աշխատասենեակը, ննջասենեակը պահպանուած են այնպէս ինչպէս եղած են վարպետի կենդանութեան ժամանակ: Յուշասենեակներէն է վարպետին հիւրասենեակը. այստեղ հիւրընկալուած են շատ նշանաւոր մարդիկ, ինչպէս Փապլօ Ներուդան, Ժուժի Ամադուն, Գրիշնան Չանտրը, Նիկոլայ Տիխոնաւը, եւ ուրիշներ:
Յուշային հատուածին մէկ մասը կը կազմէ նաեւ փոքրիկ, շատ գեղեցիկ, գողտրիկ այգին, ուր դեռ կանգուն են Վարպետին ձեռքով ցանուած ծառերը:
«Զ.» – Որքա՞ն կը կազմէ թանգարանի ֆոնտային հատուածը` հաւաքածուն: Կը համագործակցիք արդեօք Աւետիք Իսահակեանի անուան գրադարանին հետ:
«Ա. Խ.» –Գրադարանին հետ մենք շատ լաւ բարեկամներ ենք, երբեմն համատեղ ձեռնարկներ կ՝ընենք, կամ միասին կ՝այցելենք պանթէոն՝ վարպեստի մահուան օրը: Շատ սերտ չէ, բայց շատ լաւ յարաբերութիւններու մէջ ենք, կը համագործակցինք եւ անհրաժեշտ պարագային նաեւ կը դիմենք իրարու:
Թանգարանը ունի բաւական հարուստ հաւաքածու: Այստեղ կը պահպանուին բանաստեղծի կեանքն ու ստեղծագործութիւնը ներկայացնող 11 հազարէն աւելի ֆոնտային արժէքներ` գիրքեր, ձեռագիրներ, լուսանկարներ, քանդակներ, գեղանկարներ, անձնական իրեր, բազմաթիւ վաւերագրեր, այլ փաստաթուղթեր, կենցաղային առարկաներ: Տարուէ տարի թանգարանը կը համալրուի նոր հաւաքածուներով…
Հաւաքածուին ուշագրաւ մասը կը կազմէ բանաստեղծին հարուստ գրադարանը, ուր կան ե՛ւ հայերէն հին հրատարակութիւններ Իսահակեանի հայրական տան հաւաքածոյէն, ե՛ւ օտար` ռուսերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, իտալերէն, սպաներէն լեզուներով գիրքեր:
«Զ.» – Ի՞նչ կրթական ծրագիր կ՝իրականցնէ թանգարանը։
«Ա. Խ.» –Ունինք բաւական շատ կրթական ծրագիրներ: Այսօր թանգարան աւելի շատ կ՝այցելեն միջին դպրոցի աշակերտները եւ ատիկա աւելի շատ մեր կրթական ծրագիրներուն շնորհիւ:
Իսահակեանը շատ սիրած է Անի քաղաքը: Բազմաթիւ անգամներ եղած է այնտեղ, այնպէս որ Անին Իսահակեանի ե՛ւ ստեղծագործութեան ե՛ւ կեանքին ե՛ւ ներաշխարհին շատ սերտաճած էր: Ինքն իրեն ան կը համարէր Անիի քաղաքացի եւ մենք, այսօր, հաշուի առնելով Իսահակեանի կեանքի այդ փաստերը՝ կը ներկայացնենք մեր փոքրիկներուն:
«Զ.» – Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք Սփիւռքի հետ։
«Ա. Խ.» –Այս պահուն որեւէ համագործակցութիւն դեռ չունինք: Մենք փորձեցինք համագործակցիլ Սան-Փաուլոյի կիրակնօրեայ հայկական դպրոցին հետ, բայց տարբեր պատճառներով համագործակցութիւնը առայժմ ուժի մէջ չէ: Համագործակցութիւնը պէտք է ըլլայ երկուստէք, մենք չենք կրնար առանձին որեւէ բան իրականացնել: Ժամանակին սփիւքահայեր շատ կ՝այցելէին մեզի, հիմա՝ ոչ այդքան։ Շատ ցաւալի է, որ այսօրուան սփիւռքահայ երիտասարդը չի գիտեր, որ ունինք Իսահակեանի նման բանաստեղծ եւ որ Հայաստանի մէջ կը գործէ անոր տուն թանգարանը: Պէտք է շատ մեծ գործ ընենք, որ յատկապէս Սփիւռքի մէջ կապը չկտրուի հայրենիքի հետ:
Այսօր մենք աւելի շատ կեդրոնացած ենք Հայսատանի մէջ աւելի շատ Իսահակեանը ծանուցելու, հանրայնացնելու շուրջ: Այս նուիրական մշակութային օճախին խորհուրդն ու առաքելութիւնն է պահպանել, նոր սերունդներուն փոխանցել այն սուրբ մասունքները եւ իրեղէն վկայութիւնները, որոնք կապուած են մեծ բանաստեղծի անուան հետ եւ կը կրեն անոր արարիչ ձեռքին դրոշմը:
«Զ.» – Շնորհակալութիւն Տիկ. Խորէնեան ձեր ժամանակին համար:
Յիշեցնենք, որ թանգարանը կը գտնուի Երեանի Զարոբեան փողոցի 20 հասցէին:
հեռ.` (37410) 56 24 24, (37410) 58 73 80
ել. փոստ` info@isahakyanmuseum.am
Կայքէջ` https://www.isahakyanmuseum.am
ՀՀ Վարչապետը եւ Իրանի Առաջին Փոխանախագահը Քննարկած Են Երկկողմ Տնտեսական Համագործակցութեան Ընդլայնման Ուղղուած Հարցեր
ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան առաջին փոխնախագահ Էսհաղ Ճահանկիրիի հրաւէրով, պաշտօնական այցով, Հոկտեմբեր 9-ին, ժամանած է Իրան: ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ Թեհրանի Մեհրապաղ օդակայանին մէջ, պաշտօնական դիմաւորման արարողութենէն ետք, վարչապետ Կարապետեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ուղեւորուած է ԻԻՀ թագաւորական Սաատապատ պալատ, ուր կայացած է Կարէն Կարապետեանի եւ Էսհաղ Ճահանկիրիի հանդիպում-առանձնազրոյցը:
ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար ու մէկ անգամ եւս շնորհաւորած Էսհաղ Ճահանկիրին Իրանի նախագահի առաջին տեղակալի պաշտօնին վերանշանակուելու առիթով: Վարչապետը բարձր գնահատած է բարեկամ Իրանի հետ ձեւաւորուած սերտ, բարիդրացիական յարաբերութիւնները, որոնք կը շարունակեն զարգանալ փոխվստահութեան մթնոլորտի մէջ: «Լիայոյս եմ, որ այս հանդիպումէն ետք մենք նոր շունչ պիտի հաղորդենք մեր համագործակցութեան եւ մեր օրակարգին մէջ գտնուող բոլոր ծրագիրներուն: Տնտեսական համագործակցութեան անդրադառնալով` պէտք է նշեմ, որ անիկա զգալիօրէն կը զիջի մեր երկիրներու միջեւ առկայ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան: Սակայն, աւելի քան վստահ եմ, որ կրնանք նոր յաջողութիւններ արձանագրել մեր համագործակցութեան տնտեսական հարթութեան մէջ»,- նշած է Կարէն Կարապետեան:
ԻԻՀ առաջին փոխնախագահ Էսհաղ Ճահանգիրին շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ վարչապետին իր հրաւէրը ընդունելուն, Իրան այցելելուն համար ու բարձր գնահատած երկու երկիրներուն յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը: Էսհաղ Ճահանգիրին կարեւոր համարած է երկու հարեւան ու բարեկամ պետութիւններուն միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ տնտեսական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը եւ վստահութիւն յայտնած, որ վարչապետ Կարապետեանի պաշտօնական այցը պիտի նպաստէ տնտեսական համագործակցութեան ալ աւելի աշխուժացման ու ընդլայնման:
Կողմերը համակարծիք էին, որ անհրաժեշտ է աշխուժացնելու հայ-իրանական միջկառավարական յանձնաժողովին աշխատանքները` համաձայնելով մօտ ժամանակներս իրականացնելու հերթական` 15-րդ նիստը:
ՀՀ վարչապետը եւ Իրանի առաջին փոխնախագահը նաեւ անդրադարձած են տարածաշրջանային զարգացումներուն: Այս ծիրէն ներս՝ Կարէն Կարապետեանը շնորհակալութիւն յայտնած է իրանական կողմին ԼՂ հիմնահարցով հաւասարակշռուած դիրքորոշման համար:
Կարէն Կարապետեան Էսհաղ Ճահանգիրիին պաշտօնական այցով հրաւիրած է Հայաստան, որ սիրով ընդունուած է:
Սերժ Սարգսեան Ընդունած է Քեմպրիճի Գնահատման եւ Միջազգային Կրթութեան Կեդրոնի Գործադիր Տնօրէնը
ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հոկտեմբեր 9-ին, ընդունած է Քեմպրիճի գնահատման եւ միջազգային կրթութեան կեդրոնի գործադիր տնօրէն Մայքլ Օսալիվանը:
ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Նախագահը ողջունած է հիւրը եւ կարեւոր համարած կրթութեան գերազանցութեան ազգային ծրագիրին ծիրէն ներս Այբ կրթական հիմնադրամի ու ծրագիրի միջազգային գործընկեր Քեմպրիճի համալսարանի գնահատման եւ միջազգային կրթութեան կեդրոնի միջեւ համագործակցութիւնը: Հանրապետութեան Նախագահին համոզումով` այդ համագործակցութիւնը Հայաստանին պիտի օգնէ նոր թափ հաղորդելու հանրակրթութեան ոլորտին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն, որոնց նպատակն է միջազգային չափանիշներուն համապատասխանող որակեալ կրթութեան տրամադրումը աշակերտներուն: Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ այս նպատակին հասնելու համար Հայաստանը պատրաստ է աշխոյժ ջանքեր ներդնելու եւ վճռական սկսած է բարեփոխումները հետեւողականօրէն շարունակելու եւ տարածելու ամբողջ հանրապետութեան մէջ: Նախագահը այդ նպատակներուն իրականացման գործին մէջ կարեւոր համարած է Կրթութեան գերազանցութեան ազգային ծրագիրին ծիրէն ներս Արարատեան Պաքալորիայի ներդրումը` միտուած հայկական կրթական լաւագոյն աւանդոյթներու եւ ժամանակակից կրթութեան առաջատար փորձի հիման վրայ միջազգային ճանաչելի եւ մրցունակ համակարգի ձեւաւորման:
Մայքլ Օսալիվանը նշած է, որ Քեմպրիճի գնահատման եւ միջազգային կրթութեան կեդրոնը կ՝աշխատի աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու կրթական համակարգերու բարեփոխման` լաւագոյն փորձի տեղայնացումով` ոչ կրկնօրինակումով, նոր կրթական համակարգ ձեւաւորելու ուղղութեամբ եւ անոր խօսքով, Հայաստանի մէջ ստեղծուած են լաւագոյն հիմքերը նման բարեփոխումներու իրականացման համար: Քեմպրիճի գնահատման եւ միջազգային կրթութեան կեդրոնի գործադիր տնօրէնը շեշտած է, որ Հայաստանի մէջ` ի դէմս Այբ կրթական հիմնադրամին՝ իրենք ունին լաւ գործընկեր, որուն հետ համագործակցութեամբ հնարաւոր է իրականացնել անհրաժեշտ բարեփոխումները:
Լոյս Տեսաւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի Լէ. Հատորը
Հինգշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2017-ին, Հայկազեան Համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԼԷ. (37-րդ) հատորին շնորհանդէսը, ներկայութեամբ Մ.Ա.Հ.Ա.Ե. Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի, կրթական ու մամլոյ մշակներու եւ բարեկամներու։
Մեծ բացական, ցաւօք սրտի, Հ.Հ. Հանդէսի նախորդ 26 տարիներու նուիրեալ պատասխանատու խմբագիր Հ. Անդրանիկ Ծ.Վրդ. Կռանեանն էր, որ վախճանած էր օրեր առաջ։ Հայր Անդրանիկ, որ 1978-ին միացած էր Հայկազեանի ընտանիքին իբրեւ գրաբարի դասախօս, 1991-ին ստանձնած էր Հանդէսի պատասխանատու խմբագիրի պաշտօնը, եւ իր գործակիցներուն հետ կրցած էր ապահովել անոր անխափան հրատարակութիւնը։ Իր խմբագրապետութեան օրերուն, Հանդէսը ձեռք ձգած էր բովանդակային հարստութիւն եւ որակային խորք, դառնալով փնտռուած հրատարակութիւն հայագիտական շրջանակներու մէջ։ Հ. Անդրանիկին վախճանումին առթիւ, շնորհանդէսի կազմակերպիչները պարտք սեպած էին ոգեկոչելու անոր յիշատակը, համալսարանէն ներս վարդապետին տարիներու գործունէութիւնը ցոլացնող լուսանկարներու ցուցադրութեամբ։ Սեղաններու վրայ ներկայացուած էին նաեւ Հ. Անդրանիկին հեղինակած ու թարգմանած գիրքերը, խմբագրածՄասիս շաբաթաթերթէն նմոյշներ։
Ապա Հանդէսի պատասխանատու քարտուղար Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան լուսանկարներով ներկայացուց Հ. Կռանեանի Հայկազեան Համալսարանի մէջ ունեցած գործունէութեան զանազան դրուագներ, շեշտը դնելով մանաւանդ 1990-2016 տարիներուն:
Շնորհանդէսին բացման խօսքը կատարեց համալսարանի Հայագիտական ամբիոնի վարիչ Դոկտ. Նանոր Գարակէօզեանը, որ ի պաշտօնէ անցեալ տարի միացած էր խմբագրակազմին։ Ան, ողջունելէ ետք ներկաները, կեդրոնացաւ Հանդէսին աշխատանքային իւրայատկութիւններուն վրայ, շեշտելով որ «միացեալ ուժերով աշխատիլը, տարբեր մասնագիտութիւններէ հմտութիւններ քաղելը եւ բազմակողմանի մօտեցումներով խմբագրելը անհրաժեշտ ազդակներ են մանաւանդ հայագիտութեան բնագաւառին մէջ, ուր աշխատանքներն ու հետազօտութիւնները…կ՚իրականան բազմաուսմունք (multidisciplinary) ճիգերով եւ միջմասնագիտական հաղորդակցութեամբ»: Ապա, Դոկտ. Գարակէօզեան հակիրճ ներկայացուց հատորը, որ կը բաղկանայ 18 յօդուած-ուսումնասիրութիւններէ, 5 քննարկումներէ, 3 հրապարակումներէ, 7 հաղորդումներէ, 6 գրախօսականներէ եւ 16 մահագրականներէ՝գրուածՀայաստանէն եւ Սփիւռքէն 43 տարբեր աշխատակիցներու կողմէ:
Օրուան բանախօսն էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան կցորդ, աստուածաբանութեան մասնագէտ, փիլիսոփայական գիտութիւններու թեկնածու Դոկտ. Վլատիմիր Պօղոսեանը, որ ներկայացուց Սփիւռքի հայագիտական կեդրոններուն մասին համապարփակ զեկուցում մը, համարելով որ հայագիտութիւնը համաշխարհայնացման դէմ պայքարի լաւագոյն զէնքերէն մէկն է, որ «պէտք է զարգանայ ժամանակի պահանջներին համահունչ»։ Պօղոսեան արագ ակնարկով ներկայացուց նախորդ դարերու հայագիտական կեդրոններու գործունէութիւնը, կարեւորելով յատկապէս Մխիթարեաններու աշխատանքը։ Իսկ Ի. դարուն՝ ան դրուատեց Հայաստանի Ակադեմիային, Մատենադարանին, Համալսարանին եւ այլ՝ գիտական հաստատութիւններու հսկայական նպաստը հայագիտութեան հզօր վերելքին։ Պօղոսեան նշեց, թէ այսօր աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կը գործեն 107 հայագիտական կեդրոններ, ամբիոններ, բաժիններ, ծրագիրեր եւ դասընթացքներ։ Ոմանց պարագային կը նկատուի նահանջի երեւոյթ մը (մասնագէտներու պակաս, տնտեսական տագնապ), ոմանք ալ կ՚արձանագրեն դրական տեղաշարժեր։ Պօղոսեան կարեւորեց Հայկազեան Համալսարանի դերը։ Համալսարանին հայագիտական ամբիոնին դասաւանդութիւնները, Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին ծաւալած գործունէութիւնները եւ գործակցութիւնները, Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի հրատարակութիւնը եւ աշխատակիցներու մեծ պարագիծը, ըստ բանախօսին «մեծապէս նպաստում են հայագիտութեան եւ հայապահպանութեան զարգացմանը»։Պօղոսեան նշեց, որ «Հայագիտութիւնը որպէս գիտական համակարգ եւ պետական-ազգային քաղաքականութեան ու գաղափարախօսութեան ծրագրի էական բաղադրիչ՝ մեծ կարեւորութիւն է ստանում յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան պայմաններում»։ Բանախօսը կարեւորեց, որ հայրենիքիեւ Սփիւռքի հայագիտական կեդրոնները, բոլոր ուղղութիւններով համաշխարհային գիտութեան հետ համընթաց քալելով, իրենց նուաճումները պէտք է ի սպաս դնեն հայոց պետականութեան ամրապնդումին ու անվտանգութեան ապահովումին, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան եւ հայկական քաղաքակրթութեան տարածումին։

Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Հայտօսթեան, իր խօսքին մէջ ոգեկոչեց Հայր Անդրանիկի յիշատակը.ան նշեց, թէ վարդապետին ներկայութիւնը ունէր ազնուացնող, զարգացնող, հայացնող, քաջալերող եւ աշխատանքի մղող ազդեցութիւն բոլորին մէջ։ Ապա, նախագահը յայտնեց, որ Հայկազեանի առաքելութեան մաս կը կազմէ յատկապէս հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ոլորտը, քանի որ հայագիտութիւնը իսկապէս գիտութիւն է, իսկ գիտութիւնը՝«ընդհանրապէս հայու զարգացման նպաստող վարք է»: Ան յիշեցուց, որ «համալսարաններ եւ ժամանակակից քաղաքակրթութիւններ առանց ուսումնասիրութեանց եւ ուսումնասիրութեան կեդրոններու չեն կրնար իրենց օրերու համապատասխան մտածողութիւն կամ ուսումնական ծրագիր եւ գիտութիւն գոյացնել»: Այս պարունակին մէջ, վերապատուելին կարեւորեցՀանդէսը,յատկապէս իբրեւ հասցէն այն հայագէտներուն, որոնք արեւմտահայերէնով աշխատասիրութիւններ կը կատարեն:Հուսկ, նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Հանդէսի խմբագրական կազմին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց աշխատանքներուն։
Շնորհանդէսը աւարտեցաւ կարկանդակի հատումով։
Հարկ է նշել, որ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը արդէն ունի իր միջազգային արժեչափերու համապատասխանութեան շարաթիւը (ISSN)։
ՀՀ Նախագահը Ընդունած է Հայաստանի Հետ Բարեկամութեան եւ Համագործակցութեան Ռուսաստանեան Ընկերակցութեան Նախագահը
ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հոկտեմբեր 9-ին, ընդունած է Հայաստանի հետ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան ռուսաստանեան ընկերակցութեան նախագահ Վիքթոր Գրիւոբուսքովը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:
Հանդիպման ընթացքին՝ Վիքթոր Գրիւոբուսքովը Հանրապետութեան Նախագահին ներկայացուցած է իր գլխաւորած կազմակերպութեան գործունէութիւնն ու յառաջիկայ ծրագիրները` մանրամասն խօսելով յատկապէս յառաջիկային Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի մշակութային օրերու կազմակերպման ուղղութեամբ ձեռնարկուող աշխատանքներուն մասին:
Ձեռնարկը պիտի իրականացուի մշակոյթի ոլորտին մէջ 2016-2018-ին ՀՀ եւ ՌԴ միջեւ համագործակցութեան ծրագիրին ծիրէն ներս: Հայաստանի հետ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան ռուսաստանեան ընկերակցութեան նախագահը Սերժ Սարգսեանին տեղեկացուցած է, որ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի մշակոյթային օրերուն ծիրէն ներս՝ մայրաքաղաքէն բացի՝ ձեռնարկներ պիտի իրականացուին նաեւ Ռուսիոյ տարածաշրջաններուն մէջ:
Հանրապետութեան Նախագահը ողջունած է հայ-ռուսական յարաբերութիւններու խորացման ու երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման ուղղուած ռուսաստանեան ընկերակցութեան գործունէութիւնը եւ մաղթած յաջողութիւններ: Նախագահը վստահեցուցած է, որ Հայաստանի պետական կառավարման մարմինները ամենայն օժանդակութիւն պիտի ցուցաբերեն ընկերակցութեան` վերոնշեալ նախաձեռնութիւններու իրականացման գործին մէջ:
Ռոման Բերեզովսկին կարող է մարզել «Դինամո»-ի երիտասարդական թիմի դարպասապահներին
Հայաստանի ֆուտբոլի ազգային թիմի նախկին դարպասապահ Ռոման Բերեզովսկին կարող է կրկին մարզչական աշխատանքի անցնել:
«Արմենպրես»–ի հաղորդմամբ` Բերեզովսկուն առաջարկել են մարզել «Դինամո»-ի երիտասարդական թիմի դարպասապահների, և Բերեզովսկին, ըստ ամենայնի, կհամաձայնի: Նման առաջարկ արել է «Դինամո»-ի նորանշանակ մարզիչ Դմիտրի Խոխլովը:
Բերեզովսկին որոշ ժամանակ առաջ հեռացել էր «Դինամո»-ից: Նա այս թիմում էր 2015 թվականից:
Հայաստանում մարզային զարգացման պիլոտային 7 ծրագրի համար ԵՄ-ն գումար է հատկացրել
Եվրոպական միության և ՀՀ կառավարության համաֆինանսավորմամբ ընթացքի մեջ են Հայաստանի մարզերում իրականացվող մարզային զարգացման 7 պիլոտային ծրագրեր։
«Արմենպրես»–ի հաղորդմամբ՝ լրագրողների հետ զրույցում ՀՀ տարածքային կառավարման և զարգացման նախարար Դավիթ Լոքյանն ասաց, որ 7 պիլոտային ծրագրեր իրականացնելու համար ԵՄ-ն Հայաստանին տրամադրել է 10 մլն եվրո, իսկ ՀՀ կառավարությունը՝ 1,75 մլն եվրո։
Նախարարի խոսքով, Շիրակի մարզում իրականացման ենթակա ևս մեկ ծրագիր ընտրության փուլում է։
«Պիլոտային ծրագրերն իրականացվում են տեղեկատվական տեխնոլոգիաների, վերականգնվող էներգիայի, շրջակա միջավայրի պահպանման, գյուղատնտեսության և սննդի վերամշակման, զբոսաշրջության ոլորտներում»,- ընդգծեց Լոքյանը և հավելեց, որ ծրագրերի իրականացման համար նախատեսվում է ստեղծել մոտ 500 նոր աշխատատեղ և ընդարձակել մոտ 300 ձեռնարկության կարողություն։ Գրեթե 2000 հոգի զբաղվածության ավելի լավ հնարավորություն կունենա, ինչպես նաև շուրջ 700 ընկերություն՝ մեծ մասամբ ՓՄՁ-ներ, կընդլայնեն իրենց գործունեությունը։ Այս ամենից զատ նախատեսվում է ստեղծել նաև կայուն ենթակառուցվածքներ, ինչը կարող է խթանել հետագա սոցիալական և տնտեսական առաջընթացը մարզերում»,- ընդգծեց Դավիթ Լոքյանը։
IDEA հիմնադրամը և Դիլիջանի համայնքապետարանը իրականացնում են Դիլիջանի զարգացման ծրագիրը։ Դրա շրջանակներում համայնքում ստեղծվում են տուրիզմի տեղեկատվական կենտրոն, գյուղատնտեսական շուկա և տաղավարներ, բարելավվում են Դիլիջան ազգային պարկի տուրիստական քայլուղիները, հիմնվում է արհեստների և արվեստների կենտրոն։ Ծրագրի ընթացքում 20 ձեռնարկություն ստանալու են փոքր դրամաշնորհներ, ստեղծվելու է ավելի քան 50 աշխատատեղ։
Նախարար Լոքյանը նշեց, որ Տավուշի մարզում ծրագրերի մի մասն արդեն ավարտված է։
«Նոյեմբերյանի համայնքային զարգացման կենտրոն» ՀԿ-ն, համագործակցելով մարզի արոտօգտագործողների կոոպերատիվների հետ, հիմնադրում է սառնարանային տնտեսություն, չրերի արտադրամաս, ջերմոցային տնտեսություն, թեյերի արտադրություն, մսամթերքի արտադրություն և կաթի վերամշակման գործարան։ Կազմակերպվելու են դասընթացներ, տոնավաճառներ, ուսուցողական այցելություններ մարզի գործարարների և ֆերմերների համար»,– ասաց ՀՀ տարածքային կառավարման և զարգացման նախարարը։
Ծրագրերն իրականացվում են նաև Գեղարքունիքի, Սյունիքի, Վայոց ձորի և Շիրակի մարզերում։
«Համապարփակ աջակցություն Հայաստանի լեռնային գյուղական շրջանների կայուն տնտեսական զարգացմանը» ծրագրում «Շեն» ՀԿ-ն Գեղարքունիքի և Սյունիքի մարզերի 6 գյուղում հիմնում է կենսագազի փոքր կայաններ, կաթի սրահներ հեռագնա արոտներում, ձավարաղաց և կտավատի ձեթի արտադրամաս, ջերմոցներ և չրանոցներ։
«Կապանի համայնքապետարանը հիմնում է արտադրամաս, որը պլաստիկ թափոններից կարտադրի կղմինդր, եզրաքարեր, սալիկներ, դիտահորեր, կափարիչներ և այլն։ Արտադրամասում և աղբի հավաքման կայաններում կստեղծվի ավելի քան 45 աշխատատեղ։ Ֆլորենցիայի համալսարանը և Եղեգնաձորի տուրիզմի տարածաշրջանային կենտրոնը Վայոց Ձորի մարզում հիմնում են 1000 կՎտ հզորությամբ արևային ֆոտովոլտային էլեկտրակայան, ինչպես նաև նպաստում են տուրիստական ոլորտի ընկերությունների մրցունակության բարձրացմանը։ Ծրագրում ընդգրկված են 8 համայնք»,– ընդգծեց Դավիթ Լոքյանը։
«Մայքրոսոֆթ ինովացիոն կենտրոն Հայաստան» հիմնադրամը «Տեխնոլոգիաների խթանում ՀՀ Շիրակի մարզում ծրագրի շրջանակներում վերապատրաստում է 200 երիտասարդի ՏՏ ոլորտում, արդեն կառուցված լաբորատորիայում առաջարկում է պրակտիկ խնդիրների լուծման կուրսեր փորձառու մասնագետների ուղեկցությամբ և աշխատանքի տեղավորում՝ առնվազն 60 մասնակցի համար։
Ըստ հաղորդումների՝ պաշտոնատար անձինք հարկադրել են կեղծ խոստովանական ցուցմունքներ տալ
Պաշտոնատար անձանց կողմից ցուցմունք տալուն հարկադրելու դեպքերի վերաբերյալ քաղաքացիներից ստացված հաղորդումների հիման վրա ՀՀ հատուկ քննչական ծառայությունում քրեական գործեր են հարուցվել ՀՀ քրեական օրենսգրքի 341-րդ հոդվածի տարբեր մասերի հատկանիշներով:
Ինչպես «Արմենպրես»-ին տեղեկացրին ՀՀ հատուկ քննչական ծառայության լրատվական ծառայությունից, Երևան քաղաքի Արաբկիր և Քանաքեռ-Զեյթուն վարչական շրջանների ընդհանուր իրավասության առաջին ատյանի դատարանում քննվող քրեական գործով ամբաստանյալ Է. Ք.-ն դատական նիստի ընթացքում հայտնել է, որ նշված քրեական գործի նախաքննության ընթացքում իրեն տևական ժամանակով պահել են ոստիկանության Արաբկիրի բաժնում, որտեղ երեք քննիչներ իր նկատմամբ ճնշումներ ու սպառնալիքներ են գործադրել` հարկադրելով իրականությանը չհամապատասխանող ցուցմունքներ տալ առանձնապես խոշոր չափերով գողության փորձ կատարելու վերաբերյալ:
Պետական հատուկ ծառայություն իրականացնող մի խումբ պաշտոնատար անձանց կողմից ցուցմունք տալուն հարկադրելու դեպքի առթիվ քրեական գործ է հարուցվել ՀՀ քրեական օրենսգրքի 341-րդ հոդվածի 3-րդ մասի 4-րդ կետով:
Մյուս քրեական գործը հարուցվել է ՀՀ ԱՆ Նուբարաշեն քրեակատարողական հիմնարկի կալանավոր Վ. Ն.-ի հաղորդման հիման վրա: Վերջինս Շիրակի մարզի ընդհանուր իրավասության դատարանում քննվող քրեական գործով կայացած դատական նիստի ընթացքում ցուցմունք, իսկ այնուհետև` ՀՀ հատուկ քննչական ծառայությունում հաղորդում է տվել, որ ՀՀ ՊՆ նախկին քննչական ծառայության քննիչն իրեն հարցաքննելիս հոգեբանական ճնշումների է եթարկել` պահանջելով ցուցմունքում իրականությանը չհամապատասխանող տեղեկություններ գրի առնել, թե, իբր, ինքը իր և այլ անձանց մարտական ուղու վերաբերյալ փաստաթղթեր է կնիքել:
Պետական հատուկ ծառայություն իրականացնող անձի կողմից ցուցմունք տալուն հարկադրելու հիշյալ դեպքի առթիվ ՀՀ հատուկ քննչական ծառայությունում քրեական գործ է հարուցվել ՀՀ քրեական օրենսգրքի 341-րդ հոդվածի 1-ին մասով:
Կատարվում է նախաքննություն:
Ծանուցում. ենթադրյալ հանցանքի մեջ կասկածվողը կամ մեղադրվողը համարվում է անմեղ, քանի դեռ նրամեղավորությունն ապացուցված չէ ՀՀ քրեական դատավարության օրենսգրքով սահմանված կարգով` դատարանի` օրինական ուժի մեջ մտած դատավճռով:
Բակո Սահակյանը նախադպրոցական ցանցի ընդլայնումը Շուշիում համարել է զարգացման կարեւոր գրավականներից մեկը
Արցախի Հանրապետության Նախագահ Բակո Սահակյանը հոկտեմբերի 10-ին մասնակցել է Շուշի քաղաքում նոր մանկապարտեզի բացման հանդիսավոր արարողությանը:
Ինչպես «Արմենպրես»-ին տեղեկացրին Արցախի Հանրապետության նախագահի աշխատակազմի տեղեկատվության գլխավոր վարչությունից, Նախագահ Սահակյանը նախադպրոցական ցանցի ընդլայնումը Շուշիում համարել է քաղաքի զարգացման կարեւոր գրավականներից մեկը եւ երախտագիտություն հայտնել ամերիկահայ բարերար Էդուարդ Մսրլյանին նախագծի իրականացման համար:
Բակո Սահակյանը բարձր է գնահատել նման աջակցությունը՝ այն համարելով հայրենասիրության օրինակելի դրսեւորում: