Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

Նախագահ Սերժ Սարգիսեանը Ներկայ Գտնուած Է «Այբ» Դպրոցի Նոր Մասնաշէնքի Բացման Արարողութեան

0

Նախագահ Սերժ Սարգիսեանը ներկայ գտնուած է Երևանի մէջ  «Այբ» դպրոցի նոր՝ երրորդ մասնաշէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութեան, որու հիմնարկութիւնը  տեղի ունեցած էր 2015 թուականին՝ Հանրապետութեան Նախագահի ներկայութեամբ:

Ինչպէս «Արմենփրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան և տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն, Նախագահ Սարգիսեանը կրթութեան և գիտութեան նախարարի, «Այբ» դպրոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահի և միջոցառումի հրաւիրուած «Այբ»-ի բարերարներու ու այլ հիւրերի հետ շրջած է իւրօրինակ ճարտարապետական լուծումներով քառայարկ նոր մասնաշէնքի մէջ, ծանօթացած  ստեղծուած պայմաններուն եւ մասնաշէնքի թէքնիք միջոցներուն: «Այբ» դպրոցի 4200 քմ. տարածքով նոր մասնաշէնքը նախատեսուած է 180 աշակերտի համար:

 

Երեւանեան Նամականի Թիւ 2 – Հայաստան-Սփիւռք 6–Րդ Համաժողով «Փոխադարձ Վստահութիւն, Միասնականութիւն Եւ Պատասխանատուութիւն» Խորագրով – Երեւան 18-20 Սեպտեմբեր

0

*Մինաս Գոճայեան*
(Մասնակից)

      Աւելի քան 90 ելոյթներ չորս տարբեր ուղղութիւններով, որոնք էին՝

      1.- Հայաստանի զարգացման հիմնախնդիրներ

      2.- Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանական քաղաքականութեան     առանձնայատկութիւնները ժամանակակից մարտահրաւէրների   պայմաններում

      3.- Արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ

  1. – Հայապահպանութեան հիմնախնդիրներ։

      Ելոյթներ եւ ուղերձներ տրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Բակօ Սահակեանի, Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, զանազան նախարարներու եւ զոյգ կաթողիկոսներու կողմէ։

      Երեքօրեայ Համաժողովի նախօրեակին փառաւոր եւ աչք շլացնող հիւրասիրութիւն մը մատուցուեցաւ «Փառաւոն» լաս վեկասեանատիպ «հանգստի եւ ժամանցի համալիր»ին մէջ, ուր բացի ողջոյնի խօսքերէն, համեղ ճաշատեսակներէն ու խորտիկներէն` գեղարուեստական յայտագիր մը եկաւ ամբողջացնելու փառաւոր ընդունելութիւնը։

      Երեքօրեայ Համաժողովը աւելի լաւ կազմակերպուած էր բաղդատմամբ նախորդներուն. կատարուեցան այցելութիւններ Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձան, Եռաբլուր եւ Ս. Էջմիածին։ Համաժողովի վայրը` Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրը, կը նմանէր մեղուի փեթակի մը, որուն վրայ սեւեռուած էր Հայաստանի ու սփիւռքի ուշադրութիւնը ՝ Համաժողովին առթիւ։ Ուրախութեամբ պիտի նշեմ որ ժպտադէմ, պատրաստուած ու ծառայասէր ուսանող-ուսանողուհիներ, որոնք չէին խեղճանար օտար լեզուներու մէջ, ամէն անկիւնի վրայ պատրաստ էին օգտակար ըլլալու մասնակիցներուն։

      Կողմնակի հարցազրոյցներ, թղթակիցներու հետ հանդիպումներ, կարծիքներու փոխանակումներ զանազան զանգուածային հաղորդակցութեանց միջոցներու հետ ցոյց կու տային թէ հայրենի մեր ժողովուրդը իսկապէս լուրջի առած է սոյն համագումարը, որմէ շատ շատեր սպասելիքներ ունէին (թէեւ ուրիշներ ալ թերահաւատ էին եւ կատարուածը կը նկատէին ցուցադրանք մը. չեմ այպաներ այսպիսիները)։

      Հանդիսաւոր բացումէն ետք, երբ հայրենի թէ սփիւռքի պետական ու հոգեւոր բարձրագոյն անձնաւորութիւնները վերջացուցին իրենց ելոյթները, շուրջ 1500 մասնակիցները միացան զիրենք հետաքրքրող խումբերուն։ Հակառակ որ յիշեցում կատարուած էր հեռու մնալ տեղեկագրութիւններէ (այս ըրինք, այն ըրինք…), եղան ոչ-արհամարհելի թուով ելոյթներ, որոնց մէջ կը տիրապետէին տեղեկագրութիւնն ու հայրենասիրական ճառերը (զորս լսելու համար չէինք եկած ի հարկէ…)։

      Կ՚ակնկալէինք որ որոշակի առաջարկութիւններու թիւը աւելի շատ ըլլար եւ վերլուծման, գնահատման ու հայրենի թէ սփիւռքի բարելաւման նուիրուած ելոյթները ըլլային գերիշխող։ Քիչ թուով ելոյթներ եղան սոյն պահանջքը լրացնող։ Այսուամենայնիւ առանձնապէս պէտք կը զգամ դրուատել «Հայաստանի զարգացման հիմնախնդիրները» ուղղութեան մէջ ներկայացուած ելոյթները, ուր կային յստակ ու որոշակի (կոնկրէտ) առաջարկներ, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանեան ապրանքներու եւրոպական, ռուսական եւ եւրասիական շուկայ արտածելու ծրագիրներուն։

      Քանի որ հնարաւոր չէր միաժամանակ ներկայ ըլլալ տարբեր ուղղութիւններու զեկուցումներուն, պիտի բաւականանամ անդրադառնալ այն զեկուցումներուն, որոնց կրցայ հետեւիլ։

      Հետաքրքրական էր ու այժմէական ՀԲԸՄ-ի Կեդր. Վարչութենէն Երուանդ Զօրեանի խօսքը։ Ան հիմնած է Armenian Virtual College-ը, որուն շնորհիւ աշխարհի տարբեր երկիրներու հայ թէ օտար երիտասարդներու առիթ կը տրուի սորվիլ հայերէն եւ ծանօթանալ Հայաստանին ու Հայ ժողովուրդի պատմութեան։ Մեծ հեռանկար մը կը սպասուի այս ծրագրին, մանաւանդ որ հազարաւոր հայեր հեռու կը գտնուին հայեցի կրթութիւն ու դաստիարակութիւն տուող հիմնարկներէ։ Նմանապէս օգտաշատ էր Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի նախագահ (Dean) Վեր. Փօլ Հայտոսթեանի խօսքը, որ կը վերաբերէր ապագայի պահանջքին համապատասխան դպրոցներու զօրացման, որ պիտի սատարէր հայ ինքնութեան ամրապնդման։

      ա.Ժողովրդավարութիւն (ռամկավարութիւնdemocracy) եւ բարգաւաճում

      Կասկածէ վեր է ժողովրդավարական սկզբունքներու անհրաժեշտութիւնը ներկայ վարչաձեւերու եւ պետական կառավարման ծիրէն ներս։ Այս մասին առանց բառերը ծամծմելու իր խօսքը յղեց Համագումարին հերոսի ընդունելութեան արժանացած Թուրքիոյ տիրող կուսակցութեան ընդդիմադիր երեսփոխան Կարօ Փայլան։ Ան Էրտողանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը վերլուծելէ եւ քննադատելէ ետք, կարեւորութեամբ նշեց դեմոկրատական ուժերու համախմբումը եւ ժողովրդավարութեան անհրաժեշտութիւնը առողջ հասարակութիւն մը ունենալու գործընթացին մէջ։ Ես այն տպաւորութիւնը ստացայ որ հայկական արածին նման. «Աղջիկս քեզի կ՚ըսեմ, հա՛րս, դո՛ւն լսէ» ըսել կ՚ուզէր, այսինքն խօսքը անուղղակիօրէն կը յղէր հայրենի ներկայի իշխանութիւններուն։

      Իրարմէ անկախ նման գաղափար յայտնեց նաեւ Արժանթինայէն, նմանապէս երեսփոխան, Սերխիօ Նահապետեան (որ ներկայ էր նաեւ ՌԱԿ-ի Կեդր. Վարչութեան Ատենապետի հանգամանքով)։ Ինք նոյնպէս նշեց թէ որքան կարեւոր էր պայքարիլ ժողովրդավարութեան համար եւ գործակցիլ նման ուժերու հետ։ Ցեղասպանութեան ճանաչումը Արժանթինի մէջ ան առնչեց նաեւ նշուած համագործակցութեան հետ։

      Հոս փակագիծ մը բանալով մատս վէրքին վրայ դնելը անհրաժեշտ կը նկատեմ։ Արտագաղթին ու մարդուժի արտահոսքին տուն տուող կարեւոր պատճառներէն մէկը ժողովրդավարութեան եւ իրաւահաւասարութեան պակասն է մեր երկրին մէջ։ Յուսալքութիւնը, վաղուան մէջ արժանապատիւ ապագայ մը չտեսնելը, խումբ մը օլիգարխներու եւ անոնց նմանատիպերու ստեղծած վարչաձեւը առիթ չի տար ազատ զարգացման ու առողջ մրցակցութեան. Եւ հետեւաբար մարդիկ այլ վայրերու մէջ առիթ կը փնտռեն կենսական կարիքները հոգալու եւ իրենց գլուխները պահելու։ Դժբախտաբար այս մասին շատ քիչ ակնարկութիւն եղաւ Համաժողովին մէջ, բայց քանի մը անգամ կրկնուեցաւ.

      բ.Մարդ իր մօրից կը նեղանա՞յ

      Այո՛, քանի մը անգամ լսեցինք այս արտայայտութիւնը, բայց չէ՞ որ մայրն ալ պէտք է հաւասար աչքով նայի ու գնահատէ իր զաւակները։ Երբ մայրը մայրութիւն չ՚ըներ, այլ խօսքով՝ պետութիւնն ու իշխանութիւնները հաւասար հնարաւորութիւն չեն ընծայեր իր քաղաքացիներուն, ինչպէ՞ս կ՚ակնկալուի որ երկիրը առողջ զարգացում արձանագրէ։ Կը սպասէինք որ խորապէս վերլուծուէին այս արգելակող երեւոյթները եւ լուծումներ առաջարկուէին (թէեւ Խորհրդարանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանը որոշ ակնարկութիւններ ըրաւ այս կապակցութեամբ)։

      Կ՚ակնկալուէր որ մեր պետութեան ներկայացուցիչները, որպէս ելոյթ ունեցողներ, աւելի շատ տեղ տային ինքնավերլուծման ու ինքնաքննադատութեան եւ ոչ թէ գոհանային բացատրութիւններ, պատճառաբանութիւններ ու մեկնաբանութիւններ տալով, եւ, ինչպէս ժողովրդական արածը կ՚ըսէ. «Խօսքը դրացիին կտուրը նետել»։

 

      գ.Սփիւռքի աւելի զգալի ներգրաւում

 

      Կասկածէ վեր է որ սփիւռքահայն ու հայրենահայը նոյն նախահօր Հայկի ու Արամի, Արայի ու Արտաշէսի զաւակներն են, որ «մրրկաւ էին բաժնուած»։ Հետեւաբար, Համաժողովին պէտք է աւելի ուժգնութեան շեշտուէր այս պարագան եւ քննարկման ենթարկուէր թէ ինչո՞ւ ցարդ շատ գոհացուցիչ չէ եղած սփիւռք-հայրենիք համագործակցութիւնը, միաձուլումն ու ամբողջարկումը (integration)։ Ճիշդ է, Համաժողովին եղան ակնարկութիւններ այս առնչութեամբ, բայց հարեւանցի։ Չխորացանք այս բնագաւառին մէջ եւ անհրաժեշտ գնահատականը չտուինք այս թերութեան, որուն պատճառով հայրենիքն ու սփիւռքը չօգտուեցան տնտեսապէս ու մշակութապէս։

      Սփիւռքի ներուժը պէտք չէ գերագնահատել, բայց մեր ունեցած փորձառութիւնը (արեւմտեան-ամերիկեան) եւ կարողականութիւնը խելացիօրէն օգտագործելու պարագային կրնանք եւ կրնայինք բազմաթիւ խնդիրներ լուծել։ Սուրիոյ հայութեան հետ կատարուած դժբախտութիւնը եկաւ ապացուցելու մեր ըսածը – պատրաստ չէինք դիմագրաւելու եղածը եւ կրցանք կիսալուծումներ միայն տալ։

      Հետեւաբար, այսուհետեւ յաճախ մեր ժողովուրդին ղեկավարները պէտք է խորհրդածեն այս մասին եւ ուղիներ որոնեն համագործակցութիւնը իր բարձրագոյն մակարդակին հասցնելու։

 

      դ.Նկատողութիւն մը

 

      Մեզմէ շատերու համար հանելուկ մը եղաւ ոմանց ելոյթներու բացակայութիւնը, երբ մարդիկ պատրաստուած էին եւ կարեւոր բաներ ունէին ներկայացնելու։ Ի՞նչ հանգամանքներու տակ կարգ մը էական ելոյթներ ներկաներուն մատուցանելու առիթին չարժանացան, մանաւանդ որ մեզմէ ոմանք լուրջի առնելով Համաժողովը, պրպտումներ կատարած էին, նախօրօք իրենց նիւթերը ներկայացուցած էին իրենց պատկանած կազմակերպութիւններու անդամներուն ուշադրութեան եւ ստանալով անդամակցութեան վաւերացումը։ Անհամեստութիւն ըրած չեմ ըլլար եթէ հոս յիշեմ թէ այդ «զոհերէն» մէկը ես էի։ Վեց վայրկեաննոց զեկուցում մը պատրաստած էի հայ երիտասարդութեան ինքնութեան պահպանման ու զօրացման մասին՝ հիմնուելով քառասուն տարուայ մանկավարժական-հասարակական փորձառութեան մը վրայ, բայց այդպէս ալ մեր անունը չգտանք ու մեր նկատողութիւնն ալ անարձագանգ մնաց, մինչդեռ ՀՅԴ-ի շրջանակներէն հինգ ելոյթ ունեցողներ եղան…  

      Կը յուսանք յառաջիկայ համաժողովներուն չեն կրկնուիր նման վիրաւորական «մոռացումներ»։

      Խօսքերը շատ էին, ելոյթները բազմազան եւ խոստումները բազմաթիւ, ու պիտի հարցնենք՝ նայինք ի՞նչ պիտի փոխուի, եւ կրկին անգամ դիմելով ժողովրդական արածին պիտի ըսենք. «Ճուտիկները աշնան կը հաշուենք…»։

 

Երեւան-Լոս Անճելըս

 

Տեղի Պիտի Ունենայ Սերժ Թանկեանի «Orca Symphony No 1»-ի Հայաստանեան Անդրանիկ Ներկայացումը

0

Հոկտեմբեր 19-ին Արամ Խաչատրեանի 5-րդ միջազգային փառատօնի շրջագիծին մէջ տեղի պիտի ունենայ Սերժ Թանկեանի «Orca Symphony No 1ե-ի հայաստանեան առաջին ներկայացումը: Ստեղծագործութիւնը հանդիսատեսին պիտի ներկայացնէ Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբը, կը հաղորդէ “Երկիրմեդիա”-ն:

Երեկոյի ընթացքին նուագախումբին հետ հանդէս պիտի գայ նաեւ տաղանդաւոր դաշնակահար Լեւոն Կարապետեան, որ պիտի ներկայացնէ Արամ Խաչատրեանի դաշնամուրի քոնսերթը:

Նշենք, որ «Orca Symphony No 1»-ն ձայնագրուած է 2012 թուականի Հոկտեմբերին` Աւստրիոյ Լինց քաղաքին մէջ: Պաշտօնապէս ալպոմի տեսքով թողարկուած է 2013 -ի Յունիս 25-ին:

Ֆրանքֆորթի Գիրքի Տօնավաճառին Ատրպէյճանցիները Հայաստանի Տաղաւարէն Փորձած Են Գողութիւն Ընել

0

Ֆրանքֆորթի գիրքի տօնավաճառի ընթացքին ատրպէյճանցիները Հայաստանի տաղաւարէն փորձած են գողութիւն ընել:

Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր Վարդանեանը` ֆէյսպուքեան իր էջին  վրայ կատարած գրութեամբ: Հոկտեմբեր 12-ին տօնավաճառին մէջ Հայաստանի տաղաւար մտած են երկու ատրպէյճանցի, վերցուցած են գրադարակին վրայ ծալուած վիճակի մէջ դրուած Հայաստանի եւ Արցախի քանի մը քարտէս եւ Արցախի թեմայով քաղաքական վանկարկումներ եւ տարած են իրենց հետ:

«Մենք՝ կարգի հրաւիրելու պահանջով հետեւեցանք այս երկուքին մինչեւ Ատրպէյճանի տաղաւար, եւ ես իրենց տաղաւարին մէջ արդէն ուժով ետ վերցուցի քարտէսները ու վերադարձայ: Անմիջապէս տաղաւար կանչեցի ցուցահանդէսի անվտանգութեան աշխատակիցները եւ ոստիկանութիւնը, նաեւ ցուցահանդէսի փոխտնօրէն Թոպիաս Վոսը եւ այլ պատասխանատուներ: Ոստիկանութիւնը այս ամէնը արձանագրեց եւ խոստացաւ միջոցներ ձեռնարկել»,-գրած է Տէր Վարդանեան նշելով, որ այդ  ամէնը լրատուամիջոցներու կողմէ տեսագրուած է եւ յառաջիկային պիտի հրապարակուի:

Այսօր արդէն իրենց լրատուամիջոցներու մէջ ատրպէյճանցիները գրած են, թէ իբր իրենք մտած են ինչ-որ «անջատողականներու» տաղաւար եւ պատռած՝ քարտէսներ: «Ծանօթ ձեռագիր է: Փաստօրէն այս ամէնը կը կատարուի իրենց մամուլին համար: Եւ սա կը կատարուի երկրի մը կողմէ, որու տաղաւարին մէջ քաղաքականութիւնն ու քարոզչութիւնը կը գերակշռէ գրականութեան ու մշակոյթին»,-կը նշէ ՀՀ մշակոյթի փոխնախարարը:

Խոհեր – Թարգմանչաց Տօնը Իբրեւ Հիմք՝ Մեր Ազգային Գաղափարախօսութեան

0

*ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

«Որք զարդարեցին տնօրինաբար
զիմաստս Անեղին»:
Ներսէս Շնորհալի

        Թարգմանչաց Տօնին մեծութիւնը, որ սկիզբ առած է Մեսրոպ Մաշտոցի եւ իր աշակերտներուն կատարած հայ գիրերու գիւտով ու գրական-թարգմանչական անգերազանցելի իրագործումով, Ե. դարու առաջին կէսը յատկապէս, անուանեց Հայ Միտքի ու Գրականութեան` ՈՍԿԵԴԱՐ:

        Արդարեւ, Թարգմանչաց  խումբին գործունէութիւնը, յաջորդող դարերու ընթացքին վերածուեցաւ հոգե-մտաւոր համահայկական այնպիսի  Շարժումի մը, որ հասաւ  մինչեւ Շնորհալի եւ Լամբրոնացի, ու շարունակուեցաւ Մխիթարեան հայրերու կողմէ, հայագիտական տքնաջան երկերու աշխատասիրութեամբ, երեւոյթ մը՝ որուն յաջորդեց յետագային, վերջին երկհարիւրամեակին ծնունդ առած ու ծաղկած մեր արդի գրականութիւնը՝ իր արեւելահայ եւ արեւմտահայ զոյգ ճիւղերով:

       Ահա թէ  ինչու` «Թարգմանչաց տօն»ը, հայ ժողովուրդին  կը ներկայանայ`  ոչ միայն իբրեւ եկեղեցականօրէն սրբադասուած տօնակատարութիւն, այլեւ՝ ան վերածուած է  համահայկական եւ համընդհանուր Ազգային տօնի, որ իր մէջ կը խտացնէ հայ քրիստոնեայ մարդու Հաւատքը, եւ իր հայրենի հողին ու մայրենի լեզուին հանդէպ ունեցած անմարելի Սէրն ու նուիրումը: Ասկէ մեկնելով, Թարգմանչաց Տօնը, որ կը զուգադիպի Հոկտեմբեր ամսու առաջին կէսին, մեր իմաստուն  հայրապետներէն Գարեգին Ա. Յովսեփեանց,  1940-ական թուականներուն Հոկտեմբեր ամիսը հռչակած էր ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՄԻՍ: Առաւելաբար, Հայ Գիրի ու  Գրականութեան տօնն է  Հայ Մշակոյթի ամիսը: 

            Հայերէն լեզուի քերականօրէն ուղիղ գործածութիւնը հետապնդող ու զայն պահանջող մշակներուն, ուսուցիչներուն, հրապարակագիրներուն,  խմբագիրներուն ու  հայալեզու հեղինակներուն, ինչպէս նաեւ՝  հայ Մարդուն ազգային վեհ զգացումներուն ու տեսիլքներուն գեղարուեստական լիցք ու ոգի ներշնչող բանաստեղծներուն,  գրագէտներուն ու թարգմանիչներուն նուիրուած տօնն է Հոկտեմբեր ամիսը: Որովհետեւ, բոլորէն առաջ՝ անոնք են, որ ԻՄԱՑԱԿԱՆ ԼՈՅՍ  կը  բաշխեն հայ ընթերցող հասարակութեան:

     Որքա’ն  խորքը «Իմացական Լոյս»ին, պարտադիր է իր պարփակած զոյգ իմաստներով՝ հոգեւոր-կրօնական եւ ԲԱՆաւոր-իմացական, նոյնքա’ն եւ կարեւոր յատկանիշեր են գեղարուեստական մտածողութեան տարրերու իրականացումը արձակ ու չափածոյ գրական երկերու պարագային: Անխուսափելի իրականութիւն է արդի հայերէն լեզուի երկճիւղանի (արեւելահայ եւ արեւմտահայ) գոյութիւնն ու գործածութիւնը մեր ամենօրեայ գրաւոր թէ բանաւոր փոխյարաբերութիւններու ընթացքին: Այսօրուան դիտանկիւնէն, շուրջ դարէ մը ի վեր,- մանաւանդ վերջին քառորդ դարուն,- արեւելահայերէնը՝ յենելով պետական լեզուի իր  ունեցած կարողականութեան, միշտ չէ որ կը խրախուսէ արեւմտահայերէնի լեզուամտածողութեան, քերականութեան՝ յատկապէս ուղղագրութեան կանոնները: Մինչդեռ, յետ-ցեղասպանութեան արեւմտահայ տարագիր սերունդները, երբ պարտադրաբար կորսնցուցին հող եւ հայրենիք, սփիւռքի տարածքին ԿԱՐՈՂԱՑԱՆ պահպանել արեւմտահայերէնի հարուստ գրական ժառանգութիւնն ու մշակութային այլ արժէքներ:

       Արեւմտահայ տարագիր սփիւռքը հինգ տարի ետք պիտի նշէ իր 100 -ամեակը: 

      Կէս միլիոն տարագիր հայութեան թիւը տասնապատկուած է: Ուրեմն, նուազագոյն հինգ միլիոն հայ  արեւմտահայերէն կ’արտայայտուի իր նմանին հետ, իր գիտելիքներու չափով: Մենք  կը յամառինք ու կը մնանք  մեր  կեցուածքին վրայ, բարձրաձայնելով.

   – Արեւմտահայերէն լեզուն «մահամերձի անկողինի մէջ» չի գտնուիր, եւ ամէն գնով պիտի սխալի UNESCO-ի վիճակագրութիւնը, եթէ՝

   – Հայրենի պետութիւնը փափաքի իր պաշտպանութեան ներքեւ առնել արեւմտահայերէն լեզուի ու մշակոյթի գոյութիւնը, անոր շնորհելով արեւելահայերէնի հաւասարազօր կարգավիճակ, հիմնելով «Արեւմտահայերէնի թեքումով վարժարաններ», ինչպէս է տասնեակ մը օտար այլ լեզուներու պարագային:

  – Ներկայ սփիւռքահայ մարդը  չկոչել երբեք «Ծագումով հայեր», այլ՝ «լիբանանահայ, սուրիահայ, ֆրանսահայ կամ ամերիկահպատակ հայեր, եւալն»:

  – Հայրենի պետութեան թելադրանքով, ակնկալել Հ1 -ի «ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ» հաղորդաշարի  խմբագրութենէն, որ բարեհաճի ընդգրկել նաեւ սփիւռքահայ դասականացած երաժիշտներու եւ երգահաններու  գեղարուեստական հնչեղութիւն ունեցող երկեր ու երգեր: Կ’արժէ որ արդարութիւն ըլլայ սփիւռքահայ մեր կեանքին առաջին 50-ամեակի մեր երգահաններուն:

                                                             ***

    Արդ,  նկատելով որ՝ ներկայիս հայ մամուլին ու համացանցային հաղորդամիջոցներուն վիճակուած դերը բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծէ մեր ամենօրեայ կեանքին մէջ, պիտի ջանանք նորահաս սերունդին մօտ վառ պահել Հայու Ինքնութեան հանդէպ ունենալիք  իր խորունկ հաւատքը:

Նոր մեկնարկ մը կը պահանջուի մեզմէ:
 Թարգմանչաց ոգին վերածել ՇԱՐԺՈՒՄի:
Ընթանալ անոնց ուղիով, ու շարունակել անոնց  գործունէութիւնը:

Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի Բացման 20-Ամեակի Շքեղ Նշում

0

Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի բացման 20-ամեակը: «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը շքեղ հանդիսութեամբ նշեց Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի բացման 20-ամեակը: Կեդրոնը հիմնադրուած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի սերտ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք եւ կը հանդիսանայ աշխարհասփիւռ հայերու միաւորման խորհրդանիշներէն մէկը: 2001-էն սկսեալ ան կը գործէ որպէս «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամ (ԹԿՀ), եւ ինչպէս իր հիմնադիր Լոնտոնի Թէքէեան Խնամակալ Մարմինը (Tekeyan Trust London), Կեդրոնը ունի հայապահպան նշանակութիւն:

Կրթական, մշակութային, ընկերային եւ բազմազան այլ մարդասիրական ծրագիրներու միջոցաւ ԹԿՀ կը նպաստէ ազգային ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանման ու տարածման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ կապերու ամրապնդման: 2010-էն սկսեալ հիմնադրամի ուշադրութեան կեդրոնն են՝ Հայաստանի եւ Արցախի դպրոցներու եւ աշակերտներու հիմնախնդիրները: Հիմնադրամը նաեւ եռանդուն գործունէութիւն կը ծաւալէ մշակոյթի դաշտին մէջ, մասնաւորապէս բազմաոճ ցուցահանդէսներ կազմակերպելով եւ հայ ժամանակակից արուեստագէտներուն լայն հանրութեան ներկայացնելով: ԹԿՀ եռանդուն կը համագործակցի հայաստանեան, միջազգային պետական եւ հասարակական, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի բազմաթիւ կազմակերպութիւններու հետ:

Թէքէեան Կեդրոնի յոբելեանական ձեռնարկին ներկայ էին պետական կառոյցներու եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչներ, բարերարներ, համակիրներ Հայաստանի մարզերէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Վարդան Ուզունեան: Շնորհաւորելով ներկաներուն գեղեցիկ տօնին առիթով, ան երախտիքի խօսք յայտնեց Թէքէեան Կեդրոնի բոլոր բարերարներուն, համակիրներուն եւ գործընկերներուն՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն, որոնց շնորհիւ ստեղծուեր եւ իրագործուեր  է հիմնադրամը: Նախագահը ներկայացուց Կեդրոնի ստեղծման գաղափարը, պատմութիւնը, անցած ուղին, իրականացուող ծրագիրները. կարճ ժամանակի մէջ ԹԿՀ ձեռք բերաւ ուրոյն դիմագիծ եւ հսկայական թռիչք արձանագրեց: Այս ամէնը ամփոփ ներկայացուեցաւ նաեւ պաստառին վրայ նկարներու միջոցաւ:

Հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեանը, խօսելով ԹԿ ապագայ ընելիքներու մասին, մասնաւորապէս խիստ մտահոգութիւն յայտնեց սփիւռքի հայ կրթօճախներու պահպանման խնդրով եւ աւելցուց, որ հիմնադրամը պատրաստ է սերտ համագործակցիլ ՀՀ ԿԳՆ հետ եւ մշակել լուրջ ռազմավարութիւն դպրոցներու փակման գործընթացը արգիլելու համար:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան պետ Քնարիկ Պետրոսեան իր ելոյթով անդրադարձաւ ԹԿ հիմնադրամի եւ Լոնտոնի Թէքէեան Թրասթի բազմամեայ մշակութային եւ բարեսիրական գործունէութեան՝ ի նպաստ հայ ինքնութեան պահպանման, մշակոյթի զարգացման ու տարածման, Հայրենիքին օգտակար ըլլալու գործին: Ան նաեւ կարեւորեց ԹԿ հիմնադրամի հայանպաստ ծրագիրները, որոնք մատաղ սերունդի շրջանին առողջ հոգեւոր, մտաւոր, մշակութային խորաթափանց դաստիարակութիւն կը սերմանեն: Բարձր գնահատելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ ազգանպաստ համագործակցութիւնը, նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ յանձնեց շնորհակալագիր՝ «Թէքէեան Կեդրոնի 20-ամեակի առթիւ եւ Հայաստան-Սփիւռք մշակութային կապերու զարգացման գործընթացին ունեցած նշանակալի աւանդի համար»:

 

«Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը «Շուշի քաղաքի թանգարաններ» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Լուսինէ Գասպարեանի կողմէ նոյնպէս արժանացաւ շնորհակալագիրի՝ «սերտ համագործակցութեան եւ մշակութային ծրագիրներու իրականացման, Արցախի հոգեւոր-մշակութային առողջ միջավայրի պահպանման եւ ապագայ սերունդներու գեղագիտական ճաշակի զարգացման համար»:

ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան սփիւռքի հետ կապերու բաժնի պետ Կարէն Մնացականեանը արժեւորեց «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի մասնակցութիւնը կրթական գործընթացներուն, արձանագրելով նաեւ հիմնադրամի եռանդուն մասնակցութիւնը ու մեծ ներդրումը դպրոցաշինութեան բնագաւառին մէջ: Անդրադառնալով սփիւռքի հայ դպրոցներու հարցին, ան ըսաւ. «ՀՀ ԿԳՆ այսօրուայ մտահոգութիւններէն մէկը դպրոցներու պահպանումն է: Եւ եթէ բոլորս հետեւականօրէն ընդգրկուինք այս գործընթին, ապա հայու պահպանման խնդիրը սփիւռքի մէջ կարելի է համարել ինչ-որ չափով լուծուած»:

Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Ռուբէն Յովհաննիսեանը փոխանցեց քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի շնորհաւորական ուղերձը, ուր քաղաքապետը մասնաւորապէս կ՛արժեւորէր ԹԿՀ անցած ճանապարհը հայեցի տեսակի պահպանման եւ հանրահռչակման բարդ գործընթացի մէջ: «Վստահ եմ՝ կազմակերպութեան մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան շրջանին իրականացուող բազմաբովանդակ ծրագիրները իրենց բնոյթով ունին ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն, քանի որ կը ձեւաւորէն մէկ տեսակ, որ ապագայի յաղթանակներու ու ձեռքբերումներու կերտողն է»:

Այնուհետեւ, ընթերցուեցաւ նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Արմինէ Սարգիսեանի ողջոյնի եւ շնորհաւորական ուղերձը:

Մեծն Բրիտանիայի եւ Իրլանտայի հայոց թեմի հայրապետական պատուիրակ եւ առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան Բրիտանահայ համայնքի անունով շնորհաւորեց Թէքէեան Կեդրոնին յոբելեանական տօնին առթիւ, յատկանշելով, որ կազմակերպութիւնը այն առաջատարներէն է, որոնք գործնական հողի վրայ սկսան ամրապնդել Հայրենիք-Սփիւռք կապերը: Խօսելով Լոնտոնի Թէքէեան Թրասթի մասին, սրբազանը առանձնայատուկ անդրադարձաւ անոր պատուակալ քարտուղար եւ ԹԿՀ նախագահ Վարդան Ուզունեանին, որուն կը համարէ Լոնտոնի մէջ «դեսպան», որը իր նուիրական ու անխոնջ  աշխատանքով կը հզօրացնէ Թէքէեանի կառոյցները թէ Հայաստանի մէջ եւ թէ Անգլիոյ մէջ: «Շատ ցանկալի կ՛ըլլար, եթէ Սփիւռքի բոլոր կազմակերպութիւնները այսպէս կապուած ըլլային Մայր Հայրենիքի հետ»:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարաններու եւ արխիւներու տնօրէն Արժանապատիւ Տէր Ասողիկ քահանայ Կարապետեանը մասնաւորապէս նշեց. «Վեհափառ Հօր օրհնութեամբ միշտ պատրաստ ենք մեր կարողութիւնը բերել Մայր Աթոռի եւ Թէքէեան Կեդրոնի յաջող եւ արդիւնաւետ գործունէութեան համար, քանի որ այն կը ծառայէ մեր ազգին՝ մեր ազգի ինքնութեան պահպանման եւ մեր ազգային առաջընթացին կրթութեան եւ մշակութային ասպարէզին մէջ»:

«Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը, բարձր գնահատելով արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը տարբեր կառոյցներու հետ, յոբելենական պատուոգիրեր շնորհեց եւ ԹԿՀ «բարեկամ» տիտղոսին արժանացուց ՀՀ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր-Վարդանեանին, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան սփիւռքի հետ կապերու բաժնի պետ Կարէն Մնացականեանին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ կապերու բաժնի պետ Անահիտ Դաւիթեանին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարաններու եւ արխիւներու տնօրէն Արժանապատիւ Տէր Ասողիկ քահանայ Կարապետեանին, Երեւանի քաղաքապետարանի Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Արմինէ Սարգիսեանին, «Շուշի քաղաքի թանգարաններ» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Լուսինէ Գասպարեանին, Բերձորի Վ. Թէքէեանի անուան թիւ 1 միջնակարգ դպրոցի տնօրէն Անահիտ Քոսակեանին, «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանին, «Լոնտոն պիզնըս կրուփ» Հայ-Բրիտանական Հաշուեքննական եւ խորհրդատուական ընկերութեան տնօրէն Տիգրան Զօրեանին, «Պի լայն» ՍՊԸ -ի գլխաւոր տնօրէն Հայկ Խանճեանին:

 

Իսկ ԹԿՀ «նուիրեալ» տիտղոսին արժանացան «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեան, գլխաւոր հաշուապահ Անահիտ Յարութիւնեան, ծրագիրներու պատասխանատու Սեդա Խաչատուրեան, անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակից Վախթանգ Վարդանեան, եւ պարետ Արթուր Սարոյեանը:

Թէքէեան Կենտրոնի մէջ երեկոն շարունակուեցաւ մշակութային ծրագիրով. հիւրերը հաճոյքով լսեցին Արագածոտնի մարզի Կարբի գիւղի Վահան Թէքէեանի անուան դպրոցի երգչախումբի /խմբավար՝ Մարիեթա Մկրտչեան/ եւ Երեւանի Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան երաժշտական մասնագիտական դպրոցի «Ժողովրդական նուագարաններ» համոյթի /ղեկավար՝ Նունէ Դանիէլեան/ կատարումները: Հնչեցին ստեղծագործութիւններ Վահան Թէքէեանէն, Կոմիտասէն, Տ. Մանսուրեանէն, Է. Պաղտասարեանէն եւ այլն:

Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ հիւրասիրութեամբ եւ ցուցահանդէսով:

 

 

Քառասունքին Առիթով – Ընկերուհի Մարի Ահարոնեանի Քաղցր Յիշատակին

0

«Աշխարհը որպէս
Մի քնքուշ երազ
Աչքովս տեսայ
Անցայ գնացի»։
 Աշուղ Ջիւանի

*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*

Երկուշաբթի, 28 Օգոստոս 2017ին, երկար հիւանդութենէ ետք, մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ գաղափարի թանկագին ընկերուհի մը, գորովագութ մայր եւ հայուհի մը, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, ՀԲԸ Միութեան եւ հայ դպրոցին խորապէս հաւատացող՝ Ողբ. Մարի Ահարոնեան, մեծ ցաւ պատճառելով իր կեանքի հաւատարիմ ընկերոջ՝ Ընկ. Փայլակ Ահարոնեանին, զաւակներուն, թոռնիկներուն եւ զինք ճանչցող ծանօթներուն:

Տան կարգը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 2, առաւօտեան ժամը 10։00ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ: Թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան երկրէն դուրս ըլլալով, Նորին Սրբազնութեան ցաւակցական գիրը կարդացուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ, իսկ տան կարգին նախագահեց՝ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, իր կողքին ունենալով թեմակալ առաջնորդի փոխանորդ Արժ. Տ. Մանուկ աւագ Քհնյ. Մարգարեանը եւ Մայր Տաճարի հովիւ Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանը:

Տան կարգի հոգեւոր արարողութենէն ետք, խօսք առաւ Վաչէ Սրբազան, որ Ահարոնեան եւ Կանիմեան ընտանիքներուն մօտէն ծանօթ է: Սրբազան Հայրը սրտաշարժ խօսքերով վեր առաւ Ողբ. Մարիին մայրական, ազգային եւ մարդկային արժանիքները: «Մայրերը չեն մեռնիր, անոնք իրենց զաւակներուն, թոռնիկներուն միջոցաւ յաւերժ կ՚ապրին», ըսաւ Սրբազանը:

Ապա, խուռներամ սգակիրները ուղղուեցան Կլենտէյլի Կլենտէյլ պողոտային վրայ գտնուող Ֆորեսթ Լոն գերեզմանատունը:

Թաղման կարգէն ետք հոգեճաշ տրուեցաւ Կլենտէյլի «Ֆենիսիա» ճաշարանին մէջ, ուր խօսք առին Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան, Գաբրիէլ Մոլոյեան, Սէսիլ Քէշիշեան, Օշին Քէշիշեան, Փանոս Թիթիզեան, Գէորգ Հալէպլեան եւ հանգուցեալին թոռնիկները՝ Ռիթա Ահարոնեան եւ Զօհրապ Կանիմեան: Փակման շնորհակալական խօսք՝ Արա Ահարոնեան:                                                   

* * *

Ընկերուհի Մարի Ահարոնեան ծնած է Թրիփոլի, Լիբանան, Թովմաս (յետագային Տէր Ղեւոնդ Քհնյ.) եւ Իսկուհի Յովսէփեաններու ընտանիքին մէջ. ունի մէկ քոյր եւ երկու եղբայր: Յաճախած է Թրիփոլիի Խրիմեան վարժարանը: Պատօնավարած է Թրիփոլիի մէջ որպէս թուաբանութեան եւ ֆրանսերէնի ուսուցչուհի: Եղած է Թրիփոլիի եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբի գործօն անդամ, Կիրակնօրեայ վարժարանի վարիչ: Եղած է ՀԲԸ Միութեան Թրիփոլիի մասնաճիւղի փոխ-ատենապետուհի: Կ՚ամուսնանայ Մելգոնեան վարժարանէն շրջանաւարտ եւ Թրիփոլիի Խրիմեան վարժարանի ուսուցիչ ընկեր Փայլակ Ահարոնեանի հետ եւ կը բախտաւորուին երկու զաւակներով՝ Արա-Գարեգին եւ Արփի:

Ամուսինին հետ կը տեղափոխուին Պէյրութ, ուր ընկեր Փայլակ կը պաշտօնավարէ ԹՄՄի վարժարանին մէջ: Պէյրութի մէջ եւս հանգուցեալը մաս կազմած է ԹՄՄի, ՀԲԸ Միութեան Տիկնանց յանձնախումբին, իր նպաստը բերելով այս միութեանց:

1977ին, իր ամուսնոյն եւ աղջկան՝ Արփիին հետ Լոս Անճելըս կը տեղափոխուին, միանալու համար իրենց զաւակին՝ Արային, որ ուսանող էր Լոս Անճելըսի մէջ: Ընկ.հի Մարին Լոս Անճելըսի մէջ եւս իր աշխոյժ ու արդիւնաշատ նպաստը բերաւ մեր շրջանակի կեանքին:

Ան հիմնադիրներէն է ՌԱԿի Գերսամ Ահարոնեան ակումբին եւ եղած է անոր առաջին ատենադպրուհին: Նմանապէս, Կլենտէյլի ԹՄՄի Կլենտէյլ-Փասատինայի մասնաճիւղին Տիկնանց յանձնախումբին ժրաջան, սիրուած եւ բոլոր վարչականներուն յարգանքը վայելող առաջին ատենապետուհին էր:

Խմբագիր Ընկ. Յակոբ Պօղոսեանէն ետք, Ընկ. Փայլակ Ահարոնեան երկու տարի խմբագրեց «Նոր Օր»ը, իր կողքին ունենալով ընկերուհի Մարին, որպէս սրբագրիչ:

Դժբախտաբար, վերջին տարիներուն անհանգստութեան պատճառաւ, դադրած էր ազգային կեանքին իր մասնակցութիւնը բերելէ, այսուհանդերձ մինչեւ իր վերջին շունչը միշտ ալ կը հետաքրքրուէր մեր շրջանակի լուրերով եւ անցուդարձով:

 

* * *

Կ՚ըսեն, մէկը ճանչնալու համար անհրաժեշտ է, որ անոր հետ մօտէն գործ ունենանք կամ ապրինք: Մենք ընկերուհի Մարին ճանչցանք Ամերիկա հասնելուն առաջին օրէն, իսկ որպէս գաղափարի ընկերուհի եւ շատ մօտիկ ապրող ընտանիքներ, հարազատի պէս էին մեր երկու ընտանիքները:

Մենք բախտը ունեցած ենք Ահարոնեաններու տղուն՝ Արայի եւ Տիանայի հարսանիքին ներկայ ըլլալու, աղջկան՝ Արփիի եւ Շահէին ամուսնութեան եւ իրենց թոռնիկին՝ անուշիկ Ռիթային ալ հարսանիքին ներկայ գտնուելու:

ՀԲԸ Միութեան, ԹՄՄի եւ ՌԱԿի մէջ մենք միշտ ալ Ահարոնեաններու հետ նոյն մարմիններու մէջ գործած ենք:

Ընկերուհի Մարի քահանայի աղջիկ ըլլալով, ամէն Կիրակի Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցի պէտք է որ երթար իր ամուսինին հետ:

ՌԱԿի Գերսամ Ահարոնեան ակումբի մէջ ատենադպրուհիի պաշտօնը կը կատարէր ամենայն բծախնդրութեամբ եւ պարտաճանաչութեամբ: Երբ ընկեր-ընկերուհիի մը տխուր կամ ուրախ բան մը պատահէր, ընկերուհի Մարին անմիջապէս նամակով մը կը մխիթարէր կամ կը շնորհաւորէր զանոնք: Որպէս Գերսամ Ահարոնեան ակումբի ատենապետ, ինծի համար մեծ հաճոյք եւ մտքի հանգստութիւն մըն էր գործել այսպիսի պարտաճանաչ եւ փորձառու ընկերուհիի մը հետ:

ՌԱԿի Գերսամ Ահարոնեան ակումբը ազգային ջերմ եւ հարազատներու շրջանակ մըն էր, ընկերուհի Մարիին շէն ու շէնշող, քաղցր եւ հաճելի ներկայութեան շնորհիւ:

Սովորութիւն ունէր ակումբի իւրաքանչիւր անդամին հեռաձայնել եւ շնորհաւորել անոր անուան օրը, տարեդարձը, ուրախ առիթը, կամ մխիթարական խօսքով մը կը մխիթարէր դժուարութեան ենթարկուած ընկեր-ընկերուհի մը եւ քահանայի զաւակի վայել խօսքեր կ՚ուղղէր անոնց:

Կեանքին միշտ լաւատեսօրէն նայող, միշտ նայուածքներ կը սեւեռէր բաժակին լեցուն կէսին վրայ, եւ ոչ թէ պարապ կէսին վրայ ողբալով:

Որպէս ֆրանսերէնի ուսուցչուհի, միշտ ալ ֆրանսերէն արտայայտութիւններով կը համեմէր խօսակցութիւնը: Բոլորս ալ գիտէինք եւ կ՚ըսէինք՝ «ինչպէս ընկերուհի Մարին կ՚ըսէր. «d’accord», այսինքն համաձայն ենք, կամ՝ «entre nou»՝ խօսքը մեր միջեւ եւայլն:

Ընկերուհի Մարին ամէն բանէ առաջ արդարադատ տիկին մըն էր, նոյնիսկ իր սիրելի ամուսինէն կամ զաւկէն, կամ ոեւէ կուսակցականէ անարդար խօսք մը լսելու, զայն անմիջապէս կը հանդիմանէր. «Ըսածդ ճիշդ չէ, արդար չէ, վայել չէ», ըսելով:

Ընկերուհի Մարի Ահարոնեան իր ամուսինին հանդէպ մեծ համակրանք եւ սէր ունէր, իսկ իր զաւակները, հարսը, փեսան եւ թոռնիկները, իր կեանքը քաղցրացնող ամենաթանկագին էակներն էին աշխարհի վրայ:

Երբ ժողովի մը մէջ հարց մը ծագէր եւ զայն լուծելու դժուարութիւն ունենայինք, ընկերուհի Մարի անմիջապէս կ՚ըսէր. «Լաւ, ես ընկեր Փայլակին կ՚ըսեմ, նայինք ինչ կ՚ըսէ»։ «Մի մոռնաք որ ընկեր Փայլակ տարիներու փորձառութիւն ունեցող ազգային գործիչ մըն է, նման դժուարութիւններէ շատ անցած է», կ՚աւելցնէր ան:

Ընկերուհի Մարի Ահարոնեան, Աստուածապարգեւ իր ողջ կեանքը գոհ եւ ուրախ  ապրելով, կրցած էր իր ընտանիքին, զաւակներուն եւ թոռնիկներուն արժանաւոր մայր ըլլալ, մեծ մայր ըլլալ, իսկ ազգային կեանքին մէջ ալ մեծագոյն ուրախութեամբ, իր կարողութիւններուն եւ ձիրքերուն համաձայն, մեծապէս նպաստելով ծառայած շրջանակներուն: Թող Աստուած արժանի ընէ իրեն իր երանաւէտ դրախտին եւ յիշատակն ալ յաւերժ ապրի բոլորիս մտքին եւ յիշողութեան մէջ:

Այս տխուր առիթով, մեր խորազգաց վշտակցութիւնները կը յայտնենք մեր վեթերան ընկերոջ՝ Փայլակ Ահարոնեանին, նոյնքան վաստակաշատ ղեկավար ընկեր Արա Ահարոնեանին եւ անոր յարգելի տիկնոջ՝ Տայանային եւ զաւակներուն, մեր սիրելի Տէր եւ Տիկին Շահէ եւ Արփի Կանիմեաններուն եւ զաւակներուն, մաղթելով բոլորին քաջառողջ, անվիշտ եւ անցաւ օրեր:   

 

Հայաստանի Մէջ Այս Տարուայ Ինն Ամիսներուն 2016-ի Համեմատ Գնաճը Կազմած է 0.6 Տոկոս

0

Հայաստանի սպառողական շուկային մէջ, ընթացիկ տարուան Սեպտեմբերին՝ Օգոստոսի համեմատ՝ արձանագրուած է 0.2 տոկոս գնաճ, որ մեծապէս պայմանաւորուած է ո՛չ պարէնային ապրանքներու 1.3 տոկոս գնաճով: 2016-ի ինն ամիսներուն համեմատ՝ այս տարուան Յունուար­-Սեպտեմբերին նկատուած է 0.6 տոկոս գնաճ: Այս մասին կը վկայեն ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան (ԱՎԾ) տուեալները:

2017-­ի Սեպտեմբերին՝ Օգոստոսի համեմատ՝ մայրաքաղաքի մէջ սպառողական գիները աճած են 0.4 տոկոսով, հանրապետութեան` ԱՎԾ­-ի կողմէ դիտարկուող 5 քաղաքներու մէջ արձանագրուած է 0.6­0.1 տոկոս գնանկում, իսկ 5-ի մէջ պահպանուած է գիներու նախորդ ամսուան մակարդակը:

2017 Սեպտեմբերին՝ Օգոստոսի համեմատ՝ հանրապետութեան մէջ արձանագրուած է սննդամթերքի 0.2 տոկոս գնանկում, որ պայմանաւորուած է յատկապէս պտուղի եւ շաքարի ապրանքախումբերու` համապատասխանաբար 9.5 եւ 4.6 տոկոս գնանկումով:

Ընթացիկ տարուան Սեպտեմբերին՝ Օգոստոսի համեմատ` պարէնային ապրանքներու շուկային մէջ արձանագրուած է 1.3 տոկոս գնաճ, որ մեծապէս պայմանաւորուած է հագուստի եւ կօշիկի` համապատասխանաբար 5.2 եւ 6.4 տոկոս գնաճով:

2017 Սեպտեմբերին՝ Օգոստոսի համեմատ՝ վառելանիւթի գիները աճած են համապատասխանաբար` 0.8 եւ 0.1 տոկոսով, իսկ 2016 Դեկտեմբերի համեմատ՝ արձանագրուած է 11.1 եւ 13.9 տոկոս գնաճ:

Մայր Աթոռը կը Շարունակէ Աջակցիլ Վիրաւոր Զինուորներուն

0

«Մեծ մխիթարութիւն է որեւէ կերպով զօրավիգ ըլլալ իրենց կեանքը հայրենիքին նուիրաբերած արիասիրտ զաւակներուն, որոնց ծառայութեամբ ապահով եւ անվտանգ կը պահուին հայրենեաց սահմանները»,- այս մասին նշած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունած, 2016 Նոյեմբերին Ղարաբաղա-ատրպէյճանական զօրքերու սահմանագիծին մարտական գործողութիւններու ժամանակ, ծանրօրէն վիրաւորուած տասնապետ Գէորգ Տատասեանը:

Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն կը յայտնեն, որ զինուորը՝ Նորին Սրբութեան օրհնութեամբ՝ ամիսներ առաջ մեկնելով Հնդկաստան,  Կալկաթայի Ս. Նազարէթ հայկական եկեղեցւոյ վարչութեան աջակցութեամբ՝ ստացած է անհրաժեշտ բուժում:

Վեհափառ Հայրապետը նշած է, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը այսուհետեւ նոյնպէս պիտի շարունակէ աջակցութիւն ցուցաբերել վիրաւոր զինուորներուն՝ իրենց բուժման եւ ապաքինման հարցով:

Սարգիսեան-Ալիեւ Հանդիպման Բովանդակութիւնը Ակնյայտօրէն Պաքուին Ձեռնտու Չէ. Շաւարշ Քոչարեան

0

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպման ժամկէտներուն մասին յստակ տեղեկութիւն չկայ, եթէ ըլլայ պիտի յայտարարուի: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի՝ կառավարութեան Հոկտեմբեր 12-ի նիստէն ետք, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանը:

«Ակնյայտօրէն այդ հանդիպման բովանդակութիւնը Պաքուին ձեռնտու չէ: Այդ տեսակէտէն, պատահական չէ Ալիեւի սադրիչ յայտարարութիւնը, երբ կը փորձէ խեղաթիւրել բովանդակութիւնն ու այլ բան ներկայացնել: Բայց, այնուամենայնիւ, չեմ կարծեր, որ ինքը կարենայ խուսափիլ այդ հանդիպումէն»,- ըսած է Շաւարշ Քոչարեան:

Հանդիպման կազմակերպման կողմերուն պատրաստակամութեան մասին յայտարարած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները` չնշելով յստակ ժամկէտ: