*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Նոր Սահմանադրութեան պահանջներուն համապատասխան` Արցախի նախագահը հրաւիրած է ընդլայնուած խորհրդակցութիւն` 2017-2020-ի ծրագիրը ներկայացնելու համար: Յառաջիկայ երեք տարուան ընթացքին կառավարութիւնը պիտի առաջնորդուի նոյնինքն այդ ծրագիրով: Արդէն աւելի քան երկուքկէս տասնամեակ` Արցախը կ՝ապրի եւ կը զարգանայ պատերազմին պատրաստ: 2017-2020-ի ծրագիրներն ալ կը նախանշուին այդ տրամաբանութեամբ: Բանակցային գործընթացը Ստեփանակերտի մէջ պատերազմի այլընտրանք կը համարեն, բայց նաեւ չեն թաքցներ` թերի ձեւաչափով, առանց Արցախի անմիջական մասնակցութեան, որ եղած է ի սկզբանէ, վերջնական կարգաւորումը անհնար է, իր խօսքին մէջ ընդգծած է Արցախի նախագահը. «Պաշտօնական Ստեփանակերտը հաւատարիմ է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս: Մենք պիտի շարունակենք սկզբունքային դիրքորոշում ցուցաբերել բանակցային գործընթացի լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման ուղղութեամբ: Արցախի ճակատագիրը չի կրնար որոշուիլ առանց անոր անմիջական մասնակցութեան բանակցային գործընթացի բոլոր փուլերուն: Եւ այստեղ, մայր Հայաստանի հետ մէկտեղ, մենք պիտի շարունակենք համապատասխան քայլեր ձեռնարկել»:
Մինչ այդ` Արցախի անվտանգութեան առաջին երաշխաւորը կը մնայ Պաշտպանութեան Բանակը: Յառաջիկայ տարիներուն պիտի շարունակուի առաջնագիծին ամրապնդումը, բանակի սպառազինութեան արդիականացումը եւ զայն նոր հնարաւորութիւններով օժտելը: «Բանակաշինութեան ռազմավարութեան հիմքը կը շարունակէ մնալ աշխոյժ պաշտպանութեան գաղափարը: Մենք երբեք յարձակող չենք եղած եւ պիտի չըլլանք, բայց պիտի ընենք ամէն ինչ՝ մեզի սպառնացող հնարաւոր բոլոր վտանգները ճիշդ ժամանակին չէզոքացնելու համար»,- վստահեցուցած է Բակօ Սահակեան:
Սահմանները անառիկ, բայց արտաքին կապերու համար բաց` կը հռչակէ Բակօ Սահակեանը: Տարբեր մակարդակներու վրայ Արցախի անկախութեան ճանաչումը այդ տարածքներուն հետ գործնական կապեր հաստատելու լաւագոյն հիմքը կը համարէ Արցախի նախագահը, բայց եւ կարեւոր. ճանաչումը չի դիտարկեր յարաբերութիւններ հաստատելու մեկնարկ, իսկ ճանաչման բացակայութիւնը` յարաբերութիւններ չհաստատելու պատճառ: Այդ իսկ արտաքին կապերու ընդլայնումով հնարաւոր պիտի ըլլայ մօտեցնել Արցախի միջազգային ճանաչումը, ընդգծած է նախագահ Սահակեանը:
Ներքին քաղաքականութեան մէջ պիտի շարունակուին տարիներ առաջ մեկնարկած ծրագիրները, նպատակ ունենալով զարգացնել ժողովրդավարական հիմնարկները, ընդլայնել հասարակական ծրագիրները, բարձրացնել կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութիւնը եւ պահպանել տնտեսական աճի առկայ քայլերը: Նախագահի ծրագրային դրոյթները պատասխանատուներուն համար յանձնարարականներու գին ունին: «Կը նախատեսենք ապահովել 8-10 տոկոս միջին տարեկան տնտեսական աճ եւ 2020-ին Համախառն ներքին արդիւնքը (ՀՆԱ) հասցնել 310 միլիառ դրամի: Վերոյիշեալ ցուցանիշները ապահովելու համար կը մշակուին համապարփակ ծրագիրներ, ուր շեշտը կը դրուի, մասնաւորապէս` աշխատանքի արտադրողականութեան եւ այլ միջոցներու օգտագործման արդիւնաւէտութեան բարձրացման, ներմուծման փոխարինումը եւ ոչ հումքային արտահանման ընդլայնումը խթանող ծրագիրներու իրականացման, զբաղուածութեան մակարդակի բարձրացման վրայ»,- ծրագիրէն ակնկալիքները կ՝ամբողջացնէ Արցախի նախագահը:
Իբրեւ անցումային շրջանի նախագահ` Ազգային Ժողովին կողմէ ընտրուած Բակօ Սահակեանը պիտի կառավարէ մինչեւ 2020: Արցախի Սահմանադրութեամբ` 2020-ին պիտի կայանան Խորհրդարանի եւ Նախագահի համաժողովրդական, համաժամանակեայ ընտրութիւններ:
Ստեփանակերտ