Կիրակի, 08. 06. 2025

Պաշտօնական Այցով Հայաստան Պիտի Ժամանէ Ռուսիոյ Վարչապետը

0

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հրաւէրով՝ Հոկտեմբեր 24-ին, պաշտօնական այցով Հայաստան պիտի ժամանէ Ռուսիոյ Դաշնութեան վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւը:

Այցին ծիրէն ներս՝ կը նախատեսուի Կարէն Կարապետեանի եւ Տմիթրի Մետվետեւի առանձնազրոյցը, որուն պիտի յաջորդեն ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները եւ փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւնը:

ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ կը նախատեսուի նաեւ ՌԴ վարչապետին հանդիպումը ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:

Հոկտեմբեր 25-ին, Տմիթրի Մետվետեւը, Երեւանի մէջ, պիտի մասնակցի նաեւ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստի աշխատանքներուն:

Ազգային Բարերար Լեւոն Հայրապետեան Հողին Յանձնուեցաւ

0

Շաբաթ օր Մոսկուայի մէջ  հայութիւնը իր     վերջին յարգանքը տուած է  օրեր  առաջ      մահացած   հայազգի բարերար  Լեւոն  Հայրապետեանին: Արդարեւ Շաբաթ առաւօտ  Հայրապետեանի    դիակը           Մոսկուայի  Սուրբ Պայծառակերպութիւն առաջնորդանիստ եկեղեցիէն  փոխադրուած է     Նովոդեւիչեան  հայկական  գերեզմանատուն,   ուր  տեղի ունեցած է   յուղարկաւորութիւն եւ  թաղման  արարողութիւն ըստ հանգուցեալին կտակին:   

 

Արարողութեան ներկայ եղած  են  Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւ ՀՀ  պաշտպանութեան նախկին նախարար  Սէյրան  Օհանեան:

 

Նշենք, որ  թաղման  եւ   աւելի կանուխ տեղի ունեցած  հոգեհանգստեան  արարողութեանց  ներկայ եղած ու հանդիսապետած  է    Մոսկուայի եւ  Նոր Նախիջեւանի  թեմի  առաջնորդ  Գերշ. Տ. Եզրաս եպս. Ներսիսեան: 

Գանձասարի Մէջ Լեւոն Հայրապետեանի նուիրուած հոգեհանգիստեան կարգին մասին այսպէս կը գրէ «Զարթօնք»ի Արցախի աշխատակից՝ Նորայր Յովսէփեանը.

Գիւղը, որտեղ ամէնէն շատ տեսանելի էր Լևոն Հայրապետեանի ներկայութիւնը, այսուհետ աւելի կը զգացուի անոր բացակայութիւնը:

Հոկտեմբեր 21-ին Արցախի Վանք գիւղի մէջ հրաժեշտ տուած են գիւղի մեծանուն զաւակներէն մէկուն՝ Լեւոն Հայրապետեանին: Անոր շնորհիւ գիւղը նոր շունչ առաւ եւ աւելի համարձակ կը նայի ժամանակի մարտահրաւէրներուն: Գանձասարի մէջ հոգեհանգիստի կարգ կատարուած է՝ Արցախի թեմի առաջնորդի ձեռամբ եւ հոգեւոր դասի մասնակցութեամբ: Ներկայ էին նաեւ Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, բազմաթիւ հիւրեր:

Արցախեան հեքիաթ. շատերը այսպէս կը բնութագրեն Վանք գիւղը, որ իր բարերար զաւակի օժանդակութեամբ կերպարանափոխուած է: Հեքիաթի տէրերը վանքեցի փոքրիկներն են. արդէն հերթական  սերունդը հնարաւորութիւն ունի կրթութիւն ստանալու նախանձելի պայմաններու մէջ: «Նախկին դպրոցը, կարելի է ըսել, անմխիթար վիճակի մէջ էր: Նոր դպրոցը իտէալական է, բոլոր պայմաններով»,- կը համեմատէ Վանքի Գուրգէն Հայրապետեանի անուան դպրոցի տնօրէն Սէյրան Բաղդասարեան:

Նորակառոյց մանկապարտէզ ու դպրոց, հիւանդանոց, անգամ՝ դրամատան մասնաճիւղ: Հայրենի գիւղի բարերարի առաջին նախաձեռնութիւններու շարքին էին անոնք: Վանքի մէջ փայտի ու քարի վերամշակման արտադրամասեր բացուեցան, հիւրանոցներ: «Այդ բոլոր տնտեսութիւնները միասին մօտ 370 մարդ կ՛աշխատէր»,- հաշուի առնելով թիւերը ի յայտ կը բերէ Վանքի համայնքի ղեկավար Անտրէյ Սարգիսեանը:

Մեծ վանքեցիի նախաձեռնութիւնները միայն հայրենի գիւղով չսահմանափակուեցան: Արցախի շատ բնակավայրերու ծրագիրներ էիրականացուցած է: Իսկ Արցախեան Մեծ հարսանիքը փոքրիկ Արցախի համար աննախադէպ էր, ոչ միայն անոր համար, որ միաժամանակ 700 զոյգ ամուսնացաւ, այլեւ՝ անով, որ գաղափարի շուրջ աննախադէպ թիւով բարերարներ հաւաքուեցան՝ սկսելով Արցախի հետ համագործակցութիւնը: «Որ նոր ծրագիր կը սկսէր, կ՛ըսէր՝ կ՛ընէ իր հաճոյքի համար: Իրականութեան մէջ     միայն մեծ մարդը կրնայ բարեգործութիւն ընելէ հաճոյք զգալ»,- կը պատմէ ԱՀ ԿԳՍ նախարար Նարինէ Աղաբալեան, ան Արցախ գալու առաջին օրերէն  ճանչցած է Լեւոն Հայրապետեանին: «Լեւոն Հայրապետեան ոչ միայն ինքը բարեգործութիւն կ՛ընէր, այլեւ իր օրինակով կը վարակէ, Արցախ կը  բերէ շատերուն: Այդ առումով՝ ան Արցախի դեսպանն էր»,- կ՛ընդգծէ ԱՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան:

Արդէն երկու օր՝ Վանքի յուշահամալիրի մէջ մարդկանց հոսքը չի պակասիր: Վանքեցիներն ու հիւրերը Լեւոն Հայրապետեանին հրաժեշտ կու տան: Եւ՝ դէպի Գանձասարի բարձունք: Այստեղ հոգեհանգիստի կարգ  կատարուած է՝ Արցախի թեմի առաջնորդի ձեռամբ եւ հոգեւոր դասի մասնակցութեամբ: Արցախի թեմի առաջնորդը մահէն ժամեր առաջ խօսած էր Լեւոն Հայրապետեանի հետ: Միտքը նորէն հայրենիքն էր: «Ըսաւ, կ՛ուզէ ազատուելէն ետք գալ, հաստատուիլ Արցախ, աւարտին հասցնել սկսած ծրագիրները, սկսիլ նորերը»,- կը պատմէ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան:

Այն, ինչ չհասցուց՝ կը խոստանայ կեանքի կոչել նոր սերունդը՝ կրթուած ոչ միայն անոր կառուցած դպրոցի, այլեւ՝ անոր օրինակով: « Կը խոստանամ, որ իր գործի շարունակողը կ՛ըլլամ: Իրմէ մենք սովորեցանք, որ հայրենիքը միայն խօսքով չեն սիրեր, այլ՝ գործով: Այդ սէրը պէտք է սրտէն գայ»,- նաեւ ընկերներու անունով կը խոստանամ Վանքի Գուրգէն Հայրապետեանի անուան դպրոցի աշակերտ Մարիամ Ղազարեան:

Հոգեհանգիստին յաջորդած կիրակնօրեայ Յարութեան պատարագէն ետք Արցախի բոլոր եկեղեցիները Լեւոն Հայրապետեանի յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած են:

 

Հետաքրքիր Լռութիւն

0

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Մինչ երեսփոխանական ընտրութիւններու թուականը կը մօտենայ, քաղաքական կողմեր ու անհատ թեկնածուներ կ՛աճապարեն իրենց թեկնածուներուն կամ անձերուն թեկնածութիւնը առաջադրել:

Այս խնդրով միակ կողմը, որ լուռ է, այն` Հըզպալլան է: Այս առնչութեամբ Հըզպալլայի միակ անպաշտօն յայտարարութիւնը այն եղաւ, որ իրենց ցանկերը կրնան նոր դէմքեր ընդգրկել:

Վերջերս այլ լռութեամբ մըն ալ յատկանշուեցաւ` Հըզպալլա: Մինչ, իր դաշնակիցը փողոց իջած կը դատապարտէր` Նահատակ Նախագահ Պաշիր Ժըմայէլի սպաննութեան հարցով Հապիպ Շարթունիի դէմ արձակուած դատավճիռը, Հըզպալլա ո՛չ միայն չմասնակցեցաւ այդ հաւաքներուն, այլ` ամբողջական լռութիւն պահեց այս հարցով (բացի երէկ կատարուած շէյխ Նաիմ Քասէմի անուղղակի ակնարկութեան), բան մը որ աւելի քան հետաքրքրական լռութիւն կարելի է համարել այս հանգրուանին…:

 

 

Անկարելի է Հայաստանին Արգիլել Վերահաստատել ԼՂ Հարցով Իր Դիրքորոշումը. Պաքուն Խեղճուկ Հնարքներու կը Դիմէ. Նալպանտեան

0

Մօտ չորս տարուան ընթացքին՝ առաջին անգամ հնարաւոր եղաւ համատեղ յայտարարութիւն ընդունելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն եւ համանախագահներուն մասնակցութեամբ:

Այս մասին, Եւրոպայի հայկական չորրորդ համագումարին ընթացքին իր ունեցած ելոյթին ժամանակ, նշած է Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:

Անդրադառնալով Արցախի խնդիրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին, Հայաստանի ԱԳ նախարարը նշած է.

«Անշուշտ, ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ հանգուցալուծումը Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգի ամենամեծ առաջնահերթութիւնն է: Ինչպէս գիտէք, երեք օր առաջ, Ժընեւի մէջ, գագաթաժողով իրականացած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ: Ինչ կը վերաբերի բուն հանդիպման, անիկա յստակօրէն արտացոլուած էր արտաքին գործոց նախարարներու եւ համանախագահներու համատեղ յայտարարութեան մէջ:

Հանդիպումը անցաւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ: Նախագահները համաձայնեցան միջոցներ ձեռնարկելու բանակցային գործընթացը աշխուժացնելու ուղղութեամբ եւ յաւելեալ քայլեր ձեռնարկելու` նուազեցնելու լարուածութիւնը սահմանագիծին վրայ: Համանախագահները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին երկար ընդմիջումէ ետք տեղի ունեցած այս ուղիղ բանակցութիւններուն վերաբերեալ։

Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին աշխատելու կողմերուն հետ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ բանակցային հանգուցալուծման միջնորդութեան ուղղութեամբ: Իբրեւ յաջորդ քայլ, մօտ ապագային համանախագահները աշխատանքային հանդիպումներ պիտի կազմակերպեն ԱԳ նախարարներուն հետ:

Ինչպէս գիտէք, հայկական կողմը երկար ժամանակ է` հանդէս կու գայ խաղաղ բանակցային հանգուցալուծման եւ լարուածութեան նուազեցման օգտին, եւ այս ամէնը արտացոլուած է համատեղ յայտարարութեան մէջ:

Մօտ չորս տարուան ընթացքին՝ առաջին անգամ՝ հնարաւոր եղաւ համատեղ յայտարարութիւն ընդունելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եւ համանախագահներու մասնակցութեամբ: Ինչպէս գիտէք, նախապէս Հայաստանը իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէր միանալու համանախագահներու յայտարարութիւններուն, սակայն, Ատրպէյճանը մշտապէս կը հրաժարէր հանդէս գալու համատեղ յայտարարութեամբ:

Գագաթաժողովէն ետք Ատրպէյճանը սկսաւ կեղծ պնդումներ տարածել, թէ իբր Հայաստանը ոտնահարած է կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը առ այն, որ անոնք Ժընեւեան հանդիպման ընթացքին յղում կատարելու ժամանակ պէտք է սահմանափակուին միայն համատեղ յայտարարութեան դրոյթներով: Հայկական կողմը ամբողջապէս կը յարգէ համաձայնութիւնը: Անիկա կը վերաբերի յստակ ժընեւեան հանդիպման, այլ ո՛չ թէ ողջ խաղաղութեան գործընթացին: Բայց, անկարելի է Հայաստանին արգիլել վերահաստատել հիմնահարցի հանգուցալուծման վերաբերեալ իր դիրքորոշումը: Առաջին անգամ չէ, որ իր շահարկումներուն համար Ատրպէյճանը նման աժան ու խղճուկ հնարքներ գործի կը դնէ: Ակնյայտօրէն, Պաքուն կը նախընտրէր, որ բոլորը մոռնային ու չխօսէին իր ապակառուցողական մօտեցումներուն մասին:

Առաջին` 2016 Ապրիլին Ատրպէյճանը յարձակում սանձազերծեց Արցախի դէմ, որուն հետեւանքով խաղաղ գործընթացին հասցուած վնասը դեռ չէ յաղթահարուած: Երկրորդ` Պաքուն կը հրաժարի իրականացնելու Վիեննայի եւ Ս. Փեթերզպուրկի համաձայնութիւնները:

Երրորդ` Ատրպէյճանը կը հրաժարի վերահաստատելու ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման սկզբունքները, որոնք ներկայացուած են համանախագահ երկիրներու կողմէ իբրեւ կարգաւորման հիմք: Մասնաւորապէս, ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառում, ինքնորոշում եւ տարածքային ամբողջականութիւն: Չորրորդ` հակառակ համանախագահներու բազմաթիւ կոչերուն` յարգելու 1994-95-ի համաձայնագրերը, Պաքուն կը շարունակէ խախտել հրադադարը:

Հայաստանը խորապէս համոզուած է, որ եթէ Պաքուն կատարէ համանախագահներուն կոչերը` խստօրէն յարգէ հրադադարը, կեանքի կոչէ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը համանախագահներու կողմէ առաջարկուած հակամարտութեան կարգաւորման երեք սկզբունքներուն եւ կառուցողական մասնակցութիւն ունենայ բանակցութիւններուն, ուստի հնարաւորութիւն պիտի ստեղծուի խաղաղ գործընթացի առաջմղման համար:

 

ՀՀ Վարչապետը Ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ ՌԴ Դեսպանը

0

ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան, Հոկտեմբեր 19-ին, ընդունած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Իվան Վոլինգինը: Զրուցակիցները անդրադարձած են հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու ընթացիկ օրակարգին:

ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ Կարէն Կարապետեան եւ Իվան Վոլինգինը կարեւոր համարած են երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութեան յետագայ զարգացումն ու ընդլայնումը, եւ այդ ծիրէն ներս՝ քննարկած առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աւելացման առնչուող հարցեր:

Քննարկուած են նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի` յառաջիկային Հայաստանի Հանրապետութիւն նախատեսուող պաշտօնական այցին, ինչպէս եւ ՀՀ-ի մէջ իրականացուելիք Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին վերաբերող հարցեր:

Ամերիկահայ Կրկնակի Ձեռնարկներ

0

*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի աշխատակից

 Պրայն Արտունիի Ելոյթը

          Փասատինայի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Մարդկանց Ասուլիսի (Men’s Forum) հրաւէրով՝ Հայկական Համագումարի Վարիչ Տնօրէն` Պրայն Արտունի, ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հինգշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, եկեղեցւոյ Կիրակոս սրահին մէջ։

          Պրն. Արտունին ներկայացուց Հայկական Համագումարի Արեւմտեան Ափի Վարիչ Տնօրէն` Միհրան Թումայեանին։ Ելոյթին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի Հիւպատոս՝ Արմելա Շաքարեան, Հայկական Համագումարի խնամակալ մարմնի անդամներ եւ Հայկական Համագումարի աշխատանքներով հետաքրքրուող անհատներ։

          Պրն. Արտունի, 1998-էն ի վեր կը գործէ Հայկական Համագումարէն ներս, նախ` որպէս խորհրդատու կառավարական հարցերու եւ ապա` Վարիչ Տնօրէն։ Ան մօտէն ծանօթ է Ուաշինկթընի մէջ գործող Ներկայացուցիչներու եւ Ծերակուտականներու գրասենեակներու աշխատակազմի գործելակերպին: Առ այդ դիտել տուաւ, որ հարց մը լուծելու համար պէտք է յարատեւ հետապնդում։

          Պրն. Արտունի մանրամասն կերպով մեզի ներկայացուց Հայկական Համագումարի ծրագիրները, առաջնահերթութեան շարքով։

  • Բարձրացնել Armenian Caucus-ի անդամներուն թիւը 150-ի, որ այժմ կը հաշուէ միայն 89։
  • Նուազեցնել Turkish Caucus-ի անդամներուն թիւը։
  • Հրապարակել Թիւրքերու եւ Ազերիներու դրամական զեղծարարութիւնները եւ նենգամիտ գործունէութիւնները։
  • Ապահովել տարեկան նիւթական օժանդակութիւն Հայաստանի եւ Արցախի։

          Պրն. Արտունի՝ գնահատելով հանդերձ Ապրիլ 24-ի օրուան առթիւ եղած բազմամարդ ցոյցերը Լոս Անճելըսի եւ Նիւ Եորքի մէջ, դիտել տուաւ որ նոնքան եւ աւելի կարեւոր է նման բազմութեամբ հանդէս գալ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, ուշադրութիւնը գրաւելու Ներկայացուցիչներուն եւ Ծերակուտականներուն։

          Հետեւաբար, աւելցուց ան․- կը հրաւիրեմ ձեր բոլորը եւ նաեւ բոլոր հայերը, ի տարածքիս Ամերիկայի, որ Ուաշինկթըն գան յառաջիկայ տարուան Սեպտեմբեր ամսուն եւ մեծ թիւով  մասնակցին 23-25-ին միջեւ կայանալիք Հայկական Համագումարի կազմակերպած «Հայկական Պաշտպանութեան Համագումարին»։ (Armenian Advocacy Conference.)

          Ներկայացման աւարտին, առիթը տրուեցաւ ներկաներուն, որ իրենց հարցերը ուղղեն Պրն. Արտունիին եւ անոնք ստացան գոհացուցիչ պատասխաններ։

Խաչատուրեան Եռանուագի Ելոյթը

          Ջութակ – թաւջութակ եւ դաշնամուր եռանուագի ելոյթը, կազմակերպութեամբ ՝ Հայ – Եմ հաստատութեան, տեղի ունեցաւ՝ Չորեքշաբթի, 18 Հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Կլէնտէյլի Salem Lutheran եկեղեցւոյ մէջ։

          Հայ – Եմ հաստատութիւնը բարեսիրական կազմակերպութիւն մըն է՝ հիմնուած 2001-ին, Նշան Աճեմեանի կողմէ։ Անոր նպատակն է զարկ տալ մշակութային ձեռնարկներու եւ հասնիլ գաղութիս, ինչպէս նաեւ՝ Հայրենիքի կարիքաւոր երեխաներու օգնութեան։

          Խաչատուրեան Եռանուագը հիմնուած է՝ 1999-ին «Arsika» անուան տակ, սակայն 2008-ին որդեգրած է «Խաչատուրեան» անունը։ Խաչատուրեան Trio-ին մաս կը կազմեն դաշնակահար՝ Արմինէ Գրիգորեան, ջութակահար՝ Կարէն Շաղալդեանն ու թաւջութակահար՝ Կարէն Քոչարեան։ Արմինէ Գրիգորեան Տնօրէնն է՝ Երեւանի Խաչատուրեան թանգարանին։

          Յայտագիրը կը բաղկանար պարեղանակէ մը՝ Խաչատուրեանի “Masquerade” տրամայէն, հատուածներ՝ Խաչատուրեանի «Կայանէ», «Սփարթակոս» պալեներէն եւ դաշնամուրային եռանուագներէ՝ Ռախմանինոֆէն ու Պապաճանեանէն։

          Բարձր որակի կատարողական արուեստը ակնյայտ էր յայտագրի տեւողութեան, որը մեծապէս գնահատուեցաւ հանտիսատի կողմէ։ Վերոյիշեալ արուեստագէտները նմանօրինակ ելոյթներ պիտի ունենան նախ՝ Թորոնթոյի մէջ եւ ապա՝ մեկնին Մոսկուայ, շարունակելու իրենց ելոյթները։

Բակo Սահակեան ու Արամ Առաջին Նոր Կիլիկիա Բնակավայրի Յետագայ Զարգացման Հարցերը Քննարկած Են

0

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Հոկտեմբեր 20-ին Պրիւքսելի մէջ հանդիպում է ունեցել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Առաջինի հետ:

Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը յայտնեն, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայրենիք-սփիւռք, եկեղեցի-հասարակութիւն փոխյարաբերութիւններուն, Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման, մասնաւորապէս, Նոր Կիլիկիա բնակավայրի յետագայ զարգացմանն առնչուող խնդիրներուն:

Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դերը սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման եւ Արցախին միշտ սատարելու գործին մէջ:

Կրկին Կարդանք Մեծարենցի «Ջրտուք»ը

0

*ՊԱՐԳԵՒ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ*

 

Արիւն է եղել աշխարհում: – Եղել է եղեռն ու կռիւ:
Լեռնացել են ուժեր վիթխարի՝ ամեհի ելած իրար դէմ:
Աշխարհից հեռու մի գիւղում, եղէգնեայ մի սրինգ կտրած,
Արե՜ւ է երգել ու գարուն այս հիւանդ, հանճարեղ պատանին: –

  Ե. ՉԱՐԵՆՑ      

Տասնամեակներ անց ցանկանում ենք կրկին անդրադառնալ մեծատաղանդ բանաստեղծ Միսաք Մեծարենցի գրական ժառանգութեանը եւ այս վերնագրի տակ շարադրել մեր յօդուածը՝ կանգ առնելով յատկապէս «Ջրտուք» վերնագիրը կրող նրա զմայլելի բանաստեղծութեան վրայ եւ այն համարել հեղինակի չափածոյ ստեղծագործութիւնների անգին գոհարներից մէկը:

Արդէն աւելի քան մէկ հարիւրամեակ անցել է այն օրից, երբ 1907 թուականին Կ. Պոլսում առաջին անգամ լոյս տեսաւ այս քերթուածը բանաստեղծի երկրորդ՝ «Նոր Տաղեր» վերնագիրը կրող բանաստեղծութիւնների ժողովածուի մէջ եւ իսկոյն գրաւեց իր ժամանակի յայտնի հայ գրողների եւ գրականագէտների ուշադրութիւնը: Ոմանք այս քերթուածը դասեցին Մեծարենցի միւս չափածոյ լաւագոյն ստեղծագործութիւնների շարքին, ինչպէս՝ «Հիւղը», «Ձմրան պարզ գիշեր», «Կիրակմուտք», «Ի՜նչ արբեցութեամբ» եւ այլ սիրուած գողտրիկ բանաստեղծութիւններ:

Ուրիշներ, աւելի առաջ գնալով, «Ջրտուք»-ը համարեցին հեղինակի բանաստեղծութիւնների գլուխ-գործոցը առանձին մասերի համաչափութեամբ փայլող իր կուռ կառուցուածքով եւ գեղարուեստական խորքի պատկերաւորութեամբ: Ուրիշներ էլ ընդգծեցին բանաստեղծի սահուն եւ գեղեցիկ լեզուն, անոր հարուստ բառապաշարը, իսկ շատերն ալ կանգ առան մանաւանդ բանաստեղծութեան մէջ գործածուած նորօրինակ ինքնատիպ պատկերների առատութեան վրայ՝ անոնք համարելով հեղինակի հարուստ երեւակայութեան արգասիքը, ինչպէս, օրինակ «Յակուրջի մը առկախած՝ գիւղակն անդին կ’օրօրեն անրջական հիւսուածքով խումբ մը ժայռի ստուերներ» կամ՝ «Վանքին բակը կ’աղօթեն հսկայ ծառեր տարօրէն, որոնց տամուկ շուքին մէջ «Աստուածամարն» է կայներ» (Աստուածամօր անունը կրող Բինկեան գիւղի պատմական եկեղեցին):

Երկար տարիներ անց այս բանաստեղծութիւնն արժանացաւ նաեւ խորհրդահայ հեղինակաւոր գրականագէտներից մէկի «գնահատականին», ով իր սահմանափակ եւ միակողմանի մօտեցմամբ (ինչպէս դա յատուկ է նրանցից շատերին) այս բանաստեղծութեան մէջ տեսան միայն աշխատաւոր գիւղացու՝ աշխոյժ ջրւորի կերպարը: Ուրիշներ էլ (բացի մէկ-երկու գրչակներից (Փայլակ, Ենովք Արմէն) իրենց ճղճիմ քննադատական յօդուածներով փորձեցին դատափետել բանաստեղծին՝ ուրանալով նրա վաւերական տաղանդը:

Վերեւում մեր յիշատակած գնահատական այս գեղեցիկ խօսքերէն անշուշտ միանգամայն տեղին են եւ արդար, բայց ինքնին չեն արտայայտում այն բուն գնահատականը, որին արժանի է այս բանաստեղծութիւնը: Հեղինակը կարողացել է (ինչքան էլ դա անհաւատալի թուայ քսանամեայ մի երիտասարդ բանաստեղծի համար) «Ջրտուք»-ի պարզ գործողութեանն առնչուող իրարայաջորդ գեղեցիկ պատկերներով արտայայտել այս բանաստեղծութեան բուն գնահատականը, բանաստեղծութիւն, որու խոր իմաստը առաջին հայեացքէն գուցէ ընկալելի չէ միջին մակարդակի ընթերցողի համար: Դա բնութեան երկու հզօր տարրերի՝ ջրի եւ հողի միջոցով տեղի ունեցող տիեզերական արգասաւորութեան մեծ խորհուրդն է: Բանաստեղծութեան հէնց առաջին տողերից վկայութիւնն է՝ ի դէմս այդ խորհրդի:

«Հօյհօ՜յ, առուն յորդառատ դալարին ծոցն է նետուեր գաղջ տարփանքովն իր ջուրին, ուր արեւը կ’ապրի դեռ»:

 

Քերթուածում ջրի այդ «գաղջ տարփանքով» են արգասաւորւում բնութեան մեծ եւ փոքր բոլոր տարրերը՝ «վարդենիքը, թթաստանն ու ածուները բոլոր», այդ գաղջ ջուրի հեղուկ իրանը օձաճամուկ ձեւերով թեքւում եւ հասնում է «գիւղակին դէմ նստած երիտասարդ ու պչրոտ պարտէզներուն», որոնք այլեւս յափրացած խարակների եւ խութերի վրայ փշրուող «խօլ գետին անարգաւանդ դարպասէն»՝ տարփատենչ կարօտով անհամբեր սպասում են «վերէն վար վազող գաղջ ջուրի հոսանքին՝ պտղաւորուելու համար:

«Ջրտուք»-ի այս գործողութիւնը բանաստեղծութեան մէջ թէեւ տեղի է ունենում գիշերամտին, սակայն հեղինակը ցանկացել է այն ներկայացնել մեզ շքեղ հրավառութեան մէջ, որպէս լուսեղէն մի տօնահանդէս, որին իրենց մասնակցութիւնն կը բերեն ճռճռան ծղրիդները, որոնք, «լուսնակով արբշիռ, անվերջ կը խօսին», ծառերու տերեւները, որոնք «ծափ կը զարնեն ցնծագին», «ոսկեբաշ խարոյկները», որոնք «ուրեք-ուրեք կը վառին», «վարէն ջուրը կը խայտայ, կը խնդայ լոյսն ալ վերէն»:

Ինչպէս երեւում է, այս բանաստեծութեան մէջ ամէն ինչ վկայում է մեծատաղանդ բանաստեծի հանճարեղ երեւակայութեան եւ գեղագիտական բարձր ճաշակի մասին:

Տպաւորիչ է մանաւանդ բանաստեղծութեան աւարտը. «Աղջնակ մը, արիշին տակ նստած, շե՜ր կը կանչէ»: Նրա երգը, որպէս քաղցր օրօր, տարածում է արգասաւորուած բոլոր տարրերի վրայ, որոնք խաղաղ ննջում են, որովհետեւ հողը արդէն ծծել է «ջուրերուն տարփանքը, որ դեռ կը հնչէ», եւ հիմա, թաց, «կը խոկայ իր երկունքին ապագայ», իր հրաշալի ծննդագործութեանը, որ չի ուշանալու:

Այս խօսքերով էլ փակելով մեր հակիրճ յօդուածը հանճարեղ երեւակայութեան արդիւնք հանդիսացող սոյն բանաստեղծութեան մասին չյապաղենք նշել, որ նման չափածոյ ստեղծագործութիւններ շատ քիչ են ոչ միայն հայ դասական քնարերգութեան, այլ (թող թոյլ տրուի մեզ անվարան ըսել) նաեւ համաշխարհային քնարերգութեան մէջ:  

 

Երեւան

 

 

ՋՐՏՈՒՔ
Շաւարշ Միսաքեանին

Հօյհօ՜յ, գետը կը թրջէ ցայգուն քամակն արծաթուած,
իր յորձքին մէջ ծեծելով անդուլ խարակն ու խութեր.
հօյհօ՜յ, առուն յորդառատ դալարին ծոցն է նետուեր
գաղջ տարփանքովն իր ջուրին՝ ուր արեւը կ’ապրի դեռ:

Յակուրջի մը առկախած գիւղակն անդին կ’օրօրեն
անրջական հիւսուածքով խումբ մը ժայռի ըստուերներ.
վանքին բակը՝ կ’աղօթեն հսկայ ծառեր տարօրէն՝
որոնց տամուկ շուքին մէջ Աստուածամարն է կայներ:

Ու գիւղակին դէմ նստած, երիտասարդ ու պչրոտ,
պարտէզները՝ վերէն վար վազող ջուրին կը սպասեն.
ա՜լ յափրացած խօլ գետին անարգաւանդ դարպասէն,
ու լըռութիւնը խածնող լուտանքներէն արհաւրոտ:

Գիշերային ջրտուքի ժամն է. լոյսին մէջ կայնած,
մըշակն անքուն, կը սպասէ՜, ոտքը բոպիկ, բահն ուսին.
պարտէզներուն վրայ կ’իջնէ թեթեւ քողք մը միգամած,
ու ծղրիդներ՝ լուսնակով արբշիռ՝ անվերջ կը խօսին:

Ու կ’երկարի լուսարծաթ ժապաւէնն այդ բարբառին,
ինչպէս փախչող ասուպի կոթունները կաթնաւէտ.
աւազին վրայ ջուրերու կ’իյնայ շառաչը վէտվէտ,
խարոյկները՝ ոսկեբաշ՝ ուրեք-ուրեք կը վառին:

Հօյհօ՛յ, առուն կը հասնի ցանկապատին քովերէն
եւ երգի քուղ մը կու գայ պլլըւած իր գօտիին.
սիւք մը կ’անցնի, տերեւները ծա՛փ կը զարնեն ցնծագին.
վարէն ջուրը կը խայտայ, կը խնդայ լոյսն ալ վերէն:

Թումբերն անդուլ կը բացուին, ջուրն անդադար կ’ոռոգէ
վարդենիքը, թըթաստանն, եւ ածուները բոլոր.
բահի երկու հարուածով նայիս առուն կը թեքէ
օձաճապուկ ձեւերով հեղուկ իրանն իր ոլոր:

Ջուրն անընդմէջ կը հոսի, ածուները կը լենան,
ու, դարձուցէ՜ք, կը կանչէ ծեր մը մութին ընդմէջէն.
խիճերուն ու սիկին մէջ, բահերը՝ խո՜ւլ կը հնչեն,
ու դարձուցէք, դարձուցէ՛ք, կը կոչէ ձայնն անխափան:

Աղջընակ մը, արիշին տակ նստած, շե՜ր կը կանչէ,
որ յոգնաբեկ մըշակին օրօրի մը պէս կու գայ.
հողը ծըծեց ջուրերուն տարփանքն՝ որ դեռ կը հնչէ,
եւ հիմակ՝ թա՜ց՝ կը խոկայ իր երկունքին ապագայ:

ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ

 

 

Մեկնարկել է «Երևանի կանաչ լուսավորության շաբաթ» միջոցառումների շարքը

0

ՀՀ բնապահպանության նախարարության հովանու ներքո ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրի (ՄԱԶԾ) և Գլոբալ էկոլոգիական հիմնադրամի (ԳԷՀ) «Քաղաքային կանաչ լուսավորություն» ծրագիրը` Երևանի քաղաքապետարանի հետ համատեղ հոկտեմբերի 23-27-ը կազմակերպում է «Երևանի կանաչ լուսավորության շաբաթ» միջոցառումների շարքը, որի նպատակն է բարձրացնել հանրության իրազեկվածությունն էներգախնայող և բնությանը քիչ վնաս հասցնող լուսավորության լուծումների վերաբերյալ: Նախաձեռնությունը համահունչ է ՄԱԿ-ի կայուն զարգացման 7-րդ (Մատչելի և մաքուր էներգիա) և 13-րդ (Գործողություն՝ ի նպաստ կլիմայի) նպատակներին: Այս մասին «Արմենպրես»-ին տեղեկացրին ՀՀ բնապահպանության նախարարության տեղեկատվության և հասարակայնության հետ կապերի բաժնից: 

Հոկտեմբերի 23-ին Երևանի Հյուսիսային պողոտայում, արշավի տեղեկատվական տաղավարի մոտ կայացել է «Երևանի կանաչ լուսավորության շաբաթ» տեղեկատվական արշավի մեկնարկին նվիրված մամուլի ասուլիս, որին մասնակցել են ՀՀ բնապահպանության նախարարի առաջին տեղակալ Էրիկ Գրիգորյանը, ՄԱԶԾ մշտական ներկայացուցչի տեղակալ Դմիտրի Մարիասինը և Երևանի քաղաքապետարանի «Երքաղլույս» ՓԲԸ-ի տնօրեն Վարդան Գաբրիելյանը։

ՄԱԶԾ կլիմայի փոփոխության ծրագրերի համակարգող Դիանա Հարությունյանը, տալով  միջոցառման մեկնարկը, տեղեկացրել է, որ կազմակերպված արշավի նպատակն է խրախուսել էներգախնայող տեխնոլոգիաները լուսավորության ոլորտում:

ՀՀ բնապահպանության նախարարի առաջին տեղակալ Էրիկ Գրիգորյանն իր խոսքում կարևորել է ծրագիրը և նկատել, որ այն ուղղված է շրջանառվող այն թյուր տեսակետի դեմ, ըստ որի բնապահպանական և տնտեսական ծրագրերը չեն կարող համահունչ լինել, որովհետեև տարբեր նպատակներ ունեն: «Այս միջոցառումը ցույց է տալիս, որ բնապահպանական խնդիրների լուծման համար կատարվող գործողությունները կարող են նաև տնտեսապես արդյունավետ լինել, ինչպես օրինակ այս լամպերի փոխանակումը: Միջոցառման առաջնային նպատակը լինելով ջերմոցային գազերի արտանետումների նվազեցումը և երկրագնդի բնապահպանական վիճակի բարելավումը` միևնույն ժամանակ քաղաքացիներին ընձեռում է տնտեսական օգուտներ ունենալու հնարավորություն»,- նշել է Է. Գրիգորյանը և կոչ արել բոլորին միանալ ակցիային:

Դմիտրի Մարիասինը տեղեկացրել է, որ «Քաղաքային կանաչ լուսավորություն» ծրագրով նախատեսված էր փոխել մեկ փողոցի լուսավորությունը, բայց գումարների խնայողության արդյունքում փոխվել է 10 փողոցի լամպեր և ծրագիրը շարունակվելու է մյուս փողոցների համար:

«Երքաղլույս» ՓԲԸ-ի տնօրեն Վարդան Գաբրիելյանն էլ ներկայացրել է ծրագրի իրականացման շնորհիվ Երևանի քաղաքապետարանի ունեցած խնայողությունները:

Միջոցառման ընթացքում քաղաքացիները կստանան տեղեկատվություն լուսադիոդային (LED) լուսավորության և դրա առավելությունների մասին,  փոխանակել տան ավանդական շիկացման լամպը LED լամպով ու շահել նվերներ: 

«Երևանի կանաչ լուսավորության շաբաթվա» շրջանակում նախատեսվում են նաև տարաբնույթ միջոցառումներ՝ բարձրացնելու հանրության իրազեկությունն էներգախնայող և բնությանը քիչ վնաս հասցնող լուսավորության լուծումների վերաբերյալ: 

Լուսադիոդային (LED-Light Emitting Diode) լուսավորությունն արդեն իսկ մեծ դերակատարություն ունի Երևանի որոշ կարևորագույն հանրային տարածքներում: 2015թ. մարտից «Զվարթնոց» օդանավակայան տանող ճանապարհը, Մաշտոցի և Արշակունյաց պողոտաները, Ծիծեռնակաբերդի և Աթենքի փողոցները լուսավորված են շուրջ 1300 LED լուսատուներով։ Երևանի կենդանաբանական այգին ևս լուսավորված է 160 նոր LED լուսատուներով: Միայն այս կետերում իրականացված փոփոխությունը տարեկան ավելի քան 500 տոննայով կրճատում է ջերմոցային գազերի արտանետումներն ու դարձնում շրջակա միջավայրը բարենպաստ ու հաճելի: 

Բնապահպանությունը լուսադիոդային լուսավորության միակ առավելությունը չէ. LED-ն օգտագործում է 8 անգամ ավելի քիչ էլեկտրաէներգիա: Էներգախնայող գերարդյունավետ LED տեխնոլոգիան նաև մեծապես կրճատել է Երևանի քաղաքապետարանի էլեկտրաէներգիայի ծախսը` տարեկան ընդամենը 5 փողոցից ապահովելով 115,000 դոլարի խնայողություն: Լուսադիոդային լուսավորության առավելությունները հնարավոր է օգտագործել նաև առօրյայում՝ փոխարինելով տան սովորական շիկացման լամպերը LED տարբերակով, որոնք մինչև 50 անգամ ավելի երկար են գործածվում և 8 անգամ ավելի քիչ էներգիա են օգտագործում: 

 «Երևանի կանաչ լուսավորության շաբաթվա» շրջանակում քաղաքացիները հնարավորություն կունենան մասնակցելու կրթական և զվարճալի նախաձեռնությունների: Մասնավորապես՝ Երևանի տարածքում տեղակայված կլինեն հատուկ տաղավարներ, որտեղ քաղաքացիները կարող են փոխանակել իրենց տան ավանդական շիկացման մեկ լամպ LED լամպով: Մասնակիցներին խրախուսելու համար կազմակերպիչներն անվճար LED լամպից բացի փոքրիկ անակնկալ-նվերներ են պատրաստել. հնարավոր է շահել վարդ, գինի, սուրճ, շոկոլադ, թանգարանի տոմսեր:

Տաղավարներն աշխատելու են երկուշաբթիից ուրբաթ՝ ժ․ 12:00–20:00 հետևյալ հասցեներում՝

  • Հոկտեմբերի 23, 24, 25՝ Հյուսիսային պողոտա (շատրվանների հարևանությամբ) և «Երիտասարդական» մետրո (կայարանի հարևանությամբ)
  • Հոկտեմբերի 26, 27` Գարեգին Նժդեհի հրապարակ («Ամերիաբանկի» հարևանությամբ) և Նոր Նորքի 2–րդ զանգված (շուկայի հարևանությամբ)

Արա Բաբլոյանը պարգեւատրել է Ռաֆայիլ Զինուրովին

0

ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Բաբլոյանը միջխորհրդարանական համագործակցության զարգացման բնագավառում ակտիվ մասնակցություն ցուցաբերելու եւ հայագիտական գործունեություն ծավալելու համար հոկտեմբերի 23-ին ՌԴ Դաշնային խորհրդի անդամ, ՀՀ Ազգային ժողովի եւ ՌԴ Դաշնային ժողովի միջեւ համագործակցության միջխորհրդարանական հանձնաժողովի անդամ Ռաֆայիլ Զինուրովին պարգեւատրել է ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի հուշամեդալով: Այս մասին «Արմենպրես»-ին տեղեկացրին ՀՀ ԱԺ հասարակայնության և տեղեկատվության միջոցների հետ կապերի վարչությունից:

Շնորհավորելով Ռաֆայիլ Զինուրովին՝ Արա Բաբլոյանը նշել է. «Դուք ոչ միայն Հայաստանի բարեկամն եք, այլեւ հայոց պատմության եւ հայ մշակույթի մեծ գիտակ եք: Ձեր «Հայաստան. հազարամյակների ուղի» գիրքը մեր երկրի պատմության յուրահատուկ չափածո նկարագիրն է՝ հնագույն ժամանակներից մինչեւ մեր օրերը: Շնորհակալ ենք հայ ժողովրդի նկատմամբ տածած անկեղծ սիրո համար»:

Ռաֆայիլ Զինուրովը ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահին շնորհակալություն է հայտնել հայերենով եւ նվիրել իր հեղինակած գիրքը: