Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

Ադրբեջանը շփման գծում կիրառել է ականանետեր. հայկական կողմը կորուստներ չունի

0

 Արցախա-ադրբեջանական հակամարտ զորքերի շփման գծի որոշ հատվածներում հակառակորդը հոկտեմբերի 24-ի կեսօրից հետո կրկին դրսևորել է ակտիվություն՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներից բացի, կիրառելով նաև ականանետեր: Այս մասին «Արմենպրես»-ին տեղեկացրին ԱՀ պաշտպանության նախարարության մամուլի ծառայությունից:

«Մասնավորապես` Մարտակերտի և Մարտունու պաշտպանական ուղղություններում տեղակայված հայկական դիրքերի վրա ադրբեջանական զինուժը 60 մմ-ոց ականանետերից արձակել է 23 արկ: Արկակոծության արդյունքում ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումները որևէ կորուստ չեն կրել:

Երեկոյան և գիշերվա ընթացքում իրադրությունը հանգիստ է եղել:

ՊԲ հերթապահ զորամասերը առաջնագծի ողջ երկայնքով շարունակում են աչալրջորեն վերահսկել իրավիճակը և ըստ մարտական կարգադրության կատարել իրենց առջև դրված խնդիրը»,- ասվում է ՊԲ հայտարարության մեջ:

ԱԺ քառօրյա. կառավարության անդամները կպատասխանեն պատգամավորների հարցերին

0

Ազգային ժողովում մեկնարկել է խորհրդարանական հերթական քառօրյայի երկրորդ նիստը: Ինչպես հաղորդում է «Արմենպրես»-ը նիստի մեկնարկին նախ քվեարկության կդրվեն նախորդ օրը քննարկված հարցերը:

Հոկտեմբերի 24-ի նիստում պատգամավորները քննարկել են մե տասնյակից ավել օրենքի նախագծեր, որոնք քվեարկության կդրվեն հոկտեմբերի 25-ի նիստի մեկնարկին: Դրանից հետո պատգամավորները կշարունակեն «Պաշտպանության մասին» օրենքի քննարկումը:

Ժամը 16:30-ին խորհրդարանում կմեկնարկի կառավարության հետ հարցուպատասխանը: Կառավարության անդամները կպատասխանեն պատգամավորների հարցերին:

Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ – ԺԴ – Յաւերժ Երիտասարդ Երեւան Քաղաքի Պատմութեան Թանգարան

0

*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

«Երեւանը հայ ժողովուրդի եռանդի եւ արիութեան իսկական դրսեւորման քաղաքն է:
Ես իմ կեանքիս մէջ չեմ տեսած ո՛չ մէկ այնպիսի քաղաք, որ նման ըլլար Երեւանին, ուր բնակչութիւնը պատմական այդքան կարճ ժամանակահատուածին մէջ, այդքան արագ աճէր»:

Ժան Փոլ (Ֆրանսացի փիլիսոփայ)

Երեւան… աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն մէկը, որ հիմնադրուած է երեք հազար տարի առաջ, hայկական քաղաքակրթութեան բնօրրանին՝ Արարատեան դաշտավայրին վրայ… Անիկա աշխարհասփիւռ հայութեան յոյսերու եւ վերածնունդի քաղաքն է, ուր իրենց երազները վարդագոյն տուֆի միջոցով մարմնաւորած են հայ հանճարեղ ճարտարապետներ եւ յատկապէս` Ալեքսանդր Թամանեան:

Այս շաբաթ «Զարթօնք»-ը այցելեց Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարան, հաշուի առնելով էրեբունի-Երեւան 2799-ամեակը:

Մեր զրուցակիցն էր թանգարանի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Արմինէ Սարգիսեան:

«Զ.» – Ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ հիմնադրուած է Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանը:

«Ա. Ս.» – Երեւանի պատմութեան թանգարանը հիմնադրուած է 1931-ին, երբ արդէն կար Հայաստանի պատմութեան թանգարանը։ Ժամանակի քաղաքային խորհուրդը որոշում կը կայացնէ, որ Երեւան քաղաքը պէտք է ունենայ իր առանձին պատմութեան թանգարանը: Քաղաքային խորհուրդի որոշումէն ետք՝ կատարուած են տարբեր նուիրատուութիւններ եւ հաւաքուած է մօտ՝ 400, այնուհետեւ  800 ցուցանմոյշ: Այդ ցուցանմոյշները՝ սկզբնական շրջանին՝ տեղաւորուած են Հրշէջ կամաւոր ընկերութեան շէնքին երկու սենեակներուն մէջ, բայց նուիրատուութիւնները անընդհատ շարունակուած են, եւ այդ երկու սենեակները բաւարար չեն եղած, որպէսզի բոլոր ցուցանմոյշները տեղաւորուին այնտեղ: Քաղաքային խորհուրդը որոշում ընդունած է ստեղծել Երեւան քաղաքի պատմութեան առանձին թանգարան, թանգարանին կից ստեղծուեցաւ գիտական խորհուրդ, որուն անդամները եղած են ժամանակի խոշորագոյն մտաւորականներն ու արուեստագէտները, ճարտարապետներ՝ Ալեքսանդր Թամանեան, Թորոս Թորոմանեան, Նիկողայոս Բունիաթեան, Միքայէլ Մազմանեան, նկարիչներ՝ Մարտիրոս  Սարեան, Գաբրիէլ Գիւրջեան, Տարագրոս, քանդակագործ՝ Արա Սարգիսեան, գիտնականներ՝ Ստեփան Լիսիցեան, Երուանդ  Շահազիզ եւ ուրիշներ: Նկարիչ Մարտիրոս Սարեան՝ թանգարանի հաւաքածուն հարստացնելու համար՝ նուիրած է իր կտաւներէն, Ալեքսանդր Թամանեան իր ստորագրութեամբ Երեւանի յատակագիծը նուիրած է եւ այսպէս, աստիճանաբար,  կայացած է թանգարանը եւ 1936-ին՝ արդէն բազմաթիւ պրպտումներու իբրեւ արդիւնք՝ թանգարանը որոշած են տեղակայել 17-րդ դարու կառոյց՝ Կապոյտ Մզկիթին մէջ կամ ինչպէս յաճախ ճանապարհորդները զայն անուանած են՝ «Երկնքի Մզկիթ»-ին մէջ։ Ատիկա ժամանակաւոր որոշում եղած է եւ ընթացքին, քաղաքային խորհուրդը մտածած է, որ պիտի գտնէ թանգարանի համապատասխան շէնք։ Անցած են տարիներ  եւ 56 տարի շարունակ՝ թանգարանը գործած է Կապոյտ Մզկիթին մէջ: 1982-ին, Քաղաքային խորհուրդը որոշում կայացուցած է, որ 19-րդ դարու յայտնի ճարտարապետական կառոյցներէն մէկը՝ Հռիփսիմեան օրիորդաց ուսումնարանը՝ պէտք է վերանորոգուի եւ  համապատասխանեցուի թանգարանային շէնքի պահանջներուն եւ շէնքը տրուի թանգարանին: Վերակառուցումը տեւած է շատ երկար, եւ ցաւօք 1992-ին, երբ շէնքը արդէն տրուեցաւ թանգարանին, անիկա ամբողջովին աւարտած չէր:  1992-1995  թուականներուն թանգարանը տեղափոխուեցաւ Մաշտոցի 33 հասցէին վրայ գտնուող Շահումեանի անուան թիւ 1 միջնակարգ դպրոցի մասնաշէնք, որ ցաւօք թանգարանային ո՛չ մէկ պահանջմունքի կը բաւարարէր: Թանգարանը հազիւ գոյատեւեց այնտեղ մինչեւ  2005 թուականը, որմէ ետք անիկա հաստատուեցաւ Երեւանի քաղաքապետարանի նորակառոյց շէնքին մէջ` քաղաքապետարանին հետ կազմելով միասնական ճարտարապետական համալիր:

«Զ.» – Ե՞րբ բացուած է թանգարանի հիմնական ցուցադրութիւնը: Քանի՞ սրահ ունի այսօր թանգարանը եւ ի՞նչ ներկայացուած է այնտեղ:

«Ա. Ս.» – Թանգարանի հիմնական ցուցադրութիւնը բացուած է՝ 2007 Ապրիլ 3-ին, այն ժամանակուայ Հանրապետութեան նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Երեւանի քաղաքապետ Երուանդ Զախարեանի օրով: Թանգարանը ունի երեք մշտական ցուցասրահ, ուր ներկայացուած է Երեւանի պատմութիւնը՝ հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը եւ երկու ցուցարահ, ուր տարուան ընթացին կը կազմակերպուին տարբեր ժամանակաւոր ցուցահանդէսներ:

Առաջին սրահը կը կոչուի Երեւանը հնագոյն ժամանակներէն սկսեալ եւ Միջնադարուն: Սրահի հիմնական հայեցակարգը այն է, որ մենք այնտեղ կը փորձենք ներկայացնել Երեւանը ո՛չ միայն իբրեւ աշխարհի հնագոյն մայրաքաղաքներէն մէկը, այլ՝ նաեւ աշխարհի հնագոյն բնակավայրերէն մէկը: Երեւանի պատմութիւնը կը սկսինք երեւանեան քարայրով, որ կը թուագրուի Ք․Ա․ մօտ 120 հազար տարուան պատմութեամբ, այսինքն 120 հազար տարի առաջ Երեւանի տարածքը եղած է նախնադարեան մարդու բնակավայր եւ պահպանուած են 80 հազար տարուան պատմութիւն ունեցող քարէ հատիչներ, այնուհետեւ 40 հազար տարուան պատմութիւն ունեցող բնակիչի գանկ, որուն կարելի է խորհրդանշօրէն անուանել նախամարդ երեւանցի։ Այդ գանկը վերականգնած է փրոֆէսոր Անդրանիկ Ջաղարեան, որ վերականգնած է նաեւ Պետրոս Դուրեանի գանկը:

Երկորդ սրահը նուիրուած է 19-րդ դարու Երեւանին, ուր կը ներկայացուին Ռուս-պարսկական պատերազմները, որոնց իբրեւ արդիւնք ազատագրուելով Պարսկական տիրապետութենէ՝ Երեւանը կը դառնայ Արեւելեան Հայաստանի կեդրոնը: Կը ցուցադրուին այդ ժամանակաշրջանին վերաբերող գրաւոր արժէքներ, փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ գեղանկարներ, գծանկարներ, որոնց հեղինակը յայտնի ռուս նկարիչ՝ Մաշքովն է: Կը ցուցադրուին նաեւ Երեւանի գրաւման հետ կապուած մետալներ, բանալիներ, արձաններ, Երեւանի բերդի յատակագիծեր, Երեւանի ժամանակաւոր կառավարութեան ստեղծման փաստաթուղթերը, ինչպէս նաեւ կը ներկայացուի 19-րդ դարու Երեւանի կենցաղը, ապրելակերպը եւ քաղաքային ինքնակառավարման մարմինները: Կ՝ուզեմ յատկապէս շեշտել Երեւանի քաղաքագլուխի պաշտօնական հագուստը, որ կը ներկայացնէ կովկասեան տիպի կարմիր չերքեզկա (Կովկասեան լեռնականներու մօտ` տղամարդու վրայի երկար, մէջքի վրայ փոթեր ունեցող զգեստ), որ քաղաքագլուխը կը հագնէր տօնական օրերուն:

Մշտական ցուցադրութեան վերջին երրորդ սրահը կը ներկայացնէ Երեւանի կրթութիւնը, տնտեսութիւնը, մշակոյթը, մարմնակրթութիւնը: Ցուցադրութեան մէջ առանձնակի  ուշադրութեան արժանի է Երեւանի մանրակերտը, որ այցելուներուն համար շատ ուսուցաղական դեր կը կատարէ, եւ նաեւ կը ներկայացուի 3d տարբերակով: Մեր հաւաքածուները կը համալրուին նուիրատուութիւններու միջոցով, երբեմն նաեւ գնման միջոցով:

«Զ.» – Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք Սփիւռքի հետ: Ո՞վ են թանգարանի բարեկամները Սփիւռքի մէջ:

«Ա. Ս.» – Մենք շատ լաւ կը համագործակցինք Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան հետ եւ Սփիւռքի մաշակոյթի գործիչներու։ Ցուցահանդէսներ շատ յաճախ տեղի կ՝ունենան մեր թանգարանին մէջ: Այս ամառ, մեր թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանցի չորս սերունդներու ցուցահանդէսը: Քանի մը տարի առաջ ալ այստեղ կազմակերպուած էր լիբանանցի նկարիչ՝ Զաւէն Խըտըշեանի աշխատանքներուն ցուցահանդէսը, որուն ներկայ էր նաեւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանը: 

Սփիւռքի հետ կապը շարունակելով՝ վերջերս մեր թանգարանի եւ Սփիւռքի նախարարութեան հետ համատեղ՝ թանգարանին մէջ կազմակերպուեցաւ գանատահայ նկարիչներու ցուցահանդէսը: Միւս տարի, երբ արդէն կը լրանայ Երեւանի 2800-ամեակը, մենք, Սփիւռքի նախարաութեան հետ համատեղ, ունինք բազմաթիւ համաձայնութիւններ, որ Պէյրութի մէջ պէտք է կազմակերպուի Երեւանը երեք հանրապետութիւններու մայրաքաղաք խորագիրով ցուցահանդէս, որ նուիրուած պիտի ըլլայ ո՛չ միայն Երեւանի 2800-ամեակին, այլ նաեւ Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին: Պիտի ներկայացնենք 100 լուսանկար նուիրուած Երեւանի 2800-ամեակին:

«Զ.» – Վերջերս նշեցինք Էրեբունի – Երեւան 2799 ամեակը: Ի՞նչ ձեռնարկներ կազմակերուած էին թանգարանին մէջ՝ տօնակատարութեան ծիրէն ներս:

«Ա. Ս.» – Այս տարի մեր թանգարանը էրեբունի-Երեւան 2799 տօնակատարութեան մասնակցած է մեծ աշխուժութեամբ եւ Երեւանի քաղաքապետարանի ճեմասրահին մէջ, Հոկտեմբեր 14-ին բացուեցաւ Երեւանը գեղանկարներու մէջ խորագիրով ցուցահանդէս, ուր ներկայացուեցան թագարանի գեղարուեստի հարուստ ֆոնտէն այնպիսի գործեր, որոնք առաջին անգամ կը ցուցադրուէին: Ներկայացուցած ենք հին Երեւանը, Խորհրդային Երեւանը եւ նոր Երեւանը, որուն լուսանկարները մեր պահոցէն չէին, այլ մենք կապ հաստատած էին ժամանակակից ստեղծագործողներու հետ, որոնք ունէին Երեւանին վերաբերող աշխատանքներ եւ մօտ 20 հեղինակի 40 աշխատանք կազմեցին ցուցահանդէսին երկրորդ բաժինը: Երկրորդ ցուցահանդէսը, տեղի ունեցաւ Խաչքարերու պուրակին մէջ էր։ Այնտեղ ներկայացուեցաւ Երեւան քաղաքը՝ 19-րդ դարէն մինչեւ այսօր:

«Զ.» – Հրատարակչական ի՞նչ աշխատանքներով կը զբաղի թանգարանը եւ ի՞նչ կրթական ծրագիրներ կ՝իրականացնէ:

«Ա. Ս.» – Թանգարանի գործունէութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մէկը՝ նաեւ գիտական աշխատանքն է եւ տարիներու ընթացքին թանգարանը, այսինքն 2007 թուականէն, ունեցած է աւելի քան քսան հրատարակութիւն։ Երբ լրացաւ Երեւանի 2790-ամեակը, մենք հրատարակեցինք 11 գրքոյկ, որոնք կը ներկայացնեն մեր հաւաքածուները՝ կահոյքի, զէնքերու, գորգերու, տարազի, զարդերու, լուսանկարներու, քարտէզներու: Հրատարակած ենք նաեւ Երեւանի տարեգրութիւն աշխատութիւնը, Երեւանի նշանաւոր ընտանիքները աշխատութիւնը եւ չորս անգամ ունեցած ենք չորս գիտական նստաշրջան, որուն իբրեւ արդիւնք հրատարակած ենք չորս գիտական յօդուած-ժողովածու։ Միւս տարի արդէն պիտի աշխատինք հինգերորդ ժողովածուին վրայ, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Երեւանի 2800-ամեակին:

 2005-էն սկսեալ` թանգարանին մէջ մշակուած եւ իրականացուած են  նաեւ ժամանակի պահանջներուն համահունչ տարաբնոյթ կրթական ծրագիրներ, որոնց նպատակն է փոքրիկները հաղորդակից դարձնել մեր քաղաքի մշակութային ժառանգութեան, անոնց մէջ ձեւաւորել գեղագիտական ճաշակ, սերմանել թանգարան յաճախելու մշակոյթ եւ, ի հարկէ, դաստիարակել արժանի քաղաքացիներ: Մենք ունինք «Ճանաչիր Երեւանը» խաղ-պտոյտը, որ  նախատեսուած է միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներու, ինչպէս նաեւ առաջին եւ երկրորդ լսարանի  ուսանողներու համար: Մեր մշտական  ծրագիրներէն են նաեւ «Գիտունիկը» եւ «Երեւանի բերդի առում»  կրթական ծրագիրները:

«Զ.» – Յիշեցնենք, որ Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանը կը գտնուի Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանի Արգիշտի փող., 1/1 հասցէին վրայ: Հեռ.  +374-10-568185 – Կայքէջ՝ www.yhm.am

Անցեալի Յուշեր Շաքա՞ր թէ Շոքոլա…

0

*ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ*

Ֆուլ մետամմէ՜ս, Պելիլա՜…

Ձայնը կ’երկարէր փողոցին մէջ եւ Կիրակի կամ ալ ուրիշ հանգիստի օրերու մեր անուշ քունը, առտուները առանց խղճալու կը խանգարէր :
Երկու անիւով հրուող ձեռնասայլի մը մէջ, հազիւ շերեփ մը անցնելու չափ նեղ բերանով երկու հաստափոր կաթսաներ քով քովի տեղաւորած, կլոր գդակով թուխ մարդը, թաղի բնակիչներուն ֆուլ կը ծախէր: Ան ամէն առտու մեր տան ետեւի նեղ փողոցէն կ’անցնէր եւ չածիլուած դէմքը շէնքերու պատուհաններուն կողմը դարձուցած խռպոտ ձայնով.

Ֆուլ մետամմէ՜ս … Պելիլա՜ … կը պոռար :

Դրացիները զինք կը ճանչնային եւ գիտէին իր գալու ժամը: 

Ան փողոցին անկիւնը դառնալէ վերջ, դանդաղ կ’անցնէր տուներուն առջեւէն ու երբ մէկը կանչէր եւ ապսպրանք տար, կը կեցնէր սայլակը, կը բանար մութ գոյն կաթսաներէն մէկուն պզտիկ բերանը եւ յաճախորդին երկարած ամանին մէջ գոլորշիով տաք ֆուլ կամ Պելիլա 
կը լեցնէր:

Պելիլան շաքարով եփած կորկոտ էր, որ ես կը սիրէի եւ առտուները դպրոց երթալէս առաջ, երբեմն մօրմէս կը խնդրէի, որ գնէր: Մայրս այդ նեղ փողոցին նայող մեր տան երկրորդ պատշգամէն չուանով կողով մը կ’իջեցնէր, եւ քիչ վերջ Պելիլայով լեցուն ամանը վեր կը քաշէր: 

Ֆուլճին առտուները կանուխ կու գար եւ մեր փողոցէն ապսպրանքներ ապահովելէ վերջ , կանուխ ալ կ’երթար : Քիչ կը պատահէր, որ մեր փողոցէն չ’անցնէր: 

Այն օրը, դպրոցական արձակուրդի մէջ էի եւ երկինքին վրայի աստղերուն կապոյտը հազիւ անհետացած, փողոցին մէջ ֆուլճիին երկարող կանչը դարձեալ լսեցի, բայց չ’ուզեցի ժամավաճառ ըլլալ, որովհետեւ հօրս հետ իր գործատեղին երթալու կը պատրաստուէի, եւ ժամ առաջ արդէն կ’ուզէի հոն ըլլալ:

Ես միշտ ուզած էի հօրս գործատունը ճանչնալ : Այդ պատճառաւ ալ անհամբեր էի եւ պելիլան այն օրը կարեւոր չէր ինծի համար:

 
Հօրս աշխատավայրը այն ատեն, քաղաքին մէջ Շարաա Ապտ էլ Ազիզին մօտ էր : Անոր անկիւնին վրայ գտնուող կամարակապ շէնքերու փողոցը լայն չէր, բայց բանուկ էր եւ հինէն ի վեր հաստատուած խանութներ շատ կային:

Փողոցը ժողովրդական էր, սակայն երկու կողմերու երկայնքին շինուած կամարակապ շէնքերուն ոճը եգիպտական չէր, արեւելեան ալ չէր:

Մութ գոյնով եւ կառքերու երթեւեկէն սեւցած այդ շէնքերը նոր չէին, եւ շատոնց դադրած էին բնակութեան համար գործածուելէ : Այդ պատճառաւ ալ, անոնց տէրերը այդ տեղերը պզտիկ կամ միջակ գործատեղիներու վերածած էին, եւ այդպէս ալ կը գործածէին:

 
Հայրս այն օրերուն այդ շէնքերէն մէկուն երկրորդ կամ երրորդ յարկին վրայ աշխատանոցի մը մէջ կօշիկի երես կը ձեւէր:

Ներսը ընդարձակ չէր, եւ շատ արհեստաւորներ չկային: Մօտաւորապէս քսանի մօտ աշխատաւորներ սեղաններու վրայ ծռած կօշիկներ կը կարէին կամ կը գամէին:

Մուտքին աջ կողմը՝ զատ սենեակի մը մէջ, ջուրով լեցուած թիթեղէ խոշոր տակառներու մէջ կօշիկներու ներբաններու համար գործածուելիք կարծր կաշիներ պահուած էին, իսկ աշխատանոցին մուտքի ուղղակի դիմացի պատին վրայ, փողոց նայող պատշգամներէն մէկուն ապակիէ գոց փեղկերուն առջեւ, հօրս աշխատանքի սեղանն էր:

Հայրս իր սեղանին առջեւ ինծի համար աթոռ մը դնել տուաւ եւ վիզէն կաշիէ գոգնոց մը անցուց: Յետոյ գործի սկսելէ առաջ, Ճիւան եւ Վահան անունով գործի երկու հայ ընկերներ կանչեց եւ․ 
– Կարոն՝ տղաս է ըսելով, զիս անոնց ներկայացուց:

 
Ճիւանը, որքան որ կը յիշեմ, խօսիլ կը սիրէր եւ կատակասէր ալ էր:

Գլուխս շոյեց, տարիքս հարցուց եւ ըսաւ, որ իմ տարիքիս աղջիկ մը ունէր : Յետոյ ճիշտ չեմ յիշեր ի՛նչ ըսաւ կամ ի՛նչ հարցուց, բայց կը յիշեմ որ բոլորս խնդացինք եւ ես այնպէս զգացի, թէ այդ վայրկեանէն սկսեալ Ճիւանը եւ ես բարեկամներ դարձած էինք։ 

Ոտքի վրայ երկուքը դեռ քիչ մը եւս խօսեցան հօրս հետ, բայց յետոյ Ճիւանը․
– Երթանք, հիմա պրն․ Ալթունեանը կու գայ,- ըսաւ եւ Վահանին հետ հեռացան մեր քովէն:

Անոնց երթալէն վերջ ,
– Ո՞վ է պրն․ Ալթունեան,- հարցուցի հօրս։
– Այս տեղին մեծն է,- պատասխանեց հայրս եւ սեղանին ետեւ կեցած՝ ձեռքին դանակը առջեւի պզտիկ յեսանաքարին քսեց:

Ես այդ վայրկեանին չհասկցայ եւ յետոյ ալ չհարցուցի, թէ հայրս «մեծ» ըսելով ճիշտ ի՛նչ ուզած էր ըսել գործատէ՞ր, թէ տեսուչ: Միայն հասկցայ, որ պրն․ Ալթունեան՝ գործատէր ըլլար կամ տեսուչ, պաշտօնով հօրմէս բարձր էր: Անկէ յետոյ չհամարձակեցայ եւ ա՛լ ուրիշ հարցումներ չըրի հօրս …

Քիչ վերջ հաստ փորով կարճահասակ մարդ մը քովի սենեակէն դուրս ելաւ եւ հայրս՝ ներս կանչեց: Ես խորհելով, որ կանչողը քիչ առաջուայ հօրս ըսած «մեծ»ն էր փորձեցի ժպտալ: Բայց կարճահասակ մարդը, ակնոցի հաստ ապակիներուն ետեւէն զիս չնշմարեց, կամ եթէ նշմարեց իսկ, բնաւ յայտնի չըրաւ եւ առանց ժպիտիս կարեւորութիւն տալու անմիջապէս սենեակ դարձաւ : 
Հայրս, ամէն ինչ եղածին պէս սեղանին վրայ ձգեց եւ քովէս հեռացաւ: Բայց ճամբան բան մը յիշածի պէս յանկարծ ետ դարձաւ, եւ ցուցամատաը օդին մէջ քանի մը անգամ շարժելով,
– Սեղանին վրայի դանակին չդպնաս եւ հետը չխաղաս,- զգուշացուց :
Ես հաստատական ձեւով նշան ըրի եւ․ 
– Չեմ խաղար,- ըսի :
Արդէն տունին մէջ ալ ինծի արգիլած էին՝ սուր կամ կտրող գործիքներով խաղալ :
Հայրս գնաց եւ ուշացաւ: Շատ սպասեցի բայց չ’երեւցաւ:

Շուրջիններս բոլորն ալ զբաղած կ’աշխատէին:

 
Աթոռին վրայ նստած ինծի գործ չկար ընելիք : Փողոցէն եռուզեռի եւ անցնող կառքերու շչակներու ձայներ, ապակիէ գոց փեղկերէն կ’անցնէին եւ ներսէն լսելի կ’ըլլային:

Դուրսը շարժում կար, կեանք կար: Ներսը ես բան չունէի ընելիք …:

Շուտով ձանձրանալ սկսայ եւ աշխատանոցին մէջ գտնուող սկիզբը ինծի հետաքրքրական թուացող գործիքները, քիչ վերջ ուշագրաւ ըլլալէ դադրեցան:

 
Յանկարծ հօրս սեղանին վրայ իր ձգած գործի բարակ պողպատէ դանակը նշմարեցի:
Արեւի ճառագայթ մը անոր շեղ ձեւով՝ վերջացած կտրելիք սուր ծայրին վրայ ինկած կը փայլէր: Փորձեցի բռնել դանակը եւ սեղանին վրայի ինծի նայող կաշիի պզտիկ կտորը հօրս ձեւով կտրել: Սակայն, յանկարծ հօրս զգուշացնող ցուցամատը յիշեցի եւ ձեռքս ետ քաշեցի : Բայց փորձութիւնը մեծ էր: Քիչ վերջ, երբ ամէն մարդ իր գործով զբաղած էր, ձեռքս արագ երկարեցի, դանակին ծայրէն բռնեցի եւ փորձեցի կաշիի կտորը կտրել: Բայց թերեւս շիտակ չբռնելուս, կամ ալ ձեռքիս մեծ գալուն պատճառաւ, հօրս նոր սրցուցած դանակը չկրցայ լաւ կառավարել եւ ձեռքէս փախաւ:
Բթամատէս անմիջապէս արիւն վազեց, կօշիկիս վրայ կաթեցաւ եւ կտրուած մասին վրայ զօրաւոր ցաւ ու այրուածք զգացի : Վէրքը խորունկ էր, ցաւին չդիմացայ լալ սկսայ: Յանկարծ արցունքներուս մէջէն հայրս վազելով եկաւ, սեղանին վրայ գտնուող բարակ կաշիի մը մէջի կողմէն կտոր մը կտրեց եւ բթամատիս կտրուած մասին վրայ կապեց: Արիւնը շատ չանցած դադրեցաւ, բայց մղկտացող ցաւը մնաց:
Օրը վերջանալու վրայ էր, երբ Ճիւանը քովս եկաւ եւ ետեւը պահած գոց ափերէն աջը առջեւ երկարեց ու ժպիտով.
– Ըսէ նայիմ ասոր մէջ ի՞նչ կայ,- հարցուց :
Ես վարանեցայ: Բթամատիս ցաւը դեռ չէր անցած, չկրցայ լաւ մտածել :
Ճիւանը այս անգամ ձախ ափը առջեւ երկարեց, եւ 
– Եթէ գիտնաս, թէ ինչ պահած եմ այս ափիս մէջ, քուկդ կ’ըլլայ,-ըսաւ :
Ես քանի մը փորձեր ըրի, բայց չգիտցայ :
– Լաւ,- ըսաւ Ճիւանը, քանի որ չգիտցար, չես կրնար ափերուս մէջ եղածները նուէր ստանալ : Բայց եթէ ըսես, թէ ի՞նչ կը սիրես աւելի, շաքա՞ր թէ շոքոլա, թերեւս այն ատեն միտքս փոխեմ եւ ուրիշ ձեւ մտածեմ :
Շիտակը ես երկուքն ալ կը սիրէի, բայց շոքոլային կէս մատ աւելի մօտ էի :
Ճիւանը երկու գոց ափերը բացաւ եւ ինծի երկարեց : Մէկուն մէջ փայլուն թուղթի փաթթուած շաքար կար, միւսին մէջ ալ շոքոլա :
– Ա՛ռ երկուքն ալ քուկդ են, ձեռքիդ ցաւը կ’անցնեն,- ըսաւ :
Ես շուարեցայ եւ չհամարձակեցայ անմիջապէս ընդունիլ տուածները : 
Մայրս այդպէս չէր սովեցուցած ինծի մեր տան մէջ: Ան միշտ պատուիրած էր, որ եթէ մէկուն տունը հիւր երթայի եւ որեւէ բան հրամցնէին կամ նուէր տային, ես միայն տնեցիներուն երեք անգամ ստիպելէ ետք կրնայի ընդունիլ այդ նուէրը :
Բայց մայրս քովս չէր այդ վայրկեանին: Հօրս նայեցայ, ան աչքով քթթեց եւ նշան ըրաւ՝ որ ընդունիմ Ճիւանին նուէրը: Ես ուրախացայ եւ վայրկեանի մը համար մոռցայ բթամատիս ցաւը: Բայց իրիկունը, երբ գործէն վերջ Աթապա Խատրայի խոշոր հրապարակին վրայ, օթոպիւսի կանգառին առջեւ մենք բաժնուեցանք իրարմէ, ես տխրեցայ եւ բթամատիս ցաւը յիշեցի: Բայց երբ հրապարակի ծառերուն ետեւ գտնուող խանութներու շողշողուն լոյսերուն նայեցայ եւ հօրս ձեռքը գլխուս վրայ զգացի, ուրախացայ եւ այն տպաւորութիւնը ունեցայ, թէ իր աշխատանոցը երթալու, Ճիւանը վերստին տեսնելու, եւ թերեւս ալ ո՞վ գիտէ, շաքար ու շոքոլա նուէր ստանալու դեռ նոր եւ ուրիշ առիթներ պիտի ունենայի ….:

Քամփինաս, Պրազիլ

“Բաց Դռներ”ու Միջոցառում ՝ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Մէջ

0

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի Մանկապարտէզի 2017-2018 կրթական տարեշրջանի ծրագիրը կ՝ընդգրկէր՝ “Բաց Դռներ”ու միջոցառումի գործադրումը։ Հետեւաբար մանկապարտէզի  փոքրիկները, մի քանի օր առաջ իրենց պատրաստած ձեռայիններով հրաւիրած էին մամաները, որպէսզի՝ Հինգշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2017 առաւօտեան ժամը 7։30-ին, իրենց հետ միասին ներկայ գտնուին  դպրոց եւ դիտեն դասապահերը։

          Նախքան դասարանները մտնելը, ծնողները հանդիպում մը ունեցան Տնօրէնուհի՝ Տիկ․ Կալինա Նաճարեանի հետ։ Ան վստահեցնելով․ թէ “Բաց Դռներ”ու միջոցառումի իրագործումով,  համերաշխ ու գործակցական բարձր ոգիով, այս տարի անգամ մը եւս պիտի կարենանք յաջողութեամբ բոլորել մանկապարտէզի ծրագիրը՝ զանազան ուսուցման կեդրոններու գործածութեամբ, դաստիարակչական այցելութիւններ դպրոցէն դուրս ու մեծ  թիւով դաստիարակչական խաղալիքներ դասարաններէն ներս։ Մեր ուսուցիչներուն հետեւողական ինքնազարգացումն ու վերապատրաստումը, ինչպէս նաեւ սեմինարներու մասնակցութիւնը՝ թիրախ ունին  միշտ առաջնահերթ ըլլալու աշակերտներու տրուած դաստիարակութեան ու մանկավարժական կրթութեան մէջ։

          Մանկապարտիզպանուհի՝ Տիկ․ Վերա Հաննա իր կարգին բացատրեց՝ ուսուցման կեդրոններու նպատակն ու անոնց  օգտագործման  միջոցները, որպէսզի աշխատանքը ըլլայ աւելի արդիւնաբեր։ Լուսաբանեց նաեւ կարգ մը կրթական օրէնքներ։ Դիտեցին տեսերիզ մը (ուսուցման կեդրոններու օգտագործումը դասարաններէն ներս) խորագրով։

          Ծնողները մտան իրենց փոքրիկներուն դասարանները և ամենայն հետաքրքրութեամբ հետեւեցան իւրաքանչիւր դասաւանդութեան ներկայացման ձեւին և աշակերտներու մասնակցութեան հանգրուաններուն, նաեւ ուսուցման կեդրոններու օգտագործման ձեւերուն։

Բոլորին վարձքը կատար։

Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ

 

ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Այցը Կիպրոսի Ազգային Առաջնորդարան

0

Հոկտեմբեր 20-ի երեկոյեան, Կիպրոսի ազգային առաջնորդարան այցելեց իր պատուիրակութեամբ Հայաստանի սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեան: Առաջնորդարանի մուտքին տիկին նախարարը դիմաւորուեցաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի եւ պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի կողմէ, որոնք ուղղուեցան դահլիճ, ուր ներկայ էին թեմի կրօնական դասն ու փրեսփոխաններ, Ազգային վարչութեան ատենապետը եւ անդամներ, կառոյցներու, կուսակցութեանց, բարեսիրական, մշակութային, մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ անդամներ, Կրթական հաստատութեան պատասխանատուներ, թերթերու խմբագիրներ եւ հրաւիրեալներ։

Սրբազան հայրը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ համայնքին անունով ըսաւ, որ կիպրահայ գաղութը մօտէն կը հետեւի Սփիըռքի նախարարութեան ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն հեռատեսիլի եւ լրատուական միջոցներէն: Ապա, Սրբազան հայրը ըսաւ.-« Մեզի համար մեծ ուրախութիւն է Ձեզ ընդունիլ մեր յարկէն ներս։ Ձեր յարկէն ներս։ Մենք գիտենք թէ դուք որքան հարազատութեամբ կապուած էք կիպրահայ համայնքին։ Ուստի անգամ մը եւս ձեզի կը մաղթենք բարի գալուստ ձեր ընտանեկան յարկը։ Կիպրահայ համայնքը իր հոգեւոր եւ ազգային ներկայացուցչիներով մասնակցեցաւ ձեր կողմէ կազմակերպուած Հայրենիք Սփիւռք վեցերորդ համաժողովին։ Կ՛ուզենք անգամ մը եւս շեշտել, թէ ուրախութեամբ նկատեցինք, որ հետզհետէ դէպի հայրենիք կազմակերպուող միջոցառումներուն կ՛աճի Սփիւռքէն մասնակիցներու թիւը։ Կը գիտկացինք նաեւ որ բոլորս միասին կը բաժնենք, բոլորս միասին կը տագնապինք թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ Սփիւռքի դիմագրաւած խնդիրները, դժուարութիւնները եւ որոնց յաղթահարման համար կ՛աշխատինք միասին։ Ինչպէս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը բանաձեւեց հայրենիքի ժողովրդական տագնապը եւ Սփիւռքի մաշումը բոլորիս խնդիրն է եւ մենք համոզուած ենք, որ հայրենիք Սփիւռք համատեղ եւ միասնական աշխատանքներով մենք պիտի յաջողինք յաղթահարել նաեւ այս բարդ հարցերը։

«Օրեր առաջ Դուք ներկայ եղաք Եւրոպայի Հայ Դատի համագումարին։ Կիպրոսը եւս ներկայացուած էր իբրեւ Եւրոմիութեան անդամ։ Հայ Դատը պահանջատիրութիւն է ամէն բանէ առաջ. եւ պահանջատիրութիւնը այլեւս ամրագուած է Համահայկական Հռչակագիրով։ Մեր պահանջներուն եւ մեր իրաւունքներուն վերականգնման համար մենք կը գիտակցինք, որ Հայաստանի հանրապետութեան հզօրացումը, Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը կարեւոր երաշխիքներ են մեր համազգային երթի յաջողութեան համար։

«Կ՛ողջունենք նաեւ որ Կիպրոսը, Յունաստանն ու Հայաստանը միասին կը համակարգեն իրենց Սփիւռքի խնդիրները։ Մենք արդէն Սփիւռքի հետ աշխատելու մեր փորձառութիւնը կը միջազգայնացնենք այս ձեւով։ Եւ պատահական չէ որ այս երեք երկիրները իրար քով եկած են եւ իրար հետ կը համադրեն այս աշխատանքները, անոնք պատմականօրէն ունին շատ ընդհանրութիւներ եւ յայտարարներ։ Կ՛աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ ձեզի ուժ եւ կորով պարգեւէ առաւել եւս նպատակուղղուած թափով դէպի հայրենիք ուղղելու աշխարհատարած հայութիւնը»։

Տիկին Նախարարը խօսք առնելով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն հայրենիքի հանդէպ իրենց ցուցաբերած հոգածութեան եւ կապուածութեան եւ շեշտեց սփիւռքի ներդրումի կարեւորութեան հայրենիքի բարգաւաճման, զարգացման եւ հզօրացման ոլորտներէն ներս: Ապա, լայն կերպով անդրադարձաւ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատանքներուն: Պետական ներկայացուցիչը իր սրտի խօսքը ըսելէ ետք, ներկաները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու եւ լուսաբանութիւններ տրուեցան Տիկին Նախարարին կողմէ: Անկէ ետք յիշատակի լուսանկարներ առնուեցան:

Արժէ յիշել թէ տիկին նախարարն ու պատուիրակութիւնը, սրբազան հայրն ու պետական ներկայացուցիչը կէսօրին ճաշի պաշտօնական հիւրն էին Կիպրոսի փոքրամասնութեանց նախարար Ֆօթիս Ֆօթիուի:

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի

 

Գյուղնախարարն իսպանական «Գլոբալտեք» ընկերության հետ քննարկել է Հայաստանում ուսումնական կենտրոն ստեղծելու հարցը

0

 ՀՀ գյուղատնտեսության նախարար Իգնատի Առաքելյանը հոկտեմբերի 24-ին ընդունել է  իսպանական  «Գլոբալտեք» ընկերության պատվիրակությանը: Այս մասին «Արմենպրես»-ին տեղեկացրին ՀՀ գյուղատնտեսության նախարարության հասարակայնության հետ կապերի բաժնից:

Հանդիպման ընթացքում կողմերը քննարկել են  գյուղատնտեսության ոլորտում փոխգործակցության հնարավորությունները, մասնավորապես՝  Հայաստանում ջերմոցային տնտեսության զարգացմանը, ինտենսիվ այգիների հիմնմանը,  սառնարանային տնտեսությունների ստեղծմանը և ժամանակակից տեխնոլոգիաների ներդրմանը վերաբերող հարցեր:

«Գլոբալտեք» ընկերության ներկայացուցիչներն առաջարկել են Հայաստանում ստեղծել ուսումնական կենտրոն, որտեղ տարեկան կարող են վերապատրաստվել ավելի քան 100 մասնագետներ` հմտանալով  գյուղոլորտի կառավարման և տեխնիկական հարցերում: Ուսումնական կենտրոնը կունենա նաև ջերմոցային տնտեսություն, ինտենսիվ այգի, հագեցած է լինելու ժամանակակից տեխնոլոգիաներով:

ՀՀ գյուղատնտեսության նախարարը Իգնատի Առաքելյանը ողջունել է ընկերության նախաձեռնությունը և համագործակցության պատրաստակամություն հայտնել: Նախարարը հավելել է, որ գյուղատնտեսության նախարարությունում առկա են   ուսումնական կենտրոն ստեղծելու համար անհրաժեշտ պայմաններ:

Նախարարի առաջարկով` իսպանական կողմը կուսումնասիրի ուսումնական կենտրոն ստեղծելու հնարավորությունները և Գյուղատնտեսության նախարարություն կներկայացնի առաջարկներ: 

Դմիտրի Մեդվեդևի գլխավորած պատվիրակությունը ժամանեց Երևան

0

Ռուսաստանի վարչապետ Դմիտրի Մեդվեդևի ինքնաթիռը վայրէջք կատարեց Երևանի «Զվարթնոց» օդանավակայանում: «Արմենպրես»-ի փոխանցմամբ Մեդվեդևին օդանավակայանում դիմավորեց ՀՀ վարչապետ Կարեն Կարապետյանը:

Դիմավորման պաշտոնական արարողությունից հետո Ռուսաստանի Դաշնության կառավարության ղեկավարն ուղևորվեց Ծիծեռնակաբերդի հուշահամալիր՝ հարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանության զոհերի հիշատակին:

Այնուհետև ՀՀ կառավարությունում կկայանա երկու երկրների վարչապետների հանդիպումը, որից հետո նախատեսվում է միջկառավարական, միչգերատեսչական և միջտարածաշրջանային համագործակցությանն առնչվող փաստաթղթերի ստորագրում:

Հայաստան պաշտոնական այցի ընթացքում նախատեսվում է նաև ՌԴ վարչապետի հանդիպումը ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսյանի հետ:

Հայտնի է, որ հոկտեմբերի 25-ին Երևանում կայանալու է Եվրասիական միջակառավարական խորհրդի նիստը:

Խորհրդարանն առաջին ընթերցմամբ քննարկում է «Պաշտպանության մասին» օրենքի նախագիծը

0

Ազգային ժողովն առաջին ընթերցմամբ ընդունելու համար քննարկում է «Պաշտպանության մասին» օրենքի նախագիծը: Հիմնական զեկուցողը՝ ՀՀ պաշտպանության նախարար Վիգեն Սարգսյանն ընդգծեց, որ արդեն առիթ ունեցել է օրենքի նախագիծը ներկայացնել հանրային քննարկումների, խորհրդարանական լսումների ընթացքում` հիշեցնելով, որ այն քննարկվել է նաև ազգային անվտանգության խորհրդի նիստում, այնուհետև` կառավարությունում: «Այս օրենքի նախագիծը երեք հիմնական նպատակ է հետապնդում:  Առաջինը սահմանադրական փոփոխություններից հետո առաջացած նոր իրավահարաբերությունների, իշխանությունների ճյուղերի փոխհարաբերությունների արտացոլումն է օրենսդրական դաշտում այնպես, որ դրանց կիրառումը հնարավոր դառնա մինչև 2018 թ. ապրիլի սկիզբը: Երկրորդը ոլորտը կարգավորող օրենքների կոնսոլիդացումն է, որովհետև տարիների ընթացքում ոլորտը կարգավորող բազմաթիվ օրենքներ են ընդունվել` երբեմն միմյանց հակասող, կրկնող: Այս պարագայում դաշտը վերանայելու անհրաժեշտություն կար: Երրորդը նոր քաղաքականությունների ներդրման համար իրավական հիմքերի ստեղծումն է»,- «Արմենպրես»-ի հաղորդմամբ` մանրամասնեց նախարարը:

Նա հավելեց, որ ՀՀ նախագահի 2016 թ. փետրվարի 10-ի հրամանագրով և կառավարության 2016 թ. մարտի 10-ի որոշումով սահմանվել էր որոշակի ժամանակացույց, ըստ որի Սահմանադրությունից բխող փոփոխությունները պետք է տեղայնացվեին օրենսդրական ակտերում և ներկայացվեին կառավարության և Ազգային ժողովի քննարկմանը: «Պաշտպանության նախարարության մասով կային 9 օրենսդրական ակտ, որոնք վերանայման կարիք ունեին: Որպես ժամկետ սահմանված էր ընթացիկ տարվա դեկտեմբեր ամիսը, սակայն, հաշվի առնելով այս ոլորտների կարևորությունը և ոլորտում անորոշության անթույլատրելիությունը, պաշտպանության նախարարության պաշտոնը ստանձնելուց հետո սահմանել եմ նոր ժամանակացույց, և պլանավորել էինք, որ արդեն այս տարվա աշնանը նախագծերը պետք է ուղարկվեն Ազգային ժողով: Կան նախագծեր, որոնք դեռևս Ազգային ժողովում չեն քննարկվել, սակայն գտնվում են խորհրդարանում, և այդ առումով մենք ժամանակացույցից առաջ ենք ընկել»,- մանրամասնեց նախարարը:

Վիգեն Սարգսյանն ընդգծեց, որ «Պաշտպանության մասին» օրենքի նախագիծը իր մեջ ներառում է գործող 4 օրենքի կարգավորումներ, որոնք են «Զորահավաքային նախապատրաստության և զորահավաքի մասին» օրենքը, «Պաշտպանության մասին» օրենքը, «Պաշտպանության նպատակով տրանսպորտային միջոցների օգտագործման մասին» օրենքը և «Զինապարտության մասին» օրենքի առաջին գլխի դրույթները: «Այս առումով կարող ենք ասել, որ սա բավականին լուրջ կոնսոլիդացնող օրենքի նախագիծ է պաշտպանական ոլորտի քաղաքականությունը համադրելու տեսանկյունից:

Օրենքի նախագիծը ենթադրում է կառավարման համակարգի համապատասխանեցումը Սահմանադրության պահանջներին, պաշտպանության նախարարության և գլխավոր շտաբի գործառույթների հստակեցում, հիմնական հասկացությունների հստակեցում և համապատասխանեցում միմյանց և գործող օրենսդրության այլ նորմերին, քաղաքացիների զինապարտության և զինվորական հաշվառման գործընթացը կարգավորող նորմեր, որոնք առաջին անգամ սահմանվում են «Պաշտպանության մասին» օրենքում, ինչը զգալիորեն բարձրացնում է գործընթացի պատշաճ կարգավորման և բոլոր դերակատարների պատասխանատվության մակարդակը: «Սույն օրենքը կարգավորում է Հայաստանի Հանրապետության պաշտպանության կազմակերպման իրավական հիմքերը, պաշտպանության ոլորտում պետական և տարածքային կառավարման, տեղական ինքնակառավարման մարմինների, պաշտոնատար անձանց, անկախ կազմակերպական իրավական ձևից կազմակերպությունների, զինված ուժերի և այլ զորքերի գործունեությունը, Հայաստանի Հանրապետության պաշտպանությանը մասնակցելու գործընթացում քաղաքացիների իրավունքները և պարտականությունները, ինչպես նաև զորահավաքային նախապատրաստության և զորահավաքի անցկացման հետ կապված հարաբերությունները»:

Երևանը կհյուրընկալի Քրիստոնյաների և այլ կրոնական խմբերի դեմ հանցագործությունների կանխարգելման ԵԱՀԿ համաժողովը

0

Հայաստանը նոյեմբերի 22-ին կհյուրընկալի «Քրիստոնյաների և այլ կրոնական խմբերի դեմ ատելության հողի վրա հանցագործությունների հակազդեցություն և կանխարգելում» ԵԱՀԿ համաժողովը: Ինչպես «Արմենպրես»-ին տեղեկացրին ՀՀ արտաքին գործերի նախարարության մամուլի, տեղեկատվության և հասարակայնության հետ կապի վարչությունից, այս մասին Պալերմոյում ԵԱՀԿ Միջերկրածովյան համաժողովի ժամանակ ունեցած ելույթում ասել է ՀՀ արտգործնախարար Էդվարդ Նալբանդյանը:

«Կցանկանայի տեղեկացնել ձեզ, որ նոյեմբերի 22-ին Երևանում կայանալու է «Քրիստոնյաների և այլ կրոնական խմբերի դեմ ատելության հողի վրա հանցագործությունների հակազդեցություն և կանխարգելում» ԵԱՀԿ համաժողովը: Միջերկրածովյան մեր գործընկերներին ենք հրավիրում նաև մասնակցելու ու ներդրում ունենալու այս միջոցառմանը»,- հայտարարել է արտգործնախարարը: