Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

Լեհաստանի Հայ Համայնքի Կազմաւորման 650-ամեակին Նուիրուած Ծառատունկ Վարշաւայի ՄԷջ

0

Հոկտեմբեր 21-ին, Վարշաւայի քաղաքապետարանը եւ Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը Լեհաստանի թագաւոր՝ Գազիմիր Մեծ արքային կողմէ, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ շնորհուած յատուկ արտօնութեան 650-ամեակին առթիւ, Վարշաւայի մերձակայքը գտնուող «Իմ մայրիկ» անտառին մէջ կազմակերպած էին ծառատունկ, որու ժամանակ տնկած են 650 ծառ:

            Ինչպէս  կը յայտնեն՝ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, ձեռնարկին պաշտօնական բացման, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան, Վարշաւայի քաղաքապետի տեղակալ՝ Միխալ Օլշչեւսկին, Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան՝ Էդգար Ղազարեան եւ Վարշաւայի քաղաքապետարանի ենթակառուցուածքներու վարչութեան տնօրէն՝ Լեշչէկ Տրոգոշչը:

            Իր խօսքին մէջ դեսպան Ղազարեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Վարշաւայի քաղաքապետարանին ամէն տարի իրականացուող խոշոր բնապահպանական այս նախաձեռնութեան մասնակցութեան հնարաւորութեան համար: Էդգար Ղազարեան նշեց, որ Լեհաստանի պատմութեան ընթացքին հայերը միշտ ալ ունեցած են դրական դերակատարութիւն, որ արձանագրուեցաւ նաեւ Հոկտեմբեր 19-ին, Լեհաստանի Ծերակոյտի յատուկ բանաձեւով: Դեսպանի խօսքով, ապրելով Լեհաստանի մէջ, հայերը այս հասարակութեան մաս կը կազմեն եւ ներքին պարտաւորութիւն կը զգան մասնակից ըլլալու տարբեր ընկերային ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու:

            Ծառատունկին կը մասնակցէին նաեւ Լեհաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, դիւանագիտական մարմնի ներկայացուցիչներ, Վարշաւայի քաղաքապետարանի պատասխանատու պաշտօնեաներ, Վարշաւա բնակող մեծ թիւով հայեր:

            Ծառատունկի աւարտը եղաւ ՝ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ Լեհահայոց հոգեւոր հովիւ Տաճատ վարդապետ Ծատուրեանի կողմէ, հնչեցուած աղօթքով եւ օրհնութեամբ:

 

 

Աշխարհի Առաջին Հայկական «Ճախրող» Նկարիչը

0

«IndieGoGo» հարթակին վրայ դրամահաւաքի արշաւ մը կազմակերպած՝ «1-Ring» հայկական ընկերութիւնը, 5 օրերու ընթացքին (Հոկտեմբեր 18-էն 23) յաջողած է 81,301 տոլար հաւաքել՝ աշխարհի մէջ առաջին ճախրող նկարիչ մեքենան արտադրելու համար:

            «Moon» անունով այս նախագիծին համար նախապէս յայտարարուած դրամահաւաքին թիրախը 45,000 տոլար էր:

            Ընկերութիւնը կ՛առաջարկէ նկարիչի երեք տարբերակներ, որոնք յաջորդաբար 149, 199 եւ 349 տոլար կ՛արժեն:

            Նկարիչ մեքենան կրնայ օգտագործուիլ, որպէս տնային օգնական, ինչպէս նաև տեսազանգերու, լուսանկարներու և փոքր երեխաներուն ու կենդանիներուն հետևելու համար:

Նոր Ջուղայի ՄԷջ Կազմակերպուած Է Արցախի ՄԷջ Արտադրուած Մթերքի, Սեղանի Ծածկոցներու Ցուցահանդէս-Բարեգործական Վաճառք

0

Նոր Ջուղայի՝ Հայ Կանանց Գթութեան միութեան վարչութիւնը, Արցախին զօրակցելու նպատակով կազմակերպուող իր աշխատանքներու ծիրէն ներս,  իրականացուցած է Արցախի մէջ արտադրուած՝ մթերքի, մասնաւորապէս՝ միրգ, չրեղէն, սեղանի ծածկոցներու ցուցահանդէս-բարեգործական վաճառք՝ Նոր Ջուղայի հայոց ազգային ծերանոցի յետնաբակին մէջ:

            Նոր Ջուղայի ազգային առաջնորդարանի պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ վերջին երկու տարիներու ընթացքին ասիկա 4-րդ անգամն է, որ Կանանց Գթութեան միութիւնը կը կազմակերպէ Արցախէն բերուած մթերքի վաճառք: Վաճառքի նկատմամբ մեծ  եղած է հետաքրքրութիւնը հայ եւ պարսիկ հայրենակիցներուն մօտ: Ամբողջ հասոյթը պիտի յատկացուի Արցախին զօրակցելու ծրագիրներուն:

 

 

 

Մեքսիքացի Պատգամաւորները Կ՛այցելեն Արցախ

0

Մեքսիքայէն ժամանած պատգամաւորներ՝ Պլանքա Մարգարիտա Քուաթա Տոմինկեսը, Մարիա Քրիսթինա Թէրեզա Կարսիա Պռաւոն ու Քառլոս Էռնանտես Միրոն, այցելած են Արցախի Հանրապետութիւն:

 ՀՀ ԱԺ հանրային կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, որ Հոկտեմբեր 24-ին մեքսիքացի պատգամաւորները ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ՝ Էդուարդ Շարմազանովի ուղեկցութեամբ այցելած են Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ խոնարհած՝ ի յիշատակ Արցախեան ազատագրական պայքարին նահատակուած հայորդիներուն:

ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ՝ Էդուարդ Շարմազանով եւ Մեքսիքացի  պատգամաւորները հիւրընկալուած են Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովէն ներս:

Հիւրերը ընդունած է Ազգային ժողովի նախագահ՝ Աշոտ Ղուլեան, որ նշած է, թէ Արցախի Հանրապետութիւնը շահագրգռուած է բարեկամական յարաբերութիւններ ունենալով տարբեր երկիրներու հետ: «Մեզի համար շատ ցանկալի է, որ առաջին ծանօթութիւնը յետագային եւս իր շարունակութիւնը ունենայ: Կը կարծեմ` այս այցելութիւնը մեր յարաբերութիւններուն համար շատ լաւ սկիզբ է»,- ընդգծած է խորհրդարանի նախագահը:

Խօսելով Արցախի ժողովուրդի պայքարին մասին, ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ՝ էդուարդ Շարմազանով անդրադարձած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններու վարած հակահայ քարոզչութեան եւ շփման գօտիին մէջ պարբերաբար հրահրուող ռազմական գործողութիւններու մասին:

«Արցախի ժողովուրդի պայքարը Ատրպէյճանի դէմ չէ, Արցախի ժողովուրդի պայքարը իր ազատութեան եւ խաղաղութեան համար է»,-շեշտած է Էդուարդ Շարմազանով:

Պատասխանելով մեքսիքացի խորհրդարանականներու պատուիրակութեան ղեկավար՝ Պլանքա Տոմինկեսի, Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ազատութեան սահմանափակման պատճառներուն մասին հարցումին, Արցախի խորհրդարանի ղեկավարը նշած է, որ նաեւ խորհրդարանական կապերու միջոցով հնարաւոր է միջազգային հարթակներու վրայ ներկայացնել Արցախը եւ արգելափակել Ատրպէյճանի կողմէ տարածուող հակահայկական մտացածին քարոզչութիւնը:

«Մեր այցը շատ լաւ նախադէպ է մեքսիքացի պաշտօնեաներու յետագայ այցերուն համար եւ մենք պիտի համագործակցինք ձեզի հետ, քանի որ կը կարծենք, որ ազատութիւնն ու մարդու իրաւունքները ամէն ինչէ վեր են»,- նշած է Տոմինկես:

Ընդգծելով հանդիպման կարեւորութիւնը, մեքսիքացի պատգամաւոր՝ Քառլոս Միրոն նշած է.

«Շատ կարեւոր է, որ այսպիսի հանդիպումներու ժամանակ, մենք ձայն բարձրացնենք եւ կոչ ընենք խաղաղութեան ու երկխօսութեան»:

Խորհրդարարանի նախագահը հիւրերուն ներկայացուցած է այն խնդիրները, որոնց Արցախը կը հանդիպի աշխարհին ներկայանալու ճանապարհին: Խօսուած է նաեւ Արցախի մէջ պետականաշինութեան ընթացքին, խորհրդարանի կառուցուածքին եւ միջխորհրդարանական կապերու մասին:

Ամփոփելով հանդիպումը` խորհրդարանի նախագահը յոյս յայտնած է, որ Մեքսիքայի հետ այսօր ձեւաւորուող միջխորհրդարանական յարաբերութիւնները այսուհետեւ աւելի պիտի խորանան: «Իւրաքանչիւր գործի սկիզբը դժուար է, բայց դուք ստանձնած էք այդ դժուարութիւնը, ուստի ընդունեցէք, որ յանձին Արցախի 150 000 բնակչութեան` դուք ունիք բարեկամ երկիր»,- ընդգծած է Աշոտ Ղուլեան:

Հանդիպման մասնակցած են նաեւ ԱԺ նախագահի տեղակալ՝ Վահրամ Բալայեան եւ Արտաքին գործոց փոխնախարար՝ Ֆելիքս Խաչատրեան:

Խորհրդարանին մէջ նախատեսուած հանդիպումներու երկրորդ հատուածին մէջ, Մեքսիքական Միացեալ Նահանգներու պատգամաւորներու պալատի անդամները հանդիպած են ԱԺ խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներուն:

Ողջունելով հիւրերը, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ՝ Վահրամ Բալայեան կարեւոր համարած է նման հանդիպումները եւ յոյս հատնած, որ որպէս աշխարհի հզօր երկրներէն մէկը՝ Մեքսիքան, ըմբռնումով կը մօտենայ Արցախի պայքարին եւ կ՛աջակցի, որպէսզի ան նոյնպէս դառնայ աշխարհի` իրաւական տեսանկիւնէ ընդունուած երկիրներէն մէկը:

Հանդիպման ընթացքին, մեքսիքացի պատգամաւորները Արցախի խորհրդարանականներուն ներկայացուցած են Արցախէն ստացած իրենց տպաւորութիւնները, այնուհետեւ խօսած երկկողմ փոխյարաբերութիւնները ընդլայնելու յետագայ քայլերուն մասին:

«Մենք տեղեակ ենք ձեր խնդիրներուն: Այսօր, ֆիզիկապէս ներկայ գտնուելով այստեղ` կը տեսնենք մեծ տարբերութիւն մեր պատկերացուցած եւ իրական Արցախի միջեւ: Սա աւելի կը պարտաւորեցնէ մեզ` ձեր ձայնը լսելի դարձնելու համար»,-նշած է Մարիա Քրիսթինա Պրաւոն:

Խօսելով Արցախի պատմութեան եւ մշակոյթի մասին, Քառլոս Միրոն ներկայացուցած է՝ երկու երկիրներու մշակոյթներու նմանութեան իր դիտարկումը եւ զայն հիմնարար համարած է յետագայ փոխգործակցութեան համար: «Թոյլ տուէք մեզի մաս կազմել Արցախի պատմութեան»,- իր խօսքը եզրափակած է մեքսիքացի պատգամաւորը:

«Մենք եւս կը փնտռենք իրական ազատութիւն եւ գիտենք` ինչ կը նշանակէ պայքարիլ ազատութեան համար»,- ընդգծած է Պլանքա Տոմինկես:

Խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարները մեքսիքացի գործընկերներուն հետ՝ յետագայ համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած են եւ այդ պարունակին մէջ ուղենշած են որոշ ոլորտներ:

ՀԲԸՄ – ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս Սկաուտական Շարժումի Նոր Տարեշրջանի Բացում

0

Հոկտեմբերը`ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումի վերամուտն է: Շաբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2017-ին, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնէն ներս, ի  ներկայութեան ՀԵԸ-ի  Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին եւ անդամներու, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի եւ ՀԵԸ  Անդրանիկ Սեւանի  Գործադիր եւ սկաուտական ծնողաց վարչութիւններուն, SDL–ի եւ AEL-ի ներկայացուցիչներու, ՀԵԸ-ի զանազան միաւորներու վարչութիւններու, միութենականներու, ծնողներու եւ  հիւրերու՝ տեղի ունեցաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումի նոր տարեշրջանի  բացումը:

            Ներկաները  շրջափակին մէջ կը տեսնէին բացման  հանդիսութեան  առիթով, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումին պատրաստած  կայմը, որուն վրայ կը  ծածանէին՝ Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի, ՀԵԸ-ի, SDL-ի եւ AEL-ի  դրօշները:

            Նախքան  հանդիսաւոր  բացման, տեղի ունեցաւ փոխանցումներու արարողութիւն: 22 թիթեռներէն՝ տասնմէկը միացան արծուիկական խումբին, մնացեալ տասնմէկը՝  գայլիկականին:  Ինը  արծուիկներ  անցան արենուշներու  շարքերը, իսկ  ութը արենուշներ անցան  քառավելներուն: Մէկ սկաուտ միացաւ երէցական խումբին:

            Փոխանցումները աւարտելէ ետք, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական բոլոր խումբերը, իրենց խմբապետներու  գլխաւորութեամբ եւ  ՀԵԸ Անդրանիկ փողերախումբի առաջնորդութեամբ, Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի դրօշներով, ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Կարմիրեան վարժարանէն  տողանցեցին դէպի  ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի  շրջափակը:

            Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի  քայլերգները յոտնկայս ունկնդրութենէ  ետք, երէցական խումբի անդամ՝ Աւօ Տաքեսեան,  քառավել՝ Մարինա  Մելքոնեան (հայերէն)  եւ երէցական խումբի փոխ խմբապետ Սեւակ  Հաճեքեան (արաբերէն) բարի  գալուստ մաղթեցին ներկաներուն, խոստանալով՝ իրենց լաւագոյնը  կատարել  յանուն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի եւ  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի յաջողութեան:

            ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գրիգոր  Քեշիշեան փոխանցեց վարչութեան խօսքը, ուրախութեամբ   շեշտելով, թէ  այսօր  կը  հնձենք ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  ղեկավարութեան տարիներ առաջ ցանած  հունտերը:

            Տիկին  Լենա Իւրնեշլեան- Գարակէօզեան (Ասոսիասիոն Էքլերէոզ տիւ Լիպան-AEL) եւ Ռամզի Ռէյիս (Սքութ տիւ Լիպան -Լեռնալիբանան թիւ 2 բաժնի  քոմիսէր), յաջորդաբար փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքը: Անոնք շեշտեցին սկաուտական կեանքի սկզբունքները, միաժամանակ գնահատեցին Լիբանանի սկաուտական քարտէսին վրայ ՀԵԸ Անդրանիկ  Անթիլիաս սկաուտական  շարժումի իրագործումները:

Ապա տեղի ունեցաւ խմբապետական  փոխանցումներու արարողութիւնը՝
Քոյր Արաքս Չերչեան՝ թիթեռական խումբի խմբապետուհի․
Քոյր Լէա Ինքնատոսեան՝  գայլիկական  խումբի  խմբապետուհի (աքելա)․
Քոյր Անճելիքա Այվազեան՝  արենուշական խումբի խմբապետուհի․
Եղբայր  Ռաֆֆի Խաչատուրեան՝  երէցական խումբի խմբապետ․
Խմբապետական փոխանցումներուն յաջորդեցին փոխ խմբապետական  փոխանցումները.
Քոյր Լորէն Աբրահամեան եւ քոյր Նաթալի Թաքեճեան՝ քառավելական խումբի փոխ խմբապետուհիներ․
Քոյր Արեւ Սեֆերեան եւ  Կասիա Պոյաճեան՝ արենուշական  փոխ խմբապետուհիներ․
Քոյր Հերա Մազլումեան  եւ Սելին Քիսոյեան՝ արծուիկական խումբի փոխ խմբապետուհիներ․
Քոյր  Վանա Արսլանեան ՝  թիթեռներու  փոխ խմբապետուհի․
Քոյր  Նարին Թեմպելեան՝  գայլիկներու փոխ խմբապետուհի․
Եղբայր Սեւակ Մաւելեան՝ սկաուտներու փոխ խմբապետ․
Եղբայր Սեւակ Հաճեքեան եւ Կարպիս  Սերչեան՝  երէցներու փոխ խմբապետ

            Այս առիթով  նշուեցաւ, որ  ՀԵԸ  Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական  բոլոր խումբերը պիտի ունենան օգնականներ.                       
Լորի  Քելեշեան՝ արենուշական․
Մեղրի Տաքեսեան՝  գայլիկական․
Էմիլի Մելքիսեթեան՝  արծուիկական․
Սարին Քեշիշեան՝ թիթեռական․
Ալեքս Մանուկեան՝ սկաուտական․

            ՀԵԸ-ի Կեդրոնական  Վարչութեան ատենապետ՝ Վիգէն Չերչեան շնորհաւորեց ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական  շարժումի  խմբապետական   եւ սկաուտական բոլոր կազմերը, սկաուտական ծնողաց վարչութեան անդամ-անդամուհիները իրենց  գնահատելի եւ հետեւողական աշխատանքին համար, նոյնպէս ալ սկաուտական փոխանցումները, մաղթելով  նորանոր յաջողութիւններ:

            2016-2017 սկաուտական տարեշրջանի ամառնային բանակումին տիպարներ՝  Սարգիս Նաճարեան (գայլիկ), Փաթիլ Մաւլեան (արծուիկ), Զօհրապ Աբրահամեան (սկաուտ), Արին Փօլատեան (արենուշ), Մարինա Մելքոնեան (քառավել), Փիթըր  Յովսէփեան (երէց) հրաւիրուեցան վար առնելու սկաուտական կայմին վրայ ծածանող Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի , ՀԵԸ-ի, SDL-ի եւ AEL-ի դրօշները:

            Հանդիսութեան աւարտին,Մարինա Մելքոնեան  շնորհաւորեց բոլոր փոխանցումները եւ  յատուկ   շնորհակալութիւն յայտնեց՝   ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, ՀԵԸ  Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Վարչութեան, սկաուտական ծնողաց վարչութեան, բոլոր այն անհատներուն եւ հաստատութիւններուն, որոնք սատար կը հանդիսանան ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի աշխատանքներուն:

            ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական նոր տարեշրջանի բացումը աւարտեցաւ  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական ծնողաց վարչութեան պատրաստած՝ ճոխ  հիւրասիրութեամբ:

                                                ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ  ԵՒ  ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

Տիմիթրի Մետվետեւի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Ժամանեց Երեւան

0

Ռուսիոյ վարչապետ՝ Տիմիթրի Մետվետեւի օդանաւը վայրէջք կատարեց Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայան:

Մետվետեւը դիմաւորուեցաւ ՀՀ վարչապետ՝ Կարէն Կարապետեանի կողմէ:

Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք, Ռուսիոյ Դաշնութեան կառավարութեան ղեկավարը ուղեւորուեցաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Այնուհետեւ՝ ՀՀ կառավարութեան մէջ պիտի կայանայ երկու երկիրներու վարչապետներուն հանդիպումը, որմէ ետք կը նախատեսուի միջկառավարական, միչգերատեսչական եւ միջտարածաշրջանային համագործակցութեան առնչուող փաստաթուղթերու ստորագրում:

Հայաստան պաշտօնական այցի ընթացքին, կը նախատեսուի նաեւ ՌԴ վարչապետին հանդիպումը, ՀՀ նախագահ՝ Սերժ Սարգիսեանի հետ:

Յայտնի է, որ Հոկտեմբեր 25-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ՝ Եւրասիական միջակառավարական խորհուրդի նիստը:

 

Ստեփանակերտ-Երեւան Երթուղին՝ Նոր Մայրուղիով

0

Հոկտեմբեր 24-էն սկսած է գործել Ստեփանակերտ-Երեւան նոր երթուղին:

Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրէս»-ի, ըսած է երթեւեկութեան վարչութեան պետ՝ Ալֆրետ Պօղոսեան եւ աւելցուցած, որ նոր երթուղին սկզբնական շրջանին պիտի ըլլայ երկու օրը մէկ:

Անոր խօսքով` նոր երթուղին պիտի ըլլայ Վարդենիս-Մարտակերտ նոր մայրուղով, որ պիտի կրճատէ ոչ միայն ժամանակն ու տարածութիւնը, այլեւ պիտի թեթեւցնէ Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին եւ հնարաւորութիւն պիտի տայ վարորդներուն երթեւեկելու աւելի հանգիստ:

Ան աւելցուցած է, որ սակը նոյնը պիտի մնայ: Առայժմ պիտի գործէ միայն մէկ ուղեւորափոխադրող մեքենայ:

Նշենք, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ջանքերով կառուցուած՝ Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհը, բացուած է Սեպտեմբեր մէկին:

Արցախը Այսօր – Ամենասպասուած Նուէրը՝ Դպրոցի Նորոգումը

0

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*

Քաշաթաղի շրջանի հիւսիսային համայնքներէն՝ Հակի մէջ, տեղի ունեցած է վերակառուցուած դպրոցի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Գիւղի կրթօճախի վերակառուցման օժանդակած են՝ «Թիւֆէնկեան» հիմնադրամն ու «Հայրենասէր»  բարեգործական կազմակերպութիւնը:

Հարուստ պատմութիւն եւ պատմութենէ մնացած՝ հարուստ ժառանգութիւն ունի Հակ գիւղը: 20-րդ դարու սկզբն է, որ բնիկ զտումներու ենթարկուած է եւ՝ հայաթափուած: Ազատագրուած է արցախեան պատերազմի տարիներուն: Ազատագրումէն ետք, ինչպէս Քաշաթաղի շրջանի շատ գիւղերու մէջ՝ Հակի մէջ եւս սկսուած են վերակառուցման, վերաբնակեցման աշխատանքները: Եւ բաւական յաջող: Այսօր Հակը Արցախի արագ զարգացող գիւղերէն մէկն է. աւելի քան 100 բնակիչ ունի, որու կէսը, կարելի է ըսել, երեխաները կը կազմեն: Երիտասարդ ընտանիքներով հարուստ Հակ գիւղի երեխաներու թիւը՝ յառաջիկայ տարիներուն միայն աւելնալու է: Միայն այդ հեռանկարը անյետաձգելի կը դարձնէր գիւղի դպրոցի վերակառուցմանն ու բարեկարգմանը։

Մինչ վերակառուցումը՝ Հակի դպրոցը անմխիթար վիճակի մէջ էր. շէնքի մէկ մասը ամբողջովին քանդուած էր: Մօտ չորս ամիս տեւած վերանորոգման աշխատանքներու արդիւնքին, կրթօճախը անճանաչելի դարձած էր: Շէնքի տանիքը փոխուած է, յատակը նորոգուած, տեղադրուած են նոր դռներ ու պատուհաններ,  կառուցուած են սանհանգոյցներ:«Թիւֆէնկեան» եւ «Հայրենասէր» բարեգործական կազմակերպութիւններու պատասխանատուները՝ Ռաֆֆի Դուդաքլեանն ու Նելլի Մարտիրոսեան կարմիր ժապաւէն կտրած են՝ խորհրդանշելով այդ աշխատանքներու աւարտը: «Եւ «Թիւֆէնկեան» հիմնադրամը, եւ «Հայրենասէր» կազմակերպութիւնը Քաշաթաղի շրջանը աշխատելու բաւական երկար փորձ ունինք: Լաւ գիտենք, թէ շրջանի համայնքներէն իւրաքանչիւրը ինչի կարիքը ունի: Այնպէս որ, երբ հերթը հասաւ Հակին, միանշանակ պարզ էր, որ պէտք է նախ եւ առաջ դպրոցը վերանորոգուի,- (կը պատմէ «Հայրենասէր» կազմակերպութեան համահիմնադիր Ստեփան Սարգիսեան), արդիւնքը եղաւ՝ վերանորոգման աշխատանքները իրականացուեցան զարմանալիօրէն արագ։ Երբ գիտցանք, որ այս գիւղը շուրջ 40 երեխայ արդէն դպրոցականի տարիքի կը հասնին, շատ արագ որոշեցինք, որ Հակի մէջ առաջին հերթին պէտք է դպրոցը վերանորոգուի։ Ծրագիրի անյետաձգելի ըլլալը կը հիմնաւորէ «Թիւֆէնկեան» բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն՝ Ռաֆֆի Թութաքլեան»:

Վերանորոգուած դպրոցը միայն կրթօճախ չըլլար, այն նաեւ համայնքային կեդրոնի գործառոյթներու մէկ մասը, կը կատարէ՝ հանրային, մշակութային, մանկապատանեկան եւ մարզական միջոցառումներու կազմակերպման հնարաւորութիւններով: «Այս մեր գիւղի համար ամենամեծ նուէրն էր: Առաջին հերթին, անշուշտ՝ դպրոցի հաւաքականութեան համար: Բայց, եթէ աւելի ուշադրութիւն դարձնենք, այս նախաձեռնութիւնը դրական ազդեցութիւն  ունենալու է ողջ համայնքի համար, անգամ անոնց համար, ովքեր դեռ դպրոցահասակ երեխաներ չունին: Այս ընդհանուր տրամադրութեան վրայ ազդելու է»,- վստահ է եւ կը վստահեցնէ Հակի դպրոցի տնօրէն Եուրի Պօղոսեան:

Ստեփանակերտ

 

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանէն Ներս

0

Հինգշաբթի`  19  Հոկտեմբերին,  Հ.Բ.Ը.Մ-Ի Պօղոս  Գ. Կարմիրեան  վարժարանի  աշակերտները  գեղարուեստական  կոկիկ  յայտագիրով  մը  վերանորոգեցին  մայրենի  լեզուի  հանդէպ  իրենց  ուխտը:

          Բացման խօսքը  եւ  օրուան  խորհուրդը  փոխանցելու  համար  բեմ  բարձրացան՝  Է. կարգէն Մէրի Նաճարեան, Մէյրի  Կէպէնլեան  եւ Կայէլ  Էլսուէյտին, անոնք  իրենց  խօսքին  ընդմէջէն  հակիրճ  փոխանեցին   օրուան  խորհուրդը  եւ  աւելցուցին ըսելով, թէ  հայ  ժողովուրդը  պատմութեան  ընթացքին ունեցած է,  եւ  այսօր  ալ  ունի  երկու  նուիրական ու  Աստուածապարգեւ  սրբութիւններ՝ Հայաստանեայց  Առաքելական  եկեղեցին եւ  կատարելագոյն  Այբուբենը հայոց, որոնց ամուր  փարած  եւ  որոնց  շնորհիւ  ան  գոյատեւած է  պատմութեան  քառուղիներուն  մէջ եւ  կրնայ շարունակել  իր  ներկայութիւնը  այս  աշխարհին  վրայ:

          Գեղարուեստական  յայտագիրին  ընդմէջէն՝ Բ. դասարանի  աշակերտները  արտասանեցին «Հայ  դպրոց»ը, Գ. Դասարանի  աշակերտները  կատարեցին «Հայերէն  երգենք»  խմբերգը, Դ.  կարգի  աշակերտները  արտասանեցին  Սիլվա  Կապուտիկեանի՝ «Խօսք  Իմ  Որդուն» բանաստեղծութիւնը, Ե. կարգի  աշակերտները   յատագիրին  իրենց  մասնակցութիւնը  բերին կատարելով  «Մայրենի Լեզու» խմբերգը, իսկ Զ.  կարգի  աշակերտները  արտասնեցին Մուշեղ  Իշխանի՝ «Հայ  Լեզուն  Տունն է Հայուն» բանաստեղծութիւնը, ապա ցուցադրուեցաւ  «Այբուբեն Հայոց»  խորագիրով  տեսաերիզ  մը:  Յայտագիրի  գեղարուեստական  բաժինը  աւարտեցաւ Ա.  կարգի  աշակերտներու  սքանչելի  պարով:

          Հուսկ  խօսք  առաւ  վարժարանիս  Տնօրէնուհին՝ տիկին  Մարալ  Պալեօզեանը, որ ըսաւ  թէ  մենք հպարտ  պէտք է ըլլանք,  որովհետեւ   հայ  ժողովուրդը  սակաւաթիւ  այն  ժողովուրդներէն  է,  որ  ունի  իր  սեփական  այբուբենը, հետեւաբար  իւրաքանչիւր  աշակերտ  պէտք  է  սիրէ  ու  գուրգուրայ  մայրենին, ապա  Տիկին  Պալեօզեան  գնահատեց  աշկերտներուն  անթերի  ներկայացումը  եւ  շնորհակալութիւն  յայտնեց  յայտագիրին  պատասխանատու  ուսուցիչներուն :

          Ձեռնարկի  աւարտին  աշակերտները  իրենց  հետ  տարին տօնը  խորհրդանշող  ձեռային  աշխատանք մը:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ողջունեց Կիլիկեան Միաբանութեան Յանձնառու Ծառայութիւնը Մեր Եկեղեցւոյ Ու Ժողովուրդին

0

Երեքշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2017-ի յետ միջօրէին, կրթական վերամուտի սեմին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան զանազան բնագաւառներուն առնչուած հանդիպումներու ու աշխատանքներու կողքին, նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ միաբանութեան Տնօրէն Ժողովին հետ։

Ողջունելով Տնօրէն Ժողովի նոր անդամները, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց միաբանութեան վանական կեանքին հոգեւոր, մտաւոր ու վարչական երեսներուն առաւել ներդաշնակութիւն ու կենսունակութիւն տալու հրամայականը։ Այս երեք տարածքները մեր կեանքին մէջ մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն, ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը՝ միաժամանակ յիշեցնելով, որ ինչ որ կը կատարուի մեր միաբանութեան կողմէ, Մայրավանքէն ներս թէ թեմերուն մէջ, պէտք է մէկ ուղղուածութիւն ու նպատակ ունենայ՝ ծառայութիւն մեր եկեղեցւոյ, ժողովուրդին ու հայրենիքին։ Շարունակելով իր խօսքը Հայրապետը յիշեցուց, թէ մեր Ս. Աթոռին միաբանութիւնը մէ՛կ ամբողջութիւն է. ոմանք կը ծառայեն թեմերէն ներս, իսկ ուրիշներ՝ Մայրավանքէն ներս. պատասխանատուութիւնները ըստ կարիքի ու յարմարութեան փոփոխելի են։ Բոլոր միաբանները, երէց թէ փոքր, կոչուած են միաբանական կանոնագրութեամբ ճշդուած սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալու, այլ խօսքով՝ հոգեմտաւոր կեանքով շաղախուած հաւատարմութիւնը, հնազանդութիւնը ու ծառայութիւնը մղիչ ոյժը դարձնելով իրենց կեանքին։ Հո՛ս է մեր միաբանութեան հզօրութիւնը, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը։

Յայտնենք, որ միաբանութիւնը 2014 թուականին ունեցաւ իր կանոնագրութիւնը՝ պատրաստուած միաբանական ընդհանուր ժողովին կողմէ եւ վաւերացուած Նորին Սրբութեան Սրբատառ Կոնդակով։

Ապա Հայրապետը Տնօրէն Ժողովին փոխանցեց անհրաժեշտ տեղեկութիւններ Մայրավանքէն ներս թէ դուրս ծառայող ու ուսանող միաբան հայրերուն առնչուած, որմէ ետք Տնօրէն Ժողովը քննարկեց վանական կեանքին հետ աղերս ունեցող շարք մը հարցեր ու ծրագիրներ։

Տնօրէն Ժողովի անդամներն են.-
Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան (ատենապետ)
Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան
Գերպ. Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. Վարդանեան
Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան
Հոգշ. Տ. Նշան Վրդ. Լախոյեան (ատենադպիր)