Դոկտ. Արա Սայեղ
«Զարթօնք»ի աշխատակից
Վերջին տասնամեակներուն, աչքառու է՝ հայկական խաչքար կանգնեցնելու երեւոյթը Լեհաստանի տարբեր քաղաքներուն մէջ: Մինչեւ այսօր, հայկական խաչքարեր զետեղուած են Լեհաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ ինչպէս՝ Քրաքով, Վարշավա, Վրօցլավ, Կտանսք, Էլպլոնկ, Քլեպարք վիէլքի, Ուտճ, Լուպլին եւ այլուր: Խաչքարը կը խորհրդանշէ՝ ոչ միայն հայկական ներկայութիւնը, այլ իր քրիստոնէական, հոգեւոր ու գեղարուեստական պարունակէն ներս, կ՝ընդգրկէ նաեւ մեր ազգային ներկայութեան լուռ արտայայտիչը, մեր պահանջատիրութեան արդար պայքարի խորհրդանիշը: Խաչքարերու կողքին հայկական դարաւոր ներկայութիւնը յիշեցնող շատ մը նշմարելի կառոյցներ, նրբափողոցներ, ցուցանակներ ու զանազան հետքեր կան նաեւ Լեհաստանի պատմական տարածքին մէջ: Այդ բոլորին վրայ նոր ցուցանակ մըն ալ աւելցաւ, երբ Վարշավայի մէջ երկուշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2017-ի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ՝ Տոմինիքեան վանական միաբանութեան Սուրբ Եացէք եկեղեցւոյ մուտքի աջ պատին վրայ զետեղուած «Հայկական նրբափողոց» վերնագրով ցուցանակի բացման արարողութիւնը: Վարշավայի մէջ, հայերու ներկայութիւնը յուշող նման ցուցանակներ տեղադրուած են՝ Լվովի եւ Լեհաստանի Կտանսք քաղաներու մէջ, իսկ այս վերջինը իր լեհերէն եւ անգլերէն լեզուներով գրուած պարունակութեամբ կը վերյիշեցնէ XV դարէն ի վեր հայկական ներկայութիւնը Վարշավայի մէջ։ Այս ծրագիրի իրագործման մէջ նշանակալից դեր ունեցած է՝ Վարշավայի Լեհահայոց մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնարկութիւնը։ Ցուցանակի պարունակութիւնը կը մէջբերէ նաեւ Տոմինիքեաններու հետ հայկական յարաբերութիւնները հաստատող կարեւոր փաստեր։ Շօշափելի ու ակնյայտ ապացոյց է նաեւ այս եկեղեցւոյ խորանին ձախ կողմի պատին վրայ զետեղուած` XVII-րդ դարէն գրաբարով գրուած տապանաքարը: Ցուցանակի բացման նախաձեռնութեան, ներկայ գտնուեցան Լեհաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազոր դեսպան՝ Էտկար Ղազարեան, Լեհաստանի Հայ թէ լեհական զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներ, լեհ կղերականներ, լեհական պետական անձնաւորութիւններ, ծագումով հայեր եւ հայասէր լեհերու հոծ բազմութիւն մը: Ցուցանակի բացումէն ետք, նոյն եկեղեցւոյ մէջ հայ կաթողիկէ պատարագ մատուցեց լեհ քահանայ՝ փրոֆ. Եուզէֆ Նաումովիչ, որ կը ծառայէ հայ կաթողիկէ համայնքին։ Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին լեհ կղերականներ` վրդ. Հենրիք Պուաշչիք եւ հայր Մարէք Միուավիցքի։ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ 7 հոգինոց արական երգչախումբի կողմէ, խմբավարութեամբ` Եագուպ Քոբչինսքիի, որ Վարշավայի մէջ հայ կաթողիկէ պատարագներու իր մասնակցութիւնը կը բերէ տարիներէ ի վեր: Պատարագէն վերջ ներկաները հիւրասիրութեան հրաւիրուեցան:

Երեքշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2017-ին, Լեհաստանի հանրապետութեան ծերակոյտի (սենաթի), Լեհաստանի արուեստի եւ գիտութեան ակադեմիայի եւ Լեհահայոց մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնարկութեան համագործակցութեամբ, Լեհաստանի Սենաթի մէջ բացումը կատարուեցաւ՝ «Լեհահայեր 7 դարերու Գոյատեւութիւն» համագումարին, որ նուիրուած է լեհահայ սփիւռքի կազմաւորման 650 ամեակին:
20 Յունուար 1367-ին, լեհ Քաժիմէժ Մեծ թագաւորի կողմէ Գրիգոր Եպիսկոպոսին, (մականունը անյայտ ու ըստ պատմագէտներու հաւանական է, որ ան ըլլայ Սիսի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւորականներէն մէկը) շնորհուած արտօնագիրը, լեհահայ համայնքի ներկայութեան իրաւական առաջին վաւերագիրն է` ունենալու համար հայկական եպիսկոպոսութիւն Լվովի մէջ: Պէտք է հաշուի առնել, որ Քաժիմէժ թագաւորի կողմէ լեհահայերուն շնորհուած՝ ներքին ինքնիշխանութեան այս արտօնագիրէն առաջ, հայերը իբրեւ համայնք ու եկեղեցի արդէն գոյութիւն ունեցած են այդ թուականէն մօտ՝ մէկ կամ մէկուկէս դար առաջ, իբրեւ ձեւաւորուած հայկական գաղթօճախ իր հոգեւորականներով, ինչպէս նաեւ առեւտրականներով եւ արհեստաւորներով: Պէտք է յուշել նաեւ, որ Քաժիմէժ Մեծ թագաւորի արտօնութիւնը միակը չէ, որ լեհահայերը ստացած են լեհական իշխանութիւններէն պատմութեան ընթացքին:
Համագումարի նախաձեռնողն է, սենաթի պատգամաւոր լեհ՝ Փրօֆ. Եան Ժարին: Պատմական բնոյթ ունեցող այս համագումարի բացումը կատարեց Լեհաստանի սենաթի նախագահ՝ Սթանիսուաւ Քարչեվսքին: Բացման արարողութեան, իրենց սրտի խօսքը փոխանձեցին նաեւ լեհական մշակոյթի նախարար եւ փոխ վարչապետ՝ Փրօֆ. Բիօթր Կլինսքին, Սենաթի պատգամաւոր՝ Եժի Ֆելիքս Ֆետորովիչ։

Բացման խօսքի իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ, հրաւիրեալներ` ՀՀ արտակարգ եւ լիազոր դեսպան՝ Էտկար Ղազարեան, ՀԲԸՄ Եւրոպայի վարիչ` Նատիա Գործունեան, Պրուքսելի ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ՝ Գասպար Կարամպետեան եւ Լեհաստանի մէջ հայ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ՝ (ծագումով հայ) Էտվարտ Միէր Ենտժէյովիչ:
Այս տարի Լեհաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ, Լեհահայ համայնքի 650 ամեակի դարաւոր ներկայութեան նուիրուած զանազան` իրագործուած, թէ՛ ծրագրուած նախաձեռնութիւններու, մշակութային յայտագիրներու, համերգներու, ցուցահանդէսներու, 650 ծառերու ծառատնկումի, թէ՛ ընկերային ծրագիրներու կողքին հայ համայնքի պատուաբեր ներկայութիւնը ապացուցող կարեւորագոյն իրադարձութիւնն էր, ինչպէս նաեւ Լեհաստանի նախագահ՝ Դոկտ. Անտժէյ Տուտայի հրաւէրով, 29 մարտ 2017-ին հայկական համայնքը ներկայացնող հայկական միութիւններու ներկայացուցչութիւններու, անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումը։ Նախագահի հանդիպումի յայտագիրի ընթացքին՝ ծաւալուն ելոյթ ունեցաւ Լեհաստանի նախագահը: Ան իր խօսքի ընթացքին մեծ կարեւորութեամբ ընդգծեց հայերու ունեցած դերակատարութեան մասին, լեհական կեանքի մէջ` «Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը արձանագրուած է նաեւ Լեհաստանի ժողովուրդի պատմութեան հետ եւ անբաժանելի կերպով կապուած է մեր ժողովուրդի պատմութեան հետ….Հնարաւոր չէ պատկերացնել Լեհաստանի պատմութիւնը առանց հայերու բազմադարեայ ներդրումին՝ մեր մշակոյթի, մեր աւանդութիւններու մէջ», յայտարարեց նախագահ՝ Ա. Տուտան:
Այս համագումարը կը հանդիսանայ լեհական պետութեան բարձրագոյն մարմնի մակարդակով, հայ համայնքի թանկարժէք ներդրումը ապացուցող երկրորդ իրադարձութիւնը:
Պատմական սոյն համագումարին մասնակցեցան՝ հայ եւ լեհ բանասէրներ, մտաւորականներ, հրաւիրեալներ: Արեւելահայերէն, անգլերէն եւ լեհերէն լեզուներով ներկայացուեցան 13 դասախօսութիւններ՝ լեհահայ դարաւոր պատմութեան, մշակոյթի, լեհահայերու լեզուի, եկեղեցիներու, հոգեւորականներու կեանքի ու գործունէութեան, լեհահայ համայնքի իրաւական, կազմակերպչական կառոյցի, հայ կամ ծագումով հայերու դիւանագիտական, քաղաքական, մտաւորական, երաժշտական պերճաշուք ներդրումներու մասին նիւթեր:
Համագումարի դասախօսութիւնները ներկացուցին, պատմագէտ՝ Քլոտ-Արմէն Մութաֆեան, Տաթեւիկ Սարգսեան, Քշիշթոֆ Սթօբքա, Անտժէյ Ժիէնպա, Փիրուզ Մնացականեան, Անտժէյ Փիսովիչ, Եուզէֆ Նաումովիչ, Ֆրանչիշէք Ժէյքա, Հռիփսիմէ Մամիկոնեան, Բավել Սքիպինսքի, Եացէք Խչոնշչեվսքի, Ֆրանչիշէք վասիլ եւ Եագուպ Օշեցքի:
Համագումարի եզրափակիչ խօսքը փոխանձեց պատգամաւոր՝ Փրօֆ. Եան Ժարին: Պէտք է յիշել, որ ան լեհական տեղւոյն բազմաբնոյթ մամուլին ալ անդրադարձաւ, ծանօթացուց ու արձագանքեց լեհահահայերու ներդրումի բազմադարեայ պատմութեան:
Վարշավայի մէջ, մարդկային իրաւունքներու ոլորտին նուիրուած՝ 11-22 Սեպտեմբեր 2017-ի ընթացքին, տեղի ունեցաւ նաեւ Եւրոպայի անվտանգութեան ու համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ – OSCE) շրջանակին մէջ գործող մարդկային չափանիշներու իրականացման համաժողով։ (HDIM)ի Համագումարի հանդիպումները, HDIM կը համարուի Եւրոպայի մարդկային իրաւունքներու մեծագոյն համաժողովը: Համաժողովի տարեկան այս համագումարի քննարկումներու ծիրին մէջ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը, գլխաւորութեամբ՝ Գասպար Կարամպետեանի, Եւրոպական խորհրդարանի կապերու ներկայացուցիչ` Հեղինէ Էվինեանի եւ Լեհաստանի Հայ դատի յանձնախումբի համագործակցութեամբ Վարշավայի OSCE ի կեդրոնին մէջ հայ դատի պատուիրակութիւնը ունեցաւ քարոզչական լայնածաւալ առաքելութիւն, արծարծելու ու քննարկելու Արցախահայութեան մարդկային իրաւունքներու հարցը եւ Արցախեան հակամարտութեան գործընթացի ներկայ վիճակը, Ատրպէյճանի հակահայ արշաւի ուղղութիւնները: 20 սեպտեմբեր 2017-ի համագումարի հանդիպումներուն` Հ. Էվինեան, իր ելոյթին ընթացքին ներկայացնելով Արցախահայութեան մարդկային իրաւունքները շեշտեց` «Չլուծուած հակամարտութիւնը կարելի չէ արդարացնել Արցախի ժողովուրդի հանդէպ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային Ատրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէ պարտադրուած մեկուսացումով: Հիմնարար իրաւունքները նոյնն են բոլորի համար եւ կախուած չեն երկրի կարգավիճակէն»: HDIMի հանդիպումներու յայտագիրի ընթացքին Արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ծիրին մէջ, Հայ դատի անդամները, ԵԱՀԿի անդամ պետութիւններու պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ ունեցան հանդիպումներ, խորհրդակցութիւններ ու լուսաբանեցին Արցախի հակամարտութեան հիմնահարցը, Արցախահայութեան պահանջատիրութիւնը:
Հարկ է յիշել, որ ԵԱՀԿը կազմուած է Եւրոպայի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի 57 անդամ պետութիւններէ։ Այս կազմակերպութեան գործունէութիւնը կ՝ընգրկէ 3 հիմնական ուղղութիւններ՝ ռազմաքաղաքական, տնտեսական, բնապահպանական եւ մարդասիրական: Վերոյիշեալ (HDIM)ի հանդիպումներու զուգահեռ՝ հինգշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2017-ին Վարշավայի OSCE ի կեդրոնին մէջ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կազմակերպած էր փաստավաւերագրական «Պաշարուածները» ֆիլմի ցուցադրութիւնը, որ կը պատմէ 1991-92 թուկաններու Ստեփանակերտի պաշարման եւ տեղի բնակչութեան կեանքի դժուար կացութեան մասին: Սոյն նախաձեռնութեան, ներկայ էր նաեւ ՀՀ արտակարգ եւ լիազոր դեսպան՝ Էտկար Ղազարեան:

Ֆիլմի ցուցադրութենէն վերջ տեղի ունեցաւ՝ Արցախահայութեան հիմնահարցի անգլերէն լեզուով քննարկում ու կարծիքներու փոխանակում, այդ քննարկումին ելոյթ ունեցան ԼՂՀ վարչապետի մամուլի քարտուղար` Արտակ Բեգլարեան, Լեհաստանի հանրածանօթ հայագէտ, պատմաբան՝ Քրաքովի Յակելոնեան, համալսարանի ազգաբանութեան եւ մշակութային մարդաբանութեան ինստիտուտի, Եւրոպայի էթնիկ յարաբերութիւններու ամպիոնի վարիչ՝ Անտժէյ Ժիէնպան ու նոյն համալսարանի դասախօս՝ Եագուպ Օշեցքին:
Լեհահայերու, ինչպէս նաեւ հայ սփիւռքի պատմութեան մէջ 19 հոկտեմբեր 2017 թուականը դարձաւ եզակի օր մը, երբ ՀՀ ազգային ժողովի նախագահ` Արա Պապլոյեանի գլխաւորած խորհրդարանական պատուիրակութեան եւ Լեհաստանի ՀՀ դեսպան՝ Էտկար Ղազարեանի ներկայությամբ, Լեհաստանի Հանրապետութեան սենաթը քուէարկեց ու միաձայնութեամբ ընդունեց աննախադէպ ու յատուկ բանաձեւ մը: Նախաձեւին մէջ Լեհաստանի Հանրապետութեան սենաթը հայերը շնորհաւորեց Լեհաստանի մէջ անոնց ձեռքբերումներուն համար, շնորհակալութիւն յայտնելով լեհական մշակոյթի մէջ հայերու ունեցած ներդրումին, ինչպէս նաեւ Լեհաստանի պատմութեան մեջ ստեղծագործ ներազդեցութեան համար: Քուէարկութենէն ետք, սենաթի պատգամաւորները յոտնկայս ծափահարութիւններով հաստատեցին իրենց որոշումը: 18 էն 20 Հոկտեմբեր 2017-ին, ՀՀ խորհրդարանական պատուիրակութեան Լեհաստան այցելութեան շրջանին, բանաձեւի ընդունման զուգահեռ Լեհաստանի սենաթին մէջ բացումը կատարուեցաւ նաեւ «Հայերը Լեհաստանի մէջ» ցուցահանդէսին, ուր ելոյթ ունեցաւ՝ Ա. Պապլոյեանը: Պէտք է յիշել, որ Թուրքիոյ նախագահ՝ Էրտօկան մէկ օր առաջ 17 Հոկտեմբեր 2017-ին, իր Լեհաստան այցելութեան ժամանակ, սենաթի մէջ, այս ցուցահանդէսի պաստարներուն մէջէն անցնելով անպայման վայելքը ունեցաւ տեղեկութիւններ լսելու ու մանրամասնութիւններ տեսնելու լեհահայերու 650 ամեակի դարաւոր ու պատուբեր գոյատեւութեան մասին:
Ճիշդ է, որ Վարշավայի հայկական նրբափողոցի ցուցանակը ու լեհահայութեան 650 ամեակի ինքնիշխանութեան նուիրուած այլազան նախաձեռնութիւններն ու Լեհաստանի նախագահին հրաւէրը, սենաթի համագումարն ու բանաձեւը ակնյայտ ապացոյցներ են՝ լեհահայութեան դարաւոր ներկայութեան ու անոր ստեղծագործ ներդրումներուն համար, եւ կ՛ամրապնդեն հայկական պատմական ներկայութիւնը, գործօն դերակատարութիւնը Եւրոպայի մէջ: Բայց ամենէն հիմնականը այն է, որ այդ իրադարձութիւնները պէտք է արժեւորել իբրեւ լեհական պետութեան կողմէ հայերու ստեղծագործ գոյատեւութեան ուշագրաւ ճանաչում, իրողութիւն մը որ պէտք է ըլլայ նոյնպէս օրինակելի ու աննախադէպ այլ երկիրներու համար, ուր հայեր հոն ալ իրենց դարաւոր ու պատուաբեր գոյատեւութեամբ միշտ շինցուցած ու ստեղծագործած են: