Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

Համանախագահներու Հետ Նալբանդեանի Եւ Մամետեարովի Հանդիպումները՝ Նոյեմբերի Կիսուն

0

Նոյեմբերի կիսուն պիտի կայանայ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հանդիպումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, Հոկտեմբեր 30-ին յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, կը հաղորդէ “Առաւօտ”-ը՝ վկայակոչելով «Թրենտ» գործակալութեան:

Նախարարին համաձայն՝ հանդիպման վայրը ցարդ որոշուած չէ, սակայն յայտնի է, որ «հանդիպումները պիտի կայանան իւրաքանչիւր նախարարի հետ անջատաբար»։

Աւելի կանուխ Մամետեարով յայտարարած էր, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները շուտով հանդիպում մը պիտի ունենան՝ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը քննարկելու համար:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցարդ չէ հաստատած ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հանդիպման մասին տեղեկութիւնները։ Այս մասին նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեան ըսած է միայն. «Հանդիպման, դրա վայրի եւ ժամկէտների մասին վերջնական պայմանաւորուածութեան առկայութեան դէպքում՝ նախապէս կը տեղեկացնենք»:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հոկտեմբեր 16ին հանդիպած էին Ժընեւի մէջ, ապա ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներն ու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները համատեղ յայտարարութիւն մը տարածած էին՝ նշելով, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները որոշած են բանակցային գործընթացը աշխուժացնել եւ քայլերու դիմել՝ շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար:

Կազմակերպուած է Երեւանցի Զինծառայողներու Ծնողներու Այցը Արցախ

0

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ` երեւանաբնակ պարտադիր ժամկետային զինծառայողներու շուրջ 1600 ծնողներ Հոկտեմբեր 28-ին այցելած են սահմանամերձ զօրամասերու մէջ ծառայող իրենց զաւակներուն:

Պաշտպանութեան նախարարութենէն նշած են, որ զինծառայողներու հետ հանդիպման մեկնած են նաեւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը:
Վիգէն Սարգսեանը նշած է, որ ծրագիրը իսկապէս սպասուած է ու անհրաժեշտ, եւ այս տարի Գիւմրիի եւ Վանաձորի քաղաքապետարանները եւս ցանկութիւն յայտնած են հանդէս գալու նման նախաձեռնութեամբ:

2013-էն մինչեւ այսօր ծրագրի ծիրէն ներս արդէն աւելի քան 9000 ծնողք հնարաւորութիւն ունեցած է այցելելու իրենց զինծառայող որդիներուն:

Արցախի մէջ պաշտօնական հանդիպումներու ընթացքին Վիգէն Սարգսեան քննարկած է բանակաշինութեան վերաբերող հարցեր: 
Նորաւարտ սպաներու հետ հանդիպման ժամանակ Վիգէն Սարգսեան պարզաբանումներ տուած է նաեւ հանրային լայն հնչեղութիւն ստացած «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողներու կարգավիճակի մասին» օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ` հաւաստիացնելով, որ բոլոր փոփոխութիւնները ունին մէկ վերջնական նպատակ` ամրապնդել երկրի պաշտպանունակութիւնը, կատարելագործել հակառակորդին զսպելու մեքանիզմները եւ բարձրացնել զինծառայողներու իրաւական ու ընկերային պաշտպանուածութեան մակարդակը:

Վիգէն Սարգսեան ծանօթացած է Ստեփանակերտի մէջ Ազատամարտիկներու այգիի կառուցման աշխատանքներու ընթացքին եւ նկատած, որ հանգիստի գօտին պիտի դառնայ հայկական երկու մայրաքաղաքներու միջեւ ձեւաւորուած արդիւնաւէտ համագործակցութեան խորհրդանիշներէն մէկը:

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Մեսրոպեանը Պատուեց Հայերէնի Եւ Հայոց Պատմութեան Ուսուցիչները

0

Սրբոց Թարգմանչաց տօնը Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ նշուեցաւ բոլոր կարգերուն մէջ՝ մանկամսուրէն մինչեւ բարձրագոյն կարգ, ուր, դասարանային աշխատանքներով եւ հանդիսութիւններով, անգամ մը եւս յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Հայ դպրութեան հիմնադիր հայրերուն եւ լուսարձակի տակ առնուեցաւ անոնց գրական հարուստ ժառանգութիւնը:

Այս տարի տօնակատարութիւնները տեղի ունեցան վարժարանի բակին մէջ, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի յուշակոթողին առջեւ, 27 Հոկտեմբերին: Աշակերտական զոյգ հաւաքներուն ընթացքին ներկայացուեցան խմբային արտասանութիւններ եւ երգեր. աշակերտութեան անունով խօսք արտասանեց աւարտական դասարանի աշակերտ Էլի Թորանեան, որ վերահաստատեց նոր սերունդին հաւատարմութիւնը՝ Ոսկեդարու արժէքներուն: Այս առիթով, աշակերտները իրենց ձեռքով պատրաստած նշաններով պատուեցին Մեսրոպեանի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ-ուսուցչուհիները:

Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ օգնական ժողովրդապետ Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան նախակրթարանի աշակերտներուն հետ երկխօսութեան ձեւով վեր բերաւ Թարգմանչաց տօնի թելադրանքները, իսկ երկրորդականի աշակերտներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ վերլուծեց հայերէնի թարգմանուած Աստուածաշնչեան առաջին նախադասութեան իմաստը:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ աշակերտները հրաւիրեց անդրադառնալու Հայ մշակոյթի եւ գրականութեան հարստութեան: Ան մասնաւորաբար անդրադարձաւ հայերէնի անաղարտ պահպանութեան եւ գործածութեան կարեւորութեան, դիտել տալով, որ հայ մշակոյթին եւ լեզուին հանդէպ սէրն ու հաւատարմութիւնը պէտք է դրսեւորուի առօրեայ դրութեամբ՝ հայ խօսքով, հայ երգով եւ հայ ոգիով կենդանի պահելու համար մեր Ոսկեղենիկ լեզուն:

Տօնին առիթով, Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը գնահատանքի նշանով պատուեց վարժարանի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան հանգստեան կոչուած ուսուցչուհի տիկին Ալիս Պօյաճեանը, որ աշակերտներուն փոխանցեց իր սրտի խօսքը, յորդորելով անոնց արժանի հետնորդները ըլլալ Սուրբ Մեսրոպի եւ Սուրբ Սահակի: Նախակրթարանի պատասխանատու տիկին Սալբի Մուղալեան այս առիթով ըսաւ, որ տիկին Ալիս գործեց մեծագոյն սիրով ու անսպառ խանդավառութեամբ, սիրելին դառնալով իր աշակերտներուն եւ սիրելի դարձնելով հայերէնը՝ անոնց:  Պարոն Կրէկուար Գալուստ իր հերթին շեշտեց, որ 27 տարիներու իր անձնուէր ծառայութեամբ, տիկին Պօյաճեան անջնջելի դրոշմ ձգած է վարժարանի պատմութեան եւ հայ սերունդներու դաստիարակութեան մէջ:

 

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտները Թարգմանչաց Տօնակատարութեամբ Ուխտեցին Պահպանել Հայ Գիրն Ու Ժառանգութիւնը

0

Ազգային Միացեալ Վարժարանի աշակերտութիւնը յատուկ հանդիսութիւն-ներով եւ դասարանային աշխատանքներով յարգանքի իր տուրքը մատուցեց հայ գիրի, դպրութեան եւ մշակոյթի առաջին մշակներուն եւ ոգեկոչեց հայ ժողովուրդին հոգեւոր, գրական, գիտական նուաճումներէն մէկը հանդիսացող Սրբոց Թարգմանչաց տօը:

Նախակրթարանի Տօնակատարութիւն

          Ուրբաթ, 13 հոկտեմբեր 2017-ին, տեղի ունեցաւ Նախակրթարանի բաժնի աշակերտներուն տօնակատարութիւնը։ Առաջինէն վեցերորդ դասարաններու աշակերտները անգամ մը եւս իրենց միտքերն ու հոգիները լեցուցին Մեսրոպի շունչով ու ոգիով, Հայոց այբուբենը եւ պատմութիւնը միշտ բարձր պահելով՝ երգեցին ու արտասանեցին հայերէն։

            Խանդավառութեամբ անոնք երգեցին ,Մեր լեզունե արտասանեցին «Գիրքը», «Հայ լեզուն տունն է հայուն», «Մեսրոպ Մաշտոցին» եւ «Հայերէն» ստեղծագործութիւն-ները, ապա հանդէս եկան Հայ գիրերու գիւտին նուիրուած իրենց իսկ պատրաստած ներկայացումով։ Յատկանշական էր աշակերտներուն ցուցաբերած ոգին ու հաւատքը Հայ Գիրերու ուսուցիչին՝ Մեսրոպ Մաշտոցին ու անոր աշակերտներուն հանդէպ։

            Ձեռնարկի աւարտին օրուան պատգամը փոխանցեց Արժանապատւի Տէր Սարգիս Քհնկ․ Սարգիսեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց Մեսրոպի գիւտին կարեւորութիւնն ու անդրադարձը։ Քահանայ Հայրը թելադրեց քալել Մեսրոպի հաւատքով՝ պահպանելով հայ ժողովուրդի դարաւոր ժառանգութիւնն ու արժէքները։

 

Միջնակարգի Եւ Երկրորդականի Տօնակատարութիւն

            Իսկ չորեքշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2017-ին, Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ազգային Միացեալ Վարժարանի քայլերգներով սկսաւ Ազգային Միացեալ Վարժարանի Միջնակարգի եւ Երկրորդականի Թարգմանչաց տօնակատարու-թիւնը։

            Ապա բացման խօսքը ներկայացուց ԺԱ. դասարանէն Բալիկ Գազանճեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ․ «Աշխարհի մէջ չկայ ժողովուրդ մը, որ տօնէ իր սեփական գիրերուն տարեդարձը: Չկա՛յ ժողովուրդ մը, որ իր գրիչները սուրբ հռչակէ: Չկա՛յ ժողովուրդ մը, որ դպրութեան աստուած ունենայ: Հայը ունի՛ այս բոլորը եւ պարտաւոր է տէր կանգնիլ իր ունեցած հարստութեան՝ հայ լեզուին, հայ մշակոյթին, հայ հողին ու Հայաստանին»:

            Բացման խօսքէն ետք, Է. դասարանի աշակերտները արտասանեցին «Մեսրոպաբոյր»-ը։ Ապա ԺԱ. դասարանէն Արազ Էլէյճեան ներկայացուց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Լուսաբաց»ը, որմէ «Ով Հայոց Տառեր» մեներգով հանդէս եկաւ աւարտական դասարանէն Նաթալի Տէկիրմէնճեան:

            Ը. կարգէն Հերմիկ Աբրահամեան ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Միայն Մէկ Գիր»ը, իսկ Ժ. դասարանէն Սէրլի Գալայճեան՝ Պարոյր Սեւակէն «Եւ Այր Մի Մաշտոց Անուն» բանաստեղծութիւնը: Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Թ. կարգէն խումբ մը աշակերտներ, որոնք ասմունքեցին Գէորգ Էմինի «Մեր Այբուբենը»: Այնուհետեւ, ԺԱ. Դասարանէն Դրօ Միրզայեան ներկայացուց մենախօսութիւն մը՝ «Հայերէն Առաջին Լրագիրս»:

            Գեղարուեստական յայտագրի աւարտին, օրուան պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան: Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ Թարգմանչաց սերունդին վաստակը եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին անմահ գործը, որմէ ծնաւ հայ ժողովուրդի հարազատ ոգին` իր իմացականութեամբ, զգայնութեամբ, պատմութեամբ եւ մշակոյթով:

            Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց հայ դպրոցին դերն ու առաքելութիւնը, իբրեւ հայակերտման եւ հայապահպանման դարբնոց։ Շահէ Եպս․ Փանոսեան ըսաւ․ «Դպրոցէն ներս պէտք է պայքարիք հայ լեզուին տիրանալու համար, պէտք է սիրէք հայ գիրն ու գրականութիւնը, հայ մշակոյթը եւ ձեր սորվածով նոր կենդանութիւն պարգեւէք գիրքերուն մէջ պահուած մեր մշակութային նուիրական արժէքներուն, որպէսզի անոնցմով մեր ժողովուրդին դիմաց բանաք դէպի բարձունքներ տանող ճանապարհներ»։

            Իր խօսքի աւարտին, Շահէ Եպս․ Փանոսեան հաստատեց, որ հայրենիքի պաշտպանութեան համար, մեր ժողովուրդին մղած պայքարը, Թարգմանչաց յիշատակով պէտք է նոր ուժականութիւն ստանայ մեր դպրոցներէն ու համայնական աշխատանքներէն ներս, որպէսզի օտարացումի, յուսալքումի եւ նահանջի մատնուած մեր ժողովուրդը դարձեալ սթափի եւ իր կեանքը առաջնորդէ դէպի նոր ոսկեդար։

Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ – ԺԵ – Կեանքը Փայտի Մէջ Փայտարուեստի Թանգարան

0

*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

 

Այստեղ ամէն ինչ ներկուած է այնպէս վառվռուն,
ներհակ եւ թաւ գոյներով
Ըսես պարզունակ նկար է մանուկի:
Սակայն Աստուած իմ
Նոյն այդ աշխարհի մէջ
Որքան բարդութիւն ու խրթին բան կայ…
Պարոյր Սևակ

Փայտը կենդանի՝ բնական նիւթ է, որ իր մասնակցութիւնը ունի մարդու կողմէ շրջակայ միջավայրի ճանչցողական գործընթացին: Ան իր ջերմութեամբ, փափկութեամբ և օրկանական զգայականութեամբ մօտ է մարդկային բնոյթին: Մեր <<քարերու երկիր>> հայրենիքի մէջ՝  փայտին ուշադրութեամբ ու յարգանքով կը վերաբերէին, իր յուսալիութեամբ ու ամրութեամբ հանդերձ: Անյիշելի ժամանականերէն մարդը տիրապետելով փայտին, իւրացնելով և օգտագործելով անոր արժէքաւոր յատկանիշները կենցաղի և ճարտարապետութեան մէջ, անձնատուր եղաւ նաեւ անոր նուրբ, գեղագիտական խաղին, ի յայտ բերելով այս նիւթի այնպիսի իւրայատկութիւնները, ինչպէս՝ թրթուռունութիւնը, զգայնութիւնը, դիւրամշակելիութիւնը և գունային նուրբ յագեցուածութիւնը:

Փայտը քանդակագործի համար բացարձակապէս  իւրայատուկ նիւթ է: Այս կամակոր նիւթի հետ աշխատող արուեստագէտը պէտք է վերին աստիճանի՝ զարգացաց զգայական ընկալունակութիւն, խղճմտանք ունենայ, քանի որ ան կենդանի նիւթին նոր կեանք կը հաղորդէ : Հազարամեակներ շարունակ փայտի հետ աշխատելով մարդը ուսումնասիրած է անոր բնոյթն ու ճարտարապետական և  գեղագիտական յատկանիշները,  նրբութիւններն ու և գունային երանգները, թելիկային կառուցուածքն ու կտրուածքի պատկերը, որ դարերու դրոշմն է փայտին վրայ:

Այս շաբաթ մեր պտոյտները մեզի հասցուցին փայտարուեստի թանգարան։ Ան այցելուներուն կը ծանօթացնէ այնպիսի աշխատանքներու հետ,  որոնք կը ներկայացնեն կեանքը փայտի մէջ:  <<Զարթօնքի>> զրուցակիցն է թանգարանի գլխաւոր ֆոնդապահ՝ Մելանիա Միրզոյեան , ով իր կեանքին երկար տարիները նուիրած է թանգարանին  հոգատար աշխատանքով:

«Զ.» – Տիկին Մելանիա ես գիտեմ, որ դուք արդէն երկար տարիներ կ՛աշխատիք թանգարանի մէջ, ե՞րբ և ի՞նչ պայմաններու մէջ ստեղծուած է թանգարանը:

«Մ. Մ.» – Թանգարանը հիմնադրուած է 1977 թուականին՝ Հոկտեմբեր 28–ին փայտարդիւնաբերութեան նախարար՝ Ալպէրտ Ստեփանեանի նախաձեռնութեամբ, ԽՍՀՄ Գեղարուեստի Ակադեմիայի իսկական անդամ, նկարիչ Գրիգոր Խանճեանի և Հայաստանի վաստակաւոր գործիչ՝ Յովհաննէս Շարամբեանի աջակցութեամբ: Թանգարանը ձեւաւորուած է՝ Գրիգոր Խանճեանի էսքիզներով, իսկ մետաղեայ ձևաւորումը կը պատկանի նկարիչ-դարբին՝ Վարդան Օհանեանին:

Մեր ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած է հիմնական փայտէ աշխատանքներ։  Ունինք փոքր բաժին, որ կը կոչուի հնագոյն մշակոյթի բաժին, ուր նիւթի սահմնափակում չի կայ: Այնտեղ կը ցուցադրուին՝ փայտ, մետաղ և կաւ, որ եղած է արհեստներու զուգահեռ զարգացման նպատակով, իսկ մեր մօտ հիմնական նիւթը , անշուշտ, փայտէ աշխատանքերն են:  Մեր ցուցադրութիւնը պայմնականօրէն կրնանք բաժնել երեք մասի.  հնագոյն մշակոյթի բաժին, քանդակի բաժին և կիրառական արուեստի բաժին: Ներկայացուած են արհեստավարժ  քանդակագործներու, նկարիչներու և ժողովրդական վարպետներու ստեղծագործութիւններ: Ժողովրդական վարպետները հիմնական կը ներկայացնեն կիրառական արուեստը, իսկ արհեստավարժ նկարիչներն ու քանդակագործները քանդակի բաժինը կը ներկայացնեն:

Փայտարուեստի թանգարանը մեծապէս օգնած է փայտի մոռցուած աւանդոյթներու վերականգման: Ժամանակակից վարպետները հիմնուելով հայկական արուեստի հազարամեայ աւանդներու վրայ, կեանքի կոչած են պատմութեան գիրկը անցած առարկաներ:

«Զ.» – Քանի՞ ցուցասրահ ունի թանգարանը և ինչպէ՞ս ամբողջացած են թանգարանի առարկաները:

«Մ. Մ.» – Մենք ունինք մէկ մեծ ցուցասրահ, որ նախատեսուած է մշտական ցուցադրութեան համար և ունինք նաև ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու համար նախատեսուած փոքր սրահ, որտեղ կ՛իրակնացնենք տարուայ ընթացքին տարբեր ցուցահանդէսներ: Թանգարանը ունի գործունէութեան լայն շրջանակ: Կը կազմակերպուի հեղինակային և ստուգողական ցուցահանդէսներ, միջոցառումներ, դասախօսութիւններ: Մեր թանգարանը իր տեսակին մէջ եզակի է,  ունի ուշագրաւ ցուցանմոյշներ: Նախ և առաջ ըսեմ, որ թանգարանը կը պատկանի Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, ի սկզբանէ պետական թանգարան է, ուստի կ՛ամբողջանայ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ նիւթական աջակցութեամբ: Աշխատանքները ձեռք կը բերուին վարպետներէ, քանդակագործներէ: Ցաւ ի սիրտ վերջին երեք տարիներուն չէ եղած նիւթական աջակցութեան ամբողջացում, բայց թանգարանի հաւաքածոներու ֆոնդը ամբողջացած է նուիրատւութիւններու և մեր աշխատանքներու՝ որպէս արդիւնք:  Թանգարանը միեւնոյն ժամանակ իւրօրինակ դպրոց է, ուր մասնագիտական կրթութիւն ստացած են ցուցադրուող ստեղծագործութիւններու հեղինակներէն շատերը:

«Զ.» – Ըսէք ո՞րն է թանգարանի հիմնական առաքելութիւնը, նպատակը:

«Մ. Մ.» – Ստեղծագործութիւններու հաւաքագրումէ, պահպանումէ, ցուցադրուելէ զատ մեր թանգարանի հիմնական նպատակը՝ աւանդական փայտարուեստի վերականգնումը, զարգացումն ու շարունակումն է, որվհետև մեր մշակութային ամենամոռցուած նմոյշներէն մէկն ալ փայտն է, որը լաւ չէ պահպանուած, շատ արագ ենթարկուած է արհաւիրքներու:  Ապագային մշակոյթի պատմութեան, ինչպէս նաև արհեստներու փոխներգործութեան լիարժէք պատկերման համար, հին մշակոյթի բաժինի մէջ, փայտէ առարկաներու հետ մէկտեղ կը ցուցադրուին խեցեղենի, սև և գունաւոր մետաղներու կարպետագործութեան նմոյշներ: Թանգարանի ստեղծագործութիւնները կ՛իրականան բարձր մակարդակով ձեւակերպուելով, խորհրդանշող, համոզիչ մտածելակերպով, գաղափարի և կերպարի միսանութեամբ: Այս առումով, որպէս թանգարանի գործունէութեան առանձնայատկութիւն, պատահական չէ, որ քանդակագործները, ճարտարապետները կը ցուցադրուին ժողովրդական վարպետներու հետ միասին: Ներկայիս մեր թանգարանը` Եւրոպայի մէջ միակն է որպէս փայտարուեստի թանգարան:

«Զ.» – Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք սփիւռքի հետ:

«Մ. Մ.» – Ցաւ ի սիրտ սփիւռքի հետ համագործակցութիւն չունինք, բաց ունինք շատ սփիւռքահայ այցելուներ, որոնք շատ կը սիրեն փայտարուեստը: Բայց ես կը կարծեմ, որ համագործակցութիւնները պէտք է ըլլան պետականօրէն, իսկ մասնաւոր համագործակցութեան ծրագիրներ դեռ չունինք, որովհետև ինչ ալ, որ ընենք Մշակոյթի նախարարութեան հետ համատեղ պէտք է ըլլայ: Հակառակ այն բանին, որ այս թանգարանը մասնակացած է բազմաթիւ միջազագային ցուցացահանդէսներու, սակայն կը ցաւիմ ըսելու, որ այսօր այդքան ալ շատ չեն ցուցահանդէսները՝ բազմաթիւ խնդիրներու և նիւթական աջակցութեան պակասի պատճառաւ: Փայտարուեստի վերականգնումն ու զարգացումը նոր թափ ստացած է յատակապէս թանգարանի ներկայիս տնօրէն՝ Հենրիկ Սալոխեանի շնորհիւ, ան ըլլալով նկարիչ-ճարտարապետ պրպտելով պատմական նիւթերը, արխիւները կրցած է շատ առարկաներ վերականգնել ու ներկայացնել:

«Զ.» – Ի՞նչ կրթական ծրագիրներ կ՛իրականցնէ թանգարանը:

«Մ. Մ.» – Թանգարանը 2000 թուականէն  կ՛իրականացնէ տարբեր կրթական ծրագիրներ հիմնական Հայաստանի տարբեր մարզերէն ներս և ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ: Կը դասաւանդուին փայտարուեստ, խեցեգործութիւն, կարպետագործութիւն, տիկնիկագործութիւն: Այդ ծրագիրէն իրենց արդիւնքը տուած են, եւ նաեւ մարզերու մէջ  կազմակերպուած են տարբեր ցուցահանդէսներ: Կրթական ծրագիրները մեզի համար շատ առաջնային են և մեր նպատակը յատկապէս մարզերը ներգրաւելն է, որովհետև այնտեղ պէտք են նման ծրագիրներ:

Փայտարուեստի թանգարանի հաւաքածոն յետագային եւս կ՛ամբողջանայ նոր աշխատանքներով, որոնք ակնառու կերպով կը ներկայացնեն մարդու գեղարուեստական  ստեղծագործութեան  ոլորտներէն մէկը, որ սերտօրէն կապուած է բնութեան ամենակենդանի նիւթի` փայտի հետ: Թանգարանէն ներս ներկայացուած իւրաքանչիւր աշխատանք այցելուին կրնայ  շատ բան պատմել ժամանակի և կեանքի մասին: Յիշեցնենք, որ թանգարանը կը գտնուի Կեդրոն վարչական շրջան Պարոնեան փողոց  2-րդ շէնքի  1-ին յարկը :

Հեռ. +374-10-532461 – Ել. հասցէ. info@artwood.am 

 

 

 

Արցախը Թուրքիոյ Համար Բաց Վէրք է, Իսկ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Բաց Վէրք չէ՞. Դաւիթ Բաբայեան

0

Երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը յայտարարէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը ինչպէս Ատրպէյճանի, այնպէս ալ իրենց համար արիւնահոսող վէրք է, պէտք է հասկնայ, որ Թուրքիան իրաւական եւ բարոյական որեւէ հիմք չունի խառնուելու հակամարտութեան կարգաւորման: Panorama.am-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է Արցախի նախագահի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան:

«Թուրքիան, ըլլալով ցեղասպան պետութիւն, իրաւունք չունի խօսելու բաց վէրքերու մասին: Արցախը իրեն համար բաց վէրք է, իսկ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, յոյներու, քիւրտերու, եզիտիներու, պուլկարներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնները բաց վէրք չե՞ն: Այսպիսի մօտեցումը ֆաշիզմի, խտրականութեան գարշելի դրսեւորում է: Թուրքիան երկիր մըն է, որ չի թաքցներ իր քաղաքական յաւակնութիւնները:

«Չունենալով նման յայտարարարութիւններ ընելու ոչ բարոյական, ոչ իրաւական հիմքեր` այդ երկիրը ամէն պարագայի նման jայտարարութիւններ կ՛ընէ: Թուրքիան երբեք չէ թաքցուցած, որ ինք Ատրպէյճանի գլխաւոր հովանաւորն է: Սա երկիր մըն է, որը Ատրպէյճանին աջակցած է նաեւ ապրիլեան պատերազմի ժամանակ` այնտեղ ուղարկելով վարձկաններ: Սա երկիր մըն է, որը կը շարունակէ շրջափակման մէջ պահել Հայաստանը»,- նշած է Դաւիթ Բաբայեան:

Արցախի նախագահի մամուլի քարտուղարին խօսքով, Թուրքիոյ այսօ տեսակի յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ հայկական կողմը պէտք է զգօն ըլլայ: Անոր համոզումով, եթէ տարածաշրջանին մէջ չըլլային զսպիչ ուժեր, Թուրքիան վաղուց յարձակում կը գործէր Հայաստանի եւ Արցախի դէմ, ինչպէս որ կ՛ընէ Սուրիոյ եւ Իրաքի քիւրտերուն դէմ:

Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 30-ին Ատրպէյճան մեկնած Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հարցազրոյց տուած է ատրպէյճանական գործակալութեան եւ անդրադարձած ղարաբաղեան հիմնահարցին:

էրտողան մասնաւորապէս ըսած է. «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը մեզի համար  արիւնահոսող վէրք է, ինչպէս եւ Ատրպէյճանի համար»:

2018-ին Կ՛ակնկալուի 4.5 Տոկոս Տնտեսական Աճ. Վարդան Արամեան

0

«Փորձած ենք 2018 թուականի պիւտճէն նախագծել մէկ ընդհանուր կանոնով` կայուն, երկարաժամկէտ տնտեսական աճով»,- այսօր` ըստ «Երկիրմեդիա»-ի՝ Հայաստանի 2018-ի պետական ամավարկի (պիւտճէ) մասին օրէնքի նախագիծի նախնական քննարկման ժամանակ ըսած է ՀՀ երեւմուտքի նախարար Վարդան Արամեան:

Անոր խօսքով` 2017 թուականին տնտեսական աճ արձանագրուած է արդիւնաբերութեան ծառայութիւնները եւ առեւտուրը. «Սա մեզի հիմք կու տայ 2017-ի համար ակնկալելու 4-4.3 տոկոսի իրական տնտեսական աճ: 2017-ին կը կանխատեսենք քիչ մը աւելի բարձր տնտեսական աճ, քան նախատեսուած էր 2017-ի պիւտճէի նախագիծով, ուր դրուած էր 3.2 տոկոս տնտեսական աճի ցուցանիշ»:

Վարդան Արամեան շեշտած է, որ այս տարի զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ աննախադէպ աճ արձանագրուած է` 30 տոկոսէն բարձր:

Ինչ կը վերաբերի 2018-ին, ապա նախարարը ըսած է, կ՛ակնկալուի, որ տնտեսական աճը ըլլայ 4.5 տոկոսի շրջանակներուն մէջ:

«Հիմնական ներդրումները պիտի ըլլան արդիւնաբերութեան ոլորտին, ծառայութիւններու մասով եւս կ՛ակնկալենք յառաջընթացի շարունակութիւն: Կ՛ակնկալուի, գիւղատնտեսութիւնն ու շինարարութիւնը որոշ վերականգնման նշաններ ցոյց տան: Գիւղատնտեսութեան կարողական աճը կը գնահատուի 3-4 տոկոս»,- ըսած է Վարդան Արամեան:

Երեւմուտքի նախարարը աւելցուցած է, որ տնտեսական կայուն աճի համար կարեւոր է նաեւ պետական պարտքի կայունացումը: Ան նշած է, որ կառավարութիւնը փորձած է ներկայացնել այնպիսի ամավակ, որ 2018-ին հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ պետական պարտք-ՀՆԱ ցուցանիշը 1 տոկոսով նուազեցնել:

«2018-ին կը կանխատեսուի արտահանման` 8.0 տոկոս, ներմուծման` շուրջ 7.8 տոկոս իրական աճ: Ինչ կը վերաբերի արտաքին ապրանքաշրջանառութեան, ապա ներմուծումը պիտի շարունակի աճիլ` կազմելով շուրջ 10 տոկոս: 2018 թուականին` գործընկեր երկիրներու տնտեսական աճին եւ ՀՀ կառավարութեան կողմէ տնտեսութեան արտահանելի ոլորտին մէջ վարուող քաղաքականութեան ուղղութեան համահունչ, կը կանխատեսուի արտահանման շուրջ 11.5 տոկոս աճ»,- ներկայացուցած է Արամեան:

Ան յայտնած է, որ կ՛ակնկալուի`  2018-ի ամավարկի եկամուտներ/ՀՆԱ յարաբերակցութիւնը պիտի կազմէ 22.3 տոկոս` 2017-ի համար հաստատուած եւ 2016-ի փաստացի 22.4 տոկոսի դիմաց:

«Օտարերկրեայ պետութիւններէն եւ միջազգային կազմակերպութիւններէն պիւտճէի նախագիծով 2018-ին կ՛ակնկալուի ստանալ 35,6 միլիառ դրամի պաշտօնական դրամաշնորհներ, իսկ այլ եկամուտներու գծով մուտքերը ծրագրուած են 23.8 միլիառ դրամի չափով: 2018-ի պետական պիւճէի նախագիծով ծախսերուն ծաւալը ծրագրաւորուած է շուրջ 1,464.2 միլիառ դրամ»,- ըսած է ան:

 

 

Արցախի Մէջ Մեկնաբանած են Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հռչակումը

0

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան  մամլոյ ծառայութեան հաղորդումով` ՄԱԿ-ի շարք մը հիմնարար փաստաթուղթերու համաձայն, միջազգային հանրութիւնը յանձնառութիւն ստանձնած է` խրախուսելու ժողովուրդներու  ինքնորոշման իրաւունքի գործադրումը եւ յարգելու այդ իրաւունքը:

Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Կարեւոր կը նկատենք, որ Պարսելոնայի եւ Մատրիտի միջեւ քաղաքական ճգնաժամի հանգուցալուծումը գտնուի բացառապէս խաղաղ միջոցներով եւ երկխօսութեան ճամբով:

Այս առնչութեամբ անհրաժեշտ է յիշեցնել, որ Ազրպէյճանի հրաժարիլը` ճանչնալ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, եւ պաշտօնական Պաքուի կողմէ քաղաքական հարցերու լուծման համար ուժային մեթոտներու կիրարկումը ղարաբաղեան տագնապը տեղափոխեցին զինուորական հարթութիւն:

«Անհերքելի է Քաթալոնիոյ ժողովուրդի` իր քաղաքական կարգավիճակը ժողովրդավարական կամքի արտայայտութեան միջոցով ինքնուրոյն որոշելու իրաւունքը», կը նշէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Արցախը կ՛ողջունէ որեւէ ժողովուրդի ինքնորոշումը եւ յոյս ունի, որ Քաթալոնիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակը  խաղաղ լուծում կ՛ունենայ: Այս մասին «Ռիա Նովոսթի»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան:

«Մենք կ՛ողջունենք որեւէ ժողովուրդի ինքնորոշումը, սակայն կը կարծենք, որ ամէն ինչ պէտք է խաղաղ ճամբով կատարուի: Մենք դէմ ենք արիւնահեղութեան, քանի որ մենք ալ անցած ենք անկէ եւ գիտենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ատիկա: Սակայն այն, որ որեւէ ժողովուրդ ինքնորոշման իրաւունք ունի եւ պէտք է օգտուի ատկէ, եթէ ցանկութիւնը ունի, միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքն է», նշած է Բաբայեան:

Անոր համաձայն, ստեղծուած իրավիճակէն կրնայ երեք ելք ըլլալ` Մատրիտը ճանչնայ Քաթալոնիոյ ժողովուրդին  կամքի արտայայտութիւնը, աշխատի ուժի ճամբով թոյլ չտալ ատիկա, սպանական պետութիւնը վերածուի դաշնակցային պետութեան կամ համադաշնակցութեան: «Քաթալոնիան եւ Սպանիան շատ ընդհանուր բան ունին` լեզուն, մշակոյթը, պատմութիւնը: Ասիկա Ազրպէյճանի եւ Արցախի դէպքը չէ: Ամէն պարագայի` ուժային գործողութիւնները պիտի յանգեցնեն անկանխատեսելի հետեւանքներու», ըսած է Արցախի նախագահի մամլոյ բանբերը:

Բաբայեան ըսած է, որ Արցախի, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհի մէջ, ուշադիր կը հետեւին Քաթալոնիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին:

Առաջ Եւ Ապա

0

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Ընդգծելու սովորութիւնը սիրած եմ յատկանշական տողերու:

Ինչպէս գրեթէ ամէն ինչ իր դրական եւ բացասական կողմերը ունի, այս ալ անկէ դուրս չի մնար, քանի որ տուեալ վիճակներու մէջ յատկանշականը ա՛յլ կրնայ ըլլալ տարբեր պարագաներու առթիւ. Հուսկ՝ սիրած եմ գիրքին կրկնօրինակը ունենալ մէկը ընդգծելու, իսկ միւսը՝ թողելու կոյս: Իսկ եթէ չ՛ունենամ կրկնօրինակը, այդ պարագային գործածած՝ գոյնզգոյն մատիտներ զատորոշելու համար:

Ընդգծած տողերէս մին է  հետեւեալն է.

Պօղոս Առաքեալ նամակներէն մէկուն մէջ կը գրէ.- «Լացողներուն հետ լացէք, խնդացողներուն հետ խնդացէք»: Պահ մը մտածեցի եւ զարմացայ, թէ նման պարզ միտք մը ինչպէս Առաքեալը գրած կրնայ ըլլալ, իբրեւ յորդոր իր նամակներով: Այս՝ առաջ էր. շրջան մը ետք, մտածումներուս խորքէն անդրադարձայ, թէ զարմանալու չէի։ Մարդկային հաւաքականութեան հետ շփում ունենալս ալ օգնեց՝ ի հարկէ, որ արժեւորեմ խորքը ըսուածին:

            Մարդկային փոխ – յարաբերութեան մէջ ընդհարումներու գլխաւոր պատճառներէն մէկը՝ նախանձն է. Ինչո՞ւ ինք, եւ ոչ թէ ես. միթէ՞ այդքան առաւելութիւններով օժտուած է՝ ան, քան՝ ես, ու լարուածութիւնը կը սկսի, նախ՝ ներքին, ապա՝ ուռճանալով ու աճելով կը  տանի արտաքին հարթակի վրայ, անկէ՝ երկփեղկումի, անջատումի, ի վնաս միութեան եւ ամբողջականութեան. Եթէ դրացիութիւն՝ ի վնաս բարի դրացիութեան, եթէ միութիւն՝ ի վնաս միութեան եւ շարքը երկար է: Ուրեմն, եթէ յաջողակին հետ ուրախանայինք, պիտի շահէր ընդհանուրը եւ հեռու պիտի մնայինք երկփեղկումէ եւ այլ տհաճ երեւոյթներէ: Հաղորդական պիտի ըլլայինք հակառակ պարագային եւս. Ցաւողին հետ պիտի ցաւակցէինք ու այսպիսով մէկ մարմինի իրականութիւն մը պիտի գոյանար. Ինք, ի հարկէ՝ եկեղեցին նկատի ունի, սակայն եկեղեցին ալ հաւաքականութեան օրինակ կրնայ ըլլալ: Մէկ մարմինի պատկերացումի պարագային:

Սակայն սոյն յորդորը՝ հաւաքականութեան վերաբերեալ, մարդկային բնազդին հետ համաձայն ըլլալով հանդերձ ետ կը մնայ ԱՆՁՆԱԿԱՆԷՆ. Նախանձը չի կրնար ըլլալ առաջնորդող.  Այլապէս Առաքեալը յորդորելու պէտքը պիտի չզգար: Այս՝ իր ժամանակին։ Անցեր է երկու հազար տարի այդ օրէն, իսկ անձնապաշտութիւնը դարձած է գլխաւոր նպատակ: Նայինք մեր շուրջը, եւ ահա ամենուր մրցակցութիւն՝  զինուորական, մարզական, մշակութային եւ այլն, հեռուստատեսիլներու եւ փողոցներու գովազդները ուրիշ բան չեն վկայեր:  Ուրեմն՝ ի զուր են նման գրութիւններ…

            Ինչ – ինչ յորդորներ հազարաւոր տարիներէ կը հնչեն, որոնք եղանակի նման կու գան ու կ՛երթան:            

            Մերթ Գարունով ծաղկաբոյր,

            Մերթ Ամառով հրառկայծ,

            Մերթ Աշունով դեղնաւուն,

            Մերթ Ձմեռով ձիւնածածկ:

            Մարդը կը մնայ՝ ՆՈՅՆԸ:

President of Artsakh holds consultation with participation of leadership of parliamentary standing committees

0

President of the Republic of Artsakh Bako Sahakyan on November 1 held a consultation with the participation of the leadership of parliamentary standing committees, press service of the Artsakh Presidential Office told Armenpress.

A number of issues relating to the mutual cooperation of legislative and executive power branches, as well as the 2018 state budgeting were discussed.

President Sahakyan highlighted the importance of continuously enhancing the efficiency of cooperation between the power wings, adding that he expects interactive and working atmosphere of budget discussions. 

The consultation was attended by Parliament Speaker Ashot Ghoulyan, as well as other officials.