Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

Միացեալ Հահանգներու եւ Հայաստանի Միջեւ Ապրանքաշրջանառութիւնը Աճած է 35 Տոկոսով

0

Նոյեմբեր 1-ին Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը` գործակցելով ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան եւ «էյչ-էս-պի-սի պանք Հայաստան»-ի հետ, կազմակերպած էր գործարար համաժողով նուիրուած գիւղատնտեսութեան: Նպատակը՝ ոլորտի հայկական ընկերութիւններուն ամերիկեան յայտնի «Ուոլմընթ» եւ «Մոնսանթօ» ընկերութիւններու փորձի, ապրանքներու ու արհեսատագիտութիւններու ներկայացումն էր ու կապերու ձեւաւորումը:

«Գիւղատնտեսութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան կարեւորագոյն ճիւղերէն մէկն է: Անիկա կ՛ապահովէ Հայաստանի ՀՆԱ-ի 19.6 տոկոսը եւ հայաստանեան աշխատուժի 36.2 տոկոս զբաղուածութիւնը: Միացեալ Նահանգներ կը ջանայ բարելաւել մեր երկու երկիրներու առեւտրական հնարաւորութիւնները եւ խորացնել առեւտրա-ներդրումային յարաբերութիւնները: Ուրախութեամբ կրնանք տեղեկացնել, որ այս տարուան առաջին 8 ամիսներուն Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը, ըստ ԱՄՆ վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն, աճած է 35 տոկոսով», — բացման խօսքին մէջ ըսած է ԱՄՆ գործերու հաւատարմատար Ռաֆիք Մանսուր:

Ամերիկեան երկու ընկերութիւններ`  «Ուոլմընթ»ը եւ «Մոնսանթօ»ն գործուղած էին ներկայացուցիչներ, որոնք այս համաժողովի ընթացքին ներկայացուցին իրենց ընկերութիւններու ապրանքները եւ ուսումնասիրեցին Հայաստանի մէջ առկայ գործարար հնարաւորութիւնները: Այս մէկօրեայ համաժողովին զեկուցումներով հանդէս եկան նաեւ «Էյչ-էս-պի-սի Պանք Հայաստան»-ի, Միջազգային ֆինանսական ընկերութեան, Գիւղատենտեսութեան ու գիւղի զարգացման «Քարտ» կեդրոնի եւ ՀՀ կառավարութեան ներկայացուցիչները:

Ռուսիան Հայաստանին Պիտի Մատակարարէ Ռազմական Նոր Սարքեր. Սերժ Սարգսեան

0

Օրերս Ռուսիա Հայաստանին պիտի մատակարարէ զէնքի խմբաքանակ` գործող պայմանագրի ծիրէն ներս: Իսկ 100 միլիոն տոլարի նոր, արդէն ստորագրուած վարկային համաձայնագրի իրականացումը պիտի սկսի, երբ բոլոր միջպետական մակարդակներու վրայ հաստատուի: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ, այդ մասին «Ռիա նովոսթի»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան.

«Մինչեւ այս տարուան վերջ մենք պիտի իրականացնենք դեռ նախորդ պայմանագիրը: Օրերս մենք կը սպասենք նոր մատակարարումներու եւ մինչեւ տարուան վերջը մենք պիտի փակենք նախորդ պայմանագրի հետ կապուած բոլոր հարցերը»,- ըսած է Սերժ Սարգսեան:

«Մենք արդէն Երեւանի մէջ ստորագրած ենք նոր պայմանագիր, անիկա պէտք է անցնի բոլոր ռուսական եւ հայկական ատեանները, այնուհետեւ` վաւերացման ընթացակարգը, իսկ արդէն ատկէ ետք մենք պիտի սկսինք աշխատանքի ռուսական կողմէն համապատասխան արտադրողներու հետ այդ ծրագրի իրականացման համար: Ատիկա, ցաւօք, այդքան արագ չ՛ըլլար»,- աւելցուցած է Հայաստանի նախագահը:

2015-ի Յունիսին ստորագրուած է Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանին 200 միլիոն տոլարի պետական վարկ տրամադրելու մասին համաձայնագիր` ռուսական արտադրութեան ռազմական արտադրանք ձեռք բերելու: Նոր համաձայնագրի նախագիծին համաձայն, որուն Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է 2017-ի Հոկտեմբեր 12-ին, Ռուսիան հայկական կողմին պիտի տրամադրէ 100 միլիոն տոլարի պետական արտահանման վարկ ռուսական արտադրութեան ռազմական նշանակութեան արտադրանքներու մատակարարումները ֆինանսաւորելու համար:

Համաձայնագրի նախագիծին մէջ կը նշուի, որ վարկը կը տրամադրուի 15 տարի մարման ժամկէտով, տարեկան 3 տոկոս տոկոսադրոյքով: Հայաստանը պէտք է օգտուի վարկային միջոցներէն 2018-2022 թուականներուն:

Մեծամօրի Հիւլէակայանը Առնուազն Մինչեւ 2027-ը Պիտի Գործէ․ Սերժ Սարգսեան

0

Եւրոմիութեան հետ համաձայնագրին մէջ Մեծամօրի հիւլէակայանի փակման հետ առնչուած որեւէ կէտ չկայ: Այս մասին յայտարարած է նախագահ Սերժ Սարգսեան «Ռիա նովոսթի» գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին:

Նախագահը այս ձեւով պատասխանած է լրագրողին այն հարցումին թէ Եւրոմիութեան հետ համաձայնագրին մէջ Մեծամօրի հիւլէակայանի փակման հետ առնչուած ինչ, որ բան կայ:

«Այդ քննարկումները արհեստականօրէն կը շրջանառուին եւ իրականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունին:  Եւրոմիութեան հետ համաձայնագրի նախագիծին մէջ այս պարբերութիւնը ձեւակերպուած է լռելեայն (նկատի ունենալով Մեծամօրի շահագործման առարկայական ժամկէտը): 2014-ին Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած է հիւլէակայանի շահագործման ժամկէտը երկարաձգել: Կայանի շահագործման  ժամկէտի երկարաձգման ֆինանսաւորումը պիտի իրականացուի ռուսական պետական արտահանման` 270 միլիոն տոլար վարկի եւ 30 միլիոն տոլար դրամաշնորհի հաշուին: Ներկայիս «Ռոսաթոմ» պետական ընկերութեան հետ կը շարունակուին աշխատանքները հիւլէակայանի երկրորդ պլոքի շահագործման ժամկէտը երկարացնելու ուղղութեամբ: Կարեւոր է  նշել, որ  հիւլէակայանը կը գործէ Մագատ-ի չափանիշներուն համապատասխան եւ ատիկա միջազգային մասնագիտացուած գործակալութիւններու եզրակացութիւնն է: Միջոցներ կը  ձեռնարկուին  ծրագրի եւ գործառնական անվտանգութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ արդիականացման ուղղութեամբ:  Այնպէս որ, Մեծամօրը առնուազն մինչեւ 2027-ը պիտի գործէ: Մենք կը հաւատանք, որ մեր անվտանգութեան համար, առաջին հերթին ուժանիւթը, հիւլէական ուժանիւթը պէտք է միշտ առկայ ըլլայ Հայաստանի մէջ»:

Այն հարցին, թէ արդեօք կարելի՛ է Նոյեմբերին՝ Եւրոմիութեան հետ համաձայնագրի կնքումէն ետք, անոր փակման մասին խօսք ըլլայ, ՀՀ նախագահը պատասխանած է. «Ո՛չ , համաձայնագրի մէջ նման կէտ չկայ»:

Լուրերի Խճողում

0

*ՌՈՒԲԻՆԱ ՄԱՀՏԵՍԻ ՕՀԱՆԵԱՆ*

Այսօր բազմաթիւ լուրեր կային: Նիւ Եորքի ահաբեկչական գործողութիւնը, Գոնկրէսի յանձնաժողովի լսումները՝ Ֆէյսպուքի, ԿուԿըլի եւ Թուիթըրի իրաւական հարցերով՝ պատասխանատուներու ներկայութեամբ, Պաքու-Թիֆլիս- Կարս երկաթուղագիծի շահարկման յանձնելը ու մի քանի կարեւոր հարցեր Հայաստանի մէջ:

ԱՄՆ-ի այսօրուան լուրերէն գլխաւորը Նիւ Եորքի ահաբեկչութիւնն էր: Հաւանաբար արդէն գիտէք: Ինծի կը հետաքրքրէր յատկապէս Գոնկրէսի լսումները, որուն մասին մինչեւ հիմա քիչ բան հրատարակուած է: Բայց այդ քիչը կարդալով՝ նկատեցի, որ արծարծուած հարցը ոչ այնքան Ռուսաստանի միջամտութեան հարցն էր՝ ԱՄՆ-ի վերջին նախագահական ընտրութիւններու քարոզարշաւին, այլ ընկերային համացանցը վերահսկելու մեքանիզմի հարցը:

Ծերակուտականի անդամներէն մէկը պարզապէս նշեց, որ ընկերային ցանցերը « կը վախեցնեն ինծի»: Այո՛, շատերը կը վախնան: Հարցերուն գլխաւորը՝  ՀԻՄԱ ընկերային ցանցերը հսկելն է: Այդ հանդիպումին նաեւ քննարկուած  է խօսքի ազատութեան հարցը եւ այն, որ հսկողութեան մեքանիզմները զօրացնելով ՝արդեօք չի՞ խախտուիր խօսքի ազատութիւնըն առհասարակ:

Ֆէյսպուքի իրաւական հարցերով պատասխանատուն նշած է, որ իրենք մինչեւ 2018 թուականի վերջը աշխատանքի կը հրաւիրեն մօտ 20,000 հոգի ՝  ընկերային ցանցով տարածուող նիւթերու աղբիւրները յայտնաբերելու համար (մէկ խօսքով՝ ապահովական նկատառումներով): Այդ թիւը նախատեսուած թիւին կրկնակին է:

***

Հասարակական ու քաղաքական զարգացումները շատ արագ են եւ ինծի համար շատ հետաքրքրական: Բան մըն ալ ըսեմ կողմնակի: Այսօր ընկերուհիներուս հետ կը խօսէի տարբեր հարցերու մասին: Հայրենիքի մէջ, թէ այլուր, շատ մը հարցեր լուծումի կը կարօտին: Երկար ժամանակ փորձուած բանին դարձեալ առիթ տալը մեծ սխալ եւ ժամավաճառութիւն է: Ասպարէզը պէտք է զիջիլ ուսեալներուն, նորերուն, յանձնառուներուն եւ սրտցաւ գործիչներուն:

Մէկ հոգի ակնարկեց՝ ենթադրենք, որ պետական կամ այլ պատասխանատու գործիչներէն ոմանք լաւ չեն աշխատած, բայց, ա՜խ, ո՞վ կայ անոնց փոխարինող:  Ուրիշ մը պատասխանեց իրեն, որ, այո՛, մեր շրջապատին մէջ, հաւանաբար անոնց փոխարինող չկայ: Ես ալ աւելացուցի, որ այս մտածելակերպը փոփոխութիւններէ վախցող, ծերացած, քարացած միտքով եւ սպառուած մարդու մտածելակերպ է, ու ճիշդ այս պատճառով պէտք է ասպարէզը տալ նորերուն:

Աշխարհը գոյութիւն ունեցած է մեր ծնունդէն առաջ, պիտի գոյութիւն ունենայ իր ներկայի  դերակատարներով ու մեզմէ վերջ ալ: ՈՉ ՈՔ յաւիտեան կեանք ունի, եւ ոչ ոքի իշխանութիւնը  յաւիտենական է: Եւ որքա՜ն ճիշդ ու հպարտառիթ կ՛ըլլայ, եթէ հինը գիտակցի այս, եւ առանց աւելորդ ջղաձգութիւններու ու խնդիրներու՝ առիթը տան, որ հրապարակ իջնեն դարին համապատասխան նորերը:

 

 

Մեսրոպեանի Աշակերտներ Պարգեւատրուեցան Պաքալորէայի Քննութիւններուն Յիշատակութեամբ Յաջողելնուն Համար

0

Շաբաթ, 27 Հոկտեմբեր 2017-ին, Պուրճ Համուտի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան աւանդական ձեռնարկը, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցան անցած տարեշրջանի Բ. Պաքալորէայի քննութիւններուն՝ յիշատակութեամբ յաջողած հայկական դպրոցներու աշակերտները: Պարգեւատրուողներու շարքին էին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի՝ անցնող տարեշրջանէն 7 աւարտականներ:

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ընդհանուր Գիտութիւններու բաժինին մէջ Շարպէլ Ապէթեան «շատ լաւ» արժեւորումով լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ առաջինը հանդիսացած է:Պատուոյ յիշատակութեան արժանացան Էլի Ապէթեան Ընդհանուր Գիտութիւններու բաժինէն, Ազնիւ Փոլատեան, Արմիկ Հեքիմեան, Քրիսթին Քէհէեան եւ Մարիա Եմենեան Գրականութեան բաժինէն, իսկ Հայկ Թապագեան պարգեւատրուեցաւ Մեսրոպեանի մէջ հայերէնի մէջ իր արձանագրած բարձրագոյն նիշին համար:

Հանդիսութեան ներկայ էր Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ՝ հայկական վարժարաններու կրթական պատասխանատուներու եւ տնօրէններու շարքին: Օրուան բանախօսը՝ Տոքթ. Լեւոն Աւետանեան, ընդգծեց, որ աշակերտներու յաջողութեան մէջ դերակատար են իրենք՝ իրենց աշխատասիրութեամբ, իսկ ծնողները, ուսուցիչները եւ դպրոցական պատասխանատուները՝ իրենց պարտականութիւններու լաւապէս կատարմամբ: Ան յորդորեց աշակերտները հետեւողական ջանասիրութեամբ շարունակել իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը ՝չմոռնալով հաւաքականութեան հանդէպ իրենց պարտաւորութիւնները:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

 

 

«Անհրաժեշտ Է Միջին Արեւելքի Կրօնական Ու Մշակութային Բազմազանութիւնը Պահել»

0

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Յունաստանի կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած Աթէնքի երկրորդ միջազգային համագումարին իր արտասանած խօսքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց Միջին Արեւելքի կեանքին ու պատմութեան իւրայատուկ երեւոյթը կազմող ցեղային, կրօնական ու մշակութային բազմազանութիւնը պահելու հրամայականը։ Մեկնելով այս շեշտաւորումէն եւ անդրադառնալով Միջին Արեւելքի դիմագրաւած ներկայ տագնապներուն, Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը ամփոփեց հետեւեալ չորս կէտերուն մէջ.-

  1. Կեանքը աստուածատուր իրականութիւն մըն է։ Մարդը կոչուած է պահելու ու պաշտպանելու կեանքը. հետեւաբար, ոեւէ մէկ արարք կեանքը ապականելու ձգտող մեղանչում մըն է Աստուծոյ նկատմամբ։ Այս է ուսուցումը միաստուածեան երեք կրօններուն։
  2. Բազմազանութիւնը Աստուծոյ ստեղծագործութեան իւրայատուկ երեսներէն մէկն է. ան հարստացուցիչ երեւոյթ է։ Հետեւաբար Միջին Արեւելքի կրօնական, մշակութային ու ցեղային բազմազանութիւնը պահելն ու զարգացնելը բոլորին հիմնական մտահոգութիւնը պէտք է դառնայ։
  3. Ծայրայեղութիւնը մերժելի երեւոյթ մըն է բոլոր կրօններուն կողմէ։ Ոեւէ կրօնք իրաւունք չունի իր արժէքներն ու ուսուցումները պարտադրելու։ Արժէքներու ու աւանդութիւններու գոյակցութիւնը հիմքն է ազգերու համակեցութեան։
  4. Խաղաղութիւնը աստուածատուր իրաւունք է, սակայն ճշմարիտ ու մնայուն խաղաղութիւնը հիմնուած է արդարութեան վրայ։

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան եւ յիշեց, որ կրօնական ծայրայեղութիւնը, արտաքին ոյժերու միջամտութիւնը, ժողովրդավարութեան ու մարդկային իրաւանց անտեսումը այլազան տագնապներ յառաջացուցած է շրջանէն ներս՝ հարցականի տակ առնելով մշակոյթներու ու կրօններու համակեցութիւնը։ Միջին Արեւելքը լուրջ վտանգներու կրնայ ենթարկուիլ, երբ իր ինքնութեան անբաժան մասը կազմող բազմազանութիւնը վտանգուի՝ յիշեցուց Նորին Սրբութիւնը եւ կոչ ուղղեց, որ երեք միաստուածեան կրօններու առաջնորդները քաղաքական ղեկավարներու հետ միասնաբար դիմեն այնպիսի քայլերու, որոնցմով կարելի ըլլայ պահպանել Միջին Արեւելքի բազմազանութիւնը։

Յայտնենք, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողքին համագումարին ներկայ եղան Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Պօղոս Չոլաքեան։ Համագումարին նաեւ կը մասնակցէր որպէս Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց պետութեան պատուիրակութեան անդամ՝ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան։

Համագումարին բացումը կատարեց Յունաստանի Նախագահը, ապա ժողովին ատենապետութիւնը ստանձնեց Արտաքին Գործոց նախարարը։ Ներկայ էին աւելի քան 200 ներկայացուցիչներ՝ պետական, դիւանագիտական, կրօնական եւ միաստուածեան երեք կրօնները ներկայացնող հոգեւոր ղեկավարներ։

Յիշեցնենք, որ Ուրբաթ, 27 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Աթէնք եւ օդակայանին մէջ արժանացաւ պաշտօնական ընդունելութեան։ Վեհափառ Հայրապետին բարի գալուստի եկած էին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Ֆատէյ Չարչողլեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Պօղոս Չոլաքեան, պետութեան ներկայացուցիչը, Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ, քահանայ հայրեր եւ ազգայիններ։

Ապա Նորին Սրբութիւնը այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցաւ դեսպանին ու իր աշխատակազմին հետ։ Դեսպանը բարի գալուստ մաղթելով Նորին Սրբութեան՝ անդրադարձաւ իր կատարած կարեւոր դերին ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման ու ազգային իրաւունքներու հետապնդման։ Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ դարձեալ կը գտնուի հայկական հողի վրայ։ Ան շեշտեց Հայաստանի կողքին ըլլալու Սփիւռքին պարտաւորութիւնը եւ ողջունեց դեսպանատան եւ Յունաստանի հայութեան գործակցութիւնը ու զայն աւելի ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը։

Նոյն օրը երեկոյեան, Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային Վարչութեան հետ՝ առաջնորդ սրբազանին գլխաւորութեամբ։ Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու նորընտիր Ազգային Վարչութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ թեմը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն։ Ապա, իր իջեւանած պանդոկին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց ՀՅԴ-ի Կեդրոնական Կոմիտէն։ Հանդիպումի ընթացքին ընդհանուր անդրադարձ կատարուեցաւ յատկապէս պետութեան ու քաղաքական շրջանակներէն ներս գաղութին ունեցած յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայ դատի գծով կատարուող աշխատանքներուն։

Ապա Հայրապետին այցելեց Յունաստանի ընդդիմադիր կուսակցութեան պետը եւ առաջնորդ սրբազանին ու Ազգային Վարչութեան ատենապետին ներկայութեան հանդիպում ունեցաւ Նորին Սրբութեան հետ։ Քննարկումները ընդհանրապէս կեդրոնացան Եւրոպայի ու Միջին Արեւելքի դիմագրաւող հարցերուն շուրջ։ Իսկ աւելի ուշ, Ազգային Վարչութիւնը ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին։

Դարձեալ յիշեցնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը Յունաստան իր կեցութեան ընթացքին, Կիրակի, 29 Հոկտեմբեր 2017-ին, Աթէնքի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, պատգամ մը ուղղեց ժողովուրդին՝ յատկապէս շեշտելով եկեղեցին ժողովրդանուէր ծառայութեան վերածելու հրամայականը։

Իր հայրապետական պատգամին սկիզբը, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Յունաստանի Հայոց Թեմի նորընտիր առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանին ընտրութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ սրբազանը իր ունեցած փորձառութիւնը, ուսումը ու հոգեմտաւոր կազմաւորումը ի սպաս պիտի դնէ ծառայութեան ճամբով Յունաստանի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն։

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ողջունեց նորընտիր Ազգային Վարչութիւնը եւ թելադրեց, որ առաջնորդ սրբազանին ու թեմի այլ կառոյցներուն հետ գործակցաբար աշխատին թեմին առաւել բարգաւաճման համար։

Ապա Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Քրիստոսի առաքելութեան ըսաւ, որ Քրիստոս ինքզինք ըմբռնեց որպէս ծառայ եւ իր առաքելութիւնը՝ որպէս ծառայութիւն։ Այս յանձնառութեամբ Աստուծոյ Որդին իր երկրաւոր առաքելութիւնը իրագործեց Նազարէթէն սկսեալ մինչեւ Գողգոթա։ Իր երկրաւոր առաքելութեան աւարտին Քրիստոս թելադրեց իր աշակերտներուն ծառայելու մարդոց։ Այս է եկեղեցւոյ գոյութեան նպատակը ու առաքելութեան իմաստը։ Այլ խօսքով, եկեղեցին իր հարազատ էութիւնը կը ստանայ ծառայելո՛վ։ Ծառայութիւնն է նաեւ եկեղեցւոյ հեղինակութեան աղբիւրը, շեշտեց Նորին Սրբութիւնը

Խօսելով Հայ Եկեղեցւոյ մասին, Հայրապետը ըսաւ, որ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս, մեր եկեղեցին կոչուած է ծառայելու մեր ժողովուրդին, հոգալու մեր ժողովուրդի զաւակներուն կարիքները՝ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, բաժնելու մեր ժողովուրդին մտահոգութիւններն ու ցաւերը, գործնապէս դառնալով ժողովուրդի՛ն եկեղեցին. հետեւաբար, Հայ Եկեղեցին իր հեղինակութիւնը կը կերտէ ծառայութեամբ՝ ինչպէս Քրիստոս ըրաւ։ Ինչպէս մեր բոլոր գաղութներէն ներս, Յունաստանի մէջ եւս, մեր եկեղեցին կոչուած է ծառայելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեցուց, որ մեր ժողովուրդին նուիրումով ծառայելու կոչուած հոգեւորականներ կը պատրաստուին Անթիլիասի Դպրեվանքին մէջ։ Հոն կը լեցուին մեր պատմութեան շունչով ու ոգիով, մեր աւանդութիւններով, արժէքներով, հայրենիքին ու ազգին համար պայքարելու ու նոյնիսկ զոհուելու գիտակցութեամբ. ուր որ մեր միաբանները կը ծառայեն միայն պատիւ կը բերեն մեր եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, որովհետեւ անոնք կը ծառայեն նուիրումով, հաւատարմութեամբ, մեր ժողովուրդի ծառայութիւնը միայն նկատելով իրենց կեանքին ճանապարհը։ Հոս, ձեր թեմէն ներս, առաջնորդ սրբազանին շուրջ ունիք միաբաններ, որոնք ծառայական նոյն ոգիով իրենց կարելին կ՚ընեն օգտական հանդիսանալու թեմի բազմազան ու այլազան կարիքներուն, նշեց Վեհափառ Հայրապետը։

Իր խօսքի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց թեմէն ներս գործող բոլոր կառոյցները, մարմինները եւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները, եւ կոչ ուղղեց միասնական ոգիով Հայաստանին ու Արցախին գործնապէս զօրակցելու յանձնառութեամբ ապրիլ ու գործել։

Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ապա Ազգային Վարչութիւնը պաշտօնական ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին։

Ճաշկերոյթին ներկայ էին Յունաստանի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին ներկայացուցիչները, Առաջնորդ Սրբազանին կողքին ներկայ էին նաեւ ազգային մարմիններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչները՝ Աթէնքէն, Սելանիկէ եւ այլ շրջաններէն։

Յաջորդաբար խօսք առին Ազգային Վարութեան ատենապետ՝ Պօղոս Չոլաքեանը, հայ աւետարանական համայնքի վերապետուելի՝ Վիգէն Չոլաքեան, Կեդրոնական Կոմիտէի հերթապահ՝ Քերոբ Էքիզեան, Յունաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետին ներկայացուցիչը, Առաջնորդ Սրբազան հայրը եւ աւարտին Վեհափառ Հայրապետը։ Բոլոր խօսք առնողները շեշտեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կատարած ծառայութիւնը Յունաստանի գաղութէն ներս, ինչպէս նաեւ հայ ու յոյն եկեղեցիներու դարաւոր պատմութիւնը։

Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր փակման խօսքին մէջ նախ ողջունեց յոյն եկեղեցւոյ պատրիարքին ներկայացուցիչները՝ յիշելով, որ մեր երկու եկեղեցիներուն ու ժողովուրդներուն դարաւոր բարեկամութիւնը անհրաժեշտ է աւելի ամրացնել։ Խօսելով յունահայ թեմին մասին, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ ներդաշնակ գործակցութեան կարեւորութեան համայնքէն ներս գործող բոլոր կառոյցներուն միջեւ։

Ճաշկերոյթը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» քայլերգով եւ «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգով։

 

Խմբագրատանս Մէջ Հայրենիքի Զբօսաշրջութեան Զարգացման Ի Խնդիր, Օրն Ի Բուն Պատնէշի Վրայ Երկու Սիրելի Անձնաւորութիւններու Հետ

0

Պետական պատուիրակութեամբ մը Լիբանան գտնուող Հայաստանի Զբօսաշրջութեան Պետական Կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեան եւ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան Զարգացման Հիմնադրամի տնօրէն Արա Խզմալեան «Զարթօնք»-ի խմբագրատուն իրենց այցելութեամբ պատուեցին մեզի: Իրենց կ՛ընկերակցէր ընկ. Միքայէլ Վայէճեան:

Մտերմիկ հանդիպումը առիթ մըն էր՝ արծարծելու Հայրենիքի զբօսաշրջութեան զարգացման հետ կապուած կարեւոր հարցեր:

«Ես կը կարծեմ Հայրենի պետութեան կողմէ Զբօսաշրջութեան Պետական Կոմիտէի ստեղծումը մեծ քայլ էր, որովհետև մինչ այդ կար միայն զբօսաշրջութեան բաժին, տնտեսութեան զագացման և ներդրումներ նախարարութեան կազմի մէջ, բայց հիմա այն դարձաւ կոմիտէ, որ մէկ քայլ արդէն վեր է: Հակառակ այն իրողութեան, որ նոյնպէս կը գտնուինք տնտեսութեան զարգացման և ներդրումներու նախարարութեան մէջ, բայց ինքը պետական կոմիտէ է այլեւս, մակարդակը աւելի բարձր է, լիազօրութիւնները աւելի բարձր են և պարտականութիւնները աւելի շատ են քան նախկինին»,- մեզի յայտնեց տիկին Զարմինէ Զէյթունցեան:  

Մեր հարցումին, թէ ի՛նչ է կոմիտէութեան աշխատանքային դաշտը այսօր, տիկին Զէյթունցեան ազնուութեամբ պատասխանեց.  «Քանի որ մեր գործը աւելի քաղաքական պետական գործ է, մենք կ՛աշխատինք ռազմավարութիւն մշակել, միջազգային կազմակերպութիւններու հետ աշխատիլ, զբօսաշրջութեան բոլոր կազմակերպութիւններուն ներգրաւել, օրէնքներ գրել»:

Պրն. Արա Խզմալեան իր կարգին յայտնեց, որ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան Զարգացման հիմնադրամը արդէն քանի մը ամիս է ստեղծուած է.  «Այնտեղ արդէն կ՛աշխատին մարքեթինկի ու հանրային կապերու (PR) մասնագէտներ»,- աւելցուց ան:  

«Այսինքն՝ ծրագիրը միասին կը մշակենք,  իրենք կը հաստատեն, որովհետև իրենց ոլորտին աւելի ծանօթ են և փորձառու։ Ապա Վարչապետի ու կառավարութեան կողմէ կը ստանանք ուղղութիւնները  և  այս ամէնը միաւորելով՝ մենք ռազմավարութիւն կը մշակենք, յետոյ այդ ռազմավարութիւնը կ՛իրականացնէ հիմնադրամը»,- պարզաբանեց տիկին Զէյթունցեան:

«Մենք գտնուելով նախարարութեան համակարգին մէջ՝   յաճախ կ՛օգտագործենք նախարարութեան ուժաղբիւրները: Ինքը՝ վերջերս Հայաստանի մէջ մեծ մրցանիշ արձանագրող զբօսաշրջութիւնը կ՛արտայայտէ: Մենք շատ ներդրողներ ունինք, որ կու գան մեր քով հարցեր կու տան և մենք զանոնք կ՛ուղղորդենք»,- աւելցուց տիկին Զարմինէ Զէյթունցեան:

Ըստ մեր հիւրերուն՝ Լիբանանի Զբօսաշրջիկութեան նախարար Պրն. Աւետիս Գիտանեանի կազմակերպած գիտաժողովին քանի մը մեծ զբօսաշրջիկութեան մարզութեան աշխատողներուն անոնք ներկայացուցած են Հայաստանը,  խօսելով արկածային զբօսաշրջութենէն սկսած, մինչև հայրենիքի կենսոլորտային զբօսաշրջիկութեան մասին: Հայաստան ունի շատ հետաքրքիր թռչնադիտում, որ այսօր ամենայայտնի զբօսաշրջութեան ձեւերէն մէկն է, իր խտութեամբ Հայաստանը Եւորպայի ամենաշատ թռչնատեսակներ ունեցող երկիրներէն մէկն է: Անոնք ներկաներուն խօսած են նաև Ճանապարհորդական զբօսաշրջութեան մասին, բնապահպանական զբօսաշրջութեան, առողջապահական զբօսաշրջութիւն`յատկապէս ատամնաբոյժութեան եւ մարմնաբուժութեան մարզերէն ներս: Արծարծած են նաեւ ընկերութիւններու զբօսաշրջութեան մասին: «Մէկ խօսքով մեծ հնարաւորութիւն ունինք»,- հաստատեց տիկին Զէյթունցեան:

Գտնուելով խմբագրատան մը յարկին տակ՝ տիկին Զէյթունցեան յայտնեց իր ցանկութիւնը հրաւիրելու լրագրողներ որոշ երկիրներէ՝ որպէս զբօսաշրջիկներ և անոնց ծանօթացնելու Հայաստանը, որպէսզի անոնք  շրջին մեր երկրին մէջ ու գրեն անոր գեղեցկութեան ու կարելիութեան մասին:

Տիկին Զէյթունցեանի եւ Պրն. Խզմալեանի մեր խմբագրատունը այցելութիւնն ու իրենց հետ ունեցած մեր զրոյցը եւ ի տես իրենց եռանդին ու մղուածութեան, մեզի աւելի եւս ներշնչեց ու վստահեցուց, որ Հայրենիքի զարգացման ապագան աւելի քան յուսալից է եւ լաւ ձեռքերու մէջ:

«Խմբ.»

Խմբագրատանս Մէջ Հայրենիքի Զբօսաշրջութեան Զարգացման Ի Խնդիր, Օրն Ի Բուն Պատնէշի Վրայ Երկու Սիրելի Անձնաւորութիւններու Հետ

0

Պետական պատուիրակութեամբ մը Լիբանան գտնուող Հայաստանի Զբօսաշրջութեան Պետական Կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեան եւ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան Զարգացման Հիմնադրամի տնօրէն Արա Խզմալեան «Զարթօնք»-ի խմբագրատուն իրենց այցելութեամբ պատուեցին մեզի: Իրենց կ՛ընկերակցէր ընկ. Միքայէլ Վայէճեան:

Մտերմիկ հանդիպումը առիթ մըն էր՝ արծարծելու Հայրենիքի զբօսաշրջութեան զարգացման հետ կապուած կարեւոր հարցեր:

«Ես կը կարծեմ Հայրենի պետութեան կողմէ Զբօսաշրջութեան Պետական Կոմիտէի ստեղծումը մեծ քայլ էր, որովհետև մինչ այդ կար միայն զբօսաշրջութեան բաժին, տնտեսութեան զագացման և ներդրումներ նախարարութեան կազմի մէջ, բայց հիմա այն դարձաւ կոմիտէ, որ մէկ քայլ արդէն վեր է: Հակառակ այն իրողութեան, որ նոյնպէս կը գտնուինք տնտեսութեան զարգացման և ներդրումներոագործենք նախարարութեան ուժաղբիւրները: Ինքը՝ վերջերս Հայաստանի մէջ մեծ մրցանիշ արձանագրող զբօսաշրջութիւնը կ՛արտայայտէ: Մենք շատ ներդրողներ ունինք, որ կու գան մեր քով հարցեր կու տան և մենք զանոնք կ՛ուղղորդենք»,- աւելցուց տիկին Զարմինէ Զէյթունցեան:

Ըստ մեր հիւրերուն՝ Լիբանանի Զբօսաշրջիկութեան նախարար Պրն. Աւետիս Գիտանեանի կազմակերպած գիտաժողովին քանի մը մեծ զբօսաշրջիկութեան մարզութեան աշխատողներուն անոնք ներկայացուցած են Հայաստանը,  խօսելով արկածային զբօսաշրջութենէն սկսած, մինչև հայրենիքի կենսոլորտային զբօսաշրջիկութեան մասին: Հայաստան ունի շատ հետաքրքիր թռչնադիտում, որ այսօր ամենայայտնի զբօսաշրջութեան ձեւերէն մէկն է, իր խտութեամբ Հայաստանը Եւորպայի ամենաշատ թռչնատեսակներ ունեցող երկիրներէն մէկն է: Անոնք ներկաներուն խօսած են նաև Ճանապարհորդական զբօսաշրջութեան մասին, բնապահպանական զբօսաշրջութեան, առողջապահական զբօսաշրջութիւն`յատկապէս ատամնաբոյժութեան եւ մարմնաբուժութեան մարզերէն ներս: Արծարծած են նաեւ ընկերութիւններու զբօսաշրջութեան մասին: «Մէկ խօսքով մեծ հնարաւորութիւն ունինք»,- հաստատեց տիկին Զէյթունցեան:

Գտնուելով խմբագրատան մը յարկին տակ՝ տիկին Զէյթունցեան յայտնեց իր ցանկութիւնը հրաւիրելու լրագրողներ որոշ երկիրներէ՝ որպէս զբօսաշրջիկներ և անոնց ծանօթացնելու Հայաստանը, որպէսզի անոնք  շրջին մեր երկրին մէջ ու գրեն անոր գեղեցկութեան ու կարելիութեան մասին:

Տիկին Զէյթունցեանի եւ Պրն. Խզմալեանի մեր խմբագրատունը այցելութիւնն ու իրենց հետ ունեցած մեր զրոյցը եւ ի տես իրենց եռանդին ու մղուածութեան, մեզի աւելի եւս ներշնչեց ու վստահեցուց, որ Հայրենիքի զարգացման ապագան աւելի քան յուսալից է եւ լաւ ձեռքերու մէջ:

«Խմբ.»

 

Ալեքսանդր Յարութիւնեանի Սայաթ Նովա Օփերան Կը Բեմադրուի Լոնտոնի Մէջ

0

*ԱՍԱՏՈՒՐ ԿԻՒԶԵԼԵԱՆ*

Ուրբաթ եւ Շաբաթ 20-21 Հոկտեմբեր 2017ին, Լոնտոնի Questors թատերասրահին մէջ Լոնտոնի Հայկական Օփերան (ԼՀՕ) բեմադրեց Ալեքսանդր Յարութիւնեանի «Սայաթ Նովա» օփերան։

ԼՀՕ-ը կեանքի կոչուեցաւ հայ մշակոյթի, յատկապէս հայ երաժշտութեան տարածման  նուիրուած լոնտոնաբնակ երաժիշտ՝ Արիս Նադիրեանի կողմէ։ Համեմատաբար կարճ ժամանակուան ընթացքին, Նադիրեան կրցաւ իր շուրջ համախմբել երաժիշտներու, արուեստագէտներու եւ սիրողներու խումբ մը։ Ի գիտութիւն նշեմ, որ ԼՀՕ ցարդ Լոնտոնի մէջ բեմադրած է  «Անուշ», «Կարինէ», «Դաւիթ Բէկ», «Կրակէ Օղակ» եւ «Սայաթ Նովա» օփերաները։ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը բարձր գնահատելով Արիս Նադիրեանի կատարած աշխատանքը, անցեալ տարի զայն պարգեւատրեց «Կոմիտաս» շքանշանով։    

«ԱՅարութիւնեանի «Սայաթ Նովա» օփերան (կը գրէ յայտագրին մէջ բեմադրիչ Սեդա Ուայթպատուհան մը կը բանայ 18-րդ դարու համանուն հռչակաւոր աշուղի արտակարգ կեանքին վրայ։ Յիշեալ օփերային նիւթը քաղուած է Սայաթ Նովայի կեանքէն։ Յարութիւնեան,  արուեստագէտերուն վերապահուած իրաւունքով եւ գեղեցկօրէն հիւսուած երաժշտութեամբյաջողած է մեզ տանիլ դէպի աշուղին ապրած կեանքի կարեւոր հանգրուաններըԹիֆլիսի շուկաներըուր յղկուած է անոր արուեստըապա՝ այն ժամանակաշրջանը՝ երբ Սայաթ Նովան դարձած է Հերակլես ԲԹագաւորի պալատական աշուղը եւ սիրահարուած թագաւորի քրոջ՝ իշխանուհի Աննային վրայհուսկ՝ Հաղբադի վանքըուր իր կեանքի վերջին տարիները անցուցած էորպէս վանական։ Յարութիւնեան վարպետօրէն ընդելուզած է Սայաթ Նովայէն  եօթ երգեր իր օփերային մէջ եւ անոնցմով աղիւսած՝ իր ստեղծագործութեան կառոյցը«։

Բեմադրիչը կը նշէ նաեւ, որ իր նպատակը եղած է «Սայաթ Նովա» օփերային տալ աւելի ժամանակակից նկարագիր«։

Բեմադրութեան «ժամանակակից նկարագիր” տալու եւ կիսա-թատերական ձեւաւորմամբ (semi-stage format) ներկայացնելու որոշումն ունէր իր հասկնալի պատճառները։ 18-րդ դարու դէպքերուն եւ դէմքերուն նուիրուած օփերայի մը աւանդական հասկացողութեամբ ամբողջական  բեմադրութիւնը, մեծածախս նախաձեռնութիւն մըն էր, զոր ԼՀՕ-ը իր ֆինանսական սահմանափակ միջոցներով չէր կրնար իրականացնել։ Առնուած որոշումը արդարացնող կար  տրամաբանական ուրիշ բացատրութիւն մը եւս։Հանդիսատեսներուն մեծամասնութիւնը, Սայաթ Նովայի պարագային մանաւանդ,  թատրոն պիտի գար, գլխաւորաբար անոր երգերը լսելու համար։ Ես, որպէս ականատես եւ ականջալուր վկայ՝ կրնամ անվարան հաստատել որ յիշեալ առաջադրութեամբ թատրոն եկած հանդիսականները ներկայացումէն ստացան ակնկալուածէն աւելի մեծ գոհունակութիւն, երբ լսեցին սքանչելի մենակատարները, բոլորն ալ անուանի երգիչներ՝ որոնք մեծ վարպետութեամբ երգեցին հանճարեղ աշուղին

երգերը առանձին եւ նուագախումբի-երգչախումբի հետ համատեղ, անուանի խմբավար Լեվոն Բարիքյանի ղեկավարությամբ,  ստեղծելով երաժշտական առինքնող մթնոլորտ մը։ Ներկաները հիացախառն հուզումով ունկնդրեցին ՀՀ Ժողովրդական Արտիստ Պերճ Քազազեանի (Սայաթ Նովա), Անայիս Հեղոյեանի (Իշխանուհի Աննա), Արիս Նադիրեանի (Աշուղ եւ Իշխան) եւ Արշակ Քուզիկեանի (Պազարպաշի եւ Թագաւոր) մեծ վարպետութեամբ յագեցած բարձրորակ կատարումները։

Տաղանդաւոր պարաստեղծ-պարուսուց-պարուհի Շաքէ Մեճըր Չիլինկիրեան, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս արժանացաւ հանդիսատեսներու հիացումին, երբ՝ որպէս պալատական պարուհի, կատարեց իր ինքնատիպ հեզաճկուն մենապարը։

Նաթալիա Սուքիասի յօրինած եւ լուսարձակով պաստառի վրայ ցուցադրած զարդանկարներն ու գծանկարները մեծապէս տպաւորեցին հանդիսատեսը։

Բնական է, առանց վերոյիշյալ տաղանդաշատ երգիչներու եւ արուեստագէտներու նման բարձրորակ բեմադրութիւն մը անկարելի պիտի ըլլար ներկայացնել։ Չմոռանանք ուրեմն նշելու, որ այդ հաջողութեան մեջ կարեւոր բաժին ունէին նաեւ շատ ուրիշներ, յատկապէս ԼՀՕ-ի վարչութեան անդամները, իրենց ատենապետին, Դաւիթ Ստեփանի գլխավորութեամբ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ կամաւորներ, որոնց անխոնջ աշխատանքը արժանի է բարձր գնահատանքի։

Սրտանց կը շնորհաւորեմ ԼՀՕ, որ յաջողեցաւ արժանավայել բեմադրութեամբ  ներկայացնել մեծանուն կոմպոզիտոր Ալեքսանդր Յարութիւնեանի «Սայաթ Նովա»ն, արժանանալով բոլորի գնահատանքին, գրաւելով մանաւանդ՝ երաժշտութեան եւ բանաստեղծութեան սիրահարներու սրտերը։ Չմոռնանք՝ որ Սայաթ Նովան որքան մեծ է որպէս երաժիշտ, նոյնքան մեծ է նաեւ՝ որպէս բանաստեղծ։

Haigazian University: Award Winning Film Director Bared Maronian Brings “Women of 1915” to his Alma Mater

0

On Thursday, the 26th of October 2017, Haigazian University screened renowned Film Director, Haigazian University Alumnus, Bared Maronian’s long-awaited, highly acclaimed documentary movie, “Women of 1915”, to a diverse capacity audience composed of academicians, diplomats, journalists, community leaders, and students.

On this special occasion, University President, Rev. Dr. Paul Haidostian presented Maronian a trophy, in appreciation of his unwavering efforts in spreading the message of the Armenian Genocide, and highlighting the lives of honorable women of 1915. In his word, Haidostian also emphasized on the importance of shedding light on such stories, as genocides happened not only with Armenians, but with other nations and people too, and history is still repeating itself till our current days.

The program was introduced by the University’s Public Relations Director, Mira Yardemian, who shared with the audience the documentary’s main message; unveiling to the world the vital role Armenian women played in their respective communities during the Armenian Genocide, and the humanitarian efforts of American and European women who came to their aid and rescue. Among the women highlighted in the film are survivors, volunteers, and resisters, including survivor Aurora Mardiganian, American volunteer Mary Louise Graffam, first Armenian diplomat Diana Apkar, and Danish missionary Maria Jacobsen.

Bared Maronian is a four time Emmy Award winning American-Armenian documentary filmmaker, a 2016 Armin T. Wegner Humanitarian Award Laureate, and most recently the recipient of the eminent ANCA-Western Region Arts and Letters Award.

Founder of the Armenoid Team in 2006, Maronian primarily produces thematically Armenian documentary films for international distribution. His critically acclaimed documentary Orphans of the Genocide has been the longest continually aired Armenian-themed film in the history of television broadcasting in the USA, reaching over 100 million viewers.

After ninety minutes of total attention and fusion with the heart-touching stories, the mesmerized audience gave a well-deserved applause to Maronian, who enthusiastically was there to answer all their questions.

The event concluded with even more chats over an elegant reception and toasts.

Mira Yardemian
Public Relations Director