Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

Հարիրիի Հրաժարականէն Ետք Երկիրը Դէպի Ո՞ւր. Ուրուագծուող Չորս Սցենարներ (Scenario) Իրարմէ Անկա՞խ, Թէ Իրարայաջորդ

0

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Սէուտական Արաբիա նախորդ օրերու իր այցելութենէն վերադարձին Վարչապետ Սաատ Հարիրի վստահեցուցած էր իր գործընկերներուն, որ ամէն բան լաւ կ՛ընթանայ: Իր լաւատեսութիւնը կու գար այն փաստէն, որ ըստ կարգ մը աղբիւրներու՝ ան Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Իշխան Մոհամմատ Պըն Սալմանի հետ տեսակցութեան՝ որպէս արդիւնք,  տեղեկացած էր, որ Ռուսական կողմը միջնորդութեան մէջ է Ռիատի եւ Թեհրանի միջեւ՝ որոշ հասկացողութիւն մը ստեղծելու շրջանային հարցերուն վերաբերեալ:

Այս միջնորդութենէն Սէուտական Արաբիա կ՛ակնկալէր իր ազդեցութեան զօրացումը Իրաքի, Սուրիոյ եւ Եմէնի մէջ եւ այս իմաստով որոշ երաշխիքներ կամ պատասխան կը սպասէր Իրանի կողմէն:

Իրանի պատասխանը թերեւս  Վարչապետին փոխանցուեցաւ Ալի Աքպար Ուիլայաթիի իրեն այցելութեան միջոցին, որ ըստ երեւոյթին, այնքան ալ դրական չէր: Հաւանական է, որ այս պատասխանին հիման վրայ Վարչապետը շուտով դարձեալ մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա, ուրկէ ան իր Վարչապետի պաշտօնէն հրաժարականը ներկայացուց կամ թելադրուեցաւ, որ ներկայացնէ…:

Անկախ շրջան ընող այն անիրատես վարկածին, թէ Հարիրի  դատական հետապնդումներ ունի Սէուտական Արաբիոյ մէջ եւ այս հրաժարականը իր վրայ պարտադրուած էր այս շրջագիծէն ներս: Նաեւ անկախ այն իրողութենէն, որ Սաատ Հարիրի Սէուտական Արաբիոյ միակ վստահելին չէ Լիբանանի մէջ երբ վերջինս ունի այլընտրանքներ ինչպէս նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆին, ես կը հաւատամ, սիրելի՛ ընթերցող, որ հարցը շատ աւելի խորունկ եւ վտանգաւոր է, որ նաեւ կը շրջանցէ ուրիշներու ալ վերլուծումը, թէ անոր հրաժարականը կապուած է մօտալուտ ընտրութիւններուն հետ…:

Հարիրիի հրաժարականը ըստ իս՝ եկաւ Հըզպալլան՝ նեղի մատնելու, որուն ահագին բան կը սպառնայ գալիք օրերուն, որ կը սկսի ամերիկեան տնտեսական պատիժներէն եւ չաւարտիր Իսրայէլեան յարձակումի մը հաւանականութեամբ: Ի դէպ, Հըզպալլայի առաջնորդ Հասան Նասրալլայի երեկուան ելոյթին մեղմ եւ հանդուրժողական ոճը կարելի է որոշ չափանիշ ալ համարել իր նեղ կացութեան հաւանականութեան: Ռիատի կեցուածքն ու թելադրանքը անշուշտ նաեւ կը բխին Սուրիոյ մէջ կատարուած վերջին օրերու իրադարձութիւններէն: Սուրիական բանակի Տէր Զօրի շրջանի վրայ հաստատած տիրապետութիւնը բաւական կը նուազեցնէ շրջանին մէջ բնակող Սէուտական Արաբիոյ համակիր ցեղախումբերու ուժը, որ լաւ խաղաքարտ էր Սէուտական Արաբիոյ ձեռքը Սուրիոյ հողերուն վրայ:

Կայ աւելի կարեւորը՝ Սուրիական բանակին Տէր Զօրի գրաւումով ճամբան բացուեցաւ դէպի Իրաք՝  հարթելով Պէյրութ-Դամասկոս-Թեհրան ուղին, ինչ որ կը մտահոգէ Սէուատական Արաբիան եւ անշուշտ նաեւ Լիբանանի վրայ Իրանական ազդեցութեան ընդդիմացող լիբանանեան կողմերը:

Որպէս հետեւանք ստեղծուած իրավիճակին՝ ես կը տեսնեմ, որ լիբանանեան հորիզոնին վրայ կ՛ուրուագծուին չորս սցենարներ (scenario):

Ա. Տնտեսական ճգնաժամ՝ որպէս արդիւնք ամերիկեան պատժամիջոցներուն, եւ հակառակ Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին յայտարարութիւններուն՝ (որ ի պաշտօնէ բնական է, որ դրական ըլլայ) լիբանանեան թղթոսկիի արժէքի անկում՝ արաբական դրամագլուխի հեռացման հաւանականութենէն ալ անշուշտ ազդուած: Նման վարկածի մը պարագային, Հարիրիի հրաժարականին պատճառը անոր տնտեսական տագնապի մը պատասխանտուութենէն զերծ մնալու կամքով ալ կը դրսեւորուի: 

Բ. Ներքին անապահովութիւն եւ Սիւննի-Շիա լարուածութիւն, որոնք կրնան նաեւ անհակակշռելի ըլլալ եթէ այդ մէկը ծրագրուած է, կամ եթէ անոր առաջքը շուտ չառնուի:

Գ. Իսրայէլեան յարձակում, որուն նախանշանները արդէն իսկ կային հորիզոնին վրայ: Նման հաւանականութեան պարագային, երկրին եւ կառավարութեան վիճակը կրնայ շատ աւելի բարդ ըլլալ: Վարչապետին հրաժարականը դարձեալ այս տրամաբանութեամբ ալ կրնայ բացատրուիլ, որ օգտուելով 2006-ի փորձառութենէն՝ Վարչապետ Սաատ Հարիրի չուզեց ատենի Վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի օրին իյնալ ու նեղը մատնուիլ: Ան իր հրաժարականով կարելիութիւնը ունի եղածներուն կամ կատարուելիքներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը բարդել Հըզպալլայի գլխուն:

Դ. Հաստատուած Անշարժ Գոյավիճակ (Status Quo), որուն պիտի  ձգտի Նախագահ Միշէլ Աուն, որուն նախագահական նստաշրջանի անդորրը բաւական խախտուած կրնայ ըլլալ Հարիրիի հրաժարականով: Այս իսկ պատճառով Նախագահը կրնայ փորձել որոշ անշարժ գոյավիճակ մը ստեղծել շրջանցելու համար վտանգը, եթէ անշուշտ իրեն առիթը տրուի:

Կը մնայ հիմնական մտահոգութիւնս սակայն: Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ վերոյիշեալ չորս սցենարները իրարայաջորդ կերպով ընթանան…:

Սէուտական Արաբիայէն յայտարարուած Լիբանանի Վարչապետի մը հրաժարականը աննախնթաց է, նաեւ՝ խորհրդանշական:

Իրավիճակը բաւական բարդ է:

Զգոյշ սպասենք ու տեսնենք:

 

 

Լիբանանէն Դուրս Ապրող Լիբանանահայ Հայրենակիցներու Ուշադրութեան

0

Լիբանանէն դուրս ապրող մեր յարգելի հայրենակիցներուն ուշադրութեան կ’ուզենք յանձնել թէ 2018-ի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն իրենք եւս կրնան մասնակցիլ:

Մասնակցելու համար պէտք է մինչեւ 20 Նոյեմբեր 2017 արձանագրուին  առցանց (internet) օգտագործելով հետեւեալ կայքէջը.

Diasporavote.mfa,gov.lb

Կամ անձամբ ներկայանալ տուեալ երկրի լիբանանեան դեսպանատուներ կամ հիւպատոսարաններ:

Արձանագրութեան համար պէտք է ունենալ հետեւեալ փաստաթուղթերէն մին.

ա. Հին կամ նոր ինքնութեան թուղթ

բ. Հին կամ նոր իխրաժ քայտ

գ. Հին կամ նոր անցագիր (passport)

 

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան

Լիբանանի Ընտրական Գրասենեակ

Ինչպէս Կը Վերածնուի Հայաստանի Գինեգործութիւնը․ The Spectator

0

Գրող եւ գինիի սիրահար Հենրի Ճեֆրիս վերջերս Հայաստան կատարած այցի ընթացքին բացայայտած է Հայաստանի գինեգործական հարուստ աւանդոյթները:

Ըստ «Փանարմինիըն»-ի՝ The Spectator-ի մէջ հեղինակը պատմած է հայկական գինիի պատրաստութեան հնագոյն արհեստագիտութեան մասին: «Վայոց ձորի մարզին մէջ` դէպի Իրան տանող մայրուղիի իւրաքանչիւր 100 մեթրի վրայ լոլիկ, ձմերուկ եւ Coca-Cola կը վաճառեն: Երբ կը մօտենաս, կը պարզուի, որ, խորամանկօրէն, Coca-Cola-ի շիշերու մէջ լեցուած է կարմիր գինի, որ աննկատ կը տեղփոխուի Իրան»,- կը գրէ հեղինակը:

Վայոց ձորի մէջ գրողը համտեսած է խաղողի տարբեր տեսակներէ պատրաստուած հայկական գինի: «Զորիկ եւ Երազ Ղարիբեանները գինին կը պատրաստեն միեւնոյն` խաղողի արենի տեսակէն, սակայն կը ստանան բոլորովին տարբեր համ ունեցող գինիներ: Գինիի համտեսի մօտակայ «Զորահ» սրահին մէջ մատուցուող կարմիր «Կարաս» գինին Լոնտոնի խանութներուն մէջ կը վաճառուի £25 –ի»,- կը գրէ Հենրի Ճեֆրիս:

«Զորաh»-ի երկու հիմնադիրներն ալ` Զորիկն ու Երազը, Սփիւռքահայեր են: Անոնք կը ցանկային խաղողի այգիներ ձեռք բերել Իտալիոյ Տոսքանա նահանգին մէջ, սակայն 1998-ին հայրենիք այցէն ետք, որոշեցին գինեգործութեամբ զբաղիլ Հայաստանի մէջ:

«Արաս»-էն Հրատարակութեան Տարափ

0

“Ակօս”․- Երկար տարիներէ ի վեր Պոլսոյ գրական կեանքէ ներս հաճելի աւանդութեան մը վերածուած է գիրքի փառատօնը, որ իր դրոշմը կը բերէ աշնան մռայլ օրերուն ալեկոծելով հրատարակչական ընդարձակ շուկան։ Այս տարի հայերէն գիրքերը թրքերէն ընթերցող հասարակութեան մատուցող «Արաս» հրատարակչատունը մեծ եռանդով պատրաստուած է փառատօնին։ Հրատարակութիւններու բաւական հարուստ ցանկ մը կայ մեր դիմաց, որու միջոցաւ «Արաս» պիտի փորձէ ընթերցողին ուշադրութիւնը ապահովել հայերէն գրականութեան ընդարձակ դաշտին։ Անմիջապէս փառատօնի նախօրեակին «Արաս» կը ներկայանայ արեւմտահայերէն գրականութեան դասական կարեւոր հեղինակներէն Զապէլ Եսայեանի հետզհետէ մոռցուած մէկ գործով։ «Սպասման Սրահին Մէջ» անուն գիրքը նախապէս լոյս տեսած էր թերթօնի ձեւով եւ ապա առանձին հատորի մէջ չէր հրատարակուած։ «Արաս», «Ծաղիկ» շաբաթաթերթի էջերէն քաղելով անգամ մը եւս կը վերակենդանացնէ այս գործը։ Այսպէսով լոյս աշխարհ եկած կ՚ըլլայ Եսայեանի անտիպ գործերու եռեակի մը առաջին հատորը։

Բացի Եսայեանի այս մոռցուած գործէն, հրատարակչատունը մամուլի յանձնած է նաեւ գիւղագրութեան մեծ հսկայի Յակոբ Մնձուրիի այնքան սիրուած յուշագրութիւնը, որ կը նկարագրէ մեծ վարպետի Իսթանպուլեան ապրումները։ 1897-1940 տարեթիւերը ընդգրկող այս յուշագրութեան մէջ Մնձուրի կը նկարագրէ կայսրութեան շրջանի առօրեայ կենցաղը, վկայութիւններ փոխանցելով նախ իր ընտանիքի մարդկանց իբրեւ փռապան աշխատած Պէշիքթաշ թաղէն եւ հետզհետէ ընդլայնելով դէպի քաղաքի պատմական թաղերը Օրթագիւղ եւ Հիսար։ Երիտասարդ պանդուխտը անշուշտ որ պիտի անդրադառնար նաեւ տուեալ ժամանակներու Փերային, Ղալաթիոյ եւ այլ նշանակալից վայրերուն։

Յուշագրութեան բնոյթով մի այլ գիրք է Շէյխմուզ Տիքէնի գործը՝ «Ա՛խ Ունեմ Տիյարպէքիր», որ նիւթ կ՚ունենայ Տիյարպեքիր վերադառնալու երազանքին տարուած, բայց այդ երազանքը իրականացնելու առիթ չունեցած մարդկանց զգացումները։

Անուանի պատմաբան Ռիչարտ Կիրակոսեանի «Պատմական Քաղաքները եւ Հայերը» խորագրեալ շարքի երրորդ գիրքը ձօնուած է Խարբերդի։ Խարբերդի եւ շրջակայքի պատմութեան ձօնուած այս գիրքին կը յաջորդէ Տիգրան Մեսրոպ Քանիկեանի «Դաշնակցականները եւ Իթթիհատականները» անուն գիրքը։ Այս գիրքը կարեւոր է այն առումով թէ հոն կը հանդիպինք առաջին անգամ յայտնաբերուած զանազան փաստաթուղթերու։

Հրատարակչատան գրողները փառատօնի տեւողութեամբ պիտի մակագրեն նաեւ իրենց գիրքերը։

Թուրքիոյ Մէջ 1914 Թուականի Իրավիճակն է, Վերջն ալ 1918–ի Պէս Պիտի Ըլլայ. Սեւան Նշանեան

0

Պոլսահայ յայտնի լեզուաբան Սեւան Նշանեան Twitter–ի իր էջին մէջ Թուրքիոյ այսօրուան վիճակի մասին գրառում կատարած է. «Թուրքիոյ մէջ վիճակը 1914-ի իրավիճակն է, վերջն ալ 1918–ի պէս պիտի ըլլայ:  Յուսով եմ, որ այս անգամ հանդուրժողականութիւն չեն ցուցաբերեր»:

Նշենք, որ 1914–ը Առաջին համաշխարհային պատերազմը սկսելու տարին էր: Թուրքիան միացաւ պատերազմին: Իսկ 1918–ին պատերազմը աւարտեցաւ, Օսմանեան կայսրութիւնը անձնատուր եղաւ, եւ տարածքները բաժանուեցան յաղթող երկիրներու միջեւ: Սակայն յետագային, պոլշեւիկներու օգնութեամբ, Մուսթաֆայ Քեմալը կրցաւ փլատակներու տակէն ստեղծել Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը:

Սեւան Նշանեանի գրառումը այն մասին է, որ այս անգամ որեւէ պետութիւն հանդուրժողականութիւն պիտի չցուցաբերէ, եւ Թուրքիան այս տեքսով այլեւս պիտի չըլլայ:

 

Հայաստան 2018-ին Եւրոմիութենէն 70 Միլիոն Եւրոյի Աջակցութիւն Պիտի Ստանայ

0

Հայաստան 2018-ին Եւրոպական Միութենէն եւ եւրոպական կառոյցներէն 70 միլիոն եւրոյի աջակցութիւն պիտի ստանայ դրամաշնորհներու եւ վարկային միջոցների տեսքով: Ազգային ժողովին մէջ ՀՀ 2018-ի ամավարկի նախագիծի քննարկման ընթացքին այս մասին ըսած է ՀՀ երեւմուտքի նախարարի առաջին տեղակալ Ատոմ Ջանջուղազեան:

«Այդ գումարին մէկ մասը` 11.5 միլիոն եւրոն պիւտճետային աջակցութիւն է, իսկ 58.5 միլիոն եւրոն վարկային եւ դրամաշնորհային միջոցներ են»,- «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` ընդգծած է Ջանջուղազեան:

Ան աւելցուցած է, որ այդ 58.5 միլիոն եւրոյէն 25 միլիոն եւրոն դրամաշնորհային աջակցութիւն է, մնացածը վարկային միջոցներ են, որոնք պիտի ուղղուին տարբեր ծրագիրներու իրականացման:

Ընդհանուր առմամբ Հայաստան Եւրոմիութենէն աջակցութիւն պիտի ստանայ 15 վարկային եւ 14 դրամաշնորհային ծրագիրներու շրջագիծէն ներս:

 

 

 

Ինծի Ըսին՝ Արցախ Այցելելը Վտանգաւոր է, Բայց Ես Տեսայ Այլ Իրականութիւն. Գերմանացի Խորհրդարանական

0

Ես շատ ուրախ եմ, որ կը գտնուիմ Արցախի Հանրապետութիւն եւ հնարաւորութիւն ունիմ անձամբ ծանօթանալու այստեղ ապրող մարդոց եւ անոնց խնդիրներուն:

Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրես»-ի՝  ըսած է Գերմանիոյ Պատեն Ուրթեմպերկ երկրամասի պատգամաւոր, «Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ Լարս Փաթրիկ Պերգը, որ Նոյեմբեր 1-ին Ստեփանակերտ ժամանած է՝ Գերմանիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեանի ուղեկցութեամբ:

«Երկօրեայ այցի ընթացքին կարեւոր հանդիպումներ ունեցած եմ ինչպէս քաղաքական իշխանութեան, այնպէս ալ հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ: Շատ հետաքրքրական ու օգտակար տեղեկատուութիւններ հաւաքած եմ: Կը կարծեմ` Արցախի հետ համագործակցութիւնը ոչ միայն անհրաժեշտ է, այլեւ պէտք չէ սահմանափակուի տարբեր քաղաքական գործիչներու միայն մասնաւոր այցերով: Այդ մասին ես անպայման պիտի բարձրաձայնեմ իմ գործընկերներուս հետ հանդիպումներու ընթացքին»,- ըսած է Գերմանացի խորհրդարանականը եւ աւելցուցած, որ այցի ընթացքին համոզուած է, որ Արցախի մասին շատ քիչ եւ թիւր տեղեկութիւն կայ Գերմանիոյ մէջ:

Լարս Փաթրիկ Պերգի խօսքով` երկօրեայ այցի ընթացքին ինք տեսած է զարգացող, խաղաղ, անվտանգ երկիր, որ սակայն հակամարտութիւն ունի Ատրպէյճանի հետ: «Երբ կը ցանկայի Արցախ այցելել, Գերմիանիոյ մէջ իմ մտերիմները խորհուրդ կու տային հրաժարիլ այդ գաղափարէն: Անոնք կը պնդէին, որ իմ անվտանգութիւնը երաշխաւորուած չէ, եւ տարատեսակ մտահոգութիւններ կը յայտնէին: Բայց ես տեսայ բոլորովին այլ իրականութիւն եւ համոզուեցայ, որ կը գտնուիմ շատ անվտանգ երկրի մը մէջ, ուր մարդիկ փողոցներուն մէջ հանգիստ կը զբօսնեն, եւ սահմանը, ուր կը գտնուին հակամարտութեան հետ կապուած վտանգները, շատ հեռու է խաղաղ բնակավայրերէն: Արցախը հրաշագեղ բնութիւն ունի, ուր շատ բարեհամբոյր մարդիկ կ՛ապրին եւ ես նորէն պիտի վերադառնամ արդէն ընտանիքիս հետ միասին»,- նշած է Գերմանացի պատգամաւորը:

 

Այսօր Ատրպէյճանը Վերահսկողները Կը Կարծեն, Որ Կրնան Վերաշարադրել Պատմութիւնը․ Նալպանտեան

0

«Ցաւալի է, որ որոշ պետութիւններ կրթութիւնը կ՛օգտագործեն հակադիր նպատակներով` ատոր միջոցով ազգայնական ատելութիւն սերմանելով, յատկապէս երիտասարդներուն մէջ»,- ըսած է Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Փարիզի մէջ գումարուող ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան (ԵՈՒՆՍՔՕ) 39-րդ գլխաւոր համաժողովի ընթացքին, կը հաղորդէ «Փանորամա»-ն:

ԱԳՆ մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցմամբ, Նալպանտեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի դասագիրքերուն մէջ բազմաթիւ նման օրինակներ կան. ատոնցմէ մէկը երեխաներուն կը սորվեցնէ, որ հայերը իրենց ծննդաբանական թշնամիներն են:

Ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ պայքարի եւրոպական յանձնաժողովի 2016-ի զեկոյցին մէջ նշուած է.  «Ատրպէյճանի քաղաքական առաջնորդները, կրթական հաստատութիւնները եւ լրատուամիջոցները շարունակած են հայերու նկատմամբ ատելութեամբ լի կոչեր հնչեցնել:  Ատրպէյճանցիներու ամբողջ սերունդ մը մեծցած է` անսալով ատելութեան այս հռետորաբանութեան»: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Կանոնադրութեան մէջ արդարացիօրէն ամրագրուած է.  «Պատերազմները կը սկսին մարդոց ուղեղներուն մէջ: Հասարակութիւնները պատրաստ չեն ըլլար հաշտեցման, եթէ անոնց գիտակցութեան մէջ չամրագրուի խաղաղութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը»,-ըսած է  Նալպանտեան:

Ան յիշեցուցած է գերմանացի յայտնի գրող Հայնրիխ Հայնէի խօսքը .  «Այնտեղ, ուր գրքեր կ՛այրուին, վերջաւորութեան մարդիկ պիտի այրուին»: .Ան աւելցուցած է. «Ատրպէյճանցի յայտնի վիպասանի գիրքերը կրակի մատնուեցան Պաքուի փողոցներուն մէջ միայն այն պատճառով, որ ան ճշմարտութիւնը կ՛ըսէր հայերու կոտորածներուն մասին եւ հաշտեցման կոչ ըրած էր: Ան ներկայացուցած էր Նախիջեւանի մէջ իր հայրենի գիւղի պատմութիւնը, որ իր մանկութեան տարիներուն ունէր տասներկու հայկական եկեղեցիներ: Անոնք բոլորը ,Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի ամբողջ տարածքին, ներկայ հայկական բազմաթիւ այլ սրբավայրերու ու գերեզմանատուներու հետ մէկտեղ, ոչնչացուած են 1990-ական եւ 2000-ական թուականներուն: Նոյն կերպով Ջուղայի հայկական գերեզմանատան հազարաւոր նրբազարդ միջնադարեան խաչքարեր հողին հաւասարեցուած են ատրպէյճանական իշխանութիւններու թոյլտուութեամբ: Այդ տարածքը այժմ վերածուած է ռազմական հրաձգարանի»:

Ան յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճանի հայ բնակչութեան նկատմամբ իրականացուած էթնիկ զտումներէն ետք, այժմ Պաքուն նպատակ դրած է ջնջել հայերու` քանի մը հազարամեայ ներկայութեան մասին նոյնիսկ յիշողութիւնը, տարածաշրջանին մէջ տեղաբնիկ հայ մշակոյթի եւ պատմութեան որեւէ հետք:

«Պաքուն կը ջնջէ անցեալը այն պատճառով, որ ան չի համապատասխաներ Ատրպէյճանի կողմէ իրեն համար յօրինուած երեւակայական ներկային, հաւանաբար, հետեւելով Ճորճ Օրուելի յայտնի խօսքերուն . «Ով կը վերահսկէ ներկան, կը վերահսկէ անցեալը»: Անոնք, որոնք այսօր կը վերահսկեն Ատրպէյճանը, կը կարծեն,  թէ կրնան վերաշարադրել պատմութիւնը` օրինականացնելու համար իրենց ներկայիս անհանդուրժողական քաղաքականութիւնը»:

Խօսելով պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութեան մասին՝ նախարար Նալպանտեան նշած է. «Պատմականօրէն գտնուելով տարբեր քաղաքակրթութիւններու խաչմերուկին՝ Հայաստանը ձեւաւորած է այլ մշակոյթներու եւ կրօններու նկատմամբ յարգանքի եւ համակեցութեան խոր արմատներ ունեցող աւանդոյթներ: Ահա թէ ինչու Հայաստանի մէջ կը պահպանուի հարուստ մշակութային ժառանգութիւն, որ ի թիւս այլոց, կը ներառէ հելլէնիստական դարաշրջանի տաճար, հնագոյն եկեղեցիներ, միջնադարեան հրէական գերեզմանատուն, 18-րդ դարու մզկիթ, իսկ շուտով այստեղ պիտի աւարտի աշխարհի ամենամեծ եզիտիական տաճարի կառուցումը»:

Նշենք, որ համաժողովին կը մասնակցին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անդամ 195 երկիրներու բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ, որոնք պէտք է հաւանութեան արժանացնեն կազմակերպութեան յառաջիկայ տարիներու գործունէութեան ծրագիրը, պիւտճէն եւ հաստատեն կազմակերպութեան նոր գլխաւոր տնօրէնի թեկնածութիւնը: Համաժողովի ընթացքին նախատեսուած են նաեւ ԵՈՒՆՍՔՕ-ի ղեկավար մարմիններու ընտրութիւնները:

ՀՀ Վարչապետը «Հայաստան» Հիմնադրամին Փոխանցած Է Իր Մէկ Տարուան Աշխատավարձը

0

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Նոյեմբեր 1-ին այցելած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գրասենեակ ու ծանօթացած կառոյցի 25-ամեայ գործունէութեան եւ ծրագիրներուն: Ամենամեայ հեռուստամարաթօնին ընդառաջ կառավարութեան ղեկավարը հիմնադրամին  փոխանցած է իր մէկ տարուան աշխատավարձը:

Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն ,շրջայցի ընթացքին վարչապետ Կարապետեան ծանօթացած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ստորաբաժանումներու գործունէութեան պայմաններուն եւ կատարուող աշխատանքներուն: Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան նշած է, որ 25 տարուան ընթացքին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ շուրջ 500.000 շահառուի համար իրականացուած է աւելի քան 50. 000 ծրագիր` 330 միլիոն ԱՄՆ տոլար ընդհանուր արժէքով, իսկ նուիրատուներու թիւն ամբողջ աշխարհի մէջ կը հասնի 700.000-ի: Ան մանրամասնութիւններ  ներկայացուցած է  հիմնադրամի ընթացիկ ծրագիրներուն եւ ամենամեայ դրամահաւաքի նախապատրաստական աշխատանքներուն վերաբերեալ:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հեռուստամարաթօնն այս տարի տեղի  պիտի ունենայ Նոյեմբեր 23-ին: Հանգանակութիւնները պիտի ուղղուին Արցախի ոռոգման համակարգի կառուցման եւ արեւային ուժանիւթի  կիրառման հնարաւորութիւններու ստեղծման:

Նախապատրաստութիւն

0

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՂՕՂԼԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի աշխատակից

Արուեստագէտ մը, քանդակագործ, նկարիչ, գրող, բանաստեղծ եւ այլն, իր գործերուն ընդմէջէն իր զգացումներն ու մտածումները պիտի յայտնէ անտարակոյս. Կայ նաեւ թարգմանչական արուեստը, որ կ՛ըլլայ ընտրովի, ըստ թարգմանիչին նկատառումներուն: Հիմա նկատի ունիմ Հայնէի մէկ քերթուածը, որ թարգմանուած է Վ. Տէրեանի կողմէ: Նիւթը պատերազմի մասին է .-«Ես դաշոյն եմ, բոց եմ ես…Յաղթական երգերի հրճուանքի հետ հնչում են թաղման մեղեդիները, բայց մենք ժամանակ չունենք ոչ խնդութեան համար, ոչ սուգի:

Տխուր, սակայն անխուսափելի իրականութիւն է պատերազմը: Չարենց իր «Դանթէական Առասպել»-ին մէջ կը գրէ .-«Ընկերներիս դին դիրք էինք անում»: Սա պատերազմ է եւ ո՛չ դաշտահանդէս, ո՛չ ալ դիմակաւոր պարահանդէս. Հոս կայ «կեանքի, մահի ամեհի աղջամուղջ»: Կեանքի անբաժան մասն է պատերազմը. Ուստի նախապատրաստութիւնը անհրաժեշտ է, ինչպէս որեւէ գործարքի պարագային:

Երեք հազարամեակ առաջ անուանի է Սպարթակ քաղաքը որու զաւակները, առանց բացառութեան, իրենց մանկութենէն իսկ ծնողներէն կը պատրաստուէին չարքաշ կեանքի,` իբրեւ պատերազմի պատրաստութիւն, որպէսզի կարենան քաղաքին տիրապետել, քանի որ բաղդատմամբ բնակչութեան, փոքրամասնութիւն էին: Ի՞նչ կ՛ըսէ Ռուբէն Սեւակ.- «Յիշէ Սպարթացի մօր խօսքը ՎԱՀԱՆՈՎԴ ԿԱՄ ՎԱՀԱՆԻՆ ՎՐԱՅ պիտի յաղթես կամ պիտի յաղթուիս. ուրիշ ճար չկայ»:

Սպարթայի համար առաջնահերթութիւնը ՌԱԶՄԱԿԱՆԻՆ էր. արուեստ, փիլիսոփայութիւն եւ այլն, երկրորդական էին: Սպարթան տիրական քաղաք մը եղաւ՝ դարերով:

Հասանք տեսաերիզի մը «ֆէյսպուք»-ի միջոցաւ:

Շատ երիտասարդ բանակայիններով լեցուն  սրահ մը,  Մին դաշնամուրով կը նուագէ մօր մասին, եւ մի առ մի կը տեսնես մի քանի զօրակոչիկներու դէմքերը, որոնց աչքերէն արցունք կը հոսի, ինչ որ նկարահանման բուն նպատակը կարծէք ըլլար եւ գրութիւն մը՝« կարելի չէ չյուզուիլ», առաւել յորդոր մըն ալ.-  «Տարածէ՛ք»:

Բաղդատենք Հ. Հայնէի գրութեան հետ…

Մի՞թէ խրախուսիչ եւ քաջարի երգեր կը պակսին մեզի: Լացն ու կո՞ծն է պատրաստութիւնը կամ հրաժեշտը: Դարերով մեր ճակատագիրը ուրիշ բան չէ եղած, եթէ ոչ տառապանք, պանդխտութիւն, սակայն հոն չմնացինք ու պայքարներով զարթօնք հրահրեցինք մեր մէջ ու հասանք այսօրուան եւ դեռ ճամբայ ունինք…

«Խաչ մը տնկէ վրաս՝ ու դուն ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն: Կամ՝ «Ձախորդ օրին սրտերը ձեր կարծր պահէք. լա՛ւ լսէք ինձ»: (Աշուղ Ջիւանի)

«Այս երկաթեայ դարին համար երկաթեայ ուղեղներ են պէտք»:(Ռ. Սեւակ)

Նոր դար, նոր իրականութիւն եւ մարտահրաւէրներ:

ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ:

ԴԵՌ ՃԱՄԲԱՅ ՈՒՆԻՆՔ: