Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

Արտաքին Գործոց Նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Իսրայէլ Պիտի Այցելէ

0

6-7 Նոյեմբերին ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան` Իսրայէլի վարչապետ եւ Արտաքին գործոց նախարար Բենիամին Նաթանիահուի հրաւէրով պաշտօնական այց պիտի կատարէ Իսրայէլ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութիւնը։

Նախատեսուած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի հանդիպումները Իսրայէլի գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու հետ։

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանէն ներս Էդուարդ Նալպանտեանը հանդիպում պիտի ունենայ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հետ։

Արցախ Հակատանկային Նռնակ Պայթած Է . Կան Զոհեր Եւ Վիրաւորներ. Արցախի ՊՆ

0

Շաբաթ ժամը 12:10-ի մօտ , ՊԲ հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն հակատանկային  ռումբի պայթիւնի հետեւանքով մահացու կը վիրաւորուի ՊԲ զինծառայող, 1997թ. ծնած Հրանդ Խաչատուրի Մանգասարեանը, իսկ զինծառայողներ Գէորգ Վլադիսլավի Հիւսնունցը եւ Սերգեյ Սեւադայի Ալումեանը ստացած են տարբեր աստիճանի բեկորային վիրաւորումներ:

Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հ. Մանկասարեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն, իսկ  վիրաւորուած զինծառայողներուն կը մաղթէ շուտափոյթ ապաքինում:

 

 

 

Պատմական Մալաթիոյ Մէջ Շուրջ 2 Միլիոն Ծիրանենի Հատուած է

0

Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Մալաթիա նահանգին մէջ այգեգործները ստիպուած եղած են աւելի քան 2 միլիոն ծիրանենի կտրել, այս մասին կը յայտնէ «Թերթ․am»-ը՝ վկայակոչելով թրքական Demokrathaber.org կայքը:

Ֆինանսական ճգնաժամի մէջ յայտնուած մալաթիացիները չեն կրցած վաճառել ու պատշաճ ձեւով հետեւիլ ծիրանի այգիներուն` ի վերջոյ ստիպուած ըլլալով կտրել զանոնք: Կը նշուի, որ 2 միլիոն ծառ արդէն հատուած է, եւս 9 միլիոնը պիտի հատուի մօտ ապագային:

Պետական կառոյցները, որոնք գիւղացիէն կը գնեն ծիրանը, շուկայի մէջ զայն վաճառած են աւելի քան 5 թրքական լիրայով` մօտ 1.5 տոլարով, մինչդեռ գիւղացին իր աշխատանքի դիմաց շատ ցած վարձատրութիւն ստացած է, պետութիւնը նաեւ չի օգնած ծառերու խնամքի հարցով, որու հետեւանքով ծիրանենին ջրազրկուած ու հիւանդացած է: Բերքէն բաւականաչափ շահոյթ չստացած այգեգործները, որոնք բազմաթիւ պարտքեր ունին պետական ու մասնաւոր դրամատուներուն, ստիպուած եղած են հատել հսկայ այգիները:

Այգեգործները լրագրողներուն պատմած են, որ դիմած են Անգարա` համապատասխան կառոյցներու պաշտօնեաներուն, սակայն որեւէ լուծում չեն ստացած: Արդիւնքով, հիւանդացած ծառերը ստիպուած եղած են կտրել. փայտը կ’օգտագործեն որպէս վառելիք, իսկ տերեւները կենդանիներուն կու տան:

Նշենք, որ Մալաթիան կը համարուի Արեւմտեան Հայաստանի տարածքի «ծիրանի հայրենիք»ը, ուրկէ մեծ քանակութեամբ ծիրան կ՛արտահանուի միայն Թուրքիոյ բոլոր անկիւններ, այլեւ աշխարհի տարբեր երկիրներ:

 

Թանքեան Հայաստանէն Կը Խնդրէ “Հեռու Մնալ” Ամերիկեան Monsanto Ընկերութենէն

0

System of a Down ռոք-խումբի երգիչ, հասարակական գործիչ Սերժ Թանքեան Հայաստանին կոչ կ՛ընէ «հեռու մնալու» ամերիկեան Monsanto ընկերութենէն, որը բոյսերու biotechnology համաշխարհային առաջատար կը համարուի:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Մեդիամաքս»-ը, Թանքեան այսպէս արձագանգած է Երեւանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութեան կողմէ կազմակերպուած Valmont եւ Monsanto ընկերութիւններու շնորհանդէսին: Ելոյթ ունենալով միջոցառման, ԱՊՀ-ի մէջ Monsanto-ի ներկայացուցիչ Ալեքսանդր Զուեագինցեւը հաւաստիացուցած էր, որ ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ ծննդականօրէն փոխակերպուած (genetically modified) արտադրանք պիտի չզարգացնէ:

Իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ Թանքեան, մասնաւորապէս, նշած է.

«Monsanto-ն թունաւորած է մեր շրջակայ միջավայրը` մեծապէս նպաստելով մեղուներու ոչնչացման: Անոնց կողմէ մշակուած ծննդականօրէն փոխակերպուած մթերքները բնական սնունդի վերջը կը նախանշեն: Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ Monsanto-ն յայտնի է որպէս չարիքի ընկերութիւն` իր վարուելակերպին համար: Երբ ես Հայաստան կ՛այցելեմ եւ այնտեղ խնձոր կ՛ուտեմ, անիկա իրական է, խռթխռթան եւ համեղ, քանի որ կը հանդիսայ հազարաւոր տարիներու գիւղատնտեսական աշխատանքի արգասիք: Թող ամէն ինչ այդպէս ալ մնայ: Monsanto-ի «շնորհիւ» ես ԱՄՆ-ի մէջ նման խնձոր չեմ կրնար գտնել: Կը խնդրեմ տարածել այս գրառումս»:

Գրիգոր Սաթամեան՝ Ի Պատուի

0

*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Չորեքշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2017-ը պատմական օր մը հանդիսացաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Գեղարուեստական Ղեկավար Գրիգոր Սաթամեանի համար։ Այդ օր ան արժանացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ շնորհուած Սբ. Սահակ․, Սբ. Մեսրոպ շքանշանին։

Արդարեւ, պատմական այդ օրուան արարողութիւնը եզակի էր նաեւ իր տեսակին մէջ՝ այն իմաստով որ Հայոց Հայրապետը ինքն իր ձեռամբ զետեղեց այդ շքանշանը Սաթամեանի կուրծքին վրայ։ Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնէն դուրս, ընդհանրապէս թեմակալ Առաջնորդներն են, որ այդ շքանշանը կը փոխանցեն ստացողներուն։

Արհեստավարժ դերասան-բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեան աւելի քան կէս դար ծառայած է հայ մշակոյթին, Պէյրութէն սկսեալ մինչեւ Նիւ Եորք եւ ապա Լոս Անճելըս։ Ան հիմնած է ՀԲԸ Միութեան պատկանող զանազան թատերախումբեր ինչպէս՝ «Արտաշատ»՝ Նիւ Եորքի մէջ, «Յակոբ Պարոնեան»՝ Պոսթընի մէջ, «Ուիլիամ Սարոյեան»՝ Ֆիլատելֆիոյ եւ Պուէնոս Այրէսի մէջ, «Երուանդ Օտեան»՝ Տիթրոյթի մէջ եւ վերջապէս «Արտաւազդ»՝ Լոս Անճելըսի մէջ։

Գրիգոր Սաթամեան թատերական իր ուսումը ստացած է Անգլիոյ “London School of Film Technique” եւ “Old Vic” դպրոցներուն մէջ: Արհեստավարժ իր ուսումը աւարտելէ ետք, 1968 թուականին ան կը ստանձնէ Պէյրութի ՀԲԸ Միութեան Վահրամ Փափազեան Թատերախումբի բեմադրիչի պատասխանատու պաշտօնը։ Միացեալ Նահանգներ գաղթելէ ետք, բեմադրիչի իր պաշտօնը կը շարունակուի ՀԲԸ Միութեան Նիւ Եորքի եւ ապա Լոս անճելըսի թատերախումբերուն հետ։

Սաթամեան ինքն է, որ «Մենակատակախօսութիւն»-ը (Stand-up Comedy) առաջին անգամ ըլլալով՝ ներմուծած է Հայկական գեղարուեստական կեանքէն ներս, Նիւ Ճըրզիի մէջ 1986 թուականին։ Ան ցարդ զանազան թատերախումբերու հետ բեմադրած է 75 թատրերգութիւններ, գլխաւոր դեր վերցուցած է 84 ներկայացումներու մէջ եւ Հայերէնի թարգմանած է 20 թատրերգութիւններ՝ Ֆրանսերէնէ եւ Անգլերէնէ։

Չորեքշաբթի իրիկուան շքանշանի տուուչութեան հանդիսաւոր եւ հոգեպարար արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանի Արմէն Համբար հիւրասենեակին մէջ։ Այս առթիւ հոն հաւաքուած էին՝ Գրիգորի, կնոջ`Մատլէնի եւ զաւկին՝ Լեւոնի կողքին, ՀԲԸ Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան Փոխ Նախագահ Սինան Սինանեանը, Գրիգորի հարազատները, ՀԲԸ Միութեան վարչութեանց անդամները, գրասենեակի անձնակազմն ու Սաթամեան թատերախումբի դերակատարները։

Տէրունական աղօթքով սկսաւ արարողութիւնը, որմէ ետք երգուեցաւ Հրաշափառն ու Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Բագրատ Ծայրագոյն Վարդապետ Պէրճէքեան ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետի սրբատար Կոնդակը։ Հուսկ ապա՝ խորհրդաւոր այդ պահուն, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Սբ. Սահակ, Սբ. Մեսրոպ շքանշանը զետեղեց Գրիգոր Սաթամեանի կուրծքին վրայ։

Յուզիչ, սակայն ուրախառիթ էր պահը, երբ Գրիգոր ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանին, Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Խաժակ Արք. Պարսամեանին, Տիար Սինան Սինանեանին, հարազատներուն, ինչպէս նաեւ միութենական իր գործակիցներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ներկայ գտնուած էին այս հանդիսութեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Լոս Անճելըս կը գտնուէր՝ իր հովուապետական այցելութեամբ նախագահելու Արեւմտեան Թեմի հաստատման 90-ամեակին առթիւ կազմակերպուած տօնակատարութեանց եւ թէ շքանշանի տուուչութան այս արարողութիւնը կը մտնէր պաշտօնական այդ հանդիսութեանց ծիրէն ներս։

Հուսկ ապա Վեհափառ Հայրապետը խօսք առնելով՝ դրուատեց Գրիգոր Սաթամեանի բնածին տաղանդը եւ մանաւանդ անոր նախանձախնդրութիւնը՝ մշակոյթի միջոցաւ ծառայելու հայ ազգին, եւ յատկապէս մեր նոր սերունդին, որոնք այլապէս սահմանուած են ուծանալու օտար այս ափերուն վրայ։

Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Սաթամեանի երկարամեայ նուիրումը թատերական շարժումին, որուն գերագոյն նպատակն է հայապահպանումը՝ հայ լեզուն սիրցնելով նոր սերունդին եւ գործածել տալով զայն բեմին վրայ եւ բնականաբար բեմէն անդին՝ առօրեայ իրենց կեանքերուն մէջ։ Ապա ան երկար եւ առողջ կեանք մաղթեց Սաթամեանին, որ ան շարունակէ իր Աստուածահաճոյ առաքելութիւնը՝ ի սպաս հայ մշակոյթի բարգաւաճման։

Հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն եւ կոչնականները ոսկի առիթը ունեցան շնորհաւորելու մեծարեալը եւ նկարուելու անոր հետ, ի յիշատակ անմոռացութեան։ Պատիւս արժանաւորաց։

 

Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան 96-ամեակին առթիւ Անձինք Նուիրեալք Բ. Լէյլա Գարակէօզեան Անձնուրաց Նուիրումի Օրինակելի Հայուհին

0

 

*ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

            Առասպելական անուն մը կրնայ դառնալ Լէյլա Գարակէօզեան, որուն կենսագրութիւնը առանց որեւէ ածականի, նուիրական անցեալ մը կ՝ամփոփէ իր մէջ։ Երեւոյթ էր ան, անզուգական եւ անկրկնելի։

            Ան, որ իր կարողութիւնները բազմարդիւն կերպով ի սպաս դրաւ իր ազգին ու հայրենիքին։

Մէկը, որ իր ամբողջ անցեալն ու հմայքը, իր նիւթական ու բարոյական կարողութիւնները դրաւ նժարին վրայ՝ բարիք սփռելու հայ ազգի զաւակներուն եւ հայութեան մատղաշ սերունդներուն առողջ ու կենսախինդ կեանք մը պարգեւելու համար։

Մէկը, որ իր կեանքին իմաստը որոնեց հայ մանուկներուն ծիծաղին ու ժպիտներուն մէջ։, անձնական կեանքը զոհեց՝ շարունակելու իր ազգանուէր ու հայրենանուէր առաքելութիւնը. պարտականութիւն մը, զոր կատարեց պայծառամտութեամբ, նուիրումի ու զոհաբերումի բեղուն գործերով։

Իր կատարած սրբազան առաքելութեան մէջ կը ճառագայթէր քրիստոնէական հաւատքէն բխող իր համեստութիւնն ու խոնարհութիւնը, իր բարոյական արժանիքներն ու առաքինութիւնները, ինչ որ ժառանգած էր իր ծնողներէն՝ Միհրան եւ Զապէլ Գարակէօզեաններէն։

 Եթէ ընդունինք, որ մարդ էակը, մարդը բառին բուն իմաստով, ոչ թէ գիտութիւնն է, ուսումն է, քաղաքակրթութեան բարիքներն են, այլ հոգեկան այն արժանիքները, զգալու եւ կենսագործելու այն թափը, ամուր հաւատքով ու տեսլականով ապրելու այն արարչական կարողութինն է, որ կարելի է որակել աստուածային։

Այն ատեն առանց վարանելու պիտի ըսենք, որ անձնուէր հայուհիին լուսաւոր անունը ոսկեայ տառերով պիտի գրուի հայ տարեգրութեան պայծառ էջերուն մէջ։

 Իր կեանքի անցած ուղիին քաջ ծանօթ մէկը, կրնայ հաստատել, որ Լէյլա Գարակէօզեանի անձնուրաց գործունէութեան, իր կեանքի ձեւին մէջ կը ցոլան հայոց պատմական անցեալի ազնուական դասի բարեգործ ու գթառատ Տիկնանց՝ Աղուիթա իշխանուհիի, Զապէլ թագուհիի հոգեկան բարեմասնութիւնները։ Մէկը, որ կրնայ մարդկային հոգիի անսահմանութեան մէջ, գտնել ուրիշներու համար աննշմարելի գեղեցկութիւններ։

Լէյլա Գարակէօզեանի կատարած ազգային ծառայութիւններուն վրայ կը թեւածէ մարդասէրի ոգի մը, ցաւ ու կարեկցութիւն մարդկային թշուառութիւններու հանդէպ։ Ահա թէ ի՛նչպէս 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժի օրերուն, չկրցաւ անտարբեր մնալ, առաջինն էր, որ օգնութեան հասաւ աղէտեալներուն։ Որքան խոր հայրենասիրութիւն, նուիրում ու զոհաբերում ամբարած էր իր հոգիին մէջ։ Երբ նորանկախ Հայաստանի անցումային տարիներուն, փութաց՝ իր կարեւոր ներդրումը բերելու, ժամանակի այլեւայլ հարուածներուն տոկացող հայրենի ժողովուրդի վերականգնումին։ Հոն՝ Հայոց Հայրենիքի հողին վրայ սկսան գործել մանուկներու առողջապահական կեդրոններ՝ Երեւանէն Կիւմրի ու Վանաձոր մինչեւ Գորիս ու Ստեփանակերտ։ Պատմութեան համար յիշատակելի իրողութիւն է, որ  ծաւալուն այս ծրագրի իրագործման մէջ, անմասն չմնացին հայրենի իրականութեան քաջ ծանօթ, Գարակէօզեանի դաշտէն ներս ծառայող ազգանուէր հայորդիներու գործադրած տքնաջան ջանքերը։

Ազգին եւ Հայրենիքին հաւատաւոր նուիրեալ հայուհիին համար, տարրական սկզբունք էր ազգին կարիքները հոգալու պարտաւորութիւնը։

Սկզբունք, որ պարտադրական է, ինչպէս անհատական կեանքի,  այնպէս ալ հանրային կեանքին մէջ։ Ազգային այս գիտակցութիւնն է ազգի մը ու երկրի մը յաջողութեան գլխաւոր պայմաններէն մին, եթէ ոչ գլխաւորը։

Իր դաւանած սկզբունքներուն կառչած, խորապէս իւրացուցած էր ազգասիրութեան ու մարդասիրութեան գաղափարները, այն ինչ որ ի յայտ կու գար իր ազգօգուտ գործունէութեամբ, կարօտեալ ընտանիքներուն ցուցաբերած իր ուշադիր վեռաբերմունքով։

Շատերուն զարմանալի կը թուէր բարերարուհիին համեստ պահուածքը, հեռու մնալը շռնղալից ընդունելութիւններէն։ Իրեն համար բարեգործութիւնը ձեւականութիւն չէր, ինքնաբուխ զգացում էր առանց որեւէ ակնկալութեան, որ քարոզչութեան կարիք չունէր։ Թէեւ շրջապատը միշտ չէ, որ ունակ է հասկնալ այդ պարզութիւնը, գնահատել ու արժեւորել։

Ահա թէ ի՛նչու փառք չփնտռեց այս խոնարհ հայուհին։ Փառքը կու գար իր ետեւէն։ Եւ այսպէս տասնամեակներ շարունակ, Լէյլա Գարակէօզեան չդադրեցաւ իր անզիջանելի կենսունակութեան, իր անձնուրաց նուիրումի յայտնի փաստեր ընծայելու մինչեւ իր մահը, երբ 1999 թուականի Սեպտեմբերին 97 տարեկանին հրաժեշտ կու տար կեանքին։

Մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան դաշտէն ներս տարածք մը կայ ամբողջ, որ հմայուած ու տոգորուած է Լէյլա Գարակէօզեանի կոթողային կերպարով։ Այսօր առանց վարանելու, ազնուազարմ այս հայուհին մեր նորագոյն պատմութեան մէջ սերունդներուն կարելի է ներկայացնել՝ որպէս բարեգործութեան, անձնուրաց ու անօրինակ նուիրումի խորհրդանիշ։

Հալէպ

 

Կովկասի Սեւ Այգին. CNN Greek-ի Ֆիլմը Արցախի Մասին

0

«Մայրս կը պատմէ, որ ես բնական պայմաններու մէջ չեմ ծնած, օրինակ` հիւանդանոցի, ինչպէս ընդունուած է: Ես ծնած եմ նկուղի մէջ, քանի որ այդ ժամանակ երեխաներուն լոյս աշխարհ գալու հնարաւորութիւն ընդհանրապէս չէ եղած: Ես արեւի լոյսին կարիք ունէի, բայց չէի կրնար դուրս երթալ, որովհետեւ ատիկա վտանգաւոր էր կեանքիս համար: Կը կարծեմ՝ այս պատմութիւնը  յատուկ է բոլոր այն ընտանիքներուն, որոնք չլքեցին Ստեփանակերտը ու մնացին այնտեղ ամբողջ պատերազմի ընթացքին: Այն ժամանակ ողջ բնակչութիւնը կ՛ապրէր նկուղներու մէջ»:

Այս մասին կը պատմէ արցախեան պատերազմի տարիներուն Ստեփանակերտի մէջ ծնած Արեգա Յովսէփեանը CNN Greek-ի փաստավաւերագրական ֆիլմին մէջ, որ նուիրուած է Արցախին ու անոր ինքնորոշման պայքարի պատմութեան:

 

Շտապեցէ՛ք Մասնակցելու «Հայապահպանութեան Գործին ՄԷջ Նշանակալի Աւանդի Համար» 2017-ի Մրցանակաբաշխութեան. տեսանիւթ

0

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութիւնը, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսը եւ Ռուսաստանի հայերու միութիւնը «Հայապահպանութեան Գործին Մէջ Նշանակալի Աւանդի Համար» 2017 -ի մրցանակաբաշխութեան ծիրէն ներս կը յայտարարեն մրցոյթներու պայմանները հետեւեալ անուանակարգերուն մէջ`

  1. «Մայրենիի պաշտպան» (անհատներ),
  2. «Լաւագոյն հայկական կրթօճախ»,
  3. «Երիտասարդական, ուսանողական կազմակերպութիւն»,
  4. «Ազատ Արցախ» եւ «Մայիս` յաղթանակներու ամիս» մանկապատանեկան լաւագոյն   ստեղծագործութիւններու մրցոյթ (նկար, քանդակ (լուսանկար), երգ, բանաստեղծութիւն, պատմուածք, շարադրութիւն, ակնարկ եւ այլն):

Մրցոյթներուն մասնակցիլ ցանկացողները լրացուած յայտադիմումները պէտք է                         ներկայացնեն ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւն մինչեւ Նոյեմբեր 30, 2017:

Մրցոյթներու արդիւնքները կ’ամփոփուին 2017-ի Դեկտեմբերին:

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարար Վիգէն Սարգսեան Պիտի Այցելէ Գանատա

0

Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին Գանատա պիտի մեկնի Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, որ քաղաքական իր հանդիպումներու ընթացքին՝ պիտի հանդիպի նաեւ հայ համայնքին հետ։ Նախարար Սարգսեան Մոնթրէալի մէջ յատուկ ժողովրդային հանդիպումի մը ընթացքին պիտի փոխանցէ իր զեկոյցը գանատահայութեան, կը հաղորդէ “Հորիզոն”-ը։

ՀՀ դեսպանատան կողմէ հովանաւորուած եւ Քեպէքի հայ համայքի միացեալ  մարմինի կողմէ կազմակերպուած այս հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 16-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 8-ին։

Նշենք, որ պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարար մը կ’այցելէ Գանատա։

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է ԱՌԻ Կազմակերպութեան Պատուիրակութիւնը

0

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 2 Նոյեմբերին ընդունած է ԱՌԻ կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը` Ստեփան Տէր Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ:

Հանդիպումին քննարկուած են Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու  իրականացման հետ կապուած հարցեր:

Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատած է կազմակերպութեան հայրենանուէր գործունէութիւնը` աւելցնելով, որ անոր անմիջական մասնակցութեամբ Արցախի մէջ կեանքի կոչուած են ռազմավարական տարբեր ծրագիրներ` նշելով միաժամանակ, որ կ’ակնկալէ աշխուժ համագործակցութիւն նաեւ ապագային: