Հինգշաբթի, 19. 06. 2025

Հայաստանի Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններուն Քաղաքացիներու Մասնակցութեան Համեմատութիւնը 50,06%

0

Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի մամլոյ ծառայութեան փոխանցումով, հանրապետութեան  Արագածոտնի, Արարատի, Արմաւիրի, Գեղարքունիքի, Լոռիի, Կոտայքի, Շիրակի, Սիւնիքի, Վայոց ձորի եւ Տաւուշի մարզերու 69 համայնքներու մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու քուէարկութեան մասնակիցներուն թիւը 243.335 եղած է  կամ 50,06 առ հարիւր:

Զապէլ Եսայեան` Աշխարհի Ամենաքաջ Կանանց 5-ին Մէջ․ Refinery29

0

20-րդ դարասկիզբի լրագրող, բանաստեղծ եւ գրող Զապէլ Եսայան ճանչցուած է աշխարհի ամենաանվախ 5 կիներէն մէկը ամերիկեան Refinery29-ի լրատուամիջոցի վարկածով:

Ըստ պարբերականին՝ «Եսայեանը կնոջ անթերի օրինակ է, որ ապրած է այն ժամանակներուն մէջ, երբ շատ վտանգաւոր էր ցոյց տալ իր խելքն ու ուժը»:

2017-ի Մարտին Զապէլ Եսայեանի անունով անուանակոչուեցաւ Փարիզի փողոցներէն մէկը, կը գրէ Sputnik Արմէնիան:

Զապէլ Եսայեան իր ժամանակներու ամենակրթուած հայուհիներէն եղած է: Ծնած է 1878-ին Կ․Պոլիս: Սկզբնական կրթութիւնը ստանալով Սկիւտարի Սբ Խաչի դպրոցին մէջ` ան տեղափոխուած է Փարիզ եւ շարունակած ուսումը Սորպոնի համալսարանին մէջ:

1900-ին ան ամուսնացած է նկարիչ Տիգրան Եսայեանի հետ եւ 2 երեխայ ունեցած: 1908-ին ան վերադարձած է Կ.Պոլիս` դառնալով հայերու հանդէպ թրքական իշխանութիւններու բռնութիւններուն ականատեսը: Ատանայի ջարդերու ատեն ստեղծուած պատուիրակութեան կազմին մէջ 1909-ին Եսայեան մեկնած է Կիլիկիա, «Ազատամարտ» թերթին մէջ տպագրած է յօդուածներ աղէտի մասին: Կիլիկիոյ հայութեան ողբերգութիւնը նկարագրած է «Աւերակներու մէջ» (1911) գիրքին մէջ:

1915-ին խոյս տալով ձերբակալութենէն` ապաստանած է Պուլկարիա, ապա Թիֆլիս, ցեղասպանութեան մասին յիշողութիւններ հրատարակած է Պաքուի «Գործ» ամսագրին մէջ: 1918 թուականին Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ կազմակերպած է հայ տարագիրներու եւ ողբերու հաւաքման ու տեղաւորման գործը: Այդ տարիներուն գրած է «Վերջին բաժակը» (1916), «Հոգիս աքսորեալ» (1919) վիպակները, բողոքած է քաղաքական եւ ընկերային անարդարութիւններու դէմ:

1933-ին Եսայեան հաստատուած է Խորհրդային Հայաստան: Ան հրատարակած է յօդուածներ նուիրուած գրականութեան ու արուեստի հարցերուն, կատարած է թարգմանութիւններ: 1936-ին գրողներու միութեան մէջ իր ելոյթին կը յաջորդէ ձերբակալութիւնը: Պաքուի բանտէն գրողին գրած նամակները խօսուն են` նոյն տոկուն, խիզախ կեցուածքը: Անոր կեանքի ողբերգական աւարտը` ողբերգական մահուան հանգամանքները մինչ այժմ անյայտ են:

Երեւանը` Տիեզերքէն

0

Ռուս տիեզերագնաց Սերկէյ Ռեազանսքին իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ հրապարակած է տիեզերքէն կատարուած  Երեւանի նկարները:

Անոր խօսքով, Երեւանը միւս մայրաքաղաքներուն նման չէ` «մարդիկ այստեղ չեն շտապեր, քաղաքը կ՛ապրի հանգիստ կշռոյթով:

«Ի դէպ, օգտուելով հնարաւորութենէն՝ իմ տիեզերային ողջոյնը կը յղեմ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան իմ ընկերներուս»,- գրած է Ռեազանսքին:

Այնթապի Մէջ Կը Ջնջուին Հայկական Հետքերը. Թրքական Կայքին Անդրադարձը

0

Թուրքիոյ նախկին հայաշատ Այնթապ քաղաքի հայկական թաղամասի ոչնչացման վերաբերեալ նիւթ հրապարակած է թրքական «GazeteKarinca» կայքը, կը հաղորդէ «Նիուզ»-ը:

Կայքը իր հրապարակման սկիզբը կը շեշտէ, որ Այնթապի մէջ 1915–ի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք հայերուն պատկանող եւ պատմական արժէք ներկայացնող շարք մը շինութիւններ վերածուած են մզկիթներու կամ սրճարաններու:

Հայերու մասին ամենակարեւոր հետքը կրող Էպլեհան թաղամասի ամենաբարձրադիր վայրին մէջ կառուցուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին 2010–ին վերանորոգման անուան տակ վերածուեցաւ Փրկութեան մզկիթի: Բացի այդ, եկեղեցւոյ մէջ գտնուած եւ քրիստոնէութեան մասին վկայող որմնանկարները ջնջած են:

Կայքը նաեւ նշած է, որ Այնթապի մէջ կան նաեւ  հայերուն պատկանած այգիներով եւ քանի մը յարկէ բաղկացած տուներ, որոնց մեծ մասը վերածուած է սրճարաններու կամ որպէս խանութ–հիւրանոց ծառայութիւն կը մատուցանէ տեղացի եւ արտասահմանցի զբօսաշրջիկներուն:

 

 

 

Հայաստանի Մէջ Աշխատող Մայրերը Պետութեան Հաշուին Դայակ Վարձելու Հնարաւորութիւն Կրնան Ստանալ

0

Հայաստանի կառավարութիւնը խորհրդարանի քննարկման ներկայացուցած է երիտասարդ մայրերու աշխատանքը եւ երեխայի խնամքը համատեղող ծրագիր ներդնելու օրէնսդրական նախաձեռնութիւն: Ազգային ժողովին մէջ ՀՀ 2018-ի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման ժամանակ այս մասին յայտնած է ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեան: Այս մասին կը հաղորդէ “Երկիր”-ը։

«Զբաղուածութեան ոլորտին մէջ կը նախատեսենք երեք նոր ծրագիրներ, որոնք ուղղուած են ընկերա-ժողովրդագրական խնդիրներու որոշակի լուծման: Ազգային ժողով ներկայացուցած ենք համապատասխան օրէնսդրական նախաձեռնութիւն, որմով կ՛առաջարկենք  ներդնել երիտասարդ մայրերու համար աշխատանքը եւ երեխայի խնամքը զուգակցելու ծրագիր»,- ընդգծած է նախարարը:

Ան մանրամասնած է, որ այդ ծրագիրը բոլոր աշխատող մայրերուն, որոնք երեխայի մինչեւ երեք տարին լրանալը կը գտնուին խնամքի արձակուրդի մէջ, մինչեւ երկու տարին բոլորելը   աշխատանքի վերադառնալու պարագային պետութեան հաշուին դայակ վարձելու հնարաւորութիւն պիտի տայ:

 

Նոյեմբերի 7-ը` Ղափամայի Օր Երեւանի Մէջ

0

Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանը կը յայտարարէ Ղափամայի օր: Պիտի Իրականացուի հայկական աւանդական ուտեստի` Ղափամայի պատրաստութեան մրցոյթ:

Նախաձեռնութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 7-ին, ժամը 15:00-ին Վերնիսաժի կեդրոնական ցայտաղբիւրին մօտ:

Փափաքողները կրնան դիմել եւ մասնակցիլ Ղափամայի մրցոյթին հետեւեալ մրցանակային անուանակարգերուն մէջ. ամենահետաքրքրական սեղան, ամենաիւրօրինակ ձեւաւորուած Ղափամայ, ամենամեծ Ղափամայ:

Ձեռնարկին համերգային ելոյթներով հանդէս պիտի գան երգի ու պարի համոյթներ:

Հայ Մշակոյթը Արժանաւորապէս Պիտի Ներկայացուի Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» Թանգարանին Մէջ

0

Հայոց պատմութեան ամբողջ ժամանակաշրջան մը պիտի ներկայացուի համաշխարհային հեղինակաւոր մշակութային կեդրոններէն մէկուն` Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին մէջ: 4-17 դարերու հայ պատմամշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող բացառիկ ցուցահանդէսին բացումը նախատեսուած է 2018-ի Սեպտեմբերի 21-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման օրը:

Ցուցահանդէսին մասին մանրամասնութիւններ, «Արարատ Էսքիճեան» թանգարանին մէջ Հոկտեմբերի 22-ին ներկայացուց «Մեթրոփոլիթըն»-ի միջնադարեան արուեստի եւ վանքերու վարչութեան բիւզանդական բաժնի համակարգող Հելեն Էւընս:

«Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին վաղ միջնադարէն մինչեւ 17-րդ դար հայոց պատմութիւնը եւ մշակոյթը` քրիստոնէութեան ընդունման, Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ հայ գիրերու ստեղծման ու ատոր ազդեցութեան, Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան տարիներու մասին ցուցանմուշներ, տարբեր դարերու ձեռագիրներ, հայերէն առաջին տպագիր գիրքեր»,- տեղեկացուցած է Հելեն Էւընս:

Ցուցադրութիւնը հիմնականին մէջ կազմուած պիտի ըլլայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարանին, Մատենադարանի եւ Պատմութեան թանգարանի նմուշներէն, նաեւ պիտի ներառուին Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբեանց եկեղեցւոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Մխիթարեան միաբանութեան մօտ պահուող հայ միջնադարեան մշակոյթի որոշ գանձերէն նմուշներ` տրամադրուած «Կիւլպէնկեան» հիմնարկին եւ կարգ մը ոչ հայկական աղբիւրներու կողմէ:

Էւընս նշած է, որ բացառիկ առիթ կ’ընձեռուի` աշխարհի հնամենի մշակոյթներէն մէկը կրող ժողովուրդին պատմամշակութային ժառանգութիւնը ժամանակակից ձեւով ներկայացնելու: «Մենք յոյս ունինք, որ ցուցադրութիւնը հայերուն հպարտութեան առիթ կ՛ըլլայ, երբ տեսնեն, թէ Հայաստանը ի՛նչպէս ըստ պատշաճի ներկայացուած է: Միաժամանակ կ՛ակնկալենք աշխարհին աւելի ճանաչելի եւ ընդունելի դարձնել հայ մշակոյթը` որպէս համաշխարհային արուեստի կարեւոր մաս»,- նշած է ան` պատիւ համարելով իր ներգրաւուածութիւնը ցուցահանդէսի կազմակերպման գործին մէջ:

Բանախօսութեան ընթացքին հայկական ձեռագիրներու մասնագէտ Էւընս խօսեցած է հայոց պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններու իրադարձութեանց մասին, ներկայացուցած հազուագիւտ ձեռագիրներ:

Պատասխանելով ներկաներէն մէկու հարցումին, թէ ի՛նչպէս կարելի է լուծել աշխարհի տարբեր թանգարաններու մէջ, այդ կարգին` «Մեթրոփոլիթըն»-ի մէջ, այլ երկիրներու անունին ներքոյ ներկայացուած հայ մշակոյթի գանձերը՝ որպէս հայկական ներկայացնելու հարցը, Էւընսը դիտել տուած է, որ այսպիսի ցուցահանդէսները լաւագոյն միջոցը կրնան ըլլալ:

Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ – ԺԶ – Ա՛յն, Ինչ Որ Ան Ձգեց Մեզի, Անմահ Է… Ալեքսանդր Սպենդիարեանի Տուն-Թանգարան

0

*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

Հպարտ եմ, որ մեր հայկական երաժշտութեան մէջ այնպիսի երգահան մը եղած է, առանց որուն  հրաշալի ստեղծագործական ժառանգութեան այժմ արդէն կարելի չէ պատկերացնել հայկական երաժշտութիւնը: Որքան մեծ կ’ըլլար մեր կորուստը, եթե չ’ըլլար Ալեքսանդր Սպենդիարեանը:

Առնո Պապաճանեան

Շատ սերունդներ հիացած են  հայ մեծ երգահան Ալեքսանդր Սպենդիարեանի սքանչելի երաժշտութեամբ եւ դեռ շատերը պիտի հիանան, քանի որ այդ երաժշտութիւնը մարդոց սրտերը կը լեցնէ լոյսով ու բարութեամբ, անոր երաժշտութիւնը անմահ է: Ան հազուագիւտ գրաւիչ եւ բացառիկ համեստ մարդ էր: Իր ստեղծագործութիւններուն նկատմամբ շատ պահանջկոտ էր եւ երբեք իր երկերը լոյս աշխարհ չէր հաներ, մինչեւ որ անոնք վերջին մանրուքներով հանդերձ չմշակեր:

Նոյեմբերի 1-ը հայ մեծ երգահան Սպենդիարեանի ծննդեան օրն է։ Այս տարի կը նշենք երգահանի ծննդեան 146 ամեակը, որ առիթ հանդիսացաւ այս մեծ հայուն տուն-թանգարանի մեր այցելութեան, ուր ապրած  է կեանքի վերջին երկու տարին:  Երեւանի Նալպանտեան փողոցին  վրայ գտնուող թիւ 29 (այժմ` 21)  այս շէնքը, ուր 1926-28թթ. ապրած է Ալեքսանդր Սպենդիարեանը, այսօր ընդգրկուած է Երեւանի պատմութեան մշակոյթի յուշարձաններու ցանկին մէջ` որպէս հանրապետական նշանակութեան յուշարձան:  1967  թուականի Նոյեմբեր 25-ին երգահանի դստեր` Մարինա Սպենդարովայի ջանքերով այստեղ կը բացուի Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը: Այն հանրապետութեան առաջին երաժշտական, յուշթանգարանն է: Սպենդիարեանի երաժշտութեան հնչիւնները այցելուներուն կ’ուղեկցին դէպի թանգարան, ուր պահպանուող մասունքները կը պատմեն իր կեանքի ու ստեղծագործական փառահեղ ուղիին մասին: Թանգարանին մէջ այցելուները կրնան ունկնդրել Սպենդիարեանի ստեղծագործութիւնները, հնչեցնել <<Սպենդիարաֆոնը>>, դառնալ <<Ալմաստ>> օփերայի հերոսներ: 

<<Զարթօնքի>> զրուցակիցն է երգահան Մարինէ Օթարեանը, ով 1996 թուականէն մինչեւ օրս կը ղեկավարէ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը:

«Զ.» Տիկին Մարինէ, կ’ըսէ՞ք՝ ե՞րբ եւ ո՞րքան ժամանակ այս տունը ապրած է  Ալեքսանդր Սպենդիարեանը: Հիմնադրման ի՞նչ պատմութիւն ունի թանգարանը:

«Մ. Օ.» – Մինչեւ թանգարանին մասին խօսիլը կարճ պատմական ակնարկ մը ընենք, թէ ի՛նչպէս ունեցանք տուն-թանգարան ստեղծելու  գաղափարը  եւ պէտք է նշեմ, որ այդ գաղափարը կ’երթայ դէպի երգահանի մահուընէ ետք  1920 -ական թուականներու վերջը: Մենք գիտենք, որ երգահանը մահացած է  1928 թուականի մայիսի 7-ին, որմէ ետք իր դուստրը Մարինա Սպենդիարովան, որ այդ ժամանակ տակաւին կը բնակէր Խրիմի Սուդակ քաղաքը,  կը մտածէ  հաւաքել հօր արխիւը, մէկտեղել անոր ստեղծագործական ժառանգութիւնը եւ արդէն այդ ժամանակուընէ իրեն մտքին մէջ կար թանգարան ստեղծելու գաղափարը: Ան գրութիւն կ’ուղարկէ Մոսկուա և Հայաստան ու ցանկութիւն կը յայտնէ, որ այդ տարիներուն թանգարան բացուի Հայաստանի մէջ։  Ի հարկէ, ցանկութիւն կար, որ թանգարան բացուի նաեւ Խրիմի մէջ, բայց ծանր ժամանկաշրջան էր եւ այդ տարիներուն թանգարան ստեղծելու գաղափարը չ’իրականանար:  1940-ին արդէն երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն, Մարինա Սպենդիարովան զգալով, որ այդ պատերազմական ժամանակաշրջանը  կրնայ վտանգաւոր ըլլալ եւ կորսնցնել հօր արխիւը , կ’որոշէ այդ արխիւը ուղարկել Հայաստան: Այսպես Սպենդիարեանի ձեռագրերը, նօթաները, երաժշտական գործիքներէն` ջութակը, այն ստեղծագործական ժառանգութիւնը, որ հաւաքած եւ պահպանած էր,  կ’ուղարկէ Հայաստան իր ընկերներուն եւ կը խնդրէ, որ անոնք պահեն:  Պէտք է նշեմ, որ Ստալինեան բռնապետութիւնը անցաւ նաեւ Սպենդիարեանի ընտանիքի քովէն եւ իր ծանր հետեւանքը ունեցաւ անոնց համար։ Սպենդիարեանի դուստրը ենթարկուելով այդ բռնապետութեան` աքսորուեցաւ:  Աքսորէն վերադառնալէ ետք, միայն  Մարինա Սպենդիարովան նորէն գործի անցաւ` իր նուիրական երազանքի իրականացմանը: 

1959 թուականին Մարինա եւ Թաթիանա Սպենդիարեանները  կու գան Հայաստան եւ կը տեսնեն, թէ հայ ժողովուրդը ինչպէս գնահատած է իր զաւակին աւանդը հայ երաժշտաարուեստի զարգացման գործին մէջ, այս ժամանակ արդէն օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի այդ վեհաշուք շէնքի դիմաց կանգնեցուած էր Ալեքսանդր Սպենդիարեանի արձանը, որ իր անունը կը կրէր։ Իր անունը կը կրէր Երեւանի առաջին երաժշտական դպրոցը, ինչպէս նաեւ փողոց մը Երեւանի մէջ: Եւ ահա քոյրերը կ’որոշեն դիմել Հայաստանի կառավարութեան, որպէսզի Սպենդիարեանի Հայաստանի մէջ ապրած այն բնակարանը, ուր ան ապրած է կեանքի վերջին երկու տարին վերածուի թանգարանի: 1963 թուականին  ՀԽՍՀ նախարարներու խորհրդի նախագահ Անտոն Քոչինեանի  որոշմամբ կը հիմնադրուի տուն-թանգարանը, կը կազմուի  թանգարանի աշխատակազմը` երգահան Վլադիլեն Բալեանի ղեկավարութեամբ:

«Զ.» – Գիտեմ, որ պատմութեան ընթացքին տուն-թանգարանին մէջ աշխատած են մարդիկ, ովքեր ինքնանուիրումով ու բացառիկ ոգեշնչուածութեամբ  պահպանած են Ալեքսանդրի ձգած ժառանգութիւնը: Կ’ըսէ՞ք ՝ ո՛րն էր այդ գործին մէջ թանգարանի հիմնադիր Վլադիլեն Բալեանի դերը:

«Մ. Օ.» – Երկու խօսքով ներկայացնեմ այս շէնքի մասին, որովհետեւ այդ շատ իւրայատուկ է անով, որ շէնքը կառուցուած է 1925-26 թուականներուն Նիկողայոս Բունաթեանի նախագծով եւ Երեւանի առաջին բազմաբնակարան շէնքերէն է: Այժմ շէնքը կը գտնուի  Հայաստանի պատմամշակութային արժէքներու ցանկին վրայ՝ որպէս հանրապետական նշանակութեան յուշարձան:  Վլադիլեն Բալեանը տնօրէն կը նշանակուի 1966 թուականին եւ նոյն այդ թուականէն է Մարինա Սպենդիարովան, Վլասիլեն Բալեանը եւ ժամանակի արուեստագէտներ` Էդուարդ Միրզոյեանը, Ալեքսանդր Յարութիւնեանը եւ այլոք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն այս թանգարանի ստեղծման ու բացման համար: 1967 թուականի  25-ին կը բացուի թանգարանը , որ Հայաստանի մէջ երաժշտական առաջին յուշային թանգարանն է, այսինքն՝ յուշային թանգարան, որ նուիրուած է երաժիշտ մարդու: Թանգարանի բացման ժապաւէնը կը կտրէ Մարտիրոս Սարեանը: Հետաքրքիր պատմութիւն կայ պէտք է նշեմ, որ մէկ օր ետք ալ բացուեր է Մարտիրոս Սարեանի տուն թանգարանը եւ ինքը՝ վարպետը ցանկացած է, որ այդ ձեւով ըլլայ: Ան կ’ըսէր . << Թող առաջինը բացուի իմ աւագ ընկերոջ թանգարանը, յետոյ բացուի նաեւ իմ թանգարանը>>:  Տուն-թանգարանի հիմնադիր տնօրէն երգահան Վլադիլեն Բալեանի տնօրինութեան տարիներուն (1966-1972) թանգարանը դարձաւ մայրաքաղաքի սիրուած մշակութային օճախներէն մէկը: Յիշարժան են թանգարանի պուրակին կազմակերպուող բացօթեայ համերգները, որոնց կը մասնակցէին անուանի արուեստագէտներ, երաժիշտներ ու գրողներ. Առնո Պապաճանեան, Էդուարդ Միրզոյեան, Ալեքսանդր Հարութիւնեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Գէորգ Էմին, Յովհաննէս Չէքիճեան եւ այլք: Ինքնատիպ էր Վ. Բալեանի նախագծած թանգարանի սպենդիարեանական շունչով յագեցած ցուցադրութիւնը, որ արժանացաւ բազմաթիւ այցելուներու բարձր գնահատանքին:
Իր ծաւալած գործունէութիւնը ամփոփուեցաւ Սպենդիարեանի ծննդեան 100-ամեայ յոբելեանի օրերուն, երբ կայացան բազմաբնոյթ միջոցառումներ ոչ միայն Հայաստան, այլեւ անոր սահմաններէն դուրս:

«Զ.» – Ի՞նչ պատմութիւն ունի Ալեքսանդր Սպենդիարեանի դիմանկարը, որ թանգարանին նուիրած է Մարտիրոս Սարեանը:

«Մ. Օ.» – Երբ արդէն կը կազմակերպուէր թանգարանի մշտական ցուցադրութիւնը Վլադիլեն Պալեանը իր յուշերուն մէջ կը պատմէ, որ իրենք զգացին՝ անհրաժեշտութիւն կայ երաժշտագէտին դիմանկարի եւ այդ հարցով Վլադիլեն Պալեանը և Մարինա Սպենդիարովան  կը դիմեն Մարտիրոս Սարեանին, իսկ այդ տարիներուն մենք գիտենք, որ նկարիչը պատկառելի տարիք ունէր, ան  87 տարեկան էր, տեսողութիւնը վատացած էր եւ երբ սկզբնական շրջանին ան քիչ մը կը դժուարանար տեսնելու, կ’ըսէր, որ արդէն տեսողութիւնը վատ է: Պէտք է հաշուի առնենք նաեւ, որ Մարտիրոս Սարեանը դիմանկարներ կ’ընէր կենդանի մարդոց համար, որովհետեւ ան նկարելու ատեն կը զրուցէր մարդկանց հետ, կը թափանցէր անոնց ներաշխարհը եւ այդ ներաշխարհը իր գոյներու միջոցով կ’արտայայտէր, իսկ այդ ժամանակ իր երաժշտագէտ ընկերը արդէն մահացած էր եւ ան ստիպուած էր ընկերջ դիմանկարը նկարել լուսանկարէն: Երբ որ նկարը աւարտեր է, վարպետը խոստովաներ է . « Ես այնքան տարուեցայ այդ նկարով, որ ամբողջ ժամանակ  կը զրուցէի իմ ընկերոջս հետ: Ահա հաւանաբար այդ զրոյցի ժամանակ վարպետը յիշեր էր, թէ ի՛նչպէս իրենք երկու հոգիով Երեւան եղած ժամանակ կը քայլէին փողոցներով եւ Սպենդիարեանը յաճախ  կ’ըսէր, որ Արարատը իրեն կը փոխարինէ ծովին. չէ՞ որ ան ծնած էր ծովային երկրի մը մէջ՝ Խրիմ, իսկ այստեղ ծով չկար, միայն Արարատն էր: Հաւանաբար այդ էր պատճառը, որ Սպենդիարեանի դիմանկարի ետեւի ֆոնին վարպետը պատկերած է ծովը և լեռները: Սպենդիարեանը եկաւ ծովի երկրէն դէպի լեռներու երկիր:

«Զ.» – Նոյեմբերի 1-ին լրացաւ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի ծննդեան 146 ամեակը: Կ’ըսէ՞ք՝ ամէն տարի ի՞նչ միջոցառումներ կ’իրականացուին երաժշտագէտի ծննդեան օրը եւ ինչ կրթական ծրագիրներ ունի թանգարանը:

«Մ. Օ.» – Աւանդոյթ է արդէն երկար տարիներ, որ կոմպոզիտորի մահուան և ծննդեան օրերուն տուն-թանգարանի աշխատակազմը կը կազմակերպէ այցելութիւն անոր շիրիմին , իսկ մենք գիտենք, որ Սպենդիարեանի մարմինը կը հանգչի օբերայի և բալետի ազգային ակադեմիական թատրոնի յարակից պուրակին մէջ : Այդ այցելութեան օրը միշտ անոր շիրիմի քով կը հաւաքուին իր անունը կրող երաժշտական դպրոցի սաները, օփերայի եւ պալէի ազգային թատրոնի անձնակազմը, ինչպէս նաեւ յիշատակի տուրք կը մատուցեն եւ ծաղիներ կը դնեն երգահան շիրիմին: Ամէն տարի իւրօրինակ ձեւով կը նշեն այդ օրը պատանի Սպենդիարանականները, որոնք Սպենդիարեանի անուան երաժշտական դպրոցի առաջին դասարանի  աշակերտներն են եւ արդէն 21 տարի շարունակ իրենց առաջին այցելութեան ժամանակ թանգարանը երդման արարողութիւն կը կատարեն կ’երդնուն երգահանի  յիշատակին` բարձր պահել իր ստեղծագործական ժառանգութիւնը եւ մեծ հռչակը: Այս տարի մենք որոշեցինք երդման արարողութիւնը իրականացնել կոմպոզիտորի շիրիմին մօտ եւ երեխաները մէկ կարմիր վարդ կը դնեն անոր շիրիմին, որովհետեւ  կոմպոզիտորի սիրած ծաղիկը կարմիր վարդն էր: Այնուհետեւ երգահանի տուն թանգարանը տեղի  կ’ունենայ կրթական երկու նոր ծրագիրներու ներկայացում, մէկը կը կոչուի  <<Որքանո՞վ Կը Ճանչնամ Սպենդիարեանին>>՝  հարցաշարի տեսքով, իսկ միւսը <<Ես Բեմանկարիչ Եմ>>, որ Ալամստ օփերայի էսքիզներու ստեղծման ձեւով երեխաները, այցելուները, երիտասարդները կը կարողանան կերտել Ալմաստ օփերայի բեմը, այսպիսով նաեւ ծանօթանալով, թէ ի՛նչ է բեմանակարչութիւնը:  Բացի այս երկու ծրագիրներէն ունինք կրթական մի քանի ծրագիրներ տարիքային տարբեր խմբերու  երեխաներու համար: Ատոնցմէ մէկը նշեմ, որ շատ մեծ տարածում գտած է դպրոցներուն մէջ. ատիկա << Իմ Տոհմածառը>> ծրագիրն է, որ  նախատեսուած է. Հանրակրթական դպրոցներու 2-4-րդ դասարանի աշակերտներու համար: Ծրագիրին նպատակն է `թանգարան այցելող դպրոցականներուն ծանօթացնել Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տոհմի պատմութեանը, հետաքրքրութիւն առաջացնել իրենց տոհմի պատմութիւնն իմանալու հանդեպ եւ սորվեցնել տոհմածառ կազմելու սկզբունքները:

 

«Զ.» Հրատարակչական ի՞նչ աշխատանքներով  կը զբաղի թանգարանը:

«Մ. Օ.» – Պէտք է նշեմ, որ այս տարին յոբելեանական է մեր թանգարանի համարր, որովհետեւ կը լրանայ մեր թանգարանի հիմնադրման 50 ամեակը եւ մենք Նոյեմբերի 25-ին  կը պատրաստուինք նշել մեր թանգարանի կէսդարեայ պատմութիւնը: Այդ առիթով թանգարանը կը պատրաստէ հրատարակութեան  «Հայաստանի մէջ առաջին երաժշտական յուշային թանգարանը 50 տարեկան է» վերնագրով տարեգրությունը, ուր կը ներառուի այս 50 տարիներու թանգարանի պատմութիւնը ինչպիսի մշակութային ուղի անցած է, ինչ դժուարութիւններ ունեցած է թանգարանը, եւ այստեղ կը զետեղուին բացի փաստագրական, լուսանկարչական նիւթերէն, տուն թանգարանի առաւել աչքի զարկած, առաւելագույն կարեւոր ցուցանմուշներ:  20 ցուցանմուշ  ընտրուած է , որոնք կը մտնեն այս գիրքին մէջ: Գիրքի շնորհանդէսը կ’ըլլայ թանգարանի ծննդեան օրը` Նոյեմբեր 25-ին :

«Զ.» -Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք Սփիւռքի հետ: Ո՞րն է Սփիւռքի ներդրումը թանգարանի զարգացման գործին մէջ:

«Մ. Օ.» – Անկեղծ ըլլալու համար մենք շատ համագործակցութիւն չունինք: Ի հարկէ, կապեր ունինք Ղրիմի հետ, որովհետեւ Սպենդիարեանը Ղրիմ ծնած է : Այնտեղ կապեր ունին հայկական համայնքի հետ եւ գիտենք, որ անոնք ինչ աշխատանքներ կը տանին  Սպենդիարեանի ստեղծագործական ժառանգութեան եւ ընդհանրապէս երգահանի հանրահռչակաման գործին: Ես վերջերս  եղայ նաեւ Պէյրութ եւ այնտեղի երկու ռատիոկայաններուն հարցազրոյց տուի Սպենդիարեանի գործունէութեան մասին եւ ես հասկցայ, որ մենք Սփիւռքի մէջ պակասը ունինք մեր դասականներուն հանրահռչակելու : Շատ-շատ կ՛ուզէի եւ կ’ուղղորդէի, որ մեր դասականներուն`Սպենդիարեան, Խաչատրեան, Պապաճանեան, Յարութիւնեան , Միրզոյեան շատ հանրահռչակուէին եւ կ’ուզէի, որ սփիւռքի մէջ երիտասարդները մեր մեծերուն լաւ ճանչնան: Մենք նաեւ կը քաջալերենք եւ կ’աջակցինք այն բոլոր նուագախմբերուն, այն բոլոր անհատներուն, ովքեր դուրսը ցանկութիւն ունին եւ իրենց աշխատանքները կը տանին Սպենդիարեանի ստեղծագործութիւններու տարածման գործին մէջ: Վառ օրինակը ֆրանսաբնակ մեր լաւագոյն երգիչներէն մէկուն` Մկրտիչ Մկրտչեանի նախաձեռնութեամբ Ֆրանսիայի երկու քաղաքներուն մէջ սիմֆոնիկ նուագախմբի հետ կատարեցին Սպենդիարեանի ստեղծագործութիւնները  առաջին անգամ եւ հոն կային ստեղծագործութիւններ, որոնք ֆրանսայի մէջ հնչեցին առաջին անգամ: Մենք  աջակցեցանք եւ ուղարկեցինք բոլոր նօթաները: Միանգամընդմիշտ պատրաստ ենք իւրաքանչիւր արուեստագէտի մեր աջակցութիւնը ցուցաբերելու ի նպաստ Սպենդիարեանի ստեղծագործական ժառանգութեան տարածման:

«Զ.» -Այսօր ալ տուն-թանգարանը կ’ապրի մշակութային եռուն կեանքով, հին ու բարի աւանդոյթները կը ներդաշնակուին նոր մտայղացումներով։ Յիշեցնենք, որ թանգարանը կը գտնուի Երեւանի Նալպանտեան փողոցին վրայ թիւ 21:

Հեռ.  +374 10 521299 / +374 10 580783

Կայք՝ www.spendiaryanmuseum.am

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութիւնը Հայրենադարձութեան Ծրագիր Կը Մշակէ

0

Սփիւռքի նախարարութիւնը մտադրած  է 2018-ին հայրենադարձութեան ծրագրի յաջողութեան համար հայեցակարգ մշակել: Այս մասին տեղեկացուցած է Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցին, թէ արդեօք իրատեսական կը համարէ՞ նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ 2040-ին 4 միլիոն բնակիչ ունենալու տեսլականը:

Յակոբեան յայտնեց, որ պէտք է մանրակրկիտ ուսումնասիրել, թէ ի՛նչպէս կարելի է մարդիկ շահագրգռել Հայաստան գալու, այստեղ աշխատելու եւ ապրելու համար:

«Ես կը կարծեմ, որ եթէ հանրապետութեան նախագահը յայտարարած է, ուրեմն նաեւ հաշուարկներ, մօտեցումներ, ճշգրտումներ կատարուած են: Ինչ կը վերաբերի Սփիւռքին՝  ոչ միայն բնական աճի, այլեւ մեքենական աճի առումով մենք 2018 թուականին նախատեսած ենք հայրենադարձութեան նախապատրաստական աշխատանքները: Մենք, փաստօրէն, պիտի մշակենք հայեցակարգ, ուսումնասիրած ենք ուրիշներու փորձը, պիտի մշակենք օրէնք հայրենադարձութեան մասին, մասնագիտական հայրենադարձութեան համար կը փորձենք աշխատանքներ իրականացնել»,- ըսած է Յակոբեան:

Ըստ Սփիւռքի նախարարին՝ հայրենադարձութեան համար հայրենասիրութիւնը բաւարար չէ:

«Մենք պէտք է կարենանք Հայաստանի հնարաւորութիւնները ներկայացնել: Ի՞նչ կրնանք իրենց առաջարկել, ինչպիսի՞ մասնագէտներու կարիք մենք ունինք, որո՞նց մենք պէտք է հրաւիրենք, ըստ այնմ պայմաններ ստեղծենք: Եթէ անոնք այնպիսի մասնագէտներ են, որոնք պէտք են Հայաստանին եւ Հայաստանի մէջ նման մասնագէտներ կա՛մ չկան, կ’ա՛մ քիչ են, ի հարկէ, պէտք է մտածել անոնց համապատասխան աշխատավարձ տալու մասին, պայման ստեղծելու մասին, որ մարդը գայ: Միայն հայրենասիրութեան դրդումով գայ, կանգնի փողոցը, ատիկա հայրենադարձութիւն չ’ըլլար: Հետեւաբար, որոշ պայմաններ մենք պէտք է առաջարկենք: Իւրաքանչիւր նախարարութիւն պէտք է իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ առաջարկներ ներկայացնէ եւ մենք փորձենք ընդհանրացնել, ի մի բերել: Լուրջ բան է նախապատրաստական, կազմակերպչական աշխատանքները հայրենադարձութեան»:

Ֆրանսայի Նախագահին Նամակը Ուղղուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին

0

Երէկ առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նամակ մը ստացաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն։

Պրն. Նախագահը առաջին հերթին կը վստահեցնէ, որ Ֆրանսան «միջազգային իր դաշնակիցներուն հետ պիտի շարունակէ աշխատիլ ի խնդիր խաղաղութեան եւ ապահովութեան, յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս՝ պահպանելով ցեղային ու կրօնական զանազանութիւնը եւ ինքնութիւնը, որ շրջանի իւրայատուկ յատկանիշներէն մէկը կը հանդիսանայ։ Ֆրանսան նաեւ պիտի շարունակէ պայքարիլ ծայրայեղութեան դէմ՝ պաշտպանելով ցեղային ու կրօնական ծայրայեղութեան ու բռնութեան զոհ դարձած համայնքները»։ Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին՝ ան կը շեշտէ «արդարութեան վրայ հիմնուած տագնապի քաղաքական լուծման կարեւորութիւնը, որպէսզի Սուրիոյ ժողովուրդը բաղկացնող ցեղային ու կրօնական համայնքները կարենան ապրիլ խաղաղութեան մէջ՝ յարգուած տեսնելով իրենց մարդկային իրաւունքները»։

Ֆրանսայի նախագահը նաեւ կ՚անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան։ Յիշելով, որ «Հայոց Ցեղասպանութենէն հարիւր տարիներ ետք Միջին Արեւելքը տակաւին կ՚ապրի բռնութեան ու բռնակալութեան մթնոլորտի մէջ», կը վստահեցնէ, թէ Ֆրանսան «հաւատարիմ իր կեցուածքներուն, պիտի շարունակէ շեշտել ճշմարտութեան հրամայականը եւ հաւաքական յիշողութեան պահպանման կարեւորութիւնը աշխարհի բոլոր երկիրներէն, ներառեալ Թուրքիայէն ներս», միաժամանակ՝ ընդգծելով, որ Ֆրանսան «անկեղծ բարեկամ է Հայաստանին եւ աշխարհի բոլոր կողմերը ապրող հայ ժողովուրդին եւ ան ամբողջութեամբ յանձնառու է Ղարաբաղի հարցին բանակցութեան ճամբով մնայուն լուծում մը գտնելու՝ յօգուտ շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն»։

Վերջապէս, Նախագահ Մաքրոն կը վերահաստատէ Ֆրանսայի եւ Լիբանանի միջեւ գոյութիւն ունեցող զօրեղ բարեկամութիւնը՝ Լիբանանը նկատելով տիպար երկիր մը գոյակցութեան, բազմազանութեան եւ ժողովրդավարութեան, ուր հայ համայնքը ունի իր կարեւոր տեղը։