Հինգշաբթի, 19. 06. 2025

«Հանգստապատառի Համը ԱՄՆ Բերած Հայ Գաղթականները». Թրքական Կայքին Անդրադարձը

0

Աշխարհի մէջ ամենայայտնի արեւելեան անուշեղէններէն մէկը` հանգստապատառը (լոխում) Ամերիկա մայրցամաք հասած է 20-րդ դարու սկիզբը եւ, ինչպէս կը պարզուի, մեծ ճանաչում գտած է երկու հայ գաղթականներու շնորհիւ: Այս մասին, ըստ «Թերթ․am»-ի՝ կը գրէ  թրքալեզու «kronos.news» կայքը:

Արմէն Դերձակեանի ու Մարք Պալապանի հիմնած փոքրիկ ընկերութիւնը ժամանակի ընթացքին մեծ յաջողութիւն կ՛ունենայ Ուաշինկթընի մէջ, որմէ ետք խոշոր պատուերներ կը սկսի արձանագրելու ամբողջ երկրէն:

Միացեալ Նահագներու տարածքին հանգստապատառի առաջին գործարանը հիմնած հայազգի գործարարներուն թոռները այսօր կը պատմեն, որ իրենց պապիկներուն նպատակն էր գաղթական երեխաներու մանկութեան համը վերակենդանացնել այստեղ` նոր մայրցամաքի մէջ, թէկուզ եւ ոչ մայրենի հողի բարիքներէն պատրաստուած բաղադրիչներով:

Սակայն հանգստապատառի իւրայատուկ համի գաղտնիքը լաւ իմացող հայ գաղթականներ զայն ոչ պակաս համեղ պատրաստելու ձեւը գտած էին նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ` հանգստապատառի պատրաստման մէջ շեշտը դնելով վարդի օշարակի վրայ, որ դարձաւ անոր յաջողութեան գաղտնիքը:

Թուրքիոյ Մէջ Լրագրողին Դէմ Արշաւի Սկսած Են Ցեղասպանութեան Յուշարձանին Առջեւ Լուսանկարուելուն Համար

0

Թուրք լրագրող Ամպերին Զաման Միացեալ Նահագներու Պոսթընի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ կատարած լուսանկար մը հրապարակած է, որմէ ետք ընկերային ցանցերու մէջ թուրքերը անոր դէմ արշաւի սկսած են, կը հաղորդէ «Armtimes»-ը:

Անոր դէմ արշաւին միացած են նաեւ իշխանամէտ որոշ լրատուամիջոցներ, եւ զայն կը մեղադրեն հակաթրքական քայլերու, ահաբեկչական կառոյցներու խօսնակը ըլլալուն մէջ:

Յայտնի լրագրողը, որ անմասն չէ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար մղուող պայքարին, «Twitter» -ի մէջ կատարած հրապարակման կից օգտագործած է «Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթող», «Պոսթըն», «Այլեւս երբեք» (#ArmenianGenocide memorial, #Boston, #neveragain ) հեշթեկերը:

Զաման Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «100 վայրկեան» նախագիծի մասնակիցներէն է եւ նախագիծին համար կարդացած է Ցեղասպանութիւնը վերապրած Սառա Մուրատեանի վկայութիւնը:

 

Ինչպէս Հայկական Ինքնութիւնը Կը Վերապրի Ցեղասպանութիւնը

0

«LA Weekly»-ն անդրադարձած է ամերիկաբնակ բեմադրիչ Աւօ Ջոն Քամբուրեանի` Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու եւ անոնց ժառանգներու յաջողութեան պատմութիւններուն մասին ֆիլմաշարքին: «Echoes of Survival» ֆիլմաշարքի գաղափարը յառաջացած է մի քանի տարի առաջ, երբ ամբողջ աշխարհի հայերը կը պատրաստուէին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

«Մենք կը խօսինք ցեղասպանութեան ընթացքին սպաննուած 1.5 միլիոն հայերու մասին` մոռնալով պատմել անոնց մէջ եղած տաղանադաւոր անհատներու ձեռքբերումներու, նորարարութիւններու, ինչպէս նաեւ մշակութային բազմաթիւ կորուտներու մասին»,- ըստ «Փանարմինիըն»-ի՝ պարբերականին ըսած է բեմադրիչը:

5 մասէ բաղկացած փաստագրական ֆիլմը առաջին անգամ ցուցադրուած է Նոյեմբեր 4-ին «Arpa» միջազգային շարժանկարի փառատօնի ծիրէն  ներս:

«Սան Ֆերնանտոյի մէջ ծնած Քամբուրեանի ընտանիքը Միացեակ Նահանգներ տեղափոխուած է Սուրիայէն: 2012-ին ան այցելած է Արեւմտեան Հայաստան ու ներկայ գտնուած նախապէս հայերով բնակեցուած վայրերու մէջ: Այս ուղեւորութիւնը օգնած է անոր ԱՄՆ վերադառնալէ ետք ֆիլմի ստեղծագործական աշխատանքներուն», -կը  գրէ պարբերականը:

«Echoes of Survival»-ի մէջ կը ներկայացուին աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ ապրող հայերու` արուեստի, մշակոյթի, գիտութեան ոլորտներու մէջ ունեցած ձեռքբերումները, եւ այն, թէ ի՛նչպէս ազգային ինքնութիւնը կ՛ազդէ անոնց մասնագիտական գործունէութեան վրայ:

Կիրակնօրեայ Վարժարաններու աշակերտները Կ’այցելեն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին

0

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ իւրայատուկ տեղ եւ դեր ունին Կիրակնօրեայ վարժարանները։ Այս ծիրէն ներս, Կիրակի, 5 Նոյեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանին աշակերտները, գլխաւորութեամբ Կիրակնօրեայ Վարժարաններու բաժանմունքի վարիչ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեանի: Ներկայ էին նաեւ վարժարանի ուսուցիչներն ու ծնողները։

 

Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց Կիրակնօրեայ վարժարաններու առաքելութիւնը իրականացնող հաւատացեալներուն, ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն դերակատարութիւնը՝ կարեւորելով կիրակնօրեայ վարժարաններուն թրծած հոգեմտաւոր կրթութիւնը, որոնք կ’ամրապնդեն հայկական ինքնութիւնը։

Յովհաննէս Այվազովսկիի Հինգ Կտաւները Պատկերող Գեղաթերթիկը Շրջանառութեան Մէջ Դրուեցաւ

0

Յովհաննէս Այվազովսկիի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած դրոշմահաւաքի ցուցահանդէսին ներկայացուած էին ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Արցախի եւ այլ երկիրներու մէջ ապրող դրոշմահաւաքներու հաւաքածուներ:

Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս Նոյեմբեր 7-ին Երեւանի պատմութեան թանգարանին մէջ մարուեցաւ եւ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ հինգ նամականիշով գեղաթերթիկ: Անոնք կը վերաբերին «Աշխարհահռչակ հայեր. Յովհաննէս Այվազովսկիի ծննդեան 200-ամեակը» թեմային:

«Յովհաննէս Այվազովսկի մեծութիւն է ինչպէս հայ, այնպէս ալ այլազգի արուեստասէրներու համար: Նմանատիպ ցուցահանդէսները, նամականիշներու մարումները էական նշանակութիւն ունին մեզի համար: Ատոնք իրազեկման հիանալի միջոց են: Աշխարհի տարբեր երկիրներու դրոշմահաւաքները  կը ճանչնան մեր մեծերը, կը ծանօթանան մեր կատարած աշխատանքին»,- նշած է Հայաստանի դրոշմահաւաքներու միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայելեան:

Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեանի խօսքով` Յովհաննէս Այվազովսկիի հանճարը կը պատկանի համայն մարդկութեան եւ պատահական չէ, որ բազմաթիւ պետութիւններ իրենց դրոշմանիշներուն մէջ կ’անդրադառնան մեծագոյն վարպետին:

Գեղաթերթիկի 170, 220, 230, 380 եւ 450 ՀՀ դրամ անուանական արժէքով  նամականիշներու վրայ արտայայտուած են  մեծանուն հայազգի ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի յայտնի կտաւներէն հինգը` պատկերուած եռաչափ ցուցասրահի խորապատկերին:

Հինգ նամականիշով գեղաթերթիկը տպագրուած է Ֆրանսայի «Cartor» տպագրատան մէջ` 30 000 տպաքանակով: Գեղաթերթիկի գաղափարը կը պատկանի «Հայփոստ թրասթ մենեճմընթ»-ի գլխաւոր տնօրէն Խուան Փապլօ Քեչիճեանին: Ձեւաւորողներն են Աննա Աբգարեանը եւ Յարութիւն Սամուէլեանը:

Թողարկման օրը` 7 Նոյեմբեր 2017

Գաղափարը` Խուան Փապլօ Քեչիճեան

Ձեւաւորումը` Աննա Աբգարեան, Յարութիւն Սամուէլեան

Տպարանը` Cartor, Ֆրանսա

Նամականիշի չափերը`  29,0×35,0 եւ 43,0×45,5

Գեղաթերթիկի չափերը` 244,0×94,0

Տպաքանակը` 30 000

Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի Կիները» Վաւերագրական Ժապաւէնը Ցուցադրուեցաւ Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

0

Հինգշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2017-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ ցուցադրուեցաւ Հայկազեանի շրջանաւարտ Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի կիները» վաւերագրական ժապաւէնը, որուն ներկայ էին մեծ թիւով ակադեմականներ, դիւանագէտներ, լրագրողներ, քաղաքական գործիչներ, հանրային դէմքեր եւ ուսանողներ:

Այս առիթով, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան յուշանուէրով մը պարգեւատրեց Պարէտ Մարոնեանը իր ժապաւէնին ընդմէջէն Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հայ կնոջ տանջանքները հարազատօրէն ներկայացնելու եւ տարածելու աշխատանքին համար: Իր խօսքին մէջ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան շեշտեց նման գործերու կարեւորութիւնը, որոնք լոյս կը սփռեն ոչ միայն հայ ժողովուրդին ապրած տառապանքներուն, այլեւ բոլոր ժողովուրդներուն, որոնք մինչեւ ներկայ ժամանակները կ’ապրին նմանատիպ դժուարութիւններ:

Յայտագիրը ներկայացուց Հայկազեան համալսարանի հանրային կապերու պատասխանատու Միրա Եարտըմեան, որ փոխանցեց Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի կիները» վաւերագրական ժապաւէնի հիմնական խորհուրդը՝ վեր առնել հայ կնոջ դերակատարութեան կարեւորութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առնել ամերիկացի եւ եւրոպացի կիներու կողմէ տրուած բոլոր տեսակի օժանդակութիւնները, որոնք անկիւնադարձային եղան Հայոց ցեղասպանութենէն ետք կազմուած գաղթավայրերուն մէջ՝ յիշելով, յատկապէս ժապաւէնին մէջ նշուած Օրորա (Արշալոյս) Մարտիկանեանը, Մարի Լուիզ Կրաֆֆամը, Տիանա Աբգարը եւ Մարիա Ճէյքըպսընը:

Նշենք, որ Վաւերագրական ժապաւէններու բեմադրիչ, Պարէտ Մարոնեան չորս անգամ շրջանային պատկերասփիւռի «Էմմի» (Emmy) մրցանակի, ինչպէս նաեւ 2016-ին «Արմին Վեկներ» մարդասիրական մրցանակի դափնեկիր եղած է: Ի միջի այլոց, վերջերս ստացած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի «Արուեստի եւ գրականութեան» մրցանակը:

2006-ին հիմնած է «Արմենոյտ» խումբը: Մարոնեան հիմնականօրէն կ’արտադրէ հայկական նիւթերով վաւերագրական ժապաւէններ: Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան որբերը» վաւերագրական ժապաւէնը Ամերիկայի տարածքին յաջողած է հասնիլ 100 միլիոն հանդիսատեսի:

Շուրջ իննսուն վայրկեան տեւած ժապաւէնին հետեւելէ ետք ներկաները բարձր գնահատեցին Պարէտ Մարոնեանի աշխատանքը՝ ընկերային մթնոլորտի մը մէջ ուղղելով իրենց հարցումները:

«Ընկերոջ Տատիկն ա Մահացել»

0

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Դպրոցական բարձրագոյն կարգի դասարաններու մէջ ուսուցչութիւն ըրած տարիներուս աշակերտներուն կը դասաւանդէի ընկերաբանութիւն եւ տնտեսագիտութիւն:

12-րդ դասարանի տնտեսագիտութեան դասագիրքին մէջ կար դաս մը, որուն նիւթը երկիրներու տնտեսական զարգացումն էր: Տնտեսագիտութեան մէջ կայ, անշո՛ւշտ, տեսութիւն մը, որ շեշտը կը դնէ տնտեսական երեք բնագաւառներուն կամ մարզերուն՝ Արտադրողական, Երկրագործական եւ Ծառայողական համահաւասար զարգացման վրայ, որպէս երաշխիք երկրի մը տնտեսական բարեյաջող վերելքին: Իմ պարագայիս եւ հորիզոնականներ ստեղծելու համար դասաւանդած երկու դասանիւթերուս մէջ (որոնք ի վերջոյ իրարու առնչուած ընկերային գիտութիւններ են) ես շեշտը կը դնէի տուեալ երկրին հասարակութեան (ժողովուրդին) մտային յառաջդիմութեան  ու տիրապետող մշակոյթին մէջ ներմուծելիք փոփոխութիւններուն վրայ, առանց որուն անկարելի է տնտեսական բնագաւառներուն մէջ բարեփոխում յառաջացնել: Ինչպէ՞ս կարելի է հողագործ հասարակութեամբ եւ բնականաբար պաշտօնէութեամբ ծանր կամ արհեստագիտական արտադրութիւններու գործարաններ բանալ: Անոր համար պէտք է սերունդ պատրաստել, չէ՞: Ինչպէ՞ս կարելի է երկրագործութիւնը զարգացնել, երբ հողագործը նախնական մտայնութեամբ եւ գիտելիքներով կամ նախապաշարումներով կ’աշխատի: Ինչպէ՞ս ծառայողական մարզը զարգացնել, երբ անոր աշխատողները ծոյլ են կամ անփոյթ:

Աշակերտներուս կը բացատրէի, որ կ՛ապրինք դարաշրջան մը, ուր երկիրներ իրենց տնտեսական զարգացմամբ տասնեակ տարիներով շրջանցած են այլ երկիրներ: Անոնք կ՛աշխատին օրն ի բուն, 24 ժամ 7 օրուան վրայ, հեռախօսային «տաք գիծերով» (hotline), կայքէջերով ներկայացուած առեւտուրով եւ առցանց ծառայութիւններով, վճառումներու եւ գանձումներու առցանց կարելիութիւններով, որ ո՛չ ցերեկ գիտէ ո՛չ ալ գիշեր, ո՛չ Շաբաթ ո՛չ ալ Կիրակի, մինչդեռ մեր երկրին՝ Լիբանանին նման երկիրներու մէջ, տարուան ընթացքին քանի մը տասնեակ հաշուող տօներով եւ ոչ-աշխատանքային օրերով զբաղած են եւ, եթէ տօն մը Կիրակի օրուան զուգադիպի իրենց կարելին կ՛ընեն, որպէսզի Կիրակի օրուան տեղ կարենան Երկուշաբթի «տօնել» (կարծես տօնին նպատակը աշխատանքային օրէ փախչիլն է եւ ոչ իմաստը), նախապաշարուած են Երկուշաբթի օրերը օրինակի համար վճառում չընելով, կլկլակ ծխելով,  «որո՞ւն մօրուքը միւսէն աւելի երկար ու Աստուածահաճոյ է»-ի մրցումով, «հալալով-հարամով»… եւ նմանօրինակ մտայնութեամբ ու ժամավաճառութեամբ:

Ի՞նչպէս կարելի է մշակոյթի հետ սերտօրէն շաղախուած նախնական մարդու հոգեբանութեամբ ու ապրելակերպով ժամանակակից տնտեսութիւն յառաջ բերել ու երկիր մը զարգացնել: Ահա այս էր պատճառը դասաւանդութեան պահուս իմ շեշտադրութիւններուս…:

Վերոյիշեալ հաստատումները ըրի քեզի, սիրելի՛ ընթերցող, հասնելու համար այսօրուան բուն նիւթիս:

Հայրենի ժողովուրդին մօտ տարածուած սովորութիւն է գանգատիլ երկրին տնտեսական իրավիճակէն՝ միայն ու միայն մեղադրելով իշխանութիւնները:

Գանգատողներէն ոչ ոք կը մտածէ կամ կ՛ընդունի, որ խնդիրը նաեւ ուրիշ տեղ է:

Պատմելիքս պատմեմ: Անձնական փոքր գործ մը Հայաստանի մէջ հաստատած ըլլալով՝ մօտէն կ՛առնչուիմ այնտեղացի աշխատակիցներուս հետ: Գործի մշակոյթի եւ բարոյականի աներեւակայելի տարբերութիւն մը կայ (բացառութիւնները միշտ ալ յարգելի են, անշո՛ւշտ): 

Վերջերս համացանցային մեր աշխատանքին մէջ, որոշ թեքնիք խանգառում մը յառաջացաւ, որուն նորոգութեան պատասխանատուն, ի պաշտօնէ իմ այնտեղի աշխատակիցս՝ բնիկ հայաստանցի Գրիգորն է (որ Հայրենիքի տնտեսական իրավիճակին մասին գանգատողներուն առաջին շարքին վրայ կը գտնուի…եւ այս բանին մէջ անդրդուելի ալ է): Տեղեկացուցած էի զինք: Խնդիրը չլուծուեցաւ, որովհետեւ Գրիգորը յանկարծ կորսուեցաւ: Շաբաթ մըն է մեր Գրիգորը կը փնտռեմ, որպէսզի զինք դարձեալ մղեմ լուծում մը գտնելու խնդիրին, որուն դիմաց ան բնականաբար գիտէ, որ լաւ վարձատրութիւն մը կրնայ ունենալ: Գրիգորը մէջտեղ չկար:

Երէկ գիշեր յանկարծ իրմէ հետեւեալ նամակը ստացայ.- «Ճիշդն ասած ես այսքան օր է գործի չեմ գնում: Ընկերոջս տատիկն ա մահացել: Իրա հետ եմ»…: Հետաքրքրական է, չէ՞…: Բանաւոր պատճառաբանութիւն: Ըսելիք չկայ:

Սիրելի՛ ընթերցող, եթէ մեր բարեկամը սուտ կը խօսի, այս մէկը խնդիր է: Եթէ լուրջ է, խնդիրը աւելի ծանր է…: Ամէն պարագայի եղածը ծուլութեան գագաթնակէտ մըն է, ու թող ներեն իմ բարեկամները այնտեղ, որ համարձակութիւնը կ’ունենամ ըսելու, թէ վտանգաւոր մշակոյթի վերածուած է: Աւելի վտանգաւորն ալ այն է, որ իրենց ծուլութեան համար ուրիշը կը մեղադրեն…:

Ճի՛շդ է, որ պետութեան մը պարտականութիւնն է նման յոռի մշակոյթի մը առաջքը առնելու մեքանիզմ մշակել, սակայն ինչպէս ասացուածքը կ՛ըսէ, «երկու կողմ  կ՛ուզէ թանկօ պարելու համար»:

Վստահ եմ Հայրենի պետութիւնը պիտի ձեռնարկէ: Շա՜տ բաներու մէջ ձեռնարկած ալ է: Ժողովուրդը պատրա՞ստ է համակերպելու: Հայրենի ժողովուրդը պատրա՞ստ է առաւօտուն անկողինէն շուտ դուրս գալու կամ ընկերոջ տատիկը հողին յանձնելէ ետք գործի երթալու…:

Ահա այս է հարցումը:

 

Յայտարարութիւն Կասկածելի Բնոյթով եւ Բովանդակութեամբ Ձեռնարկի Մը Առիթով

0

Շրջանէ մը ի վեր իր օրինապահ ուղիէն շեղած՝ Յունաստան հրատարկուող «Նոր Աշխարհ» թերթին մէջ կարդացինք իր բնոյթով կասկածելի ձեռնարկի մը յայտարարութիւնը: Իրենց օրինազանցութեամբ ինքզինքնին մեր կուսակցութենէն հեռացուցած կարգ մը անհատներ, ըստ այդ յայտարարութեան` Աթէնքի մէկ պանդոկին մէջ ՌԱԿ-ի  96-ամեակը կը տօնեն յառաջիկայ Կիրակի, 12 Նոյեմբեր 2017-ին:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս սոյն յայտարարութեամբ կու գայ՝ հանրութեան յստակացանելու, որ աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ը իր ղեկավարութեամբ եւ անդամներով ոչ մէկ առնչութիւն ունի այդ ձեռնարկին հետ, որուն կասկածելի բնոյթն ու բովանդակութիւնը աւելի եւս կը դրսեւորուին անոր համար ընտրուած բանախօսուհիին անունով, որ ծանօթ է ի նպաստ Ազրպէյճանի իր ունեցած քաղաքական կեցուածքներով:

Շեշտելով նշեալ ձեռնարկին անմիջական կասեցման կարեւորութեան վրայ՝ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնս կոչ կ՛ուղղէ Հայ պետական, կրօնական, կուսակցական, միութենական եւ ազգային կառոյցներուն ու հաստատութիւններուն ինչպէս նաեւ Հայ ժողովուրդի զաւակներուն ընդհանրապէս,  զգոյշութեամբ եւ վերապահութեամբ մօտենալ յերիւրածոյ տիտղոսներով ծպտուած ու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անունով անօրինաբար, ինչպէս նաեւ կասկածելի նպատակներով  հանդէս եկող կարգ մը անհատներու սանձարձակ գործունէութեանց Աթէնքի մէջ թէ այլուր:   

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Սեւակ Յակոբեան                                        Սերխիօ Նահապետեան

Ատենադպիր                                                               Ատենապետ

Հակազրահապատային Նռնակի Պայթումէն Վիրաւորուած Զինծառայողին Վիճակը Չափազանց Ծանր է

0

Արցախի մէջ Նոյեմբեր 4-ին հազրահապատային նռնակի պայթումին հետեւանքով վիրաւորուած զինծառայող Սերկէյ Սեւատայի Ալումեանի վիճակը կը շարունակէ մնալ չափազանց ծանր: Ան Երեւանի Կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց տեղափոխուած է, ըստ «Արմենփրես»-ի՝  ըսած է Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:

Արցախի մէջ Նոյեմբեր 4-ին հազրահապատային նռնակի պայթումին հետեւանքով վիրաւորուած երկրորդ զինծառայող Գէորգ Վլատիսլաւի Հիւսնունցի առողջական վիճակի մասին տեղեկատուութիւն չէ եղած: Ան Արցախի զինուորական հիւանդանոցին մէջ կը գտնուի:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան տրամադրած տեղեկատուութեան համաձայն` Արցախի մէջ Նոյեմբեր 4-ին հազրահապատային նռնակի պայթումին հետեւանքով զոհուած է ՊԲ զինծառայող, 1997-ի ծնունդ Հրանդ Խաչատուրի Մանգասարեանը: Գէորգ Վլատիսլաւի Հիւսնունցը եւ Սերկէյ Սեւատայի Ալումեանը ստացած էին տարբեր աստիճանի բեկորային վէրքեր:

Երրորդ կայազօրային քննչական բաժնին մէջ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 376-րդ յօդուածի 2-րդ մասով պայթիւնի հետեւանքով զոհուած ժամկէտային զինծառայող, շարքային Հրանդ Մանգասարեանի մահուան, եւս երկու զինծառայողներու վիրաւորուելու դէպքին առթիւ յարուցուած է քրէական գործ։

Կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ քննչական գործողութիւններ` դէպքին բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ:

Արցախի Հարաւը Շարք Մը Ծրագիրներ Պիտի Իրականացուին

0

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան,  Նոյեմբերի 6-ին, աշխատանքային խորհրդակցութիւն հրաւիրած է նուիրուած գիւղատնտեսութեան եւ շինարարութեան ոլորտներու մէջ իրականացուող աշխատանքներուն:

Արցախի նախագահի մամուլի գրասենեակէն կը յայտնեն, որ յատուկ ուշադութիւն դարձուցած են սոյն թուականի Նոյեմբեր 4-ին Հադրութ քաղաքին մէջ շրջանի վարչակազմի պատասխանատուներուն եւ համայնքներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած հանրապետութեան հարաւային հատուածին մէջ նախատեսուող շարք մը ծրագիրներու հետ կապուած հարցերուն:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է այդ ծրագիրներու արդիւնաւէտ իրագործման անհրաժեշտութիւնը` համապատասխան յանձնարարականներ տալով շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն:

Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, ինչպէս նաեւ պաշտօնատար այլ անձիք: