Հինգշաբթի, 19. 06. 2025

Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի Հետ

0

Պատիւը ունեցանք «Զարթօնք»-ի խմբագրատան մէջ ընդունելու օրերս Պէյրութ գտնուող Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը:

Մեր սիրելի հիւրէն իմացանք, որ ան Պէյրութ կը գտնուի իր ջանքերով իրագործուած նոր հրատարակութեան մը շնորհահանդէսին առիթով:

Մտերմիկ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումը առիթ մըն էր՝ զրուցելու Արաբական Ծոցի մէջ աւելի եւս կազմակերպուող հայկական գաղութներուն մասին:

Այս նիւթով մեր զրուցակիցը նշեց, որ Քուէյթի մէջ հայկական մէկ վարժարան կայ եւ երկու եկեղեցի: Մինչ Արաբական Էմիրութեանց մէջ կայ շաբաթօրեայ վարժարան մը ու նաեւ եկեղեցի: Ի միջի այլոց, ան աւելցուց, որ Քուէյթի հայկական գաղութը բաւականին կազմակերպուած է: Այս աշխուժութիւնը, ընդհանուր առմամբ, կը պարտի Հալէպահայերուն, որոնցմէ շատեր հոն գացած տուն-տեղ եղած են 50-60-ական թուականներէն ի վեր:

Խօսելով շնորհանդէսի ընթացքին ներկայացուելիք հայերէն հրատարակութեան մասին՝ ան նշեց, որ անոր բնագիրը մանուկներու համար յատուկ պատրաստուած Գերմաներէն Աստուածաշունչ մըն է, որ ամբողջութեամբ Յիսուս Քրիստոսը կը ներկայացնէ: Գիրքին առանձնայատկութիւններէն են  գոյնի եւ պատկերազարդումի իւրայատուկ եւ մեղմ ոճը: Այս բանն է առաւելաբար, որ զինք  խանդավառած է, յատկապէս այս գիրքը հայերէնի թարգմանելու համար:

Դոկտ. Ճէպէճեան սյս մտայղացումը ունեցած է երկու տարի առաջ եւ վերջերս զայն հրատարակած է , որուն լոյս ընծայումը մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է:

Մեր զրուցակիցին հետ խորանալով գիրքին բովանդակութեան մէջ՝ տեսանք, որ մանկավարժական ոճով գրուած աայս գիրքը կը սկսի Յիսուսի ծնունդէն ու կը պատմէ 140 դրուագներու մասին՝ ուղղակի առնուած   Աստուածաշունչէն: Շատ պարզ ու մատչելի լեզուով գրուած է, քանի որ մասնաւորաբար ուղղուած է 5էն  10 տարեկան մանուկներուն: Հոն իբրեւ մէկ անքակտելի ամբողջութիւն ներկայացուած է հին եւ նոր կտակարանը: Դոկտ. Ճէպէճեան կը զգայ, որ երբեմն ոմանք վերապահութեամբ կը վերաբերին հին կտակարանին հանդէպ՝ զայն համարելով հրէական քարոզչութիւն: Այս վերապահութիւնը, ըստ մեր զրուցակիցին՝ անտարակոյս սխալ է:

Գիրքի առաջին շնորհահանդէսը եղած է Քուէյթի մէջ: Այսօր՝ Ուրբաթ, 10 Նոյեմբեր 2017-ին, անոր շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ Մարաշի Հայրենակցական Միութեան Տան մէջ, Պուրճ Համմուտ՝ հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի:  Պուրճ Համուտի Ազգային Միացեալ Վարժարանի մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ հանդիպում մը աշակերտներուն հետ գրքի ծանօթացման նպատակով:
Սուրիահայերու Օգնութեան Միութեան գործակցութեամբ, Սփիւռքի նախարարի օժանդակութեամբ շնորհահանդէս մըն ալ շուտով պիտի կազմակերպուի Երեւանի մէջ:

Ուրախութեամբ իմացանք, որ շնորհիւ Դոկտ. Ճէպէճեանի ջանքերուն եւ ազնիւ նուիրատուներու առատաձեռնութեան՝ սոյն գիրքը անվճար պիտի նուիրուի  Հայ փոքրիկներուն:

Տեղին է նշել, որ գիրքը հրատարկուած է Պէյրութ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան մէջ: Մեր զրուցակիցը մինչեւ օրս յաջողած է անկէ արդէն 500 օրինակ ղրկել Երեւան, 500՝ Հալէպ, 150՝ Կիպրոս, 150՝ Յունաստան:

Վարձքը կատար մեր սիրելի հիւրին: 

«Խմբ.»

Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը

0

ԳԷՈՐԳ ՀԱԼԷՊԼԵԱՆ

Վերջերս դարձեալ աշխուժացած են Ա. Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու հարիւրամեակի առնչութեամբ  մերթ ընդ մերթ ապակողմնորոշող   բանակռիւները  համացանցի եւ կուսակցական շրջանակներու մէջ՝ ստեղծելով անմիտ եւ վնասակար մթնոլորտ մը։ Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեն՝ այս հարցը հին եւ մաշած գզրոցներէն  նորովի ներկայացնողները։ Պատճառները բազմաթիւ են, որոնց իւրաքանչիւրին անդրադառնալը երկար եւ համբերութիւն չարաշահող աշխատանք է , այնուամենայնիւ ստիպուած եմ մատնանշելու մի քանի մտորումներ յանուն պատմական ճշմարտութեան՝ գալիք սերունդներու առողջ , ճիշդ եւ անկաշկանդ դաստիարակման նպատակով։

Եւ այսպէս, յայտնի նախկին կուսակցական ղեկավար մը անխոնջ վրէժխնդրութեամբ  հին եւ ցաւոտ էջեր վերանորոգելու փութկոտութեամբ, սկսած է անհեթեթ միտք մը հրապարակ նետել եւ ապարդիւն ճիգով մը կը փորձէ Մայիս 28-ն եւ Մայիսեան հերոսամարտերը իրարմէ տարանջատել։ Իրականութեան մէջ առաջինը երկրորդին տրամաբանական շարունակութիւնն ու ռազմավարական վերջնական յաղթանակն էր։  Նախկին այս ղեկավարին այսպիսի սին եւ անհիմն փորձերը ինչքան ծիծաղելի են, նոյնքան եւ ապակողմնորոշող եւ ապազգային։ Ապա նաեւ ուրիշ անհեթեթութիւն մը հրապարակ կը նետէ՝ յամառօրէն պնդելով, որ «Մայիս 28-ն մեզ պարտադրուած էր Թուրքիոյ կողմէ»: Ինչո՞ւ ապազգային եւ բովանդակութենէ զուրկ են այս միտքերը։

Նախ՝ իբրեւ ազգային կուսակցութեան մը նախկին ղեկավարը, ինք քաջատեղեակ եւ լիարժէք կերպով տիրապետած պէտք էր ըլլար հայոց Ազգային Գաղափարախօսութեան հիմնադրոյթներուն գոնէ հիմնական նպատակին ՝ Հայոց անկախ պետականութեան իրականացման մասին։Երկրորդ, եթէ Մայիս 28-ն չհռչակուէր, ապա ո՞րն էր բազմահարիւր ազատամարտիկներու եւ ժողովուրդի թափած արեան գինը Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի մէջ, եթէ ոչ հայ ժողովուրդի ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան ապրելու դարերէն եկող երազը։Վերոնշեալ ղեկավարին միտքերը կը նսեմացնեն եւ կ՝արժեքազրկեն հայ ժողովուրդի անպարտելի կորովի եւ մարտունակութեան ոգիի դրսեւորումով իրականութիւն դարձած անկախ հայրենիքը, եւ հետեւաբար հաստատօրէն կարելի է արձանագրել, որ մենք վաստակած ենք Մայիս 28-ն մեր արեան գինով եւ այն մեզ «պարտադրուած» պէտք չէ համարել։։ Նաեւ ցաւալին այն է, որ այսպիսի նախկին ղեկավարներ գիտակցաբար կ՝անտեսեն իրենց պատկանած կուսակցութեան (ՌԱԿ-ի) հիմնադրման կարեւորագոյն հիմնասիւներէն ՝ Հայ Ժողովրդական կուսակցութեան Ա. Հանրապետութեան, Ա. կառավարութեան եւ խորհրդարանի մէջ կարեւոր դերին մասին։

Որպէս վերջաբան՝ պէտք է աւելցնեմ, որ նախկին ղեկավարներու հին վէրքեր  (անոնցմով սնուելու եւ իրենց իմաստազուրկ գոյութիւնը պահպանելու) վերանորոգելու, սին եւ կործանարար մտամարզանքներու դարաշրջանը աւարտած պէտք է նկատել։

Նոր դարաշրջան է։ Հայրենիքի առջեւ ծառացած են ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներ։ Այսօր  աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական բարդ իրավիճակներ են Հայաստանի շուրջը։ Աչալուրջ ըլլանք եւ չմոլորուինք՝ հին, տխուր, անպտուղ բանավէճեր վերանորոգելով։

Աջակցինք մեր հայրենիքի քաղաքական, տնտեսական, ժողովրդագրական եւ ռազմական հզօրացման գործին։ Այս է այսօրուան հրամայականը։

ԳԷՈՐԳ ՀԱԼԷՊԼԵԱՆ

 

Ատրպէյճան ԵԱՀԿ-ի Առաքելութիւնը Չէ Տարած Յառաջապահ Դիրքեր

0

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն` Նոյեմբեր 8-ին ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանագիծին վրայ ծրագրուած դիտարկում իրականացուցած է Մարտակերտ քաղաքէն դէպի հիւսիս:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուական վարչութիւնը, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի (ԳՆԱՆ) դաշտային օգնականներ Կենատիէ Փեթրիքան (Մոլտովա) եւ Օգնեն Եովիչ (Պոսնիա եւ Հերցեկովինա):

Շփման գիծի հակառակ կողմէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ ԳՆԱՆ դաշտային օգնական Միխայիլ Օլարուն (Մոլտովա) եւ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից  Մարթին Շուսթըր (Գերմանիա):

Դիտարկումը անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցի, սակայն ատրպէյճանական կողմը ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը չէ տարած  յառաջապահ դիրքեր:

Դիտարկման առաքելութեան արցախեան կողմէ ուղեկցած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները:

Թալինի Մէջ Բացուեցաւ Հայաստանի Մեծագոյն Արեւային Կայանը

0

Արագածոտնի մարզի Թալին քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի ամէնէն մեծ՝ 1 մէկաուաթ հզօրութեամբ «Թալին-1» արեւային կայանը, կը հաղորդէ “Նիւզ”-ը:

Այս եզակի նախագիծը արտադրական ծաւալով եւ հնարաւորութիւններով կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայաստանի արեւային ուժանիւթի, բնապահպանութեան եւ տնտեսական զարգացման ոլորտներուն համար:

Նախագիծը իրականացուած է հայաստանցի ներդրողներու խումբի (Էդուարդ Մարութեան, Արայիկ Կարապետեան, Զաւէն Սարգսեան եւ Հայկ Չօբանեան) միջոցներով եւ համաֆինանսաւորուած է Գերմանահայկական հիմնադրամի եւ KFW դրամատան կողմէ:

Արեւային կայանի բացման արարողութեան ներկայ էր նաեւ վարչապետ Կարէն Կարապետեան:

 

 

Ոչ Թէ Հայրենադարձութեան Ծրագիր, Այլ Հաւասար Պայմաններ Ողջ Հայութեան Համար

0

*ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ*

Գիտեմ, որ ըսելիքս նորութիւն չէ, բայց վերջին իրադարձութիւնները ստիպեցին զիս անգամ մը եւս, ինչպէս արաբական ասացուածքը կ’ըսէ, «կէտերը տառերուն վրայ դնել», այսինքն` ամէն ինչ ճիշտ ներկայացնել՝ բնականաբար իմ տեսանկիւնէս։

Նախ իրատեսական չէ, որ իր գրկի մէջ ապրած ժողովուրդը նման պայմաններու մէջ պահող պետութիւն մը հայրենադարձութեան ծրագիր մշակէ, որովհետեւ այդ ծրագիրը կ’ենթադրէ լաւ պայմաններ (երկիրը շատ լաւ պայմաններու հնարաւորութիւն չունի) ստեղծել ծրագրի ծիրէն ներս Հայաստան եկող հայերուն, այսինքն՝ անոնք պիտի գերադասուին գիւղի սահմանները կեանքի գնով պահող ու խեղճ կեանքով ապրող գիւղացիներէն, զինուորներու ծնողներէն, աւելի շուտ Հայաստան վերադարձած հայերէն եւ հաւանաբար նոյնիսկ պատերազմի պատճառով հինգ տարի առաջ կամ աւելի ուշ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերէն (նայած հայրենադարձ հասկացողութիւնը ծրագրի ծիրէն ներս ինչ սահմանում կ’ունենայ), այս պարագային ծրագիրը կը դառնայ պառակտման խթանիչ ուժ։

Ոեւէ մէկը մեղադրելու ո՛չ մտադրութիւն ունիմ, ո՛չ ալ իրաւունք, սակայն իրական փաստերը ներկայացնելու իրաւասութիւնը անկասկա՛ծ ունիմ.

Պառակտման վառ օրինակը սուրիահայերու համար ստեղծուած պայմաններն են. սուրիահայ ուսանողները Հայաստանի մէջ համալսարան յաճախելու համար ստացան 60-70 տոկոս փոխհատուցման իրաւունք (գնահատելի եւ ողջունելի նախաձեռնութիւն՝ ՀՀ կառավարութեան, ՀԲԸՄ-ի եւ Գալուստ Կիլպէնկեան հիմնադրամի կողմէն) հակառակ անոր, որ սուրիահայ տղաներու բացարձակ մեծամասնութիւնը քաղաքացիութեան չէ դիմած hայոց բանակին չծառայելու համար, իսկ բազում հայաստանցի տաղանդաւոր ուսանողներ ուսման վարձը վճարելու հնարաւորութիւն չունենալու պատճառով՝ կը զրկուին բարձրագոյն կրթութիւն ստանալէն եւ շատ յաճախ հայոց բանակին ծառայլէն ետք ուսումը չեն շարունակեր։

Եւրոպա երթալու նպատակով Հայաստան հասած ու Եւրոպա հասնելէն ետք, հայաստանեան անձնագրէն հրաժարած բազում սուրիահայեր, Հայաստանի մէջ օգտուեցան իրենց համար ստեղծուած առողջական խնդիրները լուծելու հնարաւորութիւններէն՝ ընդհուպ մինչեւ սրտի եւ աչքի վիրահատութիւններ, որոնց մասին հայաստանցի գիւղացին եւ ոչ միայն գիւղացին, յաճախ  նոյնիսկ պատերազմին վնասուած զինուորն ու զոհուած զինուորի ընտանիքը չի կրնար անգամ երազել, եւ բազում այլ հնարաւորութիւններ՝ տան վարձի եւ սննդամթերքի յաճախակի ապահովում եւ այլն։ Այս բոլորը պատճառ դարձան, որ հայաստանցին պոռթկայ եւ պոռթկալու իրաւունք ալ ունի, բայց ո՛չ թէ սուրիահայուն դէմ, այլ այն պետութեան, որ հաւասար պայմաններ եւ արժանավայել կեանք չ՝ապահովեր բոլոր հայերուն համար։

Միւս կողմէն՝ կան նաեւ վիրաւորական երեւոյթներ սփիւռքահայերուն համար.

Շարունակելով սուրիահայերու մասին խօսքս՝ նշեմ, որ Սուրիոյ պատերազմը սկսելէն մէկ երկու տարի առաջ (բայց ,ըստ երեւոյթին, շատերը հոտը առած էին կամ պարզապէս ցանկութիւն կար Հայաստան տեղափոխուելու), Հալէպի հայ համայնքէն ներկայացուցիչներ իրենց առաջարկով հասան ՀՀ Նախագահին, անոնք կ’ուզէին Երեւանի ծայրամասերէն մէկուն մէջ պետական գինով տարածք տրամադրուի իրենց, որպէսզի համայնքը իր միջոցներով եւ Հալէպի օրինակով ազգային շէնքեր կառուցէ եւ զանոնք առանց շահոյթի եւ մասնավճարով տրամադրէ սուրիահայ այն ընտանիքներուն, որոնք Հայաստան տեղափոխուելու ցանկութիւն ունին։ Ծրագրի նպատակն էր առաւելագոյն նպաստաւոր պայմաններու մէջ՝ համայնքի արժէքները (ներառեալ արեւմտահայերէնի դասաւանդումը) Հայաստանի մէջ պահպանել: Առաջարկը մերժուեցաւ, հաւանաբար նոյն տարածքները «անհրաժեշտ» էին շքեղ առանձնատուներ կառուցելու համար։

-Եթէ Հայաստանի քաղաքացի չես, հայ ըլլալու հանգամանքը չ’օգներ քեզի,  բժշկութեան համար պէտք է վճարես կրկնակի կամ եռակի՝ չափը տնօրինելու իրաւունք ունի տուեալ բժշկական կեդրոնը, որուն վստահած է սփիւռքահայ հիւանդը։ Ժամանակին ես ալ եռակի վճարելու խնդիր ունեցայ, բայց երբ հիւանդանոցի տնօրէնին հարցուցի՝ «իսկ եզտիներէն ինչքա՞ն կը գանձէք», ան քիչ մը այլայլուած ըսաւ՝ «բայց իրենք ՀՀ քաղաքացի են», ըսի. «Ես կը յարգեմ բոլոր քաղաքացիները անխտիր, բայց ես ալ հայ եմ եւ լրագրող, ուստի տնօրէնը որոշեց, յատկապէ՛ս լրագրող ըլլալուս համար քաղաքացի համարել զիս եւ գումարը չաւելցուց։ Այսինքն հայը եթէ ուզէ, կրնայ հայուն նայիլ հայու աչքերով։ Վերջերս նաեւ Գերմանիայէն բուժման համար Հայաստան եկած հարազատներէս երիտասարդ մը, իր հիւանդութեան ախտորոշման համար մեծ գումար վճարեց, երբ հարց տուաւ թէ տեղացիները ի՛նչպէս կրնան այդքան վճարել, անոր բացատրեցին, որ ինք քաղաքացի չէ, անոր համար եռակի պիտի վճարէ, ինքն ալ տխրեցաւ, որ իրեն հայու աչքերով չնայեցան, ու գնաց….

-Եթէ քաղաքացիութիւն չունիս եւ Հայաստանի մէջ գործ բացած ես, 10% աւելի շատ եկամտահարկ կը վճարես քան քաղաքացիութիւն ունեցողը, նոյնիսկ եթէ բազում քաղաքացիներու համար քու ներդրումովդ գործ կը հայթայթես տեղացիներուն, այն ինչ որոշ երկիրներու մէջ (օրինակ՝ Գերմանիա), եթէ օտարերկրացին քաղաքցիներու սահմանուած քանակի մը համար (օրինակ՝ 50 հոգիի) աշխատանք ստեղծէ, բոլորովին կ’ազատուի տուրք վճարելու պարտաւորութենէն։ Վերջերս ՀՀ վարչապետի Իրան այցի օրերուն, տեղի հայ համայնքին հետ հանդիպման ժամանակ, երբ այս խնդիրը բարձրացուած է, վարչապետը յայտնած է. « Կ’ուզեմ յստակ ձեւակերպել, որ ոեւէ մէկուն համար հարկը աւելի բարձր կամ նուազ չէ: Եթէ խօսքը կը վերաբերի արտասահմանեան շահոյթի մասին, ապա ըսեմ, որ հոն այլ լուծումներ կան»:

Մինչ այդ ՀՀ հարկային օրեսնգրքի մէջ բառացիօրէն գրուած է. «Օտարերկրեայ քաղաքացիների եւ քաղաքացիութիւն չունեցող անձանց ստացած շահաբաժինների մասով եկամտային հարկը կը հաշուարկուի 10% դրոյքաչափով»:

ՀՀ Սփիւռքի նախարապութեան միջնորդութեամբ, յատկապէս սուրիահայերու եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայերու համար իրականացուած կարեւոր ներդրումներէն մէկը համալսարաններու մէկ մասը սփիւռքահայ ուսանողներու համար հաւասար վարձավճար սահմանելու հնարաւորութիւնն է, բայց ԵՊՀ համալսարաններու եւ յատկապէս Բժշկական համալսարանի մէջ անոնք կը շարունակեն վճարել շատ աւելին, քան՝ տեղացին։

Հետեւաբար, ո՛չ թէ հայրենադարձութեան ծրագիր պէտք է մշակել, այլ հաւասար պայմաններ պէտք է ստեղծել ողջ հայութեան համար՝ խուսափելու սպասուած պառակտումներէն։

Հայաստանի մէջ բոլոր հայերուն համար ամենակարեւոր խնդիրը նպաստաւոր պայմաններու մէջ նոր աշխատանք ստեղծելն է։ Այդ մէկը ո՛չ միայն կը խթանէ հայրենադարձութիւնը, այլեւ կը նպաստէ արտագաղթի կրճատման։ Հետեւաբար, անյապաղ պէտք է հաստատել այլ երկիրներու մէջ կիրառուող արդիւնաւէտ օրէնքը, որուն համաձայն նոր աշխատանք ստեղծողը (բոլորը) նուազագոյնը առաջին հինգ տարին, պէտք է եկամտահարկ չվճարէ եւ ո՛չ թէ (ինչպէս հիմա) հարկային տեսուչը առաջին յաճախորդէն առաջ մուտք գործէ տուեալ աշխատատեղը տուրքը գանձելու համար։

Չեմ ուզեր մանրամասնել եւ ըսել այն ամէնը ինչ բոլորը կը տեսնեն եւ շատ լաւ գիտեն, սակայն առաւել քան վստահ եմ, որ Հայաստանի հզօրացման կարեւորագոյն երաշխիքը Սփիւռքն է, իսկ Սփիւռքի միակ խթանիչ ուժը վստահութիւնն է երկրի իշխանութեան հանդէպ, բայց Սփիւռքը կը վստահի իշխանութեան ա՛յն ժամանակ, երբ յատկապէս սահմանամերձ գիւղերը շրջելով՝  խղճուկ վիճակի մէջ ապրող, երկրին զինուոր տուող որդեկորոյս ընտանիքներ չտեսնէ, երբ երկիրը պահող մշակի դէմքին ժպիտ տեսնէ եւ ո՛չ թէ ցաւ, տառապանք ու կսկիծ։ Երբ Երեւանի բարձրունքներու եւ լաւագոյն մասերու վրայ կառուցուած պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու «խղճուկ աշխատավարձով» կառուցուած դղեակներուն փոխարէն՝ անգործ թափառող մարդոց համար աշխատատեղեր տեսնէ։

Գայթակղելով ու համոզելով՝ հայրենիք չեն երթար, հայրենիք կ’երթան պատկանելիութեան ամենահզօր զգացումէն մղուած, եւ այնքան շատ են այն հայերը, որոնք իրենց հոգիի խորքին մէջ ունին այդ զգացումը, բայց Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը թոյլ չի տար, որ իրենք ալ վայելեն իրենց հայրենիքի մէջ ապրելու բերկրանքը։

Սփիւռքը միշտ Հայաստանի կողքին է, վկայ՝ քառօրեայ պատերազմը, որուն ընթացքին սփիւռքահայը անտեսեց անգամ իր անվստահութիւնը…

Միայն թէ Սփիւռքը վստահի Հայաստանի իշխանութեան… Միայն Հայաստանի իշխանութեան վստահելու հաւաստի երաշխիքներ պէտք է ստեղծել, ուրիշ ոչի՛նչ… Ահա այն ժամանակ Հայաստանը կը դառնայ, եթէ ո՛չ ողջ հայութեան ապաստանը, ապա բոլոր հայերու հոգածութեան  կիզակէտը։

Փորթուկալ Յայտնեց «Եւրատեսիլ-2018»-ի Կարգախօսը եւ Մասնակից Երկիրներու Ցանկը

0

Փորթուկալ հրատարակած է «Եւրատեսիլ-2018» երաժշտական մրցոյթի մասնակից 42 երկիրներու ցանկը:

Մրցոյթի կարգախօսը պիտի ըլլայ «Բոլորը դէպի տախտակամած» արտայայտութիւնը:

Այս մասին կը յայտնէ «LifeNews»-ը` յղում ընելով մրցոյթի կազմակերպիչներուն:

«All Aboard !» (Բոլորը դէպի տախտակամած) թեմատիկ կարգախօսով բոլորը կը հրաւիրուին Եւրոպա եւ երաժշտութեան տօնին»,- կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Անոնց խօսքով` երաժշտական տօնի գլխաւոր թեման պիտի ըլլայ Ովկիանոսը, որ կը միաւորէ բոլորս, եւ անոր բազմազանութիւնը կրնայ ոգեշնչել իւրաքանչիւր մասնակից:

«Եւրատեսիլ»-ի կիսաեզրափակիչը տեղի պիտի ունենայ Լիզպոնի մէջ, Մայիս 8-ին եւ 10-ին, եզրափակիչը` Մայիս 12-ին:

Հոկտեմբեր 27-էն Նոյեմբեր 2 Երեւանի Մէջ Ծնած է 485 Երեխայ

0

Հոկտեմբեր 27-էն Նոյեմբեր 2 ժամանակահատուածին մայրաքաղաքի ծննդատուներուն մէջ լոյս աշխարհ եկած է 485 երեխայ` 259 տղայ, 226 աղջիկ: Այս մասին կը յայտնէ Երեւանի քաղաքապետարանի մամուլի ծառայութիւնը:

Նոյեմբեր 7-ին մայրաքաղաքին մէջ ծնած է 83 երեխայ` 42 տղայ, 35 աղջիկ:

Հայ Երեխաները Աւելի Ներդաշնակ Կը Զարգանան` Դպրոցի Մէջ Ճատրակ Ուսանելով

0

Հայաստանի մէջ նոր սերունդի ձեւաւորման եւ բնաւորութեան զարգացման մէջ շատ կարեւոր կը համարուի դպրոցներու մէջ ճատրակի դասաւանդումը: Այդ մասին յօդուած հրապարակած է Ֆինլանտիոյ ամենամեծ Hufvudstadsbladet (HBL) թերթը, կը հաղորդէ «Փանարմինիըն»-ը:

«Հայ երեխաները ատոր շնորհիւ աւելի ներդաշնակ կը զարգանան, ինչ որ կը հաստատեն Դանիոյ եւ Վենզուելայի հետազօտութիւնները երեխայի կեդրոնացման եւ մտաւոր կարողութիւններու վրայ ճատրակի ազդեցութեան մասին»,- կ՛ըսուի յօդուածին մէջ։

Պարբերականը կը նշէ, որ 2011-ին Հայաստանը առաջինը եղաւ աշխարհի մէջ, որ ճատրակը իբրեւ պարտադիր առարկայ ներդրեց դպրոցներուն` տարրական դպրոցի 2-4-րդ դասարաններուն մէջ:

«Սակայն երեխաներէն շատերը աւելի վաղ կը ծանօթանան այս մտախաղին, քանի որ ծնողները զանոնք մասնգիտական դպրոցներ կը տանին: Երեւանի այդպիսի դպրոցներէն մէկուն մէջ 5-16 տարեկան 200 աշակերտ կայ: Այդպիսի մասնագիտական դպրոցները Երեւանի մէջ 12-ն են, բոլորը կը ֆինանսաւորուին քաղաքապետարանին կողմէ»,- կը գրէ թերթը:

 

 

Վանի Մէջ Պատմական Հայկական Եկեղեցին Իբրեւ Ախոռ Կ՛օգտագործուի

0

Վանի Գեւաշ (պատմ. Ոստան-EH) շրջանի Ալթընսաչ գիւղին մէջ գտնուող հայկական Սբ. Թովմաս կիսաւեր եկեղեցին այժմ կ՛օգտագործուի՝ իբրեւ ախոռ, կը հաղորդէ «Էրմէնիհապեր»-ը:

Վանայ լիճի ափէն ոչ հեռու 400 մեթր բարձրունքի մը վրայ 10 կամ 11-րդ դարու կառուցուած եկեղեցւոյ մէջ ամփոփուած եղած են Թովմաս առաքեալի մասունքները: Եկեղեցին 1671 թուականի վերանորոգումէն ետք վերածուած է վանական համալիրի: Պատերուն գանձ որոնողներու բացած անցքերու ու շինութեան հասցուած վնասներու հետեւանքով լքուած եկեղեցին այժմ կանգնած է փլուզման վտանգի առջեւ:

Սբ. Թովմաս այցելած է թրքական «Gazetekarınca.com» լրատուական կայքի հետազօտող-լրագրող Իքրամ Իշլերը, որ իր տպաւորութիւնները կիսելով՝ կը գրէ.

«Ժամանակին այստեղ հաւատք կար: Քրիստոսի առաքեալները կային: Կը հնչէր հոգեւոր երաժշտութիւն ու պատարագներ կը մատուցուէին: Սակայն եկած է այն օրը, երբ եկեղեցին որպէս ախոռ կ՛օգտագործեն»:

Քանի մը տարի առաջ Վանի զբօսաշրջութեան վարչութիւնը եկեղեցին յայտարարած է զբօսաշրջային գօտի` կոչ ընելով այցելութիւններ կազմակերպելու այնտեղ: Հակադարձելով պատկան մարմիններու անհետեւողականութեան` Իշլերը կը գրէ, որ երբ զբօսաշրջիկը եկեղեցի այցելելէ ախոռ պիտի տեսնէ ու պիտի հիասթափուի:

Լրագրողին խօսքով Վանի մշակոյթի վարչութիւնը դէպի եկեղեցի բարձրացող ճանապարհ կառուցած է, սակայն ան իր նպատակին չի ծառայեր, քանի որ կուպրի բացակայութեան պատճառով ցեխ կ՛առաջանայ՝ ճանապարհը անանցանելի դարձնելով մեքենաներու համար:

Մենք Հիւանդ Ենք Ազգովի

0

*ՈՒԲԻՆԱ ՄԱՀՏԵՍԻ ՕՀԱՆԵԱՆ*

Կիսագրագէտներս ու անարժաններս` մեր ազգը կը կործանենք: Հերիք է անարժանին պաշտօն տալ… Ու… մնացած գործը (հակահայ գործը) կ’ընեն իրենք իրենցմով հիացած անբան հայանուն մարդիկ միայն ու միայն իրենց անձը պաշտամունք դարձնելու համար, միայն ու միայն իրենց գրպանի ու ժամանակաւոր շահի համար ու ԿԸ ԿՈՐԾԱՆԵՆ ԱՄէՆ ԻՆՉ: Բայց նոյնիսկ պզտիկ պաշտօն ունեցող հիւանդ հայը չի գիտեր շատ կարեւոր բան մը… (ատոր մասին՝ թերեւս յետոյ՝ ուրիշ առիթով):

    Հերիք է անարժան հայուն հասցնել որեւէ պաշտօնի, մնացածի համար պէտք չէ թշնամիի զօրքն ու զրահը: Այդ սեւը գործը կ’ընեն նոյն իրենք (մենք)՝ կիսագրագէտները (կիսագրագէտներս): Հայոց պատմութիւնը՝ վկայ:

    Հայի այս հոգեբանութիւնը շատ լաւ գիտէ թուրքը ու պէտք չէ թուրքը իշխէ հայութեան վրայ: Բաւական է որեւէ մակարդակի վրայ աթոռի նստեցնել  հայանուն անարժան մէկը ու ինք այդ սեւ գործը կ’ընէ թուրքէն աւելի լաւ ու հմուտ: Վկան՝ հայոց պատմութիւնը:

    Կիսագրագէտ, անարժան մարդիկ, որ կարեւոր պաշտօններ ունին յաճախ, ԱՆՊԱՅՄԱՆ կ’ընեն իրենց սեւ գործը՝ թշնամիէն աւելի լաւ ու կազմակերպուած: Ահա հիւանդ հայէ մը ուրիշ պատկեր:

    Բայց մենք՝ կիսագրագէտներս ու ժամանակաւոր փառքի հասածներս, չենք գիտեր ուրիշ ճշմարտութիւն: Մտածեցէ՛ք քիչ մը, թերեւս գիտնաք:

*     *     *

    Պատասխանելու համար հարցումի մը ըսեմ, որ հոգեկան հիւանդ հայը ուրիշ մոլորակի վրայ չ’ապրիր: Ան ամէնուր է, հո՛ն, ուր հայութիւն կայ: Բացառութիւն չկայ: Այդ հիւանդ հայը մենք ենք՝ բոլորս: Մենք ենք, ես եմ, դուն ես , եթէ կ’ուզես ճիշդը գիտնալ: Հիւանդ ենք ես եւ դուն, ու այդ հիւանդութիւնը անցողիկ չէ, ծանր է: Իսկ բուժումը… Այդ ալ հայու գործ չէ: Գոնէ հայկական ներկայ միջավայրերուն մէջ «փայլող» հայերու գործը չէ: Եւ նոյն իրենք ամենամեծ հիւանդներն են, եթէ կ’ուզէք ճիշդը գիտնալ: Հիւանդ հայը ունակ չէ ոչ մէկ բանի: Ունակ չէ: Եղածն ալ կը կործանէ ուշ կամ կանուխ: Սուտ ու պատիր փառքը, կեղծ շքանշաններու փայլը կը կ’ուրացնէ մեզի: Այնքան տկար ենք եւ կոյր, որ նոյնիսկ չենք տեսներ մեր ներկայ իրականութիւնը: Չենք տեսներ: Կ’ապրինք երեւակայական մեր աշխարհին մէջ ու յաճախ կը սաւառնինք հեռուները՝ իրականութիւնէն կտրուած, մտացածին ու շինծու մեր մեծութեամբ հիացած: Հիւանդութիւնը խորունկ է եւ բուժումը՝ մասնագիտական հարց: Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ տեսնողներ ու իրավիճակը ճիշդ ընկալողներ չկան: Ատոր համար (իրավիճակները զգալու համար) մասնագիտական կրթութիւն պէտք չէ ունենալ: Հերիք է խորանանք մեր շրջապատի մարդոց էութեան ու հոգե-մտաւոր աշխարհին մէջ, գիտնալ անոնց նախասիրութիւնները ու հասկնալ անոնց մտաւոր մակարդակը, որ շատ ցած է ու խղճալի: Մեր մտաւոր մակարդակը ցած է, ու մենք՝ ես եւ դուն, թշուառականներ ենք միայն՝ մեր ժամ առ ժամ զարգացող դարուն ու ներկայ աշխարհին մէջ: Թշուառ, հիւանդ հայը ունակ չէ՝ դրական տեղաշարժեր ստեղծելու: Հայրենաշինութիւնը խօսք եւ լօզունգ չէ: Այդ Սփիւռքահայ եւ Հայրենաբնակ Հայու քրտնաջան, ամէնօրեայ նուիրուած աշխատանք է, որմէ հեռու են, շատ հեռու են մեր երեւելիները՝ բոլոր մակարդակներուն վրայ: Հայրենաշինութիւնը խօսք ու ճառ չէ: Ատիկա աշխատանք է: Յաճախ անխօս, լուռ ու մունջ աշխատանք է: Մեղուի նման աշխատելով միայն՝ կը կարենանք հերթաբար ծրագիրներ իրականացնել ու քայլ առ քայլ յաջողիլ: Իսկ աշխատելու համար ՊԷՏՔ Է օգտուիլ ազգի մէջ թաքնուած ներքին զօրութիւնէն:

Մեծամիտներն ու իրենցմով հիացածները ունա՞կ են իրենցմէ բացի տեսնել ուրիշին եւ օգտուիլ ազգի ամբողջ  ներուժէն: Հարցը շատ շատ պարզ է: Ո՛Չ: ԵՐԲԵՔ: Անոնք ունակ չեն ատիկա ընելու, հետեւաբար պէտք չէ շատ  խանդավառուիլ իրենց աշխատանքներով եւ մեծ յոյսեր դնել այդ աշխատանքներուն վրայ , քանի որ ատոնք լաւագոյն պարագային պիտի ունենան ժամանակաւոր  արդիւնքներ, իսկ  իրենք իրենցմով հիացածները, ասուպի պէս կը յայտնուին հայոց երկնակամարին վրայ, ու նոյն արագութեամբ ալ կը մարին: Ուրեմն ճիշդ է լրիւ անտեսել ժամանակաւոր ու անձի պաշտամունքին միտող բոլոր ծրագիրները ու կեդրոնանալ երկարատեւ, ազգօգուտ ու հայրենաշէն գործերուն վրայ: Ուրիշ ճամբայ չկայ:

    Հոգեկան հիւանդ հայու աշխատանքը կը միտի անձի պաշտամունքին, ու իրենց գործի ազդեցութիւնն ալ անցողիկ է, սահմանափակ եւ անկարեւոր:

    Մտածենք հիւանդ հայուն բուժելու յոյժ կարեւոր հարցին մասին (մեր մասին, բոլորիս մասին): Մենք հիւանդ ենք ազգովի: Թերեւս հարցի արծարծումը ինքնին կը նպաստէ այս կարեւոր ու անյետաձգելի բուժման սկիզբը դնելուն, ու գործը նոր սկիզբ կ’ունենայ:  Կարելի չէ յապաղիլ: