Ուրբաթ, 20. 06. 2025

Այս Իրավիճակին Անունը Ի՞նչ Է

0

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Լիբանանահայ կեանքէն ներս երէկ երեկոյեան գրեթէ նոյն ժամերուն տեղի ունեցաւ նուազագոյնը 5 ձեռնարկ: 1 հատ քաղաքական բնոյթով, 3 հատ մշակութային եւ 1 ընկերային ձեռնարկ (ասոնք իմ իմացածներս են): Ան ալ ըսեմ, որ շաբթուան նախորդող օրերուն գրեթէ ձեռնարկ չկար գաղութին մէջ…:

Պատահածը՝ երեւոյթով աշխոյժ հաւաքականութեան մը պատրանքը կու տայ: Սակայն եկուր, սիրելի՛ ընթերցող, քիչ մը խորը քննարկենք իրավիճակը:

Մեր թիւը հաշուող գաղութի մը մէջ եւ աշխարհագրական նեղ շրջագիծի մը մէջ ապրող հաւաքականութեան մը հրամցուելիք՝ նոյն օրը զիրար խաչաձեւող ձեռնարկներ կազմակերպելու պարագային նայինք ի՞նչ կը պատահի.

  • Պաշտօնական հիւրերուն, ինչպէս օրինակի համար ՀՀ դեսպան եւ պաշտօնակազմ, պետական եւ քաղաքական դէմքեր, ազգային պատասխանատուներ եւ այլն նեղ կացութեան մատնած կ՛ըլլանք, թէ ո՛ր ձեռնարկին պիտի ներկայ ըլլան եւ ի՛նչ պատճառաբանութեամբ միւսէն բացակային կամ ներկայ գտնուելու ի՞նչ չափանիշ ճշդեն:
  • Նման ձեռնարկներով հետաքրքրուող հանդիսատեսը, որուն արդար իրաւունքն է ըմբոշխնել իր սիրած ձեռնարկը, զրկած կ՛ըլլանք բոլորին ներկայ ըլլալէ, որ եթէ տարբեր օրեր զուգադիպեր աւելի առիթը կ՛ունենար տարբեր հրաւէրներու ընդառաջելու:
  • Արդէն իսկ նօսրացած թիւով մեր ձեռնարկներու ներկայութիւնը մեր խաչաձեւումներով աւելի եւս կը նoսրացնենք:
  • Մեր օրաթերթերը նեղի կը մատնենք իրենց արդէն իսկ սակաւաթիւ մարդուժով գլուխ հանելու ձեռնարկներու ներկայ լրագրողներ հասցնելու եւ յաջորդ օրուան իր սուղ էջերուն մէջ տեղ տրամադրելու բոլորին, որպէսզի մէկը կամ միւսը չնեղուի: Նոյնն է պարագան գաղութին մէջ ոտքի մնացող հեռատեսիլի հայկական միակ հեռուստաժամին: Ո՞ր ձեռնարկին ի՞նչ նկարիչ հասցնէ…ան ալ իրը չեղող հեռատեսիլի կայանի մը համակարգին մէջ:

Անպատեհութիւններու շարքը շատ է, սիրելի՛ս, եւ ներէ ինծի եթէ կրկնելու գնով եւ շեշտադրուած ձեւով ըսեմ, որ իրավիճակը աշխոյժութիւն չէ, այլ անկազմակերպուածութիւն է, չըսելու համար փնթիութիւն…:

Ժամանակին մեր թերթերուն մէջ «Գրաւուած Օր» յայտարարելու սովորութիւն մը կար, որ երեւի աւանդութիւնը շարունակելու սիրոյն համար է միայն, որ կը շարունակուի այսօր եւ, ըստ երեւոյթին, ո՛չ մէկ օգուտ կը բերէ իրավիճակը կարգաւորելու:

Պիտի չուզեմ խօսիլ այն հիւանդագին երեւոյթին մասին ալ, որ շատ յաճախ խաչաձեւումը դիտաւորեալ ալ կ՛ըլլայ…:

Դաստիարակուած եմ գործնական ըլլալ: Հաւատալով, որ կարելի է խնդրոյ առարկայ կողմերու միջեւ փոքր գործակցութեամբ նուազագոյնի իջեցնել խաչաձեւումները, այսօրուան մատնանշումով միայն պիտի չբաւարարուիմ: Սոյն սիւնակով այսօր կոչ կ՛ուղղեմ վերոյիշեալ խնդիրին հետ առնչուած եւ գաղութը իրենց օգտաշատ ձեռնարկներով կենսուրախ եւ աշխոյժ պահող բոլոր կողմերուն համախմբուիլ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին յարկին տակ Անթիլիաս, որուն դռները ինչպէս միշտ բաց են նմանօրինակ ազգօգուտ օրակարգով  հանդիպման մը համար, յառաջիկայ Երեքշաբթի 21 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, միասնաբար լուծումներ որոնելու եւ լաւագոյնին հասնելու համար:

Շուտով իւրաքանչիւր կողմին հրաւէր  նամակով ալ պիտի դիմեմ համեստօրէն յիշեցնելու նշեալ հաւաքին օրն ու ժամը գործակցական ոգիով միասնաբար աշխատելու աւելի եւս կազմակերպուած ձեւով ներկայանալու համար մեր սիրելի ժողովուրդի զաւակներուն:

Շուտով կը տեսուինք:

 

Քրիստոնեաները Լիբանանի մէջ Մարտահրաւէրներ Ու Հեռանկարներ Նիւթով Դասախօսութիւն Թէքէեան Կեդրոնի Յարկին Տակ` «Հայրենիքը Հողն է». Դոկտ. Եուսէֆ Սալամէ

0

Ուրբաթ, 10 Նոյեմբեր 2017, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, հովանաւորութեամբ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՌԱԿ «Զարթօնք» ակումբի, դասախօսական երեկոյ մը տեղի ունեցաւ Թէքէեան Կեդրոնի Հրաչեայ Սեդրակեան սրահին մէջ, Ժըմմէյզի,  «Քրիստոնեաները Լիբանանի մէջ Մարտահրաւէրներ Ու Հեռանկարներ» բովանդութեամբ:

Պետական եւ քաղաքական գործիչներու, կուսակցական եւ միութենական պատասխանատուներու, մեծ թիւով ընկերներու եւ բարեկամներու ներկայութեամբ ընթացող ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՌԱԿ «Զարթօնք» ակումբի ժրաջան ատենապետ՝ ընկ. Արա Թէրզեան: Իր խօսքին մէջ ընկ. Թէրզեան համառօտ ներկայացուց օրուան բանախօս Պետական նախկին նախարար Դոկտ. Եուսէֆ Սալամէյի կենսագրական գիծերը՝ լոյս սփռելով, ի հարկէ, անոր քաղաքական եւ ընկերային աշխոյժ գործունէութեան վրայ:

Բացման խօսքէն ետք հանդէս եկաւ Ալիս Իրփաճեան, որ իր առինքնող ձայնով կատարեց Մանսուր Ռահպանիի նշանաւոր գործերէն մին ընկերակցութեամբ Կարօ Գրիգորեանի՝ դաշնամուրի վրայ, որոնք, անտարակոյս,  արժանացան ներկաներու անվերապահ գնահատանքին: Այսուհետեւ սահիկներու ցուցադրութիւն տեղի ունեցաւ, որուն շնորհիւ  մանրակրկիտ կերպով ու բնորոշ գիծերու մէջ ներկայացուեցաւ Քրիստոնէութեան մուտքը Լիբանան, ապա հակիրճ ներկայացուեցաւ Լիբանանի՝ հին ժամանակներէն սկսած մինչեւ նորագոյն ժամանակներու անցուդարձերը, հասնելով մինչեւ 1975-ի քաղաքացիական պատերազմը եւ վերջերս ապրուած ճգնաժամը:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս Դոկտ. Եուսէֆ Սալամէն, որ լաւապէս բնորոշեց Լիբանանի իրավիճակը ու ան շեշտեց, որ « Հայրենիքը՝ հողն է: Մենք պէտք է հաւատքի սերմը ցանենք մեր հոգիներուն խորը, որ մենք ինքնակամ որոշեցինք մնալ այս հողերուն վրայ ինչ մարտահրաւէրներու ալ որ հանդիպինք:

Հուսկ, ներկաները առիթ ունեցան իրենց հարցադրումները ուղղելու օրուան բանախօսին, որ առանց վարանելու  անոնց հարցումներուն պատասխանեց:

Ի վերջոյ, ինչպէս սովորոյթ դարձած է, տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն:      

#Բերքառատարցախ. Իւրաքանչիւրիս Փոքր Ներդրումը Մեզի Աւելի Կը Մօտեցնէ Մեր Երազած Հայրենիքին

0

Յայտնի դերասան Միքայէլ Պօղոսեանն ու ըմբշամարտիկ Արսէն Ջուլֆալակեանը կոչ կ՛ընեն միանալու #Բերքառատարցախ 2017-ին:

«Առօրեայի մէջ մենք յաճախ չենք հասցներ մեր գործերու շրջանակներէն դուրս գալ, օգնել մեր կողքիններուն, օգնել մեր երկրին: 8000 համարին ուղարկելով քու համարդ` կրնաս փոքր ներդրում ունենալ մեր երկրին»,- կը նշէ  դերասանը:

Մարզիկ Ջուլֆալակեանը կը նշէ, որ բոլորիս ցանկութիւնն է ապրիլ աւելի բարեկարգ ու ապահովուած հայրենիքի մէջ. «Իւրաքանչիւրիս փոքր ներդրումը մեզի աւելի կը մօտեցնէ մեր երազած հայրենիքին»:

Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութիւնը Կլենտէյլէն 2 Հրշէջ Մեքենայ Կը Ստանայ

0

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը (ԱԻՆ) կը տեղեկացնէ, որ փրկարար ծառայութեան հրշէջ-փրկարարական մեքենաներու իր շարժակազմը համալրուած է ամերիկեան արտադրութեան Pierce մակնիշի երկու մեքենաներով՝ 2 թոն ջրատարողութեամբ, բժշկական եւ հրշէջ-փրկարարական կազմուածքով՝ յագեցած երկճիւղ եւ եռաճիւղ փողրակներով:

Նախարարութիւնը կը յիշեցնէ, որ վերջերս ԱԻ նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետ Վարդան Կարապետեանի եւ Կլենտէյլի հրշէջ բաժանմունքի ղեկավար Կրեկ Ֆիշինի հետ իր ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկած էր Կլենտէյլ քաղաքին կողմէ՝ իբրեւ նուիրատուութիւն, Հայաստանի ԱԻ նախարարութեան 2 հրշէջ-փրկարարական մեքենայ, յատուկ հրշէջ-փրկարարական հագուստներ եւ պատգարակներ յատկացնելու հարցը: Խոստացուած մեքենաները եւ գոյքը Չորեքշաբթի, 7 Նոյեմբերին  յանձնուեցան Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան:

«ՀՀ ԱԻ նախարարութիւնը եւ ԱՄՆ Գալիֆորնիա նահանգի Կլենտել քաղաքի միջեւ համագործակցութիւնը նոր մեկնարկ ստացած է՝ խորացնելով արտակարգ իրավիճակներու կառավարման տարբեր ուղղութիւններով համատեղ ծրագիրներու իրագործումը»,- գրուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հայաստանի Մէջ Քոնեակի Արտադրութիւնը Աճած է 56 Տոկոսով

0

Քոնեակը 2017 թուականի առաջին 9 ամիսներուն ամենաշատ արտադրուած ոգելից խմիչքն է Հայաստանի մէջ:

Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով` այս տարուան Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն 21,134 միլիոն լիթր քոնեակ արտադրուած է, ինչ որ 56,5 %-ով աւելի է 2016-ի նոյն ժամանակահատուածի 13,503 միլիոն լիթրէն:

Աճած է նաեւ գինիի (36%-ով), գարեջուրի (10%-ով), եւ շամփայնի (11%-ով) արտադրութիւնը: Յունուար-Սեպտեմբերին այս խմիչքներու արտադրութեան ծաւալները կազմած են համապատասխանաբար` 5,872 միլիոն լիթտ, 17,766 միլիոն լիթր եւ 320,800 լիթր:

Նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ 29%-ով նուազած են օղիի արտադրութեան ծաւալները: 2016-ին արտադրուած է 5,603 միլիոն լիթր, իսկ 2017-ին` 3,945 միլիոն լիթր:

Ուիսքիի արտադրութիւնը նոյնպէս նուազած է` նախորդ տարուան 9 ամիսներուն 1,083 միլիոն լիթրի փոխարէն այս տարի 876,000 լիթր կազմելով:

Հայաստան Պիտի Ունենայ Իր «Տիզնիլենտ»-ը, Որ Պիտի Կոչուի «Նոյլենտ»

0

Հայաստանի կառավարութիւնը «Տիզնիլենտ» (Disneyland) եւ «Եունիվըրսըլ» (Universal) ընկերութիւններու փորձագէտները Հայաստան հրաւիրած է Վանաձորի մէջ «Տիզնիլենտ»-ի նման վայրի մը նախագիծի իրագործման աշխատանքներուն համար: Այդ վայրը պիտի կոչուի «Նոյլենտ»: Այս մասին յայտարարեց վարչապետ Կարէն Կարապետեան:

«Նախագծի աշխատանքները սկսած են մէկ տարի առաջ, մեկնարկել է 100 մլն. դոլարի ներդրումային ծրագիրը արդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներուն մէջ եւ հիմա իտալացի լաւագոյն խորհրդատուներ կ’օգնեն մեզի Վանաձորի զարգացման հայեցակարգը մշակելու գործին մէջ», ըսաւ վարչապետը:

Վերջինս նաեւ յայտնեց, որ կառավարութիւնը ներկայիս կը քննարկէ ենթակառուցային կարելի լուծումները, որոնք կրնան առաւել գրաւիչ դարձնել Վանաձորի մէջ հիմնադրուող ձեռնարկը:

Մոլտովայի Նախագահը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

0

Պաշտօնական այցով Նոյեմբեր 9- ին Հայաստան ժամանած Մոլտովայի նախագահ Իկոր Տոտոն կնոջ` Կալինա Տոտոնի հետ միասին այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

Մոլտովայի նախագահին եւ առաջին տիկնոջը կ՛ուղեկցէր Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմենփրես»-ը, Մոլտովայի նախագահը ծաղկեպսակ դնելով յուշահամալիրին, ապա ծաղիկներ խոնարհելով անմար կրակին մօտ՝ յարգեց 20-րդ դարասկիզբի մեծագոյն ոճիրի` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:

 Այնուհետեւ ան այցելեց Հայոց ցեղաասպանութեան թանգարան, ծանօթացաւ ցուցանմուշներուն, իսկ թանգարանի յուշամատեանին մէջ մասնաւորաբար գրեց. «Իմ վրաս խոր տպաւորութիւն եւ հոգիիս մէջ անջնջելի հետք ձգեցին պատմական փաստաթուղթերը, լուսանկարները եւ ողբերգական դէպքերու ականատեսներու վկայութիւնները, որոնք աւելի քան 100 տարի առաջ բաժին հասան հայ ժողովուրդին: Անոնք կը պահուին թանգարանին, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ: Սրտանց եւ անկեղծօրէն հայ ազգին կը մաղթեմ խաղաղութիւն, բարութիւն, համերաշխութիւն եւ բարկեցութիւն»:

Թանգարանին կից պուրակին մէջ նախագահը տնկեց խորհրդանշական եղեւնի:

Մեսրոպեանի Աշակերտը Կը Ստանայ Robotics-Ի Մարզիչի Վկայական

0

Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտ Ժագ Տարաքճեան ամբողջացուց VEX EDR Robotics-ի մարզիչներու պատրաստութեան դասընթացքը, որ տեղի ունեցաւ Նոյեմբերի առաջին շաբաթավերջին NDU համալսարանին մէջ:

Ժագը եղաւ միակ դպրոցականը, որ ստացաւ Robotics-ի մարզիչի համապատասխան վկայական: Միւս բոլոր մասնակիցները, որոնք թիւով 13 հոգի էին, կու գային լիբանանեան տարբեր համալսարաններէ:

Մօտ 25 ժամ տեւողութեան եռօրեայ դասընթացքին արդիւնքով, Մեսրոպեանի աշակերտը հիմնովին ամրապնդեց  Robotics-ի վերաբերեալ իր գիտելիքները, ինչ որ մեծապէս պիտի օգնէ, որ ան դպրոցին մէջ զարկ տայ այս ճիւղին հանդէպ աշակերտներու հետաքրքրութեան եւ այդ նպատակին ուղղուած աշակերտական ակումբի գործունէութեան:

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Պաշտպանութեան Նախարարութեան Ու «Արար» Հիմնադրամի Ջանքերով Դիրքերը Պիտի Դառնան Աւելի Անվտանգ

0

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնն ու «Արար» հիմնադրամը իրականացուցած են համատեղ փորձնական ծրագիր` մարտական դիրքերէն մէկը լիարժէք կահաւորելով եւ ամրացնելով, կը հաղորդէ “Մեդիամասք”-ը:

Ծրագրի ծիրէն ներս տեղադրուած է արեւային կայան, բնական կազի մասնաւոր համակարգ, ինչպէս նաեւ դիրքի տարբեր հատուածներու մէջ կիրառուած են նոր գիտարուեստական լուծումներ:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան Նոյեմբեր 8-ին ծանօթացած է նշուած մարտական յենակէտին եւ խրամախորշերու մէջ իրականացուած կահաւորման եւ վերամշակեցման աշխատանքներուն:

Հիմնադրամը նշած է, որ ծրագրի նպատակն է դիրքին մէջ իրականացուած լուծումները կիրառկել տարբեր մարտական դիրքերու մէջ՝ զինծառայողներու անվտանգութիւնը եւ մարտունակութիւնը բարձրացնելու նպատակով:

 

 

Մոլտովան Հետաքրքրուած է ԵԱՏՄ-ի Մէջ Հայաստանի Աշխատանքի Փորձով. Կայացած է Սարգսեան-Տոտոն Առանձնազրոյցը

0

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով այսօր տիկնոջ հետ պաշտօնական այցով Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած է Մոլտովայի Հանրապետութեան նախագահ Իկոր Տոտոն:

Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու տիկին Ռիտա Սարգսեանը  դիմաւորած են նախագահ Իկոր Տոտոնը եւ տիկին Կալինա Տոտոնը: Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք կայացած է նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իկոր Տոտոնի առանձնազրոյցը:

Ողջունելով գործընկերը Հայաստանի մէջ` Սարգսեան նշած է, որ Մոլտովայի նախագահը ցանկալի հիւր է մեր երկրին մէջ եւ բարձր գնահատած է անոր պաշտօնական այցը, որ կը կայանայ Հայաստանի եւ Մոլտովայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին:

«Ասիկա շատ լաւ առիթ է՝ վերլուծելու այն աշխատանքը, որ մենք կատարած ենք այս 25 տարիներու ընթացքին եւ նախանշելու հեռանկարները: Կ’ուզեմ շեշտել, որ մեր միջպետական յարաբերութիւնները կառուցուած են ապահովապէս ամուր հիմքերու վրայ: Ես ուղղակի վստահ եմ, որ Ձեր այցը շատ լաւ խթան պիտի հանդիսանայ մեր յարաբերութիւններու աշխուժացման: Մենք մեծապէս շահագրգռուած ենք անով, ինչպէս նաեւ ոլորտներու` քաղաքական, տնտեսական ու մարդասիրական սերտ համագործակցութեամբ: Փոխգործակցութեան որեւէ սահմանափակում չունինք ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ ձեւաչափերու մէջ: Բարով եկած էք: Սա Ձեր առաջին պաշտօնական այցն է, եւ յոյսով եմ, որ նման այցեր կ՛ըլլան ամէն տարի»,-ըսած է Սերժ Սարգսեան:

Նախագահ Տոտոն շնորհակալութիւն յայտնած է Սերժ Սարգսեանին այս հրաւէրին համար եւ իր պաշտօնական այցը համարած պատմական` նկատի առնելով, որ երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն անցած 25 տարիներու ընթացքին սա Մոլտովայի Հանրապետութեան նախագահի առաջին այցն է Հայաստան:

«Այս ընթացքին չէ եղած ո՛չ աշխատանքային, ո՛չ պաշտօնական այց, այդ իսկ պատճառով, հաշուի առնելով մեր պատմական ընդհանուր կապերը, ընդհանուր շահերը եւ՛ ԱՊՀ շրջանակներու մէջ եւ ԱՊՀ տարածքին նոր համարկումի նախագիծերուն՝ ես որոշեցի գալ: Այո՛, 25 տարիներու ընթացքին մենք շատ համաձայնագիրներ ստորագրած ենք: Ունինք տասնհինգ համաձայնագիր, այժմ եւս կը պատրաստուին եօթը: Մենք խօսելու բան ունինք, կան որոշակի արդիւնքներ, կան, ի հարկէ, հեռանկարներ: Ես յոյս ունիմ՝ Ձեզի հետ շատ մանրակրկիտ քննարկել ձեր աշխատանքի փորձը ԵԱՏՄ ծիրէն ներս: Գիտեմ, որ մօտակայ ժամանակներս կը ծրագրէք ստորագրել Եւրոմիութեան հետ համագործակցութեան մասին համաձայնագիր: Կը կարծեմ, որ այնպիսի երկիրները, ինչպիսիք են` Մոլտովան եւ Հայաստանը, դատապարտուած են լաւ յարաբերութիւններ ունենալ բոլորին հետ` ե՛ւ Արեւմուտքի, ե՛ւ Արեւելքի: Մեզի համար արդիական է  ձեր փորձը ե՛ւ ԵԱՏՄ-ի մէջ գտնուելու ե՛ւ Եւրոմիութեան հետ համաձայնագիր կնքելու:

«Դուք գիտէք, որ Մոլտովայի մէջ հայկական համայնք կայ, որուն հետ մենք լաւ կը համագործակցինք: Հոն կարճ ժամանակուան ընթացքին արդէն հայերը իրենք զիրենք ապահով եւ հանգիստ կը զգան, ինչպէս իրենց տան մէջ:

«Ես կը ցանկամ Ձեզ շնորհակալութիւն յայտնել, որ առաջին անգամ շատ լուրջ քայլ կատարուած է երկկողմ յարաբերութիւնները խորացնելու համար: Նկատի ունիմ Հայաստանի դեսպանութեան բացումը Քիշնեւի մէջ անցած տարեվերջին: Եւ այս տարի մենք շատ աշխոյժ սկսանք համագործակցիլ դեսպանին հետ: Այս ամէնը ցոյց կու տայ, որ մենք յաջորդաբար կ’անցնինք մեր երկկողմ յարաբերութիւններու նոր մակարդակը»,- ըսած է Մոլտովայի նախագահ Իկոր Տոտոն: