Ուրբաթ, 20. 06. 2025

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Վերահաստատեց Սուրիահայութեան Գոյերթը Շարունակելու Հաստատակամութիւնը

0

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի 164-րդ նիստը գումարուեցաւ Ուրբաթ, 10 Նոյեմբեր 2017, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, ներկայութեամբ Թեմի երեսփոխանական, Ազգ. Կրօնական ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան կազմերուն, նաեւ շարք մը հրաւիրեալներու:

Ազգային Երեսփոխանական ժողովի 164-րդ նիստը հիմնականին մէջ յատկացուած էր Թեմի Գործադիր Իշխանութեան նորընտիր երկու կազմերուն` Ազգ. Կրօնական Ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան յառաջիկայ երկամեակի (2017-2019) գործունէութեան Աշխատանքային Ուղեգիծ-Ծրագիրներու քննարկման եւ հաստատման:
Նիստը սկսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր բացման աղօթքով, ապա Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքով ներկայացուց նիստին անկիւնադարձային նշանակութիւնը` որպէս վերականգնումի եւ վերաշինութեան նստաշրջան՝ հրաւիրելով ներկաները ողջմիտ եւ իրատեսական քննարկումներով հարստացնելու ժողովը եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:

Յաջորդաբար ներկայացուեցան Ազգ. Կրօնական Ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան երկամեայ Աշխատանքային Ուղեգիծ-Ծրագիրները, որոնք հանգամանօրէն քննարկուեցան ժողովականներուն կողմէ սուրիական տագնապի աւարտին յուսալից ակնկալութեամբ, վերականգնումի եւ վերաշինութեան բոլորակէն ներս:

Ազգային Երեսփոխանական ժողովի 164-րդ նիստը մանաւանդ յատկանշուեցաւ.
1.- Բերիոյ Հայոց Թեմի դարարմատ խորհրդանիշ` Ս. Քառասնից Մանկանց պատմական Մայր Եկեղեցւոյ նորոգութեան ծրագրի քննութեամբ:
2.- Համազգային Ուխտատեղի նորոգ ազատագրեալ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ եւ Ապրիլեան Յուշահամալիրի վերաշինութեան ծրագիրը պատրաստելու համահայկական կամքի արտայայտումով:
3.- Մեր Համայնքի զաւակներուն հոգեւոր-բարոյական, կրթական, հայեցի դաստիարակութեան, ծառայողական, բազմաբնոյթ ծրագիրներու գործադրութեան տնօրինումով:
4.- Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի պատմական առաջին շէնքի ու շրջապատի բարենորոգման ծրագրումով:
5.- Ազգ. Առաջնորդարանը յարմարաւէտ կառոյցով մը օժտելու ուսումնասիրութեամբ:

Ազգային Երեսփոխանական ժողովի 164-րդ նիստը վերահաստատեց սուրիահայութեան գոյերթը շարունակելու հաստատակամութիւնը, սուրիական հայրենիքի եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հանդէպ իր հաւատարմութիւնը:

Սրբազան Հայրը իր փակման խօսքով բարձր գնահատեց նիստին գումարումը՝ որպէս խրախուսիչ երեւոյթ, ուրախութիւնը արձանագրեց երկամեակի աշխատանքային պատկերացումներուն գծով, գնահատանքը սուրիական բանակին եւ զինակիցներուն, մնայուն ապահովութիւն մաղթեց մեր ժողովուրդին եւ սուրիական հայրենիքի հողերու ամբողջական ազատագրում, ՀՀ յարաճուն վերելք ու բարգաւաճում: Ան հրաւիրեց բոլորը յառաջատեսիլ մօտեցումով եւ վերականգնումի հոգեբանութեամբ ներկայացուած ծրագիրները ընդհանրապէս մեկնարկը համարել վերականգնումի եւ վերաշինութեան գործին:

Դիւան
Բերիոյ Հայոց Թեմի
Ազգ. Առաջնորդարանի

 

Թաթուլ Հաճեանը Պրահայի Մէջ Նուաճեց Եւրոպական «Քրիսթալ Սթար» Միջազգային Երաժշտական Փառատօնին Գաւաթը, Grand Prix

0

2-3 Նոյեմբեր, 2017-ին Չէխիայի մայրաքաղաք Պրահայի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական 13-րդ «Քրիսթալ Սթար» միջազգային երաժշտական, պարի եւ թատերական փառատօնը։ Թաթուլ Հաճեանը (Կիթառ) ներկայացուց Հայաստանը` գեղարուեստական ղեկավար ունենալով Արմանտօ Ղուկասեանը։ Թաթուլը վարպետօրէն կատարեց Տոմենիքօ Սքարլաթիի Սոնաթա K239 եւ Վիչէնթէ Ասենչոյի «La Frisanca» բարդ յօրինուածքը։ Եւրոպայէն՝ Գերմանիա, Սլովենիա, Ուքրանիա, Ռուսիա, Իտալիա եւ այլ երկիրներէ իրենց մասնակցութիւնը բերին թիւով 37 կատարողներ։

Յուրախութիւն Հայ ժողովուրդին, Հայաստանը ներկայացնող մեր մասնակիցը՝ Թաթուլ Հաճեանը, սոյն փառատօն-մրցումին դարձաւ Գաւաթակիր Grand Prix շնորհիւ իր բարձրատաղանդ եւ հմուտ բեմական կատարողական արուեստին։

Թաթուլը ծնած է Լիբանան: Ան 10 տարեկան հասակին ծնողներուն հետ, հայրը՝ յայտնի երգիչ Գէորգ Հաճեան եւ մայրը՝ Բանասէր Ֆրիտա Գզլեան-Հաճեան, հաստատուած է Հայաստան։

Երաժշտական նախակրթութիւնը ստացած է Երեւանի «Չայկովսկի»-ի անուան պետական երաժշտական եւ տարրական տասնամեայ ուսումնարանին մէջ՝ ուսուցիչ ունենալով Նունէ Պատալեանը, ապա ընդունուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան Պետական Երաժշտանոցի՝ Փրոֆ. Յակոբ Չաղացպանեանի մասնագիտական ղեկավարութեամբ եւ քառամեայ բարձրակարգ ուսումը աւարտած է գերազանց արդիւնքով։

Ան 16 տարեկանէն սկսած է դասաւանդել Երեւանի երաժշտական վարժարաններուն մէջ, ինչպէս՝ Արմէն Տիգրանեան, Անահիտ Ցիցիկեան, Ալեքսանդր Հէքիմեան եւ Բարսեղ Կանաչեան եւ ցայսօր ունի իր անձնական աշակերտները։

Թաթուլը մասնակցած է շարք մը միջազգային փառատօններու՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, Թիֆլիսի, Պուլկարիոյ եւ Փրակայի։ Մենահամերգներով հանդէս եկած է Երեւանի, Արցախի եւ Լիբանանի Այնճար գիւղին մէջ եւ որպէս փայլուն կատարող մասնակցութիւնը բերած է Հայաստանի մէջ յայտնի երգահաններու ձայնագրութեանց եւ նուագակցած անոնց մենահամերգներուն։

Ան օժտուած է գերլսողութեամբ․վարպետօրէն կը տիրապետէ Կիթառի ամենանրբագոյն երանգներէն մինչեւ ամենայաղթական հնչողութիւնը, որուն շնորհիւ գերած ու հմայած է իր լսարանը։

Սրտանց կը շնորհաւորենք մուսալեռցի եւ ուրֆացի պապերու ժառանգորդ՝ Թաթուլ Հաճեանը՝ մաղթելով իրեն նոր նուաճումներ եւ վերելքներ յանուն հայ ազգի պատուին եւ պարծանքին։

Ռուբէն Մամուլեանի 120-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ «Մեր Մեծերը» Ծրագիրի Ծիրէն Ներս

0

Երեւանի Տարաս Շեւչենկոյի անուան թիւ 42 աւագ դպրոցը կը շարունակէ աշխուժօրէն մասնակցիլ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը» ծրագիրին: «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, Նոյեմբեր 10-ին դպրոցին մէջ կայացած է բաց-դաս ձեռնարկ` նուիրուած «Մեր մեծերը-2017» ծրագիրին մէջ տեղ գտած ամերիկահայ աշխարհահռչակ բեմադրիչ Ռուբէն Մամուլեանին:

10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտները յատուկ բեմականացմամբ ներկայացուցին նշանաւոր հայու կեանքն ու գործունէութիւնը, անդրադարձան ամերիկեան թատրոնի եւ շարժանկարի ձեւաւորման, զարգացման գործին մէջ անոր ունեցած վիթխարի աւանդին: Տեսապատկերներու միջոցով ցուցադրուեցան Ռուբէն Մամուլեանի նկարահանած շարժանկարներէն եւ Հայաստան կատարած առաջին այցելութենէն հատուածներ: Ձեռնարկը կազմակերպած էին պատմութեան եւ հասարակագիտութեան ուսուցիչ Սամուէլ Ղուլեան եւ դպրոցի կազմակերպիչ Էլէն Էլբակեան:

Ձեռնարկի աւարտին դպրոցի տնօրէն Էլէոնորա Թումանեան ողջունելով ներկաները՝ իր խօսքին մէջ  կարեւոր համարեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող «Մեր մեծերը» ծրագիրը` նշելով, որ նման նախաձեռնութիւններ կը նպաստեն հայապահպանութեան եւ երիտասարդներու հոգիին մէջ հայրենասիրական  ոգիի արթնացման:

Աւելցնենք, որ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան պետական քաղաքականութեան ծիրէն ներս 2009 թուականէն կ’իրականաց­նէ «Մեր մեծերը» ծրագիրը, որուն գլխաւոր նպատակը մեր հռչակաւոր մեծերու հայրենանուէր գործունէութիւնը սերունդներուն ներկայացնելն է` նպաստելով ազգային արմատներու ճանաչման, հայրենասիրութեան ու ինքնութեան ամրապնդման:

Սոֆի Մխէյեանի Եւ Արսէն Սաֆարեանի Երգերը Հնչած Են Հեռաւոր Պրազիլի եւ Արժանթինի ՄԷջ

0

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Կրթամշակութային աջակցութիւն հայ համայնքներուն» 2017թ. ծրագիրի ծիրէն ներս երգիչներ Սոֆի Մխէյեանն ու Արսէն Սաֆարեանը համերգային շրջագայութիւններ  ունեցած են Պրազիլի եւ Արժանթինի հայկական համայնքներուն մէջ:

Առաջին մասնակցութիւնն էր  Պրազիլի Օզասկօ քաղաքին մէջ կայացած ամէնամեայ Հայկական մշակութային 5-րդ փառատօնին, որուն ներկայ  եղած են շուրջ 500 պրազիլահայեր եւ այլազգիներ: Այնուհետեւ մեկնած են Պուէնոս Այրէս, ուր ելոյթներն ու հանդիպումները առաւել յագեցած  եղած են: 600 հայ եւ օտար աշակերտներու համար համերգ  կազմակերպուած է Հայ Առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից գործող «Սիրանոյշ» դահլիճին մէջ, ելոյթներ  ունեցած են Վիսենտէ Լոփէսի «Դերձակեան» վարժարանին մէջ, Հայ օգնութեան միութեան ծերանոցին մէջ, «Նայիրի» պարախումբի համերգին ընթացքին եւ այլն: Համերգներուն զուգահեռ` Պուէնոս Այրէսի մէջ երգիչները  շարք մը հանդիպումներ  ունեցած են համայնքային ներկայացուցիչներուն հետ, այցելած են համահայկական կառոյցներ, աւանդական կուսակցութիւններու գրասենեակներ եւ Սուրբ Պատարագի մասնակցած:

«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Սոֆի Մխէյեան նշեց, որ առաջին անգամ կ’այցելէին Պրազիլի եւ Արժանթինի հայկական համայնքներ, համերգները շատ ջերմ մթնոլորտի մէջ  անցած են, ամէնուր հայկական շունչն ու ոգին թեւածած է: Անոնց յատկապէս յուզած է այն, որ մեր հայրենակիցները, Հայաստանէն հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու, կրցած են պահպանել հայկական ինքնութիւնն ու ազգային դիմագիծը:

«Համերգային շրջագայութիւններէն մեծ տպաւորութիւններով  վերադարձած ենք, կը կարծեմ` կրցանք մեր հայրենակիցներուն ազգային տօն պարգեւել: Պրազիլի եւ Արժանթինի մէջ ապրող հայերը հետաքրքրուած են հայկական մշակոյթով, ամէն ինչ կ’ընեն Հայաստանի հետ կապը չխզելու եւ իրենց արմատներէն չհեռանալու համար: Ամենակարեւորը, որ նկատեցինք համայնքերու համախմբուածութիւնն էր»,-ըսաւ Սոֆի Մխէյեան` աւելցնելով, որ իրեն հիացուցած է հայ երիտասարդներու հայրենասիրական ոգին, որոնք ազգային, ժողովրդական կատարումներու ժամանակ խանդավառութեամբ ձայնակցած են` թէժացնելով դահլիճին մէջ տիրող բարձր տրամադրութիւնը:

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Աշխատակիցները Մասնակցած Են Համաքաղաքային Շաբաթօրեակին

0

«Հայերն այսօր»-ի տեղեկացմամբ, Նոյեմբեր 11–ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի աշխատակիցները  մասնակցած են Երեւանի մէջ իրականացուող համաքաղաքային շաբաթօրեակին:

Անոնք մաքրած ու բարեկարգած են նախարարութեան նախաձեռնութեամբ ստեղծուած Օղակաձեւ զբօսայգիի 4-րդ հատուածին մէջ գտնուող «Հայ բարերարներու ճեմուղի»-ն:

Աւելցնենք, որ համաքաղաքային շաբաթօրեակին ներգրաւած  եղած են նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի եւ վարչական շրջաններու աշխատակազմերու, քաղաքապետարանի ենթակայութեան կառոյցներու, պետական, մասնաւոր կազմակերպութիւններու աշխատակիցներ, կրթօճախներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

 

Զինուորական Ծառայութեան Նոր Օրինագիծին Դէմ Բողոքող Ուսանողները Մերժեցին Վարչապետին Առաջարկը

0

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ ընդունած է կառավարութեան շէնքին առջեւ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինուորի կարգավիճակի մասին» օրինագիծին դէմ բողոքի ցոյց իրականացնող ուսանողներու  ներկայացուցիչները: Հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան:

Ուսանողներէն Դաւիթ Պետրոսեան հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ իրենք նախապէս այդպէս չէին պայմանաւորուած հանդիպումի ձեւաչափին մասին: Նախապէս պայմանաւորուածութիւնը եղած է հանդիպիլ միայն վարչապետին հետ, սակայն անոր հետ եղած են նաեւ պաշտպանութեան եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարարները:

Վարչապետին եւ նախարարներուն հետ ուսանողները համաձայնութեան չեն եկած: Ուսանողները պիտի շարունակեն իրենց դասադուլը:

Ուսանողները յայտնեցին, որ վարչապետ Կարապետեան առաջարկած է գրաւոր առաջարկներ ներկայացնել օրէնքի նախագիծի ընդունումէն ետք: «Մենք կը կարծենք, որ օրէնքը այս ձեւով պէտք չէ ընդունուի, հետեւաբար կը մերժենք կառավարութեան այս առաջարկը»,- ըսին ուսանողները:

Անոնք կը պահանջեն օրէնքին մէջ զինուորական ծառայութեան համար ուսումը կասեցնելը պարտադիր դարձնելու դրոյթին վերացումը:

 

Սերժ Սարգսեան Ընդունած է Արցախի Ազգային Ժողովի Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը

0

Սերժ Սարգսեան Նոյեմբեր 10-ին ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը` Արցախի ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորութեամբ:

Պատուիրակութիւնը Հայաստան ժամանած է մասնակցելու Հայաստանի եւ Արցախի Ազգային ժողովներու միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի 12-րդ նիստին:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ Նախագահի կապի վարչութիւնը, հանրապետութեան նախագահը ողջունած է պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ եւ կարեւոր համարած միջխորհրդարանական սերտ շփումները հայկական երկու հանրապետութիւններուն միջեւ` ընդգծելով, որ ինչ ձեւաչափով ալ դրսեւորուի փոխգործակցութիւնը` միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի նիստեր, ԱԺ մշտական յանձնաժողովներու պարբերաբար իրականացուող համատեղ նիստեր կամ պատգամաւորական խումբերու շփումներ, ատիկա, ամէն պարագայի, լաւագոյն ձեւն է իրարու միջեւ տեղեկատուութիւն փոխանակելու եւ ընդհանուր խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ ջանքերը համատեղելու:

«Ինծի միշտ լաւատեսութեամբ կը համակէ այն, որ հակառակ պարտադրուած պատերազմին` հակառակ սահմանագիծի վրայ առկայ, Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները մեծ հաւատքով լեցուած են իրենց ապագայի նկատմամբ եւ այդ հաւատքով կ՛ամրապնդեն իրենց պետականութիւնը, կ՛աւելցնեն բարեկեցութիւնը, կը զարգացնեն ժողովրդավարութիւնը: Եւ սա բոլորիս կը համոզէ, որ ճիշդ ճամբու վրայ ենք, եւ որ մեր կամքը անբեկանելի է: Այս ճանապարհին, ի հարկէ, շատ կարեւոր հանգրուան էր ընթացիկ տարուան Փետրուար 20-ին տեղի ունեցած սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէն, որ մէկ անգամ եւս հաստատեց, որ չկայ խզուածութիւն Արցախի գործադիր ու օրէնսդիր իշխանութիւններու եւ ժողովուրդի միջեւ, իսկ սա չափազանց կարեւոր հանգամանք է մարտահրաւէրներուն դիմակայելու ընթացքին: Կը կարծեմ` ոեւէ մէկը չի կասկածիր, որ այս ուղին անցնելու ընթացքին ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ոչ միայն մեր բոլոր քաղաքացիները, այլեւ համայն հայութիւնը ձեր կողքին է եւ միշտ այդպէս պիտի ըլլայ»,- ըսած է նախագահը` ընդգծելով, որ խորհրդարանականներու քննարկումներուն արդիւնքները անհրաժեշտ է պարբերաբար հասցնել նաեւ երկու հանրապետութիւններու քաղաքացիներուն, քանի որ, ըստ նախագահ Սարգսեանի՝ մենք ամուր ենք, լաւատես ենք, հաստատակամ ենք, եթէ մեր քայլերը համահունչ են մեր ժողովուրդի ցանկութեան:

Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին հիւրընկալութեան համար` նշելով, որ ՀՀ ԱԺ-ի հետ միջխորհրդարանական համագործակցութեան նիստերու ծիրէն ներս Հանրապետութեան նախագահին մօտ աւանդաբար հիւրընկալուիլը շատ կարեւոր է խորհրդարանականներուն համար, քանի որ նման հանդիպումները լաւ հնարաւորութիւն են համագործակցութեան օրակարգէն բացի անդրադառնալու երկուստէք հետաքրքրութիւն ներկայացնող արդիական թեմաներուն, համահայկական նշանակութեան խնդիրներուն:

Ան նախագահին տեղեկացուցած է կառուցողական եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցող միջխորհրդարանական այսօրուան նիստին քննարկուող հարցերուն մասին:

«Մեր հրատապ թեմաներու շարքին է նաեւ յետսահմանադրական զարգացումները ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Արցախի մէջ: Ինչպէս Դուք նշեցիք, պարո՛ն նախագահ, մենք հիմա շատ կարեւոր փուլ մտած ենք ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Արցախի մէջ սահմանադրական հանրաքուէներէն ետք մեր կեանքի կարգաւորումները նոր սահմանադրութիւններով պայմանաւորելու առումով: Թէկուզ մենք տարբեր կառավարման ձեւեր ընտրած ենք, բայց այս գործընթացին մէջ ունինք շատ ընդհանրութիւններ, որովհետեւ անցած ճամբան ալ այդ մասին կը վկայէ: Կան որոշ առանձնայատկութիւններ, որոնք, ի հարկէ, մենք կը ցանկանք քննարկել մեր գործընկերներուն հետ, որոնք տեղեակ եղած են այդ գործընթացէն եւ կրնան օգտակար ըլլալ մեր օրէնսդրութիւնը հիմնական օրէնքին համապատասխանեցնելու գործին»,- ՀՀ նախագահին հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Արցախի ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան:

Արցախա-Ատրպէյճանական Շփման Գիծին Մէջ Կրակոց.Արցախի ՊՆ

0

Նոյեմբեր 5-էն 11 Արցախա-Ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ պահպանուած են յարաբերական հանգիստ իրադրութիւն:

Նշուած ժամանակահատուածին հակառակորդը հրադադարի պահպանման կարգը խախտած է շուրջ 200 անգամ՝ հրաձգային զինատեսակներէն հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով 2300 կրակոց:

ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը  պահպանեն առաջնագիծին վրայ եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն:

«Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամը Հերթական Անգամ Կ’իրականացնէ «Անվճար Դասագիրքեր Կարիքաւոր Երեխաներու Համար» Իր Տարեկան Նախաձեռնութիւնը

0

Կրթութիւնը իւրաքանչիւր քաղաքակիրթ երկրի մէջ առաջնակարգ մարզերէն մէկն է: Սակայն, ցաւօք, նիւթական խնդիրներու պատճառով շատ երեխաներ զրկուած են դպրոց յաճախելու իրենց իրաւունքէն: 2010 թուականէն սկսած բարերարներու շնորհիւ «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը կ’իրականացնէ «Անվճար դասագիրքեր կարիքաւոր երեխաներու համար» ամէնամեայ ծրագիրը եւ կ’օժանդակէ առաւել անապահով երեխաներուն ստանալ անվճար դասագիրքեր:

Ծրագիրը կ’իրականացուի նուիրատուութիւններու շնորհիւ, որոնք մասնաւորապէս կ’ապահովուին Լոնտոնի Թէքէեան Խնամակալ Մարմինի կողմէ Անգլիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ կազմակերպուած դրամահաւաքներու միջոցով:

2017-2018 ուսումնական տարեշրջանին «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը 2,433 անվճար դասագիրք  տրամադրած է 190 անապահով աշակերտի՝ Երեւանէն, Կիւմրիէն, Ստեփանավանէն, Կարբի գիւղէն եւ Բերձորէն, անորմով իսկ թեթեւցնելով ընտանիքներու նիւթական մտահոգութիւնները: Իսկ ծրագրի իրականացման ութ տարիներու ընթացքին ընդհանուր առմամբ հիմնադրամը տրամադրած է շուրջ 19,000 դասագիրք 10,135,000 ՀՀ դրամ արժողութեամբ:

Հիմնադրամը նպատակ ունի ընդլայնել ծրագիրը, ուստի կը պահանջէ ու կ’ակնկալէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու եւ անհատներու տեւական համագործակցութիւնն ու օժանդակութիւնը՝ ընկերային գետնի վրայ անապահով ընտանիքներու երեխաներուն:

Նուիրատուութիւն կրնաք կատարել`

«Թեքէեան Կեդրոն» հիմնադրամ
/ՀՀ, Երեւան 0025, Խանջեան 50/
Դրամատուն` «Ամերիաբանկ» ՓԲԸ
Դրամատնային հաշիւ` 15700 22679770200 (ՀՀ դրամ)
SWIFT / BIC: ARMIAM22

«Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը կը յայտնէ իր խորին երախտագիտութիւնը բոլոր նուիրատուներուն հայ դպրոցի զարգացման եւ բարգաւաճման հայրենանուէր գործին աջակցելու համար:

محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا تيرزيان

0

بإسم نادي زارتونك لحزب الرامغافار نرحب بكم وبرئيس لقاء الهُوية والسيادة معالي الوزير السابق الدكتور يوسف سلامه ضيف هذه المحاضرة

أيها الحضور الكريم

في ظل الظروف السياسية والأمنية التي تعيشها المنطقة والتي تؤثر سلباً على مسيحيي الشرق عامة ولبنان خاصة ، إذ نرى كثافة في الهجرة وتفريغ المنطقة من المسيحيين من جهة ، والشعور بخيبة الأمل في هذا المجتمع الذي يحاول تغييب الدور المسيحي الريادي وتهميشه من جهة أخرى

ولكن هذا الوضع الضاعط يُولد عند الكثيرين من بيننا نوعاً من التحدي الذي نعيشه يومياً في ظل أمل يٌطلقنا نحو آفاق جديدة توعدنا بمستقبل أفضل 

» أنتم ملح الأرض ، فاذا فسد الملح فأي شيء يُملحه؟»

كثيرون من بيننا هم هذا الملح الذي لا يُفسد

فهذا النادي هو خير مثال على ذلك حيث ان عدداَ غير قليل من الأعضاء المنتسبين إليه كانوا ولا يزالون يعيشون في أحياء بيروت مثل الحمرا، زقاق البلاط ، الأشرفية ، الصيفي ، والمدور، متحدّين كل الصعاب المادية والمعنوية وهم في حياتهم مثالاً يحتذى بالأمانة والمصداقية والإلتزام بالكنيسة

إستضافتنا هذا المساء لمعالي الوزير د. يوسف سلامه ليست بالصدفة ، فهو الكسرواني الأصيل من قرية فاريا المتربعة عالياً عُلو جبال لبنان، ومن عائلة مارونية ملتزمة إلتزام الرسل الأوائل

عصامي هو ، إنتقل من الجامعة إلى الشأن العام . قريب من الكنيسة المسّيسة في زمن الإحباط المسيحي ، يكون من القلة كي لا نقول الوحيد الذي دخل مجلس الوزراء بتوصية بطريركية. أسس جمعية الملتقى  ( مساحة حوار لبنانية ) بالتعاون مع الوزير فؤاد بطرس والسفير فؤاد الترك والنائب بيار دكاش والتي رعاها البطريرك الكاردينال صفير بإيفاده نائبه المطران نُجيم ليرافقهما ، ثم حّولها الى حزب سياسي بإسم لقاء «الهُوية والسيادة»  الذي يترأسه

هو يُعرف عن نفسه أنه أتى من الحالة الإعتراضية في المجتمع، ويحاول أن يُحّولها الى حالة قيامية ، هذا ما قاله في أول تصريح له بعد تعيينه وزيراَ