Ուրբաթ, 20. 06. 2025

Արցախցի Երիտասարդ Դաշնակահարուհին Միջազգային Մրցոյթ-փառատօնին Արժանացած է «Կրան-փրի» Մրցանակին

0

երիտասարդ դաշնակահարուհի Անահիտ Առուշանեան Հոկտեմբեր 22-ին մասնակցած է Քանարեան կղզիներու մէջ տեղի ունեցած սպանական ամէնամեայ միջազգային «Stars at Tenerife» մրցոյթ-փառատօնին եւ արժանացած «Կրան-փրի» մրցանակի:

Ըստ «Արցախփրէս»-ի՝  Նիւ Եորքի «Լոնգ Այլընտ» (Long Island) երաժշտանոցի առաջին տարուան ուսանող Անահիտ Առուշանեան ըսած է, որ փառատօնին կը մասնակցէին 26 երկիրներու ներկայացուցիչներ:

«Հանդէս եկած եմ Ռախմանինովի, Շոփէնի, Պիզէի, Պրամսի ստեղծագործութիւններով եւ շատ ուրախ եմ, որ իմ կատարումները նման բարձր գնահատականի արժանացած են»,- ըսած է Առուշանեան եւ աւելցուցած, որ բացի «Կրան-փրի» մրցանակէն, ստացած է նաեւ երկու այլ մրցոյթ-փառատօններու մասնակցութեան հրաւէր:

Ան յայտնած է, որ առաջինը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 3-7 Ռուսիոյ Ս․Փեթերսպուրկ քաղաքին մէջ, ուր պիտի կայանայ հանրայայտ ռուս դաշնակահար Սաւշինսքիի անուան միջազգային մրցոյթ-փառատօնը, իսկ երկրորդը` Ապրիլին, Գերմանիոյ Պատեն-Ոււրթեմպըրկ երկրամասին մէջ:

Բացառիկ Նուագահանդէս Մը Լոնտոնի Մէջ

0

9 Նոյեմբեր 2017-ին, Լոնտոնի St James Piccadilly

եկեղեցի-համերգասրահին մէջ, Հայ Հիմնարկը (Armenian Institute) իր հիմնադրութեան 16-ամեակը նշեց սքանչելի նուագահանդէսով մը, մասնակցութեամբ համբաւաւոր երեք հայ արուեստագէտներու, յանձինս ՝ ջութակահար Լեւոն Չիլինկիրեանի, թաւջութակահար Ալեքսանդր Չավուշեանի եւ դաշնակահար-երգահան Կարէն Յակոբեանի, որոնք թէեւ միջազգային երաժշտական շրջանակներու մէջ ծանօթ են որպէս մենակատարներ՝ այս առիթով սակայն, հանդիսատեսին ներկայացան՝ որպէս եռանուագի (trio)  անդամներ : Սխալ չհասկցուելու համար մատնանշենք, որ Լեւոն Չիլինկիրեան, թէեւ որպէս մենակատար ունեցած է անհամար ելոյթներ,

1971-էն սկսեալ գլխաւորաբար նուագած է՝  իր իսկ հիմնած «Չիլինկիրեան Քառեակ»-ին հետ։

Իւրաքանչիւր արուեստագէտի կատարողական ոճն ունի իր  անհատական կնիքը։ Աւելին՝ ամէն արուեստագէտ իր նուագած ստեղծագործութիւնը կ’ընկալէ ու կը մեկնաբանէ, ըստ իր հասկացողութեան եւ զգացողութեան։ Ուրեմն միշտ չէ, որ անհատապէս յաջողութեան բարձունքներ գրաւած արուեստագէտը, նոյն բարձունքին կը հասնի, երբ ելոյթ կ’ունենայ ՝ որպէս նուագախումբի մը մէկ անդամը։ Անշո՛ւշտ, Լ. Չիլինկիրեանի պարագան տարբեր է, քանի որ ան իր քառեակին հետ երկար տարիներ նուագելով՝կուտակած է հարուստ փորձառութիւն։ Անտարակոյս, այդ հանգամանքը այս նուագահանդէսին բացառիկ յաջողութեան մէջ եւս ունեցաւ իր դրական դերը։

 

Արդ, կրնանք անվարան հաստատել, որ նուագահանդէսի ամբողջ տեւողութեան, եռանուագի երեք անդամները ցուցաբերեցին բացառիկ հասկացողութիւն իրարու հանդէպ, ինչպես նաեւ երաժշտութեան հետ մերուելու, խնդրոյ առարկայ ստեղծագործութիւնը յաջող կատարելու բոլոր տուեալներն ու պահանջքները ներդաշնակօրէն իրար աղիւսելու հազուագիւտ ունակութիւն։Անոնք կրցան, առանց իրենց կատարողական ինքնուրոյնութեան դաւաճանելու, ստեղծել եռանուագէ մը պահանջուած ներդաշնակ միասնականութիւնը, ձայներու՝ երբեմն կրքոտ, երբեմն ալ մեղմանուշ գիրկընդխառնումէն ծնած երաժշտական առինքնող մթնոլորտը։

 

Յայտագիրը կը բաղկանար Joseph Haydn-ի, Առնօ Պապաճանեանի եւ Bethoven-ի դաշնամուրի համար գրուած եռանուագներէն, որոնք երեքն ալ հրաշալի ստեղագործութիւններ էին, զորս

կատարեց ճշգրիտ մեկնաբանութեամբ, հաւասրակշռուած յուզականութեամբ, անկեղծութեամբ, ապրումով եւ ՄԵԾ արուեստագէտներուն միայն յատուկ ՎԱՐՊԵՏՈՒԹԵԱՄԲ։

 

Հանդիսատեսը եռանուագի կատարումները

ողջունեց երկար ծափահարութիւններով, իսկ Պապաճանեանի պարագային՝ գնահատանքի փոթորկոտ բացականչութիւններով։

 

Այսու, կը շնորհաւորենք Հայ Հիմնարկը իր հմնադրութեան

16-րդ տարեդարձին առիթով։ Կը շնորհաւորենք նաեւ Լեւոն Չիլինկիրեան, Ալեքսանդր Չավուշեան եւ Կարէն Յակոբեան եռանուագը, որ այս առիթով իր տուած նուագահանդէսով, երաժշտասէր հանդիսատեսին պարգեւեց անսահման գոհունակութիւն: Նուագահանդէսը ճիշդ բնութագրելու համար պարտադիր է  օգտագործել ՀԻԱՍՔԱՆՉ ածականը։

 

Հայկական Imusic Երաժշտական Հարթակը Բջիջային Յաւելուած Ստեղծած է

0

Գործարկուած է հայկական ամենամեծ երաժշտական հարթակներէն Imusic-ի բջիջային յաւելուածը: Ան հասանելի է iOS եւ Android համակարգերու համար, կը հաղորդէ “Փանարմինիըն”-ը:

Imusic-ը հնարաւորութիւն կու տայ օգտատէրերուն անվճար երգեր ներբեռնել, ստեղծել անձնական երգացանկեր` ցանկութեան պարագային տարածել զանոնք հետեւորդներուն մէջ, ինչպէս նաեւ հետեւիլ այլ օգտատէրերու երաժշտական հրապարակումներուն:

Երաժշտական ընկերային ցանցին մէջ կարելի է գտնել մօտ մէկ միլիոնի հասնող տարբեր ժանրերու երգեր, մեղեդիներ եւ այլն:

Հարթակի միջոցով կարելի է նաեւ 24 ժամ ձայնասփիւռ լսել: Այժմ Imusic-ն ունի 4 ձայնասփիւռ` Jammin, Classic, Fusion, Ethno. իւրաքանչիւրը կ՛առաջարկէ համապատասխան ժանրի երաժշտութիւն:

«Մանկական Եւրատեսիլ-2017»-ին Հայաստանը Պիտի Կարենայ Քուէարկել Միշայի

0

«Մանկական Եւրատեսիլ-2017» երգի միջազգային մրցոյթի քուէարկութեան կարգին մէջ կարեւոր փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են:

Ըստ նոր կարգին` այս տարի մասնակից երկիրը առցանց քուէարկութեան միջոցով պիտի կարենայ քուէարկել նաեւ իր պատուիրակի օգտին: Քուէարկութիւնը պիտի մեկնարկէ Նոյեմբեր 24-էն www.junioreurovision.tv կայքին մէջ, ուր հնարաւոր պիտի ըլլայ դիտել բոլոր 16 մասնակիցներուն ելոյթներուն նախնական տարբերակները: Հեռուստադիտողը ելոյթը դիտելէն ետք պիտի կարենայ միաժամանակ քուէարկել 3, 4 կամ 5 մասնակիցի օգտին: Այս մասին կը տեղեկացնէ Առաջին ալիքի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը:

Քուէարկութիւնը պիտի աւարտի Նոյեմբեր 26-ին` մրցոյթի օրը` անմիջապէս ելոյթէն առաջ, եւ պիտի վերաբացուի մրցոյթի ընթացքին բոլոր 16 ելոյթներէն ետք: Տուեալ քուէարկութիւնը պիտի տեւէ 15 վայրկեան: Հեռուստադիտողի քուէն պիտի վերածուի միաւորներու, որ պիտի դառնայ մրցոյթի արդիւնքին մէկ մասը, միւս մասը պիտի ձեւաւորուի դատակազմի գնահատականին հիման վրայ: Յաղթող պիտի դառնայ ամենաշատ միաւոր հաւաքած մասնակիցը:

 «Մանկական Եւրատեսիլ-2017»-ը տեղի պիտի ունենայ 15-րդ անգամ` “Shine Bright” («Շողայ պայծառ») նշանաբանի ներքոյ: Բացի Հայաստանէն, պիտի  մասնակցին եւս 15 երկիրներներու ներկայացուցիչներ` Ալպանիա, Աւստրալիա, Պելառուսիա, Կիպրոս, Իռլանտիա, Իտալիա, Մակեդոնիա, Մալթա, Հոլանտա, Ուքրանիա, Ռուսիա, Լեհաստան, Սերպիա, Փորթուկալ եւ մրցոյթը հիւրընկալող երկիրը` Վրաստան:

ՀՀ հանրային հեռուստաընկերութիւնը մրցոյթի պաշտօնական հեռարձակողն է:

Շարժայի Մէջ Հայաստան Կը Նախատեսէ Բանալ Առեւտրաարդիւնաբերական Կեդրոն

0

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Շարժայի էմիրութեան մէջ Հայաստանը կը նախատեսէ բանալ առեւտրաարդիւնաբերական կեդրոն: Այս մասին ,ըստ «Արմենպրես»-ի՝  նշած է ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի տեղակալ Յովհաննէս Ազիզեան։ «Հողատարածքը յատկացուած է, այժմ շէնքի նախագծային փուլն է: Պիտի  փորձենք առաջընթաց արձանագրել այս ուղղութեամբ, որովհետեւ առեւտուրի տուն ունենալը կարեւոր գործիք է: Այժմ կը յստականայ առեւտրաարդիւնաբերական կեդրոնի ձեւը: Կը նախատեսենք, որ ան մէկտեղէ քանի մը գործառոյթ: Նախ ըլլայ հայկական ապրանքներու ցուցահանդէս, այնուհետեւ նախատեսուած է բաժին հայաստանեան զբօսաշրջային հնարաւորութիւնները ներկայացնելու համար: Ատկէ բացի, Հայաստանի գործարար ներկայացուցիչներուն հնարաւորութիւն տրուի այնտեղ գրասենեակներ ունենալու»,-ըսած է ան:

Ազիզեան նշած է, որ չի բացառուիր առեւտրաարդիւնաբերական կեդրոնի ձեւը այլ ուղղութիւններով կիրառելը: Մանաւանդ, որ այլ երկիրներու մէջ նման կեդրոն բանալու առաջարկներ կան:

«Ան արտահանումը խրախուսող լաւ ուղղութիւններէն մէկն է: Պէտք է կեդրոնանալ այն շուկաներու վրայ, որոնք մեզի համար մեծ ներուժ ունին: Այսօր կան առաջարկներ Մոսկուայի մէջ այդպիսի կեդրոն ստեղծելու համար: Մեզի համար ատիկա նոր ուղղութիւն է, փորձ ձեռք բերելով, մէկ, երկու այսպիսի ծրագիր ընելով՝ կրնանք հասկնալ, թէ որքանո՛վ անիկա պիտի աջակցի արտահանման: Ատոր հիման վրայ ալ պիտի որոշենք, այն տարածելու անհրաժեշտութիւն կա՞յ, թէ այլ մեքանիզմներու վրայ կեդրոնանանք»,-աւելցուցած է փոխնախարարը: Ան ընդգծած է, որ պիտի փորձեն այդ ծրագիրերը իրականացնել գործ հետ համագործակցութեամբ։

Արցախը Նախորդ Շաբաթ – Քաշաթաղին Մէջ Ներդրումներ Կ’աւելնան. Ուշադրութեան Կեդրոնը Ելեկտրական Ուժի Ոլորտն Է

0

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Արդէն մէկ տարի է Արցախը ելեկտրական ուժի առումով ինքնաբաւ դարձած է: Փոքր ելեկտրական ուժ արտադրող գործարաններու շինարարութեան արդիւնքի պարագային ելեկտրական ուժի արտադրութեան ծաւալները Արցախի մէջ հասած են սպառուող ելեկտրական ուժի ծաւալներուն: Սակայն արտադրութեան ծաւալները կը շարունակեն աւելնալ: Ելեկտրական ուժի ինքնաբաւութեան շեմը յաղթահարած Արցախը կը յաւակնի դառնալ ելեկտրական ուժի արտահանող երկիր: Հերթական ջրա-ելեկտրակայանը շահագործման յանձնուած է Քաշաթաղի շրջանին մէջ: Աղավնո գետի վրայ կառուցուող յաջորդ հէկը պիտի գործարկեն յառաջիկային: Աշխատանքի արդիւնքներուն մէկ մասը ու միւս մասի ընթացքը նախագահ Բակո Սահակեանը օրերս տեղին գնահատած է:

Արցախի՝ ելեկտրական ուժի արտադրելու հնարաւորութիւննեը կը շարունակուին աւելնալ: Մինչեւ տարեվերջ շահագործման կը յանձնուի Աղաւնոյ գետի վրայ կառուցուող « Աղաւնոյ» ջրա-ելեկտրակայանը: Մեկաուաթ դրուածքային հզօրութիւն ունեցող հէկ-ը տարեկան պիտի արտադրէ աւելի քան 33 միլիոն քիլուաթ ժամ ելեկտրական ուժի՝ դառնալով Արցախի մէջ արտադրութեան ծաւալով երկրորդը՝ Սարսանկ Հէկ-էն ետք: Աշխատանքներուն ընթացքին տեղին ծանօթացած է Արցախի նախագահ Բակո Սահակեանը: «90 տոկոսով աւարտած են շինարարական աշխատանքները: Ներկայ դրութեամբ փոխիչ ենթակայանի վրայ կ’աշխատինք: Այդ ալ կ’աւարտենք յառաջիկայ ամսուան ընթացքին» ,- կը մանրամասնէ «Լեւ Էներճի» ՍՊԸ տնօրէն Սերգեյ Մուսայելեանը:


Արցախի մէջ շահագրգռուած են լիարժէք օգտագործել ջրա-ելեկտրիկ հնարաւորութիւնները: Ներդրողներու համար բաւական լուրջ արտօնութիւններ սահմանուած են: Օրէնսդրական դաշտն ալ այդ ոլորտին մէջ ներդրումներ կատարելու գրաւչութիւնը կ’աւելցնէ: « Կը փորձենք պայմաններ ապահովել, որ պարզ, հեշտ ուղիով յաղթահարուի ամէն խոչընդոտ, եւ պատահական չէ, որ այս ոլորտին մէջ այդքան մարդ կը ցանկայ ներդրում կատարել»,- կատարուած աշխատանքներու արդիւնքները կը գնահատէ Արցախի Խորհրդարանի արտադրութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու հարցերուն մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արպատ Աւանէսեանը:
Արցախի մէջ ներդրումներ կը կատարեն ոչ միայն տեղի, այլեւ օտարերկրեայ գործարարները: Նայիրի Բաշխինեանը Քաշաթաղի շրջանին մէջ արդէն երկրորդ ջրա-ելեկտրակայանի կառուցման կը մասնակցի: Հինգ տարուան ընթացքին կայանը կը վերադարձնէ ներդրումները: Քաշաթաղի շրջանին մէջ ներդրումերը տնտեսականի հետ նաեւ քաղաքական նշանակութիւն ունին: « Որպէս տնտեսական ծրագիր, ի հարկէ, կարեւոր է: Սակայն ասիկա մէկ կողմէ ալ մեր հայրենիքին մէջ ամրանալու քայլ է: Մենք գիտենք ատիկա: Իսկ այս ծրագիրներով միւսներն ալ կը հասկնան, կը համոզուին, որ հայ ժողովուրդը իր հայրենիքին մէջ ամրացած է, կը ստեղծէ եւ կը յօրինէ»,- տնտեսական ծրագիրներու քաղաքական բաղադրիչը կը կարեւորէ « Աղաւնո-կ» Յէկ-ի բաժնետէր Նայիրի Բաշխինեանը:
Աղաւնո գետի երկայնքով կառուցուած ջրա-եկրակայաններէն իւրաքանչիւրը կ’ապահովէ աւելի քան 10 աշխատատեղ: Ծրագիրներու կարեւորութիւնը սակայն, երկրորդ հարթակ չի մղեր բնապահպանական խնդիրները: Խիստ ու հետեւողական ըլլալու յանձնարարականը բնապահպանութեան նախարարը Բակո Սահակեանէն տեղին ստացաւ: 2007 թուականէն ի վեր Արցախի մէջ մէկ ու կէս տասնեակ պզտիկ հէկեր կառուցուած են՝ բազմապատկելով Արցախի մէջ ելեկտրական ուժի արտադրութեան ծաւալները: Պետական մարմինին զուգահեռ բնապահպանական հարցերը նաեւ պարբերաբար հասարակական կազմակերպութիւններու ուշադրութեան կեդրոնը կը յայտնուին: Առայժմ լուրջ խախտումեր գրի չեն առնոած:

 

Քաշաթաղի Շրջանը՝ Արցախի Հացի Շտեմարան

Արցախի մէջ հացահատիկի արտադրութեան բաւական լայն հնարաւորութիւններ կան եւ արդէն տարիներ շարունակ այդ հնարաւորութիւնները կ’օգտագործուին՝ աճող արդիւնաւէտութեամբ: Որպէս արդիւնք՝ Արցախը կ’արտադրէ ներքին պահանջարկը գերազանցող քանակի հացահատիկ Արտահանի մէջ: 2017 թուականը մրցանշային էր՝ հաւաքուած բերքի մասով: Աւելի քան 160 հազար տոննա հացահատիկ  արտադրուած է, այսինքն՝  ներքին պահանջարկներուն գրեթէ եռապատիկը : Միաժամանակ աճը ոչ այնքան ցանքի տարածութիւնները ընդլայնելու հաշւուն է, որքան մշակման կանոններու պահպանման: Միայն բաւական է ըսել, որ վերջին մի քանի տարուան ընթացքին հացահատիկի միջին բերքատուութիւնը Արցախի մէջ մօտ երկու անգամ աւելցած է: 2017-ի բերքահաւաքը արդէն բարեյաջող աւարտած է: Այս օրերուն իրենց վերջնական փուլին հասած են աշնանացանի աշխատանքները: Եթէ տարիներ առաջ այս օրերուն աշնանացանի հիմնական փուլը դեռ նոր-նոր կը մեկնարկէր, ապա այս տարի բոլոր հիմքերը կան՝ ենթադրելու, որ աշնանացանը նոյն աշնան ալ կ’աւարտի: Ոլորտի պատասխանատուները չեն շտապեր կանխատեսումներ ընել: Ի վերջոյ, վերջնական արդիւնքը շատ հանգամանքներէ պայմանաւորուած կ’ըլլայ: Բայց փաստ է, որ աշնանացանի նախատեսուող ծաւալի հիմնական մասը իրականացուած է գիւղատնտեսութեան կենսագործման ժամկէտներուն, իսկ այդ արդէն դրական տեղաշարժ է: Թէ գալիք տարի ինչպիսի՛ն կ’ըլլայ հացահատիկի բերքը՝ հողագործութեան պատասխանատուները տակաւին որեւէ կանխատեսում չեն ըներ այդ մասին: Սակայն լաւատես ըլլալու հիմքեր արդէն կան: Գալիք տարուան բերքի տակ առնուած աշնանացանը իր ծաւալով 2017-ին պիտի չզիջի: Ինչպէս նաեւ հակառակը: «Նոյեմբեր 8-ի տուեալներով՝ հանրապետութեան մէջ կատարուած է 52, 736 հեկտար հերկ եւ 38, 633 հեկտար ցանք: Նախորդ տարուան նույն ժամանակահատուածին համեմատած՝ մօտ 4,4 անգամ աւելի»,-  այս տուեալները ի մի կը բերէ գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալ Վիլեն Աւետիսեանը:

 

Նախասիրութիւններու հարցի պարագային էական փոփոխութիւններ չկան: Հիմնական ցորեն եւ գարի ցանուած է: Գերակշռողը ցորենն է: Կատարուած ցանքէն 22, 520 հեկտարը՝ ցորենին  կ’երթայ , 16, 112 հեկտարը՝ գարիին: Փոփոխութիւնը վերաբերմունքի մէջ է: Այս տարի բոլոր հիմքերը կան՝ յուսալու, որ աշնանացանը աշնան կ’աւարտի, առանց գիւղատնտեսութեան կենսագործման ժամկէտներու խախտման: «Եթէ նկատի առնենք, որ վերջին տարիներուն հանրապետութեան մէջ աշնանացանի ծաւալները կը տատանուէին 50-55 հազար հեկտարի մօտ եւ որ այս  տարի ալ նույն մակարդակը կը կանխատեսենք, ապա կրնանք արձանագրել, որ, այո՛, այս տարուան աշնանացանի հիմնական մասը հասցուցած ենք վերոյիշեալ ժամկէտներուն իրականացնել»,-  կը հաստատէ գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Վիլեն Աւետիսեանը:

Ըստ շրջաններու՝ ցանքերու բաշխման հարցի պարագային ալ էական փոփոխութիւններ չկան: Քաշաթաղը առաջին տեղը կը գրաւէ՝ 17 հազար հեկտար հերկի եւ 13 հազար ցանքի ցուցանիշներով: «Քաշաթաղի շրջանը նախորդ տարի միւս շրջաններէն զգալիօրէն աւելի շատ ցանք ունէր, իսկ այս տարի, մինչեւ անգամ նախորդ տարուան ցուցանիշները գերազանցելու հիմքեր կան: Այնպէս որ այսօրուան տուեալները դեռ հեռու են վերջնական ըլլալէ»,- կ’ընդգծէ Վիլեն Աւետիսեանը: Աճը կը սպասուի ամենաշատը Քաշաթաղի շրջանին մէջ: Եթէ նախորդ տարի այս շրջանին մէջ աւելի քան 20 հազար հեկտար հացահատիկ ցանուած եւ ապահովուած էր՝ Արցախի մէջ արտադրուած հացահատիկի աւելի քան մէկ-երրորդը, ապա 2018-ի բերքին տակ, Քաշաթաղի մէջ պիտի պատրաստուին մօտ 22 հազար հեկտար հացահատիկ ցանել:

 

Ստեփանակերտ

 

Անթիլիասի ՄԷջ Տեղի Պիտի Ունենայ Հայ Գիրքի Համահայկական 38-րդ Ցուցահանդէսը

0

Նոյեմբեր 19-էն Դեկտեմբեր 10 Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին ներքոյ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայ գիրքի համահայկական 38-րդ ցուցահանդէսը, որուն պաշտօնական բացումը պիտի կատարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ կաթողիկոսը:

Տարիներու աւանդոյթի համաձայն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ հայ մշակոյթի պահպանման եւ հայ գիրի ու գրականութեան տարածման սրբազան առաքելութիւնը` իր սրբազան յարկին տակ հաւաքելով հայ հրատարակչատուները, հեղինակներն ու մտաւորականները, դպրոցականները, համալսարանականները եւ անհատ գրքասէրները:

Գերմանական KfW Դրամատունը Հայաստանին 80 Միլիոն Եուրոյի Վարկ Կը Տրամադրէ

0

Գերմանական KfW դրամատունը Հայաստանին 80 միլիոն եուրոյի վարկ կը տրամադրէ պետական պիւտճէի բացը լրացնելու համար: Վարկային համաձայնագիրի նախագիծը հաւանութիւն ստացաւ կառավարութեան Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբերի նիստին, կը հաղորդէ “Նիուզ”-ը:

Վարկը կը տրմադրուի 15 տարոուան համար, որուն 5 տարին՝ արտօնեալ ժամանակահատուածով: Վարկին կողքին, կը տրամադրուի 8.3 միլիոն եուրօ արհեստագիտական  աջակցութեան դրամաշնորհ:

Նոյեմբեր 11-ին Երեւանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Համաքաղաքային Ծառատունկ-շաբաթօրեակ

0

Նոյեմբեր 11-ին Երեւանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Համաքաղաքային Ծառատունկ-շաբաթօրեակ։

Երեւանի քաղաքապետարանը կը տեղեկացնէ, որ ծառատունի ծիրէն ներս ոռոգելի տարածքներու մէջ պիտի տնկուին տարբեր տեսակի ծառեր եւ թուփեր, իսկ մայրաքաղաքի բակերը, այգիներն ու պուրակները, ինչպէս նաեւ հանրային նշանակութեան կառոյցներն ու ճանապարհներու յարակից տարածքները պիտի բրուին պատշաճ տեսքի:

Ծառատունկ-շաբաթօրեակին պիտի մասնակցին քաղաքապետարանի եւ վարչական շրջաններու աշխատակազմերու, պետական ու մասնաւոր կազմակերպութիւններու աշխատակիցներ, կրթօջախներու ու հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Մասնակիցներուն պիտի տրուին բահեր, ձեռնոցներ, պարկեր եւ անհրաժեշտ այլ պարագաներ:

«Intent to Destroy» Ֆիլմը Կ՛ապացուցէ, Որ Հայոց Անցեալը Չէ Աւարտած․ The New York Times

0

«The New York Times» պարբերականը հրապարակած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ փաստագրական ֆիլմի` «Intent to Destroy» կարճ ակնարկը:

«Ճանչցուած փաստը ընդունելու փոխարէն անիկա սադրանքներու համար թեմայ դարձած է, քանի որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ արհամարհել կամ ժխտել  այդ օրերու իրադարձութիւնները:

«Բեմադրիչ Ճօ Պերլինկըր ֆիլմին մէջ օգտագործած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու հին տեսանիւթերը եւ յանցագործութիւններու վերաբերեալ պատմաբաններու կարծիքները»,-նշուած է յօդուածին մէջ:

Պարբերականը կը նշէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Ճօ Պերլինկըրի արհեստանոցին վրայ ճնշումներ գործադրած է:

«Հիմնականօրէն, «Intent to Destroy» ֆիլմը կոչ կ՛ընէ յիշելու զոհերը եւ յանուն անոնց եւ յանուն մեզի:

«Եթէ դուք կը ցանկաք իմանալ Հարաւսլաւիոյ, եթէ դուք կը ցանկանաք իմանալ Ռուանտայի եւ այսօր տեղի ունեցող այլ զանգուածային վայրագութիւններու մասին, ապա դուք պէտք է ուսումնասիրեք  Հայոց Ցեղասպանութիւնը»,-նշուած է  յօդուածին մէջ:

Փաստագրական ֆիլմի վերջը գիտնական մը նշած է. «Պատմութիւնը անցեալի մէջ չէ»: