Ուրբաթ, 20. 06. 2025

Պէտք Է Ամփոփել 2018-ին Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունենալիք Երեք Մեծ Իրադարձութիւններուն Առնչուող Առաջարկները. Վարչապետ Կարապետեան

0

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք 3 մեծ իրադարձութիւններուն՝ Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակի եւ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներու վերաբերեալ խորհրդակցութիւն:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալբանդեան զեկուցում ներկայացուց Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովի նախապատրաստման եւ  կազմակերպման վերաբերեալ: Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան ներկայացուց մայրաքաղաքի հիմնադրման 2800-ամեակի շրջագիծին մէջ նախատեսուող ձեռնարկները եւ  նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Վահէ  Ստեփանեան, իր կարգին, զեկուցեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին: Քննարկուեցան զանազան կազմակերպչական հարցեր եւ առաջարկներ:

Վարչապետը ընդգծելով 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք այս երեք մեծ իրադարձութիւններուն կարեւորութիւնը՝ շեշտեց, որ անոնք պէտք է կազմակերպուին բարձր մակարդակով: Անդրադառնալով Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին՝ վարչապետ Կարէն Կարապետեան յանձնարարեց շահագրգիռ նախարարութիւններուն ըլլալ աշխոյժ եւ պատասխանատու ընդհանուր կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ:

«Իւրաքանչիւրը իր գործով պէտք է ներգրաւուած ըլլայ կազմակերպչական բոլոր հոլովոյթներուն մէջ, եւ համապատասխան աշխատանքային խումբերը պէտք է կանոնաւոր, առարկայական եւ համակարգուած աշխատին այդ ուղղութեամբ», ըսաւ կառավարութեան ղեկավարը:

Վարչապետը յանձնարարեց մէկ շաբթուան ընթացքին ամփոփել 3 իրադարձութիւններուն վերաբերեալ առաջարկները, յստակացնել նախատեսուող աշխատանքները եւ ներկայացնել յստակ ծրագիրներ:

Իրանի Երկրաշարժէն Տուժածներուն Եւ Զոհերուն Մէջ Հայեր Եւ Հայաստանի Քաղաքացիներ Չկան. ԱԳՆ

0

Արտաքին գործոց նարարարի մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեան Թուիթըրի իր էջին միջոցով տեղեկացուցած է, որ Իրանի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին պատճառով հայեր եւ Հայաստանի քաղաքացիներ չեն տուժած:

«Ըստ Իրանի եւ Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւններու նախնական տուեալներուն`  Իրան-իրաքեան սահմանին տեղի ունեցած երկրաշարժէն տուժածներուն մէջ Հայաստանի քաղաքացիներ եւ հայեր չկան: ՀՀ ներկայացուցչութիւնները մշտական կապի մէջ են տեղի իշխանութիւններուն հետ»,–գրած է Բալայեան:

Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ – ԺԷ – Հանճարեղ Ժողովուրդի Զաւակ Սիլվա Կապուտիկեանի Տուն-Թանգարան

0

*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

 

ԴԱՐՁԵԱԼ ԺՈՂՈՎՐԴԻՍ 
Ելնեմ, գնամ հեռո՜ւ, հեռո՜ւ, 
Հեռուի’ց նայեմ ու կարօտեմ, 
Հեռու հեռւում ինքս նորի’ց 
Քեզ արարեմ ու կարօտեմ: 
Շեն ու շքեղ աշխարհներում 
Դէմս ելնես՝ խեղճ ու մաքուր, 
Ետ գամ խոնարհ ու ծունկի՜ գամ 
Ժայռերիդ դէմ ու կարօտեմ:

Սիլվա Կապուտիկեան

Շատ տասնամեակներ անցած են այն ժամանակէն, երբ հայ գրականութեան երկնակամարին վրայ շողաց նոր, առաքինող ասուպ մը` Սիլվա Կապուտիկեան: Երկար ժամանակ այդ անունը եղած է եւ այսօր ալ կը մնայ հայրենի գրականութեան եւ ընդհանրապէս մեր ազգային գիտակցութեան կեդրոնը , ունի ներգործութեան տիրական ուժ: Ս. Կապուտիկեանի սիրային բանաստեղծութիւնները հիւսուած են նուիրումի եւ հաւատարմութեան, բայց նաեւ արժանապատուութեան ու հպարտութեան բազմաշերտ զգացումներէն: Այդ բանաստեղծութիւններէն շատերը լիակատար իրաւունքով կրնան պատուաւոր տեղ գրաւել միջազգային սիրային բանաստեղծութեան ընտիր հաւաքածոներու մէջ: Կապուտիկեանը տեսաւ 90-ական թուականներու Հայաստանը` արցախեան շարժման հետ կապուած ազգային մեծ զարթօնքով եւ ծանր փորձութիւններով, քաղաքական եւ բնական ցնցումներէն յառաջացած անթիւ աւերածութիւններով: Այս շրջանին եւս ինք եղաւ մեր ազգային-հասարակական կեանքի գործօն մասնակիցը:  Ան միշտ եղած է ե՛ւ նախորդ ե՛ւ ներկայ իշխանութիւններու ազնիւ ընդդիմախօսի դերին մէջ` իր կոչումը տեսնելով ազգային շահերուն ու արդարութեան հակասող ամէն մէկ շեղում ուղղամտօրէն մատնանշելու եւ զգուշացնելու մէջ:

Բանաստեղծուհին մահացած է 2006 թ. Օգոստոս 25-ին: Գերեզմանը կը գտնուի Երեւանի Կոմիտասի անուան պանթէոնը, ուր ամէն տարի Սեպտեմբերի վերջին շաբաթ օրը կը կազմակերպուի իր անուան բանաստեղծութեան օր: 2009 թ. Յունուար 20-ին, ՍիլվաԿապուտիկեանի ծննդեան 90-ամեակի  առիթով ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ անոր ապրած տունը վերածուեցաւ տուն-թանգարանի, որ հիմնադրուած է եւ կահաւորուած  2003 թուականին՝ Սիլվա Կապուտիկեանի կտակի համաձայն: Սիլվա Կապուտիկեանը իր կտակով պահանջած է, որ բնակարանի ընդունարանը, ննջարան-աշխատասենեակը եւ հիւրասենեակը մնան նոյնութեամբ՝ ոչ մէկ բան աւելցնելով կամ պակսեցնելով։ Բանաստեղծուհին իր ձեռքով կահաւորած, տեղադրած է ցուցանմոյշները ու տուած անոնց բացատրութիւնները։ Տուն-թանգարանի ձեւաւորման ժամանակ անհրաժեշտութենէ մղուելով՝ 2008 թուականին ամրան ցուցասրահի վերածուած է 13 մ երկարութեամբ տնտեսական պատշգամը, ուր այժմ կը ցուցադրուի Կապուտիկեանի հարուստ արխիւի մէկ մասը։   Տուն-թանգարանը կը հանդիսանայ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի մասնաճիւղերէն մէկը:

<<Զարթօնքի>> պտոյտները կը շարունակուին  այս շաբաթ մեզի տանելով Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարան: Մեր զրուցակիցն է թանգարանի վարիչ Արմէնուհի Դեմիրճեանը:

«Զ.»- Տիկին Արմէնուհի կ’ըսէ՞ք՝ ե՞րբ եւ ինչի՞ հիման վրայ  բացուած է տուն-թանգարանը:

«Ա.Դ.» – Սիլվա Կապուտիկեանը 30 տարի` իր կեանքի վերջին շրջանին ապրած է այս տունը, ուստի մեզի համար յուշային մասը շատ արժէքաւոր է: Բանաստեղծուհին մահացած է 2006 թուականին, բայց դեռ 2003 թուականէն արդէն սկսաւ մտմտալ տունը թանգարանի վերածելու մասին: Այդ ժամանակ հրաւիրուեցան իրաւաբաններ, գրուեցաւ կտակ, կազմուեցաւ որոշակի ցանկ, բանաստեղծուհին  իր ձեռքով դասաւորեց երեք հատուած: Ան գրեց, որ « Կը խնդրեմ բամ մը չտեղաշարժէք, ինչպէս փակցուցած եմ այդպէս ալ թող մնայ: Կապուտիկեանը թանգարանի բոլոր պատերուն մօտ հերթով կանգնած եւ նկարուած է, ունիք նաեւ չորս ժամնոց տեսաժապաւէն, որ կը պատմէ թանգարանի իւրաքանչիւրի մասին եւ անոր պատմութիւնը:  Մէկ խօսքով բանաստեղծուհիի մահէն ետք աստիճանաբար սկսաւ տունը թանգարանի վերածելու գործունէութիւնը եւ անոր մօրաքրոջ աղջիկը տիկին Ռաֆլետա Հաճեանը նշանակուեցաւ՝ որպէս թանգարանի տնօրէն, որուն շնորհիւ 2008 թուականէն ուսումնասիրուեցաւ Կապուտիկեանի ամբողջ արխիւը եւ 2009 թուականի Յունուարի 20-ին բանաստեղծուհիի ծննդեան 90-ամեակի կապակցութեամբ ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ  այս  տան մէջ բացուեցաւ բանաստեղծուհիի տուն-թանգարանը։

«Զ.» – Ի՞նչպէս կ’իրականացուի ցուցադրութիւնը, քանի՞ ցուցասրահ ունի թանգարանը:

«Ա.Դ.» – Սիլվա Կապուտիկեանը իր կտակով պահանջած է, որ  բնակարանի  ընդունարանը, ննջարան-աշխատասենեակը եւ հիւրասենեակը մնան նոյնութեամբ` ոչ մէկ աւելցնելով կամ պակսեցնելով: Յիշեալ տարածքը բանաստեղծուհին իր ձեռքով  կահաւորած, տեղադրած է ցուցանմոյշները ու տուած անոնց բացատրությունները: Տուն-թանգարանի ձեւաւորման ժամանակ անհրաժեշտութենէ  մղուելով` 2008 թ. ամրանը ցուցասրահի վերածուած է 13 մ երկարութեամբ տնտեսական պատշգամը, ուր այժմ  կը ցուցադրուի Կապուտիկեանի հարուստ արխիւի մէկ մասը: Ցուցասրահի  1-ին հատուածին մէջ ներկայացուած են Վանէն բերուած մասունքներ, որոնց մեջ կ’առանձնանան կաւամանը, մետաղեայ տաշտը, որուն մէջ լողացած է ե՛ւ նորածին բանաստեղծուհին ե՛ւ իր որդին` Արա Շիրազը, Նոյեմզար մեծ մօրը գործած գորգն ու գունագեղ գուլպաները, իր իսկ ձեռքով կարուած թաւշէ վերարկուն եւ այլն: Ցուցադրուած են նաեւ կարի մեքենան, որով իր  գծագրած  հագուստները երիտասարդ հասակին կարած է Կապուտիկեանը եւ Ամիրեան 20 հասցէի այն տան մանրակերտը, ուր 1919 թ. ծնած ու մինչեւ 1954 թ. ապրած  է բանաստեղծուհին: Առաջին ցուցափեղկերուն բանաստեղծուհիի առօրեայ օգտագործման իրերն են` ձեռքի ժամացոյց, պայուսակ, թաշկինակ, հովհար, յարդարանքի պարագաներ…2-րդ ցուցափեղկերուն դրուած են այն նուէրներէն, որոնք  Կապուտիկեանը ստացած է անուանի մարդոցմէ:  Թանկագին նմոյշներէն  է, յատկապէս Սիամանթոյի գրիչը, որ 1963 թ.  Փարիզի մէջ Կապուտիկեանին  նուիրած է բանաստեղծի քոյրը: 3-րդ ցուցափեղկերուն  Կապուտիկեանի պարգեւներն են` “Պատուոյ նշան”, Ժողովուրդներու բարեկամութեան, Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան, “Մայրական երախտագիտութիւն”  եւ այլ շքանշաններ ու մետալներ: Ցուցադրութիւնը կ’աւարտի Աւ. Իսահակեանի, Վազգէն Ա վեհափառի, Պ. Սեւակի, Բ. Ախմադուլինայի, Գառզուի եւ այլոց  յուշանուէրներով: Սրահին առանձնակի շուք կու տայ Կապուտիկեանի որդիին` անուանի քանդակագործ, ՀՀ ժողովրդական նկարիչ Արա Շիրազի կերտած գաճէ կիսանդրին, որու պղնձաձոյլը դրուած է Պանթէոնին մէջ:

 

«Զ.» -Հրատարակչական ի՞նչ գործունէութեամբ կը զբաղի թանգարանը:

«Ա.Դ.» – Տուն-թանգարանի միւս կարեւոր գործառոյթը Կապուտիկեանի գրական ժառանգութեան վերահրատարակումն  է, փոխանցումը սերունդներուն: Այս առումով թանգարանը չի սահմանափակուիր միայն այցելուներու ընդունելութեամբ: Մշտապէս կը կազմակերպուին հանդիսութիւններ, գրական հանդիպումներ, որոնց ժամանակ կ’իրականացուին ցուցադրութիւններ եւ բանախօսութիւններ: Լաւագոյն հանդիպումներէն եղած են “Մայրութեան թեման Կապուտիկեանի ստեղծագործութիւններուն մէջ”, “Կապուտիկեանի սիրոյ բանաստեղծութիւնները”, “Երեք Կապուտիկեաններ. հայրը, հօրեղբայրը եւ բանաստեղծուհին”, “Կապուտիկեանը եւ Արցախեան շարժումը”. “Կապուտիկեանը` մանկագիր”՚, “Ոչ միայն բանաստեղծուհի” եւ այլ խորագիրներով  միջոցառումները: Թանգարանի հիմնական այցելուները դպրոցականներն են, մտաւորականները, Հայաստանի եւ Սփիւռքի քաղաքացիները, նաեւ տարբեր երկիրներէ ժամանած զբօսաշրջիկները: “Ս. Կապուտիկեան” գրական հիմնադրամի եւ թանգարանի համատեղ աշխատանքով ստեղծուած են զանազան ալպոմներ, տեսաֆիլմեր, ձայներիզներ, հրատարակուած են բանաստեղծութիւններու քառահատորեակը, ժամանակակիցներու յուշերու գիրքը, բանաստեղծուհիի խօսքերով գրուած երգերու ձայներիզներ եւ այլն: Իմ խմբագրութեամբս 2010 թուականին լոյս տեսած է Սիլվա Կապուտիկեանի բանաստեղծութիւններու քառահատորեակը` «Հայերգութիւն», «Սիրերգութիւն», «Անանձնական», «Ձօներգեր եւ տագնապներ» գիրքերով: Իսկ 2012 թուականին  լոյս տեսաւ <<Ս. Կապուտիկեան>> <<Կապուտիկեանի հետքերով>> գրքոյկը, որ  կը ներկայացնէ բանաստեղծուհիի` 1990 թուականին  դէպի Գերմանիա եւ Աւստրիա կատարած ուղեւորութիւններու <<հետագիծը>>` 21 տարի անց դէպի նոյն երկիրներու հայ համայնք կատարուած այցի տպաւորութեամբ:  2013 թուականին ալ նորովի նկարազարդմամբ լոյս տեսաւ <<Փոքրիկ Արա, ականջ արա>> մանկական բանաստեղծութիւններու ժողովածուն:  2015 թուականն ալ կ’առանձնանայ Սիլվա Կապուտիկեանի 95-ամեակին նուիրուած մեծադիր հետազօտութիւն-պատկերագիրքով, որ լոյս տեսաւ  ՀՀ մշակոյթի նախարարության աջակցութեամբ:

 

«Զ.» Ի՞նչ կրթական ծրագիրներ կ’իրականացնէ թանգարանը: Ի՞նչ համագործակծութիւն ունիք Սփիւռքի հետ:

«Ա.Դ.» – Թանգարանը պիտի իրականացնէ մի քանի կրթական ծրագիրներ: Անոնցշէ մէկը կը կոչուի բեմականացում` ըստ Կապուտիկեանի մանկական կերպարներուն , երբ փոքրիկները կը շրջին թանգարանը, կը ծանօթանան բանաստեղծուհիի մանկական գիրքերուն: Հուսկ, անոնք կը բաժնուին երկու խումբի եւ մատուցուող բազմաթիւ նկարներէն կը գտնեն ընտրած գործի կերպարներու նկարները ու կը բեմականացնեն այդ բանաստեղծութիւնները : Ունինք նաեւ խաղի` <<Սիլվա Կապուտիկյանի հետքերով>> ծրագիրը, խամաճիկներու կամ պուպրիկներու ազգային տարազներու ձեւաւորում`ըստ Սիլվա Կապուտիկեանի հաւաքածոյի ծրագիրը եւ պատմութիւններ` ըստ Սիլվա Կապուտիկեանի գրիչներու հաւաքածոյի ծրագիրը: Իսկ Սիլվա Կապուտիկեանի 100-ամեակի առթիւ  ԳԱԹ մասնաճիւղ Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարանը կը կազմակերպէ համահայկական մանկապատանեկան նկարչական մրցոյթ, որուն նպատակն է հրատարակել բանաստեղծուհիի մանկական բանաստեղծութիւններու ժողովածուն՝ երեխաներու նկարազարդմամբ: Մեր ցանկութիւնն է, որ Սփիւռքի երեխաները նոյնպէս մասնակցին մրցոյթին, իսկ մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու համար կրնան գրել մեր ելեկտրոնային հասցէին: Ներկայացուած բոլոր աշխատանքները տեղ կը գտնեն ցուցահանդէսին, լաւագոյն վեց աշխատանքները կ’արժանանան պատուոգիրներու եւ նուէրներու: 

Սփիւռքէն ունիք բազմաթիւ այցելուներ, բայց, ցաւօք սրտի, Հալէպի պատերազմի հետեւանքը ցաւալիօրէն զգացինք բոլորս, այն որ մեծ խումբերով  կու գային պատերազմէն ետք նուազեցաւ, ու կը զգանք, որ մեր բեռը քիչ մը թեթեւցաւ:  Կապուտիկեանը առաջինն էր, որ գնաց Արցախ 1959 թուականին պաշտօնական հրաւէրով, որ նաեւ ուղի հարթեց Սփիւռքի համար: Կապուտիկեանը անկէ ետք  գրեց  << Քարաւանները դեռ քայլում են >> հսկայ  հատորեակը, որմէ ետք մենք ճանչցանք, թէ ի՛նչ բան է Սփիւռքը , Սփիւռքը ճանչցաւ՝ ի՛նչ բան է հայրենքիը 50 տարուան լռութիւնէ ետք մարդիկ ոտքի կանգնեցան:

«Զ.» Բանաստեղծուհիի տան դռները միշտ բաց են բոլոր այցելուներուն համար: Յիշեցնեմ, որ Թանգարանը կը գտնուի Երեւանի կեդրոնը՝ փողոցին վրայ (սկիզբը՝ Բաղրամեան-Դեմիրճեան խաչմերուկէն), շէնք 1, 2-րդ մուտք, 4-րդ հարկ, բն. 26 հասցէ։

Հեռ.՝ +374 10 520930

Կայքէջ՝ www.museumkaputikyan.com

Ել-Նամակ՝   silvakaputikyan@gmail.com

 

Իսրայէլ Կը Քննէ Արցախի Մէջ Անօդաչուներ Կիրառելու Փաստերը

0

Իսրայէլի ոստիկանութիւնը քրէական հետաքննութեան սկսած է անօդաչու թռչող սարք արտադրող այն իսրայէլական ընկերութեան դէմ, որուն արտադրանքի միջոցով Ատրպէյճան 2017-ին ԱԹՍ փորձարկման ժամանակ փորձած էր ռմբակոծել հայկական դիրքերը:

Այս մասին, ըստ «Արմենփրես»-ի՝ կը յայտնէ «The Times of Israel»-ը:

Ոստիկանութեան յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Aeronautics Defense Systems Ltd. ընկերութեան նկատմամբ հետաքննութիւն կ՛ընթանայ` յայտնի գնորդի հետ կատարուած գործարքի ծիրին մէջ»:

Հետաքննութիւնը կը վարէ Իսրայէլի ոստիկանութեան Միջազգային յանցագործութիւններու հետաքննութեան միութիւնը, որ յայտնի է եբրայերէնով Yahbal անունով: Գործընթաց սկսելու մասին տեղեկութիւնները յայտնի դարձած են Նոյեմբեր 13-ին, երբ իսրայէլական դատարանը թոյլատրած էր հետաքննութիւն իրականացնել` սահմանափակելով տեղեկատուութեան տրամադրումը այս ուղղութեամբ: Ոստիկանութիւնը, մասնաւորապէս, յայտնած է, որ պիտի չյստակեցնէ, թէ ո՛վ է «յայտնի գնորդը»:

Aeronautics Defense Systems ընկերութիւնը յայտարարութիւն տարածած է` նշելով, որ իրենք կը պատրաստուին լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերել հետաքննութեան եւ «ընել առաւելագոյնը, որպէսզի հետաքննութիւնը հնարաւորինս արագ արդիւնք տայ»:

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական արտահանման վերահսկման գործակալութիւնը Օգոստոսին Aeronautics Defense Systems ընկերութեան համար կասեցուցած էր Orbiter 1K տեսակի ԱԹՍ-ն «յայտնի գնորդին» արտահանելու արտօնագիրը:

Aeronautics-ի տուեալներով` ընկերութիւնը մտադիր էր «յայտնի գնորդին» հետ յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին կնքելու 20 միլիոն տոլար արժողութեամբ պայմանագիր: Այդ ժամանակ ընկերութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուէր, որ ԱԹՍ վաճառելու ՊՆ կասեցումը կը վերաբերի միայն «յայտնի գնորդին», իսկ միւս օտարերկրեայ գնորդներուն վրայ անիկա չի տարածուիր:

«The Times of Israel»-ը կը գրէ, որ թէեւ իսրայէլական կողմը չի յայտներ գնորդին անունը, սակայն յայտարարութիւններէն կարելի է ենթադրել, որ ան Ատրպէյճանն է: Արտօնագրի կասեցումը եղաւ այն դէպքէն երկու շաբաթ անց, երբ նախարարութիւնը բողոք ստացած էր, որ Ատրպէյճանի պահանջով ընկերութիւնը իր Orbiter 1K տեսակի ԱԹՍ-ն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կիրառած է հայկական ուժերուն դէմ:

Յուլիս 7-ի յարձակման ժամանակ վիրաւորուած էր երկու հայ զինուոր:

ՊՆ ներկայացուած բողոքի մասին առաջին տեղեկութիւնները յայտնուած էին «Maariv» պարբերականին մէջ:  Զեկոյցին համաձայն` ընկերութիւնը խումբ ուղարկած էր Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքու` ցուցադրելու ԱԹՍ-ն, որ կրնայ բեռցուիլ 1-2 քիլոկրամնոց պայթուցիկով եւ ուղարկուիլ թշնամիին թիրախը «ինքնասպանի» առաքելութեամբ:

Համաձայն ներկայացուած բողոքի` Orbiter 1K-ն Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն ցուցադրելու ժամանակ ընկերութենէն խնդրած են հայկական ռազմական դիրքի վրայ փորձարկում իրականացնել: Իսրայէլի օրէնքներով` նման փորձարկումը հակաօրինական է, իրական թիրախներու վրայ անոր փորձարկման համար անհրաժեշտ է յատուկ թոյլտուութիւն: «Այս պարագային քիչ հաւանական է, որ Aeronautics Defense Systems-ը ստանար նման թոյլտուութիւն, քանի որ Իսրայէլ Հայաստանին թշնամի պետութիւն չի համարեր»,- կը գրէ իսրայէլական «The Times of Israel» պարբերականը:

«Maariv» այն ժամանակ հաղորդած էր, որ ԱԹՍ-ն շահագործող երկու իսրայէլցիները հրաժարած էին նման յարձակում իրականացնելէ, թէպետ սպառնալիքներ ստացած էին իրենց ղեկավարներէն: Աւելի ուշ Պաքուի մէջ գտնուող Aeronautics Defense Systems-ի պատուիրակութեան երկու բարձրաստիճան պաշտօնեայ փորձած էին կատարել Ատրպէյճանի պահանջը, սակայն անհրաժեշտ փորձառութեան բացակայութեան պատճառով չէին կրցած ճիշդ խոցել թիրախները:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած էին, որ իրենք կը քննեն դէպքը, սակայն այս հարցով աւելի բան չեն կրնար ըսել:

«The Times of Israel»-ը յիշեցուցած է, որ 2016 թուականին Ատրպէյճան օգտագործած էր մէկ այլ արտադրութեան իսրայէլական «ինքնասպան» ԱԹՍ` կիրառելով զայն հանրակառքի վրայ յարձակման ժամանակ, որու հետեւանքով սպաննուած էր եօթը հայ:

 

Հբըմ-Հեը-Ի Մասնակցութիւնը Պէյրութի Մարաթոնին

0

Ազգային միասնականութիւնը,  համերաշխութիւնը եւ    համակեցութիւնը  հարազատ գաղափարներ   են      ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ականներուն համար:

Չորրորդ տարին ըլլալով  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ իբրեւ  գործընկեր կը   հրաւիրուի Պէյրութի  Մարաթոնին նախապատրաստական եւ  կազմակերպչական աշխատանքներուն:  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ը կը հանդիսանայ  Պէյրութի  Մարաթոնի նախապատրաստութիւններուն  եւ կազմակերպչական աշխատանքներուն կամաւորապէս մասնակցող  հայկական առաջին  կազմակերպութիւնը:

Այս տարիեւս, հարիւրէ աւելի ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի եւ Անդրանիկ Սեւանի  սկաուտական շարժումի   կազմերը իրենց  գնահատելի մասնակցութիւնը  բերին  Պէյրութի Մարաթոնինյաջողութեան:     Մարաթոնի աւատին, անոր կազմակերպիչները   գնահատեցին   ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  հետեւողական,  բծախնդիր եւ կամաւոր  մասնակցութիւնը :

 Այս նպատակով,  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս եւ ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումներու    բոլոր մասնակիցները,  Շաբաթ   երեկոյեան համախմբուեցան  ՀԲԸՄ Տեմիրճեան կեդրոնը: Անոնք  միասնաբար ընթրեցին,  կանուխ   քնացան, նկատի ունենալով  յաջորդ՝ Կիրակի օրուան  պարտականութիւնները:

Առաւօտեան ժամը 4-ին, նախաճաշէն ետք, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սկաուտները երեք օթոպիւսներով  ուղղուեցան մայրաքաղաքի կեդրոնը: Օթոպիւսերուն վրայ կը  ծածանէին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի դրօշները:  Տղաքը   դիրք բռնեցին   մրցավազքի  «ֆինիշ լայն»ին երկու   կողմերը,  ուղեցոյց դառնալովվազորդներուն,իսկ աղջիկները  երկու խմբակներու բաժնուելով, ստանձնեցին տարբեր պարտականութիւներ՝մասնակիցներուն   հայթայթելով  ջուր, սննդանիւթ եւ մետալներու  յանձնում  յաղթողներուն:  

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ եւ  ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Սեւան  սկաուտական  շարժումները իրենց  օրինակելի աշխատանքով  մասնակից դարձան   ազգային   համերաշխութեան եւ  միասնականութեան  նուիրուած  Մարաթոնին:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ  ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

Արցախի Մէջ Ամուսնութիւններուն Թիւը Աճած է

0

Այս տարուան Յունուար-Հոկտեմբեր ամիսներուն Արցախի մէջ արձանագրուած է 771 ամուսնութիւն:

Այս մասին «Արցախփրես»-ի թղթակիցին տեղեկացուցած են ԱՀ արդարադատութեան նախարարութեան ՔԿԱԳ եւ նոտարական գործակալութեան կեդրոնական մարմինէն` աւելցնելով, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին ամուսնութիւններուն թիւը աճած է 51-ով, կամ աւելի քան 7 տոկոսով:

Ամենաշատ ամուսնութիւնները արձանագրուած են Ստեփանակերտի մէջ` 321, նախորդ տարուան 275-ի փոխարէն, իսկ շրջաններէն` Մարտակերտի մէջ` 109, 2016 թուականի նոյն ժամանակահատուածի` 83-ի դիմաց:

Նոր Զելանտիոյ Հայկական Դպրոցը Պիտի Վերաբացու

0

Նոր Զելանտիոյ մէջ այժմ կ՛ապրի մօտ 200 հայ: Անոնք հիմնականօրէն Իրաքէն, Իրանէն, Լիբանանէն, մասամբ, Հայաստանէն են: Տեղի հայերը հիմնականօրէն կը բնակին Օքլատ եւ Ուլլինկթը քաղաքներուն մէջ: 1996-էն կը գործէ Նոր Զելանտիոյ հայկական միութիւնը, որու նպատակն է հայապահպանութիւնը եւ մանուկներու հայեցի դաստիարակութիւնը: Հայկական միութեան ղեկավար Նուպար Եագուպեան «Արմենփրես»-ին նշած է, որ ջանք չեն խնայեր հայապահպանութեան ուղղուած աշխատանքներուն:

«Այստեղ հայ համայնքը քիչ է ու ցրուած: 1996-ին կը գործէր հայկական դպրոց, սակայն ան փակուեցաւ նոր աշակերտներ չունենալուն պատճառով: Հայոց լեզուի պահպանութեան հարցը լուրջ խնդիր է: Կան խառն ամուսնութիւններ: Այժմ համայնքի ջանքերով կը նախատեսենք մօտ ապագային Օքլանտի մէջ վերաբանալ հայկական կիրակնօրեայ դպրոցը»,-ըսած է Նուպար Եագուպեան:

Անոր խօսքով, կը փորձեն կապ պահպանել Հայաստանի հետ կրթական գործընթացները կազմակերպելու համար: Առցանց կը կազմակերպուի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացք: Դպրոցը բանալէն ետք դասընթացները նաեւ առցանց պիտի ըլլան, որպէսզի Նոր Զելանտիոյ այլ քաղաքներու հայերը նոյնպէս միանան: Համացանցով պիտի միանան նաեւ մասնագէտներ Հայաստանէն:

Տարածքային առումով Հայաստանէն հեռու, բայց հոգիով մօտ Զելանտիոյ հայ համայնքը պարտաճանաչ կը նշէ Հայաստանի հետ կապուած տօները, կ՛անդրադառնայ յիշարժան օրերուն: Ամէն տարի կը կազմակերպուին ձեռնարկներ նուիրուած ՀՀ անկախութեան, Բանակի հիմնադրման օրուան եւ այլն: Յիշատակի ձեռնարկները կը կազմակերպուին Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցի օրը:

Համայնքը թէեւ փոքրաթիւ է, սակայն հայերը աշխուժօրէն ներգրաւուած են տարբեր ոլորտներու մէջ: Տեղի հայերը առաջատար բժիշկներ են, մանկավարժներ, դրամատնային եւ արուեստագիտական ոլորտի մասնագէտներ:

Հայապահպանութեան զուգահեռ հայ համայնքը տարբեր ձեռնարկներով կը փորձէ տեղի բնակիչներուն մէջ աւելի ճանաչելի դարձնել Հայաստանը:

«Համայնքի փոքրաթիւ ըլլալուն պատճառով քիչեր գիտեն Հայաստանի մասին: Մեր կողմէ կազմակերպուող ձեռնակներուն կը փորձենք հնարաւոր չափով շատ տեղաբնակներ հրաւիրել: Ունինք ֆէյսպուքեան էջ, ուր կը տեղադրենք ձեռնարկներուն ցանկը, ինչպէս նաեւ տարբեր տեղեկութիւններ Հայաստանի մասին»,-ըսած է ան:

Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն հայկական խոհանոցի համն ու հոտը տարածելու գործընթացին: Բաւական յաճախ տեղի հայ կանայք կը պարտաստեն եւ կը վաճառեն հայկական ուտելիքներ` փորձելով ճանաչելի դարձնել հայկական խոհանոցը: Նուպար Եագուպեան նկատել կու տայ, որ հայկական ճաշատեսակները մէկ անգամ համտեսած նորզելանտացիները անտարբեր չեն մնար: Անոնք սկսած են բարձր գնահատել հայկական ուտելիքները:

Արցախի ՄԷջ Բացուած Է Արմենակ Ուրֆանեանի Անունը Կրող Դպրոց

0

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան Նոյեմբեր 11-ին աշխատանքային շրջայց կատարած է Քաշաթաղի շրջանի հարաւային թեւի շարք մը բնակավայրերու մէջ` մասնակցելով դպրոցական շէնքի բացման արարողութեան, ինչպէս նաեւ ծանօթանալով բնակարանաշինական աշխատանքներու ընթացքին:

Արցախի պետական նախարարի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինին փոխանցմամբ` Ա. Յարութիւնեան, նախ Մուշ համայնքին մէջ մասնակցած է նորակառոյց դպրոցական շէնքի բացման արարողութեան, ուր կը յաճախեն նաեւ հարեւան Ալաշկերտ համայնքի երեխաները: «Հայրենասէր» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ կառուցուած դպրոցին մէջ, որ կը կրէ ապրիլեան պատերազմին նահատակուած «Մարտական խաչ» 1-ին աստիճանի ասպետ, հրամանատար Արմենակ Ուրֆանեանի անունը, կը յաճախէ շուրջ 50 աշակերտ:

Ա. Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն  յայտնած է բարերարներուն եւ «Հայրենասէր» կազմակերպութեան ծրագիրի իրականացման համար` կարեւոր համարելով բարեգործական նման նախաձեռնութիւններու դերը Արցախի զարգացման եւ մատաղ սերունդի դաստիարակութեան գործին մէջ:

«Պատահական չէ, կը կարծեմ, որ դպրոցը այսուհետեւ պիտի կրէ մերօրեայ հերոսներէն Արմենակ Ուրֆանեանի անունը: Անիկա իւրօրինակ ուղերձ է առաջին հերթին դպրոցի ուսուցչական կազմին եւ, ընդհանրապէս բոլոր մեր հայրենակիցներուն, որ մեր հերոսներուն յիշատակը պէտք է յարգենք առաջին հերթին անոնց օրինակով մեր երեխաները դաստիարակելով»,- ըսած է պետական նախարարը:

Ա. Յարութիւնեան այնուհետեւ մեկնած է Միջնաւան քաղաք եւ ծանօթացած պետական եւ «Քաշաթաղ» բարեգործական հիմնադրամի միջոցներով հայրենադարձ ընտանիքներու համար կառուցուող բազմաբնակարան շէնքի, ինչպէս նաեւ` արդէն աւարտման փուլի մէջ գտնուող համայնքային կեդրոնի ու դպրոցի մարզադահլիճի շինարարական աշխատանքներուն:

Ան Իշխանաձոր համայնքին մէջ ծանօթացած է կրկին պետական եւ «Քաշաթաղ» բարեգործական հիմնադրամի միջոցներով վերջերս շահագործման յանձնուած 11 առանձնատուներու կողքին կառուցուող 15 բնակարաններու շինարարութեան ընթացքին, որոնց շահագործումէն ետք կը նախատեսուի կառուցել եւս քանի մը տասնեակ նոր առանձնատուն:

Երեւանի Մէջ Բացուեցաւ «Ռիօ» Առեւտրային- Զուարճանքի Կեդրոն

0

Նոյեմբեր 13-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Ռիօ» առեւտրային զուարճանքի կեդրոնի հանդիսաւոր բացումը: «Ռիօ»-ն իր դռները այցելուներուն համար բացաւ պաշտօնական արարողութենէն ետք, որուն ներկայ էր ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարոն Մարգարեան, «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի նախագահ Սամուէլ Կարապետեան եւ այլք:

«Ռիօ» եռայարկ առեւտրային-զուարճանքի կեդրոնի ընդհանուր մակերեսը 24 հազար քմ է, կը գտնուի Արաբկիր վարչական շրջանի` Փափազեան 8 հասցէին մէջ: Այցելուներու յարմարաւէտութեան համար նախատեսուած է վերգետնեայ կառատուն 250 մեքենայի ապահովման տարածութեամբ     : Երեւանի մէջ «Ռիօ»-ն դարձաւ Հայաստանի տարածքին «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբին կողմէ բացուած 4-րդ առեւտուրի կեդրոնը:

«Ռիօ» առեւտուրի կեդրոնի բացումով կը  ստեղծուին մօտ 500 նոր աշխատատեղեր:

Վանայ Լիճի Յատակին Յայտնաբերուած է Ուրարտական Ժամանակաշրջանի Հնագոյն Ամրոց

0

Թուրքիոյ  «Yüzüncü Yıl» համալսարանի ջրային հետազօտութիւններու բաժանմունքի դասախօս, փրոֆէսոր Մուսթաֆա Ակքուշը  յայտարարած է, որ Վանայ լիճի յատակին յայնտաբերուած է 3000-ամեայ պատմութիւն ունեցող ամրոց: Ամենայն հաւանականութեամբ ամրոցը կը պատկանի Ուրարտական թագաւորութեան ժամանակաշրջանին:

Ըստ «Էրմէնիհապեր»-ի՝ վկայակոչելով թուրքական «Anadolu» լրատուական գործակալութեան, թուրք փրոֆէսորը յայտնած է, որ ամրոցը ջուրի տակ մնացած է, քանի որ լիճի մակարդակը վերջին 100-ամեակի ընթացքին բարձրացած է շուրջ 150 մեթրով:

Ըստ անոր` բարեբախտաբար  ամրոցի պատերը լաւ պահպանուած են եւ բոլորովին չեն վնասուած: Ատոր նպաստած է մասնաւորապէս լիճի ջուրին աղիութիւնը:

Թուրք փրոֆէսորին կարծիքով լիճը, որ իր մէջ բազմաթիւ առեղծուածներ կը թաքցնէ, կրնայ հետաքրքրել սուզորդներն ու հնագէտները:

Յիշեցնենք, որ Ուրարտուն կամ Վանի թագաւորութիւնը գոյութիւն ունեցած է Ք.ա. 9–6–րդ դարերուն: