Շաբաթ, 21. 06. 2025

ՀՀ ԱԺ-ն Ամբողջութեամբ Ընդունեց «Զինուորական Ծառայութեան եւ Զինծառայողի Կարգավիճակի Մասին» Օրէնքը

0

ՀՀ ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքի նախագիծը:

«Armenpress.am»-ի տեղեկութիւններով՝ նախագիծին՝ իբրեւ կողմնակից, քուէարկեց 86 հոգի, անոր դէմ` 6 պատգամաւոր:

Քուէարկութենէն առաջ դէմ քուէարկելու մասին յայտարարեց «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Արարատ Միրզոյեանը: ՀՀԿ-ն, ՀՅԴ-ն ու «Ծառուկեան» դաշինքը կողմ քուէարկեցին նախագծին:

Պարտադիր զինուորական ծառայութենէն տարկէտման հիմքերու ցանկէն հանուած են գիտական աստիճան ունենալու հիմքով պարտադիր զինուորական ծառայութենէն ազատուելու իրաւունքը միաժամանակ մինչեւ օրէնքի ուժի մէջ մտնելը ասպիրանդուրայի մէջ ուսանելու կապակցութեամբ արդէն իսկ տարկէտում ստացած անձերուն համար կը պահպանուի նշուած իրաւունքը մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2020:

Տարկէտման հիմքերու ցանկէն հանուած է ուսումը շարունակելու համար տարկէտման իրաւունքը, որ փոխարինուած է նպատակային ուսման համար տարկէտման իրաւունքով` ի դէմս պաքալորիայի, վկայական ստացած մասնագէտի կամ ընդելուզուած կրթական ծրագիրով առկայ ուսուցումով ուսանող եւ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ պայմանագիր կնքած այն անձերուն, որոնք ցանկութիւն կ’ունենան ուսումնառութեան ընթացքին անցնելու ռազմական պատրաստութիւն, իսկ ուսման աւարտէն ետք պաշտպանութեան նախարարութեան հետ կը կնքեն պայմանագրային սպայական ծառայութեան անցնելու պայմանագիր` երեք տարի ժամկէտով պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ նշուած վայրին մէջ եւ պայմաններով: «Մանրամասները կը սահմանուին կառավարութեան կողմէ սահմանուած ենթաօրէնսդրական աշխատանքով:

Թափանցիկութեան, արդարութեան ապահովման եւ հնարաւոր վտանգէ խուսափելու նպատակով՝ ծաւալուն փոփոխութիւններ նախատեսուած են զօրակոչի ենթակայ անձերու եւ զինծառայողներու առողջական վիճակի հետազօտման եւ բժշկական փորձաքննութեան գործընթացին մէջ, որուն ծիրէն ներս հետազօտութեան եւ փորձաքննութեան կարգերը, զինուորական ծառայութեան հետ կապուած խնդիրներ յառաջացնող հիւանդութիւններու ցանկը պիտի սահմանէ կառավարութեան որոշումով:

 

«Յակոբ Պօղոսեանի Անուան Կրթաթոշակ» Շարադրութիւններու Ամէնամեայ Մրցոյթը

0

Երեւանի «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամի կազմակերպութեամբ, դարձեալ կայացաւ «Յակոբ Պօղոսեանի անուան կրթաթոշակ» շարադրութիւններու ամէնամեայ մրցոյթը՝ նուիրուած հայ ականաւոր լրագրող, հրապարակախօս, քաղաքական մեկնաբան, թարգմանիչ Յակոբ Պօղոսեանի յիշատակին:

Յակոբ Պօղոսեան ծնած է Լիբանան 1936ին: Յաճախած է Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան եւ ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանները: Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, այնուհետեւ աւարտած է Լոնտոնի համալսարանի միջազգային լրագրութեան բաժնի դասընթացքները: Դաստիարակուած է հայկական ոգիով, հայրենասիրութեամբ ու սիրով դէպի ազգային մշակոյթն ու լեզուն: Կանուխ հասակէն գիտակցած է հայու ինքնութեան պահպանման կարեւորութիւնը եւ ուսանողական տարիներէն ի վեր բեղուն, ազգանուէր գործունէութիւն ծաւալել լիբանանահայ համայնքի հասարակական կեանքին մէջ: Աշխատած է «Յառաջ», «Յառաջ Գրական», «Զարթօնք» թերթերուն մէջ: 1989ին ընտանիքով տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ եւ շուտով ստանձնած Քալիֆորնիայի «Նոր Օր» թերթի գլխաւոր խմբագրի պաշտօնը: Եղած է նաեւ ՀԲԸՄ Քալիֆորնիայի յանձնաժողովի վարիչ-քարտուղարը։ Արժանացած է ԹՄՄ «Ռիթա եւ Վարդգէս Պալեան» մամլոյ մրցանակին: Կեանքէն հեռացած է  2001 թուականին :

Շարադրութիւններու մրցոյթը, զոր նախաձեռնած եւ 2002ին. սկսած իրականացուցած է Յակոբ Պօղոսեանի այրին՝ ԱՄՆ բնակող Անի Պօղոսեանը, նպատակ ունի նպաստելու աշակերտներու յառաջադիմութեան, խրախուսելու հայոց լեզուի իմացութիւնն ու ստեղծագործական աշխատանքը, ինչպէս նաեւ առողջ մրցակցութեան պարագաներուն հնարաւորութիւն տալու պատանիներուն դրսեւորել իրենց գիտելիքները:

Երեւանի Վ. Թէքէեանի անուան թիւ 92 դպրոցին մէջ՝ Յակոբ Պօղոսեանի անունը կրող լսարանին մէջ, կայացաւ ամէնամեայ ձեռնարկի արդիւնքներուն ամփոփումը: Մրցոյթը կայացած էր  8 Հոկտեմբերին 2017ին Թէքէեան Կեդրոնին մէջ: Այս տարուան ստեղծագործական շարադրութիւններու թեմաներն էին՝ «Խաղաղ երկինք» եւ «Երազի թեւերով»: Մրցոյթի մասնակիցներն էին դպրոցի 8-րդ դասարանի աշակերտները: Բոլորն ալ արժանացան խրախուսական մրցանակներու՝ Յակոբ Պօղոսեանի անուան կրթաթոշակին:

 

 

Ամէն Մէկ Նոր Օր, Նոր Տարուան Սկիզբ

0

*ՌՈՒԲԻՆԱ ՄԱՀՏԵՍԻ ՕՀԱՆԵԱՆ*

Կ’ըսեն Նոր Տարուան գալով մարդ կը նորոգուի: Աsիկա ինչքանո՞վ եւ ինչո՞վ  կը պատահի ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ: Հագուստի, տան զարդարանքի փոխուելո՞վ: Ի՜նչ խօսք, թերեւս  անհրաժեշտ են անոնք, բայց էականը ո՞րն է:

Չեմ ուզեր՝ ժամանակին մեր մեծերէն լսածներուս կրկնողը ըլլալ եւ հին, աւանդական բարեմաղթանքներու խօսքեր շռայլել: Այդ մէկը կը պատահի Նոր Տարուան գիշերը եւ տօնական օրերուն, որ, ի հարկէ, լաւ է ու անհրաժեշտ՝ նոր խանդավառութեամբ եւ նոր սպասումներով ողջունել տարեմուտը: Բայց արդեօք բաւակա՞ն են սպասումները, եւ արդեօք այս կեանքի եւ մեր շրջապատին մէջ միայն ՄԵ՞ՆՔ ունինք այդ սպասելիքները: Բոլորիս մաղթանքն է, որ Նոր Տարին ըլլայ բեղմնաւոր, ըլլայ խաղաղ բոլորին համար, յառաջանալու, նոր բարձունքներով նուաճելու տարի ըլլայ նորը:

Բայց իմ մաղթանքս է, որ բեկումնային տարի ըլլայ յառաջիկայ տարին՝ մեր մեծերէն լսած ու մեզի աւանդած մաղթանքներէն շատ աւելին: ԲԵԿՈՒՄՆԱՅԻՆ ՏԱՐԻ՝ բոլոր առումներով: Բայց նախ ՀՈԳԵՊԷՍ: Այո՛, հոգեպէս: Նոր Տարուան խանդավառութիւնը թող վարակէ ամէնուն եւ ամէն մարդ հնարաւորութիւն ունենայ դրսեւորելու իր ուժերուն լաւագոյնը՝ իր անձնական կեանքի մէջ, հաւաքականութիւններու համար եւ հաւաքական աշխատանքներու մէջ: 2018 թուականը շատ առումներով բեկումնային տարի պիտի ըլլայ, եւ ինչքան ճիշդ ու լաւ կ’ըլլայ, որ այդ մէկը գիտակցելով եւ կանխատեսելով՝ պատրաստենք մենք մեզի, հոգեպէս պատրաստուինք մեր լաւագոյնը ընելու նոր տարուան ընթացքին:

Բայց ի՞նչ է Նոր Տարին, եթէ ոչ բնութեան փոփոխութեան հետ պայմանաւորուած չափանիշ, ժամանակը չափելու նիշ, որ մարդու ստեղծածն է, մարդու հնարածն է: Ամէն օր կրնայ Նոր Տարուան սկիզբ ըլլալ, ինչպէս որ տարբեր ազգեր եւ մշակոյթներ ունին իրենց պայմանաւորած Նոր Տարին: Նոր Տարուան եռուզեռն ու խանդավառ օրերը թող միշտ ուղեկցին մեզի ամբողջ տարուան ընթացքին, եւ նորոգուած հոգիով ու մտքով, նոր վճռականութեամբ ու յանձնառութեան նոր ոգիով անէն մէկս ընենք մեր լաւագոյնը մեր կեանքի եւ շրջապատի մէջ:

Տարիները շատ արագ կու գան եւ կ’անցնին՝ դառնալով պատմութիւն: Շատ արագ կու գան  եւ կ’անցնին, ու մենք՝ հայերս, ուշանալու իրաւունք չունինք: Արդէն ուշացած ենք: Իւրաքանչիւր կորսնցուցած օր տեղքայլ է ու նահանջ: Եւ հայութիւնը տեղքայլ ընելու եւ նահանջելու իրաւունք չունի: Նաեւ յիշեցնենք, որ մեծ նուաճումները միաժամանակ չեն պատահիր: Ընդհանուր յաջողութիւնը ամէն մէկուս եւ մեր հաւաքականութիւններու փոքրիկ յառաջխաղացքներու համագումարն է: Փոքրիկ յաջողութիւններու եւ դէպի առաջ երթալու քայլերով պայմանաւորուած ձեռքբերումներիու համագումարն է:

Այս մտածումներով դիմաւորենք Նոր Տարին՝ գիտակցելով, որ նոյնիսկ այսօրուընէ՝ ամէն մէկ նոր օր, նոր տարուան սկիզբ է մեզի համար:

Ուստի՝

Շնորհաւոր այսօրով սկսած Նոր Տարին:

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Եազիճի Պատրիարքին Ներկայացուցիչը

0

14 Նոյեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Անտիոքի յոյն ուղղափառ Պատրիարք՝ Եազիճի Գ.ին ներկայացուցիչ, Աքքարի ու Թարթուսի առաջնորդ՝ Մետրոպոլիտ Պասիլիոս Մանսուրը։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ՝ ընդհանուր անդրադարձ կատարելու Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ եկեղեցիներու գործակցութեան, ինչպէս նաեւ շրջանը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն։ Մետրոպոլիտ Պասիլիոս նաեւ պատգամ մը փոխանցեց Նորին Սրբութեան Եազիճի Պատրիարքին կողմէ։

 

 

هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة

0

بقلم: آرا دمبكجيان

         يتعمد الكثيرون في تركيا عدم ذكر دور الأرمن في التطور الحاصل في الدولة التركية و الثقافة التركية المعاصرة، و لكنهم لا يستطيعون إنكار دور أرمني واحدٍ من هؤلاء الأرمن. أسمه هاكوب مارتايان، مكتشف اللغة التركية الحديثة، أو كما يدعوه الأتراك هاكوب ديلاجار

عندما قرر مصطفى كمال إدخال الإصلاحات في تغيير اللغة التركية و تطويرها، أي ترجمة اللغة التركية-العثمانية (عصمنلي) من الحروف العربية الى اللاتينية لم يجد أمامَه غير الخبير اللغوي هاكوب مارتايان لإتمام العمل

لم يكن هذا الأختيار حدثاً عفوياً. كان هاكوب مارتايان يمثِّل حينها أبرز وجوه الأرمن في تركيا الكمالية. ولد في 22 أيار 1895 في أسطنبول. درس في المدرسة الأمريكية في أسطنبول (كلية روبرت) و أصبح مدرسا للغة الأنكليزية في الكلية نفسها ثم مديرها بعد حين. كان يجيد 22 لغة الى جانب الأرمنية والتركية. درَّس اللغة التركية-العثمانية و عدداً من اللغات الشرقية في جامعة صوفيا، في صوفيا، بلغاريا

عند أندلاع الحرب العالمية الأولى سيق ماردايان الى الجبهة السورية لقتال البريطانيين. و لإجادته اللغة الأنكليزية طلب منه الأسرى الأنكليز إيصال طلباتهم الى الضباط الأتراك لإيقاف أعمال العنف و التعذيب ضدهم. و بسبب عمله سيق الى القائد التركي في المنطقة و أتُّهِمَ بالخيانة من قِبل الأتراك. وقبل نطق الحكم عليه قال للقائد ان العنف و التعذيب ضد الأسرى هي من سمات نظام السلطان وان النظام الجمهوري يحاول تحسين صورة الأتراك و القيام بالإصلاحات اللازمة لتطوير البلد. و نتيجة للمحاورة بينهما أقتنع القائد التركي بوجهة نظر مارتايان و طلب منه إلقاء محاضراتٍ حول الوضع السياسي ومحاسن النظام الجمهوري. و من الصدف أن يكون ذلك القائد أول رئيس للجمهورية التركية الحديثة، أي مصطفى كمال نفسه

في ربيع 1928 ألتقى رئيس الجمهورية مصطفى كمال في أنقرة العديد من اللغويين الأتراك و طلب منهم إيجاد حروف أبجدية مستقاة من الحروف اللاتينية للعمل بها بدلا من الحروف العربية. و عندما سألهم عن المدة الزمنية التي يحتاجونها لإتمام التغيير، أجابوا «بين ثلاث و خمس سنوات». فقال بغضب «ثلاثة الى خمسة أشهر.» أسَّس كمال «مفوضية اللغة» (ديل أنجوميني) تحت رعاية و إرشاد هاكوب مارتايان. و صدرت أولى الجرائد التركية بالحروف اللاتينية المحوّرة في 15 كانون الأول 1928

في 1932 طلب منه كمال إدخال الإصلاحات العصرية في اللغة التركية و أسّس الجمعية اللغوية التركية في 1932، و في 22 أيلول من السنة نفسها أستدعاه مصطفى كمال للمشاركة في أعمال مؤتمر اللغة التركية الأول في قصر دولما باهجي مع أثنين من اللغويين الأرمن أستيبان كورديكيان و كيفورك سيمكيشيان

أستمر في عمله و بحوثه في اللغة التركية كلغوي أختصاصي و الأمين العام للجمعية اللغوية التركية في أنقرة و الخبير الأستشاري في الموسوعة التركية (تورك آنسيكلوبيديسي)

صدر قانون الألقاب في تركيا في 1934 فاقترح عليه مصطفى كمال ان يدعوه هاكوب ديلاجار، و تعني حرفيا «فاتح أغوار اللغة». في الوقت نفسه أقترح اللغويون الأتراك تسمية مصطفى كمال ب (تورك آتاسي)، و لكن هاكوب مارتايان غيّره الى «أتاتورك»، فأعجب مصطفى كمال بلقبه و عمل به.

على الرغم من السياسة المعادية للأرمن من قبل السلطات التركية لم يُخْفِ مارتايان أصله الأرمني إطلاقاً، كيف، و هو مكتشف اللغة التركية الحديثة

حضر مصطفى كمال اتاتورك حفل عشاء مع ممثلي عدد من الدول في 1934، و في أثنائها طلب ان يغني كلا منهم أغنية بلغته القومية. و عندما وصل الدور الى هاكوب مارتايان همس الأتراك مع بعض أنه لن يجرأ أن يغني باللغة الأرمنية بحضور أتاتورك. غنّى ديلاجار أغنية شعبية في مدح الجنرال أنترانيك الذي أذاقت قواتُهُ الفدائية القواتِ التركية شر الهزيمة فتأسست على أثرها جمهورية أرمينيا في 1918. وعندما سمع الحضور من الأتراك أسم «انترانيك» نهضوا لترك القاعة امتعاضا. فنهرهم أتاتورك قائلاً: » كان الكثيرون مستعدين للموت في سبيل وطنهم عند سماعهم هذه الأغنية. الأرمن لهم الحق في تذكر أبطالهم، على الرغم من ان الأتراك أنتصروا في الأخر.» و طلب منه تكملة الأغنية

  في 12 أيلول 1979 توفاه الله و أعلنت القناة التركية تي. آر. تي. خبر وفاته و أخفت أسمه الأول «هاكوب» و أذاعت

“A. Dilacar” 

لئلا ينتبه الناس الى اصله الأرمني. أنتقد الكثيرون فعل القناة التلفزيونية التي كانت تخجل ان تعلن أسم أهم شخصية في الدولة التركية   التي أعطتهم اللغة التركية الحديثة

أما الصحف التركية  فذكرت 

“A. Dilacar”

للسبب نفسه

         

«Թորոնթոհայերը 530 Հազար ԱՄՆ Տոլար Հանգանակեցին «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին

0

Թորոնթոյի մէջ կայացած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած հանդիսաւոր ճաշկերոյթին աւելի քան 400 գանատահայեր իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ հանգանակեցին 530 հազար ԱՄՆ տոլար։ Ճաշկերոյթին ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ աճուրդ, ուր Ֆութպոլիստ Հենրիխ Մխիթարեանի շապիկը վաճառուեցաւ 20 հազար ԱՄՆ տոլարով։

Գանատայի 150-ամեակին եւ Թորոնթոյի «Հայաստան» հիմնադրամի 25-ամեակին Նուիրուած հանդիսութեան ընթացքին հանդէս եկաւ նաեւ Գանատայի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեան, որ յատկապէս շեշտեց Հիմնադրամի դերը անկախ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման ծիրէն ներս։ Թորոնթոյի «Հայաստան» հիմնադրամի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտչեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Թորոնթոյի կողմէ իրականացուած վերջին 12 ծրագիրները՝ նշելով, որ 25 տարիներու ընթացքին ընդհանուր 72 ծրագիր կեանքի կոչուած է թորոնթոհայերու հանգանակութիւններով։ Վերջին նախաձեռնութիւներն են՝ Ուխտասար գիւղի դպրոցի կառուցումը, շտապ օգնութեան մեքենայի նուիրաբերումը, Դադիվանք համայնքին ջրամատակարարման ապահովումը, բնակարաններու կառուցում Ուխտաձորի, Կուսապատի եւ Լուսաձորի մէջ, արտաքնոցներու կառուցում Շուշիի, Ամարասի եւ Դադիվանքի վանական համալիրներուն կից, բացօթեայ մարզահրապարակի կառուցում Նալպանտեան համայնքի դպրոցին համար, որ վերանորոգուցած եւ մասնակիօրէն վերակառուցուած է թորոնթոհայ բարերարներ Պերճուհի եւ Արմէն Նալպանտեաններու հովանավորութեամբ 2016 թուականին։

Գանատահայերու հաւաքագրած 530 հազար ԱՄՆ տոլարը պիտի նուիրաբերուի Նոյեմբեր 23-ին կայանալիք Հեռուստամարաթոնին։ «Բերքառատ Արցախ» խորագիրը կրող Մարաթոնի թեման Արցախի ոռոգման համակարգի կառուցումն է եւ արեւային ուժով կայաններու տեղադրումը

 

Կոմիտասի եւ Թումանեանի Յոբելեանները ԵՈՒՆՍՔՕ-ի Օրացոյցին Վրայ Են

0

Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանները ընդգրկուած են ԵՈՆԵՍՔՕ-ի Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2018-2019 թուականներու Օրացոյցին վրայ:

Արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ որոշումը ընդունուած է Փարիզի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնատեղիին մէջ ընթացող կազմակերպութեան Գլխաւոր համաժողովի 39-րդ նստաշրջանի ընթացքին:

Հայաստանի կողմէ Ֆրանսայի ու Գերմանիոյ աջակցութեամբ ներկայացուած «Երգահան, ժողովրդական երաժշտագէտ, բանահաւաք, երգիչ Սողոմոն Սողոմոնեանի, յայտնի որպէս` Կոմիտաս վարդապետի (1869-1935 թթ.) ծննդեան 150-ամեակը», եւ Վրաստանի ու Ռուսիոյ աջակցութեամբ ներկայացուած «Բանաստեղծ, գրող, թարգմանիչ Յովհաննէս Թումանեանի (1817-1923 թթ.) ծննդեան 150-ամեակը» խորագիրով յայտերը ստացած են Կազմակերպութեան հաւանութիւնը:

1998-էն առ այսօր Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի օրացոյցին վրայ ներառուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ներկայացուած 23 յոբելեանական տարեթիւ:

Նախորդ երկամեակի համար հաստատուած էին ՀՀ կողմէ ներկայացուած «Ոսկան Երեւանցու տպագրութեամբ հայերէն առաջին Աստուածաշունչի (1666 թ.) 350-ամեակը» եւ «Յովհաննէս Այվազովսկիի (1817-1900 թթ.) ծննդեան 200-ամեակը» յայտերը:

Հայաստանի մէջ Բեռնատար Մեքենաներ Պիտի Արտադրուին

0

AA Trucks ընկերութեան նորարարական արհեստագիտութիւններով բազմազան գործածութեան հայկական բեռնատար մեքենաներու արտադրութեան ծաւալները առաջին հինգ տարիներուն $46 միլիոն պիտի կազմեն:

Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի մամուլի քարտուղար Աննա Օհանեան Panarmenian.Net-ին փոխանցած է, որ հայ-ամերիկեան ընկերութեան արտադրութեան բեռնատարները պիտի արտահանուին ԵԱՏՄ երկիրներ, ԱՄՆ, Վրաստան, Իրան, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Միջին Ասիոյ այլ երկիրներ:

AA Trucks-ի հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Արմէն Գագիկեան յայտնած է, որ մեքենան հայ-ամերիկեան համատեղ արտադրութեան նոր մակնիշի բեռնատար պիտի ըլլայ: Ան նշած է, որ բեռնատարներ պիտի առաջարկուին տնտեսական տարբեր բնոյթի գործունէութիւն ծաւալող ընկերութիւններուն, ինչպէս նաեւ ուժային կառոյցներուն:

«Բեռնատարի ներքին կահաւորումը պիտի համապատասխանեցուի պատուիրատուի գործունէութեան ու շահագործման նպատակներուն»,- ըսած է Արմէն Գագիկեան:

Հոկտեմբերին կառավարութեան որոշումով AA Trucks ընկերութեան «Ալեանս» ազատ տնտեսական գօտիի շահագործողի թոյլտուութիւն տրամադրուած էր:

Յայտարարուած էր, որ ծրագրի ծիրէն ներս ներդրումը պիտի կազմէ մօտ $40 միլիոն:Առաջին երկու տարին պիտի ստեղծուի 40 նոր աշխատատեղ` 150.000 դրամ միջին աշխատավարձով, իսկ յետագային արտադրանքի ծաւալներու աճի արդիւնքով` 1000-էն աւելի նոր աշխատատեղ:

Հայաստանի Մէջ 75.1%-ով Աճած է Բանջարեղէնի Պահածոներու Արտադրութիւնը

0

ՀՀ ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն` 2017 թուականի Յունուար-Սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ արտադրուած է 14 629.4 թոն պահածոյ, ինչ որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ աճած է 32.6 տոկոսով:

Հաշուետու ժամանակահատուածին արտադրուած է 7 313.7 թոն բանջարեղէնի պահածոյ` նախորդ տարուան Յունուար-Սեպտեմբերին արձանագրուած 4 177.7 թոնի դիմաց (75.1%-ի աճ):

Այս տարուան Յունուար-Սեպտեմբերին  արտադրուած պահածոներէն  3 927.8 թոն կազմած են միրգերունը` 2016-ի նոյն ժամանակահատուածին աճելով 17.8 տոկոսով,  206.9 թոն` ձուկի (աճը` 76.2%), 16.5 թոն` խեցգետնի (81.4%-ի անկում), 597.9 թոն` մսաբուսական (նուազում` 31.3%), 319.2  թոն` միսի (անկումը` 27.5) պահածոները:

Նշուած ժամանակահատուածին արտադրուած է նաեւ 2 247.4 թոն  լոլիկի պահածոյ, ինչ որ նախորդ տարուան Յունուար-Սեպտեմբերի համեմատ աճած է 12 տոկոսով:

Տաշիրը Յառաջիկայ Տարիներուն Հայաստանի Մէջ 1 Միլիառ Տոլարի Ներդրում Պիտի Ընէ

0

Ռուսական «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբը Հայաստանի ներդրողներու ակումբին եւ միջազգային ֆինանսական հիմնարկներու հետ համատեղ կը պատրաստուի յառաջիկայ տարիներու ընթացքին մօտ 1 միլիառ տոլարի ներդրում կատարել Հայաստանի ուժանիւթի ոլորտին մէջ: Այդ մասին յայտարարուած է Նոյեմբեր 13-ին Ռատիսըն Պլու հիւրանոցին մէջ «Տաշիր»-ի ներդրումային ծրագրի ներկայացման ժամանակ, որուն ներկայ գտնուած է նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Ձեռնարկին ժամանակ հանգամանօրէն ներկայացուած են, թէ ի՛նչ միջոցներու հաշուին եւ ինչպէս պիտի իրականացուի վերոնշեալ ներդրումային ծրագիրը ու որքանով անիկա իրատեսական է:

Ձեռնարկին մասնակցած են նաեւ «Տաշիր»-ի գործընկեր միջազգային ֆինանսական եւ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Ծրագրի ներկայացման աւարտին տեղի ունեցած է փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն «Տաշիր» ընկերութեան, «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» (ՀԵՑ) ընկերութեան եւ ֆինանսական գործընկերներու միջեւ:

Յիշեցնենք, ՀԸՑ-ը կը պատկանի ռուսաստանաբնակ միլիատատէր Սամուէլ Կարապետեանի «Տաշիր Կրուփ»-ին:

Սերժ Սարգսեան այսօր նաեւ Հայաստանի ազգային ճարտարագիտական համալսարանին մէջ ներկայ գտնուած է աշխարհահռչակ ֆրանսական «Շնայտըր Էլեքթրիք» ընկերութեան, «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբին եւ Հայաստանի ազգային ճարտարագիտական համալսարանի ներդրումով ստեղծուած «Կասկադ էներգօ-Տաշիր-ՀԱՊՀ» գերազանցութեան կեդրոնի բացման արարողութեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին, համալսարանի տնօրէնին, «Տաշիր»-ի նախագահին, «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր», ինչպէս նաեւ «Կասկադ-էներգօ» ընկերութիւններու ղեկավարներուն ուղեկցութեամբ շրջայց կատարած է նորաբաց նորարարական  կեդրոնին մէջ:

Նախագահը Երեւանի քաղաքապետին, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարին, այլ պաշտօնատար անձերու ու հիւրերու հետ Երեւանի Արաբկիր վարչական շրջանին մէջ ներկայ գտնուած է «Տաշիր»-ի մէկ այլ ձեռնարկի` ռուսաստանեան խոշորագոյն «Ռիօ» ցանցի մաս կազմող «Ռիօ մոլ» առեւտուրի եւ ժամանցի կեդրոնի բացման արարողութեան: Ծրագրի արժէքը կը կազմէ շուրջ 40 միլիոն տոլար: Պատասխանատուներու հաւաստմամբ, «Ռիօ»-ի բացումով պիտի ապահովուի շուրջ 500 նոր աշխատատեղ։