Կիրակի, 27. 07. 2025

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը Սեն Շամոն Այցելած է

0

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 21-ին այցելած է Սեն Շամոն քաղաք ու հանդիպում ունեցած քաղաքապետի, տեղական իշխանութիւններու պատասխանատուներու, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուանի եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:

Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է հիւրընկալութեան համար` նշելով, որ ստեղծուած ջերմ մթնոլորտին շնորհիւ Արցախի պատուիրակութիւնը ինքզինք կը զգայ հարազատ օճախին մէջ:

Բակօ Սահակեան ընդգծած է, որ Ֆրանսայի ժողովուրդը հայ ժողովուրդի անկեղծ բարեկամն է, եւ Արցախը շահագրգռուած է Ֆրանսայի՝ անոր տարբեր վարչական միաւորումներու, քաղաքներու եւ համայնքներու հետ փոխգործակցութեան խորացումով:

Անդրադառնալով Ֆրանսուա Ռոշպլուանի գործունէութեան` նախագահ Սահակեան զայն բնութագրած է՝ իբրեւ մարդասիրութեան, անկեղծ բարեկամութեան, սկզբունքայնութեան, համամարդկային արժէքներու հաւատարմութեան օրինակելի դրսեւորում` բարձր գնահատելով անոր ներդրումը Ֆրանսա-Արցախ յարաբերութիւններու եւ հայ-ֆրանսական կապերու ամրապնդման ու ընդլայնման գործին մէջ:

 

Սերժ Սարգսեան Ընդունած է ՌԴ Արտաքին Գործոց Նախարար Սերկէյ Լաւրովը

0

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Նոյեմբեր 21-ին ընդունած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:

 

Հանդիպման սկիզբը Հանրապետութեան Նախագահը գոհունակութեամբ ընդգծած է, որ ՀՀ-ի եւ ՌԴ-ի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին, Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին պայմանագիրին 20-ամեակի տարին արգասաբեր էր երկկողմ յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն:

 

«Այսօր այդ յարաբերութիւնները կը բնութագրուին իրապէս դաշնակցային: Ես լիովին կը կիսեմ այդ կարծիքը, որովհետեւ այդ յարաբերութիւնները բոլոր մակարդակներու վրայ կ՝առանձնանան քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակով, արտաքին քաղաքականութեան լայն համակարգումով, միջազգային հարթակներու վրայ արգասաբեր համագործակցութեամբ, տնտեսական, ռազմական, ռազմաճարտարագիտական, մարդասիրական ոլորտներու մէջ շատ լաւ փոխգործակցութեամբ»,- ըսած է նախագահ Սարգսեան` այդ բոլորին մէջ կարեւոր համարելով աշխոյժ փոխայցելութիւնները, որոնց ծիրէն ներս միայն վերջին քանի մը ամիսներուն Հայաստան այցելած են ՌԴ կառավարութեան նախագահը, արդիւնաբերութեան, կրթութեան, առողջապահութեան նախարարները, այս օրերուն կը կայանայ արտաքին գործոց նախարարին այցը:

 

Հանրապետութեան նախագահը նշած է նաեւ համատեղ իրականացուած բազմաթիւ քայլերը` Հայ-ռուսական միջտարածաշրջանային համաժողովը, Եւրասիական գործընկերութեան միջազգային համաժողովը, Հայ-ռուսական երիտասարդական համաժողովը, ամսուան սկիզբը իրականացուած միջխորհրդարանական յանձնաժողովի յոբելինական 30-րդ նիստը:

 

Նշելով, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները հետեւողականօրէն կը զարգանան, նախագահը ընդգծած է, որ այսուհետեւ նոյնպէս պէտք է շարունակել աշխատանքը միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման՝ հայ եւ ռուս ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման ուղղութեամբ:

 

Արտաքին գործոց նախարար Լաւրովը շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանին փոխանցած ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ջերմ ողջոյնները, որուն հետ Հայաստանի նախագահը օրերս պաշտօնապէս բացաւ «Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրերը»` Մարտիրոս Սարեանի ցուցահանդէսով:

Նախարարը հանդիպման ժամանակ ներկայացուցած է Հայաստան իր պաշտօնական այցին ծիրէն ներս գործընկերոջ հետ ունեցած հանդիպման եւ քննարկումներուն արդիւնքները:

«Ձեզի հետ միասին այսօր դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին եւ բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան պայմանագիրին 20-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսի բացման մասնակցելէն բացի, մենք՝ Էդուարդ Նալպանտեանի հետ, շատ մանրամասն բանակցութիւններ վարած ենք, ելոյթ ունեցած ենք զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն առջեւ, դիտարկած ենք մեր դաշնակցային յարաբերութիւններուն, ռազմավարական գործընկերութեան բոլոր ոլորտները, ինչի մասին Դուք բաւական հանգամանալից նշեցիք: Պիտի չկրկնեմ, քանի որ իրականութեան մէջ, չկայ մարդկային գործունէութեան որեւէ ոլորտ, որուն մէջ Ռուսիան ու Հայաստանը չունենան գործնական փոխգործակցութեան ո՛չ թէ ձեւական, այլ իրական կառուցակազմ: Մեզի համար մեծ պատիւ է, որ Դուք բարձր կը գնահատէք արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ մեր համագործակցութիւնը: Պիտի աշխատինք արդարացնել Ձեր եւ Ռուսիոյ նախագահի վստահութիւնը»,- Հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը:

«Արցախի Օրեր»-ը Եւրոպայի Մէջ

0

«Եւրոպայի մէջ «Արցախի օրեր»-ը տեղի կ՛ունենայ առաջին անգամ, որու պատճառով պատասխանատուութիւնը կրկնակի է եւ սպասելիքները աւելի մեծ»,- այս մասին նշած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 20-ին Փարիզի մէջ «Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր»-ու մեկնարկի առիթով կազմակերպուած հանդիսաւոր ձեռնարկի ժամանակ:

«Մենք համոզուած ենք, որ ծրագիրով նախատեսուած բոլոր ձեռնարկները պիտի իրականացուին պատշաճ մակարդակով: Համոզուած ենք, որովհետեւ ունինք հայրենասէր հայրենակիցներ եւ հաւատարիմ բարեկամներ, որոնք իրենց ներգրաւումով պիտի սատարեն բոլոր նախաձեռնութիւններու յաջողութեան»,- Արցախի  նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցմամբ` իր խօսքին մէջ շեշտած է նախագահ Սահակեան:

Ան յոյս յայտնած է, որ «Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր»-ու կազմակերպումը իր կարեւոր լուման պիտի ունենայ Ֆրանսայի հետ Արցախի փոխգործակցութեան ընդլայնման գործին` ֆրանսական ու եւրոպական հանրութեան ներկայացնելով մեր երկիրը, անոր պատմութիւնը, մշակոյթը, տնտեսութիւնը եւ այլ բնագաւառներ` աւելցնելով, որ մեր բոլոր ձեռքբերումներու հիմքը Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կուռ եռամիասնութիւնն է:

Ձեռնարկի ընթացքին Բակօ Սահակեան «Երախտագիտութիւն» մետալ յանձնած է Ֆրանսայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիգէն Չիթեչեանին` բարձր գնահատելով տարիներ շարունակ անոր մշտական աջակցութիւնը Արցախին եւ մասնակցութիւնը մեր հանրապետութեան տարբեր ծրագիրներու իրականացման գործին:

 

Պիտի Շարունակենք Օժանդակութիւնը` ԼՂ Հակամարտութեան Կարգաւորման Հարցով. ՌԴ Արտաքին Գործոց Նախարար

0

Իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ` մենք մեր ամերիկացի եւ ֆրանսացի գործընկերներուն հետ պիտի շարունակենք օժանդակել, որպէսզի ստեղծուին այնպիսի պայմաններ, որոնք թոյլ պիտի տան կողմերուն լուծելու ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման խնդիրը։

Այսօր, ըստ Panorama.am-ի, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին նշած է Հայաստան գտնուող ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը:

ՌԴ արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ հայ գործընկերոջ հետ հանդիպման ժամանակ ռուսական պատուիրակութիւնը ներկայացուցած է օրերս Պաքու կատարած այցին արդիւնքները:

Լաւրովը ընդգծած է, որ իրենք երախտապարտ են հայ գործընկերներուն այսօրուան արդիւնաւէտ աշխատանքին համար. «Յոյսով եմ, որ այսօրուան հանդիպումը նոր թափ կը հաղորդէ մեր դաշնակցային յարաբերութիւններուն»:

Լաւ Պիտի Ըլլար, որ Ատրպէյճանի Խօսքերը Համապատասխանէին Անոր Գործերուն. Նալպանտեան

0

«Խնդիրը այն է, որ պէտք է գործը խօսքերու հետ համընկնի եւ չշեղի: Ատրպէյճանի հրապարակային յայտարարութիւնները կը տարբերին անոնց գործողութիւններէն»,- այս մասին, ըստ Panorama.am-ի, այսօր լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին նշած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանը` պատասխանելով ռուս լրագրողի հարցին, թէ ինչո՛ւ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը կը ձգձգուի, երբ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը երէկ յայտարարած է, որ կողմնակից է հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորման:

Նախարարը յիշեցուցած է կարգաւորման ուղղուած քանի մը այդպիսի դէպք. « Կազանի նախօրէին մենք ԱԳ նախարարներու մակարդակով հանդիպումներ ունեցանք, որպէսզի համաձայնեցնենք հիմնական սկզբունքներուն նիւթը, որ յետագային պէտք է ներկայացուէր նախագահներուն: Գագաթաժողովէն տասը օր առաջ մենք ստացանք ուղեկցող նամակ` ներառեալ նիւթերը, ուր յստակ ներկայացուած էր, որ համաձայնութեան նիւթերուն մէջ փոփոխութիւններ պիտի չըլլան, բայց ատրպէյճանցիները Կազան եկան 12 փոփոխութիւններով` նահանջելով մէկ քայլ ետ։

Ասիկա առաջին անգամը չէր, աւելի առաջ եղած է Սոչիի մէջ 2011 Մարտին, նոյնը եղած է Հոկտեմբերին Աստրախանի մէջ, 2010 Յունիսին՝ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ: Ատիկա եղած էր նաեւ Կազանէն ետք: Չանդրադառնամ բոլոր հանդիպումներուն, պարզապէս յիշեցնեմ, որ բառացիօրէն Վիեննայի ու Ս. Փեթերզպուրկի մէջ մենք որոշակի համաձայնութիւններ ձեռք բերինք, բայց յետոյ անոնք յայտարարեցին, որ որեւէ բանի շուրջ ալ չեն համաձայնած: Անոնք յայտարարեցին, թէ թիւրըմբռնում եղած է»:

Նալպանտեանը նշած է, որ ԵԱՀԿ-ի համանախագահող երկիրը չորս անգամ կապ հաստատած էր ատրպէյճանական կողմին հետ, անոնք ամէն անգամ հաստատած են, որ, այո՛, մենք համաձայն ենք, որ ֆինանսաւորուի ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի` դեսպան Անճէյ Գասպրչիկի խումբին ընդարձակումը, բայց չորս ագամ ԵԱՀԿ պիւտճէթային յանձնաժողովին մէջ արգելափակած են այդ հարցը:

«Հայաստանը, Արցախը եւ Ատրպէյճանը  քանի մը անգամ համաձայնած են նաեւ դադրեցնելու կրակը սահմանագիծին վրայ, բայց  ամէն ինչ ճիշդ ու սուտ գործածելով ատրպէյճանցիները կը փորձեն նահանջել այդ համաձայնութիւններէն: Ես կը կրկնեմ՝  լաւ պիտի ըլլար, որ Ատրպէյճանի խօսքերը համապատասխանէին անոր գործերուն»,- ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, Նալպանտեանը ըսած է, որ Հայաստանը պատրաստ է շարունակելու բանակցութիւնները հասնելու համար հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման:

ՌԱԿ Կը Դատապարտէ Յունաստանի Մէջ Հայրենի Դեսպանին Հասցէին Եղած Ցեխարձակումը

0

Խստիւ Կը Դատապարտենք Կուսակցութեան Անունը Չարաշահողները

Անվերապահօրէն Զօրավիգ ենք

Յունաստանի Մէջ Հայրենի Դեսպանին. 

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւն

Վերջերս ՌԱԿ Յունաստանի Շրջանակի անունը շահագործող եւ անստորագիր յայտարարութիւններով հանդէս եկող խմբակ մը, շրջանցելով բարոյական ամէն արժանիք, իր հակակուսակցական գործունէութիւնը հանգրուան մը եւս յառաջ քշելով՝ հասած էր ազգադաւ այնպիսի մակարդակի մը, ուր մեր պանծալի կուսակցութեան 96-ամեակին նուիրուած  տօնակատարութեան մը պատրուակով հրաւիրած էր Տիկ. Տորա Պաքոյաննիս՝ որպէս օրուան բանախօս, որ քաջածանօթ է Ազրպէյճանի  հետ իր սերտ գործակցութեամբ:

Այս ուղղութեամբ եւ օրին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս 7 Նոյեմբեր 2017 թուակիր յայտարարութեամբ մը դատապարտեց Աթէնքի մէկ պանդոկին մէջ կայանալիք կասկածելի բնոյթով եւ բովանդակութեամբ այդ ձեռնարկին կազմակերպումը՝ պատկան մարմիններուն եւ Հայ ժողովուրդի զաւակներուն տեղեկացնելով, որ նշեալ ձեռնարկը եւ զայն կազմակերպողները ո՛չ մէկ կապ ունին կուսակցական օրինական կառոյցին հետ:

Այսօր իր ուղեգիծէն շեղած «Նոր Աշխարհ» թերթն ու ինքզինք որպէս ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթ ներկայացնող՝ «Պայքար» կոչուող յերիւրածոյ հրատարակութիւնը, ինչպէս նաեւ վերոյիշեալներուն ծառայող ելեկտրոնային նամակներու կեղծ եւ շինծու հասցէատէրեր անբարոյ պայքար մը ձեռնարկած են Յունաստանի մէջ ՀՀ Վսեմափայլ դեսպան Պրն. Ֆատեյ Չարչօղլեանի դէմ՝ ամենաստորին ձեւերով փորձելով ցեխարձակում կատարել յարգելի դեսպանին հասցէին: Մեր կուսակցութեան հանդէպ Պրն. Ֆատեյ Չարչօղլեանի նման  յատուկ յարգանք եւ հոգածութիւն ունեցող անձնաւորութեան մը դէմ նման ցեխարձակումը մեզի համար աւելի քան անընդունելի եւ  դատապարտելի է:  Այս ցեխարձակումը անպատասխանատու, անմիտ ու անարդար փորձ  մըն է անշուշտ՝  արդարացնելու ձեռնարկին խայտառակ վախճանը, որ տեղի ունեցած է ի բացակայութիւն պաշտօնական հիւրերու, քոյր կազմակերպութիւններու,  միութիւններու եւ կրօնական թէ ազգային  հաստատութիւններու  ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ նոյն ինք խնդրոյ առարկայ բանախօսուհիին: 

Վերոյիշեալ խմբակը ու անոր ետին կանգնող Հիւսիսային Ամերիկա, Անգլիա եւ Երեւան բնակող հովանաւորներ՝ չբաւարարուելով բեմ տալ համարձակիլ հակահայ անձնաւորութեան մը, որ Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի անդամակցութեան իր օրերուն ի նպատ քուէարկած է հակահայ զեկոյցներու, այսօր իր ցեխարձակումներով թեւակոխած է շատ աւելի վտանգաւոր հանգրուան մը, որն է դիւանագիտական հարցեր հրահրել Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ, որ միայն կրնայ ծառայել Հայ ժողովուրդի թշնամիներուն:

Վերջապէս սոյն յայտարարութեամբ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնս անգամ մը եւս կը դատապարտէ մեր Կուսակցութեան անունը չարաշահող, իրենց պատկանելիութեամբ կասկածելի անհատներու ազգադաւ գործունէութիւնը՝ անվերապահ զօրակցութիւն յայտնելով Յունաստանի մէջ ՀՀ Վսեմաշուք դեսպան Պրն. Ֆատեյ Չարչօղլեանին, որ արժանաւորապէս եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ  կը վարէ իր պաշտօնը:

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

         Սեւակ Յակոբեան                                                               Սերխիօ Նահապետեան

 Ատենադպիր                                                                                Ատենապետ

23 Նոյեմբեր 2017

Հաղորդագրութիւն – «ՌԱԿ Մամուլ»ը ՕԺտուեցաւ Հիմնադրամով

0

Սոյն հաղորդագրութեամբ, ուրախ ենք Հայ ժողովուրդի զաւակներուն  տեղեկացնելու, որ «ՌԱԿ Մամուլ» առցանց լրատուական կայքը Հայ իրականութեան մէջ իր 12-ամեայ գոյութիւնը թագադրեց Հայրենիքի մէջ գրանցուելով, որպէս ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ:

Արդարեւ այս առիթով, Հայաստանի Արդարադատութեան Նախարարութեան եւ առնչուած պետական պատկան մարմիններուն մօտ գրանցուեցաւ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ» Հիմնադրամը: 

«ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ» Հիմնադրամի գործունէութեան ՆՊԱՏԱԿՆ է`

ա) Լրատուութեան արտադրում, հաւաքագրում, մշակում, հեռարձակում և հրապարակում համացանցի (www.ragmamoul.net և/կամ այլ կայքերու միջոցով) եւ զանգուածային լրատուութեան այլ միջոցներով՝ տարբեր լեզուներով:

բ) Տարածել՝

–  Հայ հեղինակներու, ազգութեամբ հայերու և ոչ հայերու յօդուածներն ու աշխատասիրութիւնները,

–  Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ կազմակերպուող ձեռնարկներուն մասին տեղեկատուութիւն,  

– Քաղաքական, ընկերային, մշակութային, տնտեսական, մարզական եւ այլ իրադարձութիւններու լրատուութիւն,

– Զեկոյցներու և այլ նիւթերու հրապարակում համացանցի և զանգուածային լրատուութեան այլ միջոցներով տարբեր լեզուներով։

«ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ» Հիմնադրամի գործունէութեան ԱՌԱՐԿԱՆ է`

ա) Լրատուական գործունէութեան ուղղուած ծառայութիւններու տրամադրում  շահագրգիռ յաճախորդներու ու բաժանորդներու.

բ) Լրատուական ոլորտին մէջ աշխատող տեղական և oտարերկրեայ կազմակերպութիւններու ու հնարաւոր գործընկերներու միջեւ գործարար կապերու uտեղծում.

գ) Լրատուական ոլորտին մէջ մասնագիտական  խորհրդատուութեան տրամադրում.

դ) Շահագրգիռ բոլոր անձերու համար դաuընթացքներու, ցուցահանդէսներու և սեմինարներու կազմակերպում.

ե) Լրատուութեան ոլորտին մէջ կարգաւորող oրէնuդրական դաշտի  ուuումնաuիրում, ինչպէu Հայաuտանի Հանրապետութեան մէջ, այնպէu նաեւ արտաuահմանի եւ այդ ոլորտի զարգացման վերաբերեալ առաջարկութիւններու ներկայացում,

զ) Լրատուութեան ոլորտին մէջ այլ գործունէութեանց իրականացում։

Վերոյիշեալներու լաւագոյնս կառավարման համար «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ» Հիմնադրամը հիմնուելով իր  կանոնագրութիւնը թիւ 6 յօդուածին վրայ արդէն իսկ օժտուած է Հոգաբարձուներու Խորհուրդով մը (Board of Trustees), որուն կազմը կ՛ընդգրկէ լրագրութեան եւ հրապարակագրութեան ինչպէս նաեւ ազգային կեանքի մէջ մեծ ներդրում ունեցող անձնաւորութիւններով:

Հայ իրականութեան մէջ իր արժանի եւ օգտաշատ տեղը ունենալու վճռակամութեամբ, Հիմնադարամը արդէն իսկ սկսած է իր աշխատանքներուն, կեդրոնատեղի ունենալով Երեւան քաղաքի Կեդրոն համայնքի, Արշակունեաց պողոտայի, թիւ 2 հասցէի հիմնական մասնաշէնքի, 2-րդ յարկի թիւ 212 գրասենեակը:

Հեռաձայն՝ +374 99 996 573 եւ +961 3 824 833

Ե-նամակի հասցէ՝ office.ragmamoul@gmail.com

Կայք՝ www.ragmamoul.net

ՃԵՆԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ» Հիմնադրամի Տնօրէն

Շինիչ Նախաձեռնութիւն Մը

0

Լիբանանահայ կեանքէն ներս երեւոյթ դարձած է թուականներով իրար խաչաձեւող ձեռնարկներու կազմակերպումը:

Հաւատալով, որ մեր թիւը հաշուող եւ աշխարհագրական նեղ շրջագիծի մը մէջ ապրող հաւաքականութեան մը հրամցուելիք՝ նոյն օրը զիրար խաչաձեւող ձեռնարկները  կարելի է աւելի լաւ կազմակերպել  եւ համակարգել, Լիբանանահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ կրօնական ու ազգային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ երէկ՝ Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան, համախմբուեցան Թէքէեան Կեդրոնի մէջ` միասնաբար քննարկելու վերոյիշեալ երեւոյթին բացասական կողմերը եւ, ըստ այնմ, լուծումներ որոնելու եւ լաւագոյնին հասնելու համար:

Գործակցութեան բարձր ոգիով ընթացած հանդիպման մը ընթացքին, որուն ներկայ եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանի ներկայացուցիչը, քննարկուեցան շատ մը գործնական կարելիութիւններ՝  նուազագոյնի իջեցնելու այս անհաճոյ պարագան, որ ո՛չ միայն նեղ կացութեան կը մատնէ պաշտօնական հիւրերն ու նոյնիսկ ձեռնարկ մը կազմակերպող կողմերը, այլ նաեւ լիբանանահայ հանդիսատեսը կը զրկէ իր տարրական իրաւունքէն՝ իր նախասիրած ձեռնարկին ներկայ գտնուելէ:

Շինիչ ու սրտբաց քննարկումները յանգեցան կարգ մը լուծումներու առաջարկման, որոնց բիւրեղացման համար, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւնը տալու այլ կողմերու եւս այս օգտաշատ հանդիպման միանալու, ժողովականները յարմար տեսան յաջորդ հանդիպումով մը նպատակայարմար որոշումներու յանգելու:

Յաջորդ հանդիպման թուականն ու վայրը պիտի յայտարարուի մամուլով:

Բակօ Սահակեան Ֆրանսայի Մէջ Հեռախօսամարաթօնի Կեդրոն Այցելած է

0

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Նոյեմբեր 19-ին աշխատանքային այցով մեկնած է Ֆրանսայի Հանրապետութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նոյն օրը, նախագահ Սահակեան Փարիզի մէջ այցելած է Ֆրանսայի մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած հեռախօսամարաթօնի կեդրոն, հանդիպած հիմնադրամի տեղական կառոյցի պատասխանատուներուն եւ գործընթացին մէջ ընդգրկուած երիտասարդ կամաւորներուն հետ:

Բակօ Սահակեան բարձր գնահատած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղին մասնակցութիւնը Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնած հեռախօսամարաթօնի կազմակերպման մէջ ներգրաւուած մարդոց` անոնց կատարած աշխատանքին, Արցախի նկատմամբ ընդգծուած վերաբերմունքին, անոր հոգերով ապրելու եւ մշտական աջակցութեան համար:

 

 

Հայ Գիրքի Համահայկական 38-րդ Ցուցահանդէսի Բացում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

0

Հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին Կիրակի, Նոյեմբեր 19-ին, յետ սուրբ եւ անմահ պատարագին, տեղի ունեցաւ Հայ գիրքի 38-րդ համահայկական ցուցահանդէսին բացումը: Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ինչպէս նաեւ միաբան հայրեր, ազգայիններ, մտաւորականներ եւ ընթերցասէր հոծ բազմութիւն մը:

Բացման հանդիսութիւնը ընթացք առաւ հայրապետական թափօրով` դէպի ցուցահանդէսին տաղաւարը, ուր վեհափառ հայրապետը կատարեց պաշտօնական բացումը: Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը ծաղկեցուց հանդիսութիւնը փունջ մը ազգային ու կրօնական երգերով:

Վեհափառ հայրապետը ողջունելէ ետք ներկաները բացուած յայտարարեց Հայ գիրքի 38-րդ համահայկական ցուցահանդէսը: Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոսին Հայ գիրքին ձօնած «Լո՜յս տեսաւ…» բանաստեղծութիւնը ընթերցեցին երիտասարդ միաբաններէն Վաչէ վրդ. Պալըքճեան եւ Պսակ աբղյ. Թեփիրճեան: Քերթուածը ո՛չ միայն վեհափառ հայրապետին ներքին ապրումներուն ու հայ գիրքին հանդէպ ունեցած սիրոյ ու գուրգուրանքին արտացոլումն էր, այլ նաեւ մեր սփիւռքեան իրականութեան դրսեւորումը: Բանաստեղծական ոճով պարուրած իր տողերով, վեհափառ հայրապետը իրապաշտ կերպով կը բնութագրէ հայ գիրքին ապրած անցեալն ու ներկան: «Լո՜յս տեսաւ»-ով կը շեշտուի գիրքին եւ մանաւանդ հայ գիրքին լուսաւորման աղբիւր ըլլալը:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Հայրապետական մաղթերգով եւ «Կիլիկիա» քայլերգով:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ Դեկտեմբեր 10, առաւօտեան ժամը 9:00-էն 7:00: