Կիրակի, 27. 07. 2025

Չինաստանի Ցինդաօ Քաղաքին Մէջ ՀՀ Համագործակցութեան Գրասենեակ Բացուած է

0

Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան մէջ ՀՀ դեսպան Սերկէյ Մանասարեանի եւ ՉԺՀ մէջ ՀՀ առեւտրային կցորդ Հրանդ Ապաճեանի` ՉԺՀ Ցինդաօ քաղաք կատարած այցին ծիրէն ներս Նոյեմբեր 17-ին տեղի ունեցաւ հանդիպում «Մէկ գօտի մէկ ճանապարհ» նորարարական համագործակցութեան կեդրոնի նախագահ Լու Ճանկի հետ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:

Նոյն օրը տեղի ունեցաւ ՀՀ համագործակցութեան գրասենեակի բացման արարողութիւնը, որ ազդարարուեցաւ ՀՀ առեւտրաարդիւնաբերական պալատի, արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան եւ «Մէկ գօտի մէկ ճանապարհ» նորարարական համագործակցութեան կեդրոնին միջեւ պայմանագրերու ստորագրումով: Համագործակցութեան պայմանագիր ստորագրուեցաւ նաեւ ՉԺՀ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ «Մէկ գօտի մէկ ճանապարհ» նորարարական համագործակցութեան կեդրոնին միջեւ:

«Մէկ գօտի մէկ ճանապարհ» նորարարական համագործակցութեան կեդրոնին հետ ՀՀ համագործակցութեան գրասենեակի բացման վերաբերեալ շուրջ կէս տարի տեւած բանակցութիւններուն՝ իբրեւ արդիւնք, ձեռք բերուած էր համաձայնութիւն, որ հայկական կողմէն գրասենեակի գործառոյթները պիտի իրականացուին ՀՀ առեւտրաարդիւնաբերական պալատի եւ արդիւնաբերողներու ու գործարարներու միութեան կողմէ: Գրասենեակին գործառոյթները պիտի տարածուին Չինաստանի հիւսիսային հատուածին մէջ` ընդգրկելով 19 նահանգ:

Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը Պիտի Դրուի Մայր Տաճարի Մէջ

0

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական սրբատառ կոնդակով 2015-ին Հայոց Եկեղեցւոյ հիմնադիրներ՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարդուղիմէոս առաքեալներու տօնը հռչակուած է Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդի ուխտի օր:

Այս տարի առաքեալներու տօնին` Դեկտեմբեր 2-ին, Ս. Գեղարդը պիտի տարուի Մայր Տաճար եւ պիտի մնայ մինչեւ երեկոյ:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Հայոց առաջին լուսաւորիչներ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարդուղիմէոս առաքեալներու տօնին առիթով պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ:

Ս. Պատարագի սկիզբը` ժամը 10:30-ին:

Սեւանայ Լիճը` Տիեզերքէն

0

Ռուս տիեզերագնաց Սերկէյ Ռեազանսքին Ֆէյսպուքի իր էջին մէջ հրապարակած է Սեւանայ լիճի նկարը` Միջազգային տիեզերակայանէն:

«Սեւանայ լիճը Հայաստանի եւ կովկասեան տարածաշրջանի ամենամեծ ջրային տարածքն է, Եւրասիոյ խոշորագոյն բարձրադիր եւ քաղցրահամ լիճերէն մէկը: Լիճը կը գտնուի Գեղարքունիքի մարզին մէջ` ծովի մակարդակէն 1900 մ. բարձրութեան վրայ»,- գրած է տիեզերագնացը:

Անթիլիասի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակի Համաժողով

0

Ինչպէս հաղորդած էինք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ տարի համահայկական համաժողովով պիտի նշուի Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը։

100-ամեակի համաժողովի կազմակերպման յանձնախումբը իր նիստը գումարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ 20 Նոյեմբեր 2018-ին։ Նիստը նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը։ Կը մասնակցէին Համաժողովի նախապատրաստութեան յանձնախումբի անդամներ՝ Երուանդ Փամպուքեան (Լիբանան), փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան (Հայաստան), Շահան Գանտահարեան (Լիբանան), Կիրօ Մանոյեան (Հայաստան), Խաչիկ Տէր Ղուկասեան (Արժանթին) եւ Խաչիկ Տէտէեան (Լիբանան)։

Ժողովին որոշուեցան Համաժողովի ընդհանուր թեման, զեկուցումներու եւ քննարկումներու ընդհանուր ուղղութիւնները եւ հրաւիրեալներու անուանացանկը։ Համաժողովին պիտի մասնակցին Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի զանազան շրջաններէն պետական դէմքեր, ակադեմականներ եւ հասարակական գործիչներ։

Հովանաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին եւ անոր ներկայութեան տեղի ունենալիք համաժողովը պիտի վարեն նախագահներ՝ փրոֆ. Րիչըրտ Յովհաննէսեան, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան եւ Տիար Երուանդ Փամպուքեան։ Քննարկման օրակարգի նիւթերը կը վերաբերին Հայաստանի Հանրապետութեան պատմաքաղաքական, պետա-իրաւական, արտաքին քաղաքականութեան, իրաւապայմանագրային ոլորտներուն, ինչպէս նաեւ խորհրդայնացման պայմաններուն եւ անկախութենէ մինչեւ վերանկախացում երկարող   ժամանակահատուածի հայրենական եւ սփիւռքեան իրադարձութիւններուն։

Համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 21-23 Մարտ 2018-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։

Միրաքի Հոկտեմբերը

0

1 Հոկտ. 2017

«Միրաք»-ը Այցելեց «DigiTec Expo -2017»-ը

«Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժումը Կիրակի, 1 Հոկտեմբերին այցելեց 13-րդ ամէնամեայ ՏիճիԹէք (DigiTec Expo 2017) թեխնոլոկիական ցուցահանդէսը: Ցուցահանդէսին մասնակցած էին ՏՏ ոլորտի առաջատարներն ու թեխնօ հասարակութեան ներկայացուցիչ շուրջ 150 տեղական եւ միջազգային ընկերութիւններ:

«Միրաք»-ականները շրջեցան ցուցահանդէսի բաժիններուն մէջ եւ ծանօթացան մասնակից ընկերութիւններու կողմէ առաջարկուած հեռահաղորդակցութեան եւ ցանցային, համապարփակ ճարտարապետական, թեխնոլոկիական, ծրագրային, ուէպ եւ այլ ծառայութիւններուն:

Ցուցահանդէսին ծիրէն ներս ցուցադրուող հայկական արտադրութեան սարքերն ու ծրագիրները մեծապէս ոգեւորեցին «Միրաք»-ականները եւ հպարտութեան ու ներշնչանքի աղբիւր դարձան՝ իրենց ապագան նորարական եւ Հայաստանի մէջ օրըստօրէ աճող եւ զարգացող այս ոլորտին մէջ տեսնելու առընթեր:

8 Հոկտ. 2017

«Միրաք»-Եան Աշխոյժ Օր

«Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման 8 Հոկտեմբեր 2017-ի կիրակնօրեայ հաւաքը տեղի ունեցաւ Թէքէեան Կեդրոնէն ներս: Ողջունելով անդամները՝ «Միրաք»-ի պատասխանատու ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան ներկայացուց օրուան ծրագիրը: Այնուհետեւ «Միրաք»-ականները բաժնուեցան չորս խումբի՝ Վան, Մուշ, Կարս եւ Պայազէտ:

Մրցախաղը վարեց աւագ «Միրաք»-ականներէն Մարինա Յարութիւնեանը: Մրցումը կը բաղկանար տրամաբանական եւ սրամիտ հարց-պատասխանի խաղերէ: Մրցոյթին «ժիւրի» անդամ հանդիսացան Ծնողաց յաձանխումբի ներկայացուցիչները:

 Չորս խումբերն ալ աշխոյժ եւ խանդավառ մասնակցութիւն բերին եւ յաղթող նկատուեցաւ ընկերութիւնը:

15 Հոկտ. 2017

«Երեւանը Մենք Ենք». Միրաք

 Այս տարի՝ 2017-ի 14 Հոկտեմբերին զուգադիպած էր մեր ջերմ եւ բարի Երեւանի տարեդարձը, որ դարձաւ 2799 տարեկան: «Էրեբունի-Երեւան»-ը իր 2799-ամեակը նշեց «Երեւան՝ սիրոյ քաղաք» կարգախօսով: «Միրաք»-ը անմասն չմնաց տօնական այս մթնոլորտէն:

Կիրակի, 15 Հոկտեմբերի կիրակնօրեայ հաւաքը նուիրուեցաւ Երեւանի տօնին: «Միրաք»-ականները շրջեցան Երեանի փողոցներով, վայելեցին եւ ծանօթացան տօնին առթիւ Երեւանի գլխաւոր ու երկրորդական փողոցներուն, հրապարակներուն ու այգիներուն մէջ զետեղուած տօնական ձեւաւորումով պաստառներուն ու գովազդային վահանակներուն:

Օփերայի հրապարակին մէջ խաղային մեթոտներով, աւագ անդամներուն կողմէ Երեւանի մասին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան «Միրաք»-ականներուն:

Հանդիպման աւարտին «Միրաք»-ականները իրենց սիրելի եւ հինաւուրց մայրաքաղաքի բնակիչներ ըլլալու հպարտութեամբ տոգորուած բաժնուեցան՝ իրենց մէջ առաւել եւս ամրապնդելով սէր ու պատկանելիութիւն բոլոր հայերու մայրաքաղաք հանդիսացող եւ զարգացող մայրաքաղաքներու շարքին ուրոյն տեղ գրաւող Երեւանի հանդէպ:

 

22 Հոկտ. 2017

Մեծ Հայքը Մեր Երազն Է, Որ Իրականացած Պիտի Տեսնենք. Միրաք

Կիրակի, 22 Հոկտեմբեր 2017-ին, Թէքէեան Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «Միրաք» Պատանեկան-Ուսանողական շարժման կիրակնօրեայ հերթական հաւաքը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կիպրոսի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ յարգարժան ընկ. Ասատուր Տեվլէթեանը:

«Միրաք»-ի գլխաւոր թեման Պատմական Հայաստանն էր՝  Մեծ Հայքի 15 նահանգերը:

Անոնք ցաւով նշեցին, որ պատմութեան ընթացքին 300,000 ք.մ. քառակուսի հայկական հողատարածքէն այսօր մնացած է ընդամէնը շուրջ 30,000 ք.մ. քառակուսի պատմական դառն ճակատագիրի պատճառով , այսինքն` պատմական Հայաստանի մէկ տասներորդը:

Ընկ. Ասատուր Տեվլէթեան աւարտին խօսք առնելով՝ շեշտեց, որ շատ քաջալերական է «Միրաք»-ականներու կողմէ Մեծ Հայքի մասին ներկայացուած ծանօթութիւնը, սակայն պէտք չէ բաւարարուիլ հպանցիկ ծանօթութեամբ, այլ պէտք է ունենալ այդ տարածքներուն մեզ պատկանելու գիտակցութիւնը: Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Պատմութեան կը դիմանայ միայն իրաւունքը եւ այդ իրաւունքին վրայ պիտի դնենք մեր գրաւականը եւ պիտի պայքարինք անոր համար»:

Ծրագրի երկրորդ բաժինը յատկացուած էր Լոնտոնաբնակ լուսանկարիչ եւ ճամբորդութեանց սիրահար, «Տիսքավըրի» կայանի աշխատակից Ռաֆֆի Եուրէճեանին: Ան իր կողմէ առնուած գեղեցիկ լուսանկարներու միջոցաւ «Միրաք»-ի պատանիներուն ներկայացուց 7 մայր ցամաքամասեր կատարած իր ճանապարհորդութիւնները՝ մատնանշելով անոնցմէ իւրաքանչիւրին իւրայատկութիւնը:

29 Հոկտ. 2017

«Միրաք»-ը Գիտէ Յաղթել Եւ Գագաթներ Նուաճել

29 Հոկտեմբեր 2017-ն «Միրաք» Պատանեկան-Ուսանողական Շարժումի անդամներուն համար յիշարժան օր էր:

Երկար սպասուած ճանապարհորդութիւնը արդէն իրականութիւն էր:  Խումբը «Միրաք»-ի պատասխանատու Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանի, փորձառու լեռնագնացներ՝ Ռաֆֆի Եուրէճեանի եւ Իսկուհի Մկրտչեանի հետ հասաւ Հատիս: Խումբին կ’ընկերակցէր նաեւ «Միրաք» պասքեթպոլի խումբի մարզիչ Հայկ Առաքէլեանը:

Աննկուն կամքով եւ ոգեւորութեամբ սկսաւ «Միրաք»-ականներու վերելքը: Առաջին հայեացքով այնքան բարդ չէր թուեր ուղեւորութիւնը, սակայն զօրաւոր քամին եւ փոթորիկը բաւական բարդացուցին առաջընթացը: Այնուհանդերձ խումբը մէկ մարդու նման, առանց մասնատուելու իրար ուժ տալով՝ շարունակեց ճանապարհը:

Լեռ բարձրանալու ճանապարհին անոնք հաճելի հանդիպում մը ունեցան ՀՀ Տարածքային կառավարման նախարարութեան միկրացիոն պետական գործակալութեան պետ Գագիկ Եկանեանի հետ: Ան ուրախութիւն յայտնեց այս նախաձեռնութեան համար եւ ողջունեց պատանի-ուսանողներու  նման օգտակար միջոցառումով զբաղելու փափաքը:

 «Միրաք»-ականները առաւել գօտեպնդուած շարունակեցին ճանապարհը լեռն ի վեր: Քիչ անց գագաթը նուաճուած էր: Բոլորը ուրախ կը ողջագուրուէին, ինչպէս ընդունուած է ընել  լեռնագնացներու չգրուած օրէնքներուն մէջ:

 «Միրաք-»ականները նեղ ժամանակի մէջ սահմանափակուելով հանդերձ՝ փոթորկոտ եղանակին ծածանեցին «Միրաք»-ի եւ ՌԱԿ-ի դրօշները, գագաթէն ողջոյնի խօսք յղեցին ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան եւ աշխարհասփիւռ ընկերներուն: Շնորհակալութիւն յայտնեցին մասնաւորաբար Կիպրոսի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Ասատուր Տեվլէթեանին, որ նախորդ Կիրակի «Միրաք»-ի հիւրը ըլլալով, յորդորած էր անպայման իրականացնել լեռնագնացութիւնը եւ իր նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը բերած էր ծրագրի յաջողութեան համար: «Միրաք»-ականնրը վայելեցին նուաճումի հաճոյքը, հաղորդուեցան գեղեցիկ բնութեան հետ  եւ մեծ եռանդով բռնեցին վերադարձի ճամբան:

Մենք Իրաւունք Չունինք «Եւ, Եւ» Մօտեցումը Փոխարինելու «Կամ, Կամ»-ով․ Ստեփանակերտը Կ՝ողջունէ ՀՀ-ԵՄ Համաձայնագիրին Ստորագրումը

0

Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովին կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկը ամենայն հաւանականութեամբ պիտի ըլլայ Հայաստան-ԵՄ շրջանակային համաձայնագիրին ստորագրումը: Պաշտօնական Արցախը կ՝ողջունէ համաձայնագիրին ստորագրումը:

ԼՂՀ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Արզիկ Մխիթարեանը «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ դժուար է կանխորոշել, թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ ապագան: Այնուամենայնիւ, պատգամաւորը կը կարծէ, որ ժամանակն է «եւ,եւ»-ի ընտրութեան անցնելու, չհրաժարելու բոլոր այն հնարաւոր հարթակներէն, ուր մենք կրնանք մասնակցութիւն ունենալ: «Ինչպիսի՛ն պիտի ըլլայ ապագան՝ դժուար է կանխորոշել, որովհետեւ միշտ չէ, որ այն ակնկալիքները, որոնցմով մենք որեւէ համաձայնութեան կը հասնինք, կու տան իրենց դրական արդիւնքները: Յուսանք, որ անիկա բարենպաստ պիտի ըլլայ ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Արցախի համար:

Անդրադառնալով ԱլԳ հռչակագիրին, ուր խօսք կայ տարածքային ամբողջականութեան մասին, Արզիկ Մխիթարեանի կարծիքով անոնք շտկուած պիտի ըլլան. «Ճի՛շդ է, ենթակէտերը շատ են, բայց ես լիայոյս եմ, որ շտկուած պիտի ըլլան»,- ըսած է պատգամաւորը:

Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանի կարծիքով այս համաձայնագիրը իր բնոյթով աւելի շատ տնտեսական է: «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Դաւիթ Բաբայեանը նշած է, որ այս համաձայնագիրը Հայաստանին հնարաւորութիւն պիտի տայ ԵՄ-ի հետ տնտեսական կապերը նոր, աւելի բարձր մակարդակի հասցնելու: Իսկ թէ որքա՛ն կրնայ այդ համաձայնագիրը զօրացնել Հայաստանի դիրքերը արցախեան կարգաւորման գործընթացին մէջ, Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակը դժուարացած է ըսել: «Այստեղ պէտք է հաշուի առնել բազմաթիւ գործօններ, ԵՄ-ի ընդգրկուածութիւնը արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման մէջ, իսկ անոնք Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման մէջ այդպէս ալ ընդգրկուած չեն, քանի որ ատիկա տեղի կ՝ունենայ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս: Ընդհանուր առմամբ` ասիկա աւելի կարեւոր է մեր արտաքին քաղաքականութեան բազմաուղղուածութիւնը պահպանելու տեսանկիւնէն»,- աւելցուցած է Դաւիթ Բաբայեան: Անոր դիտարկումով` այս համաձայնագիրը պիտի նպաստէ Հայաստանի տնտեսական զարգացման, իսկ ասիկա նաեւ իր հերթին պիտի նպաստէ Արցախի տնտեսական զարգացման, որ կը նշանակէ, թէ Արցախի պետականութեան համար նոր «հոսանքներ» պիտի յառաջանան: Դաւիթ Բաբայեանի խօսքերով` մենք պարզապէս իրաւունք չունինք «եւ,եւ» մօտեցումը փոխարինելու «կամ,կամ»-ով, ասիկա պիտի տանի ճակատագրական անկանխատեսելի զարգացումներու: «Մենք քանի մը անգամ այդպիսի բան ըրած ենք մեր պատմութեան մէջ, որուն արդիւնքը մեզի համար շատ ծանր եղած է, հետեւաբար այդպիսի մօտեցում պէտք չէ թոյլ տանք նաեւ ապագային: Մենք պարզապէս պարտաւոր ենք բնականոն յարաբերութիւններ պահպանելու բոլոր այն երկիրներուն հետ, որոնք ունին հայկական Սփիւռք»,- ըսած է Դաւիթ Բաբայեանը:

Անդրադառնալով ԱլԳ հռչակագիրին` ան նշած է, որ մենք չենք կրնար տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին դէմ ըլլալ, բայց հարց է, թէ տարածքային ամբողջականութիւնը ինչպէ՛ս կը դիտարկուի: Այս է խնդիրը: Ազրպէյճանը իւրովի կը դիտարկէ, մենք այլ ձեւ կը դիտարկենք:

«Կայ մէկ յստակ ուղղութիւն եւ ատիկա ապացուցուած է նաեւ վերջին տասը-տասնհինգ տարուան ընթացքին իրականացուած հանրաքուէներուն միջոցով, օրինակ` Մեծ Բրիտանիոյ մէջ, ուր կրկին շեշտուած է, որ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը չի կրնար սահմանափակուիլ տարածքային ամբողջականութեան իրաւունքով, այսինքն` ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը ստորադաս չէ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին»,- աւելցուցած է Դաւիթ Բաբայեան:

Սուրիոյ եւ Հայաստանի Մէջ Փոխադարձաբար Պիտի Ներկայացուին Զբօսաշրջային եւ Գործարար Հնարաւորութիւնները

0

Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ փոխադարձաբար պիտի ներկայացուին զբօսաշրջային, գործարար հնարաւորութիւնները: Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի տեղակալ Յովհաննէս Ազիզեան ըսած է, որ այժմ կը քննարկուին ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի` Սուրիա կատարած այցին ընթացքին եղած համաձայնութիւնները: Մասնաւորապէս համաձայնութիւն եղած էր Դամասկոսի եւ Երեւանի մէջ կազմակերպել Սուրիոյ եւ Հայաստանի արդիւնաբերական ու զբօսաշրջային շաբաթ:

«Քաղաքական համաձայնութիւնը կայ, այժմ կը քննարկենք այդ շաբթուան իրականացման ձեւաչափն ու ժամկէտները: Շաբաթը պիտի ունենայ ե՛ւ գործարար ուղղուածութիւն ե՛ւ զբօսաշրջային: Այժմ փորձենք փոխադարձ հետաքրքրութիւնները հասկնալ, որ հայաստանեան ինչպիսի ապրանքներ, ուղղութիւններ կը հետաքրքրեն սուրիական կողմին եւ հակառակը: Պիտի փոխանակենք ցանկը եւ պիտի փորձենք այդ ուղղութիւններու գործարարութիւնները հրաւիրել Հայաստան, մեր երկրէն ալ Սուրիա` ձեւաւորելով գործարար կապեր»,-ըսած է Յովհաննէս Ազիզեանը:

Նախարարի տեղակալը նշած է, որ նման ձեռնարկ կը նախատեսուի իրականացնել նաեւ Լիբանանի մէջ: Կրկին նախարարի այցին ընթացքին՝ եղած են համապատասխան համաձայնութիւններ:

«Կը նախատեսենք խթանել զբօսաշրջային այցելութիւնները, որովհետեւ լիբանանեան շուկային մէջ կը տեսնենք լուրջ հնարաւորութիւններ: Ի դէպ, կարեւոր փաստի մը մասին եւս: Նախարարի հետ՝ Լիբանան այցելութեան ժամանակ որոշ գործարար կապեր ձեւաւորուած են, Հայաստանի մէջ արտադրութիւն հիմնելու համար: Ստորագրուած են յուշագրեր, յոյս ունինք, որ շուտով Լիբանանի հետ համատեղ արտադրութիւն պիտի ունենանք»,- աւելցուցած է Յովհաննէս Ազիզեան:

Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբերի վերջ ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Գարայեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը եղած է Լիբանան եւ Սուրիա: Տեղի ունեցած են հանդիպումներ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ, Պէյրութի մէջ իրականացուած է հայ-լիբանանեան տնտեսական համաժողով:

Եւրոպայի Հայերը 1.23 Միլիոն Եւրօ Կը Ներդնեն Հեռուստամարաթոն 2017-ին

0

Նոյեմբեր 15-19-ին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Հեռախօսամարաթոնը, որուն մասնակցեցան Հիմնադրամի` Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ եւ Յունաստանի տեղական մարմինները:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը յայտնէ, որ 4 օր շարունակ Հիմնադրամի կամաւորները կը զանգահարէին եւրոպական երկիրներուն մէջ ապրող հայ ընտանիքներուն եւ կազմակերպութիւններուն՝ ներկայացնելով Հիմնադրամի Նոյեմբերի 23-ին կայանալիք Հեռուստամարաթոն «Բերքառատ Արցախ»ը եւ նպատակները։

Աւելի քան 9900 եւրոպահայ ընտանիք եւ կազմակերպութիւն միացեր է հանգանակութիւններուն, եւ այսպիսով Եւրոպայի հայերու կատարած ներդրումը Հեռուստամարաթոն 2017-ին կը կազմէ 1,23 միլիոն եւրօ։ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ամէնամեայ հեռուստամարաթոնին ընդառաջ՝ Հիմնադրամի տեղական մարմինները տարբեր երկիրներու մէջ կը կազմակերպեն նմանօրինակ երեկոյթներ գումար հաւաքագրելու համար։

«Բերքառատ Արցախ» խորագիրը կրող մարաթոնի թեման Արցախի ոռոգման համակարգի կառուցումն է եւ արեւային ուժանիւթի կայաններու տեղադրումը:

Ատոմ Էգոյեան Հնդկաստանի Միջազգային Փառատօնին Մրցանակ Պիտի Ստանայ

0

Յայտնի գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էգոյեան պիտի պարգեւատրուի Lifetime Achievement մրցանակով Նոյեմբեր 20-ին մեկնարկող «Հնդկաստանի միջազգային շարժանկարի փառատօն 2017»-ի (IFFI) ընթացքին:

 

Ըստ «Փանարմինիըն»-ի՝ հնդկական «United News» լրատուամիջոցի փոխանցմամբ, Հնդկաստանի տեղեկատՈւութեան եւ հեռարձակման նախարար Սմրիթի Իրանին իր թուիթըրեան էջին վրայ հրապարակած գրառման մէջ կը յայտնէ, որ փառատօնի ընթացքին բեմադրիչին նկարած ` «Քաղցր ապագան», «Էքզոթիքա» եւ «Յիշել» երեք շարժանկարներուն յատուկ ցուցադրութիւն պիտի կազմակերպուի:

Աշխարհահռչակ բեմադրիչ, գրող եւ արտադրող Ատոմ Էգոյեան մեծ ներդրում ունեցած է համաշխարհային շարժանկարի զարգացման գործին մէջ: Անոր ֆիլմերուն մէջ կը համադրուին բուռն զգացումներն ու արհեստագիտական ինքնատիպ լուծումները, որոնք հանդիսատեսին կը բացայայտեն տարբեր հիմնախնդիրներ: Եգիպտահայ ընտանիքի մէջ ծնած Ատոմ Էգոյեան, Թորոնթոյի համալսարանին մէջ հայոց պատմութիւն ուսանելու տարիներուն, շատ բան կը բացայայտէ իր ազգային մշակոյթի եւ պատմական անցեալի մասին: Ան մեծ հետքրքրութեամբ կը սկսի ուսումնասիրելու 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որու ընթացքին 1.5 միլիոն հայ սպաննուած է Թուրքիոյ մէջ:

«Ան իր գործունէութեան հիմնական շարժիչ ուժը ֆիլմարտադրութեան մէջ կը համարէ մոռցուած պատմութեան վերհանումը»,- կը գրէ աղբիւրը:

Էգոյեան նկարած է 15 լիամետրաժ ֆիլմ, ստեղծած է քանի մը հեռատեսիլային նախագիծեր եւ կարճամետրաժ ֆիլմեր: Բեմադրիչին «Արարատ» ֆիլմը անոր առաջին գործն է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:

Մանկական Եւրոտեսիլ 2017. Հայաստանի Ներկայացուցիչը Ելոյթ Պիտի Ունենայ Չորրորդը

0

Մանկական Եւրոտեսիլ 2017 երգի մրցոյթի մասնակից երկիրներու վիճակահանութիւնը Նոյեմբեր 20-ին կայացած է Թիֆլիսի ազգային խորհրդարանական գրադարանին մէջ ձեռնարկի բացման պաշտօնական արարողութեան ժամանակ։ Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, կը տեղեկացնէ «Sputnik»-ը:

Երգի մանկական տասնհինգերորդ ամէնամեայ մրցոյթը Նոյեմբեր 26-ին տեղի պիտի ունենայ Թիֆլիսի Ողիմպիական պալատին մէջ: Այս տարուան կարգախօսն է «Վառ շողա»: Հայաստանը ներկայացնող Միշան 16 մասնակիցներու մէջ ելոյթ պիտի ունենայ չորրորդը: Մրցոյթը պիտի բանայ Կիպրոսի ներկայացուցիչ Նիքոլ Նիքոլաուն, իսկ պիտի եզրափակէ Իտալիոյ ներկայացուցիչ Մարիա Իսիտէ Ֆիորէն: