Կիրակի, 27. 07. 2025

Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի ԵԱՀԿ-ի Կազմակերպած Քրիստոնեաներուն Դէմ Գործադրուած Ատելութեան Յանցագործութիւնները Կանխարգիլելու Եւ Հակազդելու Խորհրդաժողովին

0

21 – 22 Նոյեմբեր 2017-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեաներուն դէմ գործադրուած ատելութեան յանցագործութիւնները կանխարգիլելու եւ hակազդելու խորհրդաժողով մը։ «Կանխարգիլել եւ հակազդել Քրիտոնեաներուն եւ այլ Կրօնական Խումբերու Անդամներուն Դէմ Գործադրուած Ատելութեան Յանցագործութիւնները – Հեռանկարներ՝ ԵԱՀԿ-էն ու Անդին» խորագիրով խորհրդաժողովը կազմակերպուած էր ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան եւ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական Հաստատութիւններու եւ Մարդկային Իրաւանց Գրասենեակին կողմէ եւ հիւրընկալուած Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարարութեան կողմէ:

Սոյն խորհրդաժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց իրաւաբան եւ միջազգային օրէնքի մասնագէտ տիար Գէորգ Յակոբճեանը:

Խորհրդաժողովին ելոյթ ունեցան Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը, Ռուսիոյ Արտաքին  Գործոց Փոխնախարարը, Վատիկանի ներկայացուցիչը ու ԵԱՀԿ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ դիւանագէտներ։ Խորհրդաժողովին զանազան նիստերով քննարկուեցան քրիտոնեաներուն եւ այլ կրօնական խումբերու դէմ գործադրուած ատելութեան յանցագործութիւններու երեւոյթը, տեղական-տարածաշրջանային ու միջազգային գործընթացները, զանոնք կանխարգիլելու եւ հակազդելու ծրագիրները, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան դերը խտրականութեան, անհանդուրժողականութեան եւ քրիստոնեաներու իրաւունքներու ոտնահարման մարտահրաւէրները դիմագրաւելուն մէջ:

 

 

 

Գրական Ներկայացում. Խորհրդահայ Չափածոն

0

*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Ուրբաթ, 17 Նոյեմբերի երեկոյեան, Կլենտէյլի կեդրոնական գրադարանի հանդիսասրահը ժամադրավայրն էր գրասէր ընտրանիի մը, որ եկած էր` ներկայ գտնուելու Լոս Անճելըսի ԹՄՄի կազմակերպած գրական ներկայացման։ Միջոցառումը ընթացք առաւ մասնաճիւղի փոխ ատենապետ Բարսեղ Գարթալեանի բացման խօսքով, որ պատրաստուած հակիրճ նախաբանով մը շեշտեց կարեւորութիւնը խորհրդահայ չափածոյին ու անոր բերած նպաստը արեւելահայ գրականութեան մէջ։ Ապա Գարթալեան հանգամանօրէն ներկայացուց միջոցառման զեկուցաբեր Դոկտ. Գառնիկ Գալստեանը՝ նշելով նաեւ գաղութէս ներս անոր ունեցած տասնամեակներու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր հրատարակած գրական հատորին «ԹՄՄ Հայկաշէն Ուզունեան» գրական մրցանակին արժանանալը 2007 թուականին։ Դոկտ. Գալստեան համառօտ, բայց խնամուած ներկայացումը հրամցուց ներկաներուն՝ ի մասնաւորի անդրադառնալով խորհրդային շրջանին Հայաստանի մէջ կազմաւորուած գրական կառոյցներուն եւ հրատարակութեանց։ Ան յատկապէս նշեց անունները խորհրդային շրջանի չափածոյի տիտաններուն, որոնք արեւելահայ գրականութեան մէջ պիտի մնան իրենց բերած անփոխարինելի վաստակով: Համօ Սահեան, Յովհաննէս Շիրազ, Գէորգ Էմին, Սիլվա Կապուտիկեան եւ Պարոյր Սեւակ ներառուած էին Գալստեանի ներկայացուցած զեկուցման մէջ։

Ապա Գարթալեան հանգամանօրէն այս անգամ ներկայացուց ծանօթ հաղորդավար ու դաստիարակ-գրականագէտ Անահիտ Մարտիրոսեանը, որ իր կարգին անթերի մեկնաբանութեամբ ներկայացուց Գալստեանի նշած չափածոյի կարեւորութիւնը՝ որպէս գրական արժէք։

Պատկառելի գրական ներկայացում մըն էր կազմակերպուած միջոցառումը, որուն համար մեր պարտքն է շնորհաւորել կազմակերպիչները։

 

Շրջապտոյտ Դէպի Հայաստան «Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-Ի 50-Ամեակին Առթիւ

0

Կազմակերպութեամբ Հայաստանի Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնադրամին 7-17 Հոկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ դէպի Հայաստան շրջապտոյտ մը, որուն մասնակցեցան ՃՅՁ-ի Լիբանանի, Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաներ, Միացեալ Նահանգներէն՝ Երիցական Եկեղեցւոյ պատասխանատուներ եւ այլ քաղաքացիներ:

Այցելուները առիթ ունեցան տեսնելու մատենադարանը եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկն ու Ծիծեռնակաբերդ յուշակոթողը, ինչպէս նաեւ այցելեցին Նորավանք ու Խոր Վիրապ,  Տաթեւի վանք, Սեւանայ լիճ, Գեղարդ ու Գառնի եւ ծանօթացան հայկական ճարտարագիտութեան ու խաչքարերուն: Անոնք հիացան՝ տեսնելով հինաւուրց եւ թանկարժէք գանձերը մեր մշակոյթին ու պատմութեան եւ մօտէն ծանօթացան տարբեր շրջաններու, ինչպէս՝ Արմաւիր, Կիւմրի, Աղուերան  ու Գորիս: Այցելուները ականատես եղան Հայաստանի Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնադրամի կարգ մը բարգաւաճման ծրագիրներու գործունէութեան՝ այցելելով իրենց զանազան աշխատանքներուն,  եւ մասնակցութիւն բերին զանազան ծրագիրներու՝ իրենց խորհուրդը եւ փորձառութիւնը փոխանցելով ուսանողներուն եւ գիւղատնտեսներուն:

Հոկտեմբեր 8-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ  Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ  ընդունեց այցելուները գլխաւորութեամբ ՃՅՁ-ի  հոգաբարձութեան խորհրդատու մարմնի անդամ Մայքըլ Յարաթիւնեանի եւ իր կնոջ Մարիին, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու Երիցական Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Առաքելութեան տնօրէն Վերապատուելի Խօսէ Լուիս Քասալը եւ Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի Ամերիկայի գրասենեակի տնօրէն Էլիզա Մինասեանը:

Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնադրամը Հայաստանի մէջ իրագործած է զանազան ծրագիրներ՝ օգտակար դառնալով երկրին, յատկապէս դժուար տարիներուն ու կարեւոր ներդրում բերած է Մայր Աթոռի թեմերու աշխատանքներուն ու հոգեւոր կառոյցներուն եւ իրականացուած կրթական, ընկերային եւ համայնքային ծրագիրներուն:

Հանդիպման աւարտին ան պատասխանեց հիւրերուն հարցումներուն, ապա այցելելէ ետք թանգարան անոնք ներկայ գտնուեցան Ս. պատարագին:

14 Հոկտեմբերին Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկը Երեւանի Գ. Սունդուկեան Ազգային ակադեմական թատերասրահին մէջ տօնեց գործունէութեան 50-ամեակը:

Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի Ամերիկայի գրասենեակի տնօրէն տիկին Էլիզա Մինասեան բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ Հիմնադրամը ստեղծուած է Վարդան Ճինիշեանի կտակին համաձայն եւ  բազմաթիւ ծրագիրներ  իրագործուած են Սուրիա, Լիբանան, Հայաստան եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ՝ օգնելով առողջապահական, ընկերային  եւ համայնքային զարգացման մարզերուն մէջ:

Ապա խօսք առաւ Սփիռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ ըսաւ, թէ  շնորհակալ է «Ճինիշեան»-ի աջակցութեան համար, որովհետեւ օժանդակած է ջաւախքահայութեան եւ վրացահայութեան, ինչպէս նաեւ օգնած է  Հայաստանի, Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի հայերու զարգացման: Ապա ան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ պարգեւագիր մը փոխանցեց «Ճինիշեան»-ին, ինչպէս նաեւ մետալ մը՝ ազգին ծառայութեան համար: Իսկ Միացեալ Նահանգներու Երիցական Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Առաքելութեան տնօրէն Վերապատուելի Խօսէ Լուիս Քասալ տուաւ յուշանուէրներ «Ճինիշեան»-ի Միացեալ Նահանգներու խորհրդատու մարմնի ատենապետուհի տիկին Վիքի Չոփուրեան-Կերթին եւ տիկին Էլիզա Մինասեանին:  Յաջորդաբար խօսք առին Սուրիոյ տնօրէն տիկին Թալին Թոփալաքեան, Լիբանանի տնօրէն օրդ. Փօլին Սաղըրեան եւ Հայաստանի տնօրէն տիար Արմէն Յակոբեան, իսկ վրացահայոց թեմի Առաջնորդին կողմէ եկած պատուիրակութիւնը արուեստի գործ մը նուիրեց՝ իբրեւ գնահատանք «Ճինիշեան»-ի  գործունէութեան Վրաստանի մէջ:

50-ամեակին նուիրուած ընդունելութենէն ետք հիւրեր եւ ժողովուրդէն հրաւիրեալներ ներկայ գտնուեցան Յ. Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկաններ» գիրքէն առնուած եւ մասնաւորաբար 50- ամեակին առթիւ պատրաստուած երաժշտախառն թատերախաղին , որուն բացման խօսքին մէջ տիկին Էլիզա Մինասեան բեմ հրաւիրեց տարիներով  Ճ.Յ.Ձ.-ին ծառայած պաշտօնեաներն ու խորհրդատու մարմնի անդամներ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց անձնուէր ծառայութեան համար:

Հայաստան շրջապտոյտին մասնակցողները մեկնեցան՝ իրենց հետ տանելով անմոռանալի յիշատակներ եւ նորանոր գիտելիքներ հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթին եւ արժէքներուն մասին, ինչպէս նաեւ մօտէն ծանօթացան  «Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի լայնածաւալ գործունէութեան՝ ի նպաստ հայ ժողովուրդին:

 

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանը Կը Տօնէ Լիբանանի Անկախութիւնը

0

Անկախութիւնը ամէնօրեայ յամառ պայքար է: Ան հզօր պետութեան մը մենաշնորհը չէ միայն, այլ ունի սեւէն ճերմակ ինկած բոլոր երանգները՝ մռայլ պարտութենէ մինչեւ վառ յաղթանակ: Ան իր մէջ կը պարփակէ մեծ իմաստ, զոր կարելի չէ պարզել մէկ եւ ընդհանրական միտքի մը մէջ: Իւրաքանչիւր անհատ տարբեր ձեւով կ’ընկալէ զայն եւ կը դաստիարակուի ըստ այդ ուղղութեամբ, որ ինք ընտրած է:

Երկիրի մը անկախութիւնը իր կարգին իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ անհատի մը հոգեմտաւոր կազդուրման եւ ազատ արտայայտուելու, կերտելու եւ ապրելու ուղիին մէջ:

Խիստ կարեւոր է մատղաշ սերունդի միտքին մէջ յստակացնել եւ ամրապնդել անկախութեան գաղափարը ու անոր կարեւորութիւնը: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տօնակատարութիւնը ընթացաւ յատուկ երանգաւորումով, որովհետեւ աշակերտներու պատրաստած  յայտագրին կողքին, իր ներկայութեամբ եւ սրտի խօսքով պատուեց նաեւ լիբանանեան բանակի սիրուած եւ օրինակելի նախկին հրամանատար Զօր. Նարեկ Աբրահամեանը, որ, ընդառաջելով վարժարանիս հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան հրաւէրին, այսօր մեր մէջ գտնուեցաւ՝ իբրեւ հիւր:

Այս յիշատակելի օրը՝ Ուրբաթ, 21 Նոյեմբեր 2016   վարժարանին մէջ կը տիրէր խանդավառ մթնոլորտ մը: Վարժարանիս արաբերէն լեզուի ուսուցչուհիներու ցուցմունքներուն հետեւելով՝ իւրաքանչիւր անձ գործի գլուխ անցած՝ կ՛ուզէր իր լաւագոյնը տալ` պատշաճ ձեւով կազմակերպելու Լիբանանի անկախութեան յուշատօնը:

Հանդիսութեան ներկայ էին վարժարանիս հոգաբարձութեան անդամները, ինչպէս նաեւ ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան: Աշակերտները վարժարանիս հանդիսասրահին մէջ Լիբանանի քայլերգը երգելէ ետք վարժարանիս նախակրթարանի Ա., Բ. եւ Գ. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին զինուորական շքերթ՝ միաձայն երգելով լիբանանեան ռազմահայրենասիրական երգ մը ղեկավարութեամբ վարժարանիս երգի ուսուցիչ Պրն. Արեգ Տաղլեանի, որմէ ետք արաբերէն լեզուի դասատու Տիկ. Նաժուա Եազպէք ներկաներուն փոխանցեց անկախութեան առիթով պատրաստած իր խօսքը, ուր ան վեր առնելով անկախութեան վեհ գաղափարը՝ անոր շունչով դաստիարակուող Լիբանանցի սերունդին կոչ ուղղեց մէկ դրօշակի տակ վերակազմաւորման եւ վերամիաւորման՝ ամրապնդելով Լիբանանի սահամանները, կառչած մնալով անոր սկզբունքներուն, ձեռք-ձեռքի տալով բարգաւաճեցնելու եւ զարգացնելու համար երկիրը, առաւել եւս անքակտելի պահելով Հայաստան-Լիբանան ամրակուռ կապը: Ապա խումբ մը միջնակարգ դասարանի աշակերտներ ներկայացուցին ազգագրական Լիբանանեան պար (տապքէ):

Հայկական եւ Լիբանանեան ռազմահայրենասիրական երգերով նախակրթարանի Ե. եւ Զ. դասարանի աշակերտները ճոխացուցին մթնոլորտը, որուն յաջորդեց փոքրիկ բեմականցում Լիբանանի անկախութեան մասին՝ խումբ մը աշակերտներու կողմէ, որմէ ետք Դ. դասարանի աշակերտ Ալեքս Գոճայեան արաբերէն աղօթք մը ձօնեց Լիբանանին, որուն յաջորդեց՝ Լիբանանի բնաշխարհը, ճարտարապետութիւնը եւ մշակոյթը ներկայացնող սահիկներու ցուցադրութիւն պատրաստութեամբ Պրն. Պետրոս Սագապետոյեանի:

Պատուարժան հիւրին՝ Լիբանանեան բանակի նախկին հրամանատար Զօր. Նարեկ Աբրահամեանի կենսագրականը համառօտ ներկայացուց վարժարանիս արաբերէն լեզուի ուսուցիչ Տիկ. Նաժուա Եազպէք, ուր ան կրկին անգամ արժեւորեց Զօրավարի կեանքին կարեւոր հանգրուանները, տարած ծառայութիւնները Լիբանանեան հայրենիքին ու մասնաւորաբար Լիբանանեան բանակին, ինչպէս նաեւ մատնանշեց, որ, ըլլալով Այնճար հայաւանի ծնունդ, ան իր հայրենանուէր մասնակցութիւնը նաեւ բերած է Արցախեան բանակի կազմաւորման մէջ՝ տալով իր անսակարկ խորհուրդներն ու փորձառութիւնը, որմէ ետք ան բեմ հրաւիրեց յարգելի հիւրը:

Զօր. Աբրահամեան բովանդակալից ու մարմնակրկիտ բացատրութեամբ ներկաներուն փոխանցեց  Լիբանանի պատմութիւնը իր բազմաթիւ հանգրուաններով. անոր կերտած դաժան ուղին, Լիբանանցիին դիմագրաւած այլազան դժուարութիւնները՝ հասնելով մինչեւ փառապանծ անկախութիւն, որ տակաւին այնուհետեւ շարունակելով այդ յաղթերթը՝ իր ներկայութիւնը կը հաստատէ համաշխարհային քարտէսին վրայ: 

Ձեռնարկին աւարտին վարժարանիս տնօրէնուհին փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն: Ապա վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ Տոքթ. Յովիկ վարդանեան  յուշանուէրով պատուեց Լիբանանի նախկին հրամանատար Զօր. Աբրահամեանը:

Իսկ մանկապարտէզի մեր փոքրիկները եւս նշեցին Լիբանանի Անկախութեան Տօնը։ Անոնք իրենց մանկական շունչով ու  անմեղ ոգիով երգեցին ու արտասանեցին սիրելի Լիբանանին համար։ Իրենց պատրաստած կարմիր սիրտերով, ճերմակ աղաւնիներով եւ կանաչ թաթիկներով կազմեցին լիբանանեան հսկայ դրօշակ մը, բեմականացուցին անկախութեան խորհուրդը, դրօշակները բարձր բռնելով՝ տողանցեցին մանկապարտէզի մուտքին։ Իսկ տուն վերադարձին իրենց կուրծքին վրայ ունէին սրտաձեւ լիբանանեան դրօշակը, զորս նախապէս  պատրաստած էին։

Վահան Թէքէեան Վարժարանի
 Լրատուական Գրասենեակ

 

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ Կը Նշուի Լիբանանի Անկախութեան 74-Րդ Տարեդարձը

0

Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան տօնին նուիրուած ատենամարզանք ներկայութեամբ վարժարանիս տնօրէն գերյարգելի հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Եղիայեանի, հիւր բանախօս զօրավար Մանուէլ Քիրէճեանի, ակադեմական մեծաւորուհի Օրդ. Նելլի Տէր Ղազարեանի, վարչական մեծաւոր Պրն. Արամ Գարատաղլեանի, վարժարանիս անձնակազմին, աշակերտութեան եւ ծնողներու հոծ բազմութեան:

            Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով 11-րդ դասարանի աշակերտուհի Դուին Էքշեան ըսաւ, որ բանաստեղծները միշտ ալ գովերգած են Լիբանանը ու անոր ուրախալի առիթները, մանաւանդ իւրայատուկ տօնը անկախութեան, որ յիշատակն է ազատութեան եւ արժանապատուութեան: Ան նշեց, թէ բոլորս կը մեծնանք մեր հայրենիքով ու հայրենիքը կը մեծնայ մեզմով, կ’ուրախանանք իրեն համար, որ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, կրցաւ դիմադրել ու տոկալ եւ անկարելին իրագործել իր անկախութեամբ եւ ժողովուրդին միասնականութեամբ:

Յայտագրի առաջին բաժնով մանկապարտէզի աշակերտները լիբանանեան հայրենիքին ու դրօշակին նուիրուած արտասանութիւն եւ երգ կատարեցին հայերէնով եւ արաբերէնով: Յաջորդաբար բեմ բարձրացան Ա. դասարանի աշակերտները՝ բանաստեղծութեամբ, արուեստից բաժանմունքէն խումբ մը՝ երգով, 6-րդ կարգի աշակերտները՝ թատերական երաժշտախառն ներկայացումով, 2-րդ, 3-րդ եւ 5-րդ դասարանի աշակերտները՝ երգերով, 4-րդ եւ 7-րդ դասարանները՝ ասմունքներով, իսկ 8-րդ դասարանը՝ լիբանանեան զաժալով:  

 Օրուան հիւրը զօրավար Մանուէլ Քիրէճեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ անկախութիւն կը նշանակէ որոշելու ազատութիւն ունենալ առանց որեւէ կողմի միջամտութեան: Ան ըսաւ, թէ 1943-ին լիբանանցիները անկախութիւն ձեռք բերին իրենց հայրենիքին, զոր կը բաղկանայ հողէ ու ժողովուրդէ, եւ ժողովուրդն է, որ կը պահպանէ իր երկրին հողը: Պետութիւնը իր կարգին տէր կը կանգնի անկախութեան, որպէսզի ժողովուրդը ապրի արժանապատուութեամբ: Ան մղեց աշակերտները՝ որպէս նոր սերունդի անդամներ,  ուսումի եւ աշխատանքի ճամբով սատարելու անկախութեան պահպանման՝ այդպիսով ծառայելով հայրենիքին: Ան նաեւ վեր առաւ բանակին դերը, որ ոչինչ կը խնայէ պաշտպանելու համար երկիրը եւ անոր անկախութիւնը: Ապա աշակերտները դիտեցին զօրավարին ներկայացուցած տեսաերիզը՝ բանակին սխրագործութիւններուն մասին:

Գերյարգելի Եղիայեան խօսք առնելով՝ ըսաւ, որ, ըստ փիլիսոփաներուն, Աստուծոյ սիրողը կը սիրէ նաեւ իր հայրենիքը, ուստի բոլորս կոչուած ենք՝ պահպանելու այս գեղեցիկ երկիրը, տէր կանգնելու եւ ծառայելու մեր երկրորդ հայրենիքին: Ան ըսաւ, որ այս էր այսօրուան հանդիսութեան ուղղած պատգամը՝ միաժամանակ շնորհաւորելով ու շնորհակալութիւն յայտնելով այս յայտագիրը պատրաստող ուսուցիչներուն եւ զայն ներկայացուցած աշակերտներուն:

             Հուսկ, տնօրէն հայրը եւ զոյգ մեծաւորները յուշանուէրով մը պատուեցին զօրավար Քիրէճեանը:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 

 

 

 

Չեմ Սիրեր Երբ…

0

ՌՈՒԲԻՆԱ ՄԱՀՏԵՍԻ ՕՀԱՆԵԱՆ

Ի՞նչպէս կ’ընկալենք մեր շրջապատն ու մեր անձը: Ի՞նչպէս  կ’ընկալենք աշխարհը: Մե՞ր աչքերով: Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ ըսել «մեր աչքերով»:

Մարդու մօտեցումներու, ընկալումներու եւ աշխարհահայեացքի ձեւաւորման մէջ դերակատար են բազմաթիւ գործօններ: Այստեղ հասարակական – հոգեբանական հարց չքննարկենք: Տեղը չէ, ոչ ալ ես նպատակ ունիմ ընելու ատիկա: Բայց առօրեայ մեր կեանքի ընթացքին՝ «հեռու եւ մօտիկ ընկերներու» հետ շփման ժամանակ, իրենց հետ հեռու եւ մօտիկ «զրոյց ունենալու» ատեն կրնաս զգալ եւ գիտնալ շատ բան… Թէ ինչքանո՛վ իրենք իրենց ու աշխարհը կը զգան ու կը տեսնեն իրենց աչքերով:

    Գի՞րքը, ստացած տեղեկութիւննե՞րը, առհասարակ ընթերցանութի՞ւնը: Այո՛, թերեւս, կամ՝ անպայման դեր ունին մեր մտքերու ձեւաւորման մէջ: Բայց ո՞ր մէկն է վատը: Երբ կարդացուածը կ’իւրացնենք ոչ թէ մեր մէջ այդ համոզումները խորացնելով (որ պիտի ունենայ սեփական փորձի հիմք), այլ այսինչ կամ այնինչ մեծանուն եւ համբաւ ունեցող մարդու ընկալած ճշմարտութիւնը միայն մէջբերելով (այդ ճշմարտութիւնը հիմք ունի նոյն այդ անհատի կենսափորձի մէջ): Որեւէ գէշ բան չկայ ուրիշներու (եւ մեծերու) մտքերուն հետ ծանօթանալու մէջ, այդ մէկը մասամբ լաւ է անպայման: Բայց երբ այս տողը ըսենք ու կրկնենք միայն անոր համար, որ  ըսած է այսինչ ու այնինչ հռչակաւոր անձը, ահա ասիկա է, որ կը դառնայ անհաղորդ ու անհրապոյր, բան մը, որ  կը զգաս հեռուէն կամ մօտիկէն՝ «հեռու եւ մօտ ընկերներէն» եւ բոլորէն՝ առհասարակ: Ինչ, որ սխալ բան կայ մը այստեղ:  Կարելի չէ ո՛չ հաւնիլ ոչ ալ չհաւնիլ ուրիշի մը ըսած ճիշդ խօսքը, որ, այս պարագային, հարցին ոչ-մէկ առնչութիւն ունեցող անձը կ’ըսէ :

    Եւ թող չիյնանք ծայրայեղութիւններու գիրկը: Պէտք չէ ամէն մարդ իր կեանքին մէջ փորձէ այն ամէնը ինչ կատարած է մարդկութիւնը՝ իր ծննդեան օրէն սկսած: Կրակի գիւտ պէտք չէ ընել կամ, ինչպէս կ’ըսեն Հայաստանի մէջ (հաւանաբար ռուսերէնէն թարգմանուած է), պէտք չէ նորէն հեծանիւ յօրինել: Այո՛, պէտք չէ անգամ մը եւս ապրիլ ամբողջ մարդկութեան կենսափորձը: Բայց այստեղ կայ  շատ կարեւոր հարց մը՝ կապուած մարդու աշխարհընկալումին ու աշխարհահայեացքին, որ մտային է, հոգեկան է, բարոյական է, եւ այս հարցերուն պարագային մարդկութիւնը չէ հասած վերջակէտին: Ինչպէս որ ամէն օր զարգացող մեր աշխարհը չէ հասած իր ստեղծագործութիւնների աւարտին: Մէկը միւսի հետ փոխկապուած է: Ստեղծարար միտքն ու հոգին կը ստեղծեն նոր աշխարհ, եւ ստեղծարար միտք ու հոգի ունենալու համար բաւական չէ կարդալ ու ծանօթանալ մեծերու խօսքերուն ու իրենց եզրակացուցած  ճշմարտութիւններուն հետ (ինչքան ալ այդ եզրակացուցածը ճիշդ ըլլայ ու ճշմարիտ): Բաւական չէ: Այդ մեզի կ’օգնէ շատ բան գիտնալ իրենց հոգեկան աշխարհի եւ մտայնութեան մասին, բայց չէ՞ որ այդ հոգին իրենցն է եւ ոչ մերը: Եւ ինչքան ալ բուռն ու խանդավառ մէջբերենք այդ միտքերը, ինչքան ալ հիանանք այդ մտքերով, եթէ մեր քով կը պակսի անոնց նկատմամբ անկեղծ հաւատքը, եթէ մենք մեր ամբողջ հոգիով ու էութեամբ չենք ընդունիր անիկա՝ որպէս  մեզմէ մաս մը, մէկ է, ըսուած խօսքն ու ճշմարտութիւնը կը դառնայ միայն կեղեւ՝ միջուկէն պարպուած:

    Այո՛, անառարկելի են ուղենշային շատ խօսքեր ու ճշմարտութիւններ: Բայց փակե՞նք մեր մտքի սահմանները՝ մնալով գիրքերու սահմաններուն մէջ: Ու պարտադրե՞նք գրքերէն մեր սորվածը մեզի ու մարդկային հասարակութեան: Ասիկա է, որ դատապարտելի է ու խնդրայարոյց: Թերեւս մաքառինք մեր ամբողջ կեանքը գիտնալու համար աշխարհի եւ մարդկութեան գոյութեան իմաստը: Թերեւս ամբողջ կեանք մը տեւէ գիտնալու ատիկա, եւ վերջաւորութեան եզրակացնենք նոյնը ինչ եզրակացուցած են մեր մեծերը: Բայց չէ՞ որ այդ մաքառումներու արդիւնքը ապրած կեանքով մեր եզրակացուցածը նոյն ինքը ԿԵԱՆՔՆ է ու ԿԵԱՆՔԻ ԳԱՂՏՆԻՔԻ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄԸ, որ մեզի համար հաւասար է նոր գիւտի, նոր ձեռքբերման հետ՝ անվերջանալի պայքարի շնորհիւ :

    Ոչ անիմաստ կրկնենք ուրիշի ապրած կեանքը, ոչ ալ բաւարարուինք ուրիշի եզրակացութիւնը՝ որպէս մերը ընդունելով, երբ այդ զգացումն ու ընկալումը չենք ապրած իւրովի ու մեր սեփական կեանքով: Ստեղծենք ՄԵՐԸ՝ մեր ունեցած հնարաւորութիւններով ու կարելիութիւններով: Մեր իրական ձեռքբերումն է ՄԵՐԸ, այլապէս գիրքերու աշխարհը թափառելով եւ այդ աշխարհին ոչ մէկ բան աւելցնելով՝ կը մնանք լաւ քարոզող ու լաւ ճառախօսող, որ գոնէ ինծի պէտք չէ ատիկա, եւ չեմ ուզեր այդ վիճակին մէջ մնան (կամ մատնուին) իմ «հեռու եւ մօտիկ ընկերները»:

    Այո՛, ծանօթանանք այլոց ընկալումներուն, կարդանք շատ, ուսումնասիրենք շատ, բայց  մտքի ազատութիւն տանք մեզի՝ ապրելու եւ արարելու մերը, որ թերեւս վեր ըլլայ մինչեւ այսօր եղած շատ ընկալումներէ ու գաղափարներէ: Տանք ազատութիւն՝ աշխարհը տեսնել ոչ թէ գիրքերու աշխարհէն իւրացուցած օրէնքներով ու չափորոշիչներով, այլ մեր կարդացածը խթան համարենք մեր սեփականը կառուցելու համար: Թող որ այդ մէկը ըլլայ չնչին, ըլլայ աննշան, բայց մերը ըլլայ՝ հեռու բոլոր տեսակ կեղծ կրկնութիւններէ ու մէջբերումներէ, հեռու բոլոր տեսակ ճառերէն ու քարոզներէն: Մեծերուն նմանելու եւ կատարեալ ըլլալու համար, չսխալելու համար չկասեցնենք մեր մտքի թռիչքը, չկասեցնենք մեր մտքի ազատութիւնը: Եւ միայն այդ պարագային, ինչքան ալ թերի ըլլայ մեր եզրակացութիւնը,  կ’ընկալուի մարդոց հոգիով ու սրտով, որ անհրապոյր չի կրնար ըլլալ եւ անպայման իր ազդեցութիւնը կ’ունենայ մեր շրջապատին վրայ «հեռու եւ մօտիկ ընկերներու» մօտ եւ… աշխարհի մէջ:

Մեր Պաշտօնակիցին Բարի եւ Կանաչ Երթ Դէպի 100-Ամեակ

0

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Երէկ երեկոյեան նշուեցաւ «Զարթօնք»-ի սերնդակից «Արարատ» օրաթերթի պատուաբեր 80-ամեակը:

Իր հիմնադրութենէն ի վեր «Արարատ» լիբանանահայ միւս թերթերուն շարքին միշտ ալ բարձրաձայնած է լիբանանահայութիւնը, սփիւռքահայութիւնը եւ հայրենիքը յուզող հարցեր եւ առանցքային խնդիրներ՝ հետամուտ ըլլալով անոնց լուծման:

80 տարիներ շարունակ «Արարատ» իր կուռ խմբագրականներով եւ յօդուածներով հանդիսացած է խօսքի ազատութեան ամրոցներէն մին:

80 տարուան անխափան երթի տարբեր հանգրուաններուն՝ «Արարատ»-ի ղեկին վրայ աներեր կանգնած եղած են մեր նախնիներու սերնդակից եւ իրենց գործին ու պատասխանատուութեան քաջ գիտակ խմբագիրներ եւ աշխատակիցներ, որոնց անդուլ աշխատանքին շնորհիւ թերթը հասած է մեր օրերուն:  

«Արարատ» այս տարի, ինչպէս «Զարթօնք»ն ու զիրենք նախորդող «Ազդակ»-ը իրենց 80 եւ աւելի ամեակները կը բոլորէն, երբ Լիբանան կ՛ապրի տագնապալի օրեր: Երբ հայ  ժողովուրդի թշնամին իր ոտնձգութիւններով տակաւին կը շարունակէ խախտել Հայաստանի եւ Արցախի անդորրը: Երբ մատաղ տարիքի մեր  երիտասարդները կը շարունակեն անմահանալ եւ հերոսանալ մարտի դաշտերուն վրայ: Երբ Սփիւռքը իր լաւագոյն օրերը չապրիր: Երբ արեւմտահայերէնը կը նահանջէ: Երբ ընթերցասիրութիւնը արժէք մը չէ: Երբ տպագիրը մահամերձ է …:

Կը հա­ւա­տամ, որ պայ­ման­նե­րը որ­քան որ բար­դա­նան՝ մեր պայ­քա­րե­լու, դի­մադ­րե­լու տրա­մադ­րու­թիւնն ալ այն­քան պի­տի բարձ­րա­նայ։ Ա­նոնք, ո­րոնք նուի­րուած են այս պայ­քա­րին, քաջ գիտեն որ պատ­մու­թեան առ­ջեւ ի­րենց պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնն է մնալ հա­մա­խումբ, միաս­նա­կան ու ներ­դաշ­նակ եւ չտա­րուիլ ար­հես­տա­կան գոր­ծօն­նե­րէ, ո­րոնք գե­տին կը պատ­րաս­տեն պա­ռակտ­ման։

«Արարատ»-ի սիրելի հարազատներ՝ տնօրէնուհի, գլխաւոր  խմբագիր եւ աշխատակիցներ, Ձեզի կը մաղթեմ բեղմնաւոր գործունէութիւն եւ նորանոր ու վսեմ յաջողութիւններու բարի, կանաչ եւ բաց ճանապարհ դէպի աւելի եւս լուսաւոր հարիւրամեակ:

 

 

 

 

Ի՞նչ Տեսք Կ՛ունենան Հայկական Նոր Թղթադրամները

0

Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը ներկայացուցած է շրջանառութեան մէջ ներդրուելիք երրորդ սերունդի թղթադրամներու նախագիծերը, կը հաղորդէ «armradio»-ն:

Նոր թղթադրամները շրջանառութեան մէջ պիտի դրուին 2018 թուականին:

Նոր 1000-դրամանոցը նուիրուած է  Պարոյր Սեւակին: 2000-դրամանոցը` ճատրակի ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանին: 5000-դրամանոցը` Ուիլիըմ Սարոյեանին, 10․000-դրամանոցը` Կոմիտասին, 20․000-դրամանոցը` Յովհաննէս Այվազովսքիին, 50․000-դրամանոցը` Գրիգոր Լուսաւորիչին:

100․000-դրամանոցներ այլեւս պիտի չթողարկուին:

Ներկայացուած է նաեւ 500 դրամ անուանական արժէքով 2017-ի թողարկման «Նոյեան տապան» հաւաքորդական թղթադրամի նախագիծը:

«The Week» Ամսագիրը Շաբաթուան «Երազանքի Ուղեւորութիւն» Ճանչցած է Հայաստանը

0

Բրիտանական «The Week» ամսագիրը, որ  ամէն շաբաթ իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ մէկ ուղղութիւն, այս անգամ «երազանքի ուղեւորութիւն» ճանչցած է Հայաստանը:

«Երբ դուն  Հայաստանի մէջ կը հանդիպիս հիւրընկալութեան, հազիւ թէ կարենաս զայն մոռնալ»,-ըսած է BBC-ի զբօսաշրջային լրագրող Պեն Լըրուըլ:

Լեռնային երկիրը յայտնի է օտարներուն իր առատաձեռնութեամբ ու մեծահոգութեամբ դեռ «Մետաքսի ճանապարհ»-էն, երբ անհամար վաճառականներ, զինուորներ ու գաղթականներ կ՛անցնէին անոր գեղեցիկ բնակավայրերով:

Հայկական Գինին Չինաստանի Մէջ Բաւական Մեծ Պահանջարկ Ունի. Գինեգործութեան Հիմնադրամի Տնօրէն

0

Նոյեմբեր 14-16 Չինաստանի մէջ իրականացած է գինիի Prowinchina ցուցահանդէս, որուն Հայաստանէն մասնակցած է 13 գործարան:

Այս մասին, ըստ «News.am»-ի, այսօր Երեւանի մէջ իրականացուող «Գինիի համաշխարհային միտումները եւ լաւագոյն փորձը. հետեւութիւններ ու առաջարկներ Հայաստանի համար» խորագիրով միջազգային եռօրեայ համաժողովին ծիրէն ներս լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարար Իգնատի Առաքէլեանը:

Իր հերթին, Գինեգործութեան հիմնադրամի տնօրէն Զառա Մուրատեան նշած է, որ հայկական տաղաւարին վրայ բաւական մեծ ուշադրութիւն եղած է: «Մենք ունեցած ենք մօտ 300 տարբեր այցելու: Մենք վերջերս վերադարձած ենք: Կը կարծեմ` շուտով պիտի կարենանք նաեւ արդիւնքներու մասին յայտնել»,- նշած է Մուրատեանը` աւելցնելով, որ չինացի գործընկերներու հետ կապի ժամանակ իրենք յաջողած են պարզել, որ հայկական գինին չինական շուկային մէջ ունի իր յատուկ տեղը եւ ընդհանուր առմամբ բարձր կը գնահատուի: