Երկուշաբթի, 28. 07. 2025

Լիբանանի Անկախութեան Տօնակատարութիւնը Հայ Աւետարանական Գոլէճին Մէջ

0

24 Նոյեմբեր 2017-ին ՀԱԳ-ի աշակերտները բազմաբնոյթ գործունէութիւններով նշեցին Լիբանանի անկախութիւնը:

Յատուկ լիբանանեան ուտեստեղէններով հիւրասիրուելէ ետք, աշակերտները իրենց ափի դրոշմով պատրաստեցին լիբանանեան դրօշակ մը` իրենց ինքնութեան մաս յայտարարելով լիբանանցիութիւնը: Հայրենասիրական երգերու մթնոլորտի մէջ անոնք խաղցան տոհմիկ լիբանանեան խաղեր:

Ճոխ գործունէութիւններէն ետք աշակերտները եւ ուսուցչական կազմը հաւաքուեցան հանդիսասրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն ներկայութեամբ բանակի հրամանատարութեան ներկայացուցիչներ  գնդապետ Ալա Պասպուսին, հարիւրապետ Միշէլ Սարժիին եւ կրտսեր հարիւրապետ Իմատ Մաթարին: Աշակերտական ելոյթներէ ետք խօսք առաւ հարիւրապետ Սարժի, որ տեսերիզով ներկայացուց բանակի կազմութիւնը եւ սխրանքները` շեշտելով անոր դերը անկախութեան պաշտպանութեան գործին մէջ: Հանդիսութեան աւարտին ելոյթ ունեցաւ արաբերէնի ուսուցիչ, բանաստեղծ Լամիհ էլ Հոր, որմէ ետք տնօրէն Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան գնդապետ Պասպուսին յանձնեց մայրիի ծառի տեսքով յուշանուէր մը փոխանցելու համար բանակի հրամանատարութեան:

Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ – ԺԹ – Սփիւռքը Նոյն Հայաստանն Է… Յովհաննէս Շարամպէյեանի Անուան Ժողովրդական Ստեղծագործութեան Կեդրոն

0

*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

 

Մշակոյթը … հոգեկան արկածախնդրութիւն է, վսեմ մի խենթութիւն,

որով տիեզերքը գալիս գտնում է իր իմաստը: Մշակոյթը պահանջում է մեծ ճիգ, հաւատք եւ զոհաբերութիւն` առաքինութիւններ,

որով հայ ժողովուրդը լիովին օժտուած է: 

Կոստան Զարեան

<<Զարթօնքը>> կը շարունակէ պտոյտները դէպի Հայաստանի մշակութային գանձարանները։ Այս շաբաթ մեր կանգառը Յովհաննէս Շարամպէյեանի անուան ժողովրդական ստեղծագործութեան կեդրոնին մէջ  է, որ ազգային մշակոյթի այն եզակի օճախներէն է, որուն առաքելութիւնն է նիւթական եւ ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան արժէքներու պահպանումը, շարունակականու­թեան ապահովումն ու հանրահռչակումը:

Մինչ թանգարանի պատմութեանն ու գործունէութեան անդրադառնալը, թանգարանի տնօրէն Յովիկ Հովեյեանը մեզ պատմեց էթնիք մշակոյթի կարեւորութեան եւ առանձնայատկութիւններուն մասին, իսկ թանգարանի պատմութեան եւ հաւաքածոներու մասին զրուցեցինք թանգարանի գիտական քարտուղար Նանէ Բագրատունիի հետ:

<<Էթնիք մշակոյթը ժամանակ չյիշող եւ ժամանակի մէջ  չծերացող  մշակոյթ է, որովհետեւ որեւէ քաղաքակրթական,  խոհափիլիսոփայական, իմացաբանական  դրսեւորում , երեւութաբանութիւն տեղ մը դադար կ’առնէ, կամ իրեն պիտի բարեշրջես: Ազգագրութիւնը, աւանդականը բարեշրջումներու կարիք չունի. բարեշրջուած աւանդականը արդէն իսկ ուղի է դէպի այլ մշակոյթ, այլ տարածք, ուստի եթէ ժամանակի հեղինակը  սեպենք, որ արարիչն է, ապա ժամանակի մէջ չծերացողը  աւանդական արարիչն է:

Էթնիք մշակոյթը մասնաւորապէս հին քաղաքակրթութիւններ յիշող եւ կրող ժողովուրդներու համատիեզերական յիշողութեան ժառանգականութիւնը կրողն է, այսինքն` հայ երեխան դեռ չծնած ինքը արդէն գիտէ աւանդոյթը, կը յիշէ դիւցազներգութիւնը եւ այն ինչ որ կը սորվի խորքին մէջ չի սորվիր, պարզապէս կը վերանայի իր գիտցածը:  Թերեւս Հայաստանի հանրապետութեան միակ ժողովրդական ստեղծագործության կեդրոնը եւ թանգարանը մենք ենք եւ այս կեդրոնի նկատմամբ ցուցաբերած պետական հոգածութիւնը, գուցէ եւ աւելի կարեւոր է քան միջազգային ատեաններուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութիւնը , Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքականութիւնը կամ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութիւնը հանրահռչակելը :  Իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկ, եթէ չըսեմ հայ կամ Հայաստանի քաղաքացի, առաջնահերթօրէն եթէ բանական արարած է, ուրեմն անպայմնան պիտի ուզէ ծանօթանալ տուեալ ժողովուրդի էթնիք մշակոյթին  եւ ոչ ժամանակակից մշակոյթին, որ թերեւս աւելի կարեւոր է այսօրուան համակարգչային եւ այս ծանուցումը փաստօրէն բանալի կը դառնայ հնագիտական, տնտեսական, քաղաքական, մշակութային, ժողովրդագրական բոլոր տեղեկութիւններու համար զբօսաշրջիկներու շրջանին մէջ: Ամէն ինչ կը կատարուի  հոն, ուր հնարաւորութիւն կայ, որպէսզի Հայաստանի ե՛ւ բանահիւսութիւնը ե՛ւ ազգագրութիւնը  եւ առհասարակ ազգութեան մը կապուած  մշակութային ժառանգութիւնը պահպանուի, զարգացուի եւ հանրահռչակուի:  Յոյս ունինք, որ մեր երիտասարդ սերունդը ի շարս այլ նպատակներու գաղափարներու, տեսութիւններու, որ իր մէջ կը կրէ, չ«անտեսեր նաեւ մշակոյթի նկատմամբ իր նախնիներուն եւ այսօրուան մարդկանց  տածած համակրանքն ու հաւատարմութիւնը: Մենք կարիք ունինք երիտասարդ մասնագէտներու եւ մասնաւորապէս մեր մշակոյթը լաւագոյնս ներկայացնելու աշխարհին: Մենք Սփիւռքի համար յատուկ գործունէութիւն չենք ծաւալեր, որովհետեւ Սփիւռքը մեզի համար  յատուկ տարածք չէ, ուր պիտի տարածենք, եւ ինքն ալ մեր մշակոյթը կրողն է: Սփիւռքը  նոյն Հայաստանն է. տարբերութիւն չկայ: Հայաստանը կամ  Սփիւռքը նոյն մշակոյթը կրողներն  են, պարզապէս  քիչ մը աւելի առանձնայատկութիւններ ունին տուեալ երկրին բնորոշ, բայց յատուկ Սփիւռքի համար գրագրութիւններ պիտի չըլլան, որովհետեւ Սփիւռքը ինքը պիտի ընէ այդ մէկը: Սփիւռքը օտար մարդ չէ, օտար երկիր չէ, օտար քազաքակրթութիւն չէ…>> ,- ըսաւ Յովիկ Հովեյեանը 

Իսկ Կեդրոնը ստեղծուած է 2011 թուականին՝ Յովհաննէս Շարամպէյեանի անուան ժողովրդական արուեստի թանգարանի եւ Ժողովրդական ստեղծագործութեան եւ արհեստագործութեան կեդրոնի միաւորմամբ:

Կեդրոնի՝ Երևանի եւ Դիլիջանի մասնաճիւղի ժողովրդական արուեստի թանգարաններու հիմքը կը կազմեն 1930-ական թուականներուն ազգագրագէտ, բանահաւաք Հաբեթնակ Բաբայեանի ջանքերով հիմնադրուած Ժողովրդական ստեղծագործութեան տան ցուցանմոյշները:

Հաւաքածոն (շուրջ 10,000 առարկայ) կ»ընդգրկէ փայտի, մետաղի եւ քարի գեղարուեստական մշակման, ասեղնագործութեան, գոր­­­­­­­­­­­­­գագործութեան, խեցեգործութեան նմոյշներ, ինչպէս նաեւ ինքնուս նկարիչներու գեղանկարներ: Հաւաքածոյին մէջ առանձնակի տեղ կը գրաւեն սփիւռքահայերու նուիրատուութիւնները:

Ժողովրդական վարպետներու ստեղծագործութիւնները իւրատիպ մշակութային արժէքներ են, որոնք կը ներկայացնեն Հայաստանի պատմա-ազգագրական գրեթէ բոլոր շրջաններու ժողովրդական արուեստն ու անոր զարգացման  փուլերը:

Կեդրոնի հաւաքածոյի բացառիկ ցուցանմոյշները ցուցադրուեր են Ռուսաստանի, Ֆրանսայի, Պելճիքայի, Իտալիոյ, Փորթուկալի, Յունաստանի, Աւստրիոյ, Չինաստանի, Իրանի, Սուրիոյ մէջ եւ այլուր: 

 Զրոյցը շարունակեցինք կեդրոնի գիտական քարտուղար Նանէ Բագրատունիի հետ, որ պատմեց թանգարանի պատմութիւնը եւ տուաւ հաւաքածոներու նկարագրութիւնը:

«Զ.». – Նանէ՛ խնդրեմ պատմեցէք՝ ե՛րբ եւ ի՛նչպէս հիմնադրուած է թանգարանը: Ո՞վ էր Յովհաննէս Շարամպէյեանը:

«Ն. Բ.» – Երեւանի Ժողովրդական արուեստի թանգարանը մշակոյթի եզակի կեդրոն է, ուր կը պահպանուին եւ կը ցուցադրուին հայկական կիրառական արուեստի եւ կերպարուեստի նմոյշներ: 1930-ական թուականներուն վերջին ազգագրագէտ-բանահաւաք Հաբեթնակ Պապայեանի գլխաւորած խումբ մը նուիրեալներու ջանքերով հիմնադրուեր է Ժողովրդական ստեղծագործութեան տունը, որուն հաւաքածոն հիմք հանդիսացած է Ժողովրդական արուեստի թանգարանի կազմաւորման համար: 

Երեւանի Ժողովրդական արուեստի թանգարանը ստեղծուած է 1978 թուականին Հայաստանի  մշակոյթի նախարարութեան կողմէ, հիմնադիր եւ առաջին տնօրէն՝ ՀՍՍՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ Յովհաննէս Շարամպէյեան: Թանգարանի գործունէութիւնը տարիներ շարունակ ուղղուած եղած է հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան կարեւորագոյն մաս կազմող ժողովրդական արուեստի նմոյշներու     հաւաքման, պահպանման, զարգացմանն ու հանրահռչակման:  2011 թուականին  թանգարանը դարձած է կեդրոն՝ գործառոյթներու որոշակի փոփոխութեամբ: Յովհաննէս Շարամպէյեանի մեծ ներդրմամբ ձեռք բերուած եւ փրուած են թռչնակերպ եւ կնակերպ աղամանները, զորս կրնաք տեսնել թանգարան այցելելով: Սովետական  տարիներուն երբ շատ մասսակայանացուած չէ ազգայինը եւ իրենք վարպետներու հետ աշխատած են եւ յատկապէս վերացող տեսակները կարողացած են փրկել: Մեր քով ժողովրդական արուեստի առանձնայատկութիւններէն մէկն այն է, որ կ’ամբողջացնէ նախաքրիտոնեական  եւ հետ քրիստոնեական խորհրդանիշները, այսինքն` մէկ նմոյշի մէջ դուք եւ քրիստոնեական  եւ հետ քրիստոնեական զարդանախշ կը տեսնէք:  Այդ կնակերպ եւ թռչնակերպ աղամանները, զորս նշեցի, կեանքի խորհրդանիշ եղած են, որովհետեւ ժամանակին, անգամ աստուածաշունչին մէջ եղած է աղի կարեւորութեան մասին:

«Զ.». – Քանի՞ սրահ ունի թանգարանը: Ո՞րքան կը կազմէ թանգարանի հաւաքածոն:

«Ն. Բ.» – Թանգարանը ունի մշտական ցուցադրութեան 4 դահլիճ, ուր կը ցուցադրուին շուրջ 2 հազար, իսկ ‎արխիւներուն մէջ պահուող ցուցանմոյշները կը համալրուին նուիրատուութիւններու եւ գնումներու շնորհիւ։ Դահլիճներէն երեքը խստօրէն մասնագիտացուած են եւ բաժնուած են՝ փայտարուեստի եւ խեցեգործութեան, մետաղագործութեան, գեղարուեստական մշակման, արծաթագործութեան, քարարուեստի եւ ձեռագործ արուեստի բաժիններու եւ ենթաճիւղերու, կայ մէկ ընդհանուր բաժին-դահլիճ, ուր կը ներկայացուին գորգարուեստի, խեցեգործութեան եւ մետաղագործութեան նմոյշներ: Հոս տեղի կ’ունենան հանդիպումներ, զրոյցներ, ժողարուեստին վերաբերող քննարկումներ: Այդ սրահը այնպէս դասաւորած ենք, որ կը յիշեցնէ հին հայկական գիւղ` ծղօտի պատերով ցեխով պատրաստուած, դաղդղան պահպանակով, որպէսզի չար ուժէն պահպանէ. օրօրոց, կենցաղային իրեր եւ անկիւնը՝ մեր գորգի դասգահն է որ նոյն այս պահուն ալ  կ’օգտագործենք որպէս վարպետութեան դասի համար: Այսինքն՝ թանգարանը փորձած ենք դարձնել կենդանի հարթակ , ուր ներկայ ըլլալով, ի միջի այլոց, կը յայտնուիս մեր հին հայկական գիւղին մէջ, ինչպիսին եղած է մեր կենցաղը ` մշակոյթը, ծէսերը աւանդոյթները:

Հաւաքածոն կ’ընդգրկէ շուրջ 10, 000 թանգարանային առարկայ, որ լայն պատկերացում կու տայ հայկական ժողովրդական արուեստի զարգացման տարբեր փուլերուն մասին։ 

«Զ.». – Ի՞նչպէս այսօր կը համալրուի թանգարանի հաւաքածոն: Ի՞նչ նմոյշներ կը պահպանուին:

«Ն. Բ.» – Այս պահուն որպէս այդպիսին համալրման գործընթաց չունինք, երբեմն կ’ըլլան նուիրատուութիւններ, որ յատուկ խորհուրդը կ’որոշէ, եթէ արժէքաւոր է, կ’ընդունինք: Վերջերս ձեռք բերած են ծիսական տիկնիկներ եւ շուտով ծիսական տիկնիկներու վերաբերեալ ունինք գիրքի շնորհանդէս: Որպէս այդպիսին համալրում կայ: Գնում չունինք, որովհետեւ պետական առումով գումար չկայ՝ գնելու, իսկ երբ նուիրատուութիւն կ’ըլլայ պէտք է գեղագիտական առումով համապատասխանէ:

Նմոյշներէն՝ կ’ուզէի խօսիլ դաղդղան պահպանակներու մասին:  Դաղդղան բառը խօսակցական դաղել բառն է: Դաղդղանները հին պատմութիւն ունին հայկական աւանդական մշակոյթի եւ կենցաղի մէջ, որոնք օգտագործուած են պատմական Հայաստանի մէջ: 
Հայերը կը համարէին, որ դաղդղանները իրենց մէջ գերբնական ուժ ունին եւ կը պահեն մարդոց չար աչքէն եւ դժբախտութիւններէն: Անոնց  նախնական շրջանին կախուած են ընտանի կենդանիներու( կով, եզ, ցուլ) պարանոցներէն չար աչքերէ պաշտպանելու համար, իսկ յետագային նաեւ ամրացուած են տուներու դռներուն կամ նախամուտքերուն: Այսօր անոնք կ’օգտագործուին նաեւ իբրեւ զարդեր՝ մարդոց համար նախատեսուած:

Մետաղի բաժինը մենք ունինք շատ գեղեցիկ եւ իւրայատուկ զարդեր, կենցաղային իրեր, գորտիներ: Ժողովրդական արուեստի որեւէ նմոյշ հաղորդակցութիւն է տիեզերքի բնութեան հետ:

«Զ.». – Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք փայտարուեստի թանգարանի հետ: Ի՞նչ կ«ըսէք Դիլիջանի մասնաճիւղի մասին: Վերջինս ե՞րբ հիմնադրուած է:

«Ն. Բ.» – Ի հարկէ, համագործակցութիւն ունինք: Փայտարուեստի թանգարանի տնօրէն  Հենրկ Սալոխյեանը  կեդրոնի գեղարուեստական խորհուրդի անդամն է եւ փայտարուեստի թանգարանն ալ հիմնուած է Յովհաննէս Շարամպէյեանի կողմէ: Այս առումով ընդհանրութիւններ ունինք եւ բնական է, որ համագործակցութիւններ կը հաստատուին:

Դիլիջանի մասնաճիւղը ստեղծուած է 1979 թուականին` նոյնպէս  բանահաւաք եւ գեղանկարիչ Յովհաննէս Շարամպէյեանի անմիջական նախաձեռնութեամբ ու մասնակցութեամբ: Թանգարանը կը գտնուի Դիլիջան քաղաքի կեդրոնը, Աղստեւ գետի հարեւանութեամբ: Տան վերջին բնակիչը եղած է Յովհաննէս Շարամպէյեանը, որուն նախաձեռնութեամբ ալ շէնքը վերածուեր է ժողովրդական արուեստի թանգարանի: 1979 թուականին Յովհաննէս Շարամպէյեանը իր հաւաքածոն նուիրեր է Դիլիջանի ժողովրդական արուեստի թանգարանին՝ համալրելով թանգարանի արխիւը: Շրջելով Հայաստանի տարբեր վայրերը՝ Շարամպէյեանը ստեղծեր է պղնձեայ կենցաղային իրերու մեծ հաւաքածոյ:   Թանգարանի  9 ցուցասրահին մէջ ներկայացուած  են ժամանակակից հայ ժողովրդական վարպետներու եւ ինքնուս ստեղծագործողներու աշխատանքներ,  ազգագրական իրեր:

«Զ.». – Ժողովրդական արուեստի այս եզակի կեդրոնը կը գտնուի Երեւանի մէջ Աբովեան 64 հասցէի վրայ:

Հեռ. +374 (10) 569380, +374 (10) 569383

Ել-Նամակ՝  info.folkartcenter@gmail.com
Վեբ կայք
՝ www.cpc.am

Խմբագրատանս Մէջ. «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմնի Փոխատենապետ Պրն. Գրիգոր Թէրզեանին Հետ

0

Այսօր՝ 29 Նոյեմբեր 2017 «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմնի կազմակերպած ռատիոթոնի օրն է, որուն ընթացքին լիբանանահայութիւնը իր լուման՝ հոգիին պարտքը պիտի նուիրաբերէ Արցախին:

Այս առիթով երէկ երեկոյեան «Զարթօնք»-ի խմբագրատան մէջ պատիւը ունեցանք հիւրընկալելու մեզի համար սրտամօտիկ անձնաւորութիւն մը «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմնի Փոխատենապետ Պրն. Գրիգոր Թէրզեանը:

Մեր սիրելի հիւրին հետ հանդիպումը առիթ մըն էր վեր առնելու հիմնադրամի անզուգական կարեւորութիւնը Հայաստանի ու Արցախի վերականգնման ու զարգացման վեհ գործին մէջ:

Պրն. Թէրզեան մեզի յիշեցուց որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իր գործունէութեան ընթացքին մշակած ու ձեռնարկած է բազմազան ծրագիրներ:

Մեր հարցումին թէ, Հիմնադրամը ի՛նչ չափանիշերու կը դիմէ տուեալ ծրագիր մը որդեգրելու համար, մեր հիւրը մեզի լուսաբանեց՝ ըսելով, որ «ծրագիրներու ուղղութիւնները կը քննարկէ եւ կը հաստատէ Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդը: Ռազմավարական այս ծրագիրները կ’ընդգրկեն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ առկայ հրատապ խնդիրները, որոնց լուծումը իրապէս կը պահանջէ համահայկական մասնակցութիւն»:

Ան աւելի եւս խորանալով Հիմնադրամի գործունէութեան մէջ՝ նշեց, որ մեծածաւալ այս ծրագիրներու հետ մէկտեղ Հիմնադրամը կ’իրականացնէ նաեւ տարբեր նպատակային ծրագիրներ, որոնք կ’առաջարկուին անհատ բարերարներու կողմէ: Նմանօրինակ ծրագիրներ կ’իրագործուին տարբեր ոլորտներու մէջ` կրթութենէ մինչեւ շինարարութիւն եւ մարդասիրական օգնութիւն: Ինչպիսին ալ ըլլայ ծրագիրը, Հիմնադրամը՝ որպէս կայուն եւ արդիւնաւէտ աշխատող կառոյց, կեանքի կը կոչէ զայն, սկզբունք ունենալով թափանցիկ հաշուետուութեան բացառիկ համակարգ, որ իր վարկին համար յաւելեալ արժէք է:

Մեր՝ Հայաստան եւ Արցախ զանազան այցելութիւններով կրնանք վկայել, որ իր գործունէութեան ամբողջ ընթացքին Հիմնադրամի աշխատանքը եղած է պահանջկոտ եւ հետեւաբար չափազանց գնահատելի, որ միշտ ձգտած է բարեկեցիկ կեանք ստեղծել Հայաստանի ու Արցախի մեր հայրենակիցներուն համար:

«Մենք դեռ երկար ու դժուարին ճամբայ ունինք անցնելու: Շնորհիւ իւրաքանչիւր հայու, որ անտարբեր չէ իր Հայրենիքին նկատմամբ, եւ անպայմանօրէն իր ձեռքը կ’երկարէ անոր, մենք դրական փոփոխութիւններ  կ’արձանագրենք»,- աւելցուց Պրն. Թէրզեան:

Պրն. Թէրզեան կարեւորեց այն հանգամանքը, որ Հիմնադրամը ուղղակիօրէն բարեգործութիւն չ’ըներ անհատի, ինչպէս Հայրենիքի մէջ ապրող հայրենակիցները կրնան ակնկալել:

Ճի՛շդ է Պրն. Թէրզեանին մատնանշումը: Հիմնադրամը զարգացման նուիրուած այնպիսի ծրագիրներ կը յաջողցնէ, որմէ ի վերջոյ պիտի օգտուի ամբողջ հաւաքականութիւնը: Եթէ դպրոց կը շինէ, Հիմնադրամը հայ երեխաներուն ուսումնարան հայթայթած կ՛ըլլայ, ուսուցիչին՝ գործ, հաւաքականութեան՝ ապագայ: Եթէ բնակարանային համալիր է, ապա այդ մէկը գիւղ ու քաղաք հիմնել է յօգուտ Հայրենիքին, հայրենի ընտանիքները բնակարաններով օժտել է: Եթէ ուղիով Հայաստանը կը կապէ Արցախին, ապա ան թթուածին է, որ կ՛ապահովէ Արցախի ժողովուրդին:

Պրն. Թէրզեանի վկայութեամբ այսօրուան դրութեամբ Հայաստանի ու Արցախի մէջ իրագործուած ծրագիրներու ընդհանուր գումարը հասած է շուրջ 300 միլիոն ԱՄՆ տոլարի: «Սակայն եթէ հնարաւոր է հաշուել աւարտած ծրագիրները ու անոնց իրականացման համար օգտագործուած գումարները, աշխատատեղերը, որ բացուած են այդ ծրագիրներուն շնորհիւ, համայնքները, որ հետզհետէ կը զարգանան, ապա չենք կրնար չհաշուել այդ մարդոց, որոնց կեանքը փոխուած է շնորհիւ նոր ուղիի, նոր դպրոցի եւ օգնութեան, որուն կարիքը իսկապէս շատ ունին անոնք»,- իր միտքը աւելի եւս յստակացուց Պրն. Թէրզեան:

Ինչպէս ծանօթ է, այս տարուան ռատիոթոնը կ՛ընթանայ «Բերքառատ Արցախ» կարգախօսով։

Արդարեւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը՝ նկատի ունենալով, որ Արցախցի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կը զբաղի հողագործութեամբ, Արցախցին հողին վրայ պահելու շատ կենսական նախաձեռնութեամբ մը, այս տարուան համար մշակած է ծրագիր մը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ լուծել հայ հողագործին գլխաւոր հարցը՝ ոռոգման ջուրի ապահովումը. Արթեզեան ջրհորներ հորատելով եւ ոռոգման ցանցեր կառուցելով. ծրագիր մը, որ բաւական դժուար իրագործելի եւ ծախսալից է Արցախիին համար։

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը այս տարուան իր դրամահաւաքի հասոյթը պիտի յատկացնելէ ետք վերոյիշեալ  ծրագրին, պիտի ստանձնէ նաեւ Արցախի տարածքին զանազան հանրային կառոյցներու (հիւանդանոցներու, դպրոցներու, բնակելի շէնքերու) վրայ արեւային ուժանիւթով բանող վահանակներ զետեղելու ծրագրի իրականացումը, որպէսզի կարելի ըլլայ անվճար տաք ջուր եւ ելեկտարականութիւն  ապահովել ամբողջ տարուան ընթացքին:

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի հիմնադրման 25-ամեակին զուգադիպող այս տարուան դրամահաւաքին առիթով Պրն. Թէրզեան մեր թերթին միջոցաւ կոչ ուղղեց համայն լիբանանահայութեան միասնաբար եւ ազգային պարտականութեան բարձր գիտակցութեամբ մասնակցիլ դրամահաւաք-Ռատիոթոնին այսօր  առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ: Ան սրտագին շեշտեց, որ իւրաքանչիւր հայորդի նոյնիսկ ամենափոքր նուիրատուութիւնով կրնայ յաջողցնել Արցախի ժողովուրդին համար օգտակար այս ծրագրին իրականացումը, որ մեծապէս պիտի օգնէ Արցախի բարգաւաճման՝ ինքնաբերաբար  նպաստելով Արցախի պետութեան հզօրացման եւ անկախութեան ամրագրման։

Մեր ձայնը միացնելով Պրն. Թէրզեանին եւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմնին՝ մենք ալ մեր կարգին կոչ կ’ուղղենք մեր սիրելի ընթերցողներուն եւ անոնց միջոցաւ ամբողջ լիբանանահայութեան՝ միասնաբար կանգնելու Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն կողքին, որպէսզի մեր հայրենիքը դարձնենք աւելի բերքառատ եւ ունենանք ԲԵՐՔԱՌԱՏ ԱՐՑԱԽ:

«Խմբ

 

Արցախի Մէջ Նոր Զօրամաս Պիտի Կառուցուի.

0

 

«Ծառուկեան» խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան յայտարարութիւն տարածած է, որով կը տեղեկացնէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի այս տարուան դրամահաւաքին իր մասնակցութեան մասին:

 «Այսօր պիտի կայանայ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ամէնամեայ դրամահաւաքը:  Ան իսկապէս մեծ նշանակութիւն ունի Արցախի եւ անոր  ժողովուրդին համար: Իւրաքանչիւր տարի ես եւս իմ ֆինանսական մեծ ներդրումը ունեցած եմ կարեւորագոյն այս  գործին մէջ: Ես Արցախի ու անոր ժողովուրդին հանդէպ առանձնայատուկ վերաբերմունք ունիմ, անոնք շատ թանկ են ինծի համար եւ այդ է պատճառը, որ Արցախի մէջ իմ կողմէ իրականացուող աշխատանքները շարունակական են` վերաբնակեցուած համայնքներու բնակիչներուն դրամական աջակցութիւն, գիւղատնտեսական սարքերու եւ մեքենաներու նուիրատուութիւն, Արցախի ընկերա-տնտեսական զարգացման ուղղուած բազմաթիւ ծրագիրներու իրականացման համար անհրաժեշտ խոշոր գումարներու նուիրատուութիւն:

Իսկ  այս անգամ ես որոշած եմ, յանուն Արցախի  եւ անոր անվտանգութեան, հանդէս գալ եւս մէկ մեծածաւալ նախաձեռնութեամբ: Իմ միջոցներով Արցախի մէջ պիտի կառուցուի միանգամայն նոր, բոլոր անհրաժեշտ պայմաններով ապահովուած զօրամաս, քանի որ այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրիս գերնպատակն ու գերխնդիրը պէտք է ըլլայ Արցախի անվտանգութեան ամրապնդումն ու խաղաղութեան ապահովումը:

Այս զօրամասի կառուցման հողային աշխատանքները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են, իսկ հիմնական շինարարարութիւնը պիտի մեկնարկէ գարնան: Պիտի ապահովուի նաեւ այդ զօրամասի մշտական ջրամատակարարումը: Կը կարծեմ, իւրաքանչիւրը իր գործով պէտք է ապացուցէ Արցախի հանդէպ ունեցած իր սէրը: Եւ ուրեմն յանուն մեր բոլորի Արցախին`  հնարաւոր ամէն բան ընենք հայկական երկրորդ պետութեան բարօրութեան եւ անվտանգութեան համար»,- ըստ «Փանորամա»-ի՝ ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Ֆրանսա Եւ Զուիցերիա Աշխատանքային Այցը Կը Շարունակուի

0

 

Աշխատանքային այցով Ֆրանսայի Մարսէլ քաղաքը գտնուող ՀՀ  Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը «Լը Սեզար» թատրոնին մէջ մասնակցած է «Խոստումը» ֆիլմի ցուցադրման: «Հայերն այսօր»-ի տեղեկացմամբ,  միջոցառման ընթացքին տեղի ունեցած է Շառլ Ազնաւուրի անուան ամէնամեայ գրական մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը: 2017 թուականի մրցանակին արժանացած է ֆրանսացի գրող Նիկոլա Պանիոլը` «Մարսէլ Պանիոլ, 1895-1974 թթ. մի կեանքի ալպոմ» գիրքի համար:

Մինչ գրական մրցանակի յանձնումը, տեսաուղերձով ներկաներուն ողջունած է աշխարհահռչակ հայազգի երգիչը, ինչպէս նաեւ շնորհաւորած է Երեւանի եւ Մարսէլի քաղաքապետներուն՝ երկու քաղաքներու համագործակցութեան եւ բարեկամութեան 25-ամեակի առթիւ:

Աւելի ուշ Հրանոյշ Յակոբեանը մասնակցած է «Սահակ-Մեսրոպ» երգչախումբի հիմնադրման տօնակատարութեան եւ համերգի ընթացքին պարգեւներ յանձնած է երգչախումբի անդամներու:

Նշենք, որ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան աշխատանքային այցով կը գտնուի Ֆրանսա ուրկէ պիտի անցնի Զուիցերիա: Նախարարին այցը պիտի շարունակուի մինչեւ Դեկտեմբեր 2:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, նախարարը կ՛այցելէ Մարսէլի, Վալանսի, Լիոնի, Կրենոպլի, իսկ Զուիցերիոյ մէջ` Ժընեւի հայկական համայնքներ, հանդիպումներ կ’ունենայ կրթամշակութային, համահայկական, հոգեւոր կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ, պարգեւներ պիտի յանձնէ համայնքային գործիչներուն, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցի  շարք մը ձեռնարկներու եւ յոբելենական տօնակատարութիւններու:

Այցի ծիրէն ներս Հրանոյշ Յակոբեան կը հանդիպի նաեւ Լիոնի քաղաքապետ Գէորգ (Ժորժ) Կեպէնեկեանին եւ Մարսէլի քաղաքապետ Ժան Քլոտ Կոտենին:

Կազմակերպութեամբ ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի եւ «ՆՈՐ ՕՐ»-ի Դոկտ. Անումեանի Դասախօսութիւնը՝ Նուիրուած Ցեղասպանութեան Եւ Երիտթուրքերու Դատական Վաւերագիրներուն.

0

 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20-ի երեկոյեան, ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի սրահին մէջ, Ալթատինա, տեղի ունեցաւ թրքագէտ եւ պատմաբան, հայրենի երիտասարդ մտաւորականներէն

Դոկտ. Մելինէ Անումեանի երկրորդ դասախօսութիւնը։ Նիւթ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը Երիտթուրքերու դատական վաւերագիրներուն մէջ՝ 1919-1921։

Հանդիսավարն էր ընկ. Հրաչ Սեփեթճեան, որ յանուն կազմակերպիչ մարմիններուն՝ ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդին եւ «Նոր Օր» շաբաթաթերթին հանդէս եկաւ բացման խօսքով։ Ապա օրուան յարմար քաղաքական պատշաճ ելոյթով հանդէս եկաւ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ
Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան։

 

Ընկ. Սեփեթճեան ներկայացնելէ ետք դասախօսուհիին կենսագրական գիծերը զինքը բեմ հրաւիրեց։ Դոկտ. Անումեան, շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ՝ մեծ պաստառի վրայ ցուցադրելով աւելի քան 70 լուսապատկերներ, իր դասախօսութեամբ ներկաները տարաւ հարիւր տարիներ ետ։ Երիտթուրքերու դատավարութիւններու փաստաթուղթերը կը պարունակեն Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը հաւաստող անհերքելի ապացոյցներ՝ հաստատելով հայերու կոտորածներու կանխամտածուած բնոյթը։ Զեկուցումին ընթացքին ներկայացուեցան 1919-21 տեղի ունեցած Երիտթուրքերու բոլոր դատավարութիւնները, որոնք օսմաներէնէ թարգմանուած էին Դոկտ. Մելինէ Անումեանի կողմէ։

Հանդիսութեան ընթացքին ոգեշնչող իր ձայնով մեներգեց Դաւիթ Սամուէլեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Արամ Լեփեճեանի։ Անոնք երկու առիթներով  մեկնաբանեցին «Ատանայի ողբը», «Գետաշէն», «Կիլիկիա», «Անդրանիկ փաշա» եւ «Ձայն մը հնչեց» երգերը։

ՌԱԿ Շրջանային վարչութեան անդամ Ընկ. Դաւիթ Սամուէլեանի փակման խօսքով աւարտին հասաւ դասախօսական երեկոն։ Մեր ջերմագին շնորհակալութիւնները Դոկտ. Անումեանին, անոր պատրաստած եւ ներկայացուցած զոյգ դասախօսութիւններուն առթիւ։

Դասախօսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին ՌԱԿ-ի երկարամեայ պատասխանատուներէն, ԹՄՄ-ի Հիմնադիրներու Մարմինի ատենապետ, Լիբանանի խորհրդարանի նախկին անդամ ընկ. եւ տիկին Յակոբ Գասարճեանները։

Տեղին է նշել, որ ձեռնարկէն վերջ ընկ. Գասարճեան  հանգամանօրէն ներկայ գտնուեցաւ  Պեվըրլի Հիլզի Հիլթըն պանդոկէն ներս կազմակերպուած Լիբանանի անկախութեան 74րդ տարեդարձի ձեռնարկին, հրաւէրովը Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս ՝ Ճոնի Իպրահիմի կողմէ։

 

 

 

ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրը Ստորագրուեցաւ.

0

ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ:

Հայաստանի կողմէ զայն ստորագրեց ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան, ԵՄ կողմէ` ԵԽ փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինի: Ստորագրման արարողութեան ներկայ էին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ ԵԽ նախագահ Տընըլտ Դուսք:

Մոկերինի եւ Նալպանտեան հանդէս եկան մամլոյ ասուլիսով համար յայտարարութեամբ:

«Անիկա բոլորիս համատեղ յաջողութիւնն է եւ կրնայ դրական նախադէպ դառնալ համագործակցային այլ ծրագիրներու համար»,- նախապէս ունեցած իր ելոյթին ընթացքին ըսած էր ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան:

ՀՀ նախագահը նաեւ նշած էր, որ 2017 թուականը իրաւամբ կարելի է համարել Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու քառորդդարեայ պատմութեան կարեւոր հանգրուաններէն մէկը, որ նշանաւոր կը դառնայ այսօր` այս գագաթնաժողովին ծիրէն ներս, ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի ստորագրումով:

«Անիկա համընդգրկուն փաստաթուղթ է, կ՝արտացոլացնէ մեր երկկողմ փոխգործակցութեան վերջին շրջանի նշանակալի զարգացումները եւ կը սահմանէ անոնց խորացման համար անհրաժեշտ ուղենիշները:

Այս համաձայնագիրը սոսկ նոր իրաւական փաստաթուղթ մը չէ, այլ մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու վրայ խարսխուած այն արժեհամակարգի արտացոլումն է, որ մենք կը դաւանենք: Համաձայնագիրին հիմքը ժողովրդավարութեան արմատաւորման այնպիսի կարեւոր դրոյթներ են, ինչպէս՝ իրաւունքի գերակայութիւնը, արդարադատութեան ամրապնդումը, պետական եւ հասարակական հիմնարկներու զարգացումը, լաւ կառավարումը: Այս դրոյթները կեանքի կոչելը կենսական կարեւորութիւն ունի մեր երկրին մէջ յետագայ բարեփոխումները յաջողութեամբ իրականացնելու տեսանկիւնէ»,- ըսած է ան:

 

«Հայաստան» Հիմնադրամը Հրապարակած է «Հեռուստամարաթոն-2017»-ի Տասը Ամենամեծ Նուիրատու Անուններու Ցանկը.

0

 

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը հրապարակած է «Բերքառատ Արցախ» խորագրով 20-րդ հեռուստամարաթոնի տասը խոշոր նուիրատուներու ցանկը:

Շարքը կը գլխաւորէ անանուն բարերարը Միացեալ Նահանգներէն` 2.5 միլիոն տոլար: Երկրորդը ռուսաստանաբնակ գործարար Սամուէլ Կարապետեանն է`  2 միլիոն 250 հազար տոլար նուիրատուութեամբ:

Զանգեզուրի Պղնձամոլիբդենային գործարանը 350 հազար տոլար փոխանցած է հիմնադրամի այս տարուան ծրագիրներու իրագործման, ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Սամուէլ Ալեքսանեանը` 200 հազար տոլար, Վարդանեաններու ընտանիքը`125 հազար տոլար, «Արցախ» հայրենակցական միութեան նախագահ, գործարար Վարուժան Գրիգորեանը, գործարար Բարսեղ Բէգլարեանը, ԱՄՆ-էն անանուն բարերարը, Պաղտասարեաններու ընտանիքը, իրանահայ  Հենրիկ Տէր Ղուկասեանը, «Վալեքս գրուպ»-ը` 100 հազարական տոլար: Վահէ Կարապետեանը նուիրած է 60 հազար տոլար, Ժան Մարի Ադամեանը եւ Ալպերթ Պոյաճեանը 50 հազարական տոլար:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «Հեռուստամարաթոն 2017»-ի արդիւնքով հաւաքուած է 12 միլիոն 505 հազար 456 ԱՄՆ տոլար, որ պիտի ուղղուի երկու խոշոր ծրագրի՝ Արցախի մէջ խորքային հորերու հորատման ու նորոռոգման ցանցի կառուցման, ինչպէս նաեւ արեւային ուժանիւթի կայաններու տեղադրման առաջին փուլով Ասկերանի շրջանին եւ Շուշիի մէջ:

 

Արցախը Նախորդ Շաբաթ

0

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Օտարերկրեայ Զբօսաշրջիկներու Աճ՝ Շուրջ 40 Տոկոսով

Արցախ ժամանած օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու քանակը 2017 թուականի Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն աճած է 40 տոկոսով՝ 2016 թուականի նոյն ժամանակահատուածի համեմատած:

Նախորդ շաբաթ այս թիւերը ներկայացուցած է Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագիրներու կառավարիչ Արտակ Գրիգորեանը: Միաժամանակ զբօսաշրջութեան բնագաւառի գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով զարգացման բարձր ցուցանիշներ արձանագրած են: Ամենաշատ այցելու ունեցող զբօսաշրջավայրերը կը շարունակեն մնալ Շուշին, Գանձասարը, Տիգրանակերտը: Աստիճանաբար նաեւ նոր անունները հանրահռչակելուն ուղղուած ջանքերը արդիւնքներ կու տան: Խօսքը, մասնաւորապէս, զբօսաշրջային հարաւային երթուղիի կարեւոր կէտերէն մէկուն՝ Տողի մելիքական ապարանքի մասին է: Միւս կողմէ, Վարդենիս-Մարտակերտ ուղիի ասֆալտի պատումէն ետք Արցախի հիւսիսային մասը գտնուող զբօսաշրջավայրերուն հասնիլը անբաղդատելիօրէն դիւրացած է: Վերջին մէկ տարուան ընթացքին դէպի Դադիվանքի վանական համալիր այցելութիւններու հոսքը աննախադէպ աճած է:

Գանձասարի Վանքի Համալիր

Եւս մէկ նոր տուեալ կը նկատուի. զբօսաշրջիկները սկսած են բաւականին շատ օգտուիլ զբօսաշրջային տեղեկատուական կեդրոններու ծառայութիւններէն: Առայժմ երկուքն են. մէկական հատ Շուշիի եւ Ստեփանակերտի մէջ: Պահանջարկի աճը հաշուի առնելով՝ կը նախատեսուի սկսիլ նոր ծրագիր մը, որ զբօսաշրջիկներուն հնարաւորութիւն կու տայ իւրաքանչիւր օրուան անցուդարձի մասին տեղեկատութիւն ստանալ: Նոր ծրագիրը կը սկսի գործել 2018 թուականէն, իսկ այս տարուան գլխաւոր խնդիրը ոլորտի պատասխանատուները կը համարեն 40 տոկոսանոց աճը, որ արդէն իրականութիւն է ինն ամսուան համար, պահպանել մինչեւ տարեվերջ:

 

Դադի Վանք
Շուշի

«Ասոր համար այս տարի փորձած ենք նոր մօտեցումներ որդեգրել՝ Արցախը ներկայացնելով ոչ միայն պատմամշակութային յուշարձաններով հարուստ, այլեւ հաճելի ժամանցի հնարաւորութիւններով յագեցած երկիր: «Ճանապարհ Թրայլ»-ը, որ հետիոտն արահետ է Ծար գիւղէն մինչեւ Հադրութ՝ Արցախի հիւսիսէն մինչեւ հարաւ, այդ քաղաքականութեան դրսեւորումներէն մէկն է: Նաեւ արկածային զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու ծրագիրներ սկսած ենք, ՀՀ-էն գործընկերներ ներգրաւած ենք»,- լաւատեսութիւնը՝ կատարած աշխատանքներով կը հիմնաւորէ մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագիրներու կառավարիչ Արտակ Գրիգորեանը:

Տիգրանակերտ

Ստեփանակերտ

 

ՀԲԸՄ –ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան Կազմակերպութեամբ Հայկական Խաչքարերու Նուիրուած Դասախօսական Երեկոյ

0

 Խաչքարը  կը ներկայանայ իբրեւ հայ կերպարուեստի տեսակ,  ճարտարապետական մանր կոթողային ձեւ, որուն  հիմնական  բովանդակութիւնը կը կազմէ պատուանդանի  վրայ  բարձրացած սլաձեւ  խաչարձանը՝   ճակատով  դէպի արեւմուտք ուղղուած:

Խաչքարը  յաջորդած է  խաչով աւարտող  քառակող վաղ  միջնադարեան  կոթողներուն եւ  թեւաւոր խաչերուն, որոնց մեծ մասը ոչնչացած է արաբական արշաւներու  ժամանակ: Խաչքարը կը բովանդակէ  քրիստոնէութեան  հիմնական   գաղափարը՝  Յիսուս  Քրիստոսի  փրկագործութիւնը:

Խաչքարերը  խորհրդանիշ են հայ միջնադարեան  մշակոյթի  ինքնատիպութեան: Ուղղաձիգ դիրքով առանձին  կեցած  քարէ  յուշակոթողներէն  հնագոյնները  մենհիրներն են: Անոնք ունեցած են պաշտամունքային նշանակութիւն:  Նոյն կարգի յուշարձաններ  են  նաեւ  «վիշապ» կոչուող կերտուածքները:  Հայաստանի մէջ  նախաքրիստոնէական   ժամանակաշրջանին գոյութիւն ունեցած  են սեպագիր արձանագրութեամբ  ուղղաձիգ    քառակող սիւններ:

Խաչքարերը կ’ըլլան տեսակաւոր. միակտուր քարերէ  կերտուած խաչքար, աստիճանաձեւ, որմնափակ խաչքար, քիւաւոր խաչքար, ժայռաբեկորներու  վրայ  կերտուած  խաչքար, շրջանաձեւ խաչքար, ամենափրկիչ խաչքար:

 Հայաստան այն  առանձնայատուկ երկիրն է , ուր գոյութիւն ունին աւելի քան յիսուն  հազար խաչքարեր: Իւրաքանչիւր  խաչքար ունի իր զարդանախշը, դարերու խորքով երկարող պատմութիւնը:

Խաչքարը   հիմնականին մէջ կը պատրաստուի հրաբխային պազալթ կամ տուֆ   քարէն: Անոր պատրաստութիւնը կը պահանջէ երկարատեւ եւ ծանր աշխատանք:  Խաչքարը  հայ ժողովուրդին համար  կը  ներկայանար Աստուծոյ հանդէպ  հաւատ արտայայտելու խորհրդանիշ: 

Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2017-ի  երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  Անդրանիկ Մշակութային   Միութեան կազմակերպութեամբ  հայկական խաչքարերու  նուիրուած  երեկոյ  մը տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի  Ասպետներու սրահին մէջ: Դասախօս, Ճարտարագէտ,  քանդակագործ Տիգրան  Գալուստեան:

 Ի  ներկայութիւն ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին եւ անդամներու,  հայ  քաղաքական  եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, միութենականներու, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ  Անդրանիկ  Մշակութային  Միութեան  վարչութեան անդամ Լենա  Տագեսեան,   բարի  գալուստի  իր խօսքէն  ետք ներկայացուց օրուան դասախօսը Երեւանի  Փոլիթեքնիք  Ինստիտուտի  ճարտարապետական բաժինէն  Մագիստրոսի կոչումով  վկայեալ  Տիգրան  Գալուստեանը, որ մասնագիտական ուսման  զուգահեռ հետեւած է  քանդակագործութեան եւ  խաչքարի  փորագրութեան  արհեստներուն:  

Յարգելի   դասախօսը    համապարփակ   կատարեց   խաչքարերու  պատմականը,ապա՝ վերլուծեց  հայկական խաչքարը, իբրեւ՝  մշակութային արժէք: Ան բացատրեց խաչքարերու  տեսակները,  Հայաստանի տարբեր  շրջաններու  մէջ  գտնուող  խաչքարերու առանձնայատկութիւնները,  խաչքար  պատրաստելու եւ  բարձրացնելու պատճառները, խաչքարերուն արտայայտած խորհուրդը, խաչքարերուն տրուած անունները: Ան ընդգծեց, որ  խաչքարերը  լոկ  գերեզմանաքարեր  չեն,այլ՝  զանազան  համոզումներու արտայայտութիւն:  Տիգրան Գալուստեան  նշեց, որ օտար գիտնականներ, պատմաբաններ եւ արուեստագէտներ  խաչքարերու  շնորհիւ  ծանօթացած են մեր  ժողովուրդի  մշակոյթին եւ պատմութեան: Բանախօսը  իր   ելոյթը աւելի պատկերաւոր եւ տպաւորիչ դարձնելու նպատակով  տեսաերիզի  օգնութեամբ ներկայացուց  հայկական  լեռնաշխարհի  վրայ, սկիզբէն մինչեւ մեր  օրերը, ինչպէս նաեւ սփիւռքի տարբեր  վայրերու մէջ  տեղադրուած խաչքարերու նմոյշներ:

 Դասախօսութենէն ետք  Տիգրան Գալուստեան  պատասխանեց  ուղղուած  հարցումներուն:  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Անդրանիկ Մշակութային Միութեան ատենապետ Շահէ  Պապահեքեան շնորհակալութիւն  յայտնեց   յարգելի բանախօսին շահեկան  դասախօսութեան առիթով, ապա  հրաւիրեց  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը` գնահատանքի  յուշանուէր մը  յանձնելու բանախօսին:

Երեկոյի աւարտին տեղի ունեցաւ  հիւրասիրութիւն:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ