Երկուշաբթի, 28. 07. 2025

Արժանթինի Սան Լուիս Նահանգին Մէջ Ապրիլ 24-Ը Պիտի Նշուի Իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր

0

Արժանթինի Սան Լուիս նահանգը ընդունած է օրէնք, որով Ապրիլ 24-ը կը հռչակուի իբրեւ «Ժողովուրդներու միջեւ հանդուրժողականութեան եւ յարգանքի օր»` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան: Այդպիսով, Սան Լուիս դարձաւ Արժանթինի 20-րդ նահանգը, որ ընդունեց  նման օրէնք:

Սան Լուիսի խորհրդարանը միաձայնօրէն քուէարկած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող օրէնքի օգտին, իր համերաշխութիւնը յայտնած հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն ցուցաբերած` նահանգային մակարդակով իրականացնել յիշատակի ձեռնարկները:

Արժանթինի  Հայ դատի յանձնախումբի տնօրէն Նիքոլաս Սապունճեան ողջունած է օրէնքի ընդունումը` նշելով, որ այդ օրէնքով վաւերացուած է այն համաձայնութիւնը, որ Հայկական հարցի նկատմամբ գոյութիւն ունի տարածաշրջանային, ազգային եւ դաշնային մակարդակի վրայ:

National Geographic-ը Քարահունջն Ընդգրկուած Է Աշխարհի Հնագոյն Աստղադիտարաններու Ցուցակին Մէջ

0

«National Geographic» աշխարհագրական գիտահանրամատչելի ամսագիրը քարահունջ մեծաքարային համալիրը, որ նաեւ կ’անուանեն «Հայկական Սթոունհենջ» ընդգրկած է աշխարհի հնագոյն աստղադիտարաններու ցուցակին մէջ: «Սիրիուսը եւ Օրիոնը կը փայլին խորհրդաւոր քարահունջի լուսաւորուած քարերու վերեւը: Ան բաղկացած է հարիւրաւոր ուղղահայեաց քարերէ»,-գրած է պարբերականը:

Քարահունջը կամ զօրաց քարերը կը գտնուին Սիսիան քաղաքէն ոչ հեռու` Որոտան գետի Դարբ վտակի ձորի ձախ ափին եւ բաղկացած են մինչեւ 10 թոն ունեցող ուղղահայեաց քարերէ, որոնք միասին կը կազմեն ընդհանուր կոթող: Համալիրին` 25 հեքթար մակերեսին վրայ, որոշ համակարգով դասաւորուած են եռանկիւնաձեւ քանի մը հսկայական քարեր, որոնց մէջ աստղադիտակի համար նախատեսուած յատուկ անցքեր  բացուած են:

Ըստ որոշ հնագէտներու՝ քարահունջը կը թուագրուի մեր թուարկութենէն առաջ երրորդ հազարամեակով, սակայն ոմանք ալ կը կարծեն, որ համալիրը աւելի հին է եւ հիմնուած է հինգերորդ հազարամեակին: Այդ խորհրդաւոր քարէ շինութեան վերաբերեալ ակադեմիկոս Փարիս Հերունին նախորդ դարու 90-ականներուն զգայացունց վարկած  առաջ քաշած էր` անուանելով համալիրը այն ժամանակ յայտնաբերուած ամենահին աստղադիտարանը բոլոր յայտնաբերուածներուն մէջ:

«National Geographic»-ի գլխաւոր տեղին մէջ յայտնուած են նաեւ Մեքսիքայի Չաքօ Քանեոնը, փորթուկալական՝ Քրոմլեխը, յունական՝ Մետէորները, քէնիական՝ Սիպիլօ ազգային պարկը, իրանական՝ Ալամուտ ամրոցը, աւստրալական՝ Ուլուրու Քատա Տիւտա ազգային պարկը, Քալիֆորնիոյ՝ Օուէնս հովիտը, կը գրէ «Ankakh.com»-ը:

Ֆրանսայի Նախագահ Մաքրոն Ռաքէլ Տինքին Յանձնեց «Շիրակ» Հիմնադրամի Մրցանակը

0

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքի այրիին` Ռաքէլ Տինքին յանձնեց «Շիրաք» հիմնադրամի «Հակամարտութիւններու կանխարգիլման մրցանակ»ը-, որուն արժանացած է «Հրանդ Տինք» հիմնադրամը:

Ինչպէս «Արմենփրես»-ը կը հաղորդէ, «Շիրաք» հիմնադրամին մէկ այլ` «Մշակոյթ յանուն խաղաղութեան» մրցանակը շնորհուած է «Զուքաք» թատերական ընկերութեան, որ թատրոնի միջոցով կը նպաստէ Լիբանանի ճամբարներու մէջ ապրող փախստականներու վերականգնողական ջանքերուն:

Մրցանակը ստանալու առիթով Ռաքէլ Տինք հանդէս եկած է ելոյթով, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ․

 Ձերդ գերազանցութիւն նախագահ Մաքրոն, յարգարժան Շիրաք ընտանիք, մեծարգոյ հիւրեր,

Երբ 2007-ի՝ մեր ընտանիքի վերապրած ողբերգութենէն ետք մեր ընկերներուն հետ միասին որոշեցինք հիմնել այս հիմնադրամը, միայն մէկ մտադրութիւն ունէինք` շարունակելու Հրանդի ջանքերը այս կառոյցի միջոցով ու մարդու իրաւունքներու համար պայքարելով՝ փորձել լրացնել մեր կեանքին մէջ ստեղծուած մեծ դատարկութիւնը:  Ցեղապաշտական մտածողութիւնը, որ զինք թիրախ եւ թշնամի դարձուց եւ որ սպաննեց զինք, այսօր ոչ միայն կը ջանայ իշխանութիւն ձեռք բերել Թուրքիոյ մէջ, այլեւ կը տարածուի ամբողջ աշխարհի մէջ` ստեղծելով նոր «ուրիշներ» եւ «թշնամիներ», վեր խոյացնելով նոր պատեր:

Այս աշխարհը այնքան ցաւ ապրած է. արդեօք սա բաւական չէ՞: Այսքան արիւն եւ արցունք թափուած է, հերիք չէ՞: Ցաւ ու տառապանք քարոզելու փոխարէն` պէտք չէ՞ արդեօք ուղիներ գտնենք ամոքելու ցաւը: Պետութիւններու նպատակը պէտք չէ ըլլայ սպաննելը, այլ կենդանի պահելը․ «Որովհետեւ Աստուած մեզ երկչոտութեան ոգի չտուաւ, այլ` զօրութեան, սիրոյ եւ զգաստութեան» (Աստուածաշունչ, Տիմոթէոս 2 1:7):

Որպէս հայ՝ ով գիտէ, թէ ինչ կը նշանակէ ըլլալ տեղահանուած: Ես ցաւ կ՛ապրիմ` տեսնելով տեղահան եղած ու աշխարհով մէկ ցրուած միլիոնաւոր փախստականներ: Յատկապէս ապշեցուցիչ է հետեւիլ այս իրավիճակի վերաբերեալ պետութիւններու արձագանգին: Ատելութեան խօսքը թափ կ՛առնէ ամբողջ աշխորհի  մէջ եւ կը ստիպէ մարդկոց աւելի մեկուսանալ իրենց սեփական կրօնական եւ ազգային համայնքներուն մէջ: Միայն ատելութեան խօսքը չէ սակայն, որ թափ կ՛առնէ: Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն ձայները եւս կը բարձրանան:

Մեր հիմնադրամի նպատակն է պայքարիլ խտրականութեան դէմ` սկսած մեր սեփական տունէն` Թուրքիայէն, ստեղծել երկխօսութեան եւ խաղաղութեան լեզու, տարբեր ինքնութեան մարդիկ մերձեցնել, պահպանել մշակութային ժառանգութիւնը, բարելաւել Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւնները, բանալ սահմանները ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ պատեր կը կառուցուին, նպաստել Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն եւ ամենակարեւորը՝ յաղթահարել մարդոց մտքին մէջ գոյութիւն ունեցող սահմանները:

Այս ամէնուն հասնելու համար Թուրքիոյ մէջ մենք կը գործենք միասնաբար` հայերով, թուրքերով, քիւրտերով, մահմետականներով եւ քրիստոնեաներով: Մենք հպարտ ենք ըլլալով մասը այդ մեծ ընտանիքին, որ կռիւ կու տայ նոյն գաղափարներուն համար եւ ողջ աշխարհի մէջ կը պայքարի մարդու իրաւունքներուն համար:

Թէեւ երբեմն մեզի կը թուի, թէ մենք կը պայքարինք մեծ ալիքներու դէմ, մեզի անչափ յոյս կու տայ այն գիտակցումը, որ մենք միայնակ չենք, ըլլայ Թուրքիոյ թէ աշխարհի մէջ: Այս մրցանակը ստանալով ոգեշնչող «Զուքաք» թատերական ընկերութեան հետ միասին եւ այսօր ըլլալով այստեղ ձեզի հետ` մենք աւելի ուժեղ կը դառնանք: Իմ եւ մեր հիմնադրամի անունէն` սրտանց կը ցանկամ երախտագիտութիւն յայտնել մրցանակին համար, որ, յուսով ենք, ալ աւելի պիտի զօրացնէ բոլոր անոնց, որոնք Թուրքիոյ մէջ կը պայքարին ժողովրդավարութեան համար եւ դժուարին ժամանակներ կ՛ապրին»:

«Շիրաք» հիմնադրամը ստեղծուած է 2008-ին Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժաք Շիրաքի կողմէ` նպատակ ունենալով «աջակցելու հակամարտութիւններու կանխարգիլման, մշակութային երկխօսութեան հաստատման եւ առողջապահութեան որակի բարելաւման ուղղուած ջանքերուն»:

Սամուէլ Կարապետեան Կը Մտադրէ Ուսումնասիրել Հայաստանի Քարիւղի Պաշարները

0

Լրագրող Քրիստինէ Աղալարեան կը հաղորդէ, որ  Հոկտեմբեր 4-ին հիմնուած «Հայկական նաւթի եւ գազի ընկերութիւն»-ը Հայաստանի տարածքի 1-ին եւ 3-րդ պայմանական տեղամասերուն մէջ քարիւղի  եւ բնական կազի երկրաբանական ուսումնասիրութիւն իրականացնելու դիմում ներկայացուցած է:

«Հայկական նաւթի եւ գազի ընկերութիւն»-ը կը պատկանի «Տաշիր Կապիտալ» ընկերութեան, որ իր կարգին կը պատկանի Սամուէլ Կարապետեանին եւ իր զաւակներուն:

Նշենք, որ Սամուէլ Կարապետեան Հայաստանի մէջ գնած է նաեւ խոշոր ջրելեկտրակայաններ, որոնց շարքին «Ձորագէտ հէկ»-ն ու «Դեբեդ հիդրո»-ն:

Հայաստանի պայմանական 1-ին եւ 3-րդ տեղամասերը կ՛ընդգրկեն Շիրակի, Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերը:

 

Մինչ 2020 Թուականը Եւրոմիոթիւնը Հայաստանին Պիտի Տրամադրէ 170 Միլիոն Եւրօ

0

Եւրոմիութիւնը 25 տոկոսով պիտի մեծցնէ Հայաստանի զարգացման ուղղուող աջակցութիւնը` տրամադրելով նաեւ տեխնիկական աջակցութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի իրականացման նպատակով, որ պիտի կազմէ ամենամեայ գործողութիւններու ծրագրի մեծ մասը:  «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ տեղեկացուցած է Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Փիթըր Սուիթալսքի:

 «Մինչեւ 2020 թուականը միասնական աջակցութեան ծիրէն ներս պիտի տրամադրուի 170 միլիոն եւրօ: Սակայն ասիկա չի սպառեր այն հնարաւորութիւնները, որոնք կրնան բացուիլ այս համաձայնագրի ստորագրումով»,- ըսած է պաշտօնեան:

Անդրադառնալով համաձայնագրէն բխող քայլերու կատարման արդիւնքով սպասուող տնտեսական օգուտներուն` Փիթըր Սուիթալսքի նկատել տուաւ,  որ այս փաստաթուղթը կը պարունակէ նոր տարրեր, որոնք համադրելի են Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան կարգին հետ, միեւնոյն ժամանակ կրնան ծառայել երաշխիք եւրոպացի տնտեսվարողներու ու ընկերութիւններու համար` մեծցնելու առեւտուրի ծաւալն ու ներդրումները Հայաստանի մէջ:

«Մենք յոյս ունինք, որ այս տարրերը հանդէս կու գան որպէս երաշխիք` վկայելով Հայաստանի մէջ գործարարութեան ժամանակակից, արեւմտեան չափորոշիչներու մասին: Մենք կը կարծենք, որ այս համաձայնագիրը խրախուսող դեր պիտի ունենայ ընկերութիւններու համար»,- աւելցուցած է Փիթըր Սուիթալսքի:

 Պրիւքսելի մէջ Նոյեմբեր 24-ին ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքի ներկայութեամբ ստորագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը։

UNWTO-ն Հայաստանը Ներառած է Աշխարհի Ճամբորդութեան Համար Լաւագոյն 20 Վայրերու Ցանկին Մէջ

0

Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (UNWTO) հրապարակած է աշխարհի ճամբորդութեան համար լաւագոյն 20 վայրերու ցանկը: Հայաստան ներառուած է այս ցանկին մէջ:  Այս մասին կը տեղեկացնէ «Փանորամա»-ն՝ վկայակոչելով «Travel and Leisure» պարբերականը:

Կազմակերպութիւնը կ՛ուսումնասիրէ միջազգային այցելուները եւ կը ներկայացնէ տեղեկութիւն, թէ որ պետութիւնները հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն զբօսաշրջիկներու համար: Անցեալ տարի զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք նկատուած է նաեւ դէպի Հայաստան:

«Իր  երկարամեայ պատմութեան ընթացքին (աւելի քան 3000 տարի) Հայաստան կը տառապի  հակամարտութեան  պատճառով: Սակայն  իրավիճակը կայունացած է, անցեալ տարի զբօսաշրջութեան ոլորտի մէջ 18 տոկոսով աճ արձանագրուած է:  Ան աշխարհի մէջ առաջին քրիստոնէական պետութիւնն է, եւ զբօսաշրջիկներուն ամենաշատը կը գրաւեն այնտեղի հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող վանքերը»,-գրած է կազմակերպութիւնը:

Նաեւ կը նշուի, որ հակառակ երկարատեւ հակամարտութիւններուն, Միջին Արեւելքի պետութիւններուն մէջ` Եգիպտոս, Թունիս,  նոյնպէս զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք կայ:

 

Իրան 250 միլիոն ԽՄ Կազ Արտահանած է Հայաստան

0

Իրանէն այս տարուան առաջին ութ ամսիներուն 250 միլիոն խմ իրանական կազ արտահանուած է Հայաստան, մինչեւ տարեվերջ կ՛ենթադրուի, որ կազի արտահանման ծաւալը հասնի 360 միլիոն խմ-ի:

ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ նման թիւեր հրապարակած է իրանագէտ Արմէն Իսրայէլեանը ու մանրամասնած, որ մօտաւորապէս նոյն քանակի կազ  արտահանուած է նաեւ նախորդ տարի:

«Իրան-Հայաստան կազատարի կառուցման վերաբերեալ առաջին համաձայնագիրը ստորագրուած է 1992-ին, 1995-ին լրացումներ կատարուած են: 2007-ին կազամուղի շահագործումէն ետք «կազ ելեկտրականութեան դիմաց» ձեւաչափով իրանական կազի լիարժէք արտահանումը սկսած է իրականացուիլ 2009 թուականին:

2018-ին երրորդ ելեկտրահաղորդման գիծի լիարժէք շահագործումէն ետք կը նախատեսուի երեք անգամ մեծցնել իրանական կազի ներմուծման ծաւալները»,- կը յիշեցնէ Իսրայէլեան:

Անոր ներկայացուցած տուեալներուն համաձայն՝ Իրանի մէջ կազի արտադրութեան եւ սպառման օրական ծաւալը կը կազմէ 700 միլիոն խմ: Իրանի քաղաքային շրջաններու բնակչութեան 97 տոկոսը կ՛օգտուի կապոյտ վառելիքէն, որ կը կազմէ շուրջ 16 միլիոն բաժանորդ, իսկ գիւղական վայրերուն մէջ` 4 միլիոն բաժանորդ, այսինքն` գիւղաբնակ բնակչութեան 67 տոկոսը:

Իրան կը նախատեսէ մինչեւ 2025 թուականը կազի օրական արտադրութեան ծաւալը հասցնել 1 միլիառ 200 միլիոն խմ-ի: Բացի Հայաստանէն` Իրան կազ կ՛արտահանէ նաեւ Թուրքիա` օրական 30 միլիոն խմ ծաւալով:

 

 

Էդուարդ Նալպանտեան Ստանձնած է Ֆրանսախօս Երկիրներու ԱԳ Նախարարներու Համաժողովին Նախագահութիւնը

0

Փարիզի մէջ ընթացող ֆրանսախօս երկիրներու նախարարներու համաժողովին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան ստանձնեց 84 անդամ, պաշտօնակից եւ դիտորդ պետութիւն ու կառավարութիւն միաւորող ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու համաժողովին նախագահութիւնը: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:

Համաժողովի աւարտին տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Մատակասքարի արտաքին գործոց նախարար Անրի Ռապարինձական Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Էդուարդ Նալպանտեանին փոխանցեց ֆրանսախօս երկիրներու նախարարներու համաժողովին նախագահութիւնը:

Աւելի Քան 250 Վարչականներու Մասնակցութեամբ՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Գումարեց Տարեկան Վարչական Ընդհանուր Ժողովը

0

Կիրակի, 26 Նոյեմբեր  2017-ի առաւօտեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ –ի  Կեդրոնական  Վարչութեան   հովանաւորութեամբ, ՀԵԸ-ի  32 վարչութիւններ ներկայացնող աւելի  քան  երկու  հարիւր յիսուն վարչականներու մասնակցութեամբ ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ  տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  տարեկան վարչական  ընդհանուր  ժողովը:

Լիբանանի, Հայաստանի,  ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներու  յոտնկայս  ունկնդրութենէն  ետք,  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան  բարի գալուստ մաղթեց  ներկաներուն, ի մասնաւորի ՝ ՀԲԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենադպիր  տիկին Սիլվա Լիպարիտեանին. « Իւրաքանչիւր տարի կը  համախմբուինք այս  սրահին մէջ  հաշուեյարդարի եւ  հաշուետուութեան:  Արդար  հպարտութեամբ կ’արձանագրենք, որ շնորհիւ  բոլորիդ  հաւաքական աշխատանքին եւ մասնակցութեան` անցնող  տասն  եւ երկու ամիսներուն կանգուն եւ  կենսունակ   մնացին  մեր 86-ամեայ  Միութեան կառոյցները:  Կը  հաւատանք, որ  այսօր, վաղը եւ ապագային, հաւաքական  նոյն վճռակամութեամբ եւ  յանձնառութեամբ պիտի շարունակէք  Ձեր առաքելութիւնը» շեշտեց  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը`  մէկ առ մէկ գնահատելով  սկաուտական, մարզական,  մշակութային, երիտասարդական միաւորներուն  զոհողութեամբ եւ  նուիրումով աշխատանքը:

 Վիգէն Չերչեան  շնորհակալութեան  յատուկ խօսք  ուղղեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին  եւ անոր  ատենապետ  տիար  Ժերար Թիւֆենքճեանին`  ՀԵԸ-ի  միջոցառումներուն  մնայուն  կերպով նեցուկ  կենալու  անմնացորդ պատրաստակամութեան: Ան շնորհակալութեան խօսք յղեց  նաեւ   ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  անդամներուն եւ ՀԵԸ-ի գրասենեակին:

 Ժողովը    ծափահարութիւններով  դիմաւորեց   ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի   ֆութպոլի  նոր մարզադաշտին շինարարութեան  աւետիսը`  երախտագիտութեամբ արձանագրելով  ՀԲԸՄ-ի  Լիբանանի  Շրջանակային  Յանձնաժողովին եւ  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան  հետեւողական ջանքերը, բազում զոհողութիւնները, իրականացած տեսնելու  տարիներու երազ մը:

Այս  նպատակով,  մեծ պաստառի վրայ  հերթականութեամբ ցուցադրուեցան  ֆութպոլի մարզադաշտին  շինարարութիւնը  եւ   ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ  կազմակերպուած՝ Art For A  Cause  նկարչական   ցուցահանդէսը նկարագրող տեսաերիզներ: 

Գնահատանքով արձանագրուեցան  Art For A  Cause  նկարչական   ցուցահանդէսի յաջողութեան   ի սպաս, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Կերի  Ֆեթէլի, ինչպէս   նաեւ ֆութպոլի  մարզադաշտին շինարարական աշխատանքներուն Կեդրոնական Վարչութեան  գանձապահ Վաչէ  Մելքոնեանի անմիջական հետապնդումները:  

Ընդհանուր  վարչական  ժողովի առաջին բաժնին մէջ խօսք առին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  բոլոր վարչութիւններուն ներկայացուցիչները: Անոնք  ամփոփ  տողերու մէջ   զեկուցեցին  անցնող տարուան  իրենց   գործունէութիւնը: Գրաւոր խօսքերուն զուգահեռ, մեծ պաստառի վրայ  կը ցուցադրուէին  վարչութիւններուն աշխատանքը խտացնող  տեսաերիզներ:

Կարճ  դադարէ եւ յիշատակի  խմբանկարէն ետք,  ընդհանուր  վարչական ժողովը  շարունակեց  իր  աշխատանքը,  քննարկելով  2018  տարեշրջանի  համար նախատեսուած  ծրագիրները,  անոնց պիւտճէական  գնահատումները: Այս միջոցին տեղի ունեցաւ մտքերու  փոխանակում:  Առաջարկութիւնները  արձանագրուեցան, յետագայի  համար, առ ի  քննարկում:

Ընդհանուր  վարչական   ժողովը   եզրափակուեցաւ  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին ՝ հաւաքական  ճիգերով աշխատանքը շարունակելու   բարեմաղթութիւններով:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ  ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Մեսրոպեանը Տօնեց Լիբանանի Անկախութեան Օրը

0

Վերջին շրջանին Լիբանանի մէջ քաղաքական լարուած մթնոլորտը երբեք պատճառ չդարձաւ, որ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը այս տարի եւս խանդավառութեամբ տօնէ Լիբանանի Անկախութեան օրը, որուն նուիրուած ձեռնարկները տեղի ունեցան 23 Նոյեմբերին:

Մեսրոպեան Մանկապարտէզի փոքրիկները կատարեցին տօնին համապատասխան ձեռային աշխատանքներ, տողանցեցին լիբանանեան երգերու կշռոյթներով, ներկայացուցին լիբանանեան մշակոյթին եւ բանակին նուիրուած թատերական փոքր պատկերներ:

Նախակրթարանի եւ երկրորդականի աշակերտները, իրենց հերթին, առանձնաբար տեղի ունեցած հաւաքներու ընթացքին կատարեցին երգեր եւ ընթերցումներ, ներկայացուցին զեկոյցներ Լիբանանի պատմութեան մասին:

Աշակերտութեան խօսքեր ուղղեցին ուսուցչական կազմի անդամներ տիկին Սոնիա Ապեթեան եւ պարոն Էլի Ժաուհարժի, որոնք կոչ ուղղեցին աշակերտներուն՝ որպէս երկրի ապագայ քաղաքացիներ, տէր կանգնիլ հայրենիքին եւ զօրակցիլ Լիբանանեան բանակին: Անոնք շեշտեցին, որ իւրաքանչիւր լիբանանցի ինքզինք պատասխանատու պէտք է զգայ երկրին նկատմամբ եւ լիուլի կատարէ իր քաղաքացիական պարտականութիւնները:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ կրթութեան եւ գիտութեան ճամբով այսօրուան աշակերտները պիտի կերտեն Լիբանանի վաղուան պայծատ ապագան՝ կայանալով որպէս ազատ մտքի եւ ազատ խղճի տէր քաղաքացիներ: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն պահպանելու միասնութեան, համերաշխութեան եւ փոխադարձ հանդուրժողականութեան գաղափարները անոնց հիմքին վրայ ամուր պահելու համար լիբանանեան հայրենիքն ու ընկերութիւնը:

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի