Երկուշաբթի, 28. 07. 2025

Ես կը Հաւատամ Սոխի Կեղեւին…

0

*ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ*

Հայաստանի մէջ յաճախ տարեցներէն լսած եմ, որ եթէ սոխի կեղեւը հաստ ըլլայ՝ ձմեռը խիստ կ’ըլլայ, իսկ եթէ բարակ ըլլայ, ձմեռը մեղմ կ’ըլլայ… Հաւատալ, թէ՝ ոչ, սա էր բուն խնդիրը…

15 տարի այս մասին լսելէ ետք, վերջին երկու տարիներուն հետեւեցայ սոխի կեղեւի հաստութեան. անցեալ տարի հաստ էր, ձմեռը 6 ամիս տեւեց, իսկ այս տարի բարակ է, եւ դեռ ձիւն չտեսանք։ Անցեալ տարի այս օրերուն գիւղացիները իրենց ձմրան փայտի ողջ պաշարը սպառած էին արդէն։ Այս տարի, եթէ ասկէ ետք ձիւն գայ՝ բնական է… Հետեւաբար, ես սկսայ հաւատալ սոխի կեղեւին եւ անոր մէջ թաքնուած փիլիսոփայութեան։

***

Սոխը նման է Հայաստանի մէջ ապրող ժողովուրդին, որոնք նոյն արմատին պէս կառչած են իրենց հողին եւ կը դիմակայեն բոլոր դժուարութիւնները, իրենց բոլոր իրավիճակներու մէջ ալ կը մնան օգտակար՝ արարող։

Սոխի կեղեւը անոր պատեանն է՝ վերնախաւը, երբ ան բարակ է, սոխը (ժողովուրդը) աւելի հիւթեղ կ’ըլլայ, բարետես ու փայլուն (ժողովուրդը՝ արարող), որովհետեւ կեղեւը կը նուիրուի սոխին, ինքզինք կը զոհէ յանուն անոր «բարօրութեան», իսկ երբ կեղեւը միայն ինքն իր մասին կը մտածէ, սոխը կը ճլորի եւ հիւթեղ չ’ըլլար։

Սոխի կեղեւը նոյնն է ինչ վերնախաւը՝ իշխանութիւնը։ Շատ կ’ուզեմ այդ կեղեւին ալ հաւատալ, շատ կ’ուզեմ այդ «կեղեւ»ն ալ սկսի «բարակնալ», եւ «հաստնալու» փոխարէն՝ վերջապէս մտածէ ժողովուրդի բարօրութեան մասին, որպէսզի մեր ժողովուրդն ալ իրեն յարիր «տեսք»ը ստանայ եւ «հիւթեղ» դառնայ։

28.10.2017-ին «ժամանակ» թերթը գրած է-.«Կառավարութիւնը 2018-ին կը նախատեսէ մօտ 5560 աշխատակից կամ աշխատատեղ կրճատել։ Անիկա կը կազմէ ընդհանուր աշխատողներու 4 տոկոսը։ 2017-ին պետական համակարգի աշխատակիցներու թիւը կազմած է 144 հազար 133 մարդ, 2018-ին անոնց թիւը պիտի կազմէ 138 հազար 549 հոգի։ Իսկ այդ կրճատման իբրեւ արդիւնք՝ կառավարութիւնը պիտի տնտեսէ մօտ 3 միլիառ դրամ։ Այս ցուցանիշը արտացոլուած է 2018-ի պիւտճէի նախագծի փաստաթուղթերուն մէջ։ Կրճատումներ պիտի ըլլան պետական համակարգի բոլոր ոլորտներէն ներս»։

2018-ը կը մօտենայ. ակնյայտ իրականութիւն է, որ պետական բոլոր համակարգերէն ներս կան բազում ո՛չ գործունեայ աշխատողներ, որոնք համակարգ մտած են իրենց ետին կանքնած «հաստ կեղեւ»-ներու շնորհիւ եւ աշխատելու փոխարէն նոյնիսկ կը խոչընդոտեն աշխատանքն ու կը խաթարեն մթնոլորտը։

Կ’ուզեմ հաւատալ, որ պիտի կրճատուին ո՛չ գործունեաները, որ միայն անո՛նք տուն պիտի երթան ու վայելեն իրենց հովանաւորներուն ստուէրը։ Կ’ուզեմ հաւատալ, որ կրճատումը որակ պիտի ապահովէ, ո՛չ թէ՝ հովանաւոր։

Մի անտեսէք սոխը, ան շատ օգտակար է եւ բուժիչ, մա՛նաւանդ «երբ կեղեւը բարակ է»։ Բայց նաեւ զգուշացէ՛ք սոխէն, երբ զինք «կը մանրեն» ու ճնշման կ’ ենթարկեն, ան կը լացնէ զինք ճնշողը։

 

Լուսինը կը Ժպտի…

0

*ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ*

Գահիրէի Խալիկ էլ Մասրիի մեր տան հիւրանոցի պատշգամը փայտէ փեղկեր չունէր : Անոր փոխարէն սկիզբէն միայն դուռ մը դրուած էր, որուն մարմնին կէսէն վեր կային միջակ մեծութեամբ չորս թափանցիկ եւ քառանկիւն ապակիներ, ուրկէ առաւօտները դպրոց երթալէս առաջ արեւը մեր տունը այցելութեան կու գար: 

Մայրս ամէն տարի՝ Կաղանդի եւ Զատկուան օրերուն, վարի երկու ապակիներու փայտէ եզերքներուն վրայ հաստատուած ոսկեգոյն ձողիկներէ իր ձեռքով բանուած ասեղնագործեր կը կախէր: 

Մաքուր, ճերմակ կերպասի վրայ աշխատցուած ու արդուկուած այդ ասեղնագործերուն տեսարանը խոշոր քարերու վրայ նստած եւ սրինգ նուագող հրեշտակներ էին… Անոնց սրինգներէն նուագի ձայներ չէին ելլեր, բայց ինծի այնպէս կը թուէր, թէ պատշգամի ապակիներուն վրայ եթէ մօրս ասեղնագործերու ներկայութիւնը չտեսնէի, Կաղանդը եւ Զատիկը իրենց հմայքէն շատ բան կը կորսնցնէին ինծի համար: 

Բայց տօնական օրերը կարեւոր էին ու մենք ամբողջ տարին անհամբեր՝ անոնց գալը կը սպասէինք : Սակայն մեր փողոցի տուներուն մէջ մեզմէ զատ քիչեր կային այդ տօներուն սպասող, որովհետեւ մեր շուրջը հայեր կամ քրիստոնեաներ շատ չկային բնակող:
Իրաւ է, թէ մենք Եգիպտոսի մէջ «Խաուակա»-ներ էինք, բայց մեր բնակած փողոցը հին էր եւ թերեւս ալ այդ պատճառաւ, ժամանակի ընթացքին «Խաուակա»-ները հեռացած էին մեր թաղէն…
Հոն բնակչութեան մեծամասնութիւնը տեղացիներէ բաղկացած էր: 

Սակայն Խալիկ էլ Մասրին, անցեալին, քաղաքին կարեւոր փողոցներէն եղած էր: Դեռ ալ կարեւոր էր ,անշուշտ ոչ նախկինին չափ, որովհետեւ հակառակ ժամանակին հետ քայլ պահած չըլլալուն ու նոր օրերու բաղդատմամբ ալ նեղ մնացած ըլալուն՝ հոնկէ անցնող թրամվայները քաղաքին որոշ մասերը տակաւին իրարու կը կապէին :

Մեր առաջին յարկի պատշգամէն ես կը սիրէի դիտել այդ թրամվայներու երթեւեկը եւ լսել մանաւանդ, փողոցի յատակին վրայ, երբեմն անցնող ու կառքերու կապուած ձիերու կամ ջորիներու թոփիւնը… Հետաքրքրական էր փողոցին եռուզեռը … Բայց հակառակ փափաքիս, երբ դեռ պզտիկ էի, ինծի կարելի չէր ըլլար միշտ գոհացում տալ ուզածներուս, որովհետեւ այն օրերուն պատշգամին դուռը սովորաբար գոց կ’ըլլար եւ հասակս պատշգամին բռնակը դարձնելու չէր հասներ … Դրան ետեւէն ես յաճախ կը լսէի թրամվայներու զանգակին հեռացող կամ մօտեցող ձայնը եւ անհամբեր կը սպասէի փողոցին մէջ հեռուէն կրկնուող շրջուն վաճառորդներու երկարող կանչին …

Ասֆուր էլ Նի՜լ…

Լապան զպա՜տի…

Մոլոխեյյա՜…

Պալահ Զաղլու՜լ …

Լեցուն ապրանքներով կողով մը իրենց գլխուն վրայ շալկած անոնք կ’անցնէին մեր տան առջեւի փողոցէն եւ կանչող ձայնով՝ ծախած ապրանքներուն գովեստը կ’ընէին: Անոնք բնածին վաճառորդներ ալ էին եւ ունեցած ապրանքնին ծախելու հոգեբանութեամբ, երբեմն քալած ժամանակ, տեղ-տեղ կը կենային եւ հնարաւոր գնորդներ գտնելու մտահոգութեամբ, աչքով չորս դին յաճախորդներ կը փնտռէին … 

Անոնց ծախած զանազան ապրանքներուն մէջէն, ամենաշատ սիրածներէս մէկը, երկար, գրեթէ փողոցները աւլող սեւ հագուստով կնոջ մը, որսացուած եւ վեցական զոյգերով իրարու ոտքերէն կապուած շատ համեղ պզտիկ թռչուններն էին …

Ամէն անգամ երբ կնոջ «Ասֆուր էլ Նիի՜լ» երկարող կանչը լսէի՝ վազելով մօրս լուր կու տայի …
Ան վեր կը կանչէր կինը եւ «Ասֆուր»-ներ կը գնէր իրմէ : Կինը մեզմէ յետոյ դեռ քանի մը դրացիներու ալ թռչուններ ծախելէ ետք, կը վերցնէր մնացածը ու գոհ կը մեկնէր մեր տունէն :

Երթալէն վերջ, երկյարկանի շէնքին մեր բնակած առաջին յարկէն, փողոցին մէջ դարձեալ լսելի կ’ըլլար իր «Ասֆուր էլ Նի՜իլ» հեռացող կանչը… 

Նոր չէր Խալիկ էլ Մասրիի վրայ այդ երկյարկանի շէնքը, ու անոր յարակից դերձակի խանութէն դուռ մը անդին՝ անցնող թրամվայներու գիծին շատ մօտ եղող իր խանութի պատին առջեւ մեր դրացի Ամմու Եուսուֆը առանց յենարանի նստարանի մը վրայ միշտ նստած կ’ըլլար: 
Ան արհեստով յեսան էր եւ մօտը, նստարանէն քիչ մը անդին պատին կռթնած, ջաղացքի մը քարին նմանող խոշոր ու կլոր պահեստի յեսանաքար մը կը պահէր ամբողջ տարին: 
Ամմու Եուսուֆը երկար տարիներ աշխատելէ վերջ խանութ բացած գործատէր դարձած էր :

Ան հիմա այլեւս չէր աշխատեր : Իր փոխարէն գործաւոր մը խանութէն ներս յեսանաքարին վրայ ամբողջ օրը մկրատ, դանակ եւ ուրիշ գործիքներ կը սրցնէր:

Կարճ մազերով, թոյլ կերպասէ ճերմակ ու կարճ տափատով Ամմու Եուսուֆը, հակառակ վնասուած մէկ աչքին, ժամանակով, մեր փողոցի անպաշտօն հսկիչը դարձած էր:

Ան կը ճանչնար բոլոր անցորդները, մեծ կամ փոքր դրացիները ու բարեկամ էր ամէնուն: Ճիշդ այս պատճառաւ մեր ալ բարի դրացին էր ու տան լաւ բարեկամը:

Սակայն Ամմու Եուսուֆը ջերմեռանդ մահմետական էր եւ կուրօրէն կը հետեւէր Քուրանի բոլոր պատուիրանքներուն :

Րամատանի օրերուն ծոմի վերջաւորութիւնը աւետող մայրամուտի թնդանօթի հարուածէն քիչ առաջ խանութին դուռը վար կ’առնէր եւ օրուան առաջին ճաշը՝ «Իֆթար »-ը տան մէջ արժանիօրէն վայելելէ վերջ, կ’իջնէր խանութը դարձեալ կը բանար ու առջեւի նստարանին վրայ իր առաջուան տեղը կը գրաւէր … 

Քիչ վերջ պզտիկ տղաք ու աղջիկներ երգելով՝ կ’անցնէին փողոցէն եւ ձեռքերնին գունաւոր ապակիներով ու վառած մոմերով Ֆանուսներ բռնած՝ կու գային Ամմու Եուսուֆին առջեւ Րամատանի երգեր կ’երգէին…

Ամմու Եուսուֆը բարի էր: Գթասիրտ ալ էր : Կը հասկնար ուզածնին եւ պզտիկ նուէրներ տալով՝ կը գոհացնէր բոլորին …

Հիւրանոցի մեր պատշգամէն՝ գիշերները ես կը դիտէի այս բոլորը, կը լսէի տղոց երգերը ու անոնցմէ քանի մը մասեր ալ գրեթէ գոց սորված էի :

Սակայն երգերէն զատ սորված էի նաեւ, որ Րամատանը միայն երգերու ամիս չէր եւ մահմետականներուն համար կարեւոր աղօթքի եւ բարիքի ամիս ալ էր, որովհետեւ այդ օրերուն գթասէր եւ հարուստ մարդիկ աղքատներուն սեղան կը բանային եւ ուրիշ բարի գործեր ալ կը կատարէին : 

Մայրս կը հաւատար, որ գթասիրտ մարդիկ բոլոր ազգերուն մէջ գոյութիւն ունէին, իսկ մեր մահմետական դրացիներն ալ կ’ըսէին, թէ Րամատանի ամիսը՝ գիշերներուն, իրենց կատարած բարի գործերով եւ աղօթքներով, արծաթէ լուսինը երկնքին վրայ կը ժպտէր եւ աստղերն ալ, յատկապէս բարի մուսլիմ հաւատացեալներուն համար աւելի փայլուն կը պսպղային… :
Սակայն Րամատանի գիշերները ինծի տարբեր տարբեր յիշատակներ կը բերէին ամէն տարի: Արշալոյսէն քիչ առաջ երբ Մուսահհարաթին մութ փողոցներէ կ’անցնէր եւ դրամական պզտիկ վարձատրութեան մը փոխարէն՝ գաւազանով մուսլիմները Սուհուրի երկրորդ ճաշին արթնցնելու համար գաւազանով անոնց դուռը կը ծեծէր ու անունները միշտ երկնցնելով՝ կը կանչէր, ես յաճախ կ’արթննայի եւ Ամմու Եուսուֆին անունը կը լսէի : 

Յետոյ անկողինիս մէջ դեռ պառկած՝ կէս քուն վիճակի մէջ, հեռուէն կը լսէի ու երբեմն ալ կը համրէի ուրիշ դուռերու ալ տրուած հարուածի խուլ ձայներ եւ քունով թուլցած՝ երազի պէս կը հետեւէի խորհրդաւոր Մուսահարաթիին գիշերուան լռութեան մէջ մարող ոտնաձայներուն : 

Սակայն Ամմու Եուսուֆը բարեպաշտութեան իր տեսակին մէջ միակը չէր, եւ իրեն պէս Քուրանի օրէնքններուն հետեւող ու Մուհամմատի Աստուծմէն վախցող, ուրիշ մուսլիմ դրացիներ ալ կային մեր փողոցին մէջ: 

Անոր չափ բարի ու մեր ընտանիքին լաւ բարեկամ ալ, մեր վարի ատաղձագործ Ամմու Ապտօն էր, որ առաւօտները կանուխէն երկայն հասակը ծռած՝ խանութին դուռը կը բանար ու շինուելիք փայտէ կարասիներուն համար կրակին վրայ սոսինձ կը հալեցնէր: Իր տղաքը՝ Մուսթաֆան, Մուհամմէտը եւ Թահան, աւելի ուշ գործի կու գային … Մուսթաֆան վերապահ ու սակաւախօս էր : Երբ պատահէր, որ դասերէ ազատ ժամի մը իրենց խանութը այցելութեան երթայի, կը նախընտրէի միշտ Մուհամմէտին կամ կատակախօս Թահային հետ խօսիլ , որովհետեւ անոնք խիստ չէին. հարցումներուս կը պատասխանէին եւ յաճախ կը թոյլատրէին որ տաշեղներով ու իրենց գործիքներով ալ խաղամ:

Մինչեւ տղոց երեւնալը ամէն առտու Ամմու Ապտօն խանութէն դուրս կրակին վրայի թիթեղին մէջ հալող սոսինձը փայտով կը խառնէր, յետոյ ներս կը մտնէր ու կը սկսէր նախորդ օրուան գետին թափած տաշեղները աւլել : 

Ամէն օր առտուները երբ ճշդապահօրէն ժամը վեցը քառորդ անցած դպրոց երթալէ առաջ նախաճաշիս կաթ գնելու համար փողոց կ’իջնէի, Ամմու Ապտօն խանութին առջեւի մայթը աւլելու վրայ կ’ըլլար : Ես կը բարեւէի ու 

– Սապահ էլ խեր եա Ամմու Ապտօ ,-կ’ըսէի: Ան կը ժպտէր ու 

– Սապահ էլ ֆոլլ կամ սապահ էլ Էշթա եա Կարօ,- կը պատասխանէր:

Ես կ’աճապարէի եւ շատ չէի խօսեր, որովհետեւ դպրոցիս դեղձանիկի գոյնով օթոպիւսները կանուխ կու գային:

Փողոցին մէջ կաթնավաճառին փայլուն ապակիներով խանութը շատ հեռու չէր եւ ճամբուս վրայ գտնուող կամարաձեւ ու խոշոր պատուհաններով սրճարանին դիմացի նեղ անկիւնը կը գրաւէր: Առջեւը խաչմերուկ մը կար: Խանութին մէջ մօրուքաւոր կաթնավաճառը, առաւօտները կանուխէն շերեփով կաթ կ’եռացնէր ու ապակիէ ցուցափեղկերուն ետեւ, պտուկէ «սուլթանիա»-ներու մէջ մածուն եւ կաթնապուր կը ծախէր:

Գործաւորները առտուան կանուխ ժամերուն կու գային եւ խանութէն ներս՝ պատին տակ շարուած չորս կամ հինգ սեղաններու շուրջ, պնակ մը տաք կաթի մէջ հաց 
կը բրդէին ու նախաճաշելէ վերջն գործի կ’երթային:

Խաչմերուկի Խալիկ էլ Մասրին կտրող փողոցը կ’անցնէր կաթնավաճառին անկիւնէն, եւ թրամվայներու գիծէն հեռու ճիւղաւորուելէ վերջ, մինչեւ թաղին ներսերու զուտ տեղական մասերը կ’երթար : Փողոցի այդ մասէն ինքնաշարժներ կամ թրամվայներ չէին անցներ : Հոն տարբեր շուկայ էր եւ քով-քովի, կարծես տաքնալու համար իրարու կռթնած պզտիկ խանութներու մէջ ամէն տեսակ ապրանքներ աժան գինով կը ծախուէին: 

Ասկէ զատ տեղւոյն վրայ կը գտնուէին նաեւ տեսակ-տեսակ արհեստի գործաւորներ եւ խանութպաններ: Կային մսավաճառներ, «Պելետի» կամ «Ֆրանկի» հացավաճառ խանութներ, հնակարկատներ, փռապաններ, թթումի եւ ձմերուկի խարկուած կուտ ծախողներ եւ ուրիշ շատ արհեստներու խանութպաններ:

Բայց այս չէր բոլորը, եւ ես ամէն անգամ երբ այդ նեղլիկ փողոցին մէջ գտնուէի, անոր միւս ծայրին՝ խանութի մը մէջ, ես դեռ ուրիշ տեղեր չգտնուած արդուկարար մը կը տեսնէի, որ հագուստները ոտքով կ’արդուկէր: 

Հետաքրքրական էր: Մաքուակին կամ արդուկարարը երկայն կոթով շիկացած ծանր արդուկը կը հանէր կրակարանէն եւ դժուարութեամբ՝ արդուկի ցածուկ եւ երկար սեղանի մը ծայրին հաստատուած քառանկիւն երկաթի մը վրայ կը զետեղէր: Յետոյ ծունկի բարձրութեան կէսին հասնող այդ սեղանին վրայ կը ծռէր, ոտքը արդուկի կոթին առջեւ՝ աղիւսի ձեւով շինուած քառանկիւն փայտի մը վրայ կը դնէր եւ կոթի ծայրէն բռնելով՝ արդուկը սեղանին վրայ կը սահեցնէր : Փայլուն արդուկը հագուստի կերպասին վրայ հովի պէս կը թռէր եւ մէկ անգամ երթալ-գալով՝ շատ դիւրին կ’արդուկէր … 

Խանութին փողոցը Խալիկ էլ Մասրիի անկիւնէն սկսեալ նեղ էր, բայց բանուկ էր եւ ամբողջ օրը ձիերու կապուած անցնող-դարձող կառքերու երթեւեկէն մաշած ասֆալտին վրայ փոսիկներ բացուած էին, որոնց մէջ ատենով հաւաքուած փոշին՝ խանութպաններուն կէսօրուան տաքին փողոցները ջրած ժամանակ ցեխի կը վերածուէին : 

Սակայն փողոցը մաշած ասֆալտով, մեծ ու փոքր փոսերով կամ պզտիկ խանութներով գեղանկար էր ու ես երբ տան մէջ պէտք եղած բանի մը համար փողոց իջնէի, հակառակ մօրս տուած հեռու տեղեր չերթալու պատուէրներուն, յաճախ ճամբաս կը շեղէի ու այն կողմերէն ալ կ’անցնէի:

Վերադարձիս հոն երթալս իրմէ չէի թաքցներ, բայց պատճառը ինծի կը պահէի :
Մօրս միտքէն ի՞նչպէս անցնէր, թէ այն կողմերը երթալուս նպատակը՝ անցնող ձիերու կապուած կառքերու ետեւէն «շա’ապաթ» ընելս էր:

«Շա ‘ապաթ»-ը սորված էի եղբօրմէս կամ ճիշդ չեմ յիշեր, թէ ուրիշ ո՛ր ընկեներէս : Մենք կառքերու քալած ժամանակ կը վազէինք եւ անոնց կառոյցին մաս կազմող, ետեւի երկու կողմերէն դուրս երկարած կլոր գերաններու վրայ փաթթուած չուաններէ կախուելով՝ մինչեւ փողոցին ծայրը կ’երթայինք:

Կառապանը ձիերը կառավարելու համար, մտրակը ձեռքին, բացօթեայ կառքին առջեւը նստած կ’ըլլար եւ սովորաբար չէր նշմարեր ետեւը պատահածը : Սակայն եթէ պատահէր, որ անցորդներէն մէկը նշմարէր եւ լուր տար, կառապանը ետեւ կը դառնար եւ ձեռքի մտրակը օդին մէջ շաչեցնելով՝ մեզ կը վախցնէր: 

Մենք անմիջապէս վար կը ցատկէինք եւ փողոցին մէջ յաջորդ կառքի անցնելուն կը սպասէինք …

Նոր եկողներուն մէջ ես մասնաւորապէս կը նախընտրէի հիները, որոնց զսպանակները գործածուելէն թուլցած կամ կակուղցած կ’ըլլային եւ մաշած ասֆալտին վրայ՝ բացուած փոսիկներէն աւելի կ’օրօրուէին …

Դեկտեմբեր ամսու մը մէջ, կաղանդի դպրոցական արձակուրդի առաջին օրերուն, չեմ յիշեր՝ ի՛նչ գնելու նպատակաւ, ճամբուս վրայ յաճախ շեղած փողոցս դարձեալ մտայ:

Այն օրը փողոցին մէջ երթեւեկը սովորականէն աւելի բանուկ էր եւ խանութներն ալ մարդոցմով լեցուն էին:

Փողոցի հացավաճառին առջեւ դեռ միւս ծայրին գտնուող արդուկարարի խանութին չհասած՝ ետեւէս մօտեցող կառքի մը անիւներուն ձայնը լսեցի : Դարձայ եւ ջորիներու կապուած հին կառք մը տեսայ, որ ժողովուրդին մէջէն ճամբայ կը բանար ու կողմս կը յառաջանար:

Անմիջապէս մէկ կողմ քաշուեցայ եւ սպասեցի, որ կառքը աւելի մօտենայ : Երբ քովէս անցաւ, վազեցի ու քայլերս իր արագութեան հասցնելով՝ յարմար վայրկեանին թեւերս երկնցուցի եւ կառքին գերաններուն փաթթուած՝ չուանէն կախուեցայ: 

Չորս անիւներով կառքը առանց ծանրութիւնս զգալու անտարբեր շարունակեց իր ճամբան…

Ես գոհ էի եւ ուրախ, սակայն կառքին օրօրուիը եւ զգացած ուրախութիւնս երկար չտեւեցին: Կառքը քանի մը փոսերու մէջ մտնել – ելլելէ վերջ, խոշոր փոսէ մը անցած ժամանակ զօրաւոր ցնցումով յանկարծ շարժեցաւ եւ խոշոր փոսէն ելած վայրկեանին ալ ետեւի մասը անսպասելիօրէն յանկարծ վեր բարձրացաւ: 

Ես անակնկալի եկած՝ զգացի, որ ձեռքս վայրկեանի մը մէջ թուլցաւ ու բռնած չուանս ձեռքէս փախաւ: Դեռ օդին մէջ ձեռքս երկնցուցի ու փորձեցի դեռ չուանի ծայրին հասնիլ, բայց օգուտ չունեցաւ, եւ կառապանը առանց լուր ունենալու ետեւի պատահածէն, կառքին հետ ելլել-իջնելով եւ երբեմն ալ աջ-ձախ օրօրուելով՝ շարունակեց իր ճամբան: Ես փողոցին մէջտեղ յետոյքիս վրայ նստած՝ հազիւ կրցայ կառքին հեռանալը դիտել…

Երբ կաղալով տուն հասայ՝ մօրս այնպէս ձեւացուցի, թէ բան չէր պատահած : Ան արդէն պատշգամի ապակիներէն կախած էր իր ձեռքով բանած ասեղնագործերը, եւ հրեշտակներն ալ ամէն տարիներու նման, դեռ խոշոր քարերու վրայ նստած սրինգ կը նուագէին : 

Տան մէջ աչքիս առջեւ մթնոլորտը անմիջապէս փոխուեցաւ, ու այնպէս զգացի, թէ կաղանդը մօրս հրեշտակներով՝ վերջապէս իր տարեդարձը մեր տան մէջ տօնելու եկած էր … 

Սակայն կաղանդը այն տարի իր վերջին տարեդարձը տօնեց Խալիկ էլ Մասրիի մեր տան մէջ:

Տօնական օրերէն քանի մը շաբաթ վեր քաղաքապետարանէն լուր եկաւ, թէ թաղը ամբողջութեամբ պիտի փլցուէր եւ տեղը ուրիշ արդիական ու լայն պողոտաներով նոր մը պիտի շինուէր:

Մենք փոխադրուեցանք ու գացինք Տահեր թաղի Յովսէփ Գեղեցիկ պարտէզին դիմացի թիւ 2 նոր շէնքին հինգերորդ յարկը բնակեցանք: 

Սակայն նոր յարկաբաժինի հինգերորդ յարկի մեր պատշգամէն ես չկրցայ այլեւս Ամմու Ապտօն, Ամմու Եուսուֆը եւ Րամատանի գիշերներուն փողոցներէն գունաւոր ֆանուսներով անցնող տղաքը եւ աղջիկները տեսնել: 

Անոնք հոն չկային ու անոնցմէ զատ, դեռ ջորիներով քաշուած կառքերու ետեւէն «շաապաթ» ընելու կարելիութիւն կամ ուրիշ զուարճանալիք տարբեր խաղեր ալ չկային …

Ես կը նախընտրէի մեր առաջուան տան առաջին յարկի պատշգամը եւ տունը, ուր ցերեկները փողոցներուն մէջ շրջուն վաճառորդներու երկարող կանչը եւ Րամատանի գիշերներուն ալ մութին մէջ անհետացող Մուսահհարաթիներու ոտնաձայները կը լսէի ու մտքիս մէջ հազար ու մէկ բաներ կ’երազէի…

Սակայն մեր նոր բնակարանը նախընտրէի կամ ոչ, Տահերի յարկաբաժինին մէջ տարիներ բնակեցանք : Յետոյ երկար ժամանակ վերջ,ջ դարձեալ փոխադրուեցանք, բայց այս անգամ գացինք եւ հարաւի ովկիանոսին վարի կողմերը սուրճերու արեւադարձային խոշոր երկիրը հաստատուեցանք:

Հոս տեսանք, որ արեւը տարին ամբողջ կ’երգէր եւ դաշտերու ծաղիկներուն վրայ տարածուելով՝ անոնց գոյն ու կեանք կու տար : Հոս սորվեցանք նաեւ, որ կեանքին գոյները ուրիշ էին, հովերը խաղաղ կը փչէին եւ մարդիկ տարբեր-տարբեր ձայներով ու նոր ձեւերով կը խօսէին կեանքին հետ:

Սակայն ես չեմ ուզեր ու չեմ ալ կրնար մտքիս մէջ եղած հին եւ անփոխարինելի յիշատակներս մոռնալ : Ուրիշ են անոնք : Ուրիշ են, որովհետեւ մինչեւ այսօր երբ անոնց մասին մտածեմ, կը զգամ, որ մտքիս երկնակամարին վրայ Րամատանի արծաթէ լուսին մը դեռ կը ժպտի եւ Խալիկի մեր մուսլիմ դրացիներուն ըսածին պէս աստղերը այն գիշերներուն աւելի փայլուն կը պսպղան …

Քամփինաս, Պրազիլ

 

Սերժ Թանկեան կը Յորդորէ Աջակցիլ Արցախի Մէջ Ականազերծման Աշխատանքներուն

0

Հանրայայտ երաժիշտը կը յորդորէ աջակցիլ Արցախի ականազերծման աշխատանքներուն:

Ըստ «Artsakhpress.am»-ի՝ աշխարհահռչակ ռոք-երաժիշտ Սերժ Թանկեան Facebook-ի իր բաժանորդներուն կոչ ըրած է աջակցելու Արցախի հակամարտութենէն տուժած տարածքներու ականազերծման աշխատանքներուն եւ նուիրատուութիւն ընելու «The HALO Trust» բրիտանա-ամերիկեան բարեգործական հիմնադրամին, որ ստանձնած է այդ առաքելութիւնը:

«Անոնց առաքելութիւնը օգնած է, որ այդ տարածքները անվտանգ դառնան բնակիչներուն համար, որպէսզի անոնք կարողանան տեղաշարժիլ առանց զոհուելու կամ վիրաւորուելու վախը իրենց սրտին: Նուիրաբերութիւն կատարելով այս կազմակերպութեան` կրնաք օգնել, որ Յարար գիւղի բնակիչներուն համար ապահով գօտիներ ստեղծուին»,- գրած է երաժիշտը:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ նուիրաբերած գումարը պիտի կրկնապատկուի հիմնադրամի անանուն նուիրատուին շնորհիւ:

 

Տիգրան Մանսուրեան Առաջադրուած է «Կրեմի»-ի Երաժշտական Մրցանակին

0

Մեծանուն հայ երգահան Տիգրան Մանսուրեան միաժամանակ երկու անուանակարգերու մէջ առաջադրուած է «Կրեմի» երաժշտական մրցանակին: Այս մասին կը յայտնէ մրցանակաբաշխութեան պաշտօնական կայքը:

Մանսուրեանի հեղինակած «Ռեքվիեմ»-ը ներկայացուած է «Լաւագոյն երգչախմբային ներկայացում» եւ «Լաւագոյն ժամանակակից դասական ստեղծագործութիւն» անուանակարգերուն:

«Կրեմի»-ին առաջադրուած է նաեւ Տիգրան Մանսուրեանի արտադրող Մանֆրետ Այխըրը` որպէս «տարուան արտադրող դասական ոճի մէջ»:

«Կրեմի»-ի 60-րդ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 28-ին Նիւ Եորքի մէջ:

Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ֆիլմի Երաժշտութիւնը Առաջադրուած է «Կրեմի» Մրցանակի

0

Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող հոլիվուտեան «Խոստումը» ֆիլմի համանուն երաժշտութիւնը, որուն հեղինակը ու կատարողը յայտնի ռոք երաժիշտ Քրիս Քորնըլն է, առաջադրուած է «Կրեմի» մրցանակի:

Այս մասին կը յայտնէ մրցանակաբաշխութեան պաշտօնական կայքը:

Քորնըլի «Խոստումը» երգը առաջադրուած է «Լաւագոյն ռոք կատարում» անուանակարգին:

Յայտնի ռոք երաժիշտ Քրիս Քորնըլ մահացած է 2017-ի Մայիսին` 52 տարեկանին:

Ան յայտնի է որպէս «Soundgarden» ռոք խումբի կիթառահար ու երգահան:

Ան հեղինակած էր «Խոստումը» երգը Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող հոլիվուտեան համանուն ֆիլմին համար: Խօսելով ֆիլմին մասին` երգիչը ըսած էր. «Մենք պէտք է տեղեակ ըլլանք անցեալին տեղի ունեցած դէպքերուն մասին: Ատիկա շատ կարեւոր է ինծի համար, քանի որ մենք չենք պատմեր պարզապէս մէկդարեայ հնութեան պատմութիւն, մենք կը խօսինք այն պատմութեան մասին, որ տեղի կ’ունենայ այսօր»:

Երկքաղաքացիութիւնը Մարդը կը Կապէ Հայրենիքի Հետ. Մօտ 7000 Մարդ Այս Տարի Հայաստանի Մէջ Երկքաղաքացի Դարձած է

0

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու համար 2017-ի առաջին ինն ամիսներուն ընթացքին դիմած է 6,866 անձ: 2016-ի ողջ տարուան ընթացքին ` 7,229 անձ: Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ ՀՀ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան պետ, ոստիկանութեան գնդապետ Մնացական Բիչախչեան ըսած է, որ 2017 Յունուար-Սեպտեմբերին մերժուած է 356 անձի դիմում, 2016-ին` 840 դիմում: «Երկիրներու եւ ազգութիւններու մասով առանձին վիճակագրութիւն չի վարուիր»,- ըսած է ան:

Հակառակ անոր որ պաշտօնական վիճակագրութիւն չի վարուիր, սակայն «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամի տնօրէն Վարդան Մարաշլեան տեղեկացուցած է, որ երկքաղաքացիութիւն ստանալու համար աւելի յաճախ կը դիմեն Սուրիոյ, Լիբանանի, Վրաստանի հայերը: «Երկքաղաքացիութեան հիմնարկը ժամանակին ստեղծուած է անոր համար, որ կապեն Սփիւռքը Հայաստանի հետ: Ո՛չ ուղղակի ձեւով ատիկա նաեւ կը վերաբերի հայրենադարձութեան զարգացման, որովհետեւ եթէ մարդիկ ձեռք կը բերեն երկքաղաքացիութիւն, իրենք կը սկսին երթալ-գալ Հայաստան եւ երթալ-գալով Հայաստան՝ կապուածութեան աստիճանը շատ լուրջ կ’ըլլայ եւ մարդիկ կը սկսին մտածել տեղափոխուելու մասին»,- ըսած է ան:

«Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամի տնօրէնը նշած է, որ շատ պետութիւններու մէջ կ’արգիլեն մարդոց այլ երկրի քաղաքացի ըլլալ: «Իսկ Հայաստանի մէջ անոնք կը դիտարկուին իբրեւ ՀՀ քաղաքացի»,- աւելցուցած է ան:

Հայաստանի Հանրապետութեան երկքաղաքացի կը համարուի այն անձը, որ ՀՀ քաղաքացիութենէն բացի, ունի նաեւ այլ պետութեան (երկիրներու) քաղաքացիութիւն: Հայաստանի Հանրապետութեան երկքաղաքացին Հայաստանի Հանրապետութեան համար կը ճանչցուի միայն իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի: Օտարերկրացիներու համար կը գործէ Հայաստան մուտք գործելու, երկրին մէջ գտնուելու եւ բնակելու օրէնսդրական կառուցակազմ: Իսկ Վարչական իրաւախախտումներուն վերաբերեալ ՀՀ օրէնսգրքով ալ սահմանուած է վարչական պատասխանատուութիւն՝ օտարերկրացիներու կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ առանց վաւերական արտօնագրի կամ կացութեան կարգավիճակի կամ անվաւեր փաստաթուղթերով բնակելու համար: Նոյնիսկ այն պարագային, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին ունի նաեւ այլ երկրի քաղաքացիութիւն, Հայաստանի մէջ կրնայ բնակիլ առանց ժամկէտային սահմանափակման: Եթէ լրացած է անոր ՀՀ քաղաքացիի անձնագրի վաւերականութեան ժամկէտը կամ զայն կորսնցուցած է եւ դեռ նորը չէ ստացած, որեւէ պատասխանատուութիւն չի կրնար կիրարկուիլ անոր հանդէպ: ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու դիմում ներկայացնելու համար «ՀՀ քաղաքացիութեան մասին» ՀՀ օրէնքով սահմանուած է ընդհանուր պայման՝ պէտք է լրացած ըլլայ անձի 18 տարին, ըլլայ գործունակ, վերջին երեք տարին մշտապէս բնակած ըլլայ ՀՀ-ի մէջ, կարենայ արտայայտուիլ հայերէն լեզուով, ծանօթ ըլլայ ՀՀ Սահմանադրութեան:

 

Ո՞ր Երկիներէն Աւելի Շատ Այցելած Են Հայաստան

0

2017 թուականի Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն աւելի քան 1.5 միլիոն այցելութիւն կատարուած է Հայաստան: Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն` այս տարուան առաջին 9 ամիսներուն Ռուսիան առաջին տեղը կը գրաւէ Հայաստան այցելած օտարերկրեայ քաղաքացիներու թիւով:

Այս երկրի քաղաքացիներու Հայաստան կատարած այցելութիւններուն թիւը 349,800 է, ինչ որ կը կազմէ այցելութիւններուն ընդհանուր թիւի 23%-ը:

137,938 այցելութիւնով երկրորդը Իրանն է, երրորդը` Վրաստանը, չորրորդը` Միացեալ Նահագները, հինգերորդը` Ֆրանսան: Այս երկիրներէն նոյն ժամանակահատուածին մէջ Հայաստան այցելութիւններու թիւը կազմած է համապատասխանաբար` 76,522, 32,701 եւ 15,628:

Դէպի Հայաստան այցելութիւններ հիմնականօրէն կատարուած են Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Եւրոպայի, ԱՊՀ տարածաշրջանի երկիրներէն: Հեռաւոր Ասիայէն ցուցակին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Ֆիլիփինները, Չինաստանը, Ճափոնը, Հարաւային Քորէան:

Ցուցակին մէջ այցելութիւններու թիւով ամենավերջինը Պուլկարիան է` 1,163:

21-ամեայ Ռոզայի Արտադրած «Շաղափ Թէյ»-ը՝ Պատրաստուած Արեւմտեան Հայաստանէն` Բերուած Բաղադրատոմսով

0

Սեպտեմբեր 21-ին Արարատի մարզի Շաղափ գիւղին մէջ սկսած է «Shaghap Tea» («Շաղափ թէյ») խոտաբուսային թէյին արտադրութիւնը:

«Պատանի լրագրող» նախագիծը զրուցած է «Shaghap Tea» ընկերութեան հիմնադիրնախագահ Ռոզա Մուրատեանի հետ: Վերջինս պատմած է, թէ ի՛նչպէս ծնունդ առած է նշեալ արտադրութեան վաճառքի գաղափարը։

21-ամեայ գործարար Ռոզան պատմած է, թէ ի՛նչպէս, ուսումնասիրելով հայկական շուկան, նկատած է, որ կայ ոլորտ մը, որ բաւարար չափով զարգացած չէ մեր երկրին մէջ եւ որոշած է նպաստել անոր զարգացման։ «Հաշուի առնելով այս հանգամանքը` որոշեցի սկսիլ խոտաբուսային թէյերու արտադրութիւն այնպիսի համադրութիւններով, որոնք ե՛ւ առողջարար են ե՛ւ օգտակար»,- նշած է Ռոզան եւ պատմած, թէ ի՛նչպէս փոքր եղած ժամանակ մեծ մայրիկը իրենց համար խոտաբոյսերով յատուկ թէյեր կը պատրաստէր, որոնք, ըստ իրեն, նպաստած են իրենց առողջ մեծնալուն։

«Հին տետրակ մը ունէինք, ուր թէյերու հետ կապուած գրութիւններ կային. անիկա մեծ մեծ մայրիկս (մեծ մօր մայրը) բերած էր Արեւմտեան Հայաստանէն Եղեռնի ժամանակ: Իսկ ես  այժմ «Shaghap Tea»-ը կը պատրաստեմ մեծ մեծ մայրիկիս բաղադրատոմսով:

Ըստ երիտասարդ գործարարին՝ նշեալ արտադրութեան ամենակարեւոր առանձնայատկութիւնը անոր ամբողջովին մաքուր եւ բնական ըլլալն է։ Այդ խոտաբոյսերը, ըստ անոր, կը հաւաքուին Խոսրովի անտառի յարակից լեռներէն եւ կը մշակուին աւանդական եղանակով առանց քիմիական միջամտութեան։

 «Անոնք կը հաւաքուին 2000-2400 մեթր բարձրութիւններէն: Մօտակայքը չկան գործարաններ եւ օդը աղտոտող շինութիւններ, իսկ բոյսերն ալ կը սնուին աղբիւրներու սառնորակ ջուրերով եւ մաքուր օդի առկայութեամբ ստացած են թարմացնող եւ համեղ բոյր»,- կ՝ընդգծէ Ռոզան:

Ըստ իրեն՝ առ այժմ կ’արտադրուի «Shaghap tea»-ի 4 տեսակ։ «Այս ամէնը, ինչպէս նշեցի, կը պատրաստուի մեծ մեծ մայրիկիս բաղադրատոմսերով. հիանալի, բնական, հանգստացնող եւ դիմադրողականութիւնը բարձրացնող միջոց է: Անիկա ունի նիհարացնող յատկութիւններ, մտքին կը հաղորդէ յստակութիւն, կ’օգնէ հազի, պրոնշիթի, բացի այդ, օգտակար է ստամոքսաղիքային համակարգի աշխատանքին համար»,- նշած է երիտասարդ գործարարը եւ անդրադառնալով աշխատանքի յաջողութեան՝ յայտնած է, թէ բնականաբար եղած են մարդիկ, որոնք ծիծաղած են՝ ըսելով, որ Հայաստանի մէջ թէյ խմելու սովորութիւնը շատ տարածուած չէ եւ աշխատանքը չի յաջողիր։ Բայց ան նաեւ ընդգծած է այն մեծ թիւով մարդոց մասին, որոնք ամէն ձեւով փորձած են աջակցիլ իրեն ու հաւատալ իր յաջողութեան։

Ռոզան պատմած է, թէ Շաղափ գիւղի բնակիչները կը համարուին արտադրողներ եւ ո՛չ թէ սպառողներ, որովհետեւ անոնց շնորհիւ է, որ կը հաւաքուին խոտաբուսային թէյերը։

«Ծրագիրներ կան՝ գարնան ընթացքին աւելի մեծ ծաւալի արտադրանք թողարկելու, իսկ վայրի բոյսերու հաւաքը կրկին պիտի կատարուի գիւղացիներուն օգնութեամբ, եւ որ ամենակարեւորն է, անոնց պիտի ապահովենք աշխատանքով եւ եղանակային եկամուտով»,- ընդգծած է երիտասարդ գործարարը։

Ռոզան կը հաւատայ, որ հետաքրքրական ապագայ ունեցող իր ծրագիրը պիտի ունենայ երկարատեւ կեանք։ «Ես եւ ամբողջ աշխատակազմը պիտի ընենք ամէ՛ն ինչ, որպէսզի պահպանենք եւ զարգացնենք ա՛յն, ինչ ստեղծած ենք մեծ ջանքերու շնորհիւ։ Կը խոստանամ, որ «Shaghap tea» ընկերութիւնը յառաջիկային հանդէս պիտի գայ շատ մեծ անակնկալով»,- նշած է ան:

«Մեղրի» Ազատ Տնտեսական Գօտիի Բացման Օրը Յայտնի է

0

ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտիի (ԱՏԳ) տարածք: Այս մասին կը տեղեկացնէ նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը:

Նախարարը ՀՀ վաչապետի գլխաւոր խորհրդական Գագիկ Մարտիրոսեանի, ճարտարապետ-շինարարներու եւ գործարարներու հետ  ծանօթացած է «Մեղրիէ ԱՏԳ-ի առաջին փուլի շինարարական աշխատանքներու ընթացքին մասին՝ առկայ խնդիրներուն տեղւոյն վրայ տալով համապատասխան լուծումներ: Շինարարական աշխատանքները կը գտնուին աւարտական փուլի մէջ:

Այսպիսով, «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտիի առաջին փուլի բացումը կը նախատեսուի Դեկտեմբեր 15-ին:

 

Եգիպտահայ Գործարարը Մտադիր Է Հայաստանի Մէջ Հագուստի Արտադրութիւն Հիմնել

0

Եգիպտահայ գործարար, Wassef Group-ի սեփականատէր Ճոզէֆ Ուասեֆ մտադիր է Հայաստանի մէջ հագուստի արտադրութիւն հիմնել: Այդ մասին գործարարը ըսած է ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանի հետ հանդիպման ժամանակ: Ընկերութիւնը Եգիպտոսի բամպակի եւ բամպակեայ գործուածքներու առաջատար արտահանողներէն ու արտադրողներէն մէկն է:

Ճոզէֆ Ուասեֆ նախարարին յայտնած է, որ կը ցանկայ Հայաստանի մէջ արտադրութիւն հիմնել թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ: Ներդրողը նշած է, որ իրենց ընկերութիւններու շղթան մասնագիտացած է արտադրութեան բոլոր փուլերուն մէջ` հիւսուածքեղէնի ներմուծում, պտտող, թուային եւ կտորային տպագրութիւն, ասեղնագործութիւն, ձեւաւորում, կար եւ փաթեթաւորում: Ընկերութիւնը արտադրանք կը մատակարարէ համաշխարհային յայտնի ապրանքանիշային ընկերութիւններու:

Նախարարը ներդրողին հետ քննարկած է Հայաստանի մէջ հագուստի արտադրութիւն հիմնելու հնարաւորութիւնները, Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ներդրողներու համար սահմանուած աջակցութեան գործիքակազմը, արտահանման հնարաւորութիւնները եւ այլ մանրամասնութիւններ:

Ճոզէֆ Ուասեֆի խօսքով` հայաստանեան աշխատուժը աշխարհի մէջ լաւագոյններէն է եւ հայ մասնագէտները իրենց գործի գիտակն են, որ աւելի կը հեշտացնէ իրենց գործունէութիւնը: Ներդրողը նշած է, որ կրնան 1000-է աւելի աշխատատեղ ստեղծել:

Հանդիպման աւարտին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ նախարարութեան աջակցութեամբ գործարարը պիտի սկսի նախնապատրաստական աշխատանքները եւ անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւնները, կը յայտնէ նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը: