Չորեքշաբթի, 30. 07. 2025

Հայաստանի Մէջ Կը Գտնուի Ամենաերկար ու Ամենահրաշալի Zipline-ը․ Discovery

0

Հայաստանի մէջ կը գտնուի աշխարհի ամենաերկար ու ամենահրաշալի Zipline-ը: «Discovery» ամերիկեան հեռուստաընկերութիւնը ցուցադրած է տեսանիւթ մը, ուր Zipline–ի բարձրութենէն ներկայացուած են Հայաստանի բնապատկերները:

Ծրագրի հիմնադիր Տիգրան Չիբուխչեանը պատմած է անոր իրականացման մասին.

«Ես կրնայի աշխատիլ օրական  20 ժամ, ատիկա անհնարին կը թուէր: Ես կը ցանկայի մարդոց ստիպել` հաւատալու, որ ատիկա հնարաւոր է: Մենք կը պատրաստուէինք բանալ ամենաերկար զիփլայնը աշխարհի մէջ. ան 2770 մեթր երկարութիւն ունի: Ատիկա գաղափար մը էր, որու նպատակը իւրաքանչիւր մարդու ատրենալին նուիրելն է»:

«Panorama.am»-ի փոխանցմամբ` կը  նշուի, որ թռիչքի տեւողութիւնը երեք րոպէ է, առաւելագոյն արագութիւնը` 120 քմ/ժ:

 

Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին «Խոստումը» Ֆիլմի Բեմադրիչը Պատմած է` Ինչո՛ւ Ֆիլմը Այդպէս Անուանած է

0

Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող հոլիվուտեան «Խոստումը» ֆիլմի բեմադրիչ Թերի Ճորճ ֆրանսական  «Nouvelles d’Arménie»  պարբերականին տուած հարցազրոյցի ժամանակ պատմած է, թէ ինչո՛ւ «Խոստում»  անուանած է ֆիլմը:

Ան նշած է, որ ֆիլմի վերնագրին տակ կայ միաժամանակ երեք «խոստում»:

«Առաջին խոստումը ամենապարզն է` խոստումն է, որ Միքայէլը տուաւ Մարալին: Երկրորդը` Քըրք Քրքորեանի ինքն իրեն տուած խոստումը ֆիլմ նկարահանելու մասին: Եւ երրորդը՝ հայերու ապրելու խոստումն է», – ըսած է Ճորճ:

Ան նաեւ նշած է, որ ֆիլմի նկարահանման համար զինք ոգեշնչած է հայ ժողովուրդի փրկուելու ու գոյատեւման փաստը, ինչպէս նաեւ այն, որ հայերը ցանկացան պատմել այդ մասին ամբողջ աշխարհին:

Յիշեցնենք, որ օսքարակիր բեմադրիչ Թերի Ճորճի ֆիլմին անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է այս տարուան Ապրիլին:  Շարժանկարին գլխաւոր դերակատարներն են Քրիսթիըն Պէյլ, Օսքար Այզեք եւ Շառլոթ լը Պոն:

«Դասաւանդէ՛ Հայաստան» Ծրագիրով Մասնագէտներ Գործուղուած են Արցախի Դպրոցներ

0

«Դասաւանդէ Հայաստան» ծրագիրով ՀՀ-էն խումբ մը մանկավարժներ գործուղուած են Արցախի դպրոցներ: Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, ըսած է Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Միքայէլ Համբարձումեանը:

Անոր խօսքով` ծրագիրին ծիրէն ներս՝ ներկայիս ՀՀ-էն ժամանած երկու ուսուցիչ կը դասաւանդէ Քաշաթաղի շրջանի Վաղազին, մէկական` Մարտունիի շրջանի Նորշէն եւ Շուշիի շրջանի Եղծահող համայնքներուն մէջ:

«Այդ ծրագիրէն բացի, կը գործէ ԱՀ կառավարութեան որոշումը` մանկավարժին այլ վայր ուղեգրելու մասին, որուն համաձայն, եթէ մանկավարժը իր բնակութեան վայրէն 30 քմ հեռաւորութեամբ գտնուող այլ վայր կը տեղափոխուի` աշխատելու նպատակով, կը տրամադրուի բնակարան, նաեւ աշխատավարձը յիսուն տոկոսով աւելի կը տրուի»,- ըսած է փոխնախարարը եւ աւելցուցած, որ ընդհանուր առմամբ Արցախի մէջ այս ծրագիրին մասնակցած է աւելի քան 196 մանկավարժ: Ներկայիս կ’աշխատի 83 ուսուցիչ:

Մ. Համբարձումեան նշած է, որ Արցախի դպրոցներուն մէջ մասնաւորապէս բնագիտական առարկաներու եւ օտար լեզուի մասնագէտներու կարիք կայ:

«Կան գիւղեր, ուր ստիպուած որոշ առարկաներու ժամաքանակները կը յատկացուին այլ առարկաներու մասնագէտներուն` հաշուի առնելով մէկ կողմէն մասնագէտներու պակասը, միւս կողմէն` եղած ժամաքանակի սղութիւնը»,- աւելցուցած է ԿԳՍ փոխնախարարը:

Հայ Միջնադարեան Մշակոյթի Նմուշները՝ Աշխարհի Ամենայայտնի Թանգարաններէն Մէկուն Մէջ

0

Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթէն թանգարանին մէջ յաջորդ տարի պիտի բացուի մեծ ցուցահանդէս նուիրուած հայ միջնադարեան մշակոյթին: Ցուցադրութեան շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 30–ին Քալիֆորնիոյ Հայկական թանգարանին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «armenianweekly»-ն:

«Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթէն թանգարանէն դոկտոր Հելէն Էվանս պիտի պատմէ 2018 Սեպտեմբեր 21-էն մինչեւ 2019 Յունուար 13 սպասուող ցուցահանդէսին մասին, որ նուիրուած է հայ միջնադարեան մշակոյթին»,– նշուած է յօդուածին մէջ:

Հայերը շատ լաւ գիտեն, որ իրենց նախնիները ապրած են Արարատի լանջին, եւ որ իրենք են աշխարհի մէջ Քրիստոնէութիւնը առաջինը ընդունած ազգը:

Բայց աշխարհի մէջ ո՛չ միշտ կը պատկերացնեն այն հարստութիւնն ու բազմազանութիւնը, որ ամփոփուած է հայ միջնադարեան արուեստին մէջ: Իսկ միջնադարուն հնագոյն ազգի ներկայացուցիչները մեծ դեր ունէին համաշխարհային առեւտուրին մէջ եւ տարածուած էին աշխարհի մէջ:

Դոկտոր Էվանսը պիտի պատմէ Հայաստանի քրիստոնէացման, Հայ միջնադարեան մշակոյթի զարգացման եւ համաշխարհային մշակոյթի վրայ հայկականի ազդեցութեան մասին:

Միւս շնորհանդէսը յայտնի լուսանկարիչ Հրայր Բազէ Խաչերեանինն է:

Երբ ան յաջողեցաւ բուժուիլ դարու հիւանդութենէն` քաղցկեղէն, ան ինքզինք նուիրեց հայ մշակութային ժառանգութիւնը ժապաւէնին յանձնելու գործին:

Սպասուող ցուցադրութեան պաշտօնական լուսանկարիչը` Խաչերեանը, պիտի ներկայացնէ նաեւ իր նոր գիրքը` «Խաչքար»-ը:

Նշենք, որ Ամերիկայի Հայկական թանգարանին մէջ կը պահպանուին մշակոյթի գործեր, որոնք նուիրած են հայ ընտանիքները` աշխարհի տարբեր երկիրներէ:

 

Դադիվանքի Փոքր Գմբէթով Եկեղեցւոյ Հիմքի Ուսումնասիրման Ժամանակ Գաղտնարան Յայտնաբերուած է

0

Դադիվանքի վանական համալիրի փոքր գմբէթով եկեղեցւոյ հիմքի ուսումնասիրման ժամանակ գաղտնարան յայտնաբերուած է:

Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, ըսած է Դադիվանքի վերականգնման նախագիծերու հեղինակ, ճարտարապետ Սամուէլ Այվազեանը:

«Վերականգնման աշխատանքներու ծիրէն ներս կ’իրականացուէր հիմքերու ուսումնասիրութիւն, երբ գաղտնարան յայտնաբերուեցաւ: Այդ թաքստոցը եկեղեցւոյ մէջ է հարաւային պատին տակ: Այդ գաղտնարանը զմռսուած էր եւ մինչ այժմ չէ ուսումնասիրուած: Որոշուեցաւ, որ եկեղեցւոյ վերականգնման նախագիծին մէջ ներառուի նաեւ այս գաղտնարանին ցուցադրումը: Այսինքն` ո՛չ միայն պէտք է ամբողջական եկեղեցին վերականգնուի, այլեւ պայմաններ ստեղծուին այդ թաքստոցը ցուցադրելու համար: Նախատեսուած է դնել ապակեպատ ծածկ, բացուող դռնակ, լոյսեր»,- ըսած է Սամուէլ Այվազեան:

Ան տեղեկացուցած է, որ գաղտնարանը յայտնաբերելէ ետք հրաւիրած են հնագէտ: Այժմ մասնագէտները կ’ուսումնասիրեն` հասկնալու, թէ ինչի համար ծառայած է այդ գաղտնարանը:

Անդրադառնալով Դադիվանքի վանական համալիրի փոքր գմբէթով եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքներուն՝ Սամուէլ Այվազեան նշած է, որ վերականգնման նախագիծը ամբողջութեամբ աւարտած է:

«Այս ընթացքին աշխատանքներ տարուեցան մանրամասներու, նիւթերու հայթայթման ուղղութեամբ: Կարելի է ըսել, որ քարի հայթայթման հարցը կարգաւորուեցաւ: Իրականութեան մէջ այդ քարատեսակէն չկար, բայց տեղ մը գտնուեցաւ, ուր կան պահանջուածին շատ նման քարեր: Այսօր խնդիր ունինք կապուած կղմինտրի հետ: Քանի որ անիկա միաչափ չէ, հետեւաբար գտնելը դժուարացաւ: Երկար չարչարուեցանք, փնտռեցինք, եւ հիմա գտնուեցաւ մէկը, որ համաձայնած է փորձնական շինել: Վերջնական բան մը ըսելու համար այդ աշխատանքին արդիւնքը պէտք է տեսնել»,- ըսած է Սամուէլ Այվազեան: Անոր խօսքով, քանի որ ներկայիս եղանակային պայմանները բարենպաստ չեն, հետեւաբար եկեղեցւոյ բուն վերականգնման աշխատանքները պիտի սկսին յաջորդ գարնան:

Անդրադառնալով կառոյցի վիճակին՝ Սամուէլ Այվազեան նշած է, որ անիկա կանգուն է, ներկայիս վտանգ չի սպառնար, պարզապէս արդէն քայքայուած է վրայի ծածկը, եւ ճաքեր յառաջացած են: Այս քայլերը կ’իրականացուին յետագային լուրջ խնդիրներէ խուսափելու համար:

Թուրքիոյ Ներգրաւումը Բանակցութիւններուն Անհնար է եւ Անթոյլատրելի. Պաշտօնական Ստեփանակերտի Արձագանգը

0

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Նոյեմբեր 29-ին յայտարարած է, որ Անգարայի մէջ հանդիպած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի անդամներու եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրշիկի հետ:

Անդրադառնալով այդ հանդիպման՝ Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան «Artsakhpress.am»-ին յայտնած է, որ, առհասարակ պէտք է խոստովանիլ մէկ բան` Թուրքիան մշտապէս ներգրաւուած է ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան գործընթացին մէջ:

«Այդ ներգրաւուածութիւնը բացասական է, եւ ասիկա բոլորի համար ակնյայտ է: Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը բացէ ի բաց ուղղուած է հայոց պետականութեան դէմ, որ կը դրսեւորուի ո՛չ միայն Ազրպէյճանին սատարելով, զայն յարձակման դրդելով եւ հովանաւորելով զինք, այլ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումով անոր ճանաչման պահանջին դէմ հակահայկական տարբեր ծրագիրներ իրականացնելով»,- ըսած է Դ. Բաբայեան եւ նշած, որ այսպիսի հանդիպումներով, ի հարկէ, չի նշանակեր, որ Թուրքիան պաշտօնապէս պէտք է դառնայ հակամարտութեան կարգաւորման միջնորդներէն մէկը, որ անհնար է եւ պարզապէս անթոյլատրելի:

Դ. Բաբայեան ընդգծած է, որ վերջին շրջանին թրքական կողմի աշխուժութիւնը ղարաբաղեան հիմնախնդրի գործին մէջ ակնյայտ է, եւ այդպիսի հանդիպումներու ժամանակ ԵԱՀԿ Մինսկի համանախագահները հաւանաբար Թուրքիոյ կը հասկցնեն, որպէսզի ան չհատէ «կարմիր գիծ»-ը:

 

Նալպանտեանը Հարաւային Կովկասի Մէջ ԵՄ Նոր Յատուկ Ներկայացուցիչի Հետ Քննարկած է Արցախի Հարցը

0

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանը Դեկտեմբեր 1-ին ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյուօ Գլաարը:

ՀՀ ԱԳՆ-էն կը յայտնեն, որ նախարար Նալպանտեանը շնորհաւորած է Թոյուօ Գլաարին պաշտօնը ստանձնելու առնչութեանբ եւ յաջողութիւն մաղթած անոր` յոյս յայտնելով, որ ԵՄ նորանշանակ յատուկ ներկայացուցիչը` իր իրաւագիրի ծիրէն ներս պիտի նպաստէ առկայ հիմնահարցերու կարգաւորման:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-եւրամիութիւն յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր, փոխադարձաբար կարեւորուեցաւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի ստորագրումը` նշելով, որ այն ամուր իրաւական հիմք է ՀՀ եւ ԵՄ միջեւ համագործակցութեան առաւել ամրապնդման եւ խորացման համար:

Էդուարդ Նալպանտեանը զրուցակիցին ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները, ինչպէս նաեւ այդ ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու համատեղ ջանքերը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով բարեմաղթանքներու համար՝ Թոյուօ Գլաարը նշած է, որ ամենայն պատասխանատուութեամբ կը մօտենայ իր առաքելութեան եւ վերահաստատած Եւրոպական միութեան աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու ջանքերուն եւ մօտեցումներուն` ուղղուած ղարաբաղեան հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման:

Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային եւ միջազգային հրատապ խնդիրներու շուրջ:

ԼՂ Հիմնախնդիրը Կարգաւորել Միջազգային Իրաւունքի Սկզբունքներու, ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան Դրոյթներու Հիման Վրայ. ՀԱՊԿ

0

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու  (ՀԱՊԿ) ղեկավարները հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ, ուր իրենց աջակցութիւնը յայտնած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀԱՊԿ-ի պաշտօնական  կայքը:

«ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութիւնը` ի դէմս Ռուսիոյ Դաշնութեան, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու, միջազգային հանրութեան համապատասխան իրաւագիր ունեցող միակ կառոյցն է, որուն առաքելութիւնն է աջակցութիւն ցուցաբերել  քաղաքական-դիւանագիտական ուղիներով ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման»,- նշուած է ՀԱՊԿ յայտարարութեան մէջ:

Նաեւ կ’ըսուի, որ ՀԱՊԿ անդամ պետութիւնները աջակցութիւն կը ցուցաբերեն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն, մասնաւորապէս միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու եւ չափանիշներու, ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան դրոյթներու, ինչպէս նաեւ Հելսինկեան Եզրափակիչ ակտի հիման վրայ, որոնք մասնաւորապէս կը վերաբերին ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին:

«Կ’աջակցինք այն համաձայնութիւններու իրականացման, որոնք ձեռք բերուած են ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ 2016-2017 Վիեննայի, Ս. Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի մէջ գագաթնաժողովներու ծիրէն ներս եւ որոնք ուղղուած են թոյլ խուսափելու իրավիճակի սրացումէն, պահպանելու հրադադարը, հակամարտութեան գօտիին վրայ լարուածութիւնը տկարացնելու ուղղութեամբ յաւելեալ միջոցներու ձեռնարկելու եւ բանակցային գործընթացը անմիջականացնելու»,- կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Ամերիկեան Բարքեր – Դարձեալ Շուներու Մասին

0

*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Գաղտնիք մը չէ, որ ամերիկացիներ եւ շատ հաւանաբար ալ շարք մը ուրիշ ազգերու ժողովուրդներ ծայր աստիճան հոգատար են իրենց որդեգրած ընտանի կենդանիներուն եւ յատկապէս շուներուն նկատմամբ։

Ուրեմն, ըստ ամերիկեան ընտանի կենդանիներու ապահովագրական ընկերութեան մը (Pet Plan) տեղեկագրութեան, ամերիկացիներ իրենց ընտանի կենդանիներուն վրայ կը ծախսեն տարեկան 69 միլիար տոլար, որուն 62 միլիոնը՝  անոնց գեղագիտական գործողութեանց համար միայն։

Հիմա առնենք օրինակը Գալիֆորնիոյ ծովեզերեայ Վենիս քաղաքը ապրող՝ Քրիսթի եւ Թրէվըր Կէյլ ընտանիքի Թոնքա շունին «ոդիսական»-ին։ Թոնքան French Bulldog տեսակի շուն մըն է, որուն դարմանումին համար անոնք ծախսած են 15-20 հազար տոլար առանց սակայն որեւէ դրական արդիւնքի մը հասնելու։

Ի վերջոյ, անոնք դիմած են անասնաբոյժի մը, որ կռահած է շան հիւանդութեան պատճառը եւ թելադրած է գեղագիտական պարզ գործողութիւն մը, որպէսզի շունը բուժուի։ Ախտաճանաչումը եղած է շունչի խափանում դունչին մէջ, իսկ գործողութեան սակը՝ միայն 1,500 տոլար եւ կենդանին բուժուած է։

Ահաւասիկ ուրիշ շուն մը (տես նկարը), որ ենթարկուած է գեղագիտական նուրբ գործողութեան մը երեսի կնճիռներէն ձերբազատուելու համար . . . Նկարը ցոյց կու տայ շան դէմքը գործողութենէն առաջ եւ վերջ։ Զիս հետաքրքրողը հետեւեալն է. արդեօք շան հաւանութիւնը առա՞ծ էին այս ոչ անհրաժեշտ գործընթացին համար:

Կը ճանչնամ բարեկամ մը, որ իր տան մէջ 18 տարիէ ի վեր կը պահէր երկու ընտանի սիրասուն կատուներ։ Անոնցմէ մին կը հիւանդանայ եւ կը տարուի անասնաբոյժի մը քով, առ ի ախտաճանաչում։ Մօտ երկու հազար տոլար ծախսելէ ետք ի յայտ կու գայ, որ կատուն կը տառապէր անբուժելի շաքարախտէ։ Բարեկամս ճարահատ  ակամայ կը ստիպուի որոշելու, որ կատուին կեանքին վերջ տրուի։

Դժբախտաբար անասնաբուժներն ալ՝ քաջ գիտնալով, որ ընտանի կենդանի պահողները կ՛ըլլան կարեկից իրենց անասուն բարեկամներուն նկատմամբ, կը շահագործեն այդ զգացումը եւ անտեղի քննութիւններով դրամ կը «կորզեն» անոնցմէ։

Հիմա գանք այլ երեւոյթի, որ, ըստ ինծի, շատ գայթակղեցուցիչ է։ Ամերիկայի մէջ եւ հաւանաբար ալ այլուր գոյութիւն ունին դասընթացքով պատրաստուած շուներ, կոյրեր առաջնորդելու համար։ Այս մարդասիրական կարիք մըն է, որուն համար ոչ մէկ առարկութիւն ունիմ։ Սակայն կը դժգոհիմ, երբ այդ դպրոցները չափ ու սահմանը կ՛անցնին։

Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզեմ։ Ուրեմն այդ դպրոցներէն մին՝ դասընթացքի աւարտին կը կազմակերպէ վկայականաց բաշխման հանդէս, ուր շրջանաւարտ շուները կը ներկայանան յատուկ գլխարկներ հագած (տես նկարը) եւ կը տողանցեն հանդիսականներուն առջեւէն։

Է՜հ, այս մէկը քիչ մը չափազանցութիւն չէ՞։ Այո՛, բայց մի՛ մոռնաք, որ հոս ամերիկայ է եւ ամէն ինչ, որ կը կատարուի, թաքուն դրդապատճառ մը ունի, որ կը կեդրոնանայ մարդուն սերտ բարեկամ «դրամ»-ին վրայ։

Արդարեւ, շրջանաւարտից այդ հանդիսութեան ընթացքին ծախու կը դրուին շուներու յատուկ այնպիսի «անհրաժեշտ» պիտոյքներ, որոնք փորձութեան կ՛ենթարկեն այդ շուները որդեգրող մարդիկը։

Ծովային շրջապտոյտի մը ընթացքին ծանօթացանք հայ զոյգի մը։ Խօսակցութեան ընդմէջէն ի յայտ եկաւ, որ անոնք կ՛ապրին մեր շրջանը։

Իսկապէս ծանօթացումէն ետք յաճախ կը հանդիպէինք իրենց՝ իրիկնային մեր մարմնամարզական բնոյթ կրող պտոյտներու ժամանակ։ Անոնք ունէին գեղեցիկ շուն մը, զոր կ՛ընկերակցէր իրենց։

Դուրս եկաւ, թէ այդ շունը կը պատկանէր իրենց զաւակին, որ շունը որդեգրելէ ետք՝ հօրենական տունէն հեռացեր է . . . Եւ ահա քեզի անբաղձալի «ժառանգ» մը։ Անբաղձալի, որովհետեւ շունին կապուած ըլլալով՝ անոնք կորսնցուցին իրենց ազատութիւնը:  

 

 

ՀՀ Նախագահը Մինսկի Մէջ կը Մասնակցի ՀԱՊԿ Խորհուրդի Նստաշրջանին

0

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցով մեկնած է Մինսկ` մասնակցելու Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին:

Մինսկի մէջ արդէն կայացած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի, պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի եւ անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու կոմիտէի համատեղ նիստը, որուն մասնակցած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանը, պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը, անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնակատար Արամ Թանանեանը: