Հինգշաբթի, 31. 07. 2025

Թող Լուցկի Ծախող Փոքրիկի Ցաւն Ապրողներ Չմնան…

0

*ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ*

Հոգեկան երեւոյթները անսահման են ու անչափելի. նոյն անսահման բերկրանքի մէջ եմ նոր տարուան գալուստին։ Հաճոյքով կը զարդարեմ տօնածառը՝ ըմբռնելով անոր իւրաքանչիւր մանրուքի եւ գոյնի խորհուրդը, ուրախութեամբ կը կարդամ վաղահաս բարեմաղթանքները եւ հոգիս խինդով կը լեցուի՝ յատկապէս, երբ կը տեսնեմ երեխաներու կաղանդազարդ նկարները։ Հիացած կը շրջիմ Երեւանի գունագեղ փողոցներով, ապա խանութներով եւ յանկարծ կը զգամ, որ այդ բոլորը նման է լուցկի ծախող աղջկան վառած լուցկիէն երեւացող երանութեան…

Լուցկին կը մարի… երբ կը կարդամ, որ սահմանամերձ գիւղի երեխան շատ տխուր է, որովհետեւ կաղանդ պապան երբեք չէ այցելած իրեն եւ ան այնպէս ալ չէ ստացած իր երազած տիկնիկը, կամ ուրիշ մը՝ դեռ տան մէջ երբեք տօնածառ չէ ունեցած։ Շուկայի ու փողոցներու շռայլութեան մէջ ամենասարսափելին երեխաներու թախծոտ ու այդ բոլորին մէկ աննշան մասնիկը անգամ ունենալու անյոյս հայեացքն է։ Հետեւաբար, ի՞նչ իմաստ ունի այդ շքեղութիւնը, ինծի համար ո՛չ մէկ…

Պարոնա՛յք, Ձեր ճիփերը միայն Երեւանի համար չեն, հասէք Հայաստանի գիւղերը, իջէք այդ սեւ արկղի «բարձունքէն» ու քալեցէք հողի վրայ. հաւանաբար հողի ուժն ու ջերմութիւնը արթնցնէ ձեր խիղճն ու կենդանացնէ մահաքունի մէջ մտած հայու հոգին եւ վերջապէս մտածէք, որ երկիրը կը շէնացնեն՝ այդ անմեղ ու թշուառ կեանքով ապրող երեխաներու դէմքին ժպիտ պարգեւելով։

Այնպէ՛ս ըրէք, որ ոեւէ երեխայ լուցկի ծախող փոքրիկին ցաւն ու տառապանքը չտեսնէ։ Միայն ա՛յն ժամանակ է, որ ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ ապրող ժողովուրդը, այլեւ՝ Սփիւռքը պիտի հաւատայ ձեզի եւ մեր արարչական երկիրը պիտի ծաղկի։

Թող ոեւէ երեխայ լուցկի ծախող փոքրիկի ցաւը չապրի, բայց թող ամէն հայ ունենայ անոր ամուր կամքը, յոյսն ու հաւատքը, եւ եթէ մեռնի ալ, մեռնի՛ լաւատեսութեամբ։

 

Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան Այցելեցին Շարք Մը Զօրամասեր

0

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ միասին Դեկտեմբեր 4-ին այցելեցին Արցախի կեդրոնական եւ արեւելեան մասերուն մէջ տեղակայուած շարք մը զօրամասեր, ծանօթացան զինուորներու ծառայութեան ընթացքին:

Նախագահները դիտեցին զօրավարժութիւններ, ներկայ գտնուեցան շարք մը զօրանոցներու եւ այլ կառոյցներու  բացման հանդիսաւոր արարողութիւններուն:

Նոյն օրը Ստեփանակերտի մէջ անոնք Մարշալ Բաղրամեանի ծննդեան 120-ամեակի առիթով ծաղկեպսակներ դրին անուանի զօրավարի յուշարձանին:

Նշենք, որ Նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ մը շաբաթավերջէն ի վեր կը գտնուէր Արցախ:

Նախագահ Սարգսեան Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ այցելած է պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան կեդրոն, ուր տեղի ունեցած է աւանդաբար կազմակերպուող տարեվերջեան խորհրդակցութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարներու եւ  բարձրաստիճան հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչներու  մասնակցութեամբ: Քննարկուած են բանակաշինութեան վերաբերող հարցեր: Խորհրդակցութեան մասնակիցները լսած են պաշտպանութեան բանակի հրամանատարին զեկուցումը:

ՌԱԿ-ի 96 Ամեակի Պանծալի Տօնակատարութիւն Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնին Մէջ

0

        ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբը ճիգ չէր խնայած ամենալաւ ձեւով տօնելու Կուսակցութեան պանծալի 96-ամեայ յոբելեանը: Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան Պատուոյ անդամ եւ Թ.Մ.Մ. Հիմնադիրներու մարմնի նախկին ատենապետ ընկեր եւ ընկերուհի Կարապետ եւ Յասմիկ Պապահէքեաններու ներկայութիւնը վայելող ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան» սրահին մէջ: կազմակերպութեամբ Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին: 

Արդարեւ Շաբաթ 2 Դեկտ. 2017-ի երեկոյեան Թէքէեան Կեդրոնին մէ ջ մեծ շութով նշուեցաւ ՌԱԿ-ի 96 ամեակը:

Այս ձեռնարկին մասնակցելու եւ իր պատգամը փոխանցելու համար Արցախէն հրաւիրուած էր Ռ.Ա.Կ. Արցախի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ընկ.   Բարթող Գալստեանը: 

Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Առաջին Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ներկայացուցիչները, ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս 20-րդ կաթողիկէ հայոց Պատրիարք Կաթողիկոսի ներկայացուցիչը,  վերապատուելի Դոկտոր Փոլ Հայտոսթեան Միջին Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան ատենապետ եւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահը, Լիբանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պարոն Սամուէլ Մկրտչեան, Լիբանանի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Պարոն Աշոտ Վարդանեան եւ դեսպանատան կցորդներ,  պետական նախարարներ եւ երեսփոխաններ, Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի վարիչ մարմնի ներկայացուցիչը, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը, Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը, Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներ, Թ.Մ.Մ. Հիմնադիրներու մարմնի եւ Լիբանանի Տեղական վարչութեան անդամներ եւ հոծ բազմութիւն մը ներկայ էին ձեռնարկին:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ռ.Ա.Կ.-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը կատարեց Շրջանային Վարչութեան փոխ ատենադպիր Ընկեր Լեւոն Բարսեղեան: Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Ռ.Ա.Կ.-ի գերագոյն նպատակը եղած է հայապահպանումը Սփիւռքի մէջ, ինչպէս նաեւ զօրավիգ կանգնիլը Հայաստանին  եւ հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն: Ան յայտնեց իր գոհունակութիւնը, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը որդեգրած է Ռ.Ա.Կ.-ի դաւանած ազատ տնտեսական գաղափարախօսութիւնը՝ հիմնուած անձնական ձեռներէցութեան, դրամագլուխի եւ տաղանդի համագործակցութեան ու օրէնքի առջեւ բոլոր քաղաքացիներու հաւասարութեան վրայ: Սփիւռքի մէջ Ռ.Ա.Կ.-ի նպատակը եղած է ազգապահպանումը, մեզ հիւրընկալող երկիրներուն հանդէպ հաւատարմութիւնը, Սփիւռքի եւ Հայրենիքի միջեւ կապերու ամրապնդումը: Արցախի պարագային, Ռ.Ա.Կ.-ի նպատակը եղած է սատարել մեր ժողովուրդին եւ օժանդակել անոր պետականութեան:

Բացման խօսքի աւարտին, Ընկեր Բարսեղեան հրաւիրեց Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ընկեր Տոքթոր Աւետիս Տագէսեանը փոխանցելու համար իր օրուան խօսքը: (Ընկեր Տագէսեանի խօսքը տեսնել առանձին):

Գեղարուեստական բարձրակարգ յայտագիրին մաս կազմեց հայրենի վաստակաւոր  ջութակահար Յովհաննէս Կարախանեան, որ երկու երաժշտական կտորներ նուագեց իւրայատուկ ոճով՝ ներկաներու գնահատանքին արժանանալով:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Արցախի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկեր Բարթող Գալստեան իր սրտի խօսքը փոխանցելու համար ներկաներուն: Ընկեր Գալստեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Արցախի ժողովուրդի եւ պետականութեան պայքարին մնալու համար հողին վրայ: Ան անդրադարձաւ Արցախի մէջ Ռ.Ա.Կ.-ի դերին եւ գործունէութեան՝ որպէս երկրամասին քաղաքական կեանքի խճանկարին մէկ գործօն անդամը: Ապա Ընկեր Գալստեան սահիկներու ցուցադրութեամբ անդրադաձաւ Արցախի առօրեայ կեանքին, Կուսակցութեան հանդիպումներուն Արցախի ղեկավարութեան հետ, քառօրեայ պատերազմին եւ անոր յաղթական աւարտին՝ արժանանալով ծափահարութիւններու:

Իր խօսքի աւարտին ընկ. Գալստեան ՌԱԿի Արցախի կառոյցին անունով յուշանուէր մը յանձնեց ընկ. Տոքթ. Տաքեսեանին:

Ընկեր Լեւոն Բարսեղեան խօսեցաւ Ընկեր Կարապետ Պապահէքեան մեծ բարերարին  ազգային-միութենական գործունէութեան մասին: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ընկեր Կարապետ Պապահէքեան, մարդ մը, հայ մը, Ռամկավար Ազատական մը, ազգային հասարակական գործիչ մը, հայրենասէր մը: Շնորհիւ իր մարդասիրութեան, վեհանձնութեան, առաքինի նկարագիրին եւ առատաձեռնութեան, յարգուած ու սիրուած է բոլորէն անխտիր:

Ընկեր Պապահէքեանի ազգային, հասարակական, գործունէութեան շրջագիծը լայնածիր ու բազմաշերտ եղած է՝ սկսելով իր պատանեկութենէն՝ որպէս Հ.Ե.Ը.-ական մարզիկ, ապա քայլ առ քայլ բարձրանալով դառնալու համար Հ.Բ.Ը.Մ.-ի, Հ.Ե.Ը.-ի, Ռ.Ա.Կ.-ի եւ Թ.Մ.Մ.-ի կարկառուն ղեկավարներէն:

Ընկեր Պապահէքեան իր ազգային գործունէութեան ընթացքին իր կարելին չէ խնայած՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակելու Սփիւռքի գոյութեան եւ հայրենիքի բարգաւաճման: Ընկեր Պապահէքեան իր բարեգործական գործունէութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ աչքի ինկած է Խորհրդային Հայաստանի օրերէն ու կը շարունակէ առ այսօր նպաստել Հայրենիքի բարգաւաճման:

Այս օրերուն Ընկեր Կարապետ Պապահէքեան, շարունակելով իր հայրենանուէր ծառայութիւնը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Պարոն Սամուէլ Մկրտչեանի եւ դեսպանութեան աջակցութեամբ Հայաստան ղրկած է լիբանանեան մայրիի մեծաթիւ տունկեր:

Փառք ու պատիւ մեր հայազգի բարերարներուն, որոնք միշտ օգտակար դարձած են մեր ազգի զաւակներուն Սփիւռքի մէջ թէ Հայրենիքի: Այս առթիւ կը հրաւիրենք Ընկեր Պապահէքեանը եւ Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ընկեր Տոքթոր Աւետիս Տագէսեանը, որպէսզի պարգեւատրեն մեր հաւատաւոր վեթերան ընկերուհիներն ու ընկերները»:

Ապա բեմ հրաւիրուեցան 45 տարիներներ եւ աւելի Կուսակցութեան միջոցով ազգին ծառայած հաւատաւոր կուսակցական ընկերուհիներ եւ ընկերներ Ընկեր Պապահէքեանի եւ Ընկեր Տոքթ.Աւետիս Տագէսեանի  ձեռամբ ստանալու համար իրենց գնահատանքի մետալները:

ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան անունով ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեան ընկ. Եւ ընկհի Պապահէքեաններուն յանձնեց օրուայ յատուկ յուշանուէրը:

Յիշատակելի ձեռնարկ մը արդարեւ: Իսկապէս գնահատելի արարք է արժեւորել մեր երախտաւորներուն գործը: Արդարին գործը միշտ պէտք է յիշուի: Անոր գնահատումը ազգային պարտականութիւն է: Այս ձեւով պիտի բարձրանայ հայ մարդուն արժէքը եւ ինքնագնահատումը:

Հոգեշնորհ Հայր Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի Պահպանիչով փակուեցաւ ձեռնարկը:

Աւարտին hատուեցաւ 96-ամեակի յատուկ կարկանդակը:

Վարձքը կատար մեր հայ ազգի բոլոր բարերարներուն, կազմակերպիչներուն եւ գնահատուող ընկեր-ընկերուհիներուն եւ ՌԱԿի հաւատաւոր անդամ, համակիր եւ բարեկամ բոլոր ներկաներուն:

Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ – Ի – ԷՐԵԲՈՒՆԻ. Այստեղէն Կը Սկսի Երեւանը <<Էրեբունի>> Պատմահնագիտական Արգելոց-Թանգարան

0

*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

Երեւան դարձած իմ Էրեբունի,
Դու մեր նոր Դուին, մեր նոր Անի,
Մեր փոքրիկ հողի դու մեծ երազանք,
Մեր դարէ կարօտ, մեր քարէ նազանք:

Երեւան դարձա՜ծ իմ Էրեբունի,
Դարեր ես անցել, բայց մնացել ես պատանի:
Քո Մասիս հ
օրով, քո Արաքս մօրով,
Մեծանաս դարով, Եր
եւա՜ն:

Պարոյր Սեւակ

<<Զարթօնքի>> պտոյտներու այս շաբթուան կանգառը  <<Էրեբունի>> պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի մէջ է: Էրեբունի ուրարտական քաղաք -ամրոցը  հիմնադրուած է Ք. Ա. 782 թուականին Ուրարտուի թագաւոր Արգիշտի Ա-ի կողմէ: Կը գտնուի Երեւան քաղաքի հարաւ-արեւմտեան կողմը` Նոր Արէշ եւ Վարդաշեն թաղամասերուն միջեւ` Արին-Բերդ բլուրի  վրայ:  Ունեցած է ռազմագիտական նշանակութիւն, ինչպէս նաեւ եղած է թագաւորանիստ ` Ուրարտու պետութեան հիւսիսը : Քաղաքատեղի զբաղցուցած  է մօտ 90.0  հա տարածութիւն, բուն միջնաբերդը ` 3.0 հա: Հզօր պարիսպներով միջնաբերդը բաղկացած է երեք հիմնական մասերէ` կրօնական,  պալատական, տնտեսական: Էրեբունիի պեղումներէն յայտնաբերուած հնագիտական նիւթը կարելի է տեսնել  Արին-Բերդ բլուրի ստորոտին գտնուող  <<Էրեբունի>> պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանին մէջ: Այնտեղ կը գտնուի Արգիշտի Ա-ի հանրայայտ սեպագիր արձանագրութիւնը  Էրեբունի բերդ-քաղաքի հիմնադրման մասին, որ Երեւանի ծննդեան վկայականն է:

<<Էրեբունի>> պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանը ստեղծուած է որպէս Երեւանի հիմնադրման պատմութեան <<Էրեբունի>>  թանգարան: Հանրութեան առջեւ թանգարանն իր դռները բացած է 1968 թուականի Հոկտեմբերի  19-ին` ի նշանաւորումն Երեւան քաղաքի  2750-րդ տարեդարձի :

2003 թուականի Մարտ 7-ին թանգարանը վերակազմակերպուեր է որպէս <<Էրեբունի>> պատմահնագիտական արգելոց թանգարան`<< Կարմիր բլուր>> եւ <<Շենգաւիթ>> մասնաճիւղերով:  <<Էրեբունին>> կը հանդիսանայ միակ հնագիտական արգելոց-թանգարանը Երեւանի մէջ եւ Ուրարտուի պատմութեան մշակոյթի գիտական ուսումնասիրութեան կարեւոր կեդրոն տարածաշրջանին մէջ:

 Թանգարանի շէնքը կը կրկնէ ուրարտական պալատական կառոյցներու յօրինուածքը` պահպանելով արտաքին խուլ պատերով ու երդիկաւոր հարթ կտուրներով ներքին բակի շուրջ ամփոփուած ժողովրդական բնակելի տան տրամաբանական սկզբունքը: 1970 թուականին շէնքի նախագիծը արժանացած է ԽՍՀՄ Ճարտարապետներու միութեան կոչումնագիրին: Հեղինակներն են՝ ճարտարապետներ Շմաւոն Ազատեանն ու Պաղտասար Արզումանեանը, քանդակագործը` ՀԽՍՀ ժողովրդական նկարիչ Արա Յարութիւնեանը: 
Թանգարանի 1-ին գիտական ցուցադրութ
իւնը (հեղինակ` պատմ. գիտ. դոկտոր Լաւրենտի Բարսեղեան) գործած է մինչեւ 1982 թուական: 1982-էն մինչեւ օրս գործող  գիտական ցուցադրութեան հեղինակը պատմ. գիտ. դոկտոր Ստեփան Եսայեանն է:

«Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի թանգարանային հաւաքածոն կը կազմեն Արին բերդ, Կարմիր բլուր, Շենգաւիթ հնավայրերէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն դիպուածով կամ պարբերաբար իրականացուող պեղումներէն յայտնաբերուած նախաուրարտական, ուրարտական, աքեմենեան, հելլենիստական եւ հայկական հին ժամանակաշրջաններուն վերաբերող 11295 հնագիտական առարկաները՝  խմբաւորուած 128 հաւաքածոներու մէջ:

Թանգարանի մշտական ցուցադրութիւնը կը զբաղեցնէ 570  քառ. մ մակերես` ներառեալ ներքին բակին մէջ կազմակերպուած բացօթեայ ցուցադրութիւնը (140 քառ. մ): Ծանօթութիւնը մշտական ցուցադրութեան հետ կը սկսի ուրարտական գերագոյն աստուած Խալդի եւ պատերազմի աստուած՝ Թեյշեբայի բարձրաքանդակներէն (հեղինակ` Կամօ Գիյանճեան) եւ Էրեբունի  ամրոցի խցաններէն պատրաստուած մանրակերտէն (վերակազմութիւնը` Կ. Յովհաննիսեանի, գործ՝ Համիկ Նալջեանի):  1968 թուականին Փարիզի  Լուվրի թանգարանին մէջ, ապա 1970 թուականին Մոնթրէալի մէջ մանրակերտն արժանացած է մեծ մրցանակի:  Այցելուն այստեղ կրնայ տեսնել Էրեբունիի պեղումներէն յայտնաբերուած 23 սեպագիր արձանագրութիւններէն 7-ը` ներառեալ Երեւան քաղաքի ծննդեան վկայագիր համարուող արձանագիր քարը:  1998 թուականէն մշտական ցուցադրութեան մաս կը կազմեն նաեւ Երեւան քաղաքի Արշակունեաց փողոցի վրայ գտնուող, գործարանի տարածքին 1984 թուականին իրականացուած շինարարական աշխատանքներու ընթացքին դիպուածով բացուած ուրարտական դամբարանէն պեղուած նիւթերը` ծիսական նշանակութեան ցլագլուխ եւ առիւծագլուխ  աճիւնասափորները:  Թանգարանի մշտական ցուցադրութեան առանձին բացառիկ նմոյշներ բազմիցս ժամանակաւորապէս արտահանուած եւ ցուցադրուած են ԱՄՆ, Ֆրանսայի, Ռուսաստանի Դաշնութեան հեղինակաւոր թանգարաններու եւ ցուցասրահներու մէջ:

<<Զարթօնքի>> զրուցակիցն է   <<Էրեբունի>> պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի տնօրէն Գագիկ Գիւրջեան, որ պատմեց թանգարանի յետագայ ծրագիրներու եւ գործունէութեան մասին:

«Զ.» ՞նչ նշանակութիւն ունի 2018 թուականը թանգարանի գործունէութեան համար:
 Ի
՞նչ պեղումներ յայտնաբերուած են Էրեբունիի տարածքին:

«Գ. Գ.» – <<Էրեբունի>> պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանը ստեղծուած է որպէս Երեւանի հիմնադրման պատմութեան <<Էրեբունի>>  թանգարան: Հանրութեան առջեւ թանգարանն իր դռները բացած է 1968 թուականի Հոկտեմբեր  19-ին` ի նշանաւորումն Երեւան քաղաքի  2750-րդ տարեդարձի: 2018 թուականին մենք պիտի նշենք թանգարանի 50 եւ Երեւանի  2800 ամեակները: Սա կարեւոր իրադարձութիւն է եւ ոչ միայն մեզի համար, այլեւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին համար , որովհետեւ ինքը՝ Էրեբունին, զոր հիմնադրեց Արգիշտի Ա. թագաւորը Ք. Ա. 782 թուականին Ուրարտական կարեւորագոյն քաղաքներէն մէկն էր` ուրարտական պետութեան հիւսիս-արեւելեան սահմանը գտնուող, որ տնտեսական,  ռազմագիտական կարեւոր դեր կը խաղար ամբողջ պետութեան համար եւ քանի որ ուրարտացիները քաղաքներու կառուցման առընթեր անոնք նաեւ կը հիմնէին ջրանցքներ եւ կը զբաղէին գիւղատնտեսութեամբ   Էրեբունիի մէջ պեղուած են 5 շտեմարաններ, գինիի վեց մառաններ, ուր տեղադրուած են մօտաւորապէս 200 մեծ կարասներ: Անոնցմէ մի քանին ունի տարողութեան մասին սեպագիր եւ հիրոկլիֆ նշաններ: Ընդհանրապէս հրապարակէն արեւելք տեղակայուած տնտեսական հատուածը ենթարկուած է որոշակի փոփոխութիւններու: Պեղումները կը հաստատեն, որ, ի սկզբանէ, պալատական մեծ դահլիճը գոյութիւն ունեցած է, որ յետագային ձեւափոխուած է կարասային սենեակի: 


Էրեբունիի պեղումներէն յայտնաբերուած են բազմաթիւ հնագիտական գտածոներ` տարբեր տեսակի նետասլաքներ, շեղբեր, հալոցներ, կաղապարներ, մետաղեայ զարդեր (ապարանջաններ, մատանիներ եւ այլն), ուլունքներ, ձիասանձեր եւ այլն: Գտնուած են նաեւ քարէ, պրոնզէ եւ ոսկրէ պատրաստուած գլանաձեւ, կոնաձեւ եւ կշռաքարի ձեւ ունեցող կնիքներ: Անոնք ունին տնտեսական, ինչպէս նաեւ  տեղեկատուական եւ որոշակի պաշտամունքային նշանակութիւն:

«Զ.» – Ի՞նչ միջոցառումներ կը նախատեսուին՝ նուիրուած Էրեբունի թանգարանի 50 եւ Երեւանի 2800 ամեակներու կապակցութեամբ:

«Գ. Գ.» – Բնականաբար յոբելեանական տարի կը սպասուի եւ անհրաժեշտ է դիմաւորել, այդ ալ այդպիսի յոբելեան. թերեւս աշխարհի վրայ քիչ քաղաքներ կան, որոնք այդպիսի յոբելեանական տարիք ունին: Այս առիթով Հայաստանի կառավարութիւնը ստեղծած է յանձնաժողով  <<Էրեբունի Երեւան 2800>> խորագրով, որ կը ղեկավարէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ եւ յանձնաժողովի նախագահի տեղակալը՝ Երեւանի քաղաքապետը: Յանձնաժողովը կը հաւաքէ տարբեր  առարկաներ, գաղափարներ, որպէսզի ըստ անոնց ձեւակերպուի տօնակատարութիւններու ծրագիրը: Բայց, բացի այդ համահայկական մեծ միջոցառումներէն Երեւանի քաղաքապետարանը եւս ունի իր յանձնաժողովը  Էրեբունի Երեւանի տօնակատարութիւններու հետ կապուած եւ այդ յանձնաժողովը արդէն ունի իր ծրագիրները: Նախ պէտք է որոշակի վերաբերմունք դրսեւորել Էրեբունիի նկատմամբ,  եւ քաղաքապետարանի պատուէրով մենք նախագիծ մը պատրաստեցինք, որով պէտք է վերականգնուի Էրեբունի միջնաբերդը, ոչ միայն պէտք է վերականգնուի, այլեւ պէտք է վերստեղծուին որոշ հատուածներ , որովհետեւ ընդունուած չէ հնագիտական յուշարձանը ամբողջութեամբ վերականգնել: Այնուհետեւ 2008 թուականէն ամրոցին մէջ եւ անոր յարակից բլուրի լանջին պեղումներ եղան հայկական եւ  հայ-ֆրանսական հնագիտական արշաւախումբերու կողմէ, որուն իբրեւ արդիւնք Էրեբունի միջնաբերդին մէջ իրականացուող հայ-ֆրանսական համատեղ պեղումները լոյս աշխարհ բերին ուրարտական որմնանկարներու մնացորդներ, հետաքրիր փողոցներ, յայտնաբերուեցան զիկուրատի պատերը եւ վան-տոսպեան մշակոյթին բնորոշ 3 սափորներու մնացորդներ: Յետագայ անվտանգ պահպանութեան նպատակով ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ արգելոց-թանգարանի ձեռնարկած անյապաղ փրկչական գործողութիւններու շնորհիւ որմնանկարը ամրակայուեցաւ, տեղափոխուեցաւ եւ կը պահուի արգելոց-թանգարանի պահոցը: Յայտնաբերուած այս նիւթերը մեզ հնարաւորութիւն կու տան աւելի ճշգրիտ  կատարել վերականգնումները, որովհետեւ որքան շատ տեղեկութիւն ունենանք ժամանակաշրջանի մասին, այնքան աւելի ճշգրիտ կը կարողանանք վերականգնել: Այդ էր պատճառը, որ պեղումները տեւեցին մօտաւորապէս ութ տարի, եւ մենք երկար ժամանակ կը զբաղէինք այդ ամէնքի ուսումնասիրութեամբ եւ նախագիծերու իրականացման գործով:  Մենք առանց շտապելու արմատապէս պէտք է վերականգնենք քաղաքի այն հատուածները, զորս հնարաւոր է վերականգնել իր ժամանակի նիւթերով, որովհետեւ քաղաքի պատերը շարուած են քարով եւ հում աղիւսով, իսկ հում աղիւսը պէտք է ստանալ,  իսկ այդ ուղղութեամբ ուսումնասիրութիւններ եղան, թէ ի՛նչ կազմ ունի, ի՛նչ նիւթէ պատրաստուած է: 

Այս բոլոր փուլերով անցած ենք, եւ արդէն ժամանակն է այդ բոլորը ներդնել վերականգնման խնդիրներուն պարագային, իսկ աշխատանքները պիտի սկսին 2018 թուականի գարնան:  Եկող տարի պէտք է կարողանանք երեք կարեւոր խնդիր լուծել՝ ժամանակաւոր անֆիթատրոնի տեղադրումը, ցանկապատի եւ անցակէտերու ստեղծումը` կանգառներով եւ միջնաբերդի  պահակակէտի վերականգնումը, որ կը նպաստէ տօնակատարութիւններու առաւել լաւ իրականացման: Այսքանը կը վերաբերի մեր թանգարանի ծրագիրներուն, բայց քաղաքապետարանը տարբեր միջոցառումներու ծրագիրներ ունի առանձին վարչական շրջաններու մէջ:

«Զ.» – Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք սփիւռքի հետ:

«Գ. Գ.» – Մենք նպատակ ունինք այս տօնակատարութիւններու շրջանակներուն մէջ կազմակերպել միջազգային մեծ գիտաժողով՝ նուիրուած Ուրարտական ժառանգութեան, որ արդէն հաւանութեան արժանացած է: Տարբեր երկիրներէ պիտի հրաւիրուին ուրարտագէտներ, մասնագէտներ, որով հիմք պիտի դրուի Ուրարտագիտական կեդրոնի ստեղծման: 

Ես համամիտ եմ այն գաղափարին, որ Արեւմտեան Հայսատանը սփիւռք համարելը ճիշդ չէ, օրինակ՝ Վան քաղաքը եղած է Ուրարտական պետութեան մայրաքաղաքը, որ մեր պատմական հայրենիքն է, եւ մեր պատմական հայրենիքի ներկայացուցիչները բնականաբար եւս կը մասնակցին գիտաժողովին, մանաւանդ որ կարելի է մտածել կապ ստեղծել Արգիշտի արքայի դամբարանի հետ, որ կը գտնուի Վանի ամրոցին մէջ: Մենք մեծ սիրով կ’աշխատինք բոլոր ցանկացողներու հետ, որոնք հետաքրքրուած են այս խնդիրներով եւ գաղափարներով:

«Զ.» – Իւրաքանչիւր տարի Հայաստանի Հանրապետութեան հազարաւոր քաղաքացիներ եւ օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներ թանգարան կ’այցելեն`  իրենց ստացած տպաւորութիւններու մասին  գրառումներ ընելով թանգարանի յուշամատեանին մէջ: Յիշեցնեմ, որ թանգարանը կը գտնուի Երեւանի Էրեբունի փողոց  38 հասցէին վրայ:

Հեռ.` +373-10-432661

Ել. հասցէ` erebunimuseum@gmail.com

Կայք` www.erebuni.am

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի Արին Պարախումբը`Լիբանանահայ Մշակոյթի Բարձունքը

0

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  «Արին» պարախումբը անվարանօրէն դարձած է  լիբանանահայ  պարարուեստի պարծանքը:  Մշակութասէր  հանդիսատեսը  անհամբերութեամբ կը սպասէ  «Արին» պարախումբի ելոյթներուն: 

Կիրակի, 3 Դեկտեմբեր 2017-ին Լիբանանի մէջ գործող օտար դիւանագիտական շրջանակներու տիկնանց համախմբումին կազմակերպութեամբ, «ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ  միջազգային բարեսիրական պազար: Աւանդութիւն դարձած սոյն պազարին հասոյթը պիտի յատկացուի բարեսիրական հաստատութիւններու:

Լիբանանի մէջ գործող Հայաստանի դեսպանատան հրաւէրով ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ  պազարի ընթացքին նախատեսուած գեղարուեստական յայտագիրին: Պարախումբը, տիկնանց վարչութիւնը,  պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Գայիանէ Մածունեան ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնէն երկու մեծ  օթոպիւսներու ընկերակցութեամբ մեկնեցան «Ֆենիսիա» պանդոկ: Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Արթօ Գունտաքճեան, Շահան Սեմերճեան պանդոկի մուտքին  դիմաւորեցին պարախումբի կազմը:

Պարախումբին ելոյթները տեղի ունեցան «Ֆենիսիա» պանդոկին մեծ սրահին մէջ:  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբի 75 անդամ-անդամուհիներէն միջակ աղջիկները եւ տղաքը  ներկայացուցին «Նինօ» եւ «Վասպուրական» պարերը, իսկ մեծ տղաքը եւ  աղջիկները՝ «Գողթան» եւ«Վարդագոյն Աղջիկներ» պարերը: Հայ եւ օտար ներկաներ մեծապէս խանդավառուեցան «Արին» պարախումբի ճաշակաւոր եւ բարձրորակ ելոյթներէն:  Դիւանագիտական օղակի ներկայացուցիչներ, ոգեւորուած ՀԲԸՄ-ՀԵԸ –ի «Արին» պարախումբի ելոյթներէն, իրենց   յարգանքն ու հիացումը  յայտնեցին հայ մշակոյթին:   

Վարձքը կատար ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբի անդամ-անդամուհիներուն, գեղարուեստական  ղեկավար Գայիանէ  Մածունեանին, պարախումբի տիկնանց վարչութեան  ատենապետուհի Անի Պոտրումեանին եւ  ժրաջան անդամուհիներուն, որոնք ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն բարձր պահելու հայ մշակոյթին փառքն ու աւանդութիւնները:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Եա Հալաո՛ւթաք …

0

*ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ*

Պրն. Կարապետը գրեթէ ամէն Շաբաթ կամ Կիրակի առտուները Փալմաս տօ Թրեմեմպէյի մեր տունը այցելութեան կու գար:

Ձեռքը հայերէն թերթերու տրցակ մը բռնած՝ մօրս պէս ինքն ալ Խարբերդցի, մատը մեր տան զանգակին կը կոխէր եւ

– Հայրենակի՛ց, դուռը բա՛ց,- կը պոռար դուրսէն:

Այդ ժամերուն մայրս երբեմն խոհանոցը գործով զբաղած կ’ըլլար եւ ես Չալոյին հաջելը երբ լսէի, դուռը կը բանայի եւ Պրն. Կարապետը ներս կու գար: 

Չալօն կը ճանչնար տուն յաճախող մեր բոլոր բարեկամները, կ’ուզէր եկողներուն դիմաւորել ու երբ կապը քակէի, պոչը շարժելով՝ անոնց դիմաց կը վազէր: 

Ան մեր տան մէջ բոլորիս շունն էր, սակայն իրաւունքով բուն տէրերը հայրս ու մայրս էին: Աւելի ճիշդ, հայրս շունին տէրն էր, մայրս ալ անունին, որովհետեւ տարիներ առաջ, երբ հայրս օր մը անակնկալ ըրաւ եւ այդ շունը տուն բերաւ, մայրս խնդրեց, որ անունը Չալօ դնէ : 

Շունը անունին պէս աղուոր էր եւ սկիզբէն մեզի շատ կապուեցաւ:

Խարբերդի մէջ, ուր ծնած եւ մինչեւ չորս կամ հինգ տարեկան հօր տանը մէջ ապրած էր, մայրս շուն մը ունէր, որուն անունը Չալօ դրած էր : Ան շատ կը սիրէր իր խոշոր շունը, որ դունչը հովերու դէմ տուած՝ դաշտերու մէջ կը խաղար մօրս հետ :

Սակայն օր մը գէշ մարդիկ խլեցին մեծ հօրս ձեռքէն իր հողերը եւ մայրս դեռ դպրոց յաճախելու տարիքին չհասած՝ այդ ուրախ հովերու դէմ խաղերը դադրեցան եւ ան ճակատագրի տխուր հարուածով բաժնուեցաւ Չալոյէն ու հօրը պատկանած հողերէն:

Յետոյ անկէ վերջ տարիներ անցան եւ առանց տիրոջ մինակ մնացած շունը, ո՛վ գիտէ, դաշտերու մէջ խոտեր հոտոտալով՝ որքա՜ն երկար փնտռեց մօրս ոտքի հետքերը ու չգտաւ: Բայց մայրս ալ դաշտերէն հեռու՝ չմոռցաւ իր Չալօն: Ան Խարբերդէն վերջ շատ դժուար օրեր անցուց, շատ հեռու տեղեր գնաց, մեծցաւ, ամուսնացաւ, բայց չմոռցաւ իր Չալօն, եւ այդ պատճառաւ ալ, երբ հայրս օր մը հետը շուն առած՝ տուն եկաւ, առաջին մէկ օրէն ան մօրս նոր Չալօն դարձաւ: Մայրս հինին պէս սիրեց նորը …

Հայրս նոր բերած շունը տան առջեւի բակը կապեց եւ նոր Չալօն քիչ ժամանակուան մէջ մօրս պաշտպանը եւ ի՛մ ալ հաւատարիմ խաղընկերը դարձաւ: 
Չալօն պաշտօնով մեր պահապանն էր, եւ երբ օտար մէկը տան առջեւէն անցնէր կամ մօտենար, կատղած ձեւով կը հաջէր եւ ակռաները կը ցուցնէր: 

Բայց եթէ անցնողը կամ զանգակի կոճակին կոխողը տան բարեկամներէն իրեն ծանօթ մէկը ըլլար, պոչը կը շարժէր, առջեւը կը վազէր եւ հաջելուն մէջ «բարի եկար» կը դնէ: 

Շաբաթ կամ Կիրակի օրերու այդ «բարի եկար»-էն վերջ մօրս հայրենակիցը տունին մէջ կը բանար հետը բերած թերթերէն մէկը եւ ամէն բանէ առաջ հոն գրուած շահեկան յօդուածներու մասին նախ մեզի ընդհանուր գաղափար մը կու տար : Յետոյ թերթերուն մնացեալ թիւերը սեղանիկի մը վրայ կը դնէր եւ մանրամասնութիւններու համար

– Ասոնք հոս դնեմ, վերջը կը կարդաս,- կ’ըսէր ինծի : 

Ես այն օրերուն Պէյրութի «Շիրակ» ամսաթերթը կը ստանայի եւ փոխադարձելու համար իր ազնուութիւնը ունեցածներէս փոխ կու տայի:

Այս ձեւով մեր խօսակցութեան նիւթերը հայկական կեանքէ կ’ըլլային: 

Իր այցելութիւններուն ան չէր խօսեր Խարբերդի մանկութեան օրերու մասին եւ ես չէի գիտեր, եթէ պզտիկութեան ինքն ալ Չալօ մը ունեցած էր թէ ոչ: 
Ես միայն կ’երեւակայէի, թէ Խարբերդի դաշտերուն մէջ շուն ունենալը սովորական էր …

Բայց Խարբերդի մասին չխօսելէ զատ դասընկերոջս հայրը Եգիպտոսի կեանքէն ալ հատուածներ չէր պատմեր մեզի: Մենք ընդհանրապէս հայկական լուրերու մասին կը խօսէինք: Սակայն երբ ուրիշ նիւթերու մասին մեր տեսակէտները երբեմն տարբերէին, ան կը խուսափէր երկար վիճաբանութեան մէջ մտնելէ եւ խօսքը «անուշի կապելու» համար

– Եա հալաո՛ւթաք,- կ’ըսէր ու հաշտարար բաց ափը առջեւ կ’երկարէր:
Բայց, լաւ կը յիշեմ, երբեմն սիրած կամ «քէյֆին եկած » բանի մը համար ալ «եա հալաո՛ւթաք» կ’ըսէր եւ ափն ալ նոյն ձեւով դիմացինին կ’երկարէր, ճի՛շդ Եգիպտոսի մէջ ըրածին պէս: Հոն սովորական էր, ճիշդ ատենին ըսուած շիտակ բանի մը համար «եա հալաո՛ւթաք» ըսել եւ յետոյ ափը բաց՝ դիմացինի ափի հարուածին երկարել:

Պրն. Կարապետը լման անունով Կարապետ Սէֆերեան էր եւ Գահիրէի Գալուստեան վարժարանի հին դասընկերոջս՝ Գէորգին հայրն էր: 
Մենք Շուպրայի Նիըր Իսթ ակումբին մէջ տրուած հանդէսէ մը վերջ ծանօթացած էինք իրարու ու այն գիշեր ալ պատահաբար գիտցած էինք, թէ անոնք ընտանիքով մեզմէ մէկ ամիս առաջ պիտի գաղթէին Պրազիլ: Ընտանիքներու միջեւ սկսած այն գիշերուան բարեկամութիւնը, Պրազիլ հասնելնէս յետոյ ալ շարունակուեցաւ եւ Սան Փաուլօյի մէջ Պրն. Կարապետը իր հետը բերած հայերէն թերթերով՝ մեր տան Շաբաթ կամ Կիրակի օրերու սպասուած սովորական հիւրը դարձաւ: 
Այն օրերուն, բերած թերթերուն մէջի հետաքրքրական գրութիւններու մասին պատմելէ եւ թերթերը առջեւի սեղանիկին վրայ դնելէ վերջ խօսակցութիւնը 
կը շարունակէր եւ յաճախ Եգիպտոսի մէջ ունեցած դեղձանիկներու մասին կամ ալ հայրենի ծանօթ գրող Վախթանգ Անանեանի որսորդական գրութիւններէն յիշածները կը պատմէր :

Մինչ այդ, մայրս խոհանոցի գործերը վերջացուցած՝ ափսէի մէջ սուրճով մեզի կը մօտենար ու կը հիւրասիրէր իր հայրենակիցը: Յետոյ, առիթէն օգտուելով, մեր քով կը մնար ու արդէն սկսուած կամ սուրճին հետ խօսակցութեան նոր բացուող նիւթերու, մայրս ալ կը մասնակցէր եւ այդ վայրկեաններուն, խօսքերուն մէջ կարօտով, երբեմն իր ծննդավայրի թթենիներուն հիւթեղ ու անուշ պտուղներու մասին կը խօսէր: :

Ան թութ շատ կը սիրէր եւ պտուղի տարբեր գոյներուն մէջ խտրութիւն չէր դներ, որովհետեւ թթենիներու տուած ճերմակ կամ սեւ բոլոր պտուղները կը սիրէր: 

Սակայն Պրազիլի թթենիները Խարբերդի թթենիներուն պէս խոշոր եւ հիւթեղ պտուղներ չէին տար : Մայրս գոհ չէր ատկէ եւ կը պատմէր, որ պտուղի ժամանակ իր ծննդավայրի ծառերը այնքան բեռնաւորուած կ’ըլլային, որ մարդիկ թութերը հատիկ-հատիկ չէին քաղեր ծառերէն : Անոնք թթենիներուն տակ խոշոր սաւան մը կը փռէին եւ ծառերը կը թօթուէին …

Մայրս Խարբերդի թութերուն մասին այնքան խօսեցաւ, որ տարի մը Հայաստան գացող ծանօթի մը միջոցաւ թթենիի «չիթիլ» մը ճարեց: Իր բերնով ըսուած «չիթիլ»-ը Փալմաս տօ Թրեմեմպէյի մեր տան պարտէզին մէջ տնկեցինք, եւ յետագային երբ այդ ոստը ծառ դարձած պտուղ տուաւ եւ վրայի ճերմակ թութերը փորձեցինք, մեզի համար տեղականներէն աւելի խոշոր եւ անուշ երեւցան: 

Սակայն մօրս համար Խարբերդի թութերը դեռ տարբեր համ ունէին … 

Սուրճի վրայ խօսուած նիւթերը այսպէսով դեղձանիկներէն թութերու կ’անցնէին, յետոյ չմտածուած դեռ ուրիշ նիւթեր ալ կը բացուէին եւ ժամանակը առանց զգալու արագ կը սահէր …

Սակայն երբեմն մէկ նիւթէն միւսին անցնելու ժամանակ հայրս կ’օգտուէր առիթէն եւ մեր հիւրը գրգռելու համար կատակի ձեւով.

– Ի՞նչպէս է վիճակդ, վերջին խաղէն ի վեր յառաջդիմեցի՞ր,- կը հարցնէր …
Պրն. Կարապետը կռուող չէր:

– Դուն ատ հարցումդ քեզի՛ ըրէ, վերջին կորսնցնողը դո՛ւն եղար,- հանդարտ կը պատասխանէր հօրս:

Տան առջեւի բակին մէջ սեղանիկի մը վրայ հայրս 
կը բանար թաուլուի տուփը եւ երկուքը դէմ-դիմաց նստած՝ խաղի կը սկսէին:

Ներսէն ես կը լսէի տուփին մէջ գլտորող զարին ձայնը:

Մինչեւ կէսօրուան մօտ քանի մը ձեռք խաղալէ վերջ Պրն. Կարապետը յանկարծ ոտքի կ’ելլէր, «երթալու ժամը եկաւ» կ’ըսէր ու հրաժեշտ կու տար մեզի: Յետոյ տուած «Շիրակ»-ներս ձեռքը բռնած՝ գետնին վրայ կամաց կոխելու իր սովորական քայլուածքով կ’երթար եւ ամառ թէ ձմեռ գործածած գոց կապոյտ պերէ գլխարկին հետ փողոցի անկիւնադարձին կ’անհետանար:

Օր մը տարիներով հօրս հետ թաուլու խաղալէ վերջ գալիք օրերէն Շաբաթ կամ Կիրակի առաւօտ մը, չեմ յիշեր ճիշդ երբ, Չալօն չհաջեց եւ Պրն. Կարապետը չեկաւ : Անկէ վերջ Շաբաթներ անցան, բայց ան չերեւցաւ, ու մենք իրմէ լուր չունեցանք: 

Նոյեմբեր ամսուան մէջ Կիրակի օր մը  բակին մէջ Չալօն յանկարծ ոտքի ցատկեց եւ հաջեց : Ներսէն անմիջապէս առաջուան 

– Հայրենակի՛ց, դուռը բա՛ց… կանչը դարձեալ լսեցի: 
Բոլորս դուրս վազեցինք: Մայրս դրան առջեւ կեցած

– Ո՞ւր էիր մարդ Աստուծոյ , հայրենակիցդ մոռցա՞ր,- հարցուց …

– Անպայմա՛ն վերջին խաղը կորսնցնելուդ համար ամչցար ու չեկար,- կատակի ձեւով ալ գրգռել փորձեց հայրս …

Սակայն Պրն. Կարապետը իր հանդարտ ձեւը պահեց եւ բացատրեց, թէ ատենէ մը ի վեր աղջկան քով կ’ապրէր եւ տուներու հեռաւորութեան պատճառաւ, դժուար էր իր այցելութիւններուն յաճախականութիւնը պահել:

Պրն. Կարապետը իրաւունք ունէր եւ դժուար էր հետը չհամաձայնիլ: Պրազիլի մէջ հեռաւորութիւնները մեծ էին, եւ հանրային փոխադրական միջոցներն ալ հանգստաւէտ չէին: Յուսացինք, թէ ժամանակուան ընթացքին թերեւս վարժուէինք պրն. Կարապետին ուշ դարձած այցելութիւններուն: 

Սակայն մենք չվարժուեցանք, քաղաքին մէջ փոխադրական միջոցներն ալ չլաւացան, եւ Պրն. Կարապետին այցելութիւնները նոյն ձեւով հազուադէպ մնացին : Իսկ ես անկէ քիչ ատեն վերջ, աշխատած ընկերութեանս կողմէ մնայուն ձեւով ուրիշ քաղաք փոխադրուեցայ: 

Հարաւի աշխատած քաղաքէս ես դեռ սակաւաթիւ առիթներով շարունակեցի Սան Փաուլօյի մեր տունը այցելել եւ ծնողքս ու Չալօն ալ տեսնել, բայց կապս մեր ունեցած բարեկամներէն երկար ատեն կտրուած մնաց: 

Օր մը մայրս իմացաւ, որ Պրն. Կարապետը ինքնաշարժի արկածէ մը մահացած էր:

Տխրեցանք:

Բայց կեանքի օրէնքը այդպէս էր, եւ ատեն մը վերջ հայրս, յետոյ Չալօն եւ յետոյ ալ մայրս, հովերու պէս պրն. Կարապետին եղած հեռու տեղը գացին ու հոն մնացին : Այսօր անոնք քովս չեն այլեւս, եւ կը խորհիմ, թէ այսքան տարիներ վերջ հաւանաբար արդէն շատոնց վերը իրարու հանդիպած են, ու այս վայրկեանիս ալ, թերեւս հայրս տեղ մը թաուլույին տուփը բացած՝ Պրն. Կարապետին հետ մեր բակին մէջ կէս մնացած խաղ մը կը շարունակէ …

– Կրնա՞յ արդեօք վերը այդպէս բան մը արդէն պատահած ըլլալ, քանի որ բոլորն ալ հիմա միասին նոյն տեղը կը գտնուին, – երբեմն կասկածով հարց կու տամ ինքզինքիս …

– Չեմ գիտեր, կամ աւելի ճիշդ չեմ հաւատար… կ’ըլլայ պատասխանս: 

Բայց միտքէս անցած այս անկարելին, եթէ պարզ երեւակայութենէ զատ, մինչեւ այսօր վերը արդէն իրականութիւն չէ դարձած եւ օր մը անսպասելիօրէն դեռ յանկարծ կրնայ դառնալ, ես շատ պիտի ուզէի, որ Պրն. Կարապետը բերած հայերէն թերթերը չմոռնար եւ ձեւով մը վար ղրկէր, որովհետեւ ես «Շիրակ» ամսաթերթէն դեռ քովս քանի մը թիւեր ունէի եւ իրեն տալ կ’ուզէի… Վստահ եմ, որ այն ատեն ինք պիտի խնդար ու յետոյ եթէ կրնար, բաց ափը վերէն առջեւ երկարէր եւ ինծի ուրախ «եա հալաո՛ւթաք» ըսէր …


Քամփինաս, Պրազիլ

Արցախը Նախորդ Շաբաթ – Արաքսի Ափին Այգիս Ըլլար. Երազանքը՝ Իրականութիւն

0

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Արցախի ամենաերիտասարդ բնակավայրերէն է Արաքսի ափին գտնուող Արաքսավանը: Հիմնադրուած է 2012 թուականին Արաքսի ափին: Նպատակը՝ Արաքսի հովիտի գիւղատնտեսական հնարաւորութիւնները աւելի արդիւնաւէտ կերպով օգտագործելն էր: Բնակիչներէն ոմանք Արցախի իշխանութիւններու կոչին հետեւեցան անմիջապէս եւ 2012 թուականէն եկան՝ մշակելու  տարիներով չմշակուած հողը, ամրանալու հայրենիքի այս հատուածին մէջ: Կառավարութիւնը կացարաններ կառուցեց վերաբնակիչներուն համար եւ հող տրամադրեց: Ոմանց նաեւ՝ գիւղատնտեսական աշխատանքներու յատուկ մեքենաներ եւ գործիքներ: Հիմնադրումէն 5 տարի անց՝ Արաքսավանը ընդլայնելու նոր ծրագիրներ կան: Ժամանակաւոր կացարաններու մօտ, սեղանի շուրջ, արաքսավանցիները նախագահ Բակօ Սահակեանին պատմած են իրենց ձեռքբերումներուն եւ դժուարութիւններուն մասին:  «5 հեքթարը, զոր կը մշակէք, ձեզի ի՞նչ կու տայ»,- նախագահի հարցին Արաքսավանի հնաբնակներէն Աշոտ Աւագեանը այսպէս կը պատասխանէ.« Քիչ մը դժուար է, բայց, փառք Աստուծոյ, պէտք թէ բողոքել: Երկրագործական ծանր մեքենայ   տուած էք, շնորհակալ ենք: Մենք ալ գործիքներ բերած ենք: Այսօր հողագործի խնդիր ունինք, բայց եղածով ալ՝ աշխատանքները ձեւով մը գլուխ կը բերենք»:

Նախագահը բարի լուրերով Արաքսավան հասեր է. բնակավայրը ընդլայնելու ծրագիրները օրակարգի վրայ են : Նորաբնակներուն կ’առաջարկուի կեցութեան բոլորովին նոր պայմաններ: Ժամանակակից հաւաքովի տնակներու մասերը արդէն տեղ հասած են: Քաղաքաշինութեան նախարարն ու Հադրութի հին թաղամասը վերականգնող ճարտարապետ Նինա Ներսիսեանը կը ծանօթանան այն տեղանքին, ուր պէտք է տեղադրուին տնակները: Նինա Ներսիսեանին պիտի վստահուի նոր թաղամասի յատակագծումը: «Ռուսաստան բնակող մեր համախոհներէն Սերկէյ Համբարձումեանի օգնութեամբ՝ 7 տնակ պիտի աւելնայ այստեղ՝ իրենց բոլոր յարմարութիւններով: Ամէն տնակ 12 քառակուսի մեթր կ’ըլլայ: Շատ աւելի յարմարաւէտ՝ քան այսօր եղածները, եւրոպական նոյն տիպի բոլոր նմոյշներուն համապատասխան»,- կը մանրամասնէ «Տորութ սթուտիոյ» ՍՊԸ տնօրէն Նինա Ներսիսեանը:

Արաքսավանի մէջ ալ պիտի շարունակեն ընդունիլ անոնց, որոնք գիւղատնտեսութեամբ զբաղելու լուրջ ծրագիրներ կ’ունենան: 5 տարի առաջ Արաքսավան հաստատուած Աշոտ Աւագեանը յաջողութեան իր պատմութիւնը կը ներկայացնէ՝ փաստերով եւ թիւերով: «15 հատ կով բերած եմ՝ հիմա 50 ունիմ, ժամանակին լաւ ծառատունկ ըրած ենք, ահա հիմա բերքը կը հաւաքենք: 4-5 տոննա նուռ վաճառած ենք, 2-3 տոննա արքայախնձոր»,- կը թուարկէ Աշոտ Աւագեանը: Յաջողութեան նման պատմութիւնները, որոնք Արաքսավանի մէջ քիչ չեն, միայն կ’աւելցնեն այստեղ գալ-հաստատուիլ ցանկացողներու թիւը:

Ստեփանակերտ

Հոգեվիճակ

0

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի աշխատակից

Օրեր էին՝ գիրքեր հաւաքելու ապագայի  երազով, որ օր մը…պիտի կարենամ ըմբոշխնել: Հիւանդագին երեւոյթ, արդարեւ, երբ նոյնիսկ երբեմն արաբերէն, երբեմն ֆրանսերէն գիրքեր իսկ կ՛աւելնային գրադարանիս առանց այդ լեզուներուն տիրապետած ըլլալու, կարելի քիչէն ալ գոհունակութիւն մը ստանալու յոյսով ու ահա անոնցմէ մին, որ Ժագ Բրեւերի Փարոլը գիրքն էր, որմէ յուզականութիւն առթող եւ մտորումներու առաջնորդող մէկ քերթուածը լայն ժողովրդականութիւն ունենալուն պատճառաւ մի գուցէ բազմաթիւ նկարահանումներու առիթ տուած է: Բայց ի՞նչ կ՛ըսէ հեղինակը այս գրութեամբ:

Առաւօտեան Նախաճաշ                            

Սուրճը դրաւ գաւաթին մէջ
Կաթը դրաւ սուրճի գաւաթին մէջ
Շաքարը դրաւ կաթով սուրճին մէջ
Փոքր դգալով մը խառնեց
Խմեց կաթով սուրճը
Դրաւ գաւաթը տեղը
Առանց հետս խօսելու
Ծխախոտ մը վառեց
Ծուխէն շրջանակներ կազմեց
Դրաւ մոխիրը մոխրամանին
Առանց հետս խօսելու
Առանց ինծի նայելու
Ելաւ տեղէն
Իր գլխարկը դրաւ իր գլխուն
Հագաւ անձրեւարգել վերարկուն
Քանի որ կ՛անձրեւէր
Եւ անձրեւին տակ գնաց
Ոչ մէկ բառով
Ոչ իսկ նայուածքով մը
Գլուխս առի ափերուս մէջ
Ու լացի

«Մարդ արարածը ընկերային կենդանի է: Ան, որ կ’ապրի ընկերութենէ  դուրս, կամ գազան է կամ ալ Աստուած» Արիստոտէլ: Ան ուրիշ թէ, մանաւանդ անցեալին ինքնամեկուսացումներ կային կրօնի ազդեցութեամբ (ճգնաւոր, միստիք), իսկ պետական-պաշտօնական մեկուսացումներն ալ, անշո՛ւշտ, բանտերն են իբրեւ ապահովութիւն ընկերութեան:

Անհրաժեշտութեան կամ պէտքին հրամայականը մարդս ինքնաբերաբար ընկերային վիճակի կ’առաջնորդէ: Ժողովրդային ասոյթը կ’ըսէ .- «մարդ մարդով է», ուստի ընկերութիւնը արդիւնք է անհատներու պայմանաւորուածութեան իրենց հաւաքական եւ անհատական շահին ի խնդիր: Հոն իրար կը բախին շահն ու փոխ-յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ անհասկացողութիւններն ու բարդութիւնները: Գալով մեր քերթուածին՝ իշխողը յուզականութիւնն է, մանաւանդ աւարտը, որ հարցադրումներու  երկրորդ երեսն է: Մարդ կենդանին աւելի յուզականութեամբ կ’առաջնորդուի քան բանականութեամբ, քանի որ առաջինը աւելի ուժեղ է, հին եւ տիրական: Յեղափոխութիւնները յուզականութիւնը գրգռելով՝ կը սկսին, ու ալ զսպելը կ՛ըլլայ անհնարին: Մեր գործը յանձնապատան, ինքնամփոփ անձի մը հետ է, որ առաւօտեան նախաճաշը (թէյով սուրճ, կաթ) կը կատարէ  առանց աջ-ձախ նկատի ունենալու. կը վառէ ծխախոտը եւ անոր ծուխէն շրջանակներ արձակելով օդը, որ գուցէ կը  բնորոշէ իր ներաշխարհի անել վիճակը կամ ամուսնութեան կլոր, անսկիզբ  ու անվերջ մատանիի մը խորհրդանիշը օղակաձեւ: Ո՞վ գիտէ իր հոգիին թաքուն խորքը:  Բայց եւ այնպէս ոչ մէկ ձախաւեր շարժում. Կ’անձրեւէ՞: Կայ անձրեւարգել վերարկուն եւ գլխարկը, ու կը հեռանայ անձրեւին տակ՝ պաշտպանուած եւ ապահով: Այս պա՞հ մըն էր արդեօք. եթէ այդպէս է, ո՞վ չէ ունեցած նմանօրինակ ապրումներ, երբ ընկերութիւն եւ անհատ անհամերաշխ վիճակի մէջ կը գտնուին կամ անձը ինքն իր մէջ՝ երկուութեան բարդոյթի: Ո՞վ գիտէ: Պատահական են նման երեւոյթներ:

Առողջ ընկերութեան անդամները նմանօրինակ վիճակներու չեն մատնուիր, քանզի առողջ ընկերութենէ առողջ անհատներ կը գոյանան, ինչ որ շա՜տ իտէալական է եռացող այս աշխարհի մէջ, ուր տարուէ-տարի կը բարդանան կեցութեան պայմանները եւ հետեւաբար փոխադարձ հասկացողութիւնները:  Վերջապէս առողջ անհատ առողջ ընկերութեան արդիւնք է, ինչպէս առողջ միտք՝ առողջ առողջ մարմինի եւ փոխադարձաբար : Գործնականին մէջ, քանի որ ընկերութիւնը թերացած է, անհատին կը մնայ զօրացնել ինքզինք՝ դիմագրաւելու բազմաթիւ դժուարութիւնները, հոգեկան, ընկերային թէ այլ:

Արեւելքը մեծ ներդրում ունի այս մարզին մէջ: Փիլիսոփայութեամբ, կրօնով, առաջնորդներով, որոնք սակայն գործնականացնելու համար անհատը պարտի աշխատանք տանիլ իմաստութեամբ, ջանքով եւ յարատեւութեամբ:

Թատրոնը վերջացաւ, իսկ հանդիսատեսը ինչո՞ւ  լացաւ արդեօք: Միթէ հոգեընկեր մը զգաց, որ չեղաւ հաղորդական, թէ մարդասիրաբար լալու աստիճան խորզգաց անոր հետ. Ցաւակի՞ց էր արդեօք, թէ ինզինք զգաց զերօ մը, անգոյ մը, անտարբերութեան հանդիպած ըլլալու ցաւով վիրաւոր: Ո՞վ գիտէ:

Այս վերջինին համար Լաօ Ցէ ունի բուժիչ խօսք իր թիւ 13 քերթուածով.-

«Ընդունէ՛ անտեսումը կամովին.

Ընդունէ՛ անտեսումը իբրեւ մարդկային վիճակ.

Ի՞նչ կը հասկնաս «ընդունէ՛ անտեսումը կամովին»

Ընդունէ՛ անկարեւոր ըլլալ»:

 

 

 

«Միրաք»-ի Նոյեմբերը

0

5 Նոյեմբեր 2017
Thank You Raffi. «Միրաք»-ի Նուէրը Ռաֆֆիին

Կիրակի 5 Նոյեմբերին «Միրաք» պատանեկան –ուսանողական շարժումի հերթական կիրակնօրեայ հաւաքը կայացաւ Թէքէեան կեդրոնէն ներս: Հանդիպումը նուիրուած էր քննարկում մը կատարելու նախորդ Կիրակի Հատիս սար բարձրանալու մասին: Լեռնագնաց Ռաֆֆի Եուրէճեան եւս ներկայ եղաւ հանդիպման:

Նախորդ Շաբաթ առնուած նկարները պաստառի վրայ ցուցադրելով՝ կատարուեցաւ խմբային մեկնաբանութիւններ: «Միրաք»-ի պատասխանատու Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան բոլորին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ռաֆֆիին եւ Իսկուհիին, որոնք իբրեւ մասնագէտ լեռնագնացներ մեծապէս օժանդակեցին, որպէսզի «Միրաք»-ի սար բարձրանալու ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուի:

Հանդիպման աւարտին «Միրաք»-ը անակնկալ մատուցեց Ռաֆֆիին՝ յանձնելով Հատիս սար բարձրանալու օրուան նկարը կրող «T-shirt» մը, որուն վրայ գրուած էր բոլորին անունները: «Միրաք»-ականներէն իւրաքանչիւրը որպէս յիշատակ ստորագրեց շապիկին վրայ եւ նուէրը յանձնուեցաւ «Միրաք»-ին շատ սիրելի եւ հարազատ դարձած Ռաֆֆիին:

Որպէս պարտաճանաչ անդամ՝ քաջալերական նուէր յանձնուեցաւ նաեւ «Միրաք»-ի տիպար անդամ Գոհար Համբարձումեանին:

 

12 Նոյեմբեր 2017
Լուսանկարչութիւնը Շատ Աւելին Է Քան Պարզապէս Նկարելը

Լուսանկարչութիւնը այսօր հասանելի է բոլորին, ան թեքնիքապէս իւրաքանչիւր անհատի գրպանի հեռախօսին մէջ առկայ է: Սակայն անուրանալի փաստ է, որ ոչ բոլոր լուսանկարները կարելի է ներկայացնել որպէս արուեստ եւ ցուցահանդէսներու մէջ ընդգրկել:

Լուսանկարը իր մէջ բացի անձնական յուշեր կամ փաստագրական տուեալներ պարունակելէն, ան նախ եւ առաջ արուեստ է:

 Կիրակի, 12 Նոյեմբեր 2017-ին այս մասին զրուցելու առիթը ունեցան «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժումի անդամները՝ «Թէքէեան կեդրոն»-ի յարկին տակ հիւրընկալելով Հայ լուսանկարիչներու ազգային միութեան անդամ լուսանկարիչ Արմէն Ենկոյեանը: «Միրաք» շարժումի պատասխանատու Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան «Միրաք»-ականներուն  ծանօթացուց օրուան հիւրը եւ ողջունելով վերջինիս՝ շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրը սիրով ընդունելուն համար:

Պրն. Ենկոյեան հանդէս եկաւ ուսուցողական դասընթացքով` ի՛նչ է լուսանկարչութիւնը, ուրկէ՛ կու գան վերջինիս ակունքները: Անդրադառնալով ե՛ւ միջազգային ե՛ւ հայազգի լուսանկարիչներու գործերուն՝ ան ներկայացուց այն նրբութիւնները, որոնց միջոցաւ հնարաւոր է աշխարհին այլ աչքերով նայիլ, որսալ պահը, հաշուի առնել իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն, գնահատել եւ անմահացնել գեղեցիկը:

Արմեն Ենկոյեան մեծ սիրով պատասխանեց «Միրաք»-ականներու հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին ցուցադրուած լուսանկարներու ստեղծման պատմութեան, գոյներու համադրութեան եւ լուսանկարներու հերոսներու ընտրութեան:

Այս օրը «Միրաք»-ականներէն շատերուն համար կեանքին իւրայատուկ հայեացքով նայելու եւ արուեստը տեսնելու ու գնահատելու առիթ էր, իսկ մէկ մասին համար ալ խթան էր, որպէսզի շարունակեն նկարչութեան ուղին:

19 Նոյեմբեր 2017
«Միրաք» Պասքէթպոլային Ակումբը Յառաջընթաց Կ«արձանագրէ

Կիրակի, 19 Նոյեմբեր 2017-ը «Միրաք»-ականներու համար կամքի, ուժի եւ արդար մրցակցութեան օր էր։ Օրը նշանակալի էր, քանի որ տեղի ունեցաւ «Միրաք» պասքէթպոլի խումբի «Հմտութիւններ» ներխմբային մրցոյթը։Միաժամանակ կը մրցէին երկու տարիքային խումբեր։

Պայքարը ե՛ւ անհատական էր ե՛ւ խմբային։ Ջերմ մթոլորտի մէջ կը մրցէին 2 խումբեր` առիւծներ եւ արծիւներ անուանմամբ։ Թէժ կ’ընթանար երկրի մէջ կենդանիներու արքայի` առիւծի եւ երկինքը սլացող սրատեսի` արծիւի պայքարը։ Այդ թէժ պայքարին մէջ իրենց հետաքրքիր համարներով հանդէս եկան նաեւ «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժումի պատանի ուսանողները՝ փորձելով երգերու եւ պարերու միջոցաւ մասամբ թուլացնել մրցակցային լարուածութիւնը։

Արդար մրցակցութեան պայմաններու մէջ յաղթողները ստացան իրենց բաժակները եւ պատուոգիրերը։ Մեծերու տարիքային խումբէն 1-ին, 2-րդ եւ 3-րդ տեղերը զբաղեցուցին համապատասխանաբար՝ Գարատանայեան Պօղոսը, Կակոյեան Ալէնը եւ Սողոմոնեան Հայկը: Փոքրերու տարիքային խումբէն` Արթին Առնօն, Պաղտօ Մարքը եւ Չթչեան Կէորկին:

26 Նոյեմբեր 2017
«Միրաք» Պասքեթպոլային Խումբի Համացանցային Պաշտօնական Կայքէջի Բացում

Կիրակի, 26 Նոյեմբեր 2017-ին «Թէքէեան Կեդրոն»  հիմնադրամի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Միրաք» պասքեթպոլային խումբի պաշտօնական կայքէջին՝  www.mirakbasket.am-ի բացումը:

Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ Երուսաղէմէն Երեւան ժամանած ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկ. Յակոբ Անդրէասեանը:

«Միրաք» Պատանեկան-ուսանողական Շարժումի պատասխանատու Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանը ողջոյնի խօսք ուղղեց Թէքէեան կեդրոնէն ներս հաւաքուած պասքեթպոլի խումբի անդամներու ծնողներուն եւ ամփոփ ակնարկով մը ծանօթացուց անոնց «Միրաք» շարժումի գործունէութեան եւ հեռանկարներու մասին:

Խօսք առաւ նաեւ պասքեթպոլի խումբի մարզիչ Պրն. Հայկ Առաքելեանը, որ նախ անդրադարձ կատարեց նախորդ Կիրակի՝ 19 Նոյեմբերին տեղի ունեցած «Միրաք» պասքեթպոլի խումբի «Հմտութիւններ» ներխմբային մրցոյթին, ներկայացուց իւրաքանչիւր խաղցողի ձեռքբերած յառաջընթացը եւ  յետագային տարուելիք աշխատանքները, կատարեց օգտակար նկատողութիւններ: Մարզիչ Հայկը այնուհետեւ, պաստառի վրայ ցուցադրելով պաշտօնական կայքէջի էջերը, բացատրեց անոր ընդգրկած բաժիններու մասին: Ներկաներուն, մասնաւորապէս ծնողներուն համար շատ հետաքրքիր էր իւրաքանչիւր խաղցողի մասին այնտեղ եղած տեղեկութիւնները, որ ներակայացուած էր ուսումնասիրուած եւ մանրակրկիտ ձեւով: Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան, բարձր գնահատելով մարզիչ Հայկի տարած մասնագիտական աշխատանքը, շնորհակալութիւն յայտնեց անոր՝ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:

Խմբագրատանս Մէջ. ԹՄՄ Երիտասարդական Նուագախումբի Պատասխանատու Սիրելի Դէմքերու Հետ

0

Հաճելի էր «Զարթօնք»ի խմբագրատան մէջ ընդունիլ ԹՄՄ Երիտասարդական նորակազմ Նուագախումբի խմբավար Պրն. Վիգէն Չալեանն ու ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան ժրաջան ատենապետ՝ ընկեր Տոքթ. Յակոբ Փափազեանը:

Մտերմիկ հանդիպումը առիթ մըն էր մեզի սրտամօտիկ հիւրերուն հետ զրուցել ԹՄՄ Երիտասարդական նորակազմ Նուագախումբի կազմութեան եւ անոր ծրագիրներուն մասին:  

Մեր հիւրերէն իմացանք, որ անոր կազմութիւնը մտայղացումն էր ԹՄՄ  Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ ընկ. Յակոբ Գասարճեանին, որուն նպատակն էր հիմնուելով նախապէս փայլուն ելոյթներ արձանագարծ ԹՄՄ Big Band-ի փորձառութեան վրայ կազմել երիտասարդական նուագախումբ մը՝ նպատակ ունենալով համախմբել երիտասարդ ուժերը եւ օգնել անոնց, որպէսզի կատարելագործեն իրենց երաժշտական տաղանդը ու բեմ տալ անոնց:

Խօսելով նուագախումբին իւրայատկութիւններուն մասին Պրն. Չալեան տեղեկացուց, որ նորակազմ նուագախումբը այսօրուայ դրութեամբ կազմուած է 30 երիտասարդներէ (15-էն 30 տարեկան): Ան շեշտեց, որ. – «երիտասարդներն են մեր ապագան, հետեւաբար պէտք է լաւագոյն ձեւով օժանդակենք անոնց մեծ արդիւնքներու հասնելու համար»:  Ան աւելցուց ըսելով. – «նշենք նաեւ, որ խումբը սկսած էր միմիայն 7-8 անդամներով, բայց իւրաքանչիւրը իր բարեկամին կամ հարազատին տեղեկացնելով թիւը տակաւ սկսած է շատնալ»:

Տոքթ Փափազեան պարզեց, որ նուագախումբը իր փորձերը սկսաւ Մայիս ամսուն նախ՝ Վահան Թէքէեան Վարժարանին մէջ Պուրճ Համուտ ապա տեղափոխուելով Թէքէեան Կեդրոն Ժըմմէյզի: Իմացանք, որ փորձերը տեղի կ՛ունենան շաբաթը 3 օր դրութեամբ:

Պրն. Չալեան խօսելով գործիքներու մասին յիշեց, որ խումբը ունի հայկական ժողովրդական, ինչպէս նաեւ փողայիններ  եւ լարային գործիքներ, եւ 4-5 երգիչներ:

Տոքթ. Փափազեան յստակացուց, որ անցեալ ամիս՝ Հոկտեմբերին, արդէն իսկ որոշուած էր ելոյթի թուականը, որ տեղի պիտի ունենայ 13-14 Յունուար 2018-ին Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ: Ան աւելցուց ըսելով, որ ծախու տոմսակներ պիտի չըլլան, այլ՝ նուագախումբը ելոյթ պիտի ունենայ անձնական հրաւէրներով ունկնդիրներու առջեւ:

«Ելոյթի ընթացքին ժողովուրդը պիտի ըմբոշխնէ 16 երաժշտական կտորներու կատարումը, որոնց մէջ կան ե՛ւ աշուղական ե՛ւ էսդրատային ոճի կտորներ» ըսաւ Պրն. Չալեան աւելցնելով, որ շուտով պիտի աւարտին անհատական կամ մասնակի փորձերը շուտով սկսելու համար ընդհանուր փորձեր:

Բացայայտելով ապագայ ծրագիրներու եւ հեռանկարներու մասին Տոքթ. Փափազեան ըսաւ, որ անոնք կը նախատեսեն խումբերու ճիւղաւորումներ կատարել, ինչպէս օրինակի համար աշուղական նոր խումբ մը կազմել, ի հարկէ, ներկայ խումբը պահելով:
Աւարտին, Պրն. ՉԱլեան յատուկ զնորհակալութիւն յայտնեց իրեն միշտ նեցուկ կանգնող Տոքթ. Յակոբ Փափազեանին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ խումբի անդամ պատանիներուն ծնողներուն իրենց վստահութեան եւ զոհողութիւններուն համար:  

Մեզի մնաց շնորհակալութիւն յայտնել մեր զրուցակիցներուն ԹՄՄ Երիտասարդական Նուագախումբին մաղթելով յաջողութիւն եւ մնայուն վերելք:

«Խմբ.»