Ուրբաթ, 01. 08. 2025

Երեւանի 90 Շէնքերու Տանիքներուն Վրայ Պիտի Տեղադրուին Արեւային Վահանակներ

0

Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի նախագահութեամբ Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ կայացած աշխատանքային խորհրդակցութեան ընթացքին զեկուցուեցաւ, որ արդէն իսկ յստակացած է Եւրոմիութեան կողմէ «Քաղաքապետերի դաշնագիր» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ տրամադրուած դրամաշնորհի միջոցներով շուրջ 90 բազմաբնակարան շէնքերու տանիքներուն վրայ արեւային վահանակներ տեղադրելու, ինչպէս նաեւ տուեալ շէնքերու ընդհանուր օգտագործման ելեկտրականութեան ապահովման նպատակով վերելակները, շքամուտքերը եւ բակային տարածքները LED լուսատուներով լուսաւորելու ծրագիրի իրականացման ժամանակացոյցը:

Ամանորեայ Տօնավաճար Պաղտատի ՄԷջ

0

Իրաքի հայ տիկնանց մշակութային միութեան կազմակերծած է ամանորեայ տօնավաճառ, որ տեղի ունեցած է ՊՀԵԵ Միութեան ակումբին մէջ: Բացումը կատարած է Իրաքի մէջ Հայաստան  Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կարէն Գրիգորեան,  Գերաշնորհ Հայր Գաբրիէլ նրդ. Սարգիսեան։ Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Իրաքի հայ տիկնանց միութեան փոխատենապետ Նուշիկ Մելքոնեան:

Տօնավաճառը կը պարունակէր Հայաստանէն բերուած յուշանուէրներ, ինչպէս նաեւ Ամանորի վերաբերեալ տեղական ապրանքներ ու տարբեր տեսակի խմորեղէններ։ Տօնավաճառին մասնակցած էին իրենց ձեռային աշխատանքներով՝  համայնքի տիկիններն ու օրիորդները։

 

Կը Փորձենք Ձեւաւորել Արցախեան Ապրանքանիշներու Վաճառանիշը. Ա. Աւագեան

0

Հայաստանի տնտեսական զարգացման հիմնադրամը արդիւնաւէտ ձեւով կը համագործակցի Արցախի ներդրումային հիմնադրամին հետ:

Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, այսօր կայացած մամուլի ասուլիսին ընթացքին ըսած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արմէն Աւագ Աւագեանը:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ արդիւնքներ կա՛ն Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի եւ Արցախի մէջ արտահանումով զբաղող ընկերութիւններու միջեւ՝ Ա. Աւագեանը ըսած է, որ հիմնադրամը անընդհատ ջանքեր կը գործադրէ, որպէսզի արցախեան արտահանող ընկերութիւնները մասնակցին միջազգային ցուցահանդէսներուն: Մասնաւորապէս, ըստ անոր, վերջերս կայացած «World food» միջազգային ցուցահանդէսին մասնակցած 16 ընկերութիւններէն չորսը եղած է Արցախէն:

Խօսելով արցախեան ապրանքանիշներու միջազգային ճանաչելիութեան բարձրացման ուղղութեամբ նախատեսուող ծրագիրներուն մասին՝ հիմնադրամի տնօրէնը մանրամասնած է, որ իրենք Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան հետ կը համագործակցին Արցախի մէջ արտադրուած ապրանքներուն համար վաճառանիշ ստեղծելու ուղղութեամբ, որ պիտի օգտագործեն բոլոր արտադրողները:

Զբօսաշրջութեան Զարգացման Համար Պիտի Խրախուսենք «BnB» Կարգի Հիւրատուներու Ստեղծումը. Նախարար

0

Ընթացիկ տարուան Յունուար-Հոկտեմբեր ամիսներուն Արցախ այցելած օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներուն թիւը նախորդ տարուան համեմատ՝ աճած է շուրջ 40 տոկոսով, իսկ 2015-ի համեմատ 28 տոկոսով:

Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, ըսած է Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերկէյ Շահուերդեանը`  նշելով, որ դեռ չամփոփած տուեալներով արդիւնքները գոհացուցիչ են եւ մինչեւ տարեվերջ անիկա դեռ պիտի աճի:

Նախարարին խօսքով` ոլորտի զարգացումը մշտապէս կը գտնուի պետութեան ուշադրութեան կեդրոնին:

«ԱՀ պետական պիւտճէի ֆինանսաւորումով 2017-ին իրականացած են Հադրութի շրջանի Տող գիւղի Մելիքական ապարանքի տարածքի բարեկարգման եւ յարմարեցման աշխատանքներ: Մինչեւ տարեվերջ կը նախատեսուի աւարտին հասցնել Ասկերանի բերդի հիւսիս-արեւելեան հատուածի վերականգնման աշխատանքները: Մասնաւոր  ֆինանսաւորումով` ընթացիկ տարին վերականգնման աշխատանքներ իրականացած են ԱՀ Մարտունիի շրջանի Մուշկապատ գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ, Շուշիի Վերին մզկիթի հարեւանութեամբ գտնուող Մետրեսէի շէնքի եւ Դադիվանքի վանական համալիրի տարածքին»,- ըսած է Շահուերդեանը եւ նշած, որ Մուշկապատի եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները ամբողջութեամբ աւարտած են, իսկ Դադիվանքի վանական համալիրի եւ Մետրեսէի շէնքի վերականգնման աշխատանքները կը նախատեսուի շարունակել յաջորդ տարի:

2018-ին ԱՀ պետական պիւտճէի ֆինանսաւորումով ծրագրուած է վերականգնել նաեւ Ասկերանի բերդի միջնաբերդի հատուածը, ինչպէս նաեւ հռչակաւոր Գտչավանքի գլխաւոր եկեղեցւոյ եւ գաւիթի տանիքները:

«Մասնաւորապէս բոլոր զբօսաշրջավայրերը, որոնք ընդգրկուած են Արցախի զբօսաշրջային երթուղիներու ցանկին վրայ, կը գտնուին բարեկարգ վիճակի մէջ կամ ալ բարեկարգման ընթացքի մէջ են: Յաջորդ տարի պիտի շարունակենք այս տարի գործարկուած «Թուրպուս» զբօսաշրջային ուղեւորափոխադրումները, քանի որ կը կարծենք, որ յաջողած նախագիծ է: Նոր երթուղիներու մասին դեռ կանուխ է խօսիլ. ստոյգ ժամկէտները ճշդելէ ետք անիկա պիտի ներկայացուի հանրութեան»,- ըսած է Շահուերդեանը:

Խօսելով յաջորդ տարի իրականացուելիք աշխատանքներուն մասին` նախարարը նշած է, որ գիւղական համայնքներու մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման համար պիտի խրախուսեն օրինակ` «BnB» կարգի հիւրատուներու ստեղծումը, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջային նոր նախագիծի ձեւաւորումը եւ խթանումը: Բացի այդ, մեծ ուշադրութիւն կը դարձուի թուային շուկայագիտութեան միջոցով Արցախի վաճառանիշի տարածման, որ համացանցային տիրոյթին մէջ աւելի պիտի նպաստէ Արցախի ճանաչելիութեան: Այս ուղղութեամբ կը նախատեսուին   Հայաստանի եւ արտերկրի զբօսաշրջութեան բնագաւառի մասնագէտներու հետ խորհրդատուութիւններ:

Հայկ Նահապետէն Մինչեւ Քառօրեայ Պատերազմի Հերոսներ. Ընթերցասէրներու Դատին Յանձնուեցաւ «Հերոսապատում» Գիրքը

0

Բանաստեղծ, լրագրող, խմբագիր Սամուէլ Մարգարեանի հայրենասիրական թեմայով գրուած «Հերոսապատում» գիրքի պոէմներն ու բանաստեղծութիւնները կ’անդրադառնան Արցախի, Հայոց բանակի, Հայոց դատի նուիրեալներուն:

Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ գիրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցած է Դեկտեմբեր 5-ին Հայաստանի գրողներու միութեան տան մէջ:

«Գիրքին մէջ զետեղուած են հեղինակի տարբեր տարիներու ստեղծագործութիւնները: Յատկապէս ընդգծուած են արցախեան պատերազմի հերոսամարտի ե՛ւ զոհուած ե՛ւ կենդանի հերոսներու մասին գործերը: Կայ անդրադարձ Սարդարապատի ճակատամարտին, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին»,- նշած է Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը: Ան նաեւ ըսած է, որ պոէզիան ինքնին զինուոր է մարտադաշտի մէջ:

Գրականագէտ Պետրոս Տէմիրճեանի խօսքով` Սամուէլ Մարգարեանը իր տպագրած առաջին գիրքէն մինչեւ «Հերոսապատում» ժողովածուն հաւատարիմ մնացած է այն թեմաներուն, որոնք միշտ առկայ եղած են իր ստեղծագործութիւններուն մէջ:

«Անոնք են հայրենիքը, հերոսները, հայոց պատմութիւնը, քաղաքները, ի վերջոյ սէրը ո՛չ միայն հայրենիքի, այլեւ՝ կնոջ, սիրած աղջկան եւ աշխարհի նկատմամբ»,- ըսած է Տէմիրճեանը:

«Ապրելով այս հողին վրայ`մենք երբեք չենք մոռնար յանուն հայրենիքի արիւն թափած հերոսները: Այս ժողովածուին մէջ անդրադարձած եմ Հայկ նահապետէն մինչեւ ապրիլեան պատերազմի հերոսները, փորձած եմ դէպքերն ու իրադարձութիւնները գեղարուեստօրէն, բանաստեղծական ձեւով ներկայացնել: Հնարաւոր չեղաւ բոլորին մասին մէկ գիրքի մէջ գրել, հետեւաբար անիկա շարունակութիւն պիտի ունենայ»,- շեշտած է գիրքի հեղինակ Սամուէլ Մարգարեանը: Ան ընդգծած է, որ հայ ժողովուրդը իր ողջ պատմութեան ընթացքին ունեցած է քաջութեան բազում էջեր, սակայն իրեն համար վճռական, ճակատագրական սխրանքները Աւարայրի, Սարդարապատի հերոսամարտերն են եւ Արցախի ազատագրումը:

Շնորհանդէսին ներկայ եղած են ինչպէս գրողներ, այնպէս ալ Արցախի ազատագրման մասնակցած հերոսներ եւ քառօրեայ պատերազմին զոհուած զինուորներու ծնողներ:

Նշենք, որ Սամուէլ Մարգարեանը ծնած է 1952-ին Ախուրեանի շրջանի Երազգաւորս գիւղին մէջ: Աւարտած է ԵՊՀ բանասիրական բաժանմունքը: «Շիրակ» թերթի խմբագիրն է: Հրատարակած է բանաստեղծական 21 ժողովածու: Անոր գործերը թարգմանուած են ռուսերէն, վրացերէն, անգլերէն, ուքրաներէն: Յայտնի գիրքերն են «Սրբազան լեռնաշխարհ»-ը, «Աշխարհի հուրիներին»-ը, «Մեղրագետ»-ը, «երազգաւորս»-ը:

Շադիվանքի Մէջ Գիտահետազօտական եւ Վերականգնման Աշխատանքներ Պիտի Իրականացուին

0

Պետական պիւտճէի միջնաժամկէտ ծախսային ծրագիրներու յատկացումներուն հաշուին՝ 2018-2020 թուականներուն Շադիվանքին մէջ պիտի իրականացուին վերականգնման աշխատանքներ:

Նախատեսուած է 2019-ին 5 500.0 հազար դրամ` համալիրի պեղման եւ գիտանախագծային փաստաթուղթերու մշակման (պեղում` 2 000.0, նախագծում` 3 300.0 հազար դրամ), իսկ 2020-ին` 15 000.0 հազար դրամ` վերականգնման աշխատանքներու սկզբնական փուլի իրականացման համար: Աշխատանքը պիտի շարունակուի յետագայ տարիներուն, մինչ համալիրին ամբողջացումը:

Այս մասին, ըստ «Armenpress.am»-ի, կը տեղեկացնէ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան Պատմութեան եւ մշակութային յուշարձաններու գործակալութեան Յուշարձաններու վերականգնման բաժինի պետ Գայիանէ Նազլուխանեանը:

Շադիվանքը կը գտնուի Շադին գիւղէն 4 քմ արեւելք` ձորամէջի բարձրադիր գոգաւորութեան վրայ: Համաձայն Ստ. Օրբէլեանի վկայութեան` անիկա կառուցուած է 929 թուականին Բագրատունի Աբաս Ա. թագաւորի գահակալութեան շրջանին: Բաղկացած է եկեղեցիէն եւ վանական միաբանութեան բնակելի ու այլ շինութիւններէ:

1671-1674 թուականներուն եկեղեցին վերակառուցուած է ջուղայեցի գրասէր վաճառական Մահտեսի Յակոբի ջանքերով: Եռանաւ  եկեղեցի է իր բոլոր յատկանշական կառոյցներով: Ունի երեք մուտք, 8 լուսամուտ: Վանքը եղած է Սիւնիքի կրթական խոշոր կեդրոններէն եւ XVII դարուն ունեցած է 70-90 հոգինոց միաբանութիւն, դպրոց, գրատուն, որոնք վանքի առաջնորդ տէր Սարգիսի համար հիմք հանդիսացած են կառուցելու, այսպէս կոչուած, Ծատուրի կամուրջը, որմէ այսօր պահպանուած է այդ ինքնատիպ կառոյցին ընդամէնը մէկ մասը:

Շադիվանքի համալիրը կը գտնուի կիսաւեր վիճակի մէջ: Ծածկի սալաքարերը խախտուած ու թափած են, տանիքի առանձին մասերը դարձած վտանգաւոր: Վանքին շրջակայքը նկատելի են թափուած քարեր: Անցնող գարնան փլուզուած է բրգաձեւ պարիսպին մէկ հատուածը:

 

Նալպանտեանը Վիեննայի Մէջ ՄԽ Համանախագահներուն եւ Ազրպէյճանի ԱԳ Նախարարի Հետ Պիտի Հանդիպի

0

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան այսօր կը մեկնի Վիեննա` մասնակցելու Դեկտեմբեր 7-8 կայանալիք Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան մասնակից պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 24-րդ նիստին:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ԵԱՀԿ նախարարական խորհուրդի ծիրէն ներս, Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը հանդիպումներ պիտի ունենայ շարք մը երկիրներու իր գործընկերներուն հետ:

Նախարար Նալպանտեան հանդիպում պիտի ունենայ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հետ: Նախատեսուած է նաեւ Հայաստանի եւ  Ազրպէյճանի ԱԳ նախարարներ Էդուարդ Նալպանտեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը:

Դեկտեմբեր 9-ին Վիեննայի մէջ Էդուարդ Նալպանտեան պիտի իրականացնէ եւրոպական երկիրներու եւ Եւրոպայի մէջ տեղակայուած միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու խորհրդակցութիւնը:

Սերժ Սարգսեանին Ներկայացուցած են Հայկական Արտադրութեան Նոր Ռազմական Սարքերու Հնարաւորութիւնները

0

Աշխատանքային այցով Արցախի Հանրապետութիւն այցելած նախագահ Սերժ Սարգսեան հայկական երկու հանրապետութիւններու փոխգործակցութեան ծիրէն ներս Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ այցելած է «Ասպարէզ» ուսումնական կեդրոն, ուր իրենց ներկայացուցած են հայկական արտադրութեան նոր ռազմական սարքերու մարտավարական եւ թեքնիքական բնութագիրները եւ նշանակութիւնը, որմէ ետք նախագահները դիտաշտարակէ հետեւած են անոնց կիրարկման ընթացքին:

 Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի մամուլի վարչութիւնը, ՀՀ նախագահը խրախուսական նուէրներ յանձնած է ծառայութեան մէջ աչքի ինկած զինծառայողներուն, այնուհետեւ Արցախի արեւելեան եւ կեդրոնական հատուածներու մէջ ներկայ գտնուած է նոր զօրանոցներու եւ զինուորական ակումբի բացման արարողութիւններուն:

Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան շրջայց  կատարած են նորաբաց զօրանոցներու մէջ, ծանօթացած զինծառայողներու ընկերա-կենցաղային պայմաններուն: Նախագահ Սարգսեան խրախուսած է զօրամասի լաւագոյն սպաները, պայմանագրային եւ ժամկէտային զինծառայողները:

 

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Կը Սկսի Իր Աշխատանքներուն

0

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը կարեւորութեամբ կը շեշտէ, թէ Ազգային ընդհանուր ժողովը իր յառաջիկայի աշխատանքներուն մէջ յատուկ ուշադրութեամբ ծրագրէ եկեղեցւոյ առաքելութեան հետեւեալ մարզերը՝ Կրօնական եւ ազգային դաստիարակութիւն, Ընկերային ծառայութիւն, Երիտասարդութիւն, Պահանջատիրութիւն, Թեմերուն վերակազմակերպում, Սփիւռք-Հայաստան գործակցութիւն

Երեքշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2017-ին առաւօտեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Վեհարանի դահլիճին մէջ ընթացք առաւ Ազգային Ընդհանուր ժողովը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբեր 2017։ Քառօրեայ Ժողովին կը մասնակցին թեմակալ առաջոր դներ, շուրջ հարիւր պատգամաւորներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ։

Բացման նիստին իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետը, որ առաջին հերթին դիտել տուաւ, թէ սոյն ժողովը կենդանի վկայութիւն մըն է հայ եկեղեցւոյ հարազատ դիմագիծին, որ յատկանշական է հայկական եկեղեցիին ժողովուրդին եկեղեցին ըլլալուն մէջ. առ այդ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը բնորոշուի որպէս հաւատքի, առաքելութեան եւ ազգային ծառայութեան եկեղեցի, նշեց Հայրապետը, շարունակելով, որ պատմութեան ընթացքին հայ եկեղեցին կանգուն մնացած է փոթորիկներուն դիմաց, որովհետեւ հաւատարիմ եղած է երկնային ճշմարտութիւններն ու արժէքները աշխարհ տանելու եւ ժողովուրդին ծառայելու քրիստոսատուր պատգամին։

Խօսելով Սփիւռքի ներկայ իրավիճակին մասին, Վեհափառ Հայրապետը  ընդգծեց. «Իմաստութիւնը ու քաջութիւնը պէտք է ունենանք մեզ շրջապատող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու՝ մեր հաւաքական կեանքը վերա­նորոգելու ու վերակազմակերպելու նպատակասլաց յանձնառու­թեամբ։ Հետեւա­բար, անհրաժեշտ է ըլլալ զգօն եւ համապատասխան մօտեցում­ներ ճշդել այնպիսի մտածելակերպերու, գործելակերպերու ու կենցաղակերպերու նկատ­մամբ, որոնք կրնան մեր ինքնութեան արմատները կրծել ու մեր արժէքները խաթարել։ Միա­ժամանակ, անհրաժեշտ է ըլլալ իրատես ու հեռատես, հինը նորով ընդելուզելու ու հարստացնելու, աւանդականը՝ արդիականով, անցեալը՝ ներկայով եւ տեղականը՝ համահայկա­կա­նով, որպէսզի մեր նոր սերունդները կապենք մեր կեանքին ու կարե­նանք քայլ պահել ներկայ աշխարհի զարգացումներուն հետ»։ Այս մեկնակէտով, Հայրապետը ժողովին յանձնարարեց յաջորդ քառամեայ գործունէութիւնը ծաւալել հիմնականօրէն կեդրոնանալով հայ ժողովուրդին հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կենսագործման, կրօնական դաստիարակութեան ու ծառայութեան մարզերուն ամրապնդման, հայկական իրականութեան մէջ հայ երիտասարդութեան դերակատարութեան արժեւորման եւ անոնց՝ մեր գործունէութեան մէջ ներառման, ինչպէս նաեւ Հայ դատի պահանջատիրական ծիրերուն եւ Սփիւռքի վերակազմաւորման ու վերանորոգման հրամայականին վրայ։

Նորին Սրբութիւնը ժողովին տրամադրութեան տակ դրաւ վերոնշեալ թեմաներուն նկատմամբ իր ունեցած մտահոգութիւնները։ Ան ըսաւ, որ ժողովուրդին կեանքին մէջ նուազած է հոգեւոր ու բարոյական արժէքներուն կենսագործման հրամայականը, որուն պատճառով ժողովուրդը կը զգայ այս արժէքներուն պակասը իր առօրեային մէջ։ Այս առնչութեամբ, Հայրապետը կոչ ուղղեց վերանորոգել Հայ եկեղեցւոյ ու Աստուածաշունչին փոխանցման ձեւերը եւ մեթոտները։ Շարունակելով, Վեհափառը յայտնեց, որ կրօնական դաստիարակութեան առընթեր, ծառայութիւնը հիմնական առաքելութիւն մըն է եկեղեցւոյ, եւ որուն աշխատանքները պէտք չէ սահմանափակել մարդասիրական աշխատանքներով, այլ ըլլալ կազմակերպուած ու մասնագիտական եւ այժմէական աշխատանք տանիլ այս ծիրին մէջ։

Անդրադառնալով երիտասարդ ուժին, որուն մասին բազմիցս բարձրաձայնած է Վեհափառ Հայրապետը, ան նշեց. «Մեր երիտասարդութեան ու մեր կառոյցնե­րուն եւ ընդհանրապէս մեր համայնքային կեանքին միջեւ սկսած է խրամատներ գոյա­նալ։ Մեր երիտասարդութիւնը սկսած է դառնալ անտարբեր մեր կեանքը յուզող խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ։ Լոզունքներ արձակելով ու քննա­­դատական կամ յուսահատական արտայայտութիւններ ունենալով ներկայ մտա­հոգիչ կացութիւնը չենք կրնար բարելաւել, այլ աւելի կը հեռացնենք մեր երի­տա­սարդները մեր շրջապատէն։ Պէտք է խօսինք մեր երիտասարդներուն հետ, լսենք անոնց մտահոգութիւնները ու սպասումները, եւ մեր կեանքին դռները լայն բանանք անոնց առջեւ՝ ոչ «մենք»ի եւ «դուք»ի մօտեցումով, այլ հաւաքական «մենք»ի մէջ կարեւոր պատասխանատուութիւն տալով անոնց»։ Ան ընդծեց, որ երիտա­սարդ մարդուժն է, որ կենսունակութիւն, վերանորոգում ու յառաջդի­մութիւն պիտի ապահովէ։

Պատգամին աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը խօսեցաւ Ս. Աթոռին առաքելութեան ամէնէն կարեւոր մարզերէն մէկուն մասին, որն է պահանջատիրութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, թէ Հայ դատի աշխատանքները ճանաչումէն պահանջատիրութեան հանգրուան անցած է, որ կը յատկանշուի Սիսի դարաւոր Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով Կաթողիկոսութեան բացած դատը Թուրքիոյ դէմ։ Հայրապետը յայտնեց, որ այս քայլը առաջին վճռական քայլն է։ Ան ժողովին ուշադրութեան յանձնեց, որ հետեւողական ու տքնաջան աշխատանքներէ ետք, դատը ներկայիս կը գտնուի իրաւաքաղաքական ճնշումներու տակ, «հակառակ այս կացութեան, մեր Ս. Աթոռը պէտք է շարունակէ իրաւական գործընթացը», եզրափակեց Նորին Սրբութիւնը։ Իսկ Սփիւռքի վերանորոգման մասին խօսելով, Հայրապետը առաջնահերթութիւն համարեց թեմերուն վերակազմակերպումն ու վերանորոգումը, մանաւանդ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100ամեակի սեմին, որուն առիթով Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ համահայկական համագումար պիտի գումարուի եւ Կոթող պիտի բարձրացուի Մայրավանքին շրջափակին մէջ՝խա» ի յիշատակ անկախութեան ճակատամարտերուն նահատակուած եւ անկախութեան համար զոհուած հերոսներուն։

Եզրափակելով իր խօսքը, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Մեր պատգամին եւ ընդհանուր ուղենիշ Մեծի Տանն Կի­լիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան, կարեւորութեամբ կ’ուզենք վերյի­շեցնել, թէ՝ Կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուող որե´ւէ աշխատանք եւ իրագործուող որե´ւէ ծրագիր մէկ հասցէ ունի՝ մեր ժողովուրդը եւ մէկ նպատակ՝ ժողովուրդին ծառայութիւնը»։

 

Բառերու Աշխարհը – Պատմութեան Կենդանի Վկաները

0

*ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ*

«Բառը, գիտցած եղէք, էակ մըն է կենդանի»,- կը բացագանչէ բառերու մեծ վարպետը՝ Հիւկօ։ «Բառը մի աշխարհ է», կ’ըսէ Մեծն Թումանեանը։

Այս խօսքերը ճիշդ են ոչ միայն բանաստեղծական առումով, այլ նաեւ գիտականօրէն։ Բառերը կ’ապրին ոչ միայն գրողին երեւակայութեան մէջ ու գրիչին տակ։ Բառերը կ’ապրին ժամանակին մէջ, կը քալեն ժամանակի տեւողութեան հետ՝ երբեմն բնաշրջուելով ու երբեմն ալ դադրելով։

Ինչպէս ամէն ապրող էակ ունի իր կեանքի պատմութիւնը, իր կենսագրութիւնը, իր ներաշխարհն ու իւրայատուկ ուրոյն կերտուածքը, իր անցած կեանքի ուղին։ Այդպէս ալ բառերը ունին իրենց կեանքի պատմութիւնը։ Նոյնպէս բառերը կը ծնին, կ’ապրին եւ կրնան մահանալ։

Բառեր կան, որոնք ունին դարերու կեանք անյիշատակելի ժամանակներէն մինչեւ ներկայ օրերը, սակայն դեռ երիտասարդ են։ Որովհետեւ լեզուին հետ քալեր են մինչեւ այսօր, կը գործածուին առօրեայ հաղորդակցութեան համար, իրենց տարիքը յայտնի չեն ըներ, ինչպէս՝ հայր, մայր, տուն, գետ, գիշեր, լեզու, ես, դուն, ան, երթալ, մնալ, տեսնել, բայց եւայլն։

Հինէն եկող բառերը պարզ են, ի տարբերութիւն նորերուն։ Լեզուները այլեւս նոր արմատներ չեն ստեղծեր։ Ժամանակի ընթացքին նոր բառեր կը ծնին, քանի որ ամէն օր նոր հասկացութիւններ կը ծնին։ Ինչպէս՝ համացանց, կայք էջ, դիմատետր։

Բառերը կրնան ծերանալ, հիննալ եւ առօրեայ հաղորդակցութեան համար դառնալ անգործածական։ Երբ կը վերանան այդ բառերով անուանուող հասկացութիւնները եւ կամ առօրեայ խօսակցութեան ժամանակ այլեւս չեն գործածուիր, ինչպէս՝ «հեծելազօր, սայլապան, աղախին», նման բառեր կը կոչուին հնաբանութիւններ, որոնք անհրաժեշտ են պատմական անցեալը հասկնալու համար։

Հայոց լեզուն իւրայատուկ է իր բառակազմական ճկունութեամբ, որեւէ օտար բառին կարելի է իրեն համարժէք հայերէն բառ ստեղծել։ Ինչպէս՝ հեռուստացոյց, հեռախօս, տիեզերանաւ, տիեզերագնաց, երթուղի, մարզադաշտ եւլն։

ԺԷ դարու Ֆրանսացի աշխարհահռչակ գիտնական, գիւտարար Պլէզ Բասքալ իր կատարած հետազօտութիւններուն ընդմէջէն, երբ կ’ուսումնասիրէ մարդ էակին յատկութիւնները, թէ «ի վերջոյ, ի՞նչ է մարդը բնութեան մէջ», նկարագրելով մարդուն մեծութիւնը՝  միաժամանակ կը բացայայտէ անոր տկարութիւններն ու բարեմասնութիւնները, կ’ըսէ.- «Մարդը խորհող եղէգ մըն է», «L’homme est un roseau pensant»։

Բասքալի այս նշանաւոր պատկերաւոր խօսքը՝ մեր սքանչելի գրաբարը կ’արտայայտէ մէկ բառով միայն, երկու վանկով, «Շամբուշ» բառը, որ տառացիօրէն կամ ստուգաբանօրէն կը նշանակէ «եղէգի» (շամբ) խելք (ուշ)։ Ընդհանրապէս կը գործածուի «անմիտ»-ի, «յիմար»-ի իմաստով։

Երբ կ’ըսենք, թէ լեզուի հարստութեան չափանիշը բառապաշարն է։ Այդ կը որոշուի ոչ միայն բառային կազմի քանակով, այլ լեզուի մէջ գոյութիւն ունեցող բառերու որակական յատկանիշներով, թէ տուեալ լեզուն որքանո՛վ ունակ է աւելի շատ հասկացութիւններ արտայայտելու։

Հայոց լեզուի բառագանձի հարստութիւնն է նաեւ բառի իմաստային փոփոխութիւնը։ Լեզուի բառային կազմին մէջ տեղի կ’ունենան իմաստափոխութիւններ։ Երբ որոշ բառեր կը կորսնցնեն իրենց նախկին իմաստը՝ ձեռք բերելով նոր իմաստ կամ միաժամանակ պահպապանելով երկու նշանակութիւններն ալ։

Օրինակ՝ «լուրջ» բառը արդի հայերէնին մէջ կը նշանակէ խնդիր մը,  կացութիւն մը կրնայ «լուրջ» ըլլալ, կամ պատկառելի, քիչ խօսող անձ։ Մինչդեռ հին հայերէնի մէջ մեր նախնիք այդ բառը տարբեր իմաստներով կը գործածէին «լուրջ»-բաց կապոյտ, (եւ «լուրթ») զուարթ, պարզերես, արթուն, արթնամիտ՝ այսօրուան իմաստին բոլորովին հակառակ։

Այս տեսակէտէն բառի բազմիմաստութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի բառապաշարի հարստացման համար։  Կարեւորը՝ ճիշդ եւ տեղին օգտագործել այդ բառը։

Այս առումով միեւնոյն բառը տարբեր եւ բազմաթիւ իմաստներ կ’արտայայտեն եւ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մէջ։ Բառապաշարի ոլորտէն ներս եղած երկու գրականներու լեզուական տարբերութիւները, ընդհանրապէս յատուկ է արտայայտչական ձեւերուն, այս կամ այն ձեւին նախապատուութիւն տալու։ Օրինակ, սպիտակ-ճերմակ, ճանապարհ-ճամբայ, վատ-գէշ եւայլն։

Եւ կան բառաձեւեր, որոնք աւելի գործածական են եւ յատուկ արեւելահայ կամ արեւմտահայ մտածողութեան։

Այսպէս օրինակ՝ «խոհ», «խոհել», «խորհիլ», «խորհել» բառերը թէեւ նոյն իմաստը կ’արտայայտեն՝ «մտածում», «մտածել», «կշռադատել», բայց նոյնիսկ տարբեր իմաստներ չեն արտայայտեր, ապա յաճախ կ’արտայայտուին իմաստային նրբերանգներով։

Օրինակ՝ «խոհ» գոյականը (մտածում, խորհրդածութիւն, գաղափար) յատուկ է երկու գրականներուն, ինչպէս՝ «խոհերով տարուած»։ Սակայն արեւելահայերէնի մէջ գործածական է նաեւ «խոհել» բայաձեւը։ Օրինակ՝ «խոհելով», «Խոհել սկսեց» եւյլն։

Եւ վերջապէս կ’ուզենք շեշտել, թէ մարդկութեան ամենահին վկաները եւ ուղեկիցները կը հանդիսանան բառերը, որոնք նաեւ պատմութեան վերականգնման օգնող վկայութիւններ կը նկատուին։ Յիշենք 20-րդ դարու սկիզբը յեղափոխական Ռուսաստանի ժողովրդական իշխանութիւնը, որ ռուսերէնով կը կոչուէր «COBET», այսինքն՝ «խոհուրդ», համախոհ մարդկանց հաւաքականութիւն։ Հետագային հայ յեղափոխականներ Ստեփան Շահումեան, Սուրէն Սպանդարեան եւ ուրիշներ հայերէն «խորհուրդ» բառը գործածեցին նոյն նշանակութեամբ։ Այդպիսով կազմուեցան՝ «խորհրդային», «խորհրդայնացում», «խորհրդայնանալ», «խորհտնտեսութիւն» (COBXO3) բառերը։

Եւ նոյնպէս պատմական ժամանակաշրջաններ ու պետական կարգեր կը բնորոշուին բառերով։ Ինչպէս՝ ժողովրդավարութիւն, ընկերվարութիւն, բռնապետութիւն, ցեղապաշտութիւն։

Բառեր ալ կան, որոնք կու գան միջնադարեան աւատապետական ժամանակներէն, կը գործածուին նուրբ նշանակութեամբ, գաղափարի խորունկ բովանդակութեամբ։ Օրինակ՝ «Ասպետ» բառը իր մէջ կ’ամփոփէ ազնուութեան, նուիրուածութեան, վեհանձնութեան եւ նոյնիսկ անձնազոհութեան յատկութիւնները։ Այս հիմքով կազմուած են արտայայտչական ձեւեր՝ «յեղափոխութեան ասպետ», «ասպետական վերաբերմունք», «ասպետական կեցուածք» եւլն։ Այսպէս՝

«Ասպետութիւնից բոլորովին զուրկ

Ամպերն անքանակ

Գրոհ են տալիս բանակ առ բանակ

Մեն ու մենաւոր արեգակի դէմ»  

(Պ.Ս. «Անլռելի Զանգակատուն»» Ղօղանջ Միջակութեան»

Այս առումով, «ասպետ» բառին ստուգաբանութիւնը գործ չունի բառի զգացական բովանդակութեան, ասպետական իմաստներու հետ։, որովհետեւ «ասպետ» բառացի կը նշանակէ «ձիաւոր», աւելի ճիշդ «ձիու տէր, կամ պետ»։ Կազմուած է հին պարսկերէնի ասպ (ա) «ձի» + պատի «տէր» պետ բաղադրիչներէն։ Ինչպէս՝«Ասպանդակ» – ձիու թամբէն կախուած ոտնակ, «Ասպազէն» – ձիու զէնք, «Ասպախումբ»- ձիաւորներու խումբ, «Ասպարէզ» – ձիարձակարան, ձի վարժեցնելու տեղ, հրապարակ, փոխաբերաբար՝ «բնագաւառ» եւյլն։ «Ասպ» բառը նոյնիսկ ի յայտ կու գայ պարսկական անձի յատուկ անուններու մէջ, ինչպէս՝ Դարեհ Վշն Ասպ(եան)։

Այդ մասին Հրաչեայ Աճառեանի վկայութեամբ, հայերէնի մէջ պարսկերէնէն փոխառնուած բառերը կը կազմեն 1405 բառ, որոնց 960-ը միջին պարսկերէնէն, 445-ը՝ 11-րդ դարէն ետք։

Ահա այսպէս, պատմութիւնը կը հաստատէ, թէ բառերը մարդուն կենդանի ուղեկիցներն են, իր կեանքին, իր հոգեկան ապրումներուն մշտարթուն վկաներն են։

Եթէ պէտք է մարդու կեանքի ու կենցաղի, իմացական ու զգացական խոհերու եւ իր աշխարհահայեացքին մասին գաղափար կազմել, պիտի դիմենք բառերուն։ 

Հետեւաբար պատմութեան վկաները ոչ միայն պատմական յուշարձաններն են ու կոթողները, այլ նաեւ բառերն են։ Ահա թէ ինչու դարեր շարունակ բառերը անխոնջ ու անտրտունջ կը քալեն մարդուն հետ իր ծննդեան օրէն։ Անոնք մարդկութեան ամենահին վկաներն են եւ ուղեկիցները։ Բառերը իրենց ծալքերուն մէջ կը պահեն պատմական կարեւոր ճշմարտութիւններ, ամէն ինչ որ կը վերաբերի մարդ արարածին եւ իր յարափոփոխ շրջապատին։

Իսկ եթէ բառերը ժամանակի ընթացքին կը փոխեն իրենց իմաստը, նոյնպէս մարդիկ կը փոխեն իրենց բնաւորութիւնը։ Երբ մարդիկ կը ձգտին իրականացնել իրենց փայփայած  նկրտումներն ու յաւակնումները՝ լուսարձակներու շլացուցիչ լոյսին տակ կը մթագնին սկզբունքներ ու բարոյական արժէքներ։

Եթէ մարդիկ ճանչնային իրենք իրենց անձը, եթէ չկորսնցնէին իրենց ասպետական վերաբերմունքն ու ասպետական կեցուածքը, ինչո՞ւ պիտի յարատեւէր «Ծանիր Զքեզ» իմաստուն խօսքը … ։

Հալէպ